Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Բ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ԻՐ ՀԱՆՃԱՐԸ

Շատ չեմ ուզեր որ տեսնէք այս որակումը սա տղուն միտքը տարազող: Հանճար՝ անոր համար որ ոչ ոքէ կուգայ։ Հանճար՝ անոր համար որ ձրի է, այսինքն կեանքին բարդ կամ պարզ պահանջներէն ոչ ինչ հասկցող կամ լրացնող։ Գրագէտը հանգամանաւոր արարած մըն է, արդիւնք` որոշ պահանջներու ու ճամբայ՝ որոշ իրագործումներու: Ունինք Աբովեանը։ Ունինք Րաֆֆին։ Եւ ունինք Պարոնեանը։ Որոնք արտադրած են իրենք իրենց գլխուն, անմունետիկ ու վսեմ այլուրութեամբ մը սա մեր աշխարհէն:

Ինչպէս՝ կը տեսնէք, տաղանդը ու իր տեսակարար կշիռը չեն մտներ որակումին, վասնզի այդ մարդոց գործերը - արդիւնք՝ այդ հանճարին կը զանցեն մեր կշիռները դարձեալ: Ո՞ր գրականութեան պատմիչ մը պիտի արժեւորէր Պարոնեանը։ Մենք ունեցանք Օտեանը, որուն տաղանդը մեծցնել, մինչեւ Պարոնեան ու աւելի անդին, գրական գործողութիւն մըն է։ Երուանդ Օտեան ամբողջութեամբ ծիրին մէջն է իր շրջանակին, եւ ապրումներուն, ընթերցումներուն, մանաւանդ իր ընթերցողներուն։ Զուտ քնարական արդիւնքը Պետրոս Դուրեանին քաշքըշուքով մը պիտի բացատրէինք ռոմանտիզմին։ Պիտի կրնայինք, տակաւին, գրական պատմութիւնները այնքան եղերական ապրումներու հանդիսարան ընծայող կենսագրական տռամաները շահագործել, յիշել Նովալիսն ու Պոտլէռը, Վերլէնն ու Ռէնպոն, իր առիթով ու դարձեալ բարձրանալ իմաստասիրական բաջաղանքին, գեղագիտութեան փառախնդիր տեսութիւններուն, բացատրած ըլլալու համար 1870ին, Պոլսոյ նման քաղաքի մը մէջ ուր բանաստեղծութիւնը երգ է ու հռետորութիւն, տաղաչափութիւն է ու դասախօսական ճարտարանք, իրականութիւնը, պայծառ որքան տարօրինակ Լճակին որ հերքումն իսկ է օրուան բոլոր ախորժակներուն, փառքերուն, կիրքերուն, թերեւս ապրումներուն։ Հանճարը սահմանող աշխատանքներ շատ, մեծագոյն մտածողներու գրչին ծնունդ։ Չեմ զառածիր այդ խնդրական տեսութիւններուն դէպի կշիռը: Իմ տողերուն վրայ բառը համեստ է ու կը ձգտի թելադրել մենաւոր, անոք, լքուած բայց իր աստղէն զատուելու անընդունակ թշուառականը որ պիտի ապրի այդ աստղին գիրը, պիտի չտկարանայ կեանքին ահա որ ծեծերուն աննահանջ յորձանքէն. աւելին` պիտի դիմանայ անոր սպառիչ, կործանարար բռնութեան, իր յաճախ հիւանդ, միշտ տարօրէն փխրուն մարմինէն ճարելով սրբազան հակազդեցութիւնը որով պիտի պաշտպանէ, ինքն ալ լաւ չգիտնալով ինչո՞ւ` իր գործին մէկ մասը, զիջելով հանդերձ այդ հոսանքին ուրիշ կարեւոր մասեր, միշտ այդ գործէն։ Դուրեանին կեանքէն մեր ունեցած նշմարները կը լուսաւորեն այս մռայլ փաստը չարաշուք շողիւններով: Ան ի՜նչ սրտառուչ ճակտի գիր է որ կը միջամտէ որպէսզի այդ տղան ու բոլոր նմանները մնան անկարող իրենց այդ գանկը չէնք շնորհք կրելու, գոնէ անկէ պուտ մը հաճոյք, փշրանք մը հաց ճարելու: Յիշեցի Րաֆֆին, Պարոնեանը, Աբովեանը։ Նպատակս էր Նալպանտեանը, Պէշիկթաշլեանը, Տիւսաբը փառազարդող փաստերը արժեւորել: Պետրոս Դուրեան դպրոցէն գերեզման է քալած, իր հանճարին սեւ հովանոցին տակ։ Գաղիացի քննադատ մը պատմած ատեն Պոտլէռի մահուան տռաման Բարիզի մէկ հիւանդանոցին անկիւնը, մօրկանը թեւերուն մէջ, ինչ յուզումով կը գրէ «Քիչ մը նուազ համբաւ, քիչ մը աւելի հա՜ց» ...: Ըսի թէ Դուրեան եկած էր անմունետիկ: Ըսել կ՚ուզէի որ նման էր բոլոր հանճարներուն որոնք իրենց սկիզբը կ՚ընեն այդ մռայլութեան ընթերքէն ու քիչ անգամ կը հասնին լոյսին: Անիկա ըրած է ամէն բան, պաշտպանելու համար սրբազան իր աւանդը։ Գրեցի թէ ինչ աղեխարշ տողեր էին մեծափառ եպիսկոպոսի մը ուղղուած իր երկու էջ արցունքները։ Կը հաւատամ թէ սխալի մէջ չեմ երբ իր ողորմելի քերթուածները Առ Խրիմեան, անգիտակից փորձեր են իր կողմէ, օրուան իշխանաւորին երջանիկ հետաքրքրութիւնը արթնցնելու դէպի տնակը,

 

... Ուր գէթ ցամքած է կանթեղին առկայծ իւղ.
... Բանաստեղծէն ուր աղքատ՝
Ինք լոյս՝ կրակ, ոչ մեկն ունի գրելու ...

 

Կարդաց անշուշտ Վանեցի պատրիարքը այդ քերթուածները, թերեւս խռով ալ հոգիով, բայց մտածեց, գաղափարներու ահաւոր զուգորդութեամբ մը, իր Հրաւիրակներուն ու անոնց վերըստին տպագրութեան համար օրուան կորկոտաւոր մէկ իշխանին մեկենասումը իրագործելու: Այնքան փոքր են մարդիկ իրենց անձին ու շահին պարունակին մէջ։ Երկարատեւ, անխոնջ պայքարները հացին մինակ ընկերվարական պրոպականտին նիւթ չեն տուած, այլեւ գրած են սեւ գիրերով, դամբանին մրուրովը Դուրեաններու ճակտին գիրը։

Այո՛։ Կեցէք այդ տղուն չորս կամ հինգ տարիներուն դիմաց, ձեր մտքովը ընդարձակելով փոքր ուրուագիծը այդ կեանքէն, կանխող էջերով ձեզի տրամադրուած, ու վերակազմեցէք տժգոյն, անօրինակ պատանին, իբր մարմին, մանաւանդ հոգի ու ըսէք ինծի թէ կա՞յ, աւելի սրտառուչ մեծութիւն քան իր տաղանդը, իր հանճարը դագաղի մը պէս իր գլխուն ամբարձիկ պտտող եղերական երիտասարդին տագնապը։ Չեմ դառնար ետ։ Գիտցէք միայն որ հանճարը այս անկարողութիւնն է յաճախ, կեանքին յարմարելու։ Ո՞վ իրմէն աւելի աղուոր կը գրէր մեր աշխարհաբարը այդ օրերուն։ Բայց փաստ է որ դպրոցներէն մերժուող տղան տուներուն մէջ ալ հալածուած է այդ հանճա րէն։ Մարդիկ, ու մեծահարուստներ, փառք կը համարէն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին մուտքը իրենց տուներէն, իրենց աղջիկներուն գրաբար սորվեցնելու միամտութիւնը գնելով անշուշտ բանաստեղծին մեծատարած վարկովը։ Մարդիկ այդ օրերուն անշուշտ գիտէին թէ Դուրեան մը կ՚ապրէր որ հացին գինովը կը տրամադրէր իր մաշած կուրծքին վերջին ուժերը։ Եւ սակա՜յն։

Հանճարը նիւթացնել չի նշանակեր սա մերձեցումները օգտագործել իր առիթով։ Պետրոս Դուրեան գրական հանճար մը չէ։ Մի մոռնաք ասիկա եւ անով մեր գրականութիւնը ոչ հուն փոխեց, ոչ ալ մեր ժողովուրդը իր հզօրագոյն երեսներուն մէջ ինկաւ սեւեռման։ Անիկա անհատին տռաման [1] է։ Բոլորովին նման ԺԹ. դարու մեծահամբաւ տռամաներուն։ Բից, Շէլլի, Պայրըն։ Միւսէ, Հէզիժիփ Մօրօ, քիչիկ մըն ալ Լամառթին։ Հայնէ, Շիլլէր, Հէօլտէրլին, Նովալիս։ Այս անուններուն իւրաքանչիւրին հետ չի դրուիր անշուշտ գրական տագնապ մը, այնպէս ինչպէս զայն կը մտապատկերենք աւելի վերջը, հանգանակներու, ուրացումներու, աստուածացումներու շքեղ թոհուբոհին հետ, աս ու ան խմբակին ներսը, իրապաշտներէ, խորհրդապաշտներէն, դարավերջիկ սնոպներէն մեծ աղաղակ պոռացուած, փառաբանուած։ Բայց այս անուններէն ամէն մէկուն հետ ճակատագիրը դրած է արեան, հացի, սիրոյ, հիւանդութեան այլապէս մարդկային տագնապը։ Արքայական արիւն, ժառանգական ծանրածանր կիրքեր, տասնեակներով իշխանուհիներ չեն բաւած Պայրըն մը ազատագրելու տառապանքին, դարու ցաւին այնքան ահաւոր, դուրսէն անգուշակ, բայց ներսէն անոր հոգին նեղոսեան պատմուճանի մը նման փաթթող սրբազան ծիրանիէն որ մինակ արքաները, կեսարները չի հովանաւորեր դէպի փառք, դէպի կործանում, այլեւ ոչ թագակիր մեր ժամանակներու մռայլ ասպետները: Տարէք այդ Պայրընը ուր որ կ՚ուզէք. անիկա պիտի ծամէ դքսուհիներու պերճ, անդիմադրելի մարմինները, Տանթէական հոգեբանութեամբ մը ու իր մահիճները լեցնող հեշտանքները գաղջ զզուանքի մը ալիքներուն պիտի չդադրի վերածելէ, յիմա՜ր, անկանգնելի, Վենետիկէն թռելու համար իր մահուան հրուանդանը։ Վերը յիշուած բոլոր անունները վերածելի են սա ողբերգականին։ Դժուար է ինծի համար համեստանալ: Գիտէ՞ք ինչու: Անոր համար որ արեւմտահայ գրականութեան բոլոր իրաւ տաղանդներուն վրայ ինկած է աւելի թշուառ պատմուճան մը, միշտ նոյն ճակատագրին մատուըներովը։ Շէլլի մը գոնէ չապրեցաւ Դուրեանին անօթութիւնը։ Գոնէ քանի մը կին անցան անոր զգայարանքներէն։ Որքան հզօր է տողը անմահ քերթուածէն որ Ի՞նչ կ՚ըսեն վերնագիրը կը կրէ եւ իբր թէ կը ձգտի պատմել, հասկնալի ընել մատաղ ողջակէզը այդ երիտասարդութեան երբ կ՚ըսէ՝

 

... Արշալոյս մը չանցաւ սրտէս:

 

Անշուշտ, փղշտացիներ, նորելուկ ասպետներ, սնոպներ, հայ ըլլալէն ամչցող հոգիի աղիճներ, թէկուզ տաղանդաւոր, այդ տողը պիտի արժեւորեն համաձայն իրենց ախորժակներուն։ Գրականութեան մէջ Ի՞նչ կ՚ըսէն քերթուածը իր տասնըվեց տողերուն մէջ յաջողած է այնքան մը դամբանի մրուր, այնքան մը արշալոյս, այնքան մը վարդ ու վանկ, սիւք ու արցունք, որքան հատորները որոնցմով կը պարծենան ժամանակակից մեծ գրականութեանց տարփաւորները (օտարներէն)։ Պետրոս Դուրեան իր աղքատութեամբը, հիւծաւոր երիտասարդութեան ըղձանքներուն տարօրէն սրտառուչ մոխիրներովը, իր ցաւին ահաւոր իրաւութեամբը, կենդանութեամբը, խորութեամբը չէ որ կ՚արժեւորէ իր հանճարը։ Անիկա իր եղերական վերադիրը գնած է պէտք կը զգամ անգամ մըն ալ շեշտելու պարագան իր ջիղերուն ճենճերին չափ, իր իմացականութեան ազնուորակ փաստովը։ Ըսի՞ թէ ոչ մէկ վերլուծական ճարտարանք չի կրնար բացատրել իր երեւումը արեւմտահայ գրական հորիզոնին վրայ որ իր մատաղ պատանութեան, լիայագ է փառքերովը… Ալիշանի, Թէրզեանի, Պէշիկթաշլեանի, Խրիմեանի, որոնցմէ հազիւ Պէշիկթաշլեանին այսօր կը զիջինք քերթողական խառնուածք ու արուեստագէտի զգայնութիւն կամ միտք։

Կը զեղչեմ, իր անունէն, գործէն իր մեղքերը, իր թատրոնը մանաւանդ որ կը կարծ եմ գիտնալ թէ մեծագոյն ազդակը կազմած է անոր վաղահաս մահուան։ Կը զեղչեմ, դարձեալ, իր դժբախտութիւնը, այսինքն կը զգուշանամ հացի տագնապի մը վերածելէ մեր գրականութեան ամենէն վերջնական, ամենէն շքեղ, ամենէն անպարզելի գոհարները (որոնք Դուրեանի հազիւ երկու տասնեակ տաղերուն կերպարանքովը հասած են մեզի) ու կը ծանրանամ հասկնալու անոր հանճարը մարդկային, մատչելի ընծայելու դժուար ու դժբախտ աշխատանքին։ Վաթսունը կ՚անցնին Պէշիկթաշլեանի տաղերը: Այդ գումարէն տասնեակ մը քերթուած բա՛ւ՝ որպէսզի գրականութեան պատմիչը հովին ու ջուրին յանձնէ այդ անունով մեզի հասած ծանրածանր մեղքերը. այսինքն մօտ հարիւր մը քերթուած։ Բայց ազատուած փունջին փա՜ռքը: Բայց Առ զեփիւռն Ալէմտաղի անունով մեզի հասած անգնահատելի հրաշալի՞քը։ Անշուշտ։

Յետոյ: Որքան պա՜րզ՝ սիրտը մարդոց, երբեմն։ Որքան թափանցի՜կ` անոնց մեզի ձգած հրիտակներուն շէնքը։ Դուք եղէք հազար կտոր, որպէսզի հասկնաք թէ ինչո՞ւ իրաւ բանաստեղծական զգայնութիւն մը այնքան ոչ–իրաւ պատմուճանով մը ըլլայ խղդած ինքզինքը երբ ձեռք կ՚առնէք մեր նոր քնաբերգութեան ամենէն հանգամանաւոր տաղարանները։ Ո՞ւր է այդ սերը երբ կը կարդաք Նուագք շարքը։ Ո՞ր զգայնութիւնը կը սեւեռեն Թէրզեանի, Uէթեանի, Պէրպէրեանի, թէկուզ Եղիայի քերթուածները։ Ո՞վ դրած է այդքան բառ, ձեւ, զարդ, սուտ ու փուտ՝ այս անուններով մեզ հասած արդիւնքին վրայ որպէսզի ըլլային անճանաչելի այդ երիտասարդները, այդ տառապանքները (կը հաւատամ որ իր բոլոր փառքին մէջն իսկ Թովմաս Թէրզեան մեծ ըղձանքներու ըղձաւոր մըն էր ու իր սիրտը այդ կիրքերուն սլաքները մէկիկ մէկիկ պարտաւոր է եղած գուլցնելու, անշուշտ իր ազնուական տարրին զոհովը)։ Հոս է որ կը միջամտէ ահա կախարդական բանաձեւը: Նոյն խմորէն նոր աշխարհ մը ստեղծելը ահա իր պարզագոյն կերպարանքին տակ Դուրեանին հանճարը։

Վերջնական սա տողերէն կ՚երաշխաւորուի Դուրեանին մօտ առաջնակարգ կարողութիւն մը. ատիկա՝ անխառն քնարականութեան անխառն (գրեթէ) մթերք մը կը նշանակէ սա տողերուն վրայ:



[1]       Մեր օրերուն, մարդկային ընդարձակ ողբերգութիւնը պատճառ՝ որպէսզի անհատները զարնող ծանր տռամաները չընդարձակենք դէպի գրական փառքերը, ճակատագիրները։ Կանխող դարուն, ամենէն յատկանշական գործերը գրականութեանց այդ տռաման ունեին նախասիրաբար իրենց թեմա։ Չէթըրթընը (ռոմանթիք թատրոնին միակ յաջող ծնունդը) այդ տռամայով է պայմանաւոր։ Յիշեցի Նովալիսը։ Կ՚աւելցնեմ Հայնէն։ Կուտամ անունը միւս յիմարին, Ֆլոպէռին որ փառքին մուրացկանը չէ անշուշտ, բայց Դուրեանին չափ կը տառապի, իր գրական անհուն ցանկութիւններուն տապանակը ուսամբարձ, երբ կը նետէ իր արհամարհանքը փղշտացիներուն երեսին ու կը քաշուի իր աշխատարանը։ Աւելի յուզիչ միւս յիմարը, Նիչէն, աւելի թողլքուն քան բոլոր աստուածները, մէկ ձեռքը դեւերուն, միւսը հանճարին գէսին, քաշելով, քալելով սարէ սար, հիմնովին մինակ (իրեն հաւատարիմ հետեւորդը որ գրեց անոր բերանէն ինկած փշրանքները… թուղթի վրայ, ուրիշ փաստ՝ այդ առանձնութեան) հասնելու համար ... յիմարանոցին անթափանցելի խաւարումին։ Գործածեցի, Դուրեանին տաղարանին բնորոշումը ընելու համար, տարազը, առաւելապէս այս թելադրանքներէն յաճախուած։ Ամենէն քիչ որովհետեւ կարճ՝ այդ կեանքէն մեր տեսածները, սա օրերուն, երբ կը ջանանք մեր գրականութիւնը ազատագրել գիրքերուն պատգամներէն, զայն վերածելու համար ապրումներու հանդէսին։ Խեղճ ու պատառ Պանդուխտի Կեանքէնը (իբր ոճ ու գրական սնոտիք) հարիւր հազարներու ճակտին գիրով է պայմանաւոր։ Հրանդ անշուշտ Դուրեան մը չէ: Բայց մէկուն կեանքը, միւսին գործը, երրորդի մը նահատակութիւնն է որ կը կազմեն արեւմտահայ գրականութիւնը։