ՊԵՏՐՈՍ
ԴՈՒՐԵԱՆ
(1851—1872)
Մեր
գրականութեան
մէջ
քիչ
են
անունները
որոնց
հետ
մեզի
ըլար
ներելի
այդ
գրականութեան
սահմաններն
ու
տարողութիւնը
յորդող
հարցեր
դնել
վերլուծման
սեղանին,
հասնելու
համար
քիչ
շատ
բանաւոր,
միտքը
հաճ
ձգող
եզրակացութիւններու:
Ասոնցմէ
են
Եղիշէն,
Փարպեցին,
Ներսէս
Կլայեցին,
Աբովեանը,
Չրաքեանը,
Վարուժանը։
Այս
անունները,
զանազան
երեսներով,
իմացական
ընդունակութեան
այլազան
փաստեր
են
անշուշտ,
հարիւրաւոր
ուրիշներու
մէջ,
բայց
կը
պատկանին
զիրենք
ծնող
ժողովուրդին.
ըսել
կ՚ուզեմ՝
կը
վկայեն
ասոր
ընդհանուր
արժանիքներէն,
ասոնք
կողմի
մը
վրայ
խորանարդող։
Ի
վերջոյ,
երբ
թափուին
Չրաքեանէն
անտեղի
իր
յաւակնութիւնները,
փառասիրութիւնները,
կամաւոր
զանցումները,
մեզի
դարձեալ
կը
մնայ
այլապէս
շահեկան,
պայծառ,
հաստատ
վկայութիւն
մը,
—
մեր
լեզուին
անհուն
ընկալչութիւնը
տիրապէս
կերպարանող։
Կրնանք
Աբովեանի
մը
արտայայտութեան
մեղքերը
գնել
մէկիկ
մէկիկ,
—
մեղքեր՝
այս
ժողովուրդի
հոգեղէն
միջինի
վրայ
տեղաւորուած,
ջերմութիւն
որ
կը
վերածուի
խառնուածքի
հռետորութեան,
կիրք՝
որ
արեան
շոգեւորումն
է
բառերու
քուրային
երեսին,
չափազանցում՝
որ
փոքր
ժողովուրդները
պաշտպանող
սրբասուն,
անհրաժեշտ
պատրանքն
է
սակայն
—
ու
կենալ,
գորովագին,
հիացկոտ,
երազուն
այդ
մարդուն
հայեցի
հարազատութեան
որով
գիրք
մը
վկայութիւն
մըն
է
հեղինակէ
մը,
բայց
է
նոյն
ատեն
այդ
հեղինակը
ետ
ձգող,
զանցող
ուրիշ
վկայութիւն
մը,
այս
անգամ
հազարամերով
պայմանաւոր
միջոցներու
վրայ
ինքզինքը
կրկնած:
Ըսել
թէ
յորդութիւնը,
տաքութիւնը,
սիրտ
առնող
քաղցրութիւնը,
հռետորեալ
զգայնութիւնը
ՎԷրք
Հայաստանիին
ամենէն
վերջնական
յատկանիշները
եղան,
կը
նշանակէ
նոյն
այդ
յատկանիշները
հաստատել
ոչ
միայն
մեր
գրեղէն,
ոգեղէն
արդիւնքներուն
խորը,
այլեւ
կենդանի
արտայայտութեանցը
մէջ
մեր
ժողովուրդին,
—
մորթէ,
գոյնէ,
ձայնէ,
կերպարանքէ։
Ուրի՞շ։
Այսինքն
մարդեր,
որոնց
մէջ
մեր
գտածը
նայէր
մեզմէ
անդին,
շատ
անդին,
մեզ
թելադրէր
բիւրեղացած
խտութեամբ,
բայց
մեզմէ
վեր
վիճակներ,
մարմնառութիւններ։
Անշո՞ւշտ։
է
Կեցէք
Ժ.
դարուն
վերջերը
ու
ոգեկոչեցէք
ձեր
հայրենիքը։
Ամբողջ
դժոխք
մը
պիտի
յառնէր
ձեր
նայուածքին։
Չեմ
բանար
դռները
այդ
դժոխքին։
Բայց
կը
խանդավառուիմ
մտատեսեալ
պատկերին
դիմաց
Գրիգոր
վանականին,
այն
զոր
մեր
ընդհանրացած
որակումը
կը
ճշդէ
իբր
Նարեկացի.
ու
կը
տարուիմ
հասկնալու
այդ
բառամարտիկ,
կրքոտ,
մեծաթռիչ
գրողին
ետին
մեղքեր
ու
առաքինութիւններ
որոնք
գոյ
են
Աբովեանին
ինչպէս
Դուրեան
Պետրոսին
մօտ։
Հանճա՞ր։
—
Ի՜նչ
գիտնամ:
Կը
պատահի
որ
նման
մարդեր,
մէկ
հարուածով,
իրենց
ընդգրկած
ասպարէզները
ազատագրեն,
անձնաւորեն
ուսանին
զանոնք
իմաստի,
փառքի,
կերպարանքի
որոնք
ալ
բաժանելի
չեն
այդ
մարդոց
յիշատակներէն։
Անշուշտ
Մկրտիչ
Խրիմեան
մը,
Եղիշէ
Դուրեան
մը
կը
բխին
մեր
ժողովուրդէն,
կը
խօսին
անոր
հոգեյատակէն,
նոյնիսկ
կը
լեցնեն
սանկ
կէս
մը
դար,
ստեղծելու
չափ
զօրաւոր
պատրանքը`
զօրաւոր,
ներկայացուցչական
(représentatif)
անհատականութեանց,
կը
կերպարանեն
միջիններ՝
զգայնութենէ,
շրջանէ,
բայց
կը
պաղին
նոյնքան
արագ
որքան
եղած
էր
իրենց
լուսաջահ
բռնկումը:
Հանճա՞ր։
—
Զգուշացէ՛ք։
Վասնզի
ողբերգական
է
մեր
գրողներուն
ճակատագրէն
աւելի
անոնց
փառքին
պատմութիւնը։
Չեմ
ուրանար
որ
Խորէն
Նար–Պէյ
անունին
տակ,
աւելի
քան
քառորդ
դար
մեր
եկեղեցական
գրագէտները
չդժուարանան
հաշտուիլ
ծանրակուռ
քերթողի
մը
փառքին:
Ու
աւելին։
Երբեմն
կան
այս
մարդոց
մէջ
այնպիսիներ
ալ
որոնք
կը
կատարեն
վճռական
նուաճումներ
(հայրենախօսական,
երգասիրական
մեր
հոգեբանութիւնը
սեւեռող
մըն
է
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան),
հիմն
ի
վեր
կը
նորոգեն,
կը
նորեն
իրենց
մշակման
ծիրին
ինկած
դաշտերը
(Արշակ
Չօպանեան
ազատագրած
է
մեր
բանաստեղծութիւնը,
հիմնած՝
մեր
քննադատութիւնը),
կու
տան
մէկ
երկու
սերունդի
հասակով
գնացք,
ուղղութիւն,
ճարտարապետութիւն
նորազարթ
հետաքրքրութիւններու,
երբեմն
աւելի
խորունկէն
փրթող
ցանկութիւներու,
կը
պարտադրեն
իրենց
կերպարանքը
այդ
սերունդին
ու
աւելիին`
ոչ
միայն
ստեղծագործական
ճիգին
այլեւ
արդիւնքներուն
(9-րիգոր
Զոհրապ
մեծատարած
փառք
մըն
էր,
կուռք
մը
Իրապաշտ
եւ
Արուեստագէտ
սերունդներուն
համար
հաւասարապէս)։
Մե՞ծ
գրագէտներ՝
ասոնք։
—
Դժուար
է
պատասխանը,
անոր
համար
որ
մեծ
մասը
այդ
դէմքերուն,
ինքնաբերաբար,
կը
շրջին,
տարօրինակ
արագութեամբ
մը,
նոյնիսկ
երբեմն
գերեզմանէն
ալ
առաջ։
Այս
իրողութիւնը
հաստատող
շքեղ
որքան
դժբախտ
փաստ
մըն
է
Եղիան
որ
միս
մինակը
լեցուց
արեւմտահայ
գրականութիւնը
մինչեւ
1890։
Տեղը
չէ
հոս
տարածուելու։
Բայց
կը
շեշտենք
խաւարումին
նոյն
քան
շքեղ
բացարձակութիւնը։
Իր
մահէն
տասը
տարի
առաջ
Եղիան
խրտուիլակ
մըն
է,
որմէ
ոչ
միայն
ոչ
մէկը
կ՚ակնածի,
այլ
որուն
վրայ
սրտմտելու,
հայհոյելու
մարզանքը
ձեռքէ
ձեռք
կը
փոխանցեն,
Արփիարեանէն,
Շահնազարէն
մինչեւ
Անտոնեան,
Արտաշէս
Յարութիւնեան։
1890էն
ասդին,
սանկ
տասնըհինգէն
քիչ
մը
աւելի
տարիներ,
արեւմտահայ
գրականութիւնը
չունի
գրական
փառք
մը
այն
չափով
միակտուր,
ու
գործածելով
յիմար
ածական
մը`
փողփողէնէջ,
որքան
ազգովին
նուիրականացած
հռչակը
անզուգական
բանաստեղծուհի
Սիպիլին:
Տասը
տարի
վերջը,
1910ին,
այդ
ազգովին
զիջուած
apothéoseը
լեղի
յիշատակ
մըն
էր,
երիտասարդութեան
պատրանք
մը
ոչ
միայն
ենթակային
այլ
մանաւանդ
գրական
հրապարակի
համար։
Այս
շրջումները,
փառքերը,
կործանումները
հասկնալ,
բացատրել,
մարսելի
ընել,
անշուշտ
որ
զբաղում
մըն
է,
նոյնիսկ
տիրելի,
խանդավառիչ`
բոլոր
անոնց
համար
որոնք
շրջաններ
համադրելու,
մեծ
կառոյցներ
ճարտարապետելու
իրենց
ցանկութիւնները,
փառասիրութիւնը
պիտի
ուզէին
պաշտպանել
համոզիչ,
պայծառ
փաստերով։
Գրականութեանց,
քաղաքակրթութեանց
պատմիչները
այդ
ամենուն
կ՚ընծայեն
բացառիկ
ալ
կարեւորութիւն,
ասոնց
շուրջ
դիտելի,
քիչ
շատ
յաճախուող
մասնայատկութիւնները
կը
տարածեն
դէպի
լայն
ընդհանրացումներ
ու
կը
բարձրանան
տպաւորիչ
յօրինումներու:
Քննադատները
մասնաւորապէս
երախտապարտ
են
անոնց:
Կուտամ
ուրիշ
ալ
անուններ,
—
Ալիշան
որմէ
մեզի
հասած
գործը,
իբրեւ
մթերք,
ցանկութեան
փաստ,
որքան
ալ
քիչ
կլռէ
այսօր,
չի
դադրիր
իր
խռովքէն
քանի
որ
անով
սեւեռուած
գործօնութեան
խորհրդանիշ
համապատկերը
թելադրական
է
այնքան
շատ
երեսներու
վրայով։
Որքան
դիւրութեամբ,
բնականութեամբ
այդ
անունին
հետ
կը
դաշնուին
մեր
զարթօնքը,
մեր
հայրենագիտութիւնը,
մեր
պատմագրութիւնը,
մեր
Եկեղեցին,
մեր
բանաստեղծութիւնը,
մեր
լեզուն
(հինն
ու
նորը),
Մխիթարեան
Միաբանութիւնը`
իբր
մշակոյթի
հանդէս,
բոլորն
ալ
իրարմէ
շահեկան,
ընդարձակ,
ընդհանուր
հարցեր։
Քննադատը,
պարզապէս
բանալով
այդ
յղացքները,
իրենք
իրենց
ներսը,
ունի
հաստատ
ծրագիրը
իր
կառոյցին,
այդ
անունին
ետեւէն։
Աւելցուցէք
այդ
ծրագրին
զգայնութեան,
իմացականութեան,
գրական
կամ
եկեղեցական
բարեխառնութեան
անձնական
բաժիններուն,
կենսագրականով
սեւեռուած
հաստատ
տարրին
մթերքը։
Հատորը
պատրաստ
է
գրեթէ։
—
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան,
անուն
մը,
որ
իր
կարգին
դարձեալ
վճիտ
կերպարանք
մըն
է
պահի
մը
վրայ։
Այդ
մարդուն
ետին
դարձեալ
սերունդ
մը,
մեր
զարթօնքին
հզօր
ցանկութիւնները
եւ
քաղցր,
միամիտ,
մանկական
իտեալները,
կախարդական
աշխարհ
մը
(Պոլիս),
այլապէս
կախարդական
ուրիշ
աշխարհ
մը
անձնական
ապրումներում,
հանդես
մը
սիրոյ
եւ
մահուան,
կարօտի
եւ
տառապանքի,
մեր
ընկերութեան
մէջ
կերպարանքը
(բարձր
շրջանակները
1860
Պոլիսին):
Մեր
ժողովուրդի
գիտակցութեան
վրայ
լայն
բացուող
պատուհան
մը,
մեր
հայրենասիրութիւնը
ու
վանքերէն,
գիրքերէն
կ՚իջնէ
բեմ:
Կիրք:
Արցունք:
Ողբերգութիւն։
Քանի
մը
անփոխարինելի
վկայութիւններ:
Համախառնեցէք
այս
ամենը
բանաստեղծի
մը
յղացքին
ու
դուք
ունիք
պատրաստ
ձեր
հատորը։
—
Րաֆֆի
որուն
հետ
ձեր
կառուցանող
բնազդները
դժուարութեան
մէջ
չեն,
քանի
որ
այս
գիւղացի
վարժապետին
ջիղերը
երկարած
էին
իր
ժամանակը
յուզող
տագնապներուն
հեռաւոր,
խորունկ
ալքերը
մինչեւ։
Արեւելահայ
մտայնութիւնը
որ
բիւրեղացած
է
արդէն,
Զարթօնքի
յղացքին
մէջ
մուտք
ունեցող
նոր
նոր
կերպարանքներով,
մեր
ազատագրութեան
կախարդ
երազը,
որ
ձգած
բարձունքները,
իջած
է
թափառիլ
մեր
կտուրներուն,
ածուներուն,
ժամերու
բակին,
վիպական
զգայարանքի
մը
անդրանիկ
փաստը
(չենք
կրնար
հերքել
որ
իրաւ
վէպը
Րաֆֆիով
սկիզբ
կ՚առնէ),
մեր
բարքերը,
որոնց
շուրջ
հետաքրքրութիւն
մը
մեծագոյն
բարիքներէն
մէկն
է
այդ
վարժապետին,
մեր
ողբերգութեան
անդրանիկ
արարուածը
զոր
ապրեցաւ
անիկա,
անակնկալին
որքան
անողոքին
մուրճերուն
ներքեւ,
ըմբռնելու
անկարող
աշխարհը
որ
սկսած
էր
1871ին,
Սրտանի
ռազմադաշտին
վրայ…:
Այս
անունները,
պատահաբար
զատուած
գրագէտներու
խորհրդանշական
վերացումները
չեն
սակայն
սա
տողերուն
վրայ։
Կրնանք,
անշուշտ
զիջումով
ու
որոշ
ալ
բարեացակամաթեամբ,
անոնց
ներսը
զգալ
գեղեցկութիւն,
փառք,
խորհուրդ,
մեծութեան
տարրեր,
ի՛նչ
որ՝
զիրենք
ըրեր
էր
այնքան
տարածուն,
իրաւ։
Բայց
ժամանակը
ահաւոր
արագութեամբ
մը
ժանգահար
կը
կործանէ
գրեթէ
ամէն
փայլուն
բաները
եթէ
երբեք
ասոնց
ներքին
բաղադրութիւնը
չի
պաշտպանել
այդ
շլացքը։
Ուզեցէք
հասկնալ
փառքերը
այդ
անուններուն։
Ձեր
տրտմութիւնը
խորունկ
է
երբ
անոնց
գործը
միայն
ունիք
ձեր
առաջին,
ալ
պարպուած,
պաղած։
Ստիպումին
տակն
էք
պատմութեան
դիմելու,
պայմանները,
ժամանակը
վերլուծելու,
որպէսզի
առնուազն
օգտագործէք
կեանքի
տարրեր։
Ամէն
գերեզմանատուն
խորհրդաւոր
որքան
թելադրական
վայր
մըն
է։
Ու
ամէն
գրագէտի
գործ
(ամբողջութիւնը)
գերեզմանատուն
մըն
է։
Երկրորդաբար,
երբ
կը
մտադրէք
Պէշիկթաշլեան
մը
տեսնել,
ապրիլ՝
պիտի
գտնէք
որ
պզտիկ
փոյթ
մը
պարկեշտութեան,
քիչ
անգամ
երախտագիտութեան,
պիտի
բաւեն
ձեզի:
Կը
նետէք
մէկդի
գովեստին
guirlandeները
անոնց
շիրիմէն
ու
կը
կեցնէք
ձեր
մտքի
դաշտին
հիւծաւոր
երիտասարդը,
որ
թէեւ
գիտակից
իր
տաղանդին,
բայց
յաճախուած
անկէ
վեր
մտահոգութիւններէ,
ինքզինքը
պիտի
տրամադրէ
իր
շրջանին
անմիջական
կարիքներուն,
պիտի
հեղինակէ
թատրոններ
որոնց
չի
հաւատար,
երգեր՝
որոնք
փառքին
տաշեղները
կը
կազմեն,
պիտի
թարգմանէ
ու
իր
արդէն
համրուած
օրերը
պիտի
սպառէ,
կորավոր
անկարողութեան
մը
մէջ,
իր
տաղանդին
արժանաւոր
գործ
մը
ձգելէ
ընդմիշտ
արգիլուած։
Ճակատագի՞ր։
Անշուշտ։
Որուն
տակ
կ՚իյնան
հայ
գրականութեան
բոլոր
քանքարաւոր
դէմքերը:
Պարզ,
մարդկային,
մեզամօտ։
Այսինքն
նման
գրողներ
ձայնն
են
իրենց
օրերուն,
մարմինները՝
ժամանակին
երազներուն,
թանձրացումները՝
այդ
սերունդները
վարող
ձգտումներուն:
Ասիկա՝
եղանակ
մը
ուրեմն`
բացատրելու,
հասկնալու,
—
օգտաւէտ,
պարկեշտ,
հաստատ։
Բայց,
անմիջապէս
կ՚առաջարկեմ
ձեզի
անունը
Խաչատուր
Աբովեանին:
Որոշ
բանգէտութեամբ
մը
զրահաւոր,
չըսելու
համար
քաշքշուքէ
չվախցող
հոգեբանութեամբ
մը,
մեր
օրերու
քննադատ
մը
թերեւս
հաւատայ
բացատրած
ըլլալ
Վէրք
Հայաստանիին
ներքին
խորհուրդը,
կրակը,
երբ
աճապարէ
հատորին
մթնոլորտը
հաշտեցնել
մեր
ժողովուրդի
ընդհանուր
հոգեխառնութեան
ու
այն
մասնաւոր
ալ
տագնապներուն
որոնք
կը
յուզեն
մեր
1830ը։
Այս
գիրքին
համը,
տաքութիւնը,
քաղցրութիւնը`
հաստատել
մեր
հոգեղէն
գեղձերէն
անխուսափելի
ծորումներ
մը
իբրեւ։
Բա՜յց։
Ու
անիկա
պիտի
զգայ
իր
արմատական
անկարողութիւնը
այդ
մարդը,
այդ
երեւոյթը,
ինքը
իր
մէջ
ու
իր
հաշւոյն
հասկնալու։
Կը
փոխադրեմ
այդ
քննադատին
ներկայացող
մտահոգութիւններ։
1830ին,
1840-ին
Խաչատուր
Աբովեան
կարդացածը
հասկցող
երիտասարդ
մը
ըլլալէն
աւելի
է
անշուշտ,
քանի
որ
իր
Եւրոպան
ձրի
Գերմանիա
մը
չէ:
Ու
հաղորդ
է
այդ
օրերու
գրական
փառասիրութեանց։
Անիկա
Թաղիադեանցին
չափ
առնուազն
ըլլալու
էր
ծանօթ
Էջմիածնական
կամ
Վենետիկեան
գրաբարներուն
ու
իբրեւ
գրող
կը
հետեւէր
թերեւս
տրտում,
թերեւս
նախանձագին
այն
փառքին
որով
պսակաւոր
էին
Կալկաթա,
Վենետիկ
լոյս
տեսած
գրաբար
ոտանաւոր
պատմումները:
Կաթողիկոսը,
բարձր
հարուստները,
ազգին
գրող,
կարդացող
դասակարգը
ուրիշ
բան
պիտի
չուզէր
Քանաքեռցի
տէրտէրին
տղայէն
եթէ
ոչ
այդ
վէպերուն
ոճով
գրաբար
պատմում
մը։
Այո՞։
Բայց
ահա
անսպասելին։
Հալածուած,
ուրացուած,
իր
բոլոր
երազներէն
վտարուած
այդ
թշուառական
գրողը
—
որ
ամէն
մեղքին
վրայ
մահացուն
ալ
ունի
վարժապետ
ծնած
ըլլալու
—
պիտի
քաշուի
իր
հոյակապ
մռայլութեան
քարայրը,
ուր
իրեն
ընկեր
գիտէ
տաժանագին
առանձնութիւն
մը,
պիտի
սեղմէ
իր
ակռաները
ու
պիտի
գրէ ...
իր
գիրքը,
հաւանաբար
խուլ
վստահութեան
ալ
մէջը
թէ
այդ
ճիգին
արդիւնքը
երբեք
պիտի
չարժանանար
լոյսին,
գէթ
իր
աչքերուն
առջեւ:
Ուրկէ՞
կուգայ
այս
տարօրինակ,
եղերափառ
վճռականութիւնը։
Ո՞վ
մղեց
զինքը
այդ
անկիւնը։
Ո՞վ
հաշտեցուց
այդ
համակ
խանդ,
կրակ
իմացականութիւնը
այդ
ընդ
գրուանաւ
նահատակութեան։
Ահա
հարցեր
որոնք
պատասխան
չունին։
Խաչատուր
Աբովեան
վեր
է
արեւելահայ
գրականութեան
ժամանակէն,
պայմաններէն,
կնիքէն
ու
տարիքէն։
Թող
պատռտէ
ինքզինքը
քննադատը,
տարազներ
մուրայ
բացատրելու
համար
այս
անբնական
իրողութիւնը
եւ
քաշքշուք
միայն
ըրած
պիտի
ըլլայ:
Յետոյ,
այդ
քննադատը
պզտիկ
ուշադրութեամբ
մը
պիտի
գտնէ
որ
Խաչատուր
Աբովեան
միակ
չէ
այդ
ողբերգութիւնը
հագնող,
ապրող,
վայլեցնող։
Որ
կան
ուրիշներ
ալ,
նոյնիսկ
գրական
ամենէն
բարգաւաճ
շրջաններուն,
աւելի
կամ
նուազ
չափերով
հաղորդ
այդ
ճակատագրին։
Ու
ստիպուած
պիտի
ընէ
զիջումը,
ընդունելու
համար
ուրեմն`
որ
կան
մարդեր,
չես
գիտեր
ուրկէ՜
եւ
ինչու
եկած,
մանաւանդ
ի՞նչպէս
եկած։
Առանց
մունետիկի:
Ու
առանց
շքախումբի:
Գրեթէ
միս
մինակ։
Երբեմն՝
պե՜րճ,
իրենց
ցածրուն
խարոյկին
վերեւ,
լուսապսակ,
երազային,
գեղեցիկ,
լքուած
բայց
հաւատաւոր։
Երբեմն`
խեղճ,
մռայլ։
Նոյնիսկ
հացին
ու
կրակին
կարօտ
է
միշտ
թշուառ
գրեթէ,
անշուշտ
ամենէն
առաջ
իրենց
հաշւոյն,
երբ
պատանի,
երիտասարդ
կը
զգան
իրենց
ներսը
ծանրութիւնը
ապրումներուն
ու
կը
սպասեն
ձեռքին
որ
վերցնէր
անոնց
ուսերէն,
դիւրաբեկ,
զրկանքէն
մաշուած,
այդ
բեռները
ու
տար
իրենց
պատեհութիւն
ազատ
բերան
մը
հաց,
կուրծք
մը
լայն
շունչ,
բաժակ
մը
իրաւ
երազ
առնելու
աշխարհի
սեղաններէն։
Անոնք
յաճախ
պիտի
չհանդիպին
այդ
բարձր
ձեռքին
ու
պիտի
քաշեն
իրենց
ծանրութիւնները
իրենց
ետ,
հողերուն
ծոցը։
Միամիտ
են
ու
յիմար,
կասկածներով
սղոցուած։
Պիտի
ապշին
համապարփակ
փառքերու
դիմաց
ու
պիտի
թոթովեն
հիացումի
խօսքեր
աս
մէկը
աբբայի
մը
փառքին
հանդէպ
որ
կուռ
գրաբարով
մը
հէքեաթ
կը
պատմէ
ու
կ՚անցնի
իբրեւ
անզուգական
քերթող
(Պէշիկթաշլեան
եւ
Բագրատունի),
ան
միւսը`
եպիսկոպոսի
մը
ծիրանեփառ
հռչակին
առջեւ
(Դուրեանի
նամակը
Նար–Պէյին),
ամէն
պարագայի
իրենց
միամտութիւնը
ընելու
աստիճան
ըսելու
չափ
յուզիչ։
Աւելի
յաճախ,
այդ
մարդերը
պիտի
հալածուին
իրենց
արժանիքներուն,
մեղքերուն,
շնորհներուն
ու
խօթութիւններուն
չափ,
իրենց
ապայժմէութեանը
պատճառով
(ժամանակը
հոս
կը
տարածուի
անցեալին
ինչպէս
ապառնիին
վրայ։
Ուշացած
մըն
է
Երուխան:
Կանխող
մըն
է
Մեծարենց),
վասնզի
օտարներ,
գրեթէ
անծանօթներ
են
իրենց
հասարակութիւններուն
համար,
ուր
ամրախարիսխ
վարժութիւններ,
բութ,
տխմար
հրապարակի
մը
կարգուuարքը,
պահանջները,
առնուազն
աս
ու
ան
աճպարարութեամբ
շահուած
համբաւներ,
աւանդութիւններ,
դիրքեր
կը
մնան
տիրական,
օրինափառ։
Ու
պիտի
չհասկցուի
տկլոր
երիտասարդը,
յաճախ
մահէն
ներս
ալ
մտած
(Դուրեան,
Մեծարենց),
կրելու
համար
ստոր
խաչակրութիւն
մը
իբր
աղ
ու
պղպեղ
ու
լրում:
Ու
պիտի
չհասկցուի,
այդպէս
հալածական
իր
արշաւին
մէջ
ինքզինքը
կարծրացուցած,
զառամութեան
դռներուն
իսկ՝
անզիջող
մարգարէն։
Կը
պատահի
որ
բախտաւորներ
հանդուրժուին։
Գի՞նը.
-
արգահատանք
մը։
Պիտի
յիշեմ
հոս
անյիշելի
մարդ
մը,
անունը
խնայելով
սակայն,
որ
կը
ցաէր
Մեծարենցի
սագութեան։
Լրբութիւնը
այնքան
կ՚ըլլար
1908ին։
Կը
պատահի
որ
նոյն
բութ,
գուլ
անհասկացողութիւնը
խաչելութեան
մը
վերածուի,
ողջ
ողջ
գերեզմանին
գրելով
մարդեր,
որոնք
կ՚անուանուին ...
Խաչատուր
Աբովեան,
Պետրոս
Դուրեան։
Յուսահատութիւնը
Աբովեան
մօրը
արգանդէն
չէր
բերած,
քանի
որ
միշտ
պիտի
դառնայ
ետ,
զինքը
հալածողներու
դռներուն,
յօժար
ու
պատրաստակամ
իր
սիրտին
հուրքը,
միտքին
լոյսը
տրամադրելու
իր
«ճանին
մեռնելիք»
ժողովուրդին:
Հիւանդութիւնը
Պետրոս
Դուրեան
մօրը
արգանդէն
չբերաւ,
այլ
առաւ
ահաւոր,
անողորմ
իր
շրջապատէն
որ
կը
ծափէր,
թատրոնին
մէջ,
տժգոյն
երիտասարդը,
եւ
չէր
մտածէր
անոր
տունին
ուր
կրակարանին
մէջ
կրակի
տեղ
կայծն
իսկ
կը
պակսէր։
Պետրոս
Դուրեան,
այս
անհասկացողութեան
փառապսակովը
կը
պատկանի
արեւմտահայ
գրականութեան
ու
անոր
համայնապատկերին
մէջ
կ՚արժեւորուի,
զանցելով
անշուշտ
ընթացիկ
կշիռները։
Անշուշտ,
դուրս
է
կասկած
է
պարագան
որուն
համեմատ
այդ
տղան
կ՚ըլլայ
մարդը
իր
սերունդին,
ձայնագիրը
(porte-parole)
իր
ժամանակին,
ինչպէս
չի
կրնար
չըլլալ
այդ
բանը
որեւէ
երկոտանի
սա
մեր
աշխարհին
երեսին։
Աւելի
անդին
վերլուծումը
մեզի
պիտի
բերէ
տարօրինակ
փաստն
ալ,
այնքան
նշանակալից
սակայն,
քանի
որ
Պետրոս
Դուրեան
այդ
ժամանակին
պիտի
մնայ
պարտական
բոլոր
իր
մեղքերը,
ու
իր
հանճարին՝
իր
արժանիքները։
Այս
անմիջական
ընդհանրացումը
չեմ
խորացներ
հոս։
Ու
կ՚ըսեմ
նոյնքան
արագ
ու
առանց
վերապահութեան.
—
մարդն
է
անիկա
որ
ահաւոր
հեռաւորութեամբ
բաժնուած
է
իր
ժամանակէն
(Պ.
Դուրեանի
հետ
ժամանակ
տարազը
առաձիգ
կը
գործածեմ
դէպի
վար
ու
դէպի
վեր:
Զինքը
կանխող
քնարերգութիւնը
Դուրեանին
հետ
հազիւ
աղերսներ
կը
պարզ
է,
տաղաչափական
մասնայատկութեանց
վրայ։
Այսօր
աւելի
քան
սրտայոյզ,
կենդանի
են
անոր
յաջող
քերթուածների
ու
վաղը՝
այսինքն
քանի
մը
հարիւր
տարի
վերջը
պիտի
պահեն
անթառամ
իրենց
կուսութիւնը,
գոյնը,
ծաղիկը,
ինչպէս
կը
հաստատենք
ասիկա
մեր
իրաւ
բանաստեղծներուն,
ժողովրդական
երգերուն
հետ):
Պիտի
ներեմ
որ
չհասկնային
զինքը,
քանի
որ
հասարակաց
ճամբաներ
ու
հասարակաց
տխմարութիւններ
իրարու
զուգահեռ
են
կեանքի,
ինչպէս
արուեստի
մէջ։
Չհասնէին
իր
աղքատութեան,
աղքատախնամ
ընկերութիւններու
ոսկեդարուն
[1],
ու,
թերեւս
ամէն
դարերում,
քանի
որ
բախտը
կարգադրած
է
որ
հնութեան
մշուշներէն
իսկ
հանճարը
մուրալով
հանէր
իր
օրապահիկը
(Հոմերոս),
ինչքան
ալ
հէքեաթունակ
թուի
այս
զրոյցը,
մինչեւ
մեր
օրերը
ու
գուցէ
աւելի
անդին
երբ
սա
տողերը
գրուած
պահուն
փողոցի
հնակարկատը
իր
տունը
կուշտ
սեղան
մը
կը
գտնէ
բայց
մեծատաղանդ
մեր
մէկ
բանաստեղծը
այս
սեղանին
համար
ստիպուած
է
ազնուապետական
մարսողութիւն
մը
ստեղծելու։
Պիտի
ներեմ
որ
1870ին,
մարդիկ
արգահատէին
հիւանդ
բանաստեղծներու,
անոնց
հոգեվարքները
ամբոխէին
պատրիարքներով,
երեսփոխաններով,
փաշաներով
ու
գեղանձն
օրիորդներով,
ներկայացնէին
անոնց
խաղերը,
սանկ
ու
նանկ
հանդէսներու
իբր
խայծ
ու
թրթիռ,
նոյնիսկ
թաղէին
անոնց
«կաշի
մը
ու
ոսկոր»
մը
մնացած
նշխարները,
մեծահանդէս,
ու
փարթամօրէն
յիմար
վայելչութիւններով
(«Գնա
մեռիր
եկուր
սիրեմ»
ազգային
առածին
անմահ
պատգամովը)։
Բայց
չեմ
կրցած
ներել
որ
միշտ
այդ
1870ին
Վարժապետեաններու,
Խրիմեաններու,
Օտեաններու
ու
Ալիշաններու
ամենէն
փառազարդ
օրերուն,
մարդիկ
ըլլային
տափակ,
թանձրամիտ,
յիմար՝
սրբագրել
տալու
չափ
տարօրինակ
այդ
տղուն
տարօրինակ
քերթուածները
հայերէնի
բարձրահռչակ
վարժապետներու:
Սիմոն
Ֆէլէկեանի
անունը
այս
յիմարութեամբ
փրկուած
է
անշուշտ
մոռացումէ,
ինչպէս
կը
խորհիմ
թէ
փրկուած
է
Ենովք
Արմէն
անունը`
Մեծարենցի
դէմ
հայհոյութեանց
ծաղկեփունջովը։
Փաստը
աւելի
է
սակայն
քան
յիմարութեան
վկայութիւնը։
Անիկա
Դուրեաններուն
ճակատագիրը,
ողբերգութիւնը
կը
մարմնաւորէ,
այնքան
դժնդակ,
արիւնոտ,
լացնելու
չափ
յուզիչ
հանգիտութիւններով,
բոլոր
ժողովուրդներու
գրականութեանց
կրկէսէն։
Երբ
Պոտլէռ,
ահաւոր
տանջանքներու
մէջ,
հիւանդանոցի
մը
մէկ
խորշին
իր
յաւէտ
անօթի
բերանը
կը
գոցէր
այս
աշխարհին,
նոյն
ճամբով
վարպետ
գործաւոր
մը
(տուէք
ձեր
ուզած
անունը,
Վ.
Հիւկոն,
օրինակի
մը
համար)
պիտի
հասնէր
apothéoseի։
Յստակ
ու
դառն
խօսքեր
են
ասոնք։
Համապատկերը
վէպն
է
մեր
գրականութեան
ու
իր
այդ
հասկացողութեան
մէջ
պիտի
չտառապէր
նման
շեղումների։
Երբ
կը
նետեմ
իմ
աչքերը
վար,
դէպի
տասնըհինգ
դարերը
մեր
ժողովուրդի
իմացական
ճիգին,
ուրախ
եմ
այդ
մռայլ
զանգուածին
խորը
գտնելուս
շատ
մը
դէմքեր
որոնց
վրայ
իմ
խանդաղատանքը,
հիացքը,
երախտագիտութիւնը,
նոյնիսկ
հպարտանքը
արդար
են
մարդկային
կարելի
արդարութեամբ
մը։
Փարպեցի,
Եղիշէ,
Խորենացի,
Կոմիտաս
(կաթողիկոսը),
Նարեկացի,
Շնորհալի,
Քուչակ,
Սայեաթ–Նովա,
Աբովեան,
Րաֆֆի,
ու
տալու
համար
աւելի
մօտ,
պարզ
անուններ՝
Վարուժան,
Թէքէեան,
Մեծարենց,
Տիկին
Եսայեան
արժէքներ
են
որոնց
հանդէպ
իմ
դատումը,
գնահատումի,
սխրանքի
զգացում
մըն
է,
քան
մտքի
հարկ
մը։
Զանազան
դարերէ
ու
հոգեբանութիւններէ
վերբերուած
սա
խորհրդանշաններուն
ետին
դժուար
չէ
ինծի
գտնել
յաւակնիլ
մեր
հոգիին
մէկ
ծաղիկը,
մեր
սրտին
մէկ
խոյանքն
ու
մոխիրը,
մեր
իմացականութեան
մէկ
տախտակը,
պարզ
այն
խորունկ
հանգիտութեան
գինով
որ
բոլոր
այդ
անուններուն
ներսը
միութեան
եզր
մը
կը
դառնայ:
Մի
աճապարէք
հալածանքը,
հերքումը,
ուրացումը
մտապատկերել:
Այլ
եղէք
աւելի
համեստ
ու
անոնց
ամէն
մէկուն
մէջ
ձեր
մեղքերն
ու
ձեր
արժանիքները
ջանացէք
տեղաւորել:
Պիտի
զգաք
անմիջապէս
որ
Խորենացի
մը
չէ
մեռած,
այսինքն
այսօր
ալ
մեր
մտաւորականը,
իր
գործին
առքին
մէջ,
անկարող
ողբասաց
մը
մնալու
սահմանուած
կորանք
մըն
է,
երբ
այդ
մտաւորականը
խելքը
չէ
յարդարած
իր
ժամանակին
հետ
քալելու։
Հայրենասէր,
խենթ։
Ո՜րը
չէր
մեր
գրողներէն։
Ու
կը
կենամ։
Գրեթէ
հասկանալի,
բացատրելի,
չըսելու
համար
պարզ
են
այդ
անունները,
իրենց
թելադրանքներուն
բազմերանգ
հանդէսովը։
Կը
բխին
մեզմէ,
կը
սեւեռեն
մեր
խորագոյն
յատկանիշները։
Անոնց
ամէն
մէկին
հետ,
մինչտ
պարզ
ու
մարդկային
մնալու
պայմանով
մը,
պիտի
կրնանք,
ինչպէս
ըսի
քիչ
վերը,
գտնել
մէկ
զանակը
մեր
ժողովուրդի
շնորհներուն,
մէկ
հետքը
անոր
տկարութեանց։
Բայց
ի՞նչպէս
մտցնել
սա
շարանին
մէջ
Պետրոս
Դուրեանը։
Այս
տարակուսոտ
հարցականը
չի
բխիր
տաղանդին
նկարագիրներէն,
ոչ
ալ
գործին
տարակերպ
ինքնատիպութենէն։
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
գրաբար
սիրերգութիւններն
ալ
անսովոր
վկայութիւններ
են,
բայց
կողմով
մը
վերածելի
մեր
գրականութեան
ընդհանրութեանց։
Մենք
երբեմն
մեղքը
մեծ
ցուցինք,
գեղեցկացուցինք
(Նարեկացի)
շատ
աւելի
անդին
քան
մարդկայինը:
Մենք
երկինքը
մեր
պզտիկ
ցաւերուն
տաղաւար
ընելու
չափ
մտերիմ
եղանք
Աստուծոյ,
Անոր
Սրտին
ու
Անոր
Հոգիին
հետ
գտնելով
խօսքի
ձեւ
մը
որ
հարազատ
է
դարձեալ
հայ
հոգեխառնութեան
(Շնորհալի)։
Մենք
կինը
երկնայնացնելու
չափ
աճեցուցինք,
անոր
մէջը
դնելով
մեր
սքանչելի
երկրէն
մեր
ներսը
բիւրեղացած
(Uթանտալեան
առումով)
այնպիսի
քաղցրագին,
վշտոտ,
սրտայոյզ
շեշտեր
որոնք
դարերով
կը
պահեն
իրենց
տաքութիւնն
ու
խռովքը
(Մեծացուսցէները,
Սայեաթ–Նովա,
Քուչակ)։
Բա՜յց:
Ո՞ր
ժողովուրդին
ձայնը
կայ
Տրտունջքին
ներսը:
Ահա
անպատասխանելին։
Ո՞ր
պատանիին
սիրտը
կը
խօսի
այն
անորակելի
քերթուածներուն
մէջ
(Սիրել,
Դրժել,
Ներա
հետ,
Հեծեծմունք,
Uե՜ւ,
սե՜ւ,
Լճակ,
յիշելու
համար
քանի
մը
հատ)
որոնք
անոնց
հեղինակի
անունը
կ՚ազատագրեն
ժամանակէն,
միջոցէն,
տեղէն
ու
ցեղէն,
պահէն
ու
պայմանէն,
ու
արցունք
մը,
համբոյր
մը,
մահուան
թեւ
մը,
սրտի
զարկ
մը
իբրեւ
կ՚առկախեն
զայն
մեր
հոգիներէն
ներս,
հոն
յուզելով
այլապէս
բարդ,
անորակելի,
խորունկ
խռովքներ։
Հա՞յ
է
այդ
տղան։
Այս
հարցականը
ծիծաղելի
սոփեստութիւն
մը
պիտի
նշանակէր
Աբովեանի
մը
համար։
Այս
հարցականը
շքեղ
հաստատական
մը
իբրեւ
պիտի
դառնար
մեր
մտքին,
երբ
տրուէր՝
օրինակի
մը
համար՝
Վարուժանին,
Մեծարենցին,
նոյնիսկ
Թէքէեանին
հետ,
որոնք
աւելի
նոր
ժամանակներու
ծնունդ,
պարտաւոր
էին
տարազը
ենթարկել
կասկածի։
Պետրոս
Դուրեան,
առաջին
հաղորդումով
մը,
մեզ
կը
տպաւորէ
անբացատրելի
խորհուրդ
մը
իբրեւ։
Հա՞յ
է
այդ
տղան,
կը
հարցնեմ
կրկին,
թէ
որեւէ
ազգային
հանգամանք,
դուրս
տեսակ
մը
կախարդութիւն,
տեսակ
մը
հրաշք՝
որ
առեր
է
մեր
լեզուին
բառերը
արտայայտելու
համար
քանի
մը
շատ
պարզ,
նախնական
հայց
անդնդախոր
վիճակներ
որոնց
ըլլլային
հաղորդ
բոլոր
սիրտերը
բոլոր
ժամանակներուն
ու
տեղերուն։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
դուրս
եմ
սովորական
չափերէ։
Ու
վերլուծումէ,
բաղդատութենէ,
ներածական
մարզանքներէ
աւելի
զգացումներ,
կիրք,
յոյզ
ու
կրակ
կը
դնեմ,
անգիտակցաբար,
իմ
տողերուն։
Ասիկա
թերեւս
անոր
համար,
վասնզի
Պետրոս
Դուրեան
անխառն
բանաստեղծութիւնն
է,
այս
բախտաւոր
տարազէն
շատ
առաջ
բայց
զայն
ոեւ
մէկէ
մը
աւելի
վերջնական
ձեւով
մը
սեւեռող։
Այն
ընդարձակ,
համամարդկային,
գերմարդկային
(կը
վախնամ
իմաստասիրական
նմանութիւններէ,
օգտուելու
համար
գերման
տարազներէ
ալ)
խռովքը
որ
երբեմն
զգեստը
կը
հագնի
այս
ու
ան
բարբառին,
կ՚ընէ
լեզուի
մը
բառերը
մաղ
մաղ
կրակ
ու
անկէզ
մորենի,
եւ
քանի
մը
քառեակներու,
քերթուածներու
ներսը,
քանի
մը
հազար
տարուան
յուզումներ
կը
բիւրեղացնէ,
ընելով
զանոնք
անխորտակելի
գեղեցկութեամբ
գոհարներ,
որոնց
չըլլար
ներելի
մօտենալ
սրբապիղծ
մատուըներով,
քննադատներու
կարկիններով
կամ
վարժապետներու
տրամաբանական
փաստաթուղթերով։
Պետրոս
Դուրեան
հանճար
[2]
մըն
է,
համահաւասար
ուժով
Աբովեանին,
Քուչակին,
Սայեաթ–Նովային,
Նարեկացիին,
Շնորհալիին.
—
Մարդեր
ասոնք,
որոնց
իւրաքանչիւրին
հետ,
ըսի
անգամ
մը,
դժուար
չէր
դնել
վերլուծման
սեղանին,
այս
ժողովուրդին
հոգեխառնութեան
որոշ
բաժինները,
zoneերը,
գործածելու
համար
գէշ
բայց
անհրաժեշտ
բառ
մը։
Այս
անուններէն
ամէն
մէկը
մէկ
կերպարանքն
է
յատկութիւններու
փունջի
մը,
միշտ
իմ
ժողովուրդէն,
ասոր
զգայնութեան
մէկ
վկայութիւնը։
Անոնցմով
կ՚անձնաւորուին
ընդարձակ
խորհուրդներ,
խորհրդանիշներ։
Խորքին
մէջ
հասարակաց
հէնքով։
Կերպարանքին
մէջ
զօրաւոր
կնիքով,
անձնաւորմամբ։
Չունիմ
ժամանակ
այդ
անունները
ու
այդ
խորհրդանշանները
բանալու:
Համադրական
ուրիշ
փորձերու
մէջ
թերեւս
ինծի
տրուի
պատեհութիւնը
հայ
հոգին,
հայ
մշակոյթը
իր
բաղադրիչներուն
վերածելու
ու
իրարու
հաշտեցնելու
առաջին
ակնարկով
անյարիր,
բայց
ուշադիր
թափանցումով
նոյնատարր
շնորհներ,
գեղեցկութիւններ։
Պետրոս
Դուրեա՞ն։
Կ՚առաջարկեմ
սա
տարազները,
այդ
անունով
մեզի
հասած
գործը
լուսաւորող
եւ
Պետրոս
Դուրեան
քաղցրութիւնն
է
մեր
ժողովուրդին։
Բացէք
տարազը
ու
պիտի
բխին
անոր
խիտ
կողերէն
ինչ
որ
դարեր
ու
դարեր
մեր
ժողովուրդը
ըրել
է
համակրելի,
զինքը
այցելող
բոլոր
օտարները
շեշտօրէն
տպաւորելով,
ի՛նչ
որ
հայ
գեղ
մը,
պար
մը,
երգ
մը,
տան
ներքնամաս
մը
կ՚ընէ
հեզ
ու
ընտանի,
հիւրընկալ
ու
գգուալից։
Պետրոս
Դուրեան
իմ
ժողովուրդին
տրտմութիւնն
է,
որմէ
զերծ
հայ
չէր
ըմբռնուեր
մինչեւ
երկրորդ
մեծ
պատերազմը
եւ
զոր
հերքելու
յիմարութիւն
մը
հիմա
օրակարգ
է
դարձեր
երբ
զուարթ,
խնդացնող
գործեր
կ՚ուզենք
մեր
գրողներէն։
Աւելորդ
է
բացատրութիւններ
կուտել
այդ
տրտմութիւնը
արդարացնելու
համար։
Պետրոս
Դուրեանի
բոլոր
տաղերը
ոչ
միայն
թաթաւուն
են
անով,
այլեւ
կուտան
սանկ
ծանր,
լուրջ
ազնուականութիւն
մըն
ալ,
ժխտական
հետեւանքները
հակակշռելու
աստիճան։
Կուլանք
այդ
տղուն
հետ
բայց
չենք
տկարանար։
Ու
զօրաւոր
էր
իմ
ժողովուրդը
դարեր
ու
դարեր:
Պետրոս
Դուրեան
անհուն
ջերմութիւնն
է
իմ
ժողովուրդին,
որով
պաշտպանուեցան
իր
անհուն
գերեզմանները,
կենդանական
իր
կործանած
կողերը,
ապրեցաւ
մահէն
դարձեալ,
հրաշքները
վերածնող
հոգեբանութիւններ։
Տաք
է
այդ
տղուն
արցունքը,
ողբը,
ինչպէս
տաք
էին
անոր
արեան
աւելի
հեռու
ուրիշ
կերպարանքները:
Վարժութիւն
մը
չէ
յուզուիլ
մեր
պատարագին
մէջ
ու
հետ,
որ
հազիւ
թէ
աղօթք
է
ու
հանդէս,
այլ՝
քաղցր
այն
պահը
որուն
ընթացքին
մենք
կ՚առնենք
պարզուկ
բառերու
ու
աւելի
պարզուկ
խաղերու
թեւերով
տուրքը
որ
չ՚այրեր,
ու
կը
փաթթէ
ցրտութիւնները
կեանքին,
զրկանքին,
հալածանքին
ու
ջարդին,
այնքան
ընդարձակ,
կրկնաւոր,
տիրական
մեր
հոգիներուն
յօրինման
մէջ։
Uէր,
աղօթք,
արցունք
մինակ
տաքութիւն
չեն
արձակեր
Պ.
Դուրեանի
տաղարանին
մէջ,
այլեւ
կեանքին
վրայ
ու
ժամերուն
ներսը,
մեր
շարժուն
քերթուածներուն
հետ
-
մեր
պայմանները
—
մեզմէ
հոսող
ու
մեզի
դարձող
վառարաններ
են։
Գացէք
ժամ,
սիրելի
մը
թաղելու։
Հակառակ
ձեր
խորունկ
քայքայման,
մահուան
յստակ
սառոյցին,
հանգստեան
կարգը
ձեզի
համար
ջերմութեան
ու
սիրոյ,
յոյսի
եւ
խաղաղութեան
հանդէս
մըն
է:
Զայն
յօրինող
հայրապետը,
իր
կարգին
տաք
հնոց
մըն
էր
շնորհի
եւ
սիրոյ։
Պետրոս
Դուրեան
մեր
ժողովուրդի
երեւակայութեան
փարթամ
դրասանգն
է,
այսինքն
անոր
երբեք
չպակսող
արուեստի
զգայարանքին
տիրական
փաստը։
Ձեւի
մէջ
նորութիւն,
ինքնութիւն,
ինքնատպութիւն,
նորոգման
ընդունակութիւն
պատահական
առաքինութիւններ
չեն,
ոչ
միայն
Պետրոս
Դուրեանի
համար,
այլեւ
մեր
ժողովուրդին
բոլոր
խաւերուն։
Մեր
լեզուն
ձեւի
շքեղանք
մըն
է:
Մեր
լեռները
մենք
ենք
ձեւի
կապեր,
անոնց
կնճիռները
հարթելով,
կոկելով
տեղ
մը
գիւղով
մը,
ուրիշ
տեղ
մը
վանքով
մը,
երբեմն
ճամբու
մը
գօտիովը։
Փոխաբերութեանց
առատութիւնը
գրական
զեղծում
մը
չէ
միշտ,
այլեւ
աւելի
խորունկ
ուժերու
արտայայտութիւն։
Պետրոս
Դուրեան
մեր
ժողովուրդին
ստեղծագործ
ոգիին
խորհրդանիշ
պատկերն
է,
կերպարանքը:
Կեցէք
լրջութեամբ,
պատկառանքով
այդ
տղուն
պզտիկ
դիւանին
առջեւ։
Հոն
-
յաջողակները
իր
քերթուածներէն
միշտ
ունեցէք
նկատի
–
ոչ
մէկ
տարր
որ
չգար
իրմէ,
իր
խորունկէն։
Որ
բառարանին
անիկա
տուած
է
այդ
նորա
կերպ
գործածութիւնը։
Իր
ցաւը
անիկա
մեզի
բերած
է
մինչեւ
իր
օրը
անծանօթ
կերպարանքներու
մէջ։
Իր
պատկերները
անիկա
դարբնած
է
իր
մտքի
քուրայէն
ու
իր
շեշտը
անիկա
ծորած
է
իր
հոգեղէն
գեղձերէն,
ոչ
ոքի
ոչ
ինչ
մնալով
պարտական
եւ
Պետրոս
Դուրեան
աւարտած
կաթողիկեն
է
մեր
ժողովուրդի
զգայնության:
Կը
խորհիմ՝
թէ
խելքը
կունենաք
այս
առաջարկները
չգունաւորելու,
գրականութեան,
խանդով
մտածումին
մեղքերովը։
Օշական,
զինքը
կարդացողներուն
չափ
գիտակ
է
այդ
ոճախաղին
ու
առնուազն
պարկեշտ՝
ուրիշներու
մօտ
այնքան
խստութեամբ
դատապարտուածը
իր
վրայ
հարուածելէ։
Բայց,
Պետրոս
Դուրեան
նոյն
ատեն
այն
մէկ
հատիկ
անունն
է,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ,
որուն
հետ
մեր
մտքին
այցելէին
համաշխարհիկ
գրականութեանց
ամենէն
վաւերական
քերթողները:
Ամբողջ
ազգերու
քնարերգակները
ես
ունիմ
նկատի
երբ
այս
տողերը
կ՚ըսեմ։
Անիկա
մէկն
է
այն
շատ
քիչերէն
որոնք
հազարամէ
հազարամ
կ՚երեւին
մտքի
հերկերուն
կամ
զգացման
ծովերուն
ափունքին,
խորհրդաւոր,
գեղեցիկ,
Դժբախտ,
հէքեաթային
ու
«Աստուծոյ
մատը
իրենց
ճակատին
»
(touché
au
front)
ինչպէս
կ՚ըսեն
գաղիացիք։
Երբեմն
զգացումներն
ու
մտածողութիւնը
կը
համադրուի
անոնց
ազազուն
կամ
փարթամ
անձնաւորութեանց
ներսը,
շրջանին
պարտադրելու
չափ
իրենք
զիրենք:
Երբեմն
հազիւ
հողին
դպող
ոտքերով,
կը
քալեն
մեր
ցաւերուն
դաշտերէն,
մեր
հաճոյքներուն
պուրակներէն
ու
կը
դադրին,
սահմաններէն,
ոլորքներէն
շատ
առաջ։
Կ՚անցնին:
Ու
մենք
չենք
կրնար
հասկանալ
այդ
հրաշագեղ
երեւոյթները,
երեւումները։
Կ՚անցնին
ու
ա՛լ
չեն
մոռցուիր։
Դիտեցիք
թերեւս
որ
Դուրեանի
վերլուծման
սա
մուտքը
ինծի
չի
թելադրել
գրական
թեմաներ:
Մեծութիւն,
դեր,
ազդեցութիւն,
ներկայացուցչական
ընդհանրացումներ
չեն
անցնիր
իմ
մտքէն
այդ
անունին
հետ,
բացի
անոնցմէ
որոնք
շատ
հեռաւոր
երանգով
մը
զայն
կը
հաշտեցնեն
մեր
ժողովուրդին
(կանխող
էջին
առաջարկները)։
Պիտի
տեսնէք
որ
դեր,
ազդեցութիւն,
փառք,
համբաւ
իրողութիւններ
են,
ուրիշ
կիսագունդերու
մէջ
հաստատելի:
Ոչ
ոք
մեր
մէջ
այդ
իրողութիւնները
պարտ
ու
պատշաճ
արժանաւորութեամբ
մը
ղեկավարեց
քան
Արշակ
Չօպանեանը
որմէ
ոչ
մէկ
քերթուած
կ՚անցնի
մեր
քնարերգութեան,
բայց
որուն
բարիքը
այդ
քնարերգութեան
շրջափոխումին
վրայ
դեռ
չէ
պաղած,
ամբողջ
երկու
սերունդ
ուղիղ
ճամբուն,
ուղիղ
արուեստին
շահելէ
վերջ։
Ասոնք
ալ՝
քմայքները
գրականութեանց
պատմութեան։
Յետոյ,
գրագետ
յղացքին
մեր
մօտ
ստացած
ընդհանրութիւնը
(այնքան
իրաւ
կերպով
մը
յիշեցնող
մեր
հին
մատենագրութեան
մէջ
պատմաբան
յղացքին
ընդարձակութիւնը)
թերեւս
պատճառ
է
որ
մենք
գործադրենք
կշիռներ,
քիչ
մը
շատ
սովորական։
Պետրոս
Դուրեան
մը
մարքսիստ
դատողի
մը
համար
(Ս.
Յակոբեան)
ընկերային
թեմա
մըն
է,
անօթութեան
տռամա
մը։
Չեմ
յամենար
այս
այլանդակութեանց
հերքումին։
Ընդունուած
կարծիք
է
որ
արեւմտահայ
գրականութիւնը
տիրական
նուաճումով
մը
աւարտած
է
քերթողական
զգայնության
իր
շրջափոխութիւնը։
Երեք
սերունդ։է
Ու
իւրաքանչիւրին
մէջ
(տժգոյն՝
Իրապաշտներուն
մօտ)
մէկէ
աւելի
իրաւ,
կատարեալ
փաստեր
այդ
զգայնութիւնը
աս
ու
ան
երեսներու
վրայ
սեւեռող։
Դժուար
չէ
Տը
Միւսէն
եւ
Պէշիկթաշլեանը
եղբայրացնել
զգայնութեան
ինչպէս
արուեստի
տագնապներու
մէջ։
Աղօտ
թէեւ`
բայց
անուրանալի
հանգիտութի՛ւնը՝
Լը
Գոնդ
տը
Լիլին
եւ ...
Սիպիլին
(տարբերութեամբը
բաժնուած
իրարմէ
բանաստեղծական
հպարտ
խառնուածքին,
գաղիացիին
մօտ
բացարձակ,
հայուն
քով`
մուրացիկ,
սուտ)։
Մեծարենց
եւ
Սամէն
իրարու
մօտիկ
զգայնութիւններ
են։
Ո՞վ
ունինք,
օտարներէն,
բաղդատական
սա
քիչ
մը
յանդուգն
փորձին
համար
երբ
կ՚առաջարկենք
Պետրոս
Դուրեանը։
Թարգմանեցէք
զայն
(ինչպէս
ըրին)
ու
պիտի
սպաննէք։
Բայց
կ՚անցնին
ազգերը,
ինչպէս
իրենց
գրականութիւնները։
Սեռերու
շրջափոխութեան
յաւակնոտ
վարդապետութիւնը
դասախօս—քննադատները
թող
խանդավառէ:
Իր
շրջումէն
հազարաւոր
տարիներ
վերջ՝
լատին
գրականութիւնը
չի
վերապրիր
անշուշտ
իր
քերթողներու
շքահոյլովը,
մեր
օրերուն
բոլորովին
պատմական
իմաստ
մը
կերպարանող։
Բայց
զայն
ուսումնասիրող
միտք
մը
պիտի
կենայ,
շուար
ու
տառապագին,
Վիրգիլիոսին
առջեւ
ու
պիտի
կոտրտէ
իր
գլուխը
հասկնալու
համար
առեղծուածը
այնքան
իրաւ
Վիրգիլեան
զգայնության,
քաղաքի
մը
մէջ
ուր
կիրքը,
թանձրամտութիւնը,
նիւթը
ու
վայելքը,
կինն
ու
գինին,
կողոպուտն
ու
անասնութիւնը,
պատերազմը
եւ
անարդարութիւնը
կը
կազմէին
ամենէն
տիրական
ապրումները
մեծերուն
ինչպէս
պզտիկներուն
մօտ։
Եւ
սակայն
այդ
մարդը
զուր
տեղը
չէ
որ
երկար
դարեր
պատմուած
է
Մանթու
ի
խրոպին
խորհրդանոյշ
շրջաբանութեամբը:
Ու
զուր
տեղը
չէ
որ
Հիւրմիւզ,
ԺԹ.
դարուն
մեծ
բանաստեղծ
է
նկատուած
մեր
մէջ,
վասնզի
կը
կրկնէր
Մշակականքը։
Շուկայի
ոսկերիչին
իսկ
հասած
է
անունը
Վիրգիլիոսին,
լատին
գրականութեան
մեծ
փառքերէն։
Ընդունի՞լ`
այս
փաստերուն
ճնշումին
ներքեւ
իրաւ
բանաստեղծ
մը
Օգոստոսի
այդ
սպասեակին
(valet)
մօտ։
Կը
վարանիմ։
Կը
գովեն
Տանթէն
ու
գիտեն
անշուշտ
թէ
ինչու:
Քնարական
բանաստեղծութեան
բաժի՞նը`
այդ
գովեստին
մէջ։
Կը
նկատեն
Քոռնեյլը
մեծ
քերթող,
ու
անոր
գործին
բիրտ,
ծանր,
խիստ
նկարագիրը
բացատրելու
ատեն
խնամքով
կը
վերլուծեն
դարն
ու
բարքերը,
որոնց
կնիքը
անխուսափելի
կը
յայտարարեն
այդ
մարդուն
թատերական
գործին
վրայ:
Կրնայ
ըլլալ:
Բայց
ատոնցմէ
վերը
ան՝
որ
գաւառական
գիւղաքաղաքի
մը
մէջ,
դաշտէն
տուն
դարձող
գաղղիացի
մշակ
մը
լսած
է
անունը
ազգային
այդ
փառքին։
Ու
նոյն
ընդհանրութեամբ
գերմանները
ունին
Շիլլերը,
անգլիացիք՝
Պայրընը։
Վարուժանը
մեր
մօտ,
Ալիշանէն
վերջ,
նման
ընդհանրացումներու
ծնունդ
է
տուած։
Բոլոր
այս
անունները
ոչ
միայն
փառքեր
են,
այլեւ
խորհրդանշաններ։
Հիմա
կ՚անցնիմ
ուրիշ
շարքի
մը,
նոյնքան
ծաւալուն
որքան
առաջինները:
Փողոցի
մուրացիկն
իսկ
ամէն
երկրի
մէջ
լսած
է
Հոմերոսը,
որ
հարիւր
անգամ
աւելի
իրաւ
բանաստեղծ
մըն
է,
նախապատմական
դարերու
քաղցր
մշուշովը
վարշամակուած,
որուն
ներքին
ջերմութիւնը
հազիւ
թէ
կը
կրէ
նուաղման
հետքեր։
Բեթրա՛րքը,
որուն
հնչեակներուն
մէջ
Վիրգիլիոսի
Իտալիան
մարդացած
է,
արեւելեան
զգայնութիւն
մը,
տրտմութիւն
մը,
դառնութիւն
մը,
փառքէ
յոգնութիւն
մը
թելադրելու
չափ։
Իտալացիք
հպարտ
են
անով,
վասնզի
տաք,
հեշտաւէտ
ու
նուրբ
է
զգայնութիւնը
այդ
բացառիկ
ճամբորդին։
Կեցէք
Ռոնսարին
առջեւ
զոր
Սէնթ-Պէօվ
կը
նկատէ
գաղիացիներուն
ամենէն
իրաւ
բանաստեղծը,
եւ
որմէ
քանի
մը
քերթուած
կը
պահեն
բիւրեղակերպ
իրենց
գեղեցկութիւնը՝
մինչեւ
այսօր
անթառամ։
Ու
կուտամ
Շելլին,
Քիցը,
բայց
մանաւանդ
Հանրի
Հայնէն
որոնցմէ
մեզի
մնացած
քերթուածները
թափանցիկ
են,
պարզ,
տաք,
ամենէն
մաքուր
բիւրեղներուն
վճիտ
շնորհովը,
ինչպէս
ամենէն
իրաւ,
արիւնոտ,
տառապող
սրտերուն
ճենճերալից
կրակովը,
արիւնովը։
Երկու
շարքերէն
ալ
մենք,
համաձայն
մեր
նախասիրութեանց,
կ՚ընտրենք
մեր
հատորները։
Պետրոս
Դուրեա՞ն։
—
Ան
տղան
որ
տասնըհինգը
նոր
կը
մտնէ.
այս
տղուն
քերթուածները
պիտի
ունենայ
իրեն
սրտին
առաջին
պատահարը։
Ու
տղաքը
սրտի
պատահարներ
միայն
չեն
ունենար
աղջիկներու
հետ
ու
ետեւէն։
Այլ
եւ
կ՚ունենան
մտքի
բզքտումներ։
Աւելի
անդին
ես
կը
խօսիմ
Պ.
Դուրեանին
հետ
իմ
պատահարը:
Իմ
կարծիքով,
մինակ
այս
տղան
տուած
ըլլալու
փառքը
պիտի
բաւէր
արեւմտահայ
գրականութեան
արդար
իրականութեան։
Անիկա
մեր
ամենէն
իրաւ
բանաստեղծն
է,
այս
հաւաստումին
ետեւ
ծուարուն
բոլոր
թաքուն
թելադրանքներովը։
Աւելի
անդին
իմ
վերլուծումը
պիտի
ջանալ
այդ
խորհուրդներէն
ամենէն
հիմնականները
լոյսին
բերելու։
Բաւ
է
ինծի,
սա
մուտքի
սահմաններուն,
յայտարարել
թէ
անոր
նիհար
դիւանի
մէջ
ես
գտել
եմ
հանգոյցը
այն
քանի
մը
գեղեցկութեանց
որոնք
Մեր
ժողովուրդին
իմացականութիւնն
ու
զգայնութիւնը
կը
վկայեն
հեռաւոր
ժամանակներ
է
սկսեալ։
Գողթան
երգե՞րը:
Ինչո՞ւ
չէ։
Չեմ
առաջարկել
գողթան
երգիչներ
որոնք
աւելի
պարզ,
աւելի
սրտոտ,
աւելի
խենթ
Պետրոսներ
էին
անշուշտ
երբ
վինի,
բամբիռի,
քարի
եւ
փողի
հեշտանքները
կը
բարեխառնէին
իրենց
իսկ
ջիղերուն
կենդանի
լարերը
հոսումի
հանելով
իրենց
բերնէն
թափուած
բառերուն
ետեւէն,
ինչպէս
ըրած
է
երկաթագործի
որդի
Պետրոսը,
Պոլիս,
իր
ոտանաւորը
վերածելով
միսով
տոչորուն
սարսուռի
մը։
Զուարթնոց
եկեղեցի՞ն։
Ինչո՜ւ
չէ։
Տասը
քերթուած
Պետրոս
Դուրեանէն՝
մեր
ժողովուրդին
փառքին
կը
բերեն
նոյն
զգաստ,
ջերմ,
ոճաւոր
հրայրքը,
շնորհը,
գեղեցկութիւնը։
Շնորհալիին
քանի
մը
երգե՞րը:
Ինչո՞ւ
չէ,
երբ
ինծի
կը
տրուի
Նորահրաշին
մէջ
զգալ
նոյն
ալ
կրակը,
նոյն
արիւնոտ
երազը
որոնք
դիւցազնաշունչ
շարականը
կը
զատեն
աղօթքի,
աղաչանքի
ընթացիկ
խօսքերու
ճակատագրէն
ու
կ՚ընեն
զա
յն
անմահ
իսկութեամբ
պատկեր
մը
մեր
պապերուն
ապրումներէն։
Մէկ–երկու
գլուխ՝
Աղօթամատեանէն:
Քանի
մը
քերթուած՝
Սայաթ–Նովայէն,
Քուչակէն:
Քանի
մը
հատուած՝
Վէրք
Հայաստանիէն։
Ու ...
Պետրոս
Դուրեան
էն`
8-10
քերթուած։
–
Սխալի՞
մէջ
եմ
երբ
այս
ամէնը
կը
յայտարարեմ
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
սրտառուչ,
իրաւ,
անթառամ
ստեղծումները։
Չեմ
կարծեր։
Հիմա՝
մարդն
ու
գործը։
[1]
Չեմ
յիշեր,
արդեօք
պատմա՞ծ
եմ
տեղ
մը,
դժնդակ
տառապանքը
որ
իմ
պատանութեան
ամենէն
աղեխարշ
յիշատակը
իբրեւ,
կը
գոցէ
իմ
այնքան
տրտում
պարմանութիւնը։
Ատիկա
նուէրն
էր
հինգ
ղրուշին
զոր
կը
ստանայի
վեց
օր
տեւող
բեռնակրութեան
մը
փոխարէն։
Կանչուած
էի
իբրեւ
գրագիր,
արձանագրելու
տոմարի
մը
մէջ
օրուան
գործառնութիւնը։
Լման
բան
մըն
էր
շրջանակը
այդ
տոմարին
որուն
քառսունը
անցնող
մթերանոցներուն
մէջ
դիզուած
էին
ապրանքները,
երկաթեղէն,
բրդեղէն,
բամպակեղէն։
Շաբաթը
տեղ
մը
կը
պարպուէին
այդ
կախարդական
ապարանքները,
լեցուելու
համար
սկսող
շաբթուն։
Գրագիրը
պարտաւոր
էր
կարելի
արագութեամբ
կազմել
հաշուեցոյցները
որպէսզի
ձգէր
սեղանը
ու
անցնէր
հասնող
հակերուն
պարպումին։
Գրագիրը
համրող
մեքենայ
մը
չէր։
Պարտաւոր
էր
օգնել
հակերուն
փոխադրումին,
մանաւանդ
երկաթներու
խուրձերուն
մատուցանել
իր
դիւրաբեկ
ուսերը։
Այսպէս
աշխատցուց
զիս
այդ
միլիոնատէրը,
գրիչին
ու
մկանին
աշկերտութիւնը
իրարու
հաշտեցնելով։
Արիւնոտեցան
իմ
մատները։
Քրքրուեցան
իմ
զգեստները։
Աղային
հոգը
չեղաւ
սակայն։
Չէր
մտածէր
թէ
ինչ
կ՚ուտէի.
ինք
հինգ
փարայի
հաց
ու
հինգ
փարայի
պանիրով
պաշտօնապէս
կը
կշտանար
մաղազային
մէջ,
պաշտօնեաները
վարժեցնելու
համար
անշուշտ
րէժիմի:
Շաբաթ
իրիկուն,
իբրեւ
վարձատրութիւն,
ինծի
կը
տրուէր
հինգ
ղրուշնոց
մը։
Անշուշտ
իմ
արտայայտութիւնը
այդ
դրամին
դիմաց
ըլլալու
էր
շատ
յատկանշական
որպէսզի
դրամատէրը
աւելցնէր
«բացառիկ
շնորհ
մըն
էր
որ
կ՚ըլլար
ինծի,
քանի
որ
հօրենական
աւանդութիւն
էր
գործի
մտնող
ամէն
մարդու
որեւ
է
վարձատրութիւն
չընել,
մինչեւ
որ
կատարուէր
ընտելացումը
»:
1900ին,
այսինքն
Դուրեանի
մահէն
քառորդ
դար
մը
յետոյ,
Պոլսոյ
մէջ
մարդիկ
փոխուա՞ծ
էին։
Չեմ
գիտեր
Պոլսոյ
դուռը
նկատուող
Պրուսայի
մէջ
Աղքատախնամին
կը
նախագահէր
իմ
patronը։
Ու
իմ
բաթրոնը
այլապէս
շահագրգրուած
ալ
էր
ինձմով
քանի
որ
իր
տղուն
ստնտուն
էր
եղած
իմ
մաման։
[2]
Չունիմ
նկատի
տարազին
ետին
զետեղելի
բազմատեսակ
իրողութիւններու
թելադրանքը:
Բառը
գիտական
յաւակնութենէ
դուրս
է
իմ
մտքին
մէջ։
Անիկա
փոխարինելի
է
ոգիով,
աս
ալ
իր
կարգին
անիմաստ
գործածութեամբ
մը
մաշած
ու
աղաւաղուած,
ինչպէս
հանճարն
է
ինքնին։
Ժողովուրդի
մը
ոգին
աւելի
պարկեշտ
չափերով
կը
խտացնէ
կարգ
մը
կերպարանքներ
(ընդհանրապէս
հոգեղէն)
քան
անոր
հանճարը:
Այսպէս
ոգի
մըն
է
մեր
մէջ
մեր
տրտմութիւնը,
ժուժկալութիւնը,
շէնութիւնը,
արդարամտութիւնը։
Հանճարային
պիտի
ըլլային
մեր
արուեստի
ստեղծումները
եթէ
երբեք
իրագործուէին,
այսինքն
իրենց
լրումին
հասնէին։
Վերցուցէք
Զուարթնոցը
Պոլիս,
Այա
Սոֆիա
մը
պիտի
չունենայինք
անշուշտ:
Բայց
պիտի
չունենայինք
նոյն
ատեն
այն
զուսպ,
դէպի
ներսը
հակող,
միջոցը
իր
երեսներուն
վրայ
այնքան
պարզ,
թեթեւ,
ընտանի
բռնող
յօրինուածքը
որ
այդ
տաճարն
է
իր
համայնանկարին
մէջ։
Անիկա
պիտի
ըլլար
հաւանաբար
անկնիք,
տափակ,
սմսեղուկ,
վաշխառու
ու
պազիրկեան
շէնքը
որ
յոյներուն
աղօթատեղիները
կը
բնորոշէր
միջին
դարերուն,
կարելի
եղածին
չափ
քիչ
հողի
վրայ
շատ
շահու
գետին
մը
թելադրող։
Երուսաղէմի
Տնօրինական
վայրերուն
վաճառաշահական
սուր
թելադրանքները
կուգան
այդ
ոգիէն:
Լատինը
ատեն
չէ
գտած
ինքզինքը
կազմակերպելու.
Տարէք
հայ
երգը
Կովկասի
տափաստանները
կամ
Ափրիկէի
աւազադաշտերը։
Դուք
պիտի
չունենայիք
այն
միշտ
զուսպ,
միշտ
քաղցր,
միշտ
տրտում
ու
միշտ
չէն,
աշխոյժ
ալ
հոգեղէն
դրութիւնը
որ
կ՚ընդնշմարուի
մեր
ժողովրդական
երաժշտութեան
մէջ։
Ռնգային,
ձգմգուն,
տափակ,
նուաղկոտ,
քիչիկ
մը
թանձր,
անվախճանօրէն
միօրինակ
մելոտիները
թուրքերուն
ու
ղպտիներուն
անշուշտ
մինակ
հողերէն
չեն
ծորիր:
Ունին
նաեւ
իրենց
քուղերէն
ոմանք
զիրենք
ոլորակող,
հալածական
պոռացող
ոգիներուն
ալ
հէնքին
մէջ։
Հանճարը
ոչինչ
է
ազգային,
ազգագրական։
Անհատին
զարդագծումը,
գերաճումը,
երբեմն
ծանր
տոյժերով,
երբեմն
անակնկալ
մարմնառութիւններով։
Միշտ
աւելի
ասդին՝
քան
ոգին,
որ
պարզ
է
ու
զգալի,
հաղորդական
ու
հասկն
ալ։
Պետրոս
Դուրեանի
հետ
գործածուած,
տարազը
կը
ձգտի
թելադրել
իր
ուժերէն
հալածուած
մարդը,
որուն
զլացուած
ջլային
մարդկեղէնին
դիւրութիւնները,
յարմարութիւնները։
Անոնց
որ
գրականութեան
մէջ
այդ
տարազը
յաճախ
կը
ծածկէ
ծանր
անձնականութիւն,
որուն
գիրն
ըլլար
բախումի
մտնել
քիչ
մը
ամէն
բանի
հետ։
Ստեղծումի
ուրիշ
գետիններու
վրայ
հանճարը
հետեւանքներ
ունի
միշտ,
օգտաւէտ
կամ
աղիտաւոր։
Գրականութեան
մէջ
անիկա
բացառութիւնն
է,
առանձնութիւնը,
մրիութիւնը։
Զայն
չհասկցողները
կը
ներուին։
Զայն
հալածողները
չեն
քարկոծուիր։