Պապիկ եւ թոռնիկ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  Pedagogy  
Ի. ԳԻՒՂԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՐԴԻ ՎԻՃԱԿԻՆ ԲԱՐՒՈՔՈՒՄՆ
      
       Մարդ յուսահատ կը լինի, Թոռնիկ, երբ կը տեսնայ գիւղական ժողովրդի վիճակ, եւ նորա վարած դառնաշխատ կեանք. ինքնին մտածելով կասէ, միթէ կարելի՞ է, որ մեր դաշտաբնակ երկրագործ ժողովուրդին վիճակ փոխուի, կեանքն բարւոքի եւ ինքն եւս սկսէ ոտն առ ոտն յառաջդիմել։
       Պէտք է գիտնաս, Թոռնիկ, որ աշխարհիս ազգերու եւ ժողովրդոց վիճակը յանկարծ չի փոխուիր, այլ բնական կարգով ու աստիճանաւ կը լինի։ Յառաջդիմութիւն արեւմուտքէն սկսեց, դեռ նոր մտած է արեւելեան դուռը. շատ ժամանակ պէտք է, որ այդ դռնէն ներս մտնելով գայ հասնի մեր աշխարհն։ Յառաջդիմութիւն նախ քաղաքներէն կսկսի եւ ապա կը մօտենայ գիւղերուն։ Բայց քաղաքներ դեռ նոր սկսած են այբ ու բեն. բոլոր նախակրթարաններ բացուած են մատաղ մանուկներու համար, որ դեռ կարդալ - գրել կը սորվին. քիչ մի եւս քրիստոնէական դասեր. քիչ մի հաշուել. եւ քիչ մի եւս աշխարհագրութեան խարթայի վրայ կը նային. մանուկ դեռ իւր շրջապատի տեղեր չը գիտցած, դէ՜, Ամերիկայ եւ Ճենաստանի մայրաքաղալ կը հասնի։
       Վասպուրականի մէջ գտնուած գլխաւոր գեղերու մէջ արդէն ձեռնարկուած է նախակրթարաններ բանալ. փոքր ի շատէ սկսած են գեղացի մանուկներ կարդալ ու գրել սորվել։ Գիւղական դպրոցներ միայն ձմերան կրնան պարապիլ, իսկ ամրան գիւղացիի դաս տարեկան մանուկ իրեն համար շատ պիտանի է. որթիկներ ու գառներ ո՞վ պիտի արածայ, թող այդ փոքրիկ տղերք հօտաղութիւն կան, մշակութեան ամէն բաներու մէջ գարունէն մինչեւ աշուն նորա ըրած ծառայութիւն չորս հարիւր դահեկանի վարձուց հաւասար է։ Մեր աշխարհի մէջ յառաջդիմութիւն, դեռ նոր ծնած մի երեխայ է, տակաւին շատ եւ շատ ժամանակ պէտք է, որ նա դպրոցի լուսաւորութեան աւազանին մէջ մկրտուի, օրըստօրէ զարգանայ եւ մարդ լինի։ Չկարծես, Թոռնիկ, որ կրթութեան երեխան այնպէս շուտ կը մեծանայ, ինչպէս մայրերու ծնած զաւակ. բնական ծնունդի զարգացման համար եթէ միայն քսան տարի բաւական է, իսկ յառաջդիմութեան եւ կրթութեան զարգացումն երկար դարերու կը կարօտի։ Եւ գիտես դու թէ քանի՞ դարերէ յառաջ Եւրոպան սկսեց եւ այսօր հազիւ հասաւ այս աստիճանին։
       Սակայն մեր ժամանակի սերունդին համար մեծ բախտ է. վասն զի Եւրոպան տաժանելի աշխատութեամբ մեծամեծ զոհողութեամբ այդ յառաջդիմութեան ճամբան հարթեց ու բացաւ բովանդակ ուսման եւ գիտութեան տարերք պատրաստեց, ինչպէս սեղան մի դրաւ մեր առաջ։ Աւետարանին խօսք շատ յարմար է այս բախտին. «Այլք վաստակեցին եւ դուք ի վաստակս նոցա մտիք»։
       Չասե՞ս ուրեմն, Թոռնիկ, այլ եւս ի՞նչ պէտք է մեզ աշխատութիւն, վաստակ, նստինք այդ պատրաստուած սեղանին վերայ եւ ճաշակեմք։
       Այդ շատ սխալ դատողութիւն է. դու կարծեցիր որ մեր տակտիկնոջ եփած թանապուր եւ ճա՞շն է այդ սեղան, որ դգալն առնելով նստինք ուտենք։ Ո՛չ, բազում ջանք, բազում վաստակ, բազում տքնութիւն եւ ճգնութիւն պէտք է, որ մենք կարենամք Եւրոպային պատրաստած սեղանին հացն ուտել. զի այդ հացը` դպրոցի անդաստանին մէջ կը մշակուին։ Դու ի՞նչ կասես, Թոռնիկ, չվարենք, չցանենք, չդարմանենք, չհնձենք, չկասենք, ցորեն չ»աղանք, ալիւր չշաղենք, թոնիր չվառենք, հաց չթխենք, առանց այսչափ քրտնաթափ աշխատութեան` նստինք այնպէս դիւրութեամբ ու հանգիստ հա՞ց ուտինք։ Դու լսեր ես Աւետարանէն, որ ճնճղուկներ առանց վարելոյ, վաստակելոյ կը կերակրուին։ Է՜, ապո՛ւշ Թոռնիկ, դու երբէք չե՞ս նկատեր ճնճղկան աշխատութիւն, այդ նկուն թռչնիկ միթէ իւր չափով ճգնութիւն չունի՞. չե՞ս տեսնար, որ նա իւր սերունդ պահպանելու համար հազար անգամ կերթայ կը դառնայ շղիկներ բերելով իւր բոյն կը շինէ, ձու կածէ, ձագեր կը հանէ, անդադար կերթայ կուգայ, փոքրիկ որդեր գտնելով` ձագերուն կը բերէ, մինչեւ թեւիկներ բուսնին, դու տես էն ժամանակ թէ որչա՞փ կաշխատի կրթութիւն տալ իւր ձագերուն, որ թռչտիլ սորվին։
       Կը տեսա՞ս, Թոռնիկ, բնութեան մէջ բան մի չիկայ, որ չաշխատիր, թռչուն, անասուն, սողուն, ինչ որ կենդանի եւ շարժուն է, կաշխատի իւր կեանք պահպանել. թող ցամաքային կենդանիներ, ծովու ձկներ եւ բիւր տեսակ լողական կենդանիներ այդ ծովային աշխարհին մէջ կ»աշխատին ու կը տքնին դարձեալ իրենց կեանք պահպանելու։
       Տիեզերքի մէջ անխօսուն կենդանիներ ի բնութենէ մի անգամ սորված են, ստեղծող Աստուած իւր արարչագործութեան դպրոցէն այնպէս դուրս հանեց, որ այդ անբան կենդանիներ առանց ուսնելու եւ կրթուելու կարենան իրենց կերակուր ճարել ու ապրել։
       Բայց մարդ` որ բանաւոր կենդանի ստեղծուած, եւ կիշխէ բոլոր կենդանեաց վերայ, նա առանց դպրոցի, առանց կրթութեան կարող չէ իւր հաց հայթայեթլ։ Թէպէտ մեր աշխարհի ժողովուրդ, որ ամենամեծ մասով տգէտ եւ անուս է, դառն ու տաժանելի կերպով իւր օրական պարէն կը հայթայթէ, տառապանօք եւ նեղութեամբ կուտէ իւր հաց. բայց երբէք կարելի չէ, որ նա գոնէ փոքր է շատէ բարեկեցիկ կեանք ունենայ, գիտնայ իւր կեանքի տնտեսութիւն, տուն եւ ընտանիք կարգով կանոնով կառավարել, գիտնալ աշխարհի բաներ, մարդոց կենցաղավարութեան պայմաններ, գիտնայ տիրապէս լաւն ու վատ. բարին ու չար, առաքինութիւն եւ մոլութիւն։ Գիտնալ ստուգապէս, որոշել ճշմարտութիւնն եւ ստութիւն, արդարութիւն եւ անիրաւութիւն, պատիւ եւ անարգանք։ Եւ որ մեծն է գիտնալ նա եւ իւր պաշտած քրիստոնէական կրօն, Ս. Գրոց եւ Աւետարանի գերագոյն պատուէրներ, թէ ի՞նչ են քրիստոնէի պարտիքներ թէ՛ առ Աստուած, թէ առ ընկերս եւ թէ առ ընտանիս, առ եկեղեցին, առ ազգն, առ տէրութիւն։ Ահա այս ամէն ամենակարեւոր հմտութիւններ դպրոցի կրթարան կուսուցանէ մեզ։ Ուստի գիւղական ժողովուրդի արդի վիճակ փոխելու համար` առաջին ու հիմնական պայմանն դպրոց եւ կրթութիւն է։ Ասա դու, Թոռնիկ, կրթարան հաստատելու համար մարդ պէտք է, եւ մարդոյն հետ դրամ. ու՞ր մարդ, ու՞ր դրամ եւ ու՞ր կրթիչ մանկավարժ, եւ կալո՞յ թէ ի հնձանէ։ Արդէն գիւղական ժողովրդի վիճակ յայտնի է. նա միտք չունի, որ մտածէ եւ ոչ իսկ կրթութիւն բառ կարող է հասկնալ. եթէ ասես թող քաղաքացին օգնէ, զի գիւղաւան ժողովրդի շնորհիւ կը լինի իւր ամէն առեւտուր եւ շահ։ Այո, քաղաքացին ոչ թէ նիւթապէս կարող չէ ձմեռն տալ, օգնել մշակ ժողովրդի կրթութեան, այլ բարոյապէս եւս նորա ոգին ցուրտ եւ անտարբեր է նոյն իսկ իւր զաւակներու կրթութեան համար։ Ահա օրինակ մեզ մօտ է անուանի Վան քաղաք, հարցուր թէ Վանեցին տարեկան ո՞րչափ գումար կը ծախսէ իւր դպրոցներու համար, այդ չեմ խօսիր, կը խնայեմ, միայն այսչափ կասեմ, որ Վանեցին մեծ մասամբ իւր մանուկներ եւ աղջիկներ եկեղեցւոյ նուիրուած դուզնաքեայ մոմագնով եւ իւղագնով կը կրթէ. կրթութեան համար թոշակ տալու սովորած չէ, եւ թէ ուզես` կը խոժոռի, եթէ ստիպես` տղան դպրոցէն կը հանէ։
       Բայց Թոռնիկ, մեզ չէ պիտոյ քաղքցոց օգնութիւն, շէն մնայ գիւղական ժողովուրդ, նա տէրութեան պարտքեր կուտա, այնչափ երթեւեկող հիւրեր կը հոգայ, միթէ կարող չէ՞ մի պարզ մանկավարժ պահել, որ շատ քիչ թոշակով կը բաւականանայ։
       Մեք հաց ունիմք, իւղ ունիմք, պանիր ունիմք եւ այլ կաթնեղէն բաներ. մեր վարժապետներ շատ սակաւապետ են, ժաժկով անգամ գոհ կը լինին։ Միայն թէ հոգացող, կարգադրող հեղինակ պէտք է, որ յորդորէ, առաջնորդէ ռամիկ ժողովրդին դէպ ի կրթութեան ճանապարհ։ Ո՞ւր է այդ սեպուհ պարտիք, նախ վիճակաւոր Առաջնորդին եւ երկրորդ վանական վարդապտնորն։
       Այլ աւա՜ղ, Թոռնիկ, մեր արդի Առաջնորդներ` գիտես թէ մի քաղաքական պաշտօնեայ դարձած են. բուն եկեղեցւոյ պաշտօնէութիւն, դպրոց, կրթութիւն, ուսումն եւ այլի բարձի թողի եղած են։ Այս բանիս համար, ո՞վ է մեղաւոր, ժողովո՞ւրդ թէ Առաջնորդ։ Մեք այնպէս կը դատենք, որ Առաջնորդն է մեղաւոր, վասն զի` նա մի հովիւ է, Աւետարանի պաշտօնեայ է, եւ սոսկ մի հոգեւորական սպասաւոր է Քրիստոսի եկեղեցւոյն։
       Բայց տես դու, ժողովուրդն իւր Առաջնորդին հոգեւորական պաշտօն մարմնացուցած է։ Նա չի պահանջեր Առաջնորդէն, որ իւր փակուած աչքեր հրաշքով բանայ եւ տեսնայ, թէ ի՞նչ բաներ կան աշխարհի վերայ, կամ իւր հոգեկան հիւանդութիւններ բժշկէ. այլ մի միայն մը հրաշք կը խնդրէ, որ Առաջնորդ Յիսուսի պէս` հինգ նկանակն օրհնէ եւ հինգ հազար մարդ կերակրէ։ Եւ այսպէս, քաղցած ժողովրդի հացի խնդիրն յաղթահարած է Աստուծոյ կենաց բանին, որոյ քարոզիչ մատակարար Առաջնորդն է, որչա՜փ ողբալի է, Թոռնիկ, ժողովրդին անգիտակցութեան վիճակ, որով այնպէս կ թուի, որ ինքն աւելի մեղաւոր է քան Առաջնորդ։ Այլ ո՞վ կարող է դատել զինքը, երբ ժողովուրդ իւր կեանքի խնդիրներով խեղդուած եւ անձկութեան մէջ պաշարուած, ամէն ճար Առաջնորդէն կը յուսայ։ Այո՛, պիտի յուսայ, քանի որ ժողովուրդ տգէտ է. ուսումն չունի, խօսել չ»գիտէ, երկրիս օրէնք չ»գիտէ, անշուշտ նա իւր դատին միջնորդ, փաստաբան` Առաջնորդ կը ճանչնայ։
       Ուրեմն, Թոռնիկ, բան կը մնայ դարձեալ վանական վարդապետներուն վերայ, որոնք ազատ վիճակ ունին։ Մեծ պարտականութիւն ունին նոքա եւ երախտապարտ են գիւղական ժողովրդին համար ամենայն անձնուիրութեամբ աշխատել, այցելել գիւղէ ի գիւղ քարոզել, ուսուցանել, պարզ ու ընտանեկան ոճով խօսել այնպէս, որ հասկնայ ժողովուրդ եւ կարենայ ըմբռնել դպրոցի նշանակութիւն, մանուկներու կրթութիւն։
       Այս կերպով այցելու վարդապետ ո՛չ միայն կը յաջողի գիւղական դպրոցներ հաստատել, այլ նա կը յաջողի նաեւ գիւղի երիտասարդներ, այրական հասակով մարդիկնե եւ նոյն իսկ հնացած ծերուկներ կրթել, որոց կրթարան եկեղեցին է։ Եթէ վարդապետ յաճախէ իւր այցելութիւն, խօսի, կրկնէ իւր քարոզներ, կարդացած Աւետարանի միտքեր, բացատրէ, ցոյց տայ Աստուծոյ պատուէրներ, կենաց բանին ու հացին սեղան այնպէս պատրաստել ու դնել քաղցած ժողովրդին առաջ, որ նա ուտէ ու լիանայ։
       Գիւղական ժողովուրդ թէպէտ քրիստոնէական կեանքի մէջ շատ ծեր է, բայց իւր արդի կեանքը նկատելով, նա մի նորածին կաթնկեր երախայ դարձած է, նորա կեանքի պատկեր տգիտութիւն եւ ռամկութիւն է։ Նորա ատամներ դեռ բուսած չեն եւ պէտք չն նորա համար հաստատուն կերակուրներ, այսինքն նուրբ դասեր եւ քարոզներ. նորա համար միայն կաթնեղէն սնունդ պէտք է, որ նա կարենայ քաղցրութեամբ ճաշակել ու մարսել։ Իրաւ է, որ մանկութեան ուսումն շատ հիմնաւոր եւ հաստատուն է։ Երանի՜ թէ ես էլ բախտ ունենայի` մանուկ հասակով դպրոց մտնայի ու կանոնաւոր կրթութիւն ստանայի, ինչ որ գիտեմ եւ ինչ որ կը խօսեմ քեզ այս դասերը, չափահաս հասակէս սկսեալ սորված եմ, որ շատ դուզնաքեայ բաներ են, զի միայն լսելով եւ գրքեր կարդալով փոքր ի շատէ հմտացած եմ աշխարհի բաներուն։ Գիտե՛ս, Թոռնիկ, ամէն մի գիրք, մի-մի վարժապետ են կարդացողի համար. գրողներ մեռեր գնացեր են, գիրն կենդանի մնացեր է, կան այնպիսի գրքեր, որ անմահ են. թէ անցնին հազար-հազար տարիներ` դեռ պիտի խօսեն մեզ հետ։
       Այս մի քանի տողեր գրելով` հասկցունել կուզեմ քեզ, Թոռնիկ, որ հասակ առած մարդիկ կարող են փոքր ի շատէ կարեւոր դասեր սորվել ու կրթուել, միայն թէ այդ դասախօս` պէտք է լինի մի անձնուէր մարդ, անձանձրոյթ, մշտախօս, անյուսահատ, յարատեւող ու երկայնամիտ։ Սորա փորձն ու ապացոյց` ես աչքովս տեսայ, պատմեմ քեզ, Թոռնիկ։
       Աստի գրեթէ քսան եւ հինգ տարի առաջ, Պօլսոյ Ղալաթիոյ Ս. Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովանեաց տակ կրթութեան մի նորօրինակ ձեռնարկութիւն եղաւ։ Այդ բանին սկզբնաւորող հեղինակ Ղազարոս Քրիստոստուր անուն մի պատուական անխոնջ աշխատասէր մարդ էր, ափսո՜ս. նա մեռաւ երկու տարի առաջ, բայց իւր ձեռնարկութիւն անընդհատ շարունակեց մինչեւ ի գերեզման։ Եւ ի՞նչ էր իւր ձեռնարկութիւն - Կիրակնօրեայ մի լսարան բանալ` պանդուխտ բեռնակիրներու կրթութեան համար։ Այո՛, բացեց ու յաջողեցաւ, տեսնայիր դու կիրակի եւ տօն օրեր, թողլով սրճարան եւ ուրիշ զուարճութեան տեղերն` մեր պանդուխտ եղբայրներ լսարան կը թափէին. պարոն Քրիստոստուր անթոշակ վարժապետ այբէն սկսելով իւր պարզ դասեր կաւանդէր։ Նա մանկավարժ չէր, բայց անպիսի դիւրին ոճով ու եղանակաւ կուսուցանէր դասերը, որ այդ թանձրամիտ կարծուած բեռնակիրներ ամենայն դիւրութեամբ կըմբռնէին նորա ասածներն։ Եւ ահա փոքր շրջանում` մեր բեռնակիրներ, գռեհիկ շինականներ բանգէտ դարձան։ Սորվեցան բաւական հայերէն լեզուն, Քերականութիւն, Սուրբ գրոց պատմութիւն, Քրիստոնէական վարդապետութիւն եւ Աւետարանի դասեր, Թուաբանութիւն, տօմարական հաշիւներ եւ այլն։
       Դու գիտես, Թոռնիկ, ի՞նչ եղաւ այս արդիւնաւոր ձեռնարկութեան վախճանը. երբ բեռնակիր մարդ ուսման ճաշակն առաւ, փոքր ինչ զարգացաւ նորա միտքն, նա զգաց ու ճանչցաւ իւր արժանիք, գիտցաւ թէ մարդն անասուն չէ, որ բեռ կրէ, Աստուած զմարդն իշխան ստեղծեր է, որ անասնոց վարիչ լինի։ Ուստի բեռնակիր ձգեց համետ (սէմէր) իւր բրտացած քամակէն, գնաց իւր արժանիքին համեմատ գործելու պարապեց։ Այդ բեռնակիրներ մինչեւ անգամ մասնաւոր գրագրութեան պաշտօններ ընդունեցին, ոմանք եւս իրենց հայրենիք դառնալով` գիւղական դպրոցներու մէջ մանկավարժ եղան։
       Երախտապարտ եմ յիշել ու խոստովանել, որ Պօլիս եղած ժամանակ` շարունակ կերթայի այդ անձնուէր մարդոյ մտիկ անելու, մանաւանդ իւր խրատական եւ բարոյական դասեր շատ կրթիչ ու օգտակար էին գաւառացի պանդուխտներուն համար։ Հանգուցեալ հոգին մի անվեղար, անգաւազան քարոզիչ վարդապետ էր. նա չգիտէր մեթոտ, կամ ճարտասան լեզու գործածել, կամ համառօտ ու հարեւանցի կերպով ասել, անցնել. այլ այնչափ կը խօսէր, այնչափ կը վարէր բեռնակիր աշակերտներուն կորդացած երկիր, մինչեւ խրխրէր նոցա միտքն, ցանէր ու տեղաւորէր իւր դասերու հատիկներ. իւր յիշատակն օրհնեա՜լ եղիցի, եւ Տէր Աստուած հատուցանէ այդ անխոնջ մշակին վարձք։
       Այս ճշմարիտ իրողութիւն իբրեւ ապացոյց` պատմեցի քեզ, Թոռնիկ, որպէս զի դու եւ գիւղական ժողովուրդ համոզուինք թէ` չափահաս մարդիկ եւս կարող են կրթուել, կարող են սովորել, միայն թէ անձնանուէր ուսուցանող լինի, մանաւանդ երբ ուսուցանէ եւ միանգամայն գործէ եւ իւր անձն իբրեւ օրինակ` ընծայէ ժողովրդին։
       Եւ ո՞ւր են այդ անձեր, եւ ո՞րչափ հազուգիւտ են շինական ժողովրդին համար, եւ ո՞ր տեղէն պիտի լինին դոքա յանկարծ, անապատէ՞ն պիտի գան Յովհաննէս Մկրտչի նման, կամ Տէր Աստուած հոգալով իւր ժողովուրդ` հովիւներէն մարգարէ՞ պիտի հանէ իւր շնորհաց դպրոցէն, ինչպէս կը հանէր երբեմն իսրայէլի ժողովրդին համար։ Քանի որ հաստատեալ բարեկարգ կրթարաններ չունիմք, որ ուսեալ եւ կրթեալ ժառանգաւորներ հասնին, այսպէս կը մնայ ժողովրդին վիճակ։
       Հունձք բազում եւ մշակք սակաւ, կասէ Յիսուս։ Աղաչեցէք զտէր հնձող, որ հանցէ մշակ ի հունձս իւր։ Մեք ոչ կաղաչեմք եւ ոչ կը խնդրեմք, ինքնին Տէր Աստուած գթալով մեր խեղճութեան վերայ, երբեմն փոքրիկ մշակ, այցելու հովիւ կը հանէ մեր հունձերուն համար, ինչպէս Տէր Դանիէլ վարդապետ միաբան Վարագայ վանից, որ տասն տարիներէ ի վեր ամենայն անձնանուիրութեամբ կը հովուէր ոչ միայն մեր Արճակ գիւղն, այլեւ բոլոր մօտակայ եւ հեռաւոր շրջակայ գիւղեր նորա այցելութեան ոտք հանգիստ չէր գիտեր, այլ անդադար կը շրջէր. այդ անխոնջ մշակ ոչ միայն Աւետարանի սերմեր կը ցանէր, բարոյական խրատներ կը խօսէր, այլ եւ գիւղական տնտեսութեան դասեր եւս կաւանդէր. այնպէ՜ս պարզ, յստակ, ու հասկանալի ոճով, որ մեք թանձրամիտ շինականներս կարող էինք ըմբռնել նորա ամբողջ խօսքեր։ Նա շինեց ու հաստատեց մեր Արճակու դպրոց, եւ միանգամայն նորա յարատեւութեան համար եկամուտներ կարգադրեց, նոյնպէս ուրիշ շատ գեղերու մէջ եկեղեցիներ շինեց, դպրոցներ հաստատեց։ Դանիէլ վարդապետին կեանք բոլորովին պարզ եւ սակաւապետ էր, նա կը կերակրուէր շինականի սեղանէն, որ սովորաբար թանապուր եւ մածուն էր, անտրտունջ կուտէր եւ կասէր, Կրօնաւորին համար` այսչափս բաւական եւ շատ է։ Իւր ոգին առընչասէր էր եւ ազատ ագահութեան ախտէն։ Գութ ունէր, կը գորովէր խեղճերուն վերայ. կը սիրէր տալ` քան առնուլ. նա ունէր մի հաստատուն կամք, ինչ որ սկսէր ձեռնարկել` անվհատ ոգւով կաշխատէր յառաջ տանել. նախապաշարման կապէ արձակուած էր. նա թէեւ չունէր այնչափ ուսումն եւ ընդարձակ զարգացած միտք, բայց շատ ընդունակ էր ժամանակի յառաջդիմութեան։ Վերջապէս Դանիէլ վարդապետ միակ այցեու հովիւ էր գիւղական ժողովրդին համար, սորա համար ժողովուրդ զինքը կը սիրէր եւ ինքն եւս աւելի կը սիրէր գիւղացի ժողովուրդ։
       Երանի՜ թէ շատնային եկեղեցւոյ այսպիսի անձնուէր մշակներ մեր առատ հունձերուն համար. դու տեսնայիր, Թոռնիկ, էն ժամանակ թէ ինչպէս գիւղական ժողովրդին վիճակ կը փոխուէր ու կը բարւոքէր։
       Վերջացնելով այս ընդհանուր դասեր, ժամանակ եկաւ պիտի խօսիմ եւ յայտնեմ քեզ ա՛յն բան, որ առանձին քո կեանքին եւ մեր գերդաստանին կը վերաբերի։