Գ.
ԹԱՏԵՐԱԳԻՐԸ
Թատերագիր
[1]
Պէշիկթաշլեանի
վրայ
ամփոփ
խօսքերէ
վերջը,
կը
մօտենամ
Պէշիկթաշլեան
խորհրդանշանին,
այսինքն
կը
բանամ
խորհրդանշանին
թելադրանքներէն
հիմնականները։
Երբեմն
մենք
վերլուծումով
կը
պարզենք
խորհրդանշանները:
Երբեմն
համադրումը
կը
գործածենք,
խորհրդանշաններէն
բարձրանալու
համար
սերունդներու
մտատեսումին։
Կանխող
էջերը
ձեզի
տուին
այս
գործողութիւններէն
ճաշակ։
Անոնցմէ
վերջ
Պէշիկթաշլեան
խորհրդանշանը
կը
մնայ
ինքզինքը
իրագործած,
իր
համբաւը
լայնօրէն
արդարացուցած,
գնած,
իր
դերովը,
արդիւնքներովը
մեր
սրտաբուխ
երախտագիտութիւնը
շահած,
իր
նկարագրին
քաղցրութեամբը
ու
իր
ճակատագրին
ահաւոր
դառնութեամբը
մեր
սխրանքը,
համակրանքը,
հիացումը
ու
յուզումը
ընդմիշտ
իր
յիշատակին
ապահոված
անմոռանալի,
նուիրական
դէմք
մը։
Ուրիշ
ժողովուրդներու
մօտ
նման
հանգամանքներու
հանգոյց
անուն
մը
թերեւս
արժանանար
մեծութեան
վարկի
մը,
բայց
գիտեմ
թէ
դեռ
ժամանակը
թեթեւ
է
այդ
յիշատակին
վրայ:
Մենք
չունեցանք,
չունինք
անհրաժեշտ
լայնութիւնը,
խաղաղութիւնը
մեր
մեծ
անձնաւորութիւնները
լուսաւորելու,
բիւրեղացնելու
(գէշ
բառով
մը)։
Խռովքի,
տագնապի,
հսկայական
յեղաշրջումներու,
իրարմէ
ահաւոր
պատրանքներու
շառայլը
բռներ
կեցեր
է
վերջին
կէս
դարը
մեր
պատմութեան,
ու
կ՚ընէ
մեր
հիացումէն,
սփոփումէն
հեռու,
արգիլուած
անոր
դամբարանն
անգամ:
Իմ
տողերը
կը
ձգտէին,
կանխող
բոլոր
էջերուն,
շեշտել
անոր
գործին
ստեղծած
շքեղ
խանդավառութիւնը
որ
դեռ
չէ
հանգչած
կարգ
մը
սրտերէ
ներս։
Կը
ձգտէին
արժեւորել
այն
թէ
եւ
քիչ
բայց
անգին
գեղեցկութիւնները
որոնք
ընդմիշտ
շահուած
են
Հայաստանեայց
գրականութեան
դարաւոր
սրբարանին
(անգամ
մըն
ալ
կը
հրաւիրեմ
որ
մոռնաք
այդ
գործէն
ձախողանքին
արատը,
զայն
ընդունելով
մարդկեղէն
չարիք
մը,
բռնահարկ
մը
որ
դարձեալ
կը
գտնէ
որոշ
չքմեղանք
երբ
տեսնել
հաճիք
զայն
ծնունդ`
ազնուական
զգացումներու։
Ո՞րն
հեղինակը,
մանաւանդ
բանաստեղծ,
որ
Պէշիկթաշլեանին
չափ
ըլլայ
գոհացուցած
իր
ժամանակը,
իր
անձին
վնասովը
նոյնիսկ
ու
մնացած
ըլլայ
անպատիժ։
Կը
թարմացնեմ
կսկծագին
օրինակը
Սիամանթոյին
որ
քսաներորդ
դարու
Պէշիկթաշլեանի
մը
խռովիչ
համբաւը
պտտցուց
իր
ետեւէն
եւ
դիմաւորած
նոյն
պատուհասումը)։
Ես
ինծի
կը
ներեմ
այդ
մարդէն
մեզի
ժառանգ
մնացած
յաջողուածքին
մէջ
ողջնցնել
նախ
իր,
ապա՝
մեր
հաշւոյն
մեր
ժողովուրդին
խորագոյն
արժէքները,
փափկութիւն
ու
շնորհ,
քաղցրութիւն
ու
եղերականութիւն,
մեր
ճակտի
գիրին
մեծ
նշանները:
Մօտ
դար
մը
կը
կենայ
ընդմէջ
մեր
եւ
Պէշիկթաշլեանով
պայմանաւոր
հոգեխառնութեան,
ձգտումներուն,
կարճ՝
այն
հոգեբանութեան
որով
սիրեցինք
որակել,
հասկնալ,
տեսնել
ու
արժեւորել
մեր
նոր
պատմութեան
ամենէն
ուշագրաւ
որքան
դժբախտ
երեւոյթը,
մեր
Զարթօնքը:
Մինչեւ
առաջին
մեծ
պատերազմը
մեր
ժողովուրդը
անդադար
ինքզինքը
նետեց
այդ
Զարթօնքի
վառարանին:
Հողմացրիւ
սփիւռքը,
երկու
պատերազմներու
միջեւ,
անշուշտ
փոքրոգութիւն
պիտի
ըլլար
ձգել
իր
ուրացումներուն,
կործանումին
հեշտանքին,
երբ
այնքան
անհրաժեշտ
է
«ի
ստուերս
մահու
նստողաց»
խօսիլ
գեղեցկութենէ,
լոյսէ,
հաւատքէ։
Գիտեմ
թէ
այս
կարգի
խորհրդանիշ
անձեր,
հանգանակներ
ծանր
սեւեռումներու
գինն
են
միշտ։
Ու
ժամանակը
քիչ`
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեանի
յիշատակին
վրայ։
Բայց
բաւական՝
որպէսզի
հիմնական
իր
գիծերուն
հէնքովը
մեզի
դառնայ
հասկանալի
արեւմտահայ
գրականութիւն
որակուած
ընդարձակ
զոհաբերումը,
հաւատայեղց
աշխատանքը,
մեր
պատմութիւնը
սրբագրելու,
նորոգելու,
մեր
դարաւոր
վրիպանքը
մաքրելու
արարքներուն
մէջ,
այդ
գրականութեան
մշակներուն
—
միշտ
արժանաւորները
ունեցէք
նկատի,
միջակները
նետելու
եւ
ապայժմէ
վտարելու
պարկեշտ
նախանձախնդրութեամբ
—
ցոյց
տուած
նոյնքան
ընդարձակ,
առատ
տաղանդը
ու
ասոր
շնորհիւ
իրագործուած
փաստերուն
դերը,
Հայաստանեայց
աշխարհին
հաւաքական
հարստութեանց
կարգին։
Կը
հաւատամ
թէ
ուրացուած,
քիչ
հասկցուած
սա
ճիգը
մեր
միտքին,
—
արեւմտահայ
գրականութիւնը
—
վիրաւոր
ու
դժբախտ
գեղեցկութիւն,
Համապատկերին
յաջորդական
հատորներուն
մէջ
պիտի
գտնէ
իր
կշիռը։
Թող
արեւելահայերը
յամառին
անոր
ետին
բառակոյտ
տեսնել:
Թող
սփիւռքը
անոր
անհաղորդ
ըլլալու
իր
փոքրոգութիւնը
ներկէ
օտար
մշակոյթներու
ճոխ
գործերէն
առնուած
իր
աչքերուն
առջեւ
զայն
գտնելով
ապաշնորհ,
հաստ,
մեր
միջին
մեղքերովը
վիրաւոր։
Կ՚անցնին
այս
չարաշուք
հերձուածների
ու
մեր
զաւակները,
ապահովաբար
մեր
թոռները
երբ
ձեռք
պիտի
նետեն
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
մը,
Դ.
Վարուժանի
մը,
Պ.
Դուրեանի
մը,
Վահան
Թէքէեանի
մը,
Մեծարենցի
մը
տաղարաններուն,
կարօտայոյզ
հոգիով
մը
պիտի
մտած
են
անոնց
ուրուականներուն,
ինչպէս
կ՚ընենք
մենք
այսօր
մեր
հեռու,
մանաւանդ
մօտ
անցեալին
բոլոր
իրաւ,
երախտաւոր
դէմքերուն
համար,
պիտի
համակուին
անոնց
գործին
ներսը
մշտատրոփ
ջերմութեամբ
որով
ժողովուրդ
մը
կը
զատուի
անկնիք
հօտէ
մը
արջառամերձ
ապրումի
ու
ինքզինքը
կ՚ըլլայ։
Սա
տողերուն
հետ
թող
չանցնի
ձեր
միտքէն
ռոմանթիք,
կատաղի,
արեւելահայերու
բառերէն
մէկովը՝
շովինիստական
հայրենասիրութիւնը,
որով
կը
թուին
զառածած
ըլլալ
կանխող
դարու
բոլոր
մեր
մտաւորականները,
աժեմը
-
ինչպէս
չաժեմը։
Որուն
վրայ
քաղցր
հէքեաթը
կառուցին
գլխաւորաբար
Մխիթարեանները
երբ
մեր
հոգեղէն
ներկան
մեր
պատմութեան
մռայլաստուեր
ջերմաստանին
ենթարկեցին
ու
մեռեալները
գովելու,
դիւցազներգելու
այլապէս
սրտառուչ,
սրբազան
պարտականութիւնը
վերածեցին
ներկան
ոճաւորելու
արարքին,
մերժելով
մեզի
մեր
ներկան։
Այն
կէս
դարը
որուն
ազդմունքները
գտան
մեր
ժողովուրդին
բոլոր
խավերի
ու
անշուշտ
հասկանալի՝
մեր
քերթողներուն
այլապէս
ընկալուչ
սիրտը,
դարն
է
որուն
կը
յանգին
աւելի
քան
հազար
հինգ
հարիւր
տարիներ։
Ու
այն
քառորդ
դարը
որ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանին
պատանութիւնը
կը
կապէ
երիտասարդ
մահուան,
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
բացառիկ
ըսուելու
չափ
բարիքներով
է
փառաւոր։
1900ին
մեր
պատմութեան
ոսկեմշուշ
ծիրանին
անգամ
մըն
ալ
պիտի
ներկուէր
արիւնովը
բիւրերուն,
ըսել
կ՚ուզեմ`
1850ի
երազը
իջնելէ
ետքը
խորագոյն
ալքերը
մեր
հոգիներուն,
ինքզինքը
վերբերելու
ատեն
պիտի
իյնար
բզքտուած
չարիքին
ճիրաններէն։
Անարգ
բան
է
այս
ամէնը,
այնքան
պարզ,
այնքան
իրաւ
ապրուած
սա
սրբազան
իրողութիւնը
գաղափարագրական
հակամարտութեանց,
վիճարկութեանց
նիւթ
ընել
ու
բեռնալ
արեւմտահայ
գրականութեան
ուսերուն
մեր ...
բնաջնջումը:
Լսեր
եմ
ասիկա,
իմ
չորնալիք
ականջներովս
արեւելահայ
տոկտորներէն:
Պէշիկթաշլեանի
հանդէպ
սա
կողմնակալ
վերապահութիւնը
ապահովաբար
կը
սնանի
նման
նախապաշարումներէ։
Ան
որ
չսակարկեց
իր
բզքտուած
թոքին
վերջին
ուժերը,
խեղճ
ու
պատառ
դերասանները
մարզեց,
իր
սպառած
ջիղերը
բռնադատեց
ծանր
փորձերու,
ան
չի
կրնար
հոսհոս
մը
ըլլալ:
Ու
Համապատկերը,
երբ
կը
մերժէ
մեր
ռոմանթիք
թատրոնը
իբրեւ
արուեստի
գործ,
կը
խանդաղատի
զայն
ոտքի
նետող
զգացման
վրայ,
pragmatique
ըմբռնումով
մը
երբ
կը
նուիրէ
սա
էջերը
վրիպած
ճիգի
մը
դիմաց։
Արեւմտահայ
գրականութեան
մուտքին
մարդիկ
սովոր
են
հսկաներ
ենթադրել,
ինչպէս
լսած
են
իրենց
մանկութենէն
իսկ։
Այդ
կարգէ
բախտ
մը
հազուադէպ
է
(արեւելահայ
գրականութիւնը
կը
բացուի
բացառիկ
գործով
մը,
Վէրք
Հայաստանին,
որուն
թուական
կազմող
հանգամանքը
գրական
ըլլալէ
աւելի
ընկերային
է
սակայն),
արեւմտահայ
գրական
փաղանգին
համար։
Հսկայ
յօրինողները
առնուազն
աժան
գովեստին
ասպետներն
են։
Բայց
յատկանշակա՞ն՝
որպէսզի
1913ին
իր
ընկերները
ուրացող,
կործանող
Չրաքեան
մը
չվախնայ
գրել
է
«Անհունն
Ալիշան»,
անշուշտ
այդ
անունով
մթերուած
հսկայական
թղթեղէնէն
տպաւորուած,
բայց
առանց
միտքէ
անցընելու
սանկ
մտացիր
թափառում
մը
անգամ
ընելու
անկէ
ներս։
—
Թերեւ՛ս:
Խանդի
օրեր
էին
ու
մենք
դեռ
շատ
ծանր
կը
զգայինք
մեզ
կանխողներուն
խանդն
ալ
իր
կարգին
որպէսզի
մնայինք
առարկայական,
իբրեւ
վաստակ,
ճիգ
այնքան
յստակ
իրագործմանց
հանդէպ։
Իր
հանճարայնութիւնը
հատորի
մը
պարտական
Չրաքեանը
կ՚ընդզգար
անշուշտ
թէ
ինչո՞ւ
գիրին,
թուղթին
անհունութիւնը
արժէք
մը
կրնար
նկատուիլ:
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան,
ուրախ
եմ
կարենալ
ըսելու
որ,
հսկայ
մը
իբրեւ
չողջունուեցաւ,
մեր
չափերը
զանցող
հանճարային
բացառիկ
դէմք
մը
ինչպէս,
քանի
որ
հտպիտներն
ու
կեղծաւորները
այսօր
մենք
կը
պատուենք
այդ
մակդիրներով։
Զայն
ընդունեցին
քաղցրութեան,
շնորհի
առաքեալ
մը,
երբ
ողջ
էր։
Արժեւորումը
ինքզինքը
չհերքեց
Իրապաշտներուն,
Արուեստագէտներուն
ալ
օրերուն։
Սփիւռքի
վաստակ
Համապատկերը:
Անոր
հեղինակը
հաճոյքն
ունի
երէցներուն
կողմէ
բաշխուած
սա
վերագրումը
անթառամ
յայտարարելու,
աւելցնելով
որ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
ճիշդ
ու
ճիշդ
մանրանկար
մեր
ժողովուրդն
է,
մեր
թերութիւններուն
ու
առաքինութեանց
գումարովը:
Չեմ
դառնար
ետ
ձեր
ուշադրութեան
յանձնելու
անգամ
մըն
ալ
հիմնական
այն
յատկանիշները
որոնք
արտահանուեցան
եղերերգներուն
առիթովը:
Կը
ներուի՞,
այդ
տասնյակ
մը
քերթուածներուն
լուսապսակին
մէջէն
բարձր
իմ
ժողովուրդը
այդ
թելադրուած
շնորհներուն։
Կ՚ընեմ
հարցումը։
Պատասխանը
չի
սահմանափակուիր
քերթողի
մը
հարկադրաբար
նեղ,
փոքր
բարիքովը։
Արեւմտահայ
գրականութիւնը
այս
ժողովուրդին
մեծ
շնորհները
օգտագործած
է
երբեմն
գիտակցաբար,
աւելի
շատ
անգիտակցաբար։
Համապատկերը
մեր
բոլոր
քանքարաւոր
հեղինակներէ
պիտի
առնէ
այդ
բաժինը
ցեղային
շնորհներուն,
լուսագրելու
համար
անոնցմով
նախ
հեղինակները,
ապա
դարձեալ
այդ
ժողովուրդը։
Սրտառուչ
վրիպանքը
որ
զուգորդ
է
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
անունին,
ինչպէս
դիտել
տուի
այս
աշխատանքի
առաջին
իսկ
տողերուն,
այս
հասաստումով
կը
զատուի
անսիրտ,
փղշտացի
ուրացում
մը
ըլլալէ։
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
այդ
վրիպանքը
չէր
կրնար
չընդառաջել:
Իր
դերէն,
գրողի
ըմբռնումէն
իսկ
բխող
դժբախտութիւն
մըն
էր
անիկա։
Մեր
մեղքերը
Մեր
փոշին
կուտան,
որ
դարձեալ
բանի
մը
պէտք
կուգայ։
Ազգային
փա՜ռք
մը:
Սփիւռքը,
իր
հոգերով,
անատակ
է
այդ
փառքը
բիւրեղացնելու:
Բաւ
է
մտածել
մեր
արիւնէն
տղոց
որոնք
բանալ
սիրէին
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
եղերերգները,
կարդալէ
ետքը
Պայրընը,
Միւսէն,
Լամառթինը,
Հիւկօն,
Շելլին,
Պոտլէռը,
իրենց
օրերու
մեծահռչակ
քերթողները
օտարներէն,
ու
կենային
դերձակորդիին
տաղերուն
ծորումները
նոյն
հանդարտութեամբ
ընդունելու
իրենց
հոգիին
դաշտերուն
եւ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
չի
կործաներ
անշուշտ
այդ
քերթողներուն
այլապէս
գրաւող
տպաւորութիւնները,
ինչպէս
կը
զգանք
որ
ատիկա
կ՚ըլլայ
մեր
ներսը
Պետրոս
Դուրեանին,
երբեմն
Վարուժանին
հետ,
բայց
մեզ
կը
դարձնէ
մեք
զգայնութեանցը՝
աւազանին
ու
ասիկա…
գրաբարով…:
Ազգային
փա՜ռք։
Դուք
գտէք
բառ
մը
վերը
թելադրուած
զգացական
վիճակը
տարազող։
Փառքերուն
ճակատագիրը
կործանիլ
է
անշուշտ,
բայց
ապրելէ
առաջ։
Առանց
փառք
մը
ըլլալ
ստիպուած
ըլլալու,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
բանաստեղծ
մըն
է
որ
ամենէն
իրաւ
ապրումները
յաջողած
է
մեզի
կտակել
ամենէն
ուշ
հինցող
կերպարանքներու
տակ:
Ու
ասիկա
բաւ
է
ինծի
շատ,
շատ
բան
մոռնալու:
[1]
Ահա
անունները
իր
ողբերգութեանց.
–
Կոռնակ
(ըստ
աւանդութեան՝
չորս
օրուան
մէջ
գրուած),
Արշակ
Բ.,
Վահէ,
Վահան՝
ինքնագիր,
Սաւուղ,
Բրուտոս
(երկուքն
ալ
Ալֆիերիէն
թարգմանութիւն)։
Թարգմանութիւն`
Մահ
Կեսարու
(Վոլթէռ),
Երից
Քաջաց
եւ
Աւազակաց
կտորները`
հետեւողութիւն։
Վերջին
երկուքը՝
կատակերգութիւն։
Այս
ցանկը,
հոս,
տխուր
գումար
մը
իբրեւ
չեմ
արժեւորեր:
Հէքիմեան
մեզի
ձգած
է
տասնէն
աւելի
խաղեր:
Նոյն
փառքին
մէջ
է
վիրաւոր
պառկած
Դուրեանին
հանճարը
երբ
գրեց
իր
տասնի
մօտ
թատրոնները:
Շրջանի
մը
մէջ
ուր
ոչ
կանոնաւոր
բեմ
մը
ունինք,
ոչ
ալ
խաղերը
կերպարանող
ուժեր,
սա
առատութիւնը
վկայութիւն
մըն
է
սերունդի
մը
ձգտումներէն,
օրուան
ծանր
կարիքներուն
դիմաւոր
անոր
յամառ,
միամիտ
խաչակրութենէն։
Չեմ
պատմեր,
բացատրելի
ընելու
համար
սա
ճիգին
գեղեցկութիւնն
ու
ողբերգական
վրիպանքը,
վաթսունական
թուականներու
անհուն
խանդը։
1856ին
գրաբար
խաղ
մը
ներկայացնող
երիտասարդներուն
խումբը,
մանաւանդ
հանդիսականները
չէին
նմաներ
1945ի
անորակելի
մարդոց
—
դերասան
կամ
հանդիսական
—
որպէսզի
եզրեր
հանեմ
երեւան,
առնուազն
օգտագործելի։
Գրաբար
այդ
ողբերգութեան
բեմին
վրայ
ողջունած
արժանաւոր
կորանքը
Մ.
Պէշիկթաշլեան
կը
յաւակնի
դարմանել
Կոռնակը
նետելով
ոտքի,
չորս
օրուան
մէջ:
Չեմ
ըսեր
թէ
ժամանակը
կշիռ
մը
ունի
արուեստի
գործի
մը
ծանրութեան,
արժէքի
մէջ։
Բայց
կ՚ըսեմ
որ
քսան
տարիներու
շրջան
է
մը
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
չէ
հանած
քսան
հատ
ծանր,
արժանաւոր
քերթուած։
Թատերական
գործ
մը
անշուշտ
բացառիկ
պայմաններու
չէ
կապուած,
բայց
կը
պահանջէ,
ամենէն
առաջ,
թատերականին
զգայարանքը
որ
գիրքի
տարազ
մը
չէ,
այլ
դարերու
փորձառութեանց
պարտադրանքը։
Յիշեցէք
շքեղ
Ֆլոպէռին
ահաւոր
կորանքը,
ողիմպափառ
Հիւկոյին
նսեմ,
նսեմ,
նսեմ
կործանումը,
բեմին
վրայ:
Այնպէս
որ
Դուրեան,
Պէշիկթաշլեան
հասկնալի
անկումը
իրենց,
մասամբ
մը
կը
գնեն
չնմանելով
մեր
օրերու
խաչագողներուն
որոնք
թատրոն
կը
գրեն՝
իրենց
միայն
ծանօթ
հաշիւներու
հպատակ։
1860ին
մեզի
կը
պակսի,
բացի
միամիտ
պատրանք
է,
ամէն
ինչ
որ
թատերական
գործ
մը
կը
պայմանէ։
Չունինք
դերասանը։
Դպրոցական
տղաք
են
Պէշիկթաշլեանի
խաղերը
արտասանողները։
Ինք
երեւցած
է
իր
խաղերուն
մէջ
զանազան
դերերով
ու
ինք
է
մարզած
միւսները,
այսինքն
անոնց
սորվեցուցած
սրտառուչ
նախադասութիւններ
արտասանելու
արուեստը:
Չունինք
դերասանուհին։
Ժամանակակիցներ
կը
պատմեն
որ
Արշակ
Բ.
ի
մէջ
Շապուհի
աղջիկ
Ռոքսանէ
մը
«ինքզինքը
գերազանցած
է»:
Ահա
Քուրնէ
տ՚Օռիանի
քրոնիկագրին
վկայութիւնը
այդ
դերէն.
—
«Իսկ
հայկական
խումբին
առաջին
օրիորդը
գերազանցեց.
վրան
տեղացած
պսակներու
տարափը
հանդիսատեսաց
գոհութեան
ապացոյց
էր»
(այս
թարգմանութիւնները
Չօպանեան
արտատպած
է
Մասիսէն)։
1862ին
մեր
ձեռքը
հասած
Արշակ
Բ.
ին
մէջ
Ռոքսանէ
մը
չունի
գոյութիւն։
Հաւանաբար
Ոrմիզդն
է
տպագրութեան,
որ
մանչու
ձեւով
է
տրուած
ու
կը
հասկնաք
դժուարութիւնը
որքան
թշուառութիւնը
մեր
թատրոնին
այդ
օրերուն։
Չունինք
շէնքը։
Տուներ։
Վրաններ։
Դպրոցներ։
Չունինք
հասկցող
հասարակութիւնը:
Ու
պիտի
ունենայի՜նք,
միայն
այս
բոլոր
պակասներուն
հետեւանքը
քաւելու
կանչուած…
թատերագիրը:
Յետոյ,
տրուած
ըլլալով
Պէշիկթաշլեանի
տաղանդին
նկարագիրը,
որ
այլամերժօրէն
քնարական
է
եղած,
մեծ
կղեր
մը
ըլլալու
պէտք
չէ
բացատրելու
համար
անկէ
ստորագրուած
ողբերգութեանց
ճակատագիրը։
Վերցուցէք
այդ
սրահները
լեցնող
հասարակութեան
հզօր
խանդն
ու
պատրանքը
իրմէ,
դուք
պիտի
ունենաք,
այդ
թուականներուն,
այդ
ներկայացումներուն
մէջ
քիչիկ
մը
«յաւելեալ
եւ
ճոխացեալ»
մեր
պարգեւաբաշխութեանց
հանդէսները։
Պէշիկթաշլեանի
կենսագիրները
կը
ծանրանան,
այս
խաղերով
ստեղծուած
խանդավառութենէն։
Չեմ
զարմանալ,
քանի
որ
այդ
օրերէն
մօտ
հարիւր
տարի
ետքը
այս
ժողովուրդը
կա՛մ
աղաչուած
իր
ներկայութիւնը
կը
շնորհէ
որեւ
է
խաղի
կամ
կը
պարգեւատրէ
հանդէսը
սարքողները
իր
այս
անգամ
ձրի
ներկայութեամբը:
1920ին,
100-150
հազարնոց
հայութիւնը
Պոլիսին
անկարող
էր
ճարելու
կէս
հազար
մարդ
որ
ընտրեալ
ընկերութիւնն
է,
թատերական
գործի
մը
ճշմարիտ
փորձաքարը
կազմող:
Տակաւին
այսօր
իսկ
Սփիւռքը
չի
հանդուրժեր
կատակերգութենէն
դուրս
ուրիշ
ներկայացում։
Երբ
այս
տողերը
կը
գրուին,
չեմ
կարծեր
որ
թատերական
միջակ
արժէքով
գործէ
մը
նոյնիսկ,
բան
մը
հասնի
հասարակութեան
վայելումին։
Հազարին
մէջ
յիսունը
չ՚անցնիր
թատերական
զգայարանքով
մը
օժտուածներուն։
Դուք
մի
խորանարդէք
հեղինակ,
դերասան,
միութիւն
անուններուն
ներկայ
փաստերը։
Մեր
թատրոնը
մեր
գրականութեան
ամենէն
թշուառ,
ողբերգական
ճիւղն
է
մնացած,
աճելու
տեղ
զառածած,
ճռզած։
Եւ
սակայն
կայ
իրաւ
թատրոնը։
Ձեզի
կը
ձգեմ
հիմա
յօրինել
ճակատագիրը
այդ
իրաւին։
Այս
խօսքերէն
յետոյ
լրջութենէ
դուրս
կը
նկատեմ
Պէշիկթաշլեանի
խաղերը,
զանոնք
ենթարկելը
թատերական
վերլուծման,
նոյնիսկ
նախնական
պայմաններով։
Միակ
բարիքը
զոր
կարելի
է
ըսել
շատ
հաւնուած,
մոլեգին
ծափուած,
այսօր
վճռապէս
ուրացուած
այդ
խաղերուն
համար,
ատ
ալ՝
մեր
նոր
գրականացող
աշխարհաբարին
անոնցմով
ստացած
ընտելացումն
է,
ժողովուրդի
թանձր
խաւերէն
ներս
թափանցումը
ու
հետեւանք՝
նրբացումը,
գրքունակէն
ազատագրուելու
փորձ
մը,
անտես
ընծայելու
չափ
այդ
լեզուին
թատերական
շեշտէ,
կնիքէ
աղքատութիւնը:
(Թլկատինցին
ալ
Թատերական
զգայարանք
մը
չունէր
բայց
իր
տիալոկը`
գեղեցկութիւն
մըն
է):
Երկրորդ,
աւելի
խնդրական
բարիքը՝
բարիքն
է
նիւթին,
որ
ծնունդ
ու
հեղինակ
է
նոյն
ատեն,
այդ
օրերու
յատուկ
հոգեխառնութեան
մը։
Այդ
նիւթը
կը
վերբերուէր
շրջանէն
այնքան
հեշտագին
երեւակայուած
հայոց
պատմութեան
հետախոյզ
մշակներէն,
նախարարներու,
արքաներու,
զօրավարներու
շքախումբը,
վեղարաւորներու
փառաշուք
փաղանգին
հետ
թեւ
թեւի
(Uթանտալի
կարմիրն
ու
սեւը)։
Դրէք
անոնց
վրայ
ոսկի
պաստառը
թատերական
պատրանքին։
Թուղթէ
թագերով,
փայտէ
կամ
թիթեղէ
սուրերով
ու
զարդերով
եւ
խաւաքարտ
վահաններով
նկարազարդ
այդ
տեսիլքները
պիտի
հեռանան
ու
հեռացնեն
ունկնդիրները
առօրեայէն։
Ուրիշներ
ծանրացած
են,
այս
ամենով
առաջ
եկած
աճումին
վրայ,
ազգային
գիտակցութեան
կալուածին։
Չեմ
բաժներ
այս
թելադրանքը:
Բայց
կ՚ընեմ
զիջումը`
ընդունելու
համար
որ
մարդիկ
դուրս
կ՚ելլէին
բառերու
այդ
ոսկի
տարափէն,
քիչիկ
մը
հայ,
տարբեր
որքան
չէին
ատիկա
հոն
մտած
ատեննին։
Այսօր
սովորութիւն
է
մեր
ռոմանթիք
թատրոնը
դատել,
դատապարտել
արագ
որքան
անգութ
վճիռներով։
Հրաշքները
գիրքերու
մէջ
միայն
հասկնալի
են։
Պէտք
չէ
մոռնալ
որ
Մխիթարեան
աբբաներու
հոգածութեամբը,
ճաշակովը,
կիրքովը
մեզի
պարտադրուած
այդ
գրական
հասկացողութիւնը
հարազատ
էր
Վենետիկին,
մեր
աւագանիին
ըմբռնողութեան։
Վենետիկցիները
թարգմանած
էին,
շքեղ
գրաբարով,
այն
խաղերը
որոնց
հեղինակները
կը
վայելէին
միջազգային
դպրոցներու
հիացումը։
Գոթողիան
անշուշտ
մեծ
գործ
մըն
է։
Քսաներորդ
դարուն
զայն
ներկայացնելու
համար
ֆրանսացիները
իրենք
կը
պահանջեն
ութսունէ
աւելի
ազնուական
սրբուհիներուն
հոյլը,
իրենց
պարմանի
գրաւչութեամբը,
հզօր
ձգողութեամբը,
blasé
իշխաններու
զգայարանքներուն
վրայ
անվրէպ
հասողութեամբը
մատաղութեան,
գեղեցկութեան,
շնորհին։
Այդ
աղջիկներուն
մարմինները
այդ
ներկայացումը
կը
բաւեն
պաշտպանելու,
առանց
մեծ
բանաստեղծէ
մը
իրենց
բերանը
դրուած
գողտր
ալ
բառերուն
դերին։
Մխիթարեանները
թերեւս
միտքէ
անցուցին
Բագրատունիէն
այնքան
վայելչութեամբ
գրաբարի
վերածուած
այդ
տռաման
ու
թերեւս
վայելեցին
ալ,
գէթ
անլուր
տեսարաններու
վրայ
այդ
Բագրատունեան
տողերուն
համը։
Բա՜յց։
Դրէք
ատիկա
Պոլիս,
1868ի
ախորժակներուն
ու
դուք
պիտի
զգաք,
իր
եղերական
ծանրութեան
մէջ,
յուսախաբութիւնը
հասարակաց
մեր
հարուստներուն,
ինչպէս
տիկիններուն,
այնքան
բացսիրտ
ընդառաջումով
մը՝
զգեստները,
զարդերը,
տէգոռը
ճարած
գրաբար
խաղի
մը
բեմադրումին
համար։
Ուրի՞շ։
Այսինքն
թատերական
հասկացողութի՞ւն
մը,
Վենետիկով
մեզի
անցած։
Կը
կասկածիմ.
Սրապիոն
Հէքիմեան,
որ
բազմաթիւ
գրաբար
տռամաներ
է
հեղինակած,
անշուշտ
Վենետիկին
կը
պարտի
այդ
հեղինակութիւնը
կարելի
ընող…
փառասիրութիւնը
եւ
ուրիշ
ոչինչ:
Անոր
մէկ
աշխարհաբար
խաղը
չեմ
տեսած,
դատելու
համար
այդ
հասկացողութեան
իրական
տարողութիւնը։
Գիտեմ
սակայն
որ
անիկա
իր
խաղերը
ներկայացուց,
Պոլիս,
հայերէնները…
իտալերէնի
վերածելով։
Աւելին։
Թուրքերէն
կատակերգութիւններ
ալ
այս
մարդը
մեղք
չսեպեց
իրեն։
1860ին
այս
ամէնը
թեթեւ
մը
բացատրելի
կը
մնան
Պոլիսին
կիսաշխարհիկ
ճաշակներովը։
Մեր
չտես
հասարակութիւնն
է
որ
հոդ
կը
վաճառէ
իր
ներկայութիւնը:
Ու
ասոր
համար
նիւթը,
արուեստը
անկշիռ
պարագաներ
են։
1895ին
մեռնող
Սրապիոն
Հէքիմեանը
մեր
գրականութեան
մէջ
անուն
իսկ
չկրցաւ
ունենալ։
Ու
հա՜րցը:
Գէթ
թարգմանութիւնները,
Մ.
Պէշիկթաշլեանով
կատարուած,
գալու
չէ՞ին
իրաւ
արուեստէն։
Բայց
ճիշդ
հոս
է
ահա
ողբերգականը:
Այդ
իրաւ
արուեստը
—
թատրոնին
մէջ
-
դեռ
այսօր
անգամ
չի
կասկածուիր
մեզմէ,
գրողներէ
ինչպէս
դերողներէ
եւ
ունկնդրողներէ։
Կը
լրջանամ։
Ո՞րն
է
ժողովուրդը
որուն
բեմը
բացուած
ըլլայ
թատերական
իրաւ,
չեմ
ըսեր
գլուխ-գործոցի
մը,
առնուազն
համեստ
յաջողուածքի
մը
փառքով:
Քանի
մը
հարիւր
տարիներ
եղան
պէտք,
ողորմելի
ոտանաւորներով,
անհատնում
tiradeներով
սպառազէն
բացագանչութիւններէն
(գագիացիներուն
mystèreները)
երեւան
բերելու
համար
Cideը
(Քոռնէյլ):
Մի
մտածէք
Պէպոյին
որ
համեստուկ
յաջողուածք
իսկ
չէ,
արեւելահայ
թատրոնին
կեանքին
նախաւոր
շրջաններուն։
Թատրոնը
համադրութիւնն
է
արուեստներուն։
Այս
հաստատումը
կը
խորհիմ
թէ
մեզ
կ՚ընէ
համեստ,
խեղճուկրակ
մեր
խաղերուն
շուքին
բերելու
Շէյքսբիրները
(եղան
մարդիկ
որ
Լեւոն
Սեղբոսեանը
ծիծաղելի
ընելու
սրտագին
հերոսութեանը
մէջ
գերազանցեցին
խելքին
տրտում
կորանքները
երբ
նմանցուցին
զայն…
Շէյքսփիրին,
ինչպէս
նմանցուցեր
էին
Կոստան
Զարեանը,
ինչպէս
նմանցուցեր
էին
Իսահակեանը…
ՆԻչէին)
ու
մեր
թատերական
ստեղծագործութիւնը…
սպաննելու,
ինչպէս
կ՚
ընենք
ահա
Պէշիկթաշլեանէն
առաջ
ու
վերջ
ու
հիմա։
Ուրի՞շ։
Բայց
կայ
այդ
ուրիշն
ալ։
Միտքի
առջեւ
բերէք
Զարթօնքի
սերունդին
Պոլիսը,
Օսմանեան
կայսրութիւն
որակուած
հսկայ
խեղճութիւնը,
մանաւանդ
արուեստի
կալուածին
վրայ:
1850ին՝
թուրքը,
յոյնը,
գաղիացին,
իտալացին
կը
հեշտանային
անանուանելի
խաղերով,
—
գարակէօզ,
օրթա-օյինի,
գարնավալի
հտպտա՜նքը:
Կարդացէք
1840-ին
թուրք
հասարակութեան
մէջ
մեծ
յաջողութեամբ
ներկայացուած
Այնարոզ
Գարըսըն,
հասկնալու
համար
թէ
որքան
ազնուական
ու
գեղեցիկ
իրագործումներ
էին,
առնուազն
իբրեւ
ձգտում,
ՊԷշիկթաշլեաններու,
Դուրեաններու
խաղերը։
Տուի,
առանց
ցաւելու,
այսքան
մը
ընդլայնում,
Պէշիկթաշլեանի
թատերական
արդիւնքին,
վասնզի
ճիգը,
նոյնիսկ
հիմնովին
վրիպանք,
ամենէն
սրտառուչ,
սրբազան,
թելադրիչ
իրողութիւնն
է
սերունդի
մը
փառքը
լուսագրող
(illustrer)։
Այդ
օրերէն
մօտ
հարիւր
տարի
վերջը
սփիւռքի
թատրոնը
ամբողջական
թշուառութիւն
է,
յաճախ՝
սրբապիղծ
խաչագողութիւն։