13.
[ՍՈՒՐԲ
ԿԱՐԱՊԵՏԻ
ԿԱՂ
ԴԵՒԻ
ԱՒԱՆԴՈՒԹԻՒՆԸ]
Սուրբ
Լուսաւորիչ
ժողուեց
դիւան
լցեց
զընդան.
Թօփալ
դեւն
եկաւ
եաման
Ասաց,
զիս
մի՛
գներ
զընդան.
Ես
կեղնիմ
սուրբ
Կարապետու
փոշեհան
Տանիմ
թափեմ
Փրէ
[1]
պաթման.
Մինչ
օր
Քրիստոս
դա
դատաստան։
Աւանդութիւն
է
ազգիս
պարզամտաց
մէջ,
միանգամայն
եւ
ջերմեռանդ
բարեպաշտութեան
մաս
մը
համարուած
է
այնպիսեաց,
որք
կ՚հաւատան
թէ
Մշոյ
սուրբ
Կարապետի
վանուցս
մէջ
կաղ
դեւ
մի
կայ,
որ
Ս.
Լուսաւորչին
շատ
աղաչէր
զինքը
չհալածելու
կամ
չկործանելու,
եւ
յանձն
առած
է
ուխտիւ
Ս.
վանուցս
փոշին
կրել
թափել։
Այս
բանի
վրայ
յարմարցուցած
են
բանաստեղծք
կամ
աշուղներ
վերոգրեալ
ասացուածքը,
եւ
իրաւացնէ
ինչպէս
կասեն,
նոյնպէս
եւ
կ՚հաւատան։
Ո՞վ
կը
համարձակի՛
նոցայ
առաջ
ասել
թէ՝
սուտ
է,
կամ
առասպել
այդ
բան։
Ըստ
ամենայնի
կը
ջանան
պէսպէս
փաստերով
համոզել
զքեզ.
նշան
ու
ապացոյց
ալ
ունին.
քանզի
կասեն
«Հապա
ի՞նչ
կը
լինի
փուռի
մոխիրը,
եւ
ի՞նչ
է
այն
մոխիրներ
դիզուած
է
Փրէ
Պաթման»։-
Այլ
մենք
գիտենք
որ
փուռի
կրակը
այս
այն
անձինք
միաբանք
թիակներով
ամէն
օր
կտանի՛ն
իրենց
սենեակներ,
ու
այսպէս
կը
սպառի
փուռի
կրակն
ալ,
փոշին
ալ,
եւ
թէ
այն
Փրէ
Պաթմանի
քով
մոխրագոյն
հողի
կոյտ
մի
է,
եւ
ոչ
իսկական
մոխիր։
Այսպիսի
խօսքերով
թէ
նորա
ապացոյցը
ջրէս.
շատ
կը
ստմտի.
եւ
իր
սրտի
ջերմութենէն
կ՚դառնայ
թերեւս
քիչ
անհաւատ
կամ
ֆարմասոն
տիտղոս
մը
կշնորհէ.
բան
չունիս
գլուխդ
ծեծէ
ու
պոռայ։
Սակայն
քանզի
մեզ
պարտք
եղած
է
նոցայ
միտքերը
լուսաւորելու
համար
գրել.
համոզել,
ահա
քանի
մը
խօսք։
Ո՞
հաւատացեալ
եղբայր,
այսպիսի
սրբութեան
վայր
մը,
ուր
Քրիստոս
Աստուած
կը
պատարագուի,
եւ
ուր
սուրբ
Կարապետին,
սուրբ
Առաքելոց.
Հայրապետաց,
Մարտիրոսաց,
Ճգնաւորաց
հրաշալի
մասունք
եւ
մարմինք
կան
ամփոփեալ.
ուր
կենաց
փայտի
մասն
որոյ
ի
յահէ
փառաց
կործանեցաւ
(սատանայ)
յանդուգս,
այս
ամէնքը
դիւաց
հալածիչ
կործանիչ։
Կաղ
դեւը
ինչպէ՞ս
կրնայ
կենալ
այսպիսի
տեղ
մը,
միթէ
կարո՞ղ
է
ցօղ
կամ
խռիւ
կրակի
վառուն
բոցերու
մէջ
ապրիլ,
կամ
խաւար
արեւու
առջեւ
կայնիլ։
Եթէ
սատանան
սոսկ
Քրիստոսի
անունէն
կ՚սարսափի
եւ
յանդնդոց
յանդունդս
ծակէ
ի
ծակ
կ՚սուզանի.
եթէ
սոսկ
սրբոց
հովանիքէն,
կամ
նոցայ
անունը
յիշատակելէն
կ՚կործանուի.
ապա
կարո՞ղ
է
ալ
Աստուծոյ
տան
մէջ,
Սրբոց
վկայարանից
մէջ
բնակել։
Քաւ
լիցի։
Արտաքոյ
ներքին
բակի
վանուցս՝
ի
մէջ
պարսպին
հին
ու
փոքրիկ
մատուռ
մի
կայ
Ս.
Յարութիւն,
որոյ
հիմունք
եւ
բոլոր
շինուածքը
ս.
Լուսաւորչին
է,
կը
հաւաստեն,
բուն
Գիսէի
կռոց
տեղն
է
այս,
ուր
Զենոբ
«Դուռն
դժոխոց»
կ՚կոչէ.
եւ
կըսէ
դիւաց
բազմութիւն
անթիւ
էր
հոն
զորս
կործանեց
Ս.
Լուսաւորիչ։
Այժմ
այս
Ս.
Յարութեան
մատուռը
իրեն
խորանի
դուռը
փոքր
գաւիթ
մի
ալ
ունի
ծածկած,
եւ
այն
գաւթի
մէջ
խորանի
շեմի
քով
կը
ցուցանեն
տեղ
մը,
որ
հորի
բերնի
չափ
ու
նորա
պէս
բոլորակ
է,
բայց
հողով
ու
քարով
լցուած
է
գաւթի
յատակին
հաւասարած.
էկող
ուխտաւորներ
ամենայն
փութով
կ՚հարցնեն
եւ
երկիւղիւ
ու
հաւատով
կերթան
հոն.
զոր
եւ
Դիւատուն
կ՚կոչեն.
-
Չարաչար
կոչումն։
Խորին
ուշիւ
ականջ
կը
դնեն,
ու
իբր
թէ
դիւաց
տքալու
թշուառ
ձայն
մը
կ՚լսեն
այն
տեղէն.
եւ
կելնան
միմեանց
ալ
կը
պատմեն
հաւաստեաւ
մը։
Հոս
է
Ս.
Լուսաւորիչ
լցեր
զդեւեր
եւ
կապեր.
որք
կապանաց
մէջ
կը
հեծեն.
ու
սանդարամէտէն
իրենց
ձայնը
մինչ
հորի
բերանը
կ՚հասնի,
լսողներ
կ՚լսեն.
իսկ
չըլսողներ
ոչ
կ՚հաւատան
ոչ
լսեն։
Զարմանալի
հետաքրքրութեամբ,
ու
փափագանօք
մը
հարցանեն
նոյնպէս
ուխտաւորներէն
շատերը
եւ
կը
ստիպեն
կ՚թախանձեն
ցոյց
տալ
իրենց՝
փոշեհան
կաղ
դեւը.
որքան
կուզես
քարոզէ.
նա
կը
ցաւի
քեզմէ
եւ
կ՚կարծէ
թէ
յատուկ
դիտմամբ
իրեն
չեն
ցոյց
տար։
Անգամ
մը
ուխտաւորին
մէկ
այսպէս
կ՚թախանձէ,
կ՚փափագի
տեսնալ
անպատճառ.
եւ
վանքիս
դռնապանին
շատ
կստիպէ.
ճարը
կ՚հատնի
դռնապանին.
բայց
դէպքը
կ՚յաջողի։
Վանքէս
կէս
ժամ
հեռի
մը
կայ
Բազու.
այս
գեղի
ժամկոչ
Մ.
Անտոն
երկու
ոտքէն
կաղ
վեհագոյն
կաղ
մը
երկայն
ու
խառնակ
մօրուք
մը
ունի.
հնոտի
քոլոզ
մը
գլուխ՝
մէկ
կողմի
վրայ
ծուռ.
վրայի
լաթերն
ալ
ցնցոտի.
այս
խղճալին
փուռի
դուռնէն
դուրս
կելնէ
այն
ժամանակ.
դռնապան
կ՚սկսի
ամենայն
զգուշութեամբ
ու
կամացուկ
մը
այն
փափագող
ուխտաւորին
մատնանիշ,
ցոյց
տալ,
թէ
«Ահա
փոշեհան
կաղ
դեւը».
Միամիտ
խիստ
ափշութեամբ
ու
ըղձանօք
կը
տեսնայ.
«Դեւերն
ալ
մեզ
նման
են,
կըսէ
փառք
քեզ
Աստուած.
փառք
քեզ»։
Երեսը
կը
խաչակնքէ
քանիմ
անգամ
դռնապանէն
ալ
շատ
շնորհակալ
կը
լինի
իր
մտքին
մէջ
խիստ
պինդ
կհաստատէ
այս
հաւատքը։
Այլ
դու
ասա
այդքան
ուխտաւորներէն
կամ
թեմականներէն
քանիսը՞
գիտեն
կամ
կը
փափագին
գիտալ
Ս.
վանուցս
տաճարին
մէջ
ննջող
մեր
ազնիւ
նախնեաց
Մամիկոնեանց
գերեզմանները
Առիւծն,
Մուշեղ,
Գայլ՝
եւ
իւր
թոռնիկն
Վահաններ,
Կորիւնն
Սմբատ,
եւ
այլ
ականաւոր
ու
պատուական
անձինքն,
Ս,
Անտոնն
եւ
Կրօնիդէս,
եւ
եօթն
Խոտաճարակներ,
թէ
ո՞վ
են
սոքա
եւ
ու՞ր
կ՚ննջեն
հազարէն
մէկը
չի
հարցուներ։
Ո՞ւր
են
մոլեգին
քրմաց
եւ
քրիստոսասէր
հայկազն
քաջաց
իշխանաց
ճակատատեղին,
Արձանի
Արձանն,
այն
անուանի
Կուարս
մեծ
աւան,
Տրդատայ
արիութեան
ասպարէզը,
ո՞րն
է
այն
Մեղտին,
ո՞րն
է
Խորոնք,
ո՞ր
Բազու,
ո՞ր
Աւետեաց
բլուր,
Ողկան
բերդ,
Ղազարու
վանք,
Ս,
Առաքեալք,
երանեալ
Թարգմանչաց
շիրիմներ,
Արտաշատն
եւ
Ս.
Սահակայ
տամփարան.
եւ
այլն
եւ
այլն։
Ասոնք
որ
բարեպաշտութեան
եւ
հայրենասիրութեան
մէկ
մէկ
գանձարան
են
Տարոնոյ
մէջ,
բայց
աւաղ,
թէ
բնակչաց
թէ
ուխտաւորաց
շատերէն
անծանօթ.
ոչ
կ՚ճանաչեն
ոչ
հարցմունք
կընեն.
ոչ
փափագ
եւ
ոչ
հաւատք
կընծայեն։
-
Այլ
կաղ
դեւը։
[1]
Փրէ՝
Մարաց
լեզուաւ
կամուրջ
ըսել
է.
Պաթման
կամ
Պաթում
գեղ
է
կսեն
Ներքին
դաշտ-ը,
Եփրատ
գետին
վրայ
շինուած,
որ
այժս
աւերակ
է,
եւ
վանքէս
քանիմ
աւուր
ճամբայ
հեռի
է։