4.
ՏՓԽԻՍ
ՔԱՂԱՔ
ՌՈՒՍԻՈՅ
Կովկասեան
իշխանութեան
մէջ
ամենէն
գլխաւոր
եւ
երեւելի
քաղաքն
է
Տփխիս,
վրաց
թագաւորանիստ
մայրաքաղաք
եղած
էր
յառաջագոյն.
որ
1801
թուականին
Պօղոս
Ա.
Կայսեր
օրով
անցած
է
Ռուսաց
ձեռքը։
Իւր
դիրք
ձորամէջ
է։
Կուր
գետին
ափը
շինուած.
բուն
քաղաքն
է
գետին
հարաւային
արեւմուտք,
որ
յառաջ
շատ
փոքր
ու
անշուք
է
եղեր,
իսկ
այժմ
ընդարձակ
եւ
լարաչափ
փողոցներու,
գեղեցիկ
եւ
պայծառ
շէնքերով
երեւելի
քաղաքաց
կարգը
կ՚համարուի,
մանաւանդ
բնակչաց
յառաջադիմութեամբ,
որ
ըստ
ամենայնի
յաջողակութիւն
ունին
քաղաքական,
ուսումնական,
արհեստական,
վաճառական
եւ
զինուորական
կարգաց
մէջ։
Գետի
միւս
երեսն
է
Հալուապար
ասուած
թաղն,
որոյ
դիրք
դարաձեւ
ստորոտի
վերայ
ինկած
է.
մաքուր
է
եւ
զով
այս
տեղի
օդը,
բնակիչք
ըստ
մեծի
մասին
Երեւանէն
եւ
այլ
տեղերէ
գաղթած
հայերն
են։
Քաղաքի
պատուաւոր
եւ
մեծամեծ
անձինք
քաղքի
մէջ
կ՚նստին
նմանապէս
ամէն
շուկաներ,
առեւտական
տեղեր,
դատարան
եւ
այլն
քաղաքի
մէջն
են։
Տփխիսոյ
բաղնիքներ
ամէն
հանքային
ջրէր
են։
Վրացիք
Թըպիլիս
ասած
են
այս
քաղքին,
որ
կ՚նշանակէ
տաք
ջուր,
այս
անունէն
ելած
է
հայերէն
կոչել
Տփխիս։
Խմելու
աղբիւր
երբեք
չի
գտնուիր
իւր
մէջ.
առ
հասարակ
Կուր
գետէն
կ՚խմեն
ջուր,
սոյն
գետն
է,
որ
քաղքի
բոլոր
պէտքեր
կ՚հոգայ,
ապականութիւն[ն]եր
կ՚մաքրէ,
կ՚լուանայ,
ջրաղացներն
ամէն
այս
գետով
կը
բանեցուցեն,
տօլապներ
հնարած
են
որով
ջուր
կ՚հանեն
այգեստան[ն]երու
վերայ.
շարժական
բաղնիքներ
ունին
յատուկ
ամառուան
համար
շինած։
Քրիստոսի
մկրտութեան
խորհուրդ
ջրօրհնէաց
կարգ
այս
գետին
վերայ
կ՚երթան
կատարել
Ռուսն
եւ
Հայ
առանձին
առանձին
մեծամեծ
եւ
շքեղ
հանդէսներով,
զինուորական
եւ
եկեղեցական
փառաւորութեամբ,
որ
մասնաւոր
ստորագրութեան
արժան
է.
հապա՛
այնչափ
առատ
ձկունք
որ
կը
հանե՛ն
այս
գետէն։
Վերջապէս
Կուր
գետ
Տփխիսեցւոց
կեանքն
է.
իրաւամբ
իրենց
համար
նուիրական
համարուած
է.
վասն
զի
քան
զԳանգեսն
Հնդկաստանի
առաւել
է
սա
Տփխիսեցւոց։
Շէնքերու
մէջ
երեւելի
են
Փոխարքայի
տուն
եւ
պարտէզ,
այն
մեծ
հրապարակի
տուներ,
խանութներ
եւ
կարուանսարաներ,
մանաւանդ
Թամամշով
Գաբրիէլ
Հայ
ազնուականին
կարուանսարայն,
որոյ
նման
շքեղ
եւ
կանոնաւոր
շինուած
հազիւ
տեղեր
կ՚գտնուին,
քառայարկ
կամարակապ
քարէ
եւ
աղիւսէ
շինուած
եւ
ներսէն
ներկուած,
դռներ,
պատշգամներ
կ՚բացուին
չորս
կողմէն
այն
մեծ
հրապարակին
վերայ,
որոյ
մէջտեղ
ինքն
շինուած
է.
այստեղ
կ՚նստին
գլխաւոր
հարուստ
վաճառականներ
եւ
սորա
մէջտեղ
շինուած
է
մի
շքեղ
թէատրոն,
որ
նուիրուած
է
Տէրութեան,
եւ
այժմ
Իտալացի
դերասաններ
վարձու
բռնած
ու
ամէն
շաբաթ
երկու
երեք
անգամ
կ՚ներկայացուցեն։
Արշակունեաց
ազնուական
աղա
Վարդանի
ապարանք
տեսնող
արդարեւ
թագաւորավայել
կ՚համարի,
որ
բոլոր
Տփխիսոյ
եւ
Կովկասեան
քաղաքներուն
մէջ
առաջինն
է
իւր
մեծագործ
եւ
բազմածախ
շէնքով
շատ
տեսնողներ
կ՚վկայէն
որ
Կ.
Պոլսոյ
Տօլմայ
Պահչէի
արքունական
պալատին
թէ
հաւասար
չլինի,
ոչինչ
չէ
պակաս.
բաւական
է
ասել
որ
միլիոն
մանէթ
ծախս
արած
է.
բոլոր
պէտքեր
Եւրոպայէն
բերել
տալով։
Երեւելի
է
նաեւ
այն
մեծ
քարաշէն
կամուրջ,
որ
Վարանցով
իշխանի
փոխարքայի
օրով
շինուած
է
գրեթէ
30
տարի
յառաջ,
որոյ
ի
յիշատակ
նոյն
կամուրջին
գլուխ
մի
պատուական
արձան
կանգնելու
վերայ
էին.
այնինչ
մէք
այն
տեղէն
էլանք։
Փոխարքայ
կ՚նստի
Տփխիս
եւ
կ՚իշխէ
յայսկոյս
Կովկասու
եղեալ
բոլոր
Ռուսաստանին
մինչեւ
՚ի
Պարսից
եւ
Օսմանեան
սահմաններ։
Քաղաքական
ծախսով
աղքատանոց
եւ
հիւանդանոց
կայ
շինուած,
ուր
կ՚խնամուին
անճար
եւ
անկար
անձինք։
Հոգեւորական,
զինուորական
եւ
նահանգական
կամ
քաղաքական
ուսումնարաններ
կան
բացեալ
տէրութեան
ծախսով,
այս
նահանգական
ուսումնարանին
մէջ
կընդունուին
ամէն
ազգէ
աշակերտներ
եւ
կուսանին
զանազան
լեզուաւ
եւ
զանազան
գիտութեամբ
կայ
եւ
աղջկանց
ուսումնարան
գիշերօթիկ,
ուր
կուսանին
առ
հասարակ,
ամէն
ազգէ
աշակերտ։
Արքունական
տպարան
կայ
յատուկ,
որոյ
մէջ
կ՚գտնուին
Ռուսերէն.
Գաղղիերէն,
Հայերէն,
Վրացերէն,
Պարսկերէն
տառեր։
Հեռագիր
(թելեկրաֆ)
կայ
հաստատուած
մինչեւ
ի
Փոթ,
որ
Սեւ
ծովու
եզերք
նաւահանգիստ
քաղաք
մի
է։
Տփխիսոյ
բնակչաց
թիւ
25-30000
տուն
կհաշուին,
բնիկ
քաղաքացի
ըստ
մեծի
մասին
Հայերն
են.
իսկ
մնացեալ
ազգերն
են
Ռուս,
Վրացի,
Պարսիկ,
Մալական,
Գերմանացի
եւ
այլն։
Այս
գերմանացիներ
քանի
հազար
տուն
կան
բնակուած
թէ
այս
տեղ
եւ
թէ
Գանձակու
կողմեր,
այլ
թէ
ինչպէս
գաղթած
են՝
ինձ
չէ
յայտնի,
լաւ
յաջողականութիւն
ունին
հողագործութեան,
տնկաբանութեան,
մեքենական
արուեստից
եւ
զանազան
ձեռագործերու
մէջ,
Հալուա[պա]րու
մէջ
մի
առանձին
թաղ
որոշած
են
իւրեանց
համար,
այն
տեղ
կ՚բնակին
խմբովին
եւ
կարգ
կարգ
ծառատունկներով,
կանոնաւոր
շէնքերով
եւ
գեղեցիկ
պարտէզներով
զարդարած
են
նոյն
թաղը։
Վրացիք
այն
ազգն
են,
որ
թէ
կրօնքով
եւ
թէ
քաղաքական
իշխանութեամբ
միշտ
մերձաւոր
եւ
կախեալ
էին
Հայերէն.
շատ
անգամ
եւ
անխտիր
մի
ազգ
համարուած
են
մեզ
հետ
նախնի
դարուց
մէջ,
նոցայ
մերձաւորութիւն
եւ
մեր
ազգի
քրիստոնեավայել
կամ
բնական
բարեսրտութիւն
այնչափ
վստահեցուցեր
են
մեր
նախնիք,
որ
նոցայ
համար
շատ
կատարելութիւններ
եւ
իրաւունքներ
հնարէր
են,
ինչպէս
է
սուրբ
Մեսրովպին
գիր
շինել,
մեր
Հայոց
կաթողիկոսներէն
ձեռնադրութիւն
եւ
կանոն
վեր
առնել,
կամ
ինչպէս
մեծին
Տիգրանայ,
Տրդատին
եւ
ուրիշ
թագաւորաց
օրեր
իբրեւ
նախարար
կամ
կուսակալութիւն
համարուած
էին
Հայոց։
Կիւրիոն
կաթողիկոսն
եղաւ,
որ
596
թուականին
վեցերրորդ
դարու
մէջ
ընդունեց
Քաղկեդոնի
ժողովք
եւ
բոլոր
Վրացիք
միացուց
Յունաց
հետ
կրօնքով.
որով
եւ
բաժանեցան
Հայաստանէն,
սակայն
կար
իրենց
եկեղեցական
ծիսերու
մէջ
շատ
բան
Հայոցմէ
մնացած։
Այժմ
Ռուսն
ու
Վրացին
անխտիր
մի
ազգ
համարուած
են։
Քարթուլի
կ՚անուանեն
զիրենք
Վրացիք,
Քարթլոս
նահապետին
անունով,
որ
Հայկայ
եղբայրներէն
էր.
սոցա
լեզուն
գիտցողներ
կպատմեն
թէ
իսպառ
Հայերէնէ
շինուած
մի
ճիւղ
է.
եւ
շատ
բառեր
կան
որ
ճիշդ
մեր
լեզուով
կարտասանեն։
Այս
ազգ
բաւական
ժամանակ
թագաւորութիւն
ունեցած
է.
բայց
գրեթէ
մասնաւոր
եւ
ամփոփ
իշխանութեամբ
եւ
միշտ
պաշարեալ
թշնամի
ազգերէն.
որ
մինչեւ
անցեալ
դարը
տեւեց.
սոցայ
վերջին
թագաւորն
անկարող
ու
անօգնական
մնալով,
սոյն
քաղաք
եւ
իւր
ողջ
թագաւորութիւն
յանձնեց
Ռուսիոյ։
Վրացւոց
իշխանութեան
օրէ
մնացած
կայ
մի
տեսակ
ժառանգութիւն,
որ
մինչեւ
ցայժմ
կ՚տեւէ
նոյն
ազգի
նախարարազարմ
եւ
ազնուական
ցեղերու
մէջ.
գեղացի
ժողովուրդներ
կան
որ
իրենց
ինչքն
ու
ստացածը,
հողն
ու
կալուածքը,
ոչխարն
ու
տաւար,
իրենց
աշխատութիւն
ու
քրտինք,
միով
բանիւ՝
իրենց
անձն
ու
կեանք
սեպհական
է
այն
ազնուականներուն,
այսպիսի
ժողովրդեան
ճորտ
կ՚ասեն
Տփխիսեցիք,
որ
կ՚նշանակէ
ստրուկ.
ազգաւ
Վրացի
են
եւ
գլխովին
տնով
ու
տեղով,
կինով
զաւակով
իրենց
տիրոջն
են,
հոգին
միայն
ազատ
է
Արարչին
պահուած։
Բարեբախդ
են
այն
ճորտեր
որ
գթած
ու
խղճմտանքով
տէրեր
կ՚ունենան,
այնչափ
իրաւունք
ունին
տէրեր
իրենց
ճորտերուն
վերայ,
որ
թէ
կանայքն
ու
զաւակներ
ձեռքերէն
առնէ
կամ
տնով
ու
գեղով
որիշի
մը
ծախէ
կարող
է։
Մի
քանի
Հայ
ազնուականք
էլ
[կան]
որ
ճորտեր
ունին,
ինչպէս
են
Արղութեանք,
Բեհբութեանք
եւ
այլն.
բայց
կերեւի
որ
սոքա
Վրաց
թագաւորութեան
օրով
պարգեւ
առած
լինին։
Այս
տարի
Ռուսաց
ազատասէր
բարերար
կայսրն
Աղեքսանդր
Բ
յատուկ
հրովարտակաւ
ազատութեան
հրաման
հանեց
այս
ճորտերուն,
այլ
թէ
ի՛նչ
պայմաններով,
մեզ
անյայտ
է։
Վրացիք
մայր
եկեղեցի
ունին
Տփխիսոյ
մէջ
սուրբ
Սիօն,
որ
քաղաքի
ամէն
եկեղեցիներէն
շքեղ
է,
զարդարուած
ի
ներքուստ
ճարտարագործ
եւ
գեղեցիկ
նկարներով,
ձուլածոյ
պատկերներով,
ոսկեհատ,
մարգարտաշար
եւ
ականակուռ
զարդերով,
որ
յիրաւի
զարմանք
կբերէ
տեսողաց,
նորոգուած
է
այս
եկեղեցին
եւ
պայծառացած
այսպէս
Ռուսաց
ձեռքով,
այն
ժամանակ
երբ
Տփխիսոյ
տէր
եղաւ
Ռուսն,
ցոյց
տուեց
իւր
բարեպաշտութիւն
ո՛չ
միայն
այս
տաճարը
նորոգելով,
այլ
վրաց
ազգի
մեռած
թագաւորներու
շիրիմներ
շինեց
զարդարեց
արձաններով
ու
զանազան
ձեւերով,
եւ
ուրիշ
շատ
աղէկութիւններ
արաց։
Այստեղի
եկեղեցականութիւն
առ
հասարակ
Ռուսաց
լեզուով
եւ
արարողութեամբ
կ՚կատարուի։
Երկու
հազար
տուն
վրացի
հազիւ
կան
Տփխիսոյ
մէջ,
քիչ
կ՚գտնուին
իրենց
մէջ
արհեստաւոր
կամ
վաճառական
աւելի
զբօսասէր
պարապորդ
մարդիկ
են։
Բուն
վրացիք
50-60000
ի
չափ
հազիւ
կ՚հաշուին,
կան
թէ
եւ
վրացերէն
խօսող
ուրիշ
մանր
ազգեր
որ
վրացի
կ՚հաշուին,
որք
առ
հասարակ
կէս
միլիոնէն
աւելի
ազգ
մը
կ՚կազմեն։
Տփխիսոյ
բերդ
շինուած
է
Հալուապարու
մէջ
Կուր
գետին
ափը,
սեպաձեւ
չոր
ապառաժի
մը
վերայ,
սորա
մէջ
կ՚բնակին
բերդակալ
զինուորներ
եւ
այս
տեղ
յանցաւորաց
բանդն
է։
Բերդին
մէջն
է
մի
փոքրիկ
հնաշէն
եկեղեցի
գմբէթաւոր,
որոյ
մէջ
կայ
մի
սուրբ
նահատակի
գերեզման
ասեղնագործ
սփռոցներով
զարդարուած,
Մամիկոնեան
մեծին
Վարդանայ
դուստր
սուրբ
Շուշանն
է
այս
նահատակ.
որ
Է.
դարուն
մէջ
իւր
էրիկ
Վազգէն
վրաց
թագաւոր
քրիստոնէութիւն
ուրացաւ,
եւ
մեր
Շուշանիկ
հաստատ
մնալով
ի
սէր
ի
հաւատս
Քրիստոսի
առաքինաբար
մարտիրոսացաւ,
սոյն
բերդի
ապառաժներուն
վերայ
թափելով
իւր
սուրբ
արիւնը.
սորա
համար
է
որ
ամէն
Հայ
սիրտ
սրտակաթ
բաղձանօք
երբ
այս
տեղ
կ՚մերձենայ՝
ներքին
հոգւով
եւ
սուրբ
զգացմամբ
կ՚լցուի,
գիտես
թէ
Հայու
արեան
հոտ
կ՚բուրէ
այն
չոր
ու
դարաւոր
ապառաժներէն։
Քանի
տարի
յառաջ
բոլորովին
անյայտ
եւ
աննշան
էր
այս
գերեզման.
Տփխիսեցիք
առ
հասարակ
կը
կարծէին
որ
Վրացի
նահատակի
գերեզման
է.
մինչ
անցեալ
տարիներ,
ինչպէս
կպատմեն
մի
ազգասէր
ուսումնական
Հայ
երիտասարդ
քննելով
մեր
եւ
ուրիշ
ազգաց
պատմութիւն[ն]երը
կ՚ստուգէ
որ
սա
իսկ
Շուշանիկն
է
եղած.
սորա
վերայ
բաւական
վէճ
կը
բացուի
Հայոց
եւ
Վրաց
մէջ.
վերջապէս
կը
հաստատուի
Հայ
երիտասարդին
խօսք,
եւ
այն
ժամանակ
Ռուսերէն
կ՚գրեն
գերեզմանին
վերայ
ՍՈՒՐԲ
ՇՈՒՇԱՆԻԿ.
մէկ
կողմէն
եւս
Կարինեանց
գիտնական
եւ
հայրենասէր
Յակովբ
վարժապետն
մի
ոտանաւոր
կ՚գրէ
իբրեւ
ի
բերանոյ
ծերուկ
ծառային
Մամիկոնեանց
տան
եւ
կ՚հրատարակէ
զայն
Մեղու
Հայաստանի
լրագրին
մէջ,
որ
կ՚տպագրուի
ի
Տփխիս,
այսպէս
քիչ
քիչ
կը
յայտնուի
ազգայնոց
եւ
այնուհետեւ
ուխտաւորներ
կ՚յաճախեն
երթալ
Տփխիսոյ
բարեպաշտներէն.
մինչեւ
անցեալ
1860
թուին
նոյն
հայրենասէր
եւ
արդիւնաւոր
վարդապետն
մի
թատերգական
ողբերգութիւն
յօրինեց
Շուշանի
նահատակութեան
վերայ
եւ
ներկայացոյց
զայն
քանիցս
անգամ
Տփխիսոյ
հասարակութեան.
զոր
տպագրութեամբ
հրատարակեց
այս
տարի։
Այսպէս
առաւել
կենդանացաւ
յիշատակ
սրբուհւոյն
ի
սիրտ
Հայ
ժողովրդոց։
Տփխիսոյ
մանրամասն
ստորագրութիւն
շատ
տեղեակ
անձին
մը
կ՚կարօտի
եւ
երկար
թերթերու,
մանաւանդ
որ
արդէն
քանիցս
գրուած
ու
տպագրուած
կան,
մէք
որչափ
գրեմք
շատ
պակաս
է,
գուցէ
եւ
տեղ
տեղ
սխալ,
ուստի
ընթերցողաց
ներողամտութիւն
խնդրելով՝
քիչ
մի
եւս
այն
տեղի
ազգայնոց
վիճակն
ստորագրեմք։
Հայեր
այս
քաղաք
գաղթական
եկած
են
Անիէն,
մէկ
մասն
եւս
1828
թուին
Պասքեւիչ
Ռուս
զօրապետին
օրով
Երեւանէն,
Դաւրիժէն
եւ
այլ
տեղերէն
են,
որ
Պարսից
բռնութիւններէն
փախչելով
խումբ
խումբ
դիմեցին
Տփխիս
իբրեւ
ազատութեան
քաղաք,
թէպէտ
ուրիշ
կերպով
էլ
կ՚պատմեն
այս
գաղթականութիւնը։
Կան
մի
քանի
թաղ,
որ
բնակիչներ
իրենց
հայրենեաց
անունով
կ՚կոչուին,
նմանապէս
եւ
եկեղեցիք,
զոր
օրինակ
Երեւանցւոց
թաղ,
Շամքօռեցւոց
եկեղեցին,
Էջմիածնեցւոց
եկեղեցին,
Մուղնայ
սուրբ
Գէորգ
եւ
այլն։
Քիչ
մասն
էլ
արժանայիշատակ
Կարապետ
եպիսկոպոսի
հետ
էկած
Կանոյ
գաղթականներէն
են։
Տփխիսոյ
քաղաքական
կերպարանք
տուող
եւ
զայն
յառաջացուցող
ու
անուանի
արող
Հայերն
են.
սկսեալ
Անւոյ
գաղթականութենէն
մինչեւ
ցայսօր.
քաղաքացի
կոչուելու
կամ
որ
նոյն
է
Ազնուականութեան
պատիւ
ունին
Հայեր.
որք
սոյն
պատուոյ
զօրութեամբ
իրաւունք
ունին
Կայսեր
ներկայանալ,
խօսիլ
եւ
իրենց
տուն
ընդունել,
տուրք
տալէ
եւ
ամէն
եւ
ամէն
հարկերէ
ազատ
են,
եւ
ուրիշ
տեսակ
մեծամեծ
ու
ազատ
իրաւունքներ
ունին։
Ամէն
պատուաւոր
ու
հին
ազնուականներէն
են
Արղութեանք,
որոց
սերունդէն
էր
երկայնաբազուկ
դիւցազն
Մովսէս
Կնեազ
զօրապետ
Ռուսաց
տէրութեան,
որոյ
համբաւ
եւ
անուն
հռչակուած
է
արդէն
ամէն
երեւելի
ազգաց
ու
աշխարհաց
մէջ,
իւր
քաջութեան
անկործան
կոթող
է
Կովկաս
լեռ.
այն
ահագին
սարեր
եւ
ձորեր
Մովսէս
դիւցազնոյն
յաղթական
գործքեր
կ՚պատմեն
եւ
այն
ապստամբ
լեռնացի
ժողովուրդ,
որ
երբեք
անպարտելի
կ՚կարծէր
զինք,
դիւցազնոյս
սրով
մաշեցան
ողջ,
ստուերն
անգամ
բաւական
էր
սարսափեցուցանել
թշնամին,
իւր
անհամեմատ
ձիրքերով,
կորովի
եւ
առաքինի
գործքերով,
անչափ
վստահութիւն
եւ
պատիւ
ունէր
Տէրութեան
առաջ,
եւ
մեծամեծ
բարիք
ու
պարծանք
կը
շահէր
մեր
ազգի
համար։
Բեհբութեանը,
որոց
ցեղէն
էր
Բարսեղ
Կնեազն,
որ
անցեալ
տարուան
Արեւելեան
պատերազմին
ահաւոր
ու
անհնարին
յաղթանակներ
կանէր
Կարսայ
բանակին
մէջ,
առաւել
իմաստուն
հնարներով
եւ
բնական
ճարտարութեամբ։
Ուրիշ
անգամ
կթողումք
այսպիսի
մեծանուն
արանց
յիշատակներ
եւ
դիւցազնական
գործքերը
գրել
՚ի
տեղեկութիւն
ընթերցողաց,
քաղելով
նոցայ
պատմութիւններէն
կամ
հաւաստի
լուրերէն։
Բաց
՚ի
սոցանից
երեւելի
են
Ամատունիք,
Արշակունեանք
(այն
մեծ
ապարանք
շինող)
Լորիս
Մելիքեանք,
Թամամշեանք,
Միրզայանք
եւ
այլն։
Նա
եւ
Արծրունեանք,
որոց
ցեղէն
է
պատուական
եւ
հայրենասէր
Երեմիա
իշխանն
որ
իւր
գովելի
վեհ
ձիրքերով
խոհեմ
եւ
իմաստուն
հանճարով,
իրաւասէր
եւ
ազգասէր
սրտիւ
Տէրութեան
եւ
առ
հասարակ
մեր
Ազգին
առաջ
ակնածելի
ու
հաւատարիմ
պատիւն
ընդունած
է։
Այս
ազգին
վերայ
հետեւեալ
թիւերով
մասնաւոր
տեղեկութիւն
մի
գրել
պատիւ
կ՚համարիմք
մեզ.
մանաւանդ
յերախտագիտութիւն
նորին
բարեբար
խնամոց,
զորս
առատօրէն
վայելեց
մեր
Վասպուրական
Արծուին
իւր
պանդխտութեան
մէջ։
Կան
մի
կարգ
էլ
յարգելի
եւ
ազնիւ
անձինք,
որք
խումբ
խումբ
եւ
ընկեր
ընկեր
կ՚կենան
ու
կ՚շրջին,
սոքա
են
որ
կ՚խորհին
եւ
կ՚քրտնեն
ժողովրդեան
կենաց
ներկայ
եւ
ապագայ
բարիքը,
իրենց
միտքն
ու
հոգին
կաշխատցուցեն
մանկանց
դաստիարակութեան,
երիտասարդաց
կրթութեան,
արանց
իմաստութեան,
կանանց
կատարելութեան
եւ
առ
հասարակ
Ազգայնոց
լուսաւորութեան
համար։
Պատուելի
ուսումնականք
են
սոքա.
որ
թէպէտ
եւ
սակաւ
այլ
զօրաւոր,
յառաջադէմ
իրենց
հանճարով,
գործունեայ
իրենց
կատարելութեամբ,
ազատ
եւ
անվեհեր
անձնանուէր
ազգասիրութեամբ։
Այն
արժանաւոր
անձինքն
են
սոքա,
որոց
ԼՈՒՍԱՒՈՐԵԱԼ
տիտղոսը
կ՚նուիրէ
այս
դար.
որոց
ԲԱՐԵՐԱՐ
անունը
կընծայէ
Հայրենիք։
Այո,
Տփխիսոյ
ուսումնականք
շատ
մասամբ
աւելի
ներհուն
ու
մտածող
անձինք
են,
այսպիսեաց
արդիւնքն
է
որ
ազգայնութեան
հոգին
այնչափ
վառ
ու
կենդանի
պահած
է։
Այսպիսեաց
շնորհքն
է
որ
Տփխիսոյ
հասարակութեան
մէջ
տիրել
սկսած
է
ուսումնասիրութեան
փափաքն
ու
օգտակարութիւն,
արդէն
լրագիրներ
ու
իմաստասիրական
կամ
բարոյական
ամբաթերթեր
կարդալու
եռանդը
վառուած
է,
որոյ
ապացոյց
կարող
եմք
համարել
Մոսկուա
տպուած
Հիւսիսափայլ
եւ
Ճռաքաղ
ամսագիրներ,
Տաճկաստան
եւ
ուրիշ
տեղեր
տպագրուած
ազգային
շաբաթական
լրագիրներ,
բարոյական,
իմաստասիրական
եւ
հայրենասիրական
թերթեր,
թէ
որչա՜փ
փափաքով
կը
ստանան
ու
կ՚կարդան։
Մասնաւորապէս
իրենց
յառաջադիմութեան
ծնունդն
է
Մեղու
Հայաստանի
շաբաթաթերթն
եւէ
Հայոց
աշխարհի
Կռունկ
ամսաթերթ
որ
իրենց
մէջ
կ՚հրատարակուին։
Էնֆիաճեանց
Պ.
Աւետիքի
գրատուն
եւ
Վերծանութեան
թանգարան,
որ
նոր
սկսէր
են
բանալ,
նոր
նոր
հեղինակութիւններ
յօրինել
ու
հրատարակել
ուսումնարաններ
բանալու
եւ
բարեկարգելու
եռանդ
ու
փոյթ
ունենալ,
տպագրատուներուն
օրէ
օր
աւելնալ
ու
ծաղկիլ,
որոց
կարգին
մէջ
անուանի
է
Մելքումեանց
եւ
Էնֆիաճեանց
տպարանը,
որ
հետզհետէ
յառաջադիմութեան
մէջ
կընթանայ։
Տփխիսոյ
հասարակութեան
բնական
է
գրեթէ
տեսարաններ
թատրոններ
եւ
ուրախութիւններ
սիրել,
սորա
համար
ուսումնականք
հնարած
են
ազգային
թատրոններ,
ինչպէս
է
Շուշանիկի
եւ
Միհրդատայ
ողբերգութիւններ.
կամ
քաղաքացւոց
շռայլութիւն
ու
վնասակար
սովորութիւններ
կրթելու
համար,
ինչպէս
է
Պատկանեանց
Պ.
Միքայէլին
շինածն։
Ուր
որ
ման
գաս
քաղքի
մէջ
Հայերու
կ՚հանդիպիս,
Հայերն
են
փողոցնէր
ու
հրապարակներ
զարդարող,
առեւտուր
արող,
մեծաշէն
տներ
կարուանսարաներ
եւ
այգիներ
ունեցող.
դատարանները
նստող
Հայ.
զօրապետ,
ճարտարապետ,
բժիշկ,
ուսուցիչ,
վաճառական,
սեղանաւոր,
արհեստաւոր
սոցայ
շատ
մասը
Հայք
են,
որ
մինչեւ
ի
Փարիզ,
Լոնտօն,
Հնդկաստան,
Պարսկաստան
եւ
Տաճկաստան
վաճառականութեամբ
յարաբերութիւն
ունին,
աւելի
Մոսկուայի
եւ
Պետերբուրգի
մէջ։
Նախնի
հայոց
կերպարանք
ու
հոգին
Տփխիսոյ
ազգայնոց
մէջ
կ՚տեսնուի
փոքր
՚ի
շատէ,
այն
վեհ
հասակներ,
պայծառ
ու
հսկայափայլ
պատկերներ,
այն
գոռոզ
սիրտեր
եւ
սէգ
իշխաններ,
այն
եռանդուն
եւ
սրտոդ
ժողովուրդ,
որ
ոչ
լաց
գիտեն
ոչ
տրտմութիւն,
այլ
միշտ
ուրախ
յաջողակ։
Այն
Հայկազն
զօրապետներ,
իշխաններ
ու
հասարակութիւն
իւրաքանչիւր
հանդէսներու
մէջ
որ
կ՚մտնեն,
դեռ
չտեսնող
կամ
փափաքօղ
մի
Հայու
աչք
յանկարծ
որ
տեսնեն
այնպիսի
փառաւորութեամբ,
նոր
Հայ
նոր
Ազգ
կը
դառնայ,
մեր
նախնեաց
պատկեր
նկատելով
սոցայ
վերա։
Շքանշաններ,
զօրանշաններ,
սուրեր
ու
զէնքեր
Հայերուն
այնպէս
վայելուչ
էկած
են,
իբրեւ
թէ
նոցայ
սեպհական
տէրեր
լինէին,
մեծութիւն,
իշխանութիւն
այնպէ՛ս
արժանաւորութեամբ
կը
վարեն,
ինչպէս
իրենց
բնական
լիներ։
Բայց
եւ
գովելի
մեր
Ազգայինք
այսչափ
մեծամեծ
գործոց
մէջ
ճարտարութեամբ
եւ
անպակաս
կատարելութեամբ
իրենց
հաւատարմութիւնը
յայտնած
են
միշտ
մեծազօր
Տէրութեան,
որով
եւ
Նորին
մեծութիւն
վստահութեամբ
այնչափ
քաղաքական
երեւելի
գործքեր
յանձնած
է
Հայոց
ձեռքը։
ՀԱՅՈՑ
եկեղեցիք
Տփխիսոյ
մէջ
քսանչորս
հատ
են,
առ
հասարակ
գմբէթաւոր
կամարակապ
եւ
գեղեցկաշէն։
Մայր
եկեղեցին
է
վանք
կամ
սուրբ
Էջմիածին
ուր
այժմ
կ՚նստի
վիճակաւոր
Ջալալեան
Սարգիս
Արք
Եպիսկոպոս,
որ
արդէն
իւր
հռչակաւոր
անուամբ
ծանուցեալ
է
շատ
տեղեր,
գովելի
միջոցներ
կ՚մտածէ
ու
կ՚հնարէ
ազգի
յառաջդիմութեան,
որ
իւր
աշխատասէր
մտաց
արգասիքն
են,
թէպէտ
քանի
տարուց
ի
վեր
Սանահնու
հռչակաւոր
վանից
մէջ
հիմնարկած
է
մի
եկեղեցական
դպրոց,
որ
դժբախդաբար,
ինչպէս
կ՚պատմուի,
զանազան
առիթէ
առանց
սկզբնաւորութեան
կ՚մնայ
ցարդ։
Հանգուցեալ
ՆԵՐՍԷՍ
Վեհափառին
հրամանով
Հայաստանի
մէջ
ճանապարհորդութիւն
արած
միջոցին,
եւ
իւր
նախորդ
վիճակաւոր
հանգուցեալ
Կարապետ
Եպիսկոպոսէն
մնացած
որչափ
պիտանի
ու
հետաքրքրական
ձեռագիր
հին
մատեաններ
հաւաքած
ունի,
որ
պահած
է
Սանահնու
մէջ
տպարան
բանալու
եւ
այն
տեղ
հրատարակելու
նպատակաւ,
քանի
ձեռնասուն
կամ
հոգեզաւակներ
ունի,
որ
իւր
առանձին
խնամքով
ուսման
տուած
է,
որոնցմէ
նշանաւոր
են
Պ.
Նիկողայոսն
եւ
Ապովեանց
Պ.
Գէորգն,
Մոսկուայի
համալսարաններ
կրթուած.
առաջին
արդէն
մասնաւոր
դպրոց
ունի
բաց
արած
Տփխիսոյ
մէջ
որոյ
բարեկարգութեան
շատեր
կ՚վկայէն,
երկրորդն
եւս
Պ.
Գէորգ
Ապովեանց
երաժշտութեան
(նօթայի)
եւ
ընդհանուր
պատմութեան
դասատու
է
Ներսիսեան
ազգային
ուսումնարանին
մէջ։
Շնորհակալութեամբ
սրտի
կ՚յիշեմք
նաեւ
նորին
Սրբազանութեան
առ
մեր
Արծիւ
ցոյց
տուած
սէրն
ու
երախտիք,
որ
իրէք
ամսոյ
չափ
խնամօք
ժողովեց
ու
մեծարեց
պանդուխտ
Արծուին
օգնական
եւ
առիթ
լինելով
նորա
նպատակին։
Տփխիսոյ
մէջ
բաւական
ուսումնարաններ
կ՚գտնուին,
սակայն
որը
արքունական
է,
որը
առանձին
մարդիկ
բացած
ու
թօշակով
աշակերտ
կ՚կրթեն,
կ՚մնայ
մի
ուսումնարան
եւս
յիշել
Տփխիսոյ
մէջ,
զոր
արժանայիշատակ
ՆԵՐՍԷՍ
հանգուցեալ
սրբազանին
ազգասէր
ու
առաքինի
կամքը
սահմանեց,
որոյ
բարերար
ու
անչափ
երախտեաց
կշիռ
հատուցանելով՝
Նորին
յաւէրժական
անուամբ
պսակուած
է
նոյն
ուսումնարան
ՆԵՐՍԻՍԵԱՆ
վերտառութեամբ։
Երեք
հարիւր
յիսունի
չափ
մանկտի
կ՚դաստիարակուին
այս
տեղ,
գլխաւորապէս
ազգային
ուժ
եւ
յոյս
այս
վարժարանիս
վերայ
է.
եւ
իրօք
նորին
հիմնադիրն
այնպիսի
հաստատուն
ու
բարեկարգ
միջոցներ
հնարած
է,
որ
ոչ
միայն
Տփխիսոյ
այլ
ընդհանուր
Ռուսաստանի
Հայոց
յոյս
է
լոյս
կարելի
է
համարել.
20-25,
000
մանէթի
չափ
եկամուտ
ունի
տարին
անխափան,
մէկ
մասն
խանութներէն
եւ
ուրիշ
կալուածներէն,
մէկ
մասն
էլ
մոմի
մենավաճառութեան
գիներէն.
վասն
զի
Տփխիսոյ
վիճակաւորին
ձեռքի
տակ
եղած
բոլոր
Հայոց
եկեղեցեաց
մոմեր
վարժարանի
կնիքով
պէտք
է
լինի,
որ
ընդունուի,
ապա
թէ
ոչ
արգելուած
է
խստիւ,
այս
միջոցաւ
միայն
10-12000
մանէթ
եկամուտ
կուգայ,
թողում
կտակներ
ու
մասնաւոր
ողորմութիւններ։
Վարժարանի
վերատեսչութիւն
յանձնուած
է
վիճակաւորին
եւ
հոգեւոր
ժողովքին,
նմանապէս
հաշիւ
տեսնել,
բարեկարգութիւն
առնել
սոցայ
ձեռքն
է։
Աշակերտաց
ուսանելի
նիւթերն
են
կրօնագիտութիւն,
ընդհանուր
պատմութիւն,
հայկաբանութիւն,
թուաբանութիւն,
երկրաչափութիւն
եւ
երաժշտութիւն,
Ռուսերէն
լեզու
եւ
Գաղղիերէն։
Աշակերտներէն
վաթսունի
չափ
միայն
ձրիավարժ
են
եւ
գիշերօթիկ,
մնացեալներ
թօշակաւոր
են։
Այս
Ներսիսեան
ուսումնարան
իրաւամբ
մեծ
պարծանք
եւ
մեր
ազգին
այնպիսի
ճոխ
եւ
երեւելի
քաղաքի
մէջ,
30
տարի
կը
լինի
սորա
հիմնարկութիւնն,
առաջին
շէնքը
անյարմար
լինելով
թէ
ըստ
տեղւոյն
եւ
թէ
ըստ
ձեւոյն,
այժմ
ներքին
յարկի
մէջ
դրած
են
Տպարան,
որ
նոյն
ուսումնարանին
ընծայուած
է
Ազնուական
Արծրունեան
Գեւորգ
աղայէն,
իսկ
վերին
յարկը
իբրեւ
պանդոկ
դարձած
է,
ուր
կնստին
պանդուխտ
անձինք,
սորա
վերնայարկի
մեծ
դահլիճին
մէջ
ներկայացուած
են
Շուշանիկի
ողբերգութեան
տեսարան։
Նոր
ուսումնարան
գեղեցիկ
շէնքով
ու
կանոնուոր
ձեւով
Տփխիսոյ
երեւելի
շէնքերու
կարգն
է,
աշակերտաց
շահուիլ
ու
յագուիլ
յարմար
եւ
ըստ
ամենայնի
վայելուչ
է
քաղաքական
կենցաղավարութեան,
ուսումնարանն
Հոգեւոր
եւ
Ազգային
կ՚անուանուի։
Ներսիսեան
ուսումնարանիս
վերայ
այսչափ
միայն
խօսելով
համառօտութեամբ
անցնենք,
մանաւանդ
որ
շատ
պարագաներէ
անտեղեակ
եմք.
հետեւցուցեմք
Տփխիսոյ
Ազգայնոց
ուսանողաց
թիւը
վերոյիշեալ
վարժարաններու
վերայ
չափելով
կամ
տեսնելով.
1000-1200
տղայք
հազիւ
ուսման
կ՚պարապին
եւ
սոցանից
թէ
որ
մաղը
անցուցուի,
կէս
հազիւ
դուրս
կուգայ,
այս
բնական
է
ամէն
տեղաց
իսկ
մնացեալ
հազարաւոր
մանկտիներ
ո՛ւր
են։
Յուսով
եմք,
ինչպէս
որ
իրենց
սրտի
եռանդն
ու
փափաք
տեսանք,
քիչ
օրերէն
ուսմունք
ընդհանրանայ
Տփխիսոյ
մէջ,
տարածելով
իւր
լոյս
առ
հասարակ
Ազգայնոց
վերայ.
որոնցմէ
կը
սպասուի
մեծամեծ
օգուտներ
ու
անշուշտ
յառաջադիմութիւն,
այնպիսի
տեղ,
ուր
նիւթական
կարողութիւն
եւ
բաղդի
յաջողակութիւն
եւս
ձեռնտու
է
նոցա։
Աղջկանց
դաստիարակութեան
օգուտը
լաւ
ճանչնալով
մեր
Ազգայինք,
նոցայ
համար
դպրոցնէր
բանալ
ամենապիտանի
յարկ
եւ
ազգի
լուսաւորութեան
բուն
միջոց
համարուած
է.
այս
մասին
եւս
Տփխիսեցիք
արդէն
սկսած
են
աղջիկներ
կրթութեան
տալ.
այլ
ուր,
Արքունի
ուսումնարանները,
ուր
ձեռագործելու
քնարերգութեան
եւ
լեզուագիտութեան
մէջ
կարծեմ
միայն
կ՚յառաջանան,
պակաս
թողլով
մտացական
եւ
բարոյական
կրթութիւն,
սորա
համար
արդէն
խորհած
են
որ
ազգային
յատուկ
ուսումնարան
բանան
եւ
այն
աղջկանց
սիրտն
ու
միտքը
ընտանի
կերպով
կրթեն,
որ
հանդերձուին
ապագայից
լուսաւորութեան
մայր
լինել։
Բերկրութեամբ
սրտի
կլսեմք,
որ
Արշակունեանց
Աղա
Վարդան
Ազնուականն
բարեպաշտ
ազգասէր
կամօք
բարեհաճել
է
մօտ
օրերս
աղջկանց
ուսումնարան
կառուցանել
Տփխիսոյ
մէջ
եւ
հոգալ
զայն
իւր
ծախսով.
այս
եթէ
ստոյգ
լինի,
ինչպէս
որ
կցանկամք
ի
սրտէ,
ահա
միակ
իսկական
ու
առաքինի
մեծագործութիւն,
որ
հասարակաց
օգուտ
կընծայէ
նիւթապէս
եւ
բարոյապէս,
եւ
այսու
կարժանանայ
նա
ինքն
իրաւամբ
այն
Արշակունեանց
տոհմի
առաքինի
եւ
եւ
վեհանուն
իւր
վերայ
ընդունել
իբրեւ
շինարար
հայրենեաց
եւ
բարերար
ազգիս։
Տփխիսոյ
կանանց
համար
մի
կուսաստան
կայ
քաղքին
մէջ
Սուրբ
Ստեփաննոս
անունով
փոքրիկ
եկեղեցի,
որոյ
սրահին
մէջ
կան
շինուած
մի
քանի
սենեակներ,
որ
կուսանաց
խուցերն
են,
այս
վանք
Բեհբութեանց
շինածն
է
եւ
վանից
գլխաւոր
կամ
մայրապետն
այժմ
Բեհրութեանց
ազգէն
է։
Սոցայ
պաշտօնն
է
այն
տեղի
ժամերգութիւն
անել,
սաղմոս
ասել
եւ
վարագոյր
ու
սփռոցնէր
նախշել
ասղենագործութեամբ,
ուրարակիր
են
եւ
սուրբ
սեղանի
սպասաւորութիւն,
լուսարարութիւն
եւ
դպրութիւն
ամէն
իրենց
վերայ
է,
սեւ
սեւ
վերարկու
կ՚հագնին,
քօղ
կ՚ձգեն
գլխուն
վերայ,
ամէն
անձ
չէ
կարող
սոցայ
կարգին
մտնել,
որովհետեւ
նախ
պիտի
գիտենայ
կարդալ,
երկրորդ
պէտք
է
լինի
կալուածոց
կամ
եկամտից
տէր,
թէ
չէ
Հայրենական
ժառանգութեան
մասն
կամ
օժիտ
հետ
պիտի
բերէ,
ուրեմն
աղքատաց
համար
չէ
այս։
Մի
քահանայ
յատկացած
է
իրենց
համար
ժամ
ու
պատարագ
անելու։
Պաշտօն
մի
ունին
ժողովրդեան
մէջ
այս
կուսանք,
ամէն
մեռելի
տուն
կ՚երթան
անմիջապէս
զոյգ
զոյգ
իբրեւ
մխիթարիչ.
մեծ
պատիւ
ու
ընդունելութիւն
ունին
եւ
մասնաւորապէս
վանքին
եւ
իրենց
համար
թոշակ
կամ
հոգեբաժին
կստանան։
Ուրիշ
կալուածներէ,
այլ
եւ
այլ
տեղեր
եկամուտներ
կայ
այս
վանքին,
որով
օրէ
օր
հարստանալու
հետ
է.
շա՛տ
բարեկարգութեանց
պիտանութի՛ւն
եւ
կարողութիւն
ունի.
պատեհութիւնն
տեսնանք
ե՞րբ։
Տփխիսոյ
ժողովրդեան
ջերմեռանդ
Աստուածապաշտութիւն
գովութեան
արժանի
է,
սակայն
եկեղեցականութեան,
ժամերգութեան
քանի
մը
ծէսերու
մասին
շիտակ
խօսելով
պակսութիւններ
կգտնուին
եկեղեցականաց
պճնասիրութիւն
քիչ
մի
կարգէ
դուրս
է.
դպրութեան
կարգի
մէջ
երգեցիկ
մանկունք
չկան,
թէ
շարական
ասելու,
թէ
պատարագին
երկու
տղայ
հազիւ
կան,
միւս
բանէր
առհասարակ
քահանայք
կամ
սարկաւագներ
կեղանակեն
հաստ
ձայնով.
եկեղեցեաց
յատակը
փռուացքը
չունին,
ժողովուրդ
կօշիկներով
եկեղեցւոյ
մէջ
կը
կանգնին,
շատերն
առանց
ծնրադրութեան,
ոմանց
ձեռքն
էլ
ցուպ
(պաստօն)
բռնած
ոտքի
վերայ
կ՚կենան
մինչեւ
ժամու
վերջ.
հարուստ
իշխանաւորաց
համար
տարին
մի
անգամ
ժամ
գալ
հրաշք
է,
այնպիսիք
կան,
որ
սուրբ
հաղորդութիւնն
անգամ
տուն
կերթայ
կուտայ
քահանայն,
եւ
թէ
պսակն
եւ
մկրտութիւն
անգամ
տան
մէջ
կը
կատարեն
երբեմն։
Սովորութիւն
ունին
Տփխիսոյ
Ազնուականներ
կամ
հարուստ
անձինք,
որ
իրենց
մեռելը,
դագաղով
ու
դիազարդ
կը
թաղեն,
գերեզմաններուն
վերայ
գմբէթ,
արձաններ
եւ
ուրիշ
կամարաձեւ
շինուածներ
կ՚կառուցանեն.
հարուստներուն
որ
մեռել
պատահի՝
երկու
կամ
երեք
օրով
կը
պահուի.
մինչեւ
որ
այն
մեռելի
տէր
որչափ
ազգական,
դրացի
կնիկներ
կան
ամէնուն
սեւ
զգեստներ
ձեւէ
որ
հագնին,
նուագարաններ
եւ
զինուորներ
բերել
տայ.
մի
սեւաքօղ
կառք
սեւաւորուած
ձիերով
ու
կառավարներով
մեռելի
ետեւէն
երթալու
համար,
եւ
այնչափ
կանանց
համար
էլ
զատ
զատ
կառքեր
պիտի
վարձէ,
ճանապարհին
մինչեւ
եկեղեցւոյ
դուռ
եւ
մինչեւ
ի
գերեզմանոց
կանաչ
ծառի
ճիւղեր
կփռէ.
եւ
ապա
Եպիսկոպոս,
Վարդապետներ
եւ
քահանայք
զգեստաւորուած
կուգան
հանդէս,
որ
կենդանութեան
օրով
չեն
տեսած.
այսպիսի
հանդիսի
ծախսը
հազար
մանէթի
չափ
կ՚հաշուէին.
որ
ըստ
մեզ
է
հարիւր
հազար
ղուրուշ,
այսպէս
է
ահա
Ազնուական
մեռելներու
թաղման
կերպը։
Այս
սովորութիւն
է
նա
եւ
այնպիսի
Ազնուական
կամ
տէրութեան
ծառայող
անձանց,
որ
խնամութիւն
կանեն
վրաց
ազգի
եւ
Ռուսաց
հետը։
Չափազանց
շռայլութեան
փափաքը
լաւ
եւս
ախտը
տիրած
է
տփխիսեցւոց
մանաւանդ
կանանց
ազգի
մէջ,
որոյ
վնաս
մեծ
պիտի
լինի
անշուշտ,
եթէ
շուտով
չափաւորութեան
կարգը
գտնել
չփութան.
ինչպէս
որ
իրենք
էլ
զգացած
են
արդէն,
վասն
զի
Եւրոպայի
նորաձեւութիւններ
(մօտաներ)
սկսէր
են
այս
քաղքի
մէջ
յաճախել
եւ
հրապուրել
աշխարհասէր
աչքեր
ու
հեշտասէր
սիրտեր։
Հասարակ
ժողովրդեան
մէջ
կայ
մի
տեսակ
սովորութիւն
որ
մէկին
աղջիկ
տալու
համար
կամ
իւր
փեսայ
անելու,
հարիւրաւոր,
հազարաւոր
մանէթներ
կուտան
աղջկան
հետ,
բաց
ի
օժիտներէն։
Քանի
տարի
յառաջ
Տփխիսոյ
մէջ
սովորական
եղած
էր
ընտանեկան,
առ
եւ
տրական
խօսքեր
եւ
գրութիւններ
առ
հասարակ
Վրացերէն
անել.
սակայն
այժմ
անհետանալու
վրայ
է
գրեթէ,
եւ
այս
անհետանալուն
պատճառ՝
ինչպէս
կ՚պատմեն
Ներսէս
Վեհափառին
շնորհքն
է՝
որ
այնչափ
հոգ
ու
փոյթ
ունեցած
է
Տփխիսոյ
ժողովրդեան
մէջ
ազգային
սեպհական
աւանդութիւններ
կենդանի
եւ
անարատ
պահել,
նոցայ
մէջ
ուսման
եւ
միութեան
սէրը
վառել
քարոզելով,
ուսումնարան
հաստատելով
եւ
դաստիարակելով։
Ցաւալի
բան
է
որ
կը
լսենք
թէ
խոստովանութիւն
անգամ
վրացերէն
կանէն
եւ
դեռեւս
կան
մինչեւ
ցայսօր
այն
պառաւ
անձինք,
որ
վրացեվար
կ՚աղօթեն
յեկեղեցին
եւ
վրացեվար
կ՚խոստովանին
Հայոց
քահանային։
Տփխիսեցւոց
բուն
լեզուն
որ
հասարակութեան
անուսումն
մասի
մէջ
կ՚խօսի,
չգիտցող
ան
չէ
կարող
հասկանալ.
վասնզի
այլայլուած
կերպով
կարտասանեն
բառեր.
զոր
օրինակ
«Էիս
էլի
քի
վրայ
իմ
արմըցած…
գիտումութինդ
էլ
իփուցուա՞յ՝
համա
իս
պահում
թէ
իքմին
գիդիս,
նիղ
օրն
էլ
էս
է,
պէտք
ածա՛յ
էլի».
այսինքն.
«Եւ
ես
քո
վերայ
եմ
զարմացած…
գիտութիւնդ
էլ
ի՞նչ
ժամանակուան
համար
ես
պահած,
թէ
մի
բան
գիտես,
նեղ
օրն
էլ
այս
է,
գործածէ
էլ
ի՞նչ»։
Տփխիսոյ
Հայ
համարուեստք
(համքար)
ասուած
հասարակութիւն
գեղեցիկ
օրէնքներ
ու
կանոններ
ունին.
իւրաքանչիւր
համարուեստք
իրենց
մէջէն
մի
գլխաւոր
ունին
ընտրած,
որչափ
պակասութիւն
եւ
յանցանք
պատահի
իրենց
մէջ՝
ժողովով
այն
գլխաւորին
ներկայութեան
կ՚դատուի
առանց
դատաստան
գնալու։
Եւ
իրաւանց
գին
կամ
յանցանաց
տոյժն
(շտրապ)
սահմանած
են
վճարել
այն
սնտուկին՝
որ
յանձնուած
է
գլխաւորին.
իրենց
մէջ
կ՚դատեն
եւ
կ՚վճռեն
իրենց
վերաբերեալ
ամէն
բաներ.
թէ
պատահի
նոյն
Համարուեստից
կարգէն
մէկ
մեռնի,
կանոնով
պարտաւորուած
են
ամէնքն
էլ
այն
օր
խանութներ
փակել
եւ
երթալ
ի
թաղումն
իրենց
արհեստակցին,
եւ
մնացողը
պիտի
տուժէ։
Աղքատաց,
եկեղեցեաց
կամ
նուիրակաց
ուրիշ
այսպիսի
տուրքեր
տուժանաց
սնտուկէն
կը
վճարեն,
իբրեւ
հասարակաց
արդիւնք
համարելով.
Կասեն
թէ
վաթսունի
չափ
համարուեստ
կան
եւ
իւրաքանչիւր
համարուեստք
մի
կոնդակ
ու
դրօշակ
ունին
շինած
եւ
այն
գլխաւորին
յանձնած,
Բարեկենդանին,
Զատկին,
Կաղանդին
նոյն
համարուեստներ
խմբովին
իրենց
գլխաւորի
տուն
կերթան,
չայ
ու
շաքար
եւ
այլ
ընծաներ
տանելով
հետերնին,
դրօշակներ
բարձրացած
կտրիճ
Հայ
երիտասարդներուն
ձեռքը,
զուռնան
նաղարան
յառաջուց,
խմբովին
ետեւեւանց
ու
կողերից
շարուած
հանդիսով
փողոցէ
փողոց
կանցնեն,
—
թէպէտ
անկանոն,
բայց
գեղեցիկ
հանդէս,
գլխաւոր
կընդունէ
զանոնք
իւր
տուն
եւ
ըստ
արժանւոյն
կպատուէ
եւ
կմեծարէ։
Սուրբ
Ծննդեան
օր,
մանաւանդ
այս
տարի
առաջին
եղաւ
որ
Ջրօրհնեաց
հանդիսին
օր
այն
ահագին
ամբոխը
գետի
տարածութեան
մէջ
ջրին
եզերքը
լցուած,
եւ
այս
դրօշակներ
վայելուչ
կերպով
կարգաւորուած
անկիւն
անկիւն
փողոցաձեւ
շինած
էր
ամբոխին,
այն
Սրբազան
հանդիսին
եւ
ժողովրդական
մեծ
բազմութեան
մի
վսեմ
շքեղութիւն
էին
տուած
գոյն
զգոյն
փայլող
ծածանող
դրօշներ։
Մուշթակռիւ
խաղ
կամ
սովորութիւն
մի
ունին
Տփխիսոյ
հասարակութեան
կտրիճ
մասն,
որ
ինչպէս
կ՚պատմեն
՚ի
վաղուց
մնացած
բան
է.
ներքին
թաղ,
վերին
թաղ
ժողովուած
խումբ
խումբ
բանակ
կ՚կազմեն
ամէն
կիրակի,
աւելի
Բարեկենդանի
եւ
տօնի
օրեր,
կ՚երթան
Հալուապար
ընդարձակ
դաշտի
մէջ
կը
սկսեն
մէկ
մէկու
հետ
կռուիլ,
հազարաւոր
անձինքներէ
մի
ահագին
տեսարան
կ՚բացուի,
երկու
կողմէն
մէկ
մէկ
զօրապետ
կամ
կարգադիր
կը
ձեւանան.
ձիեր
հեծած
խրախոյս
կը
կանչեն,
հրահանգ
կուտան,
եւ
կ՚յարձակին
նախ
ձեռքով
մէկ
մէկի
քթին,
աչքին,
բերնին
կը
զարնեն,
մինչեւ
որ
մէկ
կողմ
սկսի
տկարանալ
տեղի
տալ.
այն
ժամանակ
պարսաքար,
ձեռաքար
ետեւէ
ետեւ
կ՚տեղան
փախչողներու
գլխուն,
հանդիսականներ
տեսնես,
շատն
ազնուական
ու
պատուաւոր
մարդիկ
ձիերով,
կառքերով
էկած
ստակ
կը
բաշխեն,
քաջալերս
կուտան,
պատերազմի
պէս
դղրդիւն,
աղաղակ,
հարուած
ու
փախուստ
կը
գոռան
չորս
կողմ,
զուռնան,
նաղարան
յաղթանակաց
առջեւէն
հնչելով
կերթայ
քաղաք
մտած
ժամանակ
խանութներ
կփակուին,
ապա
թէ
ոչ՝
յաւարի
կերթան։
Հետեւեալ
որ
կը
տեսնես
մէկի
աչքն
է
կապած,
միւսին
թեւ,
մէկին
քիթն
է
ծռած,
միւսին
բերան,
բայց
զարկողն
ու
զարկուողն
մէկ
զմէկ
տեսած
ժամանակ
եղբօր
պէս
սիրով
կ՚վարուին։
Առ
այժմ
այսչափ
միայն
գիտելով
գրեցինք
Տփխիսոյ
ազգայնոց
վիճակ.
՚ի
վերջոյ
շնորհակալութեան
ուղերձներ
նուիրելով
նոցին
հայրենասիրաց
ի
դիմաց
Վասպուրական
Արծւոյն,
որում
մխիթար
սփոփիչ
եղան
այն
պանդխտութեան
մէջ
ըստ
ամենայնի
կատարեալ
եւ
անկեղծ
սէր
ցոյց
տալով,
որոց
յիշատակ
անմոռանալի
երախտագիտութեամբ
կպահէ
Արծիւ
դրոշմած
իւր
սրտին
վերա։
Արծուի
Վասպուրական,
1861,
թիւ
3,
էջ
76-87,
թիւ
4,
էջ
116-125։