Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

16. ՍՈՒՐԲ ԿԱՐԱՊԵՏԻ ՎԱՆՔ ԵՒ ԻՒՐ ՎԻՃԱԿ.
ՀԱՐԻՒՐ ԳԵՂԻՆ ՄԷԿ ԴՊՐՈՑ

Մշոյ Ս. Կ[արապետի] վանքը մեծ աթոռ է, եւ մեծ անուն ունի ազգիս մէջ, եւ ամէն մարդէն մեծ դատաստանի տակ է ոչ միայն այս օր եւ այս տարիներ, այլ գրեթէ ամէն ժամանակ եւ ամէն տարիներ  չափազանց կարծիքներ, չափազանց միտքեր  եւ խօսքեր միշտ եղած են եւ կլինին  սորա եկամտից եւ արդեանց վրայ. այնպէս որ հասարակաց առած եղած է թէ «Ս. Կարապետի վանքը երկու աղբիւր կը վազի, մէկն արծաթ, միւսը՝ ոսկի». Աղէ՛կ չեն ասէր նաեւ թէ «Լեռներ՝ բանջարի տեղ ոչխար տաւար կը բուսի, գետերը՝ եզ ու ձէթ կվազին, եւ հողերը բոլորը՝ ցորեն են»։

Չափազանց արդարեւ ունի իւր մուտքը, չի ուրացուիր, բայց եւ չափազանց եւս ունի ելքը, իսկ թէ մուտքը եւ թէ ելքը իրենց մէջն ալ չափազանցութիւններ կամ չափազեղջումներ ունի՞ն. «Այո» կասենք. բայց ընողները չենք դատապարտէր, քանզի ընել տուած են. կերեր՝ ապա կերցնել տուած են. մեծ ուտողներ եղեր են, որ փոքրերուն ուտել  թոյլ տուած են, եւ ասոր ծայրը Պոլիսեն կը սկսի եւ մինչեւ իր մէջ եղած գործակալաց ու թեմականաց քովը կը վերջանայ, մատակարար երկու կողմին ալ առաջնորդներն են։ Ասածս անցած եւ հին դրութեան համար է, բայց եւ ցարդ դեռ կտեւէ։

Ասոր համար է վանքս ոչ միայն անբարեկարգ մնացեր մինչեւ ցարդ, այլ նաեւ անհաստատ, քանզի իւր վիճակ խիստ վտանգաւոր է, կալուած մի չունի, իր մուտքը միայն ուխտաւորաց տուրք եւ թեմականաց պտղին է. ասիկայ պատահմունք կամ բաղդի բան է, քանզի տարի կայ որ ուխտաւոր չի գար, կամ սակաւ կուգայ, եւ տարի կը լինի որ ժողովրդեան հաց չիգար, մարախէ կամ ուրիշ բաներէ կը վնասուի. հայնժամ ահա վանքիս ամենաթշուառ վիճակը տեսնալու է. քանզի մուտքը իսպառ կը հատնի. իսկ ելքն ու ծախքը լրիւ իր չափն ունի։ Այս երկու տարուան մէջ ի՞նչ նեղ եւ խիստ օրեր անցուց, եւ դեռ ի նոյն կը տքնայ, պատճառը՝ թեմերէն հաց քիչ եկաւ։

Զայս այսպէս տեսնող, պահ  մը կը տարակուսի, բայց եւ չի լռէր դարձեալ իր չափազանց կարծիքէն, ու ազգիս բոլորի հետ կը կոչէ այսօր  «Բարեկարգութի՜ւն այս վանքին»։ Միաբանն ալ բարեկարգութիւն կը կոչէ թեմականն ալ, ուխտաւորն ալ, վերջապէս բոլորն ալ նոյնը կը կոչեն եւ Վարչութիւն՝ որ պիտի բարեկարգէր այս վանքը, դեռ պիտի բարեկարգէ։

Բարեկարգութեան մեծ  ճիւղը՝ տնտեսական  կառավարութիւնն է իսկ բարոյապէս՝ դպրոցն է. հարիւր գեղ ունի իր թեմ Ս. Կարապետ վանքս, չասենք աւելի, իսկ իւր դպրոցը քսան տղայի հազիւ բաւական շէնք մը ունի, թեմականք ալ արթնացած են կուզեն  իրենց որդիք կարդան ամէնքն ալ կուզեն որ ի Սուրբ Կարապետ բերել կարդալ տան։

«Ազգ ենք, կըսեն, արդիւնք կուտանք վանքին, մեր տղայք պիտի գան կարդան»։ Ասոր հետ շատ մը իրաւունքներ եւ փաստեր ալ կխօսին։ Բայց  թէ հաշուենք՝ եւ այդ իրաւունքը ի գործ դրուի. հինգ հարիւրէն աւելի տղայ պիտի ունենայ վանքիս դպրոց, այս մինակ թեմերէն. իսկ այլ եւ այլ կողմերէն էկող եւ «Ազգ եմ» ըսող ու մնացողն ալ՝ անթիւ կլինին. յայտնի բան է որ այս այսպէս չի լինիր։

Կայ նաեւ թեմականաց ձեռքը ուրիշ իրաւունք մի եւս, որում մէք ալ  ձայնակից եմք, եւ այս է։ Վանքս վեց վիճակ ունի  իրեն թեմ։ Պուլանըխներ, Խընուս, Չուխուր, Մուշ եւ Դաշտ, Ճապաղջուր եւ Վարդօ։ Պուլանըխէն չորս տղայ չկայ այս դպրոց, Խնուսէն, Ճապաղջուրէն  ու Վարդոյէն եւ ոչ մէկը. Չուխուրայ մինակ մէկ գեղէն երկու տղայ կան, երկուք ալ Մուշէն, մնացեալները Դաշտէն՝ վանքիս մերձակայ գեղերէն են. բոլոր  աշակերտաց թիւը 21 են։ Այդ միւս թեմականներն իրաւունք ունին գանգատելու եւ պահանջելու որ իրենցմէ ալ տղայք ընդունուին վանքիս դպրոց. բայց իրաւունք չունին ով որ ուզէ իր տղան ղրկէ, ընտրանօք պիտի բերուին, եւ վանքիս կարողութեան ու դպրոցի բաւականութեան  չափով։ Արդէն դպրոցս հանդերձեալ է ի մօտս քանիմ աշակերտներ ընծայել ազգին, որք ըստ բաւականին կարող պիտի լինին ուսուցչութեան պաշտօն վարել. եւ մնացողներէն ալ քանիսը պիտի ընտրուին. ի տեղի սոցայ չափով եւ ընտրանէք իւրաքանչիւր թեմերէն նոր աշակերտ պիտի առնուին, այլ առ այժմ թող ներեն փոքր ինչ. Տէր մերձ է, մինչեւ գայ Նա՝ որ պիտի տնօրինէ զասոնք։

Եւ որք միանգամ ամէնքն ալ կուզեն իրենց տղաներ կարդալ սորուին կը գովենք իրենց փափագը, մանաւանդ թէ մեր յորդոր միշտ նոյն եղած է. եւ կառաջարկենք որ իւրաքանչիւր գեղ, կամ՝ երկու, երեք մօտաւոր  գեղեր մէկ լինելով՝ իրենց մէջ բանան դպրոցնէր, որպէս զի ամէնու զաւակներն ալ կարդան իրենց ներկայութեամբ իրենց որդւոց հովանի եւ խնամք առնելով, եւ զաւակաց ուսումունքն ու կրթութիւն՝ ծնողաց պարծանք եւ ուրախութիւն համարելով մանաւանդ թէ իրենք ալ իրենց զաւակաց հետ կրթուելով։

Գեղերու մէջ այս սկսուածքը թող լինին. եւ վանքիս դպրոցը հետզհետէ վարժապետներ եւ վարդապետներ հասցնելով իրենց նուիրէ։

Այս քանի տող այս անգամ գրեցինք, քանզի շատ բանէր տեսանք եւ լսեցինք։ Ժողովուրդ ճանապարհ կխնդրէ՝ առաջնորդ չունի. բայց եւ իր մէջը մէկ մասն ալ կայ որ առաջնորդութիւնը խափանել կը ջանայ, ժողովուրդ լուսաւորելու եւ ինքը առաջնորդուելու կամք չունի…։