Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

5. ՍԿՍԵՆՔ ՄԵՐ ԳՈՐԾ ՆՈՐԷՆ ՍԿՍԵՆՔ

ՎԵՐ ԿԱՑԷՔ Եղբայրներ. առաւօտ երեկոյ չաչքենք, էսօր վաղ չասենք. Աստծու օր միշտ կայ. երկնից քամին անպակաս է. «Շատ է աւուրն չար իւր». մարդ է կինկնինք կանգնենք. ինչի՞ կը յուսահատինք. ինչի՞ կը թուլանանք. չէ՞ մենք մարդու զաւակ ենք. չէ՞ մենք Հայու տղայ ենք. վեր կացէք աշխատենք. սկսենք նորէն մեր գործ սկսենք։

Ի՞նչ աչք ունիս. կռիւ չի վերջանայ, գետ չի ցամաքիր, շինական եղբայր, տրեխներդ հան մէջ մտիր, անցիր գործիդ գնա. պառկել սպասել մեծ յիմարութիւն է։

Հին նոր մէկ մէկի թշնամի են. կ՚կռուին քանի կենդանի են։ Այս բան Աստուածն է կամեցեր։ Թող կռուին որ յայտնվին, թող յաղթեն ու յաղթվին, էդ երբ եղեր պիտի լինի. վերջապէս մէկն պիտի գլորվի. ինկնի. մեռնի ու թաղվի, եւ էս միշտ եւ յաւիտեան հնութեան բաժին է։

Հնացաւ. նա անցաւ։

Մարդ է. հոգի է. մէկ մէկի կ՚հանդիպին, երբեմն հակառակ, երբեմն սիրելի, երբեմն բարեւ կուտան ու կ‏՚առնեն. երբեմն մէկ մէկի գլխին կ՚խփեն ու կ՚անցնեն, աշխարհ է. կծռին, շիտկվին, սիրտ է կխռովին հանդարտին, բայց մէ՞ք ինչի ենք յուսահատ, վեր կենանք աշխատենք, սկսենք մեր գործ նորէն սկսենք։

Չիլանք եղբայրներ. ափսոս են մեր աչքեր, թող լան հին գլուխներ, խաւարին աչքերը։

Էն դեհ մի կռիւ կայ. կ՚լսէ՞ք նախանձաւոր ահաւոր ձայներ, ձայն Արեւմուտքից, ձայն Հիւսիսից, ձայն եւ ամէն կողմից, մի, մի սարսափինք, նոքա մեզ քաջութիւն թող տան, կուգան դէպի մե՞զ, մէք հաւ չենք. մեք էլ մարդ եւ մարդու զաւակ ենք, Հայ եւ Հայու ժառանգ ենք։

Քաջութիւն նորութեան, յաղթութիւն նորութեան։

Եւ մէք նոր սերունդներէն եմք, ուրեմն մեր պարտք ու կարգ ճանաչեմք, մեր Աստուած կանչեմք, վեր կենանք շարժինք ու սկսենք մեր գործ նորէն սկսենք։

Ո՞վ են այն անձինք, այն հակառակորդաց հոգիք։

Ո՛վ որ են, ահա իրենց ճակատի վերայ ամօթանք է գրուած. նոցայ դէմքի վերայ պարտութիւն է դրոշմած, Ադարութեան ձեռքով վճռած «Չիք խաղաղութիւն անբարշտաց»։

Բայց մէք աշխատենք, թէ կ՚մեռնինք աշխատենք, թէ կապրինք աշխատենք, վերջապէս չսպասենք, սկսենք մեր գործը, նորէն սկսենք։ Քանի որ մարդ եմք, պէտք է աշխատենք։

Բանանք մեր աչքեր, բանանք մեր կուրծքերը, միշտ դիմենք յառաջ. միշտ արի եւ քաջ. գործենք անվեհեր ու անձնանուէր, գործենք անդադար թէ տիւ թէ գիշեր։ Քանզի էս էն ժամանակն է, որ ամէն մարդու ձեռքը չինկնիր. ազգի լուսաւորութեան դռները պիտի բացվին, ամէն մարդու բաղդը չի հասնիր, անցեալ դարերու եւ մարդիկներու մէջ  որչա՞փ արժանաւոր բայց դժբաղդ եւ անժամանակ անձինք անգործ ու անյիշատակ թաղուէր են գերեզմանի ծոց։ Մէք բարեբախտ եւ երջանիկ ենք ուրեմն էս գրութեան եւ էս ժամանակի ծնունդ մարդ եւ Հայ լինելով։ Աշխատի՛նք կասեմ, վասնզի յիշեցէք, ապագայ դարեր ի՞նչ անմահ երախտագիտութիւն[ն]եր պիտի ձօնեն մեզ, մեզ՝ ով որ կ՚աշխատի ազգին, ազգի ուզածի պէս։

«Ինչ որ ունինք Ազգին անենք գոհ,

Ազգն էլ յաւիտեան մեզնից մընայ գոհ»։

Ազգի համա՞ր պիտի աշխատիս, էլ ուրեմն դու քեզ համար չես, քո ծնողաց համար չես. եւ քեզ համար ծնող չունիս։ Ազգին ես եւ Ազգն է։ Քեզ համար աշխարհից, փառքից, բաղդից եւ նոյն իսկ քո անձնից մասն չունիս, դու այդ ամէնը փոխարինեցիր  մէկ անմահ նպատակի մը Ազգասիրութեան։ Կընթանաս արիաբար հսկայ, հսկայ, առաջուցդ դժուարինք վիշտք եւ նախատինքներ կոխելով,, իսկ յետուցդ Ազգասիրի պարծանք եւ առաքինի անուն ձգելով. երկայնամտութիւն եւ զօրութիւն քեզ։ Գնա՛ այդ ճանապարհ անմահից է։

Ամէն քայլափոխիդ մէջ չարիք պիտի կոխես, ինկնիս ու կանգնես, մեռնիս ու ոգեւորվիս ամէն րոպէիդ մէջ գալիք դիպուածոց պատրաստ եւ արի լինիս, չծանրանաս, չձանձրանաս, «Պարտ է գալ գայթագղութէան, վա՛յ յոյր ձեռն, եւ երանի՜ յոյր վերայ գայցէ»։

Ահա Ազգասէր, Ազգի համար աշխատող անձնանուէր, յասպարէզ մտիր. ծուլութիւնդ սթափիր, թուլութիւնդ թօթափիր, յառաջ անցիր, այդ վտանգը վատերուն յիշատակ եւ եթ կխայտառակէ, իսկ քաջոց առաքինի անուն եւ անմահ կեանք կընծայէ։

Կոխէ  ու կոխվիր, զարկ ու զարկվիր. ինկա՛ր վեր կանգնիր. անշուշտ կը յաղթես, մեռնիս էլ կը յաղթես, վերջապէս կը յաղթես, վասնզի նոր ես. եւ լուսաւոր ես, բարի ես, ճշմարիտ ես։

Ահա քո ախոյեաններ են սոքա ՆՈՐՈՒԹԻՒՆ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹՈՒՆ ԲԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ։ Անեղին ձեռքով սահմանուած անխորտակելի ախոյեաններ են։

Նահատակ նահատակ, ի՞նչ հոգեղէն անուն, երկնային կոչում։ Ա՛հ, այս անուն ամէն ազգասիրին, այս կոչում՝ լուսաւորութեան համար ամէն աշխատողներին։ Անուն, որ յերկինս առ Աստուած լցուած են եւ կլցվին. անուն որով ազգեր կենդանացած են ու կենդանի կապրին, այս անուն որ եւ ծանօթ ու սեպհական էր մեր հայր Հայերուն անուն որոյ մէջ բովանդակած է ամէն կերպ անձնանուիրութիւն, եւ որոյ հետն ու մէջը խառն է միանգամայն մահ եւ արիւն։

Ահա աշխատենք ուրեմն, եւ թէ կաշխատենք ամէն բանով ու ամէն բանի համար պատրաստվինք բաց ի յուսահատութիւնից։

Յուսահատութիւն միայն չունենանք.

եւ ահա ամէն բան կատարած կունենանք։

Սկսենք հապա, նորէն սկսենք, նոր խորհենք, նոր գործենք եւ թող նոքա սկսեն, չզարհուրինք։

Նոքա էլ սիրտ ունին, միտք ունին, կխորհին եւ քաջ են, վասնզի մարդ են։

Արի իմ ընկեր, ազգասէր եւ բարի ընկեր, ուստի՞ այդպէս քրտնաթաթախ եւ յոգնած, մի՞ գուցէ կրկին հանդիպեցար շահատակութեանց։ Այո ամէն տեղ, ամէն երկիր, ամէն ժողովրդեան մէջ, վերջապէս մարդ իւր ամէն վիճակի մէջ ունի նահատակութիւնք. նոյն իսկ իւր անձը իւր մարդկութիւնը կչարչարէ։ Ուրեմն դու վեհ կացիր, պանծացիր, զօրացիր, արի հայ, բարի հայ, դու ախոյեան ես ազգի մը, դու ինչպէս քո գլուխ կը դնես ազգի գլխուն էկած վտանգներու փոխարէն, նոյնպէս եւ պիտի կրես այդ ազգի փառաց եւ պարծանաց յիշատակն ամէն. յիշատակ, որոնք անմահ եւ սուրբ են։

Կը հաւատա՞ս որ ազգութիւնը անմահ է, կամէի ասել Հայութիւն անմահ է։ Եթէ անմահ է, ասա ինձ. հապա ո՞ւր է, որ չերեւի վեր աշխարհի. (վասնզի այսպէս երեւիլ չերեւիլ մի է) ինքն ինքեան միայն ծանօթ է, կարծես գերութեան ստրկութեան վիճակեալ մի անօթ է, եւ իւր տեղն ու կայան տակաւին անլոյս եւ մութ է։

Ա՜հ, այդ իսկ է. գիտես, էլ մի՛, էլ մի՛ յաւելուր գիտես եւ լաւ տեղեակ ես Հայի վային, Հայի ցաւին։ Բայց ինչի՞ կուլաս դորայ վերայ. չողբանք չյուսահատինք. մէք էլ ողջ չթաղուինք, լոյս լոյս չխաւարինք։

Թէ կուզենք մխիթարել, արտասուք սրբենք, եւ ոչ թէ արտասուք թափենք, ձեռք եւ ոտք շարժենք, եւ ոչ թալկանանք մեռելի պէս վեր ինկնենք։

Լացողներ լացին ու անցան գնացին. հիներն էին նոքա, մէք նորութեամբ շարժինք։

Չը խօսեմք առանց գործելու, չգործեմք առանց խորհելու, չսկսեմք առանց կատարեալ յուսոյ, որ է Աստուծոյ։

ԼՈՅՍ ԵՒ ՅՈՅՍ երկնից փրկարար հրեշտակներն են Արարչէն սահմանուած ու առաքված. մարդկութեան մէջ կշրջին, եւ նորա կրկին կենաց պահպանութեան համար կհսկեն։

Եկէք մեք էլ դիմաւորենք ընդունենք ասոնց։

Ահա սուր իրենց ձեռքը, ահա հուր իրենց շունչը։

Նորութեան նորոգութեան զօրավարներն են սոքա, մեր բանակը յանձնենք սոցայ. եւ ահա շանթ ու հարուած հակառակորդաց գլխին. կոտորած պարտուած նոցայ զօրութիւն ու հոգին. «Ի սաստէ յերկիւղէ Տէառն, եւ ի շնչել հոգւոյ բարկութեան նորա»։ Ընդունենք ասոնք, միանանք հետ սոցայ, գնանք հետ սոցայ եւ տեսնենք յաղթանակ ու փառքը սոցա։

Ահա երկնից կամարից մի հրեշտակ էլ հասաւ, տես Աստուծոյ շունչ ու հոգին է. ՍԷՐ. կպատուիրէ մեզ միաբան լինել, միաբան խորհել, միաբան մեռնիլ, միաբան ապրել։

Միանամք մէք ուրեմն եղբարք, «զօրութիւն ի միութեան, եւ յաղթութիւն ի զօրութեան»։ Կը կռուինք նորերս հնութեան հետ, լուսաւորութիւն խաւարի հետ։ Ուրեմն ԼՈՅՍ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ այս կը պատվիրեն երկինք ու երկիր, այս կուսուցանեն ժամանակն ու փորձեր։ Հայու համար ԼՈՅՍ, ՅՈՅՍ, ՍԷՐ.

«Հայ ծնանք, Հայ մեռնինք,

Մարդ եղանք, մարդու պէս ապրինք։

Հոգւով ծնանք, ոգեւորապէս վարվինք»։

Որչափ օրեր անցուցինք, այնչափ գործքեր պիտի գործենք։ Արարածոց դիւանագիրը ի՞նչ կը գրէ արդեօք Հայոց գործքերէն, միշտ ո՞ղբ, լա՞ց աչաց, հոսա՞նք արտասուաց, դառնութի՞ւն սրտից. նեղութի՞ւն եւ սպառու՞մն անձանց. գերութի՞ւն վիճակի, աղքատութի՞ւն ընչից, անմա՞սն աշխարհից, սոքա՞ պիտի լինին մեր բաժինը եւ ա՞յս պիտի կարդայ Անմահ գառն տիեզերաց տարեգրութեան մէջ Հայոց գործքերը, եւ ես տասնեւիներո՞րդ դարուս Հայոց գործքեր։

Ո՜հ, տխրալի ցաւալի չպիտի՞ լինի արդեօք Արարչին սիրտը դէպի մեզ. մարդ՝ թշուառութեան համար չստեղծեց նա. լուսեղէն հոգին խաւարի մէջ պահելու համար չստեղծեց Աստուած, եւ ազգութիւնը գերութեան համար չսահմանեց։ Մէյմէկ Ադամ չդառնանք։

Ասե՞նք արդեօք Արարչին, թէ ինչի՞ Վասակներ ստեղծեցիր։ Ասե՞նք թէ ինչի՞ Յազկերտներուն թոյլ տուիր, ասե՞նք թէ ինչի՞ զմեզ թողիր որ խռովեցիք, ինչի՞ զմեզ թուլացուցիր, ինչի՞ թողիր որ Լանկ Թամուրն զմեզ կտրտեր. Շահ Աբաս գերի տանէր. Հագարացին տիրէր, Պարսիկ չարչարիս, ինչի՞ զմեզ խաւարի միջից չհանիր ի լոյս։ Իբր թէ  ասել ուզէինք, մեր քնենք հանգչենք, դու մեր հացն ու կերակուր պատրաստէ, մէք զբօսնունք հրճուինք, դու մեր մարմնոց զգեստ ու ամէն կարիք հոգայ. մէք անկողին մտնենք պառկենք, դու գողերուն զգուշացիր տանը ծառայէ. թշնամին հալածէ եւ զմեզ կառավարէ պահպանէ։ Ապա թէ ոչ, թող չստեղծէիր մեզ, լաւ էր մարդ չլինէինք, եւ գործել չունենայինք։

Ահա եթէ կարելի՞ է մարդումը կամ ո՛ր եւ իցէ արածիմը այսպէս ասել Արարչին. «Մի թէ ասիցէ՞ ստեղծուածն ցստեղծիչ իւր. թէ ընդէ՞ր ստեղծեր զիս։ Վա՛յ որ ասէ ցհայր իւր թէ ընդէ՛ր ծնար զիս, կամ ցմայր իւր թէ ընդէ՛ր ծնար զիս, կամ ցմայր իւր թէ ընդէ՛ր երկնեցեր զիս»։

Ա՛յ եղբայր. Հայ եղբայր. հերիք է, ամօթ է. «Ծանեաւ եզն զստացիչ իւր, եւ էշն զմսուր տեառն իւրոյ»։

Հայութիւն չի ներէր. Հայութեան մեծ ամօթ եւ մահ է այդպիսի  վատութիւններ ու յիմարութիւններ իւր սեռի մէջ տեսնել, որոնք բոլորովին մարդկութիւնից էլ դուրս են։

Մեր նախնեաց դպրութիւնք ամէն օր կտօնվին անմահներէն նոցայ փառաւոր ու լուսաւոր յիշատակներ հրեղէն բերաններով կ՚կարդան եւ կուրախանան երկինքը։ Իսկ մէք, մէ՞ք եւս Հայ եմք, էն Հայո՞ց Հայեր։

Ելէք ուրեմն կրկին աշխատենք, հետեւենք, Հայութեան յիշատակները փնտռենք, եւ անշուշտ կը գտնենք, կը գտնենք, ուրեմն սկսենք նորէն սկսենք։

Նախախնամութեան մատը մեր անկեալ վիճակէն զմեզ կշարժէ, որ վեր կենանք միանանք, զօրանանք, լուսաւորվինք եւ յառաջ գնանք դէպ ի իւր պատրաստած եւ ցոյց տուած նպատակը։

Ժամանակ մեզի ձայն տուեց, զարթնցուց, որ էլնենք գործենք եւ աշխարհաց ու ազգաց մէջ հայկական յիշատակներ պարծանքներ եւ իրաւունքներ շահենք. իսկ մեք մէկ մասամբ իբրեւ զառամեալ ծեր, մէկ մասամբ դարձանք մանուկ անհամբեր. ինչքա՜ն հակասական այս երկու կարգ բնութեան։ Բայց ի՛նչ անենք, մինչեւ ցե՞րբ մանկունք, տակաւին խաղա՞նք, ծերուկք, տակաւին յամառեա՞լ մնանք։

Այլ եւ դու կորովիդ իմ, դու Հայկական երիտասարդութիւն ընդ օդս ի վեր կ՚խոյանաս սլանաս, թեւերուդ վերայ ազատութիւն բեւեռած, նահատակութեան շաւղով, ճշմարտութեան ճանապարհով, իրաւ ճանապարհը դա է, եւ դու սուրբ ես քո նպատակաւ. բայց մէկ կողմից խառնակ է օդ. մրրկոտ է երկինք, եւ միւս կողմից չուան եւ լարը ձգած են որոգայթ ոտիցդ։ ի՞նչ ուրեմն, դադարի՞ր կամէի ասել քեզ, ոչ ոչ դու ընթացիր բայց ծանր ծանր, ինչպէս արի նոյնպէս զգոյշ (թէ եւ զգուշանալ երկնչիլ կնշանակէ նահատակութեան պայմանաւ)։

Բայց ի՞նչ, անխոհեմ զքե՞զ կանուանեն շատ մարդիկ, խորամանկներն են նոքա, իսկ եթէ յաջողես յաղթես, յանդուգն ես, կասեն մի եւ նոյն մարդիկ։ Դու եւ ասոնք ուսիր, բայց մի յետս կասիր, ուսիր սոցայ կապած լարերուն վերայ խաղալ, որ կոխես ու անցնիս, որոգայթները  խորտակիր որ թռչես  ու անցնիս։

Ուրեմն զօրացիր կրկին արիցիր, նորէն սկսէ նորէն սլացիր։ Ո՞հ, ի՛նչ որ խօսիմ, վերջը նոյն պիտի կրկնեմ, սկսենք  նորէն մեր գործն սկսենք։

«Ոչ ոք վնասի բայց յիւրմէ». Հայն ոչ վնասի բայց ի Հայէ։

Արդի Ազգայինք, ամէն տեղի Ազգայինք, որ յարեւելս յարեւմուտ ի հարաւ եւ ի հիւսիս ցրուած կբնակինք. արդի ձեր վիճակ, ո՛հ եւ մեր  վիճակ, ամէն տեղի Հայք խռովեալ են. տառապեալ են, ամէն տեղ կհակառակուին եւ կը հակառակեն. ի մէջ հնոց  նորոց. յայտից եւ անյայտից մի շփոթ կայ ծագուած։ (Իբր թէ բաւական չլինէին տակաւին այսչափ դարերով, այո եւ մեր իսկ օրերով բարբարոսաց ձեռքից կրած զրկանքն ու հարուած, վիշտք եւ չարչարանք). թշուառ ազգ, ողբալի վիճակ։

Տէ՜ր Աստուած, ե՞րբ պիտի «Եզն եւ արջ ի միասին ճարակեն. գայլն ու գառինք միասին արածեն եւ առիւծներ իբրեւ եզն յարդ ուտեն»։

Ո՜վ մարդկային մտաց խաւար, հոգեղէն բարբարոսութիւն, տգիտութիւն, դու կա՞ս յաւիտեան. բայց Հայու մէջ բաւական չեղա՞ւ դժնդակ գազան. որ քաղաք կամ գաւառ երթաս, ուր տեղ խումբ մի Հայ գտնաս, անդ իբրեւ օձ նոցայ մէջ կը սողաս մտնաս։

Հա՛յ Եւայ. այս օձն ի՞նչ կուզէ մեզնից, զմեզ մերկացուց մեր փառքից, կեանքից եւ լուսից զրկեց. այսչափ ժամանակ Աստուծոյ երեսէն ձգեց. զմեզ լացուց թշուառացուց ոտաբաց գերի շինեց. միշտ խռովեցուց բաժանեց տիրեց։ Մեր ձեռքով մեր եղբայր արդար Աբէլներ սպանել տուեց. Եգիպտոսի գերութիւնը մեզ տուեց մեր ձեռքով մեր եղբայր գեղեցիկ Յովսէփներ ողջ ողջ գուբն իջուցել տուեց եւ օտարաց վաճառեց. մեր ծերունի Հօր աչքերը լալով կուրացուց. իւր պիղծ դրօշակ Հայու արիւնով ներկեց, իւր բացած անդունդները Հայու դիակներով լցուց։

Տգիտութիւն, անյագ գազան, անգութ գազան։

«Եւ այս ամէն այն չարիք ի ներքոյ մտանեն յանուսումնութենէ»։

Ա՜հ, մնացեալ հայերս, հնացեալ հայերս, հերիք է, լուսաւորուինք նորոգուինք։

Ներկա վիճակ ազգային, չասենք ընդհանրապէս, այլ գլխաւորապէս ի Կ. Պոլիս, օրէ օր կը սպասենք ուրախալի լուրեր, յաջող համբաւներ կարդալ ու լսել, թէ լրագիրներ եւ թէ այլ գիրեր տխուր ձայներ կարձակեն որոց մէկը կը գրէ այսպէս «Եւ այս ամէն Սահմանադրութիւն, Սահմանադրութեան յարուցած փոթորիկներն են ամէն»։

Սահմանադրութիւն կասէ որ ծնաւ չծնաւ, յիշխանութիւն վեր համբարձաւ առանց տղայութեան կատարեալ եւ առանց ծառայութեան ժառանգ։ «Ժառանգ մինչդեռ տղայ է, չէ ինչ աւելի քան ծառայ, թէպէտ եւ տէր իցէ ամենեցուն»։ Ահա այժմ ծառայեց միանգամայն եւ չարչարուեցաւ։ Սակայն փրկութեան աջը մերձ է, եւ ամէն Հայի հոգին նորա համար կաղօթէ ու կճգնէ։

Միայն թէ չզայրանանք նորերս, բնական էր այս պէտք էր լինել, եւ եղաւ։

Իսկ այն ո՞վ է, որ իբրեւ հոգի բոցեղէն շունչը արձակած կը կանչէ «Կամ չսկսէինք, կամ սկսանք կատարենք»։ Եւ ահա յաճախ շրթունքներից անձնուրաց Հայերից նոյն արձագանք կարձակուին։ Բայց սպասե՞նք եղբարք այս մինչ կատարուին նոքա կատարուինք  մեք։ Վասն զի։

Տակաւին պիտի փորձուինք, որ կրթուինք, հաստատուինք։

Տակաւին պիտի նեղանամք, որ արիանամք ու ամրանամք։

Ի մէջ մեր եւ նոցա թող մի պատուական Հրէայ գայ ու խօսի, Գամաղիէլ. եւ թող խրատվինք մեք եւ հաւանին նոքա, «Եթէ ի մարդկանէ իցէ խորհուրդ այդ կամ գործ, քակտեսցի։ Ապա եթէ յԱստուծոյ է, ոք կարէք քակտել, գուցէ եւ Աստուածամարտք գտանիցիք»։

Ահա էստեղ կկնքենք մեր Սկսենք նորէն սկսենքի յօդուածը. աղօթելով ամէն Հայու բերնով առ Աստուած. «Ջոկեալս մեր դու կատարեա, եղիցի հոգի քո խառնեալ ի սմա»։