Արեւմտեան Հայաստանի գաւառների վերաբերեալ նկարագրական եւ վիճակագրական յօդուածներ, տեղագրութիւններ, շրջաբերական կոնդակներ, ճառեր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

10. ԱՂԵՐՍ ԱՌ ԱԶԳԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Տարոնէն նոր կուգամ, վկայ այն ամէն թշուառութեանց եւ աղէտից՝ զոր կը կրեն գաւառայինք. վկայ նաեւ այն յուսալիր բերկրանաց եւ նոր ուրախառիթ ազդեցութեանց, որ Սահմանադրութեան եւ Վարչութեան հաստատութեամբ կ՚զգան ՚ի հոգի Տարոնոյ Ազգայինք։

Եկած եմ մեր աշխարհներու վշտաց եւ ցաւոց թարգման կամ գուժկան. վիշտեր՝ որոց տեսակները բիւրաւոր են. եւ որոց զոհ եղողներ հազարաւոր։ Ձեր սիրտերն ալ կ՚զգան ու գիտեն ասոնք. կ՚զգան ձեր սիրտերը Հայաստանի աղէտները, եւ ձեր այդ զգացմանց վկայ են ձեր նուիրական ջանքերը։ Հայրենեաց զաւակները՝ ինչպէս սովալլուկ առ հաց, այնպէս իրենց աչքն ու սիրտը ի ձեզ են յառած. յուսահատ կենսահատ հոգիներ՝ իրենց  ապաւէն ու յոյս յաստուած եւ զձեզ միայն եմ ըմբռնէր. ամէն օր կը նային, ամէն ժամ ու վայրկեան կ՚սպասեն Պոլիսէն Վարչութենէն նոր ձայն մը։

Ձայն՝ որ յուսահատ Հայուն համար նոր յոյս է, զրկեալին համար՝ արդարութիւն, աղքատին՝ հաց, ծարաւելոյն՝ ջուր, հիւանդին՝ դեղ, վիրեւորելոյն՝ դարման։ Վերջապէս Վարչութեան ձայն զօրաւոր է միշտ գաւառաբնակ Ազգայնոց համար. միայն թէ երանի՜ իրենք ալ գիտնային թէ որչա՞փ զօրաւոր է ըստ այնմ գործադրէին։

Գաւառներու աղէտները հնար չէ թուել, բայց ըստ մասին անգամ դրած ու հրատարակած են ազգային լրագիրները, թողլով զընդհանուրն, թողլով զհեռաւորն, չյիշենք զՎասպուրական, զԽարբերդ եւ զԲալուն… Այլ միայն առնենք զՏարոն, Տարօն՝ որոյ ծոցէն միայն այս ժամանակ 600-էն աւելի տուներ գաղթեցան, անիրաւացի ձեռքէն, անխիղճներու երեսէն, անկարգութեան եւ անտէրութեան համար…

Տարօն՝ որ այսօր ամէն կերպ աղէտից կայան կը համարուի. Տարօն կը ցրուէ իւր որդիքները. եւ ալ որ փնտռէք՝ չեն գտնուիր։ Տարօն իւր զաւակներով հիւանդ եւ հոգեվարք է, այս ցաւալից լուրը յառաջուց բերաւ ձեզ ողբասաց Արծուիկն իւր։ Ուստի բժիշկ եւ դարմանիչ հասուցէք իրեն։ Ապա թէ ոչ որի՞ն Երեսփոխան պիտի անուանիք, որի՞ն վարիչ, որի՞ն Տնօրէն, Հայաստանի անբնակ հողերուն, ամայի՞ տեղերուն…։

Դու, Ազգային Վարչութիւն, Կեդրոնական կոչուած եւս, բայց բուն ազգաբնակ կեդրոնէն քսան, երեսուն եւ մինչեւ յիսուն աւուր չափ ինկած ես հեռուն, այն ամէնի վրայ ինչ որ կը խորհիս՝ միայն կը խորհիս, եւ ինչ որ պիտի գործես, միայն կը տնօրինես, կամիմ ասել աչքովդ չես տեսնար, ձեռքովդ չես գործադրեր։ Գիտե՞ս ինչ կերպ  կերպ արգելքներ, պէս պէս հնարքներ, վտանգներ ու որոգայթներ կան այն կողմերը, որոնք ոչ  միայն քու տնօրինած այլ եւ Տէրութեան հրամայածն անգամ կայլայլեն։

Այնպէս ճարտարներ են անոնք, որ նստած ժողովրդեան գլխուն՝ եւ իշխանութեան աթոռին քովը ամէն բան կ՚իմանան, ամէն բանի մէջ կ՚իյնան, զժողովուրդ կը կեղեքեն՝ Տէրութենէն կը գողանան, պետերուն կը հաճոյանան, տուրքեր բաժնելու, հարկեր ժողուելու մէջը ասոնց անիրաւութիւնը անչափ է։

Վերջապէս այս անոնք են՝ որ թերեւս դուն ալ վաղը քո ամէն տնօրէնութիւնդ եւ Սահմանադրութեան  գործադրութիւն, եւ ամէն ազգային խորհուրդը անոնց ձեռքը պիտի յանձնես, եւ իրենք յօժար են ընդունել հետեւաբար եւ ընդունուիլ… բայց ասիկայ մեծ վտանգ մի է, որոյ համար  կանխաւ պէտք է հոգալ, վասն զի ասիկայ այնպէս է ինչպէս օձը ծաղկանց մէջ թառի, եւ վերջապէս օր մը պիտի թունաւորէ ու կըծէ զանի։ Քուերակութիւններն ալ պիտի տեսնանք թէ ի՛նչ զանազան ճամբաներով պիտի ճնշուին, եւ անոր ազատ սկզբունքը անարգուի։

Թէ Պոլիսն անգամ երեք տարիի չափ կրեց այս փորձերը, քանի՞ հապա պիտի կրեն խղճալի գաւառներ, մութ ու ռամիկ աշխարհները։ Ահա հոգալու ես ասոնք իբրեւ անոնց Սահմանադրական նոր կենաց ամենակարեւոր պիտոյքը, պատսպարելու, կազդուրելու է զանոնք վաղվաղակի, Սահմանադրութեան հետ մարդ՝ եւ մարդու հետ արտօնութիւն տալ պատրաստել հանել ի գաւառներ։ Մարդ՝ որ երթայ զմարդ մարդոց ճանկէն ազատէ, Մարդ՝ որ երթայ մարդկութեան իրաւունքը եւ Սահմանադրութեան սկզբունքը նորոգ հաստատէ։

Ձեր անունը, Երեսփոխանութիւն, ձեր ձայնը Վարչութիւն, ասոնք միայն զօրութիւն ու ներգործութիւն ունին գաւառները, ձեր շուքն ու համբաւն է, որ կը գործէ այն տեղերը ուստի որչափ վեհ պատուաւոր ու զօրաւոր հանդիսանայ ձեր ընթացքը այս տեղ այնչափ մեծ ու հզօր կը լինի ձեր ազդեցութիւն, յաջող  ապահով կը լինի հասարակաց իրաւունքն ու ամէն բարեկարգութիւն այն տեղը։

Տարոնոյ բերնէն կ՚աղաչեմ զձեզ հարիւրելով ձեր ուշադրութիւնը ասոր  անոր նման խեղճերուն վրայ, Պոլսոյ մանրախոյզ խնդիրներու ժամանակը չէ հիմա. անդին ահագին աշխարհներ ձեռքէ կերթան. ձեր օրով կերթան… Պոլսոյ ազգայինք իրենց նուազ համեմատութեամբ՝ մեր Հայութեան ամբողջ անձին՝ միայն բերան կամ լեզուն հազիւ կը համարուին, եւ արդարեւ բերան ու լեզուն են, անոր գլուխը, սիրտ, ձեռքը ոտքը այս ամէնը գաւառներու մէջն են, օ՜հ վիրաց ի մէջ կը հեծեն…

Ամէն ձեր զգացմունք  եւ ջանք, ձեր սիրտ եւ սէրը. ձեր միտքը եւ հոգը դարձնելու էք գաւառներու վրայ, անոնց բողոքները, աղաղակներ եւ աչաց արտասուքները անդադար կը խօսին, աղբիւրի պէս կը հոսին, ձեր անունը իրենց յոյսն են, սիրտերնին միտքերնին հոս են։

Դարձէք անոնց, այնչափ գործքեր կան երեսի վրայ մնացած, միշտ մի՛ թողուք անխնամ վարանած, ապա թէ ոչ՝ գուցէ օր մը տեսնանք զանոնք յուսահատած, եւ ահա իսպառ կորսուած,,, Խնայէ մեզ, Աստուած։

Ո՛հ, թերեւս այնպէս չեն ըմբռնէր ձեր միտքերը Հայաստանցւոց վշտաց պատկերը, թերեւս չեն զգար այնպէս ինչպէս անոնք՝ որ անձամբ հաղորդ եւ ականատես են եղեր այն աղէտներուն, որոնցմէ մէկն ալ ահա ես եմ, որ ՚ի բերանոյ բոլոր Հայաստանին զձեզ կ՚աղերսեմ, շարժեցէք ձեր սիրտը ՚ի գութ եւ ՚ի փոյթ Ազգին։

Անկարող չէք, բաւական է որ միայն ՚ի մի կամս բարեհաճիք։

Այո՛ հասած ենք այն ժամանակը, որ ,,, ազգը կարող է ազգային պէտք եղած դարմանները պատրաստել, յոյսերը պսակել։ Ձեզ կը մնայ ուրեմն ձե՛զ ձեր պարտքը կատարել, ձեր փառքին տիրել։

Տարոնոյ Արծուի՛կ՝ ես թէեւ թեւաթափ թեւակապ եղած, բայց սողոսկելով տեղս հասած առ ձեզ գուժ կը հարկանեմ, Յոբայ գուժաբերն եմ, - Մուշը մշաւ, Տարօնը տարան, անոր բնակիչներ հետզհետէ փախան, նախիրն ու ոչխարը, ուղտերն ու իշան գնացին թալան, շատերն անօթութենէ մեռան,,, Վերջին գուժաբերին կ՚սպասէ՞ք, որ գայ եւ գուժէ թէ ահա Տարոնոյ տունը ամբողջ փլաւ՛, եւ իւր որդիք տակը մնալով ողջ ողջ մտան գերեզմանը։ Ոչ յայնժամ, այլ արդէն զտարոնեան Յովբ պիտի թողո՞ւք որ ողբայ ու ասէ, «Եթէ կշռելով ոք կշռէր զցաւս Տարոնոյ, քան զաւազ ծովու ծանրագոյն լինէր»։

Ա՜հ, Աստուած իմ, Դու՝ կ՚աղաչեմ դու նախախնամէ, մի՛ թողուք մեր աւերակ հայրենիք կրկին դառնայ աւէր, մի՛ թողուր մեր կորուսեալ եղբայրներ խղճալի Հայեր կրկին կորսուիլ, եւ օրհնէ, օգնէ ամենազօր աջովդ որ քեւ միանան, քէ խորհին, եւ ի քեզ յուսալով գործէ Վարչութիւնը իւր ամէն անօրէնութիւնը, առ որ կը մնայ բոլոր  ազգիս ակընկալութիւնը։