Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

7. ՍԻՒՆԵԱՑ ԱՇԽԱՐՀ ԵՒ ՇՈՒՇԻ ՔԱՂԱՔ

Սիւնեաց ընդարձակ  բազմաբնակ աշխարհի հին ճոխութիւններն անցած են իրենց ճոխ  տէրերուն դարերուն հետ։ Ազգային պատմութեանց  Հայաստանի հնախօսութեանց տեղեակ եղողները գիտեն արդէն թէ նախնի Հայաստանի թագաւորութեանց նախարարութեանց կարգին միանգամայն  հասարակութեան մէջ փառքն ու վայելչութիւնը քաջութիւնն  յաղթութիւնը առաւել  մեծ էր այս մասին. Սիւնեաց նախարարները շատ անգամ թագաւորի մը պէս առանին  ինքնակամ պատերազմներ ու յաղթանակներ արած են եղեր իրենց մերձաւոր  սահմանակից զանազան տարազգաց հետ առանձին պատիւ. աւագ իշխանութիւն. մեծամեծ իրաւունք՝ գահերիցութեան կարգ ու աստիճան ունեցեր են։

Իրենց բնակութեան  իշխանութեան սկիզբն է Սիսակ հայկազուն. Գեղամ նահապետի որդին, որոյ անունով այն աշխարհը կոչուէր է  կը կոչուի ցայժմ Սիւնիք եւ բնակիչներն Սիւնեցիք։

Սիւնեաց աշխարհը, ինչպէս որ կերեւի, այնպէս նշանաւոր  երեւելի քաղաքներ չէ ունեցեր, սակայն իւր ամէն գաւառներուն մէջ, գրեթէ եւ ամէն մէկ գեղի մէջ մէկ մէկ բերդ կամ դղեակ ունեցեր է շինուած  նոցայ գեղերն պակաս չէին քաղաքի մը մեծութենէն ու վայելչութենէն։

Լեռնոտ է ընդհանրապէս Սիւնեաց աշխարհը  այն լերանց վերայ մացառներուն մէջ կերպ կերպ գազաններ կան։

Սարերու թիկանց վերայ որերու մէջ դալարախիտ վայրեր ջրերու ափերը այսպիսի տեղեր շինուած են նոցայ գեղերն. զուարճալի է իրենց թէ վաստակը  թէ կեանքը։ Այս  ես սիրեցի այնպիսի տեղուանքն։ Բայց ափսոս շատ գեղեր տեսայ, շատ տեղեր անցայ, որ թափուր դարձեր էին՝ աւերակ։

Սրբութեան վայրեր, վանքեր տաճարներ շատ կան այն կողմերը. գեղեցիկ բլուրներու վերայ շինուած են ամէնը, բայց աւա՜ղ շատերուն հիմունքը միայն կերեւան, քանիսը ինչպէս այրի մնացած են ամայի, ա՛հ. Որոտնավանքը ես տեսայ, որոյ կամարներն ու որմերն տակաւին ողջ էր, բայց շատուց ինքը մնացած էր անտէր, ուստի եւ աւէր, ինչպէս ծերունի մի կուլար ողորմելի, որ ինկած լինէր անխնամ իւր զաւակներից մէջ վայրի անապատին. բայց իւր զաւակներն եւս արդէն չկային կենդանի։ Գեղեցիկ դիրք մի ունէր, ձորի շրթանց վերայ բարձրաւանդակ շինուած էր, տակէն Որոտան գետը որոտալով կանցնէր եւ կարծես նորա աչաց, արտասուքը իւր ջրերի մէջ խառնած ու առած կը տանէր վանքին ստորոտը նոյն գետին եզերքը ահագին գեղ մի, եւ այն էր Որոտան գեղ, ուստի էր սուրբն Յովհաննէս Որոտնեցին. բայց ի՞նչ տեսանք այլ, միայն աւերակ մեծամեծ տներու ու շէնքերու աւերակ, ա՛հ, այն սուրբ տաճարը ինչպէս ժամանակին անմահ արձանը նոյն գեղի միջակէտ գագաթը բաց բարձր ու ահեղ դրութեամբ կերեւայ, իւր վէայ նայողը կամ կը զարհուրի կամ կուլա։

Տաթու վանքը. Ամարաս, Գանձասար, սոքա ամէն մէկն մեյ մէկ բարձր ու մեծամեծ աթոռներ են ուր կը նստեն Սիւնեաց ինքնագլուխ եպիսկոպոսներն կամ Մետրապոլիտները ու Աղուանից կաթողիկոսներն. սոցայ շէնքն ու մեծութիւնն տեսողաց աչքին կվկայէ այն նախկին վեհութիւնն փառաւորութիւնն եւ բազմաց բնակութիւնը, քննող կամ հետաքրքիր մտաց կուտայ եւ այն լոյսն, ճանաչել նախնեաց մեծահաւատ եւ մեծագործ հոգին ու զարմանալի ճարտարապետական արուեստն։

Այս ամէն վանքերը իրենց սեպհական եւ ճոխ ճոխ թեմեր, հողեր եւ ուրիշ կալուածներ ունեցեր են, միայն Տաթեւու վանից կասուի թէ երկու հարիւրէն աւելի գեղ ունեցեր է բոլորովին իւր սեպհական։ Բայց այժմ շատ եւ շատ նուազ ու պակաս են։ Խօթայ վանք, որոյ սեպհական հողին տարածութիւնը երկու օր հազիւ կը շրջագայուի կասէին, այս ժամանակ մի անվարդապետ եւ անմիաբան էր, հետեւաբար եւ անպաշտպան մնալով գրեթէ սեպհականած կլինին այն տեղի բնակիչ քրդերն, սակայն Շուշի քաղաքին հասարակութիւնը եւ իշխանքն քանի դարուց հետէ ազգասիրաբար կտքնին կրկին այս ազգային անգին աւանդը ի կորստենէ ազատել  կարծեմ յաջողութեան հետ էին շնորհիւ արդար եւ ողորմած տէրութեան Ռուսաց։

Այնպիսի  հարստահարութիւններով այսպէս կորուսէր են մեր Հայաստանի շատ վանքերն։

Բնակչաց կամ ժողովրդեան վերայ ձգենք վերայ ձգենք մեր աչքը եւ կը տեսնանք բնական արիութիւն ու սրտի քաջողութիւն ունին ընդհանրապէս խառն թէ Հայ եւ թէ Պարսիկ, ձի հեծնելու եւ զէնք գործածելու զարմանալի յաջողականութիւն ունին. միով բանիւ, մահուանէ չվախցող ու մահը իրենց ոտքին հետ ման ածող մարդիկ են։

Սիւնեաց Հայ ժողովուրդը ազատասիրութեան հոգի եւ նահատակութեան արիւնը իւր անձին մէջ կը կրէ. պարզութիւն է թէ ուտելու թէ հագնելու եւ թէ խօսելու մէջ. չափազանց  ջերմեռանդ եւ երկիւղած են առ Աստուածայինս եւ առ հոգեւորս, բայց դիւրաւ կգայթակղին եւ իսկոյն կը խլեն այն անձը կամ այն հոգեւորականը, որ զիրենք կգայթակղեցուցանէ. նոցայ մէջ գնացող կամ մնացողը։

Ակամայ զմարդն կը բարւոքեն. բայց եւ բարւոյն՝ ինչպէս Քրիստոսին Ովսաննայ կանեն։

Ուսումն չունին, սակայն զգայուն են եւ կ՚հասկնան. միայն քարոզողն է պակաս. իրենց միամտութեան հետ ունին եւ վեհ սիրտ բնականաբար բարձրապարանոց եւ ծանրագլուխ են. թէ եւ գերութեան օրեր շատ քաշէր են, բայց իրենց գլուխը միշտ սէգ պահէր են։ Պարսկին կատաղի եւ անբարիշտ բնութեան ժամանակը դարձեալ Սիւնիք կ՚վայելէր  ու կ՚վարէր իշխանութիւն, փառք, մեծութիւն, եւ այս Մելիքութիւն էր։ Այս աշխարհէն էր այն երեւելի յաղթող եւ քաջ զօրապետն Ռուսաց Մատաթով։ Այս աշխարհի Հայն էր, որ իբր հարիւր երեսուն տարի յառաջ փոքրիկ խումբ մը կազմած եւ իբր թագաւոր կը կռուէր Հայրենի ազատութեան վերա։

Յիշեցէք Դաւիթ Սիւնեցին։

Մելիքութիւնը, զոր յիշեցինք, էր մի կերպ ազնուապետական կառավարութիւն, կամ նախարարական դրութիւն։

Սիւնեաց աշխարհը, որ է Ղարապաղ, հինգ Մելիքութիւն ունէր, բաժանեալ հինգ գաւառներու վերայ, որք էին, Ջրաբերդ, Գիւլստան, Վարանդ, Խաչէն եւ Դուզաղ. սոքա տիրապետութիւն կամ ինքնագլուխ կառավարութիւն էին. վաթսուն կամ եօթանասուն տարի յառաջ կենդանի էին եւ իշխան տակաւին զօրքեր ունէին  կռիւ կանէին. Մելիք Մէջլում, Մելիք Ապով, Մելիք Շահնազար, Մելիք Ալլահվերտի. եւ Մելիք Բախտամ. որոց օրովը տիրացաւ բռնացաւ Իպրահիմ խան չարագործ պարսիկն, եւ վերջապէս իշխեց ողջ Ղարապաղին, տիրեց եւ Շուշուայ բերդին, որ այն ժամանակներն նոր էր շինուած եղեր Հայ Մելիքներէն։ Այլ թէ ի՛նչ սկզբունքով եղեր եւ ի՞նչ վախճանով անցէր է այս Մելիքութիւնն Ղարապաղից ճիշտ  չեմ գիտէր միայն գիտեմ, որ Ռուսաց տիրանալէն հետէ Մելիքութիւն չկայ Ղարապաղի մէջ, բայց նոցայ ժառանգներն այժմ ունին պատիւ Ազնուականութեան տէրութեան առաջ. եւ կարծեմ կայ մնացած իրենց ձեռքը սեպհական միայն քանի մի գիւղեր։

Շուշուայ բերդը որ եւ այժմ Շուշի քաղաք է գլխաւոր տեղի կառավարութեան ողջ Ղարապաղին աստ կնստին քաղաքապետ  ազգապետ իշխանք, դատաւորք. զօրք եւ ամենայն պէտք։

Բնակիչքն ընդհանրապէս Պարսիկ են եւ Հայ, տեղւոյս  հայերէն գաղթական բերուած են Աքուլիսէն. Մեղրիէն, եւ Ղազանչի ըսուած քաղաքէն կամ աւանէն։

Կան նա մէկ մասն, որ այս կողմէն այն կողմէն կամ բուն Ղարապաղու վիճակէն եկած եւ բնակած են։

Տեղւոյս հայ ժողովուրդը կաշխատի առաւելապէս վաճառականութեամբ. զարմանալի ճարտարութիւն ու յաջողականութիւն ունին այս մասին մէջ իրենք վաճառականութիւնը դուրսի  հեռաւոր քաղաքներուն մէջն է իրենց զաւակներն փոքր հասակաւ կը կրթեն առուտուրի եւ հաշուապահութեան մէջ. տասն հինգ տարեկանէն վեր պատանիք կամ երիտասարդներ խիստ քիչ տեսայ եւս. ամէնքն էլ գնացած էին դուրսերն վաճառել եւ գնել. ափսո՛ս որ ուսմունքից կը մնային անգէտ, իսկ այժմ ուրախ սրտով եւ ուրախ յուսով պիտի գրեմ նոցայ մէջ ծնած եւ ոգեւորուած ուսումնասիրութեան եռանդն եւ գործը ազգասիրութեան հոգիք  արդիւնաւոր փորձ։

Բայց ուզելով որ նախ տեղեկութիւն մի տալ Շուշի քաղաքի դրութեան  շինութեանց վերայ, կ՚քաղեմք համառօտութեամբ նոյն տեղի բնակիչ արգոյ Պ. Իսրայէլ Մամիկոնեանցի ստորագրութիւնից, որոյ գրուածի ամբողջութիւնը, թէ եւ հետաքրքրական եւ արժանաւոր, բայց երկար լինելով թողումք միւս մասերն։

«Մեր Շուշի քաղաքը գտնւում է բարձրագիտակ բլրոյ մը վերայ որոյ վերայի շրջապատքն են միապաղաղ  որձաքար վիմոք ի վեր սեպացեալ  ժայռեր։ Սորա մակերեւոյթը անհաւասար եւ խոր խոռոչ դիրք ունի. որ հեռաւոր թիկունքներից եւ կամ միւս կողմից նկատելու ժամանակը երեւում քաղաքի դրութիւնը, արեւելեան կողմից միայն երեւում են գեղեցիկ ապարաններ, որ բնակչաց տներն են. հարաւային եւ հիւսիսային կողմերում մեծ ձորեր կան, որոց միջով անցնում են Քիրսայ եւ Խալի Փալուի լերանց ջրերի գետերը։

Մեր քաղաքը այսպէս բնական ամուր եւ անառիկ լինելուն համար Հայոց նախնի ծերերից անուանւում էր բերդ, Տաճիկներից՝ Շուշի ղալայ, իսկ Ռուսներից Կրեբոստ։

Բնակիչներն չնայելով խորդ ու խոռոչ դրութեան քաղաքիս շինէր են ամենայն տեղ թէ ձորամէջ թէ զառիվայր, եւ թէ թումբերի վերայ միայարկ, երկայարկ եւ եռայարկ տներ, կրաշաղախ ու կոփածոյ քարերով որ ջրին միջից կ՚հանեն, եւ կ՚կառուցեն զայն իբր լեռնական ծանրութիւնով, բայց այս՝ ունի ապագայ երկիւղ անակնկալ դիպուածոյ երկրաշարժութեան։

«Քաղաքիս միջում չկան գնայուն ջրէր, այլ կան շատ ջրհորներ, հորոց ոմանք լինում են քաղցր եւ բարեհամ, ոմանք աղի եւ դառն, որք շինութեանց պիտոյից համար են գործածում, ուստի եւ ըմպելի ջուր գնում են ամենօրեայ ջրավաճառներից գնով արծաթս, եւ այլ մեծատուներ միայն   եւ որք ունին կարողութիւն։ Իսկ աղքատներն ըմպում են հորերի ջրերից եւ շատ առողջ են ապրում։ Եղանակը ցրտային է, եւ յաճախ ձիւն ու անձրեւ կը տեղայ. բայց ամառը շատ զուարճալի է։

«Քաղաքը բաժանւում է երկու մասն, առաջին մասին մէջ, այն է ներքին կողմում, բնակում են տաճիկներն, իբր ձորագաղտակի  մէջ. իսկ երկրորդ մասնում բնակում են հայերն. որք եւ բաժանում են չորս դաս կամ թաղ։ Առաջինն է Աքուլեաց թաղ մօտ տաճկաց որոյ մէջ  կայ խաչապսակ երեք գմբէթաւոր մայր եկեղեցին սուրբ Աստուածածնի  անունով, կառուցուած մեծաքանակ ծախքերով հայոց  գերազնիւ իշխան հանգուցեալ Զոհրապ աղայից։ Երկրորդն է Ղազանչեցւոց  թաղ, որ մականուամբ կոչւում է Հանգիստների Խութ, որոյ մէջն է Ամենափրկչի եկեղեցին միագմբէթ, ու ունի զանգակատուն նոր եւ գեղեցիկ, բարձրագիտակ, խաչապսակ շինուած սրբատաշ քարերով։ Երրորդն է Մեղրացւոց թաղն, որոյ տեղն զառ ի վայր ինկած է, որ եւ կոչւում է Կեաւուր ղալայ, այս մասնում կայ սագաշէն եկեղեցի սուրբ Աստուածածնի, զոր կառուցուած է հանգուցեալ մահտեսի աղա Բաբայն Հախումեանց, հռչակաւոր եւ մեծայիշատակ այրն։

«Իսկ չորրորդն է  այն վերնաբնակիչների թաղն, որ քանի տարի յառաջ տաճկաց հետ խառն կբնակէին եւ կոչւում է Ներքին թաղեցիք, այս մասին մէջ կայ նորաշէն խաչաձեւ եկեղեցին սուրբ Յովհաննէսի  անունով. այս եկեղեցին կառոյց Պ. Յովհաննէս Յովնանեանց ի յիշատակ իւր  հարազատ եղբօր վաղամեռիկ Մկրտչին։

Ի մէջ Մեղրեցւոց եւ Ներքին թաղեցւոց կայ մի մենաստան կուսանաց՝ յանուն սուրբ Աստուածածնի, ունի սա իւր շրջապատն հող եւ պարտէզ. եւ իւրեան սեպհական երկայարկ սենեակներ, զորս կառուցած է իւր  ծախքով բազմաշխատ մայրապետն Հռիփսիմէ կոյս Բահաթուրեանց, ուր բաց հինքենէ բնակում են նաեւեւ հինգ կուսանք։

«Քաղաքիս շուկան կամ հասարակաց առեւտուրի տեղ ինչնում է տաճկաց մասնում, կայ եւ մասնաւոր շուկայ մի Հայոց թաղերումը. որոց գլուխը կայ հրապարակ մի, զոր անուանում են Թոփ խանայ։

Մեր ժողովրդեան արանց կամ կանանց մէջ տակաւին տեղի չէ գտեր նորաձեւութիւնն Փարիզի զգեստներ եւ թէ կան էլ հատ հատ, մատով են ցոյց տալի մանաւանդ կնիկներ, վասն զի իրենք շատ ամօթխած են եւ համեստ թէ հագուստով եւ թէ վարմունքով։

Կայսերական ուսումնարան կայ. ուր ուսում են զանազան ուսմունք եւ լեզուներ Հայ եւ Տաճիկ խառն։ Պարծանօք կը յիշեմ իմ հայրենակցաց գործած յառաջադիմութիւնն եւ պայծառութիւնն նիւթական կենաց հետ նաեւ բարոյական կեանքի մէջ. այսօր Շուշի քաղաքը երկու մեծամեծ  պարծանքներ ունի. Գրատուն եւ Հոգեւոր ուսումնարան Ազգային, որոց օգուտը մեծ պէտք է լինի իմ հայրենեաց լուսաւորութեան մասին ապագայում բայց եւ արդէն իսկ…»։

Բաւական թող լինի այսչափ տեղեկութիւն Շուշուայ քաղաքին վերայ մէջ ինչպէս խոստացանք, քանի մի խօսք էլ անենք այն տեղի ազգայնոց Ազգասէր եւ ուսումնասէր մասին վերա. որով ուրախ լինին մեր ընթերցողք իմանալով որ ժամանակին ձեռքը այն տեղն էլ հասեր է. լուսաւորութեան փափաքը նոցայ սրտի մէջն էլ ծեր է. եւ ահա կշարժին եւ յառաջ կուգան։

Մէք անամբ պատիւ ունեցանք Շուշուայ քաղաքը երեք ամիս մնալու. եւ էնտեղի Ազգայնոց մեծարանքը եւ սէրը վայելելու. նոցայ խորհրդական եւ հրապարակական արիւններն մեր աչքն եւ ուշը գրաւած են. գրեթէ ամէն օր խուրհուրդ է, ամէն օր հոգացողութիւն էր միայն ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ  ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ. քանիցս ճառեր կարդացուեցան. քանիցս ատենախօսութիւններ եղան. եւ ամէն խօսքի մէջ ամէն շունչի մէջ այս էր միայն. ՈՒՍՈՒՄՆԱՐԱՆ  ՈՍՈՒՄՆԱՐԱՆ. ոհ՝ կ՚յիշեմ եւ կ՚սիրեմ ես այն օրը, որ ուսումնարանի հոգաբարձութեան հաշիւը ներկայացուցուէր հասարակութեան առաջ. փինաչին ոսկերչին հետ խառն էր կայնած. գեղացին իշխանին կուշտ կը դիտէր եւ կտեղեկանայր թէ՝ իւր տուած արդիւնքն ինչ տեղ ծախս է եղեր, եւ ի՞նչ շահ ունեցեր է. արդարեւ զարմացան եւ ամէն բերան կօրհնէր այս ժամանակը. կօրհնէր Վեհափառ սրբազան Մատթէոս կաթողիկոսին կեանքը. կօրհնէր եւ նուիրական ջանքն. կօրհնէին եւ ուրախ էին յուսալով որ փութով կը տեսնան իրենց որդիքը լուսաւոր  եւ իմաստուն մարդիկ. իրենց եկեղեցիք պիտի պայծառանան Սիօնի մանկանց բազմութեամբ եւ երգոց քաղցրութեամբ. ուրախ են մանաւանդ, որ պիտի այս ուսումնարանէն ունենան իրենց համար ուսումնական եւ բարոյական ընտրեալ անձինք Քրիստոսի եկեղեցւոյն տնտես եւ զիրենք հովուող հաւատարիմ եւ անձնուրաց եկեղեցականներ. այսպիսիք պակաս են առ այժմ, եւ ժողովուրդը ցաւօք սրտի կաշխատի եւ հոգւով հոգալով կյուսայ վերջացնել այս պակասութիւնը։ Պակասութիւն, որով Քրիստոսի եկեղեցւոյ պայծառութիւնը կնսեմանայ. հոգեւոր բարեգործութիւնք կխրթանան. եւ ժողովուրդը ամէն յառաջադիմութեանց յետս կխաղայ։

Ուրեմն երանի՜ այն ազգին, որոյ եկեղեցականք իմաստուն եւ բարի անձինք են։ Երանի՜ եւ մեր անցեալ եւ ապագայ աչքին. վասնզի նոյն եւ մեր մէջ ունէինք, եւ նա պիտի տեսնամք Աստուծով։ Այո կտեսնենք, եթէ յառաջագոյն պատրրաստենք եւ հոգանք. ահա այս մասին ուրեմն գովութի՜ւն Ղարապաղցոց։

Ազգային լուսաւորութեան եւ յառաջադիմութեան մասին շատ առատ եւ զուարթ տուրքեր կնուիրեն. վերոյիշեալ հոգեւոր ուսումնարանին ընդարձակութեան եւ նոր բարեկարգութեան համար հաստատուն եւ մեծ դրամագլուխ կը կազմէին. եւ շատերն կային նուիրատուաց կարգին վեց հազար, ութ հազար տասն հազար եւ մինչեւ քսան հազար մանէթ խոստացողներ, այսպիսի ընկերական նուիրատուութեամբ սահմանած եւ հաստատած են այն հասարակաց գրատունը, ուր կը ստանան հայերէն  ամէն լրագիրներ եւ ամսագիրներ. նմանապէս եւ Ռուսաց քաղաքական օրագիրներ, հայերէն զանազան գիրքեր, նոր հեղինակութիւններ, այլ կժողովին կկարդան եւ ունկնդրութիւն ու խորհրդածութիւն կանէն ժամանակին վերայ, ազգաց եւ ազգիս վերայ։

Ին՜չ գեղեցիկ միջոց է ժողովուրդ կրթելու եւ լուսաւորելու համար. կցանկամք որ ուրիշ քաղաքներ էլ այսպիսի տեղ մի ունենան, ուր լուսաւորութեան հետ եւ միութիւն կունենան եւ միութեամբ ազգօգուտ բարիք կցանկամք, որ Շուշի քաղաքն էլ աւելի յառաջադէմ եւ յարատեւ լինի իւր սկզբմանց մէջ յօրինակ եւ ի նախանձ այլոց։

Այստեղ կնքել կուզեմ մեր ստորագրութիւնը Ղարապաղու եւ Ղարապաղցի ազգայնոց մասին. նուիրելով մեր սրտին ուրախութեան հետ նաեւ երախտագէտ յարգանաց հաւաստիքը։ Այո Վասպուրական Արծուին հանդերձ իւր ճէտերով սիրելով եւ սիրուելով Ղարապաղու ազգայիններէն, եւ վայելելով նոցայ քաղցր ընդունելութիւնը, կյարգէ եւ կպահէ անմահ ի սրտի նոցայ յիշատակ արժանի, ոչ վասն զի զինքը կսիրեն. այլ վասն զի ճշմարիտ Հայ եւ անկերծ ազգասէր են։

Գ. Սրուանձտեանց

Աշակերտ Ժ. Վ. Վ. Վարագայ