Գ.
ՔՆԱՐԵՐԳԱԿԸ
Հարկադիր
կերպով
կը
զեղչեմ,
Համապատկերին
ոգիին
հաւատարիմ
մնալու
մտահոգութեան
մը
մէջ,
Պետրոս
Դուրեանի
մօտ
թատերագիրը,
այսինքն
տռամաթիք
կառուցումին
սպասաւորը
[1]:
Անխառն
քնարերգակը
անկողոպտելի
փառքի
մը
լուսապսակն
է
այդ
տղան
ընդմիշտ
պաշտպանող,
մեր
գրական
ստեղծագործութեանց
պանթէոնին
ներսը։
Հաճելի,
նոյնիսկ
օգտակար
թերեւս,
համադրական
աշխատասիրութեան
մը
մէջ,
որպիսին
է
իմ
Համապատկերը,
անջատ
վերլուծումներու,
թափանցումի
ճիգերուն
քովն
ի
վեր,
բացառիկ
անուններու
հետ,
երբեմն
դնել
գրական
այս
ու
այն
սեռերը,
ասոնց
տագնապը,
մեր
մէջ
զգեցած
մասնաւորումները:
Ասիկա,
կատարուած՝
իրականութեան
մօտիկ
տուեալներու
վրայ,
պիտի
չնշանակէր
զանցել
իրողութիւնները
ու
զառածիլ
դէպի
տեսութիւնները,
միշտ
խնդրական,
միշտ
խոցելի,
քանի
որ
գրական
իրողութիւնները
շահագործումը
դիւրին
պատեհութիւններ
են։
Մենք
տեսանք
թէ
1929ին,
այսինքն
երբ
արեւմտահայ
քնարերգութիւնը
գրեթէ
աւարտած
էր
իր
կիսադարեան
շրջափոխութիւնը,
մեզի
տալով
քանի
մը
շքեղ
դիւաններ
ու
նուիրագործելով
աւելի
քան
շքեղ
անուններ,
Արշակ
Չօպանեան,
յառաջաբանի
մը
մէջ,
Թովմաս
Թէրզեանի
քերթողական
նշխարանքը
հաւաքող
երկհատոր
գործի
մը,
միջոցը
գտած
է
քերթողութիւնն
ու
Թէրզեանութիւնը
իրարու
վերածելու,
երբ
շատ
պարզ
էր
մեզի
համար
պարագան
որ
ՉԿԱՐԴԱՑՈՒԻԼՆ
ԷՐ
ԱՅԴ
ԴԻՒԱՆԻՆ,
իր
կարդացածը
չեմ
ըսեր
դատելու,
առնուազն
վայելելու
կարող
միջին
ընթերցողի
մը։
Չէ՞ր
հասկնար
մեր
բանաստեղծութեան
մեծ
երախտաւոր
Արշակ
Չօպանեանը
թէ
կը
պատրէր
ինքզինքը:
Չեմ
ծանրանար։
Գեղագիտական
բաջաղանքը
նման
է
բոլոր
բաջաղանքներուն։
Անիկա
անպատասխանատու
կրթանք
մըն
է,
մրցանք
մը,
գաղափարներու
հետ
ինկող
ելլող
սիրողները
խանդավառող։
Միւս
կողմէն,
յետադարձ
հայեացք
մը
ինծի
քաջալերութիւն
կուտայ
արեւմտահայ
գրականութեան
մէջ
քնարական
իրագործումները
նկատի
առնելու,
իրենց
արդար
նկարագրին
մէջը։
Պարզ,
խստամբեր,
ինքզինքը
խաբելէ
հաճոյք
չառնող
բանուոր
մը,
ինչպէս
կը
զգայ
ինքզինքը
այս
տողերը
խազխզողը,
կը
բաւարարուի
փաստերով
որոնք
մեր
քնարական
քերթողութիւնը
կ՚ընեն
մեր
ամենէն
սրտառուչ,
քաղցր,
հարազատ
յաջողուածքներէն
մէկը,
մեր
արուեստին,
աւելի
խոշոր
բառով
մը`
մշակոյթին
առարկայացումներուն
մէջ։
Մարդիկ,
կը
հաւատամ
որ
ինծի
չափ
պարզ,
խստամբեր,
ինքնակշիռ,
այդ
առարկայացումները
կարծես
գտած
ըլլան
մեր
մշակոյթին
ուրիշ
երեսներուն
ալ
վրայ,
փառաւորուին
մեր
քարեղէն
գիրքերովը
ու
խանդավառ
տեսութիւններ
դարբնեն
մեր
ճարտարապետութիւնը
օրինադրող։
Կը
հաւատամ
որ
նման
պայմաններու
դիմաց
ու
նման
հոգեբանութեամբ`
մարդիկ
ըլլան
գտած
մեր
երաժշտութեան
այնքան
տարօրինակ
օրէնքները,
ասոնք
վստահին
տարազներու
ու
խօսին
հայ
երաժշտութենէ
մը,
անոր
շրջափոխութիւնն
իսկ
խոշոր
ծիրերու
մէջ
թելադրող։
Յամենայն
դէպս,
Կոմիտաս
մը
ունէր
մեզի
ըսելիք
այդ
կախարդական
աշխարհէն,
ինչպէս
Թորամանեան
մը
ունէր
այդ
ըսելիքը
նոյն
արտօնութիւններով։
Բա՜յց
ըսել
կ՚ուզեմ՝
երկու
մեծ
մարդ
երբ
հազիւ
թէ
պաշտպանուած
էին
արտաքին,
շօշափելի
տարրերով։
Կոմիտասի
դաշնաւորումները
հայ
գեղջուկ
երգէն
ո՞րքանով
անցած
են
անդին
քան
իրականը,
շօշափելին։
Գիտենք
որ
այդ
երգերուն.
անդաշնաւոր
բնատիպարները
ինչ
ցամաք,
երբեմն
տափակ
յօրինումներ
են:
Կոմիտասին
բաժի՞նը։
Հոս
է
որ
կը
սկսի
տագնապը։
Թորամանեան
կը
հաւատայ
որ
քարերու
մեր
տիրապետութիւնը
կը
կորսուի
շատ
հեռուները,
քաղաքակրթական
արշալոյսներուն։
Մեր
երջանիկ
նախնիքները
մեր
ճարտարապետութեան
անգիր
օրէնքները
սորված
են
դարերու
աշկերտութեամբ
մը։
Կրնանք
ընդունիլ
կամ
մերժել
երկու
հանճարեղ
արուեստագէտներուն
մտատեսական
(intuitif)
իմաստութիւնները,
քանի
որ
երկուքն
ալ
կ՚աշխատին
մշուշին
մէջն
ու
թանձր
խաւին
վրայ
փոշիին
ու
անծանօթին։
Այդպէս
չէ
պարագան
մեր
քնարերգութեան
որուն
հիմնական
ճամբարները
կը
մնան
մեր
նայուածքին
հասողութեան։
Այսօր
չենք
կրնար
Զուարթնոց
մը
իբրեւ
շրջուած
սկահակ
կախել
երկինքն
ի
վար,
ինչպէս՝
վերակազմել
Գողթան
երգերուն
ալ
լապէս
մութ
մեղեդին։
Ասոնք
պարզ
խօսքեր
են։
Բայց
կրնանք
մեր
քնարական
ստեղծագործութիւնը
պահել
արտադրող
ջերմութեան
մը
մէջ,
քանի
որ
հարիւր
տարի
է
պակաս
տեւողութեան
մը
վրայ
մեր
մշակոյթը
մէկէ
աւելի
շքեղ,
կատարեալ
դիւաններ
ունի
աւելցուցած
իր
պահեստին։
Ու
այս
յաւելումը՝
արեւմտահայ
գրական
վաստակին
մէջ,
կատարուած
է
քնարականին
վրայ։
Այս
խօսքերէն
յետոյ,
ներելի՞`
որպէսզի
տրուի
սա
էջերուն
վրայ
հայ
քնարականութիւնը,
ոչ
իբրեւ
բնազանցական,
գեղագիտական
թեմա,
տեսութիւններու
պարարտ
հագոյց,
այլ
իր
պարզութեան
մէջ,
այնպէս
ինչպէս
եղեր
էր
անիկա,
դարէ
դար,
գլխաւորաբար
երկու
ակօսներով
եւ
գիրքերու
մէջէն
ու
ժողովուրդին
բերնովը:
Այսինքն՝
կա՞յ
հայ
հոգիին
ցոլացումը,
տուրքը,
առքը,
արեւելահայերը
պիտի
գրէին՝
փառքը,
մեր
քնարական
ստեղծագործութեան
մէջ։
Ու
եթէ
այո՛,
որո՞նք
են
իր
գլխաւոր
նկարագիրները
եւ
որո՞նք
հեղինակները`
որոնց
մէջ
ներելի
ըլլար
մեզի
այդ
նկարագիրներուն
խոյզն
ու
արտահանումը։
Պետրոս
Դուրեանի
տաղարանը
ընդունա՞կ
է
նման
աշխատանքի
մը։
Բայց
ատկէ
առաջ,
ես
հարցումը
կը
դնեմ
Զարթօնքի
սերունդին
միւս
քերթողներուն
համար
ու
կը
հրաւիրեմ
ընթերցողը
որ
Ալիշանի
ամենէն
յաջող
քերթուածին
մէջ,
Լուսնկայն
գերեզմանաց
Հայոցը,
խնամքով
փնտռել
այն
քանի
մը
հիմնական
նկատուած
նկարագիրները
որոնց
գումարը
գրել
է
միշտ
կը
յանգի
տեսակի
մը:
Անշուշտ,
կայ
այդ
քերթուածքին
մուտքի
մասին
երկնայնութիւն
մը,
հոգեղէնին
հանդէպ
հզօր
ընկալչութիւն,
որով
ընկալչութիւն
հողեղէնին
ալ
հանդեպ,
նախնական
աստիճան
մը
երեւակայելու,
պատկերներ
դարբնելու,
դանդաղ
բայց
սիրտ
հասնելու
մօտիկ
կշռականութիւն
մը,
ներքին
թախիծ`
որ
մինակ
աբբայի
մը
հոգին
չթաւշեր,
այլեւ
անցներ
անհատին
սահմանները,
տարածուելու
չափ
քիչ
մը
մեր
բոլորին
ալ
զգայարանքներուն։
Տակաւի՞ն։—
Միամտութիւն։
Պարզութիւն:
Խօսքին
հուրքը:
Ու
կը
կեցնեմ
սա
արտահանումը,
հաստատելու
համար
որ
այսքան
խոշոր
գիծերու
վրայ
այնքան
պարզ
առանձնացող
սա
յատկանիշները
հազիւ
հազ
կը
պատկանին
ՔՆԱՐԱԿԱՆ
ՄԱՍՆԱՒՈՐՈՒՄԻՆ,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
ՑԵՂԱՅԻՆ
ԲԱՑԱՌԻԿ
ԶԵՂՈՒՄԻՆ
որ
կը
դատէ
մարմնեղէն
մոյնքը,
հոգեղէն
ճարտարապետութիւնները
իրարմէ
տարբեր
մարդոց
զանազան
արեան
դրութիւններուն։
Այդ
առանձնացումները
հաւասարապէս
հաստատելի
են
արեւելքի
(մերձաւոր)
բոլոր
ժողովուրդներուն
մօտ
ու
ատով
կը
դառնան
ընդհանրական
որով
եւ
տժգոյն։
Մեր
ժողովուրդը
ես
չեմ
տեսեր
իր
հայրենիքին
մէջ,
իր
արտին
գիրքը
կարդալու
սրբազան
ներշնչումին
մէջ,
իր
լեռներէն
թեւամբարձ
ու
իր
ջուրերուն
խորունկ
մեղեդիէն
օրօրուն։
Կ՚ընդունիմ
որ
այն
պակասը
ահաւոր
է
մէկու
մը
մօտ
որ
կը
յաւակնի
այդ
ժողովուրդը
վերլուծել,
այսինքն
անոր
արուեստը
հասկնալ:
Բայց
յարաբերականութիւնը՝
սա
մեր
խեղճ
ու
պատառ
աշխարհին
կամ
մեր
քրքրուն
հոգիներուն
համար
աւելի
քան
իրաւ
է ...
Այնշթայնէն
շատ
առաջ։
Ու
ես
տեսել
եմ
իմ
ժողովուրդը,
իր
հայրենիքէն
դուրս,
գերի
կամ
բաղդատաբար
ազատ,
դարձեալ
վերի
ապրումներուն
նուագին
մէջ։
Ու
ստուերէ
մը
աւելի
անգայտ
իմ
հայրը
իմ
մտքի
դաշտին
իմ
ժողովուրդին
խորհրդանշանն
է
քանի
որ
իմ
մօրս
բառերուն
մէջէն
անիկա
իմ
ջիղերուն
մէջ
հիւսուած
անթառամ
ու
անկապուտ
պատկերն
է
հողին
վրայ
աշխատող
մարդուն,
հոգ
չէ
թէ
հողը
ըլլար
օտարինը:
Ու
իմ
հոգիին
խորը
անվերածելի
սէնֆոնիներ
են
մեր
ողբերը,
գովքերը,
պարերգները,
սրբազան
տաղերը,
բոլորն
ալ
հաւանաբար
իրենց
սերմերը
առած
հեռու
կախարդական
մեր
հայրենիքին
ափերէն
ու
պահ
դրուած
մեր
արեան
դրութեան
ալքերուն,
անդունդներուն
ու
գագաթներուն:
Մեր
քաղաքները,
այսինքն
գաղթաշխարհի
մեր
պայմանները
հարկադրաբար
անցած
են
մեր
հողերուն
կերպարանքները,
բայց
մեզի
պարտադրուած
առանձնացումին
իբր
հետեւանք
մնացած
են
իրենց
առաջաւոր
յօրինուածութեան
մէջ
ու
կը
վկայեն,
որոշ
հարազատութեամբ,
այդ
սկզբնականէն։
Ահա
թէ
ո՞ր
մտածումներուն
լոյսին
մեր
գրականութիւնները
Կիլիկիա
(ԺԲ.
դար),
Վրաստան
եւ
Բիւթանիա
(ԺԹ.
դար)
կը
մերձենան
հաւաքական
կերպարանքներու,
մեզի
թելադրելու
չափ
ինքնութիւն,
նոյնութիւն,
որոշ
հարազատութիւն
այն
միւսներուն
հետ
որոնք
մեր
սարերը
կը
լուսաւորեն,
մեզի
կը
հայթայթեն
մշակոյթ
մը
հիմնաւորող
նախատարրերը
ու
հայոց
գրականութիւնը,
եկեղեցին,
ճարտարապետութիւնը,
երաժշտութիւնը,
հայ
հոգին:
Չեմ
հեռացած
իմ
առաջադրութենէն
որ
քնարականին
առանձնացումն
էր
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
մէջ։
Ալիշանէն
առինք
որոշ
փշրանքներ:
Միամիտ
պիտի
չըլլաք
այդ
փշրանքներուն
փշրանքներն
իսկ
գտած
ըլլալու
սակայն
Ալիշանն
ի
վար
երկարող
բանաստեղծներու
կարաւանին
հետքերուն,
վասնզի
Նար-Պէյը,
Կրտսեր
Ռոմանթիքները,
Եղիան
ու
Իրապաշտները
բռնի
բանաստեղծներ
են,
այսինքն
մարդեր՝
որոնք
գրելու
գիտութիւն
մը
կը
տարածեն
դէպի
չափաբերութիւն։
Վերցուցէք
Դուրեանը,
որոշ
մասերու
մէջ
Պէշիկթաշլեանը,
հասնելու
մտքով
ներկայ
դարասկիզբը,
դուք
պիտի
չունենաք
պատեհութիւն
մէջ
քնարականութիւնը
զգալու
մեր
գրագէտներուն
մօտ։
Աւելի
ասդին՝
մենք
կը
հաստատենք
Թէքէեանի,
Մեծարենցի,
Վարուժանի,
որոշ
մասերու
մէջ
Եարճանեանի
քնարականութեանց
հարազատ
մարմինները,
որոնք
հայ
հոգիէն
մեզի
խօսէին
յստակ
ու
տաք
[2]
։
Այսինքն
արեւմտահայ
գրականութիւնը
իր
քանի
մը
ընտրեալ
զաւակներուն
ընդմէջէն
մեզի
բերած
է
քնարականին
վրայ՝
որոշ
նուաճում:
Երբ
արեւմտահայ
բանաստեղծութիւնը
կը
սահմանափակեմ
այս
հինգ-վեց
անուններու
դիանին,
չեմ
գործադրեր
վանդալութիւնը`
ջարդ
ու
փշուր
ընելու
քանի
մը
տասնեակ
քերթողներու
մեզի
ձգածը
[3]
։
Քնարականութիւնը
առանձին
երեւոյթ
է
ու
ինքնաբաւ
գրեթէ։
Քիչ
անգամ
անիկա
կը
հանդուրժէ
իմացական
այլ
կարգէ
բխումներ,
նոյն
անօթին
ընդմէջէն:
Տեսութիւնը
բա՞ւ
արդեօք,
բացատրելու
վրիպանքները
Պէշիկթաշլեանին,
Դուրեանին
երբ
ասոնք
թատրոն
կը
յօրինեն,
համեմատական
նուաղումները
Մեծարենցի,
Թէքէեանի
արձակներուն
որոնք
մոռցուած
են
արդէն,
մինչ
միւս
կողմէն
գիտենք
որ
Վարուժանն
ու
Սիամանթօն
արձակ
չեն
ձգած
մեզի:
Մերձաւոր
անցեալի
մը
մէջ
անխառն
բանաստեղծութիւնը
(poésie
pure)
որ
անխառն
քնարականութիւնը
կը
նշանակէ
սա
տողերուն
վրայ,
ծնունդ
տուաւ
ընդարձակ
մեկնաբանութեանց
(Աբբա
Պէմոն,
Էտմոն
Ժալու,
Բօլ
Վալերի),
փոխադարձ
տեսութիւններու
ու
բանաստեղծութիւնը
իր
անվերածելի
իսկութեան
մէջ
սահմանել
ձգտող
վարդապետութեան
մը։
Ֆրանսական
դպրոցը,
իր
լեզուին
ցénieն
ալ
չմոռցաւ
վէճին
մասնակից
ընծայելէ,
վտանգելու
չափ
այդ
դժուարահաս
իսկութեան
ինքնին
զաղփաղփուն
ճակատագիրը։
Կրնանք,
վտանգին
շրջանը
ընել,
իւրաքանչիւր
լեզուի
ցénieն
կանչելով
այդ
լեզուին
քնարական
շնորհները
լուսաւորելու,
մասնաւորելու
տեսակէտներով։
Ոտանաւոր
մը
չի
թարգմանուիր,
այլ
կը
գրուի։
Համաձայն
ենք։
Բայց
ոտանաւոր
մը
միայն
հնչական
մոգախաղ
մը
չէ։
Կ՚ընդունիմ
որ
այդ
դիւթքը
կէսը
կազմէ
քերթուածին
փառքին։
Մնացեա՞լը։
Այսինքն
միշտ
անվերածնելի
իսկութի՞ւնը
որ
որքան
ալ
ըլլայ
ստիպուած
բառերու
մարմին
մը
հագնելու
ու
ձայնէն
ստանալու
մթին
դաշնակութիւններ,
առընչութիւններ
(Պոտլէռեան
իմաստով),
միշտ
կը
մնայ
պարտական
բառէն
առաջ
ներքին
թրթռման
մը,
յոյզերու
փայլակումի
մը,
գաղիացիք
կ՚ըսեն՝
սարսուռի
մը
որ
դարձեալ
կը
ջանայ
մարմին
դառնալ
ձայնէն
գրել
է
անկախ,
պատկերի,
կրակի,
խորքի,
գոյնի,
բլաստիք
տարրերու
նպաստներովը:
Որքան
ալ
լաւ
հասկնանք
օտար
լեզու
մը,
պիտի
չապրինք
անով
գրուած
ոտանաւորի
մը
այն
ապրումները
որոնք
այդ
լեզուին
հողային,
մարմնային
պայմաններուն
անհաղորդ
ծնածներուն
համար
փակեալ,
անթափանց
խորհուրդներ,
մեհենագրութիւններ
են
միայն։
Հոն
ուր
արեւելքցի
քննադատը
դասական
ողբերգութեան
մը
ներկայացման
ատեն՝
առոգանութիւն,
դիմախաղ,
ձայնի
մարզանք
կամ
բառերու
ռազմավարութիւն
կը
տեսնէ,
հարազատ
հանդիսականը
նոյն
այդ
ներկայացման
մէջ
կ՚ընդունի
մթին
դրութիւններ
բառէն
ու
ձայնէն,
ոգիէն
ու
նիւթէն
համերաշխաբար
յառնող
ու
զինքը
մինչեւ
իր
հոգեկան
անդունդները
դղրդող։
Այնպէս,
որ
չունինք
առանձնացեալ
իսկութիւն
մը
անխառն
քնարականութեան։
Հարցը
այսպէս
մասնավորել,
շրջագծել
չի
նշանակեր
անոր
խորութիւնը
վտանգել:
Ունինք
ցեղային
դրութիւններ,
այսինքն
նոյն
հողին,
արեան
ծնունդ
իuկութիւններ։
Ու
ինծի
կուգայ
թէ
սխալ
է
բանաստեղծութիւնը,
առհասարակ
արուեստի
զգայնութիւնները
ընդհանրացնել:
Չկայ
մեկ
հոգի,
որպէսզի
գոյութիւն
ունենար
արուեստի
մէկ
համակարգ
դրութիւն։
Անխառն
բանաստեղծութիւնը,
ինքնիր
մէջ
վերացեալ
յղացք,
իրականութիւն
մըն
է
սակայն
ժողովուրդէ
ժողովուրդ
որոնք
նոյն
զգայութիւնները
կուտան
կամ
կ՚առնեն
ուրիշներէ,
շեշտեալ
տարբերացմամբ
մը։
Մեր
ժողովրդական
երգերէն
մէկը,
օրինակի
համար՝
Կուժն
առայ,
ելայ
սարը,
եղանակէն
դուրս,
շէնք
մըն
է,
զոր
Պոլսեցի
մը
եւ
շինական
մը
երբեք
պիտի
չարժեւորեն
նոյն
չափերով։
Որքան
արդար,
մարդկային
էր
զայրոյթը
Պոլսեցի
դպիրներուն
երբ
Կոմիտասի
համերգներուն
համար
եկեղեցիները
սրբապղծուած
կը
նկատէին։
Մայր
եկեղեցւոյ
դպրապետը
բողոքած
էր
կրօնական
ժողովին
այդ
համերգներուն
համար
ուր
«բարով
քաղհան
կ՚ընէին
աղջիկները
եւ
«պիպառով
տոլմա»
կ՚եփէին։
Ասիկա
կրօնականէն
անդին
հոգեբանական
տագնապ
մը
կը
մատնէր,
արդիւնք`
ապրումներու,
հոգեխառնութեանց
խորունկ
տարբերութեան
մը։
Եւ
սակայն
ոլորակեալ,
տաճկըցած
ձգձգումով
«Սուրբ,
սուրբ,
Տեր
զօրութեան»
եղանակող
երաժիշտը,
պոլսական
իր
ապրումներով
լիայագ,
փակած
էր
հոգին
իր
ժողովուրդին
աւելի
հեռու
բայց
ավելի
ընդարձակ
ապրումներուն։
Այս
յիշատակութիւնները
կը
ձգտին
քնարական
իսկութիւնը
ազատագրելու
ամբոխային
գունաւորումներէ,
գրական
մտավախութիւններէ,
վարժութիւններէ,
վարժապետական
կարգապահ
սահմանաւորումէն։
1870ին
Բագրատունիի,
մանաւանդ
Հիւրմիւզի
մէկ
քերթուածը
ինքնին
անկնճիռ,
անհպելի
բանաստեղծութիւնն
էր
անոնց
համար
որոնք
Վենետիկէն
դեռ
չէին
պաղած.
ըսել
կ՚ուզեմ՝
դպրոցական
իրենց
մարզանքներուն
կիրքը
կը
շփոթէին
քերթողութեան
հետ։
Նոյնիսկ
այդ
խումբին,
շրջանակին
հետ
լայն
աղերսներ
մշակող
Գրիգոր
Օտեան
մը
Ալիշանի
մէկ
հասարակ
յղացքին
մէջ
կը
կարծէր
գտած
ըլլալ
խորունկ
բանաստեղծութիւնը
յատկանշող
շնորհներ։
Ուրե՞մն
է
1870ին
ի՞նչ
կը
ներկայացնէր
իր
իսկութեան
հաւատարիմ
կոչուելու
արժանի
արեւմտահայ
բանաստեղծութիւնը։
Պարզ
է
պատասխանը
զոր
բանաձեւելու
համար
բաւ
է
կարդալ
շրջանին
քերթուածները,
մանաւանդ
անոնց
արթնցուցած
արձագանգը
շրջանակներուն
վրայ:
Մինաս
Չերազ
իր
Գրական
Փորձեր
հատորին
յառաջաբանին
մէջ
այդ
մասին
ունի
վճռական
վկայութիւններ։
Մէջտեղն
է
իշխանական
վարկը
Մ.
Պէշիկթաշլեանին։
Կան
նոյնքան
երանեալ
ու
երանելի
փառքերը
Սէթեանին,
Թէրզեանին,
նոյնիսկ
վաղազուարթ
համբաւը
Ռեթէոս
Պէրպէրեանին։
Կան
ազգային
միատրոփ
ու
ամէն
հիւղակ
իրենց
մուտքը
ընող
քայլերգները։
Կայ
անմատչելի
մեծութիւնը
Գամառ–Քաթիպային:
Այս
յիշատակութիւնները
անոր
համար՝
որպէսզի
պարզ
ըլլան
ճակատագիրները
Դուրեանի
քերթուածներուն։
Դեռ
չեմ
կրցած
հաշտուիլ
հրաշքին
որ
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
այդ
ոտանաւորներուն
լոյս
տեսնելու
համար
օրաթերթի
մը
կամ
հանդէսի
մը
բարեացակամութի՜ւնը։
Վասնզի
տակաւին
այսօր
մենք
ունենք
գրողներ
որոնց
գործերը
կը
մնան
դարակի
մէջ,
առ
ի
չգոյէ
հրապարակի,
եթէ
կը
ներուի
խօսիլ
այսպէս։
Ամերիկահայ
մեծագոյն
գրական
հանդէսը
հանրաքուէով
վտարեց
Օշականը։
Աս
ալ
փաստ
մըն
է
մեր
իմացական
հասկացողութեան։
Եւ
սակայն,
ընդդէմ
այդ
ամենուն,
կայ
Պետրոս
Դուրեանը:
Կայ,
գրեթէ
առանձին,
ոչ
միայն
իր
շրջանին
համար,
այլ
թերեւս
տասնըհինգ
դարը
անցնող
հասակին
վրայ
մեր
ժողովուրդի
գրաւոր
քնարականութեան։
Աւելի
անդին,
Դուրեանի
բանաս:
տեղ
ծական
տարողութիւնը
ես
կը
ձգեմ
բաւարար
վերլուծման
որպէսզի
պարզ
ըլլայ
մարդոց
միջինին
համար
իմ
հիացումը,
հպարտութիւնը,
խանդավառութիւնը
երկու
տասնեակը
հազիւ
անցնող
տաղերու
փունջի
[4]
մը
դիմաց։
*
*
*
Կարճ
բայց
լեցուն
կեանքերու
ներքին
տուրքին
ու
տռամային
իբրեւ
վկայութիւն
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ունի
մէկէ
աւելի
տաղարաններ
[5]
։
Դուրեանի
տաղարանը,
ասոնց
մէջէն
կը
զատուի,
ըլլալու
համար
ամենէն
խորը,
իրաւը,
ինչպէս
սկզբնատիպը։
Աւելի՞ն։
Այսինքն
կը
ներուի՞`
իր
անունին
հետ
բարձրանալ
համաշխարհիկ
քերթողութեան
վաւերացեալ
կիսաստուածներուն
(որոնց
մասին
տուած
եմ
բաւարար
լուսաբանութիւն
այս
աշխատանքի
Մուտքին)
ու
առաջարկել
զայն
իբր
վկայութիւն
մեր
ժողովուրդին
զգայնութենեն,
իմացական
շնորհներէն,
արուեստի
զգայարանքէն:
Անշուշտ
Վիրգիլիոս,
Տանթէ,
Բեթրարք
ու
նմանները
ուրիշ
փառքեր,
ուրիշ
ապրումներու
եւ
ժամանակներու
վկայութիւն։
Աւելի
մեզամօտ
շրջաններու
մէջ,
գրելու
դիւրութիւնը,
դպրոցական
մարզանքները,
գրական
վայելքին
ընդհանրացումը
կը
միջամտեն
որպէսզի
սերունդի
մը
հասակովը
ժողովուրդները
ողջունեն,
կամ
ողջունել
կարծեն
բազմաթիւ
վկայութիւններ,
մեծատարած
ու
հեռահաս:
Բայց,
միւս
կողմէն,
գրականութեանց
պատմութիւնները,
այդ
նոյն
ժամանակին
ճնշումին
ներքեւ,
ստիպուած
են
թաղելու
նոյն
այդ
սերունդին
բազմաթիւ
փառքերը
ու
յարգելու
քիչեր,
որոնց
հանդէպ՝
եթէ
շրջանը
երբեմն
պարզած
է
արդար
ու
միամիտ
հիացում,
երբեմն
ալ
ցոյց
է
տուած
ահաւոր
անհասկացողութիւն։
Մեր
տկլոր
գրականութեան
(արեւմտահայ)
առաջին
կէս
դարը
որքան
տրտմօրէն
հարուստ
է
այս
փառքերով։
Չեմ
դառնար
ետ,
դատելու
համար
մեր
Ռոմանթիքները,
Կրտսեր
Ռոմանթիքները։
Ուրիշ
կէս
դար
մը
բաւ՝
որպէսզի
մարդիկ
անդրադառնային
իրենց
տկարութիւններուն
ու
կուրութեան։
Այսօր
մեր
քերթողութեան
համար
ձրի
բեռներ
են
մէկուկէս
սերունդի
հիացումները:
Այսօր,
դարձեալ,
սփիւռքի
տղաքը
կը
կրկնեն
իրենց
հաւերուն
մեղքերը,
հրապարակ
արձակելով
տաղարաններ
որոնց
դատապարտութիւնն
իսկ
ժամավաճառութիւն
կը
թուի
բազմազբաղ
քննադատին
համար:
Ու
աւելի
յստա՛կ։
Այսօր,
մէկ
ու
նոյն
մեղքին
տիրապետութիւնը
մեր
հայրենիքի
քերթողներուն
մանաւանդ
արտայայտութեան
վրայ,
երբ
քառորդ
դարէ
ի
վեր
երկու
քառորդ
էջ
լեցնելու
չափ
իրաւ
քերթուած
չէ
անցած
ցեղին
հաւաքական
հարստութեան,
այնքան
ուժգին
ապրումներու
իբրեւ
անդրադարձ:
Բանաստեղծութիւնը
—
իրա՜ւը
—
դարերու
արգանդով
կը
հասնի
մեզի
ու
դարեր
կը
մաշեցնէ
փոշիանալու
համար։
Պիտի
ընեմ
կշիռը
Պ.
Դուրեանի
բանաստեղծական
արժէքին,
աւելի
ուշ:
Հոս,
թելադրել
ուզա՛ծս՝
այդ
պզտիկ
տաղարանին
այլատիպ,
բացարձակ
ինքնութիւնն
է,
ինքնատպութիւնը։
Պետրոս
Դուրեան,
ըսի
առաջները,
ազգերու
մեծագոյն
բանաստեղծներու
գիծէն
(ligne)
երջանիկ,
սրբազան
նմոյշ
մըն
է
որուն
փառաւորումը
կամ
արժեզրկումը
(եղան
այդ
սրբապիղծներն
ալ
որոնք
այդ
գործը
իջեցուցին
իրենց
ծաղկուն
տաղաչափութեան
կշիռներուն
ու
ֆրանսերէնի
թարգմանելով
անկէ
կտորներ,
բաղդատեցին
ինքնագիր
-
միշտ
ֆրանսերէն
—
քերթուածներու)
առիթ
է
անհեթեթութիւններու
ինչպէս
լայն
վերբերումներու
մեր
ժողովուրդին
ապրումներէն։
Այդ
տաղարանը
լեցուած
է
իր
ձախող
(բարեբախտաբար
քիչ),
միջակ
(բարեբախտաբար
դարձեալ
քիչ),
յաջող
(բարեբախտաբար
առատ)
մասերուն
բոլորին
ալ
մէջը
քերթողական
զգայնութեամբ
մը
որ
ձախողանքը,
միջակութիւնն
ու
տկարու
թիւնները
սրտառուչ
ձեւով
մը
կը
պաշտպան
է։
Անշուշտ
կարելի
չէ
փրկել
Առ
կոյսն
աճպարարական
արարքը։
Կարելի
չէ
1867ին
(այսինքն
երբ
Դուրեան
տասնըհինգ
տարեկան
տղայ
մըն
է)
գրուած
Իցի՜ւ
թէ
տաղը,
գաղիացիք
պիտի
ըսէ
ի
élégieն։
Ու
նոյն
մտածողութեամբ՝
հանդուրժեալ
Մանուկն
առ
Խաչ,
տղայաբանութիւնը,
մահուան
տարին
գրուած
(1871),
թերեւս
Լճակէն,
Յուշքէն,
Իղձքէն
վերջը
նոյնիսկ:
Բայց
այդ
քերթուածները
կորանքներ
են,
պարզ,
անվերարկու:
Ինչպէ՞ս։
Ատիկա
պէտք
պիտի
ըլլար
հարցնել
երկինքի
տժգոյն
որդեգիրին։
Մէկ
անգամուան
համար
հոս
կը
յայտարարեմ
որ
Դուրեանի
քերթողական
թէքնիքին
բոլոր
նուաղումները,
միջակ
ու
ձախող
քերթուածներուն
դատախազութիւնը
կը
ձգեմ
ուրիշներու
կալուածին։
Չրաքեան
կը
խծբծէր
Տրտունջը։
Ուրիշներ
տղայական
գտան
Իմ
մահըն։
Ատիկա
իրենց
վա՜րձքը։
Իմ
դերն
է
այս
տղուն
մեզի
ձգած
ժառանգութեան
մէջ
խանդավառուիլ
ոսկիին
բաժինովը,
պղինձը
շահագործելու
ընչաքաղցութիւնը
լայն
լայն
զիջելով
բոլոր
ժամանակներու
ստերջ
դատաւորներուն։
Դուրեանի
քերթողական
զգայնութիւնը
այսօր
ալ
մեզ
կը
յուզէ
արտակարգ
իր
թարմութեամբը:
Ճիշդ
է
որ
իրաւ
քերթուածները
չեն
ծերանար
արագութեամբ:
Բայց
կարդացէք
Ի՜ՆՉ
Կ՚ԸՍԵՆ
Ինծի
կ՚ըսեն
—
ինչո՞ւ
լուռ
ես».
—
«Ո՛հ,
միթէ
բառ
կամ
խօսք
ունի՞
Արշալոյսը
որ
կը
բռընկի,
Զի
անհուն
է
այն
ալ
ինձ
պէս»։
Ինծի
կ՚ըսեն
—
միշտ
տխուր
ես».
—
«Ի՞նչպէս
չըլլամ.
մէկիկ
մէկիկ
Թօթափեցան
գլխուս
աստղիկք ...
Արշալոյս
մը
չանցաւ
uրտիu»։
Ինծի
կ՚ըսեն
—
կըրակոց
չես,
Լըճակի
մը
պէս
ես
մեռած,
Դալկահա՛ր
դէմքդ
ու
հայեցուած».
—
«Ո՛հ,
յատակն
են
իմ
փրփուրներս»։
Ես
ինձ
կ՛ըսեմ
—
ժամդ
է
հասեր,
Քու
երկրորդ
սեւ
մօրդ
գընա
գոգ,
Գերեզմա՛ն,
հո՛ն
գտնես
դու
գոգ
Վարդեր,
թրթռում,
թռիչ
ու
աստղեր…»:
(1871)
(ՏԱՂՔ
ԵՒ
ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՔ)
ու
փակեցէք
ձեր
նայուածքը
ձեր
վրայ
որպէսզի
բացուին
ձեր
հոգիին
դաշտերը,
գերեզմանները
ու
առանց
ռոմանթիզմի
հետտեւիք,
այդ
տրտմութեան
ածուներու
երկայնքով
անոր
ստուերին
որ
հիւանդն
է,
սանկ
կրակին
շաղը
վրան,
մեղրամոմին
դալկութեան
կեդրոնին
մահուան
վարդերով
պսակաւոր։
Չեմ
վերլուծեր
ձեր
զգայութիւնները։
Բայց
կը
հրաւիրեմ
որ
բանաք
ձեր
աչքերը,
հիւծաւոր
մահուան
առանձնարաններու
պարտէզներուն,
ուր
հովանոցակի
մը
թեւերուն,
պարզ
տաղաւարատիպ
սենեակի
մը
պատուհանէն,
քսանամենի
պարման
ձեզ
դիտէր…:
Լո՞ւռ:
Ո՜վ,
մեր
արշալոյսները
որոնք
չեն
իսկ
կարող
բռնկելու,
երբ
մեր
ցաւին
մէջ,
մեր
սիրականը
այդպէս
յանձնած
Աստուծոյ
հովին
ու
մահուան
գիրկին,
կը
շտապենք
դառնալ
մեր
տունը,
նստիլ
բազմոցին
ուր
սանաթորիոմի
կալանաւորին
առողջ
թարմութիւնը,
կեանքին
բոլոր
քաղցրութիւններովը
պսակաւոր
մեզի
պիտի
զարնէր
մեղքի
մը
նման։
Ըրէք
այդ
հիւանդը
ձեր
սիրականը,
ձեր
տղան,
ձեր
եղբայրը,
ձեր
քոյրը,
ձեր
կինը։
Ու
հարցուցէք
թէ
Պետրոս
Դուրեանի
քերթուածին
մէջ
կա՞յ,
փշրանք
մը
ապրում
որուն
օտար
մնայիք,
այսօր,
այդ
տողերուն
գրուելէն
երեք
քառորդ
դար
վերջը:
Թարմութիւնը
երիտասարդութիւնը
չէ
սակայն։
Թարմութիւնը
ապրումին
հուրքը,
ուժը,
սաստկութիւնը
նկարել
ձգտող
բացատրութիւն
մըն
է
ու
թերեւս
առաջնակարգ
ազդակ
մը,
բանաստեղծին
զգայնութիւնը
անթառամ
փոխանցող
սերունդէ
սերունդ։
1870ին
կային
քսանամենի
տղաք
որոնց
սիրտէն
արշալոյս
մը
պիտի
չանցնէր:
1900ին
անոնք
լեգէոն
էին
(քանի
որ
մերձաւոր
արեւելքի
մէջ
հիւծախտը
իր
բոլոր
թափովը
կ՚ապրէր,
օգտուելով
միջավայրին
նորութենէն
ինչպէս
փակ
տուներուն
այլապէս
ընկալուչ
պայմաններէն
երբ
պատուհանը
մեղք
մըն
էր
ու
արեւը՝
կիներու
դէմքին
արգիլուած
ոսկի,
Տարեմական
բարքերու
հետեւանք):
1945ին
կան
անոնք,
բուժարաններու
աչքագեղ
թարմութիւններուն
մէջ,
դանդաղ
մեռնելով
կամ
մահուան
յաղթելով։
Դուրեանի
բոլոր
քերթուածները,
—
միշտ
նկատի
ունեցէք
յաջողակները
—
կը
վերածուին
մեր
օրերու
տռամաներուն։
Ու
ահա
տարբերութիւն
մը։
Առ
զեփիւռն
Ալեմտաղին
ալ
զգայնութեան
մը
վկայութիւնն
է։
Կարդացէք
որպէսզի
համոզուիք
թէ
որքան
անթարմ
է
անիկա,
հակառակ
իր
շքեղ
վկայութիւն
մը
ըլլալուն,
բայց`
ա՛լ
անվերադարձ
մեզմէ
հեռացող
կեանքի
մը
քաղցրագին
հեւքերէն,
տագնապանքէն,
ցաւերէն։
Այսօր
ալ
մեր
անտառներուն
մէջ
հանդիպել
են
աղջիկներ,
որոնք,
աւաղ,
բանաստեղծին,
«...
Երեկոյեան,
Ի
զով
ստուեր
պար
մը
կուսից»
չեն
կրնար
ըլլալ,
Մազերն
հովուն
բազմաբուրեան,
Սիրտք
ընծայուած
հեշտ
վայելից ...
ու
չկան,
դարձեալ,
աւա՜ղ,
իրար
շոյելու
համար
«լուսնակին
շողը»,
«կոյսն
ու
ծաղիկը»:
Մեր
օրերու
անտառը
զեփիւռներն
իսկ
վերածած
է
վարձու
վիլլաներու
րէքլամին
ու
ասոնց
ներսը
ոսկիով
գնելի
ամենէն
անասնական
հաճոյքներուն։
Պէշիկթաշլեանին
օրով
հիւանդները
երջանիկ
կը
զգային
զիրենք
երբ
իրենց
ճակատներուն
կրակը
տային
հովերուն
գգուանքին
որպէսզի
«դառն
հոգերը
մէկիկ
մէկիկ
հեռանային»
անոնց
վրայէն։
Հասկնալի՞`
փոխուածին
նկարագիրը։
Ես
կը
դառնամ
Պետրոսին
ու
զայն
կը
պտտցնեմ
Պէշիկթաշլեանի
հետքերէն։
Չամլըճայի
սարը
անշուշտ
հազիւ
թէ
պղտոր
յուզում
մը
պիտի
թելադրէր
ձեզի
որ
չէք
եղած
այդ
«Ստանպոլի
կապոյտ
գօտւոյն»
մտերմիկ
ամայքներուն,
Դուրեանին
պատկերովը՝
թաւուտներուն
ներսը
«
Լո՜ւռ
մըխալու
»,
ձեր
կուշտին
ունենալով
կոյսերու
տեղ
մահուան
համար
հասունցած
ձեր
մէկ
տարեկիցը,
ճիշդ
ու
ճիշդ
ձեր
դալկութեամբը,
ձեր
յուսահատութեամբը
ու,
աւա՜ղ,
ձեր
ալ
մեղրամոմեայ
գեղեցկութեամբը։
Մխալ՝
ափ
ափի:
Մխալ՝
աչք
աչքի:
Մխալ՝
սիրտ
սիրտի
ու
այրիլ
իրարու
մէջ
Զերդ
երկու
տժգոյն
բոցեր։
Անշուշտ
մեծ
բանաստեղծ
մը
ծնած
պիտի
ըլլայիք
եթէ
երբեք`
այդ
լուռ
սուզումը
կարողանայիք
վերածել
սա
կաղապարով
անմահ
քանդակներու,
«
Մեր
հոգիքը
նոճիներու
Թուխ
թիթեռներ
էին
տրտում ...
»
տողեր
ասոնք`
որոնց
շաղը
դեռ
չէ
իսկ
չորցած,
այնքան
զանոնք
իր
արեան
ծովէն
վերաբերող
բանաստեղծը
խիտ
է
ընծայած,
երբ
կը
նետէ
թուղթին,
վերջնական
ու
անայլայլի
ինչ
պէս
կ՚ընէ
երբեմն
բնութիւնը,
անհուն
կրակներու
դրութեան
մը
մէջէն
հասարակ
ածուխը
վերածելով
ադամանդի։
Դուրեանի
քերթուածները,
անոր
սրտին
անհուն
«քուրայէն»
պիտի
պահեն
ժայթքումին
բովանդակ
զովութիւնը,
ցոլացքը,
մատաղութիւնը։
Այս
առաքինութեամբ
է
ահա
որ
Պետրոս
Դուրեանի
տաղարանը
կը
դադրի
գրական
հաւաքածոյ
մը
ըլլալէ
ու
կը
ստանայ
խորհրդանշական
իր
փառքը:
Իր
ժամանակ
է՝
չվախեցող
գործը
կրնայ
պատահիլ
որ
ներքին
խօթութեան
մը
մնայ
պարտական
իր
այդ
հանգամանքը
ու
չորնայ,
անվերադարձ,
չանցնելով
ուրիշ
ժամանակի
մը:
Մագիստրոսի
փառքը
ստերջ
փառք
մըն
էր
որ
իրեն
հետ
հող
իջաւ,
ոչ
մէկ
ջերմութեան
պահ
ապրելով
իր
գործաւորին
հետ,
երբ
ողջ
էր
ասիկա
ու
անկէ
վերջ
մեռնելով,
պարզ
ու
անարձագանգ։
Կրնանք
Դուրեանի
տաղարանի
թարմութիւնը
վերբերել
պարագայական
իրողութիւններէ։
1870ին
հասուն,
լուրջ,
տալիքը
առած
մարդոց
բանաստեղծութիւն
մը
թերեւս
ազդակ
հանդիսանայ
սա
դարուն
մատաղութեան
բոլոր
համին,
անուշութեան,
խռովքին։
Բայց
մի
մոռնաք
որ
այդ
թուականներուն
մենք
ունինք
Եղիա–Չերազ–Պէրպէրեան
երրեակին
ալ
գարունքը,
երեքն
ալ
մուսաներու
դարպասող
ու
պատմուճանեալ
քնարակիր:
Չերազին
Առ
զեփիւռը
տարեկից
է
իբրեւ
հոգի
Դուրեանին
նոր
գոցուող
տապանին։
Այսօ՞ր։
Այդ
քերթուածը
կը
հետաքրքրէ
գրականութեանց
պատմիչները
միայն,
իր
շրջանէ
մը
պահած
քանի
մը
փաստերուն
գինովը։
«Զայն
կարդա՞լ»։
Կ՚անցնիմ։
Ու
այս
դժբախտութիւնը
իրաւապէս
ու
հաւասարապատիւ՝
գոյ
է
Եղիային
ինչպէս
Պէրպէրեանին
համար։
Տարիքին
թարմութիւնը
ուրեմն
անբաւական
է
կտորի
մը
պատանութիւնը
ապահովելու:
Զաւէն
Սիւրմէլեանի
Լուսաւորչի
աստղին
տակը
(Լոյս
Զուարթ)
առնուազն
հասուն,
տարիքէն
կոխուած
մարդու
հոգեխառնութեան
է
յայտարար։
Ծերութիւնը
հիւանդութիւն
չէ։
Քսան
տարեկանին
երբեմն
հոգին
ծեր
է
հարիւրամեի։
Զաւէնը
Լոյս
Զուարթէն
յետոյ
թաղուեցաւ
հայ
բանաստեղծութեան
համար։
Անոր
նոր
կեանքը
ամերիկեան
գրականութեան
մէջ
ոétamorphose
մըն
է
ու
չի
պատկանին
գրականութեան,
ինչպէս
Illuminationի
վեշտասանամեայ
տղուն
անբանաստեղծ
մասը,
իր
հրաշահիւս
արշալոյսէն
վերջ
պիտի
շարունակէ
կենդանական
իր
ճակատագիրը
իրագործել,
զայն
հասցնելով
յիսունէն
ալ
անդին։
Միջանկեալ
երեսունէ
աւելի
տարիներուն
Ռէնպօ
ամէն
բան
է.
—
բեռնակիր,
գործակատար,
յանձնակատար,
շիլ
գործերու
միջնորդ,
հիմնովին
օտար
իր
գարունքին։
Կ՚ըսեն
թէ
հիմնովին
անհաղորդ
մեռաւ
գրականութեան,
ապրելէ
ետքը
թափառական
բախտախնդիրի
մը
հարազատ
cycle:
Այս
փաստերը
բա՞ւ`
որպէսզի
ազատուի
ժամանակին,
մանաւանդ
տարիքին
կնիքէն
այդ
տաղարանը,
ըլլայ
մեծին,
ինչպէս
պզտիկին
զգայնութեանց
համար
իրաւազօր
ու
կենդանի:
Դուրեանի
զգայնութեան
երկրորդ
նկարագիրը`
իր
յորդութի՛ւնը:
Զոր
պէտք
չէ
շփոթել
հռետորական
զեղումին,
ուժին,
փարթամ
առատութեանցի
հետ,
օրինակի
մը
համար`
Վարուժանի
շնորհներուն,
որոնք
այլապէս
իրաւ
բարիքներու
յորդահոսան
աղբիւրներ
եղան
անոր
գործիին
երկայնքին։
Բացէք
սակայն
Հեթանոս
Երգերը։
Ձեզ
տպաւորողը
ուժէն,
յորդութենէն
աւելի՝
զանազանութիւնն
է
կիրքերուն,
ապրումներուն,
ասոնց՝
մասնակիին
մէջ
արթնցուցած
շրջագծեալ,
գրեթէ
զուսպ
լիութիւնը։
Տաղանդը
չէ
հեղինակը
այս
բազմազանութեան։
Վարուժան
ուրիշ
բարեխառնութեան
մը
պատկանելով
ալ
չի
լուսաւորեր
այս
կերպարանքը
իր
գործին։
Վասնզի
1900ը
շատ
ալ
տրամագծապէս
հակադրութիւն
մը
չի
կազմեր
1870ին։
Մենք
միշտ
մեր
խառնուածքը
կիրագործենք:
Բայց
հազիւ
կ՚անդրադառնանք
այն
խուռն
ու
խիտ
իրողութիւններուն
որոնք
կը
գումարուին
այդ
պիտակին
տակ
(խառնուածք)։
Բացէք
հիմա
1870
տղուն,
ան
ալ
երկաթագործի,
Պոլիսէն
դուրս
գիրքերէն
միայն
աշխարհ
մը
թեւաթողի,
իմացական
շատ
սահմանափակ
հետաքրքրութիւններ
սնուցանելու
միայն
ընդունակ
պատանին
թէկուզ
հանճարային
բարեխառնութիւնը
(գաղիացիք
ունին
tempe
ramentը)
ու
դրէք
մօտիկը
միւսին,
աս
ալ
գիւղացի
բայց
բախտէն
որոշ
շնորհներու
արժանացած:
Այդ
Պոլիսը։
Աշուշտ։
Բայց
Վենետիկը։
Բայց
մանաւանդ
Եւրոպան:
Այսինքն
ջիղերու
դրութեան
մը
յաջորդական
բախումները,
ճակատումները
իրարու
հակադիր
աշխարհներու
ներսը։
Դուրեանին
համար
գիրքեր,
երազ,
Պոլիս,
ներքին
դժոխքը,
արտաքին
հմայքներ,
արցունք։
Վարուժան
որքան
ընդարձակ
մարզերու
վրայ
պիտի
նետէ
իր
ջիղերուն
ցանցերը։
Որքան
ալ
առատ՝
ըլլան
մեր
սկզբնական
տուրքերը,
հարկադրաբար
պիտի
նուազին,
երբ
զանոնք
ստիպուած
ենք
բաշխել
այնքան
տարբեր
սեւեռումներու։
Այս
է
պատճառը,
որ
մեր
մեծ
քերթողներէն
մենք
դժուարանանք
խառնուածքի
յորդութիւն
մը
ձեւաւորելու
որպէսզի
արդիւնքին
մէջ
—
այդ
խառնուածքներէն
բխած
—
մենք
հաստատենք
այն
տարօրինակ
յորդութիւնը
որով
կը
զանազանուին
Դուրեանին
տաղերը
միւսներէն։
Ունինք
Սիամանթոն,
որուն
զգայնութիւնը
իր
գործին
ընթացքին
կը
պարզէ
ուշագրաւ
միութիւն,
նոյնութիւն։
Բայց
հազիւ
կ՚անդրադառնանք
հիմա
որ
քանի
մը
քերթուած
այդ
երիտասարդէն
բաւ
են
զայն
կերպադրելու,
այնքան
քիչ
է
փոխուածը,
ժամանակին
հետ,
ու
այնքան
նոյն`
սկզբնական
յատակը
զգայնութեան։
Այս
օրինակներ:
անոր
համար՝
որպէսզի
ձեզի
համար
հասկանալի
դառնան
այսօր
դժուար
ըմբռնելի
իրողութիւններ
է
Դուրեանին
տաղարանին
ամենէն
լեցուն
ապրումները
կուգան
կոյսէն։
Չեմ
բանան
վէճը
այս
մտայղացքին
շուրջը։
Բայց
կ՚արտագրեմ
Ես
ուզեցի
միշտ
քովն
ըլլալ,
Մըտիկ
ընել
թնդիւն
սրտին,
Շնչել,
խըմել
ներա
հոգին,
Եւ
շօշափել
լոկ
ձիւնափայլ
Ծոծորակին
վըրայ
ծալ
ծալ
Թափող
վարսից
ալեակք
ծըփին։
(ԴՐԺԵԼ)
եւ
կամ
սա
միւսը
Ես
չը
սիրեմ`
հանդիպիմ
Երբ
կոյսի
մը
հեզանազ,
Որ
Եդեմ
մը
կը
բուրէ,
Վառի
երկինք
մը
երազ։
(ԶՆԷ
ՊԱՇՏԵՄ)
եւ
կամ՝
Կը
դողդողան
իմ
շուրթեր
Հըպիլ
սիրոյ
այդ
խըռով
Կոկոն–ծաղկանց`
խամրելու,
Արատելու
երկիւղով։
Այլ
որ
շուրթերն
յանդգնի
Հըպել
հրաշից
այդ
լոյսէ,
Կ՚երդնում
յաշխարհն
աստեղաց՝
Թէ
նա
դա՛ր
մը
կը
ծըծէ:
(ԿՈԿՈՆ
–
ԾԱՂԻԿՔ
ԿՈՒՍԻՆ)
եւ
սա
ուրիշը
Երբոր
վարդի
փունջք
հայեցի՝
Ծըլան
տժգոյն
ճակտիդ
վերեւ,
Խոնարհեցիր
աչերդ
արեւ,
Քեզ
այն
oրէն
ես
սիրեցի։
Թերթեր
յուզող
սիւգի
մը
պէս՝
Թըռար
սրտիս
ծալքերն
թօթվել,
Քընարի
մը
կըրակէ
թել`
Քեզ
ձըգեցիր
դու
աղիքէս։
Գայ
սիւքն
զով
քեզ
այցելու,
Նային
քեզի
աստղերն
ազատ,
Ըստուերին
մէջ
մինակ
ու
զատ՝
Ես
կը
դողամ
քեզ
մօտելու:
(ՀԾԾԻՒՆՔ)
ուրիշ՝
Դեռ
չը
գրկած
էակ
փունջ
մը
Ժպտէ,
գեղէ,
հուրէ
շաղեալ,
Գրկե՛լ
սա
ցուրտ
հողակոյտը,
Ո՛հ,
չէ՛
այնչափ
ցաւ
ինձ
համար:
(ԻՄ
ՑԱՒԸ)
ու
կարճ
ըլլալու
համար՝
Ո՜վ
հովանի՛ք,
թաւո՛ւտք,
խորշեր
անմարդի,
Ուր
դայլայլիկ
թռչնոց,
խորշիւն
սաղարթի,
Եւ
երբ
լըսուի
շրջազգեստի
մը
շրշիւն
Զոր
տերեւոց
վըրայ
սըփռի
մերկ
առուն,
Երբ
շուքին
տակ
կոյս
մ՚առանձին
ընէ
ման,
Ես
տերեւոց՝
ետեւ
դողամ
անոնց
նման,
Ու
չըլլայ
թէ
դիպիմ
աչքին
բոցեղէն,
(Պէ՞տք
է
դողայ
միթէ
տերեւն
արեւն) ...
(Անվերնագիր)
Զանազան
քերթուածներէ
սա
մէջբերումները
ձեր
մտքին
մէջ
կը
բանա՞ն,
գէթ
աղօտակի,
ի՛նչ
որ
այդ
տղուն
հոգետունին
այնքան
իրաւ
պատկեր
մըն
էր,
հաւանաբար
երկրորդ
մանկութեան
սահմաններու
նուաղման,
ու
առջի
պատանութեան
մէջ
անոր
աստուածուհին
իբրեւ
ապրեցաւ
այդ
խորանին
խորը
ու
անոր
մահագիր
շրթները
թրթռման
մէջ
պահեց,
երիտասարդութեան
կրակները
վերէն
կառավարեց
ու
մահիճին
քով
աննահանջ
շուքի
մը
պէս,
Պէշիկթաշլեան
կը
գրէ՝
մահուան
hրեշտակի
մը
պէս,
անոր
ողջակէզը
հանդիսաւորեց,
զգալի,
տեսանելի։
Ըսի
թէ
զուրկ
էր
շահեկանութենէ
այդ
երազին
անուն
մը
ճարելը։
Ունիմ
Մեծարենցի
խոստովանութիւնը
որ
պարզ
է
ու
ահաւոր։
«Պիտի
մեկնէր
սա
աշխարհին՝
համբոյր
մը
չառած»:
Դուրեանին
համար
ողբերգութիւնը
հոն
էր
որ
Մեծարենցին
պէս
եղերականութեան
սարսափով
մը
չէր
տառապեր։
Ամէն
ցաւ,
ամէն
արիւն
իր
բերնէն,
ամէն
նայուածք
շրջապատին
ու
մարդոց
վրայ
անոր
կը
դառնար
ետ,
երազին
գոլովը
ջերմացած,
արիւնոտ։
Հազիւ
քանի
մը
միջակ
քերթուածներ
որոնց
մէջ
կոյսը
չըլլայ
տիրական
խռովքը։
Եւ
սակայն
այդ
քերթուածներէն
ամենէն
խռովիչները
ուրիշ
էատարր
չունեցան։
Ու
անոր
քնարական
զգայութիւնը
բաւեց
այդ
տաղերը
լեցնելու,
միշտ
իրարմէ
ազատ,
իրարմէ
սրտառուչ
ու
խորունկ
կերպարանքներու
ներքեւ
թանձրացնելով
այդ
անգայտութիւնը:
Սիրային
քերթուածներ
չեն
այդ
տաղերը,
այլ
արտակարգ
յորդութեամբ
թրթռուն
կաղապարներ,
որոնց
տարօրինակութիւնը,
անաշխարհայնութիւնը
տեսակ
մը
պաշտպանութիւն
ալ
կը
ճարէ։
Եթէ
ուզէք
այդ
յորդութիւնը
ստուգել
ցաւին,
կարօտին,
մահուան
սրսփուքներուն
նուիրուած
տողերու
մէջ,
դուք
պիտի
տպաւորուիք
նոյն
ու
մէկ
ապրումով։
Ատիկա
այդ
տղուն
զգացական
տարօրինակ
յորդութիւնն
է
որ
փոխանակ
յոգնեցնելու
(յիշել
Սիամանթոն)
մեզ
կը
նուաճէ։
Անշուշտ
այս
քնարական
յորդութիւնը
արտադրութեան,
քանակի
հարցեր
պիտի
չյուզէ
ձեր
ներսը։
Թովմաս
Թէրզեան
հինգ
հարիւրէ
աւելի
կարճ
կամ
երկար
քերթուածներու
փաստին
հակառակ՝
քնարական
անգնելի
չքաւորութեամբ
մը
տառապեցաւ
աւելի
քան
կես
դար։
Ունինք,
միւս
կողմէն,
Սայաթ–Նովան
որուն
հայերէն,
թրքերէն,
վրացերէն
խաղերը
(իրն
է
բառը,
երգ
նշանակութեամբ)
դարձեալ
չեն
յոգնեցներ,
վասնզի
քերթողին
ներքին
յորդութիւնը
կ՚nղողէ
ասոնք
բոլորը։
Ու
կուտամ
այս
յորդութեան
հին
ու
հեռու
օրինակ՝
Աղօթամատեանը
եւ
Գրիգոր
Նարեկացին
գէշ
կամ
հազիւ
գրագէտ
—
ըսել
կ՚ուզեմ՝
գրելու
օրէնքներու
յարգային
ըլլալուն
մասին
դոյզն
իսկ
փոյթ,
կասկած
չտածող
դիւահար
մը
-
այդ
յորդութիւնը
պարզած
է
մարդերէն
դուրս
ապրումներու
կրկէսին։
Անոր
Աստուածը
ոչ
միայն
տիեզերք
մըն
է,
այլ
այդ
տիեզերքը
լեցնող
ամենէն
բուռն
ինչպէս
ամենէն
նուրբ
ապրումներուն
գումար,
այսինքն
Նարեկացին
այդ
զզայնութիւնը
տարածած
է
աստուածային
յորդումով։
Անոր
սատանան
նմանապէս
գումար
մըն
է
խորագոյն,
սեւագոյն
աղտերու
որոնց
ակունքը
մեր
սրտերուն
գաղտնաստանին
մէջ
կը
բացուի:
Դուրեան
պահած
է
չափը
ու
չէ
կրկնած
վանականին
յոգնեցնող,
հիմնովին
անփոյթ
թափթփածութեամբը։
Յորդութիւնը
յաճախ
մեղքերուն
մահացուն
է,
երբ
արտայայտութեան
վրայ
մակաբուծօրէն
աճող
անգիտակից
կամ
գիտակից
ճիգի
մը
գինն
է:
Աւելորդ
է
այս
տեսութիւնը
ապացուցանել
փորձել
մեր
գրականութեան
ամբողջ
հասակին,
մանաւանդ
մեր
հին
մատենագրութեան
ամենէն
հռչակաւոր
գործերուն
ալ
ներսը։
Յիշեցի
Աղօթամատեանը։
Կարդացէք
Փաւստոսը,
Կորիւնը,
Խորենացին,
Արծրունին,
պատմաբան
կաթողիկոսին
պատմական
վկայութիւնները
որպէսզի
համոզուիք
թէ
որքան
վարերէն
կու
գայ
լեզուական
հռետորութիւնը
մեր
մէջ։
Պետրոս
Դուրեան
սեղմ,
զուսպ
մնացած
է
այդ
մայր
զառածումին
դիմաց
ու
հաւանաբար
տառապած
ալ
է:
Իմ
կարծիքով`
իր
թատրոնները
կազմած
են
իրեն
համար
ելքի
կայան
մը
ուր
ցեղային
այդ
տրտմութիւնները
անիկա
պարպած
է,
անպայման
առանց
գիտնալու
ու
իր
քերթուածները,
այս
կերպով
ազատագրած՝
արտայայտման
հռետորութենէն։
Գիտենք
թէ
Պէշիթաշլեան
եղաւ
զուրկ
նման
բարիքէ
մը,
իրեն
շնորհուած
օրերուն
բարիքովը
անշուշտ։
Ու
գիտենք
թէ
շրջուած,
ծուռ,
անտեղի
յորդութիւնն
է,
հիմնական
սա
հարստութիւնը
որ
կործանած
է
Սիամանթոն,
վտանգած
՝
սքանչելի
տաղանդ
ու
Վարուժանին,
անկէ
խլելով
մեր
օրերու
քերթողէ
մը
անընդունելի
բազմաթիւ
էջեր,
հրաշալի
կարողութիւնը
Չրաքեանին
—
արտաքին
աշխարհ
մը
նուաճելու
—
չարաչար
հալածած,
Ներաշխարհը
անընթեռնելի
ընելու
սահմանները
մինչեւ:
Ասոնք
ալ
պարզ,
յստակ
խօսքեր
են.
Իմ
իրաւասութեանս
տակ
կը
զգամ
մեր
գրականութեան
բոլոր
շրջանները։
Թող
պուտիկ
մը
խելք,
ինքնատպութեան
յարգանք,
ձեւի
խնամք
ունենային
արեւելահայերը,
անոնց
գրականութիւնը
առնուազն
չոր,
անցորդ
իր
բարիքովը
պիտի
դառնար
ազգային
յաղթանակ:
Թող
զգացական
հարուստ
գրութիւն
մը
բարերարէր
Կ.
Զարեանը,
մենք
պիտի
ողջունէինք
Դուրեանին
հաւասար
գրագէտ
մը
եւ
ոչ
թէ
պիտի
տառապէինք
ձեւական
հարստութեան
աւելորդ
հանդէսէն,
յորդութեան
կերպարանքին
տակ
սուտ
ու
փուտ
ապրումներ
պատմուճանել
աճպարարող
իմաստի
փերեզակէն
որ
երկու
զգացումի
իսկ
կարիքը
չզգաց
իր
քնարական
մէկ
տռաման
(Երեք
երգեր՝
ասելու
համար
վիշտը
երկրի
եւ
երկինքների)
պուտիկ
մը
կենսաւորելու
եւ
պատկերային
յորդութեան
վստահեցաւ
բախտը
քնարական
գործի
մը
որ
միշտ
ու
միշտ
պիտի
մնայ
ենթակայ
ապրումին։
Ըրէք
ձեր
խաղերը
յորդ,
ձեր
կրցածին
չափ,
կեանքէն։
Առնուազն
հաստութեան
մէջ
պիտի
կործանիք,
եթէ
երբեք
ձեր
գիրն
է
կործանիլ։
Յորդութիւնը
վիպական
մեծ
շնորհ
շունչն
ալ
չի
թելադրեր
սա
տողերուն,
քանի
որ
վէպ
մը
աշխարհներով
կը
գործէ
ու
անհուն
տռամաներ,
զանգուածներ,
մշակոյթի
պանթէոններ
կամ
աւերակներ
(հոգին
ալ
աւերակներ
ունի
սա
օրերուն
բացէք
հայ
գրողի
մը
—
ողջ
—
հոգին
ու
պիտի
զգաք
թէ
ինչ
տրտում,
շքեղ
Անիներ
կ՚ապրին
անոր
խորը)
քերթուածներ
կրնայ
իր
գործողութեան
անիւներուն
ընել
սնունդ։
Ըսի
անգամ
մը։
Յորդութիւնն
է,
մեզի
պարզ
թուող
զգացումի
մը
մէջ
է՝
երեւան
բերելն
է
իրարմէ
գերազանց
փաստեր,
որոնք
բոլորն
ալ,
յաւելումներու
նման,
արժեւորուէին
մեզմէ
ներս։
Աւելի
անդին
ես
կը
զբաղիմ
այդ
յաւելումներով,
աւելի
հանգամանօրէն։
Դուրեանի
զգայնութեան
նորութիւնը
-
անշուշտ
տարազին
բարի
կ՚ըլաք
տալու
իր
յարաբերականութիւնը
—
իր
բոլոր
ապշեցուցիչ
ծանրութիւնը,
փառքը
կը
ստանայ
երբ
այդ
տաղարանը
կը
կարդաք
1870ի
մեր
գրական
հեշտանքներուն
հանդիսարանին
մէջ։
Համապատկերին
ներկայ
հատորին
առաջին
մասերուն,
ես
տուի
թէ
ովքեր
էին
այդ
տղուն
հիացումները,
ինչե՜ր՝
օրուան
փառքերուն
ազդակները։
1860ին
մեր
դպրոցներուն
մէջ
Հիւրմիւզ,
Բագրատունի,
Ալիշան,
այսինքն
ասոնցմով
պայմանաւոր
տաղաչափութիւնը
գրական
ոչ
միայն
հորիզոն
մըն
էր
արուեստին
կանչուած
պատանիին
հոգին
կազմաւորելու
սահմանուած,
այլեւ
ընթերցողներու
շրջանակին
իմացական
ալ
աշխարհին
խտութիւնը,
բարեխառնութիւնը:
Յիշեցի
թէ
ի՛նչ
զգացումներ
կը
տածէր
Գրիգոր
Օտեան`
Ալիշանի
մէկ
եղերերգին
վրայ,
նմանութեամբ
գրուած
նոյնիսկ։
Ու
դարձեալ
ձեզի
ծանօթ
է
թէ
ի՛նչ
շքեղ
հեղինակութիւններ
էին
Տէրոյենց
պատուելին,
Թէրզեան
ու
Նար-Պէյ։
Այսինքն
քերականութիւն
եւ
կեղծիք։
Պէշիկթաշլեան,
այսինքն
Վենետիկ
մը
որ
պոլսական
տեսարաններով
ըլլայ
բարեխառնուած։
Ու
Զարթօնքին
ապարուեստ,
դրական,
տնտեսապաշտ,
գիտուն,
շուկային
ոգին
որ
գրականութիւնն
ալ
պիտի
ջանաց
իրեն
ենթարկել:
Ի՞նչ
տարօրինակ.
բախտ
մերինը,
որպէսզի
գրականութիւն
սորվելու
համար
Եւրոպա
ըրած
երիտասարդութիւն
մը
հոնկէ
դառնալ
մասնագիտական,
ազատ
ասպարէզներու
իւղոտ
դիրքերուն
համար
ինքզինքը
յարդարած։
Պետական
դիւաններ:
Պաշտօնէութիւն։
Բժշկութիւն։
Առեւտրական
նորանոր
ձեռնարկներու
վրայ
հոգի
տուող
մարդ
եք։
Չեմ
դատապարտեր։
Բայց
դիտել
կուտամ՝
թէ
այդ
ամէնը
այդ
տղոց
հայրերը
ըրած
էին,
իրենց
հաւասար
եթէ
ոչ
երբեմն
գերազանց
կատարելութեամբ
մը,
առանց
այդ
Եւրոպային։
Այս
ամենուն
մէջ
իմ
թելադրել
ուզածը
Դուրեանին
հիացումներուն
հէնքն
է
միայն։
Ու
կը
ղրկեմ
ներկայ
հատորին
այն
մասերուն
ուր
այդ
իմացական,
հոգեկան
բարեխառնութիւնները
ինկած
են
վերլուծման։
Դուրեան
չէ
ձգած
մեզի
յատկանշական
էջը
որուն
ընդմէջէն
ինծի
ըլլար
ներելի
անոր
գրական
–
իմացական
առաջին
բախտորոշ
տագնապը
ճանչնալ։
Ո՞րն
էր
կտորը
որուն
ընթերցումը
այս
տղուն
սրտին
հորիզոնը
մէկէն
լուսաւորեց,
խակ
ապրումներէն
առաջին
պատանութեան
ստեղծելու
համար
մեր
իրաւ
անձնաւորութեան
անդրանիկ
ուրուամարմինը,
ա՛ն՝
զոր
պատանութիւնը
պիտի
կազմաւորէ,
երիտասարդութիւնը՝
պիտի
ամրացնէ
ու
մեր
կեանքին
մնացեալ
մասերը
զայն
պիտի
հասունցնեն,
միշտ
ճակատագրական
հաւատարմութեամբ
մը
այդ
նախաստուերին։
Օտար
գրողներու
մօտ
ես
կարդացած
եմ
իմացական
այդ
պատահարը
որ
միշտ
այդ
գրողը
հասկնալու
արարքին
վրայ
անհուն
դեր
ունի։
Դուրեանի
նամակները,
մահուան
մէջ
գրուած,
խոստովանութիւններ
են,
ու
նոր
չէ
որ
հոգեվարքի
մահիճին
մենք
մեր
երազներուն
շեղջը
կ՚ողբանք
ներսէն,
մեր
լացը
ծածկելով
մեզմէ։
Ուրի՞շ։
Կենսագրական
տուեալները
շատ
քիչ։
Չերազի
ճառերը
մեր
դպրոցներէն
կը
պահեն
թելադրանքներ։
Ռ.
Պէրպէրեանի
հիացումը
Գարագաշի
վրայ
բան
մը
կ՚ապացուցանէ
անշուշտ,
բայց
Պետրոս
Դուրեան
չէ
պատկանած
Խասգիւղի
հոգեբանութեան։
Կան
Յ.
Գ.
Մրմրեանի
Նշմարները
(Հին
Օրեր
—
Միսաքեանի
վրայ,
Տէրոյենցը`
Չամուրճեանի
վրայ)
որոնք
հեռու
է
հեռու
կը
թելադրեն
զմայլումներ։
Ու
կ՚օգտագործեմ
Միհրան
Դուրեանին
(Եղիշէ
Դուրեան)
Գրաբարի
Ընթացքները,
որոնք
կը
պարունակեն,
ամենայն
հաւանականութեամբ,
ինչ
որ
1865ին
մեր
դպրոցներուն
մէջ
իբր
գրական
initiation
կը
մատուցում
էր
մեր
ընկալուչ
պա
տանիներուն։
Ընթացքին
Գ.
հատորը,
կը
հաւատամ,
կազմուած
է
այն
հատուածներէն
որոնք
լուծման
ու
թարգմանութեան
համար
դասապահին
կը
բերուէին
աս
ու
այն
հռչակաւոր
կամ
թերահամբաւ
գրաբարագէտէն
[6]
։
Այսի՞նքն։
Սա
շատ
պարզ
իրողութիւնը,
որուն
համեմատ
Պետրոս
Դուրեանին
ապշեցուցիչ
նորութիւնը
միայն
ու
միայն
իր
շնորհներուն
կը
պարտինք
մենք:
Հանճարը,
սա
հաւաստումին
մէջն
ալ
ինքզինքը
անհանգիստ
պիտի
չզգար:
1856ին,
Իզմիրի
վարժարանին
մէջ
աշակերտներու
շարադրութիւններէն
կազմուած
գրաբար
նամականի
մը
կը
յիշեմ
թղթատած
ըլլալ
պատանութեանս
Պետրոս
Դուրեան
անշուշտ
անկէ
չսորվեցաւ
իր
նամակին
ոճը
Նար–Պէյին։
Բայց
պատմերեմ՝
թէ
ինչպէս,
1900ին,
Եղիշէ
եպիսկոպոս՝
Արմաշու
Դպրեվանքին
վանահայր,
կ՚ուրանար
գրականութեան
դասը,
անոր
խորհրդանշանը
նկատուող
աշխարհաբարը
ու
մեր
գրականութեան
(նոր)
ու
լեզուի
ուսումը
պարզապէս
վտարեր
էր
Դպրեվանքէն,
զայն
վերածելով
գրաբար
թարգմանելու
անքաւելի
միամտութեան։
Դուրեանի
զգայնութեան
համար
իմ
կողմէ
առաջարկուած
որակումը`
նորութիւն,
կ՚ընդգրկէ
անոր
արտայայտութիւնն
ալ,
որ
աւելի
անդին
կը
լուսաւորուի
բաւարար
փաստերով։
Անցողաբար
կ՚ըսեմ
թ
է
այդ
տաղարանը
իր
մեղքերէն
դուրս
—
գիտէի
թէ
որքան
զանցառելի
են
ասոնք
իբր
որակ
ու
քանակ,
երբ
բաղդատուին
իր
սերունդին
աւագ,
միահեծան
փաստերուն
—
ամբողջութեամբ
կ՚իյնայ
այդ
որակումին
ներքեւ։
Անոր
արտայայտութի՛ւնը`
ամենէն
առաջ։
Զայն
ապացուցանել՝
պիտի
նշանակէր
Դուրեանի
տաղերը
հոս
արտագրել:
Բայց
ատկէ
առաջ`
խորքին
նորութիւնը։
Չեմ
զբաղիր
վրիպանքին
փաստովը:
Բայց
ո՞վ
կայ,
իբրեւ
ապրող
արարած,
ետին,
ներսը
այն
կտորներուն
որոնք
հարազատ
Դուրեանը
կը
յօրինեն։
Ուրիշ
խօսքով՝
ապրե՞ր
է
տղան
որ
Չամլըճայի
սարը
«լուռ
մխալուն»
անմոռանալի
հոգեքանդակը
կտակեր
է
մեզի։
Իրա՞ւ
է
երիտասարդը
որ
Ներա
հետ
քերթուածին
մէջ
մեզ
կը
խռովէ
այնքան
իրաւ,
այնքան
սրտաբուխ
իր
անկեղծութեամբը
որքան
միամիտ
գրաւչութեամբը։
Սո՞ւտ
է
«ցաւագար»
երիտասարդ
երգիչը
ցաւին
(Իմ
ցաւը)
որ
այնքան
արագ
տողերու
մէջ
հաշուեյարդարը
կ՚ընէ
իր
գարունքին
ու
մէկ
տողի
մէջ
աշխարհ
մը
ապրում
դիզելով
կը
քալէ
իր
գերեզմանին,
ցաւերուն
ցաւին
մէջը
ճենճերելէն,
իր
հայրենիքին
օգնելու
անկարող
եղած
ըլալուն։
Մեռա՞ծ
է
այն
երիտասարդը
որ
հոգեվարքէն
մինչ
եւ
գերեզմանին
խորը
լքումէ
ինքզինքը
ողջ
կը
յայտարարէ
ու
իրապէս
մեռնելու
համար
կը
սպասէ
իր
յիշատակին
թառամելուն
(Իմ
մահը)։
Ու
ո՞վ
է
զարմանալի
քերթուածին
ճարտարապետը,
այն
քերթուածին
որ
վերնագիր
չունի
ու
կը
պահէ
«հիւանդութեան
պատճառով
ընդհատուած»
խոստովանութիւնը։
Կարդացէք
ուշադիր,
զեղչելով
քանի
մը
անցքեր,
շրջանային
ռոմանթիզմէն
պարտադրանք,
այդ
քերթուածքին
ու
տարրացուցէք
երիտասարդը,
որ
այդ
տողերուն
ընդմէջէն
ծուէն
առ
ծուէն
իր
մարմինը
կը
յօրինէ,
ձեր
աչուըներուն
առջեւ
ու
կ՚ըլլայ
անքան
իրաւ,
այնքան
արտակարգ,
այն
քան
նոր
որ
չէք
հաւատար
հրաշքին։
Ու
ասիկա
այսպէս`
Դուրեանի
բոլոր
քերթուածներուն
համար։
Ի
վերջոյ
Նուագք
շարքը
Վենետիկ
է
եւ
աբբա,
պատմութիւն
է
եւ
աղօթք,
բառ
է
եւ
քերականութիւն,
տաղաչափութիւն
է
եւ
սովորականութիւն,
—
Մխիթարեան
բանաստեղծութեան
անթառամ
նշմար
մը
ինչպէս։
Ու
դարձեալ,
ի
վերջոյ
հարիւրէ
աւելի
տաղերուն
մէջ՝
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան
մեր
զարթօնքն
է,
անոր
միամտութիւնը,
հուրքը,
երազանքը,
պարզսիրտ
հաւատքի
ու
քիչիկ
մը
ամբոխային
ախորժակները
քնարական
կաղապարներու
վերածող,
ու
տասնամեակ
մը
ուրիշ
քերթուածներու
մէջ
ուրուականը
թելադրող
որ
Միւսէի
Գիշերները
փոխադրած
ըլլար
Վոսփորի
ափունքին,
Վինելի
տրտմութիւնը`
Ալէմտաղ
ու
մահուան
համար
լարուած
կեանքի
մը
շրջանէն
(Պէշիկթաշլեանի
յաջողակ
գրաբար
քերթուածները
գրեթէ
բացառաբար
կուգան
վերջին
տարիներէն)
կերպարանքը
հագնէր
սիրահարիւն
որ
չի
կրնար
մեռնիլ։
Երկու
քերթողներն
ալ
հաշտ
են
իրենց
միջավայրին,
գործին,
ժամանակին.
առաջինը՝
դեռ
տաք
քանի
մը
զգացումներու
պէս
ու
մը
հետապնդելով
մինչեւ
չափահասութիւն
(Ալիշանէն
քերթուած
չունինք
1857էն
ետքը),
երկրորդը՝
յուսահատ
իր
սէրը
ծոցին
խանձարուրած,
դառնալով
ու
դառնալով
կեանքին
ածուներէն,
ուրիշներու
հրապոյրները,
հեշտանքը,
երիտասարդութիւնը
իր
հաշւոյն
իր
ներսը
խաչելով
ու
քալելով,
աչքերը
միշտ
ետին,
միշտ
իր
արշալոյսին,
կախարդական
ձեւերուն,
աղջիկ,
կին,
տղայ,
որոնք
անոր
զգայնութեանը
վառարանին
մէջը
ինկան
ու
ա՛լ
չելան…։
Ահա
քերթողները
ու
ահա
իրենց
գործը։
Կրնա՞ք,
նոյն
բնականութեամբ,
գործողութիւնը
արտօնել
ձեր
մտքին,
այսինքն
Լճակն
ու
Դուրեանը
վերածել
1870ի
հոգեբանութեան
մը։
Ո՞վ
է
տեսեր
լճակը,
այդ
Պոլիսին
մէջ,
որպէսզի
զայն
տեսներ
Իւսկիւտարի
հիւանդը։
Աղջիկները
ջուրերո՞ւն
մէջ
պիտի
փնտռէին
իրենց
սիրտերուն
ձայները:
Բայց,
իր
բովանդակ
անիրականութեամբը,
այդ
քերթուածը
(Լճակ)
ոչ
Լամառթին
է
եւ
ոչ
Միւսէ,
ոչ
Շելլի
(Դուրեան
չի
ճանչնար
անգլիացիները
ու
գերմանները)
ոչ
ալ
Հայնէ։
Անշուշտ:
Բայց
չէ
մանաւանդ
լուսներգակ
պատմիչ
քերթողը
եւ
մեռնող
սոխակին
եւտեւէն
—
որ
կրնայ
մարդկային
խորհրդանշան
մը
ըլլալ,
վանական
կեանքի
խորհուրդներուն
մէջ
դիւրաւ
զետեղելի
զգացական
տագնապ
մը
—
տաղեր
կարկտող
տաղաչափ
մը։
Կ՚անցնին
Լճակին
ձախորդ
տուները,
հազիւ
հազ
ծանրացնելով
կախարդական
քերթուածին
օդային
շէնքը
ու
կը
կառչին
ձեր
ջիղերուն
այն
միւսները
որոնք
ա՛լ
պիտի
չըսուին
ուրիշի
մը
կողմէ
ու
պիտի
մնան
ամենէն
պարզուած
կերպարանքները
իր
զգայնութեան,
իբրեւ
բառ
ինչպէս
ներքին
խռովք,
տառապանք,
այրում,
Ոչ
ոք
ըսաւ
—
սա
տըղին՝
Պատռե՛նք
սիրտը
տրտմագին,
Նայինք
ինչե՜ր
գրուած
կան
» ...
—
Հոն
հրդեհ
կայ,
ո՛չ
մատեան:
Անշուշտ
ան
է
ահա
անառարկելի,
նուաճող,
բացարձակ
նորութիւնը։
Ու
հրաշքին
միւս
երեսը։
Նար–Պէյ՝
տարիներ
կ՚ապրի
տարագիր
իր
մանկութեան
դրախտէն,
Պոլիսէն,
որպէսզի
զգացական
ամենէն
բուռն
տագնապները
օգտագործէ
իր
քերթողութեան
համար:
Վարդենիքը
փրկանք
մըն
է
այդ
ուղղութեամբ:
Բայց
գիտակցուած
հակակրութիւն
մը`
Քնար
Պանդխտինը։
Կարդացէք
այդ
ճաճանչակուռ
տաղերը,
ու
մի
տառապիք,
եթէ
կրնաք,
այդքան
անկշիռ
մէկը
հաստատելու,
այդ
տաղարանին
հարիւրաւոր
էջերէն
ներս:
Ես
ըրի
այդ
հերոսութիւնը,
առնուազն
պոլսեցի
մը
գտնելու
միամիտ
տառապանքով
ու
կը
խոստովանիմ
որ
այդ
թուղթերէն
նոյնիսկ
պոլսեցիներուն
զեփիւռը,
ժանեակը,
սոխակը,
փրփուրը
չդիմաւորեցին
իմ
տագնապը։
Ասիկա
անոր
համար՝
վասնզի
Քնարին
հեղինակը
ոչ
մէկ
տեղ
պանդուխտ
չէ
եղած։
Ամէն
տեղ
անիկա
իր
ջիղերը
լարած
է
այդ
տեղերուն
ապրումներուն
ու
ինքզինքը
խաբելուն
թշուառութիւնն
ալ
վստահած՝
բառերու
սուտին։
Պետրոս
Դուրեան
անշուշտ
չէ
ունեցած
իր
Պիոտոսը,
զայն
պաշտելու
համար:
Այդ
տաղարանին
ներշնչող
էակը
մեզի
չէ
տրուած
առարկայել:
Ի՞նչ
փոյթ։
Այդ
երեւակայուած
պատկերին
տարրերովը
մենք
կը
տարրացնենք
այսօր
զինքը,
բանաստեղծը։
Դուրեան
գրած
է
իր
Պիոտոսին
համար
թէ
...
Լուսինը
ո՛չ
նրա
վարսքն`
Եւ
ոչ
ալ
վարդը
ունի
Ճառագայթումը
ներա,
Ճառագայթո՞ւմ
սիրողի։
(ԶՆԷ
ՊԱՇՏԵՄ)
անշուշտ
ըսել
ուզելով
թէ
ինքը,
բանաստեղծը
հազար
լուսիններու
ու
դաշտ
մը
վարդերու
հրապոյրները
պիտի
տանէր,
միշտ
իր
դժբախտ
արեանը
բողբոջներէն,
անդունդներէն,
հերիք
է
որ
իր
շրթները
դար
մը
ծծէին
անկէ
որուն
առջեւ
...
Ի
զո՜ւր
սիրտըս
մըխաց
առջին
Խնկարկելու
սիրտն
անապաs:
Յետոյ:
«Պիտի
ցոյց
տայ
անոր
գունատ
իր
ճակատը»,
«կուրծը
գոգած
»,
«մարիլը՝
իր
աչքերուն»։
Արդի՞ւնքը։
Մի
հարցնէք։
Կ՚արտագրեմ
վերջին
ութեակը
Դրժէլին։
Քերթողը
հեռացող
սիրոյն
ետեւէն
է
որ
կը
հառաչէ՝
Որոտացին
խոկմանցս
ամպեր,
Կայծակնահար
ըրին
հոգիս,
Մոխիր
դարձան
երազներս
յիս,
Ճակատագիրս
խնծղաց
ի
վեր,
Խոշ
մը
կար
որ
զիս
կը
ծաղրէր,
Այն
լուռ
փոսն
էր
գերեզմանիս ...:
Խումբ
մը
կնճիռ՝
բուռ
մը
կայծակ
Դժոխք
մ՚անէծք
խոցեց
հոգեակս ...
։
(ԴՐԺԵԼ)
Կը
կարդաք
ու
չէք
կրնար
անցնիլ,
վասնզի
հակառակ
բառերուն
ուլտրա
ռոմանթիզմին,
հակառակ
նախադասութեանց
խուժ,
կաղ,
առնուազն
գրուած
լեզուով
մը
—
գրաբարին
շատ
մօտիկ
—
կշռաւոր
մնալուն,
դուք
կապուած
էք
քերթուածէն
վեր,
դուրս
եղող
խորհուրդին,
այդ
տղուն
իսկ
խորհուրդին
որ
չի
նմանիր
ու
կը
նմանի
մեր
բոլորին,
քսանէն
քիչ
վար
ու
քիչ
վեր,
երբ
կը
բռնենք
մեր
դէմը
ժպտող
ձեւէն
թ
եւ
մը,
փունջ
մը,
միuի
շղարշ
մը,
երբեմն
անուն
չունեցող
գիրկի
մը
պարոյրը,
ու
կը
դադրինք
մեր
մարմնեղէն
չէնքէն,
ըլլալու
հա:
մար
ճիշդ
ու
ճիշդ
ան
զոր
բանաստեղծը
այդ
քերթուած
են
քիչ
վերօք
մէկ
ութեակին
մէջ
տուեր
էր
մեզի։
Բայց
ո՞վ
վերլուծումը
կը
յաջողի
Դուրեանը
նուաճել։
Կուտամ
ուրեմն
թելը
իրեն
Ես
ուզեցի
քընար
մ՚ըլլալ
Ներա
ձեռքին
տակ
հեւացող,
Ներա
հոգւոյն
խորն
հիացող
Թեթեւ
պատկեր
մ՚ըլլալ
շարժեալ։
Մոռնալ
զիս,
լոկ
ըզնէ
խոկալ՝
Կ'վառէ
երազ
մ՚որուն
մեկ
շող
(ԴՐԺԵԼ)
Անշո՛ւշտ։
Ո՞վ
չէ
եղած
այս
պատկերը,
աւելի
կամ
նուազ։
Բայց
ամեն
մարդ
ինքզինքը
կը
փնտռէ
ու
չի
գտներ
երբ
չուզեր։
Մեր
բանաստեղծութեան
այնքան
հասարակ,
անվաւեր,
առնուազն
անշահեկան
թեմաներուն
մէջ
ինչ
բուռն
անակնկալներ
են
սա
վիճակի
ուրուագիծները,
սա
մշուշային
տրոփիւնները
որոնք
պատանութեան
ու
երիտասարդութեան
խառնուածքը
—
մէջ
քսանէն
վարը
—
կ՚ընեն
այնքան
անբացատրելի,
մթին
ձգողութիւններու
հանդէս
մը։
Տղան
մարմին
է
ու
երազ,
աստուածային
իմաստութեամբ
մը
հաւասարակշռելով
երկու
դրութիւնները
երբ
կը
վազէ,
իր
պզտիկ
սիրտին
անհուն
ուժականութիւնը
գործածելով,
իր
մարմինին
բոլոր
զօրութիւնները
ապրելու
ու
կեանքին
անսահման
իմաստը
այդպէս
թռցնելու
աշխարհին
առեղծուածին
դիմաց,
հաճ,
երջանիկ,
ազատ՝
մտմտուքին,
վախին,
կասկածին
ու
շատ
հեռու,
դեռ
չուրուացող
իսկ
մահուան
ճնշումին։
Նոյն
այդ
տղան
մօր
մը
պէս
իրաւ
կ՚ապրի,
իր
պուպրիկը
իր
ծոցին,
երբ
իր
մօրմէն
երգում
է
օրօր
մը
շրթունքի՝
այդ
լաթէ
մանկիկը
կ՚երկարէ
իր
անգոյ
ստինքներուն,
ու,
կ՚ըսեմ
իրաւ,
իրաւութին
մէջ
մա՜յր
ըլլալով ...
պատանի՜ն։
Տռամա,
ուղիղ
տռամա՜,
ինչպէս
պիտի
ըսէին
արեւելահայերը:
Վասնզի
դրութիւններու
հաւասարակշռութիւնը
խանգարուած
է
քսանին
մօտերը։
Մարմինը
ծանրացած,
իր
ուժերը
մթերելու
համար
միշտ
մթին
բաներու։
Խաղը
որ
տղուն
մօտ
սքանչելի
սպառիչ
մըն
է,
պատանիին
համար
լրջութիւն
է
ու
հաշիւ,
հեռուէն
հեռու
ճշդուիլ
սկսող
խորունկ
խորհուրդին
ի
սպաս։
Պատանին
սեռին
գործարանն
է
ամբողջութեամբ։
Քաղաքակրթութեան
ամենէն
ահաւոր
ոճիրներէն
մէկը
այդ
գործարանին
պարտադրուած
ամլացումն
է։
Քսանէն
վար
աղջիկ
մը
անցնող
ամէն
փոքրիկի
մէջ
իր
ծոցին
երերող
շրթունքներ
կը
զգայ։
Երազը
մերկացած
է
իր
ծիրանիներէն
ու
կը
կրկնէ՝
յոգնութեան,
ըղձանք,
վայելքի
բարդ
ողջակէզը,
այդ
աղջկան
առանձնարանը
ընելով
տանջանքի
սեղան
մը,
Դուրեան
պիտի
ըսէր
«խորան»
մը։
Այս
նկատողութիւններուն
միտք
բանի՞ն։
—
Ան
որ
Դուրեանին
տաղերուն
ներսը
տրոփող
սա
զգացական
միգամածը
սքանչելի
հաւասարակշռութեան
մը
կործանումը
կը
նշանակէ։
Հիւանդութիւնը
արգահատանքի
աղբիւր
մը
ըլլալէ
առաջ
ընթերցողին
ներսը,
քերթողին
վրայ
մարմինին
կործանումն
է
իր
հիմնական
խորհուրդէն։
Այսպէս
պարտաւոր
ենք
կարդալ
ոչ
թէ
Տրտունջքը
որ
գումարն
է
բոլոր
զրկանքներուն,
այլ
Ներա
հետը,
Թրքուհին,
Լճակը,
Սիրելը,
այսինքն
Դուրեանին
բոլոր
յաջողակ
քերթուածները,
անոնց
ներսը
փայլատակող,
տրոփող,
այրող,
վառող
խորհուրդը
զգալ
իբրեւ
ստեղծում
մը
որ
պարզ
մարդու
ողնուղեղէն
իր
ճամբան
կը
գտնէ
դէպի
իր
բնական
հանգրուանը,
ակօսը,
արգանդը
ու
թաղուելէ
վերջ
միշտ
մթին
խորութիւններու
ծոցը,
խարտեաշ
քերթուա
ծ
մը
ինչպէս
կը
վերադառնայ
լոյսերուն
աշխարհը,
խեղճ
ու
տկլոր
մանուկ,
որ
ժառանգած
է
ամբողջ
արարողութեան
աննահանջ
պարտադրանքը,
իր
կարգին
ընելու
ինչ
որ
ըրին
զինքը
կանխողները,
նոյն
ողնուղեղէն
դէպի
նոյն
արգանդը։
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
առանց
գիտնալու
ընթերցողը,
յաճախ
նորհաս
պատանի,
այնքան
դժնդակ
գինով
մը
կը
համակուի
Դուրեանով
որ
զգացական
ու
իմացական
անդրանիկ,
հզօր,
բախտորոշ
պատահարն
[7]
է
անոր
ջիղերն
ու
իմացականութիւնը
կերպադրող։
Դուրեան
կարդալը,
անոնց
համար
որոնք
պիտի
գան
մեր
գրականութեան
սպասին,
նոր
կիսագունդ
մը,
չըսելու
համար
աստղ
մը
գտնելն
է,
հոգեկան
միգամածին
ընդմէջէն
յանկարծօրէն,
հսկայօրէն
յօրինուող
ու
ա՛լ
մտքէն
չբաժնուող։
Վարը
դուք
կը
գտնէք
բաւարար
մանրամասնութիւն,
պատահարէն։
Ճակատագրին
մասն
էր
որ
կը
զարնէր
զիս,
այդ
իրիկունէն։
Թերեւս
տարուիք
սա
յապաղած
զգայնութիւնը
շարակոչել
ու
Օշականին
ռոմանթիզմը
խարանել
փորձուիլ:
Իրական
էր`
երկինքին
տժգոյն
որդեգիրը,
դալկահար
ասպետը,
մահուան
ընդառաջ
գացող
տղան
որուն
հետ
իմ՝
մտերմութիւնը,
այդքան
կանուխէն
երբ
հոս
կը
հաստատեմ,
նպատակ
ունիմ
արուեստագէտի
հաւատոյ
հանգանակը
կերպընկալ
պատկերով
մը
դնելու
ընթերցողներու
նկատառման։
Օշականին
քննադատական
հերետիկոսութիւնը
ուրիշ
բան
չէ
եթէ
ոչ
գրականութիւնը
կեանքին,
միայն
կեանքին
խառնուած,
աս
միայն
ըլալ
կրնալու
ընդունակութեամբը
արժեւորելու
հզօր,
յամառ
կեցուածքը։
Հոն
ուր
անիկա
—
կեանքը
—
տժգոյն
է,
պակասաւոր,
սուտ,
հոն
գրելու
գիտութեան
մը
բոլոր
օրէնքները,
բարիքները
կը
մնան
անբաւական։
Ոչ
ոք
մեր
գրականութեան
մէջ
այդ
գիտութիւնը
ապացուցած
է`
Տիկին
Սիպիլի
հարստութեամբը։
Բայց
այդ
կնոջ
բանաստեղծութիւնը
իմ
մօտ
կեանքէ
ոչ
մէկ
վկայութեան
է
յայտարար։
Իրեն,
ուրեմն,
իր
փառքը,
բարիքը։
Ու
դիւրութեամբ
ես
պիտի
խանդավառուիմ
անարուեստ,
թանձր
տողերովը
Թլկատինցիին
որ
չորս-հինգ
տղայական
կոչուելու
չափ
անյաջող
քերթուածներուն
ներսը
իր
կեանքը,
իմ
ժողովուրդին
կեանքին
մէկ
շերտը
դրած
է,
առանց
յաւակնութեան։
Դուրեա՞նը։
Հոս
է
ահա
պատահարին
անհասկնալի
ըսուելու
չափին
առեղծուածը։
Զայն
կը
նկատեն
ռոմանթիք,
այսինքն
օդային
ապրումներու
մունետիկ
ու
վաճառորդ,
այսինքն
չապրուած
զգացումներու
շահարկու
մը,
այսինքն
իր
պուտ
մը
ցաւը
լեռնանիստ
պատկերելու
հետամուտ՝
աղմկայոյզ
ցուցարար
մը
(poseur)։
Արդ,
1900ին
այդ
տղուն
ամէն
մէկ
տողը
իր
միսերէն
հանուած
վկայութիւն
մըն
էր։
1945ին,
երբ
կը
կարդամ՝
զինքը
նորէն,
զարմանալի
կերպով
մը
կենդանի
կը
գտնեմ
այդ
տողերը
դարձեալ:
Թերեւս
գիրքերուն
պահանջած
reculը
յաւելեալ
ձեւով
մը
կը
միջամտէ
իմ
տպաւորութիւններուս։
Անշուշտ,
Երուսաղէմի
ահաւոր
բնանկարին,
մարդկային
խաժամուժին,
մեր
ժողովուրդէն
պարտուած
անորակելի
կերպարանքին
առջեւ
Օշական,
թերեւս
գիտակցաբար
կ՚անտեսէ
սա
տողերէն
`
…Ի
զո՜ւր
գըրեցին
աստղերն
ինծի
«սէ՜ր»,
Եւ
ի
զո՛ւր
ուսուց
բուլբուլն
ինձ
«սիրել»,
Ի
զո՜ւր
սիւգիր
«սէ՜ր»
ինձ
ներշնչեցին,
Եւ
զիս
նորատի
ցուցուց
ջինջ
ալին,
Ի
զո՜ւր
թաւուտքներ
լըռեցին
իմ
շուրջ,
Գաղտնապահ
տերեւք
չառին
երբե՛ք
շունչ,
Որ
չը
խըռովին
երազքըս
վըսեմ,
Թոյլ
տըւին
ու
միշտ
ըզնէ
երազեմ,
Եւ
ի
զո՛ւր
ծաղկունք`
փըթիթնե՜ր
գարնան`
Միշտ
խնկարկեցին
խոկմանցըս
խորան ...
Ո՜հ,
նոքա
ամենքը
զիս
ծաղրեր
են ...
Աստուծոյ
ծաղրն
է
Աշխարհ
ալ
արդէն…։
(ՏՐՏՈՒՆՋՔ)
իրենց
օդայնութիւնը,
միամտութիւնը,
ռոմանթիզմը,
ծանրանալու
համար
ամէն
մէկ
տողին
տակը
պառկած
այն
յաւիտենապէս
իրաւին
որմէ
վկայութիւններ
էին
անոնք
երբ
ինկան
գիրի,
այդքան
աճապարագին,
մահուան
մատին
տակ
ուղղագրուած
ու
այնքան
խորունկ:
Զանոնք
բանալ`
պիտի
նշանակէր
ամբողջ
Դուրեանը,
1870ը,
մեր
գրականութեան
մէկ
շրջանը,
Պոլիսը,
սեռին
տռաման
ու
մահուան
կախարդական
տեսարանումը
վերլուծման
սեղանին
բերել։
Այդ
փորձը
ինձմէ
պիտի
առնէր
ութը
տասը
էջ
ոչ
թէ
բավական
տարափ,
այլ
խիտ
խիտ
ապրումներու
տողանց։
Կը
հրաժարիմ,
հաւատալով
որ
ամէն
իրաւ
մարդ,
այդ
տողերէն
իւրաքանչիւրին
ետին
դժուարութեան
մէջ
չէ
զգալու
ինքզինքը,
գէթ
իր
մէկ
կտորը,
պատանին՝
իր
չափովը,
երիտասարդը՝
իր
պարունակովը,
չափահասը՝
իր
դառնութիւններուն
դասովը
ու
ծերունին
իր
պատրանաթափ
յուսահատութեան
մատուցուած
քսանամենի
այդ
զմայլելի
փաստին
բարիքովը:
Ոչ
կը
նետեմ,
ոչ
ալ
գրականութիւն
կ՚ընեմ։
Ու
փորձի
մը
համար
կ՚առնեմ
պատահակի
ամենէն
տկար,
տղայական
դասուած
տողը
Եւ
ի
զո՜ւր
ուսուց
բուլբուլն
ինձ
«սիրել»,
որմէ
բուլբուլը
եւ
սիրոյ
դասը
կը
կազմեն
հիմնատարրեր։
Ով
որ
կը
կարդ
այ
սա
էջը,
ուր
որ
ալ
ըլլայ,
թող
պարպէ
իր
միտքը
ուրուականներէն,
յաւակնութիւններէն,
քաշքշուքներէն,
որոնք
այդ
բառին-
պլպուլ
-
մեր
գրողներէն
չարաշահօրէն
գործածումովը
մարմին
են
դարձած։
Արդարեւ,
մեր
հին
մատենագրութեան
մէջ,
կաթողիկոսներն
իսկ
չեն
վարանած
անոր
եւ
վարդին
սիրահարութիւնները
խորհրդանշանօրէն
կերպարանելու:
Արեւելքի
միւս
գրականութեանց
մէջ
մաշած,
զգուելի
դարձած
թեմա
է
այդ
թռչունը։
Ալիշանի,
Եղիայի,
Կրտսեր
Ռոմանթիքներուն,
ու
մեր
մեծ
ու
պզտիկ
տաղաչափերուն
համար
պըլպուլը
անտանելի
վերնագիր
մըն
է,
առաւել
քան
ծիծաղելի
(յիշել
Բագրատունիի
Մահ
Սոխակինը։
Յիշել
տակաւին
Միւսէն,
ֆրանսացի
եւ
անգլիացի
ռոմանթիքները)։
Ինչպէս
կը
տեսնէք,
բառին
հակազդեցութիւնները
անդիմադրելի
ըսուելու
չափ
զօրաւոր
են
արդի
մարդուն
համար
որ
սոխակը
գիտէ
թէ
կայ
բայց
զայն
տեսած
ըլլալու,
մանաւանդ
լսած
ըլլալու
զգայութիւններէն
անմասն
է
բոլորովին։
Զիս
կարդացողնե՞րը։
Չեմ
կարծեր
որ
ինձմէ
բարեբաստ
ըլլան։
Այն
ատե՞ն։
-
Սո՞ւտ
կ՚ըսէ
Պետրոս
Դուրեան։
Հոս
է
որ
կը
միջամտէ
վերլուծողը,
տողերուն
խտութիւնը
մեղմով
պատռելու
ու
առաջնորդելու
ընթերցողը
այն
հազար
ու
մէկ
ապրումներուն
ճամբով
որոնք
Պետրոս
Դուրեանինն
եղան։
Ուրեմն
կը
հրաւիրեմ
ընթերցողը
-
Բարիզ,
Պոսթըն,
Գահիրէ,
Պէյրութ,
Հալէպ,
այսինքն
այն
գլխաւոր
կեդրոններուն
մէջ
ուր
կ՚ենթադրեմ՝
թէ
կան
տակաւին
մարդեր
որոնք
բանալու
ժամանակ
տրամադրէին
Դուրեան
մը,
իրենց
յոգնութիւնը,
անտրամադիր
տրտմութիւնը,
կամ՝
գործի
տենդէն
կլանուած
իրենց
սպառումը
պահ
մը
հակակշռելու
–
մոռնալ
աս
ու
այն
պարտէզներու,
հասարակաց
կամ
ոչ,
շինծու,
սուտիկ
ծառեր,
որոնք
քաղաքներու
թոքերը
իբրեւ
յարդարուեցան
եւ
ոչ
թէ
բուսակ
հողի
կարօտէն,
դէպի
լոյս
ու
երկինք։
Ո՞ւր,
պիտի
հարցնէք,
հեգնական
քմծիծաղով
մը։
Ձեզ
կը
տանիմ՝
իրական
անտառներուն,
որոնց
մռայլ
մարմինները
չեն
նմանիր
ձեր
զբօսաշրջիկի
աչքերով
սանկ
ու
նանկ
համտեսած
(ներեցէք
այս
բառը)
յարդարուն
տարածքներուն։
Անտառը,
այդ
Պօլիսին
կռնակներէն
դէպի
բացերը,
դէպի
ամայքները,
դէպի
հաճոյքի
լեռները
(Մ.
Պէշիկթաշլեանին
Ալեմ-
Տաղին
ստուգաբանօրէն
հանդիսանքի
լեռ
կը
նշանակէ),
կամ՝
Վոսփորի
զոյգ
զառիթափերուն,
տուներուն
նուազումովը
գոյաւոր՝
բացառիկ
կերպարանք
մըն
էր։
Անիկա
կը
սկսէր
Եալըներուն
պարտէզներէն,
կոտրտելով
ասոնց
պատերուն
օղակ
ու
գլուխն
առած
կը
քաշուէր
վեր,
վերերը,
երբեմն
ըլլալու
համար
բլուր
մը,
երբեմն
լեռ
մը։
Ես
չեմ
նկարագրեր։
Ատոր
համար
ձեզի
կը
ձգեմ
պարտքը`
լրացնելու
թելադրուածը։
Դուք
բերէք
ծառերը
ծառերուն։
Կրնանք
թաւուտներ,
հովանոցակներ,
աղբիւրներ,
փոքր
լճակներ
ալ
զետեղել
պատկերին
յարմարագոյն
վայրերը։
Յետո՞յ։
Բայց
բուլբո՛ւլը։
Եղիային
սոխակը։
Որ
խրտչուն
է
բայց
կը
վախնայ
բացատներէն։
Բանաստեղծ
է
ու
կը
քաշուի
դէպի
մարդոց
յարդարանքները։
Քիչեր՝
որոնց
ըլար
տրուած
շնորհը
զայն
տեսնելու:
Ի՞նչ
ալ
կարիք։
Անիկա
ձայն
մըն
է։
Գաղիացի
գրող
մը
երկու
էջ
է
նուիրած
այդ
ձայնին
երանգները,
ծաւալը,
բաղադրութիւնը
վերլուծելու։
Ես
կը
գոհանամ
ըսելով
միայն
որ
Եղիայի
ամսուն
(Մայիս)
տակաւ
թանձրացող
մութի
մը
թեթեւ
պատանումին
մէջ
այդ
ձայնը
քեզի
կու
գայ
արեան
կայլակի
մը
ջերմութեամբը։
Կուգայ
ու
կը
դպի
սրտիդ։
Կը
զգաս
որ
այդ
երգը
թռչունի
մը
յիմար
լեզուն
չէ
որ
կը
կերպադրէ,
այլ
շատ
աւելի
խորունկ
տագնապ
մը։
Իր
նուաղումները,
կշռաւոր
ու
տարօրէն
հաշուըուած,
մարդկային
գործարանի
մը
այնքան
մօտիկ,
չեն
կրնար
գալ
քմայքէ,
թէ
անոնք
զգացումի
մը
տրոփումը
կը
պատկերեն,
թէ
ամենէն
ծանր
սարսուռները
կը
փոխադրեն։
Երգը,
եւ
ոչ
ունին
մօտ,
սեռին
տռաման
է։
Այն
ատե՞ն։
Պետրոս
Դուրեան
հաւանաբար
լսած
է
այդ
պատառոտուն
բայց
ներդաշնակ
զքտումը
թռչունի
մը
սիրտին,
ձայնն
ի
վար,
ու
առած
է
այդ
կաթիլներուն
ամբողջ
տուրքը,
կսկծանքը
իրմէն
ներս։
Ի՞նչ
կարիք
վարդենին,
երբ
անտառները,
պուրակները,
պարտէզները
այդ
ամսուն
աւելի
են
քան
ճիղճ
թուփին
հրապոյրը։
Հիմա,
սիրոյ
դաս
մը
մենք
չունենք
սորվելու
պլպուլներէն,
որոնք
արդէն
շատոնց
լքուած
են
սփիւռքին
անսիրտ
դաշտավայրերը,
պարտէզները։
Դուրեանի
ժամանակ,
իմ
տղայութեան՝
սոխակին
համար
մեր
սիրտերը
աւելի
տրամադիր,
կարեկցում,
սիրաւէտ
զգացումներ
կը
հաստատէին։
Յետո՞յ։
Դէպի
արեւելեան
սիրերգները,
արաբ,
պարսիկ։
Իրանեան
դրախտներուն
պարիկները:
Յետո՞յ։
Բայց
յաւիտենական
ռոմանթիզմը
արեւելքին,
ուր
կեանքը
այնքան
յստակ
կերպով
ինքզինքը
կը
բաժնէ,
վայելողներու
եւ
զրկուածներու
բանակներուն:
Կի՜նը
որ
երբ
դաշտին
վրայ
հողին
հետ
դաշնաւոր
կոյտ
մը
չէ
տառապանքի,
է
պալատներու
յղփանքին
կախարդական
պատկեր
—
թագուհի
ու
գերի
նոյն
ատեն։
Իմ
պատանութիւնը,
իմ
ծննդավայր
քաղաքին
մէջ
անցել
է
այդ
պալատներէն
ու
տեսեր
անոնց
անտառներուն
ներսը
կազէլները
որոնք
եղջերուներու
նման
կուլային
նայելու
ատեն
ու
իրենց
թափանցիկ
ափերը
իրենց
կուրծքերուն
վրայ`
կրնային
տեսնել
որ
կը
դողային,
իրենք
ալ
չէին
գիտեր
ինչու:
Որսո՞րդը
այդ
անտառներուն
մէջ։
Անշուշտ
որ
յաճախ
իշխանազուն
մըն
էր
աւելի
քիչ`
ինծի
պէս
տղեկ
մը...
Ու
կը
կենային
այդ
աղջիկները,
աղբիւրներու
գլխուն,
իրենց
դալկութիւնը
ծծելու,
իրենց
գանգուրներուն
դեղինը
դեղնելու,
մինչ
իրենց
սիրտը
էր
...
Յուզեալ
Ովկեանի
մը
նման.
ուզելով
սիրել,
...
Համբոյրի
մ՚hեs
նուաղիլ,
Մաշիլ,
խամրիլ,
խոնջած
ընկնիլ
գերեզման,
Քամել
սիրոյ
կրակէ
բաժկին
հուսկ
կաթիլ:
Ասոնք
բանաստեղծական
զեղումներ
չեն,
այլ
ինչ
որ
այդ
թաւուտներուն,
աղբիւրներուն,
լճակներուն
ափերուն
այդ
տղուն
նայուած
մը
տեսաւ,
այնքան
արագ,
ինծի
պէս,
ու
ինձմէ
աւելի
խռովքով
վասնզի
տարիքին
մէջն
էր
կրակներուն,
մինչ
ես
դեռ
կը
մնայի
սուտին
կրակներու
ծովուն...
։
Բայց
տեսեր
եմ
իր
պլպուլը,
ան
ալ
վախկոտ,
մանրիկ,
կուրծքին
դեղին,
վարդենիներուն
վրայ
փորձելով
իր
կտուցը
ու
կը
պահէր
իր
լեզուն,
մութերուն,
աղջիկներուն
քունը
կրակի
անձրեւի
մը
վերածելու
համար,
հաւանաբար,
ինչպէս
զգացի
աւելի
վերջը,
երբ
իմ
ալ
նաւակը
ծով
իջա՜ւ:
Սոխակը
արեւելքի
մէջ
այս
զգայութիւններուն
հանդէսն
էր
դարերով,
վասնզի
դարերով
այդ
դարաստանին,
հովահան,
ջրապատ
պարտէզներուն
մէջ
պտտեցան
սաւանով
կիները,
խումբ
խումբ,
ցորեկները
իրենց
մարմինները
արեւին
իսկ
զլանալու
դատապարտուած։
Այս
է
ահա,
իր
գլխաւոր
թելադրանքներուն
մէջ,
Դուրեանի
տաղին
ընդարձակ
տարողութիւնը:
Սէրը
սորվելու
համար
պլպուլին
դիմելու
ռոմանթիզմը,
հեռու
գրքունակ
շրջաբանութիւն
մը
ըլլալէ,
խորախորհուրդ
ապրումներու
մեհենագրեալ
կերպարանքը
կը
մնայ
բոլոր
անոնց
համար
որոնք
գիրքերը
ապրած
են,
ու
այդ
ապրումին
վրայ
երբ
կը
դառնան
ետ,
կ՚ըլլան
այդ
ծառը,
այդ
ծաղիկը,
այդ
ջուրը,
այդ
թաւուտը,
իրենց
հետ
զուգորդ
զգայութիւններու
ահաւոր,
անպատմելի
հանդէսովը։
Այս
է
պատճառը
որ
Պէշիկթաշլեանի
տաղերուն
մէջ
ոմանք
այնքան
խորունկ
են
եւ
իրաւ,
ուրիշներուն
այնքան
պարագայական
մակերեսայնութեանը
հակառակ:
Երբ
պսակաւոր
քերթողը
մեր
Զարթօնքին,
ամառնային
օդափոխութենէ
մը
դարձին,
Ալէմետաղէն
Պոլիս,
անցաւ
իր
սեղանին՝
քանի
մը
յուշեր
սեւեռելու,
անտառը
խուժեց,
կը
հաւատամ,
իր
բոլոր
անտառութեամբը
կրկին
անոր
հոգիին
բոլոր
անհունը
լեցնելու,
լեցնելու
իր
համին,
հոտին,
ձեւերուն,
մանաւանդ
մարդկայինին
անվրէպ
կենդանութեամբը։
Այդ
քերթողին
համար,
այդ
անտառը
լուսին
էր,
շող
էր,
ծաղիկ
էր,
կոյսերու
խումբ
էր,
առուակ
էր,
հով
էր
ու
հեշտանք:
Թուղթին
վրայ
այս
ամէնը,
ուրուագրային,
մեհենագրական,
մեզ
մինչեւ
այսօր
կը
յուզէ։
Ահա
թէ
ինչու
այդ
քերթուածը
իրաւ
է
ու
չի
մեռնիր։
Եթէ
այս
պարագան
պատահականն
է
Պէշիկթաշլեանի
մօտ,
Դուրեանի
համար՝
ընդհանուրը,
սովորականը։
Անտառ
մը
ըլլալու
անհրաժեշտութիւն
մը
չենք
պահանջեր
որպէսզի
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղին
մարմնանար։
Անտառապահները,
նման
անհեթեթութեան
մը
գինով
գերագոյն
քերթողները
պիտի
դառնային։
Պահանջուածը՝
այդ
անտառը
վերապրելու
բացառիկ,
աստուածային
շնորհն
է։
Դուրեան
այդ
շնորհով
օժտուած
է
ոեւէ
մէկէն
առաւելեալ
չափով
մը։
Այդ
է
պատճառը
որ
ջուրի
կտոր
մը
կրնայ
վերացնել,
լճակի
մը
վերածել,
ու
այդ
պատկերին
վստահիլ
ամենէն
սրտայոյզ
առ
ամիսներէն
մէկը
երիտտասարդութեան,
սիրոյ
ծարաւը
որուն
վրայ
մահուան
կրակը
մաղուէր։
Դուրեանին
բոլոր
քերթուածները
այսպէսով
կը
դառնան
ապրումներում
անդրադարձ:
Ունիք
ձեր
տողին
պարփակված
ապրումներուն
շեման։
Այսպէս
տեսարանուած
ու
այսպէս
ընդլայնուած,
Դուրեանին
տաղերը
իրենց
նորութիւնը
ոչ
միայն
կը
պարտադրեն
այլեւ
կը
դիմանան
իրմէ
վերջն
ալ։
Սա
հանգամանքը
իմ
դատումներուն
մէջ
ես
կ՚անուանեմ
իրաւութիւն
որ
տարբեր
է
իրականութենէն։
Դրական
են
Սիպիլի
բոլո՞ր
քերթուածները
(բացի
քանի
մը
սկսնակի
ռոմանթիք
տողերէն),
իրական
են
մանաւանդ
Աճէմեանի
բոլոր
տաղերը,
սկզբնականներէն
մինչեւ
վախճանականները։
Բայց
երբեք
իրաւ:
Վասնզի
իրաւին
նկարագիրն
է
ապրիլ։
Արդ,
իրականը
չէր
ապրեր
հաւանաբար
երբ
ինկաւ
արուեստագէտին
սեւեռումին։
Իրաւը
մեզ
կը
համակէ
միս
մինակը,
առանց
նոյնիսկ
միջնորդի։
Ո՞ւր
էր
տեսեր
մէր
Թլկատինցին
թատրոնը
որպէսզի
արդարանար
իր
յանդգնութիւնը։
Բայց
այդ
մարդը
իրաւ
ապրեցաւ:
Ու
այդ
իրաւութիւնն
է
ահա
որ
կը
պաշտպանէ
նոյնիսկ
անոր
մեղքերը։
Իրաւութիւնը
զգայնութեան
ուրիշ
կերպարանք
մը
չէ,
այլ
այդ
զգայնութիւնը
իր
ամենէն
անկողոպտելի
արժանիքներուն
մէջը։
Իմաստասէրները
գիտակցութիւն
բառը
կը
գործածեն
հոգեկան
զանազան
վիճակները
մէկ
գումարի
տակ
տեսնել
երբ
ուզեն։
Իմ
իրաւութիւնն
ալ
նման
տարողութիւն
մը
ունի
սա
տողերուն
վրայ։
Գիրքերը,
գրել
սորվեցնող
ձեռնարկները
կը
գործածեն
ուրիշ
տարազներ։
Անոնցմէ
մէկն
է
անկեղծութիւնը
ու
քիչ
մը`
ներշնչեալութիւնը.
երրորդ
մը`
հարազատութիւնը,
քերթուածի
մը
կշիռը
երբ
կը
ջանան
ազատագրել,
ներքին
գինով
մը
պաշտպանելու
համար
այն
բացառիկ
հաղորդականութիւնը
որ
արուեստի
իրաւ
գործի
մը
անվրէպ
տպաւորութիւնն
է
իրմէն
դուրս։
Իմ
առաջարկած
բառը
քիչ
մը
նուազ
գրական,
բայց
աւելի
հարազատ
կը
թուի
ինծի,
իր
պարփակած
վիճակը
պատկերելու
տեսակէտէն։
Փորձեր
եմ
զայն
ամենէն
առաջ,
կտորի
մը,
գիրքի
մը,
շրջանի
մը
նկարագիրները,
արժեւորելու
ինչպէս
անոնց
զուգորդ
ու
ջրի
առաքինութիւններու
կշիռին
պահուն։
Ամենէն
անիրական
նկատելի
պարագաներուն
իսկ,
իրաւութիւնը
բաւ
է
մեզ
զիջումի
մղելու:
Կա՞յ
աւելի
անիրական
վիճակ
մը
քան
խռովքը
որ
ջուրերունն
է
իբր
թէ։
Ինչո՞ւ
ապշած
են,
լըճա՛կ,
Ու
չեն
խայտար
քու
ալեակք.
Միթե
հայլւոյդ
մէջ
անձկաւ
Գեղուհի՞
մը
նայեցաւ։
Ոչ
մէկ
պաշտպանողական։
Շփոթանքը,
կասկածը
մեզ
կը
պաշարեն,
մուտքին
սա
տարօրինակ,
յանդուգն,
տղայական
ըսուելու
չափ
միամիտ
պատկերովը։
Բայց
խուլ
ապահովութիւնն
ունինք
բանաստեղծին
իրաւութեան:
Երկրորդ
քառեակը
մեզ
կ՚ընէ
նուազ
անտրամադիր:
Ռոմանթիք
նկարագրութեան
բարիքը
չէ
անշուշտ
հեղինակը
այս
ամոքումին,
լուսափթիթ
ամպը,
1860ի
ապրանք,
մեզ
պիտի
պահէր
նոյն
կասկածանքին
մէջ։
Քառեակը
փրկողը
նմանութեան
տարօրինակ
իրաւութիւնն
է
փրփուրին
եւ
ամպերուն։
Յետոյ,
երրորդ
քառեակին
անհուն
մարդկայնութիւնը։
Լճա՜կը,
որ
կը
պզտիկնայ,
կը
պզտիկնայ,
դառնալու
չափ
բանաստեղծի
մը
կուրծքին
տակ
փռուած
դաշտիկը,
տնակը,
տաղաւարը,
անոր
հոգիին
ներքին
սրբարանը,
առանձնարանը
ուր
աշխարհէն
իր
փախուստը
պիտի
մղէ
զայն՝
«լռելու»,
«խոկալու»:
Ու
շքեղ
փայլակը`
Որքան
ունիս
դու
ալի`
Ճակատս
այնքան
խոկ
ունի.
Որքան
ունիս
դու
փրփուր՝
Սիրsս
այնքան
խոց
ունի
բիւր:
որ
կը
փարատէ
բոլոր
վախերը։
Հոն
ուր
մենք
հաշտուած
էինք
արտաքին
պատկերացման
անխուսափելի
չարիքին.
—
Ի՜նչ
կարելի
էր
ըսել
լճակի
մը
ափունքին,
նոյնիսկ
Լամառթինի
եւ
լէյքիստներու
համբաւաւոր
փառքերէն
վերջ,
եթէ
ոչ
մեր
աչքերուն
ճարտարութիւնը
գոյներու
աստիճանները
չափելու,
կամ
մեր
ջիղերուն
կսկիծը
ջուրով
զովացնելու
առաւել
կամ
նուազ
բախտաւոր
բառերուն
իմաստութիւնը
—
կը
գտնենք
բոլորովին
տարբեր,
նոր,
յանդուգն,
իրաւ
հանդէս
մը
ապրումներու:
Մեծ
բանաստեղծներու
յատուկ
շնորհ
մըն
է
սա
աստուածային
դիւրութիւնը
ինքզինքը
նոյն
ակնթարթին
մէջ
հալեցնելու,
վերակազմելու,
ջուրէն
հոգի,
հոգիէ
ջուր
իջնալու:
Կրկին
կարդացէք
վերի
քառեակը
ու
պիտի
գտնէք
որ
ալիքն
ու
ճակտին
գիծերը
որքան
բնականութեամբ
մը
զիրար
կը
թելադրեն։
Փրփուրն
ու
խոցը,
ջուրն
ու
սիրտը
որքան
սերտ,
ընտանի,
անհրաժեշտ
մերձեցումներ
են,
հիւանդին
հետ
բայց
անկէ
դուրս
մանաւանդ,
լճակին
իրաւութիւնը
իր
ալիքներով,
փրփուրներով,
լռութիւններով,
ծաղկափթթումներով,
արագ,
ուրուային
բայց
կենդանի,
բայց
պատահական
բաներուն
զուսպ
թրաժիքովը։
Հիւանդին
տռամա՜ն,
առանց
ընդլայնումի
պէտքի
մը։
Ըսած
են
որ
ռոմանթիզմը
իրազանցութիւնն
է,
իրականութենէ
փախուստ
մը
դէպի
երազը,
պարապը,
թեթեւացում
մը,
անգայտացում
մը։
Իրաւ
է
վերագրումը
գէթ
իր
մէկ
երեսին
վրայ։
Դուրեան
չէ
հերքած
անշուշտ
ռոմանթիզմին
սա
առումները։
Բայց
ըրած
է
աւելին։
Մենք
այսօր
չենք
կարդար
նախառոմանթիք
Պայրընը։
Կը
վերլուծենք
Շելլին,
անոր
շքեղ
ոտանաւորին
մէջ
գտնել
ջանալով
ռոմանթիքէն
վեր,
տարբեր
անկեղծութիւն
մը։
Կ'ըսենք
մեր
յոգնութիւնը
Հիւկոյէն,
առանց
նկատի
առնելու
այս
մարդուն
բառական
ստեղծագործութեան
անհուն
մթերքը։
Կը
գտնենք
հին
Միւսէն
որ
շատ
զբաղված
էր
իր
անմիջական
եսով
ու
իր
զգայութիւնները
ջանաց
պաշտպանել
որոշ
քաղցրութեամբ
մը,
կշռոյթ
է,
ներքին
հուրքէ
ջերմացած:
Բոլոր
այս
անունները
ունին
անշուշտ
հարիւրաւորներու
մէջ,
միջակ
կամ
անտանելի,
տասնեակ
մըն
ալ
յաջողակ
քերթուածներ։
Անոնք
չեն
հերքել
ամբողջական
ռոմանթիզմը։
Բայց
կայ
Հայնէն
որ
ձգած
է
մեզի
անթառամ՝
յաջողուածքներ։
1840ին
այդ
կտորները
կը
կրէին
պիտակը
դպրոցին։
1940ին
պիտակը
ինկած
է,
ու
ոչ
ոք`
որ
փնտռէր
զայն։
1870ին
Դուրեան
անվերադիր
ու
շուար,
կը
գրէր
իր
քերթուածները,
թերեւս
մտքէն
հազիւ
անցընելով
փառքը
որուն
կոչուած
էին
անոնք։
Գերեզմանը
մեծցուց
անոնց
կշիռը։
Կէս
դարը
զանոնք
նուիրագործած
է։
Այս
հրաշքը
գինն
է
այդ
տաղարանին
իրաւութեան։
Ինչ
փոյթ
թէ
ոչ
մէկ
հաստատ
տարր
անիկա
պարունակէր
այդ
տղուն
վաւերական
դժոխքէն։
Կենսագրութիւնը
գուլ
է
ու
դժբախտ՝
մեր
գրականութեան
բոլոր
վաստակաւորներուն
համար։
Մեր
մէջ
եպիսկոպոս
մը,
վարդապետ
մը,
նոյնիսկ
միջակ
համբաւով
վարժապետ
մը
ունին
աւելի
թանձրութիւն,
տուիքներ
քան
մեր
ամենէն
վաւերական
բանաստեղծները։
Կեանքի
հանդէպ
անճարակութիւնը
այդ
մարդոց
մինակը
չի
բացատրեր
երեւոյթը:
Չերազ,
երբ
իր
ոտանաւորները
կը
կենսագրէ,
գիտէ
թէ
ինչ
կ՚ընէ։
Պետրոս
Դուրեան,
հոգեվարքի
մահիճին
միայն
պիտի
ունենար
ժամանակ
իր
«քանի
մը
կտոր»
բաներուն
ճակատագրովը
մտահոգուելու։
Գրականութիւն
ընել
պիտի
նշանակէր
Դուրեանի
տաղարանին
ամենէն
յաճախուած
թեման,
կինը`
կենսագրօրէն
վերակազմել։
Ու
ասիկա
հերքումը
չի
նշանակեր
այն
հզօր
իրողութեան
որ
մեր
գիրքերը
կ՚ուզէ
իբր
վկայութիւն
մը։
Երկու
խօսք
ալ
Դուրեանի
զգայնութեան
արտակարգ,
չափազանց
անձնական
նկարագրին
վրայ,
որ
ինքնաբերաբար
կը
վերածուի
զարտուղիին,
հերետիկոսին,
անսովորին։
Ամէն
անոնք
որ
միջին
գիծը
կը
զանցեն
սերունդի
վրայ,
կը
ստեղծեն
տառապանքը,
կամա
կամ
ակամայ։
Մարդիկ
բռնութեամբ,
վախով
պիտի
հանդուրժեն
զիրենք
(գերա)զանցողները։
Դուրեանին
վա՞րկը։
—
Հաւանաբար
չեկաւ
անիկա
քերթուածներէն:
Անոր
գործաւորը
իր
թատրոններն
էին,
որոնք
գրականութեան
չեն
պատկանին
բայց
համբաւ
մը
կը
հայթայթեն։
Ու
իր
ժամանակին
համար
անըմբռնելի
անոր
քնարականը
հազիւ
ինք
զինքը
զգալի
ըրաւ,
հաւանաբար
հիւանդութեան
անսփոփ
տռամայէն
ալ
պաշտպանուած։
Շփոթութիւն
ստեղծելը,
միտքերու
մէջ,
կեցուածք
մըն
է։
Թէրզեան
կարդաց
անշուշտ
Դուրեանի
քերթուածները
ու
շուարումը
պարտակելու
համար
ով
գիտէ
ինչ
բարուրանքներ
պրպտեց:
Չերազ,
Դուրեանը
անտեսելու
իր
հերոսութիւնը
կը
կարծէ
գնել
Պէշիկթաշլեանի
գերեզմանին
վրայ
զեփիւռներ
արձակելով
ու
անոնց
պարտադրելով
որ
փսփսան
մեռելին
ականջին
իր
անմահութիւնը։
Ժամանակակից
Արփիարեանը,
խուժ
ու
անընտել,
առհասարակ,
քերթողականին
համար,
պահեց
Դուրեանին
արտակարգութեան
հանդէպ
իր
մէջ
առջի
երիտասարդութեան
ամբարուած
շուարումը
որպէսզի
առանց
զգալու
քանի
մը
տող
գան
ալ
զիջէր
մեր
գրականութեան
ամենէն
փառաւոր,
անխառն
արժէքին,
երբ
մտքէն
անցուց
Զարթօնքի
սերունդին
լուրջ
քանի
մը
արագ
նկատողութիւններ
արձանագրել:
Արփիարեանի
այս
ժլատ
լռութիւնը
կուգայ
Դուրեանին
հանդէպ
սնուցուած
ընդհանուր
անվստահութենէն։
Պէշիկթաշլեանին
աստուածացումն
ալ
դեր
մը
ունէր
հարկաւ
սա
արդիւնքին
մէջ։
Թարմութիւն,
յորդութիւն,
նորութիւն,
իրաւութիւն,
արտակարգութիւն
աժան
կամ
ձրի
տարազներ
չեն
երբ
կը
գործածեմ
զանոնք
Դուրեանին
զգայնութեան
նկարագիրներէն
ոմանց
արտահանումին։
Անոնք,
ուրիշ
անգամ,
մեր
հին
ու
նոր
գրականութեանց
մէջ
չեն
եկած
քով
քովի
նոյնիսկ
հանճարեղ
մշակի
մը
մօտ։
Իր
առթիւ
իմ
մտքին
կ՚այցելեն
մեծագոյն
անունները
մեր
իմացական
հսկաներուն.
Նարեկացի,
Շնորհալի,
Խորենացի,
Փարպեցի,
բոլորն
ալ
ծանրածանր
մեղքերուն
տակ
իրենց
ժամանակներու
ախորժակներուն։
Չէ
կարելի
Նարեկացիէն
ինքնիր
մէջ
կատարեալ
որեւէ
էջ
մատուցանել
մեր
օրերու
ախորժակներուն,
այնքան
իրան
ու
կեղծը,
նորն
ու
հասարակը
քով
քովի
կապրին
Աղօթամատեանին
մարմինէն
ներս։
Անշուշտ
հրաշալի
տողեր:
Երբեմն
կէս
էջ,
երբեմն
լման
էջ
մը,
երկուքը
կը
խոր
տակեն
իրենց
արտակարգ
գեղեցկութեամբը
ամէն
չկամութիւն,
բայց
կը
մնան
անբաւական
գրագէտի
վարկ
մը
անոր
մօտ
զերծ
պահելու
ամբաստանութենէ։
Չէր
մտածած
գրականութեան՝
վանեցի
աղօթողը,
այդ
գիրքը
թուղթին
նետելու
տագնապին
մէջ,
իր
խորագոյն
ապրումները
առարկայելու
փոյթին
մէջ
խենթեցած
ու
սարսռագին։
Կ'ընդունիմ։
Ու
կը
համարձակիմ
հանգիտօրէն
խորհիլ
Դուրեանին։
Ո՞վ
սորվեցուց
այդ
տղուն
իր
անհուն
գիւտերը,
փոխաբերութիւնները։
Անշուշտ
ոչ
իր
վարժապետները,
ոչ
Սիմոն
Ֆէլէկեանը,
ոչ
ալ
Օգսէն
Խօճասարեանը
կամ
Յակոբ
Պարոնեանը։
Ըրաւ
անոնք
ինքը
իրեն։
Կը
հասկընա՞ք
մեծութեան
կշիռը։
Մտքէս
կ՚անցնի
նոյն
գիծով,
ըսի,
Շնորհալին
որուն
անհուն
շարաբանութեանց
մէջ,
իրաւ
է
թէ
մէկէ
աւելի
են
անմահ
էջերը,
իրենց
շնորհը,
ջերմութիւնը,
հաղորդական
նկարագիրը
անվթար
պահած
մինչեւ
այսօր,
բայց
որոնք
աւելի
քան
անբաւական
կուգան
անոր
ճարելու
վաւերական
բանաստեղծի
մը
անշամանդաղ
վարկը։
Նոյնն
է
պարագան
աշուղական
ու
ժողովրդական
երգիչներով
մեզի
հասած
արդիւնքին
ալ
համար։
Կենալով
նոյնիսկ
ամենէն
քանքարաւոր
անուններուն
առջեւ,
ինչպիսիներ
են
Քուչակ,
Սայեաթ–Նովա,
մենք
տառապագին
հարկին
տակն
ենք
խոշոր,
ծանը
զեղջերու,
ա
յդ
գործերուն
մէջ,
ժամանակին
հոգեբանութեան
եւ
ախորժակերուն:
Բայց
ատով
հանդերձ,
բոլոր
այս
մարդոց
նուաղումներէն,
մեղքերէն
վեր
կայ
բան
մը
զոր
անկարելի
է
առանց
սոփեստութեան
ուրանալ.
—
ատիկա
քերթողական
զգայնութեան
հարազատութիւնն
է,
իրաւութիւնը`
հասարակաց
անոնց
ամենուն։
Զետեղեցէք
Դուրեանի
քերթուածները
իրենց
ժամանակին
մէջ
—
միշտ
յաջողակները,
մի
մոռնաք
ասիկա
—
այն
ատեն
պիտի
զգաք
անուն
այն
տարբերութիւնը
որ
իրարմէ
կը
զատէ
իրաւ
բանաստեղծութիւնն
ու
շրջանային
յաջողուածքը։
Այսօր
մոռցուած
բայց
իրենց
օրերուն
բիւրերու
սիրտը
խռոված
Հայ
ապրինքը,
Հիմի
էլ
լռենքը,
Դու
զո՞վ
խնդրես
մայր
իմ
անուշը,
Արիք
հայկազունքը,
նոյնիսկ
Մայր
Արաքսին
—
բոլորն
ալ
աւելի
քան
քերթուած
կամ
երգ
ըլլալու
իրենց
ճակատագրէն,
են
գինովութիւն,
խենթութիւն`
1860–1870ի
մարդոց
հոգիներուն
համար,
անշուշտ
կը
պատկանին
այս
ժողովուրդին,
կը
ճշդեն
անոր
զգայնութեան
մէկ
պահը,
անոր
պատմական
մէկ
խռովքը,
ինչպէս
կը
պատկանին
նոյն
այդ
ժողովուրդին
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղին,
Լճակը։
Ի՛նչ
որ
կազմած
է
գինն
ու
արիւնը
առաջին
խումբ՝
քերթուածներուն,
անշուշտ
որ
տմարդութիւն
պիտի
ըլլար
արժեզրկել
ու
մէկդի
նետել
—
ինչպէս
կը
փորձեն
բոլոր
նորելուկ
վարդապետները
տնտեսապաշտ
դպրոցներուն
—
բայց
պիտի
ըլլար
դարձեալ
անհարկի
միամտութիւն,
կամաւոր
կեղծիք՝
ատոնց
վրայ
հպարտանալ
[8]
։
Ո՞վ`
որ
տաղաչափութեան
քանի
մը
մարզանքներէ
վերջ`
ըլլար
այսօր
անընդունակ
Պլպուլն
Աւարայրին
քերթելու:
1850ին
մէջ
բոլոր
վարժապետները
պուէտներ
են։
Կարդացած
ըլլալու
էք
անշուշտ
Մաղաքիա
Օրմանեանի
քերթուածները։
Այս
շփոթութիւնն
է
ահա
գլխաւոր
ազդակ
որպէսզի
մենք
յամառինք
մոխրացած
պատրանքներու
փառքին։
Ու
միշտ
Դուրեանի
շրջանին
դուք
կը
հրաւիրուիք
գտնելու
զսպանակը
Լճակին։
Այդ
օրերուն
անկարելի
ըսուելու
չափ
նոր
է
որքան
տարօրինակ
այդ
Լճակը,
թէ՝
իբր
նիւթ
եւ
թէ
իբր
ձեւ։
Ինչո՞վ
է
յօրինուած
այդ
այնքան
փափուկ,
այնքան
fantastique,
այնքան
դժուար
կառոյցը։
Ո՞վ
է
հայթայթած
այդ
քերթուածին
պարզուկ
ինչպէս
վերնաթռիչ
իր
իրաւութիւնը,
թեւաւոր,
օդակառոյց
ռոմանթիզմը
ու
խօսուած
լեզուին
բառերովը
ու
կշռոյթովը,
գետինին
շատ
մօտիկ
դժնդակ
հաւասարակշռութիւնը։
Քերթուած
ը
այս
երկու
հակադրութիւններուն
համադրութիւնն
է
սակայն։
Քաղցրութիւն
է
ու
մեղեդի,
տեսիլք
է
ու
տռամա,
մարդ
մըն
է
ու
երազ
մը,
մինչեւ
այսօր
իր
այդ
արժէքներէն,
իր
այդ
ճարտարապետութենէն
անտոյժ
ու
անխարխուլ:
Ի՞նչն
է
որ
ճարած
է
այդ
շէնքին
սա
անկեղծութիւնը,
տրտմութեան,
մարդկայնութեան,
առօրեային
մէջ
յաւիտենականով
կնքաւոր
իր
փառքը,
հպարտանքը։
Ո՞վ
է
ստեղծած
բառին
ու
պատկերին,
զգացումին
ու
ասոր
շղարշին
(ներեցէք
այս
բառին.
իմ
պատանութիւնը
հերոսական
ու
հերետիկոս՝
հիացմանը
մէջ
մեծցաւ
Սիպիլին,
Չօպանեանին,
Մալէզեանին
եւ ...
Եդուարդ
Գոլանճեանին,
ու
ասոնք
հոս
ըսելու
անկեղծութիւնը
չեմ
ոսկեզօծեր
ոչ
մէկ
յետին
մտքով),
ցաւին
ու
անոր
բոցին,
երազին
եւ
ասոր
շապիկին
սա
տարօրինակ,
միշտ
կ՚ըսեմ`
անկարելի
դաշնութիւնը,
սխրանքը,
սա
անտիպ
ու
վերջնական
հրաշքը։
Պէ՞տք
է
տակաւին
խօսիլ
այդ
քերթուածին
բառերով
մարմին
դարձած
լեզուէն,
անոր
վճիտ
աշխարհայնութենէն,
արիւնէն
որուն
տաքութիւնը
կը
զգաս
ձայնական
մարմաշին
իսկ
ընդմէջէն
հոգիիդ
ամենէն
մաքուր
մերկութիւններուն
վրայ։
Ու
այս
ամէնը
իրենց
եղերական
իմաստին
կը
բարձրանան
երբ
այդ
տղուն
շուրջը
դիտենք
կարաւանը
մարդոց,
անոնք
ալ
պսակաւոր,
մեծափառ,
եզակի,
անհուն
քերթողներ,
որոնք
կերպն
են
գտած
այդ
արժանաւորութեանց
ազգ,
հայրենիք,
կոյս
ու
գարուն,
Մասիս
ու
Արաքս,
Վարդան
ու
Սանդուխտ
հոլովելով
անծակ
ու
անճառ
երանութեամբ
մը,
հեշտանքով
մը։
Այն
ատեն
դուք
պիտի
համոզուիք
որ
Պետրոս
Դուրեան
երեւոյթ
մըն
է,
հիւսիսայգ
մը՝
արեւմտահայ
բանաստեղծութեան
մէջ:
Կը
կրկնեմ
հոս,
ինչ
որ
թելադրեցի
այս
ուսումնասիրութեան
մուտքին.
—
Պետրոս
Դուրեան
նման
է
բոլոր
ազգերու
մեծ,
իրաւ,
տառապագին
քերթողներուն
(ոչ
միայն
իր
զգայնութեան
մեր
մէջ
դեռ
իր
զոյգը
չունեցող
նկարագիրներովը,
այլ
թերեւս
ճակատագիրով
ալ),
որոնք
կ՚երեւան
առանց
մունետիկի,
անսպասելի
ու
շուարեցնող,
տարերային
ինչպէս
անմեկնելի։
Կը
բռնկին
ծովերէն
բարձրացող
հրաբխային
ժայթքումներու
նման,
կը
մխան
կամ
կը
լուսաւորեն,
կ՚այրեն
սիրտերը
ու
իրենք
զիրենք.
ու
կը
սպառին՝
արագ
կամ
երկարատեւ
մաշումով
մը,
մոխրացումով
մը,
բայց
նոյն
ատեն
ճակատագրովը՝
յաւիտեան
չմոռացուելու։
Անոնց
մեզի
ձգա՞ծը։
Բայց
մոխիրներն
իսկ
կ՚ապրին
դարեր,
երբ
կուգան
ոսկորներէն
նման
ողբերգութիւններու,
ողջակէզներու:
Կրակին
մէջ
կը
բանան
անոնք
իրենց
զգայնութեան
աչքերը,
կ՚ապրին
անկէ
չկիզուելու
բացառիկ
բախտով
մը,
ու
յաճախ
կը
գոցեն
զանոնք
նոյն
այդ
բոցին
մէջ
որ
պիտի
պատմէ
սակա
յն
անոնց
յիշատակը,
դարէ
դար,
անմար։
Մեր
բանաստեղծութիւնը
չունի
երկրորդ
անուն
մը
այս
բացառիկ
հրաշքը
այսքան
պայծառ
կերպով
իր
անձին
ինչպէս
գործին
վրայ
համադրող։
[1]
Չեմ
ուզեր
որ
ընթերցողը
աւելորդ
պատրանքներ
ու
տառապանքներ
ստեղծէ
սա
կտրուկ
յայտարարութեանց
առիթով,
մանաւանդ
երբ
այդ
ընթերցողը
զարգացուցած
է
իր
ընդհանրացման
ընդունակութիւնները,
մէկ
ու
նոյն
շնորհին
իբր
տարբեր
կերպարանքները
յայտարարելու
չափ
բանաստեղծականին
զանազան
անունները։
Թատերական
բանաստեղծութիւնը,
արդար
եւ
իրաւ,
ոչ
միայն
գլուխ
մըն
է
արուեստին
սեռերէն,
այլեւ
դարերով
ինքզինքը
իրագործած
ու
մարդոց
գերագոյն
յուզումներ
հայթայթած
յաղթանակ
մը։
Չեմ
տար
անուններ,
մեծ
բանաստեղծ
Եսքիլէսէն
մինչեւ
մեծ
բանաստեղծ`
Հիւկոն։
Իրողութիւնը
ուրիշ
տագնապ
մըն
է
իմ
մտքին
համար։
Այդքան
իրաւ
բանաստեղծ
մը
—
չենք
կրնար
կասկած
չի
ենթարկել
Պ.
Դուրեանին
զգայնութիւնը
քնարական
հարազատութեան
տեսակէտով
—
ինչո՞ւ
չ՚անդրադառնար
իր
թատերական
վաստակին
հարազատ
անբաւականութեան
կեղծիքին։
Ո՞վ
է
պատասխանատուն
այդ
ողբերգութեանց։
Այս
անբնականութիւնը
հասկանալի
ընելու
նպատակով
է
որ
այս
աշխատանքին
մէջ
մասնաւոր
գլուխ
մը
կը
բանամ,
քանի
մը
նշմարներ
նետելու
ոչ
թէ
այդ
գործին
ներքին
տարողութիւնը
լուսաւորել
ձգտող,
այլ
այդ
խոշոր
անմարդկային
վրիպանքը
պարզ,
մարդկային
ընծայել։
Դուրեան,
իր
հանճարին
ճնշումին
տակ,
առնուազն
զգալու
էր
այդ
խաղերուն
ներքին
տարողութիւնը
ու
փոխանակ
բեմին՝
կրակին
յանձնելու
անոնց
անհարազատ
մարմինները։
Իր
տեղին
դուք
կը
գտնէք
բաւարար
լուսաբանութիւն,
ինչպէս
կ՚ըսեն
դիւանագիտական
նախադասութիւններով
երբեմն
մարդիկ,
Պ.
Դուրեանի
թատերական
վէպին
մասին:
[2]
Անշուշտ
մէկ
է
հայ
հոգին
ու
մէկ
էր
ըլլալու
անոր
գրական
կերպարանքը,
ա՛ն`
զոր
կանուխէն
որակած
եմ
Հայաստանեայց
գրականութիւն:
Այս
հաւաստումով՝
արեւմտահայ
քնարականութիւնը
կը
բանայ
իր
սահմանները,
անկէ
ներս
առնելու
համար
արեւելահայ
քնարականութիւնը։
Պէտք
չէ
եղերականութեան
տանիլ
պատահարը
որ
կերպարանք
է
իբր
արեւելահայ
քնարականութիւն,
այսինքն
գրեթէ
մանկական,
հիմնովին
անկշիռ
խօսք,
եթէ
չըլլանք
ստիպուած
քիչիկ
մը
լրջանալու
փաստերուն
առջեւ
Թումանեանի,
Տէրեանի։
Այս
անուններն
ալ
ծանրածանր,
հասարակ
տեղի
քով
մեղաւոր:
Արեւելահայ
հոգին,
այս
շրջանին
վրայ,
որ
մեր
խորաչափումին
գետինը
կուտայ,
քնարական
տարրով
չէ
բախտաւորուած։
Ասիկա
չի
նշանակեր
թէ
վաղը,
խորհրդահայ
բառաչափներու
տմոյն
կարաւանէն
պիտի
չզատուի,
գագաթուի
մեծ
դէմքը
որուն
վրայ
մեր
ցեղին
մեծ
արժանիքները,
—
բարութիւն,
արիութիւն,
լաւատեսութիւն,
խանդ,
հուրք,
քաղցրութիւն,
սլացք,
փարթամ
պատկերակերտութիւն,
զգացական
խորունկ
յարդարում,
յիշելու
համար
քանի
մը
էականները
այդ
բարիքներուն,
չըլլային
հաստատելի։
Գրականութիւնները,
ըսել
կ՚ուզեմ
գրական
ստեղծագործութիւնները
գիտութիւն
չեն
որպէսզի
ըլլան
որոշադրեալ,
առնուազն
որոշադրելի։
Արեւելահայ
վէպը
գեղեցկութիւն
մըն
է,
այսինքն՝
տրուած
շրջանին
մեր
իմացականութիւնը
-
հաւաքական
–
աշխատած
է
այդ
կալուածին
վրայ
ու
դարձեալ
վկայած
մեր
ժողովուրդէն։
Արեւելահայ
քնարականութիւնը
դարու
մը
ընթացքին
կրկնած
է
մեղքը
Մխիթարեաններու
զոյգ
դարերուն։
[3]
Համապատկերը
մեր
երեք
սերունդներուն
վաստակը
վերլուծելու
ատեն
կեցած
է
բոլոր
անոնց
գործին
առջեւ
ուր
որոշ
խառնուածքը,
ասոր
արտայայտութիւնը
եղող
սեւեռումները
գտած
են
բաւարար
ինքնութիւն։
Այսպէս,
Թովմաս
Թէրզեան
կամ
Ռեթէոս
Պէրպէրեան,
Եղիա
կամ
Չերազ,
Սիպիլ
կամ
Արշակ
Չօպանեան,
Եղիշէ
Դուրեան
կամ
Տիրան
Չրաքեան,
Ռ.
Որբերեան
կամ
Վահան
Մալէզեան
ունեին
իրենց
երեսները ...
իբրեւ
քնարերգակ
բանաստեղծներ,
իմ
աշխատասիրութեան
մէջ։
Ասիկա
զիջում
մը
կամ
տարապարհակ
մը
չեմ
նկատած
սակայն,
վերի
անունները
իմացական
գործուն
էութիւններ
են,
քնարականէն
դուրս
մարզերու
վրայ
որոշ
կշիռով։
Օր
մը
մեծ
քերթող
որակուած
Ռուբէն
Որբերեանը,
ատիկա
արդարացնելէ
առաջ
իրաւ
վիպասան
մըն
է
ու
տպաւորապաշտ
քրոնիկագիր
մը,
այս
անգամ
որոշ
շնորհներով։
Անզուգական
քերթողուհին
ատիկա
ըլլալէն
առաջ
իրաւ
վիպասան
մըն
է
դարձեալ։
Ու
ինքզինքը
մեծատաղանդ
քերթող
դաւանող
Արշակ
Չօպանեանը
մեր
գրականութեան
մէջ,
ըսի
անգամ
մը
այս
ուսումնասիրութեան
ընթացքին,
մեծ
երախտաւոր
մը՝
մեր
բանաստեղծութեան
համար
մասնաւորաբար,
քանի
որ
կործանած
է
մեր
ռոմանթիզմին
գրքունակ
յաւակնութիւնները,
այսպէս
խնայելով
մեզի
կրկնութիւնը
Կրտսեր
Ռոմանթիքներու
կորանքներուն։
Երկրորդական
այս
անունները
ուրեմն
դարձեալ
կ՚արդարացնեն
իրենց
քնարական
կտակները,
այս
անգամ
բարիքին
մէջ
է՝
իրենց
հաւաքական
արդիւնքներուն։
Ու
քնարականին
նկատառումը
ասոնց
մօտ՝
մեզ
կը
տանի
որոշ
նրբերանգներու:
Գէշ
բանաստեղծութիւն,
անշուշտ,
Նոճեստանը,
կամ
մեծ
մասը
Հովուական
Սրինգը
կազմող
քերթուածներուն։
Բայց
իրա՛ւ
ճարտարութիւն,
ընդունակութիւն`
բառին
վրայ
աշխատելու,
պատրանքը
թելադրելու
չափ
հարազատ
քերթողին
որ
պարտքին
տակն
է
բառն
ու
ոգին
հաւասարապէս,
նոյն
անկախութեամբ
նուաճելու:
[4]
Էքսէրճեան
քահանայի
կողմէ
հրատարակուած
հատորը
1872ի
տաղարանին
վրայ
ունի
առաւելութիւն
այն
պատճառով
որ
ընդունած
է
Դուրեանի
արձակներէն
պատառիկներ,
նամակներու
ձեւով,
թիւ
ով
քիչ
բայց
որակով
այնքան
յատկանշական
այդ
տղուն
քնարականութեան
անխառն
արժանիքէն։
Այդ
պատառիկները
իբր
բովանդակութիւն,
այ
սինքն
խորք,
հազիւ
թէ
կը
պատկանին
մարդոց
աշխարհին,
այնքան
այ
լամերժօրէն
կը
թուին
եկած,
բխած
ըլալ
այդ
տղուն
միայն
սեպհական,
այսինքն՝
ներքին
աշխարհէն,
Անոնք
պզտիկ
յարդարանքով
մը
պիտի
կազմէին
մեր
թերեւս
միակ
յաջող
արձակ
քերթուածները,
այնքան
անհարկի
կերպով
առատ
ու
անկանգնելի,
նոյնիսկ
Մեծարենցի,
Թէքէեանի
նման
մեծ
բանաստեղծներու
գրչին
տակ
(չեմ
խօսիր
համաճարակին
չարիքէն
որ
սկիզբ
կ՚առնէ
Չօպանեանէն,
հասնելու
համար
մինչեւ
Օհան
Կարօ)։
Ուրե՞մն։
Երբ
կատարուի
զտումը
Դուրեանի
անունով
մեզի
հասած
ոտանաւորներուն
մէջէն
անոնց
որոնք
կը
պատկանին
Զարթօնքի
սերունդին
խանդավառութիւններուն,
այսինքն
երբ
մէկդի
դրուին
ազգայնական
իր
քերթուածները,
հանդիսական
յանգախաղերը,
տողերով
խաչ
կերպարանող
միամտութիւնները
ու
յանգաբանական
ուրիշ
տղայամտութիւններ
(օրինակ՝
Առ
կոյսն
վերտառութեամբ
կտորը
որուն
առաջին
տողը
կը
համրէ
տասնըհինգ
վանկ
ու
վերջինը՝
մէկ,
գրուած
հաւանաբար
մանկական
փառասիրութեամբ
մը,
ինչպէս
է
արդէն
Մանուկն
առ
Խաչ
քերթուածը),
ու
իրենց
պատշաճ
դերին
վերածուին
փորձի
շրջանը
յատկորոշող
կէս
յաջողուածքները,
հաւանաբար
հեղինակին
կողմէ
կրկնասրբագրութիւնները
դրուին
իրենց
իմաստին,
մեզի
կը
մնայ
դարձեալ
սրբազան
փունջ
մը
քսանէն
քիչ
վեր
քերթուածներուհիները
դիւան
կ՚որակէին
իրենց
քերթուածներուն
հաւաքածոները.
Բառը
այսօր
պաշտօնականացած
է
ու
անհաշտ՝
բանաստեղծականին։
Տաղարանը
թէեւ
հին
բայց
աւելի
արտայայտիչ
կը
գտնեմ,
այդ
փունջը
պիտակելու
համար
(զուր
տեղը
չէ
որ
շրջանին
երկու
իրաւ
բանաստեղծներուն
կտորները
համախմբող
գիրքերը
ունեն
տաղի
վերտառութիւնը,
Ալիշանի
Նուագք
անարտայայտ
վերնագիրէն
երջանիկ
խուսափումով
մը)։
[5]
Նոյն
տարին
լոյս
տեսնող
Ծիածանը
եւ
Նոր
Տաղերը
(այս
հատորիկն
ալ
տպուած
է
1907ին
վերջերը
եւ
հրատարակչական
հնարամտութեան
մը
սիրոյն
միայն
ընդունած
է
կողքին
1908ը,
որով
գիրք
մը
տարի
մը
աւելի
երիտասարդ
կը
մնայ)
ուրիշ
անուն
չեն
արդարացներ
Սիւրմէլեանի
Լոյս
Զուարթը
մինակ
մնացած,
բայց
քսանը
հազիւ
անցնող
տղու
մը
տաղարանն
է,
այսինքն
անվերադարձ
վկայութիւն
մը։
Հաւաքեցէք
Սիամանթոյի
բոլոր
քերթուածները
(դուրս
ձգելով
Ս.
Մեսրոպը)
ու
ջնջեցէք
անոնց
խմբական,
յաճախ
կեղծ,
անյաջող
վերնագիրները
(Հոգեվարքի
եւ
յոյսի
ջահեր,
Դիւցազնօրէն
եւայլն),
դուք
կ՚ունենաք
քերթուածներու
շարան
մը,
որոնց
ձեւին
ու
խորքին
նոյնութիւնը
մեզ
կ՚արտօնէ
մեր
որակումը
տարածելու,
զանոնք
համախմբելու
համար
հասարակաց
տիտղոսի
մը
ներքեւ:
Կ.
Ոսկեան,
Մ.
Զարիֆեան
առանց
անպատեհութեան
կը
տեղաւորուին
տարազի,
ներսը։
Նոյնիսկ
Ցեղին
Սիրտը
եւ
Հեթանոս
Երգերը
(անջատ,
այսինքն
փորձի
վկայութիւններ,
նոյն
հեղինակէն՝
Սարսուռները
եւ
Հացին
Երգը)
դժուար
չէ
իրարու
վերածել,
մէկ
ու
նոյն
զգայնութեան
կերպարանքները
իբրեւ։
Տաղարանը
հոգեկան
միութեամբ
է
պայմանաւոր։
Փորձեցէք
սակայն
Հոգեր
եւ
Հրաշալի
Յարութիւն
կոչուած
վկայութեանց
համար
նոյն
գործողութիւնը
ու
պիտի
տառապիք
արդիւնքին
տարօրինակութեան
առջեւ։
Անշուշտ
տարբեր
մարդեր
չեն
այդ
գիրքերուն
ստեղծիչները։
Բայց
տարբեր՝
զանոնք
լեցնող
հոգեղէն
խտութիւնները,
աշխարհները։
Յետոյ,
մարդէ
մարդ
տաղարանը
կ՚անձնանայ։
Զարիֆեան
ապրումին
ամենէն
ցամաք
կերպարանքը
ճարելու
համար
աչքն
է
առած
վտանգել
ծանրածանր
բարիքներ,
արեւմտահայ
ոտանաւորին
համար
այլեւս
շահուած
ու
անվերաքննելի,
երբ
կը
վտարէ
պատկերը,
փոխաբերութիւնը,
կշռոյթը
եւ
կը
յաւակնի
զգացումին
իրաւ,
խորունկ
բարիքովը
ազատագրել
տողերուն
բախտը,
յաճախ
իյնալու
համար
արձակունակին
որ
այլեւս
բանաստեղծութեան
չի
պատկանիր։
Տաղարանները
ուրեմն
հաւաքածոներ
չեն,
այլ
հոգեկան
վկայութիւններ:
Պէշիկթաշլեանի
հարիւրը
անցնող
քերթուածներէն
հազիւ
տասնըհինգ
հատ՝
որոնք
տաղարանը
արդարացնէին,
իբրեւ
հոգեղէն
ծնունդ։
Հոս
կը
յիշեմ
գրաբար
ալ
տաղարաններ,
ուր
սրբազան
բանաստեղծութիւններ
համախմբուած
են,
տասնեակ
մը
դարերում
ծնունդ։
[6]
Կ.
Իւթիւճեանի
Յիշողութիւնները
(Մասիս,
1893)
դժբախտ
անբաւարարութեամբ
մը
կը
տառապին
իմ
տեսակէտիս
համար:
Ըսի
թէ
Մրմրեան
աւելի
մօտ
էր
ասոր,
քանի
որ
աշակերտակից
էր
եղած
Եղիշէին։
Միսաքեանի,
Տէրոյենցի
փառքերը
չեմ
կարծեր
որ
փորձած
ըլլան
Դուրեանը։
Հիմնովին
անբանաստեղծ
պուէտին
գրաբար
քերթուածները,
Բարիզէն
ղրկած
քրոնիկները
չէին
կրնար
հասնիլ
Դուրեանի
զգայնութեան։
Օտարներու
վրայ
բացուի՞լ
մը
յիշած
է
Լամառթինը,
Հիւկոն
—
կանխահաս
է,
քանի
որ
Դուրեան
արդէն
պատանութեան
չբացուած
գրող
մըն
է։
Ամէն
պարագային,
ստիպուած
եմ
Վենետիկը
ու
անոր
պոլսացած
թեւը
—
Պէշիկթաշլեան,
Թէրզեան
—
ընդունիլ
այդ
տղուն
մտքին
դայեակը
ու
անոր
հոգիին
վրայ
ինկած
իմաստի
խռով
քներուն
առաջնութիւնը
տալ
այդ
խմբակին։
Ուրեմն
Մխիթարեան
մըն
է
մեր
մեծագոյն
բանաստեղծը,
դեռ
իր
աղուամազերուն
մէջ
-
հոգին
ալ
ունի
աղուամազ։
Ու
այս
հաւաստումը
կը
բաւէ
բացատրելու
համար
Դուրեանին
մեղքերը,
—
ազգայնական
քերթողութիւնը,
թատրոնները,
անաւարտ,
այսինքն
ձեւէն
անպաշտպան
իր
այն
քերթուածները
որոնք
1870ի
տաղաչափութիւնը
կը
ցոլացնեն։
Այս
տողերը
կը
ձգտին
երեւան
բերել
անհուն
անջրպետը
որով
իրարմէ
բաժնուած
են
Թէրզեանի,
Նար-Պէյի,
տաղաչափ
Պէշիկթաշլեանի
—
իր
երգերուն
մէկ
մեծ
մասին
մէջ
—
տաղարանը
եւ
այն
միւսը
որ
կը
կազմէ
Դուրեանին
հրիտակը
մեզի։
Ու
անմիջապէս
մեր
մտքին
նայուածքին
առջեւ
պարզ
կը
դառնայ
ոչ
միայն
այդ
տարբերութեան,
անջրպետին
իրական
իմաստը,
այլեւ
այն
դժուար
բացատրելի
իրողութիւնը
որ
նորութիւնն
է
գրագէտի
մը
արժանիքներուն
մէջ։
Չեմ
գործածեր
հանճարը,
տաղանդը,
որոնք
բառեր
են։
[7]
Պարտաւոր
եմ
բաւարար
լուսաբանութիւն
մը
նետել
սա
վարկածին,
առնելով
անոր
հիմնական
տարրերը
իմ
իսկ
ապրումներէն։
Իմ
գրական
առաջին
պատահարը
Դուրեանն
է։
Երկրորդը`
Տայսթայովսքին։
Երրորդը՝
Բրուստը։
Վերջին
երկուքը
որոշ
կապ
մը
չունին
վերը
պարզուած
վարկածին
հետ։
Պետրոս
Դուրեանը
իմ
առաջին
արցունքն
է,
գիտակցուած,
իրաւ,
անդարման
տռամա
մը,
որ
մէկէն
զիս
կը
լուսաւորէր
իմ
իսկ
ներքին
նայուածքին
առջեւ:
Կը
խորհիմ
թէ
մտած
ալ
չէի
տասնըհինգը
(տասներկուքին
ես
ունեցած
եմ
ազգային
զգացման
տագնապ
մը
զոր
այսօր
կը
դարձնեմ
շատ
յստակ։
1895ին
էր
ատիկա,
հայկական
ջարդերուն
բովանդակ
սարսուռին
մէջ
երբ
Վարդանանցի
Հինգշաբթին
–
ձիւն
էր
այն
տարին
–
զինուորները
եկան
մեր
խեղճ
տունէն
տուրքի
համար
առին
տարին
չորնալու
դրուած
ու
ձիւնէն
սառած
ճերմակեղէնները։
Տարին
ու
ինծի
համար
արգիլուած
էր
լացը։
Կատղած՝
Վարդանանց
մը
գրեցի,
Եղիշէն
մէկ
ծունկիս,
միւսին`
թուղթը)
ու
հացին
տագնապը
զիս
նետեր
էր
գիւղէն
քաղաք։
Պրուսա։
Չեմ
բանար
քաղաքը,
Համապատկերին
մէջ
քանի
մը
անգամ
անոր
մօտեցած
ըլլալուս։
Հոս
կուտամ
այդ
քաղաքէն
իմ
մասնաւոը
մէկ
զգայնութիւնը։
Ջուրերու
քաղաք
մըն
է
անիկա,
այսինքն
հիւանդներու
հանդիսարան
մը։
Վէպի
մը
մէջ
(Հարիւրմէկ
Տարուան)
ես
վերլուծեր
եմ
այդ
զգայնութիւնը,
ուրիշներու
հաշւոյն։
Հոս
կը
զբաղիմ
անոր
անձնական
մասովը,
իմ
ներքին
աշխարհին։
Տառապանքը,
զրկանքը,
թերեւս
ծնունդը
զիս
ըրած
են
կանխահաս,
ամէն
բանի
մէջ։
Թուականը
չեմ
յիշեր,
բայց
ջարդերուն
յաջորդ
տարիներուն
կը
զուգադիպի
պատահարը։
Աչքիս
առջեւն
են
աղջիկները,
Պրուսայի
դեղձերէն
աւելի
թաւշային
ու
անոր
մետաքսէն
աւելի
կակուղ
ու
սրտառուչ,
եկած՝
մեր
դպրոցին
մէջ
հանդէսի
մը։
Գարնան
օրեր
են
ու
պատուհաններէն
դուրս՝
քաղաքը
ծաղիկներու
ուրիշ
հանդէս,
ծառերուն
ճիւղերը
ընելով
հարսնեւոր
ու
խենթեցնող։
Աշակերտութիւնը,
երկսեռ,
Գէորգեան
վարժարանի
սրահին
մէջ,
մտիկ
ընելու
մեծերուն
գրածները,
արձակ,
քերթուածս
կարդացողները՝
վերի
դասարաններէն։
Աղջիկ
մը
կ՚արտասանէ
ոտանաւոր
մը
ուր
հիւանդ
պարմանուհի
մը
իր
մօրը
կ՚աղերսէր
«Մայր
իմ,
ճակատիս
հանգչեցուր
գրկիդ
մէջ,
Oրoր
երգէ,
մայր
իմ,
քընանալ
ես
կ՚ուզեմ.
Աչքըս
գոցէ,
մահուան
գալը
չըտեսնեմ.
Մայր
իմ,
ճակատըս
հանգչեցուր
գրկիդ
մէջ ...
»
Աստուծոյ
բոլոր
շնորհները
ժամադրուած
էին
այդ
պարմանուհիին
վրայ,
հարկ
չկայ
յիշելու:
Բայց
ի՛նչ
որ
նորն
էր
ինծի
համար՝
այդ
հրաշալի
նուագարանէն
ձայնի
ճամբով
իմ
ջիղերուն
հասած
կպչուն,
տաք
ծորումն
էր,
մահուան
ծարա՜ւը։
Որքան
իրաւ
կ՚ըսէր
այդ
աղջիկը,
իր
գեղանի,
անդիմադրելի
փթթումին
մէջ
այնքան
սուտ
հակադրելի`
իր
ըսածին։
Բայց
ճակատագիրը
բառարանեան
բնակիչ
մը
չէ։
Իմ
ներսս
կը
բանէին
բառերը
ու
մահուան
պապակը
զիս
կ՚ըն
էր
թրթռուն
արցունք
մը
(տարի
մը
վերջը,
Մայիսին,
թաղեցինք
այդ
զմայլելի
քերթուածը,
ցաւերուն
ցաւովը
թոռմած
երկու
շաբթուան
մէջ)։
Տեսան
իմ
արցունքները.
յետոյ
լսեցին
իմ
մռայլ
հեծկլտանքը։
Հանդէսը
երբ
ու
ինչպէս
աւարտեցաւ,
չեմ
յիշեր։
Գիտեմ
միայն
որ
պարապ
սրահին
մէջ
գլխուս
վերեւ
կար
օրիորդ
մը:
Աղջկանց
վարժարանին
նոր
ուսուցչուհիներէն
մէկը։
Վերցուց
ձեռքերուս
վրայէն
գլուխս
ու
նայեցաւ
աչքերուս։
Դպրոցին
բանաստեղծն
էի,
1890ի,
1880ի
ճաշակով
ոտանաւորներու
ասպետը։
Ինձմէ
կարդացուած
քերթուած
մըն
ալ
կը
ծանրացնէր
այդ
փառքը
ու
այդ
մեղքը
նոյն
ատեն։
Մեղմ,
կարեկցուն
—
որուն
համար
կը
տառապէի
աչքերուն
ներքեւ
—
անիկա
ինծի
խօսեցաւ:
Ձայնը
անուշ
էր,
տաք,
կիրթ,
մանաւանդ
տարօրէն
տարբեր
քաղաքին
տաճկերանգ
շեշտէն։
Ըսաւ
«կրնայի
լալ,
բայց
կանուխ
էր
գիրքերուն
համար
լալը»։
Կը
գուշակէ՞ր
աւելի
անդին,
այսինքն
աղջիկէն
արտասանուած
խռովքին
խորհուրդը
որ
մարմինը
հոսում
մըն
էր,
զմայլելի
այդ
շէնքէն
իբր
իգութիւն,
իբր
ցաւ,
իբր
ստեղծում
ինծի
անձրեւուած։
-
«Վաղը
կը
ղրկեմ
քեզի
գիրք
մը»,
ըսաւ,
միշտ
ժպտելով։
Կանչեցին
զինքը
ու
գլուխս
կախեցի
բազուկներուս
փոսին։
Մութէն
ծոցէն
կ՚անցնէին
իմ
գեղին
բոլոր
հարսները,
աղջիկները,
փակ,
օտար։
Իմ
մէջ
սկիզբ
կ՚առնէր
բան
մը
որուն
գիտակցութիւնը
կը
խուսափէր
սակայն…
Յաջորդ
օրը
Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնք
Պետրոս
Դուրեանի
անունին
տակ
դեղին
թղթակազմ
հատորը
ինծի
կը
ղրկուէր
Օր.
Պէադրիսէն,
ձօնով
մը.
«Պըզտիկ
բանաստեղծին.
մեծնալուն՝
յիշելու
խնդրանքով»:
Կը
կատարե՞մ
խնդրանքը
թէ
կը
հալածեմ
պատրանքներ։
Ամիս
մը
առաջ
այս
տողերէն՝
իմացայ
որ
Պուլկարիոյ
մէջ
քաղաք
մը
այդ
վարժուհին
անդամալոյծ
պառաւ
մըն
էր:
Ազգականուհիի
մը
ճամբով
այս
տեղեկութիւնը
ինծի
դարձուց
այդ
կախարդ
պահերը,
օրօր
երգող
աղջիկը,
թարմ
ու
գեղանի
վարժուհին
ու
պատանին
որ
կուլար
իր
արցունքները,
հաւանաբար
ծարաւին
մէջը
յաւիտենական
տենչանքին։
Բայց
պէտք
է
դառնալ
Դուրեանին,
պատանութեան
Դուրեանին։
Հատորը
ձեռքս
ելայ
դուրս
է
հասարակաց
պարտէզէ
մը
աւերակեալ
զբօսավայր
մը։
Տարիներ
առաջ
շէն,
այդ
ատեն
զբօսավայրը
ձգուած
էր
երեսի
վրայ։
Ածուները
թէեւ
լքուն,
բայց
կը
պահէին
ծաղիկներու
ստուերները։
Ծառերու
ճիւղերուն՝
պտուկներ,
թեւերնին
կէս
արձակած
ոսկի
մեղուներու
նման,
պատրաստ
թռիչքի։
Աւազաններ
լեցուն՝
ձմրան
անձրեւներ
են:
Աղբիւրները
մեռած։
Խոտը
—
խաւարծը
—
կանաչէն
ու
դեղինէն
հաւասար
ապէ
ս
նպաստաւորուած,
պարտէզին
կուտար
կեանքին
ու
մահուան
իր
խորհրդանիչ
ծանրութիւնը:
Երիցուկները
ձիւնի
կղզիներ
կը
յօրին
է
էն
տեղ
տեղ
է
Մացառ։
Թաւուտ։
«Փթիթները
գարնան»։
Բացի
գիրքը
ու
կարդալ
առի։
Կը
հասկայի
պէտք
է
մեռնիլը,
բայց
չէի
հասկնար
թէ
ինչո՞ւ
պէտք
էր
մեռնիլ,
գարունքին,
ծաղիկներու
սա
փառքին,
հողէն
յորդող
սա
կեանքին
փաստերուն
հակառակ:
Շշուկ,
քայլափոխի։
Վերցուցի
աչքերս.
Աւազանին
մօտ
կեցեր
էր
երիտասարդ
մը։
Պարզ,
սովորական,
քաղքենի:
Կուշտին,
քիչ
մը
հակ՝
աղջիկ
մը։
«Մեղրամոմէ
անդրիանդի
մ՚է
հանգոյն»:
Տեսա՞ծ
էր
Պետրոս
Դուրեան
սա
աղջիկը
որ
իր
բառերուն
մէջէն
այնքան
կատարեալ
հարազատութեամբ
մը
մարմին
էր
դարձել
իմ
նայուածքին
տակ։
Սարսուռը
իմ
ոսկորներուն։
Երկու
օր
առաջուան
բեմէն
աղջիկը
բուսաւ
մտքիս
դաշտին,
անդիմադրելի
իր
ձգողութեամբը։
Անդունդ
կար
երկու
աղջիկներուն
պատկերներուն
մէջտեղ։
Ու
հարակին
հազը
որ
ուրուացաւ
ու
չեղաւ։
Կրակի
պէս
բան
մը
առին
դալկոտ
երեսները։
Տղան
թեւը
առաւ
այդ
սրսփուն
երազէ
ու
քայլերը
դնելու
վախնալով
խոցերուն,
անցաւ
առաջ,
թաւուտի
մը
խորը,
կոտրտած
նստարանի
մը
յանձնելու
իյնալու
մօտիկ
հիւանդը։
Քիչ
ետքը՝
ծանր,
տրտում
կին
մը։
Իրարու
կը
նմանէին.
մայրը
հաւանաբար,
շալ
մը
ուսերուն,
շալ
մըն
ալ
թեւէն
կախ։
Ինչ
մանրամասնեմ
ձեզի:
Արեւէն
առաջ
ստիպուեցան
հեռանալ՝
իրկուան
հովը
կը
պաղէր
ու
աղջկան
կուրծքին
վրայ
հազի
կը
փոխուէր։
Բարակով
մահուան
սարսափը
քաղաքի
պատանիները
գտած
էր,
քանի
որ
գարնան
մուտքերուն
թաղած
էինք,
մինակ
մեր
գերեզմանին
մէջ,
չորս
հատ՝
«Մայր
իմ,
ճակատըս
հանգչեցուր
գրկիդ
մէջ»
փսփսացին
իմ
շրթերը
երբ
երեքով
խումբը
ածուներու
ետեւէն
կը
հալէր
դէպի
ցանկապատը։
Մինակ
էի,
կարդացի:
1892ի
հրատարակութեան
մէջ
ազգային
ական
քերթուածներուն
պակասը
կու
տար
միութիւն
մը
տաղարանէն։
Վերջին
քերթուածին
հետ
մութը
հիւսուիլ
կը
սկսէր։
Լուսինը՝
լման,
Ուսկից
ուսան
թրքուհիք՝
Ծածկել
իրենց
դէմքն
հաջաղով
նրբաթել,
Անոր
նման
տժգոյն
ըլլալ
ու
դիւթել...
Ու
ինկաւ
գիրքը
մատներէս։
Կակուղ
էի.
տրտում։
Ոչ
ոք՝
որ
տեսնէր
արցունքները։
Ու
իմ
ոտքերը
ծանր
էին
երբ
հեռացողին
հետքերովը
դուրս
ելայ
իմ
կարգիս
պարտէզէն։
Ինչերնուդ
պէտք
թէ
ուր
կ՚երթային
իմ
մարմինը,
Պետրոսը,
արտասանութեան
կախարդ
աղջիկը
ու
մեղրամոմէ
անդրիանդը։
Գիշերը
լուսցուցի
անքուն։
Տաղարանին
բոլոր
բառերը
—
այդ
տարիքիս
իմ.
ահաւոր
յիշողութիւնը
չարչարանք
մըն
էր
քանի
որ
մէկ
ընթերցում՝
գիրք
մը
լման
կը
փորագրէր
իմ
մտքի
սկուտեղին
—
կենդանի
էակներ
էին
որոնք
կը
բուսնէին
ինձմէ
անկախ,
կը
բռնանային
վրաս
ու
կ՚ըլլային
Դուրեանին
ողբերգութիւնը։
Իրականութեան
ամենէն
վշտոտ
մասը
ան
է
որ
տաղարանին
բարեխառնութիւնը
բառերը
կը
ձգէր
իր
տակ։
Ըրի
այդ
բոլոր
ապրումներուն
վերաքաղը,
քերթուածները
մէկիկ
մէկիկ
բռնելով,
կտաւի
վրա
փռուած
նկարներու
նման,
կենդանի
պատկերացում։
Ու...
սպասեցի
հազի՜ն,
որ
պիտի
նուիրագործ
էր
սա
պատահարը,
այնքան
խորունկ
էր
իմ
հաւատքը
այդ
հիւանդութեան
փառքին,
բարիքին
վրայ։
Օրերով,
շաբաթներով,
նոյն
իսկ
տարի
մը
ականջներս
եղան
կուրծքիս,
հոն
ուրուացող
աւետիսը
ցանկագին
սպասող։
Անոր
պէս
տժգոյն
տղայ
մըն
էի:
Անկէ
աւելի
աղքատ։
Երազի,
զրկանքի,
զգայնութեան
տագնապներուն
մէջ
անոր
չափ
հարուստ։
Յետոյ,
աւելի
հարուստ՝
ուրիշ
ալ
ապրումներէ։
Անոր
Թրքուհին
փողոցներու
աղջիկ
մըն
էր:
Ես
անցեր
էի
այդ
թուրքերուն,
իշխանուհիներուն,
պալատական
աղջիկներուն
շատ
մօտէն,
խմեր,
ոչ
իր
բառէ
շրթներովը,
այլ
գեղացի
տղու
իրաւ,
ամուր,
պահանջկոտ
ուժովը,
շրթներովը
դալուկ,
դալուկ,
դալուկ
աղջիկներու
—
ասոնք
ալ
թրքուհի
—
մարմիններուն
բոլոր
գաղջութիւնը,
մետաքսը,
հալած
ոսկիի
նման
խօսող
արիւնը
աչքերուն,
թաւուտներու
մէջ,
աւազաններու
եղէգնուտներուն,
վայրի
մեծութիւններուն
ծոցը,
տասնէն
նոր
անցած,
բայց
ամբողջ
եղերականութեամբը
դեռ
չարթնցող
պատանութեան
(աւելի
յետոյ
Տանթէին
Պէադրիչան,
իր
իննամեայ
խռովքովը
ես
արժեւորեցի
հզօր
իրականութեամբ
մը,
երբ
գիրքերուն
ալ
անհուն
իգութիւնը
պարտաւորուեցայ
հերկել
իմ
մտքին
ղեկովը),
մինչ
անդին
իմ
մայրը
այդ
պարտէզներուն
պալատներուն
մէջ
հարսանիքներու
սպասը
կ՚ընէր…
Կեանք
է
այս
ամենուն
անունը։
Արեւելքը՝
հէքեաթ,
Սեռը՝
մեր
ամենէն
ահաւոր
իրականութիւնը։
Աղքատութիւնը՝
ուրիշ
պատմուճան։
Պատանիներուն
համար,
1900ին
Պետրոս
Դուրեան
անվերածելի
բանաստեղծութիւնն
էր։
Ինչ
որ
բանուորի
իմ
խուցին
մէջ,
տաղարանին
ընթերցումը
տարրացուց,
ատիկա
այն
ատեն
իմ
անօթի,
անհունօրէն
անօթի
ջիղերուն
մատուցուած
շամանդաղն
էր,
տեսակ
մը
գոլ,
—
գիրքերը
ունին
aura
օտար
բառը
—
որ
սուրբերը
կը
պաշտպանէ
մեղքին
դէմ,
տղաքը՝
մահուան
դէմ,
բանաստեղծները՝
զրկանքի
շէմը
ու
կը
յօրինէ
Դուրեանները,
անոնց
գերեզմանն
անգամ
վերածելով,
անոնց
աչքերուն
առջեւ
«չծաղրող
փոսի»
մը
մայրական
ընկալչութեան։
Այդ
ուսուցչուհին
ուրեմն
պարիկն
էր
վարագոյրը
քաշող
տռամայէ
մը
որ
ահա
կը
քալէ
իր
վերջին
հանգոյցին։
Կէս
դարի
կը
մօտենայ
սա
պատահարին
կեանքը։
Կրնաք
վստահ
ըլլալ
որ
սա
քանի
մը
էջերով
նետուած
յուշքերէն
ոչ
իսկ
ծուէն
մը
դալկացած
է
իբր
կրակ,
յոյզ,
սարսուռ,
անհուն
ծարաւ
յաւիտենական
տագնապէն՝
իմ
ջիղերուն
բոլոր
կեդրոններուն,
Գրագէ՞տը
Անշուշտ։
Գրուած
էր
որ
գայի
այդ
ողբերգութեան.
Չեմ
առարկեր:
Բայց
առանց
Դուրեանի՞ն։
Անոր
համար
է
որ
այդ
տղան
մեր
բանաստեղծութեան
մէջ
ես
կը
զատեմ
ընթացիկ
կշիռներուն
պարտքերէն։
Ինծի
համար
Դուրեան,
Տայսթայովսքի,
Բրուստ
յաւիտենական
խռովքին,
մարդկային
ամենէն
ամուր
ըղձաւորութեանց
կենդանի,
անմահ
խորհրդանշաններն
են։
Անոնց
վրայ
խօսիլ՝
ապրիլ
է
ինծի։
Անոնց
վրայ
դատաստան
մը`
ունայնամտութիւն։
Մարդ
իր
սիրածները
կրնայ
ատել,
բայց
երբեք
դատել:
Ու
պարտաւոր
եմ
խոստովանելու
որ
այս
անուններուն
կապուած
բոլոր
մեղադրանքները
իմ
մէջ
հրաշքներու
եմ
վերածեր։
Մէկուն
տկարութիւնը
քերթելէ,
միւսին
զարհուրագին
սեւութիւնը
տառապանքէ,
Բրուստին
խորութիւնը
հոգեկան
մեղքերէ`
ինծի
համար
անցնելի
գեղեցկութիւններ
են։
[8]
Օշական
իր
բոլոր
մեղքերուն
վրայ
պսակն
ալ
ունի
գրականութեան
ուսուցիչ
մը
եղած
ըլլալու:
Ու
իբր
այդ
պարտքին
մէջը՝
մատաղ
իմացականութիւններու
հիացման
պարտադրելու
ինչ
որ
բխած
է
հայ
մուսային
խանդէն,
արբառանքէն:
Մեր
միամտութի՜ւնը
տղան
անբան
ենթադրելու
որպէսզի
անոր
հիացումը
բռնի
պահանջենք
կտորներու
համար
ուր
ոչ
մէկ
տող
որ
խօսէր
իրեն։
Այն
ատե՞ն։
Ազնուական
քերթող,
անխառն,
անհուն,
մեծ
հայրենասէր
Թէրզեաններն
ու
Ալիշանները
բարձրացնել
այդ
տղուն
զգայնութեան
մէջ
անհուն,
անխառն,
հայրենասէր
ու
ազնուական
կեղծիք
մը
պիտի
նշանակէր
եւ
ուրիշ
ոչինչ:
Տուր
տղուն
զգայնութեան
իրաւ
քերթուած
մը,
թէկուզ
կարգ
մը
մեղքերով
վիրաւոր,
անիկա
պիտի
համակուի
իրաւով,
պիտի
դատէ
մեղքերը,
իր
կրցածին
չափ
ու
պիտի
չկասկածէ
հասարակաց
կեղծիքէն
որ
գրականութեան
դասն
է։
Ամբողջ
ողբերգութիւն
մըն
էր
Օշականի
հարթենքը։