Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

1. ՀՈԳՈՒՈՑ  ՎԱՆՔ

Այս վանուց հետաքրքիր եղող եւ յատուկ փափագողներ շատ են իւր հին եւ երեւելի յիշատակաց մասին։ Որոնցմէ առաջինն է այն ազնըւական Տատեան Սիմոն Պեյ, որ իւր հայրենասիրական ձրից հետ սեպհական ջերմեռանդութիւն մըն ալ ունելով հայրենեաց այսպիսի հրաշալի վայրաց  նշանաւոր մասանց՝ յատուկ փափագանօք խընդիր է ըրեր Հայրենասէր Արծուէն սոյն վանից առանին ստորագրութիւնը մանրամասն տեղեկութեամբ։ Մէք ահա փութալով կատարել՝ սոյն տեղեկութիւնը կը հրատարակեմք ոչ միայն անհատ բարերարի մը, այլ եւ ընդհանուր Հայկազանց համար. որոց գիտեմ սիրելի է ասոր շնորհքը։

Հոգեաց վանքը որ հրաշագործութեամբ հռչակաւոր ուխտատեղեաց առաջիններու կարգն է. համբաւ մեծ է ահաւոր է ընդ ամենայն Հայաստան եւ ուրիշ հեռաւոր քաղաքները, ինչպէս որ յայտնի են յաճախ եկող ուխտաւորներէն եւ նուէրքներէն, վերջապէս չկայ հայ մը որ  Հոգուոց վանից անունը չը գիտնայ, եւ չէ ոք, որ հայցուած մը ըրած եւ անշո՜ւշտ ընդունած չըլլա։

Արդ մէք պիտի սկսիմք խօսիլ նաեւ ասոր դրից ու պարագայից վերայ. եւ ապա ներքին  արտաքին իրաց, յիշատակաց, կամ նշանաւոր տեղեաց։

Վասպուրական նահանգիս ութերորդ գաւառն է Անձեւացիք, որուն մէջն է այս մենաստանը 12 ժամ հեռի քաղաքէն ի հարաւակողմն ինկած։

Բուն վանքը խորին ձորակի մը մէջ է. եւ ինքն ՚ի միջի կեդրոն է երեք ճանապարհաց, հորոց մինն յարեւմուտս ՚ի Շատախ, մինն յարեւելս ի Նորտուզ գաւառներ կը հանէ, եւ միւսն ՚ի հիւսիս՝ որ Վան քաղաքի ճամբան է։

՚Ի հիւսիսոյ գետ մը կը հոսէ զառ ՚ի վայր, եւ քերելով երկայն լերանց ստորոտներ՝ Վանից առջեւէն կ՚օժանդակէ Տիգրիսին, գետակիս երկու կողմի լեռներն ապառաժուտ եւ անբոյս են. իսկ եզերքներն յոյժ խոտաւէտ եւ մացառախիտ են մարդկանց ու անասնոց պիտոյից միանգամայն կը ծառայէ։

Ճամբուն աջ կողերնիս լեռը բոլորովին բեկբեկեալ եւ անձրեւաց հեղեղմամբ մասն մասն զառ ՚ի խորս ձորոյն կը թաւալին հսկայաչափ քարերը։

Այս ձորի մէջ խիստ տաք է ամառը, եւ խիստ ձիւնալի ձմեռը՝ բայց ոչ սառնամանի, քանզի լեռներ պարսպաձ պատեր են երկու կողմը։

Յառաջ մերձ ՚ի վանքն գալով՝ քառորդի մը ճամբայ հեռի է զով եւ քաղցրահամ աղբիւր Լուսաւորչին. հորմէ կամ երջանիկ Հայրն ջուր խմած է, կամ յատուկ իւր հրաշիւք բղխած պիտի ըլլայ, որ այս անուն կը կրէ իւր վերայ, յարեւելից հովանի եղած է կարմրագոյն բարձր ապառաժ մը, եւ առ ափն Հիւսիսոյ գետոյն իւր ակն։

Քիչ մը յառաջ գալով կը տեսնանք այն բազմաքար ըսուած տեղը, ուր մեծամեծ քարեր դիզուած են, ասոր վրայի լեռն է Գրգուռը, հոր ապաստանեցան դեւքն եւ ապա հալածուեցան շնորհիւ Ս. Խաչին ՚ի ձեռն Բարդուղիմէոսի առաքելոյն։

Վանից պարիսպը եւ սուրբ Տաճարի գմբեթը հեռուանց չերեւիր, վասն զի ինչպէս ըսինք, վանքը խոր ձորի մը մէջ է իրմէ ելած ճամբաներն  ալ դարձուածքով մը կը սկըսին, ուստի մինչեւ չմօտենան՝ չերեւիր։ Ծառատունկ կամ զուարճալի տեղեր չունի, միայն քանի հատ փշոտ մացառներ կան. որոց հովանեօք կը զարդարուի Հիւսիս գետը, որ ըստ տեղոյն բաւական զուարճութիւն է վանականաց։

Յարեւելս ՚ի հիւսիս եւ հարաւ երեք բարձր լեռներ կան, որոնք անտառներ ալ ունին, հիւսիսային լեռան յեցեալ եւ վանից հիմը, միայն նեղ անցք մը կայ մէջը, ի յարեւելից Տիգրիս եւ ՚ի հարաւ Հիւսիսոյ գետեր կանցնին, ձորերը խիստ անձուկ են, որք միայն գետ եւ զառ ՚ի կող նեղ անցք մը կը պարունակեն։

Վանից Արեւելեան լեռ իւր ստորոտին մերձը ապառաժ մը ունի, զոր Դարբնաքար կը կոչեն կամ Դիւաց այր [1] ։

Ասիկայ բաւական բարձր է եւ իւր վերի գլուխը խարխլուած մեծ քարերու կոյտեր կան, որուն զառ ՚ի կող ժայռի մը վրայ է սուրբ Մագդաղենացւոյն գերեզմանը՝ …անտապանակ աննշան ՚ի յիշատակաց քարակոյտ մըն է [2], քովի… ժայռերուն վերայ երկու երեք խաչեր կան միայն անգիր։ Իսկ միւս իւղաբեր կանանց գերեզմանն է Տիգրիսի հարաւակողմեան ափն, որք սուրբ Կենդանագրին սպասաւորելով չմեկնեցան  մինչեւ ՚ի մահ։

Իսկ ապառաժիս վարի երես կարմիր է եւ գագաթն սպիտակ, իւր հիւսիսային ծոց այր մը կայ բացուած, որուն դուռն է ըստ լայնութեան 3  կէս եւ ըստ երկայնութեան 7 աշխարհագրական ոտնաչափ, մէջը  մտանք շրջելու եւ ահա այր մը, յորմէ սարսափ կը կրէ մարդ, ներսի երեւոյթը  սեպաձեւ ապառաժներ են, հող ունի կարմիր դեղնագոյն, որ մանրամասն քարերու վերայ փոշիաձեւ կ՚երեւի, սոյն քարերու վերայ քանի Խաչեր կային, որոց հնագոյն է դրան յանդիման եղած Խաչը, որ կը կարծուի սուրբ Առաքելոյն Տեառնագրածն ըլլալ ըստ Խոր[ենացւոյ]։

Սոյն ապառաժը իւր Արեւմտեան ստորոտը բերանաձեւ այր մը ունի եւ բերնին կից է պատռուածք մը, որոց մէջն էր որ նախնիք զոհ կը նուիրէին Անահիտ տիկնոջ չաստուածուհւոյն, որով է քարանց շրթունքն ալ ծխոտեալ են։

Այժմ սկսիմք ներքին ստորագրութեանը։

Վանիցս դրսի պարսպի շրջապատն է 564 ոտնաչափ, դիրքը քառակուսի է, սակաւ ինչ ընդարձակ ըստ լայնութեանը, որմերը քարաշար, չորս անկիւն չորս բուրգ ունի, շինուածքը ամբողջ հնագոյն են եւ տեղ-տեղ խարխալեալ։

Դռնէն ներս մտած ատենը ձախակողմ 3-4 սենեակներ կան կրկնայարկ քարաշէն, բայց անպիտան եղած. ոչ դուռ ունին վրանին եւ ոչ շէնք մը, ասոնք օթեւան են ուխտաւորաց։ Ի հաջակողմը կան նոյնպէս երկու  սենեակ միայարկ, կից է սոցին մեծ ախոռ մը։

Դեռ ներս չմտած՝ ասոր կից է փոքրիկ պարտիզին դուռը, որ սուրբ Տաճարին ետեւն է. ասոր միջէն կանցնի առուակ մը, զոր Հիւսիսոյ գետէն ներս բերած են մաս մը, փոքրիկ պարտիզակս այս զարդարուած է զանազան պտղատու եւ ուրիշ տեսակ տունկերով։

Աստ ՚ի հիւսիս քանի գերեզմաններ կան, որք վանահայր վարդապետաց շիրիմներն են։

Սուրբ Աստուածածին Տաճարի հիմն, որ քովի  խորաններէն քիչ մը դուրս է, իւր կից ունի թզաչափ բարձրութեամբ փոքրիկ քարաշար մը, զորմէ կը պատմեն թէ. 18-20 տարի յառաջ երկու Գաղղիացի յուխտ կուգան կենդանագիր Ս. պատկերին Տիրամօր, բայց խորհուրդ նենգութեան ունելով սիրտերնին՝ իրենց ուխտ ընելէն զկնի ամէն տեղեկանան թէ սուրբ Աստուածածին Տաճարի ձախակողմը պատին հիմն դրուած է. ուստի պարսպի Արեւելեան դրսէն ական կը հատանեն (լաղըմ կը բանան) եւ գալով մինչեւ սուրբ Տաճարի պատը, անդ լոյս ահաւոր եւ հրեղէն ի  սուրբ Պատկերէն կը փայլատակի, եւ որ մերձ յորմն է ժամանէր, կը մեռանի ի հրաշից, եւ որ դարանին դուռը կայնած է ընկերն՝ իսկոյն կը դիւահարի։ Այսպէ՜ս ահա որ կամէին նենգել կամ գողանալ ինքեանք կը պատուհասին, եւ սուրբ Պատկերիս հրաշից հռչակը կը տարածուի  ընդ ամենայն աշխարհ փառօք։

Ի հարաւոյ կողմը արտաքին դրան դիմացն է եւ ներքին պարսպի փոքր դուռը. յոր մտնելով նեղ եւ նըսեմ սրահի մը կը հանդիպի դուռ մըն ալ անկեց ներս դարձեալ նըսեմ, յորս ոչ լուսամուտ եւ ոչ լոյս, աստի կը բաժնուին միաբանից սենեակները, որք եկեղեցուոյ դրան յանդիման են տձեւ շինուածներ, տասնի չափ առանձին սենեակ են, մեծ սեղանատուն մը եւ այլ քանի ուրիշ պիտոյից ամբար… ասոնց մէջ ոչ ոք կը բնակի, քանզի միաբանից սպառէր են եւ մի տարի առաջ խուլ եւ վատատես քահանայէ մը ի զատ այլ ոք չը կար, որ վանահայր կը միանգամայն տէր վանիցս առատ մտից եւ կառավարութեանց։ Մի մասն տնտեստուն է եւ ուրիշ ամբարանոցները, այս ամէն շինուածներ քարաշէն  են եւ կամարակապ, բայց նսեմ եւ անձեւ։ Ներսի բակի դրան քով սանգլուխ մը կայ դարձուածքով մը որ դարձեալ խավարչտին է. աստի կելլան եւ Առաջնորդարան, որ վերնայարկ եկեղեցւոյն կից է, եւ հաղորդ ունի քանի քանի մի այլ սենեակներ, որք առ հասարակ նսեմ եւ խաւարին են եւ ի խավարչտին տեղուոջ շինեալ։

Այս սանդուխի մէկ դուռը կը հանէ խուցերու տանիք, որուն դէպ հարաւակող մը երեսբաց ծածք մը կայ, որ յառաջ ունի տեսարան Տիգրիս դրախտաբուխ գետն եւ Տրդատայ հսկայաձեւ շիրիմն։

Վարը ներսէներս մութ խուցերուն դիմացն է սուրբ Տաճարին գաւթի դուռը, փոքրիկ եւ ցած, գաւիթը անլոյս տուն մի է, եւ աստի կը մտնան յեկեղեցին, դէպ ուղիղ սուրբ Աստուածածին Տաճարի դուռը կը բացուի, յոր ջերմեռանդութեամբ կը մտնան ուխտաւորք, դռնէն մէկ քայլ յառաջ դրան ձեւ շարուած աղիւսայատակ մի կայ, զորմէ կը պատմեն թէ, Կենդանագրի ներքին խորանի դուռն է, յորմէ անցեալ գնան ՚ի պատկեր Տիրամօր [3] ։ Որուն վերայ սրբատունն է, հոր կը բազմի սուրբ Գեղարդն Քրիստոսի, այս դուռը տաճարի յատակին հարթահաւասար ըլլալով գրեթէ բոլորովին անյայտ եւ աննշան է։

Տաճարիս լայնութիւնն է 10 կէս. երկայնութիւնն 30 ոտնաչափ, բարձրութիւնը 7 կանգուն, միջակէտը սպիտակաքար հնագոյն  կաթողիկէ մը, սուրբ Տաճարիս շինութիւնն ալ հին կերեւի, բայց եւ սուրբ Առաքելոյ հիմնարկութիւն չի մնացեր, նորոգութեան նշաններ կը նշմարուին, թէ եւ թուական չի կրցինք գտնել, Փայտեայ երեք կաթուղիկէով հին խաչակալ մը կայ սեղանին։

Արտաքոյ տաճարիս ՚ի յաջակողմ խորան մը կայ սուրբ Հրեշտակապետ, ոչ իւր խաչերուն եւ ոչ պատերուն վերայ   նշանաւոր գիր կամ թիւ կայ։ Իւր առաջն է սուրբ եկեղեցուոյ ներքին գաւիթը քարաշէն եւ կամարակապ. նոր եւ շէնքն, կարելի է քիչ տարի ըլլայ իւր նորոգումն, սոյն  գաւիթն է դարձեալ սուրբ Աստուածածնի Տաճարին յանդիմանը, ուստի եւ նեղ երկայնաձեւ ինկած է դրից լայնութիւնը, գմբէթ չունի։ Խորանին լայնութիւնն է 45. երկայնութիւն՝ 23 ոտնաչափ։

Գաւթի առակողմեան ծայրն է Ս. Սիոն տաճարի դուռը, որ ամէն շէնքերէն հնագոյն է եւ ամենեւին նորոգութեան նշաններ չունի. իւր քարեր փուխր են, բայց եւ զարմանալի ամրութեամբ կարծրացեալ, որմի քարանց շատերուն վերայ հին խաչանշաններ կան, տեղ տեղ ալ գիր կը նշմարուի, բայց աղաւաղ եւ եղծեալ են հնութեան ձեռքը։

Տաճարիս լայնութիւնն է 14. երկայնութիւն 23 ոտնաչափ, սեղանին երկու կողմ փոքրիկ խորաններ կամ պահարաններ կան, ասոր թուականն ալ անյայտ է. բայց հաւանական է որ Սուրբ Լուսաւորչի հիմնարկութիւնն ըլլայ, իւր հնութեան ապացոյց գուցէ այս ըլլայ, որ տեղը խորին անձաւ ըլլալով շարժ չէ պատահեր։

Վանուցս արդի թեմերն են երկու գաւառ, Նորտուզ եւ Մահմտանք, ընդ ամէնը 27 գեղ, որոց առատ պտղիով, եւ որոց օգնականութեամբ կը կառավարուի վանքս. թէ եւ անթիւ չըսեմ, ամենառատ խոստմունքներ ալ յատուկ ուխտաւորներէ զանազան կողմերէ անպակաս են։ Իւր հին թեմերու հետ համեմատելով շատ նուազ կը գտնամք, բայց եւ կ՚ուզեմք աստ հիներուն անունն ալ յիշատակել, զորս հանինք հին ձեռագիր կոնդակէն, որք են. «Շատխոյ երկիրն, Խումար եւ Բօխտանք մինչեւ ՚ի Գզիրէն, Մահմտանք իւր երկրովն մինչեւ ՚ի Սուանն, Նորագեղ իւր վիճակօքն մինչեւ ի Ջուլամերկ, թէմէ Հոգւոց վանից սուրբ Աստուածածնին»։ Սոյն գաւառաց անուններ շատերուն անծանօթ ըլլալով, պարունակեալ գեղերուն թիւը կը դնեմք, որ 200 կամ եւս առաւել։

Սուրբ վանքս լեռնամէջ ըլլալով չունի իւր անդաստանները, այլ երկու ժամ ու կէս հեռաւորութեամբ ՚ի ձորն Հիւսիսոյ է Մզրէն (Չիֆթլիկ), ուր առատ են արօտները եւ հերկելու երկիրներ, վանից կիւթան, անասունք, ոչխարներ եւ այլ ամենայն աստ կը պահուին։

Սուրբ վանուցս նշանաւոր մասունքներն են.

Ա. Սուրբ Գեղարդն Քրիստոսի, որ երեւելի եւ հրաշալի է յոյժ, առ որ ամենայն ախտաւորք կը դիմեն ամենայն ջերմեռանդութեամբ եւ անշո՜ւշտ իրենց հայցուածքը կը կատարուի, մէք ալ անարժանութեամբ համբուրեցինք, բուն իսկ Գեղարդ ձեռաց կիսոյ չափ երկայն թանձր արծաթ խաչի մը մէջ դրուած է՝ վրան ականակուռ պատեալ, փոքրիկ խաչ մի ալ իւր հետ արծաթէ տուփի մը մէջ կը պահուի։ Սա յատուկ պաշտպան է անդաստանաց պտղոց վնասուց, զոր յամենայն տեղիս կը տանեն եւ կը փարատի ամէն ախտեր։ (Կ՚ըսուի թէ իսկ Գեղարդ չէ ասիկայ, այլ Քրիստոսի փուշ պսակի կէս մասն) հրաշիւք սորին լի է Վասպուրական աշխարհս։

Բ. Սուրբ Նշան կենաց փայտ, զոր Իւղաբերից կ՚անուանեն։

Գ. Սրբոյն Գեւորգայ զօրավարին մատը։

Իսկ Սուրբ Կենդանագիր պատկերին համար գրելս աւելորդ է, որ ինքն իբրեւ Դշխոյ պանծալի երկնից Արքային բազմեալ ՚ի գահս այս սքանչելի մեծամեծ հրաշիւք հռչակեալ է ընդ ամենայն տեղիս, իսկ թէ չը գիտցող եւ յատուկ փափագողներ ըլլան՝ թէ ինչպէ՞ս, որո՞ւ ձեռքով  եւ ուստի՞ բերէր հանգուցէր են այս անգին եւ պատուական շնորհաց Աստուածային Գանձը Հայաստանեայցս ծոց՝ զայս լիովին կը գրէ թէ Խորենացին եւ թէ Յայսմաւուր։

Սուրբ վանիցս անթիւ հրաշքներ կը պատմեն, որք հին եւ որք նոր որոց ստուգութեան ամէնին տարակոյս չիկայ, քանի որ դեռ շատեր կըլլան յայտնապէս եւ պիտի ըլլան ՚ի փառս սուրբ Կենդանագրին Տիրամոր։

Վանիցս արդիւնքը համեմատելով ուրիշ վանքերու հետը, այսչափ կը գրեմ, եթէ կայ ազգերնուս սուրբ Երուսաղէմ մը, սուրբ Էջմիածին մի եւ սուրբ Կարապետն Մշոյ, ասիկայ ալ եթէ անոնց կարգին չէ, անոնց երկրորդն է, բայց շինութեան եւ բարեվայելչութեանց մասին քան զհետին վանքերը եւս ստորին է։

Կարօտ է շինարար վանահայր վարդապետի մը, ժիր արթուն իւր պաշտօնին միանգամայն  եւ ազգասէր, որոյ ձեռօք նորոգուին խայրխալեալ տեղեր, վայելչանան անշուք տաճարը եւ այլ սրբազան վայրերը. հաստատուի եւ բարեկարգուի վարժարան ժառանգաւորաց, իւր թեմականներէն ընտրելով մանկունս ուշիմս որպէս զի անոնցմով պայծառանան գեղջուկ եկեղեցիները, որք  աւա՜ղ ամենայնիւ զուրկ են բեմին բարեզարդ վայելչութենէն, որուն համար կ՚ողբայ Խօրէնացին։ Եւ այլ շատ պիտոյքները կարող է հոգալ վանքը, աւելին ալ դրամագլուխ կարգել։ Այս ամէն կարօտութեանց մէջ հեղձեալ եւ մեծամեծ շահօք լցեալ  կը ծփայ. իւր ձեռքէն բռնողներ պիտ ըլլան եւ նորոգիչ ազգասիրաց հզօր եւ անկաշառ բազուկը, առ որս կաղաղակեն իւր հիմանց քարերն անգամ։



[1]            «Քանզի դեւք բազումք բնակեալ էին անդ. եւ պատրէին զմարդիկ տեղւոյն տուեալ յայնմ տեղւոջէ դեղս ախտականս առ ՚ի կատարել զպղծութիւնս ախտից. կռանաձայնս դարբնաց ահաւոր հրաշիւք արհաւիրս գործէին. յորս մարդիկ աշխարհին սովորեալք. անդ առ քրային դեգերէին. առեալ ՚ի չաստուածոցն (Անահտայ) ծրարս թարախածորս ՚ի պատիր ախտիցն… Եւ անուանէին զանուն տեղւոյն այնորիկ Դարբնացքար» (Տե՛ս Սրբոյ հօրն մերոյ Մովսէսի Խորենացւոյ Մատենագրութիւնք. Վենետիկ. 1843, էջ 249)։

[2]            «Իսկ քոյր Յուսկանն Մարիամ կոչեցեալ՝ անցանէր յանկոյս գետին մեծի… փոքրագունին, եւ միայնացեալ կատարեցաւ։ Եւ ի նմին տեղւոջ կացուցանէ տեսուչ տեղւոյն զքոյրն զԱննայ եւ զՄարթա, եւ զքոյր Որմզդատայ եւ Մաքովդրի» (Տե՛ս Ն. տ.

[3]            Շատ հետաքրքիր եղանք սոյն պատկերի բուն տեղը իմանալու, Խորենացին կըսէ. «Անդ հիմնարկեալ սուրբ Առաքեալն (Բարդուղիմէոս) զհիմն տաճարի Սրբուհւոյն իւրովք իսկ ձեռօքն. շինեալ եկեղեցի փոքրագոյն եւ անուանեաց զնա սուրբ Աստուածածին եւ եդ ‏՚ի նմա զպատկեր Տիրուհւոյն»։ Աւանդութեամբ կը պատմեն տեղւոյս միաբանք թէ այս դռնէն ներս  կերթայ ուղղակի սուրբ սեղանի ձախակողմեան որմին հիմը. ուր հանգուցեալ է Կենդանագիրն, այս դրան գոցուիլը քանի հարիւր տարի է։ Սակայն ի՞նչ էր առիթ գոցուելուն՝ հաւաստի տեղեկութիւն մը չը կրցինք առնուլ։