8.
[ՄՇԵՑԻՆԵՐԻ
ԲՈՂՈՔԱԳԻՐԸ
ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ
ՏԵՂԱՊԱՀԻՆ
ԵՒ
ԱԶԳԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆԸ]
Ահաւասիկ
Մշոյ
դաշտի
գեղացւոց
[1]
…
առ
ազգային
Վարչութեան
[2]
…
քանի
մը
կէտ
փոխելով
ըստ
պատշաճին։
Ասով
կը
ներկայանայ
Տարոնոյ
Հայկազեանց
ցաւալի
եւ
արտասուաց
արժանի
վիճակը,
խղճալիք
հազիւ
կը
հեկեկան
օգնութիւ՜ն.
փրկութիւն
հայցելով։
Անշուշտ
եմք
որ
հայրենասիրաց
սրտեր
շարժին
միջնորդել,
եւ
բարեխնամ
տիրութեան
իրաւանց
ու
գթութեան
արժանի
համարուի
այս
աղերսը.
որով
թշուառ
ժողովուրդ
մխիթարուի՝
միշտ
երախտապարտ
հոգւով
մնալով
հպատակ
եւ
որդի։
******************
Առ
պատրիարքական
Տեղապահ
Ս.
Հայր
մեր
եւ
ազգախնամ
Վարչութեան
ազգիս
Հայոց
ի
Պօլիս։
Ի
խորոց
սրտիս
Ողբախառն
աղերս
Հոգեվարք
է
Տարօն,
այցելութիւն
արէք
իրեն,
գոնէ
իւր
հեկեկանաց
մրմունջը
ձեզ
լսելի
լինի,
իւր
հոգեսպառ
շունչը
ձեզ
հասնի,
օգնեցէք
մեզ։
Տարոնոյ
ժողովուրդ
ցամքած
արիւնով,
չորացած
ոսկերքներով
հազիւ
կշնչէ,
ոհ
եւ
գերեզման
կխնդրէ
իւր
հանգիստ։
Չամուսնանանք
այսուհետեւ,
ամէն
փեսան
թողնի
իւր
հարսը,
թողնի
զաւակ,
իւր
ծնողք,
աղջիկն
ու
մանկտին
գետերու
մէջ
թող
թափին,
ո՜հ
միթէ
Շահապասի
դարն
եմք։
Սէրն
ու՞մ
համար,
զաւակ
թշուառութեա՛ն
համար
…
Երանի՜
թէ
աշխարհ
ունայն
լինէր,
բայց
մեզ
տառապանք,
զրկանք,
վիշտ
լլկանք
ամէն
կողմէն,
վայրկեան
առ
վայրկեան
կսպասեմք
յաջորդ
չարիքներ
կրել
եւ
ոչ
փրկութեան
ակն
ունել
…
ո՜հ,
թերահաւատացանք,
մեղա՛յ
Արարչին,
հաստատեցէք
զմեզ։
Բացուէր
գարուն
մեր
աշխարհ,
բանար
երկիր
իւր
դռները,
երկինք
պարզուել
ամպերէն,
յայնժամ
հայ
պիտի
թողու
զՏարոն,
Տարօն
պիտի
մնայ
անհա՜յ
…
աւաղ
անմարդի
պիտի
մնայ
Մամիկոնեան
երկիր։
Արտասուք
կարկտի
նման
եւ
իբրեւ
սառոյց
կը
թափի
մեր
աչքերէն,
ջերմութիւն
սպառած
է
մեր
երակներէն։
Արարչին
շունչ
եւ
Ազգի
գութ
հասնեն
մեզ,
կենդանացուցանեն
մեր
ցամաքած
ոսկորները։
Սպառած
հոգւով,
վշտագին
ցաւերով
մեր
ձայնը
կարձակեմք…
յոյս
միայն
Աստուած,
յոյս
առ
ազգ,
եթէ
չվաղվաղենք
ժամանել
փրկել,
ապա
մէք
վաղվաղենք
մեր
գերեզմանը
գտնել,
օտարութիւն
համբուրել։
Կորչինք,
կամ
հողին
տակ
մեր
հայրենաց
ծոց,
կամ
հողին
երես
մեր
Հայրենիքեն
դուրս…
ո՜հ
մի
թողուք
զմեզ։
Քանի
ողբանք
չի
սպառիր
մեր
ցաւ,
թէ
յաւիտեան
լամք
մեր
վիշտեր
չեն
պակսիր
դարձեալ։
Կոշտ
մի
հող
ինկած
եմք
հեղեղի
մէջ,
իբրեւ
խռիւ
ինկած
եմք
բոցերու
մէջ,
երանի՜
թէ
այրուէինք
բոլորովին…
ա՜հ
ազատեմք
զմեզ։
Արտաքին
ձեռք
չէ
զմեզ
չարչարող,
մէք
կտանջուինք
մեր
ձեռքէն.
կչարչարուինք
մեր
ազգէն,
իրենց
փառաց
համար
զմեզ
կը
զոհեն,
իրենց
շահուն
համար
զմեզ
կը
վաճառեն…
Գնեցէք
զմեզ։
Արդարութեան
ատեան,
Արքունի
խնամակալութեան
հասուցէք
մեր
ձայնը,
ա՛հ,
թող
շնորհեն
գթութիւն.
դատեն
իրաւամբ…
ալ
դանակ
մեր
ոսկորին
հասած
է։
Քանի՛
տարի
է
այսպէս,
քանի՛
հոգիք
անցան
ու
անհետացան
այս
ճանապարհաւ…
եւ
տակաւին
քանի՛ք
այսուհետեւ։
Այսուհետեւ
Էրզուրումի
ճանապարհները
Տրապիզոնի
լեռները,
Պոլսոյ
նաւահանգիստները,
այն
տեղեր
փնտրեցէք
զմեզ,
մեր
երջանկութիւն
սըրըղ
կրել,
բեռ
բառնալ
եւ
օտար
հողի
վրայ
քրտինք
թափելն
է…
մեր
հողեր
թող
մնան
ամայի,
մեր
ընտանիք
անտէր,
մեր
զաւակներ
անխնամ,
մեր
երկիր
աւէր,
թող
լինի
աւեր։
Մեր
մաճերը
կոտորուած
են,
լուծերը
փշրած,
եզն
ու
գոմէշ,
կովն
ու
մատակ
խառն
ի
խուռն
կսատկին,
ռէսն
ու
համբան
տարակուսած
են,
մաճկալն
ու
հօտաղ
ձեռք
ձեռքի
կցած
յուսահատ
կհային,
շինել
եւ
գործել
կը
վերցուի
մեր
աշխարհից.
ամէն
մարդ
փախչիլ,
ամէն
մարդ
կորչիլ
կը
նայի
եւ
այս
ակնկալութիւն
պիտ
բերէ
մեզ
համար
գարուն…
ա՜հ,
ե՞րբ
պիտի
գայ
գարուն։
Գարուն,
որ
ամէն
աշխարհի
ամէն
բնութեան
զուարճութիւն
բերկրութիւն
կառթէ,
մեզ
համար
ցրումն,
փախուստ,
պանդխտութիւն
եւ
ցաւ,
բայց
չէ
ադոնք
ալ
մեր
զուարճութիւն
են…
մենք
այլ
այդպէս
կմխիթարուիմք։
Թաց
թաց
աչքերնիս
գարնան
ցօղի
հետ
կնուիրեմք
Ազգիս,
Արարչին
առջեւ
դրած
տարածած
սիրտերնիս,
թէպէտ
յուսահատ
ձայնով,
բայց
մեծ
հաւատով՝
Տէրութեան
բարերար
խնամքն
ու
շնորհքը
առ
մեզ
կհայցեմք։
Արդարեւ
բարեխնամ
Տէրութիւն
այն
ինչ
կը
խոստանայ
ի
շնորհս
եւ
ի
խրախոյս
հպատակաց
պարգեւներ
բաշխել
ժիր
երկրագործաց,
այս
կողմեր
դժբաղդութեամբ
մէք
կպատահինք
աւերիչ
կեղեքիչ
անիրաւ
ձեռաց,
զմեզ
կը
քակեն,
որ
զիրենք
շինեն։
Չե՛ն
գիտէր
արդեօք
զհպատակ
քակելով
պետութիւն
կը
վնասեն,
երկիր
աւերելով
Տէրութեան
շահը
կը
պակասեն…։
Մենք
թէպէտ
պատմութիւն
կարդալ
չեմք
գիտէր,
բայց
հասկացուցող
կայ
մեզ,
մեր
այսչափ
եկեղեցիք,
մեծամեծ
վանքեր,
աւերակ
բերդեր,
գեղերու
աւարներու
անունները
կը
քարոզեն
մեզ
մեր
հայրենեաց
նախկին
ճոխութիւն
եւ
լաւ
լաւ
մարդեր,
Վարդան,
Մուշեղ
այսպիսի
անուններ,
այսպէս
իշխաններ
եղեր
են
ի
Տարոն։
Ահ
կը
կանչէ,
վա՛հ
կը
կանչէ
քանի
տեսնանք
զինքը
մեր
ազգասէր
առաջնորդ
Արծիւ,
Հայրիկ,
իր
գլուխ
մեզ
ցաւակից
եւ
իր
սիրտը
մեզ
սգակից
կը
տքնի
կը
ճգնի
մեր
լաւութեան
ու
փրկութեան
եւ
կը
ջանայ
զմեզ
բռնել
հաստատել,
մեր
հայրենիքէն
չթողուր
որ
հեռանանք,
թէ
ոչ
ընդհանուրը՝
գոնէ
տակաւին
մեծագոյն
մասը
պահել
նորա
ծոցի
մէջ։
Ո՛հ
մէք
չեմք
կարող
մեր
հայրենիքը
մոռանալ,
մեր
սարեր
ու
ձորեր,
Եփրատն
ու
ամէն
ջրեր,
մեզ
հաց
տուող
դաշտերն
ու
արտեր,
մեր
սրբոց
շիրիմներ,
մեր
հօր
մօր
գերեզմաններ
ու
նոցայ
յիշատակները
ուրանալ,
թողուլ
եւ
իսպառ
գնալ…։
Օն
ուրեմն,
այս
Արծուոյ
թեւոց
զօրաւիգ
կացէք,
մեզի
գթացէք,
Տարօն
ձերն
է
փրկեցէք,
հոգուով
կամքով
եւ
ջանքով
հաւասար
ի
կարեկցութիւն
ձեր
սիրտերը՝
ի
յոգնութիւն
ձեր
ձեռները
շարժեցէք
չկորսուիք,
չկորսուինք,
այսօր
դուք
մեզի
յոյս
եղիք,
օր
մի
ալ
մենք
ձեզի…։
Դուք
արդէն
գիտէք
զմեզ
չարչարող
բարբարոս
քրդերը.
մեր
մալ
ու
մուլքին
նաեւ
մեր
կեանքին
վնասող
նոքա
են,
բայց
մէք
առաւել
քան
զանոնց
քանի
տարի
է
ուրիշ
տեղերէն
վիշտեր
զրկանքներ
կը
կրենք…
քրդերու
վնաս
ի
քաղաք
պետութեան
կը
բողոքենք,
բայց
քաղքէն
ընդունած
վնա՞ս
որի
բողոքենք։
Թողունք
ուրիշ
տարիներ,
կերպ
կերպ
չարիք
մեծամեծ
վնասներ…
այս
տարուանը
միայն
քանիսը
յիշենք,
չմնաց
դարման
մեր
գեղերը,
պակսեցաւ
աւուր
պարէն
մեր
բերաններէն
եւ
օր
ըստ
օրէ
հրաման
կուգայ,
հարուած
կուգայ
մեզ
վրայ,
կը
խլեն
զյարդն
ու
գարին
մեր
ձեռքէն.
իբր
թէ
փարայով
տասնէն
մէկը
հազիւ
հաշուելով,
ճանապարհներու
ձիւները
հազիւ
մէք
բանալով,
բեռնէր
մեր
քամակով
կրելով,
եւ
մեր
տաւարներ
անօթի
պատելով
մեռցնելով…
Լաւ
է
ուրեմն
չապրիմք.
քան
ապրիմք
եւ
ամէն
կողմից
զրկուինք
չարչարուինք…
լաւ
է
չաշխատինք
քան
աշխատինք
վաստակենք
ու
անօթի
մնանք
մեռնենք…
ո՛հ
երանի
ճնճղուկներուն,
երկնից
թռչունք
երջանիկ
են
օդի
մէջ,
Տարոնոյ
հայ
թշուա՛ռ
է
իւր
հայրենեաց
մէջ։
Ամենամեծ
եւ
անտանելի
զրկանք
եղաւ
մեզի
այս
տարուան
թաշիր.
որոյ
սկսուած,
դիպուած
եւ
ո՛ւր
տեղ
հասածը
ձեզ
յայտնի
է
անշուշտ։
Մենք
կարողութիւն
չունինք
եւ
այժմ
իսկ
չունիմք
մեզ
վերայ
առնել,
բայց
գուցէ
ի
Կարին
արդէն
սուտ
ու
փուտ
թղթերով
եւ
խարդախ
կնիքներով
լեցուցած
են
մեր
գլխաւոր
համարուածներ.
քանիմ
անձինք,
որոնք
երկրին
երեսփոխան
չեն,
ապա
թէ
ոչ
թող
ի
դիմաց
ամէնից
այդ
կնիք
տուողները
վճարեն,
հասարակութիւն
ի
հոգի
եւ
ի
մարմին
մաշուած
թէ
կամաւ
եւ
թէ
ակամայ
կարողութիւն
չունի
տալու,
տունը
քակէ
ծախէ,
եթէ
ունի.
տաւարնե՞րը
վաճառէ,
իւր
բերնի
հացը
կտրէ.
տակաւին
կարող
չէ,
ո՛հ
ժողովուրդ
ցամաքէր
է։
Մէք
առ
հասարակ
մեր
պարտուց
փոխարէն
տալով
տակաւին
ազատ
չեմք
լինիր,
եւ
այսչափ
պարտքեր
այսպիսի
տուրքերեն
եղած
են
մեզ
վերայ։
Հարկերը
իրենց
ուզածին
պէս
բաժնեն
իրենց
ուզածի
չափ
կը
պահանջեն
ու
կառնեն,
ոչ
քաղաքականութիւն
գիտենք
ոչ
օրէնսգիտութիւն,
ոչ
գիր,
ոչ
հաշիւ,
ինչ
որ
ասէին
ճշմարիտ
կը
կարծենք,
ինչ
որ
հրամայէին
իրաւունք
կհամարենք։
Բայց
այսուհետեւ
փոքր
ի
շատէ
եւ
հետզհետէ
պիտի
քննենք,
պիտի
գրենք
եւ
պիտի
բողոքենք
մինչեւ
յերկինս
մինչեւ
բարձրագոյն
դուռը
արդարութիւն
հասնի
մեզ։
Թաշիրի
մասին
շատ
աշխատեց
մեր
Առաջնորդը,
բայց
Առաջնորդի
բացակայութեան՝
յանկարծ
մէկ
գիշերուան
մէջ
քանիմ
հին
եւ
նմանները
զիրար
գտնալով
լարեր
հիւսեցին,
փոսեր
փորեցին,
որոնք
իրենց
շահուց
եւ
պատուոյ
համար
սովոր
էին
աղքատները
վնասել
եւ
կեղեքել,
ահա
այս
անգամ
եւս
զնոյն
արարին։
Յանկարծ
փոխուեցաւ
եղանակ,
վնասուեցաւ
մեր
վիճակ,
վայ
մեր
կեանք,
հրաման
ներհակ,
վճիռ
անիրաւ
եւ
ձախորդ
կերպարանք
զգեցաւ
այս
գործ։
Գուցէ
ցայժմ
մինչեւ
բարձրագոյն
դուռը
հասուցած
լինին
մահսերներ.
կամ
իբր
թէ
մեր
հաճութեան
գիրերը
մեր
կնիքներով,
սակայն
ահա
համարձակ
կը
բողոքենք.
այդ
կնիք
քանիմ
անձանց
է
մինակ,
եւ
այն
ժողուած
են
մեզմէ
կերպ
կերպ
հնարքներով
թէ
սուտ
համոզմամբ,
թէ
բռնութեամբ
եւ
թէ
խոստմամբ
եւ
այնպիսի
միջոցներով,
որոնց
մէջ
երկիւղ
եւ
անիրաւութիւն
կայ,
այսպէս
մեզմէ
կնիք
առին.
իրենք
գրեցին
իրենք
կնքեցին
ու
հաստատեցին
թէ
—
ժողովուրդն
հիւսնիւ
րիզայով
ընդունեց
զթաշիր։
Ոչ,
ոչ
ամենեւին
ոչ,
վասնզի
ո՛վ
կարէ
այսպիսի
բեռ
մի
շալկել,
որոյ
ծանրութիւն
մեր
քամակի
ոսկորներ
կջարդեն։
Ինչ
սովորութիւն
կամ
արտաքոյ
արժանի
իրաւանց
օրէնք
է
այս
միայն
մեր
աշխարհին,
որ
զթաշիրն
գեղացին
առնէ,
մէկին
տեղը
բազմապատիկ
տայ.
եւ
փարա
պիտի
տայ.
կարծես
փարայ
կը
ցանենք
փարայ
կհնձենք։
Եթէ
այսպէս
է
Տէրութեան
օրէնք,
մենք
չխօսինք
երբեք,
ապա
թէ
ոչ
նորա
իրաւանց
շնորհքն
ու
խնամքը
կհայցեմք
փութով
հասնի
մեզ
վերա։
Այս
ամէն
աղէտներ
ու
ցաւեր
բառնալու
համար,
միակ
ճար
եւ
հնարն
է
մի
արդարաբեր,
գորովագութ,
խոհեմ,
հզօր,
հողագործութեան
ուժ
տուող,
բարբարոսները
զսպող,
հպատակները
պաշտպանող
արթուն
եւ
իմաստուն
Գայմագամը
որ
նստի
ի
Մուշ։
Մուշ
չի
կառավարուիր
առանց
փաշայի,
ընդարձակ
է
այս
վիճակ,
մեծ
է
սորա
սահմանները
շատ
են
իւր
բնակիչք.
շատ
մեր
թշնամիք,
անիրաւներ,
բռնաւորները,
որոնց
երեսէն
է,
որ
այսպէս
շատ
խեղճ
եմք
եղեր։
Ի
սէր
Աստուծոյ
մի՛
թողուք
կորսուինք
մէք,
մի՛
թողուք
աւերի
մեր
հայրենիքը,
ապրեցուցէք
զտարոն։
Իւր
ամէն
գեղերով
տառապեալ
հասարակութիւն,
Րէսնէր
եւ
Համբաներ։