Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Բ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ. ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ 

Գրականութեանց պատմութիւնը (համաշխարտիկ) երբեմն տարօրինակ իրողութիւններու հանդիսավայր կը դառնայ: Ժամանակը կը շրջէ, կը թաղէ մեծատարած փառքեր ինչպէս աւերակին փոշիներէն լոյսին եւ հիացման կը հանէ հիմնովին շրջուածներ, թաղուածներ։ Առանձին այս երեւոյթը կը հետաքրքրէ անշուշտ քիչ մարդեր, բայց ունի ծանր տարողութիւն, երբ մերինին նման փոքր գրականութեան մը վրայ մէկէ աւելի անգամներ ինքզինքը կը կրկնէ։ Երախտագիտութիւն, յարգանքի տուրքը մի շփոթէք վաւերական արժէքէն բխող յոյզին հետ։ Ոչ մէկ գրական, քննադատական ուսումնասիրութիւն ընդունակ է Շնորհալիին Կեանք Յիսուսին կամ Ողբ Եդեսիոյ քերթուածները ողջացնել, ինչպէս կործանել՝ նոյն հեղինակին Ի քէն հայցեմքը։ 1900ին մարդիկ կը պատկառէին Ալիշանէն։ 1940ին աւելի ազա՞տ՝ անոր գործին դիմաց: Կ՚ենթադրեմ։ Ու կը հասկնաք իմ տագնապը երբ կը պատրաստուիմ ըսելու իմ մտածումը բանաստեղծ Ալիշանի մը վրայ: Այս վարանքը զիս չըներ նկուն երբ կը դատեմ Բագրատունին, Հիւրմիւզը, Նար-Պէյը, իրենց քերթուածներուն մէջ, ոչ անշուշտ գրաբարին ուսին նետելով վրիպանքին պատասխանատուութիւնը (Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան այդ գործիքով մեզի ձգած է գեղեցկագոյն ապրումները հայ հոգիին), այլ արդիւնքին ընդմիշտ սառած պատկերէն պաշտպանուած: Թարգմանեցէք Հիւրմիւզը, ամենէն դաշնաւորը երեքէն ու փորձեցէք կարդալ: Ալիշան բանաստեղծ մը հասարակաց ապրում է ու սրբապղծութիւն՝ գայթակղութիւնը պաշտպանելու ամէն փորձ անոնց համար որոնք չեն ազատագրած իրենց միտքը

Չեմ նախապաշարեր ընթերցողը։ Համապատկերը կործանման հանդէս մը չէ, չի կրնար ըլլալ: Բայց չէ նոյն ատեն դիմակաւոր պարահանդէս մը: Անիկա ծրագրուած է այս ժողովուրդին իմացական մէկ գործունէութիւնը ենթարկել արդար, հաստատ վերլուծման ու հիացման կանչել բոլոր սփիւռքը իրաւ արժեքներու, որոնց թիւը՝ բարեբախտաբար առատ է բաւելու չափ ամենէն խստապահանջ տեգոռներուն։ Հիացման պարտքը երբ դուք կը գտնէք քովիկը արդարութեան պէտքն ու պարտքին, մի աճապարիք հաւարի տալու: Ամէն պղտորում կը յանգի կամ պարզ ծառացման կամ ցամաքումի։ Կրնաք սրտագին խաղաղութեամբ մը պարպել քիչ մեղքը բոլոր կտակներէն, հիացական կամ պարսաւակուռ։ Ունիք ձեր զգայնութիւնը եւ իմաստութունը։ Կարդացէք կտորը, կտորները ու եղէք անկեղծ սեւեռելու ձեր տպաւորութիւնները։ Ու անմիջապէս կը դնեմ ձեր աչքերուն 

 

…Սաւառնաթեւեալ յոսկեգագաթն Այրարատայ
Ամբառնայր գայր ամենատարածն Աստուածութիւն,
Զինչ բուրգն եռահրաշ կանգնէր առ դուրս սրսկապանին,
Անճառական յայտնել խորհուրդըս մերոց ծնողաց։
Առեալ ըզդաստակ փափկիկ կուսին տայր յԱդամայն,
Եւ զաջ իւրոյ դաստակերտին կըցեալ յԵւային,
Ընձիւղ ի մէջ ի կենսաձիր յեռլով ի ծառոյն,
Զանմահավայելն ուսուցաներ հանդէս սիրոյ,
Եւ կուսական զուգութիւն, անհա՜ս ի մահացուածս.
Եւ ամբարձեալ զաջն համաստեղծ՝ օրհնէր եւ կնքէր
Կրկին փըչեալ ի դէմս նոցուն շունչ անմահութեան,
Յորմէ շընչոյ կենդանութիւն խաղայ ի մարդիկ,
Եւ խաղայցէ` ցորչափ Երկիր իցէ նոցին տուն.
Եւ ցօղագինս ըզնոքօք սփռեալ խանդաղատանս՝
Թողոյր ըզվայրն խանդագին բոցոյն ի տոչոր..
Եւ ծուխըն բոսոր շամանդալեալ եւ շողադէզ
Ի սիրալիր սեղանոյն սլաց առ սլաց ցոլացեալ
Ըստեղնանայր երթայր կըցէր յաստեղավարն երկին:
Ինքըն Տէր ընդ ծուխն ընդ բոցն ընդ սէրն ելեալ նազէր,
Աչօքն հրահոսօք դիտելով դէմ ի հարսնարանն.
Եւ հոգեղեն խըմբին ըզսիրոյն հրամայէր զերգ՝ 
Յանոյշ գըրգարանն ի բնագաւառն Հայաստանեայց:

(ՀԱՐՍՆԵՐԳ ԱՌԱԳԱՍՏԻ ՆԱԽԱԾՆՈՂԱՑՆ)
(Հայրունի, էջ 24) 

հատուածը մեծահռչակ քերթուածի մը (աշխարհաբարի յեղումը չեմ փորձեր, ոչ անշուշտ դժուարութենէ մը յաղթահարուած, այլ այն պարզ պատճառով որ կտորը ինքնին քերթուած ըլլալէ աւելի արձակունակ տաղերու հանգոյց մըն է, առանց ներքին կշռոյթի)։ Հատուածին քսանէ աւելի տողերուն նպատակն է Այրարատի գագաթէն Աստուածը իջեցնել, տանիլ ու կատարել տալ անոր… պսակադրութիւնը Ադամին եւ Եւային։ Անշուշտ կ՚այցուիք հնութեան բոլոր դիւցազներգութիւններէն ուր երկինքի անմահ բնակիչները կուգան իրենց աստուածութիւնները խառնել մարդերուն չաստուածութեանց։ Բայց կը մնաք աւելի եւս շուարուն ձեր գտածէն, սա քսան տողերուն ետին անկանգնելի աղքատութեանը առջեւ իրաւ, մարդկային ապրումին։ Ու երբ տարածէք սա մտայնութիւնը քերթուածին քսանէ աւելի էջերուն հասակին, դուք տառապանքով պիտի ոգեկոչէք Տանթէն որ իր հազարաւոր տողերը գիտցաւ լեցնել՝  մարդկայինով, նոյնիսկ երբ դժոխքը «ծախած», սպառած էր իր հերոսներուն նիւթեղէն մարմինները ...: Հո՞ս։ Կարդացէք ու նորէն կարդացէք. եօթը օր, եօթը տարի կարդացէք, ինչպէս կ՚ընեմ ահա հիմա ես։ Ու երբ չէք գտներ բառէն դուրս ուրիշ բան, այն ատեն անցէք անդին այս կտորին շուրջը հիւսուած գովասանքէն (որ միշտ բացատրելի սնոտիք մըն է, սնապարծութիւնը վարժապետներուն, հռետորներուն, քերականներուն մօտ շատ յարգի), ու տրտմեցէք ձեր դժբախտութեանը վրայ։ 

 

Չեմ՝ իջներ վար, սանկ քանի մը հարիւր տարի ուր ճաշակ, արուեստի հասկացողութիւն կրնան հիմնովին մեր օրերէն ներհակ զգայութիւններու ըլլայ կապուած։ ԺԷ. դարուն թատրոն մը, ֆրանսացիներու ոստանին մէջ երազ էր ու հեշտանք, զգեստ էր ու թաւշային փափկութիւն բեմէն, մանաւանդ հանդիսականներէն որոնք կը դիմէին թատրոն իրենց զմայլելի մարմինները աւելի զմայլելի արդուզարդին մէջ մատուցանելու հասարակաց հիացումին, մինչ անդին, հեռուն, այսինքն բեմի խորքին ուրիշ կախարդական ձեւեր աշխարհին ամենէն քնքուշ բառերը կը թափէին սա հանդէսին իբր երաժշտական արբշռանք: Այսօ՞ր։ Չեմ դարձեալ միամիտ մեր օրերու կիրքերը, խանդավառութիւնները իբրեւ սակացոյց գործածել Ալիշանի արժէքը իբրեւ բանաստեղծ ճշդելու։ Հոս կու տամ անունը ԺԹ. դարու առաջին քառորդը լեցնող միջազգային բանաստեղծական ամենամեծ փառքերէն մէկուն։ 1815ին Եւրոպայի բոլոր ոստաններուն մէջ, իմացական ընտրանիքէն չկայ մէկը որ չըլլայ կարդացած Լորտ Պայրընի քերթուածները։ Ոչ միայն կարդացած, այլեւ այդ ընթերցումը փառքի տիտղոս մը իբրեւ սրահէ սրահ չարժեւորած։ Ոչ միայն փառքի վերածած զայն այլեւ անով չըլլայ խենթեցած: Պայրընը բերնուց զրուցելը գրական փառքերուն, բարքերուն մաս կը կազմէր: Նպատա՞կը սակայն սա վերյիշումին

Այն շատ դժբախտ, անկանգնելի մոռացումը որուն մէջը վարշամակուած, իր անվերադարձ քունը կը քնանայ այսօր Պայրընի գործը, հակառակ անոր որ անոր գործաւորը ամենէն խռովիչ մարդերէն մէկը կը շարունակէ մնալ մարդկային տարեգրութեանց մէջ։ Ու մտածման նոյն զուգորդութեամբ, ահաւասիկ ձեզի ուրիշ անուններ, միշտ ամենէն մեծերէն

Կէօթէ, Շիլլէր, Բօբ, Տրայտըն, Վոլթէռ, Ռուսօ, Լէոբարտի, Ալֆիէրի, Լամառթին, գրեթէ ժամանակակից անուններ  Լորտ Կորտոն Պայրընի, եթէ ոչ ասոր հաւասար կարգով, բայց անոր չափ իրենց ժողովուրդներուն հիացումը իրենց վրայ համադրող։ Ու սրբապղծութի՞ւն, երբ մեր ներքին վկայութիւնը այսօր կը ձգէ մեզ անտարբեր այդ գործերուն դէմ ու մեր մտածումը զանոնք կը թաղէ իրենց ոսկեզօծ կողքով դամբարաններուն մէջ։ Անգթութիւն պիտի նշանակէր նման վճիռ մը, մեր արժանապատուութեան հասցէին։ Տակաւին կրնամ, մտածման նոյն զուգորդութիւններով, իջնել աւելի վար, ԺԷ., ԺԶ. դարերու անգլիական եւ ֆրանսական մեծանունները կապել արժեզրկման սա տագնապին։ Իմ ինչո՞ւն պէտք Պուպպի Սաթիրները, Եւրոպահռչակ Ֆիկարոյի ամուսնութիւնը (ԺԸ. դար Պոսիւէն։ Բայց կը կենամ յարգանքով Սեն Սիմոնի Յիշատակներուն առջեւ: Կրնամ՝ առանց վախի ծիծաղելիէն Շէյքսբիր մը վերածել իր ժամանակին, բայց պարտաւոր եմ Ռոնսարը արդիապէս զգալ կամ Ռապըլլէն չարհամարհել: Այս յիշատակութեանց միտք բանին ա՞ն որ, մեծ համբաւները չեն որ կ՚երաշխաւորեն մեծ գործերը։ Մե՞ր մէջ։ Այս բարատոքսին ամենէն կարկառուն օրինակը կուգայ Ալիշանի բանաստեղծութեան հէքեաթէն Համապատկերը չախորժիր վիճարկելէ։ Անիկա տպաւորութիւններու, ապրումներու հանդէս, քիչ կը զբաղի վերլուծումով։ Բայց Ալիշան անունին հետ զուգորդութիւն է կազմած մեծ բանաստեղծի յղացք մը։ Այս պատճառով է որ կը մօտենամ Նուագք շարքին, քիչ մը աւելի հանգամանօրէն։ 

* * *

Նուագք ընդհանուր բառին ետին ձեր միտքին ներկայացող ամէն կանխակալ կարծիք ուրացում ինչպէս հիացում - կը հրաւիրուիք պահ մը մոռնալու: Մտադրած եմ այդ բազմահազար տողերուն ուրուագրեալ կերպարանքը բերելու ձեր նկատառման։ Օրինակները պիտի ըլլան ցանցառ: Ալիշան կը նմանի Սիամանթոյին, որմէ երկու քերթուած կը բաւեն կաղապարը կազմելու ամբողջական գործին։ Դուք վերը տեսաք հանրահռչակ կտորին մէջբերումը

Նուագք շարքը կը համախմբէ պատուական աբբային գրչէն փրթած ոտանաւոր ամբողջ վաստակը (Հայրունին ունի արձակ, բանաստեղծական պատմումի, նկարագրութեան 14 էջեր)։ 

Մանկունի, Մաղթանք, Խոհունի, Բնունի, Հայրունի (ուր կցուած են Հովիւք Շիրակայ, Երգք Նահապետի), Տէրունի, Տխրունի

տիտղոսներ որոնք կը խմբեն քառորդ դարու վրայ երկարող քերթողական բազմազանակ արտադրութիւնները։ Աւելի՛ ն։ Տէրունի շարքին ստորաբաժանումները Խօսք ընդ Աստուծոյ, Տնօրինականք, Կուսականք, Տօնականք, կը ճշդեն պարագայական ապրումներու կշիռ մը, ծանրօրէն վտանգող տրուածին լրջութիւնը, քանի որ այդ քերթուածները կուգան քիչ մը օրացոյցէն, այսինքն տօներէն, քիչ մը հանդէսներէն, այսինքն վարժապետի պարտքերէն։ 

Իր ընդհանրութեանը մէջ դիտուած, սա դիւանին տեղը արեւմտահայ գրականութեան մէջ, կը դառնայ տարօրէն վիճելի: Անիկա գիրի է ինկած Բագրատունիով բոցավառ զարթօնքին մէջը գրաբարին, ու առաւելապէս կը հետապնդէ լեզուական փառասիրութեանց գոյացում, ինչպես մենք կը հաստատենք նման երեւոյթ մը արեւմտահայ ոտանաւորին վրայ, 1900էն վերջ, իբր Սիպիլով ու Չօպանեանով գլխաւորուած, մեր քերթողները մոռցան հոգին, զգացումը ու բաւարարուեցան բառերով։ Գրաբար քերթողութիւնը Ալիշանին սահմանուած էր սակայն աղօտացման, մոռացման, ինչպէս եղած է ճակատագիրը Հիւրմիւզին եւ Բագրատունեան քերթողութեանց, եթէ երբեք Հայրունիին մէկ որոշ մասը, գրաբար ինչպէս մանաւանդ աշխարհաբարը, չըլլար եկած հաստատ, ազնիւ խորքէն հայրենապաշտ աբբային։ Տարողութի՞ւնը այդ խորքին, լայնօրէն պիտի իյնայ վերլուծման երբ պիտի խօսիմ պատմիչէն, պատմութեան անոր ըմբռնումէն։ Տաղաչափութիւնը Ալիշանին մօտ կարծես սկզբնական մարզանք մըն էր ապագայ մեծղի կառոյցներուն պատմական գետինէ որոնց մէջ անիկա իր քերթողական հիմնական դէմքերը, կայքերը, վիճակները պիտի ենթարկէ պատմական ընդլայնումին։ Գրաբար այդ քերթուածները անբաւական պիտի գային սակայն Ալիշանին վարկին, եթէ երբեք Երգի Նահապետի (Նահապետը կեղծանունն է որով ստորագրեց երկար տարիներ) անշուք տիտղոսին տակ անիկա չըլլար մեզի կտակած տասնի չափ քերթուածներ [1], որոնց մէջ խորքին նոյնութիւնը մենք կը գտնենք ազատ գրաբարին սեթեւեթէն, թէ եւ կը տառապինք հոն փորձուած աղկաղկ, անկնիք աշխարհաբարէն։ Այդ մասին ավելի անդին։ Ալիշան որոշ արգահատանքով մը դիմած է աշխարհաբարին։ Եւ սակայն ճակատագրին հեգնանքովը արդեօք, արեւմտահայ գրականութեան պատմութիւնը հարկին տակն է այդ արգահատանքը կրկնելու անոր գրաբար քերթողութեան ու ճարելու նիհար ատաղձ անոր բանաստեղծի փառքին, նոյն այդ արհամարհուած երգերէն: Բայց ատկէ առաջ, ստիպուած եմ խօսքս ըսել գրաբար այդ քերթողութեան ընդհանուր տարողութեան մասին։ 

 

Մխիթարեան բանաստեղծութիւնը ոչ տարօրինակ ոչ ալ վիրաւորական է սա որակումը Մխիթարեան հայրերու մշակած քերթողութեան մասին ունի մէկէ աւելի ծանր, գիրքերը կ՚ըսեն մահացու մեղքեր որոնցմէ ամենէն նուազ ծանրակշիռը ապահովաբար գրաբարին մեղքը կարելի է նկատել։ Բանաստեղծութիւն մը լեզու է անշուշտ։ Բայց ատկէ առաջ՝ զգացումի մը, զգայնութեան մը, խորունկ ապրումներու, յոյզերու կերպադրում մըն է, զգեստավորում մը, ու այդ իսկ հանգամանքով` արտօնուած է մերժելու լեզուական ամէն կարգ ու սարք, զրահանք։ Իրեն կը բաւեն կիրքը, աւելի մասնաւոր բառով մը` զգացումը։ Քերթողական սրտառուչ փառքեր են Անձինք նուիրեալք . դար), Նորահրաշ Պսակաւոր (ԺԲ. դար), Մայր Սուրբ, Լեառն Վիմածին անուններով մեզի հասած շարականները: Մեր ժամագիրքէն կարգ մը` երգեր (Լո՜յս, Այսօր Անճառէն հատուածներ, Ի քէն հայցեմք), հանգստեան կարգին զմայլելի միւս շարականները, միրջնադարեան աշուղներէն սխրագին իրագործումները բոլորն ալ լեզուէն դուրս, լեզուէն հեռու գեղեցկութիւններով իրենք զիրենք կը պարտադրեն մեզի: Տիրական տարրը, այդ փոքր գլուխ-գործոցներուն մէջ, պէ՞տք կայ կրկնելու, կուգայ յաւիտենական եւ մէկ զգացումէն որ, մինակը, կը դիմաւորէ, կը հակակշռէ տաղաչափական բոլոր վարդապետանքը, օրէնքներու բոլոր սեթեւեթը, գիրքերուն բոլոր սահմանադրութիւնները, դարերը եւ իրենց փոշին, եւ մեզ կը յուզէ իբր այսօր կրուած ապրում, նոյնիսկ երբ մենք միտքով հիմնովին ըլլանք հիռցած, այդ վիճակներուն յատակ կազմող հոգեկան դրութենէն։ Այն աղօթքը որ նուիրուած է Ս. Կոյսին եւ մեր ժամագիրքին մէջ Մայր Unւրբ կոչուի, եօթը իր քառեակներուն մէջ չունի տող մը որմէ այսօր ալ չհոսէր խռովիչ հորձքը այն զգայութիւններուն որոնք հաւանաբար, կը կազմէին զայն յօրինող հոգիին քաղցրագոյն կրակները, եւ որոնք այսօր ալ կը պահեն իրենց ջերմութիւնը, իրաւութիւնը, հազիւ հազ թեթեւ մը աղօտած, ինչպէս կը տրուի մեզի զգալ ճերմակ մշուշին տակ մոխիրին կարմիր, փայլատ կրակը մեր թոնիրներուն։ Լեզու քիչ բանով կը պաշտպանէ, թէեւ շուտով կը կործանէ այդ կարգի իրագործումներ։ Հայոց գրականութեան պատմութիւնը լայն տեղ կը տրամադրէ բոլոր նման կտորներու բայց դուռը ամուր կը փակէ երեսին բոլոր անոնց որոնք, ինչ փոյթ թէ գրեն գրաբար կամ աշխարհաբար հոն կը ներկայանան, քերթուածներու գալարքները իրենց անութին, բայց զուրկ էին ծնած սրբազան շնորհէն բանաստեղծութեան եւ ի զուր կը փորձեն անցք մը ճարել նախանձագին պահպանուած շրջափակէն ներս։ Իրենց դժբախտութիւնն է անշուշտ որ Մխիթարեան Միաբանութիւնը մենաշնորհի ըլլայ վերածած բանաստեղծութեան ամենէն ձախորդ ըմբռնումը, տաղաչափութիւնը։ Թող ներուի ինծի անգիտանալ ԺԹ. դարու վերջին կէսին այն ողբալի ճաշակը որով անզբաղ վանականներ կը սիրեն զբաղեցնել իրենց պարապոյ ժամերը ... քերթելով։ Կը լրջանամ անշուշտ անուններու դիմաց որոնք կը կոչուին Բագրատունի, Հիւրմիւզ, Ալիշան (տեսնել Համապատկերին Ա. հատորը), վասնզի ասոնց ետին ունի գոյութիւն շրջանին յատուկ քերթողական ըմբռնումէն վեր, եւրոպական ալ յաւակնութիւն մը բանաստեղծութիւն ընելու, թարգմանութիւններու ճամբով իրենց ներսը արմատ առած։ Հիւրմիւզի, Բուրաստանքը եթէ կուգայ իր լայն մասերուն մէջ Թէոկրիտէն ու Վիրգիլիոսէն, բարեխառնուած է անձնական ապրումին ալ տարրերովը։ Զեղչեցէք, պատուական աբբային ոճէն, քերականական նանրանքը, հռետորութեան դասագրքերէն կառչած տղայական փառասիրութիւնները, մանաւանդ ԺԸ. դարու (օտար) քերթողական ըմբռնումէն իր մտքին մէջ անքակտելի կերպով արմատացած բարոյամոլութիւնը եւ դուք թերեւս պիտի ունենայինք վկայութիւնը մարդուն որ գէթ ըլլար շօշափած դաշտէն ծաղիկ մը, պտտած մրգաստանը, գորոված այգիներուն հեշտագին խնկագումէն, նայած՝ քաղցր զգացումներով բզէզներուն զմրտակուռ ու ոսկեհիւս թռիչքին, սիրած՝ բզզիւնը զոր մեղուն կը ծորէ ծաղկէ ծաղիկ, շաղն ու բալը որոնք ծաղիկները կ՚ընդելուզեն։ Ասիկա մաշած բանաստեղծութիւնը չի նշանակեր Բուրաստանքին, ուր այս ամենուն տեղ աբբային ընդհանուր շունչը, քաղցր հովը պիտի իրենց վրայ առնեն ծանր պարտքը գրքունակը հակակշռելու: Քիչիկ մը բուսաբանութի՜ւն։ Ինչու չէ: Այսքանն ալ չունի գոյութիւն սակայն երբ դատումը կը փոխադրեմ գրաբար քերթողութեան միւս, «եզակի» վարպետին, Բագրատունիի վաստակին վրայ։ Չեմ՝ կրնկեր հոս հիմնական մեղադրանքները զոր ըրած եմ Հայկ Դիւցազն որակուած շքեղ վրիպանքին վրայ։ 

Տարածելով մտածումներու սա գնացքը դէպի քերթողութիւնը Ալիշանին - գրաբար պարտաւոր կը զգամ ինքզինքս զայն չարժեւորել աւելի անդին քան իր փաստը։ 1850-ն դեռ արեւմտահայ բանաստեղծութիւն մը անգոյ բան մըն էր։ Ալիշանի գրաբար քերթուածները, այդ թուականներուն, միայն Բազմավէպին մէջ գրական սեռ մը չեն ջանար ներկայացնել, այլեւ մեր գրական շրջանակները հիմնովին խնամքին եւ դիկտատորութեանը տակ Մխիթարեաններուն կը յաւակնին կշտացնել: Համապատկերին Ա. հատորը, ընդհանրութեանց շարքին թելադրած է այդ վիճակին մայր կերպարանքները Կովկաս, Հնդկաստան, Վենետիկ, տեղեր ուր մեր գրաբարը կը գործածուի վէպին ինչպէս պոեմային համար, երանելի միամտութեամբ մը միայն պաշտպանուած աշխարհիկ ու կրօնական միակներու կողմէ։ Ալիշան շարժումին մէջ երիտասարդութիւնն է: Իր քերթուածները, իրենց յորդութեամբը, զանազանութեամբը, լեզուական շքեղանքովը ու զգացական տարրի մը նիհար նպաստովը կը ձգեն խորունկ տպաւորութիւն։ Ալիշան աւելի է քան Թիֆլիսի, Կալկաթայի եւ Վենետիկի տաղաչափները «յամենայնի», ինչպէս կ՚ըսեն։ Մատաղ իր համբաւը ժամանակին մէջ պիտի նպաստաւորուի պատմական, հաւաքչական իրաւ վաստակներով ու մենք 1870ին պիտի ողջունենք, անոր գրաբար ինչպէս աշխարհաբար ոտանաւորներուն մէջ «եզակի», «անհուն» ստեղծողը: Ինչո՞ւ եւ ինչպէս։ Պատասխանը պիտի տային երկար վերլուծումներ 1860ը կանխող մեր գրական ճաշակէն: Մխիթարեանները, արեւելահայերը, Պոլիսը, Զմիւռնիան այդ ըմբռնողութեան թափանցումը կարելի կ՚ընեն։ Այս հիմնական ազդակներէն որոնք ներշնչած են Ջախջախեանը, Ալամուրեանցը, Թաղիադեանցը, Վանանդեցին ու ասոնց անունը կապուած բանաստեղծութեան կաղապարները, զիս հոս շահագրգռող Մխիթարեան ըմբռնումն է։ Ալիշան մեր հին գանձերուն, միջնադարեան տաղերգուներուն, Կալկաթայի պոէտին եւ Վանանդեցի վիպային յօրինումներուն մէջ իր միտքն ու զգայնութիւնը յօրինող Մխիթարեան մըն է: Բագրատունին մինակ չէ իր երազին մէջ։ Ինչ որ մինչեւ 1850 մեր գրողները վերի անունները կը ներկայացնեն անոնցմէ  ընտրեալները գործադրեցին առանց կազմակերպեալ ծրագրի ու աշխատանքի, Մխիթարեանները Բագրատունի, Հիւրմիւզ, Ալիշան - փառասիրեցին փոխադրել իրաւ գրականութեան կալուածին ու իրենց ճիգը իբր այդ ուզեցին տեսնել, արժեւորել, հոս, սա փառասիրանքը ահա զիս կ՚ընէ խստապահանջ։ 1850ին պոեման իր լրիւ փառքը կ՚ապրին օտար գրականութեանց մէջ։ Ալիշանի պոէմաները ուրեմն կրկնութիւնը չեն Արփիական Հայաստանի, Ոսկի դար Հայաստանի, Տեսարան Հայկայ, Արամայ եւ Արայի (երեքն ալ Վանանդեցիկ գործերը ), այլեւ դասական դիւցազներգութեանց թելադրանքը պատմող գրական ձեռնարկներ, այսինքն՝ ոտանաւոր կառոյցներ ուր լեզուականը, հմտականը, քերականականը կը բան շէնք մը ոտքի հանելու, ինչպէս մեր օրերուն ոեւէ տաղաչափ ընդունակ է ոտանաւոր ... պատմելու: Բայց Նուագք շարքին մէջ Ալիշան միայն հարսներգութիւններ [2] չէ գրած կամ՝ մանկական աղօթքներ ոտնաւորած, այլեւ յաւակնած է մտածել որ կրօնական առումով կը նշանակէ աղօթել: Այլեւ յաւակնած է իր ապրումները սեւեռել (Տէրունի, Տխրունի, Մաղթունի, իր Խոհունի, Բնունի ստորատիտղոսներով), Հայրունիին մէջ իր հայրենիքին անցեալը դիւցազներգել ու բոլորը՝ սանկ ԺԹ. դարու մեծ ռոմանթիքները խանդավառող արարքներ։ Մանր չափու վրայ Հիւկօ մը։ Ալիշան՝ Շաթոպրիանի գերեզմանին առջեւ չի վախնար դիմառնական ոգեկոչումէն։ Իր Մաղթունին լայն զգացումներու հանդէս մը սահմանուած էր ըլլալու քանի որ անոնցմով Լամառթին շինած էր իր փառքը Խորհրդածութիւնք (երկու հատոր) եւ Դաշնակք անուններու ներքեւ, գոնէ տասնեակ մը թափանցիկ ոտանաւորներ կտակելով ֆրանսացին երուն: Այս մերձեցումներուն նպատակը Ալիշանի մէջ հաստատելն է գոյութիւնը բանաստեղծական յղացքի մը, որ չըլլար կրկնութիւնը 1850ը կանխող գրաբարեան մէջ քերթողութեան, այլ ըլլար իր դարուն քերթողականին հաղորդ հաւատք մը, արուեստի հանգանակ մը։ Այս փորձը, իմ կողմէ հնարում մը չէ վրիպանք մը աւելի ցայտուն ու բացատրելի դարձնելու: Մեր քննադատութիւնը Ալիշանեան վրիպանքը ոչ միայն հանդուրժեց, այլ ջանաց զայն արդարացնել, փրկել, անոր ոտանաւորին ետին ենթադրելով ներշնչեալ աշխատաւորը, որ, իր նիւթէն տարուած, ատեն չունի ձեւը խնամելու: Արդ, գրեթէ հակառակն է որ այսօր կը գրաւէ մեր ուշադրութիւնը: Խուժ, բարբարոս, մասնիկներով սպառազէն գրաբարը Ալիշանին իբր խնամք, խուլ փառասիրութիւն, կարծես ուրիշ նպատակ չունի իրեն առաջադրուած, եթէ ոչ աւելի շողշողուն գրել քան իր վարպետները, Բագրատունին ու Հիւրմիւզը։ Ու պարտաւոր էք նկատի առնել այդ վարպետներուն ալ քերթողական ըմբռնումը որ տիրաբար քերականութենէն կուգայ քան թէ իրաւ բանաստեղծութենէն։ Ալիշանի աշխարհաբար քերթուածներուն արտաքին թափթփածութիւնը մարդիկ ուզեցին ազատագրել սանկ ու նանկ փաստերով, իր կողմէն խուլ արհամարհանք մը հանդեպ ռամկօրենին. միջին լեզու մը ստեղծելու իր պարկեշտ երազին, եւ այլն։ Իրականութիւնը դուրս է այս վերագրումներէն։ Եթէ այդ դպրոցին փառազուրկ մէկ բանուորը Թովմաս Թէրզեան իր տաղերուն համար պիտի զառածի Ալիշանին մեղքերովը ու գրէ քերթուածներ որոնք գոյութիւն չունեցող լեզու մը կը թուին թելադրել այսօր մեզի. այդ դպրոցէն վերջ եթէ Պէրպէրեան մը, 1870ին պիտի քերթէ Գուրգէնին, Գարագաշին քերթողականներուն սպասարկու, մենք այսօր կը հասկնանք այդ զառածումները բայց չենք միամիտ քերթողականին մէջ անկարգուն միտք մը ընդունելու Ալիշանին գործէն ներս։ Յետոյ կայ փաստերուն փաստը։ Հարիւրաւոր գրաբար քերթուածներէն Ալիշանին ոչ իսկ մէ՜կը որ մեզի ներշնչէր իրաւ բանաստեղծութեան խռովքը, մինչ իր նիւթերը Տխրունին, Բնունին, Հայրունին մասնաւորաբար նիւթերն 1850ի մեծ ռոմանթիքներուն։ Վերը յիշեցի թէ Շաթոպրիանի գերեզմանին առջեւ Ալիշան պատեհութիւն է գտած յուզուելու: Չեմ վերլուծեր զայն։ Բայց կը բերեմ, արագ ձեր նկատողութեան սա իրողութիւնները։ 

Քերթուածը կը բաղկանայ հարիւրի մօտ մեծադիր տողերէ. ահա մուտքը

 

Բրետոնիան քարակոշկոճ ծուփք յորձանաց ծովածուկ,
Ո՜վ մրըրայօն եւ ձիւնավարս ալիք յաւերժ շառաչուկք,
Որ յանհանգիստ յովկիականս ահեղամռունչ հառաչանս
Բիւրաբերան ժամէ ի ժամ զարթուցանեք արձագանգս՝
Ի խորափոր խարակս եւ խիթըս դարափանց Սէն-Մալոյ,
Ընդ սոսկալի գոչմանդ մրցմանց փանդռնահար ձայն տալոյ.

 

Սէն–Մալոյի վրայ Շաթոպրիանին ծովահալեաց գերեզմանն է ասիկա։ Ալիշան չի թարգմանուիր, բայց կը փորձեմ

 

Բրետոնեան քարակոշկոճ ծո՛ւփ՝ յորձանքի ծովածածուկ,
Ո՜վ մրրայօն եւ ձիւնավարս դուք ալիքներ միշտ շառաչուն,
Ու անհանգիստ ովկէանեան ահեղամռունչ հառաչանքով
Ժամն ի ժամ կ՚արթընցընեք բիւրաբերան արձագանգներ,
Խորափոր խարակներուն դարափունքէն Սեն–Մալոյի
Ձայն տալու տեղ՝ փանդռնահար մրցմանց ահեղ գոչերուն…:

 

բնագիրը ինչպէս անոր աշխարհաբար յեղումը մեզ կը տպաւորեն դասական նկարագրութեան արձագանգ մը ինչպէս, այսինքն կը մնան անբաւական մեզ յուզելու։ Փնտռեցէք բառերուն թելադրանքը։ Ծո՜վ մը, որուն ալիքները խարակները կը ծեծեն հառաչելով իբր թէ արթնցնէին քնարական մրցումներու արձագանգ մը։ Շաթոպրիանի գերեզմանը ֆրանսական գրականութեան մէջ թելադրած է շքեղ էջեր (Հիկօ, Լըքօնթ տը Լիլ եւ այլն) ու կը խորհիմ թէ այդ շքեղ էջերն ալ անբաւական են մեր մտքին պատկերելու Նորմանտիի մէկ խարակին մէջ (Uէն Մալօ) փորուած գերեզմանին անհուն խռովքը, այցելուին մէջ արթնցնող, երբ ասիկա իր ոտքը կը դնէ շիրմաքարին, կ՚ոգեկոչէ տակը պառկողը իբրեւ մէկը ամենէն յուզումնահար երեւոյթներէն մարդկային մեծ տռամային։ Անունը միա՜յն: Ալիշան ալիքներուն կը հրամայէ որ «պատկառ մնան» իր ալ հառաչանքներուն

 

Որ վազվզեալ ծըփինածայր ընդ մըկանունս հայ բարբառ՝
Գամ յետնոյ Առ մօրիկեայց եւ Բրետոնաց քաջ Բարդին
Զիմ եւ զիմոց մեծ հայրենեաց զողջոյն ձօնել ըզյետին.

 

այսինքն լսեն իր ալ ողջոյնը մատուցուած պրըդոն Պարտին (պարտերը սկովտական այրերները, երգիչները կը մարմնացնեն)։ Շաթոպրիան մէկն է անոնցմէ։ Ալիշան կ՚ըսէ անոր ուրուականին

 

Զյաւերժական կարդամ հանգիստ իմաստնաճեմ քում գըլխոյն.

 

յետոյ կը պատմէ անոր Նոր Աշխարհ երթալը, Նաչէները, Ատալան, Ամելին հետ գիշերով ծովը անցնիլը .... Հասած ենք  քերթուածին կէսին։ Ու ոչ մէկ տող որ գար իրաւ ապրումէ: Մխիթարեան բանաստեղծութեան նկարագիրն է՝ լեցուն տողը, փոյթ չէ թէ ինչով։ 

 

Ես ալ պանդուխտ, կուգամ, ահա, սիրայորդո՜ր, ալիքներէն
Հառաչա՜նք մը` լուռ ու մեռած, մարդ արթնցուց զոր իմ սրտին.
Ես ալ մանուկ երբեմն անհուպ՝ կ՚որոճայի կիրքերը քու.
Երազայոյզ եւ նազելի ունէի ես ալ քերթուածներ. ...
Բայց չհասած կէսին կեանքիս, ինձմէ բոլորն ալ հեռացան,

 

Ալիշան երեսուն չէ մտած Շաթոպրիանի մահուան թուականին (1848)։ Գիտենք որ տակաւին տասը տարի պիտի դարպասէ մուսաներուն։ Բայց կ՚ողբայ որ ճշմարտութիւնը կը հալածէ ցնորքը (գիտութեան եւ բանաստեղծութեան պայքա՜րը)։ Երանի՜ սակայն  քերթողին, Շաթոպրիանին.

 

Մեծ բա՜խտ քեզի, ծնիլ քերթող, քերթող ապրիլ, մեռնի՜լ քերթող,
Երկինքն իրեն կայան ընել, երկիրն՝ արձան, ծովն ալ լալիւն.

գոյնով եւ գիծով երկու տող։ Ու բաւական վարերը՝ 

 

Բարբառք Բարդիդ ծովածաւալք երկնաթ թռիչք եւ ջերմին
Յանմարդաձայն յանբըռնադատ յամայութեան անդ խորին,
Յորչափ կըռուին կարկառակոյտք ընդ լոյծ տարերն ասպարեզ՝
Յամեհամուղ շաչման միջոյ ելցեն ահելք սիրակեզ.
Խանդակոծեալըն համբակաց ի ստեղծաբան ծով անծայր՝
Շաթոպրիա՜ն, անշարժ շիրիմդ իցէ լապտեր բոցածայր,
Նաւաց փոխան անդ մըրցականս եւ խորտակեալըս քընարը,
Անդ անըսպառ քերթողութիւն ճեմեցուսցէ զծովամարս:
Օ՜ն, անդր ընդ բիւր հարեալ ընդ քար եւ ընդ կոհակ սարսռասէր
Երթիցէ եւ այս հառաչ գերեզմանիդ առ ընթեր,
Հանապազօր ընդ ծովածին հրոսակս համուլ բեկանել,
Հանապազօր եւ յարուցեալ ըզնոյն նուագաց առնուլ թել։
Այսպես դու կեաս, այսպես լուծցին վրեժք մանկութեանս խաբանցուկ,
Որ յամենայն բարեացն այսգոյնս ինձ եթող ձայնս հառաչուկ,

 

քերթուածէն զեղչուածը՝ գրական ակնարկութիւններն ու ծանրածանր նկարագրականները։ Կա՞յ, սա բառակոյտին ետին սիրտ մը: Ժխտական պատասխան մը պիտի նշանակէր իմ կողմէ ... անսրտութին։ Բայց սեղմեցէք ձեր միտքը որպէսզի այդ սիրտը վերածէք Ալիշան երիտասարդին սրտին։ Մ ասիսը, մեր պատմութիւնը, ովկեանը, բանաստեղծութիւնը, Սէն –Մալոյի քարաժայռը, ինքնին նիւթին կը հայթայթեն անհրաժեշտ լրջութիւն, հասկնալի թախիծ։ Բայց ի՞նչն է որ այնքան իրատարրեր կ՚աղօտէ, կ՚ընէ անլուրջ, բառակուտային։ Պատասխանն է՝ տաղաչափության հեշտանքը որուն ընդոծին անունն է թերեւս Մխիթարեան բանաստեղծութիւն։ 

 

Այս մէկ օրինակը դուք կը հրաւիրուիք տարածել գրեթէ բոլոր գրաբար քերթուածներուն ալ համար։ Սա վրիպանքին պատասխանատու նկատել գործիքը պիտի նշանակէր վտանգել սրտայոյզ գեղեցկությունը իր աշակերտին Մ. Պեշիկթաշլեանին եղերերգներուն, գրուած մահուանը տարին, զմայլագին խորութեամբ ու համակող անկեղծութեամբ. քերթուածներ ասոնք որոնք կ՚արտայայտեն ամենէն մարդկային, ամենէն իրաւ ապրումներուն ամենէն կատարեալ եղերականութիւնը, կարծես կերպով մը օգտուելով ալ գրաբարի դաշնաթաւալ հասակէն, եթէ կը ներուի սա պատկերը։ Չեմ ըսեր թէ այդ եղերերգները պիտի տկարանային աշխարհաբարով, բայց կը սիրեմ հաւատալ որ մեր դասական լեզուին ներքին, խուլ ճարտարապետութիւնը, երաժշտականութիւնը ունին որոշ դեր մը այդ քերթուածներէն մեր ներսը արթնցող յուզումին մէջ։ Ինչպէս կը զգացուի արդէն, Մխիթարեան բանաստեղծութիւնը գրաբար, որքան աշխարհաբար մինչեւ այսօր - դուրս է Արեւմտահայ Գրականութեան Համապատկերէն գլխաւորաբար այն պատճառով որ ճշմարիտ, նոր բառով մը իրաւ բանաստեղծութիւն չէ, ինչպէս ճշմարիտ բանաստեղծութիւն չեն, ու հետեւաբար չեն շահագրգռել այդ Համապատկերը բոլոր այն գործերը, որոնք թէեւ աշխարհաբար (Թէրզեան, Նար–Պէյ, Պէրպէրեան, Սէթեան, Աճէմեան որակաոր քերթողները, պարագայապաշտ Պէշիկթաշլեանը եւ հայրեներգակ Պ. Դուրեանը ու հարիւրաւոր այն տաղաչափները որոնք քերթողական են ու կը շարունակեն քերթողաբանել), բայց չեն ծնած բախտովը արդար եւ իրաւ արուեստին։ Այսպէս դրուած, Մխիթարեան բանաստեղծութեան հարցը կը վերածուի արուեստի հարցի մը որ այս անգամ իրական է բոլոր ժամանակներու ու բոլոր ժողովուրդներու համար։ 

 

Ալիշանի քերթուածներուն ընթերցումը մեր մէջ այսօր կը ստեղծէ խոշոր բեկում։ Չենք կրնար յստակ տեսնել որ, բանաստեղծական որոշ խառնուածքով, առնուազն զգայնութեան որոշ տարրերով օժտուած մէկը, արուեստի ո՞ր հասկացողութեան հպատակ, տասնըիններորդ դարու կէսին [3], Ալիշան իրեն կը ներէ միտքէն եկածը նետել թուղթին առանց անդրադառնալու որ նման թուլութիւններով, արձակութեամբ, եռանդով Մարդ ոչ թէ միայն վտանգին կը դիմէ անհուն շատախօս մը դառնալու, այլ կը ստեղծէ ընթերցողին մէջ դժնդակ տրամադրութիւնը քերթուածէն առաջ յոգնելու, երբ իրարու յաջորդող էջեր, անվրէպ ու ահաւոր միօրինակութեան մը մէջ, բառերու տար ափ մը կը տեղ ա «անսկիզբն ու անվախճան» տեղն է ըսելու: Այս տրամադրութիւնը կը ստանայ մասնաւոր նկարագիր, հաւաքումներու իբրեւ չարիքը, որոնց մէջ Ալիշան իրարու եւ տեւէ նոյն նիւթին շուրջ մեզի կը մատուցանէ, «յորդ ու անըսպառ » իր նիւթին մասերը, բոլորն ալ իրարու կտոր ու իրարու նման։ Առէք Տէրունին ու հոն իրարու յաջորդող շարքը Առ Յիսուս քերթուածներուն։ Կուտամ վերնագիրները - Առ Յիսուս (որմէ առաջ Առ Աստուած մը ), Դարձեալ ընդ Յիսուսի, Դարձեալ ընդ Յիսուսի, Դարձեալ ընդ Յիսուսի, Առ Յիսուս ի մատրան, Առ օթակիցն իմ Յիսուս, Առ խաչեալն Յիսուս, Առ սուրբ սիրն Յիսուսի։ Թէ Յիսուս անհուն նիւթ մըն է, չունիմ առարկութիւն: Բայց երբ քերթուածի մը մէջ այդ անհունին մէկ մասնիկը մեզի կը տրուի, միւսներուն մէջ կրկնուելու ճակատագրով մը, այլեւս կը դադրի այդ անհունը մեզ շահագրգռելէ։ Ալիշան կեղծաւոր մը չէր։ Խորապէս կը հաւատար իր ըսածներուն։ Բայց հակառակ նոր օրերու պնդումներուն աղօթքը միշտ բանաստեղծութեան հոմանիշ չէր։ Ոչ թէ տասնեակ մը քերթուած, այլ հարիւրներ իսկ պիտի հանդուրժէինք. հերիք է որ այդ հարիւրներուն իւրաքանչիւրին մէջ լինծի գար նորը, ստեղծումը, ոչ թ է անգամ մը ըսուածին յարասացութիւնը: Ոչ մէկ նմոյշ, այդ Յիսուսներէն, այնքան հեռու են անոնք իրաւ Յիսուս մը տալու մեզի։ Տէրունին Ալիշանի, երկրորդ երակին - կրօնականին շտեմարանն է, ուր անոր տրուած էր յարմարագոյն պատեհութիւնը զօրաւոր ապրումներ նուաճելու: Դժբախտութիւնը կ՚ուզէ որ այդ շարքը մնայ ամենէն տկարը, Մանկունիէն եւ Մաղթունիէն վերջ, Նուագներուն։ 

 

Հայրունին կազմող քերթուածները գրաբարները միայն ունիմ նկատի հոս ուրիշ առիթ` սա անդարման զառածումին։  Ծանօթացէք մեծահռչակ քերթուածին (Եւայի հարսնիք որակուած ժողովրդական հիացման մէջ, ուր Ալիշան կարծես մրցումի է մտած Դրախտ Կորուսեալին նոյնքան անդարման կործանումին [4] հետ։ Ալիշան, այդ պոէմային մէջ, զրկուած իրականութեան նոյնիսկ ճիղճ նպաստէն որով բարերարուած էր իր հայրենագրութիւնը, ստիպուած՝ հէքիաթ մը նորոգելու, այս ծանր խաչակրութեան համար իբր զէնք ու միջոց ունի միայն ու միայն իր շքեղ բառակոյտը, զոր կը շահագործէ տեղատարափ արձակութեամբ մը, էջեր ու էջեր, նկարագրելու համար ա) դրախտ մը, բ) հարս ու փեսայ մը, գ) երգիչներ, քնահարներ (հրեշտակներ), դ) հարսնեւորներ (երկինքին ու երկրին բոլոր արարածները), ե) Քահանայապետ մը, ինքը, Աստուած որ կ՚իջնէ Այրարատէն, ... պսակելու երջանիկ զոյգը, դասական առեալ զձեռն Եւային: Այսպէս խտացուած, իր ոսկորներուն վերածուած, քերթուածը միայն ծիծաղելի չէ իր խորքին մանկունակութեամբը, այլ ահաւոր այն պարապով որ մարդկայինին տագնապն է կեանքին ինչպէս կեանքէն անդիի յօրինումներուն մէջ։ Ունինք մօտ ժամանակներու (Ալիշանին) գրուած պոէման Ալ. տը Վինեի ուր արցունքէ մը (Յիսուսի արցունքէն) ծնած սերովբէ մը երկինքներէն վար կը թափառի հետաքրքրութենէ, գութէ բռնավար, իյնալու համար... Սատանին գիրկը։ Քերթուածը կը կրկնէ Ալիշանին դրախտին բոլոր օդայնութիւնը, աւելի՝ երկինքներուն ալ ամայքը, բայց կը մնայ մարդկային նոյնիսկ արփիական, արփիասփիւռ ոլորտներու ներսը, թարմ այդ հրեշտակին մէջէն երբ մեզի կուտայ՝ կի՛նը, ...: Ունինք Լամառթինի Ժոսրէնը զոր վստահաբար գոց սորվելու չափ կարդացած էր քահանայ Ալիշանը։ Ու կային, միշտ իր օրերուն ընկալուչ երիտասարդութեան շրջանին կ՚ակնարկեմ հատուածները Հիւկոյի, Լըքօնթ տը Լիլի, Շիլլէրի, Կէօթէի, Թէնիսընի, բոլորն ալ յղացած, գործադրուած Ալիշանի ոտքերուն տակ թերեւս հիացումին մէջ։ Մեղաւո՞րը, մեր Հարսներգ առագաստի նախածնողացնին վրիպանքին մէջ։ Ապահովաբար ոչ պոէման, ոչ իր հրաշալին, այլ ասոնք այսպէս մանկունակ արժեւորող բազմախօսութիւնը, քերթողահանելու տկարութիւնը, առանց զգալու բերնին եկածը դուրս տալու թեթեւութիւնը եւ տակաւին ես ազատ եմ օգտագործելու համեստ ալ փաստերը մեր համեստուկ գրականութենէն, ուր Թումանեանի, Միսաքեանի յաջողակ պոէմաներուն հետ կրնամ յիշել նուազ կենդանի, բայց դարձեալ ոտքի վրայ կենալու ընդունակ ու քիչ քերթուածներ (Լերան աղջիկը, Արուսը, Արմենուհին, Հարճը, վերջին երկուքը գեղեցկութեան լայն բաժիններով)։ Ինչ որ Ալիշանի հարսներգը կ՚ընէ անընթեռնլի, իմ կարծիքով կուգայ բանաստեղծական զգայարանքին մասնակի, մասնաւոր մեկ խօթութենէն։ Դուք մի աճապարէք ատիկա կոչել տաղաչափական հիւանդութիւն։ Բառակոյտը մէկ կողմն է անշուշտ այդ խօթութեան։ Գրաբարին հեշտանքը՝ մէկ ուրիշը։ Քերականութեան փառքը` մէկ երրորդը: Ահա ուրիշ աւելի հիմնական ազդակներ: Ալիշան զուրկ է ծնած վիճակներու tragiqueին զգայութենէն։ Իրեն համար բաւակա՛ն՝ այդ վիճակներուն գոյութիւնը։ Որ եւ է անէքտոդ, մեր ընդարձակ պատմութեան զանազան դարերէն թող գրաւէ իր ուշադրութիւնը: Ու բաւ է ասիկա, որպէսզի անցնի անիկա սեղանին, թափ տայ քնացող գրիչին մշտապատրաստ երեւակայութեան թեւերուն, սուրալու համար «արագաթռիչ ընթացիւք մտաց», ինչպէս կը պատկերէ Նարեկացին, բոլոր այն կարելի ու անկարելի շրջումներուն մէջէն որոնք բառերով նուաճելի մանրամասնութիւններ են։ Կուտամ լուսաբանութիւն։ Ոչ ոք կուրանայ թէ ի՞նչ եղերական խորութիւն կայ Փարպեցիէն մեզի հասած պզտիկ դրուագի մը մէջ ուր մեր առաջին պատմիչը կը ներկայացնէ Ղեւոնդեանները, շղթայակապ, Տիզբոն տարուելու վրայ: Հոն կայ Վասակ Սիւնին, հեռուներէն սրարշաւ, որ իր կարգին կ՚ուղղուի Տիզբոն, իր ծառայութեանց իբր վարձք հայոց թագը ընդունելու Արեաց արքայէն։ Ղեւոնդ Երէցի եւ Վասակ Սիւնիի նայուածքները պահ մը իրարու կը բաժին է խօսակցութիւն։ Ահա Փարպեցիին բառերը. «... անտրտում եւ զուարթերես խօսեր երկար ընդ Վասակայ»։ Փարպեցին, մեծ պատմիչ, դէպքը կառավարած է սքանչելի ժուժկալութեամբ եւ հզօր փաթէթիքով։ Անիկա «երկարագոյնս» խօսիլը կը պատմէ Վասակին որ ճաշելու իսկ հրաւէր կ՚ընէ կապուած եկեղեցականներուն ու կ՚անցնի առաջ։ Ղեւոնդ, ետեւէն կը հարցնէ ուր երթալը։ Վասակին պատասխանը  ծանօթ է: Ղեւոնդն է որ գլուխը ճօճելով կ՚ըսէ «թե արդարեւ դու կենդանութեամբ զգլուխս ի վերայ ուսոցդ ի Հայս տանիս. ապա ընդ իս Տեառն Աստուծոյ չէ խօսեցեալ»։ Անցեալը պատմութիւն է։ Այս ամենուն համար կէս էջ։ Դրուագը կը գտնենք Հայրունիի մէջ, փռուած երկու հարիւր յիսուն տողերու վրայ (քերթուածը կը շարունակուի նոյնքան մըն ալ, նկարելու համար Վասակի դատաստանը). Դատաստանք Վասակայ մատնչի, անունին տակ, 125-143, Հայրունի)։ Ու ինքնաբեր է հարցումը. ի՛նչ է ըրած Ալիշան այնքան ծաւալի վրայ: Բայց շատ պարզ բան մը: Երեք էջ Ապատ աշխարհէն ճամբորդ Վասակը ներկայացնելու: Երկու էջ՝ այդ ճամբորդին հասած հայերէն խօսքերուն իր մէջ արթնցուցած տպաւորութեան։ Հինգ էջ` հանդիպումը Վասակին եւ Ղեւոնդին։ Մնացեալները՝ խորհրդածութիւն եւ դատաստան։ Զիս շահագրգռող է առաջին տասը էջերն են անշուշտ։ Հիմա ստիպուած եմ ձեզ տալու տասը էջերէն ամենէն խռովիչ մասը: Վասակն է պատասխանողը

 

«Փութամ առ Տերն Արեաց, ըզթագ վեհափառ
Առնուլ զՀայոց, այնքան քըրտանց իմ փոխան»:
«Առ տէ՞ր Արեաց փութաս մատնի՛ չ Տեառնըդ քում,
Որոտաց ծերն. Ե՛րթ ուր արժանըն տանի.
Այլ որ հայել իշխեցեր սի՛րտ uպառում
Յարիւնազանգ աղիս քո տանն հայրենի,
Դու ու զյետին շիջուցել կայծն յԱյրարատ,
Որո՞վ աչօք յայսմհետէ ՚նդ թագն հայիցիս.
Լըսելափակդ այնքան ողբոց տարապարտ
Լուիցե՞ս զԳողթան քոց գուսանաց թըւելիս:
Անգիտացա՛ր. անգիտասցի՞ս մինչ ի սպառ
Թէ բաղդ քոյին յերկինս ի վեր մըթնեցաւ.
Զոր թողեր՝ թող նա զքեզ, անէծք ըզքեւ առ,
Հաս ժամանակ, հաս դատ, վըճիռ քո հատաւ:
Աւաղելի՜դ Վասակ յաւերժ արտասուաց,
Ո՞չ տեսանես զի շնորհք ի քէն վերացան..
Վարսք քո կասեն ըզմոխիր պիղծըդ բագնաց,
Թագք զոր Տըրդատ եդաւ` շանթիս քեզ տեղան.
Ո՞չ տեսանես շուրջ ըզքեւ զա՛յդքան բանակ
Որ ուխտ ի սիրտ յԱւարայրի մարմանդից
Վերելս յերկինս առնեն հրճուեալք ի պսակ,
Խոժոռ աչօք ի քեզ յառեալ սպառնալից
Ո՞չ լըսես զա՛յդքան աղաղակ ձայնս ի վեր,
Արեան ցայտիւք կըրկնեալ բողոք առ բողոք.
Վրեժք քեզ յերկնի, վրեժք քեզ յուխտեն զոր թողել,
Վրէժք յանմեղաց, վրէժք հայրենեաց անողոք.
Վրէժ քեզ կարդան ամայացեալ գերդաստանք
Պարկեշտ կուսանք, հարսունք, փեսայք, որբք, այրիք,
Վրէժ քեզ կարդան ազատանին լեռնականք,
Վրէ՞ժ տրխրամած անարօր դաշտք հայրենիք...
Ո՜հ, ահաւորըս տեսարան, դէպք խըրթնի,
Տունք Աստուծոյ՝ ՚նդ յաւիտենից ամրակս՝
Մոգուց մատամբք ցըրուեալք յերեսիս գետնի
Եւ Գրիգորի անաշխարհիկ լեալ որդեակքս,
Ո՞չ կարդասցեն ի սպառ քեզ վրէժ` հե՜գ Վասակ.
Ե՛րթ արդ, բայց զայս թե ճանապարհ տեսցես այլն։
Եթէ շնորհեն Արիք ըզգլուխդ՝ թող թէ զթագ
Ապա չիցէ Տեառն ընդ իս բան խօսեցեալ»:

(ՀԱՅՐՈՒՆԻ) 

(ԴԱՏԱՍՏԱՆ ՎԱUԱԿԱՅ ՄԱՏՆՉԻ, էջ 130-131) 

 

ահա դրուագին մէկ մասը, մէջբերուած, որպէսզի լեցուին յիսունի մօտ սա տողերը: Պէտք կա՞յ արդեօք դիտել տալու որ Մեթոտը Ալիշանին ի զօր է յիսունը բարձրացնելու հինգ հարիւր կամ հինգ հազարի, քանի որ մեր մտածումին, ապրումին նկարագիրը անհուն զանազանութիւնն է։ Բայց արուե՞ստը։ Ընտրութի՜ւն, ընտրութի՜ւն, ընտրութի՜ւն Ալիշանի ճամբով ան որ տաղաչափել գիտէ, արտօնուած է այսպէս էջեր ուռեցնելու: Թէ այս բառատարափը մարդիկ շփոթած ըլլան արուեստին հետ, զարմանալի չէ, քանի որ մեր 1850ին, 1860ին, 1870ին նկարագիրը պատմական, կրօնական, հայրենասիրական՝ դեռ չի տագնապիր արուեստին տագնապը։ Անշուշտ չեմ պահանջել որ մարդիկ սեղմ ըլլան հոն ուր կեանքը յորդ, ընդարձակ է այնքան։ Իմ պահանջը՝ մարդիկ իրաւ ըլլան, միայն իրաւ: Այսինքն մեզի ըսեն ամենէն կարճ ու ամենէն խորունկ ձեւով այդ ամենէն ընդարձակ ու ամենէն լայն ապրումները։ Եթէ 1845-ին լոյս չէ տեսած Հայկ Դիւցազնը, գոյութիւն ունի, սակայն Մխիթարեան տաղաչափութիւնը

Հայրունիին մաս կազմող գրաբար միւս քերթուածները այլեւս չեմ ենթարկել ուշադիր վերլուծման: Երկու մէջբերում կը նկատեմ սաւ պատուական աբբային բանաստեղծական թէքնիքը  ճանչնալու: Ու կուտամ ձեզի քերթուածներու անուններ, ամենէն կարեւորներէն. Գարունք Հայոց, ուր կը նկարագրուի հայոց աշխարհին սրտայոյզ գարունը, այնքան գրքունակ տողերով։ Փոխումն Լուսաւորչին, Միջին դարու շքեղ հէքեաթէն Ալիշան կը հանէ կուռ քերականութեամբ գրուած հասարակ տեղիք։ Ի Տրդատ եւ վերականգնումն Հայաստանեայց, Բանք Վահրամայ Պահլաւունոյ ի պաշարման Անւոյ, Նահատակութիւն Սրբոց Ղեւոնդեանց, Ոգին Հայաստանեայց, Հայցուածք Մխիթարայ, Ի Հարիւրամեակ լուսանորոգն Մխիթարայ (հոս լուսանորոգը մէկ անուշի՜կ վարիանթը Լուսաւորիչին որպէսզի հասկնալի ըլլայ Պէշիկթաշլեանի ալ Դիւցազունք Հայոցը), Ի Գիւտ եւ ի ձոյլ Մեսրովպեան տառից (որուն ընթերցումէն վերջ դառնալ Սիամանթոյի Ս. Մեսրոպին)։ Ընդարձակ կառոյցներ ասոնք որոնց մէջ տօնական, պարագայական, երբեմն նոյնիսկ սրտառուչ տողեր, դրուագիկներ չեն պակսիր, բայց որոնց ամբողջութիւնը մեզ կը զգետնեն անհո՜ւն է անձրոյթով։ Այս տպաւորութիւնը, իրական որքան անխուսափելի է, ես կ՚ընդունիմ ծնունդ խորունկ անբանաստեղծութեան մը, կրկնապէս անհասկանալի քանի որ Ալիշանի խառնուածքին չենք կրնար մերժել յուզումի որոշ տարրեր։ Ու պարտաւոր էք անգամ մըն ալ ընթացք տալ Վենետիկին, Պոլիսին, Կալկաթային, Մեր բանաստեղծութեան ընդհանուր ուղղութեան որպէսզի բացատրելի դառնան ոչ միայն կարգ մը պատրանքներ, այլեւ ծանր վրիպանքներ։ Զուր տեղը չէ որ կէս դար կը դիմանայ Հայկ Դիւցազնին այն փառքը, ոչ անշուշտ իբր տաղաչափութիւն, ա՜յլ՝ իրաւ դիւցազներգութիւն։ Մինակ երանելի Անթիմոսեան երէցը . Ա. Կ. Բագրատունի) չէր որ կը հաւատար «քառասուն դարերու լռութեան վրէժը լուծելու» բառատարափով, այլ եւ այս ժողովուրդին բոլոր մեծերը։ Այնպէս որ պարտաւոր էք դարը, մտայնութիւնները, ախորժակները, փառքերը պարզ ընել ձեր մտատեսութեան խորը ու հանդուրժել որ ձեր համբերութիւնը սպառեն մարդիկ «անհո՜ւն» տաղերով։ Հայրունիէն, մասնաւոր յիշատակութեան արժանի կը նկատեմ՝ Բաժինք Հայոց Մեծաց ընդարձակ տաղաչափութիւնը (աւելի քան յիսուն էջ) ուր պատուական աշխարհագիրը դժնդակ փորձը կ՚արկածախնդրէ Հայաստանի աշխարհագրութեան պատմական վերարտադրութիւնը իրագործելու, նահանգներէն, ոստաններէն, քաղաքներէն մինչ եւ շէները, աւանները մէկիկ մէկիկ ոգեկոչելով, իւրաքանչիւր անունը կցելով զուգորդ պատմական զանակ մը, համադրող պիտակ մը, իր անսպառութեան մէջ տպաւորիչ։ Հայոց աշխարհին ու հայոց պատմութեան, անցեալին ուներ  կային ընդմէջէն սա թեւասոյր արշաւը անշուշտ կը յոգնեցնէ բայց չի ներեր, թերեւս անոր համար որ ամէն մէկ անունի ետին Ալիշան համադրական ձեւով մը գիտէ թելադրել ներկան ու անցեալը, նոյնաժամանակ։ Յետոյ, կը տպաւորուինք սա զարհուրելի հմտութենէն զոր խորունկ սէր մը իր առօրեային վրայ կը պաշտպանէ անուանագրական չորութեան մը վտանգէն։ Բանաստեղծութեան հատորի մը մէջ իսկ այդ ցուցակը հայոց աշխարհին անուններուն կը ծանրանայ իբրեւ փաստ մը Ալիշանի այնքան զարհուրելի յիշողութեան, մեր երկրէն, մեր պատմութենէն իր ամբարած անհուն մթերքին որ յետոյ աւելի զգուշաւոր ու հանդարտ պիտի օգտագործուի պատմական մեծ կառոյցներուն մէջ։ Ինչ որ Ուալթ Ուիթման գործադրած է աշխարհներու վրայ (Չոր Խոտերը), այնքան լայնաշունչ ու թելադրիչ յուզումով, Ալիշան ըրած է զայն ամերիկացիէն առաջ, իր հայրենիքին համար։ Չեմ բաղդատեր Մեծ բանաստեղծը ու Վենետիկցի հայ աբբան։ Բայց ստիպուած եմ ըսելու որ երկուքին  մէջն ալ յուզումը կուգայ կեանքի զգայարանքի մը: Ալիշան այդ կեանքին հետ անհաղորդ ըլլալը մագիստրոսաբար ապացուցած է իր Նուագքներուն միւս հատորներուն մէջ, բառակոյտ միայն ձգելով մեզի, իր սիրտին պատմութեան տեղ։ Բայց իր Հայրունիէն մէկէ աւելի քերթուածներով մեզ կը պահէ խռովքի մէջ, մինչեւ այսօր: Ու մի մոռնաք ասիկա։ 

 

Երկու խօսք, Հայրունիին մէջ տեղ ունեցող արձակներուն մասին ուր Ալիշան կը վիպասանէ, արձակ քերթուածներու վայել ոճով մը կենցաղը Շիրակայ հովիւներուն եւ քաղաքացիներու առաքինի մանուկներուն։ Դասական հովուերգութեան սա փաստիշը մեղաւոր է կրկնապէս, լեզուական ալ հռետորութ եամբ։ Հովիւի հետ խօսք չփոխանակած մարդու զրոյցներ են այն էջերը զորս Ալիշան կը դնէ բերանը Շիրակալ հովիւներուն։ ԺԷ. եւ ԺԸ. դարու ֆրանսական աժան, տափակ, վարդապետական բանաստեղծութիւնն է հեղինակը սա վճռական վրիպանքին։ 14 էջի մէջ ոչ իսկ տող մը իրական ապրումի ելի անդին Հայրունին փրկող Երգք Նահապետի վերնագրուած աշխարհաբար քերթուածներու մասին, որ զիս մղեր զիջումի

 

Ունիմ, ամփոփ, խօսելիք Նուագքներէն ուրիշ երկու գիրքերու մասին Տէրունի եւ՝ Տխրունի։ Ասոնցմէ Տէրունին ստորաբաժանուած է 

 

ա) Խօսք ընդ Աստուծոյ.

բ) Տնօրինական.

գ) Կուսական

դ) Տօնականք.

 

ընդհանուր տիտղոսներու տակ խմբուած փունջերու: Հարիւր տարի վերջը այդ քերթուածներու խմբագրումէն (բոլորն ալ ծնունդ՝ առօրեայ կեանքին, անոր զանազան յատկանշական օրերում), վերընթերցում մը մեր մէջ կ՚արթնցնէ զգացում մը, շատ աւելի տժգոյն, գրեթէ նեղող, քան այն զոր կը հաստատենք մեր Կրտսեր Ռոմանթիքներէն մեզի հասած բառակոյտին ներսը։ Չափաբերականին մոլութիւնը։ Որով մեղանչած են մեր հին մատենագիրները, Մագիստրոս, Շնորհալի, Լամբրոնացի, առաւելապէս կրօնական կարիքներու սպասարկու եւ ատով թերեւս արդարանալի միամտութեամբ մը։ Ալիշան կարծես մրցումի է ելած ոչ միայն իր օրերու տաղաչափերուն այլեւ շարականին հետ (նկատի ունիմ անյաջողներուն ծանր, տաղտկալի մթերքը, որ անբաւական կը մնայ կործանելու իմ «ձոյլ» հիացումը անոնցմէ յաջողներուն մասին), ասոր մէջ մուտք գտած միամիտ որ քան սովորական, բառակառոյց աղօթասացութիւնը, այդ հաւաքածօն արուեստ է հեռու ընող տկարացումը, խօթութիւնը, անծակ անգիտութիւնը՝ ԺԹ. դարու կէսին աւելորդ անգամ մըն ալ, իր կարգին կրկնելով, ինչպէս կ՚ընէր իր շուրջը Հիւրմիւզները, Բագրատունիները աւելի արձակ նիւթերու վրայ։ Զիս պէտք է լաւ հասկնալ, ոչ մէկ նիւթ կ՚արհամարհեմ, ամենէն քիչ՝ անոնք որոնցմով մեր զգայնութիւնն է սնաներ դարերով, կազմելու համար շէնքը հայ հոգիին, եթէ կը ներէք բացատրութիւնը։ Կրօնական զգացումը հայ հոգիին ամենէն խորունկ ալքերը մինչեւ մենք կը գտնենք, իրաւ որքան տիրական։ Բա՜յց։ Ու այդ բայցը հոս կը դնէ սահմանը ընդմէջ անկնիք խօսքին եւ այն միւսին որ մեր շրթներուն կը թրթռայ, ծանրագոյն ապրումներու իբրեւ արձագանգ։ Կարդալ՝ Լուդովիկոս Հռակինոսի գաղիացիներու Լուի Ռասինը) Զկրօնից (de la Religion) քերթուածէն վերջ, Վէրլէնի Իմաստութիւնը, Քլոտէլի շքեղ աղօթասացութիւնը կը նշանակէ տառապիլ առաջինին ողբալի միջակութեանը վրայ։ Մեծ Ռասինին տղան շատ աւելի իրաւ հաւատացեալ մըն էր քան ամբարիշտ Վէրլէնը։ Հզօր նիւթէ մը առաջինը՝ տաղաչափութիւն է հանած. երկրորդը` իրաւ բանաստեղծութիւն։ Քլոտէլի երկար ու արձակ տողերուն ամէն մէկ բառին վրայ սխալ չէ փոխաբերել թէ երկնային լոյս մը կը  թրթռայ, Բագրատունեան բառով մը` կը պաղատկի: Ու կարիք կա՞յ, արդեօք հոս յիշեցնելու որ այս գործերուն արժէքը, կշիռը չեն գալ միայն խորքին իրաւութենէն, այլեւ այդ խորքը կերպադրող, առարկայով ձեւին ալ խնամքէն, պերճանքէն, առնուազն նորոգեալ շնորհէն։ Մի մոռնաք որ սանկ երեք հազար մը տարի այդ զգացումը (Երկինքին) բոլոր ժողովուրդներու մեծագոյն բանաստեղծները ազատագրած է մինչեւ այսօր։ Ալիշանի Տէրունին խմբագրուած է ընդմէջ 1840–45ին, այսինքն մեծադղորդ ու փառաւոր օրերուն կրօնաշունչ այն քերթողութեան որ ֆրանսական ռոմանթիզմին մէկ քանի հիմնական գլուխ գործոցները ներշնչեց (Շաթոպրիան, Հիւկօ, Լամառթին)։ Իբրեւ ներշնչում ու ասիկա կերպադրող թէքնիք, Տէրունին հաղորդ է՝ Առաջին մտածմունքին, ինչպէս Դաշնակութիւններուն։ Եթէ առաջին շարքին մէջ տասնեակ մը քերթուածներ Լամառթինը պատրաստեցին իր շրջանին, երկրորդին դիմաց այդ շրջանը պահեց զգաստ վերաբերմունք։ Ապագա՞ն։ 1880ին, Լամառթինի մահէն քսան տարի վերջը կ՚ուրանային երկու հատորներուն ալ փառք մը։ Հանգիտութիւնը չէ որ կը տարածեմ Ալիշանի վրայ: Ալիշան փառք մըն էր ինքը իրեն։ 1880ին Օտեան մը, Պէրպէրեան մը, Եղիա մը դեռ կը գորովէին այդ փառքերով, բայց չէին համարձակեր զայն կարդալու: Ու հարցո՜ւմը, որ դժբախտ հրաշքը կը միջամտէ որպէսզի միեւնոյն զգացումը Լամառթինի մէջ ստեղծէ այնքան իրաւ, սրտակեղէք շեշտով քերթուածներ ու Ալիշանին մէջ… շքեղ բառակոյտը։ Կը յիշեմ քերթուածը որ ձեւուած է Առաւօտ լուսոյի թէքնիքով ու ոգիով (Իղձք հոգւոյ, Տէրունի, էջ 55) եւ որ կ՚ենթարկուի նոյն ճակատագրին։ Կրօնականի մը կողմէ, խորունկ հաւատքով ու թերեւս խորունկ ալ փառասիրութեամբ հետապնդուած սա ճիգը, կրօնական բանաստեղծութեան մը մէջ ինքզինքը նուաճելու, տալու, քիչ անգամ այսքան դժնդակ վրիպանքով մը… պսակուած է գիրքին պատմութեան մէջ։ Իբրեւ նմանօրինակ խաղ, բառախաղ, կ՚արձանագրեմ հոս փաստը Հոգի եւ Սիրտ համաձայնք ի Գողգոթա (Տէրունի, էջ 107) քերթուածին, խմբագրուած հարց-պատասխանիի ձեւով, անշուշտ իբրեւ միամտութիւն ԺԹ. դարուն, հանդուրժելի՝ առ առաւելն Շնորհալիի դարուն։ Ձեռագիր տաղարաններու մէջ հանդիպած եմ նման մանկամտութիւններու ու կը խորհիմք թէ Ալիշան, գրածին հանդեպ խոր իր յարգանքին զոհը կ՚ըլլայ, երբ լրջութեամբ կը տաղաչափէ այդ խօսքերը… խաչին վրայ։ Երեմիա Չէլէպիին զարհուրելի յանգախաղը` ուրիշ նմոյշ (Օրագրութիւն Երեմիա Չէլէպիի, ոտանաւորներ)։ Այս ամենուն մէջ հեղինակը անշուշտ միայն վրիպանքը չէ, այլ պարագան, որուն համեմատ Ալիշան ԺԹ. դարու կէսին հասած, լեցուն, հմուտ քերթող մըն է։ Վիների շքեղ Գեթսեմանիէն վերջ, մարդ կ՚ապշի, միայն նիւթը, Ալիշանի գրչին տակ գտնելով Գեթսեմանի, Տէրունի, էջ 156) այնքան տղայական, այնքան անկանգելի կերպով տափակ: Ու կը ցաւիմ որ ամէն ժամանակներու ամենէն յուզիչ տռամաներէն մէկը, Աստուածորդին մահուան դռներուն . այնքան քիչ բան ըլլայ խօսած սա քսանամենի երիտասարդին։

 

Տնօրինականք խումբին մէջ Նոր Կտակարանի ամենէն սրտառուչ դրուագները (Ծնունդ, Այլակերպութիւն, Վերնատուն, Ոտնլուայ, Գերեզման, Յարութիւն եւ իր փառքը, Համբարձում եւ իր հրաշալին) նիւթ կ՚ըլլան անհուն, միօրինակ, անկնիք քերթուածներու որոնց ներսը դժնդակ է զգալ պակասը տարրական իսկ զգացման։ Ու սա տպաւորութիւնը կրկնապէս կ՚ըլլայ վիրաւորիչ երբ կը խորհիք թէ սա երիտասարդը խորապէս կը հաւատար իր գրածներուն։ Այս հաւաստումէն յետոյ, կը դիմաւորեմ ձեր հարցականը։ 

Ինչո՞ւ, այն ատեն, սա վրիպանքը։ 

Ու պատասխանը, առանց տաղանդը անհանգիստ ընելու, պատուական աբբային 

Վասնզի Ալիշան սիրահար մըն է ոտանաւորին, ամէն բանէ առաջ տող չափելու եւ յանգ յարդարելու վարժապետական զբաղումին նուիրեալ մը, ուրիշներու կողմէ փորձուած նիւթերու մէջ՝ մրցումին խանդահար բանուորը, եւ այլալու համար կարճ` ոտանաւորի ասպետ մը: Ու այս գիտակցութեամբ, անիկա իրեն կուտայ արտօնութիւն մօտենալու ամէն առիթ էր, ասկէ տոնելու համար իր փաստը, այսինքն ոտանաւորին վրայ իր իրաւունքը, բաժը: Ներշնչո՞ւմը։ Բայց Ալիշան այդ բառին պիտի մտած է երբ տարուի գրականութիւն ընելու պարտքին։ Ատկէ դուրս, անիկա ինքզինքը պաշտպանուած գիտէ իր նիւթէն։ Հոս Տէրունին չէր կրնար զինքը սխալի մէջ ձգել։ Նման հոգեբանութեան մը ծնունդ կը նկատեմ Մանկունին, տղոց համար գրուած ոտանաւորներու հաւաքածոյ ուր ամենէն ճաճանչաւո՜ւխտ գրաբարը կը գործած է սակայն։ Պէշիկթաշլեանն ալ ունի նման քերթուածներ, բայց զգացած է կարիքը տղոց լեզուին մօտ մնալու: Նման հոգեբանութեան մը ծնունդ, դարձեալ Մաղթունին, պարագայական տաղերու ուրիշ շարք մը ուր պաշտպանութեան տակն է հանդիսականին։ Բացէք երկու շարքերն ալ ու դուք պիտի տառապանք սա միամտութեան համար նախ հեղինակին հաշուոյն, ապա այն ուրիշ դժբախտութեան ալ համար որով այդ տղայաբանութիւնները կը վերածուին եզակի բանաստեղծութեան։ Ու մխիթարուելու համար, պարտաւոր էք յիշել աշխարհաբար մեր բանաստեղծութեան ամբողջ հտպտանքը, Ալփասլաններու, Ռ. Պէրպէրեաններու, Թէրզեաններու, Uէթեաններու, Աճէմեաններու փառքին ընդմէջէն։ 

 

Տէրունիին ամենէն սխրալի բաժինը, ըստ նիւթի թելադրանքին, պիտի կազմուէր Կուսականով։ Աւելորդ է ըսել որ վրիպանքը հոս ալ նոյնքան վճռական է որքան միւսներուն մէջ (Խօսք ընդ Աստուծոյ, Տնօրինականք, Տօնականք) մինչ Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ խոն տրտունակ վարդապետները այդ թեմաէն ստեղծած են մեր Շարակնոցին սխրագին յաջողուածքները. Ալիշան, միշտ խառնուածքով բանաստեղծ մը, չէ իսկ տառապած ծանր իր անբաւականութեան գիտակցութեամբը։ Չեմ բանար վէճ։ Տիեզերական գրականութեան մէջ Ս. Կոյսը տուած է ամենէն յուզիչ քերթուածներ։ Փափկանկատութեան պակաս մը չէ անշուշտ Ալիշանի Տէրունին մօտեցել Սրբազան Քնարին, աւելի ճիշդ՝ Հովուական Սրինգին, գիրք մը ուր աշխարհի, ոգիի, նիւթի նոյնութիւններ, հանգիտութիւններ կը դառնան ուշագրաւ։ Եթէ Սրբազան Քնարը չի խօսիր մեր սրտին, գոհ ենք որ կը բաւարարէ մէջ միտքը։ Որքան պիտի ըլլայի ուրախ նման հաւաստում ընել կարենալով Տէրունիին, իբր ամբողջութիւն։ Պարագան տարբեր է բոլորովին։ Տխուր սա ամբաստանութեան մէջ կը մտնէ դառնութեան ալ շեշտ մը։ Չի բաւեր աբբան, ուսուցիչը, տաղաչափը ոգեկոչել բացատրելու համար սա վրիպանքը։ Հայրենապաշտութիւնը՝ իր կարգին պարագայական զգացում, հայրենիքէն տարագիր վանականի մը ներսը, Հայրունիին մէջ չէ այսչափով անտանելի որքան Երկնայինին, Աստուածայինին, յաւիտենականին պաշտամունքին նուիրուած, մատաղ սա զ գ ա յնութեան սա նիհարութիւնը, սա աղէտը Տնօրինականքին երբ ունի գոյութիւն սրբազան հիմնատարրը, իրաւ ու խորունկ, ամենօրեայ կրկնումներով հոգիի մաս կազմելու աստիճան ընտանի։ Կ՚երեւակայեմ պզտիկ աբբան, որ իր խցիկը կը լքէ դէպի տաճար՝ օրը քանի՜ տեղ, կը դնէ իր եռացող ճակատը գետնի պահին ու կ՚ապրի իր երկիրնքը, իր Յիսուսը, իր Ս. Կոյսը, նոյն հոծութեամբ, տառապագին զգայնոտութեամբ որոնցմէ ցոլքեր կը դողդղան իր  արձակներուն մէջ, բայց որոնցմէ ետք իսկ չի հաստատուիր քերթուածներուն հիւսքերուն։ Հաւատքը` անբաւակա՞ն, ուրեմն մեր բառերը փրկելու։ Ունիք պատասխանը հազարաւոր տարիներէ ի վեր տրուած։ Նպա՞ստը՝ դարուց ի դարս մեր մէջ բիւրեղացած զգացական առհաւութեանց (արիւնը մեղք է երբեմն)՝ որոնք ամենէն միջակը մարդը ի վիճակի են ոգեղինելու: Ակնարկեցի թէ իմացական փառքերու, հարստութեանց գերագոյն կոթողները անմահ մատեաններն են բոլոր կրօնքներուն։ Ան որ խմբագրեց Ծննդոց Գիրքին զմայլելի հովուերգութիւնը (Աբրահամ, Եսաւ, Յակոբ, Յովսէփ գլխաւոր դերակատարներով), Յոբին ահաւոր ողբերգութիւնը, Երեմիայի սրտայոյզ ողբը, իւրաքանչիւրը իր կարգին, ամէն բանէ առաջ բանաստեղծ մըն է, յաճախուած կեանքէն վեր բանէ մը. Աստուծոյ ոգիէն որ հոմանիշ է հոս խորունկ, իրաւ, դղրդիչ ներշնչումի։ Ալիշան ի՞նչ կը զգար երբ կը մղում էր իր քերթուածները գրելու, տօնական, առանձնական, հոգեբանական ծանր կամ քաղցր տագնապներուն ընդմէջէն, որոնցմով կը հիւսուին մարդոց տարիները: Պատասխանը կը հրաւիրուիք գտնել Տէրունիին ողորմելի բառակոյտին մէջ։ 

Նուագք շարքէն Տխրունիին հանդէպ իմ տրամադրութիւնը կը մնայ ոչ նուազ անզիջող։ Տխրունին ալ ստորաբաժանուած է դիւաններու Յուշք եւ Վաշք, Մահու Մրմունջք, Բանք Պանդխտի։ Եթէ Տէրունին կրօնազգած գետնի մը վրայ պայմանաւոր խօսքի հանդէս մըն է, Տխրունին նոյն հանդէսին մէկ ուրիշ վարագոյրն է մարդկային գետնի վրայ: Հասկնալի՞` սա աբբային մօտ առատութիւնը պահերուն ուր ցաւը, ասոր սողոսկուն արձագանգները մեր ջիղերն ի վար մեզ կ՚ընեն առնուազն պարկեշտ, տանելի։ Ցաւը միակ բարիքն է զոր չենք կրնար ուրիշին բաշխելով թեթեւնալ մտածել։ Անիկա մերն է, մեզմէ ինչպէս դուրսէն գայ։ Բայց պարագայապաշտ քերթողի մը համար, ցաւը` նոյն ատեն շքեղ պատեհութիւն մըն է մեր կառավարութիւնը կիրարկելու: Ս. Ղազարու մենաստանը, բաղդատուած Պոլիսին, աւելի քիչ յարմարութիւններ կը տրամադրէր Ալիշանին։ Իր աշակերտը, Մ . Պէշիկթաշլեան եւ իր կարգակիցը` Նար-Պէյ Պոլսոյ մէջ, իրենց ձեւերով այդ Տխրունին գործադրած են (exécuter), հասնելու համար հաւասար սնոտիքին։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան իր անձին, իր մահուան շուրջը կոտրած է կախարդական շրջանակը այդ տափակութեան։ Սնոտի՞ք։ Երբեք։ Մահ մը իրաւ է ամեն  բանէ առաջ։ Ատոր շուրջը ոչ-իրաւը՝ անով փառաւորուելու, դամբանականելու մեր խաբեբայութիւնը։ Ալիշան «ողբանուագ» երգած է մահը քանի մը վարդապետի, մնալու համար շատ սովորական տաղաչափ մը: Բացէք Մահու մրմունջքը, որ էջէն որ կ՚ուզէք։ Ձեր գտնելիքը, այս անգամ աւելի վճռական հարազատութեամբ, գրքունակ տաղաչափական մարզանքն է ԺԸ. դարու դասականներուն (անգլիական եւ ֆրանսական), այսինքն միշտ ու միշտ բառեղէն կառոյց։ Տապանագիրներ, կարճն ալ երկարն ալ, իրականն ալ, երեւակայականն ալ։ Մարդ կը ցաւի որ խորապէս յուզիչ մահ մը, ինչպէս Տիւզեանի մը մահը մահ Յ. Տիւզեան) մեզի թելադրել կարենայ միայն ու միայն թուղթի մահ մը։ Տասը էջ բա՜ռ, ուր չըլլար տողացած ջերմութիւնը դէմքին, առնուազն իր ժողովուրդին օգտակար, օտարներէն իսկ յարգուած, սիրուած մեծ տունի մը պայազատներէն։ Այս վրիպանքը դարձեալ զիս չի զարմացներ, տրուած ըլլալով պատուական աբբային զգայնութեան տիրական նիհարութիւնը աշխարհիկ կեանքին հանդէպ։ Ամէն մահ, այդ տաղաչափին համար, տռամա ըլլալէ առաջ, առիթ մըն է մահուան վրայ քարոզի մը, բարոյական շուրջ զեղուն խորհրդածութեանց, Թիպէթցիներուն աղօթքի ջաղացքները յիշեցնող, քան թէ ապրող ջիղերու հիւսքի մը վրայ իջած անսպասելի բայց անխուսափելի հարուածը։ Գրիգոր Օտեան, տեղ մը, հիացումով կը յիշատակէ Տխրունիէն քերթուած մը որուն վերնագիրն է «Հարբէն», ի քսանամեակն իմ ստորատիտղոսուած։ Թիրոլցի պատանի մը որ աւստրիական բանակին մէջ զինուորութիւն կ՚ընէ եւ կը յիշէ իր հայրենիքը, ասոր լեռներն ու դաշտահովտակները, ձիւներն ու ջուրերը, տունն ու պարտէզը, իր տեղը ընտանեկան սեղանին եւ ... կը հառաչէ։ Ի՞նչ կը գտնէր բնութենապաշտ Գրիգոր Օտեան այս ամենուն մէջ, մասնաւո՛ր, նոր, հզօ՛ր` իր զիջումը ընելու համար սա բառակոյտին (այս տարազը իր յաճախանքովը նկարագիր կը թելադրէ, այնքան սա տպաւորութիւնը կը հալածէ զիս քերթուածներուն սկիզբէն իսկ)։ Յուզումի ոչ մէկ տարի այդ նկարագրամոլ տաղին մէջ ու չմոռնալ որ ինքն ալ, ծանրախոհ Օտեանը արտաքին աշխարհին վրայ նայած է Ալիշանին աչքերովը: Հովուերգական թեթեւ շունչ մը անբաւական է քերթուած մը փրկելու: «Հարբէն»ին հրապոյրը թերեւս կուգայ Ալիշանի մօտ շատ հազուադէպ Հիւրմիւզեան որոշ իր փափկութենէն ու ԺԸ. դարու ֆրանսացի եղերերգակներու (Մելվուա, Ռըպուլ, երբեմն` Աբբա Տըլիլ որ Ալիշանին նախատիպն է իր քերթելու ասպարէզին մէջ) թարգմանութիւններով մեզի պատուաստուած թացիկ, բասթիշ զգայնոտութենէն։ Բաժանումներ, որոնք կեանքին մէջ, 1850ին մանաւանդ ռոմանթիք արցունքներու զեղումներու աղբիւրներ կը բանան։ Լուռ վիշտէր, այնքան առատ, մեր բոլորին իբր բաժին բաշխուած, զորս կ՚ուտենք ու կը մարսենք այսօր, գրեթէ անզգած, վասնզի աղաղակող, երկինքը վար բերելու չափ ծանր ցաւերու ջրհեղեղ մըն է որուն վրայ նաւարկած է մեր խեղճ խլեակը մեր մարմինը, կայ հարիւր տարի է, բայց որոնք 1850ին բանաստեղծութիւն չեն, ռոմանթիք վէպին հերոսներն ու հերոսուհիները աւաղելի ընծայող: Տառապած սիրտեր (ահա ձեզի վաւերական վերնագիրներ, այդ Տխրունիէն. Սիրտ նըժդեհ (էջ 17), Սիրտ տառապեալ (19), Առ սիրտ (21), Առ մխիթարութիւն (29), որոնց տակը ձեր գտնելիքը միշտ ու միշտ բառ է դժբախտաբար), այդ 1850ին անշուշտ ոչ նորութիւն ոչ ալ սեպհականութիւն։ Անդարձ մեկնողներու ետեւեն ողբեր, նաւաբեկեալներ, նաւաչու գացողներու ետեւէն անուշիկ բայց պարապ խօսքեր։ Տխրունին, այսինքն Ալիշան աբբային թաքուն ապրումներուն վկայարանը, կրկնապէս կը խոցէ մեր տրամադրութիւնը, քանի որ համոզուած ենք այդ ապրումներուն կարելիութեան։ Ու կը հարցնենք. չունէ՞ր այս սքանչելի մարդը, քսանին եւ երեսունին մէջտեղերը, իրաւ արցունքին այն պահերէն որոնք բաժին են գրուած մարդոց ամենէն քիչ սքանչելի որդիներուն անգամ, եւ միշտ այդ տարիքին այնքան ամուր կը դնեն իրենք զիրենք մեր ջղային դրութեան վրայ, անջինջ կնիքի մը նման, մեզ մղելով խոր, իրաւ, կործանող իսկ տառապանքով։ Չունէ՞ր այն մարդը, միշտ քսանին ու երեսունին մէջտեղերը (ուշագրաւ է որ ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Ալիշանի քերթուածներուն իյնայ այդ տասնամեակին մէջը - 1840 –50 որմէ վերջը կը ցանցառին անոնք, 1860էն առաջ ընդմիշտ անհետանալու համար անոր գրական ասպարէզէն որ դեռ մօտ կէս դարու վրայ պիտի երկարաձգուի) երիտասարդները խորապէս յուզող այն ապրումներէն որոնցմէ գրուած է որ անցնինք բոլորս, յաճախ տկարանալով անոնց բեռան ներքեւ, քիչ անգամ՝ տանելով արիութեամբ, որոնցմով պիտի կազմենք մեր անձնականութիւնը, մեր հոգիի դէմքին ոստայնը։ Գերազանցապէս անձնական ըլլալու սահմանուած սա շարքին մէջ (Տխրունի) Ալիշանի սրբազան անձը կը խղդուի բառերու տարափին, հեղեղին տակ։ Քանի անգամ փորձեցի, իր սիրտը կերպադրելու, արտաբերելու այնքան ընդունակ բազմաթիւ քերթուածներու մէջ  զգալ, գտնել զարկը կախարդ կայլակին որուն սիրտ են դրած անունը եւ ... պատժուեցայ այս մտերմիկ, պարզ փոյթիս մէջ։ Միշտ բա՜ռ, բա՜ռ, բա՜ռ, ինչպէս կ՚ըսէ այնքան իմաստալից կերպով անգլիացի թատերագիրը։ Չեմ ընդլայներ։ Չեմ վերլուծեր։ Ո՜վ խեղճութիւնը, անդարման որքան անկանգնելի Տրտունջք Մահու դիւանին։ Գիւղի գերեզմաններ, նշանաւոր կամ նուազ նշանաւոր մեռելներ, մահուան տեսարաններ, դամբարանի քարեր, առիթ են իրեն որպէսզի վազէ իր խուցը, աճապարագին ու հեւասպառ, թուղթին յանձնէ աւուրն պարէնը. հինգէն մինչեւ քանի մը յիսուն տողերու հասակով տողե՞ր, որոնց մեծագոյն մասին նիւթը պիտի տայ մահուան վրայ անդաճմունքը, անդոհը։ Յիշեցի եւ արտագրեցի ալ Շաթոպրիանի մահուան վրայ իր եղերերգը։ Մինչ Պայրըն, Լամառթին, Հիւկօ, Միւսէ այնքան պերճութեամբ մշակած են élégieն, Ալիշան անոր մէջ կը կրկնէ Տէրունիին, Բնունիին, Մանկունիին, Մաղթունիին բառապսակ թէքնիքը: Նոյն անզգած, չըսելու համար թշուառ անփութութիւնը նոյն հատորէն Բանք Պանդխտի բաժինին մէջ։ Տառապանք է ինծի, իսկապէս պանդուխտ սա տղուն մէջ (միշտ քսանին եւ երեսունիին մէջտեղանքը) գրած չըլլալ սրտէն եկած երկու բառ։ Ու ինչպէս ուրիշ ամէն տեղ, հոս ալ սա վրիպանքը բացատրելու համար պէտք չունիմ մեծ տարազներու նպաստին։ Մեղքը մէկ է եւ նոյն, սկզբնական։ Ալիշան զոհն է տաղաչափի իր ճարտարութեան, այն սրտառուչ պատրանքին որով մեծահամբաւ, եզակի իսկ քերթող հռչակուեցան 1860ին, 50ին, 40ին տաղաչափ աբբաներ։ Պիտի չզբաղէի անշուշտ այս ամենով եթէ երբեք սա մտավիճակը աւելի տիրական ձեւով մը չըլլար երկարաձգուած 1860էն ասդին ալ: Օտեանին սխրանքը, Չերազին զմայլանքը (Զուգակշիռ Ալիշանի եւ Պէշիկթաշլեանի, Գրական Փորձեր), Պարթեւանի խորհրդանիշ ելոյթը, Չրաքեանի գնահատման «անհուն» կարկինը նոր օրերու միթի չըլլային վերածած սա յստակ վրիպանքը: Ո՜ւր դնել միւս ալ հիացումը, թուքոտ որքան տղայական, որ ազգային պարտքի կը վերածէ մեր մտածումներուն բռնադատված սա կեղծիքը։ Ալիշանի բանաստեղծական վարկը Նուագքներէն միայն կրնար սնանիլ: Բայց ով որ ինծի պէս, այսինքն նախատրամադիր հոգիով մը ձեռք կ՚առնէ  Նուագքները, առնուազն իրաւ մարդէ մը իրաւ վկայութիւն մը գտնելու յոյսով ու կը տառապի բառերու avalancheէն, չի կրնար իր զգացումներուն հանդէպ ինքզինքը մեղադրել։ Կը բացատրեմ սա տաղաչափութեան մոլուցքը իբրեւ զեղծանում մը  քանի մը շնորհներէ, ճաշակի զառածում մը, ձեւի հանդէպ որ հոս քերականութիւն է եւ լեզու անիրաւ, անգութ, աւելորդ պաշտամունք մը որոնց փաստերուն մէջէն Հայկ Դիւցազնը կ՚ըլլայ աշխարհահռչակ դիւցազներգութիւն . Գ. Զարբհանելեան իր «Պատմութիւն Հայ Մատենագրութեան Բ. հատորին մէջ կը խօսի իտալացի քերթողի մը հիացումներէն այր հատորին վրայ) եւ Եւայի Հարսները բարձրաթռիչ քերթուած, արժանի թարգմանուելու մեր աշխարհաբարին ինչպէս Արշակ Չօպանեանին Անահիտին մէջ կը տեսնենք։ 

Վերերը ակնարկովի թելադրեցի Նուագքներէն Մանկունին եւ Մաղթունին։ Հոս կշի՛ռ

1857ի հրատարակութեան Ա. հատորը ունի ազդ մը

«Հրաւիրեալք կամ հարկեալք զքերթողական ինչ պարապմունս մեր ի խաղս հնգետասան ամաց՝ հաւաքել ի լոյս, կամ եղեւ մեզ որոշել ի նուագս նուագս. եւ զառաջինս զայս անուանել ՄԱՆԿՈՒՆԻ, զ՚առ ի պէտս եւ ի սակս մանկտոյ՝ եւ առանձինն երբեմն ինձ աշակերտելոց յօրինեալս. որոց եւ նուիրեմս առ յիշատակէ։ Որ եթէ, որպէս եւ այլքն, եւ զարգացելում ու մենք մտօք եւ հասակաւ հաճոյ թուիցին՝ իցէ եւ մեզ հաճոյ, եւ եթէ ոչ՝ եւ այն եւս մեզ ոչ անհաճոյ»։

Այսպէս կը սկսի իր բանաստեղծական գործը կարգաւորելու կոչուած քառսունի դռներուն, սա վարդապետը, իր առաջին Նուագքը։ Թէ սա ծանրակշիռ յայտարարութիւնը անգթութիւն պիտի ըլլար ի դատապարտութիւն գործածել վարժապետի մը միամտութիւնը ապացուցանող, կ՚ընդունիմք ի յառաջագունէ, բայց չեմ կրնար չմտածել տասնով քսանով հատորներու որոնք միշտ վարժապետներու կողմէ, «իրենց ովսանն»` օգտակար հանդիսանալու համար «մանկանց եւ աշակերտաց» ու ասոնց ետեւէն «հայ դպրութեանց», «հաւաքուեցան ի լոյս». ճիշդ ու ճիշդ Ալիշանէն ներկայացուած եղանակով ու այսօր չեն անուանուիր, հայ բանաստեղծութեան հանդէպ յարգանք հասկանալի զգացման մը իբրեւ հետեւանք։ Բայց 1905ին, այսինքն մեր գրական հասկացողութեան տիրական կազմաւորումէն վերջ, տակաւին մենք կը յամառինք եզակի կոչել մանկավարժական սա բանաստեղծութիւնները որոնք Նուագքներու առաջին երկու կտորները կը խմբեն։ Ահա տարօրինակը: Ինչո՞ւ մի ոմն Տիգրան Շալճեանի Վարդէ Շուշանը. պիտի մոռցուի, ու Ալիշանի մը Մանկունին ու Մաղթունին (որուն կը հետեւին ա. Խոհունի, բ. Բնունի բաժանումները, համապատասխան թելադրանքներով) պիտի արժանանան անմահ փառաբանութեան, երբ երկու հեղինակներն ալ շքեղօրէն անբանաստեղծ են, իրենց արդիւնքին մէջ։… Համապատկերը չի զառածիր Մանկունիին վրիպանքովը։ Վարժապետները, իրենց միամիտ վսեմութեանը մէջ սրտառուչ են բանական։ Բայց կը շեշտէ Մաղթունիին մեղքը քանի որ արեւմտահայ բանաստեղծութեան ամենէն արժանաւոր մշակները . Պէշիկթաշլեան, Պ. Դուրեան) այդ հատորին ազդեցութեան կը մնան պարտական իրենց գործին մեռեալ [5] մասը։ Չեմ արտագրեր Մաղթունիէն, այլ կը գոհանամ քերթուածներու վերնագիրներ դնելով ձեր  նկատառման։ Յուխտ կուսանի, Ի Նորընծայ քահանայս, Ի Յոբելեան Քահանայութեան Հօր հոգեւորի, Ի դարձ նորընտիր գահակալին Մխիթարեայ յաթոռ իւր, Ի Յոբելեան կենաց Հոգեւոր Տեառն, Առ նոյն ընծայական, Ի բաժակ հրաժեշտի, Յանակնկալ յետադարձ, Առ հարազատն իմ ծովաչու յԱմերիկա (այս քերթուածը գրուած է աշխարհիկ լեզուով), Առ նոյն (նոյնպէս), Առ բանասէրն (Որ ըղձիւք ձեռացս խնդրէր զքերդուած ի համբոյր), Պատասխանի առ քերդող (քերթողը` Մ. Պեշիկթաշլեանն է), Առ Յովհաննէս ամիրայ Տատեան (յայցելութիւն իւրում ի Ս. Ղազար), Առ նոյն (Զի տայր յաւետիս գիւտի Մար Իբասայ), Առ Յակոբ Սեպուհ Տիւզ գալստեան իւրում ի վանս Ս. Ղազարու), Առ նոյն Սեպուհ, Առ Աղանուր սեպուհ (Առաքելով ընծայ օձաձուկն ի ճրագալուցի Ծննդեան Տեառն 1849), Առ նոյն Սեպուհ, (Յառաջնում տարեկանի Աղեքսանդրու թոռին իւրոյ գեղօնք), Ի Հարսանիս (Վիրգինեայ Աղանուր Պիանքի), Ի Հարսանիս Տ. Մ, Ի յաղթանակ ժառանգաց (Պետրոսի Եուսուֆեան), Առ քաջաքնար մանուկ (իտալացի Յովսէփ Կոնտի), շատերու մէջէ՝ զատուած։ Հայոց եզակի բանաստե՜ղծը: Ի՞նչ էր իր գործը սա մարդոց հետ: Գրեթէ տրտմութիւնը զայրոյթի կը փոխուի երբ այնքան օրհնասացուած մուսան եզակի Քերթողին` մեկ տարեկան տղու մը, թո՜ռ Աղանուր սեպուհի մը, կը նուիրէ երկու հարիւրէ աւելի տող եւ կամ Պետրոս Եուսուֆեանի մը ժառանգութեան դատ մը շահած ըլլալուն գովեստը կը հիւսէ եւ կամ այդ չըլլալիք Աղանուրին` Ծնունդի խթման օձաձուկ մը ընծայ կը ղրկէ։ Կ՚ընդունիմ՝ որ Ալիշանի հաճոյքները կրնային կազմել այս կարգէ քերթուածներ: Բայց ատոնք իր գործին մէջ ընդունի՞լը: Ահա եղերականը։ Ու այս սկզբնական ու հոյակապ օրինակէն վերջ դուք քիչ պիտի տառապիք թերեւս, երբ Մ. Պէշիկթաշլեանի ոտանաւոր վաստակին կէսը գտնէք գրուած նոյն ոգիով ու գնած, նոյն ճակատագիրը. Պետրոս Դուրեանին մէկ չորրորդը ենթակայ նոյն տղայաբանութեանց։ Այս ոտանաւորները գրչի զբօսա՞նք։ (Այս տարազը այդ դպրոցէն յամեցուն քերթողի մը մէկ գիրքն ալ կը պսակէ): Դուք գտէք բառը։ Ոտանաւոր ճառերու սա տարափն է ահա որ կը փառասիրէ մեծ քերթողը, ամենայն լրջութեամբ

Խոհունին, Բնունին գրուած են նոյն անգութ յամառութեամբ։ Ի՛նչ աւելի բնական՝ աբբայի մը համար քան մտածելը։ Բայց ձեզ կը ղրկեմ գիրքին որպէսզի համոզուիք թէ ինչ կը նշանակէ ապառիկ մտածել։ Խնամքով, ծայրէ ի ծայր ես աչքէ եմ անցուցեր այդ գիրքերը։ Ու աւա՜ղ, պարտադրուած եմ ըսելու որ  ոչ միայն յոյզ, ապրում, մարդկային ջերմութիւն չեմ զգացեր անոնց մէջ, այլ չարաչար ալ տառապեր մտածումէն որ, երբ հասարակ-տեղիք է, կրկնապէս կ՚ըլլայ տաժանագին տարապարհակ մը ընթերցողը զայրագնելու չափ անողորմ։ Բնութեան տեսարաննե՞րը Ալիշանի մօտ: Բայց ահա քերթուածներու վերնագիրները. Առ Զեփիւռ ընդ ընգուզենեաւ, Զեփիւռն այգուն, Արուսեակ, Ելք արեւու, Առաւօտ, Առաւօտ, Միջօրէ, Արեւմուտք, Լուսին, Աստեղք, Գիշեր, մէկ շունչով։ Ուրիշ շունչով մը` Մարգագետին, Ծաղկունք, Ձոր, Ծործոր, Առու, Գետ, Հովանի, Արտորայք, Լերինք, աշխարհագրութեան ինչպէս բանաստեղծութեան եզրե՜ր: Ուրի՞շ: Աւա՜ղ, այո։ Մարդաշէնները հիմա. Տաղաւարը, Եկեղեցեակը, Զանգակատունը, Կամուրջը։ Ուրի՞շ: Մարդե՜րը։ Մշակ, Եզող, Արտունձք, Այգեկութք, Մրգապահ, Անտառապահ, Որսորդ, Գեղջերէց, Ուղեւոր։ Բայց պետք է կարդալ այս մարդերը Ալիշանի շքեղ գրաբարէն անճանաչելի ըսուելու չափ այլացած, վսեմացած, անմարդացած։ Յետ՞ոյ։— Բուն իսկ հովու երգականին մէջ. Պատկեր բնութեան, այլագունեալ մշակականքը։ Առ հողմիկ մեղմիկ, Առ հողմ հեզիկ եւ յանձրեւ քաղցրիկ, Առ ընգուզենին ագարակի, Ի վերայ թմբի գետակին, Ի մէջ չորից բարտի ծառոց, Ի կոշկոռ հեղեղատին Կրեսպանու Տարվիսիան գաւառի), Ի վայր լերին նշաւակի Տիգուր լճի), Ի հիւսիսային ծովու, Առ Պլաւիս գետ, ասոնք ալ կը պահէք ձեր միտքը։ Ու տակաւին Առ ձագն (որ եմուտ ի խուց իմ. կալայ, գգուեցի եւ արձակեցի), Յողորմամահ ձագ տատրակին ու կը շեղիմ խոստումէս, ընելու համար մէջբերումը 

 

Մուսա՜ մայրեաց հովանեացս՝
Մեղմիկ մընչմանց եւ լալեաց
Որ ի խորւոջ պուրակին,
Մարզես եւ զձայն տատրակին,
Մնչեա՛ց ի լարըս փափուկ 
Զիմոց ձագուց սեր եւ սուգ:

 

երկու հարիւր յիսունի մօտ տո՜ղ, տատրակի մը մահուան առիթով։— Ու յիշել Բագրատունիին նոյնքան տողե՜րը` սոխակին մահուան առիթ ով։ Ու յիշել Թէրզեանի նոյն քան ու աւելի տողերը մլուկին առիթով։ Ահա թէ ինչ կը նշանակէ գրչի զբօսանքը Ալիշանին ու իր հետեւորդներուն համար։ Ապահովաբար դուրս ենք տարրական իսկ լրջութենէն։ Այս անլրջութիւնն է որ դպրոց պիտի կազմէր ու արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ պիտի ըլլար հեղինակը այնքան ծանր բառակոյտներու համբաւներում: Այս նկատողութիւնները պահեցէք ձեր միտքը։ Համապատկերը պիտի 

 

դատէ կրտսեր Ռոմանթիքները, Դեպի Իրապաշտները, Խասգելի պուէտները ու պիտի տառապի իրենց գործին խեղճութեանը չափ, իրենց վարպետին սկզբնական թշուառութեամբը։ Ալիշան եզակի բանաստե՞ղծ։ 

Եկած է ատենը այդ առասպելով զբաղվելու:

Հայրունին հեղինակն է անոր։ 

 

* * *

Կը զբաղիմ՝ նաեւ անոր աշխարհաբար մասով։ 

Երգք Նահապետի ընդհանուր անունին տակ, Նուագք շարքի Հայրունիէն, Ալիշան խմբած է տասնէն աւելի քերթուածներ։ Դուք գիտէք անոնց անունները։ Թերեւս չէք գիտեր որ եզակի բանաստեղծին հէքեաթը ընդհարացած է այս ոտանաւորներով թէեւ յօրինուած, պարտադրուած է Մանկունիներով, Մաղթունիրով եւ այլն (աւելի անդին՝ Հայրունիին գրաբար փառքին մասին):

Երգերը իբր նիւթ ու խորք ունին Ալիշանի պատմական աշխարհը, այն որ սնունդը կուտայ արդէն Յուշիկք Հայրենեացին, կ՚ըլլայ յատակը մեծատարած պատմական կառոյցներուն (Այրարատ, Սիսուան, Սիսական եւայլն)։ Անոնցմէ ոմանք, զուտ քնարական, ինչպէս է Հրազդանը որ իբրեւ երգ տարածուած էր ատենին, Մայր Արաքսին հակակշռող յաւակնութիւնով։ Ուրիշ մը` զուտ պատմակա՛ն, ինչպէս է Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոցը։ Ուրիշ մը դիւցազներգական պատմական ինչ պէս կը յաւակնին ըլլալ Պլպուլն Աւարայրի եւ Շուշան Շաւարշանայ։ Իրենց լեզուն, մշակումը, մատուցումը կը վկայե՞ն բանաստեղծ է մը

Ապահովարար, այո՛։ 

Բայց աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել երիտասարդ է մը որ իր դարուն օտար ու հայրենի, հին ու նոր, անտիպ ու հազուագիւտ բոլոր տաղաչափութիւնները խնամքով կարդացած է, վերլուծած իր հաշուոյն, կը ճանչնայ ոտանաւորին օրէնքները, ճախրագին նուաճումներ կարծած է ընել այդ նիւթերուն շուրջը իր սիրելի գրաբարով ու կը տառապի որ ստիպուած ալ է, հասկցուելու սիրոյն, աշխարհիկ բարբառն ալ օգտագործելու, միշտ իր նիւթին փառքին։ Այս հաստատումին միտք բանի՞ն։ Ան որ Մխիթարեան բանաստեղծները տգէտներ չեն։ Թէ անոնք ունին ոեւէ մէկէ աւելի, իրենց ժամանակին, վարժութիւնը մեր լեզուին, կը տիրեն իրենց նիւթին։ Բայց թէ անոնք բանաստեղծութիւնը կը շարունակեն ապրիլ ԺԸ. դարուն, մարդոց ամենէն անբանաստեղծ դարուն աւանդութիւններուն մէջ ու համար։ 

Հարցե՞րը, որոնք կը ծագին Ալիշանի աշխարհաբար քերթողութեան հետ։ Շատ են անոնք։ Բայց վրիպած գործ է մը չէ որ պիտի գային կրկէս։ Կը փորձեմ մէկ հատին միայն վերլուծումը

Հանրածանօթ քերթուած մըն է Շուշան Շաւարշանայ անունին տակ հաւաքածոներու անցած պոեման։ Չեմ գիտեր իր հրատարակութեան առաջին թուականը որ սակայն 1840էն վար չի կրնար իջնել։ Ալիշան իր բանաստեղծական տաղանդին բովանդակ լիութեանը մէջն է այդ օրերուն։ Այսինքն կարդացած է բանաստեղծները յաճախ ուրիշները կարդալէ վերջ կը մտածեն իրենց գրելիքին Պայրընը, Շաթոպրիանը, Հիւկոն, Վինեին, Լամառթիւնը, Միւսէն, Կէօթէն, Շիլլերը: Այս անունները հոս բանգիտութիւն չեն ծախսեր։ Անոնք պոէմայի վարպետներուն անունները ըլլալու փառք մը չեն ալ սնափառեր: Ալիշան անունով երիտասարդ քերթող մը այդ մարդոց գործերը կարդալէ վերջն է որ պիտի վարակուի պատմական սա ռոմանթիզմով, Շաթոպրիանով իր սկիզբը ըրած եւրոպական մեծ գրականութեանց մէջ, իբր հակազդեցութիւն դասականութեան, ու պիտի մտածէ իր ալ պատմութեան որ հարուստ է այդ կարգէ նիւթերով։ Այս խուլ գիտակցութիւնը աւելի վերջը կերպարանք պիտի առնէ Յուշիկներուն մէջ։ Բայց ատոնցմէ առաջ՝ Հայրունին գրաբար ու աշխարհաբար պատմական կառոյցները նախաճաշակ միայն են երիտասարդ աբբային մտադրութիւններէն։ Շուշան Շաւարշանայն սխրալի միթ մըն էր։ Շաթոպրիանի Genieն իր բարձ մի գիրքը ընող վարդապետը ունէր քրիստոնէական հրաշալիին ամեէնէն փափուկ յօրինումներէն մէկը, Սանդուխտ Կոյսին վկայաբանութեանը մէջ։ Բայց այդքան։ Չունէր անիկա նման յօրինումներու հետ վարուելու ընդունակութիւններէն եւ ոչ մէկը։ Վարք Սրբոց կամ Յայսմաւուրք կարդալը հաճոյք, անշուշտ։ Բայց գրե՞լը։ Ալիշան շփոթած է երկու տարբեր, հակադիր վիճակներ ու անցած է սեղանին խուլ ապահովութեամբ իր տաղաչափական ճարտարութեան։ Անիկա մտքէն իսկ պիտի չանցընէր որ արուեստի գործ մը ենթակայ է տարրական պարտքերու: Թէ անիկա պարտաւոր է յարգել միտքը որքան սիրտը. ժամանակին կնիքը որքան անկէ զերծումին կարիքը: Այդպէս ըրեր էին իր ժամանակին օտար վարպետները, հէքեաթին մէջ շեղելով ամենախոր ապրումները իրենց հաւատքին ու նուաճելով իմացականութեան ընդվզումները։ Ֆաուստը անշուշտ ամբողջացած էր իր փառքին մէջ, Շուշան Շաւարշանայ պոէման կը տարբերի սակայն եւրոպական իր կաղապարէն, քանի որ Սոփերք Հայկականքի հրատարակիչը (Ալիշան) ազատ արուեստագէտ մը չէր որպէսզի այդ մանրիկ աւանդութիւնները, այդ մանրիկ հատորիկներով մեզի հասած մեր Միջին դարէն, անցնէին ստեղծագործական տենչէն։ Ալիշան, մեր նախնեաց հանդէպ իր խոր պաշտամունքէն բռնավար, պիտի չառնէր համարձակութիւն Ը րդ Սոփերքին պատմումը ենթարկելու ազատ ստեղծումին։ Արդիւնքը պիտի ըլլայ քերթուածին ներկայ ձեւը։ Հոս չեմ զբաղիր Ս. Սանդուխտին թելադրականութեամբը (Նար-Պէյ, Թէրզեան զայն մշակված են իրենց կարգին, իյնալու համար նոյն վրիպանքին, քանի որ բոլոր հէքեաթները ընդունակ են նորոգուելու, հերիք է ոչ նորոգողը ազատ ստեղծագործ միտք մը ըլլալ եւ ոչ թէ բարեպաշտ վկայագիր մը։ Ալիշան Սոփերքին աւանդութեան հետ վարուած է նոյն պատկառոտ զգուշաւորութեամբ որով շահագործած է Յուշիկներուն, ըսել կ՚ուզեմ՝ նիւթը ենթարկած է ոչ թէ խղճահար արուեստագէտի մը տագնապին, այլ բարեպաշտ կրօնականի մը գործնական մտածողութեան եւ Վկայաբանութիւն մը տաղաչափել. ահա իր մտադրութիւնը, փառասիրութիւնը եթէ կ՚ուզէք, եւ ոչ թէ արուեստի գործ մը երկնելու տագնապին լուծումը։ 

Երկու խօսք այս պոէմային լեզուէն որ աշխարհաբար բոլոր քերթուածներուն մէջ ալ կը փորձուի։ Ասիկա տարօրինակ խառնուրդ մըն է միջին, ռամիկ, բարձր հայերեններու: Չեմ գիտեր, ունէ՞ր նախամտածեալ միւս փառասիրութիւնն ալ որ Զարթօնքի սերունդին, յաջորդին մէջ ինքզինքը ըրաւ զգալի մէկէ աւելի անգամներ (Ուղղախօսութիւն, Ընտրողական Աշխարհաբար, Գարագաշ-Գուրգէն փորձերը), նոր մեր` գրականութեան տալու պակսող գործիքը իր արտայայտութեան։ Այդ լեզուին աղկաղկ, թոյլ, թափթփուք նկարագիրներովը մի զեղծանիք։ Ալիշան անհուն բան է կարդացած, շատ վաղատի։ Ու այդ ընթերցումներուն մէջ` անշուշտ մեր ձեռագիր ինչպէս տպեալ գանձարանները, որոնց մէջ ոտանաւորը իբրեւ լեզու այնքան մօտիկն էր իր կողմի փորձուած կաղապարներուն: Անշուշտ կաղ, խուժ, անհով այդ ոտանաւորը Ալիշան արգահատանքով, թերեւս որոշ ալ չկամութեամբ է գործածած, շքեղ իր գրաբարին խորհելով ամէն տողի: 1850ին այդ հնոտի ձեռագիրներու մէջ միայն գոյ լեզուէն Ալիշան չէ յառաջացած մաքուր, վճռական կերպարանքով սթանտաներ ալ ստեղծելու (յիշել եւ օրհասի փորձը միջնադարեան ֆրանսերէնին հասնելու): Այն ատե՞ն։ Մեզի կը մնայ եղածը դատել իր վրայով։ Այդ լեզուն չգտաւ ընդհանրացում  այնքան որքան չէր գտած Մաղթունիի շքեղ գրաբարը։ 1880ին մեր աշխարհաբարը կ՚անգիտանայ զայն։ Թէրզեան, Պէրպէրեան անկէ առած են միայն գրաբարին կոտրտուքները: Բայց բանաստեղծութեան մը կէսը լեզուն է, մի մոռնաք ասիկա։ 

Միւս կէ՞սը։ 

Տիպարներ: Բարքեր: Տռամա: Ապրում: Ինքնատպութիւն։ Պատկեր: Նորութիւն: Ու շարունակելը ձեզմէ։ Բանալ այս տարազները, վրիպած գործի մը առիթով, պիտի նշանակէր չարաչար վարուիլ արուեստին հետ։ Կը գոհանամ՝ հիմնական նկատողութիւններով։ 

Շուշան Շաւարշանային մէջ կան աղջիկ մը, հայր մը, մայր մը, սուրբ մը։ Մասնաւորումներ։ Այդ աղջիկը աւանդութեան սրբուհին, նախավկայուհի Սանդուխտն է։ Ալիշան անոր նկարագիրը (նկարագրականը) կ՚ընէ բոցավառ երեւակայութեամբը աբբային, կ՚ընդունիմ, որ սակայն մտքէն չէ անցուցած սանկ իրաւ մը, խորունկ մը, թափանցումով զօրացած աչքով մը նայել այդ հրաշահիւս պատկերին որ աղջիկն է տասնըհինգի դռներուն։ Ալ ձեզի կը մնայ այդ աղջնակին միւս հանգամանքները թագուհի աղջիկ մըն է ու ասիկա բաւ լրացնել երեսնամենի կուսակրօն քահանայի մը յուզումնահար հոգեբանութեամբը։ Հարսները, աղջիկները դարերով մունջ կը մնային մեր երկրին մէջ։ Ալիշանի պոէման կը յարգէ կարծես աւանդութիւնը հազիւ թէ սօսելով։ Մտիք ըրէք այդ աղջիկը հօրը տուած իր պատասխանին մէջ 

 

«Հայր, քանց ըզքեզ սիրելի
Չըկայր ոքիկ մ՚ինձ յերկրի.
Բայց երբ զԱստուածն իմ գիտցայ,
Սեր՝ քան զամեն մեծ ճանչցայ։
Պաշտէ՛ զԱստուած քո քեռուն (Աբգար), ՝
Հապա չերթամ ես հեռուն:
Ամ թե ատես դու զՅիսուս
Որ կեանք բերաւ մեր հոգուս,
Թէ զիս չուզես քրիստոնեայ.
Թէ այլ խօսիս զԱնահտայ,
Սանդուխտ այլ չէ քո դստրիկ,
Սանատրուկ չէ իմ հայրիկ.
Յիսուս՝ իմ հայր իմ փեսայ.
Այս իմ վերջին խօսքն ըլլայ»։ 

 

Այսքան։ Այսքան մըն ալ ու քիչիկ մը աւելի իրաւ, հայրը խօսեր էր սա պատասխանին արժանանալու համար։ Ուրի՞շ, Մա՞յրը։ Բայց մայրերուն պաշտօնը` լալ է, ըստ Ալիշանի ու չընել ոչինչ, ազդելու համար իրենց աղջիկներուն։ Ուրի՞շ։ Անշո՜ւշտ։ Տռամային բուն հերո՜սը։ Թադէոս Առաքեալ, որ

 

Երկնախօսիկ փեսաւէր
Օրիորդին տայ հրաւէր.
«Տերն այն երկնուց եւ Երկրի
Զոր պաշտէ քո մեծ քեռի,
Սիրեց ըզքեզ սըրբիկ կոյս.
Ե՛կ հարսնացիր ի Քրիստոս»

 

ու «պրծաւ, գնաց», ինչպէս կ՚ըսեն արեւելահայերը։ Այդ երեքուկէս տողով պարման աղջիկ մը պիտի լքէ ամէն բան, մայրը, հայրը, կրօնքը, թերեւս սիրականը ու երթայ բանտ. բանտէն դահիճին ու երկինքին։ Վկայաբանութիւնը մեր օրերու վէպ մը կամ թատերական կառոյց մը չէ անշուշտ։ Բայց մարդկային գնալու գինով մը միայն կ՚ըլլայ հանդուրժելի։ Ուրի՞շ է Ժողովո՛ւրդը որ կը կանչէ 

 

«Թագուհի՜
Ողորմի՛ Հայ աշխարհի.
Քո թագւոր հօրդ արեւուն, ։
Քո աննըման լուսերուն.
Ապրի՛ր Սանդուխտ, մի՛ մեռնիր,
Մի՛ բերել մութ մեր երկիր.
Սանդուխտ, ամէնս քեզ գերի
Ողորմի՛ հայ աշխարհի»

 

Այսքան մըն ալ ժողովուրդէն։ Մնացա՞ծը։ Բայց նկարագրութի՜ւն։ Վաթսունէ աւելի տողեր՝ այդ աղջկան հասակին, գոյնին, « մանտրաքայլ» տոտիկներուն։ Ծովը զայն պիտի ուզէր իրեն «ծիրան ծփանքներուն» հրամայող։ Երկինքը` իր գահը պիտի մատուցանէր անոր։ Ալաններէն մինչեւ պարսիկները, Հռովմէն մինչեւ Հնդկաստան

 

Թագւորորդի կտրիճներ
... Բերանաբաց կու նային
Երնեկ տալով փեսային
Որ զօրիորդն այն Հայոց
Յիւրըն տանի տուն եւ ծոց։ 

 

Ու պիտի փափաքէիք ճանչնալ այդ աղջկան սիրած թագաւո՜րն ալ 

 

Կայ մին ահեղ թագաւոր
Որում չըկայ չափ սինօռ.
Այն, եւ միայն այն պիտի
Փեսայ կուսին Սանդըխտի։
Իւր լոյս դարպասն է պատրաստ
Կարմիր կանաչ առագաստ,
Եւ աստղազարդ կապուտակ
Տատրակ տոտանցն է յատակ.
Ճապուկ ճորտերն են հրեղէն,
Ուր որ նային կայծ թափեն.
Ինչ որ խօսին` երգ է այն,
Խնտում ու սէր ամենայն

 

Ու ասիկա, այսպէս, մօտ երեք հարիւր տողերու վրայ։ Յամառօրէն իմ մտքին վրայ կախուած մնացին մեր աշուղները, տաղասացները, միջնադարէն որոնք իրենց միամիտ հաւատքին մէջ, այսպէս անհաւասար, անբաւական, նախնական ապրումներով բայց լիալիր հաւատքով կը պատմեն ծանր տռամներ, իրենց կորանքը գնելով իրենց ժամանակին, կրթութեան, գրական աւանդութիւններուն մեղմացուցիչ դեպք յանցանացովը, քանի որ Ալիշանին նման չեն կարդացած Շաթոպրիան, Լամառթին, Վինեի: Բայց ի՞նչ հարկ օտարներուն։ Յովհաննէս Թումանեան, աւելի քիչ տողերու մէջ, Փարւանա պոէմային կ՚ակնարկեմ, յաջողած է չքնաղ գեղեցկութեամբ տռամա մը նուաճել։ Ոչ ընթերցումները, ոչ շողշօղուն գրաբարը, ոչ Վիներին բուքը կրցած են դեր մը ունենալ արեւելահայ պարզուկ տէրտէրորդիին գլուխ-գործոցին կերտումին մէջ։ Ու կը լրջանամ։ Գիտէք տիպարները։ Հէքեաթէն տարտամած տռաման հայրը իր աղջիկը կը յանձնէ դահիճին, աղջիկը` իր վիզը կ՚երկարէ սուրին, առաքեալ մը, խռովիչ . խոր. իրաւ, մահը մեր օրերու արուեստէն շահելիք [6] միայն ունէր։ Ալիշան վրիպած է այս շքեղ պատեհութիւնը միջակ պարկեշտութեամբ անգամ շահագործելէ: Ամենէն աւելի տառապանք մենք կը զգանք, հրաշալիին հոն ենթարկուած տժգունութենէն, որմէ անխռով է սակայն պսակ մը կատարելու համար երկինքէն Աստուած մը իջեցնող այդ խորահաւատ աբբան: Նոյնքան հզօր տառապանք՝ հոգեբանական տագնապին չգոյութիւնը։ Յուզո՞ւմը։ Դրէք մարդեր դէմ՝ դէմի. մահը` բեմի կեդրոնին. սիրտերը` կոտրելու չափ լարուած։ Փշրանք մը այս ամենէն զիս պիտի ընէր զինաթափ։ Ու այս յուզումը դժնդակ անգթութեամբ մը զլացուած է մեզի: Անտեղի, սակայն մի առ մի ամբաստանութեան կանչել վրիպանքները, բոլորն ալ նիւթէն դուրս, հեղինակին անբաւարարութեամբը, անբանաստեղծութեամբը հասկնալի։ Փաստ է, որ Բագրատունիին միտքէն չանցածը բաթէթիքը բոլոր տռամներուն չանցնէր պիտի միտքէն իր հետեւողին։ Առաջինը երբ փառասիրեց Հայկ Դիւցազնը, ի մտի ունէր անշուշտ հնդկական դիւցազներգութիւններէն մինչեւ Վոլթէռի «տափակ» Հանրիականքը. թարգմանած անոնց կարեւորագոյներէն մէկ քանին, ընտանեցած՝ դիւցազնաշունչ պատմում ղեկավարելու օրէնքներուն, վստահ՝ մանաւանդ զրահակուռ, պղնձազանգ իր տողին, ձայնէն ինչպէս գոյնէն։ Ալիշան պոէման պիտի փորձէ ուրիշ ալ անգամներ (Պլպուլն Աւարայրի, Աշոտ Երկաթ ի ծովուն Սեւանայ, -Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց, Նահատակութիւն Սրբոց Ղեւոնդեանց), իյնալու համար նոյն վրիպանքին ծոցը։ Կ՚ըսեմ այս ամէնը խորունկ դառնութեամբ։ Այս մարդը գոց գիտէր մեր ժողովրդական, աշուղային, գանձարանեան բոլոր քերթուածները, ծանօթ էր արեւելեան օտար դիւցազնավէպերուն: Ունէր բանաստեղծական որոշ ալ խառնուածք։ Այսօր Լերան Աղջիկը, բաղդատած Շուշան Շաւարշանային` գեղեցկութիւնն է, ինք իր մէջ ըլալով հանդերձ վրիպանք մը: Ալիշանը կործանողը եթէ երբեք իր պարզմտութիւնը կամ շատ աւելի իրական, իր քերթողի անբաւարութիւնը չեն, ապահովաբար՝ է աններելի միւս միամտութիւնը, բոլոր տաղաչափներուն մահացու մեղքը, յանգը յանգին, տողը տողին կապկպելու դժբախտ պատրանքը։ 

Աշխարհաբար միւս կտորները Հրազդան, Ողբամ զքեզ Հայոց աշխարh, Հայոց աշխարհիկ, Մասիսու սարերն, Լուսնկայն (Պլպուլը՝ դարձեալ վրիպանք՝ դիւցազնավէպ մըն է) ինծի կը թուին հում նիւթեր, արուեստին չհասած։ Ասոնք բոլորն ալ ինկած են ձեռքին տակը մարդու մը որ խորունկ խանդաղատանք, անկնճիռ հիացում ունի անոնց գեղեցկութեանը վրայ եւ որ միամիտ է սակայն սա անձնական տպաւորութիւնը, զգայութիւնները բաւ համարելու, զանոնք մէկ երկու գնդասեղով իրարու կապկպելու եւ հանդէս հանելու իբրեւ շքեղ, անհաւասարելի արժէք, նշխար, մասունք։ 1850ին, Հայոց աշխարհը, այսօրուան արիւնլուայ, մեր ամենուն ներսը անխորտակելի սրբութեան վերածուած, մեր գոյութիւնն իսկ հիմնաւորող, պաշտպանող կախարդական թէ եւ պատրանաւոր հէքեաթ մը չէ որուն խռովքին, հմայքին մէջ երկու սերունդ յօժարեցաւ ինքզինքը զոհել, անհուն խանդով, անսպառ հաւատքով ու յօժարութեամբ, այլ՝ գիրքերուն մէջ տարտղնված, փոշեթաթախ, տժգունագեղ խորհուրդ մը, երազ մը։ Պոլիսը՝ գէթ մինչեւ իրապաշտները այդպէս մտապատկերեց Հայոց աշխարհը։ Վենետիկը որ ճարտարապետն էր այդ կառոյցին, կը մնայ Պոլսէն շատ հեռուն, ինչ որ, իր կարգին կը նշանակէ հեղինակն ըլլալ Հայոց աշխարհէն բոլորովին հեռու, իմացապէս յօրինուած ու երազներու յատուկ տարտամութեամբ շղարշային բառի մը, եւ ոչ թէ նիւթապէս ապրուած հայրենիքին (ինչպէս է ասիկա Իրապաշտներէն ոմանց եւ բոլոր Արուեստագէտ Սերունդին Միութեանց ներսը) իրական տագնապը, տռաման։ Կ՚ընդունիմ՝ որ կէս դարէ աւելի տեւողութեան մը վրայ այդ աբբան իր բարձին տակ պահէր հայրենիքին հողը, ոչ անշուշտ հրապարակախումբ կեղծիքի մը անձնատուր։ Բայց չեմ ընդունիր որ անիկա ըլլայ կարող այդ հայրենիքը զգալու այն ուժգնութեամբ, խորութեամբ որ առանց գրաբարի ու առանց թացիկ յուզումին (աշխարհաբար իր քերթուածները վիրաւորող), մենք կը հաստատենք նոյնիսկ պարզուկ դեղագործի կտորի մը քով որուն անունն էր Օհան Կարօ։ Չեմ ըսեր թէ կեղծ է այդ հայրենիքը անոր ուղեղին տակ։ Անիկա, այդ հայրենիքը, անոր ուղեղէն ներս առանձին ուղեղ մըն էր, կրնամ ըսել, աշխարհ մը պատմութեան ոսկիովը, արցունքովը, ծուխովն ու արիւններով ընդելոյզ։ Էր խորհրդապատկեր մը  վայելչագեղ, չքնաղ, սխրալի տեսարաններու համանուագ հանդէսներ (պատմական մեծ կառոյցներու մէջ պատկերներու առատութիւնը ուրիշ զգացումէ մը չի գար)։ 

 

Աշխարհաբար քերթուածներուն մէջ Ալիշան փրկած է ինքզինքը ծիծաղելիէն, անկազմ իր աշխարհաբարի, իսկ բարիքովը, ի հեճուկս ճաճանչաւուխտ իր գրաբարին։ Երգք Նահապետի կտորները մի կարդաք իբրեւ բանաստեղծութիւն. այլ իբրեւ ԺԶ. դարու բրիմիթիֆ նկարազարդում մը։ Այդ կտորներուն ամէն մէկ բառին ետին կայ պատառիկ մը սիրտ, որուն մեղքը սակայն մնացած ըլլալն է հում վիճակով մը։ Ալիշանին ձեւէ անփութութիւնը, թափթփածութիւնը, լեզուական ու քերականական ախորժակները (ինչպէս վերը դիտել տուի, միջնադարեան աշուղներ, կիլիկեան կամ միջին աշխարհաբարը, բանասիրական միամտութիւն, պատմական վստահութիւն, մխիթարեանութիւն, օգտապաշտութիւն, բոլորը զատ զատ կը միջամտեն կարծես այդ ոտանաւորներուն թէ կառուցման եւ թէ արտայայտութեան մեկ ու վերջնական կերպին, որ ինքնատպութիւնն էր ըլլալու, այդ ամենէն ամէն գնով ազատագրուիլը, ամէն վաւերական բանաստեղծի համար), թերեւս կրօնական շատ սուր խղճահարանքը եւ հայրենապաշտութիւնը ի վերջոյ յաջողած են կործանել անոր բանաստեղծական հարազատ զգայնութեան ամրութիւնը։ 

Հոս մուտք կուտամ Նուագքներուն նուիրուած ուրիշ աշխատանքի մը, կատարուած բաւական առաջ, ուրիշ կարիքներու սպասարկու ոգիով մը։ Քիչ բան կը փոխեմ սկզբնական յեղումէն, պահելով ասոր ոչ միայն ոգին անաղարտ, այլեւ կերպարանքը, որ Համապատկերին համար իմ կողմէ ընտրուածը չէր կրնար ըլլալ քսան ու աւելի տարիներէն առաջ։ 

ՆՈՒԱԳՔ

Անհանդուրժելի բան մը կայ Ալիշանի գրաբար քերթողութեան մէջ, շատ ավելի քան այն զոր կը զգանք Բագրատունիի ու Հիւրմիւզի մօտ։ Նիւթ, մշակում, լեզու բոլորը կը միանան իրարու, այս զգացումը մեր մէջ արմատացնելու, երբ իրարու ետեւէ կը սահին էջերը մեր մատներուն տակ, չգտնելու բախտով մը մեր միտքը, մանաւանդ սիրտը։ Կը տառապիք։ Ու քիչ քիչ կը գտնէք ձեր ներսը պատկերը մարդու մը որ առանց մտածած, առանց յուզուած ըլլալու կ՚անցնի իր աշխատանքի սեղանին, գրելու, գրելու, գրելու։ Ի՞նչ։ Բայց ինչ որ կը թելադրեն իրեն բառերը, որոնք խնամքով հաւաքած է իր ընթերցումներէն (բառգիրք ալ պատրաստած է)։ 

Բայց մեր այս զգացումը միւս կողմէ ծանր ճնշումին տակն է մտապատկերին որ փառքն էր Ալիշանին։ Հիացումները, որքան ալ սրբագրելն, կործանելի, բան մը կ՚ապացուցանեն անշուշտ: Ու աւելորդ է զառած: Ալիշանի փառքին լայնքով ինչպէս անյարիր ձոյլովը։ Ուրկէ՞, այդ փառքը։ Պէտք պիտի ըլլար վերակազմել մեր 1860ը, որմէ ասդին սկիզբ կ՚առնէ այդ բուրգը։ Յուշիկները ունեցա՞ն դեր մը այդ ամբարձումին մէջ։ Չեմ վճռական։ Համբաւը ապրումին համաձայն չ՚ընթանար։ Յուշիկները կարդացողները ատեն չունէին հեղինակին մտածելու: Եւայի Հարսներգը բոլոր վարժապետներուն, գրոց-բրոցներուն հիացումը ապահոված էր, անկասկած, իր շքեղ գրաբարովը։ Ու Հայկաբանութիւնը, 1860ին, քիչ մը առաջ քիչ մը ետքը, գրականութեան հոմանիշ էր, առանց այլեւ այլն:

Ուրեմն կ՚անցնիմ իմ վերլուծումին։ Բանաստեղծ մը հասկնալու արարքը չունի անխախտ օրէնքներ, բայց կը պաշտպանուի քանի մը հիմնական ճշդումներով։ ԽԱՌՆՈՒԱԾՔ, ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻԻՆ, ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ, ԳԱՂԱՓԱՐԱԳՐՈՒԹԻՒՆ, ԱՐՈՒԵՍՏԻ ԶԳԱՅԱՐԱՆՔ, եւ ուրիշներ։ Ասոնք երկրաչափական թեօրիներ չեն անշուշտ, բայց երբ բացուին, աւելի յստակ կ՚ընեն ոչ միայն Ալիշանի փառքը, այլեւ արեւմտահայ գրականութեան մէկ շրջանէն կը կերպադրեն սեւեռումներ։ 

 

Ա. ԽԱՌՆՈՒԱԾՔԸ. Կասկածելի՞` բանաստեղծութեան սա հիմնապայմանը մէկու մը մօտ որ աւելի քան հազար հինգ հարիւր էջ է սեւցուցած աստուածներու բարբառով։ Գրեթէ՛։ Խառնուածքը տաղաչափութիւն չի նշանակել, այլ մէկ կերպարանքն է մեր ընդհանուր զգայնութեան, մեր արեան դրութեան բացառիկ մէկ թեւաւորումը` որով մենք մեր ապրումները կ՚ազատագրենք ժամանակէն։ Խառնուածքն է որ մեզ կը մղէ մեր նիւթերուն ընտրութեան։ Ալիշանի բոլոր նիւթերը (այս ամբողջ աշխատանքի ընթացքին ես նկատի ունիմ Նուագքներու տաղաչափը: Հոն, ուր պատմիչը եւ ուրիշ կողմերը ինկած են նկատառման, հոն յիշուած են հանգամանքները, շփոթութիւն չստեղծելու համար) կուգան գրուածէն: Տպաւորուելու, յուզելու, յուզելու համար, անիկա միշտ պէտքն ունի ուրիշէն փորձուած  գետինին: Բացէք իր հինգ հատորները ու փնտռեցէք նիւթը որ ձեզ ըլլար անծանօթ, այսինքն գար մասնաւոր պահէ մը, վկայէր խառնուածքէ մը: Իրն են շարքով քերթուածները, իրարու նման իբր խորք մանաւանդ։ Իրն են աղօթքները, ըստ ամենայնի նման իրարու, տափակ, անթռիչ, մանաւանդ անհուր, զի մեր բառերը հով են յաճախ երբ չեն հասունցած մեր զգայնությանը քուրային մէջ։ Իրն են մաղթանքները, խոհանքները, զմայլանքները որոնք միշտ իրարու թելադիր, չեն մասնաւորուիր ոչ մէկ հաշտ ապրումէ։ Ու այս չոր արշաւը դժնդակ գրաբարի մը կամ անկնիք աշխարհաբարի մը մէջէն, քանի մը քերթուած յետոյ կ՚ըլլայ սպառիչ, ըլլալէ ետքը տաղտկալի: Յատկանշական խոստովանութիւն մը։ Այդ քերթուածներուն առթած անհուն տաղտուկին, չարչարանքին մէջ անգամ մը միայն ինծի պատահեցաւ, հինգերորդ տողին քերթուածի մը, կանգ առնել։ Ինքզինքս կը զգայի որոշ ապրումի մը առջեւ որ վեր էր բառերէն։ Անակնկալը այնքան զօրաւոր էր որ դարձուցի էջը, թուական փնտռելու համար: Թուականի տեղ հետեւողաբարը բաւական պերճախօս էր իմ զգայութիւնս լուսաւորելու համար։ Դրէք սա դժբախտութեան պատասխանատուութիւնը Վենետիկին, անբանաստեղծ աբբաներու վարկին։ Աւելի իրաւ բան մը կ՚ըլլաք ըրած եթէ երբեք առնուածքէ սա աղքատութիւնը ենթարկէք միտքի ալ վարժութիւններու: ԺԸ. դարու վարդապետական—բարոյախօսական բանաստեղծութիւնը դար մը ետքը տակաւին կ՚ապրեր Վենետիկի վանքէն ներս: Այն հայրենասիրական շունչը որ Ալիշանին վարկին գլխաւոր մղիչ ուժը կը կազմէ, նուէրն էր իր օրերու ռոմանթիզմին։ Ալիշան ապրած է 1840–48ի Եւրոպան։ Բայց այդ հայրենասիրութիւնն ալ չէ իւրացուած, խառնուածքի մաս կազմելու չափ։ Կ՚ընդունինք որ արեւելահայերը, յանձին Գամառ-Քաթիպայի, այդ զգացումի հետ վարուին ծանօթ հաստութեամբ, տափակութեամբ: Բայց չենք ընդունիր որ Վենետիկցիները անցնին միւս չարիքին, պարզագոյն ու խորագոյն զգացումը հայրենասիրութիւնը - վերածելու համար բառախաղական մրցանքի։ Ալիշանի հայրենասիրութիւնը անցա՞ծ է բառերու բռնութենէն անդին. Պատասխանը կուտայ Հայրունին զոր կը հրաւիրեմ որ կարդաք: Բայց այս երիտասարդ վանականը, արդէն երեսունին մատենադարան մըն է, այնքան շատ բան է կարդացած։ Հոյակապ պենետիկտէ՜նը։ Որ չէ հասկացած սխալը սակայն ... ոտանաւոր ալ կրնալ գրելուն: Այնքան քիչ կամ անկշիռ է իր մօտ քերթողական հարազատ խառնուածքը որ նոյն ամսու, չըսելու համար նոյն օրուան մէջ անիկա պիտի գրէ ամէն բանի վրայ, նոյն դիւրութեամբ, անպատասխսանատուութեամբ։ Ըսի՞ թէ ամէն Մխիթարեան կը փառասիրէր հանրագիրք մը ըլլալու հպարտանքը։ Բայց չըսի թէ Ալիշան ամէն տեսակ բանաստեղծական նիւթ պիտի փորձէ հաւասար այլուրութեամբ մը իր ըրածէն։ Վասնզի քերթուածները անոր կ՚արժեն յոգնութիւնը միայն ու նոյն տողաշարումը նիւթական աշխատանքով։ Թէ անոր խառնուածքը զգալի է Յուշիկներուն մէջ, դուրս է կասկածէ: Բայց ասիկա պիտի չպաշտպանէր եզակի, անհուն քերթողի իր փառքը։ 

 

Բ. ԵՐԵՒԱԿԱՅՈՒԹԻՒՆ. որ չարաչար ձեւով մը պակսած է դարձեալ մեծ յորջորջ ուած սա բանաստեղծին մէջ։ Պոէմաները կը պաշտպանուին երեւակայութեամբ։ Գիտենք ասիկա բոլոր ժամանակներում մեծ քերթողներէն։ Թող առնէ Ալիշան մեր պատմութեան ամենէն բաթէթիք դրուագը (Պլպուլն Աւարայրի), զայն ենթարկելու համար դիւցազնաշունչ մշակումի։ Իր երեւակայութիւնը անոր պիտի տալ պատերազմի դաշտ մը, որուն բոլոր տարրերը, շէնքը արդէն անիկա իր ընթերցանքներով ապահոված է։ Այդ դաշտին վրայ բանակ մը։ Զօրքեր ու զօրավարներ։ Անշուշտ։ Սպարապետը, պատմութեան կարմիր Վարդանը։ Բարի եղէք կարդալու այդ բառամարտին կենդանի իրականութիւնը քերթուած ին մէջ։ Յետո՞յ։ Ալիշան ունի իր սիրելին, Եղիշէ անձին վրայ։ Պիտի երեւակայէ ուրեմն Վարդանի զինակիրը (Եղիշէ, այսպէս կը ներկայացուին աւանդական պատմութեան էջերուն, որ եկել է, ռազմի դաշտին վրայ իր կարմիր հերոսը փնտռելու: Գովել Վարդանը, գովել Եղիշէն: Ահա անոր երեւակայութեան արտօնած կարելի բարիքը։ Առէք Մասիսու Սարերն երկասացութիւնը։ Ալիշան կ՚երեւակայէ որ Մասիսի զոյգ սարերը, աւագ եւ կրտսեր Մասիսները, կը խօսին իրարու հետ։ Շքե՞ղ նիւթ։ Անշուշտ: Բայց կարդացէք թէ ինչ կ՚ըսեն իրարու այդ դժբախտ գագաթները դժբախտ էջերուն վրայ քերթուածին։ Նոյնն է պարագան Ղեւոնդեանց նահատակութեան։ Իսկ շքեղափառ բառակո՞յտը Հարսներգին։ Եւ սակայն այս մարդը ոեւէ մէկէ աւելի մեր հերոսները, մեր պատմութեան տռաման, անոր աշխարհը կը ճանչնար ... մտապէս։ Արդի՞ւնքը։ Այդ թշուառ պատմումնե՞րը (արձակներուն մէջ ալ ոգեկոչական իր դրուագները խճողուած են թարմատարով)։ Անցեալը շնչաւորելու համար իրեն պակսածը, արձակին ինչպէս չափաբերեալին մէջ երեւակայութիւնն է անկասկած։ Ու տխուր է այդ պակասը դարմանած ըլլալ կարծել, աւուր պատշաճի տափակութիւններով։ Անոր ոտանաւորի դէզին կէսը կուգայ աղօթքներէ, մանկականէն, գարնանայինէն, խրատականէն, հայրենասիրական գլիշեներէն։ Գրեթէ միշտ անուն մը իրեն համար ազգային պատմութիւն է: Մարդէն շատ առաջ անոր մտքին ծագածը` այդ անունին կապուած պատմական յիշատակութիւններն են։ Քերթուածները կը սնանին վերադիրներու անսպառ հրթիռով մը, երբեմն տեղին, երբեմն բռնազբօս, միշտ հնչական, պատրանք ստեղծելու չափ հզօր, համադրող երեւակայութիւն, մինչ իրականին մէջ ծնունդ՝ անոր անհուն հմտութեան։ Արտաքին, կայուն, բայց պատմութեամբ որոշագրեալ կերպարանքներու հանդէպ սա առատութիւնը որակականներու, կը կազմէ անոր զգացական աշխարհին ալ ամենէն յաճախեալ եղանակը։ Հոգեկան վիճակները բանաստեղծ մը անոնց պարտադրած իր մասնաւոր կնիքով մը իր կոչումը կ՚արդարացնէ - Ալիշանին մօտ պատուական, անքակտելի գլիշէներ են։ Գարուն մը անոր զգայնութիւնը պիտի յուզէ դասական հովիւով, սրինգով, մանիշակով եւ «իւր սարօքն»։ Այդ երեւակայութիւնը մարզուած է դասական իր ընթերցումներէն, թերեւս չափով մը` Բագրատունիէն, բնութենապաշտ կտորներու մէջ` Հիւրմիւզէն, ու կնիքն է առած դպրոցին որ կը սկսի 1810ին, Վենետիկ, մեռնելու համար Պոլիս 1880ին։ Ահա թէ ինչու բոլոր դիւցազնավեպերը ձախողանք են իր մօտ։ Բոլոր քնարական զեղումները չեն վերածուիր արդար վիճակներու ու բոլոր երազանքները կ՚իյնան վիրաւոր, բառերէն նետահար։ 

 

Գ. ԶԳԱՅՆՈՒԹԻՒՆ զոր կը խնդրեմ ով չշփոթէք խառնուածին հետ։ Այս վերջինը ծնունդին յայտարար ընկալչութիւնն է, աշխարհէն։ Զգայնութիւնը խառնուածքն է ոճի վերածուած, այսինքն մեր բերածին վրայ արեան ճամբով արտաքին աշխարհին դանդաղ ազդմունքներով, ժամանակին ասեղովը բանուած հոգեղէն մոյնքն է եթէ կը ներէք փոխաբերութիւնը։ Առանց խառնուածքի բանաստեղծ չենք կրնար երեւակայել։ Առանց զգայնութեան խառնուածք մը կ՚անցնի անկշիռ, անպտուղ: Ալիշանին զգայնութիւնը շահեկան է մէկէ աւելի երեսներու վրայ։

1. Հայ–քրիստոնեայ որակումին ետին թելադրուած զգալու եղանակ մը, որ հասարակաց էր մեր ժողովուրդին բոլոր խաւերուն, կանխող դարու կէսերուն եւ Պատմութիւնը, կրօնական պառակտումները 1880-ն քիչիկ մը պղտորած են յղացքին միակտուր պայծառութիւնը մեր դարերն ի վար։ Բայց բողոքական, կաթոլիկ՝ հայ–քրիստոնեան պահած է իր սկզբնական իմաստը գրեթ է մեր բոլոր գրողներուն մօտ։ Խրիմեան մը, Սրուանձտեանց մը այդ ձեւ զգայնութիւն մը տիպարային հարազատութիւնը կը համադրեն։ Օտեան մը նրբերանգ մըն է անկէ։ Չեմ՝ արտօնուած Վենետիկի մէկ կղզիին մէջ իր աղօթքը մատուցանող, իր Աստուածը ոգեկոչող պենետիկտէն աբբան նոյնացնել Տաթեւի ամայքին մէջ, կէս հազար տարի առաջ իր կիրքերը ամրապնդող Գրիգորի մը հոգեխառնութեան։ Հայ-քրիստոնեայ չեն անոնք այն առումով որ տարազը կը թելադրէ Ալիշանին, ինչպէս չէ այդ հայ-քրիստոնեան Վենետիկի ժամուն մէջ, տէր տէր մը, որքան է այդ քրիստոնեան ուրիշ տէրտ էր մը, Վարազի ոտքին, գիւղի մը ժամուն, ին քիր համար անուչիկ, սխրալի քերթուած մը, իր ցեղին հազարամեայ զգայնութիւնը թարգմանող, աղօթքի մը թեւերովը, շարականի մը անտես ոստայնովը, արցունքի մը կայլակին կամ ժպիտի մը թռիչքին, բռնկումին մէջ։ Թերեւս այցուիք գրական պիտակէ մը որ բոլորովին ուրիշ բան մըն է, վախցէք այն մարդէն որ գիրքերու տրցակ մը թեւին  տակ, ազգային հերոսները լեզուին վրայ ոստոստումի հանած, «բերնուց» կ՚արտասանէ սորվուուած պատմութիւններ, խօսքեր: Հայ–քրիստոնեան հայոց մատենագրութեամբ բիւրեղացած միջին մըն է մեր գրողներուն բոլորի համար ալ։ Ազգերը երբեմն իրենք զիրենք լման կը դնեն վերագիրներու ներսը։ Ասպետութիւնը, պարկեշտութիւնը (գաղիացիներուն honnétec), ազնուականութիւնը (անգլիացիներուն ճենթըլենը) բառեր ըլլալնուն չափ վիճակներ են, երբ գործածուին լայն խաւերու համար։ Հայ– քրիստոնեան Վենետիկի մէջ առած է իր ներսը ուրիշ ազդմունքներ, բայց Ալիշանի մօտ չէ վերածուած միջինէն վար կերպարանքի մը։ Հռովմը ազդած էր անոր հոգիին, բայց չէր ազդած անոր նեարդերուն ներսը պահ դրուած Էջմիածինը։ Ինչպէս կը տեսնէք ծփուն են սա նկատողութիւնները։ Նուագք շարքին կազմութիւնը կը մնայ ենթակայ կաթոլիկ քաթէշիզմին, կ՚ընդունիմք: Բայց հայը չէ տժգունած անոր ալքին մէջ։ 

2. Կրօնական որ գրական տարազ մը չէ հոս այլամերժ ու յաւակնոտ, որպէսզի անով բացատրելի ըլան Տէրունին, Խոհունին, երկուքն ալ լայն հեշտանքով մը սնունդ առնող կրօնազզած հոգիէն իրապէս խորահաւատ քահանայի մը, որ իր ուժերը վերապահած ըլլայ իր հոգեղէն գործին (աշխարհական կարգերու  մէջ գործող երէց մը ինչպէս է Բագրատունին, ինքզինքը ստիպուած էր սպառել նիւթեղէն ալ կարիքնելու), լիակատար, բացարձակ նուիրումով մը, կրնա՞նք, բառին ետին, զգալու ալ արտօնուիլ բարեխառնութիւնը որ մեր շարականները, կրօնական մաղթասացութիւնը կը մասնաւորէ քիչիկ մը։ Ուրիշ խօսքով, Տէրունին, Ընդ եղեւնեաւը, Բնունիին մէջ խորհրդածական մասերը բանաստեղծական աղուոր, անհակակշիռ զեղումներ են, ինչպէս են աղօթքները մեր ժամագիրքին։ Կը խորհիմ թէ նման հաւաստում մը պիտի նշանակէր փաստեր գունաւորել։ Աստուածշնչական ու կրօնազգած ոգիի մը վերազարթնումը միայն Ռոմանթիքները չէ շահագրգռած, գոյնէ, բաթեթիքէ, թրաժիգէ յաջողուածքներ շնորհելով բանաստեղծներուն։ Լամառթինի Les pre micies méditationsը եւ Վէրլէնի Sagessec, Քլօտէլի եւ Բէկիի քերթուածները բանաստեղծութիւն են որքան կրօնական խորունկ զեղում։ Ալիշան իր մեղքերուն մէկ կարեւոր տոկոսը պարտական է այդ ոգիին։ Անոր մօտ, ազնուական այդ զեղումը կը մնայ ենթակայ գրքունակ օգտագործումին. վասնզի ամենէն յուզիչ, խորունկէն բղխիլ թուող զգացումները, ամենէն հարազատ ապրումները, անոր զգայնութեանը մէջ կը սպառեն իրենց իսկութիւնը, թուղթին համար չորցած կեղեւանք միայն պահել կրնալով։ Իր այնքան ընդարձակ աղօթքներուն մէջ եթէ չեմ հանդիպած սիրտէ եկող ու իբր այդ ինքզինքը պարտադրող նուաճումներու, կը մխիթարեմ ինքզինքս, սա վրիպանքին հետ նոյն գիծի բերելով՝ անհուն վրիպանքն ալ մեր շարականներէն շատ շատին, բայց մտքէ չեմ անցներ երանելի վարդապետները ամբաստանել կրօնական զգայնութենէ պակասով` մը։ Անշուշտ խորունկ է այդ զգայնութիւնը Մայր Սուրբին եւ Ի քէն հայցեմքին մէջ, բայց անբաւարար` Այսօր Յարեաւին մէջ։ Հոն ուր մեր եկեղեցական մատենագիրները վրիպած են (առատ վերադիր, աստուածաբանական գլիշէներ, եկեղեցական մատենագրութեան ընդարձակ թեմաներ, սովորական մաղթանքներ որքան կ՚ուզէք այդ Շարակնոցին մէջ), Ալիշան պիտի չկրնաը վտանգը դիմագրաւել: Աւելի՛ն։ Շարակնոցին հեղինակները կ՚անգիտանային գրականութեան կիրքն ու մեղքերը: Ալիշա՞ն։ Ո՜վ միամտութիւնը սա անսպառ առումին ու անհակակշիռ վատնումին։ Ուր, բառերու ճարտար հաւաքիչ մը գրաբար քերականութեան ձեւերը (figure) եւ համաձայնութեան (chenilleները կը փորձէ, կ՚օգտագործէ, երջանիկ ու անճառ գոհունակութեամբ մը։ Կրօնական իր զգայնութիւնը արդիւնք ու պատճառ է նոյն ատեն սա կորանքին։ 

 

3. Հայրենասիրական, իր կարգին պարզելի ուրիշ տարազ մը։ Մխիթարեան հայրենասիրութեան մէջ իւմանիստական ու հայեցողական Ալիշան գործնական հայրենասիրութեան ներկայացուցիչը չէ անշուշտ, որմէ ընդարձակ ու համոզիչ նմոյշներ կան արեւելահայոց մօտ, բայց կը զատուի վերնաթռիչ, չոր, իրականութեան հետ հիմնովին իր կապը կտրած միւս զգացումէ՝ որուն մէկ նմոյշն է դարձեալ Հայկ Դիւցազնը։ Աշխարհաբար քերթուածները Ալիշանին ամենէն մօտիկը կը կենան իմ թելադրել ուզած վիճակին։ Բա՜մ, Փորոտա՞նը։ Ասիկա ուրիշ ողբերգութիւն։ Հայրունին կը տպաւորէ մեզ իբր զգայնութիւն մը ուր հիացք, սխրանք, պատկառանք, երկիւղած սէր հանդէպ մեր ժողովուրդի ամէն իրագործումներուն, կը համադրուին դժուար սեւեռելի հոգեվիճակ մը երեւան բերելու։ Յստակ է Վարուժան, այդ զգացումին հետ իր կառոյցները ոտքի հանած պահուն։ Կրնանք պիտակել նոյն յստակութեամբ Սիամանթոյի գործը։ Ուրիշ հայրենասիրութիւն՝ Հրանդին, Թէքէեանին, Պ. Դուրեանին մօտ։ Ռաֆֆին այդ զգացումէն դպրոց մըն է: Ի՞նչն է պակասը Հայրունիին որպէսզի Ալիշանի ամբողջական գործը ողողող այդ զգայնութիւնը մեզի թուի թեթեւ, նիհար, հակառակ ծանր փաստերուն ալ իրաւութեան։ Մարտական հայրենասիրութիւն մը անտեղի պիտի թուէր մեզի աբբայի գրչին տակ։ Ալիշանի պակսածը թերեւս ճակատագրական զրկանքն էր կեանքէն իր կտրուելուն։ Մատենադարան մը գիրք կ՚ըսեն թէ անբաւական կու գան ապրող փողոց մը գնելու: Ըսել ուզուածը ջիղերուն վաւերական նպաստովը ճարուած հոգեվիճակն է հաւանաբար։ Պզտիկուց հեռացած Պոլսէն… դէպի անապատ մը, անիկա իր հայրենասիրութիւնը ծուէն ծուէն հաւաքած է ... թուղթէ ծաղիկներէ։ Ու տեսած, այսինքն իրը ըրած մեր երկիրը այդ թղթեղէնին ընդմէջէն։ Ու այս հաւաստումը գրեթէ վճռական է հոս։ Ոչ մէկ բանաստեղծ չի կրնար ըլլալ աւելի մեծ քան կեանքը։ Երեւակայութեան ընդարձակութիւն մը թերեւս մեզ արտօնէ երկինքներ, տեսիլքներ կազմակերպելու ... բառերով, բայց պիտի մնայ անբաւական մեզի հայթայթելու վաւերական զգայութիւնները երկու խաչքար կոտրտած թեւերէն մեզի մատուցուած, ա՛ն պտըլիկ խելամտումը որ աւերակին, փուլին, ամայքին տուած է, զարկը մեր իմացականութեան ցանցէն դէպի մեր հոգեկան ընկալուչ կեդրոնները, դէպի իրական մտատեսումը մեր պատմութեան ու զգայութիւնը ասոր կարօտին, պապակին, սիրոյն։ Ալիշան այս պակասով կը միանայ Պոլսեցի, Վենետիկցի, Մոսկուացի, Հնդկաստանցի հայրենասէրներու կարաւանին։ Ու ողբերգութի՞ւնը։ Ան որ մենք այդ մարդը արժեւորելու ատեն ամենէն աւելի վստահութեամբ գնահատած ենք իր հայրենասիրութիւնը (աւելի անդին Պատմիչը գլուխին մէջ Ալիշանի պատմական զգայարանքը կ՚իյնայ լիակատար վերլուծման, իր հիմնական վրիպանքին լուսաբանումովը)։ Կա՞յ, այդ մասին աւելի պայծառ վկայութիւն քան հայոց ազգային քայլերգը, Բա՜մ, Փորոտանը: Ու հարցումը։ Մեր սխալանքը մեզի։ Ալիշան, իբրեւ քերթող, գիտակի՞ց է իր անբաւարարութեան։ Ամէն արուեստագէտ, այս հարցումը կ՚ընէ ինքը իրեն, իր անկեղծութեան պահերուն, երբ շփումի կը մտնէ իրաւ արուեստին կերպարանքներուն հետ։ 1860ին արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը ստոյգ է որ չէ արտադրած հայրենասիրականին մէջ յստակ գլուխ-գործոցներ։ Բայց կաղապարը, ընդօրինակութիւնը մեր մտքէն չեն անցնիր եզակի քերթողներու հետ։ Լման հատոր մը, Հայրունին, նուիրուած է հայրենասիրականին։ Ու իր թափառումները, ճախրաթռիչ գրաբարէն մինչեւ աշուղական պարզ հոսումները, լեզուին բոլոր տարիքներէն ու դիմայեղումներէն նպաստ ապահովելու իր յամառ ջանքերը, արձակին անհուն շտեմարաններուն մէջ խորամուխ ապրելու իր միամիտ կորովը տուեալներ են գրեթէ այդ տառապագին վիճակին։ Զգայնութեան փա՞ստ թէ վրիպանքի կասկած՝ իրողութիւնը որուն համեմատ ոսկեճամուկ Հարսներգէն վերջ աշուղական Լուսնկայն մեզ կ՚աշխատիր յուզել հակադիր տարրերով։ Առաջինին մէջ՝ ածականները, հերոսական ու յաւակնոտ, երկրորդին մէջ կը փոխարինուին բացագանչութիւններով, ախ ու վախով։ Յուշիկնե՞րը։ Ատոնց մէջ պարզուած զգայնութիւնը՝ իր տեղին։ Նուագք շարքին մէջ Ալիշանի զգայնութիւնը չէ գտած տպաւորիչ, ինքզինքը պարտադրող կշիռ։

 

4. Քնարական, գէշ բառով մը` քնարերգական. եթէ երբեք քերթուածները, նոյնիսկ իրենց վրիպանքովը, բան մը ըլլային ընդունակ արժեւորելու: Ամբողջ հատոր մը, Բնունի, իր Խոհունիներով, Տխրունիներով Յուշք եւ Վաշքերով, այսինքն գրեթէ կէսը Ալիշանի ոտանաւորներուն կը պատկանի քնարական կալուածին։  Ու դուք իրաւունքին մէջ չէք սպասելու առնուազն իրաւ պատկերներ, իրաւ պահեր, իրաւ հոգեվիճակներ հարիւրաւոր քերթուածներէ որոնք դժնդակ ճակատագիրը չեն կրնար հերքել բառակոյտին։ Ոչ մեկ տեղ։ Ոչ մեկ պահ։ Ոչ մեկ տեսիլ։ Որոնք այսօր, երբ տառ առ տառ քակուին այդ քերթուածները, մեզի կուտան զգայութիւնը հարազատ ապրումին։ Ու ասիկա աւելի  տրտում է քան աժան բարատոքսը: Բացէք քնարական որ էջը որ կ՚ուզէք։ Ձեր անգիտակցութիւնը վարժուած է քանի մը ընթերցումներէ վերջ, գալիք բոլոր դարերուն: Ի՛նչ երջանիկ, ինչ ինքնաբաւ աբբայ տըլել մըն է աբբայ Ղեւոնդ Ալիշանը, իր կարգին եւ կարդալ, կարդալ, մինչեւ որ արիւնը ողողէ մեր աչքերը։ Գոցել զանոնք, տեսնել կարենալու համար, բայց կծծի, ագահ վախով մը ժամանակէն որ այդ հանգիստին կերպարանքովը մեզ պիտի զրկէր մեր կիրքէն լափելու թղթեղէնը-: Ընդոստ բանալ այդ աչքերը կրկին, ու կարդալ, կարդալ։ Յետո՞յ։ Յուզուիլ, խորունկ փառասիրանքի մը ալքերը մինչեւ, ձեռք երկարել գրիչին, գրել, գրել։ Ի՞նչ։ Երբեմն արձագանգ, երբեմն յարութիւն, երբեմն շո՜ւք։ Պատրաստ է մեր հատորը, իբրեւ ուրուագիծ։ ճշդումներ, առաքումներ, նօթեր։ Ալիշան գիրքերու բանուոր մըն է։ Ու արձանագրիչ մը։ Քերթո՞ղը։ Արձագանգին արձագանգը: Քնարական զգայնութիւնը կարօտ է մնայուն թարմացման։ Մեր ջիղերը իրենց յոգնութիւնը կ՚առնեն ... փոփոխումով։ Կրնա՞ք սա պզտիկ թելադրանքէն, բարձրանալ Ալիշանի քնարական անբաւարարութեան հասկացողութեան։ Ալիշան չէր ելլեր իր խուցէն ... աշխարհը տեսնելու ու նորոգուելու։ Իր մատենադարանը՝ իր աշխարհն էր: Ու իր վանականի խցիկը իր ստեղծարանը: Գրքունակը մեր գրականութեան մեղքն է։ Կ'ընդունիմ։ Մ եր բանաստեղծները այդ մեղքը վերածած են հաւատքի: Ալիշանէն սերող երկոտասնեակ մը մեր քերթողները իրենց անբանաստեղծութիւնը, իրենց կարգին, պիտի աւելցնէին վարպետին բառապսակ փառքին։ Նուագքները տկար են իբր դիւան։ Բայց այդ տկարութիւնը ամենէն աւելի ուշագրաւ է հոն, այն էջերուն մէջ ուր աչքը, ականջը, բիւրազգի մորթը եւ հոտառութեան գործ արանը ունէին անփոխարինելի իրենց դերը։ Գիրքեր է քաղուած բլագները չեն կարող կեանքին տեղը բռնել

 

5. Նախնական (primitif), զոր կը գործած եմ՝ մեղմելու համար հակադրութիւնը՝ ծանր, յորդ գրաբարով հետապնդուած եւ թեթեւ, թացիկ, գրեթէ գեղջուկ առումով մը ոստոստուն իր աշխարհաբարին ընդմէջ։ Ո՞րքան գիտակցութիւն, ո՞րքան բնական անփութութիւն, որպէսզի գերազանցապէս Ալիշանեան թեմա մը, որպիսին է Մասիսու սարերնին նախանիւթը, գրուէր Երգք Նահապետի կաղապարին մէջ։ Ինչո՞ւ` Բաժինք Հայոց Մեծաց քերթուածին գնացքը մեզ տպաւորէ իրաւ ապրումներու իբր անդրադարձ մը ու մեր սիրտը հասնիլ ուզէ Հայոց աշխարհիկը, տարբեր ճամբաներով։ Պէ՞տք կայ յիշեցնելու որ վերջին քերթուածին մէջ ապրում ինչպէս անոր զգեստը, լեզուն աւելի քան նախնական կնիք մը կը պարզէին 1850ի դռներուն։ Ինչու գրեց այս մարզը իր Նահապետի Երգերը։ Խօսեցայ ձեզի գանձարաններին, այսինքն անոնց ներսը պառկող տողերուն լեզուէն։ Բայց այս շատ գիտուն, լեզուական գրաբար - նրբութեանց հեշտախտաւոր իւմանիսթը ծանօթ չէ՞ օրէնքին որ կը ծանրաբեռնէ մեր սլացքները, մղելու համար մեզ հաւատարմութեան, զգաստ վերարտադրումին, քանի որ ժողովրդական յօրինումները - պատմում ինչպէս չափաւ դրուագում իրենց հրապոյրը կը պարտին ասումին անմիջական, անմիջնորդ հաղորդականութեան։ Իր հարազատ կերպարանքին մէջ Սասունցի Դաւիթը մեզ կը հրապուրէ սա անմիջնորդ մատուցումովը։ Անկէ հանուած Թումանեանի պոէման մեզ չի նեղեր, այնքան Լոռեցի բանաստեղծը մօտիկն էր պոէմային ներքին բարեխառնութեան։ Հարսներգն ու Պլպուլն Աւարայրի բխում՝ մէկ ոգիէ, իբր գործադրութիւն կը փաստեն հակոտնեայ մարդ է մը։ Բայց ահա վտանգը, հոն ուր նախնականութիւնը պիտի բաւէր մեր կառոյցը պաշտպանելու, հոն մենք կը հաստատենք միջամտութիւնը աննախնականին, նոր բառով մը` գրականին։ Արդիւնքը կ՚ըլլայ սա անկնիք յօրինուածքը որուն մէջ զգացական տարրը անկարող կը մնայ ինք զինքը ազատագրելու գիտակցական սա նախնականին ծանր անտեղութենէն։ Չեմ աճապարեր սա իրողութիւնը պատկերել իբր երկու լարերու վրայ խաղարկութիւն մը։ Ալիշան պարկեշտ է՝ խորահաւատ մարդ մըն է, գրականութիւն ընելու մեղքի մը գիտակցօրէն տեղ բանալու համար իր մտքին մէջ։ Գրաբարը իր բոլոր շքեղանքովը հոն էր, զինքը կշտացնելու համար այդ մեղքով։ Բայց հետաքրքրական՝ Շուշանն Շաւարշանայն ուր Ալիշանի թերութիւնները ինչպես կարելի արժանիքները քով քովի կը խտանան։ Անոր չէի կրցած մերժել խառնուածքի տարր մը, ուրոյնութիւն մը: Յիշեալ պոէմային մէջ այդ խառնուածքին փրթուճներն են որ կը հաղորդեն այդ հասարակ բառերուն իրենց տաքութիւնը։ Դարձեալ նոյն պոէման մեզի կը բերէ խելամտումը անոր հիմնական անփութութեան։ Չեմ կրկներ ինչ որ ըսած եմ այդ առիթով աւելի վերերը։ Կը յիշեմ Եղիազար Մուրատեան անունով վարժապետի մը կատարած զուգակշիռը Ալիշանին եւ Նար-Պէյին Սանդուխտներուն։ Կատաղի գրականագէտը դեռ 1880ին մենք չէինք նուիրագործած գրական քննադատը, գեղեցկագէտ քննադատը, իմաստասէր քննադատը կը յաղթերգեր Ալիշանը, հաւանաբար տարուած Շուշանն Շաւարշանային նախնականութենէն, առանց կասկածելու անշուշտ որ այդ պարզութիւնը ինչ տանջանքներու կը մնար յայտարար. Տէրունիներուն, Տխրունիներուն շքեղաշո՜ւք գրաբարէն վերջ։ Եղիազար Մուրատեան կը դատապարտէր, նոյնքան կատաղի կիրքով Նար-Պէյը որուն ոտանաւորին անհոգի, արուեստակեալ, սուտ ըլլալը զգալ մը բան մը կ՚ապացուցանէ հարկաւ Մուրատեանի մտքէն։ Կը ձգեմ իր վճիռին վերաքննութիւնը, բայց Ալիշանի մասին իր յաղթանակային շեշտը անկարող կը մնայ զիս զինաթափ ընելու: Երկու բանաստեղծներն ալ իրարու կը հանդիպին մէկ ու նոյն տեղին մէջ որ տաղաչափութիւն է, նոր բառով մը անբանաստեղծութիւնը։ 

Ալիշանի զգայնութեան մէջ յատկանշական երակներու սա արտահանումը կարելի է շարունակել ու հաստատել 

ա) չորութիւնը։ 

բ) գրքունակութիւնը՝ 

գ) անարիւնութիւնը

դ) հնատպութիւնը

ե) թացիկութիւնը,

այս զգայնութեան (բոլոր այս ութիւնները կը փաստուին Երգք Նահապետիի որեւէ տորին մէջ)։

 

Դ. ԳԱՂԱՓԱՐԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ Գաղափարագրութիւն: Բանաստեղծական գործէ մը թերեւս չունենանք իրաւունք մտածումներու դրութիւն մը պահանջելու: Բայց ամենէն նուազ պահանջկոտ միտքն ալ երբ կը թղթատէ Նուագքները, կը գիտակցի որ վանական տաղաչափ մը պարտքին տակն է կատարելու մը տած ման հանդէպ պարկեշտ զիջում մը։ Եթէ երբեք դիրքը, կրօնական նկարագիրը կ՚արգիլեն Ալիշանը հասարակաց հարկինքներէն, միւս կողմէն անոր կը ձգեն լա՜յն, մարզերը ուր մեր միտքը ընդունակ է այնքան մեծ նորոգումներու, ճշդումներու: Ի վերջոյ կինը, ջուրը, զեփիւռը, հայրենիքը, երկինքը չեն ստեղծուած քնարերգակներուն ոտանաւորներ թելադրելու: Կային իր մէջ, կիրքի մը չափ զօրաւոր, ինքը մտածելու արարքը։ Հայաստանեայց Եկեղեցին միայն տռամաներու հանգոյց մը չէ, այլեւ մտածման դրութիւն մը։ Աստուածաբանութիւն, դաւանաբանութիւն, կրօնական կնճռոտ հարցերը հեռու են իմ նկատառումէն։ Ուզածս իմաստութիւնն էր իմ եկեղեցիին (ասիկա տարրական պահանջ մըն էր, Ալիշանի նման մեր մատենագիրները հիմնովին վերծանած գրեթէ գոց սորված հեղինակէ  մը)։ Նուագք շարքին մէջ ցաւագին աղքատութիւն մը տիրական է նորոգող մտածումներու տեսակէտէն։ Վարդապետական, բարոյախօսական, կրօնական հարիւրաւոր քերթուածներ կարծես խօսք մէկ են ըրած ոչինչ նոր, խոր, անձնական պարունակելու: Հերձուածին վա՞խը։ Եկեղեցական կարգապահութի՞ւնը։ Լատին եկեղեցւոյն ճնշո՞ւմը։ 1850ին Ալիշան գոցա՞ծ էր միտքը եկեղեցին իմացապէս նորոգող ձգտումներուն։ Գրեթէ տրտում հեգնութեան մը նման կը տպաւորէ զիս Տէրունիին Խօսք ընդ Աստուծոյն։ Յիսուսի հետ իր խօսքերը ոչինչ ունին զգացուած, խոր, անձնական, բարձրաթռիչ։ Ուշագրա՞ւ արդեօք, որ իր ողբը Միհրան անունով տղու մը վրայ, իրեն պէս ուսանող, արձակէ իրմէն որոշ ջերմութիւն, տարիքով պաշտպանուած (1841ին է գրուած այդ ողբը) ու իր պատենական խակութիւնը գնող, որո՛շ յուզումի տարրով մը։ Մահուան թեման։ Բայց ինչպէս չյիշել մեծ Ռոմանթիքները որոնք իրենց քնարական զեղումներուն իբրեւ ներքին բարեխառնութիւն, օգտագործեցին մէկը՝ Նախախնամութիւնը, միւսը՝ մարդկային մնալու արի պարկեշտութիւնը, երրորդ մը` գոյնին վառքը, չորրորդ մը` զգացումին կրակը: Մարդկութիւն մը կայ սեւեռուած այդ Ռոմանթիքներուն գործին ներսը, թէեւ ոչ-սովորական, թէեւ փչուած։ Միհրանի հարիւրաւոր տողերուն մէջ ոչ Վենետիկը կայ ոչ ալ հայ պատանին։ 

Ասոնցմէ դուրս, երբ ենթարկէիք Նուագքներու մտածողական հէնքը, քիչ մը պահանջկոտ քննութեան, պիտի գտնէք որ 

ա) Ոչ մէկ քերթուածի մէջ անիկա ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ որ եւ է տիրական նիւթ ու որքան շատ են անոնք չէ ենթարկած նորոգող, անձնաւորող ստեղծումի մը։ Մի առարկէք իր ուղղափառ քրիստոնէութեան պարտքը, կաթոլիկ ճնշումը. Մեծ, անհուն, եզակի բանաստեղծ մը, այս իսկ ստորոգելիներուն ստիպումովը պիտի տառապէր այդքան քիչ, գէշ, տափակ զգալու, օրինակի մը համար, Աստուած որդիին տռաման (Յիսուս ի Գեթսեմանի)։ Բասգալ մը ամենէն ընդհանուր մտածումները առնուազն անձնաւորած է կազմելու փափաքին մէջ հատորը որ պիտի պարունակէր կրօնական զգացումին ոչ անշուշտ նոր կերպարանքները, այլ այն զգացումներով, մեր ներսը մեզ իբր նոր դղրդող յոյզերը։ Ամէն դարու Աստուած մը չի փոխուիր անշուշտ։ Բայց Պոսիւէի մը Աստուածը այնքան հեռու՝ է Պրէմոնի մը Աստուածէն։ Ալիշանի՞ մէջ։ Կրօնական, խորհրդածական քերթուածներ առիթներ են որպէսզի պարզ սովորական նիւթերու ետին մեզի մատուցուին մնայուն տագնապները որոնք միշտ ալ բաժինն են մեր ջիղերուն։ Վէրլէնի քերթուածը (o mon Dieu, Vous m'avez blessé d'amour. ) շքեղ օրինակ մը չէ միայն նորոգուած զգայնութեան մը, այլ քաջալեր մը որպէսզի մեր անձին ընդմէջէն թարմացնենք մեր նախնիքները, մեզ կանխողները։ Դրէք սա պահանջը Ալիշանի Նուագքներուն բոլոր նիւթերուն ալ համար, ու ըրէք երիտասարդ քերթողը առնուազն իր արուեստին հնազանդ բանուոր մը։ Դուք կ՚ունենայիք բառերու կառոյցին փոխան ծանր, խորունկ ապրումներու բարիքը։ 

բ) Ազգային իրականութիւնը (իր Միաբանութեան, ժամանակին գերագոյն տագնապն է անիկա) իր քերթուածներուն մէջ չէ ունեցած բախտորոշ անդրադարձում։ Բա՜մ, Փորոտա՞նը։ Բայց ատկէ առաջ՝ Արիք Հայկազունքը, Ազատ Աստուածը, Հիմի էլ լռենքը որոնք թէեւ ժամանակով կը մնան ետ անկէ, բայց թելադրանքով ու տարողութեամբ գերազանց պահեր են այդ իրականութիւնը ընդգրկող, կերպարանօղ։ 1870ին մարդիկ կ՚երգէին Բա՜մ, Փորոտա՞նը բայց կ՚ապրէին Հիմի էլ լռենքը։ Մխիթարեան անցելապաշտ, անցելասոյզ ազգայնականութիւնը, իբր ժխտական իրողութիւն հոն է որ ապաստան է գտած։ Գաղափարները ո՞ւմ՝ քերթողութեան մը: Բայց ո՞ւր ուժ չէ գաղափարը որպէսզի չըլլայ այդ ուժը ոտանաւորին ալ մէջը։ Ինչ զարհուրելի տգիտութիւն որ կը յօրինուի Ալիշանին անհուն մթերումէն, նօթերէն, ծանօթութիւններէն, գիտութենէն։ Կը յիշեմ Լը Գոնդ տը Լիլը որ այդ հմտութենէն քաղաքակրթութիւններ պիտակով քերթուածներ ստեղծեց, առնուազն` Հիւկոն որուն զրոյցները (legendes) իրենց անգիտականութիւնը կը գնեն բանաստեղծականին շքեղ յուզումներովը։ Ալիշանին տիրական պակասը համադրութեան զգայարանքն էր։ Կ՚աւելցնեմ նոր որակում մը, քերթողական մտատեսութիւնը (intuition)։ Ու այսպէսով կ՚իրագործուի դժնդակ ճակատագիրը ազգային մեծ բանաստեղծին որուն քերթողութեան մէջ իր ժողովուրդին իմաստութենէն ոչ մէկ գիծ ըլլար ինկած սեւեռման։

գ) Միամիտ, վշտոտ, գրեթէ ցաւագար է անոր ազգայնականութիւնը զոր ահաւոր հմտութիւնը կը ջանայ պատկառելի ընծայել, բայց կը մնայ անկարող անոր ներարկելու նորոգող տուրքը արեւելահայ հայրենասիրութեան այնքան տարբեր իբրեւ որակ Ալիշանեան ու ասիկա կապկող պոլսական հռետորամոլ բառամարտութենէն։ 

 

դ) Փորձառական, անձնական իմաստութիւնը, կեանքէն բխած, պարկեշտ ու անկեղծ, ինչպէս կը տրուի մեզի զգալ ասիկա լայն չափերով Վահան Թէքէեանի իմացապաշտ քերթողութեան, նոյնիսկ Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեանի ձեւապաշտ յօրինումներուն մէջ, չեն ունեցած որ եւ է յաջողուածք Նուագքներէն ներս։ Հոս չեմ արժեւորեր Ընդ եղեւնեաւ արձակ խորհրդածութեանց փունջը, այն գլխաւոր վերապահութեամբ արգիլուած, որ կը գոյանայ բանաստեղծականին պակասովը։ Այդ հատորիկին մէջ Ալիշան կը մտածէ մտածումը պարկեշտ, ուղղափառ քրիստոնեային, պարկեշտ, ու ուղղափառ ճամբաներով, էն քիչը քսան դարէ՝ ի վեր պատրաստ նիւթերու հանդէպ յուսահատեցուցիչ հնազանդութեամբ մը։ 

Եթէ երբեք չեղածին մեղքը մեղք մըն է օգտագործել, պարտք մըն է եղածին մեղքը բացատրել, սակայն։ Մեր գրականութեան այս ահարկու աշխատաւորը իր տպուած երկերուն մէջ կը պարզէ տեսակ մը օրկանիք ձգտում երկու լարի վրայ: Անտոնցմէ մէկն է ազգայնական բարոյախօսութիւնը: Երկրորդը միջազգային բարոյախօսութիւնը: Վերջինը բոլոր ժողովուրդներու մօտ մշակուած տափակապատում իմաստութիւնն է, զոր անցեալ դարերուն մարդիկ խելքն ունեցան հաւատքին վահանին տակ զետեղելու եւ մեր օրերուն՝ ընդոծին բարոյականութեան կը վստահին։ Զեմ տարածուիր, վարդապետութիւններ իրար հակադրելու կամ զուգակշռելու։ Իմ պահանջն համեստ է։ Ատիկա նորոգումն է գլիշէին. առնուազն։ Ուրիշ խնդիր` վաթսուն է աւելի տարիներու վրայ, ամենօրեայ յաճախանքը մտքի տագնապներուն։ Ալիշան հաւաքեց, դասաւորեց, լուսաւորեց, հրատարակեց անշուշտ։ Բայց այդ գրեթէ նիւթական աշխատանքին տաժանքը ինչո՞ւ չմտածես մեղմել արդար խորհրդածութիւններով, որոնք կրնային բխիլ, նոյնիսկ ամենէն անակնկալ տեղերու վրայ։ Ձեռագիր մը տաճարի մը չափ ընդարձակ է իբրեւ ճարտարապետութիւն։ Սոփերքի հատորիկ մը դամբարան մըն է թափանցիկ պատերով։ Խաչքար մը դաս մըն է ու խելք մը։ Աւերակի մը զննումները` ժողովուրդ մը։ ԺԹ. դարուն մարդիկ բանաստեղծութիւնը պիտի գործածէին իմաստութեան գիւտին։ Ալիշան զայն վերապահեց անցեալին կրկնութեան։ Ու աս է ահա իր մեղքը։ 

 

Ե. ԱՐՈՒԵՍՏԸ։ Չեմ հպատակ հրապարակի հիացումին, երբ եզակի քերթողի մը գործին առջեւ կը կիրարկեմ ընդհանուր  եղանակը թափանցումին։ Արուեստի զգայարանք մը, մեծ nրակուած բանաստեղծի մը հետ, քով, պարտք մըն է գրեթէ։ Կը դնեմ ուրեմն այդ արուեստին տիրական քանի մը կերպարանքները, եթէ շատ կը գտնէք ընթացիկ բառը, նկարագիրը։ 

ա) Հռետորութիւն

բ) Երաժշտական զգայարանք

գ) Լեզուական ախորժանք` 

դ) Մասնակի գիծեր։

Չեմ բանար բարակրաֆին լռելեայն թելադրանքները։ Արուեստը անհուն բառերէն մէկն է, նոր օրերու զգայութիւնն ու իմացողութիւնը համադրող։ Կ՚անցնիմ, արագ, իմ նկատողութիւններուս.

ա) Հռետորութիւն որ ոչ միայն Վենետիկեան ստեղծագործութիւնները կը ձգէ իր ծանր շուքին այլեւ հասկնալի ճառագայթմամբ մը արեւմտահայ գրականութիւնը իր կէսին մէջ կ՚ընէ անընթեռնելի։ Ժամանակի, ճաշակի փոփոխում մը չէ պատճառ որպէսզի չկարդացուի Տէրոյենցը: Այս մարդը իր շրջանին իմաստութիւնը, զգայնութիւնը կը ներկայացնէր ու իբր այդ մեզ ընելու էր զինաթափ: Չենք կարդաց Տէրոյենցը այդ աշխատանքին մէջ իր զետեղած խորունկ յաւակնութեան պատճառով։ Ալիշան ուրիշ Տէրոյենց մըն է, մանաւանդ Նուագքներուն մէջ։ Հանդարտ, անզգած, գրել է ներքին խառնուա՞ծք մը։ - Ոչ ապահովաբար։ Ալիշանի մօտ հռետորութիւնը [7] սակայն թելադիր է ուրիշ տպաւորութիւններու: Անիկա դասագրային յուզմունք մը ինչպէս շատ տեղեր քերթուածները կ՚ենթարկէ ճընշումի։ Բա՜մ, Փորոտա՞նը շքեղ նմոյշ մըն է այս ուղղութեամբ։ Հարսներգը ուրիշ։ Նոյնիսկ աշխարհաբար անյաւակնոտ իբր թէ գրուած տաղերը կը հպատակին թաքուն այդ ախորժակին։ Ձեր մտքին կը ներկայանալ անշուշտ Հայկ Դիւցազնը, այս ձեւ ըմբռնուած տաղաչափումի մը իբրեւ յուշարձան։ Փոքը ճշդում մը որ աւելի է քան երանգը։ Ալիշան քերական մը չէ. կ՚ընդունիմ։ 

Բայց արքաները (Բագրատունի, Հիւրմիւզ, Ալիշան) խուլ մրցակցութեանը մէջ կը տառապին լեզուական փառքին։ Բագրատունին իր Ի պէտս Զարգացելոցը գործնականօրէն փաստած է Հայկ Դիւցազնին մէջ։ Ըսել կ՚ուզեմ անոր քսան հազարը անցնող տողերը կը տառապին լեզուականէն. կը ձգտիլն աս ու ան կանցնին, ասոր բացառութեանցը ապացուցումն։ Ուղիղ գրել Բագրատունիին մտահոգութիւնը կը կազմէ . Ալիշան ուղիղ գրելուն կը ջանայ աւելցնել ձեւաւոր ալ գրելը որ մեր օրերու բառով հռետորութիւն կը թարգմանուի. Ալիշան խնամքով ուսումնասիրած է մեր հին ու նոր բոլոր քերթողականները, մտածման ու բառի բոլոր ձեւերը ու անհուն է իր հրճուանքը կարծես, ամէն անգամ որ կը յաջողի այդ սորվածներէն մէկը կամ միւսը գործ ածել։ Անշուշտ անգթութիւն պիտի ըլլար Ալիշանի գրաբար քերթուածները կապել սա տղայական փառասիրութեան: Բայց իրաւ բանաստեղծութեան բարձրացնելու համար զանոնք որքան ծա՜նր պակասներ։ Կայ տակաւին փչուած հռետորութիւնը, դասագրայինէն տարբեր, քանի որ հոս կը միջամտէ գրական յաւակնութիւնը։ Առաջինին նպաստովը դասագրայինը Ալիշան կ՚ունենալ իրեն յատուկ տողը, գրեթէ խուժ, բայց հաստատ, ուր զիջումը կ՚ըլլայ ուղիղ կանոններուն, ընդդէմ բանաստեղծական սանձարձակութեան։ Երկրորդը կը պատրաստէ անոր քերթուածին կերպարանքը. այն մասնաւոր հանդերձանքը որով կը զատուի մեր ոճը ուրիշէ մը: Սեղմեցէք սա նկատողութիւնը, անկէ առնելու համար այդ կերպարանքին կնիքը, շեշտը: Ու պիտի գտնէք որ Ալիշանի հռետորութիւնը ուզուած, խնամքով յարդարուած, գրեթէ վարժապետական փառասիրութիւն մըն է: Ու թերեւս գերազանց ազդակը իր բանաստեղծութիւնը այնքան արագ ու անվերադարձ կործանող։ Այս հիմնական թերութիւնը ունի նմանութեան եզրեր անշուշտ իր ազդեցութեամբ կազմուած արեւմտահայ բանաստեղծական դպրոցին մէջ (ան որ կրնայ անուանուիլ Կրտսեր Ռոմանթիքներու դպրոց) ու կը բացատրէ Մխիթարեան որակուած բանաստեղծութիւնը, իր բոլոր տկարութիւններովը։ Աւելի յետոյ, արեւմտահայ բանաստեղծութեան մէջ անիկա՝ պիտի առնէ անունը տաղաչափութեան։ Ինչ որ սակայն բացառիկ կերպով մը կը մնայ Ալիշանի յիշատակին կապուած. ատիկա դասագրական հռետորութիւնն է, որ լայն տարբերութիւններով կը զատուի վիճակային հռետորութենէն։ Թաղիադեանց, Խրիմեան իրենց գրաբար քերթուածներուն մէջ կ՚ընեն առաջին, այսինքն տաղաչափական հռետօրութիւնը: Այս  վերագրումը կ՚ընդգրկէ Մ. Պէշիկթաշլեանն ու Թէրզեանը։ Բագրատունին՝ կը փառասիրէ վիճակային հռետորութիւն մը, ասով՝ ճարելով որոշ ջերմութիւն իր պղնձակուռ տողերուն։ 

Ծանօթութիւն. Ալիշան կարգ մը արձակներու ու քանի մը տեղ ալ քերթողական կտորներու մէջ գտած է որոշ ջերմութեամբ շեշտ մը, ապրումով, իրականին նպաստովը դիւրաւ բացատրելի։ Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոց Վենետիկեան իրաւ պահ մը, պատկեր մը կ՚ընդգրկէ։ Հետեւեցէք ուշադրութեամբ քերթուածին առաջին ծփանքներուն որպէսզի համոզուիք թէ մատուռը նոր ձգած ու լուսնին տակ անցած մատաղատի վանականի մը ապրումները բաւ են այդ մարդուն տողերը լեցնելու սա իրաւին ջերմութեամբը։ Թող խնայուէին մեզ, յիշուած քերթուածին մէջ պատմական անխուսափելի ընդլայնումները, ու փոխարէն մեզի տրուէր բախտը Վենետիկեան իրաւ լուսնապահ մը սեւեռած ունենալու, Ալիշան իր անունին արժանաւոր վկայութիւն մը կ՚ըլլար ձգած, իր բանաստեղծի վարկը առնուազն պաշտպանող։ Իր Յուշիկք Հայրենեացին թացիկ, ձգձգուն, պարզունակ առատաբանութեան մէջ երբ անիկա կերպը կը գտնէ եկեղեցւոյ հայրապետներ, իրաւ նկարագիրներ գծելու, այդ ջերմութիւնը դարձեալ ինքնաբեր մթնոլորտ մը ինչ պէս, կը  ծաւալի էջերուն երկայնքովը ու կ՚ընէ զանոնք առնուազն հանդուրժելի, մինչ Վարդանին, Մուշեղին, Աշոտին համար այդ առատաբանութիւնը հարկադրաբար պիտի վերածուէր բառամարտական պոռոտութեան մը։ Արդիւնքը տարբեր չէր կրնար ըլլալ: Թէ Նուագքին թէ Յուշիկքին Վարդանը անկանգնելի թղթակազմ հերոս մըն է քան թէ իրաւ սպարապետ մը:

բ) Երաժշտական զգայարանք: Առանց այլեւայլի ու առանց վերապահութեան Ալիշանի, ոտանաւորներուն (գրաբար ինչպէս աշխարհաբար) ընթերցումը այսօր տաժանք մըն է ինքնիր մէջ, առանց նկատի առնելու խորքի դժբախտութիւն մը։ Ոչ Հիւրմիւզի, ոչ Բագրատունիի ոչ ալ Մ . Պէշիկթաշլեանի ոտանաւորներուն նման վճի՞ռ մը (շատ շատ Հէքիմեանի, Նար-Պէյի, Թէրզեանի գրաբար տաղերուն համար այս վճիռը պիտի չթուէր անարդար) պիտի ներէ ինք այսօր։ Այս հեղինակներուն խորքի թեթեւութիւնը, հասարակութիւն, յաճախ կեղծիքը կը թուին պաշտպանութիւնը վայելել բանաստեղծութեան կէսը նկատուող երաժշտական զգայարանքին։ Թարգմանել կարելի է Հիւրմիւզը, Բագրատունին, Պէշիկթաշլեանը։ Ալիշան չի թարգմանուի մեր աշխարհաբարին։ Փորձեցէք ու պիտի ապշիք ձեր գտածին ահաւոր անբնականութեան առջեւ: Եւ սակայն, երիտասարդ սա աբբան, երէցներուն չափ առնուազն ունէր թէքնիքին զգայարանքը (ամէն ալք փորձած է), լեզուին հմտութիւնը, նոր բարդութեանց եւ ածանցումներու որոշ ընկալչութիւն։ Ալիշան ձախողած է, այս բոլորին հակառակ

վասնզի՝ ՝

1. Բառերու ներքին երաժշտականութենեն գրեթե երբեք չի կասկածիր: Անշուշտ 

Բա՜մ, փորոտան բարձուստ բոմբիւնքին մէջ բ տառերուն  նմանաձայնական նպաստը մեր օրերուն ալ մարդիկ կը փորձեն 

Աշո՜ւն է, օ՜ շուն իմ, աշուն է, աշուն է . Չարենց) 

բայց չեն փառասիրեր այդ ձայնական արդիւնքներուն տարողութիւնը։ Մենք քերթուածը կը հանդուրժենք ձայներ առաջ, խորքին յարգանքին մէջ։ Ալիշան կարծես քերթուածը (Բա՜մ, փորոտան) գրելէ առաջ, բառարաններու մէջէն խնամքով հաւաքած է այն բառերը, որոնք աղմուկ կը թելադրեն ու իբր այդ աղմկային դերերու կը թուին պատշաճիլ։ Կուտամ ձեզի նոյն դպրոցէն ուրիշ աղմկարարի մը տիպարային տաղը

 

Դափը անդ ի դըրընդիւն,
Նըժուգից վրնջիւն,
Որսորդաց գոչիւն,
Բարակաց հաչիւն,
Երէոց բաջիւն,
Զինուց շառաչիւն,
Աղեղանց ճայթիւն,
Նետից ճարճատիւն,
Շըռինդ ընդ բոմբիւն,
Այր յընդ սար թնդիւն,
Յանտառ, ձոր թըմբիւն,
Դըղըրդիւն գանգիւն 

 

ու

Ճըճուէ ճպուռն ի ճղին, Ճճուին ճնճղուկք ճռւողականք.

 

եւ կամ 

Տեղատարափ կուռ կարկուտ կըռփեալ կոծեր ըզկոռոփունս

 

այս փաստերը հարիւրներու, հազարներու մէջէն, բաւ են տալու  ըմբռնողութիւնը Վենետիկեան երաժշտական դպրոցին։ Այդ բառերը երաժշտութիւն են, առանց աղմուկ ըլլալու։ 

2. Ալիշան չունի նախադասության զգայարանքը: Որովհետեւ իր գիտութիւնը, նախասիրանքը, գործիքն ու նպատակը բառն է, ամէն բանէ առաջ. անիկա չի կրնար անգամ մը զայն. գտնելէ վերջ, ինքզինքը զսպել, անկէ զեղչելու համար ձայնական անկիւնոտ կողմերը ու դաշնաւորելու համար, այդպէս կոկուած կտորը ձայնը ընդհանուր ներդաշնակութեան մը դրութեան մէջ։ Նախադասութիւնն է բանաստեղծութեան նախատարր պայմանը եւ ոչ թե բառը։ Նախադասութիւնը ինքնիր մէջ ամբողջ մըն է ուր, տիրապետող բառերէն, բառէն հարկադրաբար սղուած են, առնուազն մեղմացած՝ բառին, բառերուն շեշտութիւնը, ինքնագլուխ մնալու իրենց ձգտումները։ Ասիկա պիտի նշանակէր ահա յարդարանքը, որ խառնուածքին՝ յայտարարը կ՚ըլլայ ի վերջոյ: Տող մը, այսպէս ճարտարապետուած, կը յայտնէ բանաստեղծէն հիմնական կողմեր։ Ու տողը կնիք մըն է, կերպարանք մը։ Գործադրեցէք սա հասկացողութիւնը Ալիշանեան տողին, ու պիտի զգաք թէ ինչ տառապանք է այդ տողը, թերեւս մեզմէ առաջ, հեղինակին (սահունութիւնը Նար-Պէյ, երբեմն Թէրզեան ուրիշ մէկ երեսն է այս տառապանքին)։ Ալիշան, բանաստեղծական ազատութիւնը գործածելու իր մշտական փոյթովը, անհարկի, նոյնիսկ դժնդակ սղումներու (բառերը երբեմն երկավանկ, երբեմն մէկուկէս վանկ, երբեմն միավանկ արտաբերելու ճարտարութիւնն է ասիկա, որ ճշմարիտ աղէտ մը կ՚ըլլայ Հայկական չափին ազատութեանց հետ գումարուած ) իր յաճախանքովը, ձայնական կառուցմանց ի խնդիր իր շատ շեշտուած ախորժակներովը, նոյն ատեն` քերականի մը դիւային լսուելու չափ ինքնաբաւ, չոր, ուրիշին դժուարութիւն հանելու թաքուն հաճոյքը հետապնդող մտայնութեամբը, իր քերթողականը վերածած է անդարման չարիքի մը: Իրեն չափ այդ մեղքին կը մնայ հարկատու Նար-Պէյը։ Նոյն մեղքով վարակուած է Բագրատունին (բայց Պէշիկթաշլեանի շատ մը գրաբար քերթուածները ձայնի, խաղի, շեշտի գեղեցիկ համերգներու կը նմանին)։ Նոյն չափով տաժանք մը Ալիշանի աշխարհաբար քերթուածներուն մէջ ուր լեզուական երկկենցաղութիւն մը (երբեմն երեքը չորսը կ՚անցնին Ալիշանին լեզուական փառասիրութիւնները երբ նոյն քերթուածին մէջ գրաբարը, իր օրերու աշխարհաբարը, արեւելահայերէնը, միջնադարեան բարբառը եւ ռամկօրէնը իրարու կը խառնէ ) այդ  քերթուածները անվաւեր, անկայուն, վկայութեան մը կը վերածէ: Ե՞րբ կրնային գրուած ըլլալ Նահապետի Երգերը։ Ըսել կ՚ուզեմ՝ մեր աշխարհաբարին որ շրջանէն բան մը կը թուին պահած ըլլալ: Խօսուե՞ր է Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոցին լեզուն։ 

3. Ալիշան բանաստեղծ չէ, երբ ուզենք որոշ վարկ մը բաշխել առածին որով քերթուածի մը կէսը իր զգայնութեամբը կը պայմանուի: Ուրիշ շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ, ոտանաւոր մը երգ է։ Բառերու պարզ առընթերադրումը կը մատնէ բանաստեղծը, զայն մեկ անգամէն զատելով տաղաչափէն որ զուրկ է ծնած այդ զգայարանքէն։ Վասնզի, նոյնիսկ այն պարագային, երբ խորքը որոշ նուազում մը կը պարզէ ոտանաւորէ մը, տաղանդաւոր քերթող մը միշտ կը գնէ այդ նուազանքը երաժշտական այս շնորհներով։ Խորհեցէք արեւմտահայ երկրորդ գիծէ քերթողներուն։ Սիպիլ մը չէ զգացած։ Մեղք մը անշուշտ։ Բայց իր ոտանաւորը գնած է ահա ձայնական այդ յարդարանքով։ Նոյնն է պարագան Որբերեանին, Մեծարենցին (ձախողած որքան ոտանաւոր Ծիածանին մէջ), Թէքէեանին (որուն մօտ պզտիկ թիւ մը չեն կազմեր այն քերթուածները որոնք սանկ ու  անկ վիճակներէ յայտարար, չեն բարձրացած նուաճող կերպարանքի)։ Ու Բոլ Վալերիի, Աբբա Պրէմոնի անխառն բանաստեղծութիւնը (poésie pure) ուրիշ բան չէ եթէ ոչ հասարակ՝ բառերուն փոխանցուած սա սրբազան մոգութիւնը, կրակը: Կարդացէք մեր մէջ նշանաւոր Մայր Հայաստանին տաղաչափութիւնը։ Հոն բնազդաբար կը զգաք տողերը որոնք ջերմացած են այդ հուրքով ու կը կենաք անտարբեր, պաղ ուրիշ տողերու հետ որոնք սակայն ոչ ինչով կը տարբերին շիկացածներէ իբրեւ բառ, խորք, պատկեր։ Գէշ բառ մը կ՚առաջարկեմ այդ զգացական վրիպանքը ընդգրկող ատիկա՝ անբանաստեղծութիւնն է. հիներուն հռետորայնութիւնը: Ալիշան հռետոր էր։ Գիտենք ասիկա։ Ու հռետորը յաճախ քերականութեան ուսուցիչ մըն է որուն նախադասութիւնը առանձին իր կեանքը կը հետապնդէ, քիչիկ մը ազատ՝ բանաստեղծութենէն։ Ըսի թէ բառն էր նախանիւթը այդ քերթողութեան, ըլլալու տեղ նախադասութիւնը։ Եթէ այդ բառը բայ մըն է, քերթուածին մարմինն ի վար անոր հոմանիշները պիտի բուսնին զանազան ձեւերով, երբեմն անոր անունը, երբեմն մակբայը, երբեմն ածականաձեւ գործածութիւնը։ Աւելցուցէք յանգին ալ պարտադրանքը։ Ահա թէ ինչու ոտանաւոր գրելը Ալիշանին համար կամ պարզ զուարճութիւն է կամ իրաւ տառապանք: Առաջինին հետ չենք զբաղիր, այնքան Ալիշան ուսուցիչը իր դասերուն պարտքերը վերածած էր տաղաչափական յաղթանակներու: Բայց գիտենք, նոյն ատեն որ տառապանքը զինքը հալածած է ամէն անգամ որ յուզում մը, մտածում մը, խորունկ զգացում մը որքան յաճախ անիկա անցեր է այս վիճակներէն, ուղեղային տիպարին (type cérébral) մօտ գրեթէ ընդհանուր զինքը եղել են աշխատանքի սեղանին։ Բայց այս նախնական վիճակին ու թուղթին վրայ անկէ իբրեւ անդրադարձ պառկողին միջեւ օտարութի՜ւնը։ Զոր պիտի ջանանք դարմանել, մեղմել յաջորդական սրբագրումներով։ Այսպէսով է որ ողորմելի մտածում մը կ՚ենթարկուի էջերով ընդլայնումի, կամ աղքատիկ վիճակ մը կը փչուի, կը փչուի, դառնալու համար բառերու տպաւորիչ բայց անհարազատ հանդէսի մը։ Ի՞նչն է ազգային իր քայլերգին հիմնական գաղափարը։ Ի՞նչ է՝ Ողբը։ Ի՞նչ՝ Աւարայրի Պլպուլըը: Բոլորն ալ քանի մը քառեակ սնուցանելու ընդունակ ու այդ դերէն բռնի ուրիշ դերերու կանչուած ձախողանքներ։ Կռիւին հրաւէ՜րը անշուշտ։ Բայց խորհած ունի՞ք վտանգին որ այդ հրաւէրին ծոցը կը քնանայ, քանի որ կռիւի առիթները այնքան ընդարձակ են եղած մեր պատմութեան երեսին։ Նիւթի սա նիհարութիւնը բռնազբօսoրէն դիմաւորելու իր թաքուն, մեղաւոր փառասիրութիւնն է որ ուռեցուցած է Նուագք շարքը, ասոր զլանալով հարազատութեան բարիքը։ Վերածեցէք այդ երկու հազար էջերը հարիւրի, դուք պիտի ունենայք իրաւի մօտ վկայութիւնը։ Յաւելումը գինն էր հռետորութեան, անբանաստեղծութեան, այն օրերու բառով` տաղաչափութեան։ 

գ) Լեզուական ախորժանք, որ ժամանակին մեղքերէն մէկն է անշուշտ է Պատկառելի աբբաներու սերունդ մը. դասական գործերու թարգմանութեանց հետ ու մէջ, աւագ, քիչ մը հետեւակ ալ մտահոգութիւնն է ունեցած մեր լեզուին գրաբա՛րը անշուշտ կը հասկնաք բոլոր քերականական մասնայատկութիւնները յաղթականօրէն փայլեցնելու, ոտանաւորին մէջ։ Հարցուցէք. ինչո՞ւ է գրուած Հայկ Դիւցազնը։ Ուշացած մեր օրերու քննութիւն մը անոր մէջ բանաստեղծութեան տեղ, գրաբար լեզուին գանձարանը գտած ըլլալը պիտի յայտարարէր։ Ո՞ր գրական փառասիրութիւնը կը հետապնդէ Բուրաստանը։ Պատասխանը տարբեր չէ։ Գրեթէ ոտանաւորը ապրեցնող միւս հանգամանքները զոհուած են սա մայր մտահոգութեան, առնուազն նետուած չորրորդական բլաններու։ Ու առաջ կուգաք նախդիրներու գործածութեան կոկոզավիզ հանդէս մը, բարբարոս շրջումներու (բառերու բնական տեղերէն քերականական կարիքներու համար հեռացում), աւելադրութեան կանոններուն, յարաբերական յարաբերեալ կնճիռներու ամբողջ ոստայն մը, որոնք տողերը կը լարեն, կը պրկեն։ Ալ ներշնչում, յոյզ, արտայայտութեան բնականութիւն կը մնան բարձիթողի։ Նար–Պէյ սա մտահոգութիւններով իր բնագրին մէջ առնուազն տանելի գիրք մը (Les Harmonies, Լամառթին) ըրած է անտանելի, անընթեռնելի իր թարգմանութեանը մէջ։ Ալիշան մէկն է անոնցմէ։ Անիկա գոհ է երբ քերթուածի մը մէջ ներկայ է քերականական յաղթանակ մը։ Այս ախորժանքն է ահա որ Պոլիս փոխադրուելով պիտի շարունակէ չարիքը անբանաստեղծ ոտանաւորին։ Պիտի անցնի աւելի անդին, մեր արձակն ալ ենթարկելու իրեն։ Ի՛նչ որ գրաբարի յետշրջութիւն կ՚անուանեմ (1880ի շարժումը Գուրգէն, Գարագաշ, Պէրպէրեան խմբակին), լեզուական սա հեշտախոյզ կիրքն է որով մեր արձակը զարգանալու տեղ ետ է քաշուած դէպի Վենետիկ։ Մեր արեւմտահայ քնարերգութեան մեռեալ տարրին կէսէն աւելին կուգայ սա նանրանքէն։

դ) Մասնակի գիծեր որոնք կրնան ըլլալ շատ կամ քիչ: Բայց որոնց գումարն է որ կը շինէ բանաստեղծի մը նկարագիրը։ Այսպէս ունինք՝ 

1. Փոխաբերութեան զգայարանք մը որ զարգացած գրականութեանց մօտ կը դառնայ տիրական մեր դասական գրականութիւնը անոր փաստերը տրամադրած է երկար իր հոլովոյթի ընթացքին (Քռթենաւոր, Օձնեցի, Մագիստրոս, մանաւանդ Նարեկացի)։ Ալիշան Բագրատունիէն ու Հիւրմիւզէն չէ քաջալերուած անշուշտ (երկուքն ալ հետեւակ միտքեր, վերանորոգման պէտք մը չզգացին ուժգնութեամբ), բայց չէ պաշտպանուած դարձեալ իր ընթերցումներէն, օտարներէ, զորս կատարած է խնամոտ զգուշաւորութեամբ մը (յիշել կաթոլիկ եկեղեցիին էնտեքսը)։ Աշխարհաբար մեր գրականութեան մէջ մասնաւորաբար արեւմտահայ փոխաբերութիւնը ունի շքեղ զարգացում, բայց Պ. Դուրեանէն վերջ։ Ու գիտենք որ Ալիշանի քերթողական շրջանը 1860ն ալ չ՚անցնիր։ Այնքան որքան աշխարհաբարին կը ներուի լեզուական այդ յանդգնութիւնները թոյլատրել, Ալիշան իր Երգք Նահապետի շարքին մէջ, երեւան է բերած որոշ ընդունակութիւն, բայց այսքան։ Վերցուցէք Սիամանթոյէն փոխաբերութեան իր զգայարանքը, թերեւս կը կործանէք անոր ամբողջ քերթողական արդիւնքը։ Փոխաբերութիւնը Ալիշանի մօտ չէ երբեք այն փայլակը որ բառերու բախումէն կամ կիրքին կայծակումէն առաջ կուգայ ու իբր այդ, տարօրինակ որքան շողարձակ, պահ մը կը լուսաւորէ տողը, երբեմն քերթուած են որոշ մէկ տարածութիւնը։ 

 

Եղի, մեղրի նըման կաթ մի յամանէդ յիս թափած 

Կու խաղաղէ կիրքերս զինչ ալիք լըճիս հանդարտած։

 

Երկեակին մէջ ամանը լուսինին սկաւառակն է ու կարիք չեմ զգաց յաջողակ այս բացատրութեան բարիքը վերլուծելու։ Բայց նման յաջողուածքներ բացառիկ ըսուելու չափ ցանցառ են իր մօտ։ Կիրքի մա՞րդ է Անշուշտ։ Գրաբար հայրենասիրական իր քերթուածներուն մէջ անիկա տպաւորիչ ուժգնութիւններու առաջնորդած է այդ հանդարտ տաղաչափը։ Թող այդ ուժին աղբիւրը գար փոխաբերութեան ակունքէն, Ալիշանի գրաբար բանաստեղծութիւնը ինքզինքը պիտի պարտադրէր այսօր ալ

2. Պատկերի զգայարանք մը որ նախնական գրականութեանց մօտ տիրական մեքանիզմ մըն է։ Ասիկա նմանութիւններով արտայայտութիւնն է դարերու մէջ ուր իմացական երեւոյթները կը մնան տարրական (փոխաբերութիւնը իմացական է առաւելապէս) ու պատկերաւոր ըսուածքը կը կազմէ տողին կարելի ուժը, առաքինութիւնը։ Սանդուխտի նկարագիրը յօրինուած է այս մեքանիզմով։ Բայց ինչպէ՜ս չխորհիլ ժողովրդական բանաստեղծութեան որ այնքան շնորհ կը գտնէ նմանութիւնները գործածելու ատեն։ Ալիշան, այս գետինին ալ վրայ, չէ գտած բանաստեղծի իր վարկը արդարացնող յաջողութիւն։ 

3. Ինքնատպութեան իր հեքիաթը որ 

ա) կը ծածանի աշուղական, արքայիք, գիտուն եղանակներուն մէջտեղը, բայց առանց վճռական նկարագիրներու: Աշուղական սքանչելի որքան ծայրայեղ խնայողութեան դիմաց Ալիշան կ՚ախորդի գրական առատութենէն որմէ միշտ զգուշացած է ժողովրդական հարազատ ստեղծագործութիւնը: Յետոյ, աշուղական յանդգնութիւնը՝ զգացական մարզին վրայ (որ անպայման կ՚ազդէ ձեւին ալ վրայ ու կը հայթայթ է բացատրութեանց ալ յանդգնութիւնը) Ալիշանի մօտ շատ սահմանափակ ստեղներ [8] ունի իր տրամադրութեան տակ։ Կը հետեւի թէ  խորքի սա պարտադրեալ սահմանափակումը կ՚անդրադառնայ արտայայտութեան ալ վրայ: Ահա թէ ինչ ու անոր ոտանաւորը գրել է միշտ պակասաւոր է, ու երբեք՝ վերջնական, ինչպէս՝ միշտ աս ու ան նկատումներով զսպուած է անոր զգայնութիւնը եւ Ոմանք ուզեցին Նահապէտի երգքին քերթողական մը ճարել, զանոնք գրելու մղող զգացական վիճակին իրեն ենթադրելով իմացական կորով մը, որպէսզի սկիզբ առնէր աշխարհաբար մեր բանաստեղծութիւնը archaique ձեւերու մէջէն, հագնէր մեր դարերուն ցայտուն շնորհները ու դառնար իր ժամանակին կերպարանքը։ Ասիկա ձրի վերագրում մըն է։ 1850ին ոչ մէկ տեղ կը խօսուէր Պլպուլն Աւարայրիի տաղաչափուած լեզուն եւ ինչպէս 1880ին չէր խօսուէր Պէրպէրեանի բանաստեղծութեանց (Առաջին Տերեւք) լեզուն։ Չեմ՝ ծանրանար գիտուն իր եղանակին վրայ, այն պարզ պատճառով որ գրաբարի վրայ գործադրուած այդ եղանակը, այդ իսկ հանգամանքով դուրս է իմ նկատողութենէս։ Բաւ է դիտել տալ որ այդ եղանակը ոչինչով կը տարբերի գրաբար վերջին (ԺԹ. դարու առաջին կէսին) զարթօնքով պարզուած բանաստեղծութեան նկարագիրներէն։ Անշուշտ դէպի լաւը (դէպի վատը տուի բաւական ազդակներ). դասական, մեռած լեզուով մը քերթուած գրելու յաւակնիլ մը ներելի միամտութիւն էր ոչ-բանաստեղծ մարդոց համար։ Ալիշան արհամարհանք ունէր աշխարհաբարին։ Գրաբար քերթելու մոլութիւնը չեմ դատապարտեր, այլ մտայնութիւնը՝ որով լեզուական շնորհներ մենք կը հակակշռենք ստեղծագործ շնորհներով։ Կը դատապարտեմ մոլութիւնը, ամէն գինով ոտանաւոր գրելու երբ մարդ չէ օժտուած սրբազան այդ կրակով։ Բանաստեղծը կա՛մ խորագոյն զգացողն է, կամ՝ մտածողը շրջանի մը: Թող մեկնի ան այս երկու բեւեռներուն մէկէն կամ միւսէն, հոգ չէ։ Միշտ բախտին հետն է գագաթ մը հասնելու: Տաղաչափը՝ գաղիացիներուն écrivain publicը, թուրքերուն՝ արզուհալճին (որ կը սպասէ պողոտաներուն, բեմերուն, հանդիսավայրերուն, ուղղելու համար մուսաներուն՝ աղերսանքը իր անվախճան տողերուն)։ 

բ) Լաստակերտուած է թերեւս ընդդէմ՝ հեղինակին իսկ կամքին։ Մխիթարեան բանաստեղծութեան մէջ ինքնատպութիւնը համազօր է գիտակցուած մեղքի մը: Ահա թե ինչու այսօր դժուար է ամբողջ այդ դպրոցը արժեւորել մեր բանաստեղծութեան նոյնիսկ միջին արժէքներով։ Ալիշան ինքնատպութեան կը հասնի ... իր թերութիւններուն հանդէսովը, թափթփածութիւն, պարզամտութիւն, ռոշնութիւն, ինքնաբուխ մնալու պատրանք որոնք անոր աշխարհաբար քերթուածները տարին որոշ համբաւի շրջանի մը ուր ամենէն ոսկեճամուկ, բարձրաթռիչ ու օրինապահ տաղաչափութիւնը կը գահակալէր միահեծան, ինչ պէս կ՚ըսեն։ Բայց հեռու չեն այդ նկարագիրները իմացական աղքատութեան ալ փաստէն, ինչպէս կը հաստատուի ասիկա արեւելահայ ոտանաւորին վրայ։ Իսահակեանի, Յովհաննէսեանի, Ծատուրեանի պարզութիւնը գի՛նը` սա աղքատութեան։ Տարիներով չհասկցան սակայն այնքան պարզ ու իրաւ վերապահանք մը: Այսօր տաղաչափութիւնը, հռետորութիւնը, պատկերապաշտութիւնը հասած են իրենց ճշգրիտ իմաստին, այսինքն ալ չենք փքանար կանոնաւոր, յանգահարուստ, աղմկայոյզ կամ նկարչագեղ ոտանաւորներուն փառքերովը, եթէ երբեք ասոնցմէ ներս չենք դրած պատը զգացումին, որ միս մինակը բաւ է հակակշռելու բոլոր օրէնքներուն հեղինակութիւնը։ Ոտանաւորի մը պարզութիւնը գրելու արուեստին մէջ բարձրագոյն, բայց դժուար ստացուող արժանիք մըն է: Վերը յիշեցի արեւելահայ բանաստեղծութիւնը։ Անոր ամենէն մեծ համբաւների իմացական տնանկութեան մեծ հերոսներ են նոյն ատեն։ Բայց կարդացէք ուշադրութեամբ մեր ժողովրդական բանաստեղծութեան յաջողած գոհարները: Շատ փոքր նրբերանգով մը իրարմէ կը զատուին ապակին ու ադամանդը։ Ահա թէ ինչո՜ւ կատարեալ ձախաղանք է Աւետիս Իսահակեանի բանաստեղծական գործը։

գ) Իր տաղերգուական փառասիրութիւնը։ Գրաբար իր քերթողութեան մէջ այնքան խնամք ու փոյթ պարզող այս ոտանաւորի ճարտարապետը իր աշխարհաբար քերթուածներուն մէջ հեղեղատիպ կ՚արձակէ բառերը, առանց նուազագոյն իսկ խղճահարանքի: Ու կը ստեղծուի դժուար բացատրելի երկուութիւնը բարդ ու պարզ արուեստին, մէկու մը մօտ որ ոտանաւոր գրելու արարքը կը նկատէր վարդապետական, հայրենասիրական, աստուածպաշտական պարտքի մը հատուցումի ու հազիւ կը մտածէր ստեղծագործ արարքին։ 

Մասնակի գիծերու սա ամփոփ դասաւորումին կ՚աւելցնեմ իր նախնականութեան ալ առասպելը։ Իր շրջանի ամբողջ գիտութիւնը (իւմանիստական եւ հայրենագիտական) իր մէջը ամրապէս տեղաւորած մտքի մը համար գրեթէ անկարելի հերոսութիւն մըն էր այդ ամենուն ճնշումին ու… փառքէն ինքզինքը ազատագրել, ու մանկանալ, մտնելու համար ներս ճամբէն որ կը տանի իրաւ բանաստեղծութեան, միամիտ ու սրտանց խօսող մարդու մը անմիջականութեան, պարզութեան, աւելի պատշաճ տարազով՝ նախնականութեան (գրաբար իր քերթողութիւնը կուտայ հակադիր փաստեր)։ Առասպելը գինն է բառերու, ձեւերու, լեզուական ճարտար խաղերու

Դիտելի է որ 

1. Ալիշ ան ոչ միայն կազմուած է եւրոպական ռոմանտիզին ամենէն հզօր օրերուն, այլեւ իր գրողի լիութիւնը կը գտն է 1850էն անմիջապէս առաջ։ Հոս Ռոմանթիզին շատ մը կողմերէն նկատի ունիմ աստուածաշնչական որակուած իր փառասիրտ րանքը: Նուագք շարքին մէջ որքան հաճախակի մենք կը հաստատենք Վինեիի, Հիւկոյի, Լամառթինի ազդեցութիւնները։ Բայց կարդալ Վինեիի ձեւական Ճակատագիրները (Les Destinées) եւ Լը Գոնդ տը Լիլի Հին ու Բարբարոս Քերթուածները (Poèmes Antiques et Barbares) խելամուտ ըլլալ է դպրոցամոլութենէն վեր իրողութեանց։ Երկուքն ալ այդ գիրքերուն կը սնանին աստուածաշնչական որոշ աւանդութիւններով, բայց կը թելադրեն խառնուածքէ խառնուածք հզօր տարբերացումներ։ Ալիշան իր խառնուածքը պահած է, զլացած է՝ իր ոտանաւորին (թերեւս իր արձակները անով ապրեցնելու փոյթով մը)։ Ու ասով կ՚ըլլայ բացատրելի մեծ արուեստի մը երազ, որով տառապահար ապրեցաւ ամբողջ ուղեղ, յիշողութիւն, մատենադարան ու աշխարհացոյց բայց շատ քիչ սիրտ եղող այդ անձնաւորութիւնը որուն անունն է «անհունն Ալիշան»։ Իր զրոյցները, պատմական դրուագներ է իր վկայագրական յօրինումները (աշխարհաբար ու արձակ Յուշիկները ուրիշ բան էին) այս մղումներէն ծնունդ առած յօրինումներ են։ Խորքի ու դրական տարրերը անիկա չկրցաւ օգտագործել վերջնական կառոյցներուն փառքին։ Չեմ ըսեր թէ Հարճը . Վարուժան) փառք մըն է, բայց կ՚ըսեմ թ է այդ պոէման մեր աշխարհաբարէն որոշ նուաճում մը, կերպարանք մը սեւեռած է ընդմիշտ է Ու այդ սեւեռումը, այդ նուաճումը կը պակսին Շուշան Շաւարշանայ պոէմային

2. Դարձեալ կը տառապինք Ալիշանի հաշւոյն երբ եզակի  քերթողի իր դէմքը դնենք մօտիկը Քուչակին, Սայեաթ–Նովային, նոյնիսկ Շնորհալիին ու Շարակնոցի անանուն հեղինակներուն։ Այս մերձեցումը ո՛չ անտեղի, ո՛չ ալ վիրաւորիչ պէտք է նկասել։ 1880ին, 1900ին, Ալիշան այս հեղինակներէն շատ աւելի մեծ բանաստեղծի մը համբաւը կը վայելէր։ Ու իր ժողողովրդականութիւնը գերագոյն փաստերէն մէկը, մեր արժեւորման մէջ, գրողի մը մեծութեան, նախնականութեան սա համեմատումը կը հանդուրժէր առանց նուաղման։ Յիշուած անուններէն ամէն քերթուած, անմիջական ձեւով մը կը հաղորդուի մեր սիրտին։ Ո՞րն է Ալիշանէն քերթուածը որ հասնէր մեր ընկալչութեան, նոյն եղանակով։ Գացէք Նուագքներուն։ Եթէ գտնէք այդ չնաշխարհիկ քերթուածը, ես կը պատռեմ սա ամբաստանագիրը։ 

 

Զ. ԻՐ ՀԱՄԲԱՒԸ ԵՒ ԱՍՈՐ ԱԶԴԱԿՆԵՐԸ։

Եւ սակա՜յն

Ինչպէս պիտի ըսէին 1900ին երբ մեր բանաստեղծութիւնը կ՚անցնէր իր ամենէն նիհար, սպառած շրջանին տագնապանքը։ Հող է իջնող ծերունի՜ն է Ալիշան այդ էջքէն տասնամ մը առաջ արդէն իր գործին պատմա–գիտական մասերուն վրայ ընդունած էր հակազդեցութեան հարուածները: Մարդիկ հայրենագէտը փառաւորելու ատեն հազիւ կ՚անդրադառնային բանաստեղծ ին. այնքան ոգին, ինչպէս հեղինակը հեռու էին 1850ի տաղաչական հեշտանքներէն։ Ու հարցումը

Ո՞վ է ճարտարապետը սա համբալն է՝ 

Ստոյգ է որ սկսող գրականութիւնները կարօտ են այս կարգ է պատրանքներու։ Դարու մը բարեշրջում կը ճշդէ այս զանցումները։ Կուտամ հիմնական քանի մը ազդակներ 

ա) 1850ի մեր զարթօնքը 

բ) Գրաբարը վերկենդանացնելու հսկայ խաչակրութիւնը  (Բագրատունի, Հիւրմիւզ)

գ) Ազգայնականութիւն

դ) Ընթերցող, գնահատող հասարակության հոգեկան եւ  իմացական տարողութիւնը։ 

Շատերու մէջէն սա քանի մը հիմնական ազդակները վերլուծել, կը նշանակէ գրականութեան պատմութեան ծառայել. վասնզի, իմ ըմբռնողութեան մէջ այդ պատմութիւնը հեղինակներու կենսագրութիւնը եւ կամ ասոնց գործերուն գիտութիւնը (ունինք մատենագիտութիւնը) չի թելադրեր ինծի: Կը  հաւատամ թէ 1860ին երբ Միսաքեան մը Բագրատունիին պաշտամունքը եւ կամ 1870ին Գարագաշ մը Եզնիկի փառաբանութիւնը կը վերածէին գրական ճաշակի մը իրաւունքներուն, իրենց այդ ելոյթներովը կ՚արտայայտէին իրենց շրջաններուն գրական ընկալչութիւնը

Վերի բարակրաֆներէն առաջինը հազիւ թէ կը պատկանի մեր գրականութեան եւ Անիկա լեցուն, շքեղ հատոր մըն է, իմ՝ մտքիս մէջ, մեր մշակոյթին ընդհանուր յեղաշրջումէն։ Բայց այդ քան։ Կը գոհանամ դիտել տալով որ այդ մեծ զարթօնքը գրական ըլլալէ աւելի քաղաքական նկարագիրներ կը պարզէ, երբ այլեւս կազմուած է մեր մէջ գրականին ըմբռնողութիւնը։ Ազգային Սահմանադրութիւն մը խմբագրած, մեր լեզուին կեր պարանք մը ճարած, մեր կրթական գործը նախնական ուրուագիրներու վրայ հաստատած ըլլալը մեծագոյն երեսներէն կը մնան այդ շարժումին։ Բայց ո՞ր գրական, իրաւ, լիքը գործը, ինչ պէս կ՚ըսեն արեւելահայերը, պիտի կանգնէր, այսօր, 1850ի սեմերէն ու նայէր, այսինքն պահէր իր իմաստը մինչեւ մեր օրերը։ Պէշիկթաշլեանի երգե՞րը թէ Ալիշանի Նուագք շարքը։ Փոխադրուեցէք Կովկաս ու կրկնեցէք հարցումը։ Պատասխանը, առաւելագոյն պայծառութեամբ, պիտի ունենայիք դուք Վէրք Հայաստանի գիրքին մէջ։ 

Այդ բարակրաֆներէն երկրորդն ալ զիս չի մղեր աւելի զիջումի։ Բանաստեղծութիւնը արեան երեւոյթ է ու չի սնանիր ուղեղով։ Այլապէս, ամենէն հմուտները, պրպտողները, ուղիղ գրողները պիտի ըլլային ամենէն մեծ բանաստեղծները։ Գրաբարի վերազարթնումը հեռու է գրական տարողութենէ մը, ինչպէս Ե. դարու լեզուական փառքը անբաւակա՛ն է գրականութիւն մը թելադրելու։ Զարդարուն, բարդ այդ գրաբարը Ալիշանին ո՞րչափով դեր մըն է կատարած անոր համբաւին կերտումին մէջ։ Ահա էականը, երկրորդ բարակրաֆէն։ Արդ, գիտենք որ 1880ին Վենետիկէն դուրս ոչ ոք՝ որ յամառ էր Բագրատունիի փառքին վրայ զարնելու հիացման նուագները։ Մինչ նոյն այդ թուականներուն Գրիգոր Օտեան Ալիշանին մէջ կը տեսնէ մեր մեծագոյն քերթողներէն մէկը։ Գրագեղեցկութիւններով առաւելապէս քերականական ու լեզուական նրբութիւններով խանդավառ Բագրատունին դէմք մըն է այսօր, ոչ անշուշտ շքեղ գիծերու այն գումարով զոր 1860ը կը կարծէր գտնել անոր վրայ, այլ դէմք մը, առնուազն իր յաւակնութեանց պարունակովը, ու իսկապէս տպաւորիչ իր կշռոյթովը, բիրտ, դաժան բայց իրաւ։ Մեր Իրապաշտները, անբանաստեղծ որքան ոչ-երաժիշտ մէջտեղն է իրենց արձակը, հաստատ, պայծառ, բայց զուրկ ձեւին զգայարանքէն, երբ կ՚ուրանար Հայկ Դիւցազն, կ՚ընէր ատիկա իբրեւ հակազդեցութիւնը։ Ալիշան չայցուած սուրբն էր 1890ին։

Դարձեալ, հոս չեմ կարող վերլուծել մեր ազգայնականութիւնը որ արեւմտահայ գրականութեան ամենէն հզօր բարեխառնութիւններէն մէկը կազմած է, թերեւս յօրինելով այդ գրականութեան մեծագոյն մեղսացանկը բայց դարձեալ թերեւս տալով անոր բանաստեղծութեան քանի մը հզօրագոյն դէմքերը։ Ա՞յն ատեն։

Ինծի կուգայ թէ Ալիշանի համբաւը հասկանալու համար աւելի ճիշդ պիտի ըլլար անոր անձէն ու գործէն դուրս, ու քիչ ազդակի մը վրայ կեդրոնացնել մեր ուշադրութիւնը։ Ատիկա՝ մեր ընթերցող հասարակութիւնն է։ Կրօնականներ, վարժապետներ, պետական պաշտօնատարներ (հայ), քաղքենին որ չի կարդար բայց գիրքերու տպագրումը կը մեկենասէ, տաղաչափներ որոնց միամտութիւնը կ՚անցնի մեր սահմանները։ Խորապես հայրենասէր, ազգային փառքերու յիմարօրէն նախանձախնդիր, այս մարդերը չեն իսկ կասկածիր արուեստէն որ անծանօթ աշխարհ մըն է բոլորին համար ալ: Անոնց բոլորի համար չափաբերուած տողը միշտ բանաստեղծութիւն է։ Արդէն ծանօթ ենք իրողութեան որուն համեմատ մեր մէջ ամեն գրագետ ոտանաւոր է փրկած, խակութեան թէ հասունութեան։ Զուր տեղը չէ որ 1870ին պիտի փառասիրէ զեփիւռ քնարերգել: Ու այդ 1870ին, ո՞րն է քիչ ու շատ վարկի հասած վարժապետը, երեսփոխանը, եկեղեցականը որ հեղինակած չըլլայ իր ազգային երգը, հանդէսներու համար, խօսք ու եղանակ ստեղծելո՜վ ահաւոր դիւրութեամբ, բնականութեամբ։ Ու համբաւ շինողները այս մարդիկ են։ Ու ասոնց խաժամուժին մէջ Ալիշան առնուազն հսկայ մըն է որ լեզուն կը ճանչնայ գոնէ, ու անոնցմէ աւելի աւիւն ունի իր ներսը։ Մի մոռնաք որ ուղեղները գերագրգռուած են ազգային, ընկերական ծանր տագնապներով։ Մխիթարի գործը հասած է իր ծայրակէտին։ Երեւան է բերուած լեզու մը, պատմութիւն մը, ազգային որոշ դիմագիծ մը (հոս տեղը չէ ծանրանալու սա հմայքներուն տարողութեան, արժէքին, քննադատութեան)։ Ու կայ, տիրակա՛ն՝ ծրագիրը, կամքը՝ նոր շարժումներու։ Սենեակի, ընտանիքի բարեխառնութեամբ սնանող մեր գրականութիւնը այս ճիգին միջոցով՝ պիտի առաջնորդուի զանգուածին։ Ընտանիքէն դէպի զանգուածը իջնելու համար արեւելահայերը դրօշակ առին վէպը, արեւմտահայերը՝ երգը որուն գրական հոմանիշն է բանաստեղծութիւնը։ Այսպէսով էր որ Մխիթարեան իւմանիզմը որ երկու դարու մօտ ժամանակի մը վրայ կրօնական, պատմական, բանասիրական պողոտաներով ելքեր էր փորձած դէպի հայ հոգին, կը հասնէր անոր զգացական դաշտերուն։ Կը պատմեն թէ վսեմ ծերունին, 1896ի դէպքերէն յետոյ կը տառապէր պատասխանատուութեան զգացումէ մը, իր բաժի՜նը մեծ, մեծ գտնելով այս ազգային խանդին ներսը, անշուշտ իր Բա՜մ, Փորոտանով։

Ինծի կուգայ թէ պզտիկ չէ բաժինն ալ, սա համբաւին մէջ, բանաստեղծին անձին։ Վանքը զինքը հեռու պահեց արձակ կեանքին փորձերէն, փորձանքներէն, հանրային յոյզերուն շփումէն որ այնքան արագ կը մաշէ մեր պզտիկ կարողութիւնները ու ժամանակաւոր փառքէ վերջ, մեզ կը պատուհասէ, մեզ մինակ ձգելով մեր վարկին հետ: Այդ կղզիացումն էր որ դեր է ունեցած տնտեսելու իր հուրքը, իր կարգին լայնօրէն օգտագործուած քերթողականէն դուրս ընդարձակ, շատ ընդարձակ կալուածներու վրայ։ Ու տակաւին կը խորհիմ թէ մաքուր մարդու  իր ճերմակութիւնն ալ նուազ դեր մը չէ ունեցած, երբ անձէն կ՚անդրադառնար գործին։ Իր ժամանակակիցները մանաւանդ վանքէն դուրս հիացումէ զատ ուրիշ զգացում մը չունեցան հանդէպ այս փոքրամարմին աբբային որ խորասոյզ իր գիրքերուն աշխարհին ծոցը, ապրեցաւ անցեալին մեռելութիւնը, իրական, խորունկ, փրկարար կենդանութեամբ մը։ Իր քերթուածները անշուշտ չէին կրնար չպահել սա մեռելաստանին մոյնքը, տժգունութիւնը։ Ասկէ թերեւս իր երգերուն դժուար ընտանեցումը ազգային քայլերգ, բացառութիւն մըն է, բախտ մը, գայթակղութիւն մը որոնք չգտան իրենց ազատ թափանցումը ինչպէս ըրին երգերը իր աշակերտին, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին

Այլուրային, անգայտացած ու մշուշներու կեանքովը ծփանուտ սա համբաւը այսօր քիչ քիչ ինքզինքը կը հաւաքէ, կը գտնէ։ Մեր սերունդը, յեղափոխական խմորման մէջ հասակ առած, Ալիշանը կը յարգէր վախով։ Մենէ ետքը եկողները կը թուիին այդ վախն ալ թափած ըլլալ իրենցմէ։ Այսօ՞ր։ Կը լռեմ

 

Է. ԻՐ ԴԻՐՔԸ ՄԵՐ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ։

Լքումը ուրացումը, մոռացումը ճակատագրական իրողութիւններ են բոլոր նման յօրինումով քերթողերու: Համբաւները, երբ դուրսէն յարձակումներով չեն քայքայուին, կը փակուին իրենց իսկ ներսէն, իրենց փոշիացած մասերուն ծարութեան ներքեւ։ Ալիշան, կէս դար վերջը, մեզի կը թուի այնքան հեռու որքան Մխիթարեան միւս տաղաչափները կամ 1860ի արեւելահայ վարժապետները որոնք մինչեւ Կալկաթա չդադրեցան մուսաները հալածելէ։ Ժամանակը պիտի աւլէ, հետախաղաղ, անոր գրաբար քերթողութիւնը, նոյնիսկ հոն պարզուած որոշ զգայնութեան ի հեճուկս, քանի որ Ալիշան ամէն բան ըրած է այդ զգայնութիւնը խղդելու բառական զարդարանքի տակ: Նոյն ժամանակը պիտի վարուի թերեւս նման անգթութեամբ մը իր աշխարհաբար քերթողութեան հետ ուր, միշտ զգայնութեան փաստին դէմ, ունի գոյութեան անպատասխանատու ազատութիւն մը։ Այդ քերթուածներու մէջ քիչ բան, չըսելու համար ոչ ինչ, որ ըլլար արժանի ազգային թանգարանը առաջնորդուելու: Մենք մեր օրերու ճաշակները չենք ոսկեզօծեր որպէսզի հանդիպող տաղաչափէն պահանջենք ասոնց գոյացումը։ Բայց իրաւ բանաստեղծութեան դիմաց չենք ալ սակարկեր մեր հիացքը: Վկայ՝ մեր ընդառաջումը մեր աշուղական բանաստեղծութեան։ Ու կը հարցնեմ, ո՞րն է ոտանաւորը որ առնուազն ձեւական կատարելութեամբ մը շնորհ գտնէր մեր առջեւ, այդ մարդէն։ Ո՞րն է ոտանաւորը, միշտ Ալիշանէն, որ իր խորութիւնովը, անկեղծութեամբը, կեանքին հետ հաղորդականութեամբ մը շրջանի մը հոգիէն քանդակ մը անջատէր ու յանձնէր գրականութեան պատմութեան։ Իր ամենէն յաջողակ քերթուածը (Լուսնկայն գերեզմանաց Հայոց), պատմական կարկտաններով այնքան ծանրաբեռն, լայն, վճռական մկրատումներէ վերջ հազիւ կրնայ երես ունենալ գաղջ ճաշակով հաւաքածոյէ մը ներս։ 

Ոչ ապերախտութիւն, ոչ ալ սուտ յարգանք կամ աւելի ծանր բառով մը` պատկառանք։ Երբ սկսայ այս նօթերը, միտքէս չանցաւ որ կը տարուէի սա ժխտական եզրակացութեան։ Ու դառնօրէն կը մտածեմ. գրականութիւն կ՚ընենք մենք, առանց խորհելու որ մարդերէն դիմացողը ճիշդ հակառակն է։ Թէ կ՚ազատին այն գործերը, որոնց հեղինակները անպայման իրենց անձնականութիւնը, տառապանքը, իրենց մեծ, դժբախտ կամ՝ յիմար եսը պատմելու, սեւեւռելու համար միայն կը դիմեն արուեստին եւ ոչ թէ այս ու այն պարտքին, կարիքին, փառքին ի խնդիր։ 

1925 Նիկոսիա 

* * *

Քսանէ աւելի տարիներ առաջ գիրի ինկած սա նօթերուն դառնութի՜ւնը։ Բայց հոս պարտաւոր եմ պատմել որ 1900ին Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեանի հետ իմ բախումը, ճիշդ ու ճիշդ կը մեկն էր այն ապրումներէն որոնք մարմինը եղած են վերի ամբաստանութեան։ Իմ պատանի հիացումից առաջարկուած մեր Ռոմանթիքներուն դէմ իմ՝ պոռթկումը հաղորդ է անշուշտ իմ խառնուածին, բայց կը զսպանակուէր հիմա կրնամ գրել վստահութեամբ գործէն: Դժբախտ է անշուշտ սա հաշուեկշիռը, մեծահամբաւ գործի մը վրայ։ Բայց իմ աշխատանքը աւելի մեղմ ձեւի մը մէջ, պիտի ըլլար դառն կեղծիք մը նախ՝ ինձի դէմ, յետոյ մեր գրականութեան հարազատ ոգին դէմ։ Ի վերջոյ, չենք կրնար ծածկել ահաւոր փաստը երկու հազար էջերուն որոնցմէ գոնէ չորս հինգ շքեղ ու նուաճող քերթուածներ զիս պարտաւոր էին կարկել իմ զգացումներում արտայայտութեան մէջ։ Չեմ խաղալ բառերու վրայ: Կը ղրկեմ ընթերցողը Նուագքին։ Եթէ երբեք մեր օրերու ընթերցող մը կը յաջողի, այդ փարթամ բառակոյտէն ազատագրել տասը քերթուած որոնք, վերէն վար, խօսէին մեր ճաշակին, ես սրտագին կը պատռէի սա ամբաստանագիրը, կը կրկնեմ, որուն մեղքը թերեւս ուղղուած ըլլալն է, իմ կարծիքով, շատ մեծ փառքի մը երեսին։ Ես չկրցայ, ինքնաբերաբար, աւարտել իրմէ որեւէ քերթուած, գրաբար թէ աշխարհաբար։ 

Կ՚ընդունիմ որ ունենալ տողեր, գիւտեր, երբեմն զգացման անկեղծութիւն, կը բաշխեմ՝ կայծեր ալ խառնուածքի։ Բայց կ՚աւելցնեմ որ այդ շնորհները խղդուած կը մնան անտանելի բառակոյտին մէջ որ վարժապետական փառասիրանքը կը ձգտի յաւերժել, մանաւանդ կը դառնան անօգուտ, անորակելի մոլուցքին երեսէն որուն անունն է Մխիթարեան տաղաչափութիւն

Մատենագրական պրպտումներ զիս շփումի են դրած նման գործերու հետ։ Ասոնցմէ ամենէն տիպարայինը Շնորհալիին Բանք Չափաւնն է։ Արդ, իմ տրամադրութիւնը չէ փոխուած մեր եկեղեցականութեան այս սրբազան աշխատաւորին արժանիքներուն դէմ, բայց չէ ալ տկարացած անհուն այդ խօսքերու հեղեղը բանաստեղծութիւն որակելու: Ու պարագան տարբեր չի թուիր Ալիշանին համար: Մխիթարեանները 1850էն վար ունին բազմաթիւ տաղաչափներ որոնց ձգած դիւաններով ոչ ոք կը զբաղի։ 2000 թուականին Ալիշանի բախտը տարբե՞ր։ 

Կը կասկածիմ։ 



[1]       Ահա լրիւ ցանկը այդ քերթուածներուն Հայոց աշխարհիկ, Հայ Հայրենիք, Ողբամ զքեզ Հայոց աշխարհի, Մասիսու սարերն, Հրազդան, Շուշանն Շաւարշանայ, Պլպուլն Աւարայրի, Վերջին երգ վիրաւոր բամբռահարին, Աշոտ Երկաթ, Հայ հանճար, Լուսնկային Գերեզմանաց Հայոց։

[2]       Ահա մեզի ուշագրաւ իրողութիւններ, 26, էջնոց քառածալ քերթուած մըն է «Հոգեսնունդ որդեաց սիրելեաց աշակերտեցելոց ի Ռափայէլեանն վարժարանի յաւարտ ուսմանցն մարզից աշխարհամուտի լինելով» .., եւ այլն, այսինքն ոտանաւոր հուսկ բանք մը: Ուրիշ։ Առ ազնուափայլ սեպուհն Աբրահամ Աղանուրեան ի թոռն իւր Աղեքսանդրոս, յառաջնում տարեկանի ծննդեանն ի Հոռի ամսոյ Ժ, նուագեաց Հ. Ղեւոնդ Վ. Մարգարեան Ալիշան» եւայլն։ Բայց մանաւանդ «ի սէր նախարսանեաց գրգարանին Ադենայ որ ի բնագաւառն Հայաստանեայց արգադիր, ի Մխիթարեան ուխտէն որ ի Ս. Ղազար Վենետկոյ, ի ՃՀԸ = 1850 = ՌՄՂԹ . «Նուէր Հարսանեաց Ազնուափայլ Սեպհոյ Յ. Գարեգնի Տատեան, որդւոյ պերճապատիւ Յովհաննու ամիրայի հայկազն ազգասիրի»: Յիշեցի այս բարքերը ցոյց տալու համար թէ 1850ին ինչպէս կ՚ըմբռնէին Մխիթարեանք բանաստեղծութիւնը։ Մեկնութիւնները աւելորդ են: Իրաւ բանաստեղծի մը մօտ սա բարքերը մեզ կ՚ընեն տրտում այսօր:

[3]       Երբ արուեստը այլեւս դադրած է սեպհականութիւնը ըլլալէ մասնաւոր կարգերու, ազնուական, կրօնական, իշխանական տուները շահագրգռելու միայն ընդունակ։

[4]       Գրական նախապաշարումները իրենց կարգին վար չեն մնար ուրիշ նախապաշարումներէ։ Որքան հինին գան, այնքան ամուր կը հնչեն։ ԺԹ. դարու երկրորդ կէսը դպաւ անոնց փոշեծածուկ փառքերուն։ Հիմա մարդիկ չեն հպարտանար Ենէականով, Կատաղի Ռոլանով, Երուսաղէմ՝ Ազատեալով, Հանրեդով ու մանաւանդ Դրախտ Կորուսեալով։ Ալիշան այս գիրքին փառքը ժառանգած էր կրկնապէս պատրուած օտարներէն եւ Մխիթարեաններէն, Միլտոնին կիրքը, կրօնականին մէջ, թերեւս բաւէր դժոխք մը լաստակերտելու (յիչեցէք մեծ Տանթէն, բայց դրախտ մը չէ նուաճուած դեռ։

[5]       Հանդիսական, պարագայական բանաստեղծութեան մասին Համապատկերը ունի լայն ըսելիքներ: Հոս կը ճշդեմ սահմաններ: Հզօր զգացումներ, ծանր բարեխառնութիւններ, կիրքեր, այդ իսկ հանգամանքով, ընդունակ են քերթուածի մը ճարելու ներքին իրականութիւն, մէկ պայմանով, ատիկա՝ նորոգումն է սեռին, կուտամ օրինակներ: Բոլոր գրականութիւններու մէջ ամենէն շատ ու շատ մեռնող մասը հանդիսական քերթողութենէն կուգայ։ Դրէք ԺԹ. դարու մեծագոյն անուններուն ճակատագիրը սա հաւաստումին տակ: Պիտի չկարդացուին նոյն իսկ Les Châtimentsը, գրուած այնքան կրքով ու այժմէական հրատապութեամբ մը, բայց պիտի կարդացուին Les légendes des siècles, ուր ժողովուրդներու այժմէականութիւնը եղծուած է այնքան ազատութեամբ։ Չենք կարդար ոչ-եղերերգակ Մ. Պէշիկթաշլեանը, հայրեներգակ Պ. Դուրեանը։ Բայց Սիամանթօ՞ն, Վարուժա՞նը, Վահան Թէքէեա՞նը, այսինքն այս անուններով մեզի հասած պարագայական քերթուածներուն ճակատագի՞րը։ Ինծի համար դժուար՝ հարցումին դէմ կենալ այն վճռական ազատութեամբ զոր կը զգամ թէ ունիմ Ալիշանին, Պէշիկթաշլեանին, Դուրեանին, Նար-Պէյին, Թէրզեանին նոյնասեռ կտորներուն համար: Ցեղին Սիրտը հատորը կը պարզ է շատ յատկանշական օրինակ մը, սա վերապահութեան։ Առէք անկէ քերթուածը ուր Օսմանեան Սահմանադրութեան վերհաստատումին առիթով (1908) Դ. Վարուժան Աւերակներու Տիկինը խորհրդանիշին ետեւէ, կը պատմէ այդ բուռն, կրքոտ օրերուն ապրումները: Ամէն ինչ որ այդ օրերուն այնքան սրտառուչ յուզումի աղբիւր էր մեր հոգիներուն, դադրեր է այսօր իր իմաստէն։ Կեանքը, իր 1915ով այդ ամէնը անողորմ ձեւով մըն ալ հերքեց։ Բայց քերթուածը կը դիմանայ, իմ զգայնութեանս մէջ: Քառորդ դար յետո՞յ: Հոս է ահա տարակոյսը։ Սիամանթոյի Հայորդիները, այնքան իրաւ ապրումներու կոթողացում, ինք պիտի ըսէր աշտարակում, փոշի դարձած է այսօր վճռապէս: Բայց Ս. Մեսրոպը, նոյնքան հզօր խանդավառութեան մը ծնունդ, կ՚ապրի էլի այսօր։ Կէս-գիշերէն մինչեւ արշալոյսին մէջ, ու աւելի ամփոփ տարազով՝ Հայերգութիւն հատորին մէջ ո՞րքանը ողջ, որքա՞նը մեռած. Ալիշանի Մաղթունիին համար երբ կը դնէք սա հարցումը, մեր վարանքը կը հալածի իսկոյն։ 2000 թուականին վերլուծող մը երբ դնէ սա հարցումը Հայերգութիւն դիւանին համար, պիտի ըլլա՞յ բաւարար չափով ազատ իր վճիռին մէջ։ Մարդը աւելի դանդաղ կը փոխուի քան պարագան, պարագաները եւ արդէն հանուած ամէն բանաստեղծութիւն ուրեմն բախտ ունի դիմանալու, քան ամենէն շքեղ պարագայական կառոյցները։

[6]       Երկու խօսք ա) Թէրզեանին Սանդուխտ կոյսէն որ իր փառքը ապրած գործերէն մէկն է արեւմտահայ գրականութեան, հիմնովին վրիպանք, այդ կառոյցին արժանիքը, իր տիպին, կրտսեր Ռոմանթիքներ (Համապատկեր) բաժինին մէջ, կը ճշդուի: բ) Նարպէյի Սանդուխտ Կոյսին որուն վրայ ժամանակը յարձակեցաւ, գուցէ տպաւորուած անոր խոր անբանաստեղծութենէն, բայց որուն կառուցումը, coupeը, գնացքը գոնէ մեզի կը խնայեն Ալիշանին պատմումին թափթփած անիշխանութիւնը, սանձարձակութիւնը։ Թէ աւանդութիւնը կը բաւէր շքեղ գործ մը նետելու ոտքի, դուրս է կասկածէ: Քիչ անգամ հէքեաթը այն քան իրաւ տարրեր կը տրամադրէ արուեստագէտին:

[7]       Այս բառին ընդարձակ ու ձախորդ ճակատագիրը արեւմտահայ ինչպէս արեւելահայ գրականութեանց մէջ ոչ միայն ընդունակ է տիրական սեւեռուներում, այդ գրականութեանց կշիռին մէջ, այլեւ կը տարածուի թերեւս մեր ամբողջ գրական ստեղծագործութեան։ Ի՛նչ որ Ոսկեդար կ՚անուանենք, ու քիչ բան չէ եթէ ոչ լեզուականին մէջ հռետորական խնամք ու ախորժակ։ Թէ անիկա յայտարարն է նոյն ատեն ցեղային ալ խառնուածքի, որով եւ ազդակ մը` մեր պատմութիւնը հասկանալու, ուրիշ իրողութիւն։

[8]       Սէրը, տիրական մոթիֆ ժողովրդական ստեղծումին, Ալիշանին համար արգիլուած լար մըն է։ Կուսականը տարօրէն չոր է, բաղդատուած մեր սրբազան մատենագրութեան մէջ իր նմաններուն, Տխրութիւնը (ամբողջ հատոր մը ունի անոր նուիրած) պարտաւոր է տարազուիլ, կոկուիլ, վայելչանալ, չվիրաւորելու համար նախախնամական կարգադրութեանց անտես բայց աննահանջ զսպանակները։ Տխրութիւնն իսկ երկնային շնորհ մըն է, ճակատագիր մը։ Ցաւը մնալու է մեղմ, վայելուչ, արտօնեալ տիաբազոնի մը վրայ։ Մահը միշտ կ՚երեւայ իր աստուածաբանական ստուերակազմովը: Այս քանի մը ցուցմունքնե՛րը՝ որպէսզի համոզուինք տրտում քանի մը. բոլոր մեծ ու պարզ զգացումները, այսինքն հիմքերը ամէն քնարականութեան, պարտաւոր են մտնել Ալիշան Աբեղային ստվերին մէջ ու… մեղմանալ։