Հայաստան յառաջ քան զլինելն Հայաստան (disabled)

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԺԲ.
ԱՐԱՄ

      Յետ Հայկայ իր պայազատաց մէջ ամենէն նշանաւորն քաղաքական վարչութեամբ, ազգաշէն խնամքով եւ պատերազմական քաջութեամբ՝ եղաւ Արամ․ ահարկու օտար ազգաց եւ սիրելի ընտանեաց․ մինչեւ ըստ հին աւանդութեան, զոր կանխաւ յիշեցինք (էջ 111), ազգերնուս Հայ անունն՝ որ կամ դեռ չէր լսուած կամ խիստ քիչ լսուած, խափանուելով՝ օտարաց մէջ Արմեն հռչակեցաւ յանուն այս նոր նահապետիս․ որ զէնքերով ընդարձակեց թէ իր տէրութիւնը եւ թէ ազգին անունը․ միայն թէ զէնքերը փառասիրութեամբ եւ ագահութեամբ չառաւ ձեռք, ինչպէս շատ աշխարհակալք, այլ նախ իր ազգապետին Հայկայ՝ եւ անոր որդւոց սեփական երկիրները նորէն հայկական իշխանութեան տակ առնելու, ուսկից քանի մը կողմեր զրկուեր էին, կամ իր նախորդ տանուտերաց թոյլ եւ վախկոտ կառավարութեամբն, եւ կամ մանաւանդ յանդուգն յափշտակողաց բռնաւորութեամբ։ Ինչուան ի Նինոս՝ որ ժամանակակից էր Արամայ, վկայեն հին պատմիչք (Յուստին․ - Դիող․) թէ ամենայն ազգապետք իրենց երկրին տիրէին․ Նինոս առաջին եղաւ որ օտար երկիրներու տիրէ․ Արամ 30 տարի մը յառաջ քան զՆինոս պայազատեց (իբր 2087 տարի նախ քան զՔրիստոս), երբ դեռ հին Բաբելացւոց թագաւորութիւն մը կար՝ Արաբացի ցեղի մը ձեռք, որ Բելեանց առաջին կտրճութիւնը եւ բռնութիւնը չունենալով՝ անհոգութեամբ թողին իրենց երկրին րորս դին եղած աւելի մանր ազգաց իշխողներուն զօրանալ եւ իրարու սահման կոխել։ Այսպէս ըրին Բաբելացւոց եւ մեր Հայոց երկրին միջոց եւ սահմանակից եղող քանի մը ուժով կամ յանդուգն իշխողք․ որք Հայաստանի երեք կողմէն ալ (բաց ի հիւսիսոյ) յառաջ գալով, եւ անոր եղերական գաւառոց տիրելով՝ կը ստիպէին զՀայս դէպ ի հիւսիս քշուիլ․ եւ զի այն կողմնն ալ արդեն բաւական բնակուած էր այն ատեն հայկայ եղբարց սերնդեամբք, հարկ էր Հայոց կամ նուաճիլ օտարներէ կամ վռնտել եւ նաեւ նուաճել զօտարս։ Այսպէս ըրաւ Արամ, որ եւ բնաւորութեամբն աւելի նուաճելու քան նուաճելու համար եղած էր․ ոչ միայն կտրիճ, անվախ եւ կռուող, այլ եւ իր ազգին, նախնեաց եւ երկրին վրայ մեծ եւ հաստատուն նախանձ ու սէր ունող, որով եւ պատրաստ առ ամենայն գործ եւ ի ջան՝ հայկայ իրաւունքն եւ որդւոցը ժառանգութիւնն ապահովելու։

      Այս բանս համառօտ՝ այլ ազդու եւ մեզի պանծալի կերպով կը բացատրէ մեր պատմութեանը նախապատմիչն (Մարիբաս)․ «Սա այր եղեալ հայրենասէր եւ աշխատասէր, լաւ համարէր զմեռանելն ի վերայ հայրենեաց՝ քան թէ տեսանել զորդիս օտարածնաց կոխելով զսահմանս հայրենեացն․ եւ հարազատից արեան նորա՝ տիրել արանց օտարածնաց»։ Մեր պատմութեան մէջ, եւ կարծեմ թէ նաեւ ամենայն ազգաց եւ ժողովրդոց մէջ, առաջին անձն եւ իշխողն Արամ եղած է՝ որուն հին պատմիչք եւ երգիչք այս ցանկալի եւ աշխարհածանօթ, այլ ստուգիւ հազուագիւտ Հայրենասէր անունն ընծայած են, եւ զոր արժանապէս ժառանգեր է այն առաքինութեամբ՝ զոր միւս անունն հաստատէ, աշխատասէր ։ Առանց աշխատասիրութեան ընդունայն եւ սուտ է հայրենասիրութիւնն․ գուցէ հայրենեաց բարիքը եւ վայելքը սիրել մ’ըլլայ, բայց բարերարել հայրենեաց եւ վայելելտալ հայրենակցաց՝ այս է բուն հայրենասիրութիւնն՝ որ անկարելի է յաջողելու առանց մեծ եւ շատ աշխատութեան։ Իր պայազատութեան առջի քանի մը տարիները դժարութեամբ տեսնելով օտարաց բռնաւորութիւնը՝ աջալրջութեամբ համբերեց եւ պատրաստեցաւ բռնութիւնը բռնութեամբ վանելու․ որոյ համար հարկ էր զէնքի եւ կռուի կրթել իր ժողովրդեան երիտասարդները, եւ յիշեցընել Հայկայ օրերը՝ որոցմէ վերջը 300 տարւոյ չափ կ’երեւի թէ պատերազմ եղած չէր այն կողմերը։ Բայց մեր նահապետին հնարած կամ փառաւորած աղեղն՝ թէ պաշտպանութեան թէ որսոյ պատճառաւ միշտ Հայկազանց ուսն էր․ անոր հետ տէգ ու նիզակ շարժող այլկար․ որոնց կրթութիւնն եւ թիւն աւելցընելով Արամ՝ քիչ տարուան մէջ ինչուան 50000 ոգւոյ զօրագունդ մը կազմեց, որոց դեռ հազիւ քսաներորդ մասն ձիաւոր էր․ բայց ամենքն այլ կտրիճ, յաջող եւ ճարպիկ երիտասարդներ․ միանգամայն եւ ընտրուած ուժով, հսկայակերպ եւ ահարկու մարդիկ։

      Այս է առաջին թուով յիշուած թուով յիշուած զօրագունդն Հայոց ի պատմութեան․ որոյ եւ առաջին փորձն գործն եւ յաջողութիւնն եղաւ ընդդէմ Մարաց։ Այս ազգս՝ որ հնագոյն ազգաց մէկն է եւ ի հոռոմ եւ յեվրոպացի լեզուաց՝ Մէդ կոչուի՝ իր նախահօր Մադայի անուամբ, որ էր ի զաւակացյաբեթի, (եւ այս ժամանակիս պատմութեան մէջ ալ սովին անուամբ յիշուի ի Խորենացւոյ) թէ սահմանակցութեամբ, թէ բարուք եւ թէ լեզուաւ, (թուի թէ եւ կրօնքով) հին ազգաց մէջ ամենէն նմանն եւ մերձաւորն էր մեր Հայկազանց․ երկուքին սովորոյթքն այլ ի քաղաքական օրէնս եւ տնտեսութեան, եւս եւ ի զինուորութեան՝ նմանք էին, աղեղնաւորութեան եւ հեծելութեան մէջ հաւասարապէս վարժք ըլլալով, երկուքին երկիրն ալ աղէկ ձիոց երամակներ բերելով։ Անտարակոյս է որ Հայոց պէս ալ իրենց ազգապետներն եւ թագաւորներ ունեցեր են, եւ բաւական կրթութիւն եւ զարգացումն․ բայց իրենց հին պատմութիւնն բոլորովին կորած է, եւ ծանօթն կը սկսի յետ Ասորեստանեայց ինքնակալութեան կործանման եւ նոր թագաւորութեանց ծագման (Քրիստոսէ Ը կամ Թ դար առաջ)։ Գուցէ իրենք ալ ի սկզբան Բելայ բռնաւորութիւնը զգացին, եւ յետոյ թոթուելով՝ Հայոց պէս ազատ էին․ Արամայ ատեն իրենց թագաւորն կամ առաջնորդն Նիւքար անուամբ մէկն էր, «հպարտ եւ պատերազմասէր»․ որ իր երկրին եւ Հայաստանի անջրպետ սահմանը անցնելով՝ մեր աշխարհքը կոխեր էր․ այս սահմանը բնական բաժնող եւ պարսպ մ’ունէր երկու ազգաց մէջ՝ այն երկայնաշար լերանց գօտին՝ որ Վանայ եւ Որմիոյ ծովերը եւ Տիգրիսի ջրերը՝ արեւելքի ուրիշ գետերէն կը զատէ, եւ հիմայ Քէլի-Շին կ’ըսուի, հին ատեն՝ յարեւմտեայց Զակրոս կոչուէր, իսկ յարեւելեայց զարասպ։ Այս լեռներէն անցնելով Նիւքար բազմութեամբ աւերող զօրաց, եւ յանկարծ յանկարծ յարձակելով՝ վերջապէս տիրեր էր մեր հին պարսկահայք ըսուած նահանգին, եւ հաւանօրէն Վասպուրականի արեւելեան եւ հարաւային կողմանց այլ, եւ երկու տարի էր որ կը ճնշէր անոնց բնակիչը, որք ինչուան այն ատեն Հայկազանց երկիր եւ ժողովուրդ սեպուէին։ Արամ իր հինգ բիւր զօրօքն եկաւ ասոր դէմ․ բայց կամ անոր աւելի բազմաթիւ եւ զօրաւոր գունդերէն, եւ կամ աւելի արիւն թափելէն զգուշանալով եւ կամ՝ որ հաւանագոյն է, այն ատեն դեռ կարգաւորեալ ճակատամարտ չէին ըներ, այլ աւելի խաբէական յարձակմունք, ինքն այլ գիշերուան մութը եւ կանուխ առաւօտուն հանգիստ քունը հնարք առնլով, դեռ արեւը չծագած յանկարծ վազեց կոխեց կոտրեց Նիւքարայ բանակը, «եւ զնոյն ինքն զՆիւքարն կոչեցեալ Մազէս՝ ձերբակալ արարեալ», բոլորովին ցրուեց անոր զօրքն այլ տիրապետութիւնն այլ, իր իշխանութեան տակ ձգելով երկիրը ինչուան ի Զարասպ լեռը, ուր թերեւս Հայկայ իշխանութիւնն ալ հառած էր, ինչպէս որ յիշեցինք (էջ 126), եւ ուր իր անուամբ Հայք գեղ մ’այլ ետքի դարերու մէջ ճանչցուած էր, իսկ այն լերանց վրայ յարմար անցնելու տեղ մը (9000 ոտք բարձր) հիմայ յայտնի է բեւեռաքանդակ արձան մը, որոյ կանգնող եւ գրողն դեռ անծանօթ, կրնայ կարծել տալ թէ հայոց սահմանածայրը նշանակէ․ եւ եթէ ստոյգ է (ըստ Խորենացւոյ) Վանայ արձանագրութեանց ի Շամիրամայ գրուած ըլլալն, կրնայ Զարասպայ արձանն այլ Արամայ յիշատակն կարծուիլ։ Բայց իր ստոյգ կանգնած յիշատակն, թէ եւ վայրենի, եղաւ նոյն ինքն բռնուած բռնաւորն Նիւքար (որոյ անուան առաջին մասն հաւանօրէն Նոր նշանակէ, իսկ երկրորդն գուցէ գոռ կամ պատերազմն ) [1] զոր քշեց տարաւ Արամ՝ մինչեւ իր մայրաքաղաքը՝ արմաւիր, եւ հոն ասոր պարսպաց գլխաւոր աշտարակին ծայրը հանել տուաւ եւ երկաթէ ցից մը զարնելով ճակտին՝ [2] գամել կախել «ի տեսիլ անցաւորացն եւ ամենայն եկելոցն անդր», ինչպէս որ Հայկ այլ ըրաւ Բելայ մարմնոյն ի Հարք։ Կամ յաղթողաց բարբարոս ուժը, կամ յաղթուողաց անիրաւութիւնը ցուցընելու համար՝ հին ատեն ասանկ պատուհասներ կու տային, ինչպէս քիչ մ’ետք Նիւքարայ յաջորդին այլ հանդիպած պիտի տեսնենք։ Իսկ անոր բռնութենէն ազատած երկիրը ազատած երկիրը՝ Արամ յանձնեց Սիսակայ ցեղին, որով յայտնի կ’երեւի թէ Նիւքար Վասպուրականի կողմանց տիրեր էր, որ եւ Սիւնեաց սահմանակից է Երասխ գետով բաժնուելով, որոյ եզերքը կը տիրէին Սիւնիք․ եւ ահա ինչուան այս (Արամայ) ատենէն իրենք եղան մեր աշխարհին արեւելեան կողմին պահապան կամ կողմնակալ, ինչպէս որ յետոյ Արշակունեաց թագաւորութեան կանգնելուն ատեն այլ՝ Վաղարշակ զանոնք հաստատեց, նոյնպէս իրմէ վերջն եկողք այլ։

      Այս ատեն հաստատուեցաւ հայաստանի հարաւային կողմին ալ սահմանակալ եւ պահապան Կադմէական ցեղն, որ է սերունդ թոռին Հայկայ, եւ նախ այս մեր նահապետէն այնպէս հաստատուած։ Վասն զի արեւելքէն շրջան առնըլով Արամ՝ եկաւ իր երկրին հարաւակողմը, որ սահմանակից է Ասորեստանի, եւ երկուքին միջոց կան Կորճայք (Քիւրտիստան) որ մեր հին հայրենեց 15 աշխարհաց մէկն էր։ Արդ այս կողմերուս այլ, որ Հայկազանց ժառանգութիւն էր՝ ուրիշ բռնաւոր մը տիրեր էր, Սեմական ցեղէ, Բարշամ անուամբ, որ թուի այն լեզուին մէջ որդի արեւու նշանակել, եւ այս անուամբ Ասորւոց չաստուած մ’ունենալն յայտնի է․ նոյնպէս եւ անոնց այս Բարշամս այլ աստուծոյ պէս պաշտելն վկայէ մեր հին պատմիչն։ Սակայն իր անոնց մէջ առած պատիւն՝ Արամայ քաջաց ձեռքէն անարգական մահուամբը գտաւ։ Ինչպէս կ’երեւի, Բարշամ Նիւքարէն աւելի քաղաքակիրթ էր, եւ գուցէ հին Ասուրայ ցեղէն պայազատութեամբ կ’իշխէր Ասորեստանի մէկ մասին, եւ սահմանն ընդարձակելով տիրեր էր Հայոց բաժնին ալ․ ասոնք իրենց մօտ Կորճայից լեռներուն ապաւինելով անոր բռնութենէն կրնային փախչիլ․ բայց անով ինքն ա՛լ աւելի խստանալով՝ դաշտակողմերը կ’աւրէր եւ ակամայ նուաճողներուն վրայ ծանր հարկ ձգելով սաստիկ կը նեղէր․ այնպէս որ Տիգրիս գետոյն այն առաջին տափակ եւ բարեբեր եզերքն անապատ դարձուցեր էր․ վախ եւ սպառնալիքն այլ չորս դի տրածեր էր․ վասն զի 40000 զինուած զրահուած հետեւակ եւ 5000 այլ հեծեալ զօրք ունէր․ ինքն այլ կարճութեամբ անուանի եւ հսկայից ցեղէն ինջած կը սեպութր։ Ասոր հետ պէտք եղաւ որ Արամ բուն պատերազմական կարգաւ դէմադէմ կռուի․ պատերազմին տեղն կ’երեւի Աղձնեաց եւ Մոկաց աշխարհաց միջոցն ըլլալ․ ուր զարնուեցան քշուեցան Բարշամայ զօրքն դէպ ի Կորդուաց լեռները․ Հայք ետեւնուն ընկնալով վռնտեցին ինչուան լեռներուն անդիի ոտքը՝ Ասորեստանի դաշտագետինը։ Բարշամ որ իր հսկայական ցեղին եւ անուան նախատինք կը սեպեր՝ իրեն հակառակող մ’ունենալն, թուի թէ կ’ուզեր անձամբ Արամայ հետ զարնուիլ․ բայց ասոր քաջ զինակիցքն՝ իրենց տէրը պաշտպանելով զարկին սպանեցին զԲարշամ, զոր իր ազգայինքն Ասորիք՝ ինչպէս Բաբելացիք զԲէլ՝ չամըչցան իրենց աստուածներուն դասակից ընել, ի վարձ առջի քաջութիւններուն։ Արամ ոչ միայն անոր մահուամբ Հայաստանի սահմաններն ազատեց, այլ եւ առջիններէն աւելի ընդարձակեց՝ Ասորեստանի հիւսիսային կողմին այլ տիրելով քանի մը տարի, ինչուան որ Նինոս զօրացաւ եւ աշխարհակալեց։ Երկրին հարաւային կողմն այլ ապահովելով եւ յանձնելով Կադմեայց եւ Կորդուաց, Արամ յառաջ անցաւ դէպ յարեւմտեան հարաւային կողմերն, ինչուան Միջագետաց գլուխը, այսինքն Տիգրիսի արեւմտեան բարձրահովիտը, մինչեւ ցԵփրատ գետ, որ էր բուն սահման Հայոց արեւմտեան կողմէն։ Արամ առաջին եղաւ ի Հայկազանց, որ անցաւ այս մեծ գետը եւ կոխեց արեւմտեան կողմը, որ եւ իր տիրելովն եղաւ մասն Հայաստանի, բայց բուն Հայկազանց օրինաւոր երկրէն որոշելով Փոքր հայք կ’ըսուի։ Մինչեւ հոս Արամ աշխարհապահ էր, այսինքն իր հայրենեաց սահմաններն ազատող, շինող եւ պահող․ ասկէ անդին աշխարհակալ եղաւ․ մինչեւ հոս ստոյգ հայրենասէր էր, ասկէ անդին աւելի աշխատասէր եւ չափազանց հայրենասէր։

      Յայտնի է որ բնիկ Հայաստանի (Մեծ հայոց) այս արեւմտեան սահմանակից երկիրն սովորական եւ աւելի ծանօթ անուամբ Կապպադովկիա կ’ըսուի․ այս անունն առած է շատ ետքն երբ Պարսիկք տիրեցին, եւ ասոնց լեզուաւ կ’ըսուի թէ Քարոտ երկիր նշանակէ, որուն կը համաձայնի մեր մեկ հին վարդապետն այլ Երկիր Մրճաւորաց թարգմանելով։ Հին Յոյնք (ինչպէս Հոմերոսի ատեն) Սպիտակ - Ասորիք (Լեւգոսիրի) կ’անուանէին այս աշխարհս, իսկ մերազգիք՝ որ աւելի մերձաւորք եւ ծանօթք էին՝ Գամիրք կ’անուանեն, յանուն Գամերայ որդւոյ Յաբեթի, ոոր արդարեւ երկուքին այլ նախահայրն է, եւ Հայաստանէն ելնելով՝ բնակեցաւ այդ կողմերը, ուստի մեր թարգմանիչք եւ առաջին մատենագիրք այս անունը կը պահեն, (որ եւ կը ստուգուի ինչուան հիմայ Կեսարիոյ մօտ Կամարակ գեղի անուամբ, եւ Քէօմիւր գետով)։ Մէկ հին նահապետի (Գոմերի կամ Գամերի) սերունդք ըլլալով՝ [3] Հայք իրենցմէ շատ օտար պիտի չսեպէին  զԳամիրս, մանաւանդ անանկ հին ժամանակ՝ որ ազգաց բաժանումն եւ իրարմէ ծագումն շատ մութ բան չէր․ ուստի կրնանք ըսել թէ Արամ՝ իբրեւ խնամեաց եւ մերձաւորաց մէջ մտնելով՝ համարձակ կ’երթար այս կողմս։

      Բոլոր պատմութեան ծանօթ միջոց՝ Փոքր Ասիա, որուն մէջ է կապադովկիա, միշտ մանր տէրութիւններ եւ աշխարհներ բաժնուած է․ միայն ետքի ատեններ օտար հզօր աշխարհակալաց ձեռքի տակ ընկածէ բոլորը մէկէն․ միայն այս մեր նահապետին ժամանակ, այսինքն Արամայ, մեր պատմութիւնն կը յիշէ՝ որ այս աշխարհին (գոնէ մեծագոյն մասին փոքր Ասիոյ) վրայ բռնացեր էր հսկայազօր իշխան մը, զոր եւ Տիտանեան կոչէ․ եւ կ’իմացուի անուանէն՝ որ էր Պայապիս քաաղեայ, թէ Բաբելացի պիտի ըլլայ [4] արդէն նոյն մեր պատմիչն Բաբելոնի առաջին թագաւորաց մէջ կը յիշէ զԲաբ իբրեւ որդի Նեբրովթայ, եւ զՔայազ թոռնորդի Բաբայ, նոյն ինքն զՔամ զնախահաւ Նեբրովթեանց կամ Բելեանց այլ՝ Տիտան կ’անուանէ․ դարձեալ, արտաքին պատմիչք ալ այս կողմերուս հին բնակիչները Տիտանեան կ’անուանէ․ դարձեալ, արտաքին պատմիչք ալ այս կողմերուս հին բնակիչները Տիտանեան կ’անուանեն, յորոց էին ըստ նոցա Կոռնոս եւ Արամազդ եւ Հերմէս կամ Տեւտատ, եւ առաջին թագաւորքն Մանէս, Ակմոն, Ուրանոս եւ այլն․ որով մեր պատմչին ըսածն թէ զԱրամայ՝ «յարեւմուտս ընդ Տիտանեայսն է սորա գործ քաջութեան», կրնանքիմանալ նաեւ իրենց տիրապետը Բաբ մը Քայաղայ եւ Բելայ ցեղէն, «որ բռնացեալ ունէր զմիջոց երկուց ծովուց մեծամեծաց, զՊոնգուն եւ զՈվկիանու», այսինքն զմէջ Սեւ ծովու եւ Միջերկրականին, որ է ըսել բոլոր Փոքր Ասիայն հիւսիսէն ի հարաւ․ որոյ եւ մեծագոյն աշխարհն էր գամիրքկամ Կապադովկիա։ Արդ Արամ երբ իր հարց հին հարաւային սահմաններն ազատելով՝ անկից յարեւմուտք կու գար՝ կամաց կամաց կոխած երկրին տիրելով, մինչեւ հասաւ անոր ամենէն բարձր եւ նշանաւոր լերան քով, որ կրնայ այն աշխարհին Արարատն ըսուիլ, եւ է Արդէոս (Էրճիէշ) լեառն ըստ Յունաց, որ հաւանօրէն Արեգ կամ ասոր նման պէտք էր կոչուիլ․ ինչպէս որ այն երկրին մեծագոյն գետն այլ՝ ալիւս ըստ Յունաց Արեգան կոչի ի նախնեաց Հայոցս։ Այս լերան հիւսիսակողմն է արեւմտեան Ասիոյ հնագոյն եւ անուանի քաղաքաց մէկն եւ մայրաքաղաքն Կապադովկիոյ՝ Կեսարիա, որ այն ատեն չէր նշանաւոր ոչ իբրեւ քաղաք եւ ոչ իբր շէնք, այլ յարմար դիրք մ’ունէր․ անոր համար Արամ հոն դադրեցաւ եւ ուզեց քաղաք մը շինել [5] ։ Տիտանեանն՝ որոյ ուր նստիլն յայտնի չէ, (բայց թուի թէ ի հարաւակողմն էր) լսելով որ ուրիշ զօրաւոր մ’եկեր է իր տիրածին տիրելու՝փութացաւ վռնտելու․ բայց ինքն հալածուելով յԱրամայ՝ որ հետն 40, 000 հետեւակ եւ 2000 ձիաւոր բերած էր, փախաւ ընկաւ ինչուան Կիլիկիոյ հարաւակողման կղզեաց մէկուն մէջ, ի Կիպրոս կամ ի Կրետէ [6], ինչպէս տեղ մը ըսինք (էջ 71)։ Ապա Արամ անարգել իշխանաբար տիրեց ինչուան Արեգան գետոյն արեւմտեան արմունկը կամ դարձուածը դէպ ի հիւսիս․ եւ իր ընտրած տեղը կամ շինել տուած քաղաքը՝ անոր շինող եւ իր տեղակալին անուամբ Մշակ կոչեց, զոր Յոյնք չկարենալով արտաբերել՝ Մազաք կոչեցին, անկէ յետոյ մեր մէջ այլ Մաժակ անուանեցաւ․ ահա այս տեղս է որ յիշխանութեան Հռովմայեցւոց 2000 տարի վերջը Կեսարիա անուանեցաւ ի Տիբերիոս կայսերէ եւ անկէց այլ ինչուան հիմա՝ նոյնպէս կոչի ( Գայսէրի ի Տաճկաց)։

      Բոլոր Հայկազանց տէրութեան միջոց որ 2000 տարիէն աւելի տեւեց, գրեթէ մինակ այս Արամայ աշխարհակալութիւնն կը յիշուի, որ եւ ետքի ատեններ եղածներէն աւելի նշանաւոր եւ հաստատուն եւ իրական եղաւ․ վասն զի անով մեր ազգն եւ երկիրն ընդարձակեցաւ․ եւ առջի բուն Հայկազանց երկիրն՝ Եփրատայ արեւելակողմը՝ ըսուեցաւ։ Մեծ կամ Արեւելեան հայք, իսկ գետոյն անդիի կողմինը եւ արամայ տիրածը՝ Փոքր կամ Արեւմտեան հայք այլ քանի մը աշխարհ բաժնուեցան, եւ նախ Գամրաց արեւմտագոյն մասն՝ ուր Մշակն հաստատուեցաւ՝ ըսուեցաւ Ա Հայք, իբր զի յարեւմտից կամ ի Յունաց կողմանէն գալով՝ այն է առաջին երկիր եւ կուսակալութիւն Հայոց․ միանգամայն եւ առաջին երկիր նուաճած եւ շինած ի հայոց։ Անոր հիւսիսային արեւմտեան կողմը՝ մինչեւ Մեծ եւ Բարձր Հայոց կողմերն՝ եղաւ նոր աշխարհ մը եւ ըսուեցաւ Բ Հայք, զանազան գաւառներ բաժնուելով, որոց մէկն էր Կողոպեան եւ անոր մէջ Բ Հայոց մայրաքաղաքն ալ՝ յետոյ եւ հիմայ Սեբաստիա ըսուած։ Մաժակայ եւ Սեբաստիոյ կամ Ա եւ Բ Հայոց արեւելակողմն մինչեւ ցԵփրատ եւ ցՄեծ Հայս՝ ըսուեցաւ Գ Հայք, որոյ մայրաքաղաքն այլ եղաւ Մելիտինէ, ըստ ոմանց Շամիրամայ մէկ անուամբը։ Ասոր անմիջապէս սահմանակից մասն մեծ Հայոց Եփրատայ արեւելեան կողմն՝ որ կ’երեւի թէ դեռ բուն Հայոց երկիր չէր սեպուեր, հիմայայնպէս եղաւ եւ ըսուեցաւ Դ Հայք, որ եւ առանձին եւ հնագոյն եւս անուամբ կ’ըսուի Ծոփք ։ Կ’երեւի թէ ասոր հիւսիսակողմն եղող Մեծ Հայոց մէկ աշխարհն այլ՝ Կարին ինչուան այն ատեն Հայկազանց երկրին մասն չէր, եւ հիմայ եղաւ ու ըսուեցաւ իր բնական դրիցն համեմատ բարձր Հայք։ Թէպէտ եւ յետ 2000 եւ աւելի տարիներու Կ․ Պօլսոյ կայսերութիւնն հաստատուելէն ետեւ՝ այս հին արարատեան բաժանմունքը փոփոխելով՝ Ա, Բ, Գ եւ Դ Հայոց անուանքն այլ իրար անցան Յունաց մէջ, բայց մեր պատմիչք դեռ ջանացին հին ազգային բաժանմունքը հաստատ պահել։ Այս ամեն ախարհներն այլ Արամայ ատեն դեռ լաւ բնակուած կամ մարդաշատ չէին․ անոր համար ինքն որ հաւանօրէն Փոքր Ասիոյ ուրիշ կողմերու այլ տիրեր էր, գոնէ Պայապիսը հալածելու ատեն, այն տեղերէն գերութեամբ եւ գաղթութեամբ շատ մարդ բերելով՝ բնակեցուց իրեն նուաճած եւ բաժանած աշխարհաց մէջ․ եւ զանոնք իր ազգին հաւասարելու համար՝ պատուիրեց եւ ստիպեց «ուսանել զխօսս եւ զլեզուս հայկական»։

      Այս հնարքս որ աշխարհակալի եւ բռնաւորի մը համար զէնքերէն շատ աւելի զօրաւոր է, եւ ընդարձակիլ ուզող ազգի մը համար՝ յարմարագոյն միջոց, եւ դրսուանց սաստիկ հայրենասիրութեան մը նշան, առաջին օրինակ է ի պատմութիւնս՝ այս կերպ խիստ եւ բռնական հնարից՝ օտար ազգեր բոլորովին նուաճելու եւ իւրացընելու համար, զոր յետոյ շատեր բանեցուցեր են եւ միշտ պժգալի եղած է․ գուցէ անով ազգերնիս բան մը շահեցաւ, եւ նոյն ինքն Արամ այլ, բայց ոչ իր պատիւն․ միայն եթէ չկայ ուրիշ բանաւոր պատճառ մը՝ զոր պատմութիւնն լռէ․ ինչպէս կրնայ ըլլալ այն գաղթած ազգերուն անկրթութիւնը կամ անկարելիութիւնը իրենց մայրենի լեզուն պահել՝ նոր եւ մեծ ազգի մը շրջապատին մէջ, ինչպէս էր Հայոցն, որք որ միայն Եփրատայ մէկ կողմէն անոնց սահմանակիցէին, այլ եւ մէկ այլ կողմն այլ անցան, եւ Արամայ նոր առած աշխարհաց մէջ քիչ շատ սփռեցան․ արդեն այն տեղուանքը պահելու համար՝ Արամ 10, 000 զօրական թողեր էր Մշակայ քով, որք ի հարկէ սփռեցան այն կողմերը եւ շատը տուն տեղ հաստատեցին։ Դաարձեալ յիշելու է որ բնիկ Գամիրք շատ տարբերած չէին ի Հայկազանց, եւ առաջուց ինչպէս երկրաւ այսպէս եւ լեզուաւ մօտ էին իրարու, միջասահման մ’ըլլալով Արեաց եւ Յունաց լեզուներուն։ Արդ թէ՛ այս հին եւ նախնական պատճառաւն ըլլայ, թէ՛ Արամայ հնարքովն՝ Կապադովկացւոց մնացեալ յիշատակներէն այլ յայտնի է՝ որ ոչ միայն իրենց անձանց եւ շինից անուններն՝ մօտ եւ նման են Հայ անուանց, այլ եւ տօմարնին գրեթէ նոյն է, այսինքն իրենց տարւոյն չափերը եւ ամսոց անունները [7] ։ Մեր նախնիք այլ օըարաց բուն Կապադովկիա ըսածն (զոր Արամ տրոհեց յԱ, Բ, Գ, Հայք) միշտ Գամիք հայոց կ’անուանեն, որոշելով անոր հիւսիսային մասէն՝ որ ինչուան Սեաւ ծովուն եզերքը կը ձգուէր եւ կ’ըսուէր Պոնտական Կապադովկիա կամ Գամրական Պոնտոս, ըստ մերոցս, որ յետոյ սոսկ Պոնտոս ըսուեցաւ։

Մեր քերդողահայր պատմիչն այս բաներս յիշելէն ետեւ կ’ըսէ․ «Արդ սա (Արամ) այսպէս հզօր եւ անուանի եղեալ, յանուն սորա՝ մինչեւ ցայսօր, որպէս ամենեցուն յայտնի է, որ շուրջ զմեօք ազգք՝ զաշխարհս մեր անուանեն»․ կամ ինչպէս առաջուց այլ կ’ըսէ․ «Ընդարձակել զսահմանս Հայոց յամենայն կողմանց, յորոյ անուն եւ զաշխարհս մեր անուանեն ամենայն ազգք․ որպէս Յոյնք՝ Արմէն, իսկ Ասորիք եւ Պարսիկք Արմնիք (կամ Արմէնիկ)»։Այսպէս կրնամք ըսել մենք այլ, թէ Հայկն իր անունը տնկեց արարատեան աշխարհին մէջ, իսկ Արամ իրենը սերմանեց՝ անոր եզերքները, ուսկից սփռեցաւ ընդ ամենայն աշխարհ, եւ միայն մեզմէ զատ, ամեն օտարք այլ մեզի եւ մեր աշխարհին այս Արմեն անունը տուեր են եւ կու տան։ Գուցէ այս Արամայ տարած ու բերած գաղթականութենէն մնացած են Գամրաց եւ Պոնտոսի կողմերը քանի մը Արմեն անուամբ տեղիք, ինչպէս ինչուան Սեւ ծովուն եզերքը եւ Սինոպի մօտ՝ Արմենէ աւանն․ իսկ Արմենիակ գաւառն՝ յետոյ Հոռոմ կայսերաց ատեն անուանած է։

      Պատմիչն այդ խօսքէն ետեւ կ’աւելցընէ «Բազում եւ այլ գործք արութեան ի սմանէ գտանին կատարեալ․ այլ մեզ բաւական լիցի ասացեալդ»։ Նոյնպէս եւ ի սկզբանէ կ’ըսէ․ Արամայ բազում գործք քաջութեան պատմին մարտից նահատակութիւն ․․․ զընդարձակութիւն պատմութեան սորա եւ զգործս քաջութեան թէ զիա՞րդ կամ առ որո՞վ ժամանակաւ, թէ կամիցիս արտաքոյ այսորիկ գրոց կարգեսցուք եւ կամ թողցուք․ ապա թէ ոչ՝ ի սմին»։ Եւ ասով կ’իմացընէ, որ ըստ սովորութեան իւրոյ՝ գործոց մաս մը պատմած է, մաս մ’ալ թողած․ եւ պէտք ալ է թողած ըլլալ, որ կարենայ բազում գործս ըսել։ Արդ այս շատ քաջութեան գործքերը, զոր եւ Արամայ աշխատասէր կոչումն կը պահանջէ, հաւանօրէն իր տէրութեան այս ատենս ըրաւ, երբ ի Նոր եւ յարեւմտեան Հայս էր, վասն զի երկար ատեն այլ հոն կեցաւ կ’ըսէ պատմիչն [8] ։ Անշուշտ Կապադովկիայէ դուրս տեղեաց այլ տիրած պիտի ըլլայ, եւ պիտի տիրէր՝ գուցէ իր հալածած Տիտանէն աւելի՝ եթէ իրմէ ալ մեծ եւ զօրաւոր աշխարհակալ եւ միապետողն է։

      Հայկայ քաջութեամբ ստացած երկրին բնական ապահովութիւն եւ պարսպարան էր Տաւրոս լերանց պարն, որ հոս Կորդուաց (եւ հիմայ Քիւրտիստան) ամուամբ կը յիշուի․ այս լերանց հարաւակողմէն սկսեալ մինչեւ ի Հնդկային ովկիանոս կամ անոր դէպ ի հիւսիս երկրնցած ծոցերը (Պարսից ծոց եւ Կարմիր ծով) կը ձգուի անհուն տարածութեամբ երկիր դաշտ ու անապատ, որուն վարի մասն է Արաբիա, վերինն՝ ուստի կ’անցնին Եփրատ եւ Տիբգրիս՝ հին աշխարհի առաջին մեծ եւ հզօր տէրութեան տեղ ն էր, Բաբելացւոց եւ Ասորեստանեայս անուամբ հռչակուած․ որուն հիւսիսային սահմանը Հայոց հարաւային սահմանաց կը հասնէր․ յիշեալ լերինքն Կորդուաց անջրպետ եղաւ Հայկայ եւ Բելայ հակառակութեան եւ տիրապետութեան։ Հայկէն մինչեւ ցԱրամ 400 տարուան միջոց՝ ինչպէս իր յաջորդքն մեր պատմութեան մէջ նշանաւոր մը չեղան, այսպէս այլ Բելայ յաջորդք Բաբելոնի առաջին թագաւորաց հարստութիւնն․ եւ ինչպէս մեր մէջ Արամաւ նորոգեցաւ եւ զօրացաւ տէրութիւնն, այսպէս իր դրացի մեծ տէրութեան մէջ այլ՝ Նինոսիւ, զոր ոմանք Բելայ կամ Նեբրովթայ ցեղէն սեպեն, ոմանք յԱսուրայ․ բայց այս եւ ասոր նման խնդիրները՝ որ այս մեծանշան անձինվրայ եղած են, մեր պատութենէն դուրս թողլով՝ միայն մեզի հարկաւորագոյնը յիշենք․ որ սա եղաւ կանգնող կամ վերականգնող Նինուէ եւ Ասորեստանեայց հզօր միապետութեան։ Նինուէ մայրաքաղաքն՝ Հայկայ օրերէն ի վեր կանգնուած էր՝ (յԱսուրայ կամ մանաւանդ) ի Նեբրովթայ․ Նինոս՝ նորոգեց եւ կամ իր թագաւորութեան աթոռն հաստատեց ի Նինուէ, (որ թուի թարգմանել Նինու աւան ), որ առաջինն եղաւ երկրիս մեծ եւ համաշխարհագրակն քաղաքաց, (ինչպէս յետոյ Բաբելոն, Աղեքսանդրիա, Հռոմ, եւ այլն) եւ երկար դարեր այլ, (իբրեւ 1300 տարի)։ Նինուէ որ յետ այնքան դարերու ալ մէջն միայն 120, 000 մանր տղայ ումէր, որոյ պարիսպքն 100 ոտք բարձր էին, 1500 աշտարակներն 200՛, կենդրոնն ասիական հնագոյն [9] եւ հզորագոյն իշխանութեան, զօրութեան, բարգաւաճանաց եւ շռայլութեան, ուր բազմաթիւ ազգապետք հարկ տալու եւ օրէնք առնըլու գային, կրնար գրեթէ դրակից ըսուիլ Հայոց, այնքան մօտ է մերհին աշխարհին սահմանաց, հազիւ թէ օրուան մը ճամբայ հեռու Մոկաց կողմէն, եւ հազիւ 30-40 մղոն յԱմետիէ քաղաքէ՝ որ Կորճայից մէջ կամ քովն է։ Այսքան կիպ մօտաւորութին անկարելի էր որ Հայաստանի վրայ մեծ ազդեցութիւն չունենայ․ որուն թէ եւ մայրաքաղաքն՝ Արմաւիր՝ Երասխայ հիւսիսային եզերքը բաւական հեռու Նինուէէն որ Տիգրիսի վրայ է նստած, բայց Հայկայ եւ իր եղբարց եւ թոռանը Կադմոսի բնակած տեղիքն՝ ուր եւ իրենց սերունդքն կը պայազատէին՝ շատ մօտ էին․ մանաւանդ որ Արամ ոչմիայն մինչեւ Հայկայ հին սահմանը կը տիրէր, հապա անկէ այլ անդին՝ լերանց դաշտակազմը, որ է ըսել ինչուան բուն Նինուէի սահմանները, զոր պահպանելու յանձներ էր Կադմեան ցեղին․ բայց տարակոյս չկայ որ Նինուէի շինութեան ատեն՝ Հայոց սահմաններն նորէն իրենց լեռներուն քշուեցան։ Նինոս կը փափագէր բոլոր Ասիոյ տիրել, ի Կովկասայ մինչեւ ի Նեղոս, յԵփրատայ մինչեւ ի Հնդիկս․ բայց շատ հեռու չգացած պէտք էր նախ մօտաւոր եւ դրակից ազգերը նուաճել․ եւ ասոնց ամենէն մօտն էր Հայոցն, միանգամայն եւ ամենէն դժուարինն, վասն զի Արամ էր այն ատեն Հայոց նահապետ։

Հայոց եւ իրենց հարաւային դրացւոյն մէջ ի սկզբանէ ի վեր թշնամութիւն կար, պատճառաւ Հայկայ եւ Բելայ հակառակութեանն․ Նինոս այլ (որ Բելայ ցեղէն կ’ըսուի) ըստ աւանդութեան մեր հին պատմչին՝ (Խոր․ Ա․ ԺԴ․) այս հակառակութիւնն ունէր եւ կ’ուզէր հին վրէժն առնուլ․ բայց նախ թէ իր աշխարհէն եւ ազգէն ունեցած խռովութեան վախն, եւ թէ Արամայ քաջագործութեանց համբաւն՝ արգիլեցին զինքը․ եւ եկայն տարիներ ուրիշ գործոց պարապելով՝ յարմար ատենին կը սպաէր․ «յամս ձիգս, նկատել որսալ զյաջողութիւն աւուրց, բառնալ ջնջել զամենայն ճետ սերմանեալ յարանց քաջին Հայկայ»։ Արամ այլ Նինոսի շուտ շուտ աճել զօրանալը կը տեսնէր, եւ երկուքն ալ Կորճայից լեռները իրարու անջրպետ ձգելով՝ զիրար կը դիտէին առանց համարձակելու իրարու դէմ անցնիլ․ երկուքն ալ ջանալով իրենց աշխարհը շէնցընելու, բայց Նինոս նաեւ իր իշխանութիւնը տարածելու․ որոյ համար ընծաներով եւ դաշնակցութեամբ իրեն ձգեց Արաբացւոց (Եմէնի) թագաւորը, զոր Արիէս կամ Արայոս (որ է Արայ) կ’անուանեն պատմիչք, եւ անոր կտրիճ զօրաց հետ՝ նախ իրենց երկուքին միջոց եղած Բաբելացւոց տկար թագաւորութիւնը վերուց, ապա իր երկրին արեւմտակողման՝ այսինքն Ասորւոց տիրեց․ եւ զօրքերն աւելցնելով դարձաւ  դէպ ի հիւսիս՝ Հայաստանի վրայ։ Եթէ մեր հին պատմութեանը նայելով եթէ օտարի մը (Դիոդ․ Բ․) որ մինակ կը յիշէ զայս, Արամ այնպիսի բռնութեան եւ բազմութեան դէմ կենալը խոհեմութիւն չսեպեց, այլ իրմէ զօրաւորին կամ բռնաւորին խոնարհեցաւ [10] ։ Օտար պատմիչն (Դիոդորոս) փոխանակ արամայ՝ Բարզան կոչէ Հայոց նահապետը եւ թագաւոր պատուանուամբ։ Նինոս Հայաստան մտնելով սկսաւ ասպատակել, եւ քանի մը քաղաք աւրեց․ Բարզան՝ որ գուցէ Արամայ մէկորդին էր կամ իր այն կողմը դրած (Կադմէական) կողմնապետն, եկաւ խաղաղութեամբ Ասորեստանեայց ինքնակալին առջեւ, որ մէկէն ետք կեցաւ պատերազմէ, անշուշտ չյուսալով այլ անով կարենալու տիրել այնպիսի ընդարձակ եւ դժուարին երկրի՝ անանկ զօրաւոր առաջնորդի մ’ատեն։ Եւ հոս թէ՛ մեր եւ թէ օտար պատմիչն միաբանին թէ թողուց Հայոց տիրապետին իր տերութիւնը, եւ ըստ մերոյ պատմչին՝ թոյլ տուաւ անոր կամ իր կողմէն աւելցուց՝ « Վարսակալ ածել մարգարտեայ, եւ երկրորդ նորա կոչել»։ Վարսակալն բու հին թագաւորական թագն չէր, այլ ճակատին վրայ մազերը ժողովող պսակ մը, որ մարգարտով բանած էր, եւ անշուշտ այս մարգարիտն այլ յԱրաբիոյ բերած ընծայ մ’էր Նինոսի առ Արամ․ ուսկից ինքն այլ փոխարէն անոր քաջ եւ վարժ զօրքերէն օգնական գունդ մը խնդրեց, Մարաց դէմ երթալու, որոց անյարմար էին իր դաշտաբնակ զօրքերը։ Մարաց թագաւորն այն ատեն կ’անուանէր Փասէն կամ Փասնակ (զոր Փառնոս կոչեն օտարք)․ դէմ ելաւ անոնց բայց կարծածէն աւելի զօրաց եւ զօրավարաց հանդիպելով՝ յաղթուեցաւ․ շատ մարդ կորուսանելով՝ ինքն ալ բռնուեցաւ իր կնաւն եւ եօթն որդւօքն․ զորս անխնայութեամբ խաչել տուաւ Նինոս, որ նման պատուհաս մէր Արամայ ըրածին առ Նիւքար, որոյ թերեւս յաջորդն էր Փառէն, եթէ ինքն Նիւքար օրինաւոր առաջնորդ էր Մարաց։

      Նինոս ասանկ ճարտարութեամբ իր սահմանակից չորս մեծ տէրութիւններէն ապահովելով, զերկուքը նուաճելով (զԲաբելացւոց եւ զՄարաց) երկուքին հետ այլ դաշնակցելով (Արաբացւոց եւ Հայոց), 17 տարուան մէջ, կ’ըսեն պատմիչք, տիրեց բոլոր արեւմտեան Ասիոյ, ի Պարսից մինչեւ յԵլլեսպոնտոս, ի Պոնտոսէ մինչեւ ի Միջերկրականն, եւ երեսնիւ չափ աշխարհք կը համրեն, որոց կէսն ի Փոքր Ասիա կէսն յԱսորիս, ի Միջագետս եւ յայնկոյս Տիգրիսի մինչ ի Պարսկային ծոցն, իՄարս եւ յեզերս Կազբից ծովուն․ եւ հոս այլ զՀայաստան բնաւ չյիշելով՝ այլ անոր սահմանակիցները, անտարակոյս կ’ընեն մեր աշխարհին ազատութիւնը եւ անոր իշխողին քաջութիւնն եւ իմաստութիւնն․ կ’արդարացընեն եւ անոր վրայ սքանչացող մեր իրաւասէր պատմիչը, որ Հայկէն ետքը մինչեւ ի Տիգրան Երուանդեան, իբրեւ 1800 տարուան միջոց, միայն զԱրամ կը գտնէ արժանի քաջաց եւ մեծաց անուան, «վասն որոյ սիրեմ կոչել այսպէս ըստ քաջութեան, Հայկ, Արամ, Տիգրան․ քանզի ըստ իմ քաջաց ազգք քաջքն․ իսկ միջոցքն՝ որպէս դէպ ումեք թուիցի կոչել»։ Թէ այս պատմիչս (Խորենացի) եւ թէ իրմէ ետքն եկողք [11] կ’իմանան թէ Նինոս ակամայ եւ վախով պատուեց զԱրամ իրեն երկրորդ անուանելով․ շատ աւելի անդին կ’անցնի բազնահմուտ Գերմանացի մը (Ռոմմէլ ի Գերմ․ հանրագիտ․ Armenien բառ), զԱրամ ոչ միայն հարկատու չէր ըսելով Նինոսի, այլ եւ անոր յաղթող․ թէպէտ եւ անտարակոյս է որ բարոյապէս յաղթուեցաւ Նինոս յԱրամայ, որոյ քաջութիւնն եւ խելքն չթողուց անոր որ դէպ իհիւսիս յառաջ գայ․ այլ դարձուց յարեւելք, մինչեւ ի Բակարիա, որուն տիրեց ճարտարութեամբ կնկան մը՝ (Շամիրամ) որ տիրեց նաեւ անոր սրտին, եւ յետոյ թագին այլ։

      Գրեթէ բոլոր Նինոսի թագաւորութեան ատեն (52 տարի) ապրեցաւ Արամէ իշխելով հայոց իբր 80 տարի փառօք եւ բարեօք, գուցէ ծերութեանն ատեն իրեն գործակից ունենալով վերոյիշեալ Բարզանը, թէ ոչ եւ յաջորդ․ վասն զի պատմութիւնն՝ որ իրեն յաջորդ եւ որդի կ’ընծայէ զԱրայն գեղեցիկ՝ ասոր կենաց դիպուածով եւ իրեն 12 տարեկան որդի մը (կարդոս) ժառանգ թողլովն այլ՝ կ’իմացընէ որ ինքն Արայ այլ երիտասարդ էր Հայոց իշխած ատեն․ ապա կամ թոռն եւ ոչ որդի էր Արամայ, եւ կամ ասոր ծեր հասակին պտուղ․ ինչպէս կրնանք գուշակել պատմչին այս խօսքէն այլ․ «Բայց Արամ զկնի ամի կենաց իւրոց՝ ծնաւ զԱրայն, յետ որոց եւ այլս բազումս կեցեալ ամաց՝ մեռու»։

Կրնամք առանց կողմնասիրութեան ըսել, թէ ստոյգ կամ ստուգագոյն երեւցած պատմութեան մէջ հնագոյն եւ սիրելագոյն եւ պանծալի կերպարանք մ’է Արամայն․ որ Հայկայ նման շատ յիշատակներ թողած էր աշխարհին մէջ․ որոց մոռացութեան պատճառ կու տայ մեր պատմահաւն (Մարիբաս), մէկ մը այն ժամանակ պատմութիւն գրելու սովորութիւն չըլլալն, մէկ մ’այլ Նինոսի նախանձն եւ իրմէ առջիններուն յիշատակը ջնջելն, որուն հետեւեցան եւ իր յաջորդքն՝ որք տիրեցին այլ Հայաստանի։ Ի վերայ այսր ամենայնի, կ’ըսէ նոյն պատմիչն, թէպէտ եւ բուն թագաւորական պատմութեան գրոց մէջ չգրուեցան այլ, բայց առանձին մանր յիշատակագիրներ եւ երգիչներ անմոռաց աւանդութեամբ թողուցին յետնոց արժանաւոր անձին գործերը, ուսկից յետոյ գիտունք քաղելով գրեցին պատմութիւնը [12] ։



[1]       Քեար ըստ Պարսից պատերազմ, գործ, սերմ

         Վերոյիշեալ բառի մասին կը խօսի նաեւ Փորթուգալ Փաշա Եղիշէի քննադատութեան մէջ Քրպիկար բառի առթիւ (տպ. 1903, էջ 252 ծնթ. 1)։  Ծ․ Հրտ․ 

[2]       Մովսէս Կաղանկատուացի ասէ «կախէ զպարանոցէն»։ 

[3]       Գաղղ. պատմիչն որ գրեաց Hist. Delphinst. Lugdun.

         1498. աւանդէ զԳոմերայ յետ խառնակութեան լեզուացն բնակեալ նախ ի Հայս, ուստի ինքն կամ որդիք իւր անցին ի Փռիւգիա եւ ի Կապպադովկիա, յորմէ սերունդք նորա Ակմոն եւ Ուրանոս սփռեցան ցեզերս Փ. Ասիոյ եւ անցին յԵւրոպէ

[4]       Այլ ոմն ի պատմչաց մերոց գրէ թէ. «Հալածական առնելով ի միջերկրացն՝ զՊատսիքայ ազտիշատեան արկանելով ի կղզի մի յԱսիա»

[5]       Գիտնալու է որ Արամայ ատեն եւ անկէ շատ ետքն այս Կապադովկիոյ գլխաւոր քաղաքն հիմակուանին տեղն չէ, այլ քիչ մը հեռու։

[6]       Բազմահմուտն Ռոմմէլ (Հանրագիտ բռք. ) Ամովս մարգարէին ըսածն . 7. ) « Ո՞չ հանի զԱլազգիս ի Գամրաց» ուր Լատինն կ'աւելցընէ «եւ զԱսորիս ի Կիւրենեայ», կ'իմանայ մեր Արամայ քշած եւ բերած գաղթականները։ 

[7]       Յունական առասպելեաց մէջ կը յիշուի Ակմոն (A։ ) անուամբ չաստուած մը, կամ դիւցազն Սկիւթացի, որդի Մանէի կամ Փանէի, եւ հայր Ուրանոսի եւ Դիդեայ (կամ Դոասայ) (Երկնի եւ երկրի)։ Ասոր համար ընդհանուր պատմութիւն գրողաց մէկն կ'ըսէ թէ Հայաստանէն ելաւ եկաւ ի Կապպադոկկիա եւ իր անուամբ շինեց զԱկմոնիա. իրմէ վերջը իր որդին Ուրանոս տիրեց Կապպադովկաց եւ Հայոց․ Ուրանոսի որդին ալ պապուն անուամբ Ակմոն ըսուեցաւ. ասոնցմէ առաջ եկան Կապպադովկաց թագաւորք։ Չգիտեմ ուսկի՞ց առած է հեղինակդ այս զրոյցը, որ կը յիշեցընէ մեր Արամայ գործը, ժամանակին ալ յարմար կու գայ. վասն զի 2025 տարի Ն. Ք. կը դնէ զԱկմոն

[8] «Յերկարեալ ժամանակս լինել յարեւմուտս»: Խոր. Ա. ԺԵ. Այսպէս կ’իմանայ մեր Յոհ. կաթողիկոս Պատմիչն այլ. «Ընդարձակեալ ասի հարստահարությամբ բազմաւ զսահմանս Հայոց հասարակ ընդ չորս ոլորտս երկրի... Ոչ միայն զայլս ոմանս դիւրադաւս այլ եւ զԿապադովկեցիս եւս բազում՝ արիական քաջամարտութեամբ ընդ իւրեաւ նուաճեալ սեփականէր»։ 

         Արամայ անձնաւորութիւնն ի՞նչ պատմական արժեք ունի արդի քննադատութեան առջեւ:

         Դիտուի որ Ասորւոց նախահայրն եւս Արամ է, (հմմտ. Եւսեբեայ Քրոնիկոնը) եւ Ասորիք այլ իրենց նախահօր պատճառաւ Արամ կոչուած, ճիշդ ինչպէս Հայերը՝ Արմէն։

         Այս նմանութիւնը տեսնելով քննադատներ իսկոյն փորձութիւն պիտի զգան Խորենացին փոխառութեան մէջ գտնալու եւ ուրանալու հայ Արամի գոյութիւնը։ 

         Սակայն Ուրարտագիտութիւնը հակառակ վճիռ կու տայ։ Բաբելացւոց Սալմանասար Բ. ի ժամանակ (860–825 Ն. Ք. Ք) կը գտնենք Վանայ մէջ Արամէ. անուամբ թագաւոր մը, որ անշուշտ հիմնադիրն եղաւ Aramaliի (= Արմաւիր, որ կը նշանակէ քաղաք Արամէի։

         Սոյն Արամ՝ կը թագաւորէր 860–843 Ն. Ք. Ք. ըստ Սանտալճեանի։ Կարող ենք զինքը պատմական իրական նախատիպարն ընդունել հայ Արամին , զոր բնականապէս չափազանց ճոխացուցեր է Խորենացի։  Ծ․ Հրտ

[9]       Վասնզի Ս. Գրոց գրածն «Յերկրէն յայնմանէ ել Ասուր», լաւագոյն կը սեպուի կարդալ «Յերկրէն յայնմանէ Սենարարաք) ել (Նեբրովթ) յԱսուր, եւ շինեաց զՆինուէ»: Ասուր կամ Աթուր որդի է Սեմայ, որուն վիճակուած էր այս երկիրս, եւ իր անուամբ կոչեցաւ հոն շինուած մեծ քաղաքն՝ որ յետոյ Նինոսի անուամբ կոչեցաւ Նինուէ։ «Սա զքաղաքն Աթուր ընդարձակեալ՝ յանուն իւր կոչէ Նինուէ»։ (Վարդան). Մովսէս Քրիստոսէ ԺԶ դար առաջ կը յիշէ զՆինուէ՝ որ Նինոսի անունէն կոչուած է, յայտ է ուրեմն որ Նինոս ալ իրմէ առաջ է, եւ ոչ եթէ իրմէ երկու երեք դար վերջը, ինչպէս ոմանք ի գիտնոց հիմայ կ'ուզեն դնել, (որպէս Նիպուր). Վոլնէյ, Տոնու, Հէերին։ Ոմանք ընդհակառակն զՆինոս եւ զՇամիրամ դնեն ի ԻԲ դարու Ն. Ք։ 

[10]     Բերոս. Աննեան, թէ եւ անհաւաստի, մարթի օժանդակել կարծեացս, զրուցիւքն որ զՍաբաթէոսէ՝ Սակայց առաջնորդէ որով զՀայս իմանայ, եւ ի դէպ գան Արամայ հակառակութիւնք Սամբաթայ ընդ Նինոսի, զորոյ չկարելով զդէմ ունել՝ խոյս տայ յեզերս Սարմատեան ծովուն (Պոնտոսի ?) թագաւորեցնելով ի Հայս զորդի իւր Բարզան։

[11]     Խոր. Ա. ԺԴ. «Երկիւղ կասկածանաց խարդաւանակ լինելոյ իւրոյ թագաւորութեանն զայսպիսիս համարեալ իրագործութիւն (զվրէժ խնդրելն յԱրամայ) ծածկէ զչարութիւնն, եւ հրամայէ նմա զայն իշխանութիւն անկասկածաբար ունել»։ 

         Կաղկ. Ա. «Ջսա Նինոս անուանէ իւր երկրորդ, եւ համարձակութիւն տայ վարսակալ ածել մարգարտեայ, թէպէտ եւ վերին աչօք»։ Նոյնպէս ասէ եւ Սամ. Անեցի։ 

[12]     Խոր. Ա. ԺԵ. « Բայց թէպէտ եւ ոչ ի բուն մատեանսն, սակայն որպէս Մար Իբաս Կատինայ պատմէ, ի փոքունց ոմանց եւ աննշանից արանց ի գուսանականէն այս գտանի ժողովեալ ի դիւանի արքունեաց»