9.
ԺԱՌԱՆԳԱՒՈՐԱՑ
ՎԱՐԺԱՐԱՆ
Ի
ՍՈՒՐԲ
ԿԱՐԱՊԵՏԻ
ՎԱՆՔՍ
Այս
առթիւ
յառաջագոյն
քանիմ
խօսք
խօսինք,
ապա
մեր
բնագրին
դառնանք։
Երբ
կսկսինք
ի
գիր
կամ
ի
բերան
առնուլ
Վարժարան
անունը,
իսկոյն
մէկ
զուարճութիւն
ու
զմայլում
մը
կը
տիրեն
ողջոյն
մեր
զգացմանց։
Ո՜
վարժարան,
յորում
…
մարդկութիւն,
աշխարհ,
արքայութիւն,
հայրենիք,
ազգութիւն,
հանճար
եւ
բարոյականութիւն
կուսանիմք։
Այս
տաճար
է,
հորում
սուրբ
հոգին
կը
բնակի
եւ
կը
դաստիարակեն
ի
միտս
եւ
ի
հոգի.
Այս
պարտէզ
է,
յորում…
առուներ
ու
գետեր
վազ
կառնեն
եւ
այն
…
մատաղատի
մանկտի
ծաղիկներ
կը
զուարթացնեն,
այս
աւազան
է,
հորում
մկրտուողներ
առաքինութիւն
անմահութիւն
կզգենուն,
մարդկութիւնից
վեր
կը
քալեն,
ազգեր
կլուսաւօրէն,
սիրտեր
կը
կենդանացունեն…
հայրենիք
կզարդարեն։
…
Իրենք
գեղջուկ
թող
լինին,
թագաւորներ
կը
զարմանան
անոնց
վրայ
նայելով,
մեծամեծներ
կպատկառին
անոնցմէ.
իրենք
են
որ
կարհամարհեն
զաշխարհ,
միանգամայն
եւ
կը
տիրեն
աշխարհին։
Երանի՜
այն
ազգին
այն
ժողովրդեան,
եւ
այն
տան,
որոյ
որդիք
վարժարան
մտած
ուսած
եւ
դուրս
ելած
են,
ո՜հ
անոնց
աչքերը
ալ
թշուառութիւն
չեն
տեսնար։
Շատերը
գրած
են.
մենք
ալ
պիտի
շատ
գրենք,
թէ
մեր
ազգի
քաշած
բոլոր
վիշտերն
ու
անկումը
իւր
տգիտութիւնիցն
է,
եւ
մեր
փրկութեան
ու
կենդանութեան
միակ
ապաւէն
ու
միջոց
գիտութիւն
սորվիլն
է.
ուրեմն
վարժարաններ
պէտք
են
ամէն
գեղի
մէջ,
ամէն
թաղի
մէջ,
ամէն
քաղքի
մէջ,
ամէն
վանքի
մէջ,
վերջապէս
ամէն
Հայի
մէջ։
Չասենք
թէ
աղքատ
ենք
վարժատուն
շինելու՝
վարժապետին
վարձքը
տալու,
գիրք
եւ
թուղթ
առնելու
կարողութիւն
չունինք,
ոչ
ոչ,
աղքատ
չենք
քանի
որ
բաւական
շատ
ենք,
երբ
միանանք
ընկերանանք
մեյ
մէկ
քիչ
բաժին
դնենք՝
բաւական
բան
կունենանք.
Ո՜
ընկերական
հոգի,
որ
տակաւին
անծանօթ
եւ
հեռու
ես
Հայաստանէն,
անոր
համար
անօգնական
ենք
իրարու
եւ
անապաւէն։
Չասենք
թէ
մենք
հողագործ
ենք
կամ
արուեստաւոր,
կարդալ
ի՞նչ
անենք,
Ո՞
եղբայր,
ո՞չ
ապաքէն
առուտուրիդ
համար
հաշիւ
պէտք
է,
արուեստդ
աւելի
կատարեալ
եւ
արդիւնաւոր
անելու
համար
հանճար
պէտք
է,
դու
պարտքեր…
ունիս
կայսեր,
պարտք
ունիս
Ազգիդ.
ընտանեաց
եւ
ընկերիդ,
ադոնց
օրէնքներ
ամէն
կարդալով
կուսանինք։
Առանց
կարդալու
արուեստաւորք
Եւրոպայի
կամ
Ամերիկայի
մէջ
մեքենաներն
են,
որ
կտաւ
կը
հիւսեն,
մեքենաներն
են՝
որ
գործարաններ
կբանեցնեն,
մեր
մէջն
ալ
կան
ահա
եզներ,
ձիեր
եւ
ուրիշ
անասուններ,
որ
կբանին
ու
կարդալ
չունին։
Վա՜յ
վայ
վայ,
տեսա՞ք
ինչի
հաւասարեցանք։
Ափսոս
Հայ
մարդու
անուան
եւ
իւր
կորսնցուցած
փառքերուն,
այսօր
Հայաստանի
մէջ
պալատներու,
բերդերու,
եկեղեցիներու
եւ
վանքերու
աւերակները
լի
են,
բայց
ո՞վ
է
տեսեր
այնչափ
անթիւ
աւերակաց
կարգին
մէկ
տաճար
մը,
որ
վարժարանի
անունով
կնքուած
լինի,
ուրեմն
մեր
նախնիք
ալ
պակաս
են
գտնուէր
այս
մասին,
եւ
անոնց
պակասութեան
պտուղն
է՝
որ
մեր
ճոխութիւն
ու
զօրութիւն
կորսնցնելեն
ի
զատ
խելք
ու
հանճար
ալ
չունինք,
եւ
ասոնց
փոխարէն
ի՞նչ,
չարիք
վիշտք
անհնարինք,
որք
ի
ներքս
մեր
մտած
են
յանուսումնութենէ։
Ստակ
չունինք
կասենք,
թող
որ
աշխատինք
գոնէ
մեր
օրական
հացն
գտնանք
ուտենք,
կարդալ,
գրելն
ինչ
անե՞նք։
Բայց
չէ,
այդ
հաշուով
կսխալինք,
թող
այսօր
մեր
մէկ
հացի
տեղ
կէս
հաց
ճարենք
ու
կարդալու
գրելու
յետինք.
օր
մը
պիտի
հասնինք
այն
վիճակին՝
որ
մէկ
հացի
տեղ
տասն
ունենանք
եւ
հանգիստ
ուտենք
ու
հանգիստ
ապրինք։
Կարդա՜նք,
որ
հարստութիւն
ալ
գտնանք։
Գրքերու
ամէն
մէկ
էջի
եւ
երեսի
մէջ
ոսկիներ
կան
ծալուած։
Տեղն
եկաւ
գրենք,
ցայսօր
շատերու
բերնէն
կը
լսուի
թէ,
քերականութիւն
ինծի
հա՞ց
պիտի
տայ,
կարդալն
ինծի
փարա՞յ
պիտի
բերէ,
լրագիր
ընթեռնուլ
ինծի
քրդերէ՞ն
պիտի
ազատէ,
տուրքե՞րս
պիտի
թեթեւեւցնէ,
արքայութի՞ւն
պիտի
տանի,
երկի՞նք
պիտի
հանէ,
կասէ՜
որչափ
կուզէ.
եւ
շա՛տ
ճշմարիտ
կասէ,
բայց
միայն
չի
հասկնար
ու
կտարակուսի։
Արդարեւ
կարդացողը
հաց
կը
գտնայ,
փարայ
կունենայ,
քրդերէն
ազատ
է,
տուրքը
թեթեւ
է,
արքայութեան
որդի
է,
երկնից
ժառանգ
է,
եւ
աշխարհի
մէջ
պատուելի
ու
սիրելի
է։
Կարդացողն
գիտէ՝
թէ
տէրութիւն
ինչքա՞ն
տուրք
սահմանէր
է,
այնքան
կուտայ.
չկարդացողէն
ինչքան
որ
ուզեն
կուտայ։
Կարդացողն
գիտէ
քրդի
կամ
բարբարոսի
համար
տէրութեան
կառավարութեան
բողոքել
դատ
վաստակել.
չկարդացող
բռնութեան
անիրաւութեան
գերի
է,
ինչ
որ
ուզեն
կը
տանեն,
ու
ինքը
կլռէ։
Կարդացողն
գիտէ
պզտիկ
արտէ
մը
շատ
պտուղ
քաղել,
չկարդացողն
շատ
արտ
ունենայ
եւ
շատ
ալ
ցանէ,
բայց
անօթի
կմնա։
Խղճալի՝
չկարդացող,
թողունք
զաշխարհ…
Ապաքէն
ասա
ինձ
քո
սովորական
խօսքը
թէ
«կարդալ
գրել
տէրտէրին
ու
վարդապետին
է».
ասենք
այո՝
ինչ
եւ
իցէ.
այդ
ալ
բաւական
բան
է.
որոնք
իբրեւ
լոյս
պէտք
է
զժողովուրդ
լուսաւօրէն.
իսկ
եթէ
վարդապետ
ու
տէրտէրն
ալ
կարդալ
չգիտենան,
կամ
կարդացածնին
չհասկնան…
Վա՜յ
մեր
վիճակին։
Արդեօք
գիտե՜նք
թէ
ի՜նչ
աստիճան
թշուառութեան
մէջ
ենք…
Գեղացի
Հայ,
ինչո՛ւ
հետս
կքաշուիս
կարդալէ,
մեր
նախնի
սուրբեր
ու
իմաստունները
շատը
քո
գեղէն
ելած
են,
Խորենացին,
Մեսրովբ,
եւ
այլ
թարգմանիչները,
որոնք
այսօր
կպաշտուին
իրենց
սրբութեամբ
եւ
իմաստութեամբ,
մեյ
մէկ
գեղացու
տղայ
են
եղեր.
բայց
ազգի
մը
լուսաւորիչ
եւ
վերանորոգիչ։
Փառք
իրենց
անմահ
յիշատակին։
Մեր
միտքն
այն
չէր
որ
այսքան
երկար
խօսէինք
այս
տեղ
այս
նիւթին
համար,
բայց
կարգն
այնպէս
բերաւ,
դառնանք
եզրակացնենք
մեր
խօսքը
մեր
բնագրին,
խօսելով
Ժ[առանգաւորաց]
Վարժարանիս
վրայ
որ
ի
Ս.
Կ[արապետ]
վանքս։
Բաւական
տարիէ
ի
վեր
հիմնարկուած
է
այս
տեղ
Ժ[առանգաւորաց]
Վարժարան,
բայց
բաւական
պտուղ
ու
արգասիք
չի
քաղէր
ազգը
ասկէ.
պատճառը
որ
պտուղ
հասուցող
կամ
հասցնել
գիտցող
ալ
չէ
եղեր.
թէ
հաշուի
զարնուի
շատեր
կը
տեսնանք
որ
մտած
են
այս
Վարժարանի
մէջ,
կերած
են
վանքի
հացը,
հագէր
ու
կտրտէր
են
ազգի
զգեստը,
ոչնչացուցեր
են
անգին
ժամանակները
եւ
ազգի
յոյսերը։
Թէ
եւ
եղեր
իզիգայ
Պօղոսի
պէս
անզուգական
ընտիր
ուսուցիչը
եւ
ուրիշները
բայց
թէ
ինչու՞
դարեալ
անպտուղ
դուրս
են
եկեր,
մեզ
կթուի
թէ
խնամակալներ
տեսուչներ
առ
այս
անտես
իսկ
առ
ուտեսդ
արթուն
տնտես՝
հոգիք
են
եղեր,
որոնցմէ
վշտացած
օձիքը
թօթափած
փախչէին
ի
բաց։
Եղեր
են
ոմանք
ալ,
որ
իրենք
զիրենք
յարմարցուցեր
են
նոյն
տեսուչներուն
ոսկեկուլ
գլուխներուն,
եւ
նստած
այստեղ
պաշտօն
վարէր
են
ոչ
ուսուցչութեան
եւ
ի
հոգի
սուրբ
դաստիարակութեան,
այլ
խորամանկութեան,
զօշաքաղութեան
եւ
մարդելուզութեան,
որոց
աշակերտներէն
ոմանք
այսօր
Տարոնոյ
վիճակիս
մէջ
սփռուած՝
իրենց
վարժապետէն
դաս
առած
ձիրքերով
բաւական
ոսկիներ
ունին
գործ
եւ
շահ
կը
տեսնան
եւ
կպատւուին,
առանց
բնաւ
օգնութիւն
մը
կամ
ծառայութիւն
մը
մատուցանելու
իրենց
թշուառ
Հայրենեաց։
Ահա
Ս.
Կ[արապետի]
ժառանգաւորաց
նախկին
վարժարան
եւ
իւր
աշակերտք։
Ցաւի՜նք
թէ
ինչու՞
այսօր
Տարօն՝
վարժապետի,
ուսեալ
վարդապետի,
կրթեալ
քահանայի,
գրողի,
կարդացողի
կարօտ
մնայ.
խե՜ղճ
վիճակ։
Մշոյ
Ս.
Կարապետ
աշխարհին
շնորհք
եւ
իմաստութիւն
կբաշխէ,
ցաւ՜,
որ
իւր
գաւառակից
եւ
բնակակիցները
շնորհաց
եւ
շնորհալի
անձանց
կ՚կարօտին։
Աղքա՞տ
էր
Սուրբ
Կարապետ,
ի՞նչն
էր
պակաս,
ո՛հ
ոչինչ
այլ
ընդ
հակառակն
ամէն
բանով
ճոխ
էր
եւ
առատ.
հոգիմ
չկար
որ
զինքը
հոգար,
վա՛հ
անտէր
աշխարհ։
Չքրքրենք.
շատ
կը
հոտի
այս
հնութեան
մարմինը.
մէկդի
ձգենք
զայն
դառնանք
դէպ
ի
նորն.
կարճն
սկսենք
կարճը
խօսինք։
Առանց
գովեստ
համարելու
գրենք
Ազգասէր
Հայրիկի
խնամքն
եւ
փոյթ
այս
վարժարանի
վրայ,
որ
իւր
նպատակի
առաջին
եւ
վերջին
միակ
կէտն
է.
նա
այսօր
կզոհէ
եթէ
հարկ
լինի.
ամէն
կերպ
անձնանուիրութիւն,
յանձն
առնելով
առնելով
վնաս
նախատինք
հալածանք,
եւ
ամէն
կերպ
վիշտ
ու
արկածքը.
միայն
թէ
պինդ
բռնէ
Ժ[առանգաւորաց]
վարժարան
այսպէս
սկսաւ
ի
Վարագ,
այսպէս
է
եւ
ի
Սուրբ
Կարապետ։
Մեր
գիտցածով
նա
իւր
կոչման
եւ
պարտաւորութեանց
կարգին՝
մեծ
քան
զառաջնորդութիւն,
մեծ
քան
վանահայրութիւն
կճանաչէ
Ժ[առանգաւորաց]
Վարժարանի
տեսչութիւն.
Ժառանգաւորներ
կխնամէ
հասուցանէ
որոնցմով
պիտի
կարող
լինի
թէ
վանքերուն
եւ
թէ
ժողովրդեան
մէջ
բարեկարգութիւն
եւ
լուսաւորութիւն
սփռել,
հաստատել։
Հայրիկ
ի
Սուրբ
Կարապետ
մտաւ.
եթէ
ցարդ
չկարողացաւ
վանքին
ու
բոլոր
վիճակին
մէջ
իր
ուզածին
ազգի
սպասածին
չափ
բարեկարգութիւն
կամ
իրաւանց
օրէնք
մը
սահմանել,
վասնզի
ինքը
մինակ
խոչընդոտները
խիստ
շատ,
բայց
եւ
այսպէս
շատ
գործ
տեսաւ,
որ
ցարդ
ժողովուրդ
ուրիշ
առաջնորդէ
մը
տեսած
չէր։
Եւ
առ
այս
ինքն
ուրախ
եւ
գոհ
է։
Իսկ
այս
վարժարանին
կարողացաւ
գոնէ
եղածին
չափ
անել.
թէ
եւ
ա՛ռ
այս
եւս
մեծամեծ
խոչընդոտներ
ունեցաւ։
38
աշակերտ
էին,
Հայրիկ
իջուց
24-ի
ընտրելով
զանոնք,
որոնցմէ
կայ
յոյս
եւ
արդէն
կերի,
բարեկարգեց
ասոնց
զգեստներ,
անկողինները
նորոգելով,
մաքրել
ու
վայելչացնել
տուաւ
իրենց
սերտարան,
դասարան,
ննջարանը
որոց
նախկին
դրութիւնը
իսպառ
ապականութիւն,
գեղջկականութիւն,
անկրթութիւն
եւ
զզուելի
անմաքրութիւն
մէ՛ր։
Այցելու
մը
կը
գարշէր
վարժարանի
շեմը
կոխել
ուսանողք
դժգոյն,
տկար,
թարշամած
ի
հոգիեւ
ի
մարմին,
անառողջ
կենօք,
անառողջ
մտօք
կապրէին։
Գրածներս
սոսկ
խօսք
չեն,
իրօք
տեսնողներ
եղեր
են
յառաջ,
իրօք
կը
տեսնան
եւ
թող
տեսնան
այժմ։
Չորս
ուսուցիչ
կան
այս
վարժարանին
այժմ՝
շնորհիւ
Հայրիկին,
որոնք
Վարագայ
մէջ
սնուցած
ու
հասուցած
Ժառանգաւորաց
դասէն
են,
իւր
հոգուով
ուսած
եւ
դաստիարակուած,
ձրիաբար
եւ
անձնանուիրաբար
կուսուցանեն
իրենց
գիտցածները՝
Սրբազան
պատմութիւն.
Հայոց
պատմութիւն՝
Հայկաբանութիւն
իւր
ամէն
ճիւղերով,
եկեղեցական
եւ
երգասացական
երաժշտութիւն,
գիր,
բարոյականութիւն,
քաղաքավարութիւն,
աշխարհագրութիւն,
թուաբանութիւն,
մանաւանդ
կրօնական
եւ
ազգասիրական
պարտաւորութիւնք։
Աշակերտք
իրենց
խնամակալին
եւ
ուսուցչաց
ջանից
համեմատ
լաւ
յառաջադիմութիւն
եւ
գեղեցիկ
յոյսեր
ցոյց
կուտան,
ինչպէս
այս
քիչ
ժամանակիս
մէջ
փորձով
կը
տեսնանք,
եւ
կը
հաւատանք
որ…
ցոյց
տան
իրենք
զիրենք
ազգին
եւ
աշխարհին
թէ
-
այո՛
որդիք
եմք
մէք
Մեսրովբայ,
Խորենացուոյ,
Անյաղթ
Դաւթին
եւ
այլոց։
Եւ
թէ
մենք
ենք
որ
գարէ
հաց
ուտելով,
չուանէ
գօտի
կապելով,
տրեխ
հագնելով,
մերկ
մնալով,
գրպանելով,
հալածուելով
ալ
պիտի
յօժարինք
սիրով
մեր
Ս.
նախնեաց
եւ
Հայրիկի
օրինակաւ
Հայաստանին
ծառայել։