Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ե.
ՆՈՅԵԱՆ ԸՆՏԱՆԻՔ

ՄԻՆՉԵՒ ԲԱԺԱՆՈՒՄՆ ՍԵՐՆԴՈՑՆ

 

    Ոչ միայն Այրարատեան երկիրն ուր իջաւ Նոյ տապանաւն, եւ ոչ Պաղեստին միայն ուսկից հռչակեցան հնագոյն ստուգութիւնք, այլ մինչեւ արեւելից ծայրքն Զինք, եւ արեւմտից ծայրքն Մեքսիկացիք Ամերիկոյ կ՚աւանդեն շատ կամ նուազ աղաւաղ ջրհեղեղին եւ Նոյի յիշատակը, որպէս անուամբ կոչելով այս զարմանալի անձը․ բայց աւելի Այրարատայ չորս դին շրջանակեալ աշխարհաց մէջ կու յաճախեն զրոյցքն․ մերձաւոր ազգք եւ աշխարհք, ինչպէս Հայք Ասորիք, Քաղդէացիք, Պարսք, Կովկասեանք, Ս․ Գրոց հիմնական պատմութենէն շատ չեն հեռանար․ իսկ Յոյնք որ երկրիս շատ մեծամեծ դիպուածներ իրենց փոքրիկ աշխարհին մէջ կամ ի սահմանսն փոխադրեն ճարտար գրչաւ եւ հաճոյալուր առասպելեօք, ոչ մէկ՝ այլ քանի մը ջրհեղեղ պատմեն, եւ գլխաւոր երկուք Ովկիդեան եւ Դեւկալիոնեան․ այս ետքինս հնագոյնն եւ հռչակագոյն է եւ համարի Նոյեան կամ արարատեան ջրհեղեղին անդրյիշատակն։ Երբ քրիստոնէութեան առաաջին ճառագայթքն զարնուեցան հեթանոսութեան վրայ, առասպելահրաշ Յոյնք եւ հետեւողքյերկու կրօնից ալ խառնւրդ ընելով․ ըստ ախորժակաց իւրեանց Ս․ Գրոց յիշատակները առին կէս քրիստոնեայ եւ կէս հեթանոս մտօք, եւ Սիբիլլայից տաղքհրատարակեցին, յորս ընթեռնումք հրամայեալ Նոյի նաւել

«Ի ․․․ Փռիւգիոյ լեառն ամբառնայ ի սահմանս

Բարձրագիտակ խրոխտապանծ, կոչեալ անուն Արարատ

Ուստ՝ անարին Մարսիաս աղբերանայ զառաջին»։

Եւ դարձեալ․

«Ով Փռիւգիա, ի բարձրակոյտ ալեաց դու նախ ամբարձես գլուխ

  Ըզվերածնեալ մարդկութեան զարմ տածելով՝ մեծ գրեսցիս դայեակ [1] »։

Անշուշտ Գնոստիկեան հեղինակք տաղիցս Փռիւգացիք էին եւ Փռիւգիա փոխադրեցին զՆոյ․ եւ հին Հայոց եւ Փռիւգացոց յարակցութիւնն այլ օգնական էր կարծեացն, որ այնքան զօրացաւ մինչեւ դրամք Ապամէոյ քաղաքին Փռիգիոյ՝ քրիստոնէութեան առաջին (Բ?) դարուն դրոշմեալք, ներկայացուցանեն զտապանն հանդերձ երկու հաւուք եւ ձիթենեայ շիւղիւն, եւ տապանէն ելլող անձամբք․ որ են ըստ հեթանոս մտաց Դեւկալիոն եւ Փիրրա։ Այսչափ օտարք մօտենալով Ս, Գրոց պատմութեան տակաւին  հին եւ ստոյգ աւանդութիւն մը չեն ընծայեր Նոյի եւ իր ընտանեաց վրայօք, այլ դարձեալ հեռանան յառասպելս․ որով միայն ի Ս․ Գիրս գտանի ստոյգ այլ սակաւ յիշատակ Նոյեանց յետ ջրհեղեղին եւ անստուգից մէջ հաւանագոյն՝ Այրարատայ մերձագոյն աշխարհաց աւանդութիւնք։

      Սուրբ գիրք ամենեւին չեն յիշեր Նոյայ բնակութեան, ճամբորդութեան, որդեծնութեան եւ մահուան տեղն․ այլ միայն զի 350 տարի այլ ապրեցաւ յետ ջրհեղեղին եւ մեռաւ 950 տարուան․ եւ մէկ կամ երկու դէպք ալ այսինքն հողագործութիւնն, այգի տնկելն, եւ անոր արդիւնքով գինովնալն եւ գինովութեան արգասիքն, ծիծաղելի ըլլալն ի Քամայ, եւ ասոր ցեղը անիծանելն, օրհնելով զՍեմ եւ զՅաբեթ ընդ նմա։ Այսչափ է Ս․ Գրոց յիշատակն այս մեծ նահապետին երկրորդ կենաց վրայ։

      Ջրոց կամաց կամաց ցածնալ եւ ցասքիլն եւ Նոյի ալ նոյնպէս շարժիլն ի բանալ զպատուհան եւ զձեղուն տապանին եւ յելանելն անտի, տան գուշակել, որ մեկէն չ՚իջաւ ի լեռնէն, այլ առ ժամանակ մը բնակեցաւ անոր վերայ անքոյթ տեղ մը․ եւ ամենայն աւանդիչք [2] միաբանին թէ առաջ ժամանակ մը լերանց վրայ բնակեցաւ Նոյ։ Ի մերայոց ոմն 50 տարի ասէ բնակեալ յԱկոռի․ եթէ այնպէս էր՝ Նոյի Նախ-իջեւանն ալ հոն մօտ բնառելու էր․ եւ ուր ալ որ ըլլայ տապանակիր լեռն՝ իր ստորոտը պիտի ըլլար այդ Նախիջեւանն կամ Նահրեվան կամ Թմանիմն։ Ըստ Աննեան Բերոսի՝ Նոյ լեռնէն իջաւ ի մօտակայ հովիտ մը [3], որ դեռ ջրախեղդ մարդկան դիակամբք ծածկեալ էր, վասն որոյ եւ անուանեց զայն Միրիատամ, այսինքն աղէթափ մարդկան տեղի․ եւ հոն քարերու վերայ արձանագրեց եղած դիպուածքն։ Իսկ բուն Բերոսն քաղդէացի եւ հետեւող հին պատմիչքն ասեն երբ Քսիսութը (Նոյ) նաւէն ելաւ՝ յետ պատարագին անյայտ եղաւ, աստուածներն զինքն առին կամ փոխադրեցին ուրիշ տեղ․ իսկ անոր ընտանեացը իմացուցին որ նաւուն իջած տեղն է Հայաստան, եւ պատուիրեցին որ երթան յԱրեգ կամ Սիբարացւոց քաղաքն եւ հոն ջրհեղեղէն առաջ թողած գրքերն հանեն։ Պատուէրն առասպել ալ ըլլայ քաղաքն իրական է․ բայց ո՞ւր արդեօք։ Մեր հնախօսն համարի զՍպերն Բարձր Հայոց, որ հնագոյն ժամանակ աւելի նշանաւոր տեղ էր քան յետոյ․ իսկ յարտաքնոց ոմանք համարին զԿարիաթ Սեֆեր որ թարգմանի Քաղաք Նամակաց ի սահմանս Պաղեստինոյ եւ յիշի ի Սուրբ Գիրս, եւ ոմանք ըստ Քաղդէացւոց ի սահմանս Բաբելոնի, ընդ մէջ Նինուէի եւ Բաբաելոն քաղաքի, յեզերս Եփրատայ, եւ մեզ այլ այս ետքի դրութիւնս քան զառաջինսն հաւանագոյն երեւայ, բայց աւելի եւս հաւանագոյնն՝ աւելի այլ դէպ ի հիւսիս կարծեմք, եւ տեղը յետոյ յիշենք (61): Նոյն քաղաքն էր Ամենամատեան անուանեալն, Պանատվիվլոն ըստ յունականին, յորմէ էին ոմանք ի նախորդաց Քսիսութրեայ, ըստ Քաղդէացւոց։ Այսպէս սոքա իրենց հայրենեաց մէջ կու դնեն թէ՛ Նոյի (Քսիսութր․) ջրհեղեղէն առաջ բնակութիւնն, եւ թէ իրեն ընտանեաց անկէ վերջի բնակութիւնն [4] իսկ տապանէն ելլալն ի հայս կու խոստովանին, որով մակաբերել տան թէ բնակութիւնն այլ հոն եղած պիտի ըլլայ։ իսկ Հրէից աւանդաբանք [5] ինչուան ի Դամասկոս կու տանին Նոյայ բնակութիւնն, ուր ընդ Սեմայ եւ ընդ Մելքիսեդեկի ասեն մնացեալ։ Հրէից դէմ գրող հին հեղինակ մ՚ալ, Մոլսն (Եւսեբ․ Պտրստ․ Աւետ․ Թ․ ԺԹ․) կ՚ասէ, թէ ջրհեղեղէն ազատողն Հայաստանէն եկաւ առջի երկիրը․ բայց ան տեղէն ալ հալածուելով գնաց Ասորւոց անապատ լեռնակողմը։ Ասորիք ի Միջագետս եւ Արաբք յԱրաբիա (յԱրտ-Նուհ) համարին զզՆոյ յԻտալիա կու տանի եւ հոն աշխարհաշէն կ՚ընծայէ․ ջրհեղեղէն ետեւ, կ՚ասէ, Նոյեանք միշտ երկուորեակ ծնանելով, շուտով բազմացաւ մարդկութիւնն եւ Հայաստանէն դուրս ելաւ․ Նոյ ալ յԻտալիա գնաց Յաբեթ որդւովն, բայց մինչդեռ ի Հայաստան էր սովրեցուց եւ աւանդեց սրբազան գիտութիւններ եւ մանաւանդ աստեղաբաշխական եւ ասմարական բաներ եւ նշանագրելով թողուց սրբազան պաշտօնէից՝ որք Սակա անուանեցան, այսինքն քահանայք զոհագործ, եւ իրենք միայն կրնային կարդալ եւ իրենց յաջորդացն աւանդել այն գրուածքը։ Հասարակ ժողովրդեան ալ սովրեցուց երկրագործութիւն եւ այգեգործութիւն․ բայց դեռ գինւոյն զօրութեան փորձ չըլլալով ինքն իր արուեստէն խաբուեցաւ, որպէս եւ Ս․ Գիրք պատմեն․ բայց Աննիոս յաւելու պատմել վասն Քամայ զոր արտաքինքն ասեն ինչ որ ըրաւ Սատուռնոս իր հօրն Ուրանոսի, կամ Արամազդ Սատուռնոսի։ Իսկ Հայք վասն երախեաց Նոյի կոչեցին եւ պատուեցին զնա իբրեւ աստուածային զօրութիւն եւ սերմն աշխարհի, (երկինք եւ արեգակն) Ոլիմպա եւ Արտա, եւ այս անուամբք քաղաքներ շինեցին եւ նուիրեցին նմա [6] թէ եւ այժմու Հայքս ոչ այսպիսի քաղաք ճանաչեմք եւ ոչ այսպիսի բառեր։ Թէ Հայք եւ թէ Իտալացիք, ըստ Բերոսի կամ Անիոսի, նկարէին զՆոյ իբր վարիչ արեգական եւ լուսնի եւ ուղղիչ պետութեանց։ Նոյնպէս Նոյայ կնոջն ալ որ կոչէր Դիւթէա (Դիւթ?) կամ Տիտէա [7] եւ յետ մահուն Արետիտ (երկիր) եւ Երաա (կուր) աստուածական պատիւ ընծայեցին։ Մինչդեռ ի Հայս էր Նոյ՝ ծնաւ շատ զաւակներ, յորոց Արազա [8] դուստրն՝ (յորմէ կոչեցաւ Երասխգետ) ծնաւ զՍկիտա, որոյ անուամբ Հայաստան կոչեցաւ ՍկիտիակամՍկիւթիա․ եւ Սկիտա ծնաւ զՆապոս եւ զՊրուտոս կամ Բրուտոն։ Նոյայ որդւոց մէկն այլ կոչէր Հերմինսն, անշուշտ ասկից այլ Արմենիա կոչումն ըսելու է։ Իսկ ուրիշ հնախոյզ պատմիչ մ՚ալ [9] զԱրաշա ինքն անուանէ մայր Բրիտոնի, յորմէ Բրիտանացիք․ այս աւանդութեանս կերպով մը զուգաձայնի Հայոցն Մանիտսն զոր քիչ մը վարը պիտի յիշեմք։

      Նոյ յետ 260 տարւոյ ջրհեղեղին եկաւ յԵտրուրիա Իտալիոյ, յետ հաստատելոյ զանազան գաղթական յԱսիա․Հայաստանէն ելլալու ատեն հոն թողուց Նոյ զԱրաշա եւ զՍկիտա, եւ իր տեղ քահանայապետ դրաւ զՍապաթէոս-Սակա։ Ո՞վ էր Սապաթ․ - ի Ս․ Գիրս յիշի Սաբաթա (Ծննդ․ ԺԱ․ 7) որդի Քուշայ։ Դիոդ․ Սիկիլիացի (Դ․ Դ) յիշէ հնագոյն Բաքոս մի՝ որդի Արամազդայ Պրոսերպենայ, որ կոչէր եւ Սաբատ կամ Սաբազ, եւ նախ զեզինս լծեց յարօրագրութիւն սերմնացանութեան, վասն այսորիկ եւ եղջերաւոր նկարի։ Յիշէ զսա Աննիոս, բայց որդի Սաբայ որդւոյ Քամայ անուանելով։ Կորճայից եւ Պարսկահայոց եւ Քաղդէաստանի մէջ ծանօթ է Զաւ կամ Զապոս եւ Զապաթոս գետք, եւ շատ հաւանական է որ խոսա հին ատեն յայն կողմանս բնակած է նահապետ ոմն համանուն, թէ եւ ոչ Աննիոսեանն, որոյ համար ասէ՝ թէ յ՚300 ամի ջրհեղեղին, յետ Հայոց սահմանակից զանազան աշխարհաց մէջ յածելու՝ Պոնտոսէն անցնելով եկաւ յԻտալիա առ Նոյ, եւ թագաւոր կարգեցաւ Օտարածնաց կամ Գաղթականաց․ որոց վրայ իրեն յաջորդ դրաւ զորդի իւր Սաբոս, յորմէ սաբանացիք, եւ սաբատ քաղաք Տոսկանայ, որ յիշի եւ ի Ստրաբոնէ։ Սաբատէոս մեռաւ յամի 341 ջրհեղեղին, եւ իր տեղ դրաւ Նոյ զորդին զԿրանոս․ որում յաջորդեց յետ մահուան Նոյի՝ Աւրանոս․ առ որ եկան գաղթականք ի Հայոց եւ ընդունելութիւն գտան։ Այս Սաբատէոսս առի հեղինակ հռչակեալ Ենկուպեան տախտակացն [10], կամ անոնց նախագաղափարաց՝ զորս գրեր էր ի Կրովսէս (Ադուիլլարիա) դաստակերտ քաղաք իւր։ Ասոնց նման գտուեցան ուրիշ տախտակներ ալ ի Վիթերպայ՝ որք Արարատեան կ՚ըսուէին, ըստ Աննիոսի։ Յանուն Հայոց կամ Սակաց, զի այսպէս անուանէին Հայք յայնժամ, եկելոց ընդ Նոյի եւ Սաբատայ, Սակք կամ Սակնի կոչեցաւ ազգ մի Տոսկանաց․ յարակից Սաբինաց, եւ յանուն նոցա բերան Պադոս գետոյ Սակա կոչեցաւ։

      Այս աւանդութաենց մէջ ո՞րքան հաւանական կամ ընդունելի բան ըլլալն դժար է ստուգել․ միայն յիշեմք որ Նոյի այնքան հեռու տեղ երթալն մեզ բոլորովին անընդունելի․ եւ երկրորդ որ Սակայ վրայ աւանդութիւնն քննութեան արժան է․ այսինքն այսպիսի անուամբ հնագոյն ազգի մը ըլլալն, եւ անկէ սերիլն Սկիւթաց։ Ս․ Եպիփան եւ այլք կու պնդեն թէ պատմական ժամանակաց սկիզբն Սակ ազգ մը կայր անուանի եւ աշխարհածանօթ, որ Եգիպտացւոց հետ կը վիճէր հնութեան կամ առաջնութեան վրայօք եւ երբ Եգիպտացիք իրենց երկիրը նախադասէին վասն ջերմ եւ բարեխառն կլիմային իւրեանց յարմարագոյն բնակութեան մարդկան։ Սկիւթացիք ասէին թէ իրենցն ալ այնպէս էր յառաջ եւ յետոյ փոխուեցաւ կլիմայն․ ինչպէս որ հին Պարսից աւանդութեան մէջ այլ կայր այս։ Պարզապէս ասելով՝ ջրհեղեղէն ինչուան Բաբելոնի միջոց, մարդկութիւն կամ ժողովուրդ Սակ եւ Սկիւթ անուանէր ըստ մտաց Եպիփանու եւ հետեւողացն, եւ կրօնք իսկ նոցա Սկիւթութիւն։ Ստուգագոյն պատմիչք այլ հաւանին հնութեան Սակաց, թէ եւ ոչ այսքան հեռու տանին զայն, այլ եւ ոչ կարեն ասել անոնց ծագումը կամ նախահայրը։ Ազգին հին ծագման նման հին է եւ Սակեան տօնը կամ բարեկենդանը, որ յամենայն Ասիա եւ ինչուան է ի Յունաստան կատարուէր այսու անուամբ․ թէ ոմանք տօնին ծագումը Քրիստոսէ 6 կամ 7 դար առաջ միայն կու դնեն։

      Այս խոր հնութիւնները թողլով, աւելի խորագունին բայց պարզագունին ելլանք, մեր ազգային յիշատակարանաց եւ հաւատարմագոյն պատմչաց մէջ բնառելով զՆոյ ի Հայաստան․ որուն եւ իր որդւոց հոն բնակութեան եւ գործոց յիշատակները գրի անցած էր, ըստ նախնեաց աւանդից, եւ երգուք եւ նուագարանօք ալ յեղյեղին մեր հին հարքն․ բայց արդէն քրիստոնէութեան առաջին դարերուն մէջ ալ կորսուած այս մատեանս․ միայն քանիմը աւանդութիւն մնացեր էր [11] զոր եւ յիշէին ի մէջ իմասասիրաց Յունաց՝ վարժակիցք նոցին Հայք յԱթէնս կամ յԱղեքսանդրիա․ եւ գլխաւոր ի նոսա Ոլոմպիոդոր՝ յունանուն բայց հայազգի, որ թէ այս գրոց եւ թէ երգոց մնացորդ յիշատակներուն համաձայնութեանն վկայ եղած էր իր հայրենեաց մէջ կու հաստատէր ըստ Բերոսեայ աւանդութեանն թէ Քսիսութրոս-Նոյ տապանէն իջած էր ի Հայս․ եւ որպէս կարգ բանիցն ցուցանէ՝ ի Կորճայս եւ ոչ ի Մասիս․ վասնզի յետ քիչ կամ շատ ժամանակ կենալու ի Նախիջեւանի անդ ուր բնակեցան յելանելն ի տապանէն, Սիմ որդի Նոյի, որ է Սեմն Ս․ Գրոց, ելաւ մօտակայ երկիրը երկիրը դիտելու, կամ յարմարագոյն բնակութիւն մը բնտռելով, կամ ջրհեղեղէ առաջ ծանօթ տեղի մը յիշատակ եւ կամ թերեւս ջրհեղեղին թողած նշանները, եւ իր ելած տեղէն դէպ յարեւմուտս հիւսիսոյ գնաց, անշուշտ գետոյ մը ընթացք բռնելով եւ լեռներէ ու կրճերէ անցնելով, մինչեւ հասաւ երկայնաձիգ լեռնապարու մը, որուն ստորոտը չափաւոր կամ պզտի դաշտ մը կար եւ մէջէն գետեր կ՚անցնէին։ Երկու (լուսնական) ամսոյ չափ ժամանակ հոն բնակեցաւ, եւ այլ լերանց պարուն իր անունը տուաւ․ այս առաջին անգամ է ի պատմութեան յիշուած տեղւոյ՝ անուանադրութիւն․եւ ինքն նորէն դարձաւ դէպ յարեւելս հարաւոյ՝ իր ելած տեղը։ Սիմ լեռները մինչեւ հիմայ նոյն անուամբ ծանօթ են ի Հայոց, Արածանւոյ եւ Տիգրիսի ջրոց անջրպետ ընդ մէջ Տուրուբերանի եւ Աղձնեաց․ այս յետին նահանգն հնագոյն ժամանակ Հայկազանց չէր, անոր համար այս դիպաց հին պատմիչ կամ երգիչքն Ասորեստանի մօտ ասէ Սիմայ գնացած երկիրը, որ առաջին նահանգին նախապատիւ գաւառն եղաւ իշխանութեան Հայոց․ եւ զանունն ալ առաւ ի նոյն ի Սիմայ կրսեր որդւոց մէկէն․ զոր պատմիչս անուանէ Տարբան, յորմէ կոչեցաւ տեղին Տարաւն կամ Տարօն, մինչեւ ցայսօր [12] ։ Պետք չէ այս Սիմայ որդւոյն անունը բնտռել ի Ս․ Գիրս, ուր միայն անոր հինգ որդւոց անուանք կան, եւ անտարակոյս է թէ ուրիշ շատ որդիք ալ ունեցեր է, մանաւանդ եթէ ստոյգ է Տարբանայ համար զրուցածն Ոլոմպիոդորի, թէ 30 մանչ զաւակօք եւ 15 աղջկօք եւ անոնց արամբքն, հաւանօրէն եւ մանչերուն կանամբք բաժնուեցաւ հօրմէն, եւ անոր գտած դաշտը եկաւ բնակելու, ուր, ինչպէս կ’երեւայ, առաջ ալ իր հետ եկած էր տղայութեանը ատեն․ կամ լսեր էր հօրմէն եւ երիցագոյն եղբայրներէն, եւ իր անուամբն անուանեց զդաշտն, որ թէ՛ հնութեամբ թէ բնութեամբ, եւ թէ կրօնից եւ ուսմանց եւ քաջագործութեանց հանդիսիւք անուանի եղաւ Հայոց պատմութեան մէջ։ Դաշտին մէջէն անցնող գետերն են Մեղ կամ Մեղրի եւ Արածանին յոր նա թափի, որոց ափունքը ծածկեցան շինութեամբք եւ մշակութեամբ․ եւ եթէ ստոյգ է պատմութիւնս՝ անոր հարիւրաւոր շինից անուանց մէկ մասն, որ ինչուան հիմայ կու լսուի Տարբանայ որդւոց եւ թոռանց անուանքն է․ իսկ իւր բնակութեան տեղն ալ, ուսկից նախ սկսան որդիքն իրմէ զատուիլ՝ կոչեց եւ կոչի մինչեւ ցայժմ Ցրօնք, իբր տեղի ցրուելու, եւ է Մեղ գետոյն աջակողմն, եւ դաշտին արեւելեան հիւսակողմն․ իսկ Տարբանայ կամ Տարուանայ ոստանն դաշտին արեւմտեան հիւսիսակողմն Արածանւոյ եզերքն համարի, որ է ըսել դաշտին արեւմտեան հիւսիսակողմն Արածանւոյ եզերքն համարի, որ է ըսել դաշտին վերջին սահմանները, ուր Տաղօնք անուն աւերակ կար մեծ շէնքի նաեւ ի սկիզբն դարուս, որ զՏարօնոյ անուն բերէ, եթէ չըլլայ Աստղօնից [13] բերդն։ Բայց այս տունս որ Սիմայ որդւոյն անունէն առնուած է, եւ ոչ միայն դաշտին եւ գաւառին այլ եւ բոլոր նահանգին կամ Հայոց 15 աշխարհաց մէկուն տրուեցաւ, ստուգութեան կարօտ է․ վասն զի նահանգն կոչի Տուրուբերան [14], եւ հարկ է որ այս իրեք անուանքն ալ տարբան, Տարօն, Տուրուբերան համաձայն կամ լծորդ ըլլան։

      Տարբանայ բնակութիւնն եւ ցրօնքն անշուշտ յառաջ է քան զընդհանուր կամ զԲաբելոնեան ցրօնս ազգաց․ եւ իր որդւոց մէկ մասն մնացեալ է հոս եւ հնազանդեալ Հայկայ, յետ քաջաբար դարձի նորա եւ ժառանգելոյ զաշխարհս․ եւ այսու յիշատակաւ Տարբանեան եւ Սեմեան բնակութիւնն Տարօն՝ կոչեցաւ «Առաջին տուն Հայոց» [15] եւ առաջնագոյն տան գիւտին պատճառ պիտի ըլլայ մեզի, այսինքն՝ Սեմեան եւ Նոյեան առաջին բնակութեանն, որ ըստ նշանակելոյ պատմութեանս էր յարեւելեան հարաւային կողման Տարօնոյ, ուրեմն յաշխարհին Կորճայից եւ ի գաւառս Կորդուաց, ուր զհանգիստ տապանին կամ զէջս Նոյայ տեսանք աւանդեալ ի նախնեաց բազմաց։ Եւ հարկ է որ հիմայ հոս ի սկզբանէ պատմութեան մինչեւ ցայժմ ծածկեալ եւ դժուարացեալ վայրենի լերանց մէջ բնտռեմք զբնավայր Նոյի եւ որդւոցն, եւ ոչ ի կողմանս բնիկ Այրարատայ կամ ի Նախիջեւան․ վասն զի նախ, եթէ անտի ելած ըլլար Սեմ՝ ի Տարօն գալու համար պէտք էր ընդ արեւմուտս հարաւոյ իջնալ եւ ոչ թէ ընդ արեւմտ․ հիւսիսոյ․ եւ երկրորդ ի Մասեաց ոտնէն մինչեւ ի Տարօն չեկած՝ ուրիշ յարմարագոյն դաշտեր կու գտնէր բնակութեան, ինչպէս Կոգայովիտ, Բագրեւանդ, Հարք եւ այլն, իսկ հոս տարօն իբրեւ առաջին դուրան տեղի գտեալ կը ցուցուի․ եւ Հայկ (որ եկաւ եւ նախ բնակեցաւ յառաջին տունն Սիմայ) եւ իր որդիք միշտ ի յարեւելից հարաւոյ դէպ յարեւմուտս հիւսիսոյ խաղային ինչուան ի Գուգարս։

      Արդ, Սիմայ եւ Տարբանայ բռնած ճամբան անշուշտ է Տարօնոյ դաշտին Աղձնեաց արեւելագոյն ծայրի ձորերուն միջոցը, Թուխայ կամ Բաղիշոյ ճամբան, ուսկից միշտ լերանց մէջ Կորդուաց գետոյն եւ կամ Պօհդանայ եզերքը բռնելով Կորճայից խորերը կ’ելլայ․ եթէ Նոյայ բնակած տեղն րէր Թմանիմ կամ Թմնիսն (որ է հաւանօրէն Տմօրիք ըստ Հայոց),   անկէ շատ հեռու չէր, դէպ ի հիւսիս արեւելից․ այսինքն Մոկաց, Ճուլամերկոյ եւ աղձնեաց հարաւագոյն արեւելեան գաւառաց միջոց։ Արփաքսադայ՝ Սիմայ անդրանկան բնակութիւնն անոր մօտ ճանչցուած է ի հասարակաց․ հարկաւ հոն կամ անոր մօտ էր Սիմայ բնակութիւնն, կամ Տուն Զրուանայ, ինչպէս որ հին պատմիչ մի Հայոցս (Սեբիոս) նշանակէ յասելն վասն Հայկայ թէ չուեալ ի Բաբելոնէ եկաւ բնակեցաւ «յերկիրն Արարատայ ի տանն որ ի Լեռնոտին ն, որ զառաջինն շինեալ էր Զրուանայ, հօրն եւ եղբարքն հանդերձ․ եւ ապա ետ զնա հայկն կալուած ժառանգութեան Կադմեայ թոռին իւրում»։ Կադմեայ տան դիրքն այ յուրիշ յիշատակաց ստուգի որ էր ի հարաւակողմանս Կորճայից, եւ ոչ ի Տարօն․ ապա հոն էր եւ տուն Սեմայ եւ Նոյի․ զոր եւ աւելի ստուգէ ուրիշ հին պատմիչ մ’այլ նոյն դիպուածն յիշելով, թէ Բել դիմելով ի վերայ Հայկայ «հասանէ յերկիրն Արարատայ ի Տունն որ էր նոցա հայրենի, զոր շինեալն էր ի Լեռնոտին, եւ Կադմոս փախստական գնաց»։ Խորօնեցի (Ա․ Ժ) վկայէ թէ այսպիսի աւանդութիւններ անգիր կու լսուէին դեռ իր ժամանակը կամ իրմէ առջի պատմչաց ատեն [16], եւ թէ Մարիբասայ պատմածն այլ համաձայն է անոնց որ ասէ վասն Հայկայ «գնայ յերկիրն Այրարատայ ․․․ բնակէ ի Լեռնոտ դաշտավայրի» կամ «ի Լեռնոտին միում դաշտավայրի»․ ուր գտնելով առաջուց բնակեալ մարդիկ, շէնք շինէ եւ թողու ի Կադմոս։ Այս ամենայն պատմչաց աւանդութենէն հետեւի՝ նախ որ Կադմեայ տունն, Հայկայ առաջին բնակութիւնն յերկրին Արարատայ, Զրուանայ կամ Սեմայ առաջին տունն, եւ իր հօր տունն՝ մի եւ նոյն տեղն են, եւ հասարակաց հայրենի ճանաչին․ եւ երկրորդ՝ այս տեղս Լեռնոտ կամ Լեռնոտն տեղ մ’է, եւ թերեւս յատուկ անուամբ ալ այնպէս կոչի, եւ երրորդ՝ հաւանորէն հնագոյն Այրարատայ բնավայրն հոս է [17] որ նախ ամենայն մարդկութեան խանձարուրք կամ հայրենիք եղաւ, եւ յետոյ Հայոց սեփական նախաբուն, Հայկայ գալստեամբն եւ շինութեամբ․ եւ վայել էր որ իբրեւ զՀարք եւ զՀայոց Ձոր ժառանգէր մեր դիւցազին անունն յառաջ քան զնոսա․ եւ եթէ ցարդ չէ դիտուած այս բանս, սակայն բոլորովին անշան այլ չէ մնացած․ բազմերախտ Խորօնեցւոյն մասնաւոր գրուածի մը մէջ կու կարդամք ՀԱՅԱՍՏԱՆ գաւառի անուն ընդ որ անցին Ս․ Հռիփսիմեանք ի Տմորեաց (որ են Կորդուք) երթալով ի Բժնունիս եւ յԱնձեւացիս Վասպուրականի․ եւ թէ Հայաստան գաւառի մէջ կամ մօտ էր Մշկունեաց լեռն, որ թերեւս ըլլայ հիմկու Մեսքանա լեռն յարեւմուտս Ճուլամերկոյ։ Վերը յիշած Թմանիք (ութից) քաղաքն, անոր մօտ Սողոփիլ (հիմայ Սիւլիվէ), ուր Ասորիք աւանդէին զնիսա տապանին, անոր մօտ Ճիւտտի լերինքն, զոր հիմայ տեղացիք ճանչնան տապանակիր լեառն, Նահրեւան գեղն, ամէնքն այլ այս կողմերս են․ ուր հարկ էր բնտռել եւ Ս․ Եպիփանայ յանուանէ յիշեալ տապանին լեռը Լուվար, եւ ահա մինչեւ ցայսօր ծանօթ է ԼՈՒԱՐ գեօղն հայոց ի ՍՊԱՐԿԵՐՏ վիճակի, որ է ի հիւսիսոյ Սողոփեայ եւ հար․ կարեւմտից Մոկաց, եւ թերեւս պահէ ցարդ վերոյխնդրեալ Սիբարացւոց քաղաքին անունն, ուր ըսա Քաղդէացւոց գնաց Նոյ տապանէն իջնալէն ետեւ։ Արդ, եթէ հաւանագոյն տեղ մը կրնայ գտուիլ Նոյի տապանին եւ առաջին բնակութեանն՝ ըստ մեզ այս տեղս է, ընդ մէջ Մոկաց, Խիզանայ, Սղերտու, Ճէզիրէի, Ամետիոյ եւ Ճուլամերկոյ։ Եթէ կ’ուզես յիշենք եւ զՆորտըզ վիճակ ընդ մէջ սորա (Ճուլամերկոյ) եւ Մոկաց, ուր ծանօթ է հիմայ Հայկան կամ Հեքան աւանն, որ Հայկայ աւանին եւ Հայաստան գաւառի անունները յիշեցունէ։ Իսկ Նորտըզ քրդաբնակ եւ հայախառն գաւառակ, ի միջին նախնեաց մերոց յիշատակեալ Նօտըզ անուամբ, արդեօք չի՞ նշանակէր ՆՈՅԱԲԵՐԴ, որովհետեւ Տըզ՝ հիմայ բերդ ըսել է ի քուրդ եւ պարսիկ լեզու։

      Արդ հոս, հիմայ երկրիս ծանօթագոյն բաժնին անծանօթագոյն մնացեալ մասանց մէկուն մէջ կ’երեւին ինձ ջրհեղեղեան լերինքն Արարատայ, նախ իջեւանն Նոյի եւ տուն բնակութեանն, զոր Սեմ շինեց եւ հաստատեց, ուսկից եկաւ ինքն ալ իր Տարբան որդին ալ ի Տարօն երթալու․ ուր դարձաւ Հայկն եւ Հայաստան կոչեց, զոր թողուց Կադմեայ՝ յերթալն ի Հարք․ զոր գրաւեց Բել առ ժամանակ մի, եւ դարձեալ թափեց Հայկն, եւ հաստատեց ի ժառանգութիւն Կադմոսի, որոյ անուամբ այնուհետեւ Տուն Կադմեայ կոչելով՝ հին անուանք մոռացան [18] ։

      Եթէ հոս էր Նոյայ բնակութիւնն, եւ ոչ ի Նախճաւան, իր գերեզմանն ալ հոն բնառելու չէ՞․ եւ թէ բոլորովին մեզ անյայտ է Նոյայ մահուան տեղն եւ դէպք, բայց նոյնպէս ալ անընդունելի է Նախիջեւան գերեզմանին աւանդութիւնն, ինչպէս Մարանդայ ստուգաբանութիւնն ալ, որպէս թէ Նոյայ կնոջն գերեզմննն հոն ըլլայ, եւ վասն այն անուանի Մայր-անդ․ միայն հաւանական երեւի թէ Նոյ իր բնակած սահմաններէն շատ չհեռացաւ եւ ոչ հեռու տեղ մեռաւ։ Իսկ իր երկրորդ կենաց 350 տարեաց մէջ ի՞նչ ըրաւ, կամ ի՞նչ յիշատակ եւ աւանդութիւն կայ յազգիս հաւանական կամ ընդունելի եղած։ - Միայն երկու որդւոց ծնող ըլլալն կու յիշեն ոմանք ի պատմչաց եւ յաւանդողաց․ որոց մէկն մանչ էր եւ Մանիասն կամ Մոնետոն, (եւս եւ Յոնետոն) անուն, ծնեալ յ’200 ամի ջրհեղեղին որ է յ’800 ամի կենաց Նոյի․ միւսն աղջիկ Աստղիկ անուն [19] ։ Առաջնոյն համար ասի, թէ հայչն իր նախաջրհեղեղեան որդւոց հաւասար սեպեց, եւ ի բաժանելն զերկիր անոր մասն տուաւ յարեւմտակողմն երկրի յայնկոյս ծովուն, եւ ըստ Վարդանայ պատմչի Եւրոպիոյ արեւմտագոյն [20] մասին ժառանգ եղաւ, որ է Անգղիա․ եւ ըստ այսմ Ման կղզին յանուն նորա կոչուած է, ինչպէս որ ուրիշներն ալ Նոյի յետ ջրհեղեղեան թոռանց մէկուն, Բրուտոնի կ’ընծայեն Բրիտանիոյ անունն [21] ։ Այս դիպուածիս մէջ՝ մեզի Նոյի յետ ջրհեղեղին զաւակ ունենալն ալ տարակուսական կ’երեւայ, զի Ս․ Գիրք նշան մը չեն տար գոնէ ի բաժանման ազգաց․ թէ եւ անկարելի եւ բոլորովին անհաւան չըլլայ, այնպիսի ատեն մը, որ մարդկութեան աճման մեծ հարկ եւ պատուէր կայր։ Բայց թէ Նոյեմզարա այլ բաւակա՞ն էր ի ծննդաբերութիւն, այն ատենի մարդկան կազմուածը եւ բարեխառնութիւնը քննելու է․ եւ Աբրահամու եւ Սառայի փորձն ունենալով յետ 100 տարւոյ, կրնանք ընդունիլ Նոյի եւ Նեյեմզարայ ծնող ըլլալն ալ։ - Մանիտոնի [22] համար կ’աւանդեն, թէ Աստուծոյ սիրելի եղաւ եւ իմաստութեան շնորհք առաւ․ եւ թէ նա գտաւ կամ յայտնեց մոլորակաց եւ կենդանակերպից թիւն եւ կարգն․ եւ միով բանիւ ըստ Մեթոտեայ՝ ինքն գտաւ կամ վարդապետեց զաստեղաբաշխութիւն, զթիւս եւ զբժշկութիւն․ եւ ըստ ոմանց զխտրութիւնս աստեղաց՝ այսինքն աստղահմայութիւն եւ հաւահմայութիւն․ եւ համբաւ իմաստութեանն հռչակէր ի բաժանել եւ ի ցրուել ազգաց․ մինչեւ Նեբրոբթ եկաւ իրմէ իմաստութիւն սովրելու եւ իր խրտտովն թագաւորեց ի Բաբելոն։ Եւ յետ 3 կամ 9 տարւոյ իբրեւ ի շնորհակալութիւն երախտեաց իմաստուն խրատատուին, Յաբեթի որդւոցմէ ճարտար եւ հմուտ արուեստաւոր մը գտնելով՝ իրեն գործաւորներովն հանդերձ եկաւ եւ քաղաք մը շինեց Մանիտոնի, եւ անոր անուամբն կոչեց [23], եւ հետը դաշինք դնելով դարձաւ իր երկիրը եւ հոն շինեց զԲաբելոն եւ զայն հին քաղաքները զոր յիշեն Ս․ Գիրք (Ծննդ․ Ժ․ 10)։ Քանանացւոց հետ հակառակելու ատեն Բել թուղթ ընդունեցաւ ի Մանետոնէ որ գուշակէր թէ «թագաւորութիւն Յաբեթի խորտակէ զթագաւորութիւն Քանանու»։ Հօրմէն Նոյէ) բաժնելու ատեն, ասեն, խնդրեց եւ ընկալաւ յոսկերաց Ադամայ զծնգաց լսռունսն եւ տարաւ ուր եւ գնաց։

      Իսկ Մանիտոնի քեռ Աստղկան Էութիւնն այնքան հաւանելի եւ ստոյգ համարեալ երեւի նախնեաց մերոց, մինչեւ խոհական եւ հմուտ օրէնսդիր հեղինակ մի, Մխիթար Գոշ յԺԲ դարու ի  գիրո դատաստանացն ի խօսելն զժառանգութեանց իբրեւ վկայութիւն բերէ թէ «Նահապետն Նոյ՝ ընդ որդիսն եւ զդստերն ետ մասն վիճակի, զկողմն հարաւոյ, ըստ որում կանայք թագաւորեն կողմանցն» [24] ։ Այս հարաւային կողմն իմանան այլք զԱրաբիա, զխնկաբեր մասն նորա, կամ զերկիրն ուստի եկն Սարա թագուհի առ Սողոմոն, լինելով յաջորդ Աստղկան։ Բայց յառաջ քան զհեռանալն մինչեւ հոն՝ պէտք էր ի հայրենի երկրին ի Հայս յիշատակ մը թողուլ։ Մեր հեթանոս նախնեաց կրօնից մէջ յետ Անահտայ առաջին դիցուհի ճանաչի աստղիկ․ եւ թարգմանի փոխանակ Յունաց Ափրոդիտէ եւ Լատինաց Վենուս կամ Վեներէ հեշտաբեր չաստուածուհոյն․ սակայն երեւի թէ գէթ առ հնագոյն նախահարս մեր Աստղկայ համբաւն մաքուր էր, եւ իբրեւ խնամակալ եւ կուսաշնորհ՝ որով եւ սրբազան օրիորդ մը պատուէր [25] ։ Այս ինչ անտարակոյս է, որ եթէ Նոյի դուստր այլ չէր՝ սակայն եղած է ի Հայս հնագոյն ժամանակ Աստղիկ ոմն կամ գեղով կամ վարուք կամ ճարտարութեամբ զարմանալի․ որ ապա ի պաշտօն առնուած է ոչպէս աստուած։ Մեր երկրին հնագոյն դիւցարանն ի Տարօն է․ ուր որ տեսանք զՍիմ եւ զՏարբան եկեալ ջրհեղեղէն քիչ վերջը․ հոն եւ Աստղկան դադարն ճանաչի, որ հեռի յաթոռոյ Անահտայաշխարհամօրէն Հայոց․ որ ի գլուխ Տիրինկատար լերին․ Մուշ քաղաքէն ժամաւ հեռի ընդ արեւելս է ասղնաբերդ կամ Աստղնբերդ աւերակ, եւ միւս կողմէն հեռագոյն Տաղոնք, որ եթէ չէ Տարօն, Աստղոնք կոչեցեալ բերդի մը մնացորդ է․ ասոնց մէկն է ըստ աւանդութեան Աստղկան բնակարանն։ Այս Աստղկան համար կու պատմէր Բիւռոսեանն Սիբիլլա [26], արդարախօսն քան զշատս ի սիբիլլայց եւ հնապատմաց, ըստ Խորօնեցւոյն, վասն որոյ եւ սիրելի նորա, թէ ի բաժանել զերկիր երեք որդւոցն Քսիսութրեայ Նոյի, զորս կոչէ Զրուան, Տիտան, Յապետ, առաջինն իբրեւ անդրանիկ ջանայր ձեռներէց ըլլալ եւ միւս երկուքին վրայ իշխանութիւն բանեցընել, անոր համար մէջերնին պատերազմ եւ կռիւ կ’ըլլար․ մանաւանդ որ Զրուան կ’ուզէր իր որդւոց թողուլ պայազատութեամբ նախիշխանութիւնը, իբրեւ անդրանիկ սերնդեան․ եւ այս շփոթութեանց մէջ Տիտան յաջողելով Զրուանայ երկրին մէկ մասը յափշտակեց, որով աւելի զօրացաւ կռիւն։ Յայնժամ Աստղիկ քոյր նոցա մէջ մտաւ եւ համոզեց հաւանեցուց երդմամբք որ Զրուան տիրէ նախապատուարար, բայց ոչ յաջորդութեամբ զաւակացն․ եւ առ ապահովութիւն պահանջեցին եղբարքն որ անոր արու զաւակները սպանուին․ եւ Տիտանայ ցեղէն կտրիճ մարդիկներ դէտ դրին Զրուանայ կանանց․ եւ նորածին զաւկւներէն մէկ երկուք մը սպաննեցին, բայց Աստղիկ հոս ալ հնարք գտնելով Զրուանայ կանանց եւ Տիտանայ միջնորդ եղաւ եւ հաւանեցուց զասոնք՝ որ տղայքը փոխանակ սպաննելու ղրկեն դէպ յարեւմուտս լերան մը վերայ ձգեն, որ եւ այս պատճառաւ Դիւցընկէց անուանեցաւ։ Առասպելաքաղ Յոյնք այսպիսի դիպուած մը իրենց աստուածաբանութեանց յարմարցուցին, զԶրուանն ի Սատուռնոս, զԱստղիկ ի Ռէա, եւ զԴիւցընկէց լեառնն յՈլիմպոս, յաթոռն Արամազդայ։

      Ուիշ յիշատակչկայ Մանիտոնի եւ Աստղկան վրայ առ մերայինս, բայց ի միոյ ասացուածոյ թէ այդ եղբայրն եւ քոյր կուսակրօնք մնացին եւ թմբկօք եւ պարուք յօդս ժուռ գային, գեղեցիկ վարձիրենց անարատ կենցաղավարուեանն։ Այսպիսի աւանդութենէ օժանդակեալ մեր նոր Քերդողահայրն Բագրատունի իւր Հայկ վիպացն մէջ կարեւոր դրուագներ ընծայէ Մանիտոնի եւ Աստղկան։

        Նոյի Ծննդոց աւանդութիւնը չաւարտած յիշեմք որ ոմանք, սկսեալ ի Բերոսէ Քաղդէացւոյ, համարին թէ իր դստերաց մէկն հետն էր ի տապանին, յելլալն իր հետ աներեւոյթ եղաւ կամ փոխեցաւ առ աստուածս․ այս դուստրը ոմանք նոյն իսկ Յաբեթայ կինը համարին՝ Սամբեր, կոչեցեալ, եւ առաջին ի Սիբիլլայս․ եւ զանունն ալ ոմանք մեկնեն նշանակել քոյր Սեմայ եւ Յաբեթի․ եւ նոյն համարին զսա ընդ Երիտրեան կամ ընդ Պարսկային կամ քաղդէացի Սիբիլլային․ եւ կերպով մի նոյնանայ ընդ աստղկան։ Սամբեթայ կ’ընծայուի ջրհեղեղի վրայ գրուածն որ ի Սիբիլլական մատեանս։ Յայտնի է որ անհիմ աւանդութիւնք են ասոնք, բայց հնախոյզք միայն հաւանին թէ Սամբեթ հնագոյն է ի Սիբիլլայս, եւ ըստ ոմանց շատ դարերով նախ քան զՄովսէս։

      Յետ ծննդաբերութեան Նոյի կարեւոր աւանդութիւն է իր կտակն եւ բաժանումն երկրի առ որդիսն։ Եբրայեցիք յիշեն գրով ալ 6 կամ 7 գլուխ բան պատուիրանի նման տասնաբանեայ օրինաց ի Նոյէ աւանդեալ առ որդիսն․ բայց հնագոյն պատմիչք նոցա եւ Ս․ հարք՝ ամենեւին ոչ յիշեն զայսպիսի բանս, վասն որոյ եւ շինծու են։ Բայց եւ շատք ի հարց հաւանին եւ ասեն թէ Նոյ բազում ինչ աւանդեց եւ պատուիրեց որդւոցը, եւ մասնաւորապէս խաղաղութեամբ կենալ եւ չի զրկել զիրար, թերեւս իր ատեն իսկ տեսնելով անոնց հակառակութիւնը վասն տիրապետութեան ի վերայ երկրի կամ ընտիր մասանց նորին․ եւ ասոր համար ինքնին բաժնեց նոցա զերկիր, կամ սահմանեց իրենց երթալու կողմերը, իր մահուընէ 20 կամ 16 տարի առաջ․ եւ երդմունք պահանջեց իրենցմէ այս բանիս։ Այս բանս այնքան ստոյգ համարէին նախնիք, մինչեւ ոմն ի Ս․ Հարց [27] ընդ հերետիկոսս դասէ զչհաւանողսն։ Յերից որդւոց Նոյի ծագեալ ազգաց բարքը նկատելով՝ հետեւցուցած են աւանդարանք թէ Նոյ յանձնեց Սեմայ մասնաւորապէս սրբազան կամ քահանայական պաշտամունք եւ գրքերը․ Քամայ յանձնեց ծառայական աշխատութիւն եւ երկրագործութիւն, իսկ Յաբեթի՝ զինուորութիւն եւ պաշտպան կալ իրաւանց արիութեամբ ընդդէմ բռնութեանց [28] ։ Իսկ ըստ ժառանգութեան կամ աշխարհակալութեան՝ Սեմաայ բաժին ընկաւ արեւելք կամ մեծ մասն Ասիոյ․ Քամայ՝ հարաւ կամ ափրիկէ, Յաբեթի՝ հիւսիս եւ արեւմուտք, կամ արեւմտեան հիւսիս, Ասիա եւ Եւրոպա․ ինչպէս որ պիտի տեսնեմք իրենց որդւոց եւ թոռանց ազգաբաժնէն՝ ստուգեալ ըստ Ս․ Գրոց։ Բայց եւ յառաջ քան զմեծ եւ զաշխարհահռչակ բաժանումն եւ սփռիլն ազգաց եւ լեզուաց, ի Բաբելոնէ, մասնական բաժանմունք եւ սփիւռք եղաշ պիտի ըլլան յետ մահուանն Նոյի, եւ թերեւս յառաջ իսկ քան զայն․ եւ նոյն իսկ երեքին ցեղապետքն Սեմ, Քամ, Յաբեթ, որք հաւանօրէն հօրերնուն մահուան ներկայ գտուեցան, ասկէ առաջ ալ զանազան կողմեր գնացեր եւ տուն հաստատեր էին, ինչպէս Սեմն ի Սիմ եւ ի Զարուանդ որ ի Պարսկահայս, եւ ի կողմանս Բակարիոյ, ըստ աւանդութեան հին պատմչաց մերոց․ եւ ճանապարհագիրք ոմանք Եւրոպէացիք [29] ԺԷ դարու աւանդեն Սեմայ շինել զվիմագործ աղբիւրն Գարապաղ զեղջ ի Հին Նախիջեւանու, որոյ ջուրք քարացուցիչ զօրութիւն ունին, եւ նոյն ինքն Սեմայ աղօթիւք կամ զօրութեամբ ասեն բղխեալ։ Ժ Հոս Սեմայ վրայ խօսքերնիս վերջացնելով՝ յիշենք մեր գլխաւոր պատմչաց մէկուն [30] աւանդածն, թէ արտաքինքն (թուի թէ Քաղդէացիք) Քսորքսէս կոչէինզնա, ինչպէս ուրիշներն այլ՝ Զրուան։ Աւանդութիւն տեղացեաց՝ զՔանաքեռ գեօղ Երեւանայ, Քամայ քրոջ յիշատակաւ ճանաչէ․ որ թէ ոչ այնքան հին, այլ դարձեալ Քամայ զարմէն կրնայ շինուած կամ բնակեալ սեպուիլ, ի Քանանացւոց սերնդոց որք փախան ի Հայս յաւուրս Յեսուայ։ Նոյնպէս կ’ըսուի, եւ թերեւս աւելի հաւանօրէն, թէ եւ Քուշ՝ անդրանիկն Քամայ՝ յառաջ քան զերթալն յԱփրիկէ, հոս Եթովպացւոց հայր եղաւ, բնակելով նախ յափունս Երասխայ, յԱռանն Սիսակեան, որ է Եթովպացւոց երկիրն ըստ Ս․ Գրոց, զորով պատի Գեհովն Երասխ։ Յիշեմք այս գետոյս անուան զանազան պատճառաց կամ յարմարութեանց մէջ եւ Ռաքսիա անուան նմանութիւնն, որպէս կոչէրյոմանց կինն Քամայ։ Իսկ Յաբեթայ համար մասնաւոր բնակարան կամ շինութիւն մը չենաւանդեր ի Հայս․ թէ եւ ասոր բնակութիւնն եւ ժառանգութիւն ստուգագոյն է քան զեղբարցն կալուածս։



[1]       Գիտեմք զի կան եւ հնագոյն սիբիլլայք. այլ գրուածքն որ արդ մնան՝ չեն հնագոյնք։ 

[2]       Եպիփան. Հոռնիոս Քիրխէր

[3]       Նոյնն եւ վասն տապանի տեղւոյ ասէ Սալե-Նոյայ կոչել Հայոց, զի այսպէս լսեց ի Գէորգայ վարդապետէ Հայոց։

[4]       Շարտէն ի Քարթլ նահանգի Վրաց ասէ փոքր աւան մի կայ Սամախէ անուն որ նշանակէ Երեք բերդ. շինեալ յերից որդւոց Նոյի․ որ անդ բնակեցաւ յելանել ի տապանէն: Սխալ է։ Զի «խմէ» բառն եւ ոչ եթէ «իխէ»՝ բերդ նշանակէ։ 

[5]       Genebrand, Bible de Vence

[6]       Ա Մնաց. Ա. 52. «Իշխան Եդիսակամայ». ի լատինն թագաւորութեան ասի Ոլիպամա։ 

[7]       Ըստ Աննիոսի 30 որդիք Նոյի յանուն մօրն Տիտեայ՝ կոչեցան Տիտանեանք։ 

[8]       Ըստ Աննիոսի զԱրազա նկարէին իժակէս խառնեալ ընդ առն հեշտամոլի (Այր-իժ?). Սանուտ. Թորչելլոյ Արազա կոչէ զԱրամ որդի Սեմայ, եւ ի նմանէ ասէ զՀայս

[9]       Ճիլտաս պատմիչ Բրիտանիոյ։

[10]     Ի կէս ԺԵ դարու ի Կուպպիոյ քաղաք Տոսկանայ գտան։ 

[11]     Խոր. Ա. Զ.

[12]     Ի Լիբսեան օր. Խորօն. Ոմիդար գրի՝ փոխանակ Տորբանայ։ 

[13]     Բռգ. Մխ. Աբբ. զԱստղօնս դնէ յելից Իննակնեան վանից, ուր նշանակին աւերակք Տաղօնից. «Յորոյ (Sարբանայ) անուն եւ զգաւառն այժմ՝ ասեն անուանել Տարօն», Խոր. Ա. Աշխ, այսպէս ի Լիբսեան օրինակի, որ ուղղագոյն է քան զտպագիրն

         Դժուարին է ընդունիլ որ Աստղօնք Իննակնեան վանուց քով կը գտնուի, եթէ նոյն է անիկա Աստղնբերդի (Աստղօնի՞ց բերդ) հետ: Ընդհանրապէս սոյն անունը Աստղկան բերդ կը ստուգաբանուի. (տես Գելցեր, Դիցաբանութիւն Հայոց, Թրգմ. Հ. Յովհաննէս Վ․ Թորոսեան, Վենետիկ)․ Հ. Ալիշան սոյն խնդրոյն մասին ուրիշ տեղ կ'ըսէ. « Աստղիկը պահած են Տարօնոյ կողմերում, ուր առաջ բնակէին եղբարքն ալ, հոն է Աստղկաբերդն կամ՝ Աստղկան բերդն, համառօտելով Ասղնբերդ կոչուած, զոր նոյն ինքն Աստղիկ շինել տուած է կ’ըսեն, իր Զրուան  եղբօր ապահովութեան համար. յետոյ ի պատմական ժամանակս՝ Մոկաց բերդ կոչուեցաւ, եւ է յարեւելեան կողմն Մշոյ» (Հին հաւատք Հայոց, էջ 280)։ 

         Նկատելով Տարօնի կրօնական երկիր մ՚ըլլալը, բոլոր մեհեանները Յաշտիշատի մէջ էին, շատ հաւանական է Աստղկան բերդ բացատրութիւնը. զայս կը հաստատէ թերեւս Մոկունք գիւղի մերձակայութիւնը որ մոգ բառը կը լսեցնէ, եթէ այս անուան մէջ հարկ չէ տեսնել Բուզանդի յիշատակած Տարօնի Գոմկունք գիւղը՝ ուսկից էր Ոլիմբիա թագուհւոյն սպաննողը Ծ․ Հրտ

[14] Նահանգին անուան երկրորդ մասն եթէ բերան է, ինչպէս որ կըրնայ հաստատուիլ օրինակի մը մէջ փոխանակ Տուրուբերանի Ջուրասբերան գրուած ըլլալովն, սկզբնական խնդրեալ անուննիս կ'ըլլայ Տուր կամ Sար․ բայց երեւի թէ բ տառն մասն է Տարուբ կամ Տարբ անուանց եւ երան կամ արան՝ ածանցիկ մի։ 

[15]     Ասպէս կ'անուանէ Թովմա Արծրունի։ 

         Հ. Ալիշան հոս կ'ակնարկէ Թովմա Արծրունւոյ հետեւեալ տեղին. (Գլուխ Ե, յէջ 107) «Մերձ ի սահմանս Տարունոյ Առաջին կոչեցեալ Հայոց՝ իշխան Տարօնոյ Բագարատ, վասն զի ունէր յայնժամ՝ զգլխաւորութիւն բարձրութիւն իշխանաց Հայոց»։

         Կամ աւելի հաւանօրէն հետեւեալ խօսքը. «Զկողմանս Տարունոյ յինքն կորզեալ՝ թեկն յածէր բնաբանապէս ամիրայապետել ամենայն Հայոց։ Զի եւ տուն Հայոց անուանեալ առաջին ասէին զՏարօն» (Գլ. ԻԲ, էջ 236): Ինչպէս կը տեսնուի Տարօն Բագարատայ պատճառաւ առաջին տուն կոչուեր է, ոչ թէ Սեմայ։ Դիտուի որ Թովմ. Արծր. նոյն իսկ արքայ կը կոչէ զայն. «Մեռաւ արքայն իշխան Տարօնոյ» (Գլուխ ԻԲ. յէջ 231) դարձեալ « իշխան Տարօնոյ, որ ասի Հայոց իշխան» (Թովմ. Արծ. Ի . էջ 220)։ Ուստի վերոյիշեալ կոչումը՝ պարզապէս Տարօնի առժամանակեայ քաղաքական գերիշխանութիւնը կը ցուցնէ, եւ Սեմայ հետ վերաբերութիւն չունի։ 

         Նշանակալից է որ Խորենացի Սեմէն սերած կը դնէ Տարօնի հնագույն բնակիչները. արդ Գելցեր ալ Դիցաբանութիւն Հայոց ուսումնասիրութեան մէջ, Աստղկան պաշտամունքը զօրաւոր զտնելով ի Տարօն, ասորեստանեայ եղած կ'ենթադրէ Տարօնի հնազոյն բնակչութիւնը, զոր Տիգրան Բ. քաղաքագիտօրէն հայացուցած ըլլայ։ Այսպէս Խորենացի եւ Գելզեր կը զուգադիպին սեմական ծագում տալով հին Տարօնեցիներուն, բան մը որ կրնայ շնորհուիլ պատմական անծանօթ շրջաններու, բայց ոչ Մամիկոնեանց համար, որ զուտ իրանական ցեղէն էին, ինչպէս իրենց անուանց ստուգաբանութիւնը, նկարագիրը, պատմական դէպքերը կը ցուցնեն: (Տես այս մասին Բուզանդի Մամիկոնեանները, Հ. Ն. Անդրիկեան, Վենետիկ, 1904, յէջս 9-12

         Այնու հանդերձ սահմանակցութիւնը՝ կրնար գաղթականութեան կամ տիրապետութեան պատճառ եղած ըլլալ, եւ հայ աւանդութիւնը յայտնապէս կը դաւանի՝ թէ Սասունի բնակիչներ եւ Արծրունիք ասորի են ծագմամբ, Տուբիթայ վկայութիւնը՝ «Եւ փախեան ի լերինս Հայոց», ի լերինս Տարօնոյ հասկնալով։ Ծ․ Հրտ․ 

[16]     Որ են Գորգի, Բանան եւ Դաւիթ։ 

[17]     Զոր եւ հաստատէ շարունակութիւն բանից ընտրելագունին ի վերոյիշեալ էին մնացորդ պատմագրաց, թէ Հայկն յետ սպանման «դարձաւ ի տեղի իւր եւ չոքաւ կալաւ զերկիրն Արարատայ... եւ ի ժամանակի մահուան իւրոյ ետ զնա կալուած ժառանգութեան Կադմեայ»

[18]     Ավանդաբան վարդապետի մի աղաւաղ գրուածի մը մէջ  ասէ. «Շինեցին որդիքն Նոյի շինուածս յերկրին Տէրտամ, զոր անուանեցին Ռամն ըստ անուանելոցն ի տապանէն անուանց ութից»։ Ռամն անշուշտ է Թմն կամ՝ Թմնիս, իսկ երկրին անունն՝ որ աւելի կարեւոր է ի գիտութիւն՝ այսպէս մութ գրուած անծանօթ մնայ։ 

[19]     Վարդան առ Հեթում. «Նոյի որդի մի այլ եմ լսել, Մանիտոն անուն, որ եղեւ նմա զկնի ջրհեղեղին. եւ դուստր մի Աստղիկ անուն, որ առ հայրենեօք զկողմ հարաւոյ»։

[20]     Ընդ հակառակն Մեթոտիոս (զոր յիշէ այլուր Վարդան) ասէ. «գնաց բնակեցաւ յարեւելս ուստի արեգակն ելանէ»։ 

[21]     Բայց ոմն ազատ հետեւող Մեթոտիոսի՝ Մանիտոնի գնացած երկիրը կոչէ Ովեայր կամ Ովեայ, եւ բնակութեան սահմանն տարածեալ մինչեւ ի ծովն որ կոչի Արեգգաւսան»: Այս տեղն ալ ծովն ալ անծանօթ են մեզ, բայց զի յետ զայս ասելու՝ յաւելու թէ ի ժամանակի ազգաց բաժանման ել Քանան եւ բնակեցաւ անդ, կրնայ Ս. Գրոց մէջ ծանօթ Քանանու երկիրն ըլալ, որ է Պաղեստին, եւ ծովն Միջերկրական։

[22]     Մեթոտիոս յաւելու թէ յետ իբր 1800 ամաց ջրհեղեղի Սամսոն ոմն ելաւ հզօր յորդւոց Մանիտոնի եւ տիրեց յԵփրատայ մինչեւ յԵստրագեն? եօթն քաղաքաց եւ գաւառաց եւ գնաց մինչեւ յԳ Հնդիկս. եւ շատ մարդ ջարդեց յԻսմայելացւոց. բայց յետ ժամանակի այս Իսմայելացիք ալ զատ ի զանազան աշխարհաց՝ կալան ի «Տիգրիսէ մինչեւ ի մուտս թագաւորութեան Մանիտոնի»:

[23]     «Եւ էառ Նեբրովթ յորդւոցն Յաբեթի արուեստաւորս, եւ յիւրայոց անտի բազումս, եւ չոգաւ եւ շինեաց քաղաք անուամբ Մանիտոնի, եւ խաղաղութիւն էր ի մէջ նոցա». Վարդ. Մեկն. Ծննդ։ 

[24] Թովմա Արծրունի ասէ ընդ Եւսեբեայ վերին Հնդկաց միշտ թագաւորեն կանայք, իբր զի դստեր Նոյի ժառանգութիւն էր այն

         Թովմա Արծրունւոյ խօսքը հետեւեալն է. . Պետերբուրգ, 1887, էջ 18): «Յետ ջրհեղեղին՝ ոչ երեւի լինել դարձեալ որդիս նահապետին, իսկ աշխարհն Վերին Հնդկաց՝ ասի լինել դստեր նորա։ 

         Զոր Եւսեբի Կեսարացի ասէ՝ ի սովորութենէ մինչեւ ցայսօր կին մարդ թագաւորէ ի վերայ աշխարհին Հնդկաց»։ 

         Իսկ Հ. Ալիշանի «իմանան զԱրաբիա» խօսքը՝ կ'ակնարկէ Վարդան պատմչի հետեւեալ տեղին. (Վենետիկ, յէջ 10). «Զերկիրն խնկաբեր որ կոչեցաւ Երջանիկ Արաբիա, ետ Աստղկայ դստեր իւրոյ, ուստի եկն Տիկինն Սաբայ, զի յայնմ՝ հետէ՝ կանայք ժառանգեն զնա»։  Ծ․ Հրտ

[25] Միայն թէ կայ եւ հակառակ աւանդութիւն մը յազգիս վասն Աստղկան, որպէս թէ ընդ դիւաց խառնակելով՝ ծներ է ցՅաւերժհարսունս։ 

         Երբեր եղած չէ դար մը՝ ուր Աստղիկ համեստութեան աստուածուհի եղած ըլլայ։ Նոյն իսկ իր անունը՝ շատ ազգաց մէջ իր անպարկեշտ դերը կը ցուցնէ։ Արաբացիք զայն Քաապա կը կոչէին, որ կը նշանակէր «Օրիորդ ուռած ստինքներով» (Տես Le culte d'Aphrodite Anahita chez les Arabes du Paganisme, par E. Blochet, Paris, 1902). Նահիտա բառը, որ Աստղիկ կը նշանակէր եւ որուն բացասականն էր Ա–նահիդ, նոյնպէս կը նշանակէր «Օրիորդ ուռած ստինքներով», Ասորեստանեայք ալ՝ իրենց արձաններուն մէջ այսպէս ներկայացուցած են զԱստղիկ։ 

         Ընդհակառակն ժամանակ եղած է, ուր Անահիտ «փոխանակ մայր ամենայն զգաստութեանց» ըլլալու, «մայր ամենայն մեղաց» եղեր է։ Ստրաբոն կը վկայէ յայտնապէս թէ (XI, 532, նոյնպէս Լուկիանոս, Յաղագս սկզբանց ասորեստանեայց), թէ Հայեր իրենց դստերքը ամուսնացնելէ յառաջ՝ Անահտայ մեհենին կը նուիրէին, ուր անձնատուր կ'ըլլան ամենայն հաճոյից: Մ. Էմին անկարելի կը համարի զայս՝ նկատել տալով որ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երբեք այդպիսի սովորութիւն մ'ակնարկած չէ, մինչդեռ եթէ գոյութիւն ունենար՝ անպատճառ պիտի հակառակ խօսէր։ 

         Սակայն դիտելու է որ Տրդատայ ժամանակ՝ հայկական դիցաբանութիւն գոյութիւն չունէր, այլ՝ պարթեւական դիցաբանութիւն, որ նախորդին տեղը գրաւած էր. Ագաթանգեղոս արդէն կ՚ըսէ. Տրդատ «զիւր ազգին Արշակունեաց՝ զհայրենեացն պաշտամանց տեղիսն մեծարէր»․ (Ագաթ. 34 էջ)

         Ուստի մեր կարծեօք հայկական Անահիտը՝ Ափրոդիդ մըն էր, պարթեւականը՝ Տիանա Ծ․ Հրտ.

[26] Համարի դուստր Բերոսի պատմչի Քաղդէացւոյ. եւ յոմանց հնագոյն քան զնա։ 

         Այդ Սիբիլլայի մասին, որու վրայ կը խօսի Հ. Ալիշան, կարելի է կենսագրական (ենթադրական) տեղեկութիւններ գտնել՝ Fabriciսsի Bibliotheca graeca XIV հատորին մէջ, ուր Բերոսոսի հատակոտորներն ալ մէջ կը բերուին Ծ. Հրտ.  

[27]     Փիլաստրոս եպիսկոպոս Պրեշիոյ ի Դ դարու։

[28]     Ըստ այսմ՝ գրէ քերթող ոմն ի դիմաց Նոյի

         Tu supplex ora,

         Tu protege

           Tuque labora.

[29]     Ճեմելլի եւ Դաւեռնիէ:

[30]     Յոհան կաթողիկոս ի յառաջաբանի Պատմութեանն