Դ.
ՀԱՄԱԴՐՈՒՄ
Երբ
կը
փորձեմ՝
վերջ
մը
դնել
սա
վերլուծումին,
կ՚այցուիմ՝
մէկէ
աւելի
հակամարտ
զգայութիւններէ,
զգացումներէ,
մտածումներէ։
Այս
վիճակը
ուրացուած,
նորափոյթ
ու
ատով
անհաղորդ,
կամ
քիչ
ծանօթ
աշխարհէ
մը
խօսող
գործ
է
մը
ծնունդ
չ՚առներ
իմ
մէջ։
Ալիշանի
աշխարհը,
եղանակը,
տաղանդին
ուժը
չունին
ոչ
մէկ
բացառիկ,
դժուարաթափանց
ծալքեր,
թափ:
Այդ
գործը
մեզ
չի
զարմացնել
իր
անակնկալներովը,
անսեւեռելիովը,
իր
յայտնաբերած
նորութիւններուն
փաստովը։
Անիկա
իբրեւ
տարածք,
իբրեւ
նուաճում,
իբրեւ
գործադրում
մանաւանդ
կ՚առթէ
մեզի
ծանր
պատկառանք։
Շփումի
գալը
այդ
աշխատանքին
հարազատ
ոգիին,
իմաստին`
բիւրաւոր
էջերու
թոհուբոհին
ընդմէջէն,
իսկապէս
փորձանք
մըն
է,
փորձարկութիւն
մը
նոյն
ատեն
ու
գրական
խղճմտանք
է
տագնապ
մը։
Տառապանք
մըն
է
այսօր
անոր
քերթողութիւնը։
Ուրիշ
տրտմութիւն՝
ձեռագիրներով
մեզի
թելադրուած
ահաւոր
աշխատանքը։
Ուրիշ
ցաւ՝
մեր
ժողովուրդի
անցեալին
վրայ
անկէ
եկած
լոյսին
սովորականութիւնը։
Ուրիշ
տռամա՝
մեր
լեզուին,
մատենագրութեան
հոլովոյթներուն
վրայ
այդ
վիթխարի
վաստակէն
եկած
իրաւ,
նոր
յաւելումին
դուզնաքի
կշիռը։
Ասոնք
ծանրութեամբ,
գրեթէ
արցունքով
ըսուած
խօսքեր
են։
Սէնթ-Պէօվ
հռչակաւոր
էջի
մը
մէջ
ֆրանսական
լեզուն
նմանցուցած
է
փառաւոր
գետի
մը
(ո՛չ՝
մեզի
ծանօթ
Գեղօնին
անիմաստ
անհունը,
որուն
ընթացքին
կը
դիտեն
իրենք
զիրենք
ֆրանսական
գրականութեան
դարերը,
իրենցմով
իրացած
գլուխգործոցներուն
արձաններովը
եղերապսակ։
Նմանութիւնը
կը
ներուի՞
արդեօք
օգտագործել,
այս
անգամ
ո՛չ`
փառքի
ու
հիացման
տուրքերու
իբրեւ
միջոց,
այլ
յիստակ
ընելու
համար
իմ
մէջ
վիճակը
որ
Ալիշանի
վաստակին
թելադրանքն
է,
երբ
ամիսներու
վրայ
քալող
վերլուծումը,
վերծանումի
աշխատանքը
վերջ
կը
գտնէ…։
Ինծի
այնպէս
կուգայ
թէ
հսկայական
անտառ
մըն
է
ան,
ոչ
անարեւ,
ոչ
անթափանց,
որպէսզի
անծանօթին,
նորին,
խորհրդաւորին
հրապոյրը,
վարձքը
մեզ
մղէին
դէպի
իր
խորքերը։
Ուր
աչքը
կը
յաջողի
ամէն
բան
ընդգրկել,
իւրացնել
բայց
կ՚ընդզգայ
այս
սովորականէն
անդին
կարելի
բաժիններու,
մասերու
գոյութիւնը։
Ու
ինչպէս
է
երբեմն
պարագան
մեր
անտառներուն
ներսը.
հոն
ալ
բան
մը
—
դուք
ճշդեցէք
—
կեա՛նքը,
որ
կը
յօրինէ
ինքզինքը,
հազարումէկ
փշրանքներով։
Ջուրիկ
մը,
ծաղիկի
մը
ճօճքը
իր
մենաւոր
սիրոյն
մէջ,
տերեւներուն
լեզուն,
թռչուն
մը
որ
ծառի
մը
սիրտը
իբրեւ
պիտի
հոսի
իր
ձայնին
ընդմէջէն
ու ...
ամբաւ
իրականութիւնը
ապրումներուն։
Ալիշանին
գործին
մէջ
այս
փշուր
կենդանութիւնը
մինչեւ
այս
տողերը
գրուած
պահուն
չէ
յանգած
է։
…
Յստակութիւն,
ճշգրտութիւն,
նոյնիսկ
գեղեցկութիւն՝
այդ
անտառին
զանազան
կէտերուն,
խորշերուն,
թուփերուն,
գրեթէ
ինքնաստեղծ,
որոնք
կը
վարձատրեն
քու
թափառումիդ
յոգնութիւնը։
Աւելի
յաճախ
զանգուածայինը,
մեծղին՝
որ
կը
տիրապետէ,
թելադրելով
ծանր
տագնապը
ամէն
մթերումի։
Երբեմն
տեսակ
մը
վախ,
երբեմն
ստրջանք,
երբեմն
գորովանք
ու
հպարտութիւն
կ՚անցնին
փոփոխակի
քու
հոգիէդ
ու
չես
կրնար
այս
ուրուային
տպաւորութիւնները
տեղականացնել:
Օրի,
ժամանակի
զգայութիւնը
այդ
արշաւ
ընթացքին
կը
լքէ
քեզ։
Երկրամասերէ
երկրամաս
անցնողի
յստակ
գիտակցութիւն
մը ...:
Ոչ
մէկ
գրողի
հետ,
մեր
մէջ,
մեզի
տրուած
է
ունենալ
սա
կարգէ
գրեթէ
նիւթական
զգայութիւններ։
Անկարելի
է
չհամակուիլ
զգայնութեան
խորունկ,
իրաւ
սա
հեղեղին
հրապոյրէն,
թափէն,
այդ
գործին
առաջին
էջէն
մինչեւ
վերջինը
տիրաբար,
մշտապէս
հոսող,
տեսակ
մը
կեանք,
կանաչութիւն,
մասնաւորում
պարգեւելով
ամենէն
հեռու,
անբեր
խորշերուն
ներսն
իսկ։
Այդ
յուզման
իրականութիւնը,
գրագէտի
մը
մօտ
միայն
հաստատելի,
չէ
պակսած
սա
մարդուն
ամենէն
աննշան
մէկ
նշմարին
ծոցն
անգամ։
Աղբիւրի
մը
անունը,
տեղագրական
չոր,
անարուեստ
ուսումնասիրութեան
մը
մէկ
կէտին,
տեսակ
մը
յուզում
կ՚ըլլայ,
չըսելու
համար
գրական
սարսուռ
մը
—
այնքան
այս
պարզամիտ
աշխատաւորը
իր
գործը
վերածած
է
ներքին
ապրումի։
Ուրիշներ,
միշտ
գրագէտ,
պիսի
հսկէին
իրենց
վիճակներուն,
պիտի
մտածէին
իրենց
տուածին,
մանաւանդ
կշռէին
իրենց
ըրածը։
Ալիշան
չէ
իսկ
յիշած
ինքզինքը,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
չէ
խորհած
իր
մէջ
գրագէտին,
ոչ
մէկ
անգամ,
նոյնիսկ
երբ
բոցաճաճանչ
իր
քերթուածները
գրելու
ատեն
հայրենիքի
ոգին,
մուսաները
իրեն
օգնութեան
կը
կանչէր,
նոյնիսկ
երբ
Սիսուանին
վիթխարի
շէնքը
կը
լաստակերտէր:
Ու
ասիկա
բացառիկ
է։
Գրական
նանրամտութեան
պակասը
պարկեշտութիւն
մըն
է,
պարտք
մը,
երբեք`
տաղանդի
փաստ
մը։
Բայց
գրականութիւնը
այլամերժօրէն
պարտքի,
պարտականութեան,
աղօթքի՝
ըսելս
կուգայ,
հանդէս
մը
ընդունելը,
ուրիշ
հոգեխառնութիւն:
Հեղեղ
մըն
էր։
Ու
հեղեղին
դերը՝
վազելը,
կանաչցնելը։
Ու
այդքան։
Թերեւս
այս
հաւաստումը
մաս
մը
բան
կարող
է
բացատրելի
ընել:
Տագնապը
Ալիշանի
գործին
մէջ,
մեր
օրերու
ընթերցողին,
դատող
իր
համար,
տագնապն
է
անճրկումի
մը
որ
առաջ
կուգայ
մեր
ներսը,
երբ
այսքան
շքեղ
զգայնութիւն
մը,
այսքան
բացարձակ
աշխատանքի
փաստեր,
այսքան
լայն
մթերք
նախանիւթէ
կը
մնան
անբաւարար
իրենց
տէրը,
գործադիչը
ազատագրելու։
Խորհեցէք
պարկեշտ
հոգիով
ու
մի
ծամծմէք
բառերը:
Կշռեցէք
եզակի
քերթողին
առասպելական
փառքը
Նուագքներուն
նժարին
մէջ։
Ու
պիտի
գտնէք
որ
այդ
քերթուածները
կրնային
գրուիլ
միջակ
կրթութեամբ
ոեւէ
գրաբարի
ուսուցիչէ
մը։
Ունինք
Օրմանեանին,
Գարագաշին,
Թէրզեանին,
Սէթեանին,
Աճէմեանին
ոտանաւորները,
գրաբար
ու
աշխարհաբար,
բայց
մտքէ
չանցուցինք
գէթ
այժմ
չեք
անցըներ
այդ
անուններուն
ետին
իրաւ
բանաստեղծ
մը...
ընդունիլ:
Խորհեցէք
պարկեշտ
հոգիով ...
ու
մի
ծամծմէք
բառերը։
Կշռեցէք
իրական
արժէքը
պատմիչ
–
վիպասանին,
նոյնիսկ
կիսկատար
արժէքներուն
հետ
բաղդատելով
Ծերենցին,
Ռաֆֆին
որոնց
պատմական
վէպերը
մտքէ
չանցուցինք
եզակի
փառքերու
առաջնորդել:
Ու
ասիկա
այսպէս
Ալիշանէն
փորձուած
որեւէ
գրական
սեռի
համար
առաւել
քան
երբեք
այսօր
իրաւ
է
մեր
ներքին
խղճմտանքին
մէջ։
Խորհեցէք
միշտ
պարկեշտ
միտքով
ու
մի
ծամծմէք
բառերը,
երբ
աչքէ
կ՚անցընէք
Սիսուանը
օրինակի
համար,
հաւաքուած
մթերք
է,
անդին
նայող
տրամադրութեամբ
մը։
Այո,
աշխատանքը
տպաւորիչ
է
որքան
վիթխարի։
Բայց
Լեւոն
Մեծագո՞րծը։
Ալիշանի
պարագան
գրական
ըլլալէ
առաջ
ազգային
տագնապ
մըն
է։
Բայց
գրականութեան
համապատկեր
մը
իր
ուղղութիւնը
(directif)
կ՚առնէ
առաւելաբար
գրական
արդիւնքներէ։
Ի՞նչպէս
արդար
ըլլալ
կարենալ՝
որակելու
համար
այդ
զգայնութիւնը
որ
հաղորդական
էր,
աւելի
քան
կես
դար,
ամենէն
չոր
միտքերէ
մինչեւ
ամենէն
սկեպտիկ
գրողները
առնելու
աստիճան
իր
ջերմութեան,
իրաւութեան
մէջ,
բանալով
բոլորին
ալ
ներսը
աչքերը
հարիւրաւոր
տարիներէ
ի
վեր
լռած
բխումներուն,
հայրենիքի
սէրէն,
ասոր
փառքէն
ուծացած,
պարպուած
ու
գերութեան
մէջ
կարծրացած,
այլասերած
մեր
ժողովուրդին
ամենէն
ընդունակ
զաւկըներուն։
Դուք
գիտէք
որ
լման
երկու
սերունդ
խմեց
այդ
գիրքերը
ու
չկշտացաւ,
այնքան
անոնք
իրաւ,
տեղին,
ատենին
կ՚իյնային
ծարաւահիւծ
սիրտերու
խորը։
Եւ
սակայն
մեր
բանաստեղծութիւնը
անկէ
չէ
ժառանգած
ոչ
մէկ
անվերածելի
փառք,
գեղեցկութիւն։
Մեր
վէպը՝
նոյնպէս:
Մեր
պատմութիւնը՝
նոյնպէս։
Ու
այս
իրողութիւնը
աւելի
քան
իրաւ
է,
որքան
իրաւ
էր
Ալիշանի
զգայնութեան
համատարած
փառքը,
փաստը։
Ի՜նչպէս
կարենալ
արդար
մնալ՝
տարազելու
համար
խորունկ,
տաք,
սիրաւէտ
քաղցր
այն
հոգեվիճակը
որ
բարեխառնութիւնն
է,
որ
բառով
մը`
մթնոլորտը
բիւրաւոր
այդ
էջերուն։
Ամեն
է
տարապարտ,
ապազգայնացած
մեղքն
իսկ
գորովանքի
կը
մղուի
սիրոյ,
հաւատքի,
անձանձիր
աշխատանքի
անսահման
սա
համանուագին
դիմաց,
ճիղճ
ու
կտոր
մարմնի
ճարուած ...:
Բայց
նոյնքան
իրաւ
է
գրեթէ
արտասուահեղձ
վիճակը
որուն
մէջ
ինքզինքը
սպառած
կը
զգայ
ամէն
հայ,
գիտակցութեան
անդրանիկ
տարիներուն,
երբ
կ՚աւարտէ
Յուշիկքներուն
հատորը։
Ալիշանի
վաստակը
-
իբր
ամբողջութիւն
--
այս
կարգէ
մտածումներու,
զգայութիւններու
մշտավառ
հանդէս
մըն
է,
անաւարտ,
հակասական,
խնդրական,
բայց
պատկառելի,
բայց
սխրալի,
նոյնիսկ
երկունքէն
դար
մը
վերջը,
պայմանաւ
որ
արուեստի
նոր,
յաւակնոտ
հանգանակներ
իր
եւ
մեր
զգայնութեանց
միջեւ
արուեստական
պատուարներ
չյօրինեն։
Մանաւանդ
պայմանաւ
որ
այդ
վաստակին
ետին
չգտնե՞նք
ինչ
որ
մեր
օրերու
հրամայականները
[1]
բռնօրէն
կը
պահանջեն
մեզմէ։
Ըրեր
եմ,
կանխող
էջերու
ընթացքին,
իմ
բոլոր
վերապահումները
այդ
գործին
անբաւարարութեան,
վրիպանքներուն,
մեռեալ
մասերուն
հանդէպ։
Թերեւս
աւելին
չէր
ներուեր
ինծիր,
այն
պարզ
պատճառով
որ
գիտուն
մը,
մասնագէտ
մը
չէի
Ալիշանին
գործին
ամենէն
տիրական
կողմերուն
համար:
Բայց
Համապատկերը
հանդիսարան
մըն
է
գրական
արժէքներու,
մի
մոռնաք
ասիկա։
Անոր
համար
է
որ
անոր
հեղինակը
ինքզինքը
չի
նեղեր
երբ
իր
մտածողութեան
կուտայ
ընթացք,
առանց
ազդուելու
աջէն
ու
ձախէն։
Ես
դատեցի,
ուրեմն,
այդ
գործին
գրական
մասը,
ամբողջական
ձեռնհասութեամբ
մը։
Ըսի
այդ
գործին
պատմական
մասին
վրայ
իմ
լայն
վերապահումները
ինչպէս
համակրագին
զգացումներս,
երբ
կար
առիթ
այն
զգացումներուն
գոյաւորման։
Մնացածը
դուրս
է
իմ
ձեռնհասութենէն։
Այս
ամէնը`
Ալիշանին
բացարձակ
ու
քեզ
փառքէն
կէս
դար
յետոյ:
Գոցուող
գերեզմանը
ուխտատեղի
մըն
է,
տակաւին
այսօր,
երբ
կը
գրուին
այս
տողերը,
նման
բոլոր
ուխտատեղիներուն,
որոնց
պահապան
սուրբը
փոշիացած
է
շատոնց։
Կրնայ
ըլլալ
որ
ընկրկումի
սա
միջոցը
(recul)
չըլլայ
բաւարար
չափով
ազատագրուած
ամէն
փառքի
ընկերացող
հակազդեցության
[2]
անխուսափելի
խռուցքներէն։
Ժամանակը
երբեմն
կոչ
կ՚ընէ,
երբեմն
ալ
կը
կարծրացնէ։
Չծածկեցի
իմ
մտածողութեան
տագնապը
ամէն
անգամ
որ
Ալիշանի
գործը
տեսայ
ժամանակին
սնոտիքովը,
զարդովը,
շփացումներով
պարարուած,
կնիքին
տակը`
հազարումէկ
չնչին
նկատումներու,
խուլ
փառասիրանքի,
անհակակշիռ
զիջումներու,
ինչպէս
կ՚ընենք
ամէնքս,
մեր
կարգին
է,
երբ
կ՚աճապարենք,
մեր
ընելիքին
հսկայ
մթերքէն
բռնավար.
չենք
հսկեր
զմեզ,
ընդդէմ
փորձութեան
հովերուն,
վստահելով
մեր
վարկին
ու
խակ
խակ
կը
թխմենք
արձակն
ու
ոտանաւորը
երբ
կ՚ուզուին,
կ՚աղաչուին
մեզմէ
ասոնք։
Անշուշտ
յստակ
է
իմ
ակնարկութիւնը։
Այս
պայմաններուն
տակ
է
ստեղծուած
Ալիշանի
քերթողութիւնը:
Չեմ
դառնար
ետ։
Չծածկեցի
իմ
մտածումը,
դարձեալ
առանց
վերապահութեան,
Ալիշանի
պատմական
վաստակին
վրայ,
որ
չի
նմանիր
բանաստեղծականին։
Այս
վերջինը
ներքին
ծնունդ
մը
չէ,
թէեւ
կը
թուի
ըլլալ
ատիկա,
այլ
է
պայմաններու,
ժամանակի,
պատրանքներու
աւելի
կամ
նուազ
գիտակցուած
տուրք
մը։
Պատմութիւնը
Ալիշանին
հոգին
է
ու
մարմինը։
Որուն,
եթէ
ուրացայ
նորոգման
զգայարանք
մը,
նորութիւններու
հորիզոն
մը,
մեր
ժողովուրդին
աշխարհն
ու
պատմութիւնը
հարազատօրէն
մեզի
բերել
էր
նախ
արժանիք
մը,
միւս
կողմէն`
լոյսին
հանեցի
Ալիշանի
խորագոյն,
ազնուական,
արդար
ալ
ձգտումը,
իր
գրականութեան
բանալին
տուող
զգացական
այն
վիճակը
որով
իր
սերունդին
կարապետը,
ախոյեանը
կը
դառնայ
այդ
պատուական
աբբան։
Այս
մարդը
քահանայ
մըն
էր
գրագէտ
ըլլալէ
առաջ,
ուսուցիչ
մըն
էր
բանաստեղծ
ըլլալէ
առաջ։
Հայրենասէր
մըն
էր
պատմիչ
ըլլալէ
առաջ։
Ու
իր
գործը
երկնուած
է
այս
խոշոր
որքան
խորունկ
ձգտումներուն
հրայրքին
մէջէն։
Ու
անիկա
չէր
կրնար
բացառութիւն
կազմել
ճակատագրին
մէջը
բոլոր
նման
աշխատաւորներուն։
Կը
կերակրում
էինք
անոնցմով։
Կը
մեծնանք
անոնցմով։
Կը
զօրանանք
անոնցմով
եւ…
կը
մոռնանք
զիրենք,
ինչպէս
կը
մոռնանք
մեր
ծնողքը։
Մարդկայի՞ն
է
ասիկա։
-
Գրեթէ,
աւա՜ղ,
ուզենք
կամ՝
չուզենք։
[1]
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
իր
հոլովոյթը
աւարտած
գործունէութիւն
մըն
է
եւ
հետեւաբար
մօտ
է
օրը
երբ
պիտի
իյնայ
վերջնական
գնահատման:
Ատիկա
գործը
չի
կրնար
ըլլալ
արդէն
իսկ
ուժասպառ,
այսպէս
ծանր
ձեռնարկի
մը
համար
անընդունակ
սփիւռքին։
Ու
կը
մտածեմ
անոնց
որոնք
պիտի
ստանձնեն
այդ
պարտականութիւնը։
Մենք,
արեւմտահայ
դատողներս,
կշռեցինք
մեր
տասնըիններորդ
դարը,
մեր
կշիռներով:
Կը
հաւատանք
թէ
այդ
դարուն,
արեւմտահայ
միտքը
մեր
հաւաքական
հարստութեան
թանգարանին
ձգած
է
բազմաթիւ
արժանաւոր
գործեր,
ինչպէս
կը
մերժենք,
այդ
թանգարանէն
դուրս
վտարելով
ուրիշ
կեղծ
կամ
սխալ
ճանչցուած
փառքեր։
Ալիշան,
այս
տողերը
գրուելէն
կէս
դար
յետոյ,
Տէրոյե՞նց
մըն
է
թէ
կենդանի
խորհրդանշան
մը։
Երեւան
անոր
անունով
դպրոց
մը,
հնագիտական
թանգարանին
մէջ
յարկաբաժին
մը
պիտի
արտօնէ՞ր
որ
բարձրանար,
ինչպէս
1932ին
այնքան
յատկանշական
ձեւով
մը
այդ
մարդիկը
ուզեցին
Յ.
Պարոնեանին
մեծադիր
արձանը
Երեւանի
ամենէն
բանուկ
պուլվարներէն
մէկուն։
Երեւան
միջակ,
անվաւեր
գործեր
(օրինակ՝
Տէմիրճեանի
Վարդանանքը)
երբ
կը
հանդուրժէ
այսօր,
կէս
դար
յետոյ
պիտի
ըլլա՞յ
արդար,
գէթ
Սիսուանին
ետին
գտնելու
անհուն
սիրով
վառուած
հայրենապաշտ
Ալիշանը:
Հարցո՜ւմ:
[2]
Գիտնալու
էք
թէ
ինչ
կատաղութեամբ
մենք
կը
կործանենք
մեր
փառքերը
եթէ
երբեք
անոնց
յիշատակարաններուն
ներսը
զգանք
փխրունին,
անվաւերին,
առնուազն՝
քիչ
արժանաւորին
ներկայութիւնը։
Մարդիկ
լման
կէս
դար
չարաչար
յոգնած
էին
Վ.
Հիւկոյին
փառքէն։
Իջաւ
հող
փառապսակ
ծերունին
ու
տասը
տարի
վերջը
ազգային
այդ
հերոսէն
—
գրականութիւններն
ալ
ունին
անոնցմէ
—
ոչի՜նչ՝
որ
չըլլար
դատափետուած,
չնետուած
ոտքի
կոխան։
Վերափա՞ռքը։
Անշուշտ.
Ու
այդ
աշխատանքը
գործն
է
անոնց
որոնք
չեն
յոգնած,
տառապած
Հիւկոյի
փառքէն։
Ուրուացած
այդ
գործէն
մարդիկ
պիտի
գտնեն
կտորներ։
Գիտնալու
էք,
նմանապէս,
թէ
ինչ
անգթութեամբ
այդ
փառքերը,
երբ
իրական
են,
կը
դիմանան
բոլոր
ուրացումներուն
ու
կը
գտնեն
իրենց
վերջնական
հասարակշռութիւնը,
անցնելէ
վերջ
երկու
երեք
սերունդի
զգայական
եւ
իմացական
փորձառութեան։
Քրիստոսի
2000
թուականին
մեր
թոռնորդիները
պիտի
գտնե՞ն
Նուագքներուն
մէջ
ինչ
որ
ըսի
թէ
մենք
չէինք
գտած։
Ուրիշ
խօսքով՝
Ալիշանի
բանաստեղծութիւնը
պիտի
ըլլայ
հանդուրժելի,
այնչափով՝
որչափով
որ
կը
հանդուրժենք
Շնորհալիի
Բանք
չափաւը,
Երեմիա
Քէօմիւրճեանի
տաղերը,
կաֆաները։