ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՌՈՄԱՆԹԻԶՄ
Զգոյշ
եմ
ռոմանթիզմ
տարազին
միջազգային
թելադրանքներուն,
յեղաշրջումին
թէ
եւ
շահեկան
բայց
մեզի
համար
պարզ
հմտութիւն
մնալու
սահմանուած
արդիւնքին
հանդէպ։
Ի՛նչ
որ
Հայկական
Ռոմանթիզմ
կը
կոչեմ,
ասիկա
խառնուածք
մըն
է
որ
մեր
ԺԹ.
դարու
հասարակութեան
հոգեկան
բաղադրութեան
մեծագոյն
միութիւնը
տուաւ:
Անոր
տակ,
առանց
դժուարութեան,
կը
զետեղուին
մեր
պայքարները,
սկսեալ
1820–60ին,
մեր
զարթօնքին
ոգորումները
(Սահմանադրական
—
Խաւարեալներու
կռիւները),
մեր
եկեղեցիին
դժուարութիւնները,
իրմէն
զատուող
զաւակներուն
իրեն
առթած
սպառումներուն
իբրեւ
հետեւանք,
մեր
յեղափոխութիւնը
իբր
իմացական
տագնապ
ու
իբր
ժողովրդական
ողբերգութիւն։
Ու
նոյն
ատեն
այս
իրողութիւնները,
ասոնց
առընջակից
ուրիշ
ապրումներ
սեւեռելու
թեքնիկ
մը,
գրելու
եղանակ
մը
որ
մեր
գրականութեան
առաջին
ոճը
կազմեց։
Ատիկա
ռոմանթիք
ոճն
էր,
գրականութեան
պատմութեան
մէջ
(մեր)
որոշ
բիւրեղացում
մը
ստացած,
բայց
իր
ներքին
ուժականութենէն,
ծածկած
խորհուրդէն,
թելադրուած
ապրումներէն
չազատագրուած,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
չգտած
իր
բացարձակ
կերպարանքը։
Անուանեցէք
Ֆրանսական
ռոմանթիզմը,
բառին
հետ
ձեր
մտքին
մարմին
կը
դառնան
այդ
ժողովուրդին
յատուկ
անոր
պատմութեան
ու
ապրումներուն
լայնօրէն
հաղորդ
ոչ
միայն
գրելու
կերպ
մը,
այլ
եւ
ազգային
խառնուածք
մը
որ
որոշ,
շեշտ
տարբերութիւններ
կը
պարզէ
անգլիական,
գերմանական,
ռուսական
ռոմանթիզմներով
խտացած
յղացքներուն
հետ
է
Ի՞նչ
է
այնքան
դատափետուած,
ծաղրուած
Հայկական
Ռոմանթիզմը:
Ի՞նչ
է
մանաւանդ
անոր
գրական
նկարագիրը։
Սովորութիւն
է
դարձած
մեր
գրական
ճիգը,
—
մինչեւ
Իրապաշտներու
երեւումը
ու
տակաւին
բաւական
մըն
ալ
անդին
—
որակել
մէկէ
աւելի
պիտակումներով,
երբեմն
անհարազատ,
երբեմն
հակասական։
Արեւելահայերը,
գրական
իրենց
շքեղ
անհասկացողութեամբը
որքան
հետեւակ
մտայնութեամբ
հեշտագին
կը
զեղծանէին
այդ
որակումներուն
փառքին:
Անոնցն
է
բարբարոս
բայց
բախտաւոր
տարազը`
կեղծ–դասականութիւն,
ուղղակի
ֆրանսական
գիրքերէ
փոխադրութիւն,
այդ
գրականութեան
մէջ
ըմբռնելի
իբրեւ
իմաստ
(թէեւ
խորքին
մէջ
անընդունելի,
վասնզի
դասականին
կեղծը
ապիմաստութիւն
միայն
կրնայ
նշանակել),
որով
կ՚արհամարհէին
արեւմտահայ
տաղաչափութիւնը,
գրքունակ
արձակը,
Պէշիկթաշլեաններէն
մինչեւ
Պէրպէրեանի
քրոնիկները
երբ
կը
զիջէին
զբաղիլ
մեզմով։
Ուրիշ
տեղ
տուած
եմ
բաւարար
վերլուծում
այս
անհեթեթ
ամբաստանութեանց
եւ
Արեւմտահայերը
ռոմանթիք
պիտակին
հագցուցած
են
ժամանակագրական
իմաստ
մը
գրեթէ,
առանց
անդրադառնալու
որ,
Սէթեանին
պատանութիւնը,
օրինակի
մը
համար,
կը
մեկնի
ռոմանթիզմին
մեր
մէջ
վայելած
լիալուսնային
փակութիւններէն,
հեշտանքներէն,
մինչ
անոր
ծերութիւնը
պսակաւոր
է
Արուեստագէտ
Սերունդին
մօտ
այնքան
յարգ
գտած
նրբամաղ
զարդարանքներով։
Յետոյ,
կայ
պատրանքը
Հիւկոյի
եւ
Լամարթինի
վարկերուն,
—
իրենց
ընդոծին
երկիրներուն
մէջ
լրջացած,
արդարացած,
մեր
յետամնացութեան
պատճառով՝
անաղարտ
մնացած
—
թարգմանութիւններով,
դասախօսութիւններով,
քրոնիկներով
եւ
հիասգանչութիւններով
գերաճած,
օգտագործելու
մեր
ռոմանթիզմին
հասկացողութիւնը։
Ալիշան,
Պէշիկթաշլեան,
Դուրեան,
իրաւ
տաղանդներ,
առիթ
են
ինծի
սակայն
որպէսզի
ազատագրեմ
տարտամ
տարազը
—
ռոմանթիզմը
—
իւրաքանչիւր
անունին
ետեւէն,
երեւան
հանելով
ինչ
որ
բառը
առած
է
իր
ներսը
իբրեւ
մասնաւորում,
մեզայատուկ
երեսներ:
Ու
կուտամ
ձեզի
յստակ
հաւաստումներ։
Ա.
—
Անընդունելի`
ժամանակագրական
կարգը,
քանի
որ
մէկ
անձի
վրայ
իսկ
այնքան
ակնբախ
ձեւով
մը
կը
հերքուի,
երբ
պարտաւոր
էր
պաշտպանուիլ
խառնուածքին
փաստովը։
Թէրզեան,
որուն
առաջին
ոտանաւորները
կ՚երեւան
Բազմավէպի
մէջ
(1855ին)
քառորդ
դարով
մը
կը
կանխէ
Դուրեանը
իբրեւ
ռոմանթիք
բանաստեղծ.
ու
այս
տղուն
մահէն
վերջը
տակաւին
մօտ
քառասուն
տարիներ
կը
տեւէ,
միշտ
այդ
կաղապարին
մէջ,
առանց
ազդուելու
իրապաշտութենէն,
արուեստագէտներէն։
Աւելի
շքեղ
է
պարագան
Յ.
Հիսարեանին
որուն
ակնարկեցի
վերեւ։
Հետեւաբար
խառնուածք,
մտայնութիւն,
ապրումներու
դրութիւն,
անձնականութեանց
տագնապ,
արտայայտութեան
տագնապ
(թեքնիկը
դպրոցի
մը)
իմ
նկատառմանս
մէջ
աւելի
պարկեշտ
արդիւնքներու
կարող
են
զիս
առաջնորդել
քան
ժամանակ
տարազին
հակասական,
յաճախ
անիմաստ
ճնշումը։
Իրարմէ
տարբե՜ր,
—
ու
ինչ
տարբերութիւն
—
Պէշիկթաշլեանն
ու
Դուրեանը։
Առանց
այս
տարբերացումին
այդ
անունները
անիմաստ
պիտի
ըլլային։
Բայց
իրարու
հաշտ
ու
հաղորդական,
հասարակաց
գետնի
մը
վրայ։
Այո։
Ահա
թե
ինչու
ես
չեմ
վարանիր
ռոմանթիք
պիտակը
գործածել
մեր
այն
շրջանին
որ
կը
բանայ
արեւմտահայ
գրականութեան
արշալոյսը։
Զարթօնքի
սերունդին
գրականութեան
մասին
դուք
ունիք
կանխող
հատորը։
Ամեն
գրուած
բան
գրականութիւն
չէ։
Ժամանակը
կը
թաղէ
նոյն
արագութեամբ
որով
կը
ստեղծէ:
1885ը
թերեւս
վերջին
սահմանագիծ
մըն
է
արեւմտահայ
գրականութեան
այդ
շրջանը
փակող,
ոչ
իբրեւ
գրական
դպրոց,
այլ
իբրեւ
խորքի
տագնապ:
Արփիարեան,
1885ի
հերոսը
Ալիշանին
կամ
Պէշիկթաշլեանին
նման
չզգար
ոչ
իր
ժողովուրդը,
ո՛չ
ալ
անոր
ծառայելու
արարքը
—
գրականութիւն
ընելը
—
կը
վերածէ
քրեական
պատկառանքներու։
1890ին
իրականութիւն
են
ա)
ձեւի
որոշ
յեղաշրջում։
Դադրած
է
լեզուապայքարը։
Զտուած
է
տաղաչափական
յղացքը:
բ)
Աշխարհի
մասնաւորում,
յստակացում:
Լուսիններուն
ու
զեփիւռներուն,
լճակներուն
ու
թաւուտներուն
կը
յաջորդեն
պանդուխտը,
տառապող
ժողովուրդը,
ազատագրութեան
տռաման,
ազնուաշուքին
դեմ
գրոհը.
ու
այն
ամէնը
որ
շահն
է
մեր
գրականութեան,
այդ
շարժումէն։
գ)
Ճշմարիտ
գրականութեան
զգայարանք
մը։
Պետրոս
Դուրեան
Բագրատունիին
կամ
Ալիշանին
չափ
եւ
կամ
Խրիմեանին
ուղիովը
կ՚ընէր
իր
դարպասը
մուսաներուն:
Լեւոն
Բաշալեան
գիտէ
թէ
ինչ
կը
նշանակէ
գրականութիւն։
Ու
տակաւին
շատ
ու
շատ
բաներ:
Միշտ
այդ
1890ի
մօտերուն,
երբ
դէպի
Իրապաշտներու
խումբը
կէս
ռոմանթիք
կէս
իրապաշտիկ,
կէս
սանկ
ու
նանկ
զգեստաւորումով
մը
կը
քալեն,
գրեթէ
անայլայլ,
աննորոգ,
անտարբեր.
Իրապաշտները
գիտեն
ոչ
միայն
իրենց
ըրածը,
այլ
արհամարհածը:
Ըսի
թէ
1855ին
գրաբար
քերթուածագիր
Թէրզեանը
իբրեւ
ոգի,
միտք,
ճաշակ
գրեթէ
նոյնն
է
1909ին
Կիլիկիոյ
աղէտը
ողբացող
ծերունիին
հետ:
Այսինքն
պարզամիտ,
անկնճիռ,
երանելի,
սիրուն,
համակրելի
տաղաչափ
մը։
Բ.
—
Անհրաժեշտ
է
ներքին
բաժանում
մը։
Ահա
թե
ինչու՝
Կրտսեր
Ռոմանթիքները
ստիպողութիւն
մը
կը
դառնայ,
յստակութեան
պէտքին
չափ,
ոգիի
տագնապ
մը
դիմաւորելու
համար։
Անշուշտ
Թէրզեան
տաղաչափը
կը
բխի
տաղաչափ
Ալիշանէն։
Բայց
իրաւ
բանաստեղծ
Դուրեա՞նը
որուն
ոչ
ոք
կը
համարձակի
ուրանալ
ռոմանթիզմը
բայց
որուն
ռոմանթիզմը
հեռու
է
այնքան
Նուագներու
ռոմանթիզմէն։
Անշուշտ
եղերերգակ
բանաստեղծ
Պէշիկթաշլեանին
գրաբար
քերթուածներէն
մաս
մը
Լամարթինի
եւ
Միւսէի
քաղցրութիւնները
կը
թելադրէ
մեզի,
բայց
կը
մնայ
այնքան
հեռու,
Տխրունիի
կեղծ
տրտմութենէն։
Դուրեան,
Պէշիկթաշլեան,
Ալիշան
իմ
նկատառման
մէջ
կ՚արժեւորուին
իբրեւ
վաւերական
ռոմանթիքներ:
Այդ
վաւերական
ռոմանթիքն
է
դարձեալ
դէպի
իրապաշտներէն
Նար–Պէյը։
Տարբերութի՞ւնը։
Ա՛ն,
որ
առաջին
խումբին
հետ
ռոմանթիք
գրականութիւն
մը
(վեպ,
թատրոն,
քերթուած)
մեզայատուկ
հանգամանքները
ինծի
կը
թուին
աւելի
միատարր։
Յետոյ,
Եղիայի
ռոմանթիզմը
մնայուն
պայքարի
մէջ
է
ամենանուրբ
տպաւորապաշտութեան
ու
երբեմն
ալ
իրաւ
անկապաշտության
հետ։
Նար-Պէյի
եւ
Սէթեանի,
Թէրզեանի
եւ
Աճէմեանի,
Չերազի
եւ
Պէրպէրեանի
ռոմանթիզմներուն
մէջ,
տեսակարար
(spécifique)
տարրեր.
հեղինակներուն
իւրայատուկ
կողմերը,
ունայնամտութիւնը
կամ
միամտութիւնը,
տաղանդներու,
քմայքներու,
փառասիրութեանց
իբր
անդրադարձ՝
կը
ստանան
իւրայատուկ
կերպարանքներ։
Ալիշանի
հայրենաբաղձութիւնը,
հայրենապաշտութիւնը
կը
զառածին
դէպի
հայրենագիտութիւն,
մինչ
Պէշիկթաշլեանի
մէջ
կը
դառնան
խառնուածքի
միութիւն,
գործօնութեան
ազդակ։
Դուրեան
այս
զգացումին
կը
սպասարկէ
որոշ
տարբերութեամբ
մը,
բայց
կը
սպասարկէ։
Ներելի՞
է
այս
ճշդումներէն
յետոյ
հայրենիքի
զգացումը
—
իր
շատ
մը
կողմերով
—
նկատել
մէկը
մեր
ռոմանթիզմին
նկարագիրներէն
—
Թերեւս։
Բայց
ահա
տարակուսականը։
Ո՞ւր,
ի՞նչպէս
արժեւորել
Ստուերք
հայկականքը։
Ի՞նչպէս
կ՚ըլլայ
որ
այդքան
իրաւ
հոգեվիճակէ
մը
—
Ստուերքին
մթնոլորտը
—
այդքան
քիչ
իրաւ
գործ
մը
կը
ժառանգէ
իբրեւ
բեռ
մեր
գրականութիւնը:
Չի
բաւեր
ըսել
թէ
Նար–Պէյ
շքեղ
բառախաղաց
մըն
էր…
ինչպէս
խաղացած
էր,
աշխարհի
վրայ
իր
դերը,
կրցածին
չափ
ինքզինքը
արժեւորելու
խուլ
ու
խորունկ
ըղձաւորութեամբ,
գրականութեան
մէջ
ալ
ըլլայ
ըսած,
գրած՝
բաներ
որոնք
գոց
դերեր
էին
իրեն
համար,
ամէն
բանէ
առաջ։
Բայց
սխալի
մէջ
չեմ
երբ
աւելցնեմ
որ
ոչ
Թէրզեանը,
ոչ
Ալիշանը,
ոչ
Սէթեանը,
ոչ
ալ
Խասգեղի
խմբակը
զգացին
իրենց
գրողի
խառնուածքները
մղուած
դէպի
պաշտամունքը
այդ
հայրենիքին
այն
ուժգնութեամբ,
սանձարձակութեամբ,
հուրքով
ու
կիրքով
որոնք
առաջին
երեք
գրագէտներուն
ձեւը
ինչպէս
խորքը
ձգած
են
իրենց
թափին
մէջ։
Հայկական
Ռոմանթիզմին
անդրանիկ
նկարագիրներէն
մէկն
է
ուրեմն
հայրենապաշտութիւնը:
Գործածեցէք
բառը
ֆրանսականին
կամ
անգլիականին
համար,
պիտի
զգաք
ծիծաղելին։
Գ.
—
Մեր
ռոմանթիզմին
նկարագիրներէն
ոմանք
արտահանելի
են
վաւերական
գրագէտներու
գործէն,
ցեղային
կողմերով,
հաստատելի՝
ամբողջ
հայ
մատենագրութեան
հասակովը։
Դժուարութեան
մէջ
չէք
մեր
օրերու
ընթացիկ
տարազը
—
հայրենապաշտութիւնը
—
փոխարինելու
Միջին
դարու
հզօրագոյն
ուրիշ
տարազով
մը
զոր
կը
ներուժի
թերեւս
երկնապաշտութիւն
անուանել։
Շնորհալի,
Նարեկացի,
զգացական
նոյն
շէնքով
արտայայտած
են
մեր
երկնաբաղձութիւնը,
ինչպէս
Ալիշան
ու
Պէշիկթաշլեան,
ցեղային
զգայնութեան
նոյն
ակունքէն
հանած
են
մեր
հայրենիքին
պաշտամունքը։
Մի
փնտռէք
պատճառները։
Հազար
տարի
կը
մօտենայ
ֆրանսական
գրականութեան
կեանքը։
1870էն
վերջն
էր
որ
այդ
գրականութեան
մէջ
հայրենիքի
զգացում
մը
գտաւ
սրտառուչ,
տրտում,
վշտահեղձ
այն
կերպարանքները
որոնք
պարտուած
ժողովուրդներու
հոգին
կը
զատեն
յաղթականներու
հոգեբանութենէն .
Մ
եր
Աբովեանը
մեր
Եղիշէին
չափ
կը
զգայ
մեր
հայրենիքին,
մանաւանդ
մեր
ժողովուրդին
քաղցրութիւնը,
օրինակի
մը
համար։
Մեր
ռոմանթիզմին
ուրիշ
նկարագիրները
մենք
կը
հանենք
մանաւանդ
երկրորդական,
Կրտսեր
Ռոմանթիքներու
անձէն
ու
գործէն:
Չերազի
Գրական
Փորձերուն
մէջ
այնքան
շքեղ
սեթեւեթով
մը
մեկնաբանուած
քերթուածները
կը
փաստեն
թեթեւութիւն,
ունայնամտութիւն,
որոնք
դարձեալ
պարապ
բառեր
ըլլալէ
հեռու,
մեր
ցեղային
տրտմութիւնները
կը
յօրինեն,
այնքան
առատ
մեր
շնորհներէն,
այնքան
անհակակշիռ
ձեւով
մը
զեղծանելու
մեզ
մղելով։
Ինչպէս
կը
տեսնէք
ռոմանթիզմը
ընդարձակ
տարազ
է.
գրական
տարազ
մը
ըլլալուն
չափովը
ու
աւելիովը։
Դ.
—
Այս
երկու
վիճակներուն
—
որոնք
սեւեռուեցան
մեր
աւագ,
կրտսեր
ռոմանթիքներով—,
գումարն
է
որ
կ՚անուանեմ
մեր
ռոմանթիզմը։
Վերլուծում։
Ա)
—
Մեր
ռոմանթիզմը
պատմական
է,
բառին
ետեւ
ընդունելով
հայոց
պատմութեան
պաշտամունքը։
Մտքիս
կ՚այցելէ
պատմագիտականը
բայց,
ստեղծելով,
նոյն
ատեն,
որոշ
տարակոյս։
Ֆրանսական
եւ
գերմանական
ռոմանթիզմերուն
մօտ
ալ
դէպի
Միջին
դար
հետաքրքրութիւնը
—
պատմագիտական
—
չի
նմանիր
մերինին:
Անոնք
այդ
շրջանը
իրենց
պատմութիւններուն
գիտութեան
ձգտումներով
կը
խուզարկեն.
աւելի
յստակ,
աւելի
տաք
տեսնելու,
զգալու,
աւելի
հարազատը
գտնելու
փոյթով
մը։
Մե՞նք։
Նուագք
շարքէն
Հայրունին
ոչինչ
կ՚աւելցնէ
մեր
հայրենիքի
գիտական,
իրական
մտատեսումին։
Մենք
կ՚ապրինք
մեր
պատմութիւնը,
մեր
ներկայէն
հալածական,
ամօթահար:
Նօթր
տամ
տը
Բարին
փորձ
մըն
է
Միջնադարը՝
ոգեկոչելու,
ինչպէս
է
այդ
փորձը
Թորոս
Լեւոնին։
Հիւկօ,
իր
վէպը
յօրինելու
համար
ուսումնասիրած
է,
որքան
որ
ընդունակ
էր
նման
ծանր
աշխատանքներում,
տրամադրելի
բոլոր
աղբիւրները
այդ
մեծ
եկեղեցիին
կեանքին
ու
զայն
յագեցնող
զգացական
ապրումներուն
շուրջը
որոնք
բոլոր
մայր
—
եկեղեցիները
կը
վերածեն
ծանր
աւազաններու,
ուր
կը
թափին
ազգերու
ամենէն
ազնուական
բխումները,
ոսկիէն,
ադամանդէն
սկսեալ
մինչեւ
արիւնները
մատաղատի
կոյսերուն
ու
երիտասարդներուն։
Հիւկոյի
վէպը
նկարագիրներ,
անձնաւորութիւններ,
վիճակներ
ու
տռամաներ
սեւեռելու
իրական
իր
պարտքէն
աւելի,
վեր՝
կարծես
կը
հետապնդէ
պատմութեան
սպասարկելու,
պատմութիւն
ընելու
աւագ
ցանկութեան։
Թորոս
Լեւոնին
կ՚անգիտանայ
այդ
ցանկութիւնը։
Անոր
ալ
հետապնդածը
գիտութենէն
վեր,
անդին՝
կեանքն
է
իր
ժողովուրդին,
այսինքն
պատմութիւնը
որուն
տարրերը
եթէ
մարդոց
անունները
կը
յօրինեն,
բայց
որուն
հոգին
արարքներուն,
դէպքերուն
ներսը
կը
կազմաւորուի։
Վարդան
մը
անուն
մըն
է
անշուշտ,
բայց
չէ
Վարդանանց
պատերազմին
խորհուրդը։
Միշլէի
քառսուն
հատորները,
պատմական
ռոմանթիզմին
այդ
շքեղ
յաղթանակը,
կը
միացնեն
պատմականն
ու
պատմագիտականը:
Իրապաշտ
Ֆլոպէռին
Սալամպօն
ռոմանթիք
պատմականութեան
գլուխ–գործոց
մը,
այսինքն՝
անցեալին
իբր
խորհուրդ
ու
իբր
նիւթեղէն
կեանք
—
դուք
հասկցէք
ժողովուրդով
մը
ստեղծուած
քաղաքակրթության
բոլոր
կերպարանքները,
արհեստն
ու
արուեստները,
զինուորականութիւնն
ու
վաճառականութիւնը
եւ
այլն
—
լրիւ,
հարազատ,
կենդանի
վերարտադրութիւնը։
Այդ
ռոմանթիզմը,
Եւրոպական
առում,
իրեն
առաջնորդ
ունի
ահա
այդ
ձգտումը,
գրականութեան
որքան
հաստատ
գիտութեան
սպասարկելու
եւ
ասով՝
զգայնութիւն
մը,
բարեխառնութիւն
մըն
է
1830ի
Եւրոպական
ծանր
փառասիրութիւններէն
ծագում
առած։
Չեմ
լայննար
Եւրոպականին
հանգամանօրէն
ուսումնասիրութեան։
Կը
գոհանամ
դիտել
տալով
որ
պատմական
վեպը,
պատմութեան
իմաստասիրութիւնը,
պատմական
հաստատ
գիտութեան
մը
կազմակերպումը,
աւելի
կամ
նուազ
իրաւ
ու
փցուն
տարազներ
նոյն
ատեն,
ծնունդ
առած,
հասակ
նետած,
նուաճումներ
ըրած
կամ
վաղատի
մեռած
են,
Ալիշանի
աչքերուն
իսկ
առջեւ,
որպէսզի
մենք
արտօնուինք
մերիններէն
պահանջելու
համապատասխան
առաջադրութիւններ,
արդիւնքներ:
Կայ
տակաւին
գրական
եւ
իմաստասիրական
խառնուրդը
[1],
բոլոր
քիչ
մտածող
ու
շատ
զգացող
մարդոց
փառասիրութիւնները
գոհացնելու
ընդունակ։
Ի՞նչ
ունէին,
սակայն,
ֆրանսացիները
գտնելիք,
1840ին,
այնքան
մօտ
առաջին
կայսրութեան
(Նաբոլէոնի
կայսրութիւնը)
տապալումէն
անմիջապէս
վերջը,
ու
մանաւանդ
իրենց
այնքան
ընտանի,
իր
փոքրագոյն
իսկ
նրբութեանց
մէջ
այնքան
ծանօթ
գրական
երկու
դարերուն
(18
եւ
17
րդ
դարերը)
արդիւնքներուն
փղոսկրեայ
փառքի
դիմաց,
երբ
կրկէս
իջաւ
ռոմանթիք
շարժումը
ու
սեղանի
բերաւ
հեռու
ինչպէս
մերձաւոր
անցեալները,
կասկածի
ձգեց
մեծ
որակուած
դարերու
գրական
տասնաբանեաներուն
արժէքը։
Պատասխա՛նը՝
ամէն
բան։
Մե՞նք։
—
Դարձեալ
ամէն
բան:
Բայց
ֆրանսացի
մը,
կանխող
դարու
կէսերուն,
իր
հայրենիքը
սիրելու,
անով
խանդավառուելու
համար
ամենէն
ուշ
պիտի
մտած
էր
գրականութեան,
մանաւանդ
գրական
դպրոցի
մը
որպիսին
էր
Ռոմանթիզմը։
1850ին,
Պոլիս՝
խուլ
ու
խորունկ
երկունքի
մէջ
էր
մեր
ժողովուրդը։
Կ՚աւետէին
իրեն
թէ
գտնուած
էին,
դարերու
փոշիէն,
մեր
պատմութիւնը,
մեր
լեզուն,
մեր
մշակոյթը
ու
կը
հրաւիրէին
զինքը
ատոնց
պաշտամունքին,
վերանորոգման,
լուսաւորման:
Բայց
առաքելութիւնները
դժուար
կը
պտղաբերին։
Մեր
ժողովուրդին
հոգեկան
ընկալչութիւնը
զուգահեռ
չէ
իր
իմացական
ընկալչութեան
որ
միշտ
չէ
հասած
առաջինին
իրաւութեան,
լայնքին։
Զանգուածը,
ծալպատիկ՝
իր
թմբիրինն
խորը,
իր
հացին
տագնապովը
եւ
իր
փոքր
վէճերուն
հեշտանքներովը
տարուած,
ժամը,
անոր
սենեկը
(որ
Խորհրդարանն
էր
այդ
համայնքներուն),
պատրիարքարանը,
պատրիարքը,
եպիսկոպոսը,
գիւղապետը
անլի
յետոյ
վարժապետը
կը
նկատէր
բնական
անդաստանները
իր
հետաքրքրութեան։
Աւելցուցէք
բարքերը,
Թուրքը,
լըվանթէնը,
բարձր
դասակարգին
ապազգայնացած
հոգեվիճակը,
կրօնական
բազմատեսակ
պրոպականտը
(կաթոլիկ,
բողոքական
հերձուածերը
որոնք
անհուն
սպառում
կ՚արժեն
մեր
հոգեկան
կորովը
անօգուտ,
վնասակար
ձեւով
մը
մեզէ
վատնելով),
առեւտուրը,
ու
ասոր
դաշտ
նորոգուող
Թուրքիոյ
մը
հեռանկար
կարելիութիւնները:
Շարժել
այսպէս
պայմաններէ
զրկուած
զանգուածը,
զայն
կանչել
իր
ազգութեան
իմաստին,
անոր
տալ
զգացումը
իր
արժէքներուն,
մանաւանդ`
նոր
օրերու
իր
դերին
(զոր
կը
հասկնային
Զարթօնքին
զոյգ
թեւերը,
շուկայով
եւ
խելքով
թուաբանութի՜ւնը),
չի
նշանակեր
միայն
ընկերական,
վերանորոգչական
գործունէութիւն
մը:
Գրականութիւնը
մէկն
էր
այդ
զարթօնքին
ամենէն
ազդեցիկ
միջոցներէն։
Ու
պատմութիւնը
այդ
սեռին
կը
պատկանէր
գերազանցապէս
ոչ
միայն
մեր
մէջ,
այլեւ
օտարները
զայն
գործածեցին
գրեթէ,
մեր
նպատակներով։
Անգլիական
պատմական
վէպը
միայն
նկարագեղ
տեսիլքներու
ապրումները
չունեցաւ
իրեն
առաջադրութիւն
երբ
ոգեկոչեց
Հին
Անգլիան,
լիճերու
Սկովտիան,
այլեւ
ջանաց
վերագտնել
կեանքը
այդ
դարերուն,
մերձաւոր
հարազատութեամբ
ու
հասանելի
կարճ
կառումով։
Յուշիկք
Հայրենեացը
այդ
պատմական
հայրենասիրութեան
առաջին
կերպարանքն
է
Հէքիմեանի,
Դուրեանի,
Պէշիկթաշլեանի
թատրերգութիւնները
նոյն
զգացումին
տարբեր
երեսները,
եթէ
երբեք
պահ
մը
ուզենք
մոռնալ
Յովհան
Միրզա
Վանանդեցիի
Պոէմաները,
Թաղիադեանցի
վէպերը,
որոնք
տարբեր
ձեւերով
կանչուած
են
նոյն
uպաuին։
Թէրզեանը
եւ
Նար–Պէյի
ողբերգութիւնները
ուրիշ
աղբիւրէ
մը
չեն
բխիր։
Ու
պէտք
կը
զգամ
հոս
ձեր
ուշադրութեան
յանձնելու
ազգային
երգերու
ոսկեդարը,
սանկ
1850էն
մինչեւ
1890։
Կովկասէն
սկիզբ
առնող
կանխող
դարու
կէսերուն,
դարու
մը
վրայ
դեռ
իր
թափը
անխախտ
պահող։
Գահիրէ
հրատարակուած
Հայկական
Լիակատար
Եrգարանը
(1942)
միայն
տպագրական
—
այսինքն
առեւտրական
—
ձեռնարկ
մը
չէ,
այլ
փաստ
մը
թէ
քնարական
բանաստեղծութեան
այդ
հոսանքը
իր
ակերը
ունէր
մեր
ժողովուրդին
շատ
ներսերը:
Նիւթէս
դուրս
է
այդ
երգին
պարզած
շրջափոխութիւնը,
ինչպէս
զբաղիլը
անոր
գրական
կամ
երաժշտական
արժանիքներովը։
Խղճամիտ
որքան
խելացի
մարդ
մը
այս
մթերքին
վրայ
աւելցնելով
յեղափոխական,
ինչպէս
Կոմիտասով
ընդհանրացած
ժողովրդական
ստեղծագործութիւնը,
պիտի
հասնէր
գեղեցիկ
արդիւնքներու:
Հոս,
զիս
հետաքրքրողը
հոգեխառնութիւնն
է
այդ
երգերը
յօրինել
մղուողներուն,
որ,
իր
կարգին
զիս
կ՚առաջնորդէ
զանոնք
պոռացողներու
հոգեվիճակին։
Ու
ռոմանթիզմը,
մտքին
վիճակ
ըլլալէ
առաջ
հոգիի
վիճակ
մըն
է,
բոլոր
ժողովուրդներուն
մօտ։
Ու
Հայկական
Ռոմանթիզմը
իր
ամենէն
սրտաշարժ
կերպարանքները,
ամենէն
իրաւ
ապրումները
թերեւս
դրած
է
այդ
երգերուն
մէջ։
Գիրք
մը
աչք
չունի:
Երգը`
թե՜ւ:
Ու
կը
հետեւի
եզրակացութիւնը։
Ի՜նչ
փոյթ՝
այդ
երգերուն
ձեւական
յաճախ
անկանգնել
հետեւակութիւնը,
մշակուած
միտքէն
մինչ
եւ
պարզուկ
աշուղին
սրտէն
փրթած
ըլլալու
արժանիքն
ու
դժբախտութիւնը
—
հարիւրաւորներ
մասնակցած
են
այդ
երգերուն
յօրինման,
—
էականը
անոնց՝
թափանցումն
է
լայն
խաւերէ:
Դարձեալ՝
ի՜նչ
փոյթ
անոնց
եղանակներուն
մէջ
անկնիք
ձայնը,
բիրտ
աղմուկը,
ձգձգուն
հետեւակութիւնը
(յաճախ
օտար
երգերէ
փոխառիկ
բառ),
սարէն
ձորէն
մէկ
տեղուած
բացագանչութիւններու
ճարտարապետութիւնը։
Մեր
խանդին,
կիրքին,
աճապարանքին
մէջ
ատեն
իսկ
չենք
ունեցած
զանոնք
իբրեւ
բառ
ու
ձայն
մեր
խորունկներէն
քաղելու,
ու
փողոցէն,
օտարէն,
սրճարանէն
պատրաստ
կաղապարներ
առնելով
փակցուցած
ենք
անոնց
մարմինին։
Մեր
ազգային
քայլերգին
եղանակը
իտալական
սրճարանէ
մը
կու
գայ:
Մեր
Հայրենիքը
թարգմանութիւն
մըն
է։
Բայց
ատոնք
դատելու
ժամանակը
չունինք:
Զարթօնքի
շարժումներուն
մէջ
արագութիւնը,
վազքը
նկարագիր
կը
ստեղծեն։
Ի՞նչ
կ՚արժէ
տարի
ըսածդ։
Աչքդ
կը
գոցես
ու
կը
բանաս։
Ու
ահա
Մայիսը,
այսինքն
Ազգային
Սահմանադրութեան
տարեդարձին
համազգային
տօնակատարութեան
ամիսը,
ինչպէս
վարդին
ու
սոխակին,
զեփիւռին
ու
ալեակին
մեղրալուսինները։
Այդ
համահայկական
տօնը
իրական
ուխտաւորութիւն
մըն
էր
այդ
Պոլիսին
ուրկէ
հանգիտօրէն
կը
տարածուէր
հեռաւոր
գաւառները
մինչեւ։
Ճառախօսութի՜ւն։
Կը
հասկնաք
անշուշտ
հեւքն
ու
խռովքը
Մինաս
Չերազ
պատանիին
որ
նման
տօնի
օր
մը
կը
բանայ
սկիզբը
իր
հռետորական
ասպարէզին։
Ու
նոյն
ձեւով
կը
հասկնաք
դարձեալ
որպէսզի
արի
տրիբուններ,
մեծատաղանդ
երեսփոխաններ,
քաջաբառ
վարդապետներ,
ամէն
տարի
հարկին
տակն
ըլլան
նորութիւններ
մատուցանել
ամբոխներու
արբեցումին։
Բիւրե՞ր
պոռացած
են
այդ
երգերը,
ազգային
Հիւանդանոցի
պարտէզներուն
մէջ
մինչ
լաթեռնան,
սրինգը,
ջութակը
նաղարա–ն,
տափը
կը
պոռպռային
ու
ատենախօսը
մազերը
հովուն,
բռունցքները
երկինքին
կը
կանչէր
մեր
պատմութեան
հերոսները…։
Ուրեմն
վէպ,
թատրոն,
բանաստեղծութիւն,
երաժշտութիւն.
բոլորն
ալ
տրամադրութեան
տակն
են
մեր
ռոմանթիզմին,
որուն
ամենէն
դիւրաւ
սեւեռելի
կերպարանքը
այդ
հայրենասիրական
խանդն
[2]
է
ահաւասիկ։
Ամբողջ
գիրք
մը
անբաւական
պիտի
գար
պատմական
մեր
ռոմանթիզմին
հետ
կապուած
նկատողութիւնները
սպառելու։
Լման
երկու
սերունդ
(Զարթօնք
—
Ռոմանթիքներ
եւ
Դէպի
իրապաշտներ
խումբը)
գրագէտ
որքան
հմուտ,
արեւմտահայերու
մէջ,
ըրին
իրենց
լաւագոյնը,
հայոց
պատմութեան
իրաւ
զգայարանք
մը,
զգայնութիւն
մը
առանձնացնելու,
սեւեռելու:
Այսքան
ընդարձակ
ճիգ
մը
վերջ
ի
վերջոյ
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
ինչպէս
կ՚այլակերպէ։
Թէ
Վենետիկցիք,
թէ
Վիեննացիք
կը
հաւատան
թէ
գրած
են
հայոց
պատմութիւնը։
Չըլլային
Դուրեանի
տաղարանը
եւ
Պէշիկթաշլեանի
եղերերգները,
սխալ
պիտի
չըլլար
թերեւս
մեր
ռոմանթիզմը
սահմանափակել
պատմականին
ներսը:
Եւրոպայի
մէջ
երանգ
միայն
եղող
սա
վիճակը
մեր
մէջ
մեր
ձգտումներուն
լիութիւնը
ունի
իրեն
գերագոյն
նպատակ։
Կը
հրաժարիմ
կշիռը
գործադրելէ,
պատմական
արդիւնքին
վրայ
մեր
ռոմանթիքներուն:
Թերեւս
միամիտ
ու
հանճարեղ
պատանին,
Պ.
Դուրեան,
կը
հաւատար
թէ
ծառայած
է
մեր
պատմութեան
ժողովրդականացման։
Շրջելով
վերագրումը
կ՚ըսենք.
Դուրեան
շրջանին
հիմնական
ճնշումին
տակ,
իր
տաղանդը
չէ
վախցած
վտանգելէ
աշխատանքներու
վրայ
որոնց
«բարեօք»
պտղաբերումը
կախում
ունէր
անտաղանդ
ազդակներէ.
—
հմտութիւն,
թափանցում,
դատողութիւն,
մտատեսութիւն
եւ
ասոնցմէ
վերջ
միայն
վիպող
ուժ
որ
համազօր
է
կեանքի
զգայարանքին:
Աւելի
քան
ստոյգ
է
որ
պատմականը
մեր
ռոմանթիզմին
տիրական
նօթը
տալով
հանդերձ,
քիչ
չափով
բարերարած
է
մեր
զարթօնքը
զոր
պարտաւոր
ենք
ազատագրել
վրան
ծանրացող
ծաղկեփունջերուն
մոխիրէն
ու
արժեւորել
իր
հարազատ
իմաստին
մէջ,
զայն
յայտարարելով
գրականեն
վեր,
գրեթե
դուրս
տարողութեամբ
շարժում
մը,
յար
եւ
նման
Ե.
դարու
մեր
զարթօնքին,
ասոր
պէս
գրականին
վրայ,
համար,
իբր
թէ
աշխատող,
բայց
խորքին
մէջ
բոլորովին
տարբեր
ցանկութեանց
սպասարկու:
Մենք
գիրը
գտանք
ոչ
թէ
գրականութիւն
ընելու
առաջադրութեամբ,
այլ
Սուրբ
Գիրք
թարգմանելու
հզօր
գինովութեան
մը
մէջ։
Դժուար
չէ
նոյնացնել
այս
երկու
հիմնովին
տարբեր
ձգտումները:
Այս
սխալը
գործադրուած
է
արդէն։
Ու
տասնըհինգ
դարէ
ի
վեր
մեր
գրականութեան
ոսկեդարը
կը
սիրենք
յորջորջել
շրջանին
ուր
գրական
յղացքը
գոյութիւն
իսկ
չունի։
ԺԹ.
դարուն
մենք
թատրոն
կը
գրենք՝
պատմութիւն
ընելու
ու
պատմութիւն
կը
գրենք
գրականութիւն
ընելու
հակասական
նպատակներով։
Ե.
դարուն
մենք
մեկնութիւններ
կը
փոխադրենք
մեր
նորոգ
կազմուած
աթութան
փորձելու,
—
կը
հաւատանք
թէ
գրականութի՞ւն
կ՚ընենք։
Հեգնութի՞ւն՝
որպէսզի
այդ
վարանքի,
փորձի,
երբեք
ստեղծման
դարը
մենք
կոչենք
ոսկի
ու
արեւմտահայ
գրականութեան
ամենէն
քիչ
գրական
շրջանը
մկրտենք
մեծութեան
տիտղոսներով։
Մեր
ռոմանթիզմը
թէեւ
պատմական
հզօր
ախորժակներով,
այսուհանդերձ
անբաւարար
եղաւ
ոչ
միայն
մեր
պատմութիւնը
գտնելու,
այլեւ
անոր
մշակումը
աճեցնելու
նոր
մեթոտներով,
նոր
ոգիով։
Հեշտ
էք
վրիպանքը
բեռցնելու
Վիեննացիներուն,
Վենետիկցիներուն,
Պոլսեցիներուն
վիզին։
Արեւելահայերը
այս
ռոմանթիզմին
ամենէն
առաջ
զգացին
պատմական
վրիպանքը։
1900ին
Ադոնցի
երիտասարդութեան
մեր
ռոմանթիզմը
արեւելահայ
պատմական
զգայարանքին
մէջ
փարատած
էր
մեծ
չափով,
յամառելու
համար
վէպին
ու
քերթուածին
մէջ։
Արեւելահայ
թատրոնը
ռոմանթիզմին
սպասարկեց
շատ
վաղանցուկ
նորոյթ
մը
ինչպես։
Սունդուկեանց
մը
բա՜ւ՝
որպէսզի
բեմ
չելլէին
Հէքիմեանի,
Դուրեանի,
Պէշիկթաշլեանի
խաղերը:
Բ)
—
Մեր
ռոմանթիզմը
ազգայնական
է,
ուլդրա
չափով
մը,
ինչպէս
պիտի
ըսէին
արեւելահայերը։
Երբ
այս
վարկածը
—
ազգայնական
ռոմանթիզմի
մը
—
այնքան
քիչ
է
տոգորուն
նման
ոգիով
մը
արեւմտեան
ազգերու
ռոմանթիզմին
մէջ
(ուր
տեղական
գոյն
ու
ցեղային
հանդարտ
երանգներ,
զատորոշումներ
առաւելապէս
կը
հրապուրեն
գրողը,
զայն
մղելով
մանաւանդ
ամբողջական
մարդուն
գիւտին,
ոչ
իբր
իմացական
միատարր
կառոյց,
բոլոր
երկոտանիները
նոյն
օրէնքներուն
ենթարկող,
այլ
զգացական
դրութիւններու
այլատարր
հանդէս,
բայց
միջինով
մը
բարձրացող
զգացական
երկոտանիին)
երգի,
թատրոնի,
վէպէ,
պատմական
զբաղումների,
մեր
ռոմանթիքները,
այդ
ամենէն,
գրեթէ
այլամերժաբար
կը
պահանջեն
ազգայնութեան
գերագոյն
պաշտամունքին
սպասը:
1860ին
չունինք
որ
եւ
է
իմացական
զբաղում
ուրկէ
պոկուեր
այդ
ոգին։
Զարթօնքի
Սերունդին
ձախ
թեւը
—
գիտունները,
բժիշկները,
սահմանադրապաշտները
—
ինչպէս
անոր
աջ
թեւը
—
քերթողները,
կրօնականները,
ոգեպաշտները
—
դժուարին
հաւասարակշռութիւնը
կը
գտնեն
պատմութիւնը
—
որ
երկու
թեւերուն
համար
ալ
մեր
ազգային
յղացքին
կերպարանքն
է
ամբողջացած
—
ու
իրենց
ժամանակը,
Թուրքն
ու
Եւրոպան,
անհատական
ախորժանքները
եւ
զանգուածային
հոգեխառնութիւնները
իրարու
հաշտ
ընծայելու։
Ռուսինեան
կը
հաւատայ
գիտութեան
եւ ...
իր
Եկեղեցիին։
Օտեան
կեղծաւոր
մը
չէ
իր
տառապանքին
մէջ,
երբ
Ազգային
Սահմանադրութեան
գլխուն
փորձանքներ
կը
կուտակուին,
թերեւս
իր
սուր
բնազդներովը
զգալով
այդ
տարօրինակ
թղթակալութեան
դժխեմ
հետեւանքները,
բայց
նոյն
ատեն
պաշտպանելով
այդ
թղթեղէն
փխրուն
ֆէթիշին
փառքը
Սերվիչէն,
Կրճիկեան,
Աղաթոն
հայրենասէր,
ազգայնապաշտ
գործիչներու
չափ
մխրճուած
են
ազգային
իրադարձութեանց
ներսը,
ըլլալով
հանդերձ
յարգուած,
հզօր
պաշտօնատարներ
Թուրք
կայսրութեան
ամենէն
բարձր
շրջանակներէն
ալ
պաշտպանուած։
Ռուսինեան,
Քեաթիպեան
պալատական
բժիշկներ
են
որքան
շատ
իրաւ
հայեր,
խորունկ
հայրենասէրներ,
իրենց
հայրենիքին
զարգացման,
գեղեցկացման,
իրենց
ժողովուրդին
ազնուացման
երազներովը
խենթեցած,
ինչպէս
սա
պաշտամունքը՝
իրենց
գրածներուն,
արարքներուն
շքեղ
կամար
մը
յարդարած։
Հասարակաց,
անվիճելի
զգայնութիւն
մըն
է
ուրեմն
մեր
ռոմանքթիզմը,
ազգայնական
ապրումին
ներսը
տրոփուն,
անկէ
դուրս
ծաւալուն,
ըսուելու
չափ
միահեծան,
որուն
խռովքէն
անմասն
հայ
մը
ըմբռնելի
չէ
1860ին։
1900ին
մենք
դարձեալ
ունինք
պալատական
փաշաներ,
բժիշկներ,
ազգային
երեսփոխաններ,
ազնուաշուք
էֆէնտիներով
ու
թրքական
բազմաթիւ
շքանշաններով
պատուըւած
աւագանի,
մեծարժէ
եկեղեցականներ,
ամուր,
համոզուած,
յամառ
պահպանողականներ.
Պոլիս
թէ
գաւառները,
որոնց
որդեգրած
գաղափարագրութիւնը,
այդ
ազգայնական
հանգանակին
դէմ,
գլխովին
կը
հակասէ
ոչ
միայն
շրջանի
յեղափոխականներու
գաղափարագրութեան,
ազատականներու
գրական
ըմբռնողութեան
այլեւ՝
հոգեխառնութեան։
Ազգայնական
զգացումը
Հայկական
աղէտներու
գինով
վերածուած
է
1840ի
մտավախութեան։
Բայց
երկու
թուականներուն
ընդմէջ,
այսինքն
մերձաւորապէս
1860ին,
անիկա
մեր
ամեն
բանն
է։
Ահա
թէ
ինչու
զայն
կը
հաստատենք
մեր
կեանքի
բոլոր
հիմնական
արտայայտութեանց
ներսը,
որոնցմէ
մէկն
էր
ըլլալու
անտարակոյս
եւ
ոչ
նուազ
կարեւորը՝
մեր
գրականութիւնը։
Այս
շրջանին
համար,
բարի
եղէք
մտքէ
չանցնելու
մեր
կողմէ
անոր
բռնադրուած
մեղքերը,
անդրադարձ՝
մեր
վրիպանքին։
1920ին
մեր
ժողովուրդին
ազատուած
մասը
փորձեց
անազնիւ
նահանջ
մը,
երբ
մեր
կործանումին
պատասխանատուները
յաւակնեցան
մեր
մէջ
փնտռել
ու
գտած
ըլլալը
վերածել
օրակարգի.
սփիւռքը
աւելորդ
անգամ
մըն
ալ
բզկտելով
իր
հոգեղէն
արդէն
անյարիր
դրութեան
մէջ։
Բայց,
այդ
դառնութիւններէն
առաջ,
մեր
գրականութիւնը
ամենէն
աւելի
մեկ
էր
ու
ամբողջ,
այդ
զգացումին
մէջը։
Ու
չվարանեցան
այդ
մարդերը
մեղադրել
իրենց
ժողովուրդը,
ասոր
ընտրանին,
ասոր
զոհաբերող
հատուածը
այդ
հզօր
զգացումը
ապրումի
վերածելնուն
համար։
Ոչ
ոք`
1880ին,
որ
չբաբախէր
Ռաֆֆիներու
սրտովը:
Հարցը
այսպէս
դնելէ
վերջ,
պարզագոյն
իր
ձեւով,
իմ
իրաւունքն
է
եթէ
ոչ
կշռել
արդիւնքը
(որուն
համար
ընդունելի
մէկը
չեմ
նկատեր
ինքզինքս,
քանի
որ
զգացական
իմ
կապերը
զիս
կ՚ընեն
առնուազն
չափազանց
դիւրազգած)
գէթ
գտնել
փորձել
գրական
գործերու
ներսը
մեր
ազգայնականութեան
(ռոմանթիզմը
երանգ
չէ
հոս,
այլ
թերեւս
տիրական
գոյն)
կերպարանքը
զոր
սփիւռքը
այնքան
աղօտ,
Հայաստանը՝
այնքան
նոր
ու
տարբեր,
իմ
սերունդը
բոլորովին
ուրիշ
էր
տեսած
[3]
եւ
կը
տեսնեմ
ես
այս
սերունդէն
վերապրող
մը:
Չեմ
ընդհանրացներ
սա
հակասական
տպաւորութիւնները
վասնզի
անարդարութիւն
պիտի
ըլլար,
քաւարանեան
զգայութեանց
կսկիծին
մէջ,
ասոնց
լոյսո՜վը
գունատեալ,
աղօտեալ
ջերմագին
այդ
վիճակը
որ
ազգին
բարձրագոյն
խաւերը
կը
տաղաւարէր։
Միւս
կողմէն
մեղադրեցէք
ոչ
ոք:
Մեզի
այնքան
քիչ
պատեհութիւն
է
ընծայուած
հոգեկան
ճակատներ
յարդարելու,
երբ
մեր
մարմնականը
աւելի
քան
անյարիր
էր,
մեր
դարերուն
հասակովը։
Մեր
ազգայնականութիւնը,
այս
անգամ
զերծ
գրական
օտարոտի
երանգէ`
աւելի
քան
իրաւ
էր,
անցնող
դարու
վերջին
քառորդէն
քիչ
ասդին։
Մի
տաք
հաւարի,
երբ
զայն
բիւրեղակերպ
չէք
գտներ
մեզի
հասած
գործերուն
ներսը,
փաստը
վերածելով
զգայութեան
մը
մեղքին:
Ու
դէպքերը
որոնք
գահավէժ
քալեցին։
Մեր
ռոմանթիզմը
իր
բոլոր
երկուութիւնները
չծաղկեցուցած,
իր
իւրացումները
մարսելու
ատեն
չունեցած,
քաշուեցաւ
հրապարակէն,
գրոհին
տակը
իրարմէ
ծանր,
ընդարձակ
աղէտներու:
Ու
լուսին։
Ու
լճակ։
Ու
սոխակ:
Ու
անտառ։
Ու
երամը
կոյսերուն։
Ու
Հայոց
հայրենիքը։
Ու
Հայոց
թշուառութիւնը
Ու
մեր
երազները ...
Ասոնք
մեր
օրերուն
անդիակ
մեռելներու
կը
նմանին,
վաւերական
ուրուականներ,
որոնց
հետ
կը
վարուինք
չտեսութեամբ,
դառնասիրտ
ու
նեղուած։
Ահա
թէ
ինչու
կը
գորովինք
առաջին
երեք
գրողներուն
գործին
որոնք
կուտան
ներկայ
հատորը
Համապատկերին։
Անոնք
իրենց
կրցածին
չափ
ըրին
սեւեռումներ:
Կ՚արձանագրեմ
անոնց
անվանականութիւնը
հոս,
բայց
կը
զգուշանամ
այն
դատապարտութենէն
որ
ինծի
ցաւ
չազդեր
երբ
օրինակի
մը
համար,
սփիւռքին
պատմումը
կ՚ամբաստանեմ
իբրեւ
ապազգային։
Գ)
—
Մեր
ռոմանթիզմը
օգտապաշտ
է,
բարոյամոլ,
կրօնական,
վարժապետական,
արեւելահայերուն
մէկ
որակումովն
ալ՝
հոսհոսական,
համաձայն
հեղինակներուն
նախասիրութեան,
պատրաստութեան,
հանգամանքին։
Վարժապետ
մը
անոր
մէջ
պիտի
դնէր
իր
միամտութիւնը
մարդուն
բարութենէն։
Եկեղեցական
մը
երկինքին
վրայ
պիտի
խօսէր,
անոր
ընդմէջէն,
իբր
պապենական
կալուածի
մը
վրայ:
Հայրենասիրութիւնը,
զանգուածին
համար
խանդ
ու
յոյս,
ընտրանին
մէջ
կը
յարդարէ
ճամբաները
դէպի
զարգացում:
Անիկա
ի
վերջոյ
պիտի
վերածուի
ուսումի։
Պատմական
ախորժակին
վերլուծումը
խորունկ
ակօսներու
կը
յանգի:
Ըրի
այս
երկու
ցուցմունքներուն
մասին
բաւարար
ընդլայնում։
Այս
մայր
յատկութիւններէն
դուրս,
nրոնք
Զարթօնքի
մարդերը,
Ռոմանթիքները
եւ
Դէպի
Դրապաշտները
իրարու
կ՚ընծայեն
միջին
երանգի
մը
ներքեւ,
գրական
մեր
գործադրումներուն
գրել
է
ամբողջութիւնը
կը
տեղաւորուի
վերի
որակումներէն
որ
եւ
է
մէկուն,
երբեմն
շատերուն
ներսը։
Այսպէս
Կրտսեր
Ռոմանթիքները,
բացի
Աճէմեանէն
վարժապետներ
են
ու
այս
բառը
գրեթէ
կախարդական
տարողութիւն
ունի
հասկնալի
ընելու
այնքան
հսկայական
միջամտութիւններ,
չըսելու
համար
մանկամտութիւններ։
Ամբողջ
Նուագները
կու
գան
վարդապետ—եկեղեցականէ
մը։
Սէթեան
ու
Թէրզեան
ուսուցչի
ազնուականութիւն
մը
կ՚արժեւորեն ...
մուսաներուն
դարպասելով։
Ոտանաւորը
ազգային
ապրանք
է
ու
հանդէսները՝
մեր
ամէն
բանը։
Նոյնիսկ
1900ին,
երբ
տղայական
պիտի
ըլլար
ռոմանթիզմէ
խօսիլ,
Ռէթէոս
Պէրպէրեան,
«լցեալ
փառօք
»,
հեղինակութեամբ,
իր
հուսկ
—
բանքերուն
գործնապաշտ,
ժամանակէն
թելադրուած
ոգին
կը
բանայ
բարեխառնել
իր
պատանութեան
վարդավառ
ռոմանթիզմով։
Գրական
յղացքը,
առանց
որու
դպրոց
մը
առանց
գլուխը
մարմնի
մը
կը
նմանի,
չէ
իսկ
դրուած
գրողներու
խղճմտանքին
իբրեւ
հարց.
մինչեւ
իրապաշտութիւնը
որ
իր
կարճ
գոյութեան
կէսը
պիտի
սպառէր
այդ
յղացքը
կազմակերպելու:
Արեւելահայերը,
մեզմէ
աւելի
կեանքի
մարդ
էր,
երբ
կը
մերժէին,
թերեւս
դեռ
կը
մերժեն,
միակտուր
մեր
գրականութիւնը
(գիտէք
թ
է
որքան
քիչ
է
թիւը
գրողներու
որոնց
հանդէպ
զիջում
մը
կը
շնորհեն
իրենց
խստապահանջ
ճաշակէն)
հաւանաբար
կը
տառապէին,
դեռ
կը
տառապին
գործերու
առջեւ
որոնք
լեցուն
են
արեւմտահայ
փափկասուն
բառակոյտով,
—
գարուն
եւ
մայիս,
կոյս
եւ
ընկերք…:
Արդ,
դարձեալ
նոյն
աստիճանի
վրայ
իրաւ
է
միւս
ալ
իրողութիւնը
եւ
Արեւելահայ
արձակին
ու
ոտանաւորին
մէջ
շատ
հազուադէպ
են
սոխակն
ու
լուսինը,
զեփիւռն
ու
կոյսը:
Չեմ
ըսեր
թէ
գրական
յղացքը
կազմակերպուած
է
անոնց
մօտ։
Բայց
փաստ
է
որ
նոյն
իսկ
օգտապաշտ,
կրօնական,
վարժապետական,
ուսուցողական՝
անոնց
արձակը
զերծ
է
ռոմանթիզմին
ժահրէն։
Ազատն
Աստուածը
Արիք
Հայկազունքէն
ինչո՞վ
կը
տարբերի,
եթէ
ոչ
այդ
իրաւով
հոգ
չէ
թէ
քիչ
մը
շփացուած,
որ
արեւելահայ
ամբողջ
գրական
գործունէութեան
պիտի
պարտադրէ,
ուրիշ
կնիք:
Մանկութեան
օրերը
ռոմանթիք
դաս
մը
չէ.
ինչպէս
Մայր
Արաքսին
ալ
չէ
հրաւէր
մը
Այրարատի
դաշտը,
պարսիկ
ջարդելու
(Բա՜մ
Փորոտան)։
Բայց
մեր
ամբողջ
լրագրական
յօդուածագրութիւնը,
մեր
վէպը
(Մամուրեան,
Ծերենց,
Տիւսաբ)
իրենց
գաղափարային
շէնքը
յօրինած
են
նոյն
ազդմունքներուն
ներքեւ,
—
ուսուցանելու,
բարոյախօսելու
շատ
ծանր,
շատ
լուրջ
առաջադրութիւններով։
Թէ
այդ
օրերուն
օտարներն
ալ
գրականութեան
կը
պարտադրէին
նման
նպատակներ,
փաստ
մըն
է
անամուր։
Նրա
գրագէտներու
գործի
դիմաց
քրոնիկի,
խառնուրդի,
բարոյախօսութեան
փառքերը
կը
փոքրանան,
ինքնաբերաբար:
Մենք
դեռ
այսօր
դժուարութեամբ
կը
դնենք
տարակոյս
մը
Զարթօնքի
Սերունդին
մեզի
ձգած
ժառանգութեան
հարազատ
տարողութեան
վրայ։
Ու
իմ
թելադրել
ուզածը
հաւատքն
է,
յաւակնութիւնը՝
գրականութիւն
ընելու
լրագրի
յօդուածներով,
լսարանական
ճառերով
(որոնք
ոչ
միայն
կը
մատուցուին
ունկնդիրներուն
ականջներուն
իբր
խօսքի
հեշտանք,
այլեւ
առանձին
պրակներով
հրատարակուելով
կը
դրուին
ընթերցողներուն
աչքերուն
ալ
վայելքին,
կրկնօրէն
շահագործման
հանելով
իրենց
չքնաղ
պարունակութիւնները)
հանդէսներու
մէջ
լայն
ու
բարի,
երբեմն
նեղսիրտ
ալ
լրջութեամբ
(Եղիան
բանախօսած
ատենը
կը
սաստէր
հասարակութիւնը)
կատարուած
բանախօսութիւններով,
նշանաւոր
դագաղները
գովելու
արարքին
մէջ
Մեր
լեզուն
գործածելով
պոսիւէական
վսեմութիւններուն.
քերթուածներով
որոնք
Մասիս
կամ
Փունջ`
պատուական
լրագիրներուն
մէջ
իրենց
սիւնակները
լեցնելէ
վերջ
կը
սպառին ...
երգի
թեւերով
ալ
պտըտելու
քաղաքէ
քաղաք
ու
գիւղէ
գիւղ,
վէպերով
որոնք
կ՚անդրադարձեն
մեր
ընթերցումները,
թարգմանութիւնները,
խաղերով
որոնք
դարձեալ
կուգան
նոյն
ձգտումէն։
Այս
ամէնը,
համանուագ,
որպէսզի
գոյանայ
թղթեղէնը,
այսինքն
արեւմտահայ
գրականութեան
մեղքին
մթերանոցը։
1900ին
այսինքն
ռոմանթիզմին
ետեւ
գրական
դպրոցի
հետախաղաղ
կորուստէն
վերջ
Ռէթէոս
Պէրպէրեան
մեծ,
նոյնիսկ
«մեծապայծառ
իմացականութիւն
մը»
իբրեւ
կ՚ողջունուի,
ոչ
անշուշտ
շողոմի
մը
գինովը,
այլ
խուլ
ճնշումին
տակ
իմաստի
հանդէպ
ռոմանթիզմին
ծանր
յարգանքին։
Ալիշանը`
անտուն
կ՚անուանուի
միեւնոյն
ազդակներու
թաքուն
թելադրանքին
ընդմէջէն։
1910էն
քիչ
վերջ
Սէթեան
—
ամենէն
հարազատը
ռոմանթիքներուն
—
ոճի
վարպետի
մը
գրիչին
տակ
(Ս.
Պարթեւեան)
կը
վերածուի
խորունկ
զգայնութեամբ
իրաւ
քերթողի:
Ու,
աւելի
տարօրինա՜կ՝
փորձը
որուն
համեմատ,
1929ին
մեր
ռոմանթիզմին
մեծ
ընդդիմադիրը,
զայն
հրապարակէն
քչելու
արարքին
մէջ
ամենէն
աւելի
աշխատողը,
Արշակ
Չօպանեան
Թէրզեանը
կ՚անուանէ
ազնուազգի
քերթող։
Ասոնք
ալ
իրողութիւններ
են,
բաւ՝
ցոյց
տալու
թէ
որ
աստիճան
խորարմատ
մտայնութեան
մը
ծնունդ
է
տուած
ռոմանթիք
շարժումը։
Ու
Եղիայի,
Չերազի,
Ծերենցի,
Տիւսաբի,
Նար–Պէյի
անունները
այդ
ռոմանթիզէն
ոչ
միայն
չեն
ազատագրուած,
այլ
զայն
երկարաձգելու,
փառքի
հանելու
ի
իրականութեան
մէջ
ալ
դրած
են
իրենց
ամբողջական
հեղինակութիւնը
եւ
1940ին
իսկ
մեր
գրականութիւնը
այդ
անուններուն
հանդէպ
յարգանքը
երթ
ազգային
զգացումի
մը
համազօր
կը
դաւանէր
հեռուէն
իսկ
կ՚ըլլար
արդարացուցած
կիսադարեան
յղացքը
սկզբնական
ձգտումներուն
[4]:
Դ)
–
Մեր
Ռոմանտիզմը
գրական
շարժում
մը
չէ.
ամրապէս
կազմակերպուած,
պայքարի
իր
միջոցներով,
իր
առաջադրութիւնները
դրօշներու
վրայ
փառաւորելով,
ու
օժտուած՝
թեկուզ
նախնական
չափով
մը
գրական
դպրոց
մը
արդարացնող
մեքենականութեամբ
մը
(իրմէ
վերջ
այս
գլխաւոր
միջոցները
կը
գտնենք
քով
քովի,
Իրապաշտներուն
մօտ,
ասոնց
ստեղծած
շարժումը
միատարր
յաջողուածքի
վերածող)։
Անիկա
գրական
պայքարի
հանդէս
մըն
ալ
չեղաւ:
Քանի
որ
սկիզբ
մըն
էր
եւ
ոչ
թէ
զարգացում։
Երբ
աչքէ
անցնենք,
օտարներու
մէջ,
գրական
շրջափոխութեան
մայր
դարձուածքները,
կը
գտնենք
հինին
դեմ
հզօր
հակազդեցութիւն։
Մենք
լեզուական
մեր
պայքարը
շփոթեցինք
գրական
պայքարի
հետ,
ինչպէս
շփոթեր
էինք
ընկերային
–բարենորոգչական
մեր
գործօնութիւնը
գրական
զարթօնքին
հետ։
1850ին
Յուշիկներու
աշխարհաբարը
բաղդատեցէք
1880ի
Եղիշէ
վարդապետ
Դուրեանի,
Մատաթեան
Գարագաշի,
Ռ .
Պէրպէրեանի
աշխարհաբարին
հետ,
ու
պիտի
համոզուիք
որ
լեզուական
մեր
պայքարն
ալ
դուրս
է
գրականին
յղացքէն։
Դարձեալ
հետազօտեցէք
մեր
ոտանաւորին
շրջափոխութիւնը
ու
պիտի
գտնէք
որ
անիկա
ոչինչով
է
նորոգուած:
Մեր
ռոմանթիզմը
կ՚անգիտանայ
անշուշտ
գրական
քննադատութիւն
որակուած
սնոտիքը,
բայց
կ՚իյնայ
հռետորական
ձեռնարկներու
(traité
de
la
rhétorique)
ապուշ
ազդեցութեան։
Վենետիկի
տաղաչափութի՜ւնը։
Ու
երբ
կը
խորհինք
որ
գրականութեան
մը
հիմնական
երեք
սեռերը
(վէպ,
թատրոն,
բանաստեղծութիւն)
փորձուած
են
արեւմտահայ
ճիգին
սկզբնական
իսկ
շրջանէն,
բայց
քերթուածէն
դուրս
միւսներուն
մէջ
վրիպած,
պարտաւոր
կ՚ըլլանք
լրջանալու։
Մի
առարկէք
թէ
սխալ
է
գրական
շարժումները
վերածել
իրենց
ծաղրանկարներուն
(ու
գրական
դաւանանք
փնտռել
հոն
ուր
ասոր
յղացքն
իսկ
չէ
մարմին
առած),
կը
նշանակէ
անգոյին
վրայ
աշխատիլ։
Քանի
կը
հեռանանք
ԺԹ.
դարէն,
այնքան
մեր
ներսը
կը
գունաւորուի
տրամադրութիւնը
հոն
իրագործուած
արդիւնքները
(գրական)
աւելի
միատարր
տարազներով
պիտակելու:
Իմ
նպատակն
է
իրողութիւններ`
առանձնացնել
ու
արձանագրել
քան
թէ
վէճ
արծարծել:
Տղայամտութիւն`
զուգակշռել
Շէլլին
ու
Դուրեանը,
ռոմանթիզմին
գաւիթին
մէջ։
Տաղ
անդէն
զատ
այս
տղաքը
ամէն
բան
ունին
զիրար
հակադրող:
Անոնք
իրարու
գլխովին
հակոտնեայ
կեանքեր
ապրեցան,
ու
անոնց
ստեղծագործութիւնը
կը
լուսաւորուի
այդ
կեանքին
շառայլովը
ոչ
թէ
անգլիական
կամ
հայկական
ռոմանթիզմներուն
մասնայատուկ
նկարագիրներովը։
Դարձեալ
տղայամտութիւն՝
Միւսէն
եւ
Պէշիկթաշլեանը
համեմատել
իրարու,
միշտ
ռոմանթիզմին
ամպհովանիին
տակ,
մեկնելով
հանգիտութիւններէ,
որոնք
կան
երկու
քերթողներուն
մէկէ
աւելի
քերթուածներու
խորը,
ներշնչման
ու
բարեխառնութեան
տեսակէտէն։
Գրագէտի
մը
տաղանդը
շատ
բան
է
անշուշտ,
բայց
մի
մոռնաք՝
գլխովին
ենթակայ
միայն
կեանքին
որ
այս
անգամ
հարիւր
տեղ
աւելի
ընդարձակ
իմաստ
մըն
է:
Առանց
առաջինին
գիրքեր
չպակսեցան,
որոշ
ալ
կշիռով։
Կեանքէն
ազատագրեալ
ոգիով
մը,
մտքով
մը
գրուած
գիրքեր,
որքան
ալ
մեծ
տաղանդով
ըլլան
պաշտպանուած
(Կէօթէի
Ֆաուստը
օրինակի
համար)
կը
մեռնին
շատ
արագ։
Այս
նկատողութիւնները
կը
միջամտեն
իմ
դատաստանին
երբ
կը
փորձուիմ
չմեղադրել
մեր
ռոմանթիզմը
իր
սահմանափակ
ճակատագրին,
պարագայական
փաստին
համար:
Դուրեանը,
միայն
մերը
ըլլալու
փառքին
սիրոյն
բարձրացնել
միջազգային
քնարական
հանճարներու
լուսապսակին,
հաւասար
պիտի
գար
շրջուած
ռոմանթիզմի
մը,
եթէ
երբեք
չըլլայի
պաշտպանուած,
այդ
արարքը
ընելու
ատեն,
այդ
տղուն
քերթուածներուն
մէջ
գոց
այն
խռովքէն,
յոյզէն,
սարսուռէն
ու
հեշտանքէն
որքան
կ՚առնեմ
այդ
ամէնը
միջազգային
մեծ
ռոմանթիքներու
քերթուածներէն։
Ձեւի,
խորքի,
կշռոյթի,
գոյնի
եւ
ոգիի
հանգիտութիւններ
չեն
հաւական
որպէսզի
մեր
ռոմանթիզմը
բաղդատուի
Եւրոպական
մեծատարած,
նոյնանուն
շարժումին,
դատուի
այն
չափերով
զոր
քսաներորդ
դարու
մտածողութիւնը
գործադրեց
անոր
վրայ,
գլխաւորաբար
գերման
դպրոցին
մեր
ոտով։
Համե՜ստ։
Միշտ
համեստ։
Գոհ
եմ
երբ
մեր
ռոմանթիքներէն
քանի
մը
իրաւ
քերթուած
իմ
մէջ
կը
բանան
հեռու,
տարտամ
անուշ
ապրումներ,
ինչպէս
կուգան
ինծի
ասոնք,
օտարներէն:
Ուրեմն
կը
զգուշանամ
մեր
արդիւնքները
թափելու
եւրոպական
կաղապարներու
մէջ։
Ե)
—
Մեր
ռոմանթիզմը
իրական
ապրում,
բարեխառնութիւն
է
սակայն,
առանց
գրական
ծանրակառոյց
վարդապետութիւն
մը,
շարժում
մը
ըլլալու:
Միւս
կողմէն,
աւելի
քան
ստոյգ
է
որ
անոր
գործաւորները
չեն
հասած
անոր
լրիւ
նուաճումին։
Բայց,
պակասաւոր
այդ
ձեւերուն
ալ
տակը,
անիկա
յաջողուած
է
մըն
է,
գրեթէ
գեղեցկութիւն՝
մէկէ
աւելի
էջերու
վրայ,
արձակ
թէ
ոտանաւոր։
Ասոնց
պակասը
պիտի
նշանակէր
պակաս
մը
Հայ
հոգիէն։
Դուրեանէն,
Օտեանէն,
Մ.
Պէշիկթաշլեանէն,
Ալիշանէն
մենք
ժառանգած
ենք
չհինցող
էջեր,
այսօր
ալ
մեզ
յուզող,
որոնք
իրենց
արժէքը
պարտական
են
ձեւէն
աւելի
իրենց
ծածկած
խորքին։
Այսօր
դժուար
է
մեզի
Առ
Զեփիւռն
Ալէմտաղի
քերթուածը
վերապրիլ,
ոչ
որովհետեւ
այդ
տէգոռը,
այլ
հոգեխառնութիւնը
չունին
գոյութիւն,
այլ
այդ
քերթուածն
յատակը
յօրինող
զգացական
ջերմութիւնը,
խտութիւնը
անհետացած
են
մեզմէ։
Դար
մը
վե՞րջը։
Մարգարէ
մը
չեմ։
1750ին
Սայաթ
–Նովա
կը
գրէ
Թէգուզ
հազար
դարդ
ունենամ,
ես
սըրտումըս
ա՜հ
չիմ
ասի .
Իմ
հուքմի
հեքիմըն
դուն
իս,
ես
էլ
ուրիշ
շահ
չիմ
ասի .
Սայաթ-Նովեն
ասաց.
զալում,
ես
էն
մահին
մահ
չիմ
ասի՝
Հէնչափ
ըլի`
դուն
վըրես
լաս
մազըդ
շաղ
տալօվ
աչկիլուս:
արտայայտելու
համար
մերձաւոր
հոգեխառնութիւն
մը
վարի
տողերով
արտայայտուած
վիճակին
«Ըսքանչելի
էր,
մա՛յր,
կոյսն
այն
քան
զամենայն
ըսքանչելիս.
Զոր
ինչ
երկինք
եւ
բընութիւն
ունին
զարդեր
եւ
գեղ
եւ
լոյս,
Յիւր
դեմքս
՚ւ
ի
բիբսն
էին
ամփոփ,
յիս
ի
նոցունց
ցոլանային.
Շըրթունքն
եւ
վարսք.
մեղր
ունէին
վասըն
բոլոր
սըրտիս
վիրաց։
Թըւե՜ր
ինձ,
մայր,
յանդարձական
լինեն
ի
քում
հըրաժեշտին,
Դու
բարեգո՛ւթ,
մաղթեցեր
զերկինս
յըղել
յիւր
զըւարթնոց
Քան
զամենայն
տարփելին
եւ
գըգուելին
եւ
մանկագոյնն,
Ինձ
մօր
եւ
բեռ
լինել
փոխան,
փոխան
ամեն
ըսփոփանաց .
Սիրոյ
հրեշտակ
ես
կարծեցի,
մահուա՜ն
հրեշտակ
էր
նա,
մա՛յր
իմ
»:
Մ .
ՊԷՇԻԿԹԱՇԼԵԱՆ
(Յետին
Հառաչք)
որ
իր
կարգին
գրել
է
կը
կրկնուի
սա
տողերով
Ի
զո՜ւր
գըրեցին
աստղերն
ինծի
«սէ՜ր»,
Եւ
ի
զո՜ւր
ուսոյց
բուլբուլն
ինձ
«սիրել»,
Ի
զո՜ւր
սիւգեր
«սէ՜ր
»
ինձ
ներշնչեցին,
Եւ
զիս
նորատի
ցուցուց
ջինջ
ալին,
Ի
զո՜ւր
թաւուտքներ
լըռեցին
իմ
շուրջ,
Գաղտնապահ
տերեւք
չառին
երբեք
շունչ,
Որ
չը
խըռովին
երազքըս
վսեմ,
Թոյլ
տըւին
որ
միշտ
ըզնէ
երազեմ.
Եւ
ի
զո՜ւր
ծաղկունք
փըթիթներ
գարնան՝
Միշտ
խնկարկեցին
խոկմանցըս
խորան ...
Ո՜հ,
նոքա
ամէնքը
զիս
ծաղրեր
են ...
Աստուծոյ
ծաղրն
է
աշխարհ
ալ
արդեն ...:
Պ.
ԴՈՒՐԵԱՆ
(Տրտունջք)
կարդացէք
ուշադիր։
Պիտի
գտնէք
որ
ժամանակը,
պայմանները
թեթեւ
են
կնքաւորելու
սա
խորքերուն
հարազատութիւնը,
իրենք
իրենց
հաշւոյն։
Այդ
խորքը
ահա
զգացական
ռոմանթիզմին
վկայութիւնն
է
այդ
ժողովուրդին
շատ
մը
դարերուն։
Այդ
ռոմանթիզմը,
իրենց
ամբողջութեանցը
մէջ
չպարզելով
հանդերձ
ցեղային
մեծ,
տիրական
յատկանիշներ
որոնց
վրայով
ներելի
ըլլար
ցեղային
նկարագիրներու
հանդէս
մը
տեսարանել,
վկայութիւն
մըն
է
միշտ,
մեզայատուկ
հոգեղէն
բարեխառնութեանց։
Զառածի՞լ,
արդեօք,
հաստատ,
ուղիղ
դիտողութեան
պարտքէն
որուն
Համապատկերը
ուզեց
մնալ
հաւատարիմ,
երբ
այս
ամենէն՝
փորձ
մը
ներուի
հոս
բարձրանալու
ցեղային
քանի
մը
իրաւ,
մնայուն
ապրումներու
միջին
կշիռին,
անոնց
որոնք
ամէն
դարու
մէջ
իրենց
կրկնումներով,
մերձաւոր
նոյնութեամբ
մը
իրենք
զիրենք
կը
պարտադրեն
մեր
մտքին:
Ի
վերջոյ
չկա՞ն
այն
նկարագիրները
որոնց
գումարը
կը
լեցնէ
ժողովուրդի
մը
ոչ
միայն
ներկան
այլեւ
կը
բացատրէ
անոր
անցեալը,
այսինքն
հոլովոյթը։
Երբ,
պատմութեան
բեմը
ձեր
ըմբռնողութեան
մէջ
կը
վերածէք
ազատ
արձակարանի
մը
ուր
մարդերը
—
ցեղերը
ասոնց
մասնաւորումները
ըլլալով
հանդերձ,
հոն
պարզուող
արարքներուն
մէյմէկ
զգեստներ
են
—
երեւային,
գործէին,
անցնէին
ոչ
անշուշտ
անողոք
օրէնքներու
սլաքներուն
ներքեւ
(պատմական
մաթերիալիզմ)
այլ
կեանքին
ընդհանուր
տեմպովը
զոր
կը
հաստատենք
մարդերէն
դուրս
ուրիշ
բնական
արքայութեանց
ալ
վրայ,
մեր
պատմութիւնը,
ձեր
ժողովուրդը
պիտի
չսիրէի՞ք
տեսնել
քանի
մը
տիրական
յատկանիշներու
ներքեւ։
Ասիկա
անշուշտ
մօտիկն
է
զառածումին,
բայց
չէ
զայն։
Որո՞նք`
մեր
համադրական
կերպարանքներէն,
վերլուծուելով,
մեզի
պիտի
բերէին
քիչ
շատ
դրական
կտորներ,
հայ
հոգիին
իրաւ
գիծերէն։
Ունինք
մեր
լեզուն,
արուեստները,
մարմնեղէն
կերպարանքը,
հոգեկան
արժէքներն
ու
նուաղումները:
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
կուտա՞յ
պատեհութիւն
մեր
ժողովուրդը
քիչ
մը
աւելի
հանգամանաոր
երեսներու
տակ
տալու,
որքան
ատիկա
չէք
արտօնուած
գտնելու,
մեր
իմացական
ուրիշ
արտայայտութեանց
ներսը։
Մեր
պատմութիւնը
մեր
ժողովուրդն
է
անշուշտ:
Բայց
մեր
ո՞ր
յատկանիշները
կը
բացատրուին
անով։
Արեւելահայ
գրականութիւնը
հայ
ժողովուրդն
է
անշուշտ։
Բայց
հայ
հոգիին
ո՞ր
մասնակի
երեսները
հոն
ինկած
են
սեւեռումի:
Ահա
հարցեր,
յանդուգն,
խնդրական,
մշշային
նոյնիսկ:
Կ՚ընդունիմ:
Բայց
աւելի
քան
իրաւ
է
որ
բացի
խմբակէ
մը
մեր
գրողները
—
միշտ
իրաւները,
մեծերը
—
մեր
հոգիին
վրայ
պայծառ
պատուհաններ
են:
Զօհրապ
մը,
իր
ֆրանսացի
վիպողի
արտաքին
յարդարանքին
տակ,
հայ
է
իր
ջերմութեամբը,
կրքոտ
երեւակայութեամբը,
ձեւի
հանդէպ
իսկ
իր
փոյթովը,
թախծոտ
ու
պարզ
մտահայեացքովը,
կեանքին
դէմ
կենալու
պապենական
իր
իմաստութեամբը,
մահը
ընդունելու
իր
դարձեալ
առհաւական
խաղաղութեամբը:
Բացէք
մէկիկ
մէկիկ
այս
խտութիւնները
եւ
Դուք
ունեք
ձեր
ժողովուրդէն
իրաւ
վերացումներ
(abstraction):
Ու
ասիկա
այսպէս
տարօրէն
իրաւ՝
Հրանդին,
Թլկատինցիին,
Զապէլ
Եսայեանին,
Մեծարենցին,
Վարուժանին,
Սիամանթոյին,
Արփիարեանին
ու
իրապաշտ
ու
արուեստագէտ
հանգամանաւոր
գրողներուն
մեծ
մասին
համար։
Աւագ
Ռոմանթիքները
մեր
ժողովուրդին
ո՞ր
կողմերուն
վրայ
կ՚ընեն
պայծառ
թելադրանքներ։
Այս
հարցումներուն
պատասխանները
վերլուծման
ճամբով,
զիս
պիտի
տանէին
շատ
հեռուները։
Անոնք,
այդ
պատասխանները
որպէսզի
չըլլային
պատահական,
պարտաւոր
էին
պաշտպանուիլ
մեր
մշակոյթին
բոլոր
թելադրանքներէն,
զիս
մղելով
այդ
մշակոյթին
վրայ
թերեւս
մեկէ
աւելի
հատորներու։
Ոչ
ժամանակ
ոչ
ձեռնահասութիւն։
Ահա
թէ
ինչու
կը
սեղմեմ
պարունակը
իմ
նկատողութեանցս,
մնալու
համար
Աւագ
Ռոմանթիքներու
կողմէ
իմ
ներսը
ինկող
այն
թելադրանքներու
շուրջը
որոնք
արեւմտահայ
գրականութեան
այդ
շրջանը
կնքադրելով
հանդերձ,
առանց
զառածումի
կը
տարածուին
նաեւ
դէպի
մեր
հոգիին
ընդհանուր
յատկութեանց
դաշտերը։
Այսպէս,
պատահականութեան
արդիւնքներ
չեն
մեր
ռոմանթիքներուն՝
Ա)
—
տրտմութիւնը
զոր
լաւ
կ՚ընէք
չարժեւորելով
իբրեւ
անմիջական
հետեւանք
այդ
քերթողներուն
խառնուածքին,
անոնց
կեանքին
մասնակի
հանգամանքներուն։
Հիւանդութիւն
մը
թերեւս
ազդակ
է
որպէս
զի
ըլլան
բացատրելի
Պէշիկթաշլեանին
ու
Դուրեանին
մելամաղձութիւնը,
սրտառուչ
ցաւի
շատ
յստակ
հոսանքներ,
անոնց
տաղարանէն
մեզի
ծաւալող։
Բայց
նոյն
տրտմութիւնը,
նոյն
փաղաղիչ
կրակը
Յուշիկներուն
ալ
շունչն
է
կարծես։
Հիւծախտին
մանրէն
կամ
վանքի
մը
ներքին
ոլորտին
վշտոտ
զգայութիւնները
իրենց
անտես
սղոցներովը,
սլաքումովը
միայն
չեն
յօրինած
այդ
քերթողներուն
անսփոփ
բայց
դառնահամ,
վառող
ըլլալու
անկարող
մելամաղձութիւնը,
ինչպէս՝
դարաւոր
հալածանքը,
անհուն
զրկանքը,
ու
աշխարհին
բարիքներին
անդադար
վտարուած
ժողովուրդի
մը
ճակատագիրը,
կարճ
բառով
մը
մեր
այլեւս
անդարձ
կերպով
պատմական
նահատակութիւնը
չէին
յաջողած
ջնջել
մեր
դէմքերէն
հաշտ,
դառն,
պարզ,
տաք
շղարշը,
բանաստեղծին
ըսածին
պէս
վառ
ու
ցաւին
տրտմութեան,
անուշ
սուգին
որ
մեր
արեան
ծովի
երեսին
մեր
հոգիին
ոստայնը
իբրեւ
ծփացեր
էր
դարերով
եւ
որ
կը
ցոլցլայ
մեր
աղջիկներուն
աչքերուն
խորը…:
Չեմ
արկածախնդրեր։
Կը
ջանամ
զգայութիւններ
հասկնալ:
Մեր
գրականութիւնը
ոչ
բնական
է,
ոչ
յոռետես
ոչ
ալ
թանձրօրէն
հաճոյապաշտ։
Աւելի
քան
տխուր
հոգեբանութեան
մը
մէջ,
տեսէք,
ինչպէս
գիտէ
մեր
մէկ
հայրապետը
իր
ցեղին
իմաստութիւնը
համադրել
Ի
քեն
հայցեմք,
Հա՜յր
գթութեանց
եւ
Աստուած
մխիթարութեանց
Ի
տխրական
գիշերային
մերձեալ
ժամուս
Մխիթարեա
զմեզ
ի
տրտմութեանց
մեղաց.
Եւ
շնորհեա
զուրախութիւն
Գործովք
արդարութեան…։
Այս
տողերուն
հեղինակը
մեր
օրերէն
եօթը
դար
առաջ
տէմպին
մէջն
էր
իր
ժողովուրդին
հոգեխառնութեան,
որպէսզի
Միջին
դարուն
ահաւոր
մղձաւանջը
չըլլար
կործանարարը
մեր
իրաւ
կեանքին։
Գացէք,
սա
պզտիկ
թելադրանքին
անհուն
արձակութիւնները
դէպի։
Գրական
վերլուծումի
դժբախտութիւն
մըն
է
անշուշտ։
Բայց
սփոփանք
մը
նոյն
ատեն։
Շնորհալին
սուրբ
մը
ըլլալէ
առաջ
բանաստեղծ
մըն
էր,
այսինքն
մեր
գրականութեան
ընդհանուր
ոգիին
մէկ
կայծը։
Ահա
թէ
ինչու
ողբասացութիւն
որակել
մեր
գրականութիւնը
փաստ
մըն
է
զայն
քիչ,
գէշ
կարդացած
կամ
երբեք
կարդացած
չըլլալու։
Ողբասացութիւն
չէ
անիկա,
վասնզի
ցեղային
ներքին
դրութիւններ
—
անբացատրելի
բայց
այլապէս
իրաւ,
ինչպես
է
պարագան
ներծոր
(endocrine)
գեղձերու,
—
միշտ
չեն
պակսած
հակազդելու
արտաքին
պատահարներուն,
վերջ
ի
վերջոյ
վերածուելով
կեանքը
ընդունելու
միջինի
մը։
Գացէք
ամենէն
թշուառունակ
կայանը
սփիւռքին։
Թիթեղէ
տանիքին
տակ,
պատի
տեղ
կռնակին
սնտուկի
մը
տախտակը
զգացող
հայրը
որ
ճարած
է
օրուան
քրտինքին
ծովէն,
զաւկըներուն
անյագ
կտուցին
համար
գիշերուան
ժամը,
ու
անցած`
սեղանին,
սանկ
աչք
մը
նետելու,
անոնց
տրտում
բայց
անուշիկ
անմեղութեան,
վստահաբար
կ՚ըսեմ
ձեզի,
տրտում
մարդ
մըն
է,
իրաւ
հայ
մը,
բայց
չի
տառապիր
չըլլալուն
համար
աշխարհի
բախտաւորներուն
գիծէն
թանձր,
վայելապաշտ,
կուշտ
ու
գռեհիկ
անասունը։
Մինակ
Դուրեանը
չէր
որ
արտօնուեցաւ
գրելու
թէ
«Իր
սիրտն
արշալոյս
մը
չէր
անցած»:
Տարածեցէք
պատկերը,
իր
ծածկած
խորհուրդը
ու
փորձեցէք
գտնել
շրջանը,
առասպելին
մշուշներէն
իրապէս
ազատ,
ուր
այդ
արշալոյսը
ողողէր
սիրտը
այս
ժողովուրդին։
Մինակ
Ալիշանը
չէ
որ
կերպարանք
կուտայ
մեր
ռոմանթիզմին
տրտմութեան
երբ
կը
գրէ
«Մաշած
նշխարք
մեր
հարանց
թաղուած
ի
խոր
խաւարի»
թելադրելով
անշուշտ
լռին
ողբերգութիւնը,
այդ
մարդոց
հետ
իջած
հող,
իբրեւ
միակ
վարձատրութիւն,
իրենց
բոլոր
առաքինութիւնները
պսակո՜ղ,
սուրին
ու
հուրին
մէջ
երբ
գոցեցին
ի
րենց
անուշիկ
աչուըները։
Ու
աւելի
համեստ
անուններու
հետ
իսկ
այս
տրտմութիւնը
մենք
կը
գտնենք
հիմա,
ոչ`
իբրեւ
գրական
հանգանակէ
մը
յօդուած
մը,
այլ
հոգեդրութիւնն
իսկ
մեր
ժողովուրդին։
Ու
մի
կենաք։
Տարածեցէք
միշտ
աւելի
անդին
քան
մեր
կիները,
գրողները
որպէսզի
գտնէք
մեր
պատմութիւնը
լման,
որ
անհուն
տրտմութեան
մը
տարօրինակ
վառարանը
կը
թուի
իր
իսկ
զաւկըներուն,
ու
կը
թուի
տակաւին
անպատմելի
փոքրութիւն,
անարժանութիւն.
«նախատինք
ու
ամօթ»,
բայց
երբ
ազատագրուի
դէպքերուն
միշտ
ապիմաստ
բռնութենէն.
տեսնուի
իրաւ
ապրումներ.
—
պարզ,
ճակատագրէն
կարգադրեալ
շարայարութիւն
մը,
կը
զգենուն
լիութիւն
մը,
լինելութիւն
մը,
ոճ
մը.
—
կերպարանքը,
իր
ընդհանրութեանը
մէջ
այնքան
հայտ
արեւմտահայ
գրականութեան
որ
եւ
է
շրջանի
միջին
բարեխառնության,
հոգեղէն
խտութեան։
Մօտ
չորս
սերունդ,
այդ
գրականութեան
սպասն
է
ըրած,
եւ
չորսին
մօտ
ալ
հասարակաց
է
այդ
քաղցր
տրտմութիւնը։
Սոփեստներ,
չըսելու
համար
յիմարներ
են
անոնք
որոնք
բան
մը
ըսած
ըլլալու
սիրոյն
մեր
գրողներին
խնդութիւն,
լաւատեսութիւն,
ծափ
ու
ծիծաղ
կը
պահանջեն,
մոռնալով
կեանքը
զոր
լիներ
է
մեզի
մեր
պատմութիւնը
եւ
քաղաքական
կեղծիք
է
միւս
կողմէն,
այդ
գրութիւնը
բարեխառնելու
խաչակրութիւն
մը։
Գրականութիւնը
ոչ
քաղաքականութիւն
է
ոչ
ալ
մանկավարժութիւն։
Անիկա
բխում
մըն
է
մեր
ամենէն
իրաւ
լինելութիւններէն:
Ու
իբր
այդ
կ՚արտայայտէ
մեր
ներքին
յօրինուածքը։
Այս
ժողովուրդը
խնդա՞ց:
—
Երբեմն։
Լացա՞ւ։
Դուք
գտէք
պատասխանը։
Ու
մեր
գրողները
—
իրաւները
—
ուրիշ
մարդկային
կոյրերու
հոգեղէն
անդրադարձը
պիտի
չըլլային։
Ո՞վ
աւելի
առատ,
պարզ
է,
սիրտբաց
խնդաց
քան
Պարոնեանը
որուն
սերունդին
յաճախ
ցամաք
հացն
իսկ
պակսեցաւ:
Բ)
—
քաղցրութիւնը
որ
Համապատկերի
ընթացքին,
զանազան
առիթներով,
ընկած
է
վերլուծման։
Ցեղային
մեծ
նկարագիր
մըն
է
անիկա,
որուն
ոճին
մէջ
կը
հաշտուին
իրարու
մոյնքէ,
կիրքէ,
հոգեղէն
յօրինուածքէ
ինչպէս
ֆիզիք
ալ
աշխարհէն
յստակ
ցուցմունքներ։
Այդ
բառին
իրեն
հոս
թելադրել
ուզածս՝
բարի,
պարզ
այն
օրուն
է
որ
շօշափելի
հոգին
իսկ
է
ոչ
միայն
մեր
արուեստին
կտաներուն
(հոս
թուղթն
ալ,
ձայնին
շղարշն
ալ,
մարմարին
երեսն
ալ
մուտք
ունին),
այլեւ
մարդկեղէն
կտաին,
մորթին
ու
աչքին,
մարդկեղէն
դաշնակութեան`
շարժումներու
գումարէն,
մարդկեղէն
համադրեալ
ճարտարապետութեան
մը`
ձայնին,
քարին,
հողին
միգամածային
անդունդներէն
ինքզինքը
պուտ
պուտ
հաաքող,
ըլլալու
համար
շեշտը,
հոգին
մեր
ներքին
իրականութեան։
Ա՜ն`
որ
մեր
ժամերը
ըրած
է
այնքան
անուշ,
զարդէն,
ներկէն,
փառքէն,
ուժէն,
զանգուածէն
այնքան
անկախ,
մատուռի
մը
մէջ
ինքզինքը
կաթիլ
մը
սիրտ,
կաթողիկէի
մը
մէջ
ինքզինքը
սրտագին
հրաւէր
ու
մայր
–
եկեղեցիի
մը
գողտր
բխումին
զարկը
իբրեւ
սրանք
ինքզինքը
վառման
հանած։
Որ
քաղցրացուցած
է
դարձեալ
մեր
լեռները,
անոնց
ոտքերուն
շարելով
պարոյրները
մեր
գեղերուն,
անոնց
գագաթներու
գիծերը
ամոքած,
նոյնիսկ
հոն
ուր
ապառաժին
սղոցաձեւ
ատամունքը
դարերուն
կայծակներովը
սրուած
կը
ջանան
հնձել
մեր
ձեռքերուն
յանդուգն
սրբագրութիւնները,
ի
խնդիր
ցեղային
ոճին
որով
երկիր
մը
ժողովուրդ
մը
կ՚ըլլայ:
Կը
գրեմ
այսպէս,
տպաւորութեանը
տակ
նկարներուն
որոնք
գերազանցապէս
հայրենի
լեռնէն
(Արարատ)
ինկեր
են
իմ
անգիտակցութեանս
ու
հոն
շաղախուեր՝
դարաւոր
միւս
ապրումներուն,
կտակուած
ինծի
իմ
պապերուն
արեան
ճամբովը:
Աստուածային
ճարտարապետ
մը,
երկինքին
խորքերէն,
մեր
հաշւոյն
պէտք
է
քաղցրացուցած
ըլլայ
սրութիւնը
այդ
ցցունքներուն,
ինչպես
մարդկային
ճարտարապետութիւն
մը
կատարած
է
այդ
աշխատանքը
ավելի
խոնարհ
բարձունքներու
վրայ,
ապառաժին
փշրելով
ժանիքները,
ու
անոր
վստահելով
գողտր
գմբէթը
մատուռի
մը։
Ուզենք
չուզենք
մեր
գրականութեան
տիրական
յատկանիշներու
շարքին
արժեւորել
այդ
քաղցրութիւնը,
անշուշտ
աւելի
համապարփակ
տարազ՝
տարածուող
դէպի
ցեղային
նկարագիրներու
համահանդէսը:
Մեր
իրապաշտութիւնը
միայն
այդ
շնորհը
չարժեւորեց
վայել
լրջութեամբ:
Բայց
մեր
ռոմանթիզմը
իր
վրիպանքներուն
դէզին
դիմաց,
կրնար
մեզի
կտակել
քաղցրագոյն
տաղերը
մեր
բանաստեղծութեան։
Կ՚առնեմ
նմոյշ
մը,
որ
թէ
եւ
հնոտի,
նոյնիսկ
անկունակ՝
այդ
քաղցրութեան
շնորհիւ
կը
պահէ
որոշ
հրապոյր
Լո՛ւսին,
դու
աստղ
խորհրդալոյս,
Նիմփայդ
երկնից
ամօթլեած,
Մելամաղձիկ
ճակատըդ
կոյս,
Ամպեայ
շղարշիւ
ըսքօղած,
Սիրող
ըստուերց`
ժամուց
լըռիկ,
Ոսկի
մազերդ
ցիր
ու
ցան,
Երկնից
դաշտաց
մէջ
երբ
մենիկ
Մոլորաքայլ
կուգար ...
այս
անգամ
հեղինակէն
իսկ
անկախ,
որ
քսանամենի,
հիւծախտաւոր
կամ
վանախոյս
մէկը
չէր։
Դիտեցէք
խորքին
տժգունութիւնը
բայց
սիրեցէք
այդ
օրուն
որմէ
խօսեցայ
վերը։
Գ)
—
ջերմութիւնը,
թերեւս
արեան
արձագանգ,
թերեւս
դարերու
ծորում,
թերեւս
սկզբնածագ
թրթռում,
մեզի
չպակսեցաւ
մեր
գրականութեան,
ասոր
գործիքին,
մեր
պատմութեան
ու
իր
տռամաներուն
բոլոր
նուազումներուն
ալ
հետ,
երբ
գիտենք
այդ
սրբազան
ոստայնէն
զուրկ,
հիմնովին
անմասն
այնքան
քաղաքակրթութիւններ,
ժողովուրդներ։
Արկածախնդրութիւն
չեմ
ըներ,
երբ
կը
ղրկեմ
ձեզ,
քիչ
մը
աւելի
ուշադիր
ոգիով,
ձեր
տպաւորութիւններուն։
Սփիւռքը
ձեր
ներսը
գործադրած
է
անշուշտ
զգացական
հաւաքումներ,
կերպարանքներ,
բիւրեղացուցած՝
խորհուրդներ,
դատումի
տախտակներ,
ձեզ
շրջապատող
մարդոց
զանգուածներէն
ձեզ
ընդունող
հողերէն
ծնած։
Նոյնիսկ
ամենէն
նպաստաւոր
պայմաններու
մէջ,
այդ
բիւրեղացումը
կը
մնայ
անբաւական
հերքելու
ձեր
սկզբնական
դրութիւնը,
հոգեղէն
ձեր
ընկալչութիւնը:
Հազարներու
մէջէն
իմ
արիւնը
կը
ճանչնայ
ինքզինքը,
իր
դրութիւնը`
ուրիշին
մէջ
կամ
դէմ:
Գիծերը
հանգիստ
ջերմութիւններ
են
մեր
երեսին:
Հոգին,
մտածումը,
կիրքը՝
կրա՜կ
մեր
աչքերուն
կապուտիկ
ջուրին
կամ
սեւուկ
ամանին
խորը։
Մեր
երաժշտութիւնը
շատ
մը
բաներ
ըլլալէ
առաջ
տաքուկ
հոսանք
մըն
է,
տեսակ
մը
ոսկեջուր
որ
մեր
զգայնութիւնը
կը
գունաւորէ,
արեան
համ
մը,
գոլ
մը
ինչպէս:
Մեր
ճարտարապետութիւնը
քարին
վրայ
զգեստաւորուած
նոյն
տաքուկ
հով
է,
որ
ըլլար
մարմին
առած
ցեղին
միշտ
սրտառուչ,
սիրալիր
շնորհին,
վայելչութեան,
եւ
որ
մտքիդ
խօսելու
տեղ,
կը
զարնէ
դէմքիդ։
Կան
տաճարներ
որոնք
վախ
կ՚ազդեն։
Ուրիշներ`
որոնցմէ
եկածը
ծփանուտ
վստահութիւն
մըն
է:
Մեծութիւն,
բարձրութիւն,
թռիչք
խոշոր
բառեր
են
անշուշտ,
բայց
քարեղէն
քերթուածի
մը
մէջէն
կը
գտնեն
ձեր
դատողութեան
եւ
զգայնութեան
պարունակները։
Մեր
ժամերը
դուրսէն
պարզ,
մարդամօտ,
անուշիկ։
Ներսէն՝
լուրջ,
տրտում,
տա՛ք:
Մտէք
զանազան
մշակոյթներու
սրբավայրերը,
պարզ
ու
անյաւակնոտ
հոգիով։
Ասոնց
ոչ
մէկէն
դուք
պիտի
առնէք
մարմարի
ծնունդ
սա
գոլը,
հոգեկան
մարմաջը,
որ,
հնօրեայ
մատուռն
իսկ
գողտրիկ
վառարանի
մը
նման
կը
մատուցանեն
ձեր
ամենէն
նուրբ
զգայարանքներուն
ընկալչութեան։
Մի
ըսէք
թէ
գրական
տպաւորապաշտութիւն
է
ըրածս։
Թէ
առնուազն
վարկածային
անվստահութեան
կը
դիմենք
երբ
անձնական,
մասնակի,
բացառիկ
մեր
ապրումները
ցեղային
ծորումներու
իբր
յայտարար
կ՚առաջարկենք։
Բայց
այդ
վերապահութիւնը
բանաձեւելէ
առաջ,
պարզութեամբ,
առանց
յետին
միտքի,
բարի
եղէք
այցելութիւններ
տալ
ուրիշ
հոգեղէն
դրութեանց
պատկանող
նմանօրինակ
կառոյցներու:
Եգիպտոսի
մէջ
ղպտի
վանք
մը,
իր
տաճարային
մասերովը,
պաղեստինեան
մեծագոյն
սրբավայր
մը,
Բարիզ՝
շքեղ
քաթետրալ
մը,
Սիւնեաց
աշխարհին
մէջ՝
վիմափոր
տաճար
մը,
Թաճմահալը՝
հեռու
Հնդկաստան,
միայն
ոճի
տարբերացումներ
պիտի
չթելադրեք
ձեր
մտքին,
այլ
ապրումներու
ինքնաuարաս
գրութիւններ։
Ու
այն
ատեն
միայն
պիտի
զանազանէք
թէ
ո՜ւր
է
վառարանը
ձեր
հոգեղէն
դրութեան։
Անշուշտ,
այս
նրբին,
խուսափուկ,
զգայութիւններուն
երանգները,
ծիրը,
տեսակարար
իսկութիւնը
առանձնանալի
ծորումներ
չեն,
ու
կրնան
ծնունդ
տալ
եղջերուաքաղային
տեսութեանց
թնճուկին,
իմաստասիրական
ինչպէս
գեղագիտական։
Չկայ
անշուշտ
թուրք
քար
մը.
բայց
կայ
թուրք
մշակոյթը
որ
այդ
քարերուն
վրայ
թուրք
հոգիի
հեղումով
է
գոյացած։
Ո՞ւր
կը
զատուին
իրարմէ
երկու
տարբեր
դրութեան
պատկանող
կառոյցներէ
ձեր
զգայութիւնները…:
Այս
վերջ
լուծումը
կը
բանայ
հաւանական
զեղումներուն
ինչպէս
շեղումներուն
ճամբան:
Ջերմութիւնը
այսպէսով
մեր
ռոմանթիզմին
մէկ
կողմնակի
յատկանիշը
չի
կազմեր,
այլ
կը
բարձրանայ
ցեղային
թաքուն
ծորումներու
թէեւ
խնդրական
բայց
անմերժելի
փաստին։
Դ)
—
խանդը
որ
մեր
Աւագ
Ռոմանթիքներուն
գործը
լեցնող
ու
անվրէպ
տպաւորող
ներքին
ծորում
մըն
է
դարձեալ,
մօտիկը՝
ցեղային
ջերմութեան
հայց
առաւելապէս
զգացական
դրութիւնը
զսպանակող։
Մի
շփոթէք
զայն
հռետորութեան
հետ։
Կը
զգուշանամ
խոշոր
վարկածներուն
փառքէն
ու
փաստէն։
Նոյն
քերթուածը
գաղիացիի
մը
ու
անգլիացիի
մը
բերնէն
մեզի
կը
բերեն
գրեթէ
հակադիր
զգայութիւններ։
Տաքութիւնը
հողին
ծոցը
չի
սուզուիր,
ինչպէս
ցուրտը
հողին
երեսը
չի
քալեր։
Անոնք
կ՚անցնին
մեր
բառերուն,
ու
անոնցմէ
առաջ
մեր
հոգիներուն։
Մեր
գրականութեան
մէջ
կարգի,
խելքի,
ճաշակի
հարցերուն
տարտամութիւնը
հակապատկեր
մը
կը
կազմէ
յորդութեան,
զեղման,
կիրքի,
գրոհի
զգայութեանց
շատ
յստակ
թելադրանքներուն:
Մեր
հին
գրականութիւնը
դրէք
այս
դիտողութեանց
ծիրին։
Մեր
ռոմանթիզմը
շրջան
մըն
է
ստեղծումի
ուր
խանդը
տիրական
է
միւս
բոլոր
ծորումներէն։
Մեր
Իրապաշտները
հակազդեցութեան
զգացում
մը
չեն
արժեւորեր
երբ
կ՚ուրանան
մեր
բանաստեղծութեան
շնորհները։
Անոնք
կը
հպատակին,
թերեւս
առանց
ալ
գիտնալու,
միւս
պէտքին
որ
արուեստը
կը
յարդարէ
գահաւորակ
իմացականութեան։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
քննադատը
երբ
փորձէ
թողուլ
իրողութեանց
դաշտը
եւ
զառածիլ
տեսական
կարելիութեանց
արձակութիւնները
դէպի,
կ՚ըսէ
խնդրական
թէ
եւ
ոչ
անկարելի
բաներ։
Եղջերուաքա՞ղ`
այս
ամէնը։
Գրեթէ,
երբ
ուզենք
տեսնել
Թէրզեանի
մը,
Նար–Պէյի
մը,
Եղիշէի
մը
մէջ։
Բայց
Պետրոս
Դուրեան
մը
մեզ
կը
պաշտպանէ
մեր
շեղումներուն
ալ
մէջը:
Ուզենք
չուզենք,
պարտաւոր
ենք
բացատրել
մեր
գոյութեան
միթը։
Հարիւր
տարի
առաջ
անիկա
անունն
ունէր
մեր
կրօնքին
որով
զրահաւոր
անցանք
դարերը
մեր
գիտութեան
հասնելու
համար
հոս,
ժամանակներու
սեմին
ուր
այդ
միթը
կերպարանքն
է
առած
գրական
մեր
հպարտութեանց։
Զեղչեցէք
անհեթեթին
բաժինը
այդ
փառասիրանքներէն,
աշխարհը
մեր
արուեստով
ողողած
ըլլալու
աւելորդ
յաւակնութիւնները։
Դրէք
այս
ժողովուրդը
խորը
իր
հողին,
հոգեղէն
դրութիւններուն,
ամուր
ու
ինքնահաճ,
իր
հոգեկան
դրութեան
հաւատարիմ:
Ու
յետոյ
կշռեցէք
բազմադարեան
անոր
արտայայտութիւնները։
Մանաւանդ
ձեր
վերլուծումը
մի
մասնաւորէք
ձեր
մօտիկ,
գրեթէ
անմիջական
անցեալով
—
ի՞նչ
է
ի
վերջոյ
հասակը
արեւմտահայ
գրականութեան
բաղդատուած
հայ
գրականութեան
հասակին
—
ու
տարածեցէք
զայն
համայնական
լինելութեան
մարդոց
խումբի
մը
որ
երկրամաս
մըն
էր
բռներ,
դեռ
պատմութեան
պատկանելէն
առաջ…:
Հէքիաթ
է
ու
երազ՝
Հայոց
պատմութիւնը,
նոյնիսկ
գիրերէն
վերջը:
Բայց
հոն
է
դարձեալ
այս
ժողովուրդը։
Ու
անցէք
մեր
դարերէն,
միշտ
առանց
յաւակնութեան։
Մի
կենաք
անգոյ
փառքերու
մոխիրները
խառնելու,
ինչպէս
իրաւ
ծաղիկներն
ալ
արհամարհելու,
այդ
հողերու
երեսին։
Մանաւանդ
իրաւ
զգացէք
ձեր
ժողովուրդը։
Հաւանական
է
որ
տառապիք
խորունկ
հակասութեանց
ճնշումին
տակ
ու
անդարմանելի
անբաւարարութեանց,
պակասներուն
փաստին
դիմաց:
Բայց
մի
վերածէք
ատիկա
դրութեան
ուր
հալէին
ձեր
արժանիքները:
Կրնայ
ըլլալ
որ
չհասկնաք
իր
երաժշտութիւնը,
իրաւ
բխում
սակայն,
որ
սիրտ
առնող,
տարօրէն
պայծառ
գլգլանք
մըն
է,
փաթաթող
ու
զովարար,
կրակին
մէջէն
իսկ
ստեղծելով
ներքին
յագեցումը,
ու
այնքան
քիչ
յիշեցնող
կշռոյթը
մեր
հողերուն,
մեր
լեռներուն,
կտոր
կտոր
բզկտուած,
բնականէն
յարդարուն
դէպի
բազմամակարդակ
արտայայտութիւն
բայց
մնալով
միամակարդակ
յօրինուածք
մը։
Ինչո՞ւ:
Չենք
կրնար
ճիշդ
պատասխաններ
գտնել։
Կրնայ
ըլլալ
որ
չհասկնաք
իր
մատենագրութիւնը
(գրականութեան
հին
ու
սխալ
անունն
է
ասիկա),
ուր
փայլն
ու
մերկութիւնը,
առատութիւնն
ու
ժլատութիւնը,
զուսպն
ու
քնքուշը
իրարու
հետ
կը
մրցին
ու
կը
պատմեն
դժուար
կեանքը
դժուար
ժողովուրդի
մը։
Կրնայ
ըլլալ
որ
չհասկնաք
իր
հոգին,
շտեմարան՝
այնքան
անուշ
ու
սեւ
բաներու:
Բայց
այդ
հակասութեանց
գումարն
իսկ
պիտի
բարերարէք
ի
հաշիւ
հասկացողութեան
մը
որ
ձեր
պատմութիւնն
է,
իր
նմանը
չունեցող,
—
հանդէսը
ահաւոր,
կործանարար
հակասութիւններուն
ու
նոյնքան
սրտառուչ,
վճռական
ելոյթներու:
Մտադրած
էի
մեր
ռոմանթիզմը
բաղդատութեան
չկանչել
օտարներու
մօտ
այնքան
խորունկ
հետեւանքներու
հանող
գրական
համանուն
շարժումին
հետ։
Կ՚ընդունիմ
սակայն
որ
անիկա
որոշ
մասերու
մէջ,
գայ
օտարներէն։
Բայց
ըսի
թէ
մեզի
համար
անիկա
գրական
դպրոց
մը
չէր
եղած։
Չեմ
դառնար
ետ,
կրկին
հանգիտութիւններ
արժեւորելու:
Կուտամ
քանի
մը
էջ,
շարժումին
օտար
նկարագիրներէն
ամենէն
կարկառուններէն
ու
ասոնց
մեր
մէջ
զգեցած
կերպարանքին։
Ա)
—
Եւրոպական
ռոմանթիզմը
տիեզերական
սարսուռին
(Գաղիացիք
կ՚ըսեն
բնազանցական
սարսուռ)
ծաւալումն
է
արուեստէն
ներս։
ԺԷ.
դարուն
գրելը
մտածել
է,
տրամաբանել,
կազմակերպել
խօսքը:
ԺԹ.
դարուն
գրելը
ապրիլ
է,
այս
բառին
ետին
դնելով
առաւելեալ
աստիճանով
մը
զգայութիւններուն
հանդէսը։
Մարդ
կենդանիին
նոյնքան
սխրական
տագնապները
որոնք
մինչեւ
երկինք
ու
մինչեւ
դժոխք
կ՚երկարեն
իրենց
պողոտաները:
Տակաւին,
միշտ
այդ
դարուն,
գրելը՝
իր
ընդերկրեայ
դժոխքը
ոսկեզօծել,
ու
այդ
արարքը
իր
կարգին
բարձրացնել
արուեստի
դասական
դերին:
Ու
երգե՜լ
մահն
ու
անմահութիւնը,
կիրքն
ու
երազանքը։
Պատկերներու
վստահիլ
մեր
ճակատագրին
առեղծուածը
(հազիւ
մտածելով
լուծումին)։
Ու
բոլոր
գոյները։
Ու
բոլոր
ձայները։
Ու
բոլոր
թռիչքները։
Ասիկա
արուեստէն
ուզելն
էր
գրեթէ
անկարելին։
Ահա
թե
ինչու
օտար
մեծ
ռոմանթիքները
մեզ
յուզեցին
բայց
պաղեցան
այնքան
արագ:
Մեր
մօտ
պարագան
ունի
մեր
ճակատագրին
յատուկ
ալ
կողմերը։
Նուագներուն
մէջ
անշուշտ
կայ
երկինք
մը,
բայց
բաւական
տարբեր
անկէ
որ
կը
պառկի
պարզ
մարդոց
հոգիներէն
ներս։
Մեր
իմաստութի՞ւնը։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
աշխարհը
ընդունելու
մեր
առհաւական
տրամադրութիւնը։-
Մեր
ռոմանթիզմը
մեզի
ներկայ
մը
չառաջարկեց,
այնքան
մեր
անցեալին
պաշտամունքը
մեզ
կ՚ընկլուզէր
իր
առքին
մէջ։
Գիտէք
դուք
քանի
մը
երեսները
ուր
մեր
ժողովուրդին
քանի
մը
հիմնական
նկարագիրները
կը
պարզուին
մեր
գրողներուն
աշխարհէն
ներս։
Հայրենապաշտութիւնը
մէկն
է
անոնցմէ։
Երկնաբաղձութիւնը
մէկ
ուրիշը։
Մելամաղձոտ
երազանքը՝
ուրիշ
երանգ
մը։
Ցաւին
հանդեպ
արիութիւն
մը
դարձեալ
կրնամ
յիշել:
Բայց
մեզի
չեկան,
օրինակի
համար
ոչ
Լամառթին
մը
(Դաշնակները,
Մտածութիւնները),
ոչ
Հիւկօ
(Հայեցողութիւն,
Արեւելեանք)
ոչ
ալ
մանաւանդ
Ալֆրէտ
տը
Վինիի
(Ճակատագիրները):
Բոլոր
այս
գիրքերուն
ետին
ռոմանթիզմը
ծանր
լրջութիւններ,
բուռն
տագնապներ
է
հետապնդած:
Տխրունի՞ն,
Տէրունի՞ն։
Կը
ղրկեմ
ձեզ
այդ
գիրքերուն
որպէսզի
գիտակցիք
մեր
բացարձակ
վրիպանքին։
Ալիշան,
Շաթոպրիանի
գերեզմանին
առջեւ
կը
մօտենայ
տագնապին
ու…
սաղմոս
քաղելով
կը
քաշուի
իր
պարտքերուն:
Պէշիկթաշլեան
կեանքին
ու
մահուան
դաշնաւորումը
կ՚երազէ
բայց
կեանքէն
վերջը
մարդկօրէն,
Վոսբորի
ակունքներուն
վրայ
նորէն
ապրելուն
միամտութիւնը
միայն
ունի
մեզ
առաջարկելու
երբ
կը
ձգէ
իր
«կոյսը»
(գերեզմանը)
ու
կուգայ
պարտէզներու
մէջ
իր
սիրուհին
ուրիշներու
հետ
գտնելու։
Դուրեան
կը
փորձէ
իր
նամակներուն
մէջ
ապրիլ
մահէն
անդին
(իր
քերթուածներէն
ոմանք
ալ
նոյն
մտայնութիւնը
կը
թելադրեն
ինչպէս
(Իմ
Մահը,
Յուշքը)
բայց
կը
մնայ
ասդին։
Բ)
—
Մեք
ռոմանթիզմը
չէ
տառապած
գոյնի,
ձայնի,
փոխաբերութեան,
թելադրականութեան
մեծ
կիրքերով։
Գրաբարեան
տաղաչափութիւնը
լեզուական
փորձարկութիւն
մը
ինչպէս՝
տիրած
է
մեր
հրապարակին։
1870ին
Դուրեանին
տաղերը
հասարակաց
շատ
թեթեւ
բարեխառնութեան
մը
անդրադարձը
կը
մատնեն,
որոնք
մեղքը
կը
կազմեն
հանճարեղ
պատանիին։
Պէշիկթաշլեան
ԺԸ.
դարէն
յապաղած
եղերերգակ
մըն
է:
Մեր
ոտանաւորին
վրայ
մեր
հաստատած
նորոգումը
գործն
է
առաւելապէս
Պ.
Դուրեանին
որ
այդ
արդիւնքին
համար
հանգանակի
մը
չսպասարկեց։
Մեր
ռոմանթիք
ոտանաւորը
դուք
պարտաւոր
էք
ընդունիլ
Ալիշանին,
Պէշիկթաշլեանին
coupeերուն
մէջ։
Կրտսեր
Ռոմանթիքները
արդէն
շարժումէն
անուն
միայն
առած
են։
Ու
խորհիլ
թէ
օտար
ռոմանթիզմին
մէջ
ոտանաւորի
կշռոյթին,
Coupeին
նորոգումը
առաջին
գիծի
մտադրութիւն
մը
կը
կազմէր։
Գ)
—
Հոս
կը
թելադրեմ
ինչ
որ
օտար
ռոմանթիզմին
համապարփակ
մէկ
որակումը
իբրեւ,
անցած
է
գրականութեանց
պատմութեան,
—
դարուն
հիւանդութիւնը,
ցաւը,
գաղիացիներէն
le
mal
du
Siecle
անուանուած։
Դրէք
դասականութեան
մաշած
փառասիրութիւնները
եւ
իրենց
մոխիրը,
ֆրանսական
յեղափոխութեան
առթած
ծանր
սպառումը,
նոր
ուրուացող
ընկերային
տագնապներուն
սպառնալիքը,
արթնցող
ազգայնականութեանց
կիրքը
(որոնցմէ
մէկն
է
մեր
Զարթօնքը)
ու
այս
ամենուն
ստեղծած
ներզգայութիւնը
հոգիին
ինչպէս
մտքին
վրայ:
Եւրոպական
ռոմանթիզմը
այս
յոգնութիւնը
կարծեց
դիմաւորել
անցեալին
մէջ
ապաստան
որոնելով։
Մեզի
համար
գիտէք
թէ
ինչ
կը
նշանակէր
այդ
անցելասոյզ
փախուստը։
Մենք
գրական
յոգնութիւն
մը
չունէինք
որմէ
ազատելու
համար
դիմէինք
արուեստին։
Դարուն
ցաւը
մեր
մէջ,
շատ
ուշ,
Իրապաշտներու
օրերուն,
պիտի
առնէ
գրական
նկարագիր
մը
բայց
բոլորովին
տարբեր
ազդակներու
ծնունդ։
Այդ
ցաւը
Թուրքին
ցաւն
է,
զոր
երեք
չորս
դար
ճակատագիր
մը
իբրեւ
արժեւորեցինք
եւ
որ,
իր
այդ
հանգամանքէն
պիտի
ելլէր
դուրս,
դառնալու
համար
հզօրագոյն
տռաման
մեր
պատմութեան։
Անկախութեան
երազը
այդ
ցաւը
շղարշող
պատրանք
մըն
էր։
1865էն
ասդին
մեր
երկինքը
մթնցաւ,
այս
բառին
տուէք
իր
բոլոր
հոծութիւնը:
Իմ
մանկութեան,
մեր
արեւը
սե՜ւ
էր,
երբ
կ՚իյնար
մեր
հողերուն
ուր
արգիլուած
էր
քեզի
աչք
նետել։
Ազգայնականութիւնը
—
Մխիթարեան,
պատմական,
անցելապաշտ
—
կը
վերածուէր
մեծատարած
կորանքի
մը:
Թուրքը
մեր
մարմիններէն,
ստացուածքներէն
իջեր
էր
մեր
հոգիին։
1880ին,
մեր
երիտասարդ
մտաւորականները
իբրեւ
հակազդեցութիւն
չէ
որ
կ՚երգեն
ամենէն
տղայական
ապրումները
(զուր
տեղը
չէ
որ
բանաստեղծութեան
զգայարանքէ
մը
բոլորովին
զուրկ
ծնած
յանգահան
մը
մեր
բանաստեղծութեան
ամենէն
տիրական
անունը
կը
դառնայ։
Թէրզեան
կը
հեշտանայ
իմացական
Պոլսի
մը
եւ
երազայնացած
Վենետիկի
մը
անվնաս
նիւթերուն
ետին
դառնալով
ու
դարձնելով
իր
տաղաչափական
մեքենան։
Ու
Եղիա
մը
քանի
մը
պատկեր
չափով
կառավարելու
իր
գիտութիւնը
կը
վերածէ
գրականութեան,
այսինքն
սերունդին
ամենէն
խոր
տագնապին),
ու
կը
պարզեն
շուարուն,
աննպատակ
սերունդի
մը
(Դէպի
Իրապաշտները)
մռայլ
հանդէսը
որուն
արգիլուած
ըլլար
իր
տիրական
պարտքը,
իր
ժողովուրդին
սպասը։
Ահա
թե
ինչու
այնքան
խեղճ
են
մեր
քերթողները
զորս
ես
կ՚անուանեմ
Կրտսեր
Ռոմանթիքներ,
այնքան
անբաւական`
մեր
վիպողները,
այնքան
անկնիք`
մեր
մտածողութիւնը
որուն
ղեկը
անցած
է
մեր
լրագրողներուն։
Գրաքննութիւնը
մեր
գրականութեան
համար
հզօր
տագնապ
մըն
է:
Ու
«Դեպի
Իրապաշտները»
տառապանքը
կ՚ապրին
1870ը
մոռնալ
չկրնալու,
ինչպէս
չհաշտուելու
1890ը
կերպարանող
գրական
ըմբռնողութեան
հետ
եւ
Թուրքին
ցաւը
պիտի
չմնալ
մեր
իմացական
ընտրանիին
շրջանակին։
Անիկա
պիտի
փոխուէր
առելի
ահաւոր
իրականութեան,
ստեղծելով
ժողովուրդ
մը,
որուն
անճիտումը
իբրեւ
օրակարգ
իջեր
էր
ալ
ամենէն
խոնարհ
ուղեղներուն
ալ
հասողութեան։
Մեր
ռոմանթիզմը
այսպէս
կ՚ընկղմէր
ամենէն
սեւ
հոսանքին
մէջը
մեր
պատմութեան։
*
*
*
Երկու
սերունդի
վաստակը
ես
ստիպուած
եմ
տեսնել
մեր
ռոմանթիզմին
պայծառ
կամ
աղօտ
ստուերին
մէջէն։
Հեղինակներու
իւրաքանչիւրին
հետ
մեր
ռոմանթիզմը
պիտի
պարզ
է
մասնակի
երանգներ,
երեսներ։
Կը
ղրկեմ
ուրեմն
ընթերցողը,
աւելիին
համար,
այդ
հեղինակներու
վերլուծումին։
Ու
կուտամ
արագ
ամենէն
յատկանշական
նուաճումները
այդ
շարժումին։
Ունինք
Ա)
—
մէկէ
աւելի
դիւաններ
բանաստեղծ
խառնուածքներէ։
Ասոնք
գրական
գիրքեր
կոչելը՝
անբաւական։
Այդ
տաղարաններուն
մէջ
կեցածները
դուք
կը
տեսնէք
երբ
մտնէք
անոնց
նուիրուած
բաժիններէն
ներս։
Անոնք
հայ
հոգիին,
հայ
միտքին,
հայ
խորհուրդին
վրայ
թանկագին,
մինչեւ
իսկ
անփոխարինելի
յիշատակարաններ
են,
մշտակենդան
ու
պահող
իրենց
հրապոյրը,
սերունդի
մը
հասակէն
շատ
աւելի
անդին։
Դուրեանին
տաղարանը
ազգային
մատեան
մըն
է
(դուք
շատ
մի
տնտնաք
1925ի
արեւելահայ
ելոյթին
վրայ
այդ
պատանիին
գործին
դէմ։
Աւելի
վերջը
աւելի
հանդարտ
մարդեր
աւելի
իմաստուն,
իրաւ
խօսքեր
ունեցան
Արեւմտահայ
Բանաստեղծութիւններ
հատորին
յառաջաբանին
մէջ),
որ
անցած
է
փորձէն
գրեթէ
երեք
սերունդի։
Պէշիկթաշլեանէն
մեզի
եկած
են
անմոռանալի
ինչպէս
անթառամ
քերթուածներ։
Յետոյ,
հակառակ
լայն,
կործանարար
զեղծումներու,
մինչեւ
Չօպանեան
(1885),
մեր
բանաստեղծութիւնը
իրագործած
է
քանի
մը
իրաւ
յաջողուածքներ:
Երկու
հարիւր
տարի
վերջը
Պէրպէրեանին
Լուսինը
պիտի
չգտնէ
անշուշտ
իր
չունեցած
արժէքը,
բայց
պիտի
պատմէ
շրջանէ
մը
այնքան
բան
որ
քան
Յովհաննես
Սարկաւագի
(ԺԲ.
դար)
Սուրբեր:
Բ)
—
Քանի
մը
ծանր,
խորունկ
զգացումներ
է
դարձեալ
անփոխարինելի
վկայութիւններ։
Որքան
ալ
ձախողանք
իբրեւ
բանաստեղծութիւն՝
Հայրունին,
ասիկա
շտեմարան
մըն
է
համապարփակ
ապրումներում:
Մեր
ռոմանթիզմը
չէր
ստեղծած
անշուշտ
հայրենապաշտութիւնը։
Բայց
Ալիշանի
գործը
անով
տաքցած,
անով
կանգուն
ու
անով
պատկառելի
կառոյց
մըն
է,
ինչպէս
նոյն
ատեն
ամբողջ
սերունդի
մը
հոգեղէն
հիւսքը
այդ
զգացումով
տաքցած։
Զատեցէք
Պ.
Դուրեանէն,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանէն
քսան
երեսուն
սիրային
քերթուածներ
ու
ըսէք
ինձի
թէ
այդ
ոտանաւորներով
նուաճուած
տռաման
ի՜նչ
է
կորսնցուցած
մինչեւ
այս
տողերը
գրուած
պահը։
Մեր
լեզուն
այդ
քերթուածները
պիտի
տանի
մշտադալար
փառքերու
պէս
դարուց
ի
դարս։
Մեր
բանաստեղծութիւնը,
այդ
սիրալի
սկիզբով
պիտի
պաշտպանուի:
Եթէ
ուզէք
չարաչար
վարուիլ
Կրտսեր
Ռոմանթիքներու
քերթողութեան
հետ
ու
փաթթէք
մատի
անբանաստեղծ
մեր
Իրապաշտներուն
վրիպանքը,
չէք
կրնար
ձեր
հիացումը
սակարկել
Արուեստագէտ
Սերունդի
շքեղ
իրագործումներուն։
Մի
զառածիք
արտաքին
փաստերու
իմաստութենէն
ու
մի
հաւարի
տաք
Դուրեանէն
վերջ
Աճէմեանի
միջակութեան
մեծատարած
փառքը։
Առանց
Դուրեանին
չէիք
ունենար
Վարուժանն
ու
Մեծարենցը։
Գ)
—
Սկսած
է
մեր
գրականութիւնը
բայց
չէ
շրջագծած
անոր
կարելիութիւնները։
Կեդրոններու
(ուր
մշակուած
է
ան)
զանազանութիւնը,
հակամարտ
ձգտումները,
հայրենի
հողէն
միշտ
հեռի
մնացած
ըլլալու
դժբախտութիւնը
արգելքներ
են
որպէսզի
անիկա
դառնար
մեծատարած
շարժում
մը
ուր
լման
ցեղ
մը
ներուէր
մեզ
ճանչնալ:
Ասիկա
գրեթէ
ճակատագիրն
է
բոլոր
սկսող
գրականութիւններուն:
Մի
շփոթէք
մեծ,
իրաւ
դարագլուխ
կազմող
գիրքը,
նոյնիսկ
գիրքերը՝
գրականութեան
հետ։
Վէրք
Հայաստանին
լեզու
մը,
գրականութիւն
մը
սկսաւ,
բայց
այդ
գրականութեան
շրջափոխման
վրայ
եղաւ
անազդեցիկ։
Նոյնն
է
պարագան
Յուշիկներուն։
Վենետիկը
եւ
Վանը,
Բարիզն
ու
Խարբերդը
իրարմէ
բաժնուած
են
ոչ
միայն
աշխարհներով
այլ
մանաւանդ
մշակոյթներով։
Պոլիսը
միջին
քաղաք՝
որ
շատ
դիւրաւ
կրնայ
փոխարինուիլ
միջակ
քաղաքով։
Բայց
ստիպուած
ենք
այդ
աշխարհագրական
դիրքն
ալ
առնել
նկատի:
Այդ
քաղաքը
մանրանկար,
տարագիր
հայրենիքն
էր
մեր
ժողովուրդին։
Համապատկերին
Ա.
հատորը
տուած
է
բաւարար
էջեր
անոր
դերէն:
Հոս
իբր
ռոմանթիզմի
տնկարան
այդ
դերը
չեմ
աճեցներ։
Ազգայնական
կատաղի
ռոմանթիզմը
Գամառ-Քաթիպային
հեռու
էր
«Վոսփորայ
չքնաղ
ափունք»էն։
Դ)
—
Կտակած
է
մեր
ազգային
հարստության
թանգարանին,
ըսի
վերը,
անփոխարինել
քերթուածներ։
Այսինքն՝
փաստած
կատարեալ,
անկորուստ
քերթուածներու
ստեղծումին
համար
մեր
ընդունակութիւնը,
զի
կան
անբանաստեղծ
ժողովուրդներ,
այլապէս
ստեղծագործ
(խորհեցէք
լատիններուն,
Չինացիներուն),
ինչպէս
կան
բանաստեղծ
ժողովուրդներ,
այլապէս
անյարիր
ու
անամբողջ։
Զեղծանումնե՞րը։
—
Անխուսափելի,
ինչպէս
պայմանն
է
արդէն
կեանքին։
Ա)
—
Ինքն
իր
մէջ
չափէ
զանցում
(օտարները
ունիմ
նկատի),
Մեր
Մօտ
ռոմանթիզմը
չարաղ
է
տ
ազդեցութիւն
մըն
է
ունեցած
մեր
թատերական
գրականութեան
վրայ:
Անշուշտ
Արշակ
Երկրորդ,
Սանդուխտ
կոյս,
Շուշանն
Շաւարշանայ
(Սրուանձտեանցի
տռաման)
իրենց
կորանքը
միայն
ռոմանթիզմին
չեն
պարտական,
բայց
հարիւր
տարի
վերջը
Պէշիկթաշլեանի,
Թէրզեանի
օրերէն,
այդ
խաղերը
երբ
մշակուին
մեր
բեմերուն
համար,
ամենէն
առաջ
ստիպուած
պիտի
ըլլան
ազատագրուելու
իրենց
մեծագոյն
մեղքէն,
ռոմանտիզմէն
որ
հոս
կը
նշանակէ
բառերով
կշտացնելու
ախորժակ
մը։
1870ին
մարդիկ
ափ
ի
բերան
պիտի
ունկնդրեն
Թովմաս
Թէրզեանի
հռետորեալ
խօսակցութիւնը,
ինչպէս
1830ին
Բարիզ
արիւն
էր
թափած
Հիւկոյի
ոտանաւորը
լսելու
համար
(Հէրնանին
առթիւ
իրարու
գլուխ
պատռած
են
հանդիսականները),
բայց
1950ին
պիտի
գորովին
թատերագրի
մը
գործին
վրայ
ուր
պարման
աղջիկ
մը
իր
գլուխը
կը
յօժարի
յանձնել
դահիճքն,
հօրը
հրամանով,
իր
հոգին,
հոս՝
իր
անկախութիւնը
անվթար
պահելու
գերագոյն
ցանկութեան
մը
մէջ։
Թատերական
թեմաները
յաւիտենական
են։
Ռոմանթիք
թատրոնին
վրիպանքը
այդ
յաւիտենականութիւնը
(նիւթին)
պզտիկցնելը,
մասնաւորե՜լը։
Չէր
կազմուած
մեր
ճաշակը
1870ին։
Չունէինք
հասարակութիւնը։
Չունէինք
դերասանը:
Ու
չունէինք
նոյնիսկ
շէնքը։
1950ին
դարձեալ
կը
պակսին
ասոնք
մեզի։
Բ)
—
Մեր
ռոմանթիզմը
մեր
բանաստեղծութեան
վրայ
գործադրած
է
նոյն
քան
չարաղէտ
ազդեցութիւն,
որքան
մեր
թատրոնին
վրայ:
Բառը
եւ
իր
հմայքը,
քերականութիւնը
եւ
իր
փառքը,
տաղաչափութիւնը
եւ
իր
համբաւը
—
ահա
գլխաւոր
կերպարանքներ,
որոնց
տակ
ստեղծագործ
ուժը
ինքզինքը
սպառած
է,
մեր
գրականութեան
մէջ
շեղջակոյտը
յօրինելով
անպէտ
որքան
սուտ
դիւաններու։
Զեղծանե՞լ:
-
Գրեթէ
ամէն
միջոցներով։
Ոչինչ
գիտէինք
մեր
պատմութենէն։
Ու
անկէ
մեզի
մատուցուած
ամէն
դրուագ
ընդունակ
էր
մեզ
շլացնելու
երբ
հեղինակը
յաջող
էր
դրուագը
հագուեցնել
բառերուն
պատմուճանովը։
Տեսանք
թատրոնը։
Ու
հասարակաց
զգացումները
—
որոնք
այնքան
մօտիկն
են
հասարակ
տեղիքին
եւ
զայն
կ՚ըլլան
այնքան
դիւրաւ
ու
բնականութեամբ
—
մեր
Ռոմանթիքները
չարաշահօրէն
օգտագործեցին,
միշտ
բառերու
ապաւինած,
այնքան
որ
քերականութիւն
մը,
լեզու
մը,
մատներու
վրայ
վանկ
չափելու
փորձառութիւն
մը
ու
յանգ
հանելու
(մեր
մէջն
է
որ
յանգերու
բառարանի
սրբապղծութիւնը
կը
փառաբանուի)
մարզանք
մը
նա
պիտի
դառնան
բանաստեղծական
զգայարանքէ
արմատապէս
զուրկ
մարդեր
մեզի
պարտադրելու
իբրեւ
քերթող։
Աւելին։
Զգացումները
նորաստեղծ
բաներ
չեն
անշուշտ։
Կու
լայինք
Աքիլլէսի
դարուն
ու
կուլանք
այսօր
ալ:
Բայց
չենք
նկատեր
որ
լալը
կը
սորվինք
միշտ
մենք
մեր
հաշւոյն,
որ
ստեղծումն
է
ինքնին։
Տաղաչափութիւնը
(այս
բառը
կը
համադրէ
լեզու,
բառ,
քերականութիւն
եւ
poétique
մը,
որ
եկւոր
է,
ստացականը,
կը
դառնայ
տան
տէրը,
ընդոծինը։
Այս
մտայնութիւնն
է
որ
գրողները
պիտի
մղէ
լեզուական
նրբախոցող
յօրինումներու
ու
պիտի
գրուին
Նուագքները
որպէսզի
փաստուի
Ալիշանի
շքեղ
գիտութիւնը
մեր
լեզուին.
Թէրզեանի
Դիւանը՝
որպէսզի
վկայուի
այս
երիտասարդին
լայն
հմտութիւնը
դասական
մեր
բարբառէն։
Հոս
կրնաք
յիշել
հեշտանքները
գրաբարին,
խառնուրդ
բարբառին
(որ
մինչեւ
1840ին
հոմանիշ
էր
բարձր
գրականութեան),
յանգականութեան,
սեթեւեթին,
ճչան,
ուռուցիկ,
հռետորեալ
տողին։
Արհեստը
տիրապետած
էր
զգացումին։
Գ)
—
Հոսհոսութիւն,
մեծամտութիւն,
միամտութիւն,
ինքնաբաւ
պատրանք,
երազայնութիւն,
անիրականութիւն,
բառերուն
շկահիւնը,
աղմուկ
ու
պոռչտուկ.
մինակ
բառարաններու
բնակիչներ
չեն,
այլեւ
մեր
ռոմանթիզմին
ամենէն
ընթացիկ
տիտղոսները։
Չեմ
բանար
ատոնք
մէկիկ
մէկիկ:
Բայց
կը
յիշեցնեմ՝
որ
ուրիշ
գրականութեանց
մօտ
ալ
նոյն
կամ
մերձաւոր
բառերը
կը
գործածուին
պիտակելու
համար
Լամառթինի
այն
քերթուածները
որոնց
մէջ
կը
պակսի
իրական
ներշնչումը,
Հիւկոյի
ընդարձակ
բառապալատը,
Պայրընի
փոթորկոտ
կառոյցները։
Հայկական
Ռոմանթի՞զմը
քաղաքական
երանգով
մը:
—
Անիկա
մասնաւորաբար
կը
վերաբերի
ազգային
պատմութեան,
որով
կ՚իյնայ
դուրս
իմ
մտահոգութեանց
ծիրէն։
Յառաջիկայ
հատորը
եւ
Դէպի
Իրապաշտները
հատորին
երեքչորորդը
կը
զբաղին
մեր
գրական
ռոմանթիզմին
բազմաթիւ
կերպարանքներովը:
[1]
Որ,
մանաւանդ
ֆրանսացիներուն
մօտ
(Գուզէնի
դպրոցը,
Հիւկօ,
Լամընէ,
յիշելու
համար
քանի
մը
յատկանշական
վարպետների
գրական
ուրոյն
սեռ
մը
կազմելու
չափ
յաւակնութիւններ
է
սնուցած
եւ
մեր
նորահաստատ
գրականութեան
վրայ
գործադրած
է
առաջին
չարաշուք
ազդեցութիւնը,
զառածելով
մեր
տաղանդները
դէպի
ցնորական
փառասիրութիւններ
եւ
խորհեցէք
Խաս-գեղի
խմբակին,
որմէ
տասնըութամեայ
պատանի
մը,
Մինաս
Չերազ,
դպրոցի
սեղաններէն
կը
վարէ
մեր,
իմացական
կեանքը
եւ
Գրական
փորձերը
գրական
եւ
իմաստասիրական
խառնուրդին
առաջին
նմոյշն
է
մեր
մէջ։
[2]
Եւրոպական
ժողովուրդներու
մօտ
ռոմանթիզմը
ամենէն
աւելի
արգասաբեր
ազդեցութիւններ
երեւան
բերաւ
պատմութեան
բաժինին
վրայ՝
ԺԹ.
դարու
գերագոյն
յաջողուածքը,
գրականութեան
համար,
պատմութեան
վերանորոգումն
է։
Ու
անոր
սկիզբը
կուգայ
ռոմանթիզմէն։
Դէպքերու
շարայարման
կամ
ասոնց
շուրջը
վիճարկու
ընդլայնումներու
աւանդական
կամ
բոլորովին
նոր
եղանակին
վրայ,
որով
կը
գրուէր
պատմութիւնը
մինչեւ
ռոմանթիզմ,
կ՚աւելնան,
նոր
այդ
ոգիին
շնորհիւ,
դարերու
եւ
ցեղերու
գոյնը,
ձայնը,
տեսակարար
հանգամանքը,
մշակոյթներու
սովորական
դրուագումին
կը
յաջորդէ
հետամտութիւնը
հասնելու
անոնց
ներքին,
դարձեալ
տեսակարար
հանգամանքներուն,
երբեմն՝
լայն
չափով
բարքերու
մթերք,
որ
կը
ջանայ
իր
հմտականը
կանչըւորել
ոճով,
փայլով,
կշռոյթով
—
գրելը
պայման
մըն
է
Միշլէին
ինչպէս
Սենթ
-Պէօվին
հանմար,
—
երբեմն
տռամաթիք
վերակազմումի
կեանքին,
այնքան
որ
ստուերի
մէջ
մնաց
իրական
վէպը,
քանի
որ
պատմութիւնը
վէպին
վրայ
իր
առաւելութիւնը
կը
շահի
կեանքէն
ալ
պաշտպանուած
ըլլալու
բարիքով
մը։
Այս
ամենէն,
անմասն
ըսուելու
չափ
նիհար
եղաւ
մերը,
կ՚ընդունիմ:
Դարձեալ,
Եւրոպական
ազգերու
մօտ,
անիկա
ճիգ
մըն
է,
նպաստ
մը՝
—
պատմա-քննական
ախորժակներու
ընդմէջէն
-
տեսնելու
նոր,
ուրիշ
իրողութիւններ,
անըմբռնելի
ու
անկարելի`
մինչեւ
1830։
ԺԹ.
դարու
սկիզբը՝
կասկածիլ
օրինակ
Վոլթէռի
մը,
Պօսիւէի
պատմական
կառոյցներուն
տարողութեան,
անհեթեթ
պիտի
ըլլար։
Յիսուն
տարի
վերջը
նոյնիսկ
որոշ
գնահատանքով
մը
պատուելով
հանդերձ
Շաթոպրիանի
Քրիստոնէութեան
Ոգին
(Le
Génie
du
Christianisme)
—
կէս
դար
կանուխով
գործադրուած
ռոմանթիզն
էր
այդ
գիրքը
—
մա
րդիկ
պարտաւոր
եղան
քրքրել,
պեղել
մանրամասն
քննութեան
բովէն
անցնել
Ֆրանսայի
բոլոր
կարեւոր
ոստաններու
պետական
արխիւները,
գտնելու
համար
իրաւ,
հարազատ
կերպարանքը
այդ
Ֆրանսային
(Միշլէի
գործը)
որ
հիմնովին
կը
հերքէր
ԺԸ.
դարու
աժան
իմաստասէրին
ենթադրական
պատկերացումը,
մանաւանդ
ԺԷ.
դարու
շատ
ուղղափառ
եպիսկոպոսին
երեւակայած
տիեզերական
պատմութեան
առասպելապատումը.
«Խօսք
ի
վէպս
ազգաց»ը,
այսպէս
է
թարգմանուած
Պօսիւէի
ճառը
(Discours
sur
Histoire
Universelle)
մեր
Վենետիկցիներէն,
օգնական
դասագիրք
մըն
է
ֆաթէշիզմին
պատմութիւն
ըլլալու
տեղ։
Մենք
չենք
կասկածած
1850ը,
յղացքին
մէջ
սրբագրումներ
կատարելու
համար։
Հանգամանաւոր
մարդերէն
Ալիշան,
իր
պատմական
կառոյցին
մէջ
(բացի
Յուշիկներէն
եւ
որոշ
մաս
մը
Սիսուանէն)
յայսմաւուրքեան
պատմող
մըն
է։
Մեր
ռոմանթիզմը
զգայականէն
զատ
մեր
պատմութեան
լայննալուն,
իրաւնալուն,
խորանալուն
որ
եւ
է
նպաստ
չէ
բերած։
Չէ
գրուած,
մինչեւ
օրս,
Հայոց
պատմութիւնը
(չեմ
տեսած
Խորհրդային
Հայաստանի
մէջ
լոյս
տեսած
գիրքերը
կարծիք
մը
ունենալու
համար)։
Չամչեանի
գործը
հաւաքում
մըն
է։
Եւ
Վենետիկցիները
արգիլուեցան
սրբագրող
աշխատանքէն
հմայքին
տակը
Ալիշանեան
կառոյցին
որ
աւելի
ծաւալուն,
աւելի
խղճամիտ
Չամչեան
մըն
էր
սակայն։
Վիեննացիները
բանասիրական,
բնագրային,
յուսահատօրէն
վերլուծական,
ստուգաբանական
մտահոգութիւններու,
փառասիրութիւններու
վերածեցին
գերազանցապէս
կեանք
պահանջող
կրթանք
մը։
Չեմ
փոքրեր
մարդերը
որոնք
Գաթըրճեան,
Գարագաշ,
Տաշեան
կը
կոչուին,
իրենց
լայն
հմտութեան
ինչպես
աշխատանքի
հզօր
շնորհներով
մեծապէս
ծառայած
մեր
մշակոյթին,
բայց
որոնց
իմացականութիւնը,
այլապէս
հզօր
ու
ընդարձակ,
չէր
բարեխառնուած
կեանքի
թեկուզ
նիհար
զգայարանքով
մը:
Պատմութեան
մէջ
ռոմանթիզմը
կէսէն
աւելիով,
կ՚ապաստանի
կեանքին։
Երբ,
այդ
կեանքը
նուաճելու
մէջ
դրուին
բաւարար
պարկեշտութիւն,
թափանցումի
ճիգ,
մենք
կ՚ունենանք
Սալամպօն,
մանաւանդ
La
Révolutionը
(Միշլէ)
այսինքն
գիրքեր
որոնք
կեանքին
են
ու
…
աւելին։
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
կուտան
դէպքերը
իբրեւ
յաջորդութիւն,
բայց
կը
յաջողին
թելադրել
մեզի
այդ
դէպքերուն
վրան
ու
յատակը
կազմող
աշխարհը
(հոգեղէն
ինչպէս
նիւթեղէն,
ու
մեզի
կու
տան
մտատեսութիւնը
ոչ
միայն
շիջած
քաղաքներու,
քաղաքակրթութեանց,
այլ
եւ
հաստատ
բարիքը
իր
հմտութեան,
ճշտութեան,
գիտութեան։
Ալ
չեմ
խօսիր
ոճի
հարցին
որ
տիրական
չէ
թէեւ
բայց
ծանր
բարիք
մըն
է
իր
կարգին։
Որե՜ւէ
վէպ
անկարող
է
դիմաւորելու
Միշլէն,
որ
գրել
գիտէ։
Հիմա,
այս
ամփոփ
ցուցմունքներէն
վերջ,
կը
հրաւիրուիք
կարդալ
Յուշիկները,
Սիսուանը,
Սիսականը,
Քննականը
(Գարագաշի
գիրքը)
որպէսզի
համոզուիք
թէ
որքան
հեռի
էք
լուրջէն,
խորքէն,
կենդանիէն,
վերջնականէն։
Ու
կը
հրաւիրուիք,
կարդալ,
նոյն
տրամադրութեամբ
հանգուցեալ
Ադոնցի
փորձերը,
Մամիկոնեանց
եւ
Բագրատունեաց
փառքերը
զգալու
համար
թէ
որքան
սրտառուչ,
իրաւ,
յուզիչ
գեղեցկութիւն
է,
ապրում
է,
Հայութիւն՝
մանաւա՛նդ
Հայոց
պատմութիւնը։
Գրագէտին
բարի՞քը:
Չեմ
կարծեր։
Այդ
գրագէտը
Ադոնցէն
տասն
անգամ
աւելի
գերազանց
ձեւով
մը
եղած
է
Ռաֆֆին
որուն
Սամուէլը
հասարակ
եղջերուաքաղ
մըն
է:
Այդ
գրագէտը
կը
յաւակնի
ըլլալ,
աւելի
համեստ
չափով
բայց
միշտ
Ադոնցէն
վեր
յարգով
մը
Դերենիկ
Տէմիրճեան
որուն
Վարդանանքը
անլրջութիւն
է,
մեր
օրերուն։
Մեր
պատմութիւնը
ուրեմն
պարտաւոր
է
համադրել
գրեթէ
երկու
հակոտնեայ
կրթանքներ։
Ասոնցմէ
մէկը
հմտութիւնն
է,
պատմական
իրաւ
նիւթեղէնին
(materiel)
լիակատար
տիրապետութիւնը:
Ատոնցմէ
երկրորդը
կեանքի
զգայարանքն
է,
որ
գերազանցապէս
գրական
շնորհն
է,
այդ
մեռելներուն
աշխարհը
կենսաւորելու
համար
անհրաժեշտ
է
Ռոմանթիզմը
այս
կրթանքներէն
առաջինին
հանդէպ,
մեր
մէջ,
մնաց
գրեթէ
երկիւղած
պաշտամունքով
մը
կապկըպուած,
Ալիշան
գիտէ
ամբողջ
այդ
նիւթեղէնին
հաշուեկշիռը,
բայց
գիտնալու
հեշտանքին
մէջ
երջանիկ
է
միայն։
Ռաֆֆի
այդ
աշխարհը
կենսաւորելու
համար
բնածին
իր
տաղանդին
կ՚ապաստանի
ու
ձեռք
կը
զարնէ
մեր
Միջին
դարը
վերակազմելու
երբ
իր
նիւթեղէնը
փերեզակային
ըսուելու
չափ
նիհար
էր։
Ադոնց
հաղորդ
է
երկու
կրթանքներուն
միջինին։
Առանց
ըլլալու
մեծ
արուեստագէտ
մը
կը
փառասիրէ
գրականութիւն
ընելը։
Ու
այս
փոքր
փոյթը
բա՛ւ՝
որպէսզի
իր
մթերած
հսկայ
նիւթեղէնը
գործածելու
մէջ
հասնի
թեթեւութեան,
շնորհիւ
որոնց
արուեստագէտ
ճարտարապետը
կը
զատեն
հաստ
բանուորէն:
Մեր
ռոմանթիզմը
անշուշտ
չէ
վնասած
մեր
պատմութեան,
այսինքն
չէ
առաջարկած
մեզի
սխալ
միթեր,
բայց
չէ
ալ
սրբագրած:
Բայց
Սամուէլը,
Թէոդորոս
Ռշտունին,
Գէորգ
Մարզպետունին,
Վարդանանքը
գիրքեր
են
որոնցմով
մեր
պատմութեան
մշուշը
չէ
պատռտած
ոչ
մէկ
կէտէ
մեր
օրերուն.
այսքան
պեղումներէ,
մթերումներէ
վերջ
գրուելու
չէր
Վարդանանքը,
Վիպող
ուժին
վրայ
տկարամիտ
վստահութեամբ
մը,
ամբոխային
ախորժակներու
ենթակայ
հոգիով։
Յուշիկներէն
մինչեւ
Վարդանանք
անցնող
երեք
քառորդ
դարը
մեզի
ոչինչ
է
սորվեցուցած։
Ասիկա
անոր
համար
անշուշտ,
վասնզի
մեր
պատմութիւնը
դեռ
չէ
գրուած։
[3]
Ռոմանթիզմին
սա
վերլուծումը,
ինչպէս
զգալի
է
արդէն
իր
գնացքէն
ու
լայնքէն,
չի
սահմանափակուիր
արեւմտահայ
գրականութեան
մէկ
մասնաւոր
շրջանին
կամ
անոր
մէկ
քանի
տիպարային
դէմքերուն։
Ռոմանթիզմը
ազգային
նկարագիր
է,
մեր
դարերը
լեցնող,
պատմական,
կրօնական,
ստեղծագործական
զանազան
գետիններու
վրայ։
Ու
է
նոյն
ատեն
գրական
դպրոց
մը
մեզի
յատուկ,
որ
թէեւ
անցած
է
գրականութեան
պատմութեան,
—
այսինքն
դադրած
է
իր
իմաստէն
իբր
գրական
ներշնչում,
գործադրութիւն,
քանի
որ
մեր
օրերուն
ոչ
ոք
միտքէ
պիտի
անցնի
վերադարձ
մը
1870ի
հեշտանքներուն
—
բայց
իբր
հոգեխառնութիւն՝
յաւիտենական
է
ու
չի
գերեզմանուիր
պատմութեան
մէջ։
Սփիւռքի
ախորժակներուն,
ճաշակին
մէջէն,
անիկա
կը
թուի
ինքզինքը
լիովին
աւարտած,
սպառած
ու
քարացած,
չըսելու
համար
բիւրեղացած։
Խմբեցէք
մեր
ռոմանթիքները
մէկ
ծածքի
տակ
ու
կարդացէք
ոչ
խիստ
կանոնաւորութեամբ
մը։
Այն
ատեն
պիտի
զգաք
այդ
մարդերը։
Սփիւռքը,
իր
տառապանքը
մեղմելու
ճիգին
մէջ
զայն
դատապարտած
է
ծանրածանր
մեղադրանքներով։
Արեւելահայերը
մինչեւ
1917ը
սրամտութեան
մարզանք
մը
կը
նկատէին
անոր
հասցէին
միամիտ
յարձակումներ
անպակաս
ընելը,
կը
հասկցուի
որ
1917էն
ասդին
այդ
մարզանքը
վերածուի
կոպիտ
ուրացումին։
Գիտէք
Դուրեանը
դատապարտող
խեցեվճիռը։
Բայց
լման
երկու
սերունդ
այդ
զգացումը
իբրեւ
իրաւ
վիճակ
ապրեցան։
Արուեստի
գործերը
անշուշտ
լայն
չափով
ստեղծում
են,
որ
կը
նշանակէ
թէ
շատ
փոքր
չափով
մը
շրջանէն
կուգան։
Բայց
այդ
քիչն
է
որ,
իբրեւ
վկայութիւն,
«կ՚առաւելու»
գործին
բախտին:
Ո՞ւր
են
այն
գործերը,
որոնց
ներսը
մեզի
պիտի
տրուէր
պատեհութիւն
մեր
ազգայնականութեան
մեծ
յատկանիշները
ներելի
յստակութեամբ
գծուած
յայտարարել։
Ապահովաբար
այդ
նկարագիրները
չենք
արտօնուած
արտահանելու
մեր
ռոմանթիք
բանաստեղծութեանց
ամենէն
հռչակաւոր
փառքերուն
ներսը։
Դժուար
է
Պետրոս
Դուրեանի
ռոմանթիզմը
հաշտեցնել
մեր
նկարագիրներուն
բայց
ոչ
անկարելի։
Աւելի
անդին,
Դուրեանի
նուիրուած
էջերուն
մէջ
ներկայ
հատորին,
դուք
կը
գտնէք
փորձը
այդ
տղուն
ցաւն
ու
տաքութիւնը
ընդհանրացնելու,
զանոնք
վերածելու
համար
մեր
զօրաւոր
կողմերուն,
ցաւով
ու
հրապոյրով
խառն
հոգեվիճակին:
Բայց,
ատկէ
առաջ
հանգամանաւոր
գրողն
է
Հ.
Ղ.
Ալիշան
որուն
Հայրունին
պատմութիւն
է
հում,
խակ,
անուեալ
ու
անազդու
ու
քիչ
անգամ
բանաստեղծութիւն։
Գամառ-Քաթիպայով
գլխաւորուած
պոռոտաբանութի՞ւն։—
Շատ
շատ
ժխտական,
պարտքի
կողմէն
յատկանիշներու
յայտնութիւն։
(Այս
մարդը
միայն
-Մայր
Արաքսին
չէ
գրած,
այլեւ…
բանաստեղծութիւնքը
որուն
վրայ
քրմապետական
յաւակնութիւններով
կէս
դար
յապաղեցաւ
արեւելահայ
քերթողական
մտայնութիւնը
մինչեւ
թերեւս
Տէրեանի
արշալոյսը։
Կը
ղրկեմ
ընթերցողը
այդ
շքեղաշուք
փառքին
որպէսզի
տեսնէ
թէ
որքան
քիչ,
գէջ
կը
զգայինք
մեր
հայրենիքը
թէ
Արաքսի
ափերուն,
թէ
Վոսփորի
չքնաղ
խորշերուն
թէ
Ադրիական
դշխոյին,
Վենետիկի
կղզիին
մէջ,
1860ին)։
Պէշիկթաշլեան
բանաստեղծն
էր
դպրոցական
երգերուն
ու
հռետորեալ
ներկայացումներուն
ու
մոռնալու
չենք
որ
այդ
1860ին
մեր
ժողովուրդը
դպրոցական
իսկ
չէր:
Յետո՞յ
Նար-ՊԷ՜յը՝
Թէրզեա՜նը։
Չերազը։
Եղիա՜ն,
Կայծե՞րը։
Սամուէ՞լը։
Դաւիթ
Բէ՞կը։
Գէորգ
Մարզպետունի՞ն։
Ծերենցի
վէպե՞րը։
Մայտա՞ն։
Դուրեանի
ազգային
տաղե՞րը,
թատրերգութիւննե՞րը։
Ազատն
Աստուա՞ծը,
Արիք
Հայկազո՞ւնքը՝
իմ
ախորժակներուն
մէջ
տեղ
չունի
քաշքշուքը։
Հայ
ազգայնականութիւնը
իր
յեղափոխական
կերպարանքէն
անմիջապէս
առաջ
այս
ամէնով
է
զգեստաւոր:
Ու
կ՚ուրուագծուի
իմ
մտքին
դառն
տարակոյսը
«Թէեւ
չունինք
ոչ
թուր,
ոչ
սուր,
ոչ
նիզակ
Մեր
բահերն
էլ
կ՚անեն
նրանց
շանսատակ»
պոռացող
տղան,
իր
տղայութեան
արդար
բաժինին
վրայ
աւելցուցած
կ՚ըլլար
հեղինակին
ալ
տղայութիւնը:
Իրաւ
կ՚ըսէր
այդ
Պատկանեան
բանաստեղծը
թէեւ
սուր…
Թուղթի
վրա՜յ:
Ինչու
չէ։
Երբ
այս
երգերը
կը
պոռացուէին
Սահմանադրական
տարեդարձներուն,
անդին
մեր
հայրենիքին
ոստաններուն
մէջ,
մեր
ժողովուրդը
կը
զգար
այդ
սուրը,
այդ
նիզակը
իր
հոգետունին
խորը
մխրճուած,
անողոք
որքան
սեւ
սառնութեամբ
մը։
Ու
այս
ապրումն
է
որ,
իրաւ
ու
սրբազան
տարազ
է
դարձեալ:
Այդ
ապրումը
բաժնած
է
այս
ժողովուրդը
իր
գրագէտներուն
հետ,
անոնցմէ
առաջ
ու
անոնցմէ
վերջ։
Մեր
երրորդ
սերունդը
—
Արուեստագէտ
Սերունդը
—
անոր
զոհը
պիտի
ըլլար
սարսռազդեցիկ
նահատակութեամբ
մը։
Բայց
այդ
սերունդը
լուսինէն
չինկաւ
մեր
հրապարակը։
Անիկա
ծնունդն
էր
մեր
ժողովուրդին
որ
հոս
գրէթէ
միակտուր
տառապանքը
կը
թելադրէ:
Ու
մտածումներու
նոյն
ճամբով`
դէպի
paroxismeը
այդ
զգացումին,
-
մեր
յեղափոխական
միսթիքին
որ
ըլլալէ
առաջ
այս
օրերու
ծիծաղելի,
հալածեալ
յղացքը,
քաւութեան
նոխազը,
թշուառ
-
որովհետեւ
թուղթն
իջած
է
միսերուն
—
կերպարանքն
է
այդ
երանելի
ազգայնականութեան։
1885ը
բաժանման
կէտ
մըն
է
ոչ
միայն
Հայ
հոգիին
այլ
եւ
հայ
գրականութեան
խորը։
Երգը
ինկած
է
կապանքի.
բայց
անոր
զգացումը
ապաստանած
է
իր
ամենէն
ապահով
ամրոցին
մէջ
որ
սիրտն
էր
այս
ժողովուրդին
ամենէն
իրաւ
զաւկըներուն։
Ու
այդ
զգացումը
որ
առնելու
տեղ
տաղաչափական
զգեստը
բառերուն,
կ՚առնէ
մարմինը
մեր
մարտիկներուն,
նահատակներուն,
այնքան
դժուար
ըմբռնելի
այսօր.
այնքան
իրաւ,
ահաւոր
կերպով
իրաւ՝
կանխող
դարու
վերջին
տարիներուն:
Հայորդիները,
այդ
միսթիքին
չարափոխումը
չէ
անշուշտ,
բայց
բառերով
լաստակերտուած
հոգեվիճակ
մը
կը
թուի
մեզի
այսօր։
Ու
Զուիցերիոյ
լեռներուն
մէջ
կեանքի
ու
մահուան
կռիւը
իր
թոքերուն
հաշւոյն
մղող
Ատոմ
Եարճանեանը
Սասնոյ
լեռներուն
փապերուն
այդ
նոյն
կռիւը
ընդունող
մեր
տղաքը
ապրելու
որով
եւ
ապրեցնելու
համար
չունեցաւ
ուժի
անհրաժեշտ
մթերքը։
Յեղափոխական
միսթիքը,
մեր
գրականութեան
մէջ
բարձրագոյն
արդիւնքներու
առաջնորդող
թեմա
մըն
է
սակայն,
այն
պարզ
պատճառով
որ
կեանքի
մէջ
այդ
արդիւնքները
անիկա
նուաճեց
աստուածային
գեղեցկութեամբ
մը։
1908-5
շրջանին
մենք
բոլիթիքոսներ
էինք
ու
գրականութիւնը
ենթարկեցինք
ճառին,
բառին,
քաղաքական
մեր
ցանկութիւններուն։
1920էն
ասդին
ուրիշ
սերունդ
մը
փորձեց
շահագործել,
արուեստի
մնայուն
փառքերուն
ի
սպաս,
այդ
միսթիքը:
Եւ
մեզի
եկան
ողորմելի
Տատրագոմի
Հարսը
որ
չես
գիտեր
իր
որ
բախտին
համար
հանգամանաւոր
մարդերու
բերնով
բարձրացաւ
եօթներորդ
երկինքները
մինչեւ
երբ
ամեն
ինչ
կեղծուած
էր
—
ինչպէս
չցաւիլ
նախանիւթին
ազնուական
արժէքին
սա
խարդախումին
—
այդ
շատաբան
պատկերամարտութեան
մէջ
ու
լղրճուած
մանաւանդ
յեղափոխական
միսթիքը,
այնքան
քիչ
նուաճելի
բառերով,
ինչպէս
սորվեր
էինք
ատիկա
Զարեանին
չափ
փոխաբերութիւն
դարբնելու
մէջ
վարպետ
Սիամանթոյի
վրիպանքէն:
Ու
մենք
ունեցանք
Սպիտակ
Ձիաւորը
որ
վէպի
մը
անունը
ըլլալէ
առաջ
իրաւ
ասպետ
մըն
էր,
օր
մը
եղած
մեր
լեռներուն,
մտած
իր
ժողովուրդի
տառապանքին
ջուրերը.
բայց
առանց
ուղեցոյցի,
առանց
մանաւանդ
իրաւ
ոտքերու,
կը
դիմէր
իր
ճակատագրին,
թափառական
ասպետի
իր
ճակատագրին։
Յեղափոխական
միսթիքը
ինքնատիպ
լեզուով
ու
տեղական
գոյնով
նուաճելի
քաղցրութիւն
մը
չէր
որպէսզի
յաջողակ
պատմող
մը
(conteur)
արկածախնդրեր
զայն
սեւեռելու
թերթոնական
քնարներով։
Ուրի՞շ:
Բայց
մեր
գլխուն
մազերուն
չափ,
վերջիններէն
ինչպէս
օտարներէն։
Մուսա-Տաղիի
Քառսուն
Օրերը
նոյն
խարդախումին
մէկ
շքեղ
նմոյշն
է։
Չեմ
զարմանար։
Հայ
յեղափոխական
միսթիքը
օտարի
մը
համար
շատ
շատ
տարաշխարհիկ
վէպի
մը
(roman
exotique)
համեմ
կրնար
հայթայթել:
Հիմնովին
վրիպանք
այդ
գործին
աղմուկը
կը
նմանի
բոլոր
աղմուկներուն։
Գիրքերը
իրենց
ճակատագիրովը
կը
ծնին,
ըսեր
եմ
տեղ
մը։
1915էն
ասդին,
մեր
մամուլը
կը
պոռայ
ու
կը
բողոքէ
մեր
աղէտին
մեր
գրականութեան
համար
անօգուտ
ձեւով
մը
տժգունելուն,
դալկանալուն,
մեր
զգայնութեան
ներսը
(Չեմ
առներ
նկատի
սրբապիղծ
յոգնութիւնը
նորերուն,
որոնք
կ՚ուզեն
որ
խնդան,
պարեն,
գարեջուր
խմեն
ու
չտառապին
մղձաւանջովը
ահաւոր
աղէտին):
Անշուշտ
աճպարարական
տրտում,
ամերիկեան
փառքեր
են
տպագրական
յաջողուածքները
Ապրումներ
շարքին։
Դարը
այնքան
յոգնած
է
իրաւէն
որ
մեր
ամենէն
ծանր
միսթիքն
ալ
կը
հանդուրժէ
քմայքէն
վարդաջրուած։
Ուրի՞շ։
Անհատնում
ինչպէս
աննկարագիր
յուշերը
մեր
գործիչներուն,
յեղափոխականներուն,
որոնք
լոյս
տեսան
Հայրենիք
ամսաթերթի
մթերանոցէն:
Դարձեալ
չունիմ
մեղադրանք:
Ի
վերջոյ
հրացանին,
ռումբին,
կախաղանին
ասպետները
պարտքին
տակը
չէին
գրականութիւնն
ալ
յարգելու,
իրաւ
է
թէ
երբեմն
այդ
յուշերը,
իրենց
պարզ
ու
համեստ
բաթեթիքին
մէջ,
կը
գտնեն
մեր
սիրտը:
Բայց
ատիկա
հանդիպողին
բաշխուած
բարիք
մը
չէ:
Իրաւը
ան
է
որ
մեր
կէս
դարը
-
1885-1940
—
մեր
գրականութեան
մէջ
չէ
անդրադարձած
գէթ
այնքան
մը
հարազատութեամբ
որքան
ատիկա
կրնանք
ընդունիլ
1870-1885ին
համար:
Մեր
Իրապաշտները
մեր
ընկերութեան
մէկ
կերպանքը
ընդմիշտ
նուաճեցին։
Մեր
յեղափոխական
միսթիքը,
ըսի
վերը,
անմշակ
հող
է
տակաւին։
Թէեւ
չենք
տառապիր
ահաւոր
փոփոխութենէն
որ
վերահաս
է
արդէն
սփիւռքի
հոգիին
համար:
Ու
խորհի՜լ,
որ
մեր
ընթերցող
հասարակութեան
գոնէ
կէսը
այդ
միսթիքին
հետ
ունեցած
ալ
է
անձնական
հաղորդում:
Մեր
ազգայնականութեան
հարազատ
պատկերը
չէ
սեւեռուած
ոչ
մէկ
մեր
գրողին։
Շա՜տ,
պատճառները
սա
վրիպանքին։
Չունիմ
ժամանակ
արտահանելու
զանոնք։
Գրականութիւն
է
սակայն,
սա
տողերուն
գրուած
պահուն,
այդ
միսթիքը.
անոր
մեղմ
կերպարանքը՝
մեր
ազգայնականութիւնը,
միշտ
կենդանի,
մեր
սփիւռքէն
գրեթէ
յուսակորոյս
տարէցներուն
ներսը։
Տեսայ
ես
ատոր
փաստերը
խորը
իրենց
աչքերուն,
երբ
Հայոց
հայրենիքէն
—
որ
այդ
միսթիքին
արգանդն
է
սրբազան
–
մեզի
հասած
աւելի
կամ
նուազ
հարազատ
փշրանքներու
դիմաց
այդ
աչքերը
արցունքէն
կը
բոցավառէին։
Եղան
նուազած
աչքերով
ծերունիներ
որոնք
1944ին
իրենց
թարթիչները
կը
քսէին
Էջմիածինէն
ղրկուած
մարդոց
զգեստներուն,
անհուն
կարօտով
ու
դողդղալէն։
Այդ
շիջած
հրաբուխնե՞րը
այդ
միսթիքին,
չեմ
գիտեր
յուզեցի՞ն
առաջիններուն
հոգին,
գէթ
մէ՜կ
հարիւրերորդովը
իրենց
ուժգնութեան։
Չեմ
փնտռեր
այդ
ծերութիւններուն
արշալոյսը։
Ապահովաբար
անոնք
լեռնէ
լեռ
չէին
թափառած։
Բայց
հայ
ազգայնականութիւնը,
ասոր
միսթիքը
մենք
մեր
արեան
հետ
կը
բերենք։
Ըսեր
են
թէ
պահպանողական
ենք,
աւանդապաշտ
ենք,
սանկ
ենք
ու
նանկ
ենք:
Ես
կ՚ըսեմ
թէ
մեր
ազգայնական
միսթիքը
մեր
դարերուն
յօրինած
հոգեխառնութիւնն
էր
մենէ
իւրաքանչիւրին
ներսը.
յիսուն
տարի
առաջ։
Աւելի՞
էր:
Այսինքն
մեր
պատմութեան
երկրորդ
մեծագոյն
տռաման
ջարդէն
վերջ,
մեր
գաղթականութիւնը,
մեր
օրերու
բառով
պանդխտութիւնը:
Այդ
գաղթականութիւններն
ալ
կը
նետեն
թել
այդ
կտաին։
Մեր
տաճարները՝
օդը
երկինքներուն
տակ,
մեր
աստուածներուն
համար։
Մեր
ստեղծումները
օտարներու
բարիքին,
վայելքին
ու
զարգացման
ճամբուն։
Մեր
ապրումներուն
գումա՜րը,
զորս
ունեցանք
դուրս,
զուրկ
մեր
հողերուն,
սուրբերուն,
աստուածներուն
պաշտպանութենէն։
Նայեցէք
ուշադրութեամբ
մերձաւոր
հարիւր
տարիներուն
փաստին:
Քանի
քանի
տեղ
մենք
գրականութիւն
ստեղծելու
ճիգը
ներեր
ենք
մեր
ուժասպառ
միտքին
որ
հալածանքին
տակն
էր
ոչ
միայն
Թուրքին,
այլ
մեզմէ
գերազանց
մշակոյթներուն։
Բոլոր
ասոնք
երբ
ուզեմ
մասերը
ընդունիլ
այդ
միսթիքին,
յստակ
յղացք
մը
չեմ
աղօտեր
իր
սահմաններէն
դուրս
արձակելով։
Բայց
պարտաւոր
եմ
ձեր
ուշադրութեան
յանձնել
մասնաւոր
շրջանը
ուր
այդ
միսթիքը
միատարր
գեղեցկութիւն,
սրտառուչ
անուշութիւն,
ամենակալ
հրայրք
էր,
երկու
սերունդի
ամենէն
ազնուական
տարրին,
երիտասարդութեան
հոգետունին:
Գրող,
գործիչ,
խօսող,
կռուող,
զոհաբերող։
Այս
բառերը
սփիւռքին
ընկալչութեան
վրայ
այնքան
տարտամ
կ՚իյնան։
Բայց
1820ին,
900ին,
915ին
անոնք
լիագումար
միսթիքն
էին
մեր
դարաւոր
ազգայնականութիւնը
վերանորոգ
լուսարձակող։
Անիկա
դուք
պիտի
տեսնէք
անտարազելի
փաղանգին
վրայ
մարդոց
որոնք
մեռան,
ոչ
թէ
աքսորին
դժոխքին
մէջը,
այլ
զէնքը
ձեռքերնին,
անհաւասար,
յուսահատ,
սրբազան
կռիւին
մէջ։
Մեռան՝
բանտերուն
խորը,
թշնամին
եղունգներուն
տակ
բզիկ
բզիկ
վրայ
տալով
իրենց
միսերը,
ինքնալոյց,
ու
անբացատրելի
իրաւութեամբ:
Մեռան,
«կախաղաններու
կատարին»,
հաւատայեղց,
արի
ու
արդար:
Մեռան
իրենց
հողը
իջնելով
ինքնափոր
Հայ
ազգայնականութիւնը,
յեղափոխական
միսթիքը,
ստեղծիչն
է
այս
հրաշքներուն:
Մեր
ռոմանթի՞զմը։
—
Այս
ամենէն
հազիւ
ստուեր։
[4]
Դպրոց
եւ
Դպրութիւն
հատորին
մէջ
Ռ .
Պէրպէրեան
ընդարձակ
գլուխ
մը
ունի
նուիրուած
գրական
հասկացողութեան
մը
որ
բարեփոխումն
է
Ռոմանթիք
գաղափարաբանութեան,
արեւմտահայ
գրական
շրջափոխութեան
ակօսին
ընդմէջէն։
Բազմաթիւ
հարցեր,
գրական,
լեզուական
ու
քիչիկ
մըն
ալ
պատշաճական,
այդ
յօդուածաշարքին
մէջ։
Զիս
զբաղեցնողը՝
զանազանութիւնն
է
զոր
կը
տեսնէ
Առաջին
Տերեւքի
յառաջաբանին
հեղինակը
գրականութեան
մէկէ
աւելի
կերպարանքներուն
ընդմէջ։
Մեր
օրերուն
ստեղծագործ
նկարագիրը
վճռական
է
գործ
մը
գրական
ընծայելու՝
1880ին,
գործի
մը
հանրօգուտ
հանգամանքը
բաւ
էր
զինքը
գրական
ընծայելու:
Պետրոս
Դուրեան
մը
եւ
Մատաթեան
Գարագաշ
մը
գրագէտներ
են
ըստ
տեսութեան,
քանի
որ
երկուքէն
ալ
մեր
ժողովուրդի
իմացական
զարգացումը
բարիք
է
գտած։
Անխառն
բանաստեղծութիւն,
արուեստը
արուեստին
համար
տարազներուն
մէջ
նրբութիւնները
դրէք
մէկդի։
Բայց
Բիւզանդ
Քէչեանի
մը
մէջ
գրագէ՞տ
մը։
Մեր
ռոմանթիզմին
դէպի
հրապարակագրութիւն
սա
փոփոխումը,
չըսելու
համար
զառածումը,
Համապատկերը
երբ
հոս
կը
ճշդէ,
կ՚ընէ
ասիկա՝
զուտ,
իրաւ,
ապրելու
միայն
սահմանուած
գրականութիւնը
ազատագրելու
փոյթով
մը
առօրեայ
այլապէս
օգտակար
բայց
կորստական
փառքէն։