Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

3. ՇԻՐԻՄՔ  ՆԱԽՆԵԱՑ

Որչա՜փ ըղձալի եւ նուիրական եղած է այս դարուս մէջ նախնեաց յիշատակ, եւ ի՞նչ գերազանց ներգործութիւն կ՚ընծայէ հայրենասիրաց սրտին։

Մեր ազգին մէջ մանաւանդ ամէն տեղերէն, ամէն բերանէն եւ ամէն սրտէն բաղձանք ու փափագ կը ցոլանայ. ամէն Անձն «Հայրենի՜ք Հայրենիք Նախնի՜ք Նախնիք» կը կանչէ սիրով կը հառաչէ կարօտով մը։ Եւ այս հողին երախտագիտութեան ծնունդն է որ լուսաւորութենէն  յղացանք։

Մինչեւ գիտէինք կարդալ ու գրել (երեսուն քառասուն տարի յառաջ), գրեթէ եւ ոչ գիտէինք Հայրենիք, ոչ կը ճանաչէինք մեր նախնիք. զի նոցայ առաքինի եւ անմահ յիշատակներ մատենագիր պատմութեանց  մէջ կային գրուած, որոնցմէ շատ քի՛չ մարդ կարող էր լոյս առնել, այն յոյժ սակաւ ու մթին ասել կամիմ քանի որ ընթերցանութիւն կամ ուսումնասիրութուն ընդհանրացած չէր մեր ազգին մէջ ոչ նախնեաց յիշատակ այնչափ զգալի եղած էր։

Իսկ այժմ՝ գոհութիւն Աստուծոյ, կը տեսնամք տաս տարեկանէն  մինչեւ երեկոյեցեալ ծերունի Հայն, թէեւ քանի մի բառ կարդալ գիտենայ, սիրավառ սրտիւ կ՚յիշէ կը յարգէ նախնեաց պանծալի անուն. ո՜հ եւ կը խնդրէ նոցայ անմահ յիշատակներ։

Թերեւս ամէն հայ սիրտերուն թարգման լինելով այն ծերուկ նահապետ, իւր սրտագորով աշխոյժ երգերու մէջ՝ դէպի Հայաստան վառուած իւր բանաստեղծութեան քաղցր հոգուով հայրենասիրական քնարի թելեր կը հարկանէր եւ կ՚երգեր.

«Ով դու ի վաղուց մոռցուած հայրենիք

Ով դու իմ սրտիս անմոռաց տեղիք»։

Նախնեաց յիշատակներ այնչափ մեծ արդիւնք ունին, որ ազգութիւն այնու հաստատ կը մնայ, որ ազգաց մեռելութիւն այնու կը կենդանանայ, Նահատակաց հոգիք այնու կը զօրանայ, եւ հայրենեաց վերանորոգութիւն այն տեղէն կը յառաջանայ։ Ասոր համար, շատ բարբարոս խորամանկ բռնաւորներ երբոր ազգ մի բնաջինջ առնել կամ ազգութիւն ուրանալ տալ ուզէին, նախ այն ազգի մէջ եղեալ գիրքերը կայրէին, կարդացողներ կը սպանէին. Նախնեաց շիրիմներ կը քանդէին, եւ այն ազգի Դիւցազանց, Նահապետաց, Թագաւորաց եւ Քաջաց պատուական ոսկորներ կը փշրէին կամ կը վառէին։ Նախնաշէն դաստակերտներ, բերդեր, դղեակներ, սուրբ եկեղեցիներ կ՚աւերէին եւ բոլոր նշանաւոր տեղեր ու շէնքեր կ՚ոչնչացնէին, որով եւ ազգի մէջէն իսպառ կ՚անհետանայ, այն հայրենասիրական կամ ազգասիրական սրբազան զգացմունքն ու հոգին, եւ ապա կը սկսէին խեղճ ժողովուրդը գերել, տանել, կամ  դարձուցանել իրենց ազգութենէն։

Այսպիսի դառն օրինակներ շա՛տ անգամ կրած ունի մեր թշուառ Հայաստան, ինչպէս է ազգիս անիշխանութեանց ժամանակներ ուրացող Մեհրուժանին արածներ, Ռուբինեանց տէրութեան վերջանալուն օրեր, Լանկթիմուրին չար արիւն ձեռքեր, մանաւանդ խորամանկն  չարեաց Շահ Աբաս, թէ՛ ինչպէ՛ս այնչափ չարչարանօք խեղճ Ջուղայեցի Հայեր Սպահան գաղթական տարած ժամանակ, կը հրամայէ որ  նոցայ բոլոր շէնքեր կործանեն այրեն, եւ որովհետեւ կ՚ուզէր որ Հայեր կենդանի հասնեն իւր երկիր եւ այն տեղեր բնակութիւն անեն, մտածեց որ Էջմիածին քակէ, եւ նորա տաճարի հիման քարերը, հետ տանէ այն կողմ Էջմիածնայ ձեւով մեծաշէն եկեղեցի շինէ, որպէս զի իւրեանց յիշատակը իւրեանց առաջն ունենան եւ սիրտերնին կտրի հայրենիքէն։

Որչա՜փ այսպիսի բարբարոսներ մեր Նախնեաց շիրիմներ քակեցին, այն նուիրական պատուելի ոսկորներ հանին այրեցին, այնչափ ամուր բերդեր, երեւելի քաղաքներ, սուրբ վանորայք եւ եկեղեցիք ողջ քար ու քանդ արին, այն մեր աշխատասէր Նախնեաց ոսկեգիր մատեաններ որչա՛փ այրեցին, եւ որչա՛փ բեռներով գնաց ու անյայտացաւ Լանկթամուրին չարամտութեամբ… ոչնչացաւ։

Ո՛հ, չարաչար յիշատակ։

Թող տալով ուրիշ անգամ խօսիլ ընդհանրապէս մեր Նախնեաց յիշատակներ, միայն մեր Նահապետաց, Դիւցազանց, Թագաւորաց եւ երեւելի իշխանաց շիրիմներու վերայ մի քանի խօսք  անենք։

Մեր  Հայաստան աշխարհ ի սկզբանէ ընդհանուր ազգաց եւ մարդկութեան մէջ հաւասար քաջութիւն, հաւասար զօրութիւն, թագաւորութիւն, իշխանութիւն, դիւցազնութիւն եւ այլ այսպիսի նշանաւոր  կատարելութիւններ ունեցած է, թերեւս եւ շա՛տ տեղ առաջին պատիւ ստացած է, որպիսի են Հայկ, Արամ, Պարոյր, Տիգրան, Վաղարշակ, աշխարհակալ ու յաղթող Արտաշէսներ, միւս Տիգրան, Աբգար, Տրդատ, Վռամշապուհ եւ այլն, որոց  օրով եւ որոց ձեռքով մեծամեծ ու երեւելի  գործքեր եղած են։ Սակայն ի՛նչ որ միւս ազգեր կամ ժողովուրդ իւր դիւցազունքը պատուէր է, մեր Հայաստան այդ մասին պակաս է թողուցեր։ Մեր անմահ անուն Նախնեաց գործքերը, դիւցազնական արիութիւններ, յաղթող եւ անփառասէր հոգիք, այն իրաւասէր  ու վեհ սիրտեր եւ ուրիշ աննման ձիրքերով զարդարեալ անձանց յիշատակ միայն մագաղաթներու վերայ կարող ենք տեսնել, եւ եւս իւրեանց շուրջ եկած, քրտնած ու արիւն թափած տեղեր կը յիշեցնեն մեզ նոցայ ցանկալի կենցաղավարութիւնը։

Հայոց ձոր, Հարք գաւառ, Հայկաշեն դաստակերտն, Գերեզմանք [1], Հայկավանք [2], Աղթամար [3], Արմավիր, Արտաշատ, Վաղարշապատ, Վան, Մասիս, Երասխ եւ այլ այսպիսի նշանաւոր տեղեաց անուններ. սոքա են միայն որ Նախնեաց աշխարհաշէն եւ մեծ հոգւոյն անհամեմատ ձիրքեր կ՚հռչակեն։

Բայց իմ եւ բոլոր հայրենասիրաց ամենըղձալին է, որ նոցայ գերեզմանը մի անգամ ողջունէինք, այն հայրենեաց փրկարար ոսկորներ համբուրէինք, նոցայ վեհ ճակատ, նոցայ հաստաբազուկ  ու լայն թիկունք, նոցայ հսկայափայլ անձանց կազմուածքը գոնէ՛ գերեզմանին մէջ չոր դիակներուն վերայ դիտէինք, ո՛հ, ըղձալի է իմանալ թէ ի՞նչ կերպ եւ ի՞նչ տեղ թաղուած են։

Արդեօք մեր Նախնիք պակա՞ս քան զԱքուլլէս, պակա՞ս քան զհռովմայեցի կիսառասպել դիւցազունքը դիւցազնացան, ի՞նչ էին Սիղղային, Պոմպէոսին, Կեսարու եւ այլ հռչակեալ քաջաց արարքներ, սոսկ կատաղութիւն եւ անգթութիւն, բայց մեր յաւերժայիշատակ Նախնիք ըստ տեղւոյն գիտէին զսպել ու չափաւորել իւրեանց սուրը, գիտէին խնայել եւ ներել թշնամւոյն, աւելի ուրեմն բարոյապէս ու արիապէս արժանի էին բարեաց եւ փառաց ոսկեզօծ արձաններ ունենալ իւրեանց շիրիմներուն վերայ, փառաւորութեամբ պատուել նոցայ նուիրական ոսկորներ, դիւցազնաբան գովեստներով արձանագրել հռչակել եւ յաւիտեան պահել ու պսակել նոցայ արարուածներ. եւ ահ այսպիսի վսեմ յիշատակներով գուցէ կարողանայր մեր հայրենիք ըմբռնել գրկել իւր ծոցին մէջ այնչափ գաղթեալ է կորուսեալ ազգայինք։

Ընդ հակառակն՝ թող զարձան, թող զփառաւորութիւն շիրմաց, խնդրենք, ո՛ւր են տեղիք շիրմաց, ո՛ւր է նշան գերեզմանաց. հողին վերայ խնդրել աւելորդ կերեւի ինձ, այլ միայն մագաղաթներուն ծոցն են մնացեր, ո՛հ ժամանակի դառնութեան եւ յիմարութեան։

Արդեօք եւ որչա՜փ երախտապարտ եմք այն սրբազան ծերունի Խորէնացւոյն, որ միայն պատճառ եղեւ ան մագաղաթներ գոնէ՛ ազգային լեզուաւ ի լոյս հանելու. ապա թէ ոչ, աննշան եւ անգոյ ազգ մի կը ձեւանայինք անշուշտ առանց Նախնեաց, անարմա՛տ, ծառ, ուստի եւ անհաստատ։

Պատմութիւններ կը կարդանք, որ Հայկազանց իշխաններ կամ թագաւորներ Արմավիր կը նստէին. Արշակունիք՝ Դուին ու Արտաշատ քաղաքներ, Բագրատունիք՝ Անին, Ռուբինեանք՝ Սիս, բայց այնինչ նոցայ մահը կը կարդանք, շատ տեղ այսպէս միայն կը յիշեն. «Մեռաւ Արամ, թողլով զիշխանութիւն որդւոյ իւրում Արայի»։ Այլ թէ ո՛ւր տեղ եւ ի՞նչ հանդիսով թաղուեցաւ, կը լռեն։

Բայց մէք միթէ տարակուսի՞մք թէ անշուշտ մեծամեծ ու փառաւոր հանդէսներ եղած են եւ թէ իւրեանց նստած քաղաքներու կամ բնակած տեղերուն մերձակայքը անպատճառ պիտի թաղուած լինին, սակայն աւա՜ղ որ կամ թշնամեաց ժանտ ձեռքէն, կամ ժողովրդեան նուազութենէն ստրկութենէն հետեւաբար աննշան դարձած են մեզ, կամ ինչպէս յառաջն ասացինք, քանդեր ու ապականէր են բռնաւորաց ձեռքեր։

Արշակունի թագաւորաց շիրիմներ Դարանաղեաց գաւառին մէջ Երզնկայու մօտ Անի բերդին եւ Թորդանի մէջ եղած են, որոնց շատերը արդէ ուրացող Մեհրուժանէն կողոպտուեցան, եւ այն յարգելի ոսկորներ ի գերութիւն տարաւ չարն։

Ռուբինեանց վերջին թագաւոր Լեւոն, որ կենօք թշուառ՝ բայց հետ մահուան գոնէ արժանացաւ նշանաւոր շիրիմ ու փառաւոր արձան իւր վերայ ունենալ. թէպէտ օտար, բայց իրաւասէր ազգի մը մէջ, թէպէտ  հեռաւոր, բայց լուսաւոր քաղաքի մը մէջ, այն է Գաղղիացուոց Փարիզ մայրաքաղաք։

Մեր այս թագաւորաց կամ երեւելի անձանց կարգին կը համարուին նաեւ Արծրունեաց թագաւորներ, որոնցմէ յետին եւ դժբախտն Սենեքերիմ, որ ինչպէս պատմիչներ եւս կը վկայէն Սեբաստիա գաղթական գնալով, այնտեղ կտակ կանէ իւր որդւոց, որ զինք Վարագայ վանքը տանեն թաղեն, եւ նոյն իւրեանց հետ տարած Վարագայ Աւագ սուրբ Նշանն ես կրկին իւր տեղը դարձուցանեն։

Այս ստոյգ է որ նորա գերեզման արդէն Վարագայ վանիցս սուրբ Գեւորգ տաճարին յաջակողմեան դասը, իւր տիկին Խուշուշ թագուհւոյն եւ Գետադարձ Պետրոս Հայրապետին հետ մէկ տեղ էր։ (Տե՛ս Արծուի Վասպուրական, հատոր Բ. Փետրուար, 1858)։ Բայց գրեթէ անշուք եւ անփառունակ կը պահուէր։

Արդէն շատուց ՚ի վեր կը փափաքէինք որ օր մի նորա գերեզման շքեղացուցենք, կամ իւր խոր ու խոռոչ դրութենէն բարձրացուցենք։ Անցեալ անգամ օգոստոսի 24-ին, հայր Արծիւ մեր փափաքանաց համեմատ հրամայեց, որ ձեռք զարկինք նոյն գերեզմանի վէմը բարձրացուցել եւ գեղեցիկ ու կանոնաւոր կերպարանք մի տալ։

Ի՛նչ ուրախութիւն մանաւանդ թէ հոգի մի իջաւ մեր ամէնուս սրտին մէջ, այն ինչ ժառանգաւոր եղբարքս խմբովին կաշխատէինք եւ ահա այն պատուական գլուխ եւ ոսկերք նորին Սենեքերիմայ մեր ըղձակաթ աչաց երեւեցան, ո՛հ թէ ի՞նչ ազդեցութիւն ներգործեց  մեր մատաղ հայրենասիրաց սրտին մէջ, անկարելի է պատմել, որք ուրոյն ուրոյն  ջերմեռանդ շրթամբ համբոյր կը նուիրէինք նորին նշխարաց, զի՞նչ յապա եւ Արծուոյ ազգասէր հոգին, ո՛հ, ճշմարիտ կը խօսիմ որ իբրեւ գանձ անգին եւ քան զգանձ մեծագին գիւտ մի այս ոգեւորեց առ հասարակ մեր ամենեցուն սիրտը։

Մի կանգուն հազիւ խորութիւն ունէր հանգստեան դիրքը եկեղեցուոյ յատակէն. արդէն իւր գերեզմանի կափարիչ վէմը հինգ ու կէս ոտնաչափ երկայնութիւն ունէր, բայց գլխուն վիմի երկայնութենէն մի ոտնաչափէն աւելի դուրս էր, եւ թէ գլխոյն գանգը, եւ թէ բազկաց ու սրունգներու հաստութիւն եւ երկայնութիւն զարմանալի տարբերութիւն ունէին հասարակ մարդոց հասակէն, յայտնի կերեւէր նոցայ վերայ վեհութիւն, հսկայութիւն, եւ խոհականութիւն իւր մեծ ճակտի վերա։

Կը կարծէինք որ, Սեբաստիայէն մինչ ՚ի Վարագ բերած են՝ ՚ի հարկէ զմռապատ եւ զարդարուած դագաղով պէտք էր գտնայինք, ինչպէս որ վայել էր թագաւորաց կամ իշխանաց, բոլորովին ցուրտ եւ խոնաւ հողին մէջ տեսանք զինքն, որոյ ոսկորներն եւս տեղ տեղ նոր փտութեան նշաններ ունէին, տարակոյս չեղաւ մեզ ամենեւին, քանի որ գիտէինք քանիցս Վարագայ վանք աւարի եւ կողոպուտ եղած է բարբարոս քրդաց անշուշտ եւ այս գերեզմանին ձեռք զարկած լինին. կամ սուրբ Գէորգ տաճարը, որ Հայոց ՌՃԽ [1691] թուականին նորոգուած է, գուցէ այն ժամանակ բացած լինին. արդէն ոսկորներու շարք եւս տեղ տեղ շփոթեալ, տեսանք, եւ քանիսը պակաս, զորօրինակ ձեռաց մատները եւ այլ այսպիսի մանր կտորներ ոտից մօտ թաղուած էր. կուրծքի ոսկորներ ցրուեալ կը գտնայինք, միայն գլուխ, բազուկներ եւ ոտից սրունգներ կարգաւ դրուած էին։

Արժանի էր գանգի եւ այն հսկայաձեւ ոսկերաց չափը ճշդութեամբ առնուէր եւ այս կարգի մէջ հրատարակուէր, սակայն ինչպէս յայտնի է, մեր Արծուոյ տպարան դեռեւս կը տկարանայ այսպիսի բանէր պատկերի առնել փորագրել եւ հրատարակել։

Ցնծութեան նաւակատիս եղաւ մեզ այն օր, խնդաց բոլոր Վարագ այս շնորհաւոր եւ նշանաւոր հանդիսին վերայ, զուարճախառն տրտմութեամբ ամփոփեցինք կրկին այն պատուական ոսկորներ իւր հանգստարանին մէջ բարձրացուցանելով շիրիմին դիրքը եւ ըստ չափու զարդարեցինք նորա վէմը։ Ամենեքեանս զմայլած եւ վառուած այս հողակրկիտ շիրիմին վերայ, սիրտերնիս զանազան զգացմամբ լցեալ սկսան եռալ եւ առանձին առանձին երգեր յօրինել, որոնցից մէկն հետեւեալ թուով պիտի հրատարակուի։

Ուրիշ անգամ եւս առիթ կունենամք այս եւ այսպիսի նիւթերու վերայ խօսիլ, եւ որչափ կարող եմք, կաշխատիմք տեղեկութիւններ ընծայել հայրենասէր  ընթերցողաց առ այժմ թող բաւական համարուի այսչափս։



[1]            Հայկի պատերազմի տեղ։

[2]            Վանք կամ օթեւանք Հայկայ, Վան քաղաքի պարսպից դուրս հայաբնակ թաղի մը անուն է։

[3]            Աստ յաղթեալ կամ յաղթեցաւ Մար. այսինքն Բել, կղզի է Վանայ ծովուն մէջ. ուր կը նստի կաթուղիկոս։