Ա.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Պիտի
չվարժուիք
սա
ընդհանուր
պիտակին
տակ
քիչ
շատ
ամբողջական
կենսագրում
ու
քիչ
շատ
ամբողջական
մատենագրական
թուումներ
գտնելու
փափաքի
մը։
Համապատկերը
չի
կըրնար
կենսագրել,
որքան
ալ
նման
զբաղում
մը
փորձիչ
ըլլար
անոր
հեղինակին,
այն
գլխաւոր
պատճառով
որ
մեր
գրողները,
իբրեւ
կեանք,
ծանր,
խորհրդանիշ
խտութիւններ
են,
կուգան
իրենց
կերպարանքին
—
որով
իջան
գերեզման
—
կորուստաւոր
պայմաններէ
անցնելէ
վերջ։
Այս
նկատման
լոյսին
մէջ
յետին
գրչի
վաստակաւորը
անգամ
կը
գտնէ
վաւերագրական
արժանիք։
Նոյն
մտածումը
դարձեալ,
հեղինակներու
գործերուն
դիմաց։
Ամենուն
յիշատակումը
պիտի
յորդէր
մեր
սահմանէն։
Յետոյ,
իմ
գործը
ըմբռնելու
իմ
եղանա՛կը՝
որ
ուրիշ
պարտադրութիւններու
եղած
է
հպատակ:
Որ
կը
զբաղի
առաւելաբար,
չըսելու
համար
այլամերժաբար
գիրքերու
խորքը
յօրինող
բարեխառնութիւններով։
Եթէ
հոս,
Ալիշանի
դիմագծութեան
կը
գտնէք
նուիրուած
քանի
մը
էջ,
ատիկա
կը
հպատակի
դարձեալ
իմ
կողմէ
մշտապէս
հետապնդուած
ուրիշ
նպատակի
մը։
Կը
հաւատամ
որ
գործ
մը
չի
կրնար
իր
ծոցը
խորասոյզ
չի
պահել
զինքը
երկնողին
քանի
մը
հիմնական
ազդմունքները,
ասոր
իմացական,
զգացական
բարեխառնութիւններէն
ցոլքեր,
ու
կեանքի
մը
գործը
խորունկ
որքան
հարազաs
հասկացողութեան
վրայ
չի
կրնար
ճառագայթներ
չարձակել։
Ու
ահա
այս
մտածումին
առաջին
կերպարանքը։
Ալիշանի
ութսուն
տարիներէն
եօթանասունը
ես
կը
նետեմ
պիտակի
մը
տակ,
-
ատիկա
բացարձակ,
այլամերժ,
ամենամերժ
աշխատանքն
է,
բառին
տալով
գրականին
չափ
կրօնական,
կրթական,
հրատարակչական
իր
մասներանգները։
Ալիշան
աշխատած
է,
ուրիշ
ամէն
բանէ
առաջ։
Աշխատանքը
իրեն
գոյութեան
դրդապատճառն
է։
Չէր
կրնար
չաշխատիլ։
Ստեղծե՞լը։
Մի
աճապարէք։
Ան
ալ
աշխատանք
է։
Բայց
տուէք
անհրաժեշտ
զանազանութիւնը
կեանքի
արարքներուն
ընդմէջ։
Մեր
հարցին
համար
կ՚աշխատինք
ամէն
օր։
Մեր
զաւակները
կ՚ունենանք,
քանի
մը
տարի
միջոցով։
Ալիշանի
Վենետիկը
-
հոն
առաջնորդուիլը
—
նման
է
բոլոր
Մխիթարեաններուն,
կրօնաւոր
թէ
աշխարհիկ։
Վանքերը
դեռ
մինչեւ
մեր
օրերը
իրենց
անձնակազմը
կ՚ընտրեն
մատաղերամ
տղոցմէն։
Պոլիսէն
Ադրիականի
գլխուն,
գործածելու
համար
մաշած
բայց
արտայայտիչ
շրջաբանութիւն
մը։
1820ը,
իր
ծննդեան
թուականը,
Վենետիկի
Մխիթարեաններուն
համար
փառքի
շրջան
մը
կը
բանայ։
Կ՚անցնիմ։
Փոքրամարմին,
տրտում
պատանեակ,
որուն
հոգին
իր
կաղապարը
կը
գտնէ
քսանէն
իսկ
վար,
պիտի
ուսանի
տիրացուի
մը
այլամերժ,
խստակրօն
պարկեշտութեան
մէջ,
պիտի
կազմաւորուի
շատ
յստակ
աւանդութեանց
ձայնին
ու
մղումներուն
ներքեւ,
պիտի
ձեռնադրուի
քահանայ,
խորունկ
կիրքով
մը
հաւատքէ,
երազներէ,
երկինքէ։
Պիտի
անցնի
իր
կարգին
այն
ամպիոնին
ուրկէ
լսեց
իր
մեծերը,
սորվեցնելու
լայն
միամիտ
կիրքով
զոր
կը
հաստատենք
երբեմն
մեծ
մարդոց,
ասպարէզներուն
նախամուտին:
Այս
trempet
առնող
զգայնութիւնը
երբեմն
կուտայ
սուրբերը,
երբեմն
հերետիկոսը,
երբեմն ...
գրողը։
Աւելի
անդին
ես
կ՚ենթարկեմ
վերլուծման
այս
ձեւ
ըմբռնուած,
գործադրուած
գրականութիւնը,
քիչ
մը
աւելի
հանգամանօրէն,
վասնզի
բախտին
մէկ
գէշ
կարգադրութեամբ
այդ
ձեւ
ըմբռնուած,
գործադրուած
գրաւականութիւնն
է
որ
պիտի
փոխադրուի
Պոլիս,
նոյն
իսկ
Մխիթարէն
անմիջապէս
յետոյ,
պիտի
լռեցնէ
Պոլիսի
(հասկցէք
Հայոց
Պատրիարքարան)
ձգտումները
ու
պիտի
պարտադրէ
ինքզինքը,
լման
դարակէս,
այսինքն
սանկ
մինչեւ
Դուրեան։
Այս
տողերը
չեն
կրկներ
հոս
Մխիթարեաններու
հասցէին
Համապատկերի
առաջին
հատորով
բանաձեւուած
մեղադրանքները։
Ալիշան
կը
պատկանի
արեւմտահայ
գրականութեան,
իր
գործին
մէկ
որոշ
մասովը։
Ու
Ալիշան
կուռք
մըն
է
մինչեւ
իր
մահը,
ըսել
կ՚ուզեմ
մեր
գրողներուն
վրայ
լայն
հեղինակութեամբ
մարգարէ
մը,
սուրբ
մը:
Ու,
ինչպէս
որ
կ՚ըսեն,
եթ
է
կուռքերուն
ճակատագիրը
կործանումն
է
ի
վերջոյ,
անոնց
կեանքը
իրաւ
է
մերը
իրենց
ենթարկելու
մէջ։
Պիտի
հեղինակէ,
ամէն
Մխիթարեանի
նման,
խառն
ու
անընդմէջ։
Տպուած
թուղթը,
այսօրուան
պէս
խոտելի
ապրանք
մը
չէ
1850ին:
Պոլիսը,
հռովմէադաւան
շրջանակները
գաւառական
կեդրոններուն,
կրօնական
բախումները,
ազատագրական
—
իմաստի
—
շարժումները,
Զարթօնքի
Սերունդին
զոյգ
թեւերուն
ստեղծած
յուզումները,
մեր
խեղճ
մոռացումին
մէջ
պատճառներ՝
որպէսզի
թուղթը
բարձրանայ
արժէքի։
Ալիշան
խմբագիր
Բազմավէպի
(1842)։
Ալիշան
տեսուչ
վարժարանի։
Ալիշան
այցորդ՝
եւրոպական
մեծ
քաղաքներու
մատենադարաններուն
որպէսզի
մաղէ
հոն
կարելի
փշրանքներ,
ձեռագիր
թէ
վաղուց
տպագրուած
բայց
մոռցուած
յիշատակարաններէ,
ճարելու
համար
ատաղձներ
իր
գործին,
որ
տակաւ
նկարագիր
կը
ստանայ
իր
մտքին
մէջ։
—
Ատիկա
հայագիտութիւն
է,
բառին
մէջ
ընդունելով
յարակից
բոլոր
ուսումներու
տարրերը։
Ալիշան
հրատարակիչ՝
կորսուելու
սահմանուած
պատառիկներու
(Սոփերք
Հայկականք),
որոնց
պատմական
ինչպէս
բանասիրական
արժէքները
կը
կրկնաւորեն
գրական
ալ
շահեկանութեամբ
մը։
Մեծ
մասը
այդ
պատառիկներուն
գրուած
են
Վենետիկցիներու
բառով,
«ընտիր»
գրաբարով։
Ու ...
պիտի
կարենայ ...
ամէն
բան
որ
մօտէն
ու
հեռուէն
կրնայ
աղերս
մը
ունենալ
իր
ծրագրին,
հայրենագիտութեան։
Ընթերցումը
ամէն
վանականի
համար
փրկութեան
պարզ,
պատրաստ
միջոց
մըն
է
ըսեր
են:
Ալիշանի
համար՝
կեանքին
իմաստն
իսկ:
Աւելին՝
կիրք,
հիւանդութիւն,
մոլութիւն։
Այս
կատաղի
ընթերցասիրութիւնն
է
թերեւս
որ
այրած
է
իր
ներսը
ստեղծման
գործարանին
մէկ
կարեւոր
մասը։
Յետո՞յ։ ...
Բայց
պիտի
կաղայ։
Պիտի
ձգէ
գիրքը,
անցնելու
համար
թուղթին`
առջին։
Պիտի
ձգէ
գրիչը,
իջնելու
համար
տպարան,
դպրոց:
Ու
նման
ամէն
վանականի,
իրկուն
առտու,
կէսօրին,
քունէն
առաջ
ու
քունէն
վերջ
պիտի
աղօթէ:
Ուրի՞շ։
Անշուշտ:
Մեր
նախնեաց
բոլոր
ժառանգութիւնը
անիկա
ոչ
թէ
փոխադրած
է
իր
ուղեղը,
այլ
հալեցուցած
անոր
բջիջներուն
ներսը։
Իր
ընթերցումները
ոչ
հետաքրքրութիւն
եւ
ոչ
ալ
միտքի
պահանջ
կամ
գոհացում:
Անոնք
անոր
ապրումները
կը
դառնան
տարիներու
հետ
ու
կը
նոյնանան
իր
ներքին
անձնաւորութեան
հետ։
Հայրենագիտութիւնը,
այս
հաւաստումէն
յետոյ,
գիտութիւն
մը
ըլլալու
կը
դժուարանայ
ինքնաբերաբար։
Ամէն
էջ,
իր
սեղանին
վրայ,
որ
դարէն
ալ
դուռ
բանայ,
կը
վերածուի,
միշտ
ինքնաբերաբար
ապրուած
վաւերագրի
մը։
Աս
է
թերեւս
պատճառը
որ
դարերը
չկարենայ
զանազանել,
մարդերը
ճշդել
իրենց
անձնականութեանց
նկարագիրներուն
մէջ
ու
տռամաները,
կիրքերը
իրարու
մէջէն
համաձուլէ։
Լեւոն
Մեծագործ,
Վարդան
Մամիկոնեան,
Աշոտ
Երկաթ,
Ոսկեբերան
իրարմէ
տարբեր
դարերու
մտայնութիւն
ու
կերպարանք,
անոր
գրչին
տակ
կը
կորսնցնեն
իրենց
անհատականութիւնները,
ըլլալու
համար
իր
մտապատկերած
տիպարը։
Կարդացէք
Խունկ
Եկեղէցւոյն
(Յուշիկք)
ու
վստահեցէք
ձեր
սկզբնական
տպաւորութիւններուն։
Ե՞րբ
պիտի
մտածէք
ոը
Պոլսեցի
Ոսկեբերանն
ունիք
ձեր
աչքերուն
տակ:
Ասիկա
այսպէս
աշխատանքի
բոլոր
իր
նիւթերու
համար։
Կ՚ըսեն
թէ
Ռընան,
Թէն,
Ռանքի,
Մոմսըն,
Միշլէ,
իրենց
իմացականութեան
կերպարանքները
ճարած
են
սա
հետախաղաղ
սուզումին
մէջը
ընթերցումներուն։
Թերեւս
իրաւունք
ունին։
Ալիշան
պիտի
տառապի,
իր
ընթերցումները
այսպէս
իր
մարմնին
վրայ
իրագործուած
տանջանք
մը
իբրեւ
արժեւորելուն։
Սուրբի՜
այդ
մարմինը։
Զոր
վանականի
վերարկու
մը
ափ
մը
բանի
կը
վերածէ,
անկէ
ջնջելով
ամէն
ցցունք,
ամէն
մասնակի
գիծ,
թողլով
խնկագոյն
մատներ
ու
աւելի
խնկագոյն
պաստառ
մը
երեսին։
Մօտ
երեք
քառորդ
դար
ասիկա
այսպէս,
բարբարոս
որքան
աննահանջ։
Ոչ
մէկ
փառք,
իր
գործին
կիրքէն,
տագնապէն
կարող
եղած
է
զինքը
պահ
մը
ազատագրելու։
Ու
հրաշք
է
որ
չըլլայ
փառասիրած
ոչ
մէկ
նուիրապետական
գոհունակութիւն,
այնքան
ընթացիկ,
անհրաժեշտ
է
փրկարար՝
պարեգօտաւոր
(եկեղեցական)
որեարը
կեանքին
հաղորդ
պահելու։
Ոչ
մէկ
աշխարհիկ
գնահատում,
մարդկային
տակն
ու
վրայ
բերող
այլազան,
ընդարձակ,
խորունկ
ըղձաւորութիւններ,
որոնք
մեզի
տանելի
կ՚ընծայեն
միապաղաղ
աշխատանքին
յոգնաթափութիւնը։
Այս
մարդը
հանգիստ
չէ
ճանչցած։
Այս,
գինով
է
ահա
որ
կը
բարձրանայ
սարսափ
ազդող
մեծութիւնը
իր
գործին։
Իր
ծերութիւնը
միայն
ուժերու
սպառում,
նահանջ,
անհետացում
չի
նշանակեր
իր
մօտ։
Պարտաոր
էք
զայն
մտապատկերել
իբրեւ
ամենէն
հզօր
զրկանքը
զոր
իր
մարմինը
բեռցուցած
է
անոր
իմացականութեան
եւ
Արուեստագէտին
տռաման
զոր
լքած
ըլլայ
իր
արուեստը:
Երաժի՛շտը`
որուն
կոկորդը
քարանայ,
ծանր
վէրքին
թոյնին
ներքեւ։
Նկարիչը՝
որուն
մատները
չորնան։
Երգահանը
որուն
ականջները
կնքուին
գերեզմանին
նման։
Գրագէտը
որուն
ուղեղ
՝
չկարենայ
տոկալ
հոն
բխող
մտածումներուն,
պատկերներուն
տարափին։
Հաւաքի՜չը`
որուն
չտեսնեն
աչքերը
եւ
Ալիշան
կը
պատկանի
վերջին
խումբին։
Համակ
նուիրում,
աշխատանք,
ներքնացում
սա
կեանքին
երկայնքովը
հասկնալի՞`
վարչական,
միաբանական,
գործօնական
զբաղանքին,
տարտամը,
գրեթէ
չգոյութիւնը։
Մարդ
իր
գործը
կը
կերտէ
սա
զգուշաւոր
միջոցներով։
Տաղանդին
կէսէն
աւելին
ես
կը
նկատեմ
իր
ժամանակը
լաւ
գործածելու
փաստ
մը։
Իրեն
աշակերտողներու
հետ
ունեցած
իմ
խօսակցութիւններէն
դժուար
չէր
մարդ
մը
տեսնել,
անշուշտ
հէքեաթէն
ծանրաբեռն
բայց
տակաւին
պահող
որոշ
հէնք
մը
միշտ
մարդկային
գիծերու:
Ըստ
այդ
պատմումներու,
տժգոյն,
քիչ,
ափ
մը
մարդ
էր
անիկա,
չոր
ու
կռնծած
իր
դէմքին
դառնութիւնը
գնող
իր
լայն,
բաց
ճակտին
բարձր
շուքովը։
Այս
ուրուատեսիլ
կերպարանքը
կ՚այլափոխուէր
սակայն,
կը
յորդէր,
կը
լեռնանար
երբ
կ՚անցնէր
սեղանին
կամ
ամպիոնէն,
առանձնութեան
թէ
բազմութեան
մէջ,
պարագան
կը
մնայ
նոյնը։
Մեր
պատմութեան
մեծ,
բարի
անձնագրութիւնները,
անոր
անձին
եղերակուռ
դէպքերը
նուաճելու
իր
պահերը
-
քունէն
ու
աղօթքէն
դուրս
մնացած
չափը
ժամանակին
—
զայն
կ՚ընէին
իսկական
Հերակլէս
մը,
ճիղճ
այդ
մարմինէն,
հրայրք
մը
իբրեւ,
ճարելով
կիկլոպեան
զօրութիւն։
Ալիշան
մեր
պատմութիւնը
չէ
գրած
միայն,
ինչպէս
կ՚ընեն
Վիեննայի
Մխիթարեանները,
իրենց
ուսումնասիրութեան
բոլոր
նախանիւթերը
խնամով
դասաւորելէ,
ճշդելէ,
ստուգելէ
վերջ
գործի
անցնելով
այլ
իր
հաւատքին
ու
սիրոյն
ամբողջ
կրակովը
ջերմացնելէ
վերջ
լման
դարերը
մէկ
ու
նոյն
երեւոյթին
որ
կեանքն
էր
իր
ժողովուրդին,
իր
հայրենիքին
ծեծուած,
արիւնլուայ
դաշտերուն
կամ
տարագրութեան
նսեմ
տժգունութիւններուն
ծոցը։
Իրմէն
դաս
առնողներ
մեզի
աւանդած
են
թանկ
վկայութիւններ
երբ
կը
խօսին
իր
կրակէն,
աւիւնէն,
առքէն
հիները
կարդալու
կամ
բացատրելու
ատեն,
այդ
մութ
նշաններով
բեռնաւոր
էջերէն
բուռ
բուռ
վառման
հանելով
հոգիները
մեր
պապերուն,
այրուցքի
մը
պէս
այրելով
այդ
հուրքին
մէջ
թէ
ինքզինքը,
թէ՝
մտիկ
ընողները:
Կարդացեր
եմ
եւրոպացի
Ս.
Ղազար
այցելուներու
տպաւորութիւնները
գրողներու,
իշխանուհիներու,
մեծ
անձնաւորութեանց
կողմէ:
Այդ
տպաւորութեանց
մէջ
մագաղաթեայ
դէմքը
հիւրընկալ
վարդապետին,
Ալիշանին,
կը
վերածուի
հին
դարերէ
փախած
աբեղայի
մը
տարօրինակ
կերպարանքին,
սրբազան
պատկերներէն
բան
մը
յիշեցնող
եւ
այնքան
աշխատանքը
աւլած,
տարած
էր
այդ
դէմքէն
ամէն
մերօրեայ
կնիք։
Այս
տողերէն
յետոյ,
դուք
պիտի
այցուիք
դասական
մտապատկերովը
պենետիկտէնին։
Բայց
պիտի
ըլլաք
բաւական
իմաստուն,
տարազին
տալու
համար
հայեցի
ալ
երանգ
մը,
տարր
մը։
Գործածեցի
աւելի
ազնուական
տարազը,
իւմանիսթը,
որպէսզի
անհուն
իր
գործին
դէմ
ուր
մտադրութիւնը,
կիրքը,
մոլեռանդութիւնը
—
հայրենիքին
սէրը
կը
փրկէ
մեր
սաստկութիւնները
մեղքի
վերածուելէ
—
այնքան
այլազան
բարիքներ
է
հետապնդած,
գտնեմ
արի
ու
պարկեշտ
գոհունակութիւնը,
հասարակ
վանականի
մը,
հաւաքողի
մը,
հասկաքաղի
մը
պատմուճանէն
զայն
ազատագրելու:
Ի՜նչ
փոյթ,
նոյն
ատեն,
այնքան
հսկայական
միջոցներով
աչքի
նետուած
գործի
մը
այնքան
արագ
հանգումը,
շիջումը։
Գործաւորը
երբեմն
մեծ
է
գործէ։
Իրողութիւն
է
որ
Ալիշան,
վաղ
երիտասարդութենէն
մինչեւ
խոր
ծերութիւն,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
րոպէ
մը
անգամ
տարակոյսը
չունեցաւ
տարողութեան,
բարիքին
իր
կողմէ
հետապնդուած
արժէքներուն
բացարձակութեան։
Ահա
թէ
իր
իմացական
կենդանագիրը
ուրուագծելու
սա
փորձին
մէջ
ես
այցուիմ
հակընդդէմ
հոգեխառնութիւններէ։
Եթէ
երբեմն
մարդը
մեծ
է
գործէն,
աւելի
յաճախ,
գրեթէ
միշտ
գործը
պարտաւոր
է
մեծ
ըլլալ
գործաւորէն։
Մենք
կ՚անցնինք
շատ
աւելի
արագ
քան
թուղթը։
Կ՚ընդունիմ։
Բայց
կը
կենամ,
տառապագին,
գաղիացիք
կ՚ըսեն
perplexe,
արժեւորելու
ատեն
կեանքեր
որոնց
գործօնութիւնը
քալեց
առօրեային
ակօսովը
—
մինչեւ
խոր
տարիք
Ալիշան
կատարած
է
Մխիթարեան
վարդապետի
մը
ուսերուն
ինկող
բոլոր
պարտքերը,
անմրմունջ
ինչպէս
անթերի։
Որոնք
իրենց
խելքը,
ուժը,
շունչը
բաշխեցին
համաձայն
կարիքներու,
երբեք
հաշիւով։
Առանց
կծծութեա՜ն,
նոյնիսկ
պայծառ
ստուգութեանը
մէջ
ապառաժի
վրայ
սերմ
նետողին։
Առանց
սեպհական
շահերու
մագնիսին,
սեպհական
փառքի
սոսինձին։
Որոնք
ապրեցան,
ինչպէս
աղբիւր՝
որ
կը
վազէ,
ծառը
որ
կը
պտղաբերէ,
կրակը
որ
կը
տաքցընէ,
ու
գոհացան
կենդանի
իրենց
օրինակներ
կը
մեզի
ձգելու
ապառիկ,
ապառնի
բարիքովը
սրտապնդուած
միայն
ու ...
վարձատրուեցան
երբեմն
ողջ,
երբեմն
դիակ,
խորհրդանիշին
վարձքովը:
Մենք
այս
վերջին
դասէն
ունեցած
ենք
ասոր
օրինակները։
Մեր
մատենագրութիւնը
Մեսրոպ
Մաշթոցէն
գիրք
չէ
արձանագրած
եւ
սակայն
չկայ
մէկը
որ
կասկածի
ձգէ
մռայլ
Տարօնցին
տարօրինակ
բարիքը
որ
գինն
էր
այդ
մշտաշարժ
կեանքին,
մեր
պատմութեան
ամեմէն
բախտորոշ
մէկ
շրջանին։
Ալիշան
ուզեց
մնալ
ուսուցիչ,
խմբագիր,
պատմիչ:
Ու
մնա՛ց,
այսինքն
եղաւ
մարդը
որուն
օրուան
ուժերուն
լաւագոյն
մասը,
սէրը
պիտի
ըսէր
ժողովուրդը,
վատնուեցաւ
տարտղնող,
չեմ
վարանիր
ըսելու՝
տարապարտակ
աշխատանքի։
Ու
աս
է
մեծագոյն
բարեգործութիւնը։
Ալիշան
բանաստեղծ
մըն
էր,
գէթ
ասոր
փաստը
յստակ
է
իր
ճիգին
ինչ
պէս
իրագործուած
փշրանքներուն
մէջը:
Ալիշան
ունէր
պատմելու
շնորհ,
դարձեալ
անվիճելի։
Ուրիշ
մը,
իր
տեղը,
պիտի
խնամէր
սա
շնորհները
ու
պիտի
նուաճէր
իր
երազները
ատոնց
լոյսին
մէջ։
Ինքզինքը
տարտղնելը
փառասիրութիւն
է
երբեմն
(Եղիա,
Չերազ,
յիշելու
համար
քանի
մը
կարկառուն
անուններ
ու
հասկանալու
տրտում
վրիպանքներ)։
Բայց
գիտակցօրէն
ինքզինքը
բաշխել
հազար
ու
մէկ
պարտքերու,
կարիքներու՝
ուրիշ
հերոսութիւն։
Ինծի
կը
մնայ
սա
փոքր
ուրուագիծէն
հանել,
գէթ
թելադրել
մեծ
պատկերը՝
իր
երազէն
լիովին
առնուած,
բայց
առօրեային
մանր,
անվրէպ,
ահաւոր
ատամներէն
բզիկ
բզիկ
գալը
կանխապէս
ընդունող
աշխատաւորին։
Իմ
զիջումը,
իր
դէմքին
նուիրելու
սա
քանի
մը
էջերը,
իմ
ներսս
կ՚արդարանայ
սա
նկատումներով։
Միւս
կողմէն
գիտեմ՝
թէ
այդ
էջերը
որքան
անբաւական
են
նուաճելու
ձեր
մէջը
իրաւին,
սկզբնականին
(դէմքին)
քաղցրութիւնը,
պատկառանքը,
շքեղ
լրջութիւնը։
Ալիշան
չի
կրնար
մոռցուիլ
մեր
մեծերու
շարքին
մէջ,
նուիրման
մէջ
սա
անպարագիծ
արձակութեամբը։
*
*
*
Գո՞րծ
ը։
Բայց
նոյնքան
անհուն
է
անիկա
որքան
եղած
էր
անոր
ամբարձումին
համար
վատնուած
աշխատանքը:
Ու
շատ
չեմ
գտներ
բառը
—
հիացում
—
որ
իմ
մէջէն
կը
բխի,
առանց
նկատումի,
խիտ
պատանքին
դիմաց
այդ
գործին,
իբր
ծաւալ
անգերազանցելի
իրմէն
առաջ
ու
իրմէն
վերջ
մինչեւ
հիմա,
մեր
իմացական
գործունէութեան
աշխատարաններուն
մէջ։
Մի
արհամարհէք
ծաւալը,
ինչպէս
մի
աստուածացնէք
զայն։
Այլ
մնացէք
մարդկային
որպէսզի
հանդուրժէք
ձեր
զոհողութիւնը
փորձի
ենթարկող
աժան
փառասիրութիւնները
իրենց
ճիշդ
իմաստին
տանող
ձեր
դժգոհանքին։
Առակին
կապիկը
մի
մոռնաք,
բայց
մի
ալ
զառածեք
աժան
ծաղրին
թեթեւ
թեւերով,
երբ
տարիներ
ու
տարիներ
կը
խնդաք
ուրիշներու
ըրածով,
ձեր
մատը
մոխիրը
չթաթխած։
Ծաւալը
բարիք
մըն
է,
չարիք
մը,
յիմարանք
մը
ըլլալէ
առաջ։
Ու
Ալիշան
կը
գնէ
վերջին
վերագրումին
տրտմութիւնները
նախ
իր
հաշուոյն,
ապա
գործին
որ
պատկառելի
է
դարձեալ,
խռովք
է
ու
գեղեցկութիւն,
իր
զանազանութեամբը։
Եթէ
արեւմտահայ
գրականութեան
պատմութիւնը
ստիպուած
չէ
այդ
արդիւնքին
ամբողջական
կշիռին
լայն
ընելու
իր
նեղ
սահմանները,
ու
անպատճառ
իր
էջերը
նուիրելու
պատմական,
բանասիրական,
գիտական,
հաւաքչական
շատ
ընդարձակ
այդ
հետաքրքրութեանց
հանդէսին
վերլուծումին
տեսակ
մը
պարկեշտ
յանձնառութեան
տակ
կը
զգայ
ինքզինքը
սակայն,
զուտ
գրականութենէն
դուրս
այս
զբաղանքներէն
ներս
հաստատելու
կարկառուն
այն
քանի
մը
յատկութիւնները
որոնք
գրագէտը
կ՚որոշադրեն,
հոգ
չէ
թէ
վնասելով
իրեն։
Այսպէս
իր
Յուշիկները
ծանր
կերպով
կը
տառապին
այդ
հայրենագիտութենէն։
Պատմական
մեծ
կառոյցներուն
մէջ
հայրենապաշտութիւնը
կը
ստեղծէ
մշուշ
ու
բնականէ
հեռացում։
Մարդերու
յօրինումը
(Շնորհալի
եւ
Պարագայ
իւր)
կ՚ենթարկուի
մասնակի
սա
տարփանքին
անպատեհութիւններուն։
Ու
իր
հայրենասիրական
քերթուածները
իրենց
լայն
անկեղծութեամբը
հազիւ
կը
փրկեն
ծիծաղելին
իր
պաշտամունքին։
Անտարակոյս
սա
կատաղի
կորովը,
սէրը
անհրաժեշտ
տարրեր
են
այդ
գործը
ներսէն
սնուցանող։
Ի՜մ
ջա՞նքս,
ստիպուած
եմ
խոստովանելու,
կը
սահմանուի
բանաստեղծ,
վիպող,
պատմող
Ալիշանի
վերլուծումին,
կարելի
ամփոփութեամբ,
քանի
որ
ծանր
ու
ծանալուն
գործերու
դիմաց
վտանգը
ունի
գոյութիւն
հանգիտութիւններ,
հակադրութիւն.
մէջ
շահագործելու:
Բայց
պիտի
չզլանամ՝
կարելի
նշմարանքներ
ալ
թելադրել
գործէն
այն
մասին,
շուրջ
որ
գեղեցիկ
դպրութիւնները
չունեցաւ
իրեն
զսպանակ։
ԴԺուար
չէ
զուտ–գրականին
եւ
ոչ-գրականին
իբրեւ
միջին
ընդունիլ
ուրիշ
եղանակ
մը
ստեղծագործ
աշխատանքի
որ
Ալիշանի
երիտասարդութեան
հազիւ
ուրուագրուող,
մեր
օրերուն
հասած
է
տիրական
փառքի,
պարբերագիրքերու
ծաւալումին
զուգահեռ
ու
հաւանաբար
արդիւնք
իմացական
հետաքրքրութեանց
ընդարձակման,
լայն
խաւերու
հասցնելու
համար
այժմէութիւնն
ու
կիրքը
մեր
ժամանակները
յուզող
հրատարապ
հարցերուն,
գրականութենէ,
քաղաքականութենէ,
պատմութենէ,
գիտութենէ,
իմաստասիրութենէ,
քանի
մը
գլխաւոր
կրթանքներ
եթէ
ուզենք
անուանել:
Ատիկա
եւրոպացիներուն
essaisէ.
մեր
մէջ
դեռ
համապատասխան
մշակում
մը
չպարզող
(բառն
իսկ
չենք
հայացուցած,
փորձը
անկարող
է
սեռին
նկարագիրը
պարտադրելու)։
Ալիշան,
անշուշտ
երբ
աւելի
քան
կես
դար
Բազմավէպի
մէջ
կը
ստորագրէ
դիմառնութիւններ,
դամբանականներ,
ներբողներ,
բուն
քննադատութիւնը՝
յիշեցնող
ուսումնասիրութիւններ,
կը
փորձէ
1850ի
նորոյթը
փոխադրել
մեր
գրականութեան
մէջ։
Ահա
ձեզի
քանի
մը
վերնագիրներ,
որոնց
տակ
լման
կէս
դար
այս
պենետիկտէնը
հաստատ
հմտութիւն,
քաղցր
զգայնութիւն,
զօրաւոր
հայրենասիրութիւն,
բանաստեղծական
աւիւն
ու
հնագիտական
հետաքրքրութիւններ
իրարու
խառնած
է
յաճախ
գրաբար,
երբեմն
աշխարհիկ
բարբառով
մը։
Շատ
նեղութեան
մէջ
չենք
հասկնալու
համար
այս
յօդուածները
թելադրող
հոգեվիճակը։
Հանգիստ
Հ.
Արսէնի
Կ.
Բագրատունւոյ,
նորոյ
քերթողահօր
(1866),
Աւետիք
Պաղտասարեան,
ընթերցող
Տիգրանակերտցի
(1897,
յաջորդական
զոյգ
թիւերու
մէջ),
Լուր
եւ
տես
Հայաստանի
(1850–51,
չորս
թիւերու
վրայ
բաշխուած),
Եղծ
կարծեաց
անմիաբանութեան
Հայոց
(1843),
Դրուատանք
ի
բարերարս
եւ
ի
սատարս
եւ
ի
հետեւողս
իմաստութեան
Ազգիս
Հայաստանեացս
(18
16,
ետեւի
թիւ),
Ներբող
յիմաստուն
եւ
ի
սուրբ
թարգմանիչս
Հայոց
(1847,
երեք
թիւ),
Տեսութիւն
ի
գանձ
լեզուին
Հայոց
կամ
ի
Ստեփանին
Բառարան
(1852),
Յետին
բանք
առ
աւարտավարժ
աշակերտս
Ռափայէլեան
վարժարանի,
ի
յուղարկելն
զնոսա
ի
հայրենիս
(1848),
Սուրբ
Սիմէոն
ճգնաւոր
եւ
սարկաւագ
հայկազն
(1884),
Ազգասիրութիւն
(1849),
եւ
տակաւին
ուրիշներ։
Այս
խորագիրներուն
թելադրած
հետաքքրքրութիւնները
մեր
մտքին
մէջ
կը
յաջողի՞ն
ուրուագրել
Ալիշանի
իմացականութեան
ընդհանուր
նկարագիրը,
որ
տիրական
ծարաւը
պիտի
կազմէ
իր
օրերուն։
—
Կ՚ենթադրեմ։
Բոլորն
ալ
Բազմավէպի
մէջ
լոյս
տեսած,
չարժանացան
հատորի
բախտին,
գուցէ
իրենց
առօրեային
ճնշումովը:
Ես
յիշատակութիւնը
կ՚ընեմ
անոր
գործին
մէջ
սա
երակին`
ոչ
անշուշտ
անոր
կարեւորութիւնը
ծանրօրէն
արժեւորելու
համար
անոր
ընդհանուր
վաստակին
մէջ,
այլ
հեռուէ
հեռու
զգացնելու
համար
մտքին
ընդարձակութիւնը
ու
հարկադրեալ
քիչ-խորութիւնը։
Մարդկային
իմացականութիւնն
ալ
սահման
մը
ունի:
Ներելի՞`
այդ
ձեւ
գրականութեան
մը
մէջ
արեւմտահայ
գրական
քրոնիկին,
խմբագրականին,
բանասիրականին
նախաճաշակը
ճանչնալ:
Թերեւս։
Ալիշանի
գործին
վերլուծումը
այս
essaisներով
չի
զբաղիր
ասկէ
աւելի:
Մեծ
կառոյցները
—
մասնաւորաբար
Յուշիկները
—
այդ
թէքնիքը
պիտի
գործադրեն
լայնաշունչ
կտորներու
վրայ,
գրական
շեշտ
փառասիրութեամբ
մը։
Ալիշան,
իր
դպրոցին
բոլոր
գրողներուն
նման,
պիտի
ընէ
իր
սկիզբը
բանաստեղծութիւններով
(իր
արձակները,
1850էն
առաջ
նկարագրի
չհասած
գրութիւններ
են),
որոնք
տարօրինակ
պատկերը
կ՚ընծայեն
միակտուր
ծնունդի
մը,
առանց
աճման,
զգացման
կամ
տկարացման։
Նուագք
ընդհանուր
անունին
տակ
խմբուելէ
առաջ
անոնցմէ
շատերը
լոյս
տեսան
Բազմավէպի
մէջ։
Հինգ
հատորներու
վրայ
բաշխուած
այս
քերթողական
վաստակը,
1858էն
ասդին
չէ
կրած
յաւելում։
Ասիկա
մի
մոռնաք.
1901ին
Վահան
Թէքէեան
կը
հրատարակէ
Հոգերը,
1945ին՝
Տաղարանը,
եր
կուքն
ալ
քերթուած։
Մի
մոռնաք
այս
փաստն
ալ։
Նուագք
շարքին
մէջ
խորք,
ձեւ
կը
մնան
ուշագրաւ
1850ական
թուականներէն
(Հայրունիին
մէկ
մասը
միայն
լեզուական
զգեստ
կը
փոխէ),
այդ
օրերուն
լիուլի
բաւ՝
լաստակերտելու
անոր
համբաւը
որուն
գլխաւոր
բաղադրիչը
երկար
ատեն,
ըստ
հասարակաց
դատաստանին,
մուսաներու
արուեստը
կուտայ։
1900ին
Ալիշան
անկնճիռ
բանաստեղծ
մըն
էր.
ըսել
կ՚ուզեմ՝
իր
համբաւին
մէջ
ոչ
մէկ
ճեղքով
չտառապող։
Շրջում
մը
չէ
կատարած
անշուշտ,
կէս
դար
ետքը։
Ալիշան
չէ
աճած
իր
փառքին
մէջ
իբր
պատմաբան,
բայց
չէ
ալ
նուաղած։
Բանաստեղծը
իմ
փորձի
մէջ
պիտի
իյնայ
բաւարար,
նոյնիսկ
քիչ
մը
լայն
բռնուած
վերլուծման։
Ալիշանի
գործին
երկրորդ
մեծ
աշխարհը՝
պատմութիւնն
է
հայոց։
Բառին
պարտաւոր
էք
տալ
ընդարձակութիւն
մը
որ
անծանօթ
էր
մինչեւ
իր
օրերը,
ինչպէս՝
իմաստ
մը
որ
բացառիկ
է
դարձեալ:
Մեծածաւալ
ու
բազմերես
այս
վաստակը,
քննադատներ
ուզեցին
զետեղել
աւելի
յարմար
պիտակի
մը
տակ,
—
հայրեագիտութիւնը,
որ
թէ
եւ
աւելի
նուազ
գրական,
բայց
աւելի
հանգամանաւոր
ըլլալու
առաւելութիւնն
ունի։
Այսպէս
Սիսուան,
Արշալոյս
Քրիստոնէութեան
Հայոց,
Հայապատում,
Հայ
Վենետ,
Այրարատ,
Նշմարք
Հայկականք,
Յուշիկք
Հայրենեաց
Հայոց,
Շնորհալի
ու
պարագայ
իւր,
Շիրակ,
Սիսական,
Հին
Հաւատք
Հայոց,
Երկրագիտութիւն
եւ
Աշխարհագրութիւն
Հայաստանի,
մինակ
գիրքերու
անուններ
չեն
այլ
իրենց
կողքին
տակ
շտեմարանած
են
կարելի
ծանօթութիւններ,
այդ
անձերուն
ու
վայրերուն
հետ
մօտէն
ու
հեռուէն
աղերս
ընծայող
ամէն
փշուր,
ամէն
յիշատակ։
Ամէն
մէկ
հատոր
լիակատար
կառոյց
մըն
է,
մարդերու
շքեղ
հանդէսով
ինչպէս
կայքերու
մանրակրկիտ
ծանօթագրումով,
վճռական
պատկերացմամբ
մը
կացութեանց
ու
ապրումներու,
ծփանուտ՝
սակայն
ընդմէջ
հաստատ
գիտութեան
—
որուն
գետին
է
պաhած
հաատարիմ
մնալու
—
ու
հերարձակ
գրականութեան
մը
-
որմէ
չէ
կրցած
զերծել
իր
ոճը։
Ամէ՛ն
ինչ
որ
կարող
շահագրգռել
ծանօթութեանց
անշէջ
պապակէ
մը
տառապող
եւ
զանոնք
համբերատար,
մեթոտիկ,
սեւեռման
կապել
ձգտող
միտք
մը։
Միտք
մը
որուն
սլաքները
փառասիրած
են
թափանցումը
ընել
հողին
ընթերքին
ինչպէս
անոր
գերեզմանին,
պատմութեամբ
գոյաւոր
փառքերուն
թանձր
մշուշին։
Որ
իր
կալուածին
մէջ
կ՚առնէ
աւերակները,
յիշատակները,
դամբարանները
եւ
գիրքերը
ու
կ՚ենթարկէ
ամենախոր,
սպառիչ
պրպտումի
մը։
Բայց
ահա
տարօրինակը։
Ծանօթացման,
արձանագրութեան,
դասաւորման,
վերակազմումի
եւ
ոգեկոչական
կառուցումներու
սա
հսկայական
աշխատանքին
մէջ
մենք
կը
պաշարուինք
հակասական
զգայութիւններէ:
Այդ
ամէնը
գիտունի,
հաաքողի,
պրպտողի
կրթանք,
իր
գրչին
տակ
կը
ստանան
մասնակի
լինելութիւն
մը
որ
չի
պատշաճիր
անխառն
գիտունին
ինչպէս
անխառն
գրագէտին
բարեխառնության։
Տարօրինա՛կ։
Վասնզի
դիւրին
չէ
հաւասարակշիռ
մնալ
այս
հակասական
ապրումներուն,
հաւաքումներում
մշտական
յոյզերուն
ներսը:
Կայ
բան
մը
տարբեր,
ուրիշ,
որով
Սիսուանը,
օրինակի
համար,
հայոց
պատմութիւն
մը
ըլլալով
հանդերձ,
տեղագրական
չոր
տեղեկագիր
մը
կ՚ըլլայ
միեւնոյն
ատեն։
Հեղինակը
սա
առեղծուածին,
ապա
գովաբար
խառնուածքն
[1]
է
աշխատաւորին
որ
իբրեւ
իրական
մթնոլորտ
կ՚ընդգրկէ
այս
ամենը,
զայն
ենթարկելով
ընդհանուր
ջերմութեան
արեան
մը
գոյնին,
եթէ
կը
ներուի
նման
փոխաբերութիւն
մը։
Ինչ
որ
ալ
ըլլան,
այսօր
մեր
վերապահումները
այս
գործին`
անձնականութեամբ
քիչ
մը
շատ
ողողուած
վիճակին
դիմաց,
իրմէ
առաջ
ոչ
ոք՝
ու
իրմէ
վերջ,
մինչ
եւ
սա
տողերը
գրուած
պահուն,
չէ
գտած
սա
յորդութիւնը
նիւթին
ու
հարազատութեան
խորքէն
արթնցող
զգայութիւններուն։
Ստոյգ
պատմումը
-
այդպէս
պարտադրուած՝
աանդութեամբ—,
այնպէս
ինչպէս
անիկա
տարազէ
ու
հասկացողութիւն
մինչեւ
ԺԹ.
դարու
առաջին
քառորդը,
եւ
որ
չախորժիր
քննադատութեան
կասկածանքէն,
սպրդումներէն
եւ
վաւերական
դառնալու
համար՝
անհրաժեշտ
վերակազմումէն,
կործանումէն,
Ալիշան
գործադրած
է
հսկայ
մենագրութեանց
մէջ
որոնց
գումարը
հազարաւոր
էջերու
կը
հասնի։
Այս
պիտակին
տակ
—
ստոյգ
պատմում
—
դուք
տեսէք
մեծ
մեծ
կառոյցներ։
Բայց
կեցէք
վարանոտ
նաեւ
ուրիշներու
առջեւ
որոնք
դժուար
չէ
ազատ
պատմում
որակել,
մեր
օրերու
բառով
մը
վիպայնացած
(romance)
պատմումը,
Յուշիկներու
մէջ
մանաւանդ
որոնց
պատմական
հարազատութեան
հանդէպ
հեղինակին
տառապագին
պատկառանքը,
երկիւղած,
կրօնազգած
յարգանքը
թերեւս
գլխաւոր
ազդակը՝
որպէսզի
ստեղծումը,
այսինքն
միտքով
կեանքը
վերակազմելու
փորձութիւնն
ու
հրապոյրը
չօգտագործուին
փափաքելի
ազատութեամբ
մը։
Յուշիկներուն
մէջ
Ալիշան
կը
փորձէ
կեանք
ճարտարապետել,
նուաճել
երբ
մեր
պատմիչներուն
մօտ
չոր
արձանագրութիւն
մնացած
դէպքեր
կը
մշակէ,
կազմելու
համար
հոգեխառնութիւններ,
տռամաթիք
պահեր,
միամիտ
բայց
սիրտ
տանող
փաթեթիքով
մը,
բանաստեղծի
իր
հոգիէն
կաթիլ
կաթիլ
հաւաքուած։
Այս
յուզումի
տարրն
է
թերեւս
որ
կարդացուց
Յուշիկները
մեծ
ընդարձակութեամբ
սահմաններէ
ներս,
եւ
կազմեց
Ռաֆֆիէն
առաջ
հայ
հոգիի
յղացք
մը
խորը
սրտին
բոլոր
անոնց
որոնք
1860ին
վեր
էին
քսանէն,
կ՚ապրէին
շրջանի
ընտրանիին
անծակ,
երջանիկ,
ապազգային
իմաստութիւնը
(այդ
օրերում
մեր
ընտրանին,
կարդացողները
առհասարակ
Թուրք
պետութեան
գատրօներուն
մէջ
տեղաւորուած
ազատ–ասպարէզներու
վկայեալներն
էին
ու
հետեւաբար
քիչ
բացուած
ազգային
ոգիի),
բայց
որոնք
այդ
գիրքին
շնորհիւ
դարձան
իրենց
ցեղին
սրբազան
խորհուրդին.
մեծ
բառով
մը՝
Հայաստան:
Պատմաբան
ու
գրագէտին
սա
շնորհը
այնքան
հզօր
է
որ
իր
գիրքերէն
դուրս,
իր
անձին
ալ
ընդմէջէն
կը
մնայ
ներգործիչ։
Զարթօնքի
Սերունդին
ինչպէս
Ռոմանթիքներու
բոլորին
ալ
մօտը
դիտուած
սա
կատաղի
հայրենասիրութիւնը,
աւանդական,
պատմական
փառքերու
հանդէպ,
ու
թրթռագին
ընկալչութիւնը
ցեղային
խորհուրդին,
սխալ
չըլլար
անոր
դասերուն,
խօսքին,
անձին
իբրեւ
մէկ
երկարաձգումը
ընդունիլ
դէպի
համայն
հայութիւնը։
Զարթօնքը,
իր
Բարիզովը,
գիտապաշտ
ախորժակներովը,
նորապաշտ
կիրքերովը
չէ
կրցած
զերծ
ըլլալ
սա
կախարդական
աբբայով
թանձրացած
զգայութիւններու
հուրքէն։
Ուշագրա՞ւ,
նոյն
չափով,
միւս
ալ
իրողութիւնը
եւ
Արեւելահայ
գրականութիւնը,
տրամագծօրէն
հակադիր
ախորժակներու
հետամուտ
ու
իրագործմանց
ջանադիր,
իր
վաղագոյն
լրջանին
ազդուած
է
Ալիշանէն։
Մայր
Արաքսին
չէր
կրնար
գոյութիւն
ունենալ,
առանց
Հայրունիի։
Նահապետին
(Ալիշան)
երգերը
ոչ
միայն
ապրումի
պահեր
էին
1860ի
մարդոց,
այլեւ
հպարտութիւն,
փառք։
Տակաւին
կը
մնան
ստուար
հատորներ,
լոյս
տեսած
թէ
ձեռագիր,
գրականութեան
հետ
տարտամ
աղերսով
մը,
բայց
որոնց
վրայ
վատնուած
աշխատանքը
նկատի
կ՚առնեմ
նոյն
լրջութեամբ:
Մի
ըսէք
թէ
կը
զառածիմ,
երբ
կը
փորձեմ
գրող
մը
բարոյական
կողմերուն
արժեւորումը,
արդիւնքի
վրիպանք
մը
հակակշռելու
գուցէ
մեղապարտ
ցանկութիւններով։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
դեռ
դարու
մը
կեանքն
իսկ
չէ
ձգած
իր
ետին,
որպէսզի
ըլլայինք
ստիպուած,
երկար
դարերու
ժառանգութիւնները
տեղաւորելու
համար,
ընտրութիւններ
ընդունել,
ինչպէս
կ՚ընեն
բազմադարեան
գրականութիւնները,
կենալու
համար
անխառն
բացարձակ
արժէքներու
դիմաց:
Ալիշանի
գործը,
այսպէս
տեսարանելէ
վերջ,
իմ
վերլուծումը
կը
յատկացնեմ
գլխաւորաբար
երկու
մասերու։
Ատոնցմէ
մէկը՝
Բանաստեղծութիւնը։
Երկրորդը՝
Պատմութիւնը։
Հայրենագիտութիւնը
Համապատկերին
մէջ
կը
յիշուի
իբրեւ
ձգտում։
[1]
Մենք
ունինք
երկրորդ
նմոյշ
մը
այս
կարգէ
աշխատաւորի
մը,
Գարեգին
Սրուանձտեանց
անունով,
որուն
գործին
հանդէպ
կը
բանաձեւուին
նոյն
վերապահումները։