Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
ԺԸ. ԳԻՒՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՏՈՒՆ ԵՒ ԿԵԱՆՔԸ
      
       Սիրելի Թոռնիկ, դու կարդացեր ես Աստուածաշունչ, եւ գիտես որ հին-հին նահապետներ հաստատ տուն եւ բնակարան չունէին, այլ նոցա տուն շարժական մի վրան էր, այսօր այստեղ, վաղն ուրիշ տեղ։ Եւ դեռ այսօր Արաբական ցեղեր նոյն կեանքով կապրին։ Մեզմէ շատ հեռու չէ, հարաւային կողմն կան շատ վրանաբնակ ցեղեր, որ ազգաւ քիւրդ են եւ կէօչար կըսուին, որոց ձմերան բնակութեան տեղեր Նինուէի եւ Բաբիլոնի սահմանին ընդարձակ ջերմին դաշտերն են, ուր ոչ այնքան ձիւն կը տեղայ եւ ոչ սաստիկ ձմեռ կը լինի։ Իրենք վրանին տակ կը բնակեն եւ իրենց անասուններ միշտ բացօթեայ կարածեն։
       Իսկ ամառն երբ ջերմութիւն կը զայրանայ, այդ բոլոր վրանաբնակ ցեղեր, իրենց ոչխարներու բազմաթիւ հօտերով կը չունեն դէպ ի հիւսիսակողմ Կորդուաց եւ Տաւրոսի հովասուն լռնաշղթաներ, ուր շատ աղբիւրներ եւ անբաւ արօտավայրեր կան։ Երեք չորս ամիս այդ լեռնասուն եւ ազատ կեանքը վայելելով, յաշնան վերջ դարձեալ կը չուեն դէպ հարաւ ջերմագոյն խորադաշտեր։ Սորա համար այդ վրանաբընակ աստանդական ցեղերն բազմաթիւ ոչխարաց հօտեր եւ այլ անասնոց ջոլիրներ ունին, որոց համար ոչինչ հոգածութեան պէտք չկայ, ոչ ախոռ, ոչ գոմ, եւ ոչ ձմերան դարմանի պատրաստութիւն, հետեւելով միայն տաւարաբուծութեան, այս մասին գիւղական ժողովուրդէն աւելի կը հարստանան։ Եւ միանգամայն կը վայելեն բնական կեանքի ամենաքաղցր անդորրութիւն։
       Հետքրքիր կը լինի՞ս, Թոռնիկ, թէ նախադարերու մարդիկ տուն բնակարան շինել եւ նորա մէջ բնակել, ձմեռը ցուրտէն եւ ամառ արեւու տաքութենէն պատսպարուել ուստի՞ ուսան կամ օրինակ առին։
       Կասեն թէ մարդիկ թռչուներէն եւ անասուններէն սորվեցան տուն շինելու արուեստ եւ ճարտարապետութիւն, տեսան որ թռչուններ ծառերու վրայ բոյն կը դնեն, ծիծառն իւր կաւակերտ բոյն կը շինէ տան հեծանի կողի վերայ, արծիւ որ բարձր սարեր կը սիրէ, իւր որջն ունի. եւ կոյր խլուրդ, որ գետնի տակ իւր բոյն շինելով դուրս տուած հողը բլուրիկ մի կը ձեւացնէ, հապա մրջիւն, այն նախահոգ չքոտի կենդանին, որ ոչ միայն տուն, այլեւ համբարանոց կը շինէ իւր բունիկին կից, ուր կը ժողվէ ձմերան պաշար։ Իսկ դարմանագործ մեղուն ինչպէս համաչափ բջիջներ կը տողէ մոմի հիւթով, չգիտենք իւր համար բոյն, թէ մեղրատուն կը շինէ, այնչափ խընամով, առ որ կը զարմանայ մարդկային իմաստութիւն։
       Այո՛, Թոռնիկ, բանաւոր մարդիկ չքոտի անբաններէն կուսանին շատ բան, այդ ի բնութենէ արուեստաւորներ մեզ վարժապետ կը լինին, կը տեսնա՞ս այն չարաճճի սարդ, որ կռուան անելով պատին անկիւն` անդադար կը ճգնի, բարակաման թելեր կը հանէ իւր բերնէն եւ ուռկան կը հիւսէ, ճանճեր բռնելու համար, աստի մարդիկ սորվեցան ոստայնանկութեան կամ կտաւագործութեան արուեստ։ Միթէ սոխակի դայլայլիկէն եւ այլ քաղցրախօս թռչուններուն ձայնէն, ծովու մռնչող ալիքներէն, ջրերու հոսանաց ձայնէն, անտառներու համաշունչ սօսափէն, բան մի աստի, բան մի անտի առնելով` երգահան մարդիկ չ»խմբագրեցի՞ն երաժշտութեան այնչափ հիանալի եղանակներ եւ դասեր։
       Է՜, Թոռնիկ, դարձեալ մոլորեցաւ Պապիկդ, թողլով մեր դասին բնական կարգ, քննել կուզէ թէ մարդիկ ուստի՞ սորվեցան տուն շինել երգել եւ այլն, դառնանք գիւղական տնակներ։
       Գիտես, Թոռնիկ, ամէն մի կարգ ժողովուրդ իւր զարգացման համեմատ կապրի աշխարհիս վերայ։ Քաղաքացի ժողովուրդ, որ մեզմէ աւելի զարգացած է եւ զարգանալով ճաշակ բացուած է, գիտէ թէ ինչպէս պէտք է բարեկեցիկ կեանք վայելել, ուստի իւր ճաշակին համեմատ չափով կը շինէ։
       Իսկ գիւղական ժողովուրդ, որ զարգացումն չունի, ճաշակ փակուած է, նորա համար բաւ եւ շատ են իւր տնակներ։ Բայց միթէ այնքան բթացա՞ծ է շինկաան ժողովուրդին ճաշակ, որ նա չէ կարող գոնէ մի փոքր ինչ իւր տնակներ կանոնաւորութեամբ շինել, բայց տես դու` թէ նա ինձ կը պատասխանէ, այո՛, ես էլ մարդ եմ, փոքր ի շատէ ճաշակ ունիմ, կը տեսնամ քաղաքացւոց գեղեցիկ տներ, հոգիս չուզե՞ր որ ես էլ գեղեցիկ տուն ունենամ. այլ երբ կը մտածեմ թէ աղքատ եմ, պարտապան եւ աղքատին համար խրճիթ շատ է եւ ալն։ Իսկ հարուստ տանուտէր խելացի տնտեսութեամբ կը մտածէ, եթէ ընդարձակեմ տունս, հիւրեր կը շատնան, ծախքերս կրկնապատիկ կը լինին եւ այլն։ Շինական տանուտէրոջ այս առարկութիւն իրաւացի է. բայց կայ դարձեալ հիմնական պատճառ, ինչպէս որ վերը բացատրեցի, աղքատութեամբ հանդերձ գիւղական ժողովուրդ տգէտ եւ անճաշակ է, վասն զի կան այնպիսի թեթեւ կարգադրելի բաներ, որ երբէք ծախս չեն պահանջեր, այլ միայն փոքր աշխատութիւն։ Որպէս զի զգալի եւ շօշափելի կերպով ցոյց տամ քեզ, Թոռնիկ, որ աչքով տեսնաս ու նկատես թէ մեր գիւղական ընտանիք ի՛նչ դառն ու չարաչար դժուարութեամբ կը տառապին առտնին աշխատութեան մէջ` մի օրինակ բերեմ։ Դուն կը տեսնաս միշտ եւ չես զգար. աչքդ սովորած է. գուցէ կը կարծես, որ գիւղական ընտանեաց վիճակ պէտք է այդպէս լինի կամ նորա ճակատագիրն է այդ։
       Ե՛լ ուրեմն, Թոռնիկ, երթանք ի միասին մեր բարեկամ Կիրակոս աղբօր տունը։ Ճիշտ գեղի թոնիրներու վառուած ժամանակն է, տես ահա թոնրի տուն մխով ծուխով լեցուած է, թոնիր կը վառուի, խաչերկաթին վերայ դրուած են թանապուրի եւ ճաշի պուտուկներ, տան մի կողմ երկու օրօրոց դրուած են, խեղճ երախաներ ծուխէն խեղդուած կուլան, մայրեր կը կարծեն թէ կաթ կուզեն, տան մի անկիւն եւս դող - տաքցոցէն բռնուած պառկած է մի պառաւ կին։ Թոնիրն իջաւ, ծուխ քաշուեցաւ, տան տիկին ձգեց դընթեկ, նստաւ թոնրին շուրթ, տան մի հարսն եւս թոնրի սալի վերայ խմորի գնդեր բանալով` տան տիկնոջ կուտայ, նա էլ մաջրակայով թոնրին կողը կը փակցուէ։ Այս միջոցին տան պահապան գամփռ շուն դրան մէջ թաթիկ պարզելով շնթռկեր է, աչքն դէպ ի տան տիկին կսպասէ, որ թոնրէն ելած կուտն իրեն տայ։
       Կէս օր է, կասէ աղջիկ մօր. ժամանակ եկաւ մայրիկ, մշակներուն հաց պիտի տանեմ, հացն ու կերակուր կը պատրաստուի, ժիր աղջիկ շալակւոորած կերթայ դաշտ։ Ահա ներս կը մտնայ գեղի գզիր, տանտիկին հիւր եկաւ, նա մի օֆ քաշելով հրաման կանէ հարսին, որ մի քանի հաւկիթ կոտրէ ձուաձեղ եփէ հիւրին համար։
       Կտեսնաս, Թոռնիկ, գեղացիի տունը նահապետական մի վրան է, դուռը միշտ բաց է. կսկսեն ետեւէ ետեւ գիւղի աղքատներուն շարքը, եկաւ ցուպ ի ձեռին դողդոչուն մի պառաւ, տանտիկին, հոգւոյդ մեռնիմ, թազա հացի հոտն առի եկայ, որբիկ թոռնիկներս անօթի կուլան, մի հաց, քիչ մի ապուր տուր տանեմ ճժկներուս, պառաւն առաւ ինչ որ ուզեց, օրհնելով գնաց։ Եկաւ ուրիշ մի էն էլ առաւ գնաց, այսպէս շատեր էկան առան ու գնացին։ Վերջին անգամ էկաւ մի աներես աղքատ որ մի հացով գոհ չէր լիներ. բարկացաւ տանտկին, առաւ թորվան սեւ անթրոց տուաւ ասոր կռնակին, տնէն դուրս հանեց։ Տեսա՞ր, Թոռնիկ, հացարար տանտիկին մինչեւ հաց լրացուց` հացին կէսն գնաց։
       Այժմ դառնամ խօսիմ այս թորվան տան վերայ, զոր շատ դիւրին է բարեփոխել, կը տեսնա՞ս, թոնիր տան մէջտեղ շինուած է. առիք միայն մէկ էրդիք կայ մուխ ելնելու համար, թէպէտ տան դուռը բաց լինելով մուխն տնկից էլ դուրս կելնէ։ Եթէ այս թորվան տեղը փոխենք եւ տան յարմար անկիւնի կողմն դնենք, էգ անկիւնի վերայ լայն պուհարիկ մի կապենք, եւ այս պուհարիկ շատ դիւրին կը լինին եթէ երկու սիւնեակներ անկեն. կակուղ ուռենիով հիւսենք եւ միջոցներն յարդակաւովծեփենք, նմանապէս տանիքի վերայ եւս նոյն ուղղութեամբ պուհարիկ մի լինելով գոնէ կանգուն կէս բարձրութեամբ, տես դու էն ժամանակ մուխն ինչպէս վեր կը քաշուի եւ տուն բոլորովին ազատ կը մնայ ծուխէն։
       Է՜, Թոռնիկ, դու ասա դատաստանով խօսիր այս փոքր բարեփոխութեան համար ի՞նչ դժուարութիւն եւ ծախք կը լինի։ Բայց ինչու՞ չի մտածեր գիւղացին, չ»գիտե՞ս միթէ դու դորա պատճառ, ինչպէս շատ անգամ ասած եմ, դարձեալ նոյն կը կրկնեմ, դիր ու կարդալ չ»գիտնալն է, գիրն ու գիրքն է, որ կը բանայ մարդոյն միտք եւ մտածել կը սորվեցնէ։ Սակայն դու մի զարմանար մի մեղադրեր անգիր գիւղացին, երթանք քաղաք, տես ահա բովանդակ վանեցւոց տանուտեր, որոց ամէնուն էլ թոնիր տան մէջտեղ շինած են, միայն մի տարբերութիւն կայ, որ քաղաքացւոց տանտուներ բաւական բարձր են, ոչ միայն առիքէն, այլեւ պատերէն շատ երդիսներ ունի, տան մուխ դիւրութեամբ դուրս կը քաշուի։Բայց դարձեալ առիք սեւ ու մրջոտած է. եւ երբ անձրեւէն տան կաթիլ սկսի, կը տեսնաս որ սեւ կաթիլներով տան յատակ եւ փռուածքներ կապականէ։ Երբեմն եւս աւելի հին-հին տուներ գարնան միջոցին առանց անձրեւի մունջ կաթ կանեն`որ աւելի գէշ է, զի գետնի փռոցներ, թորվան ծածկոց եւ ընտանեաց հագուստներ առ հասարակ կը մրջոտին եւ որչա՞փ դժուարին է այդ մածուցիկ այս մրաներկ լաթի վրայէն հանել ու ջնջել։
       Ուրեմն չասես, Թոռնիկ, թէ քաղքցին, որ կարդալ-գրել գիտէ, զարգացած է Պօլսոյ մայրաքաղաք տեսնելով, մաքրութեան օրինակ առած է, ի՞նչպէս դարձեալ չ»գիտէ բան մի մըտածել ու բարեփոխել իւր տունն։ Եթէ այսպէս, ինը առաւելութիւն կայ գրին ու անդրին մէջ. երբ կեանքի ընթացքի եւ տնտեսութիւն նոյն կը մնայ։ Պատասխանեմ քեզ։ Թոռնիկ, նախ պէտք է գիտնաս, որ ամէն գրել-կարդալ գիտցող, տնտեսագէտ չի լինիր, երկրորդ քաղաքացւոց նոր սերունդ թէեւ արդի դպրոցներունմ անկատար ուսումն ընդունած է. այդ երբէք բաւական չէ մեր կեանքի բարւոք տնտեսութեան համար, վասն զի այդ կիսակատար հարեւանցի ուսումով մեք կարող չեմք մեր միտքը այնպէս մշակել, որ հին արմատացած նախապաշարումներ ի բաց խլուին։ Տակաւին ինչպէս գիւղացին նոյնպէս եւ քաղաքացին պիտի բնակին մրջոտած տուներու մէջ եւ պիտի ասեն մեր հայեր, մեր պապեր այս տուներու մէջ բնակած են, մեք էլ կը բնակիմք, նոցա համար փոյթ չէ թէընտանիք կը տառապին մուխին եւ ծուխին մէջ եւ մերթ եւս աչքերնին ափախաւար կը լինի։
       Ես երբ կասեմ թէ քաղքցիք զարգացած են, դու այնպէս մի հասկընար թէ իրօք եւ տիրապէս զարգացած եւ լուսաւորուած են, դոցա մտաւորական լոյս եթէ ամփոփես մի աղօտ ճրագի չափ լոյս չունի, միայն թէ գիւղական անգիր ժողովուրդին հետ համեմատելով փոքր ինչ առաւելութիւն ունին։
       Թոռնիկ, թէ քաղաքացւոց եւ թէ գիւղացւոց մտաւորական աչք դեռ բժժոտած եւ մթարքով ծածկուած է, մեք աշխարհին բաներ ճիշդ եւ ուղիղ չենք տեսնար, Յիսուսի կուրին պէս մեք էլ շրջող մարդիկ ծառի պէս կը տեսնեմք։ Ուստի ծառն ու մարդ որոշելու համարլոյս եւ պայծառ տեսութիւն պէտք է, որ միայն կրթութեամբ կստացուի, եւ քանի որ մեք կրթութեան ու գիտութեան լուսատու շնորհք չունիմք մեր տնտեսական կեանք այսպէս կը մնայ։ Գիտութիւն մեզի համար արժան տեսեր է խաւարտչին ու մրջոտած տուներ, մինչեւ գայ ժամանակ ժողովուրդին մտաւորական աչքը բացուի, լոյս տեսնէ, կարենայ ճանչնալ ու որոշել մարդն ու ծառ։ Էն ժամանակ ահա եթէ ողջ մնացինք այս մրջոտած տներէն դուրս կելնեմք դէպ ի լոյս եւ յառաջդիմութիւն, ու կազատուինք տգիտութեան ան խեղդիչ մուխէն ու ծուխէն։
       Այսչափ միայն, Թոռնիկ, գիւղական անշուք շէնքերու վերայ խօսեցայ, բայց շինական ժողովուրդին առտնին կեանք շատ ընդարձակ է եւ ուրիշ բազմազան բաներ ունի։ Արդէն Թոռնիկ, դու գիւղական կեանքի մէջ ծնած ես, քեզ կը թողում նորա կեանքի նկարագիր, դու իքննին փորձառութեամբ ուսումնասիրես, այժմ պիտի խօսիմ գիւղական եկեղեցւոյ, քահանային եւ ժողովուրդին վերայ, որ քեզ համար մի հոգեւորական դաս է։