12.
ՀԱՍ
ՈՒ
ՉՀԱՍ
ԵՒ
Ս.
ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ
ՕՐԷՆՔ
Առ
հասարակ
սովորութիւն
է
մեր
ազգին
ամէն
տեղ,
որ
աշուն
կամ
ձմեռ
հարսնիք
կընեն՝
Մշոյ
աշխարհն
ալ
այն
կարգին
է։
Տեսնալ
արժան
է
թէ
որչա՞փ
հաս
ու
չհասի
խնդիրներ
կբացուին,
եւ
առ
այս
ազգային
ատեան
կամ
Առաջնորդ
որքա՜ն
նեղութիւն
եւ
ձանձրութիւն
կ՚կրէ։
Մեր
տեսնալով
եւ
լսելով
կարի
շատ
ապօրինաւորութիւններ
ալ
կ՚գործուին
այս
խնդրոյն
մէջ.
է
որ
ի
պատիւ
անձանց,
է
որ
ի
շահ
տգիտաց։
Քանզի
առաջարկութիւն
մը
կը
լինի
պսակի
հրամանագիր
ուզելու
այսինք
ռեսի
տղուն
այնինչ
ռեսի
աղջկան.
թէեւ
ազգական
են
իրարու
եւ
կարի
մերձաւոր
արենակից.
այլ
քանզի
առաջարկողն
այսինչ
ռեսն
է.
նորա
խաթըր
պէտք
չէ
կոտրել։
Կառաջարկուի
ուրիշ
մը,
կպնդէ
օրինապահն
եւ
չհաս
կհանէ՛։
Օրինակ
եւ
բաստ
(փաստ)
կառնու
առաջարկողն
թէ
այսինչ
ռեսին
հրաման
տուիք.
որ
քան
զմերն
աւելի
մերձ
ու
չհաս
էր։
Մտիկ
չընէր
օրինապահն,
մերթ
կ՚համոզէ,
եւ
նա
կ՚համոզէ
մերթ,
կը
սպառնայ,
եւ
նա
կսպառնայ։
Վերջին
խօսք
այս
կը
լինի,
հրաման
տաք
պիտի
պսակենք,
չի
տաք՝
պիտի
պսակենք.
ձեզմով
չեղնիր,
կը
փախցունե՛նք,
սաղ
կենայ
շեխ,
կամ
այսինչ
աղան,
չեղաւ
կը
տաճկնամ
ու
խօսքս
կը
կատարե՛մ,
փարայ
կուզես,
առ։
Մեր
երկիր
Քուրտուստան
է,
էսպէս
էկեր,
էսպէս
կերթայ։
Անճարացաւ
եւ
ահա
հրաման
տուաւ։
Եւ
այս,
եւ
այն
եղաւ
օրինակ
ու
դուռն
բազմաց,
որով
ամէնքն
ալ
ապօրինաւորութեամբ
համարձակ
ել
ու
մուտ
կանեն։
Այսու
քրդեր
ու
տաճիկներ
կծիծաղին
հայոց
օրինաց
վրայ.
եւ
մեր
հասարակութեան
մեծ
մասը,
որ
եկեղեցւոյ
օրինաց
առաջին
եւ
մեծ՝
պահքն
եւ
հաս
ու
չհասն
կ՚համարի,
այսպէս
տեսնալով
կը
գայթակղի՛,
բոլոր
օրինաց
վրայ
կգայթակղի՛։
Եւ
արդարեւ
օրինաց
մեծ
ու
փոքր
չլիներ։
Որ
ասէ՝
այս
փոքր
է,
եւ
լուծէ,
նաեւ
զմեծն
ալ
կլուծէ
անխղճաբար.
եւ
հայսմ
մեղանչող
ոչ
ըստ
օրինաց
մեծութեան
կամ
փոքրութեան
կլռէ
իւր
յանցանքը,
այն
ըստ
օրէնսդրին
մեծութեան,
որ
է
սուրբ
եկեղեցին,
եւ
գլուխ
եկեղեցւոյն
Քրիստոս
Աստուած։
Յառաջ
ձու
մը
կը
գողնայ
մարդս,
վերջ
ձի
մը։
Պստիկ
յանցանքի
մը
փոյթ
չըրող.
մեծ
յանցանք
գործել
տալու
առիթ
կլինի։
«Որ
զամենայն
պատուիրանս
պահեսցէ.
եւ
միով
իւիք
գթիցէ,
եղեւ
ամենայն
օրինաց
պարտապան»։
Ադամայ
յանցանք,
մէկ
պտուղ
էր
միայն։
Եւ
արդարեւ
ամէն
կերպ
մեղք
ու
անօրինութիւն
մեծէն
կամ
պստիկէն
սկսէր,
ու
մինչեւ
ի
մեծն
եւ
ի
լրումն
հասեր
է։
Փո՜յթ
Առաջնորդներ,
մասնաւոր
պատիւ
ու
անձնական
շահ
ի
բաց։
Լուսաւորեցէք
հովուեցէք
ձեր
հօտ
ուղղութեամբ
օրինաց
սրբութեան։
Բայց
դեռ
ո՞ւր
Առաջնորդ,
ուր
հովիւ,
ուր
ժողովքներ,
եւ
ուր
ժողովուրդ
անսացող.
բոլորն
ալ
նստած
են
ի
ստուերս,
եւ
ի
մութ
կշրջինք։
Խօսքս
մասնաւորապէս
Մշոյ
համար
չէ,
այլ
ընդհանուր
գաւառաց
համար,
եւ
գրածս
միայն
հաս
ու
չհասի
համար
չէ.
այլ
ընդհանուր
օրինաց.
վա՜յ
կարդալով
ղօշաքաղաց,
որ
զօրէնս
սրբութեան
վաճառած
են
փառաց.
շահուց.
կամ
թոյլ
տուած
իրենց
մեղկութեամբ,
ու
այսօր
ժողովուրդ
մոլորեալ
հօտ
դարձած
արձակ
արձակ
կը
քալեն
արհամարհելով
օրէնսդիրներ,
որք
ի
Հոգի
սուրբ
խօսեցան
ու
կանոնեցին
զեկեղեցին
կվարուին
կոխելով
օրէնքներ.
չակնածելով
հաստուծոյ,
չանսալով
սըրբոց,
որոյ
վասն
եւ
ինքեանք
կոխուած
ու
ճմլուած
ամէն
կերպ
տառապանաց
ու
վշտաց
մէջ
կեանք
կը
վարեն։
Վարեցէ՜ք
վայելեք։
Բայց
եւ
ճանաչէք
ու
դարձէք,
բաւական
է,
մեղք
է։