Վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ…

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

18. ՄՇԵՑՈՒՈՑ ՎՐԱՅ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Ա. ՄՇԵՑԻ  ՀԱՅՈՑ  ՆՈՐ  ՏԱՐԻ

Ու՞ր է քո սեղան, մշեցի հայ, ինչո՞ւ խնջոյք չես կազմեր։ Ահա վերջին քայլափոխը փոխեց հին տարին, իր վերջին վայրկենին հետ անցաւ սուզեցաւ ինքն ալ։ Արարածները բոլոր կը ցնծան յուսով նոր տարին շնորհաւորելով բայց դու կը հառաչես…

Կը հառաչե՜ս սրտիդ խորերէն, եւ թէպէտ սեղան մը, եւ թէպէտ խընջոյք մը ունիս կազմած կորեկի փշրանքներով եւ գըլգըլի պատառներով, թթու եւ կծու կաղամբը իր ջրով քոյդ սեղանի զարդն ու օշարակն է. ուտելի՜ք, որ կը ցամքեցնէ մարդոց  արիւնը, խմելի՜ք, որ կը տրորէ մարդոց լերդը, եւ զայն արտասուացդ կաթիլներով կը խառնես։ Ահ զաւակդ ալ այն քու թափած արցունքէն կը ճաշակէ եւ տխուր  երեսիդ յառելով իր գեղեցիկ, անմեղ ու պայծառ աչուըները, ինքն ալ կը թառմի, եւ առանց բան մը գիտնալու ինքն ալ կը տխրի, եւ կը սկսի ձայն արձակել ու մորմոքով լալ…։

Լա՜ց եւ արտասուք փոխանակ երգոց եւ զուարճութեանց կը մատուցանէ մշեցի հայն նոր տարւոյն տօնին, հոն մանկամարդ  մայր մը իր  մերկ զաւակին նայելով կը հեծեծէ, հոս այրին իր որբը գրկած միասին կը ողբան ու կը մղկտան, այնտեղ նոր հարսը մէկ ձեռքը իր կուրծքին վրայ՝ միւսը աչերուն վրայ դրած միայնակ նստեր ցուրտ եւ դատարկ տան անկիւնը կը դողդողայ եւ իր փեսայի պանդխտութիւնը կը յիշէ եւ կը ողբայ. եւ ասոր փեսան այն ջահիլ ջիւան կտրիճ մշեցին՝ այս վայրկենին դեռ նոր բեռը իր ուսերէն վար առած, ճակտին քրտինքը կը սրբէ, եւ կերթայ քանի մը իրեն պէս պանդուխտներու  հետ կը բազմի կամ Թիֆլիզու մէգտանխանէք, կամ Պոլսոյ մեյխանաները տապակած ձուկը իր առջեւ եւ գինւոյ բաժակը բռնած ձեռքը կը ճաշակէ, տեսնողը  գիտէ թէ ուրախութիւն է այս, բայց ոչ ատոր սիրտը արեան ծովի մէջ կը ծփայ։ Մշեցին եթէ կը ճաշակէ գինի, կը ճաշակէ նա զայն իբրեւ թմրեցուցիչ դեղ իւր զգայարանաց, իբրեւ մոռացուցիչ իւր մտաց եւ յիշողութեանց, որոց մէջ կտորիկ  մը մխիթարական չկայ, այլ ամենեւին  ցաւալի, ամենեւին չարաչար եւ մահու արժանի…

Մահու արժանի իր տեսած օրերը, իր կրած իրերը, ինքն եւ իրենները։ Ամէն տարին ալ նոր տարի եկաւ, բայց միշտ միշտ նորն քան զհինն դառն եղաւ, ետեւը դառնայ գուբ , առջեւը նայի գերեզման… Ասոր համար չի կարող յոյս առնել, չի կարող մխիթարուիլ, անցելոյն պատճառաւ ինք ներկայ չունի, եւ ներկայ չունենալով ապագան բնաւ չունի… Ի՞նչ կեանք է այս։

Ի՜նչ կեանք է այս։ Երանի՜ մրջիւնին եւ Արօս թռչունին, նա իր կուտը կուշտ կուտէ, սա իր սիրեկան ամուսինը իր հետը կը պահէ։ Երանի՜ սարեկին, որ իր ծագերը իր ածածէն (ձուէն) կը ծնի, իր փետրիկներով զանոնք կը ծուարէ դարմանէ, իր բնութիւնն ու լեզուն անոնց կուսուցանէ եւ ազատ կը թռուցանէ, Մշեցի Հայն քան զանոնք շատ թշուառ է, իրաւունք ունի որ միշտ ձեռքերը իր ծունկին վրայ կապէ, աչերը արտասուաց ծով անէ եւ իր կեանքն, իր ամուսինը եւ իր տղեկները ողբա՜յ աւաղէ…

Աւաղէ՜ թող, իրաւունք ունի, վասն զի իր խրճիթը ծածկող գերաններն ալ տոկոս գրուած են… իր զաւկին ժառանգութիւն ի՞նչ պիտի թող տայ, պա՛րտք, աշխատութիւն, բանտ, տուգանք, արտասուք մինչեւ մահուան օրը, քրտինքը հեղեղի պէս, որ շարունակ ճակատէն պիտի թափէ, եւ անոր մէկ կաթիլն անգամ իրեն բաժինը չէ, ծեծ՝ ոսկորները փշրելու չափ, ստրկութիւն քան գերութիւն գէշ վիճակ։ Ո՛հ, այն դաշտի մէջ գըլգըլացող աղբիւրը՝ որմէն ինքն ջուր կը խմէ, այն արտիկը, որոյ մէջ քրտնաթաթախ եւ արնակէզ ինքն վար կը վարէ եւ հունձ կը հնձէ, այն եզնիկը, որ իր ձեռքով փայփայէր, սնուցեր եւ իր կենաց ու քրտանց հաւատարիմ ընկերն է եղեր, ասոնցմէ եւ ոչ մէկն ալ իրեն չի մնար։

Թէ կուզե՞ս լսել, Մշեցւոյ սովորական երգը երգեմ քեզ՝ որ այս է։

«Մենք աղջիկ ու տղայ հայոց համար չենք ծնիր…

Մենք տուն մեզ համար չենք շիներ…

Մենք հաց մեզ համար չենք ցանէր քաղեր…

Մենք մեզի համար չենք ապրեր…»…։

Այս է մշեցի հայոց մեղեդին ամէն տօնին եւ Նոր տարուայ սեղանին, մոխիրն է իրենց կերակուր եւ լեղի ըմպելին։ Առէք կցեցէք, Մշեցի հայեր, կցեցէք ձեր այդ երգի հետ այս քանի բառերն ալ հնչեցէ՛ք քնարով ձեր սրտի այս սրտառուչ տողերն ալ,

«Մեր պապեր եւ մենք տաճար ենք շինէր, զոր կը պղծե՜ն…

Մենք Քրիստոսի հաւատքը կը պաշտենք, զոր կը հայհոյե՜ն…

Մենք սուրբ խաչ կը կազմենք, կօրհնենք եւ կօծենք, զոր կը խլեն ու կը փշրե՜ն…

Մեր տէրտէրները կը գանակոծին եւ վարդապետները կը սպաննե՜ն…

Մեր սրբութիւն, սկիհներ, մեռոն եւ աւետարան ոտքի տակ կը դնեն կոխկռտեն…

Մեր հոգին ալ սպաննել կուզեն…

Եւ մենք հայ ենք, եւ մենք ԺԹ դարու մէջ ապրող մարդն ենք»։

Ելնենք այս արտասուաց տունէն եւ ցաւոց սեղանէն, ընթերցող, բաւական է Նոր տարւոյ առթիւ այսքան մը խօսիլ Մշեցի հայուն հետ, անցնինք անոր կերպ կերպ վիճակներ եւ սեւ օրէն քանիսը նկատել։

Բ. ՄՇԵՑԻ ՀԱՅՈՑ ՀԻՆ ՏԱՐԻՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՌՕՏ [ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ]

Ո՞վ լսէր էր, ո՞վ տեսեր էր ինչ որ Մուշը տեսաւ այս հին, բայց մօտ տարիները, ոհ չե՞ս գիտէր ո՛ր կողմը դառնաս, ո՛ր թողուս  որը՛ լաս։ Օր մը աստուածասաստ պատուհաս կը գոսացնէ բոլոր բոյսեր եւ պտուղները, եւ մարդն ու անասուն կը նուազին ու գետին կը փռուին։ Օր մը հիւսիսի լեռնականները սուր ի ձեռին իբրեւ կատաղի արջեր հազար հազար կը լեցուին այս աշխարհը, այգիներ, արտեր, բոլոր բերքերը կապականեն, շէնքերը կը կործանեն, ոչխար եւ առհասարակ անասուն անթիւ, որը կը կոտորէն, որը կուտեն։ Քանի՞ մէկ հայեր արեան մէջ թաթախելով գերեզման կը դնեն։ Մանրավանքը կը կողոպտեն եւ վանահայրը Պօղոս վարդապետը կը սպաննեն, լացաւ, աղաղակեց այն օրը Մշեցի Հայն ու լռութի՜ւն անձայն արձագանգ մը եկաւ իրեն Պոլիսէն - «մոռացէ՜ք»…։

Թիլ գեղի եկեղեցին քակեց եւ այն օծեալ քարերով բերաւ իր տունը շինեց Մշոյ Մեճլիսի Սէլիմ աղան, Քարձորայ եկեղեցւոյ մէջ նստան՝ աղբով ապականեցին։ Կողոպտեցին Զիարաթու եկեղեցին, Մեղտուայ եկեղեցին, Ջրից եկեղեցին, Առնջուանից եկեղեցին, Նորշինու եկեղեցին, Մշոյ Ձորոյ թաղի եկեղեցւոյ վրայ քաշեցին թուանքներ արձակեցին, Մշոյ մէջ Քրդի թաղի Ս. Սարգիս եկեղեցին իսպառ մերկացուցին, որոնցմէ Զիարաթու եկեղեցւոյ գողացուածներուն կէսը Մղագոմէն գտնուէր է, որ քրդու գեղ է եւ շեխի օճախ ու սոխթաներ ունի մէջը…

Ձորայ թաղի եկեղեցուոյ գողերը փախած ժամանակ նշանով ճանչցեր ու Մշոյ կառավարութեան ատենի մէջն ալ վրան ապացուցէր էին, որ սոխթայ էր։ Ս. Սարգսի գողերն ալ իր տեղւոյն եւ այլ եւ այլ հանգամանքներուն նայելով սոխթաներ էին։ Չէ՞ որ Զ. եպիսկոպոսի թոռնիկ Պ[արօն] Կարապետի խանութն ալ պատռող եւ 1200 ղուրուշի ապրանք հանողը սոխթայ էր, որոյ մօտ նշաններ գտան եւ իլամ ալ ըրին, բայց եւ ոչ մէկը հատուցում ընդունած չէ։ Ասոնց հետեւութիւն եղաւ Ս, Յոհաննու վանքի կողոպտուիլ, այն՝ որ մեր ազգի եւ եկեղեցւոյ նկամամբ ունեցած հնութիւններով եւ սրբութիւններով մեծ գանձարան մը կը համարուէր, սոխթաներ կործանեցին, մերկացուցին, վարդապետը մահու դուռ ձգեցին։ Ինչ որ Սլիքանու գեղի եկեղեցուոյ մէջ գործուեցան՝ աշխարհին յայտնի է, գրիչս կը սոսկայ կրկնել նկարագրել այն ահագին ոճիրը… Մշոյ փաշայի տան դրան առջեւ Տ. Յակոբեան Տ. Զաքար քահանայն աղէկ մը ծեծեցին։ Դեռ քանի մ՚օրէ Մխիթար վ[արդապետ] Ծխաւայ գեղին մէջ պաշարելով՝ վեց գնդակ իրեն զարկին թէպէտ ողջ մնաց ու փախաւ ի Կարին։

Քիւրդ Ֆալամազը, իւր երկու եղբայրը վեց գիւղ հայ ունին իրենց ձեռքի տակ իբր թէ առնելիք ունին այն գեղացուոց վրայ, բայց իրենց տուած ստակին տասնապատիկը առնելէն զկնի այլ եւ այլ միջոցներով, անոնց ամէն ունեցած բաներուն կարծես տէրն են։ Այսպէս են Ջիպրանցիք՝ Վարդայ հայոց հետ, Հասնանցիք՝ Պուլանխայ ու Մշոյ դաշտի մէկ մասի հայոց հետ, Միրզայբեկ ու իրեն պարագայքը Չուխուրայ հայոց հետ եւ ամէն տեղի եղած քրդերը՝ այն ամէն տեղի Հայոց հետ։

Շէյխեր կան, որոնք սոխթաներ կը պահեն կը կարդացնեն, բայց ի՞նչ կը կարդացնեն… հասկցողը կը հասկնայ։ Ասոնցմէ քանիսը Մշոյ թաղերուն մէջն են, միւսները գեղերն են, զորօրինակ շէյխ մը Թիլ, շէյխ մը Մալաքանդ, շէյխ մը Յատկոն, շէյխ մը Էպրի, շէյխ մը Լաթառ, եւ այլն եւ այլն, եւ այլն… Առեւանգութիւններ՝ որ յաճախ կը պատահին եւ երբ կը դիմեն շէյխերուն կամ մեծ քրդերու օճախը, եթէ քահանայ գտնեն կը բռնադատեն պսակել կուտան, թէ ոչ, մօլլայի մը քեպել կտրել կուտան, ու կը համարուի այն օրինաւոր ամուսնութիւն, ի վերջոյ երբ զաւակ ծնանի ասոնց, քահանայն ստիպեալ կուգայ պահպանիչ մը կըսէ, պսակ կը սրբէ, ու կը տանի տղան մկրտէ, թէ եւ այս քիչ կը պատահի կըսեն, բայց կը պատահի։ Այս առեւանգութեանց մէջն ալ այն շէյխերուն կամ քրդերուն բաժին կայ, եւ շատ անգամ հոգւով ու մարմնով բոլորովին իրենց բաժին կընեն։ Պատճառ ասոնք են կարծեմ, որ այս աշխարհին մէջ թէ էրիկ  կնիկմարդ շատ կը տաճկնան, եւ պատճառ ասոնք են որ շատ հայերը քրդերու օրինաց ու կամաց աւելի սիրող եւ հետեւող են ու գրեթէ ազգային եւ քրիստոնէական մասերէ օտար։

Այսքան մը այս կարգի եղածները, որ ինչպէս յայտնի է քառասունէն մէկը հազիւ գրեցի, իսկ այն որ սովորական է թիւը չի կայ, ամէն տարի ձրի խոտ եւ ցորեն քաղել տայ հայոց, անոնց ձիերը եւ ամէն անասունները ծառայեցնել, ու շատ անգամ խլել տարեր ալ, եզ, ոչխար, հաց, խոտ եւ յարդ ձրի առնել, այս բաները թէ քրդեր թէ շէյխեր, եւ թէ զապթիաներն անգամ կընեն։

Գշլաղ պահել տալ, գոմէշներ եւ այլ շատ մը անասուններ զարնել սատկեցնել, մարդերը մահու չափ գանակոծել, տուգանքներ առնել, կաշառներ առնել, թաշիր առնող շեհնէներու եւ ոչխարի տուրք առնող խամչուրջիներու ըրածներն ալ խիստ շատ են գեղերու մէջ, ես կարող չեմ ամէն բանը այս տեղը գրել։ Ընթերցող, ո՛ւր եւ երբ կը տեսնաս հայ մը դէմքով թօշնած, հոգւով ճնշուած, աչքը արտասուալից, ոտքը բոբիկ, անձը մերկ, միայն չուան մը իր մէջ կապած, եւ եթէ մինակ հնոտի կտրտած շապիկով մը փաթթուած հասած աղջիկ կամ կնիկ մը կը տեսնաս, այդ նշան է թէ դա Մշոյ ժողովուրդ է, բայց պիտի տեսնաս ատի քանի մ՚աւուր մէջ այդ քաղքի մէջ փոխուած մի ուրիշ կայտառ եւ զուարթ արարած մը, երբ ազատուած է Մշոյ մէջ ունեցած վիճակէն,,,

Թող անցնինք այս արիւնոտ տեսարանէն, քիչ մ՚ալ քաղաքականապէս նկատենք Մուշը, ապա ազգային տունէն ներս մտնենք։

Գ. ՄՇԵՑՒՈՅ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՎԻՃԱԿԸ

Մշոյ կառավարութիւնը ի՞նչ կըսէ կամ ի՞նչ կընէ ասոնք տեսնելով, բայց ինչ կըսեմ, չէ՛ որ ինքն է ընող եւ ընել տուող, չկայ Մշոյ մէջ մեճլիսի աղա մը որ ամէն տարի գաւառի մը կամ քանի մը գեղերու թաշիրը չառնէ, այն ինչ կիմանամք թէ տէրութեան օրէնքը կարգելէ կառավարութեան անդամներուն վարձակալութիւնը ընել։ Խեղճ ժողովուրդը որոնցմէ որ կը զրկուի, նոյն իսկ անոնց կուգայ բողոքելու, անոնք են միանգամայն դատաւոր եւ դատախազ։ Միայն փաշաները՝ երբ նոր կուգան, ժողովրդեան յոյս կուտան, բայց՝ ինչպէս սովորաբար իբրեւ առած կըսուի, երբ Մեղրագէտի սեւ ջուրը խմեն, ուրկից պիտի անցնեն Մուշը մտնեն, բոլորովին կը փոխուին եւ կը դառնան Մշոյ մարդ։

Մշոյ կառավարութիւնը, որ տէրութեան պաշտօնեան եւ անոր կողմանէ հպատակաց պաշտպան ըսել է, կաշխատի խիստ յաջողութեամբ տուրքերը ժողուել, թէ եւ վերջին աղքատ այրին այծիկ մ՚ունենայ, որոյ կաթով իր որբը կը կերակրէ, զայն ծախել եւ հարկը վճարել կուտայ, բայց օր մը կը մտածէ՞ թէ ինչ դրութեան մէջ պահելու է ժողովուրդը որ իրենց վիճակն ապահովնայ, երկրագործութիւնը, արուեստն ու վաճառականութիւնը ծաղկի յառաջանայ, որով թէ բնակիչքը աճեն ու ճոխանան, եւ թէ գանձուց գումարը կաւելանայ տէրութեան, հապա այն պարծանքը, որ կը վաստակի տէրութիւնն ու նոյն իսկ տեղական կառավարութիւնն ալ իր պատահական բարօրութեամբ, եւ ասով հեռաւորաց նախանձն ալ կշարժի, գաղթել գալ լեցնել այսպիսի երկիր մը, որ շատ երկիրներու մէջ թագուհու կոչուելու իրաւունք ունի։

Մշոյ կառավարութիւնը իր ձեռքի տակն ունի Մուշ եւ իրեն դաշտը, Չուխուր, Խոյթ, Մօտկան, Բաղէշ քաղաք, անոր բոլոր գեղերը, Վերին Խլաթ, Ներքին Խլաթ, Վերին Պուլանըխ, Ներքին Պուլանըխ, Մանզկերտ, Վարդոյ, կարելի է ուրիշ գաւառներ ալ ունենայ որ ես չգիտեմ, ասոնք ամէնն ալ խիստ բարեբեր, ընդարձակ եւ նշանաւոր գաւառներ են, բայց ասոնք ամէնն ալ աղքատութեամբ եւ քրդերու բռնաւորութեամբ մաշուած ու տրորուած են։ Թէ ուզէ Մշոյ կառավարութիւնը կարող է մտածել եւ ի գործ դնել այնպիսի կարգ մը, որոյ ներքոյ կընկճի բռնի երկրագործն եւ երկրագործութիւն։ Մշոյ կառավարութիւնը թէ ուզէ կարող է մտածել եւ ի գործ դնել այնպիսի միջոցներ, որ ստիպուի Քիւրդը օրինաւորութեան ու հպատակութեան լուծը իր վզին առնուլ, կարգելով անոնց վրայ օրէնք, որ զօրք տան տէրութեան, հարկ տան, եւ անոնց երկիր սահմանել մշակելու համար այնքան ամայի մնացած պատուական բարեբեր տեղերէն։

Փշրելու է ատօնց ձեռքի մահացու նիզակը, փոխարէնը արդարավաստակ մաճը դնելու է անոնց ափին մէջ, կործանելու է այն սեւ սեւ վրանները, որոնմով լեռէ լեռ կշրջին գայլերու երամի պէս եւ հաստատելու է զիրենք գեղերու մէջ գերաններու տակ, իջեցնելու է զանոնք այն ամեհի նժոյգներէն, եւ եզ վարել տալու է, պէտք է քակել այն զէնքերը ատօնց մէջքէն, որոնմով սարեր ու դաշտեր կը շրջին, ու թէ հպատակաց եւ թէ նոյն իսկ արքունակաց գոյից եւ կենաց յափշտակութիւն աւազակութիւն կընեն, մարդոց մէջ կարգելով անոնց բնակութիւնը, աշխատցնելու, կրթելու եւ մարդկութիւն սորուեցնելու է անոնց, որ մարդու կերպարանք՝ ունին, բայց գազանի կեանք կը վարեն։ Ասով կառավարութիւնը տէրութեան գանձուն ալ շահ կընէ, Մշոյ արքունի յարկաց եւ հասոյթից գումարը տարեկան հարիւրաւոր բեռնէր կը թուին, բայց այն ամէն բեռները կապող Մշոյ երկրի րայայ քիւրդն է եւ հայն է միայն, այն ժողովուրդը՝ որ իրեն մէկ աւուր պարէնին անգամ տէր չէ, իսկ Գարաչատըր քիւրդը որ այս երկրի հարստութեանց տէրն է թէ ոսկիով եւ թէ անասուններով, գրեթէ բնաւ մաս չունի այն բեռներու մէջ։ Ինչպէս դարս կը պահանջէ, եւ ինչպէս կայսրը թէ օրէնքով եւ թէ բերանով կը քարոզէ հաւասարութիւն, արդարութիւն, եւ եղբայրութիւն, առ հասարակ Մշոյ մէջ՝ գող եւ հազար անցանքով սեւցած քիւրդ մը կամ տաճիկ մը եթէ սուտ ալ վկայէ, «տինի Իսլամ եալան սեօյլեմեզ» կըսէ եւ կընդունի կառավարութիւնը, իսկ Հայը «կեաւուր» է, անոր ոչ խօսքը կընդունուի եւ ոչ վկայութիւնը, եւ ոչ կենաց անգամ արժանի է նա։

Մշոյ կառավարութիւնը եթէ քրդերու երկիւղը վերցնէ, կրնայ միայն անասնաբուծութեամբ մեծ առուտուր բացուիլ այս երկիրը, որմէ մեծ եկամուտ կուգայ տէրութեան գանձուն, եւ բաւական հարստութիւն կը շահի ժողովուրդը։ Այն լերանց եւ դաշտաց անբաւ արօտները արեւակէզ կըլլան, արածացող չկայ այդ քրդերու երկիւղին։

Մշոյ կառավարութիւնը եթէ ուզէ կարող է մտածել եւ ի գործ դնել տալ երկրագործութեան մէջ բամբակի, բրնձի, թթենեաց եւ այլ օգտակար բերքերու մշակութիւնը, ինչպէս մէկ քանի տեղ մէկ երկու տարիէ հետէ սկսած են եւ շատ լաւ յաջողէր է, բայց թէ շահնաներու խստութենէն եւ թէ քրդերու ձեռքէն չկրնալով դիմանալ կը խորհէին խափանել, այն ինչ ուրիշ տեղերը մրցանակ կը բաշխեն այսպիսի բանէր սկսողներուն ու կը քաջալերեն։ Թիւթիւնի մշակութիւնը, որ առաջ բաւական շատ էր Մշոյ մէջ, այս քանի տարի խիստ նուազէր է, պատճառը՝ ապահովութիւն չիկայ եւ տուրքը շատ ծանր է։

Մշոյ կառավարութիւնը եթէ ուզէր կարող էր առաջքը առնել եւ թող չտալ որ այնքան երեւելի եւ մասնաւոր տուները փախչէին Մշոյ հողէն եւ երթային ուրիշ երկիրներ, աւերակ ձգելով այս տեղ եւ շէնցնելով այն տեղ, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ հայեր ալ գնացին Երեւան, գիր բերին Ռուսաց հիւպաստոսէն ի Կարին, եւ եթէ ստոյգ յաջողի՝ մինչեւ 400 տուն միայն հայք առաջիկայ գարնանս պիտի գաղթեն Ռուսաստան, անշուշտ  մեծ մասը մ՚ալ անոնց ետեւէն պիտի երթան, ո՞վ կը մնայ Մշոյ երկիրը, ամենեւին բանի տեղ չի դրաւ կառավարութիւնը ասոնց շարժումը, բայց  այս աշնան վերջին օրերը անգամ մի անոնցմէ քանիսը կանչեց ատեանը եւ հարցուց. երբ Աւզաղբիւր գեղէն Խատոյ անունով հայ մը մորմոքելով պատասխանեց թէ «ի՞նչ ծանր ցաւ է իրենց սրտին, ձգել իրենց ծնած ու սնած հողը, այնպիսի վայելուչ ու բարի երկիր մը, Օսմանեան տէրութեան օրէնք եւ մեր կայսեր բարեխնամ հովանիքը, գիտցողին ու վայելողին համար. Մեր  հարց գերեզմանները, մեր վանքեր եւ եկեղեցիքը. եւ ո՞վ գիտէ, ըսաւ, պիտի փճանա՞նք թէ պիտի հանգիստ գտնանք սոյն տեղեր, ուր ամէն բան օտար է մեզ. «բայց ի՞նչ օգուտ ալ, չենք կարող դիմանալ, դանակը ոսկորին հասաւ, եւ փշրեց ոսկորներն  ալ։ Մեր ցաւը միայն Մշոյ Մեճլիսէն է, ձեզմէ որ հակառակ «Արքային կամաց եւ օրինաց զմեզ կը տրօրէք, ամէն ժամանակ կը բողոքենք ու դուք մեր բողոքը սուտ կը հանէք, քրդերուն եւ գէշ մարդերուն պաշտպան կը լինէր, մենք կը դիմանայինք տակաւին, կը դիմանայինք եւ մեր սահմանեալ տուրքեն զատ ինչ որ ուզէիք կուտայինք, միայն աս ամէնը «մեր հաւատքի համար, մեր վանքերու եւ եկեղեցիներու համար, մեր խաչին եւ Աւետարանին համար էր»։ Այս մի միայն ասոնց համար էր, որ թէ տէրութեան յարկը եւ ան տէրութեան յարկերը կուտայինք, թէ մեր ընտանիքը բռնաբարելու, զմեզ սպանելու վտանգներն ալ կը տանէինք, բայց այսօր «մեր աչքի առջեւ տեսանք մեր սրբութիւնը, մեր հաւատքին եւ մեր խաչին ու տաճարին նախատինքը ու ալ չենք կարող համբերել. «պէտք է որ փախչինք, թէ մեռնինք թէ ապրինք պէտք է փախչինք…»։ Այսպիսի սրտառուչ եւ արդարացի խօսքերէն շարժեալ թէպէտ եղան համոզողներ եւ յոյս տուողներ, բայց գլխաւոր աղային մէկը աս պատասխանը տուաւ. «թողէ՜ք, թող երթան, Երկրի շինութիւնը ատօնց վրայ չէ…»։ Մշոյ կառավարութիւնը ժիր է հայոց վանքերէն տասանորդական տուրքը եւ ոչխարի աղնամը առնել ինչ անկանոնութեամբ որ կառնեն ու կը վարուին վերջին գեղացւոյն հետ. այն ինչ կիմանանք ուրիշ երկիրները, փոքր Հայոց մէջ, մի եւ նոյն օսմանեան տէրութեան երկիրները, մի եւ նոյն հայոց ազգի վանքերը, նոյնպէս եւ Յունաց, ամենեւին բան չեն  տար, եւ ինչպէս կիմանանք տէրութեան օրինաց մէջն ալ հրատարակեալ է թէ եկեղեցիք ու վանքերը ազատ են որ եւ իցէ յարկ տալէ, եկեղեցիներն ալ  ազատ են տէրութեան օրէնքով։ Բայց այս Երկիրը ամէն տէրտէր աշխարհականին հաւասար յարկ կուտայ, եւ վանքերու մէջ միաբան գնացող եւ նոյն իսկ վանքի դպրոցի մէջ իբրեւ աշակերտ կարդացողն ալ իէանէ կուտայ, միայն վարդապետաց գլուխները ազատ են։ Եթէ ստոյգ է, կը լսենք, որ Վանայ եւ Մշոյ վարդապետներն խորհուրդ ըրած են գալ Պոլիս եւ վանքերի տուրքերուն համար բողոք մատուցանել Սուլթանին։ Ինչպէս գեղերու վայելչութիւնը վերցաւ, դու ասա նաեւ Մուշ աւանին ալ Շահնաներու ձեռքեն, այգի ունեցողն իր այգին կը քակէ, պաղջայ պոստան տնկել վերջացաւ, լահանայի թուփի մը եւ հատիկ մը դդումի կարօտ կը քաշեն։ Այսպէս ալ վանքերը եղած են, ցանկապատ տեղերն անգամ եթէ ածու մի սող կամ ուրիշ կանաչ սերմանեն, արժածեն հնգապատիկը թաշիրը իր կտրեն կառնեն, մնացեր են լեռներու բանջարները, եթէ անոնց համար ալ թաշի չկապեն։ Խոտերու գինը կորոշէր Մշոյ կառավարութիւնը մինչեւ այսօր մարտ ամսոյ մէջ ծախուած գնով, որ խոտի հազուագիւտ ու թանկագին օրն է, եւ այն գնով գիւղացին թաշիրի փարայ պիտի տար, բայց այս տարի ժողովրդեան շատ բողոքելով, խոտերը կարգ կարգ բաժնեցին եւ քսան ղուրուշէն մինչեւ վաթսուն ղուրուշ մէկ բարդ խոտի գին որոշեցին, Շահնան փարայ պիտի առնէ եւ ամէն կարգի խոտն ալ Շահնայի աչքով վաթսուն ղուրուշնոցն է, վասն որոյ վաթսուն ղուրուշէն փարայ կը բռնի կառնէ։

Մշոյ կառավարութեան ճեզայի նաքտիէի տումարը եթէ կարդաս, ամենեւին այն մարդախոշոշ ու աւազակ քրդերու անունը չես գտնէր, այլ բոլորն ալ հայ եւ քանի մ՚ալ ռայա խեղճ քրդերը, որոնք կամ մէկը մէկալի հետ կռուած են, կամ զիրար վնասած են, կամ չգիտնալով տէրութեան օրէնքը անոր դէմ մեղանչածն են։ Բանտերու մէջը կը մաշեն աղքատ պարտապանները, եւ այլն եւ այլն, երբոր հայ մը սատկեցուցած ոչխարը կը շալկէ կուգայ իրենց ատեանը, երբ ուրիշ մը սպանուած եզին կաշին եւ գոմէշներու պոչերը կառնէ կուգայ բողոքելու, եւ ամէն կերպով հաստատելով ցոյց կուտայ այն ինչ քիւրդը, որ ոչխարին, եզին ու գոմէշներուն սպանողն է, Մշոյ կառավարութիւնը հայու բերած բոլոր ապացոյցները ու նշանները ոչինչ կը համարի, այլ երկու հատ Տաճիկ վկայ կուզէ, ամէն բանի համար երկու տաճիկ վկա։

Մշոյ կառավարութեանը աղերս կը մատուցանէ Մշոյ Քրտի թաղի հայ ժողովուրդը իրենց եկեղեցին կողոպտուելու մասին, խնդրելով որ փոյթ ընեն ցօղերը գտնելու, կառավարութիւնը կը սաստէ զանոնք ըսելով միթէ ե՞ս եմ ձեր գողը. ի՞նչ կը ձանձրացնես զիս, գնայ գողդ գտիր  ինձի ցոյց տուր, վրան իսպաթ ըրէ, բռնեմ առնեմ տամ։ Ինչպէս Ս. Յոհաննու վանքի համար ալ կըսէին պէտք էր զգուշանայիք, պաշտպանէիք ձեր վանքը, որ չկողոպտուեր։ Կըսեն թէ ժամանակով Երեւանու  բռնաւոր Հասան խանի գանգտելու կերթայ գեղացի հայ մը ու կըսէ. «Խան, գլխիդ ղուրպան, դաշտը եզս կարածէր եւ ես քնէր էի արթնցայ  եզս գողցեր են»։ Խանը կը պատասխանէ «թող չքնանայիր, թող գողնալ չտայիր, վատ ես, հեռացիր», Բայց «խան, գլխիդ ղուրպան, կը կրկնէ Հայն, ես գիտէի դու արթուն էի, անոր համար քնացայ»։ Կը գովէ Հասան խան այս խօսքը ու անմիջապէս գտնալ կուտայ եզը։

Մշոյ կառավարութիւնը ինչու՞ կը զայրանայ երբ բողոքներ կը լսէ՝ ժողովուրդը իրաւունք ունի իր կորուստները իր վնասները կառավարութեան ներկայացնելու, միթէ Ս. Յոհաննու վանքի վնասներն ու կորուստները պիտի չի՞ վերադարձուին. չէ՞ որ բռնուեցան գողերէն քանիսը չէ՞ որ սոխթաներուն վրայ հաստատուեցաւ բանը, եւ անոնց վարժապետ շեխէր եւ այլ երեւելիները կասկածելի համարուեցան. Վարդուայ Հայոց բողոքն ու՞ր մնաց. քիւրդ Ղաւազ բանտէն  փախաւ եւ ալ ո՞վ հետեւեցաւ զանի ձեռք բերելու, Խութեցի մարդասպան քրդերէն քանիսը բանտը ծակեցին փախան ու՞ր։ Խլաթայ Մելիք սպանող քրդուն ի՞նչ հատուցում  եղաւ. Սլիքան գեղն աւրեցաւ. քիւրտ Ֆալամազի վրայ ամէն ժամանակ կը բողոքուի եւ ամէն օր Մշոյ գեղերը կը շրջի եւ անոնց հիմը կը շրջէ, ե՞րբ ղանի բռնել ուզուեցաւ. ընտանիք բռնաբարելու, եւ տուները գող մտնելու, բողոքներ չեն ըլլար արդէն, վասն զի պատասխանը  կանխիկ է ասոնց համար. «Զգոյշ կացէք, զձեզ պաշտպանեցէք»։ Կրնայ մի եւ նոյն պատասխանը տրուիլ նաեւ սպանողներուն ալ թէ «թող պատրաստ կենար չ՚սպաննէին զինքը»։

Մշոյ կառավարութիւնը պէտք է գիտնայ որ իր պարտքն է աշխարհի  շինութեան եւ բնակչաց գոյից եւ կենաց անդորրութեան հոգ տանիլ բարեխնամ կայսեր կամքը եւ տէրութեան օրէնքը ի գործ դնել, որ է արդարութիւն ու հաւասարութիւնը, եւ ասոնց համար պէտք է գունդ մի զօրք բերել տալ այս երկիրը, որոնցմով պաշտպանուի անզէն ժողովուրդը՝  եւ զէնք կրող ելուզակ մասը մերկանայ իր գազանութիւնը, եւ բնակի եւ կառավարուի իբրեւ  քաղաքացի մարդ։ Այս այն դարն է, որ գայլք եւ գառինք ի միասին ճարակին։

Մշոյ կառավարութիւնը պէտք է գիտնայ որ իր պարտքն է հսկել ինչպէս ապահովութեանց նոյնպէս եւ բարեկարգութեանց ժողովրդեան այս ինչպէ՞ս ապականած են Մշոյ տուներ ու փողոցները, դեռ օրինաւոր  պաշտօնատեղի մը չունի իրեն համար, ոչ զօրանոց մը, ոչ հասարակաց տեղի մը, եթէ քաղաքակրթեալ հիւր մը հանդիպի ամօթով կը մնան, եթէ պանդուխտ հանդիպի, դուրս կը մնա։ Պէտք է գիտնայ Մշոյ կառավարութեանը որ ուսումնարաններ  շինելու յարկ կայ իր վրայ, թէ տաճկաց եւ թէ քրիստոնէից  համար անխտիր. այն ուսումնարաններէն դուրս պիտի գան տէրութեան համար զանազան կարգի լուսաւոր պաշտօնեայք. Մուշը չի՞ ամաչէ որ այսօր տէրութեան բարձր նշան ու աստիճան  կրող անձիք գրեթէ չկան իր մէջ, ոչ տաճիկ եւ ոչ քրիստոնեայ։ Մշոյ էֆենտիներ ֆախի սոխթաներ են եւ իշխանք ակնոցով խոշորագիր  Սաղմոս կարդացող կիսատ տիրացուներ, առ հասարակ անգրագէտ եւ անուսումն անձինք։

Արեւելեան պատերազմի տարուան Մշոյ աշխարհի տուած հացի եւ այլ պէտքերու գիներէն երեսուն վեց բեռ ստակը աղքատաց իրաւունքը զոր տէրութեան գանձը վճարէր է, տէրութեան գողերը կերեր են, թէ տաճիկ թէ հայ եւ թէ կաթոլիկ։ Այս անմոռանալի կտակ մի է որ միշտ աւանդուի որդւոց որդի, եւ միշտ պիտի բողոքուի, մինչեւ  Աստուած եւ կայսըրը օր մի լսեն ու դատ անեն։ Չերքեզներու տարուան ծախքերուն ու վնասներուն հաշիւ տուաւ։ Մշոյ կառավարութիւնը  հատուցում մը ըրա՞ւ։ Ամէն բան մանրամասն  չեմ գրեր։ Երկու տարի է որ կամուրջ մը կը շինեն Մեղրագէտի վրայ, կըսուի թէ վարդապետներու բան մը կուտան, բայց այնքան արապայ ուտելիք է էմալիայ տարան բանեցուցին բոլորն ալ օլամով։ Աղնամ եւ թաշիր առնողներ ամէն տարի կուգան մինչեւ վեց  եօթն տարի իրարու վրայ պախեայ կը ժողուեն գեղացիներէն եւ միշտ կը ժողուին, ժողովուրդը կուլայ, կաղաղակէ, տուեր եմ կըսէ, կը բողոքէ, բայց եւ միշտ կուտայ, վասն զի քանի մը տարուան միջոց՝ խեղճը կամ իլմուհապերը կորուսցէր է, կամ թէ ունի ուրիշ անուն կը դնեն անոր, ինքն կարդալ չգիտէ ինչպէս ուզեն այնպէս կը կարդան կամ ձեռքէն կառնեն, կամ բան մը կընեն վերջապէս։

Մշոյ կառավարութիւնը թող տեֆթեր մը բռնէ եւ ներկայացնէ բարձրագոյն կառավարութեան, գոնէ այս հինգ տարուան միջոցին, որով կը տեսնուի թէ քանի՞ հարիւրաւոր տներ ու անձինք պակսէր փախեր են իր վիճակէն, եւ ապա ի՞նչ պատճառով։ Բայց ինչո՞ւ ընէ, ինքն ամբողջ կը պահանջէ մնացողներէն փախչողներու տուրքերն եւ կառնու։

Մշոյ կառավարութիւնը թող նայի իր վիճակի ժողովրդոց վրայ, այն մեծատունները, որ քանի մի տարի յառաջ շատ մը նժոյգներու տէր էին, նախարարի պէս հագւող, նստող ու կայնող մարդիկ էին, իրենց դռները հարիւրաւոր մարդ կը կերակրուէր, ամբարները ցորենով լի, կարասները՝ իւղով, գոմերը՝ ոչխարներով եւ անասուններով, բղիկներով էր իրենց ոսկին ու արծաթը, որոնք մեծամեծ ծառայութիւն կրնային ընել տէրութեան եւ մեծ պատիւ ու պարծանք էին երկրին, եւ թագաւորին, այսօր անոնք բոլորն ալ փճացած են, աղքայ եւ առ հասարակ թշուառ է ժողովուրդը, անոնցմէ որը փախեր են, որը արտուց տակ ճնշուած մերկ, քաղցած, մոխիրներու վրայ կը նստին ու կը պառկին եւ չիկայ ուրիշ տուն մը որ անոր նախկին վիճակը ասոր փոխադրուած ըլլա։ Հարստացած են Քարաչետիր քրդերը, ոսկւոյ մէջ կը ծփան իրենց անձը եւ իրենց ձիերու զարդերը, փոշեթաթախ են քրտնող ճակատներ, եւ անօթի ու մերկ որք զօրն ամբողջ արեւակէզ կը տքնին, իսկ այն պարապորդները պարարտացած իւղով ու մեղրով, եւ ոսկեզօծուած են անոնց զէնքերը, որոնցմով ժողովուրդ կը մորթեն։ Այս քրդերն են նաեւ որ տոկոսով պարտք կուտան գեղացւոց, եւ ասոնց տոկոսը 7-էն մինչեւ 10-ն է, կուտան 1000 ղուրուշ, անոր տոկոսը միայն տարին կառնեն 12000 ղուրուշ, հարստացած են այս Մշոյ մէջ քանի քանի տաճիկներ ալ, որոց հայրերը յայտնի չէին, ու այսօր նախարար մը կը ձեւանան, ո՛չ իրենց անձնական արժանաւորութեամբ ու տաղանդով, այլ մի միայն հարստահարելով եւ կեղեքելով տնանկները։ Այս անոնք են ընդհանրապէս որ վարձակալութիւն ըրած են։

Մշոյ կառավարութիւնը քանի՞ լրագիր կը կարդայ, որոց միջոցով կարող լինի հասկնալ թէ Սուլթանին բարեհաճութիւնները, եւ եթէ Բ, դրան վարմունքն ու յարաբերութիւններն ինչպէս են կառավարութեան մէջ, ուրիշ ազգաց բարեկամութիւնը եւ իրենց երկրի բարեկարգութիւնն ու բարւոքումն յառաջ տանելու եւ ամրացնելու համար, թէ ժամանակս ի՞նչ ժամանակ է, մարդիկ ի՞նչ մարդ են դարձեր եւ հանճարը ի՞նչ հրաշքներ կը ծնանի, եւ այլն եւ այլն, եւ այլն։

Լրագիր՝ ոչ տաճիկ եւ ոչ Հայ կարդացող չիկայ Մշոյ մէջ, եւ ի խորս տգիտութեան ու մոլորութեան կը նստին, Տաճիկն իր շեխի խօսքերը միայն լսելու է որ բոլորովին մոլեռանդութիւնն է, ահա անոր ուսմունքը, «քրիստոնէաներ կեաւուր են, անոնց մեղք է թողուլ, որ զօրանան, անոնց խաչեր կործանել, անոնց եկեղեցիները կողոպտել, աւրել եւ այլն, աստծու պաշտօն մատուցանել է», եւ ինչ որ ասոնց հետեւանքն է, Հայն ալ իր տէրտէրի ու վարդապետի առաջը չոքած, անոր խօսքերը միայն կը լսէ, որ բոլորովին միստիքականութիւն է, ահա անոնց քարոզը, «Քրիստոս մեզ համար ասէր է, եթէ ոք հարկանէ զծնօտ քո, դարձոյ նմա եւ զմիւսն եւ որ կամի հանել զշապիկ քո՝ թող նմա եւ զբաճկոն քո, եւ թէ որ կամի Աստուածապաշտութէամբ Կեալի Քրիստոս Յիսուս, ի հալածանս կացցէ»… եւ այլն եւ այլն, համբերեցէք, օրհնեալ լինիլ, Աստուած ապաշխարանք համարէ, սաղմոս ասէք, աղօթք արէք, պահք պահէք, ողորմութիւն տուէք, աշխարհս սուտ ու անցաւոր է, ձեր հոգին հոգացէք, ժամ ու պատարագ արէք ձեր ննջեցելոց ու ձեր մեղաց համար, այս աշխարհ քրիստոնէին ինչ որ կանէն ձեզի համբերէք անօրայ են, ի՞նչ անենք Քրիստոս մեզ հրաման չէ տուեր որ մեր զարնողին զարնենք, մեզ դատողին դատենք», եւ այլն, եւ այլն եւ այլն։

Ահա այսքան է բոլորը բոլորովին Մշեցւոց բանականութեան սնունդը եւ մտաւորական ասպարէզը, եւ այսպէս փոխանակ այն ընդարձակ, քաղցր, արգասաւոր, մարդասիրական եւ ընկերական ոգւոյն, մէկն ատելութեամբ, միւսը ստրկութեամբ խաւարին հոգւով կը սնանին, մէկը մէկալին դարանակալ։ Արդէն ըսինք, որ ուսումնարաններ չկան, լրագիր չիկայ գոնէ իր մէջէն վաճառականներ երթային ուրիշ երկիրներ կամ ուրիշները գային այստեղ, այս յարաբերութիւնն ալ կը հաղորդէր զիրենք փոքր ի շատէ դարուս գաղափարներուն։ Կըսեն թէ տէրութեան օրէնքը կը հրամայէ, որ մինչեւ յետին պաշտօնակատարն անգամ պէտք է գրել կարդալ գիտնայ, բայց Մշոյ մէջ շատ մեծ պաշտօնատէրներ ալ կը նստին, որ գրել կարդալ չը գիտեն։

Մշոյ կառավարութիւնը պէտք է իր ուշադրութիւնը տարածէ իր շրջապատը, դիրք մը ունի այս երկիրը, որուն նայելով պէտք էր շատ ծաղկէր ու յառաջանար։ 12 ժամ իրմէն հեռու է Բաղէշ, 30 ժամ Վան, 30 ժամ Կարին, 36 ժամ Խարբերդ, 32 ժամ Տիգրանակերտ եւ այլն, իր կողով կշտով անցուդարձ կընէին յիշեալ քաղաքներու վաճառականներ, պարսից կարաւաններ, Շամայ եւ Հալէպի թեճիրներ թուճարներ, բայց իր մէջը չեն մտներ։

Մշոյ երկրի բերքերն ալ իր մէջը կը փտին, եւ թէ արհեստներ ալ եղած են, խափանուէր են ու կը խափանուին, կրնայ Մուշ ընտիր ձիեր, պատուական եզներ, ազնիւ ոչխար, բուրդ, քեչէ, չուլ, խալիչայ եւ կարպետներ, կաշի, ընտիր իւղ եւ այլն, աղէկ գինի, մաքուր եւ համեղ հաց՝ եւ թէ ուրիշ տեսակ հունտեր, ու տունկեր ալ մշակէին, շատ կերպ բանէր, խեժ՝ որ շատ առատ կայ, երկաթ, որ Սասնոյ լեռները լեցուն է, վառօդի բորակ, որ շատ տեղեր կայ, բայց Ցրոնաց քան զամենն լաւ է, ինքնաբոյս տորոն։ Որսական կենդանիներէն ալ գայլ, աղուէս, կուզ, որ շատ առատ եւ շատ ընտիր տեսակներ ունի եւ այլն։ Միտքս չի կայ որ ամէն բան գրեմ։ Ասոնք ամէնը ունենալով արդէն, ոչ գործարան մը ունի իր մէջ, ոչ վաճառականութիւն ուրիշ քաղաքաց հետ, Մշոյ բոլոր վաճառք կամ բերք մնացեր է տարին քանի մը հարիւր լիտր թիւթիւն եւ արուեստ միմիայն բրտութիւն է (չեօմլեքճի) եւ չորապ հիւսել, որ իրենց համար կը գործածեն։

Քանի մը տարին հետէ Ակնցի ազգայնոց քանիսը, բարեմիտ  անձինք, լսելով ու անձամբ ալ գալով շրջելով  Մշոյ երկիրը, իրենց մէջ նահապետական ընկերութիւն մը կազմեցին եւ նպատակ որոշեցին Մշոյ մէջ գեղ մը թափու ընել, գաղթել այն տեղ գալ բնակիլ ուզելով, ասով ծառայութիւն մը ընել Օսմանեան տէրութեան, ծաղկեցնելով այս կողմերը  երկրագործութեան զանազան ճիւղեր եւ վաճառականութիւնը ու  արուեստներու եւ կենցաղագիտութեան ճաշակ եւեւ կերպը տարածելու  այս  կողմի ժողովրդեան մէջ. այս տարի ասոնք գնեցին Շքաւդեան գեղը, թէպէտ անհողդողդ են իրենց նպատակին, բայց միանգամայն  իրաւունք ունին տարակուսելու՝ նայելով Երկրիս կառավարութեան անդամոց ապօրինի ընթացքին վրայ, եւ ինչ որ այս տարի  իրենց աչքովը տեսան  վանքերու թալնուիլը, մարդերու զարնուիլը եւ սպանուիլը, ժողովրդեան  փախչիլը, Սլիքանու սրբապղծութիւնը, Քրդերու բարբարոսութիւնը… եւ այլն եւ այլն։

Մշոյ կառավարութիւնը պէտք է որ ասոնց յոյս, ապահովութիւն, պատիւ եւ քաջալերս տար, վասն զի իրեն ինկած պարտքը ասոնք եկեր են ընելու։ Այսու ամենայնիւ նահապետականք մեծ յոյս ունին թէ կայսերական բարեխնամ տէրութիւնը պիտի բարեկարգէ շուտով այսպիսի երկիր մը. թէ Մշոյ կառավարութիւնն ալ պիտի բարւոքի հետզհետէ, եւ զիրենք ալ պիտի պաշտպանէ։

Մշոյ նոյն իսկ փաշան իր ականջով կը լսէ ու աչքով կը տեսնէ  բուն Մշոյ մէջ որ տաճիկը հայու մը հետ խօսած ատենը կամ կը զարնէ, կամ կը թքնէ, կամ իր սովորական բերնով Հայու խաչը կը հայհոյէ, բայց  ես ի՞նչ կըսեմ, ո՞չ ապաքէն նոյն իսկ Մշոյ կառավարութեան անդամին  մէկը, մեճլիսին մէջ նեղանալով՝ Մշոյ հայոց առաջնորդ  Մխիթար Վ[արդապետ]ին վրայ, անոր խաչը եւ հաւատքը կը հայհոյէ, «եւ զքեզ սատկեցնել պիտի տամ» կըսէ Մշոյ շուկայի մէջ, թաղերու մէջ, կառավարութեան ատենին մէջ։ Քուրդն ու տաճիկը խոշոր խանչալ մը իր գօտին, զէնքերը իր մէջքին, սուրը իր կշտին կը շրջի, կը նստի, կը կայնի… Այս տարի ձայն մըն ալ ելեր է դուրս, որ Մշոյ տաճկաց կրօնամոլ եւ անքաղաքագէտ մասին բերնէն յաճախ կը հնչուի թէ «Շամայ կոտորածը պիտի տեսնէ Մուշը», եւ կը կրկնեն յաճախ այս խօսքը հրապարակաւ եւ կը սարսափի խեղճ քրիստոնեան գիշերը իր տանը մէջ, ցերեկը իր գործին մէջ, եւ առաւօտ ու երեկոյ եկեղեցիին մէջ, բայց դու մի սարսափիր  ո՛վ հայ, եւ դու մի յիմարանար. ո՛վ տաճիկ, այդ երազը սուտ է. ոչ Շամը իր կոտորածը մարսեց, եւ ոչ Մուշը կրնայ այդ յանդգնութիւնը ընել. կայսեր աչքը ու հովանիքը կը հսկէ ամէն կողմով եւ ամէն  կերպով բանդ նայէ դու։ Օրհնէ քու Աստուած է քու կայսրը, ատօնց  լեզուները կը փոխուին, ատօնց ակռաները կը փշրին, ու ատօնց շէնքերը կը խորտակուին։

Մշոյ կառավարութիւնը միշտ մի եւ նոյն անդամներէ կը բաղկանայ քանի անգամ եւ նորոգուի թէ տաճիկն եւ թէ քրիստոնեան, եւ թէպէտ շատ անգամ ասոնց վրայ բողոքներ եղած են, բայց լսելի չը լինելով իրենց չարութեան մէջ զօրացած ու առաջացած են օր ըստ օրէ, թէ եւ  թեշքիլաթի օրէնքով ալ ժողովուրդն ընտրէ, իր ազդեցութեամբ ու խարդախութեամբ քուէն իրեն կելնէ, եւ որքան ալ մահսերներ շինած են ժողովրդեան, կնիքներով նոյն իսկ ժողովրդոց իրաւունքները փճացնելու  անոնց ճշմարիտ բողոքները սուտ հանելու, խեղճ ժողովուրդը  կամ չգիտնալով կամ վախնալով կուտայ իր կնիքը։

Քեզ յայտնի է, որ ես տեղական մարդ չի լինելով, եւ կառավարութեան ու քաղաքականութեան հետ գործ չունենալով, հարիւրէն չորսը հազիւ կրնամ գիտնալ եւ գիտե՞ս թէ ինչ ոլորուն ճամբաներ ունին, որոց մէջ իյնողը միայն կը գիտնայ, երբեմն երբեմն գնալովս գալովս, լսածներէս այսչափ մը հին կըսեմ, որոց կարգէն դուրս է Մուշը իր չինէական  պարիսպներով պատուած։ Եւ թող հասկնան թէ այս երկիրն ալ Օսմանեան կայսրութեան երկիրներէն մէկն է, եւ այս երկիրն է, որոյ մէջ  քանի քանի հարիւր հազար հպատակ ժողովուրդ կը բնակի, նոյն  Օմանեան պետութեան հաւատարիմ հարկատու, բայց հարստահարեալ ժողովուրդ, այս երկիրն է, ուր հայ մորթել հաւ մորթել մ՚է կրօնամոլ ազգին։ Այս երկիրն է, ուր վանքեր եւ  եկեղեցիք կը կողոպտեն, վարդապետներ կը սպաննեն շէյխերու յորդորով։  Տաճկաց ղատին ալ կը խեղդեն, ինչպէս անցած տարի խեղդեցին եւ ձգեցին Մուրատ գետի մէջ, եւ այլն, եւ այլն։ Թերեւս ըսող ըլլայ թէ ամէն երկիրն ալ կը պատահի գէշութիւն, բայց այս տեղեր քանի քանի տարին անգամ հազիւ պատահի, իսկ Մուշը շարունակ է եւ այն տեղերն ամէն եղեռն իր պատիժը կը ստանայ։ Եւ եթէ մէկ չար դիպուած ալ հանդիպի, այնքան մեծ չի թուի անոնց, որ հազարաւոր բարիքներ վայելել են ու բաղդ ունին, իսկ Մուշը միշտ չարեաց ենթակայ է, եւ հերիք համարինք այսքանը անցնինք քիչ մ՚ալ Մշեցի Հայոց ազգային կեանքը նկատելու։

Դ. ՄՇԵՑԻ ՀԱՅՈՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԿԵԱՆՔԸ

Մշեցի հայոց ազգային կեանքը եթէ պատմական եւ բնական աչքով նայինք իրենց անցեալը կըսէ թէ ներկաները իմ զաւակներս չեն։ Դեռ Մամիկոնեանք այս աշխարհին տէր չեղած, այս աշխարհի զաւակը արդէն քաջութեան եւ ազատասիրութեան մէջ նշանաւոր էր, ես կասեմ  Մամիկոնեանք եկան այս աշխարհին մէջ ու այս աշխարհի բնակիչներով քաջութեան անունը միշտ ժառանգեցին, քան թէ զայն իրենց հետ բերին  ու ասոնց տուին։

Կրօնասիրութիւնն ալ սեպհական ձիրքը մ՚էր այս տեղի Հայոց թէ կռապաշտութեան մէջ եւ թէ ճշմարիտ Աստուածապաշտութեան  մէջ եւ զայն կապացուցանէ թէ քուրմերու պատերազմը Տրդատայ եւ Լուսաւորչի դէմ, թէ Վարդանայ, Մուշեղին, Գայլ Վահանին եւ անոր կորեանց նահատակութիւններն Պարսից անհաւատութեան դէմ։

Մշոյ հայերը պէտք է քաջ լինէին նայելով իրենց հայրենեաց դիրքին այն ամեհի բարձրաբերձ լեռները՝ մեծութիւն մը կազդէին անոնց սրտին, անտառներով, մացառներով զարդարուած սարերու գագաթները  եւ ծոցերը, նոյնպէս եւ շամբերը, որոց մէջ լեցուն գազաններ են, զիրենք կը ստիպէին զէնքի վարժուիլ թէ որսալու համար եւ թէ պաշտպանելու համար։ Այն ընդարձակ դաշտը եւ այն մեծատարած երկինքը վեհութիւն եւ վսեմութիւն կազդէին  անոնց հոգւոյն, եւ այն պատուական  կլիման արդէն զօրաւոր եւ յաղթանդամ կը կազմեր, անոնց իրանները ջուրերը բոլորն ալ գետեր են, որ չորս կողի լեռներէն սուր ընթացքով  ու գոռուն  գոչուն ձայնով կը վազեն կը թափին Եփրատին ծոցը, եւ թէպէտ Մեղրագէտն ու Եփրատը անձայն կընթանան, բայց այնպէս արագ, եւ այնպէս ահարկու եւ լայնածաւալ պտոյքներով ու հոսանքներով կանցնին, որ կարծես ահեղ թագաւոր մի է Եփրատը եւ անոր սպարապետն եւ Մեղրագէտը, որք ջրային մեծ բանակ մը առած գաւառները տիրելով կը վարարեն կը դիմեն ի կռիւ ուրիշ տիրապետաց հետ, այսպիսի երկիր մը որ որքան իր բնակչաց նպաստաւորիչ է, այնքան ալ իր մերձաւորաց եւ ծանօթից նախանձը կը գրգռէ, եւ այս պատճառով գրեթէ շարունակ կռուի մէջ ծնած ու մեծցած ըլլալով՝ մահուընէ չը վախցող մարդիկ էին Մշեցիք։

Այս կարգի մարդիկ եղած են նաեւ այն ինքնագլուխ պեյերը, որ կը տիրէին երբեմն Մշոյ երկրին, եւ մի եւ նոյն կերպ քաջութիւն կը գօրէն եղեր թէ իրենք եւ թէ իրենց ձեռքի տակ եղած հայեր ու քիւրդերը։ Մշոյ աշխարհս նաեւ լի է եղեր բանաստեղծներով, երգասացներով, բազմաթիւ աշուղներու տեղ է եղեր այս երկիրը, եւ այս բնական հետեւութիւնն է այն քաջաց եւ քաջագործութեանց, որոց դիւցազնագործութիւններ կը դիւցաբանէին եւ ասոնց թանկագին մահը պէս պէս երգերով կեղերգէին։ Մշոյ այն գեղեցիկ հորիզոնը աչք ձգողին սիրտը ինքնիրեն կը թրթրայ, արիւնը կեռայ, եւ հոգին կը բարձրանայ բայց այսօր այս նշանները ազգային չեն, Մշոյ քաջերն քրդերն են, եւ բոլոր երգեր ու խաղերն ալ քրդերէն են։ Մեր ըրած դիտողութիւնը ընդհանրապէս է, ի հարկէ մասնաւորները պակաս չեն ու կը տեսնուին Մշեցի ազգայնոց մէջ։

Պատմութիւն եւ բերանացի աւանդութիւնք կը ցուցնեն մեզ, որ այս վերջին դարերը երբ Պարսիկն Հայաստանի ուրիշ մասերուն պէս, Մշոյ աշխարհին մէջն ալ ասպատակութիւն եւ գերութիւն կընէր այն ժամանակներն թերեւս կամ գերի ինկած են կամ ուրիշ երկիրներ փախած են ու ապաստանած եւ այն տեղերը մնացած են բուն Մշոյ արիական Սեպուհ հայերը, եւ միայն ստորին կարգի մարդիկ մնացած են այս տեղը կամ ինչպէս հաւանական է կարծել, յայնժամ ամայի մնալով երկիր, այս եւ այն կողմերէն այլ եւ այլ կարգի մարդիկ բնակէր են մէջը, որոնցմէ շատերը քիւրդ ըլլալով տիրէր եւ սեպհականեր են իրենց երկրի պատուական բանէր եւ տեղերը, այնպէս իրենց լեզուն ու սովորութիւն իրենց ամէն ազդեցութեամբ դրած են Հայոց վրա։ Ես այս կարծիքն ունիմ նաեւ ընդհանուր Հայաստանի մէջ այսօր գտնուած Հայոց վրայ եւ կը կարծեմ որ անոնք որ իրենց հայրենիքէն դուրս օտար աստղերու տակ կը բնակին, Հայաստանի ազատական, նախարարական կարգն են ըստ մեծի մասին, ինչպէս դիտողը կը տեսնէ անոնց վրայ ազգային դրոշմը աւելի սուրբ եւ պայծառ եւ հայկական նշան, հայրենասիրութեան ու հայրենի աւանդութեանց եւ կրօնից աւելի ջերմեռանդ քան զամենայն հայերն որ բուն Հայաստանի մէջն են։

Մշոյ աշխարհի հայութիւնը, այսինքն քաջութիւն, կրօնասիրութիւն, ազգային աւանդութիւնք, լեզուն եւ վիպասանութիւնները աւելի լեռնային բնակչաց վրայ կը տեսնուի եւ ո՞վ գիտէ թէ այն ալ ճշմարիտ չէ, որ ինչպէս ազգ մը քուրդեր կան Մըմըգանցիք անունով կըսեն «Մենք Մամիկոնեան ենք» եւ Պալագցիք, որ կըսեն «Մենք Պալունի ենք» այս պալագցւոց լեզուն ալ խորդ բորդ հայերէն է, ու շատ համակիր են հայոց, Հայ քահանայ կամ վարդապետ եթէ պատահի իրենց մէջը շատ կը պատուեն, ու կարդալ կուտան իրենց հիւանդաց վրայ, Առաքելոց վանքին մօտ ըլլալով իրենք մեր վանքն է կըսեն, այս վանքին մատաղ կուտան մինչեւ վանահայրը փոխելու խնդրոյն ալ միջամտութիւն կընեն։ Ասոնք կըսեն, «Մենք հայ ենք եղեր երբ մեր պապերը տեսեր են որ հայոց ազատութիւնն ինկաւ ու բռնաւորներ առաջարկեցին հայոց թէ կամ քրիստոնէութիւնը թողէք, եւ մեր կեանքը ընդունելով, ձի, զէնք եւ ձեր ազատութիւնն առէք, վայելէք եւ կամ քրիստոնեայ կացէք, բայց ամէն բան թող տալով մեզ գերի եւ ծառայ եղեք։ Մեր պապերը թողին հաւատքը, ու զէնք, ձի եւ ազատութիւն առին, ձեր պապերը հաւատքի մէջ մնացին ու գերի եւ ծառայ եղան»։ Այս աւանդութիւնը եւ իրենց մէջ երեւցած նշանները թերեւս բոլորովին անստոյգ չլինին, բաց ի բարբարոսութենէն եւ մոլորութենէն, եւ եթէ այս այսպէս ընդունինք եւ գիտնանք, Մշեցի հայերէն մաս մը փոխուած քրդերու մէջ, եւ գրեթէ ճիշդ այն կեանքը, այն հսկայութիւնը, այն վեհութիւնը ու քաջութիւնը կը կրեն Մշոյ քրդերն, ինչ որ կը կրէին նախնի Մշեցի հայերը։

Կարող էին արդի Հայերն ալ առաքինի եւ նշանաւոր մարդիկ հանդիսանալ, քանի որ երկիրը նոյն դիրքն ունի եւ նոյն ազդումը կազդէ բնակչաց, Հայոց մանաւանդ կըսեմ, որոց չորս կողմը նախնեաց գերեզմաններ են։ Կը տեսնաս ձորի մը մէջ բոյլք մի ծառ եւ աղբիւր մը, աւերակ մը հոն, գերեզման մը այս բլուրի վրայ, խաչքար մը այն ինչ տեղ, ամէն տեղերն ալ ուխտի կերթան Մշոյ ժողովուրդ առանց գիտնալու թէ ի՞նչ կայ այն տեղ, բայց մտածողին խորհիլ կուտան, թէ այն տեղերը կամ մեծ յիշատակ մ՚է կատարուած, կամ մեծ նահատակ մ՚է ինկած, կամ հրաշք մ՚է տեսնուած. գեղեր եւ վայրեր, որոց կոչումն ու անունը  մէկ մէկ պատմութիւն են նախնեաց գործոց, տաճարներու եւ բերդերու  աւերակները, հին եկեղեցիները որոց մէջ նախնեաց անուն կամ յիշատակ կամ նշան մը կը տեսնուի, մանաւանդ այն մեծաշէն եւ հռչակաւոր  վանորայք, որ նախնի Մշեցի Հայոց աստուածապաշտութեան  վկաներ  ու վկայարաներն են։ Այս տեղ հայրենեաց  պաշտպան մ՚է պառկէր, հոն  մեծ պաշտօնեայ մը։ Թարգմանչաց շիրիմները Առաքելոց  վանքերն են, Մուշեղի եւ Վահանայ դամբարանը Ս. Կարապետի մէջ, Սահակ Պարթեւ  Հայրապետը եւ Շուշանիկ Աշտիշատու նեղ մատուռին մէջ, հոս է Ցրօնք Տաղոնք, Օձ քաղաք, Վիշապ քաղաք, Խորոնք, Հացիկ, Մեղտի, Կուարս, Տոմ, Բարեխ որ եւ Բաղլու, Մեղտի Մուշեղշէն, եւ այլն, որոց մէջէն փըրկիչներ եւ լուսաւորիչներ ելած են ազգիս։ Ահ, ո՞ր ազգի հայրենիքը այս  չափ անմահ եւ պանծալի յիշատակները դեռ կենդանի ունի։ Մշոյ դաշտի  մէկ կողմը Սասնոյ քաջաբեր լեռներն են Տորոսի շղթան, մէկ կողմը  Բզնունեաց ծովը ծիծաղախիտ կը ծածանի, եւ ծովասար ճակատը Մշոյ վերեւն է միւս կողմերը Բիւրակնեան լերինք եւ անոնց գօտիները անմահացուցիչ ջրերով եւ ծաղկերով  զարդարուած , ասոնց բնակիչները ինչպէ՜ս կայտառ եւ ինչպէ՜ս զուարթադէմ  մարդիք են։ Մէկ  կողմը Եփրատեսը խշալով խնխնչալով կուռկուռէն վար կը հոսէ, իր խորունկ  եւ սառնորակ ծոցին մէջ կը կայտառեն անթիւ ձկունք եւ կը խաղան  ամէն վտակներու մէջ, բատն ու սակը կը ծփծփան ալիքներուն վրայ, իր գետափունքները լի են խոշոր եւ մանրիկ թռչուններով, արագիլը ամէն գեղի տուներուն երդիքը, եւ բարձր շէնքերու պարիսպներուն ու ծառերուն գլուխը իր բոյնը դրած է, եւ հազարաւոր ճնճղուկները անոնց բոյներու բոլորը ապաւինած։ Դաշտի խոտերու հետ բուսած են ձորերու մէջ ծաղկած վարդենիներու թուփերուն մէջ սոխակները կը ճլվլան, գարնան, ամրան եւ աշնան առաւօտները այնպէս սքանչելի տեսարան եւ լոստան կը կազմեն այս թռչնոց երամը, որ կասես բնութեան տաճարին մէջ Արարչին փառաբանիչ կարգուած են ասոնք՝ հրեշտակաց տեղ։

Արեւելեան կողմէն Գրգուռ լեռը ըոթողաձեւ տնկուած կ՚երեւի, որոյ ստորոտը տարածուած է մէկ կողմը Մշոյ դաշտը, միւս կողմը Վանայ ծովը, առաւօտեան արեգակը երբ նոր կը ծագի, իր ճառագայթները զարնելով ծովուն ալեաց եւ դաշտի գոլորշեաց վրայ, կանաչ կարմիր պսակ  մը մանեկաձեւ կը ձգէ այս Գրգուրայ կլորակ եւ լերկ գլխին, կը զմայլի անոր նայողը, Գրգուրայ թիկանց ի վեր կ՚բարձրանայ Նեմրութ կամ Ներբովբ լեռը, որոյ գլուխը նման է բոլորակ սեղանի մը, մէջ տեղը հրաբուխի  մարմրուքը, եւ անոր շուրջը պսակաձեւ շարուած աղբիւրները բարեհամ, եւ ծաղկունք անուշահոտ, կարծես այդ աղբիւրները իբրեւ զովացուցիչ բաժակ դրուած են այս բնութեան սքանչելի սեղանին շուրջը, ոոց ջրերը ժողովելով մէկտեղ աւազան մը կը կազմեն Ներբովբայ գլխու սկաւառակին մէջ եւ անկեց իջնալով՝ ինչպէս կ՚աւանդեն տեղացիք։ Մեղրագէտը կը բղխէ իր ոտքի տակէն։ Այս Նեբրովբ լեռը իր ճակատէն կախած ունի Բելա դիակը ի տեսիլ կանանց եւ որդւոց եւ ի նշան յաղթանակի մեր Հայկին առաջին հայուն, առաջին յաղթողին ազատութեան թշնամոյն։ Այո՛, այս տեղն է ըստ ամենայն հաւանականութեան գերեզման Բելա, որոյ վրայ երկար խօսելու ժամանակ չէ այժմ։ Մշոյ դաշտի միւս կողմի լեռներու վրայ բարձրացած են գմբէթայարկ վանքերը. սուրբ Առաքելոց վանք, Սուրբ Յովհաննու վանք եւ Սուրբ Կարապետին, որոց ամպամած եւ արեւով ոսկեզօծուած կաթուղիկէից խաչերը ամէն կողմեն հովանի կը սփռեն դաշտի գեղերու վրայ նայելով, եւ ամէն սիրտերը իրենց կը քաշեն։ Բայց արդի Մշեցի հայն ամենեւին բան մը  չ՚զգար եւ զգալու եւ իմանալու աչքով չի նայիր ասոնց վրա, բոլորովին ինքզինքը օտար երկրացի ցոյց կուտայ, եւ եթէ ճշմարիտ պէտք է ասել, իբրեւ օտար ազգ մը կերեւի։ Եթէ կարդալով չ՚գիտէ իր նախկին հայրենեաց եւ պապերաց պատմութիւնը, գոնէ աւանդութիւնն ալ խիստ քիչ ունի իր մէջը։ Քիչ կը գտնուի իրենց բերանը հայերէն հին երգեր եւ վէպեր, որոնցմէ մարդ կրնայ լոյս առնուլ, այլ առ հասարակ իրենց խաղեր եւ երգեր քրդերէն լեզուով են, թէ քաջաց ու քաջութեան պատմութիւն մը կայ, ըստ մեծի մասին քրդերու վրայ է, նոյնպէս մասալներ, հարսանեաց ու մեռելոց ողբերը առ հասարակ լո՛յ, լո՛յ, լո՛յ, լո՛յ, են, թէ եւ ազգային ալ կը գտնուի, բայց խիստ քիչ։ Իրենց անուններու մէջ ազգային կամ գաւառին սեպհական անուններ չ՚կան գրեթե, ոչ Մուշեղ, ոչ Մամգոն, ոչ Վահան, ոչ Վարդ, եւ այլ այսպիսիք որ Մամիկոնեաց տոհմական անուն են, Վարդանը կայ բաւական, եւ զայն կրճատելով՝ Վրդոյ կը կանչեն, ինչպէս բոլոր միւս անուններն ալ, զօրօրինակ, Պետրոս՝ Պետօ, Ղուկասը՝ Ղուկէ, Աւետիսը՝ Աւօ, Օհանես՝ Օհնէ, Մկրտիչ՝ Մկրէ կամ Մխօ, Կարապետ՝ Կրպէ, Գրիգոր՝ Գրգօ, Կիրակոսը՝ Կիկօ, Հայրապետը՝ Հեպօ եւ այլն։ Կանանց ցեղի անուններն ալ հայերէն քիչը կան։ Զորօրինակ, Շուշան, Շողեր, Մարիամ, Աննօ, Եղսօ։ Ըստ մեծի մասին քրդերէն են, զորօրինակ, Գուլէ, Զինօ, Գոզալ, Խըզալ, Ֆըտօ, Փամպօ եւ այլն, էրիկ մարդոց մէջն ալ Քրդու անուն կրող շատեր կան, զորօրինակ, Ատօ, Սատօ, Ցատօ Հասօ, Քոչօ, Կենչօ, Ռեչօ, Տըշօ, Փոստօ եւ այլն։ Մշեցի հայոց համար խօսելու, խորհելու, վիճելու, երգելու, բամբասելու, դատելու, դու ասա նաեւ ուտելու կռուելու եթէ ազգային առարկայ մի կայ, այն Սուրբ Կարապետի վանքն է միայն եւ եթէ կարելի է ասել, Սուրբ Կարապետը Մշոյ աշխարհի Աստուածն է, իրենց երդումը Սուրբ Կարապետն է, հիւանդանան, նեղութեան մէջ իյնան, Սուրբ Կարապետ կը կանչեն, խրախոյս՝ անոր անունով կը բառնան, վտանգ մը կամ յաղթանակ մը ունենան սուրբ Կարապետ կը կանչեն եւ այս թէ հայ թէ քիւրդ։

Եթէ քիչ մը երկար եղաւ գրութեանս այս մասը, թող ներեն ընթերցողք, գրեցի, որպէս զի հասկնան թէ ինչպէ՞ս Հայ պէտք է լինի Մշեցի  Հայն, որ գարշելի մի Քընդոն կը համարձակի մտնել եկեղեցին, Զատկի  օրը, սուրբ պատարագի ժամանակը, խլէ քահանային ձեռեն Քրիստոսի ահաւոր մարմինը եւ տանի ձգէ աղբերու մէջ. ապա հանէ շան պոչը կապէ ու գեղի մէջը պտտեցնէ. գեղի մը ամբողջ ժողովուրդ իր քահանայով մէկ տեղ՝ պաղ աչքով պաղ սրտով հանդիսատես կայնի  յանձն  չառնու մեռնիլ իր կրօնքին համար, իր Աստուծոյն համար, իր Փրկչին համար, եւ նոյն երկրի բոլոր հայերը, եկեղեցականաց եւ աշխարհանաց համար առ հասարակ կըսեմ, օրինաւոր բողոք մը, սաստիկ յուզմունք մը չեն յարուցաներ, թող իրենց մարմինն ու արիւնն ալ թաւալէր աղբիւսներու մէջ խառնուելով Քրիստոսի մարմնոյ եւ արեան հետ։ Կամ այն ժամանակ կը վերջանար հայն Մուշէն, կամ իսպառ կ՚ազատուէր քիւրդէն։ Թէ ինչպէ՞ս հայ պէտք է լինէր Մշեցի Հայն, երբ իր աչքով տեսնալով եկեղեցեաց  կողոպտուիլը, վանորէից թալլուիլը, իր վարդապետին մահացու հարուածով զարնուիլը ու չելնէր տէրտէրն իր փիլոնով, վարդապետն իր վեղարով եւ ամէն երես խաչ հանողը անհաց, անջուր, անքուն մնալով, մոռնար իր առուտուրն, իր վարն ու վաստակը, դիմէր ատեաններ, չորս կողմը լեցնէր իր բողոքագրներով, շարժէր կառավարութիւնը իր իրաւացի աղաղակներով, զարթուցանելով անոր գութը իրենց վրայ եւ ցասումն այն եռեղնագործաց վրայ։

Եթէ Մշեցի հայը մեր ըսած ճշմարիտ հայն լինէր, երբ իր ականջով իր խաչն ու հաւատքը հայհոյել լսէր, երբ իր եկեղեցուոյ մէջ պըղծութիւն տեսնէր, երբ իր մեռոնն ու Աւետարանը թափած եւ ոտքի տակ առած կոխկըռտիլը  տեսնէր պէտք էր նահատակութեան հանդէսն ելնէր. ո՞վ կըսէ թէ ասոնք եւ մենք առ հասարակ Մշեցի Վարդանին եւ իւր դարու հայոց սերունդն ենք… «որք լաւ համարէին զմահ անձանց, քան տեսանել զաւեր եկեղեցէաց եւ լսել նախատինս հաւատոց  իւրէանց»։

Ո՞վ կըսէ թէ ասոնք այն Մշեցւոց սերունդն են, որք՝ ինչպէս պատմութիւնը  կը ցուցնէ, իւրաքանչիւր դարու մէջ միշտ երեւելի առաքինիք, եւ միշտ առաջին պսակն ընդունող եղեր են, մանաւանդ կրօնական մարտիրոսութեանց։

Մշեցի հայն եթէ հայ լինէր եւ մարդ, ինչու՞ պիտի ասացուածքը, իր տունը եւ կալուածքը, իր կինն ու զաւակը, իր գոյքը եւ կեանքն թողուր նուաճիլ քրդերու եւ գէշ մարդերու անիրաւ ձեռաց եւ կամաց ներքեւ նաեւ մինչեւ անգամ իր հոգին ալ վերջին ստրկութեամբ եւ վատութեամբ թողուլ որ բռնաբարեն, ծառայեցնեն եւ նախատեն, սոքա կարծես ոչ բանականութեան մէջ խորհուրդ, ոչ քաղաքականութեան մէջ պատիւ, ոչ բարոյականութեան մէջ շնորհք, ոչ հաւատալեաց մէջ Աստուածային սիրոյ բորբոքումն, ոչ կենցաղավարութեան մէջ ճաշակ, եւ ոչ հոգուոյ ու կամքին մէջ ազատականութիւն ունին, ինչպէս իրենց արդի անտարբեր վիճակը կապացուցանէ, ապա թէ ոչ՝ գոնէ իրենց ընտանեկան՝ բարոյական եւ կրօնական պատիւը պաշտպանելու համար բողոքել, խնդրել եւ տէրութեան պատմական օրէնքին տրամադրութենեն ազատ մնալու կերպով մահը աչք առնել եւ չը թողուլ թշնամւոյն ուզածն ընելու, այն ինչ կը մեռնին եւ կը սպանուին ամէն ժամանակ շատերը, բայց զուր տեղ ոչ իրենց կեանքը նշանաւոր լինելով, եւ ոչ իրենց մահը պատուաւոր ու արդիւնաւոր։ Ափսոս չէ՞ մեր մարդկութեանը, որ աստուածային եւ մարդկային պարտականութեամբ միմիայն մեզ բարեխնամիչ տէրութեան պէտք է հպատակեցնեմք, կը հպատակեցնեմք նաեւ զայն անարժան անձանց, այս եւ շատ անգամ ալ մենք մեզէն հրաւիրելով եւ մեծացնելով զանոնք, որ տէր են մեզ։

Մշեցի հայը պէտք էր գիտենար թէ Մեսրոբայ, Խորենացւոյն, Անյաղթ Դաւթին, եւ ասոնց նման շատ մը ազգիս հոգւոյն եւ մտաց լուսաւորիչ հայերը ունեցեր է իր հայրենեաց արգանդէն ծնած՝ սնած՝ եւ զարգացած այն արեւով ու աստղերով, այն հողով ու ջրով, որոնցմով այսօր ինքն կը սնանի, բայց անոնց քրտանց եւ շնորհաց կաթիլն անգամ այսօր իր մէջը չունի ոչ ուսումնարան եւ ոչ ուսումնասիրութիւն, ոչ եկեղեցւոյ շուք ու պայծառութիւն, եւ ոչ ազգասիրութեան եռանդ, ոչ վարդապետը՝ վարդապետ է, ոչ տէրտէրը՝ տէրտէր, ոչ ժողովուրդը՝ ժողովուրդ։ Ա՜հ եկեղեցի եւ ուսումնարան միմիայն տեղի եւ տաճար ազգայնութեան աւանդները անմահ պահելու, եւ եւ ազգի հոգեկան կեանքը վերակենդանացնելու միմիայն միջոց։ Այս մեր ազգայնութեան դրոշմը, եկեղեցին  է միայն եւ ուսումնարան, ուրեմն եկեղեցականներ եւ ուսումնականներ են մեր իրաւանց դրօշակակիրները։ Մշեցւոց ազգային եւ կրօնական կենաց չափն ու սահմանը հասկնալու համար, իր մէջի եկեղեղականք  եւ ուսումնականք - եթէ կարելի է զանոնք այսպէս անուանել - կրնան յայտնել, անտարակոյս  ժողովրդեան մը յառաջադիմութիւն ու յետադիմութիւնը իր մեծ պաշտօն վարող անձինքներով կը չափուի, վասն զի անշուշտ իրենց հանճարեղն այն է որ առաջնորդութիւն կը վարէ։ Մի բռնադատէր զիս, կաղաչեմ Մշոյ  ուսումնարանի եւ ուսումնականի վրայ խօսելու, այլ միայն տէրտէրն ու վարդապետը կը բերեմ քո ատեանը, անոնցմով հասկցիր ամէն բան։ Եթէ շատ չեն, կարծեմ պակաս չեն քառասունէն վարդապետները, թէ սուրբ Կարապետի եւ թէ միւս մասնաւոր վանքերու մէջ, իսկ տէրտէրները բազմապատիկ են թուով, այնպէս որ բոլոր Մշոյ հայերը  իրենց ծուխ բաժնելով, ամէն տէրտէրն ալ անօթի կը մնայ, եւ ամէն տարի անպատճառ մուրացկանութեան պէտք է ելնէ Մշոյ երկրի որ եւ իցէ քահանայն։

Ընդհանրապէս ծոյլ եւ հետեւեալ անձինք կընտրուին քահանայ, որք իրենց ապրուստը չի կրնալով ընել աշխարհականութեան մէջ, կը խորհի բարեմիտ բայց անմիտ ժողովուրդը զայն ընտրել եւ ձեռնադրել տալ քահանայ, որպէս զի հաց գտնէ, եւ այլ ոչ ինչ։ - Ո՜վ քահանայութիւն, դու որ պաշտօն ունիս մարդոց սրտին, մտքին եւ հոգւոյն հետ, այս ա՞յդ է քու բուն եկեղեցի, դու սահմանուած ես զմարդիկ ոչ միայն ազնուացնելու այլեւ աստուածացնելու զանոնք։ Բայց դու ո՜վ քահանայ գոնէ քեզնէ կտորիկ մարդու հոտ գար, գոնէ դու մէկ փշրիկ այն սիրտէն, մտքէն, եւ հոգիէն ունենայիր կամ հասկնայիր, չէ՞ որ դու պաշտօն ունիս հեթանոսները աւետարանի շնորհոք լուսաւորելու, իսկ այսօր քու ձեռքի տակ եղած Աւետարանի որդիքը կորստեան վտանգի մատնելու կը ծառայես, ոչ այնքան քո չարամտութեամբ, որքան որ տգիտութեամբ եւ անհոգութեամբ։ Ինչ որ ասեմ ես, դու վերարկուդ քշտէ ու վազէ մեռելդ թաղելու, գերեզման օրհնելու, կնունքի ճաշը ուտելու։ Բայց մեր տէրտէրը կըսէ - Ես ինձմէ մեծէն ինչ որ տեսեր եմ, այն սորուէր եմ, ու իր սորուածն է ժողովածուի աստուածաբանութիւն, երազահան, կախարդական թուղթ ընելը ու անկիրթ նստիլ ու կայնել, անշնորհք եւ զզուելի խօսքերով՝ իբրեւ թէ զուարճաբանութիւն ընել, առասպելն քան զաւետարան շատ գիտել ու քարոզել, մինչեւ նոյն իսկ աւետարանի խոսքերն ալ առասպելի դարձնել, լուսաւոր դատողութիւն ընողները, եւ ուսման սիրողները անհաւատ համարել, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։ Այսուամենայնիւ շատ խեղճ են Մշոյ քահանաները, շուտով կը շտկին իրենց ծուռութենէն, եթէ ուղղիչ ունենան։ Ո՞վ պէտք է լինի ուղղիչ, առաջնորդ եւ վարդապետներ, կամ որ աւելի ճիշտն է ասել, նոյն իսկ ժողովուրդը։ Անտարակոյս ժողովուրդը միայն կարող է ուղղել ոչ միայն իր տէրտէրն ու վարդապետը, այլեւ իր առաջնորդն ալ, իր պատրիարքն ալ, եւ իր կաթողիկոսն ալ ոչ ապաքէն Քրիստոսական, առաքելական եւ հայկական եկեղեցին սուրբ ազատութիւն տուած է ժողովրդոց, որ իրենք ընտրեն իրենց եկեղեցուոյ պաշտօնեան, եւ իրենց ձեռքն է ընտրելեն ետքն ալ արժանաւորին, եւ անարժանին ըստ իւրաքանչիւրում ընդունելութիւն տալ։ Այո, ո եւ իցէ եկեղեցականը ժողովրդէն ծնած ու ասոր որդին, անոր եղբայրն է, ուրեմն, դու ինքդ, ժողովո՛ւրդ, պէտք է նախ ուղիղ եւ լուսաւոր ըլլաս, որ մայր ես, ծնեալ ի հոգւոյ հոգի կը լինի, եւ ծնեալ ի մարմնոյ՝ մարմին, պարտք է քեզ ծնանիլ վերստին, ժողովուրդ։

Գանք վարդապետներու կարգին։ Ճշմարիտ է, որ Սուրբ Կարապետի վանքը իր դիրքով եւ հանգամանքներով պէտք էր այս աշխարհին Հայոց շատ օգուտներ ընծայել, ինչպէս պատմութիւնը կը յայտնէ թէ շատ անգամ ոչ միայն Մշոյ՝ այլ հեռաւոր աշխարհաց Հայոցն ալ բարի պաշտօնեաներ մատակարարէր է, բայց այս վերջին ժամանակս՝ իրեն թող մնայ իր օգուտը, փոխարէն՝ շատ մը նիւթական եւ բարոյական վնասաց առիթ եղած է Մշեցի Հայուն։ Շարունակ 6 վարդապետ նուիրակ անունով Մշոյ գեղերը իր թեմերը կը շրջին, ժողուելու վանքին սահմանեալ տուրքերը ամէն տարի, իւղ, ոչխար, կով, եզ, գոմէշ, հաց, կողոպուտ, հոգեբաժին, քառասնից, գաւազանապտուղ եւ այլն, ճիշտ իբրեւ հարկահան մը կը հանդիսանան իրենց պաշտօնին մէջ, ոչ եկեղեցւոյ դուռը ճանչնալով, ոչ ժողովրդեան օգտակար խօսքերով խօսելով, եւ ոչ ալ գոնէ իրենց վարքով ու կրօնքով անոնց բարի օրինակ լինելով, այլ ընդ հակառակն ամենեւին։

Այս կողմը՝ վանքի մէջ մնացած մէկ քանի վարդապետները, խորհրդական կամ ժողովրդական անունով կառավարութիւն մը կը կազմեն, վանքին բոլոր կառավարութեանց տնօրինութիւն եւ հսկողութիւնը ասոնց պաշտօնն է, բայց սեպհական պաշտօնին է ամէն եկող ուխտաւորներէն տարբաս առնել, թէ ստակ եւ թէ որ եւ իցէ տեսակ նուէրները, նաեւ վանից սնտուկն ու ելեւմուտը ասոնց ձեռքն է։ Միւս վարդապետները որ իւղին, պանիրին ու մածնին տեսուչ է, որը՝ չարուխի, կաշիի եւ բուրդի տեսուչ է, մէկը ալիւր եւ գարի կը ծախէ, մէկը հիւրընկալ է զոր քերուէն պաշի կը կանչեն, մէկը մատաղ կը ծախէ, մէկը ձիեր կը նայի, մէկը՝ գարու ցանքի վրայ է, մէկը թապախ ժողւող է, մէկը խաչ օծող ու խոստովանցնող է, մէկը կոնդակ գրող է, մէկ քանիսը լուսարար է, եւ ամէնքը մէկտեղ մատաղ օրհնող են, եւ այլն, եւ այլն, եւ այլն։ Երկար կը լինի, եւ իմ նպատակէս ալ դուրս է մանրամասն նկարագրել այս վանքը եւ իւր վանականները, այս պաշտօնը ուրիշ մէկ մը կատարէր է լիակատար վարք Սուրբ Կարապետի միաբանութեան գրելով, զոր ի մօտոյ հրատարակել պիտի տայ, այլ այս քանի տողը անոր համար գրեցի, որ Մշոյ վարդապետներու պաշտօնէն, իրենց տուած արդիւնքը Մշեցի Հայոց՝ հասկընաս։ Այս կեանք ու վիճակը ունին ուրիշ վանքերու Վարդապետներն  ալ։ Աղաբեկեանց Մարկոս էֆենտիէն լսած եմ, որ կըսէր, «Ճիշդ խան մի  է Սուրբ Կարապետի վանքը, ուխտաւորները իբրեւ անցորդ մը կուգան  կերթան, բոլոր վարդապետները   խանճիութեան  պաշտօն կը վարեն կամ վեղարաւոր  օտապաշիք են»։ Եւ աւելցուց «ափսոս ազգի  տուած փարային, ափսոս մեր ունեցած համարումին։ Այսպէս ով որ տեսեր է այդ վանքը մէկ անունը գրեր է իրեն»։

Ահա Մշոյ երկրի վարդապետները, որոնք ամէնն ալ, «առաքմամբ սուրբ հոգւոյն անապատէ կոչեցէալ են» վերոգրեալ ծառայութեանց բարձրագոյն համալսարանին մէջ դաստիարակելով, վերջապէս վարդապետ են, եւ աւետարանի լոյս եւ ժողովրդեան աղ ըլլալու պաշտօնի են կոչուած. այսպիսիներէն ո՞վ իրաւունք ունի եւ կարող է վարդապետութիւն պահանջել։ Բայց ժողովուրդ, չէ՞ որ քու իրաւունքդ է տուածդ արդիւնքին հաշիւը տեսնել է անոր փոխարէն ծառայութիւնը պահանջել։ Հա՛ն  վարդապետները մամոնայի չար ծառայութենէն, խլէ բոլոր մարմնաւոր շահուց գործքերը անոնց ձեռքէն, կարգէ զիրենք միմիայն Աստուծոյ ծառայութեան պաշտօնին մէջ, եւ դուրս ձգէ միանգամայն զայն, որ անարժան է այն սուրբ հացին, ասոնք չեն, որ օգնութեան բազուկ պիտի կարկառեն քո տկարութեան, ժողովուրդ ասոնցմէ որի՞ աչքը լացաւ  քո թշուառութեանց  վրայ, եւ որի՞ ձեռքը  սրբեց քո արտասունքը, ասո՞նք են որոնց վրայ հոգի Տեառն իջեր է եւ  օծեալ իսկ են աւետարանել աղքատաց, բժշկել  զբեկեալս սրտիւք, մխիթարել զսգաւորս, քարոզել գերեաց փրկութիւն եւ այլն, չէ՛, չէ՛ ընտրութիւն արա՛, ժողովուրդ, ընտրութիւն ի մէջ չարուն եւ բարուն, ահա այն ժամանակ կը խաղաղանաս դու, կը  լուսաւորիս դու, եթէ քո մէջ պատիւ եւ ընդունելութիւն գտնէ բարեսէր  կը քաջալերուի իր պաշտօնին մէջ եւ իր նմանեաց  թիւն ալ կ՚աւելնայ, արդիւնքն ալ, բայց այսօր չէ այդպէս ընդ հակառակն անարժանը կը պաշտպանուի, արժանաւորն կը լքանի եւ վերջապէս կ՚սպանուի։ Դու եթէ այս ընտրութիւն ընես, քո փաշան ալ ուզէ չուզէ կը ստիպուի լաւ ըլլալ, մեճլիսը արդէն քո ընտրանօք  կը կազմուի, քո առաջնորդը, քո վարդապետն ու տէրտէրը, քո իշխան եւ գիւղի քահեան՝ որովհետեւ դու պիտի ընտրես, լաւերը կընտրուի, բայց կը կրկնեմ այս ամէնուդ հետ նախ դու ինքդ պէտք է լաւ ըլլաս, որ լաւերը ընտրել գիտնաս, մարդն ինչով լաւ ու բարի կըլլայ, ուսումքով, սուրբ Եղիշէն կը գրէ «ամենայն չարիք ի ներքս մտանեն յանուսումնութենէն» եւ թէ «տգիտութիւն զրկի ի կատարէալ կենաց», ահա քո քաշած ամէն կերպ չարեաց եւ անկատար կենաց, ու զրկանաց մի միայն  պատճառ։ Չէ՞ որ այս է եղեր որ այնքան անուանի ազգասէր առաջնորդներ եկեր գացեր են Մշոյ մէջ, ու քեզ մխիթարութիւն կամ փրկութիւն չեն կրցեր տալ։ Այնքան փաշաներ՝ որ ուրիշ տեղեր մեծ անուն հանէր են, մեծ գործեր տեսեր են, եկեր են քով մէջը այն անունն ալ կորսնցնելով, ու  քեզ շահ մը չի կրնալով տալ, անցէր են։ Այս ամէնը անոր համար, վասն զի դու քո բարին եւ բարերարը, քո չարիքն ու չարարարը դեռ չես կարող եղեր որոշել։ Այսօր քու առաջնորդութիւն վարող Մխիթար վարդապետն է, ըսել է քո ամենէն հանճարեղ ու ընտիր  մարդն է։ Կը գովեմ զինքը, լսելով իր քաջաբար թէպէտ եւ անքաղաքագէտ վարմունքը քրդերու դէմ, կը կարեկցեմ ալ լսելով որ քրդերը զինք  սպաննելու չափ յանդգնէր յարձակէր են վրան եւ գնդակոծ են ըրեր, վեց  կամ եօթն տուն բողոքական հայ կայ Մշոյ մէջ, եւ իբր 200 տուն կաթոլիկ հայ, որ ասոնք ալ ոչ մտաւորական եւ ոչ քաղաքական յառաջադիմութիւն մը ունին մեր Հայերէն աւելի, ապա թէ ոչ՝ կարծեմ այսօր Հայ մը չէր մնար այս տեղ որ իր քահանայի աջը համբուրեր։

Ժողովուրդ մը, որ քարոզ չը լսէ, որ եկեղեցական, ուսումնական եւ ազգային հանդէսներ չունենայ, չտեսնայ, երգեր ու ճառեր չլսէ, որոնցմով մարդ կ՚ոգեւորին եւ կեանքն կառնու. Երկիր մը, ուր լրագիր չի մտնէր, ուր ընթերցարան եւ հրապարակախօսութիւն չկայ։ Առաջնորդ մը՝ որ եկեղեցի եւ դպրոց ի՞նչ բան են չգիտնայ, հասարակութիւն մը՝ որոյ խօսքն ու խորհուրդը մի միայն վախնալու եւ ցաւելու առարկաներ լինին. անոր կեանքն ըստ ամենայնի թշուառ եւ գերեզմանի արժանի է։

Ոչ մէկ մը թող գանգատ չընէ Մշեցին. Աստուած տուէր է անոր այնպիսի հայրենիք մը, որոյ մէջ ծնածները յաղթանդամ, գեղեցկադէմ, քաջակերպ, սրամիտ, ամէն կերպ կրթութեան եւ դաստիարակութեան խիստ յարմար, յաջողակ, եւ անոր լեռներն ու դաշտերը լեցուցեր է բնական գեղեցկութեամբ ու սրբազան յիշատակներով, որոց վրայ նայողը պէտք է հրեշտականայ եւ ընէ զինքը այն Հայ ու այն մարդը, որ ամէն դարու եւ ամէն պարագայից մէջ պատուաւոր ու սիրելի է ըրեր իր հայրենիքը ազգութեան եւ մարդկութեան կարգին մէջ։

Մեր Մշեցի եղբարց վիճակը այսքան մը ներկայացնելով արգոյ ընթերցողաց աչքին առջեւ, ամէնուն կարեկցութիւնն ու օգնութիւնը կը հայցեմ մարդասիրաբար այսպիսի ժողովրդեան մը, որոց ցաւերը շատ եւ շատ էին քան զոր գրեցի, թէ եւ ազգային մէկ մասը քիչ մը խիստ՝ բայց եւ ճիշտ նկարագրեցի, այսու ամենայնիւ կան, կան մէջերնին զգացող եւ բարեաց փափաքօղ Հայեր, որք կարեկցութեան արժանի են եւ մեծամեծ յոյսեր կը շողշողեն անոնց թօշնած ճակատներուն վրայ, եւ կարկառեց, որ կարողդ էք, ձեր կարող ձեռները՝ յարուցանել ասոնք իրենք ինկած վիճակէն՝ մեծ պարծանք եւ մեծ արդիւնք  կայ տէրութեան մեծ յոյս եւ մեծ օգուտ կայ հայութեան եւ մշեցւոց փրկութեան բարեկարգութեան եւ յառաջադիմութեանը, եւ մեծ կորուստն է այս թշուառներուն կորուստը թէ մեր տէրութեան համար, վասն որոյ աղաչելով որ կայսերական կառավարութիւն իր աչքը, եւ ազգային վարչութիւնը իր սիրտը դարցունէ այս աշխարհի վրայ. Աստուծոյ ողորմութիւնն ալ հայցելով մեր Հայոց ազգին, կը վերջացնեմ յօդուածս։