Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Բ հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Բ.
ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ 

Մ. Պէշիկթաշլեան այն գրողներէն է որոնք իրենց տաղանդին չափ, իրենց համբաւը պարտաւոր կը մնան ապագային առջեւ: Ըսել կ՚ուզեմ՝ իրենց տաղանդը բացատրելու, հասկանալի ընելու բնական արարքը ստիպուած են պաշտպանելու արտատաղանդ տարրերով, դեր, օգուտ, վաստակ։ Համբաւ որ մեզմէ անկախ է յաճախ, իր գիծէն քերթողները կը ձգէ իր չարաշուք ծանրութեան Աւետիս Իսահակեան կը հաւատար իր մեծ բանաստեղծ մը ըլլալու առասպելին, գլխաւորաբար այն փաստով որ իր ոտանաւորները կ՚երգուէին, առանց անդրադառնալու որ 1860 Ս. Փափազեանը, Սիմոն Ֆէլէկեանը, Ռշտունին շատ աւելի մեծատարած ժողովրդականութեամբ երգած են իրենց մեծաշռինդ քերթուածները բայց չեն պատկանիր հայոց բանաստեղծութեան։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան մշտապէս հալածուած է նոյն վտանգէն։ Իր քերթուածներէն մեծ մասը երգեր են եղած։ Ու անոնց մէջ եթէ այսօր մէկէ աւելի են իրաւ բանաստեղծութեան նմոյշները, ատիկա չի նշանակեր թէ մենք պարտաւոր ենք տաղաչափութեան միւս նմոյշները արժեւորել առաջիններուն փառքովը։ Չեմ ազդուիր հասարակաց հիացումէն որ մեր օրերուն ալ հանգչած, բիւրեղացած դատումի մը տակաւ կը վերածուի, ինչպէս չեմ իջներ բանավէճի, իր առիթով արեւմտահայ գրականութեան վիզին փաթթուած ծանր մեղքերու անպարտացման։ Արեւելահայերը, սփիւռքի ձախ տղաքը ազատ են իրենց վերապահութեանց մէջ։ Կանխող էջերը բաւ են թելադրելու զիս վարող մտածումին պարզ արդարութիւնը։ Մէկուն փառքը։ Միւսին բարիքը։ Ուրիշի մը աղօթքը։ Բայց բոլորին ալ նպա՛ստը՝ իմ ժողովուրդին շնորհները հասկնալու, անոնցմով ոգեւորուելու

 

* * *

Պէշիկթաշլեանի քնարական վաստակը (ինքնագրութիւն, նմանողութիւն, թարգմանութիւն) կը բաղկանայ վաթսունի մօտ քերթուածներէ, քանի մը տուննոց թեթեւ երգերէն սկսեալ մինչեւ 10-15 էջերու վրայ ծաւալող մեծաշունչ եղերերգները։ 

Այդ քերթուածներուն աշխարհը թերեւս առանձին շահեկանութեամբ մը կը գրաւէ քննադատը, այն մասնաւոր հանգամանքին պատճառաւ որ անոնց ներքին վկայութիւնն է քանի մը շատ շեշտ իրականութիւններէ։ Առէք Նոր Տաղերը, Ցոլքերը, Նոճաստանը, Յուզման ժամերը կամ նոյնիսկ Թէրզեանի երկհատոր բանաստեղծութիւնները: Ձեր գտա՞ծը։– Շատ շատ բանաստեղծներու ուրուականներ, Պոլիսի փշրանքներ, քանի մը դաշտանկար ու մրմնջագեղ հծծիւններ: Մ . Պէշիկթաշլեանի տաղարանը վկայութիւնն է 

ա) Մխիթարեան ազգայնականութեան

բ) Զարթօնքի Սերունդին հանգանակներուն 

գ) Մ եր ընկերութեան մէկ շրջանին 

դ) Զգացական հզօր տռամայի մը

ու բանաստեղծութեան մէջ այլապէս սիրելի, թանկ, սխրագին բեւեռումներուն։ Երիտասարդ մը, ժողովուրդ մը, արտաքին աշխարհ մը, տարագիր հոգեղեն դրութիւն մը, տռամա եւ սիրտ առնող անուշութիւններ։ 

 

Բացէք այս տարազները: Դուք ունիք Մկրտիչ Պէշիկիթաշլեանի համբաւն ու տաղանդին տարրերը ձեր առջին։ Իր ժամանակը այդ տաղարանը արժեւորեց արագ ու առատ գինով մը: Համապատկերը կ՚ընէ յիշատակութիւնը այդ գնահատման բայց չի փաթթեր մատի ասոր շփացեալ կամ գերազանցեալ ինչպէս նուազուրդի ինկած հանգամանքը: Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան իրաւ բանաստեղծ մըն է, տասնէ աւելի կտորներէն ներս։ Ու, առանց իր անձին սրտայոյզ բարիքին ու դերին, այս պարագան մինակ զիս կ՚ընէ երախտագէտ իր յիշատակին հանդէպ: Այդ է պատճառը որ ըլլամ կարճ այդ վաստակէն պարագայական որակուած բանաստեղծութեան վրայ: Մեր ինչպէս ուրիշ գրականութեանց մէջ փառքին սա նահանջը գրել է ճակատագրուած կը մնայ։ Ո՞վ, 1840ին, աւելի մեծ բանաստեղծ մըն էր, ֆրանսացիներուն համար, քան ... Պէրանժէն։ Լարուսը (բառարանը) կը յիշէ զայն որեւէ անունի շարքին։ Ֆրանսական գրականութեան պատմութիւնը հազիւ կը զիջի անունին։ 

Եթէ ըստ նիւթի ուզէինք բաշխում մը կատարել այդ վաթսուն քերթուածներուն վրայ պիտի ունենայինք հետեւեալ տարօրինակ պատկերը 

Երեսունէ աւելին քերթուածներ` երգ։ 

Քսանի մօտ ուրիշներ՝ ցաւակցական խօսքեր, այդ օրերու բառով՝ ողբերգ։ 

Քանի մը հատ` հանդիսական տաղաչափութիւն

Տասնեակ մը` եղերերգ, որ ֆրանսերէն élégie կը թելադրէ իբր խորք ու ձեւ

Առաջին խումբին տակ կ՚իյնան ուրեմն քերթուածներուն կէսէն աւելին։ Տարողութի՞ւնը՝ սա փաստին: Չեմ աճապարեր երեւոյթը արժեւորել 1860-ի ազգային երգասացութեան կշիռներով։ Կ՚առնեմ սակայն իրողութեան նշանակութիւնը, սերունդ մը ախորժակները լուսաւորող։ Թէրզեանի քանի մը հարիւրը անցնող տաղերուն մէջ երգը, այն իմաստով զոր կը գտնենք Մ. Պէշիկթաշլեանի մօտ, կը ներկայանայ տասներկով մը հազիւ: Կրնաք երկու մարդերուն նկարագիրները իրարմէ զանազանել սա հաւաստումին ետին։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան անշուշտ մեր ընկերութեան բարձրագոյն խաւերուն մէջ կը վայելէ աւելի ազատ վարկ մը։ Ու այս վարկին գինն են ահա այդ երեսուն երգերը ու քսանի մօտ ուրիշները, օրուան կեանքին հետ քալելու պարտքէ մը ծնունդ առած։ Երբ այս խումբին աւելցնէք հանդիսական տաղաչափութիւնները, միշտ ծնունդ աս ու ան յիշատակալեաց. համախմբումները, դուք կ՚ունենաք զարմացնող տեսարանը, մեծ, շատ բարձր դասուած քերթողէ մը մեզի եկած սա հասարակ տաղերուն փառքին։ Վրիպա՞նք

Անշուշտ խիստ է վճիռը։ 

Համապատկերը Ը Մ . Պէշիկթաշլեանի անձին երբ կը նուիրէ սխրանքի իր պարտքը, չի վախնար ատիկա ընելու, ըսեր եմ վերերը, ընդդէմ՝ շատ վճռական ուրացման զոր արեւելահայ մտածողութիւնը հիմնովին օգտապաշտ, պարզապաշտ, անբանաստեղծ շատոնց բանաձեւած է այդ մարդուն ամբողջական արժէքի հանդէպ։ Կը մերժեմ այն անմիտ որքան անարդար դատաստանը։ Բայց չեմ բաներ, նոյն ատեն նոյնքան անմիտ որքան մանկունակ հիացումը զոր մեր ընտրանին, Մ. Պէշիկթաշլեանի օրերուն, ու իր մահէն դեռ քառորդներով դար, պահած է միշտ այդ մարդու ամբողջական արժէքէն։ Եւ սակայն աշխարհի բոլոր բարեմտութիւնները, զգաստ նկատումները, հայրենասիրական փառասիրանքը անբաւական պիտի գային հանդուրժելի ընծայելու սա քերթուածը, մէկը ամենէն գովուածներէն 

 

ԳՆԱՑԷՔ ԻՄ ՏԱՂՔ 

 

Գնացէ՛ք, իմ տաղք, ոչ թէ յեթեր
Ուր շող եւ փայլ եւ հով ժպտին,
Եւ ուր զուարթնոյն վարսք լուսահեր
Ծալ ծալ ի ճեմս իւր ծածանին:

Գնացէ՛ք, իմ տաղք, ոչ ի կամար,
Ուր լուսափթիթ ծաղկունք երկնից,
Իբր ըզդրասանգ ականց գոհար
Կախեալ ցոլան յոլորս փնջից:

Գնացէ՛ք, իմ տաղք, ոչ թէ ի ծոց
Զարմանահրաշ սիրոյ բնութեան,
Որ ի յաւիւն ի հուր ՚ւ ի բոց
Վառէ, գրկէ, տածէ զհամայն:

Գնացէ՛ք, իմ տաղք, ոչ ի պարերգ
Օդաթըռիչ այն Սիլֆիտաց
Որ յասպարէզ կապուտաներկ
Կայթեն հողմոյն ի սոյլ նուագաց:

Գնացէ՛ք, իմ տաղք. գնացէ՛ք առ կոյս,
Գնացէ՛ք մեղմով եւ պատկառոտ,
Ծաւի աչաց նորա ի լոյս
Զուարթացէ՛ք անձկակարօտ:

Եւ թէ   անոյշ ձեզ ակնարկեաց,
Իբրեւ զերամ թռչնոց, յուշիկ
Դուք թառեցէ՛ք իւր խոպոպեաց
Վերայ, թեւոց եւ  յուս փափկիկ:

Եւ երգս աղու յօրինելով`
Յունկըն նորա ճռուողեցէ՛ք,
Թէ՛ յարթմընի, թէ՛ ըզքընով
Յար ըզնովաւ թեւածեցէք:

  Իցի՜ւ, յորժամ ոչ եւս իմ ձայն
Հասցէ առ նա, եւ կամ իմ շունչ,
Ու ի մոռացօնս անկայց համայն,
Գոնեա լըսէր ըզձեզ մրմունջ:

(ՏԱՂՔ ԵՒ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՔ) 

Ուր վատնուած հասարակ խօսքին արժէքը չես գիտեր որ չարաշուք պատրանքով, կը վրիպի անոր խղճմտանքը վրդովելէ։ Կ՚ըսեմ՝ այսպէս փաստին դիմաց 

 

ԱՌ  ԶԵՓԻՒՌՆ  ԱԼԷՄՏԱՂԻ 

 

Դու փափկաթեւ մանկիկ զեփիւռ
Աղբերց վրայէն լուսակարկաջ։
Անուշ հոտով ծաղկանց ըսփիւռ
Ի՞նչպէս թռչիս ինձ ընդառաջ,
Ու խունկ եւ զով ընծայելով՝
Զիս ողջունես հեզիկ շնչով։ 

Հրաշալիքին (քերթուածը հանրածանօթ է բանական, ամբողջութեամբ արտագրուելու համար, որ հայ բանաստեղծութեան ամենէն անխառն յաջողուածքներէն մէկը կը մնայ։ Ու երկու ոտանաւորներն ալ կուգան երգէն վեր հոգեխառնութենէ մը։ Առնուազն անոնց յատակը կուտայ ամենէն խորունկ, իրաւ զգացումներէն մէկը։ Դրէք այս տաղերէն առաջինը հէքեաթէն մեզի հասած կերպարանքին, պարմանուհիի մը ընկալչութեան, ու երկրորդը՝ կարդացէք անտառին ներսը, ձեր կուշտին աղջիկ մը կամ ոչ։ Այն ատեն պիտի խելամուտ ըլլաք բանաստեղծութիւն կոչուած ծիրանի պատրանքին ահաւոր իրականութեան։ 

Ու ահա ձեզ ուրիշ վերտառութիւններ 

Նուագ ի մահն Յիսուսի, հաւանաբար Ալիշանի Առ Յիսուսի շարքէն ներշնչուած բառերու մթերք մը։

Յընտրութիւն Վ. Հ. Գէորգայ Վարդապետի Աբբայ Մխիթարեան Ուխտէն որ ստորատիտղոս մըն ալ ունի Երգ, բարձր տաղաչափութեան մէջ ընթացիկ իմաստովքը անշուշտ։ Աբբահայր ընտրուող վարդապետի մը առիթով հայոց պատմութեան, հայոց աշխարհին, հայ ոգիին ուրուականները ընել անհանգի՜ստ։ 

 

Այսպէս Ոգին ի լուռ անտառն, հանապազորդ էր սովոր
Աշխարելի ի ձայն ողորմ, եղերերգել մենաւոր,
Մերթ այս, մերթ այն շիրմին վերայ ձօնեալ աղի արտասուս,
Ըզնազելի գըլուխն ի կախ ճեմէր ի վայրըն անլոյս..., 

 

ու պիտի խնդայ այդ Ոգին երբ

 

…արփենին վեհ Մըխիթար ծագեաց յերկիր լուսագեղ, ...: 

 

Ու Գրիգորը։ Ու Ներսէսը։ Ու Սահակը։ Ու ... Մխիթա՜րը։ Պէտք է կարդալ այդ երեք հարիւրի մօտ տողերու վրայ երկարաձգուող հանդիսաբանութիւնը, մեզի այսօր անըմբռնելի, բայց որ իր իմաստը կը գտնէ երբ մտաբերէք վարժարանը, վանքը, ուսուցիչ-վարդապետ աբբաները, անոնց գրաբարէն մուրացած հեշտանքը, անոնց մօտ ազգային եւ եկեղեցական պատմութեան հերոսներուն կախարդական ուժը, որոնց բոլորին համանուագ ներշնչումին, մղումին տակ է որ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան իրաւ բանաստեղծը պիտի ընթացք տալ իր երեւակայութեան, պիսի բռնանայ իր գրիչին որպէսզի ըսուին այդ անկարելի տողերը աբբայի կտորի մը փառքին փառաբանումին։ Չեմ երթար առաջ չարամոլ, կեղծաւոր տաղաչափ մը տեսնելու չափ քերթուածին ետին։ Մ. Պէշիկթաշլեան այդ ընդարձակ բանաստեղծութեան մէջ Հայկ Դիւցազնը, Բուրաստանքը, Նուագքը արդիացնող, աշխարհայնացնող նպատակ մը փառասիրած է հաւանաբար։ Այս գիծին պատկանող բոլոր քերթուածները նահատակութիւն Վարդանանց, Քերթողական ոգին Հայաստանու ի քուն, Առ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան, Դիւցազունք Հայոց, Քնար կուսին, Ի սրբանուէր օծումն աստուածապատիւ տեառն Եդուարդայ վարդապետի Հիւրմիւզեան յարքեպիսկոպոս Շիրակայ ի Հռովմ, Վիրգիլ ի Պառնասեայ առ Բագրատունին մեծ, Առ Հ. Արսէն Բագրատունի), 1860ին մեր նորոգ արթնցող գրականութեան մէջ ոգի մը, դպրոց մը, փառք մը կազմելու իրենց այսօրուան մեղքը պարտաւոր չէին քաւել Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի հաշւոյն։ Ատիկա, առանց տառապանքի ես պիտի ուզէի կատարուած տեսնել Նար-Պէյէն, Չերազէն, Պէրպէրեանէն, Թէրզեանէն, Սէթեանէն, Յակոբ Գուրգէնէն, Մատաթիա Գարագաշէն, Մաղաքիա Օրմանեանէն, Եղիշէ վարդապետ Դուրեանէն, բոլորն ալ այլապէս բազմերախտ վաստակաւորները մեր դպրութեանց, բայց դժբախտ տաղաչափները մեր բանաստեղծութեան։ Այս անուններուն քերթողական վրիպանքը մեր բանաստեղծութեան մէջ  անընթեռնելի բառակոյտներու հաշւոյն կրնանք անտեսել ու դարձեալ գորովիլ այդ անուններով մեզի հասած ուրիշ բարիքներու: Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան այդ լարին վրայ իր սպառածը չունեցաւ ժամանակ վերաշահելու: Ու ցաւ է ասիկա։ Թերեւս ընթերցողը մտածէ, այդ փաստերուն ետեւէն Վարուժանի, Թէքէեանի, Սիամանթոյի նոյնալար ապրումներուն։ Ջարդը, Հարճը, Դիւցազնօրէնը, Կէս գիշերէն մինչեւ արշալոյսը (ասոր ազգայնական մասին քանի մը հզօր, խորունկ, հեռահաս նուաճումները, որոնք աւելի յետոյ պիտի ամբողջանային կազմելու համար Հայերգութիւնը) կրնան մատուցուիլ նկատառման։ Կը փութամ միանգամ ընդ միշտ յայտարարելու որ մեր Ռոմանթիքներուն վրիպանքը խորքի վրիպանք մըն է։ Կեղծաւորնե՞ր են ուրեմն Բագրատունին, Հիւրմիւզը, Ալիշանը եւ այլն։ Երբե՜ք։ Բայց միամիտներ: Բայց կղզիաբնակ տեսանողներ: Բայց գրքունակ տաղաչափներ։ Բայց հռետորներ։ Որոնք երեք էջի հազիւ բաւող իրենց պատմական իրաւ ապրումները շուտով շատցուցին որպէսզի լեցուէին հազարաւոր էջեր։ Բագրատունին իր ժողովուրդը կը ճանչնար Պոլսէն ու գիրքէն ու վանքէն։ Ու այսքան։ Արուեստագէտ Սերունդին հայրեներգակ քերթողները ապրեցան այդ հայրենիքը պատառ պատառ, անոր պատմութիւնը տեսան թուղթի տեղ դաշտերուն, լեռներուն երեսին։ Ահա թէ ինչու Վենետիկցիները ածական պիտի հալածեն, անոնց վստահելու համար պաշտօնը ընթերցողը յուզելու, Արուեստագէտները պիտի փաթթուին կեանքին վկայութեան, այն կեանքին որ իբրեւ արիւն կը փակչէր իրենց կրունկներուն, իբրեւ կրակ՝ բռնկած էր իրենց պատանի մոյքը եւ երազները, իբր անասելի անասնութիւն կոխկըռտած էր իրենց բոլոր սրբութիւնները: Պարսիկը, արաբը՝ պատմութիւն էին։ Թուրքը՝ իրականութիւն։ Այս ճշդումով հայրեներգութիւնը կը գտնէ իր բոլոր սխրանքը։ Հոն ուր արտաքին ապրումներ եւ պատմական քնքշանք իրարու կը բաւեն (մեծ մասը երգերուն, Գարուն, Հայ քաջուհին, Մահ քաջորդւոյն, Եղբայր եմք մեք) Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան կ՚անցնի վտանգին գօտին, անշուշտ ծանր տագնապներով, տառապանքով։ ՉԵՆՔ վերլուծեր պատմական խորք Եղբայր եմք մեքին, բայց գիտենք որ շքեղ տողեր, այդ քերթուածէն, կը մնան խառնուած հաuարակներու: Գարունը, անկարելի յաջողուածք մըն է գրեթէ, երբ 1860ի բառերով ամենէն ընթացիկները թէեւ ու հետեւաբար ամենէն մաշելիքները շուտով այդ տարօրինակ տղան ինձի կ՚անցընէ իր ճշմարիտ յուզումը, այսինքն իրաւ բանաստեղծ  մը կ՚ըլլայ, հինցած լարի մը վրայ։ Հայ քաջուհին, անշուշտ Մեր Հայրենիքէն (նմանողութիւն իտալերէնի, Նալպանտեանց) կամ Մայր Արաքսիէն նախանձուած, այսօր մեզի կը թուի անդիմադրելի կերպով հին, թէեւ կուգայ իրական ապրումներէ։ Բայց Զէյթունը Ալէմտաղին չէր որպէսզի մնար մատչելի Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի։ Խօսեցայ Մահ քաջորդւոյն քերթուածէն։ Յետո՞յ: Բայց մի մոռնաք որ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան այդ հոգեվիճակը ամէն ուղղութեամբ կարծած է շահագործած ըլլալ ... իր թատրերգութեանց մէջ, բոլորն ալ պատմական հայրենասիրութեամբ յղփացած ու անպարագրկելի: Անոնք որ, ինչպէս դիտել տուի քիչ վերը, ազգային երգասացութեան մեր ոսկեդարուն (1860) Մ. Պէշիկթաշլեանի սա վրիպանքը կ՚ուզեն գնել, առնվազն արդարացնել արդի փաստովը մեր յեղափոխական երգասացութեան վրիպանքին հոն ալ երկու երեքը չ՚անցնիր թիւը յաջող իրագործումներուն, տափակներու հարւրեակներուն դիմաց - կ՚աճապարեն։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան իրաւ բանաստեղծ մըն է, այս վերագրումը լիուլի ու գերազանց չափու վրայ արդարացնող մէկէ աւելի յաջողուածքներով: Ու հայրենիքի զգացումը ամենէն իրաւներէն մէկը մեր ռոմանտիզմին շահագործած զգացական երակներէն։ Ուրեմն հզօր արուեստագէտ մը ու հզօր նախանիւթ մը քով քովի: Բայց արդի՞ւնքը: Մտածելու կը հրաւիրուիք։ Ոչ հիացում։ Ոչ ալ ուրացում։ Փաստը՝ փա՛ստ։ Ու կուտամ անունը Մկրտիչէն ալ մեծ, որակաւոր միւս քերթողին, Պետրոս Դուրեանին որուն անունին բեռ մը կը կազմեն հայրեներգական իր քերթուածները: Այս երկու շատ իրաւ բանաստեղծներուն վրիպանքը հայրեներգականին մէջ ընդունիլը պարտք մըն է այսօր: Ինչո՞ւն թնճուկ մը քակելու համազօր պիտի գար։ Ամենէն բանաւոր լուծումը առեղծուածին այդ քերթուածներուն գլխովին պարագայական, ապսպրուած ըլլալու բախտը նկատի առնելն է թերեւս։ 1917էն մինչեւ 1942 արեւելահայ բանաստեղծները ամենէն ամուր ապրումներէն Մարդկութեան ազատագրութեան պայքարը դրամէն, սուրէն, շահագործող կարգերէն Մեզի չբերաւ համապատասխան լրջութեամբ, ծանրութեամբ սեւեռումներ։ Ռատիոյի, երկաթի, երգերը այսօր կ՚արժեն այնքան որ քան 1860ի Սահմանադրական (ազգային) տարեդարձներու քայլերգները։ Ապսպրա՞նքը։ Ով գիտէ։ 

Անցնելէ առաջ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի եղերերգներուն, քանի մը խօսք ընթացիկ, մտերմիկ, միշտ պարագայական այն  արդիւնքին ալ վրայ որ որոշ թիւ մը կը գրաւէ ինքնին նիհար մթերքին Տաղերէն։ Կ՚ակնարկեմ այն քերթուածներուն որոնք գիրի ինկան աւելի կամ նուազ սրտայոյզ առիթներու իբր արձագանգ։ Որոնք երբեմն անկանգնելի ըսուելու չափ տափակ (ինչպես են Առ Գոհարիկ, Ի հանդէս պարգեւաբաշխութեան աշակերտուհեաց Սրբոյ Հռիփսիմեանց վարժարանին Օրթագիւղի, Երգ մօր, Տապանագիր վաղամեռիկ մանկան), երբեմն իրա յուզումով մը համակուած մահ Ազնիւ Լութֆեան, Ի մահ Յակոբայ Չամչեան, Ի տարաժամ մահ Գաբրիէլի Երամեան, Առ Գրիգոր էֆէնտի Օտեան, Ի վաղամեռիկ մահ Ոսկեան Պետրոսի), երբեմն երգի թեթեւութեամբ, աշխոյժով, այդ օրերուն թելադրելու չափ եղան բանաստեղծութեան չեմ ըսեր սեռ մը, այլ մեզայատուկ եղանակ մը ոտանաւորի, վերի վերագրումներուն բոլորին ալ հաղորդ, ու ասով՝ մեր մէջ ստեղծող որոշ շփոթանք: Ի՞նչպէս հանդուրժել Որք մանկան է թռչնիկն իւր վաղամեռիկը, գլխովին դպրոցունակ, կամ Եւփիմէին, Գինիին ձօնուած տղայաբանութիւնները երբ ասոնք շարք կը կազմեն Եղբայր եմք մեքին, Երամեանի ողբերգին, նկարիչ Ոսկեանին նուիրուած իսկապէս եղերական տաղերուն: Եւ կամ ինչպէս արժեւորել մեր բանաստեղծութեան արդար փառքերը դասուած սա քերթուածները. Առ զեփիւռն Ալէ՞մտաղիի, Ճեմք ի լեառն հսկային, Աշուն, Արտասուք կուսին, եւ այն միւսները, գրեթէ գրաբար, որոնք անոր անձը, հիւանդութիւնը, սէրը, յուսահատութիւնը, կարօտները եւ ցաւը ունեցան իրենց ներշնչարան ու կը մնան բանաստեղծական ապրումի հարազատ վկայութիւններ եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան ամենէն դժուար հեղինակն է մեր գրականութեան, քանի որ վարկը, տաղանդը, ժամանակը, գէշ ճաշակը ու իրաւ ստեղծագործ մտատեսութիւնը իր մէջ քով քովի եղան: Արեւելահայերը, արագ որքան աննուրբ, կը կարծեն գտած ըլլալ կերպը, սա տագնապը լուծելով գորգեան հանգոյցին վրայ գործադրուած ձեւով մը ... մարդը դեն շպրդելով։ 

Բանաստեղծէ մը մեզի հասած ժառանգութեան դիմաց մեր խղճահարութիւնները իրենց կարգին իմաստներ են։ Ունիմ հիմնական կորանքները Մխիթարեաններուն, Կրտսեր Ռոմանթիքներուն, տաղաչափներուն։ Ունիմ մասնակի կորանքները Իրապաշտներուն, Արուեստագէտ Սերունդի երկրորդ գիծէ քերթողներուն: Չէ կարելի կործանել ամուր փառքը Դուրեան Սրբազանի իբրեւ բանաստեղծ (վարդապետութեան շրջանին այս անունէն մեզի եկածները, ինչպէս ծերութեան շրջանին Յիսուս Մանուկը անբանաստեղծութիւն կը մնան)։ Իր լաւագոյն տողերուն մէջ Դուրեան Սրբազան գեղեցկութիւն մըն է։ Ու կ՚առաջարկեմ հանգիտօրէն տեսնել Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանը։ Իր վրիպած, կէս վրիպած կտորներուն մէջ, իր ժամանակին համար, բաղդատուած օրինակի մը համար Ալիշանի մը գրաբար քերթողական հասարակ խօսքերուն, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան գրեթէ ժուժկալ, հանդուրժելի շատաբանութիւն մը՝ կը դառնայ, ուզենք չուզենք։ Դատապարտութեան խօսք մը մի նկատէք ասիկա։ Վերցուցէք մեծ մասը այդ քերթուածներուն, իր տաղարանէն դուք բարիք մը պիտի ըրած ըլլաք ամենէն առաջ պսակաւոր քերթող Մ. Պէշիկթաշլեանի, երկրորդաբար բայց աւելի տիրաբար՝ արեւմտահայ գրականութեան (ստոյգ է որ սակայն այս տարօրինակ մարդուն նոյնիսկ ամենէն տափակ տողերուն մէջ շնորհի պուտ մը կը ծփայ, ինչպէս կաթիլը սրբազան իւղի մը ջուրի երեսին)։ 

*  * *

Պէշիկթաշլեանի Տաղարանը ազատող, ազգային գեղեցկութեան, փառքի վերածող քերթուածները ունիմ նկատի ասկէ վերջ։ Ասոնք մասնաւոր սեռի մը չեն պատկանիր։ Անոնց կը հանդիպինք երգերուն, եղերերգներուն, տպաւորապաշտ թէքնիքով մը յօրինուած ոտանաւորներուն, պարագայական կտորներուն, ծանրաշունչ ոգեկոչումներուն շարքերովը։ Այս հաստատումը նկատի ունի նոյնիսկ այն քերթուածները որոնց մէջ միջակ մասի մը քով իրապէս կենդանի, ազնուական հատուածներ կը նուաճեն ամենէն դժուարահաճ դատողը անգամ։ Ատոնցմէ շքեղ նմոյշ մըն է Յետին հառաչքը, տարօրինակ որքան իրաւ, իր որոշ մասերուն մէջ։ Ուրիշ նմոյշներ՝ Եղբայր եմք մեքը, Ճեմք ի լեառն հսկայինը, Մահ քաջորդւոյնը, Դիւցազունք Հայոցը, Յիշեա՛ զիս կոյսը, բոլորն ալ ոսկիին հետ անզուտ տարրերով բաղադրուն, բայց հզօր ազդեցութեամբ, ազնիւ տարրին պաշտպանուած։ 

Արդի քննադատութիւնը դուրս են այս վերագրումէն՝ արեւելահայ անհասկացողութիւնը, ինչպէս արեւմտահայ աջ հիացումը ու ձախ անհաւանութիւնը աշխատած է գտնել գետին մը ուր Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան անունով մեզի հասած արդիւնքին մէջ յարգուէր իրաւ բանաստեղծութեան յղացքը, ըսել կ՚ուզեմ՝ ինքիրմով պայմանաւոր յուզումը որով կը համակուինք երբ կուգանք շփումի արուեստի իրաւ գործի մը հետ։ Ժամանակը քիչ դեր ունի այս իրաւը մասնաւորելու արարքին մէջ։ Դիմեցէք մեր յաջողակ քերթուածներուն խորքին, պատմական շրջաններէ, համոզուելու համար այս հաւաստումին արժէքին։ Հարազատ բանաստեղծութիւնը ինքիրմով կը վերլուծուի։ Մ, Պէշիկթաշլեանի, Դուրեան Պետրոսի մեղքերը կուգան իրենց ժամանակէն։ Եթէ Առ զեփիւռն Ալէմտաղին, պայմանաւոր է ժամանակով մը, անշուշտ ուշադիր ընթերցողը իսկոյն կ՚ընէ թափանցումը գրական ժամանակէն դուրս կեանքին որ ուրիշ բան չէ եթէ ոչ նիւթ հագած ժամանակ մը։ Լեզու, գրաբար ձեւեր, ընթացիկ բառեր այդ քերթուածը չեն յաջողեր մենաշնորհը ընել 1860ին։ 1864ին, Հրանդ կեղծանունով, հանդէսի մը մէջ լոյս տեսած այդ գոհարը այսօր ալ մեզ կը յուզէ գինովը այն յուզումներուն որոնք բանաստեղծինն էին կախարդական այդ անտառաստանին թաւուտներու խորը։ Եղեր եմ իր հետքերուն, այդ ծառերուն մէջէն, ապրեր անոր հովը, շուքերը, քաղցր ջուրերը, աղջիկները, թռչունները, ոգեկոչեր իր մահաբաղձ կարօտանքը այդ ամենուն ծոցը իր գտած գեղեցկութեանց վրայ ու ... ղրկեր զինքը իր հանգիստին, քանի որ նոյն այդ տեղերուն վրայ իմ սերունդը անոր սիրածները սիրելու փոխարէն, ուրիշ տրտմութիւններ, տաճկըցած անտառներուն արհաւիրքը կը հսկէր: Հարիւր տարի վե՞րջ։ Բայց մանաւանդ երեք քառորդ դար առա՜ջ։ Այդ քերթուածը զմայլելի գեղեցկութիւն մըն էր տակաւին վառ փառքին մէջ վաղամեռ քերթողին։ 1900ին քերթուածը կ՚ապրէր երբ բանաստեղծին յիշատակը աղօտանքը կը սկսէր իր վարկին, այսինքն՝ երբ այլեւս մենք անատակ ենք պաշտպանելու մեր գործը որ այլեւս ձգուած է ճակատագրի կրկէսին: Երբ այս տողերը կը գրուին, նոյն այդ քերթուածը գրեթէ անվերածելի բիւրեղացում մըն է, ա՛լ ազատուած մեր շահախնդիր, թացիկ կամ յիմար համակրանքէն, հալածանքէն, ուրացումէն, ինչպէս այդ գեղեցկութիւնը, փառքը, բիւրեղացումնին Անձինք նուիրեալքը, Նորահարսը, Մի խօսք ունեմ իլթիմազովը, Լուսնեակն անուշը յիշելու համար քանի մը յատկանշական իրագործումներ, ժամանակէն ու պայմանէն զերծուած, դառնալու համար ցեղային բաներու խիտ վկայութիւն: Ահա թէ ինչու Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ աւելի է քան անուն մը, նոյնիսկ մեծատարած փառք մը։ Անիկա իմ ժողովուրդին քանի մը հզօրագոյն յատկանիշներէն վերանորոգ ապացոյց մըն է

Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի սա կարգի քերթուածներուն մէջ գրաբար որքան աշխարհաբար ես վեր կ՚առնեմ մէկ քանին այդ յատկանիշներէն եւ Արեւմտահայ գրականութիւնը ցեղային հարազատութեան տագնապ մը ապրեցաւ լման կէս դար։ Մեր քննադատութիւնը պոլսական թեւ - այդ տագնապը կարծեց դիմաւորել մարդկայնական զգայնութեան կոչում ընելով, որպէսզի պահուէին փառքերը Պոլսեցի գրողներուն։ Մեր քննադատութիւնը գաւառական որակուած խումբին հանգանակներով այդ տագնապը վերլուծեց պոլսական զգայնութեան մը չարափոխելով։ Ի՜նչ կար հայեցի Վենետիկցի քերթողներուն այնքան փառաբանած գործին ներսը, հարցուցին ու հերքեցին։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան Թովմաս Թէրզեան մը չէր սակայն։ Կ՚անցնին դարերի կտորներուն վրայէն, երբեմն փոշի ընելով, երբեմն փայլեցնելով անմար ապրումները։ւ Ջանք ըրէք մեր սրբազան մատենագրութեան մէջ առանձնացնելու մեզայատուկը, ազգայինը։ Պիտի զգաք որ 

 

Վարդագոյն արեամբդ քո պըսակեցեր զեկեղեցի

 

տողը հայեցի է այնքան, որքան 

 

Աշխարհս աշխարհով կշտացաւ, իս քեզանից սով աչքի լուս

 

տողը։ Առաջինին մէջ եւ կ՚ապրիմ իմ՝ Միջին դարը, իմ ժողովուրդին նուիրումը իր միակ սրբութեան. իր կիրքը՝ այդ զգացումը բարձրագոյն պարզութեամբ ինչպէս բարձրագոյն խորութեամբ կերպարանուած։ Երկրորդին մէջ՝ իմ զգայնութեան (որ մեր ժողովուրդին սեպհական ջղային դրութիւնը կը տեսակաււորէ հոս) ընդարձակ, համադրական, ներքին ապրումները ժուժկալ բայց տպաւորիչ գեղեցկութեամբ, առքով, դարձեալ կիրքով՝ կերպարանելու մեր տարօրինակ զգաստութիւնը։ Անշուշտ երբ կը լայնէ իր զգացումները, աշխարհներ անկէ ներս տեղաւորելու սա բնականութեամբ, դիւրութեամբ, կ՚ընէ, այսքան հեռուներէն. ա՛ն, զոր արեւմտահայ գրականութեան ամենէն շնորհալի քերթողները պիտի ընէին այդ 1870ին, 1900ին, 1930ին։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի մեղքե՞րը: Կան անոնք, բաւական թանձրութեամբ: Բայց ինչ կարիք ատոնցմով յօրանալու: Կործանեցէք այն փառքերը որոնք մինակ մեղքերու կամարներուն վրայ եղան ամբարձիկ։ Բայց պատկառ եղէք այն վկայութեանց դիմաց որոնք մեղքին հետ կը բերեն մեզի սխրանքն ալ ան. գնելի անմեղութեանց։ 

Պէշիկթաշլեանի քերթողութեան մէջ յաջողակները անշուշտ կ՚առնեմ նկատի, մոռնալով նոյն ատեն ամէն վարկ, հիացում, ուրացում, այդ անունի հետ մեզի հասած -— կը ծանրանամ՝ 

ա) այն հարազատ թախծութեան, Դուրեանին բառովը մելամաղձութեան որ այս քերթուածներուն ներքին բարեխառնութիւնը, զգայական խտութիւնն ու միութիւնը կը պայմանէ։ Մի աճապարէք արագ ընդհանրացումներով այդ զգայնութիւնը բացատրել յաւակնիլ բանաստեղծին կեանքովը, սրտին, սիրոյն տագնապներովը, ու այն խուլ, մահաթրթիռ հոգեդրութեամբ որուն մէջ բացուեցան ու արեւի չինկած ծաղկի մը պէս թոռմեցան անոր պատանութիւնը, անդրանիկ երիտասարդութիւնը ու հէքեաթունակ անոր երկրորդ երիտասարդութիւնը…: Մտածեցէք ուրիշներու, բոլոր մեր իրաւ բանաստեղծներուն, որոնց քերթուածներէն մենք կ՚ունենանք մերձաւոր զգայութիւններ: Մի ըսէք որ Վարուժան տրտմալար բանաստեղծ մըն էր կամ Մեծարեցը, Թէքէեանը, Սիամանթոն, Եղիշէ եպս. Դուրեանը, վասնզի ապրեցան ծանրաթախիծ կեանքը իրենց ժամանակներուն։ Մի բերէք տեսարան հիւանդութիւնը, աղքատութիւնը, զրկանքը՝ որպէսզի հասկանալի դառնան Մկրտիչն ու Պետրոսը։ Եղէք աւելի զգաստ ու այդ թախծութիւնը պուտ պուտ վերակազմել սիրեցէք ձեր պապերուն դարերէն։ Ու եղէք վստահ որ սխալի մէջ չէք, երբ այդ հոգեխառնութիւնը դուք կը զգաք ձեզ ծանօթ բոլոր վկայութեանց ալ ներսը, շատ վարերէն, հեռուներէն։ Առէք 

 

Երկնէր երկինք եւ երկիր
Երկներ եւ ծիրանի ծովը 

 

որ շատ խորունկ ապրումներէ հրիտակ մըն է ու դրէք ձեր զգայարանքներուն ընկալչութեանը։ Պիտի գտնէք որ տրտում է այդ կրակով լուսաւորուած պատառիկը։ Ո՞ւրկէ, ինչո՞ւ։ Հարցուցէք ու կարդացէք ուրիշ ժողովուրդներէ մեզի հասած դարձեալ հեռու վկայութիւնները։ Ամբողջ Իլիակա՞նը։ Շէն գիրք մը չէ անշուշտ։ Բայց երբեք թախծահար։ Համակ խնդութիւն` Ոդիսականը։ Ու այս կարգով բոլոր մեծ վկայութիւնները՝ հին ժողովուրդներու: Թախծութիւնը հոգիին մոյնքն է, մեր ժողովուրդին համար անառարկելի ստուգութեամբ։ ԺԱ. դարուն Մագիստրոս տրտում ըլլալու մասնաւոր պատճառներ ունէր իր շուրջը: Բայց տեսէք  թէ ինչպէս կեանքի, սանդի, տուրքի ապրումները ինքնաբերաբար կը մտնեն սուգի շղարշին տակ 

 

Ո՜ տայր ինձ զծուխ ծխանի՝
Եւ զառաւօsն Նաւասարդի
Զվազելն եզանց եւ զվագելն եղջերուաց։
Մեք փող հարուաք եւ թմբկի հարկանէաք

 

Անշո՜ւշտ։ Մագիստրոս կուլալ այս փառքերը ոգեկոչած ատեն, թերեւս ըլլալով նման սկզբնագիր հեղինակին որ այդ շքեղ տողերը կ՚անձրեւէր իր շուրջը խառնուած տարօրինակ մարդոց, բոլորն ալ իրենց ցաւերը ծրար ըրած, հայոց աշխարհին հեռու անկիւններէն, դէպի ափերը նուիրական գետին, տօնելու Անահիտի տրտմանուշ գեղեցկութեան հրաշքները...: Հայ գրականութեան ու արուեստի միւս կերպարանքներուն, ինչպէս այդ ժողովուրդին կենդանի կերպարանքներուն, նայուածքին ու ձայնին մէջ զգալի սա երա՜նգը թախիծին։ Ահա թէ ո՜ր նուրբ լարերով այդ Վենետիկցի, Պոլսեցի, հոսհոս բառերու պազիրկեան երիտասարդը կը տարուի իր ժողովուրդին ամենէն հարազատ խառնուածքին։ Ու կ՚աւելցնեմ որ սա հաստատումը այդ տողերը կ՚ազատագրէ, կը զերծէ հռետորեալ լալկանութենէն, բռնավաստակ տրտմութենէն (ուրուն ոսկեդարն էր 1830ի ռոմանթիզմը եւրոպական մշակոյթին կարեւոր բաժանմունքներուն համար), որոնք նոյն չափով իրական են սակայն մեր երկրորդ գիծէ քերթողներուն մօտ։ Եղիան իր եւ կեանքին ընդմէջ մուրուած ապակի մը գործածեց։ Որբերեան աշխարհը սեւ տեսնելու համար ինքզինքը տարագրեց։ Սէթեան վայելչութեան հով մը կը գտնէր իր տրտմալար թոթովանքներուն մէջ։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան այդ տրտմութեան չմտածեց նոյնիսկ։ Ու երբ գրեց, անոր գրիչը սուգի մէջ թաթխուած դուրս կու գար։ Ի՜նչ հրաշք որ այդ բնաuնունդ թախծութիւնը չըլլայ տժգունած, այլասերած, նոյնիսկ տուժած ոչ միայն հայկազեան չափէ, բայց մանաւանդ գրաբարէ երբ նկատի ունենանք ողբալի վրիպանքը Տխրունիին (Ալիշան), Բնունիին (Ալիշան), Բուրաստանին (Հիւրմիւզ), Հրաւիրակներուն (Խրիմեան) որոնք գուցէ այսօր, չկարդացուելու իրենց մեղքը կը մնան պարտական այդ բռնասարաս թախծութեան։ Հզօր պատկերակերտութիւնը Սիամանթոյին կը կրէ իր պատիժը գուցէ նոյն մտադրութենէն։ Յետոյ, մասնաւոր պարագայ մը. ուշագրաւ է որ այդ թախծութիւնը, ինչպես վերը ակնարկեցի, ըլլայ բաղկացուցիչ մէկ մասը իր շնորհին, որոշ չափով միշտ ներկայ՝ նոյնիսկ անոր ամենէն ձախող տղայաբանութեանց մէջն ալ: Խառնուածքի փաստ։ Բայց նոյն ատեն ցեղային կնիքի փաստ մը։ Կը զատեմ սա տրտմութիւնը ուրեմն արեւմտահայ գրականութեան լալկան, գրքունակ հեշտանքներէն (Սէթեան, Որբերեան), գրական մարմաջին (Եղիայի քառորդ դար տեւող սգահար փառասիրութիւնը, իր ջլախստը ոսկեզօծելու)։ Կը դնեմ որոշ տարբերութիւն մը մեր միւս իրաւ բանաստեղծներով մեզի ընտանի այն տրտմութիւններուն ալ ընդմէջ որոնք կը յառնեն մեր ներսը երբ կը կարդանք Պետրոս Դուրեանը, Վահան Թէքէեանը, Մատթէոս Զարիֆեանը, Վահան Տէրեանը, Միսաք Մեծարենցը: Դարձեալ Գ . Պէշկէօթիւրեան, Գ. Շահինեան, Կ. Ոսկեան, տրտում բանաստեղծներ, համեմատելի չեն մեծաշունչ, սգաւոր, դաշնաթաւալ մելամաղձութեան մէջ Պէշիկթաշլեանով նկարագիր մը դարձած սա զգացական բարեխառնութեան։ Հէքեաթ յօրինել չի նշանակել ուրեմն, մեր բանաստեղծներու ծանր, «նստած », յաւակնոտ բառով մը` բիւրեղացած վիճակները յայտարարել բխումներ, որոնք մարդու մը ներքին ծորումները թելադրելուն չափովը, խումբի մը, ժողովուրդի մը արեան դրութիւնները կը թելադրեն։ Պատահական չէ որ մեր իրաւ, իրար մօտ բոլոր քնարերգակները, թերեւս առանց գիտակցելու, եղած են տրտմութեան լարի մը գործ աւորները։ Մի ըսէք թէ կուշտ ենք ահ ու վախէն, լացուկոծէն։ Ուզէք չուզէք այս հոգեվիճակը ձեր ժողովուրդին հարազատ է, ինչպէս՝ իր լաւատեսութիւնը, ինքզինքը սփոփելու իմաստութիւնը, ապրելու արարքին մէջ իր պարզած ապառաժ յամառութիւնը: Այս տողերուն հետ չեմ փոքրեր տարողութիւնն ալ վտանգին որ շրջուած ռոմանթիզմ կը նշանակէ հոս։ Միշտ դէպի այդ վտանգը տրուած, օրուան կարիքներուն ու չարիքին, առնուազն գերութեան նուաստացնող պատկերին ներսը, Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան բախտն է վայելած զգաստութեան մը, ժուժկալութեան մը որոնք ազատած են իր թախծութիւնը գրական հռետորութենէն, զեղումէ ախորժող ցուցամոլութենէն (որով մեր արցունքին կաթիլները կը վերածենք հեղեղի, մեր ցաւը կը տարած ենք դէպի ամբաւութեան խորերը), զգացամոլութենէն, աժան լալկանութենեն, Հինցած տառով մը՝ Պայրընիզմէ, որակումներ ասոնք այնքան։ մօտիկ Պէշիկթաշլեանով սեւեռուած՝ վիճակներ յատկանշող, բայց միշտ պակասաւոր։ Անշուշտ մենք դժուար պիտի հայ տուինք մտավիճակի մը որ մեզ կը նեղէ, երբ՝ մեր ցաւը, կարօտանքը, անսփոփ կորանքը աղջկան մը երեսին ըսելու փոխարէն, շիտկէ շիտակ, կ՚ընտրենք քիչ կամ հազիւ մարդկային եղանակը ... մեռնելու, յետոյ ձգելու «հողապատեան մեր կայանը» (Յետին հառաչք) ու գալ գտնելու այն աղջիկը որ գիշերազուարճ գգուանքներու է անձնատուր ուրիշի մը հետ, անոր ըսելու համար տղայական բայց տարօրէն քաղցր ալ… ապրումներ, ու իր սիրոյն անբաւութեան փոխարէն անոր սէրը պահանջել։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի այն քերթուածները (Ներեա՛ ինձ կոյս, Յետին հառաչք, Մերձ ի մահ գրուած, Քնար եւ Շիրիմ, Մերձ ի մահուան եղերգեալ, յիշելու համար քանի մը հատ) որոնց խորքը մահն է տուած ու ձեւը՝ քերթողին տաղանդը, թերեւս իրենց նմանը չունենալու սահմանուած գեղեցկութիւններ չեն իմ նկատառմանս մէջ, այլ՝ այս ժողովուրդին ամենէն լուրջ, իրաւ ստեղծումներուն խորը բաբախող մնայուն վէրքէ մը պատկերներ, կերպարանքներ 

 

Հեծեծե՛, սօսափին պես գիշերային պաղ հողմերուն,
Տուր իմ ձայնին ծաւալանալ, գուժկաններուն ջայլին հանգոյն.
Եկուր իմ գիրկն ու մրմընջեն վերջին մրմունջդ, քեզ չփշրա՜ծ.
Բեկորներըդ դեռ չնետած կոխան ոտքին անցորդներուն:
Արշալոյսը ծիծղուն կեանքին խորասոյզ է մութ մեգին մէջ,
Իմ ապագան թաղուած ներքեւ թուխ ամպերու փայլակնացայտ,
Ու իմ ներկա՜ն, կը քըսմտնի որ դժնիկով ու փուշերով,
Ո՜վ իմ քընար, սիրտս է խոնջած բեռներուն տակն իմ յուշերուն:
Մինչ նախընծայ քու լարերու կը կայտռէին զուարճ մատներս,
Խայտանըկար թռչնոց խումբեր ընկեր՝ երգի զիս ունեին,
Ու իմ մուսան կը լոգանար ճախրահոսան աղբիւրներու,
Անկէ ինծի մեղր, ծաղկահոs անուշութիւն մատուցանող։
Օր մը միայն երջանկութիւն այդ փայլեցաւ առանց ամպի.
Օրը երկրորդ ալ չունեցաւ գեղեցկութիւն այդ տեսիլին։
Ամեն օրուան ծոցէն ծնած խաւար ու բարկ փոթրիկներ
Կը կապտէին իմ ծաղիկներ կը սուրային անհետ փախուստ։
Արդ իմ առջին չարձանացա՜ծ` թշուառութիւնը սոսկադէմ,
Ուղեւորն հէք երբ կը տեսնէ յաղկահարը արիւնըռուշտ,
Կ՚ընէ մեկդի բեռն իր ումպէտ, չարգիլելու սայրը թուրին,
Ես կը նետեմ քնարս իմ բա՜ց, դեմքին խոժոռ ախոյեանին։
Հեծեծէ՛, սօսափին պէս գիշերային պաղ հողմերուն,
Տուր իմ ձայնին ծաւալանալ, հանգոյն ջայլին գուժկաններուն։
Եկուր իմ գիրկն ու մրմնջէ մրմունջդ յետին, քեզ չը փշրած,
Բեկորներդ, դեռ չնետած կոխան ոտքին անցորդներուն։
Զի հանգոյն լուսնի շողին որուն կ՚ըղձայ տղան փարիլ,
Uրտահեշտ բարիք կեանքին՝ թափթըփեցաւ իմ ձեռքերէն.
Շիջաւ հուրքը բոցանշոյլ խանդն ու աշխոյժն իմ հրահրող,
Սեւ գիշերը հասաւ ծածկեց հոն ուր ճերմակ իմ ճանապարհը կ՚երկարի.
Պիտի քալե՜մ ես մենաւոր իմ ճանապարհն ամայութեան,
Չը դարձընեմ պիտի այլեւս բիբս անարցունք` իմ Ադենին.
Ինչ հարկ երգի ու նըւագի աքսորեալին համար անդարձ,
Փշրուէ Քընա՜ր, ես լուռ ցաւեր, կ՚ուզեմ ես լո՜ւռ գերեզման։

(Մերձ ի մահ եղերերգեալ)

(ՏԱՂՔ ԵՒ ԹԱՏՐԵՐԳՈՒԹԻՒՆՔ)

 

քերթուածը գիրի է ընկած մահէն կալանաւոր մատուըներով։ Բայց ասիկա հոս կարդալը, մտամոլոր ու անտարբեր, շուքն իսկ չի գներ մահիճին որուն շուրջը ազգին գերագոյն դէմքերը կու գային ու կ՚երթային…: Ե՞րբ գտած է ատեն ձեռք երկարելու թուղթին։ Ահա, ըստ կենսագիրներու վկայութեան, մատիտով թղթեակի մը վրայ «խազխզուած» վերջին տողերը այն երիտասարդին որ վառեցաւ, աւելի քան քսան տարի, իր ժողովուրդին համար, մեռած օրուան առտուն իսկ գտնուած, սնարին

«Երեւեցաւ նա ինձ, ո՛վ Աստուած իմ ... արդեօք կի՞ն մ՚էր նա թէ երեւոյթ սքանչելի։ Քնքուշ էր նորա հայեացքը, նման նայուածոց լուսնակին, բիբ ցայգական թերաբացիկ գիշերոյն վրայ:

«Կը քայլէր նա, ու թռչնիկ մը թուեցաւ ինձ որ կ՚ոստոստէր տերեւէ տերեւ:

«Անոյշ էր նորա ձայնն ինչպէս ժպիտ մը նորափթիթ կուսի որ հիացիկ կը զմայլի իւր երկնատուր գեղոյն դիմաց:

«Եթէ ոլորակ մը իւր ձայնէն կը գլորի օդոց մէջ, ամբաւութիւնը կը խայտայ երանութեամբ։ Այնպես չէ՞, Աստուա՛ծք իմ, եւ քու զուարթունքդ յերկիր կը խոնարհին իրենք եւս ունկնդիրը ըլլալու։ Եթէ լուսանիւթ թելի մը վրայ, անհուն իբրեւ քու ամբաւութիւնդ, յեռուս բոլոր լոյսերդ եւ ամենազօր ձեռամբդ ցուց տաս այդ հրաշարուեստ շղթային, չեմ գիտեր թէ իրան կենդան ձայնն կրնա՞յ, այնքան գեղեցիկ ըլլալ որքան նորա հոգւոյն արձակած մրմունջը»։

Մահը չեն վերլուծեր: Ով ալ ըլլայ երեւցողը, գիտցէք թէ մեռնողին ամենէն ազնուական ջահումն է անիկա, Մեծարենցին բառովը, երբ մեր մարմինը ինքզինքը կ՚ոգեղինէ, իր խորագոյն դրութեան կերպարանքը հագնելով։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի տրտմութի՞ւնը։ Ըսի թէ ռոմանթիզմը չէր անիկա։ Անիկա իր ժողովուրդին սնունդն է, Դուրեանին բառով՝ սեւ կաթը, առնուազն հարիւր սերունդի վրայ։ Զայն ծծեցին մեր ժողովուրդին ոչ միայն մարդոց շրթները, այլ, չափազանցութիւն պիտի չըլլար ըսել՝ քարերը անոր շէնքերուն, հողերը եւ նոր արտերուն։ Ու ի՞նչ զարմանք, եթէ գտնէք այդ թախիծին շողքը մեր մանուկներու անուշիկ, սրտառուչ աչուկներուն խորը, թարմութեանը մէջ մեր պարմաններուն, ու ամպարագիծ նուիրմանը մէջ մեր հարսներուն ու մայրերուն։ Ու գտնէք զայն մեր ժողովրդական որքան սրբազան երաժշտութեան մէջ որպէսզի անիկա չհագնի սա արքայական վայելչութիւնը, մեծաշունչ պատկառանքը Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի մահաշունչ տաղերէն ներս։ Տրտմութիւնը ուզուած, ճարուած, դիտուած խաղ մը չէ մեր արուեստին ու արուեստագէտին վրայ, այլ հոգեղէն մոյնք մը։ Կարդացէք, որ քերթուածը ով կ՚ուզէք, մեր իրաւ բանաստեղծներէն, հոն է անիկա, անոնց հոգին ըսել կու գայ, բառերուն, պատկերներուն, կշռոյթին իսկ համանուագ հիւսքովը։ Ու մի տանիք գլուխ, ձեր զուարթութիւնը պահանջելու փղշտացիութիւնը այս ու այն քաղաքական, մանկավարժական տեսութիւններուն տուած ձեր կռնակը։ Ընդունեցէք ձեր արեան կերպարանքները, այնպէս ինչպէս դարերը շիներ են զանոնք: Ազգային քերթող, գործիչ, ուսուցիչ, թատերագիր որակականները կը վայլեն անշուշտ սա դերձակին տղուն, քառսուն անոր տարիները գունաւորող, պիտակող։ Բայց եղերերգակ բանաստեղծի իր արդար տիտղոսը ոչ ոք մեր մէջ արժեցուցած է անոր հաւասար հարազատութեամբ մը։ Մեր տրտմութիւնները այն երանգը հոգերուն, յոյզերուն որով կ՚անձնանան Վահան Թէքէեանի նոյնախորք տաղերը - աւելի կամ նուազ ծանր ապրում: ներու յայտարարի, ացաւական են մեզ արժանի լինելու սա վերագրումին։ Կեանքին լրիւ կնիքը անհրաժեշտ է որպէսզի մեր տրտմութիւնը դառնայ մեր ներքին, անվերածելի բարեխառնութիւնը։ Ու բաւական բան գիտէք դուք երիտասարդէն, որ կախարդական ոլորտներու մէջ ծծեց իր գիտակից քսան տարիներուն թոյնն ու նեկտարը, աստուածային ընկալչութեամբ մը, կախարդական օրերու ամբողջ հուրքին բացաւ իր ոչ միայն միտքը, այլեւ երակները, տուաւ իր ներքին սրբութեան շաղն ու շարպաթը ծարաւահիւծ զանգուածներուն, եղաւ հիւղին ու պալատին ներսը, պահելով անոնց համար նոյն սրտագին ընտանութիւնը, մտաւ տղոց, պարմաններուն, երիտասարդներուն ոչ միայն շրջանակներուն այլեւ հագաւ անոնց հոգեղէն կերպարանքները, ներշնչեց` բանաստեղծի պաշտօնական իր դերը կրելով զուսպ, գիտակցուած զոհողութեամբ մը։ Ու հասաւ բոլոր հոգի կարօտներուն, իր հարազատ ցաւին համար ինքզինքը տրամադրելով այնքան խնայուած տաղերու վրայ։ Մենք այսօր չենք կրնար չծածկել մեր ցաւը սա քիչ արդիւնքին համար։ Բայց չենք ալ ընդարձակեր անոր հանրանուէր սպասին իմաստը որ բանաստեղծութեան մէջ պարագայականը ունի իրեն զսպանակ, որով եւ իր խորքին մէջ կը կրէ մահուան իր տարրը։

 

բ) - Շնորհին, որ Պէշիկթաշլեանի բանաստեղծութիւնը պիտակող, ամենէն ընդունուած առաքինութիւնն է, ողջուցը ինչպէս յետ մահու անոր վարկը դալար պահող։ Դժուար է սակայն ճիշդ տարազներ գործածել որոնք յաւակնէին բացատրել սա չեմ ըսեր յատկութիւնը, բայց մասնաւոր յարդարանքը, խնամքը, վայելչութիւնը, գո՛յ՝ անոր ամենէն տկար տաղերուն ալ ներսը, լաւագոյներուն տուող անհասանելի իրենց կերպարանքը։ Գրագիտութեան դասագիրքերը ոճի ընդհանուր յատկանիշներէն մէկը կը դաւանին շնորհը։ Այդ վստահութիւնը բաշխեցէք դուք այդ գիրքերու միամտութեան ու ջանացէք աւելի իրաւ, ստուգելի իրողութիւններու ապաւինիլ հասկնալու համար թէ ինչու անկէ աւելի տաղանդաւոր, անոր ապրումներուն որոշ մասին հաղորդ, մեր մէկ ուրիշ բանաստեղծը` Պետրոս Դուրեան մեզի չթելադրէ ոճի այդ աւագ յատկանիշին, շնորհին, զգայութիւնը։ Դրա է որ բանաստեղծ Պէշիկթաշլեանին օրերը, անոր գտած վարկը, հիւանդ բայց քաղցր իր հմայքը կը դաշնաւորուին անկէ մեզ հասած արդիւնքին ծոցը։ Բայց խնդրական՝ ոճի յատկանիշի մը վերածել յաւակնիլ ներքնահոս այդ յօրինուածքը մեր ամենէն մտերիմ ծորումներուն - բանաստեղծութիւնը բաւ՝ ըլլալէ առաջ խորքէ միշտ որոնց մարմինները պիտի ըլլան արուեստի գործերը։ Ոմանք ուզեցին այդ եղերգներուն մէջ, իբր դաշնակութեան աղբիւր, գտնել կարծել արդիւնք մը մեր զմայլելի գրաբարէն, որմէ այղ սիրերգները՝ սրտայոյզ վկայութիւններ անշուշտ, բայց որով գրուեցան, մանաւանդ անցնող դարու կէսերուն, մեր լեզուական արժանիքներու յայտարար միայն ու այնքան անբաւական տաղաչափութիւններ: Հիւրմիւզի Բուրաստանը սրբարան մըն է գրաբարեան շնորհին, առանց բանաստեղծութիւն ըլլալու: Ձայնական կորով, լիահունչ առուգութիւն, յոր ձայնագեղութիւն մենք կը գտնենք դարձեալ Բագրատունիի, Ալիշանի տաղերուն մէջը որոնք միշտ քիչ կը պատկանին բանաստեղծութեան։ Վէճ մը չեմ ուզեր ստեղծել։ Մէջտեղն են Առ զեփիւռն Ալէմտաղի եւ Հրազդան քերթուածները, Գարունը եւ Լուսնկայն Գերեզմանաց Հայոցը: Կարդացէք զանոնք իրարու ետեւ է որպէսզի համոզուիք թէ գրաբարը դեր մը չունի Պէշիկթաշլեանի շնորհը յօրինելու ինչպէս Ալիշանի անարուեստ ջերմութիւնը պաշտպանելու հարկերուն առջեւ: Յետոյ, նախնեաց բարբառով մեզի հասած քերթողական գեղեցկութեանց հոյլին մէջ ես չեմ հանդիպած համագումար այն քաղցրութեան, դաշնաւոր կշռոյթին որոնք Պէշիկթաշլեանի եղերերգները կը մասնաւորեն, իրաւ բանաստեղծութեան անառարկելի կնիքովը։ Վերը տեսանք փորձ մը, այդ տաղերէն մէկը արեւմտահայ բարբառին վերածելու: Իմ ջանքը ջանքն էր հոգեկան հարազատութիւնը գտնելու, մօտիկը մնալով բանաստեղծին ոչ միայն կշռոյթին այլեւ բառերուն։ Հոգեկան հարազատութիւնը հոս աւելի պատասխանատու տարազ մըն է քան նմանողութիւնը: Եթէ իմ փոխադրութիւնը չէ վրիպած իր առաջադրութիւնը նուաճելու մէջ, ասիկա կը մնանք պարտական բանաստեղծին եւ ոչ թէ փոխադրողին։ Ու ահա ուրիշ ալ իրողութիւններ, այդ գրաբար տաղաչափութենէն ծնունդ առած։ Շլացուցիչ է Բագրատունին։ Յուզիչ` երբեմն Ալիշանը, քաղցը կրքին թեւերուն մէջ երբ կ՚արձակէ իր միտքը դէպի արտերը իր պապերուն հոգեստանին։ Միշտ սխրագին համ մը կայ տաղաչափ Հիւրմիւզին նախադասութեանց յարդարանքին ներսը։ Խրիմեան (գրած է Հրաւիրակներուն նախնեաց բարբառով) երբեմն ժողովրդական պարզութիւն, տաքութիւն, հաղորդականութիւն կը յաջողի թելադրել իր շքեղ բառակոյտովը։ Արտօնութիւն կուտամ ես ինծի ըսել կարենալու որ առանձին առանձին, այս հեղինակներէն իբրեւ տեսակարար խտութիւն իմ մէջ տեղ առնող սա զգայութիւնները, որոնցով մենք կը մասնաւորուինք մեր ամէն բանին մէջ, Պէշիկթաշլեանի տաղերուն ներսը կը դաշնաւորուին, առանց իմ գիտնալուն, կը համադրուին, մանաւանդ հիմա, երբ ժամանակը փշրած է գրաբար գրող բանաստեղծներուն վարկը, լեզուական փառքը, ասոնց փոշիներուն տակ խղդելով այն պուտ մը շնորհը որ ապրողին բաժին է սա աշխարհի երեսին։ Պէշիկթաշլեան զինքը կանխողները մեզ կ՚ընծայէ, հազիւ տառապելով արձագանգային դժբախտութենէ մը։

Կայ իր հէքեաթը, աննման նմանողի։ Անշուշտ մեղքը չի ծածկուին նոյնիսկ համբաւին ծիրանիովը: Դիտել կուտամ որ իր թարգմանութիւնները, նմանականութիւնները (Թաղումն քաջորդւոյն) միշտ կը պատկանին իր ձախողանքներուն գլուխին։ Եղերերգակ Պէշիկթաշլեանը վեր է անանձնութեան, հետեւակութեան վրէպներէն որոնք պիտի ըլլային կործանած ոչ թէ իր փառքը, այլ իր բանաստեղծութիւնը։ Կարդալ Պէշիկթաշլեանի Տաղերը միշտ յաջողակները կը նշանակէ ազատագրուիլ ինքիրմէն, երիտասարդանալ, նոյնիսկ մանկանալ: Քաղցրանա՜լ՝ երբ մեր ներկան, աւելի քան լեղի, կը թունաւորէ մեր արդէն ժանգահար զգայարանքները։ Հպարտանա՜լ պատկերին դիմաց այն կատարելութեան, շնորհին, իրաւութեան որ մեր բանաստեղծութեան կախարդանքը կը յօրինէր, կայ քառսուն տարի, ու կը պահէ դեռ այդ կախարդանքը մեզմէ շատերուն համար որոնք իրենց ժողովուրդէն ամչնալու չափ անսիրտ չծնան։ Ու ապրի՜լ ինչպէս այդ տղուն տրուեցաւ այդ անորակելի հանդէսը ցաւի ու վայելքի, խանդի ու «յուսակտուր» բեկումի, ծարաւին ու կարօտին որոնք անոր երիտասարդ մարմինը վերածեցին մաղ մաղ կրակի՜ ... այսօր ալ բաժինն է մեզմէ շատերուն։ Կարդալ Վարուժանը՝ ապրիլն է այդ տղուն հրայրքը զոր կը յօրինեն մեր արիւնն ու ճակատագիրը, մեզ զարնող բոլոր տրտմութիւնները ու մեզ թեւաւորող բոլոր երազները։ Կարդալ Վահան Թէքէեանը՝ կը նշանակէ, միշտ մեզմէ շատերուն համար, կրկնել Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի տռաման, ոչ միայն Վահան Թէքէեանի հաշւոյն, այլեւ մեր հաշւոյն։ Սփիւռքը հազիւ կը հասկնայ այս ամէնը։ Մեր ամենէն շնորհալի բանաստեղծը չենթարկուեցաւ անշուշտ սփիւռքին կողմէ այն անսիրտ որքան անխելք ուրացումին որուն փաստը տուին արեւելահայ քննադատները։ Բայց ազդուած է շուքերէ։ Հասկցուցէք այդ ինքնաբաւ տղոց որ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը ու բոլոր մեր իրաւ բանաստեղծները ենթակայ են մարդկային տկարութիւններու: Բայց սորվեցուցէք իրենց որ անտեղի, առնուազն ապայժմէ՝ մեր մեծերուն պզտիկութիւններովը զառածիլ։ Կ՚ընդունիմ որ քերականութիւն, տաղաչափութիւն, պարագայապաշտութիւն ու քերթողական կառոյց ու ընդլայնում, անոր տաղերուն մէկ մեծ մասին մէջ, կը վտանգեն իրաւին, խորունկին, ազնիւին նոյնիսկ ազնուականին բաժինները, բայց, կը յայտարարեմ որ կը մնան անբաւական կործանելու այդ արիւնամած շնորհը որով զատուած էր անոր երգը, երբ ողջ էր ասոնց հեղինակը ու կը զատուի այսօր երբ շրջան ու մտայնութիւնը անդարձ հեռացած մեզմէ, հարկադրաբար մաշեցնէին պիտի այդ ստեղծումին ամենէն սուր արժէքները։ Ինծի կուգայ թէ Պէշիկթաշլեանը արժեւորելու դժուարութիւնը մասամբ կը մեղմանայ, երբ զինքը տեսնենք իր ամենէն տիրական արժէքին մէջ, իր շնորհին մէջ որ կնիք մը կ՚ըլլայ բազմադաշն, համակ քաղցրութիւն, գգուանք ու կախարդանք հոգիէն մեզի հասած գլուխգործոց տասնեակ մը քերթուածներուն: Ի վերջոյ հակասութեան մէջ չենք երբ կ՚ենթադրենք որ բանաստեղծութիւն ըսուած իրա՜ւը սրբազան ծորումի ակունքէ մը կուգայ: Եթէ երբեք երբեմն մեզի տրուած է հաստատել աղբիւրին ու հեղուկին հակադիր գարշանքը, մարդոց արարքներուն ետին, ինչո՞ւ նոյն չափով չըլլայ հաստատելի միւս կարելիութիւնն ալ որուն համեմատ գործն ու գործաւորը իրարու ելան հաւատարիմ։ Աշխարհաբար քանի մը անթառամ քերթուածներ (Առ զեփիւռն Ալէմտաղի, Գարուն, յԱլէմտաղըն այն գեղեցիկ, Ճեմք ի լեառն հսկային, Աշուն, Եղբայր եմք) իրենց փոքր արարներուն մեղքը - լեզուական, պարագայական շատոնց քաւեր են արդէն ու կը պատկանին մեր սրբութեանց։ Անոնք այսօր անկարելի անուշութիւններ են մեզի համար, մեղեդային փափկութեամբ ու կախարդական շնորհով մը ընդելոյզ.

Ո՜հ ի՛նչ անուշ եւ ի՛նչպէս զով:
Առաւօտուց փըչես հովիկ,
Ծաղկանց վըրայ գուրգուրալով
Եւ մազերուն կուսին փափկիկ,
Բայց չես հովիկ իմ Հայրենեաց
Գընա՛ անցի՛ր սըրտէս ի բաց։

Ո՜հ ի՛նչ աղու եւ սրտագին
Ծառոց մէջէն երգես թռչնիկ,
Սիրոյ ժամերն ի յանտառին
Ըզմայլեցան ի քո ձայնիկ .
Բայց չես թռչնիկ իմ Հայրենեաց
Գընա՛ երգէ՛ սըրտէս ի բաց։

Ո՜հ ի՛նչ մրմունջ հանես վըտակ
Ականակիտ եւ հանդարտիկ,
Քու հայելւոյդ մէջ անապակ
Նային զիրենք վարդն ու աղջիկ.
Բայց չես վըտակ իմ Հայրենեաց
Գընա՛ հոսէ՛ սրrտէu ի բաց։

Թեպետ թռչնիկն ու հովն Հայոց
Աւերակաց շրջին վերայ,
Թէպէտ պղտոր վըտակն Հայոց
Նոճիներո՛ւ մէջ կը սողայ,
Նոքա հառա՛չք են Հայրենեաց
Նոքա չերթա՛ն սըրտէս ի բաց։

 

Սրբապղծութեան մօտ բան մըն է սա հրաշալիքը ենթարկել վերլուծման, քննութեան, զննութեան, մանաւանդ այն արագ փաստին դիմաց որ այդ շէնքին դիւրաբեկ ճարտարութիւնը կը դնէ մեր հասողութեան, երբ հոն գործածուած տարրերը կը պատկանին ամենէն վտանգուած ապրումներուն։ Հով մը, թռչուն մը, վտա՛կ մը։ Այս ամենէն` մեր Կրտսեր Ռոմանթիքները շքեղ մեղքեր, կորանքներ միայն կերպարանեցին։ Հօ՞ս։ Մի դպիք, ինչպէս չեն դպիր երազի մը, պղպջակի մը, հէքեաթի մը։ Հեղինա՞կը` սա հրաշալիքին է Պէշիկթաշլեանի Շնորհը, այս անգամ` գլխագրեալ ու մասնաւորեալ: Իրեն ժամանակակից ու բախտակից միւս քերթողէն ու աւելի վերջ` մեր իրաւ բանաստեղծներէն մենք ժառանգած ենք աւելի բարձրորակ գոհարներ, որոնք անկապուտ հարստութիւնն են այն ժողովուրդին։ Բայց չունինք ոտանաւոր մը ուր երազն ու իրականութիւնը, հաճոյքն ու ցաւը, արտաքին դիւթ աշխարհը ու ներքին դժոխքը, խաղաղ, պայծառ քնքշանքն ու հերարձակ ողբերգութիւնը, փարելի համբուրելի մահը ու մարդկօրէն սուրբ, արդար քանի մը խորագոյն յոյզեր ըլլային համադաշնուած միշտ դժուար որակելի անուշութեան, շնորհին մէջ, իրաւ, տաք, սրտի դպող նոյն ատեն, որքան ատոնք ամէնքը մեզի կը տրուի զգալ ու ապրիլ Առ զեփիւռն Ալէմտաղի միւս գոհարին մէջ։

 

գ) Ջերմութեան որ, վտանգի աղբիւր, ինչպէս իր շնորհը, բացառիկ բարեխառնութեամբ մը կը ճարէ անոր յաջողակ (մինչ իմ գնահատումները կը վերաբերին այս խումբին ու մեղադրանքները` անյաջողներուն, քերթուածներուն բացառիկ, անփոխարինելի համը, ներքին էութիւնը, հոգիին գործը (եթէ կ՚ընդունիք սա իրաւ բայց քիչ մը անգայտ որակումը) ապրումին փաստին Թովմաս Թէրզեանն ալ ապրած է այդ Վոսփորը, այր Ալէմ–Տաղը, ինչպէս անմոռանալի Մկրտիչ Աճէմեանը։ Մէկը գիրքերու ասպետ այդ Վոսփորէն գերեզման պիտի ուզէ, որպէսզի ալիքներ գային լուալու իր շիրիմը ու «մահիկին արծաթեայ» լոյսը ցաթէր «նոճեաց մէջէն», ու չի մտածեր որ ծովափունքին գերեզման մը լուսնին մէջ տուն ուզելու, նման անհեթեթ փափաքէ մը անդին չ՚անցնիր։ Միւսը՝ Ասիան եւ Եւրոպան, մէկը ծեր մը, միւսը երիտասարդ ունի մը, զոյգ սիրահարներու նման իրարու դէմ կը հանէ ... Վոսփորոնի ափերէն։ Հիմա մտիկ ըրէք, ապրելու համար, առանց որեւէ մեկնութեան .

 

Խորշի մը մէջ Վոսփորոնին բլուր մը կայ ապառաժուտ,
Որ կը դիտէ զինք ծովուն մէջ ծիծղուն փռող իր ոտներուն.
Մօտիկն անոր չեն ծածանիր ոսկեհունձք մարգն ու արտորան,
Վարսագեղ շարքը ծառերուն, ոչ ալ խոխոջն արծաթ ջուրին.
Հոն փըչող հովն թրջած իր թեւին ալիքներին Ելլեսպոնտի,
Կը թափառի տրտմանուագ, չի կայ ծաղիկ փայփայելու։
Շքեղ չի կայ հոն դաստակերտ, ո՛չ` հանգրուան հօտաղներու
Այլ գագաթին ծառ մը մինակ ու ծառին տակ մեկ բնակի՜չ,
Մէկ բնակող այն ծառից տակ, ան ալ ծածկուած հողին ներքեւ,
Եղբայրս է, աւա՜ղ, անիկա ինձմէ խլուած վաղամեռիկ։
Եղբա՜յր, դուն այս ծառին ներքեւ եւ ախորժէիր բազմիլ ստեպ,
Կը շնորհէր որ շուքն իր քեզ, կը սփռէ արդ փուտ տերեւներ
Շիրմիդ վրայ ուր կը նստիմ ես մտախոհ ու տրտմահար...

(ՔՆԱՐ ԵՒ ՇԻՐԻՄ)

Սա տողերուն դաշնակութիւնը, շնորհը, քաղցրութիւնը իրարու համադրող շատ զգալի գոլը որով ողջը կը զատուի մեռելէն։ Ջերմութիւնը մեր անձէն մեր տողերուն անցած սրբազան իսկութիւնն է, նոր բառով մը` ռատիօ— աքթիվիթեն, եթէ չէք խորշիր սա յաւակնոտ տարազէն։ Կ՚անցնին տարիները, պուտ պուտ սպառելով այդ իսկութիւնը մինչեւ որ բառերը սառին, մոմիա դառնան։ Կը հրաւիրուիք բոլոր բանաստեղծութիւնը կրտսեր ռոմանթիքներուն ոգեկոչել որպէսզի համոզուիք թէ որքան քիչ բան մեռած է, այդ մարդոց ընդարձակ մեռելաստանի դիմաց, Դուրեանի, Պէշիկթաշլեանի տաղերէն ներս։ Ջերմութիւնը դարձեալ ուշագրա՛ւ է, այն միւս փաստով որ կը ծանրանայ մեր վրայ երբ մարդիկ շատ քիչ անգամ կը յաջողին, օրուան հումքէն, դուք սրբագրեցէք` կեանքէն ալ պարպուած ու այդ ճառագայթումով պաղած զգացումներու կեանք ներշնչել ու կը գործեն պատրաստ կաղապարները բառեր որ կրակէ գալու տեղ մտքի խաղեր կը նուաճեն (Սիպիլ, Չրաքեան, Եղիշէ Դուրեան)։ Կ՚ընդունիմ երբեմնակի վայելչութիւնը այդ խաղին։ Բայց միշտ հաշուի կ՚առնեմ ժամանակին մէջ մեր բառերուն ծորել հարկադրուած իսկութեան բաժինը։ 1905ին Էմմաւուսի ճամբորդները մեծարժէ գեղեցկութիւն մըն էր։ Այսօ՞ր: Չրաքեանի տարփաւորները չէին կշտանար Նոճեստանը օրհներգելէ։ Այսօ՞ր: Ու ասիկա այսպէս մեր տաղանդաւոր յայտարարուած բայց քիչ իրաւ բանաստեղծներուն համար: Ու մինակ մեր մէջ չէ սա սպառումը։ Շքեղ Տանթէն հասարակ տաղաչափ մըն է իր լատիներէն բանաստեղծութեանց մէջ։ Յիշեցի այս դուրսէն օրինակը, ազատագրելու համար Պէշիկթաշլեանին տաղին ընդոծին ջերմութիւնը գրաբարին հմայքէն որ չէ յաջողած հակակշռել նոյն իսկ՝ զգացման խոր անկեղծութիւնը եւ Դուրեանին նուիրուած գիրքին մէջ այս հատորին դուք պիտի գտնէք, քիչ մը աւելի ընդլայնուած ձեւով, ջերմութեան երկրորդ անունը, խառնուածքը, աւելի ընդհանուր տարազ անշուշտ, թէեւ Պէշիկթաշլեանի հետ քիչիկ մը վտանգաւոր։ Ըսի թէ Շնորհը մենք կը զգանք անոր անյաջող տաղերուն մէջն անգամ: Այն պարագային երբ խառնուածքը տարածէինք իր քերթողականին ամբողջութեանը վրայ, զմեզ պիտի գտնէինք անյաղթելի դժուարութեանց առջեւ (ի՞նչպէս պաշտպանել յիսուն վաթսուն կէս գրաբար կէս աշխարհաբար քերթուածներ, որոնց մէջ չարաչար չափով մը կը պակսի խառնուածքը)։ Այս իրողութիւնը զիս կ՚ընէ զգուշ։ Մի առարկէք թէ մեծ բանաստեղծ մը միշտ ինքզինքը կը փրկէ։ Ունիմ՝ հարիւրաւոր օրինակներ, մեծերու մեծերէն (միայն տասնիններորդ դարուն երեք չորս մեծ գրականութեանց մէջ քերթողական հանճար պսակադրեալներ այսօր գրական խեցիներ են միայն Պայրըն, Սքոթ, Լամառթին, Հիւկօ, Միւսէ, Կէօթէ, Լէոբարտի - ոմանք հիմնովին ընկղմած անդարձ մոռացումին ծոցը, ուրիշները իրենց հատուածական մասերէն դեռ պահող ջերմութեան որոշ մթերք մը) սա առարկութիւնը հերքող։ Ինծի կը թուի որ մօտ հարիւր տարի ետքը Պէշիկթաշլեանի եղերերգներէն, իմ սիրտը խոր յուզումով կը հաղորդուի անոնցմէ կարեւորագոյններուն։ Ոչ անշուշտ միայն անոր համար որ այդ եղերերգերը լեզուական յաղթանակներ կամ շնորհի պսակներ են միայն, այլ այն միւս իրողութեան գինով որ անոնք վկայութիւններ են ընդոծին ջերմութեան մը, Պէշիկթաշլեանին իրական խառնուածքին, ասկէ հեղումին, ինչպէս կ՚ըսեն մեր օրերուն։ Խոր իր հմտութիւնը մեր դասական լեզուէն, անխուսափելի որքան ահաւոր ազդեցութիւնը իր վարպետներուն ու վանական իր կազմութիւնը չարաչար ձեւով մը պարտադրուած անոր զգայնութեան ինչպէս իմացականութեան փորձանքներ են բանաստեղծութեան մը ամենէն տիրական արժանիքը, առաքինութիւնը կործանող, որ ինքնատպութիւնն է բոլոր միւս յատկութիւնները զանցող։ Պատիւ ուրեմն Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի որ Հիւրմիւզէն, Բագրատունիէն, Ալիշանէն վերջ ու վեր կրցած է ինքզինքը ըլլալ։ Ճարտարապե՞տը այս յաջողանքին։ Ապահովաբար խառնուածքը, մանաւանդ ասոր ջերմութիւնը: Փոխադրեցէք սա կախարդական իսկութիւնը Եղիշէ եպիսկոպոս Դուրեանի (ոչ վարդապետին) տողերէն ներս, դուք պիտի ունենայիք Պետրոսին հաասար ու անկէ գերազանց ժառանգութիւն մը այս տաղաչափութեան մէջ տժգունելու չափ մասնագիտացած վարպետէն։ Յետոյ, ինչ տարօրինակ զուգադիպութիւն որ Պէշիկթաշլեանի ժամանակը զինքը ըլլայ փայփայած, գրեթէ աստուածացուցած իր գուցէ ամենէն անյաջող քերթուածներուն վրայ։ Ըսի թէ կարեւորագոյն մէկ մասը այդ ոտանաւորներուն կ՚ապրէր ամբոխին շրթներուն իբր երգասացութիւն։ Ըսի՞ թէ իր ողբերգութիւնները ազգային մեծահանդէս իրողութիւններ էին ամբողջ Պոլիսը դղրդող։ Կ՚անցնիմ սակայն սա անբնականութեանց ու անհեթեթութեանց վրայէն, ապահով խաղաղութեամբ մը հանգչելու համար այն խոր սիրոյն, հիացումի, որոնք չսակարկուեցան անոր, իր սերունդին ամենէն վաւերական իմացականութիւններուն, ինչպէս ամենէն ազնուական սիրտերուն կողմէ։ Զուր տեղը չէ որ վարժապետի կտոր մը, ան ալ կործանած առողջութեամբ, դէմքի տեղ աւերակ մը կրող, տարիներ շարունակէ կեդրոնական վառարանի մը իր դերը։ Ծանօթ է Գրիգոր Օտեանի ռոմանթիք տարփանքը սա հիւծաւոր հրաշքին համար որ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանն է։ Օտեանի նամակները դուրս են անշուշտ պայմանադրական լրջութենէն, վասնզի դուրս էր անոր համակրանքը պաշտօնական կնիքէ։ Համբաւ մը բան մը կ՚ապացուցանէ անշուշտ։ Բայց թերեւս քիչեր կը կասկածին թէ ասոր ազդակները, գործիքները ցանցառ կերպով մը հաստատելի են հարազատ տաղանդի մը բովքին մէջ։ Աւելի յաճախ, ըսեր եմ, արտատաղանդ պատահարներ կը մնան հեղինակները մեր փառքին։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան աշտարակի քուրմ մը չէր, ոչ ալ մէ՛կը մարմնապէս ատակ ծնած՝ ծանր դերերու որոնք պայմանաւոր են չարաչար աշխատանքով, յոգնութեամբ։ Իր խառնուածքին ճառագայթումը յիշեցի վերը, թելադրելու համար իր վարկին լայնքն ու արժէքը։ Երբ կը մտածեմ անհուն լքումին ուր սառեցաւ բախտակից ու եղերապէս շատ աւելի մեծ Պետրոս Դուրեանը, կայցուիմ ահա խառնուածքներու տեսութիւններէ։ Սա մէկը պիտի սիրենք, ան մէկը պիտի հերքենք, հալածենք։ Կ՚ընդունիմ: Բայց բանգէտութիւն ծախել չի նշանակեր երբ մեր ճառագայթումը - համակրանքի իբրեւ ընկալուչ ու առաքիչ ունի իր կշիռը։ Ինծի կուգայ թէ Մկրտիչ Պէշիթաշլեանի մօտ ջերմութիւնը գրական առաքինութիւն մը ըլլալէ առաջ, մարմնական հոսում մըն է։ Ինք այդ մարմինին հիւծումովը, սպառումով էր որ սնունդ տուաւ իր տաղերուն։ Գրաբար այդ սիրերգութիւնները, հակառակ իրենց մանկունակութեան, օդայնութեան, նոյնիսկ անբնականութիւններուն (քանի քանի անգամ այս երիտասարդը իր դիակին տրտում արգահատանքը պիտի չքաշուի մտապատկերելէ ու պիտի սիրէ ետ դառնալ գերեզմաններէն) դարձեալ մեզ կը համակեն, տաքուկ որքան անդիմադրելի, մեր սիրտը գտնելով ընդդէմ մեր` անտրամադրութեանց։ Տարօրինա՞կ արդեօք, ձեզի առաջարկել սա տեսակ գործողութիւն մը. մերկացուցէք, օրինակի մը համար, Յետին հառաչք քերթուածը Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի անձնաւորութեան ծիրանի, վառ գոլէն ու ենթադրեցէք որ նոյն սենարիոն, նոյն դերակատարներով, նոյն հոգեխառնութեամբ պիտի գործադրէր ... Տիրան Չրաքեանը որ թերեւս աւելի իմաստուն գործաւոր մըն էր քերթողական սպասքին մէջ։ Արդի՞ւնքը։ Հաւանաբար Յետին հառաչքը իբրեւ դաշտանկար պիտի ըլլար առելի նոյնատարր, աւելի գծագրական, աւելի շրջագծեալ ու տեղական գոյնով պաշտպանեալ տեղէ մը վկայութիւն։ Հաւանաբար տասը-քսան տող անոր վաթսունին մէջ պիտի անցնէին նկարագրական միջինը 1900ի նկարագրապաշտ դպրոցին հեշտանքներուն, բայց այդքան։ Չրաքեանի նայուածքը պրիսմակ մըն էր: Բայց այդ պրիսմակին փառքը մեզի՝ ծանօթ է Նոճաստանով որ Պոլիս մըն է, այսինքն վկայմանց, ապրումներու, թանձրացումներու հանդէս մը նոյն այդ վայրերէն, կայքերէն, հողէն ու ջուրէն, լոյսէն ու կեանքէն որոնք մեզի կը թելադրուին Յետին հառաչքով։ Աւելին։ Վերի հատուածը (Քնար եւ շիրիմ) կը խօսի մեզի այն տեղերէն որոնցմով կազմուած է՝ Ներաշխարհը, իբր՝ դաշտանկար ու հոգեդաշտ է Ձեր տպաւորութիւննե՞րը։ Մարդիկ թող ուզածնուն չափ փառաբանեն Իռենային եւ Ինտրային սիրերգութիւնը, կղզիի մը կողերուն: Մարդիկ թող ուզածնուն չափ մատի փաթթեն Յետին հառաչքի հոգեդարձին անմարդկայնութիւնը ու հոն թեւատարած թրթռացող աղջկան նոյնքան տմարդ անմարդկայնութիւնը։ Չրաքեանին պահը (սիրոյ) մեզի չի տար բաւարարութիւն, դարձեալ անոր համար որ իրականութիւնը ոգեղինելու իր եղանակը նկարչական, գրական, արուեստական է։ Շրթունքները չեն սպառիր ո՛չ համբոյրով, ո'չ խօսքով, ո՛չ ալ թրթռումով։ Տիրան Չրաքեան բառերու կը վստահի այդ անսպառութեան թելադրանքը։ Ու կը վրիպի (Ներաշխարհին զգացական էջերէն լաւագոյնին սա անբաւարարութիւնը յատկանշական է գիրքին ճակատագրին տեսակէտէն)։ Գերեզմանէն դարձող տղան, Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանը, յիմար մըն է անշուշտ որ կը վախնայ իր սիրած աղջիկէն, ինչպէս վախցեր էր անկէ դարձեալ երբ կը պատկանէր մեր աշխարհին։ Բայց անոր, այդ աղջկան ոգեղինացումը կը կատարէ անդիմադրելի տաքութեան մը մէջ չոգեւորելով այդ հրաշքը որ կինն է, մեր զգայարանքներուն։ Մի ըսէք թէ տարբեր մարդեր են երկու գրողները։ Ըսէք թէ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի աչքի տեսակարար ուժի անբաւարարութիւնը, կառուցանող, նորոգող պատկերակերտութենէ ձախողանքը լայնօրէն կը հակակշռուին տիրական ջերմութեամբը ամբողջութեան։ Այնպէս որ իրաւ բանաստեղծի սա սրբազան փաստը բաւ է ինծի։ Ան է որ ազատագրած է Պէշիկթաշլեանի յաջողակ քերթուածները, լռութեան դատապարտած ասոնց մէջ զգալի նուաղումներուն բողոքը ու պարտադրած մեր սիրոյն, հիացումին իր մեղքերը նոյնիսկ։

 

դ) Իրաւութիւն որ կը հերքուի անշուշտ երբ վերածուի պարագայականին, բայց որ ծանր արժանիք մըն է, անհրաժեշտ՝ քերթող մը կը սերունդին հարկադրող ու այդ սերունդէն անդին ուրիշներու լայն ընծայող։ Ըսի թէ կատարուած էր փորձը ժամանակին, այդ անունով մեզի հասած գործին վրայ։ Վահան Թէքէեան մը, Դանիէլ Վարուժան մը, Մեծարենց մը, Դուրեան մը իրաւ բանաստեղծները մնալու համար չեն ենթարկուած ծանը փորձութիւններու: Վերի անուններէն առաջ էին երե քները պաշտ. պանուած էին ոչ-իրաւ բանաստեղծութեան չարիքին դէմ ոչ միայն իրենց տաղանդով, այլեւ իրենց շրջանին բարերար միջամտութեամբը եւ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանին ապրումներն անցած Վարուժանը չգրեց Դիւցազունք Հայոց, գրելու համար Հարճը, ուր դիւցազունները մեզի տրուած են տարբեր, մեզավայել կերպարանքներով։ Դուրեան այդ իրաւ բանաստեղծը չէր կրնար չըլլալ, քանի որ անոր տաղանդը դուրս էր ժամանակէն, ժամանակներէն (նոյնիսկ այս փաստը անբաւական պիտի մնար սակայն քանի որ մէկ չորրորդը Դուրեանի տաղերուն, ամբողջ թատրոնները գրուած են ոչ–իրաւ ապրումներու իբր գոհացում)։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան անհամար վտանգներէ մնաց հալածուած։ Անոր կեանքը մեզի կը բացատրէ անոր երգերուն, թատրոններուն ճակատագիրը։ Անոր կրթութիւնը՝ ուրիշ չարիք։ Անոր ժամանակը ու տաղանդին նկարագիրը ուրիշ միջոցներ բանաստեղծ մը միջակ, քիչ-իրաւ ընծայող։ Եւ սակայն մենք ունենք քաղցր, հեշտագին վկայութիւնը այն իրաւութեան որ աւելի թանկագին կը դառնայ, քանի որ այնքան մը վտանգներէ շրջապատուած ըլլալով իսկ, դարձեալ հաւաքած է իր դժուար հէնքին թելերը ու եղած թերեւս աւելի սիրելի յաջողուածք մը։ Երբեմն լման դար մը ինքզինքը կը կարդայ բանաստեղծի մը մէջ։ Տանթէ մը։ Շէյքսփիր մը: Անշուշտ։ Բայց երբ մանրակրկիտ վերլուծման ձգէք Դժոխքը, պիտի գտնէք որ լման քաղաքակրթութիւն մը հալած է քուրային մէջ, այդ ոսկին ստեղծելու համար։ Ու այդ քաղաքակրթութիւնը աւելի է Իտալիան, քան ԺԳ. դարը, քան Տանթէն։ Պոտլէռ մը կէս դարու հոգեբանութիւն մը խտացուց։ Իրաւ բանաստեղծին բարիքն է ասիկա։ Ի՞նչն է որ կը մնայ սեւեռուած Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի յաջողակ տաղերուն մէջ մը ըլլար իրաւ նախ իրենց հեղինակին հաշւոյն, ապա՝ այն ապրումներուն հաշւոյն որոնք 1860ը կ՚որոշադրեն մեր գրական ճաշակներուն մէջ։ Խորհեցէք ու պիտի զգաք որ այդ զաղփաղփուն իրաւը դարձեալ մեր ժողովուրդին մէջ իրական մէկէ աւելի մասնայատկութիւններ են, վերը անցած վերլուծումէ։ Խորհեցէք իր տաքութեան, իր շնորհին, իր թախծութեան, ոչ միայն Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան անունին հետ զուգորդ զգայութիւններ հաստատելու ձեր ներսը, այլեւ անոնց ետեւէն հասկնալու ատոնց կշիռը, ծանր գոյութիւնը մեր ժողովուրդին հոգեդրութեան խորը։ Զուր տեղը չէ որ ձեր պապերը ապրեցան իրենց արիւնը, ապրեցան իր ճակատագիրն ալ ու մնացին իրա՜ւ, գէթ մեր օրերու վաչկատուն զանգուածին մէկ որոշ մասին մէջ։ Այսօր չենք տառապիր անշուշտ ռոմանթիք տառապանքը Զարթօնքի Սերունդին բանուորներուն։ Արեւելահայերը, մեր Մխիթարեան բառակոյտէն ու պոլսական քիչ մը հոսհոս հայրենասիրական շարժուձեւերէն ազդուած, կեղծ յայտարարեցին այդ սերունդին ամենէն իրաւ հոգեշատակը: Այսօր

այդ մեղադրանքը ես չեմ դարձնել իրենց երեսին, քանի որ անոնց բանաստեղծութիւնը կը սնանի նոյն սրբազան աւիշէն, բայց մեզ կը տպաւորէ ճիշդ ու ճիշդ ներհակ արդիւնք մը ինչպէս։ Խորհրդահայ քերթողները նոյն իրաւ բանը կ՚երգեն ինչ որ երգեր էին 1860ի տղաքը։ Փոխուածը զգացումին վառարանը չէ այլ կերպարանքը, եթէ կը հանդուրժէք սա փոխաբերութիւնը։ Մի յարձակեք իմ վրայ 30–40 քիչ իրաւ քերթուածներուն փաստերը «քառակուսելով»։ Այս ճակատագիրը անխուսափելի կորանքի մը պէս ես ընդուներ եմ մեր գրական բոլոր վաստակաւորներուն հաշւոյն։ Էականը այդ կորանքէն զերծ փաստերուն գոյութիւնն է։ Ու դուք գիտէք թէ կը մնան ասոնք Տաղք եւ Թատրերգութիւնք հատորին մէջ։ Ու կը գործեն այդ բախտաւոր կտորները, այսօր, առաւելեալ ուժով մը, քանի որ իրենց ներքին տարողութիւնը կը կրկնապատկեն մեր ժամանակէն, ապրումներէն իբրեւ բիւրեղացած վկայութիւններ։ Ու մենք վկայութեան մը սուտը կը զգանք ամէն բանէ առաջ։ Իրաւութիւնը ոչ տաղանդ է, ոչ կրթութիւն, ոչ գրական հանգանակ։ Զայն սահմանել գրեթէ համազօր է բանաստեղծութիւնը սահմանելուն, այսինքն՝ ընել բան մը որ չի դիմանար։ Հոգի՞ն, ներքին ձայնե՞րը։ Աստուա՞ծը Երկինքի մուրա՞զը եւ Արուեստին սարսո՞ւռը։ Բացատրեցէք նախ ասոնք ու յետոյ մտածեցէք բանաստեղծութեան մէջ իրաւին արտահանումին, տարազումին։ Ի՞նչն է որ մեր սիրոյն, հիացումին կը պարտադրէ մեր ժողովրդական բանաստեղծութիւնը, մեր Քուչակը, մեր Սայեաթ-Նովան, մեր երաժշտութիւնը, սրբազանն ու որքան դարձեալ ժողովրդականը։ Իրա՞ւ էր, օրինակի համար Նորահրաշ պսակաւորին անմահ ստեղծողը, այնքան պարզ, սրտաբուխ յորդումով մը կերպարանքի կապելով մեր Եկեղեցիին սուգն ու փառքը, յոյսն ու սլացքը, ցաւն ու կիրքերը (չի սիրել ինք կիրքէ մը աւելի ուժգնութեամբ Մեր հերոսները, մերժումները)։ Կրնա՞ք այդ շարականին ետին վենետիկեան մեծ արուեստ տաղաչափի մը անզգած բառախաղը ենթադրել, գրեթէ նոյն վիճակին աոջեւ (Ալիշան Մամիկոնեան Վահան մը կ՚ոգեկոչէ Բա՜մ, փորոտանը ու բառակոյտ կը դիզէ)։ Ահա իրաւութիւնը, որով կ՚արգիլուիք իրարու հետ շփոթելէ նոյն թուող բայց իրարմէ խորապես տարբեր ապրումներ։ Իրաւութիւնը՝ լրջութիւնն է, ամրութիւնը (կրնաք փոխանակել՝ յամառութիւնը), համակերպուն բայց ճկուն իմաստութիւնը որոնցմով գօտեպինդ՝ մենք ըրեր ենք մեր դարերը, գերութեան անծիր ծովու մը ափունքին, խորամոյն մեր արեան դոնդողին, մեր մեռելներուն ծանր սարսափին մէջ, բայց միշտ գործադրած սրբազան արեւելումը դէպի կեանքը, նման ծաղիկին որ կը դառնայ արեւին։ Մի ըսէք թէ կը նիհարցնեմ խորհուրդը. զայն կ՚ընդհանրացնեմ, փոքր շնորհներ, արժանիքներ աւելորդ, վտանգաւոր ընդարձակութիւններու տանելով։ Ծանծաղուտը իմ սարսափն է եղեր։ Կուտամ լուսաբանութիւններ։ Իրաւութիւնը չի չափուիր կշիռներով կեանքի ու արուեստի մէջ։ Իրաւութիւնը հարազատութիւն, ընդօրինակութիւն, duplicate չի նշանակել արուեստին մէջ։ Արուեստի գործ մը, առանց իրաւ ըլլալու, թերեւս նոյնիսկ այս պայմանը երբեմն զանցելու, եղծելու, սրբագրելու գինով մը պիտի փրկէ իր փառքը։ Խորհեցէք արձաններուն որոնք մեր աճում են անաճուն տարրի մը ծոցէն, նկարներուն՝ որոնք մեր նուազումն են, խտութեան տենդ մը երբ սուտ բաներէն գիծ, կաւ, ներկ, կտաւ - մենք կը հանենք մեզմէ աւելի խոր ու իրաւ կերպարանքներ, երգերուն՝ որոնք կը հերքեն կայուն ճարտարապետութիւնը նիւթին ու մեզի կը թելադրեն տիեզերական մթին ալշիմին, կեանքին պրոցէսը, ինչպէս պիտի ըսէին արեւելահայերը, երբ օդի քանի մը կայլակներէ ու միuի քանի մը լարէ մենք ծնունդ կուտանք անհունին զգայարանքին, մեր ներսը ու մեր դուրսը։ Իրաւը նմանահանութիւնը չէ մանաւանդ գրականութեան մէջ։ Անոր զանցումը չե՞ն բոլոր գրական մեծատարած փառքերը։ Հիւկօն մեծ ընողը իր սրտագին հեծքերը չէին, այլ իր արտակարգ ուժը իրաւը եղծելու, նոյնիսկ անհեթեթին տանելու: Ու այսպէս մտածեցէք բոլոր մեծ անուններուն որոնք իրենց իրաւը գնեցին իրաւին դէմ ծանր ելոյթով։ Հոս, Մ, Պէշիկթաշլեանի առիթով դուք կը տեսնէք իրողութիւնը աւելի յստակ։ Վերը արտագրեցի Գարուն-ը։ Ամէն ինչ վտանգ է այդ քերթուածին մէջ, օրուան բերնի ծամոց բառերուն անխուսափելի հասարակութեանը մէջ աքցանուած։ Բայց իրաւ բանաստեղծին միայն վիճակուած է այդ բառերը անցնել իր սրտին քուրայէն ու դուրս բերել անոնց տեղ բան մը որ ըլլար հերքումն իսկ հասարակին, ընթացիկին։ Գարունը հիմա բիւրեղացած, անվերածելի գեղոր մըն է ուր մեր 1860ը կը մնայ սեւեռուած, հիւլէ առ հիւլէ։ Մենք իրաւ կ՚ըլլանք ոչ՝ միշտ մեր խելքովը, բայց իրաւին մէջն ենք գրեթէ միշտ մեր զգացումներովը։ Կատաղի, սպառազէն, հերարձակ, ինքնամոռաց ռոմանթիք մը այս որակականները կը պատմեն Մ. Պէշիկթաշլեանի գրական, իմացական կազմաւորումը երբ մեզի կը ձգէ, իր այդ որակումները արդարացնող փաստերէն դուրս, նաեւ Առ զեփիւռն Ալէմտաղիի կախարդական կախարդանքը (féerie), տուած կ՚ըլլայ իրաւ բանաստեղծի մը անբացատրելի կշիռը։ Այսպէս, երբ կը կարդաք Լճակը . Դուրեան), դուք կ՚առնուիք գոյութիւն չունեցող բանի մը դիմաց, ձեզ գրաւող նոյնքան իրաւ, գոյ ուրիշ բանով մը որ ահա ծածկեր է, մէր ապրումին մէջ, իրն ալ, անթարթամ, անշամանդաղ իրաւութեամբը օր մը եղածին: Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան կը պատկանի մեր իրաւ բանաստեղծներու հոյլին նոյն հարազատութեամբ, ներկայացուցչական կնիքով որքան կը գտնենք սա յատկանիշները, անառարկելի ձեւով մը Դուրեանին, Վարուժանին, Մեծարենցին, Թէքէեանին մօտ (իրաւ բանաստեղծութեան յղացքը ես հաւանաբար կ՚ենթարկեմ աւելի խոր վերլուծման մը։ Հոս կը բաւարարուիմ ուրեմն վերը նշմարներով)։

ե) Ազնուականութեան որ դարձեալ ծանր, յատկանշական վերադիր մըն է մեր մեծ բանաստեղծներէն ոմանց համար։ Երկդիմի է անշուշտ բառը, ու քիչ մը անհարազատ մեր մտքի հիմակուան չափերուն, ախորժանքներուն։ Զայն չէք կրնար գործածել՝ օրինակ Պետրոս Դուրեանին, Միսաք Մեծարենցին գործերը երբ կը ջանանք համադրական կերպարանքներու տակ մտապատկերել: Բայց տարազը տարօրէն տիպաւոր է Վահան Թէքէեանի մը, Տէրեանի մը, մասամբ Վարուժանի համար: Ազնուականութիւնը իրաւութեան չափ խոր, որով եւ մեզի դժուար մատչելի առաքինութիւն մը չէ։ Անիկա ուրկէ ուզէ թող գայ - իր աշխարհին դէմ կենալու, այդ աշխարհը ընդունելու, կրելու մասնաւոր եղանակ մըն է, որ մենք մեր ներքին հեղումներովը կ՚օծենք արտաքին, հում բոլոր կրաւորումները (impression) ու դէմք մը, պահ մը, տառապանք մը, ողբերգութիւն մը դիւթային մշուշի մը ընդմէջէն կը պայծառակերպենք: Հիմա բարի եղէք տեսնելու այդ դեմքը Պէշիկթաշլեան կոյսին մէջ (Յետին հառաչք, Ներեա՛ ինձ կոյս, Արտասուք կուսին, Քնար կուսին, Առ զեփիւռն Ալէմտաղի, Գնացէք իմ տաղք, կարճ՝ բոլոր սիրերգներուն մէջ) ու դէմքը քերթողի մը (իրը ամենէն առաջ անշուշտ), ազատելով սա քերթուածներուն փաթաթներէն աղջիկ մը եւ տղայ որոշադրող գիծերը: Չենք կրնար հերքել այս աղջիկն ու տղան քանի որ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանէն ու Սրբուհի Վահանեանէն զատ եղեր ենք այդ կախարդական խորհուրդները քիչ մը ամէնքս։ Վերակազմեցէք, Մ. Պէշիկթաշլեանի տաղերուն տարրերովը, այդ աղջիկը որպէսզի հասկնաք թէ ինչո՞ւ ձեր միտքը կը տառապի աւելի խոր տառապանք մը Պետրոս Դուրեան տղուն տաղերէն զատուող պատկերին դիմաց ուրիշ աղջկան մը: Արիւն, կրակ, անհուն ծարաւ են այդ աղջկան թելադրանքները Լճակին, Ներա հետին, Տրտունջքին մէջ։ Բայց զուսպ, պայծառ, քաղgր, դրէք հիմա բառը՝ ազնուական վայելչութիւն՝ նոյնիսկ Յետին հառաչքին ամենէն վրդովեալ տռամային եզրին.

 

... Այո՛ Հրանոյշ, յիշե՛մ ըզքեզ, եւ ընդ ուրուի մօրն իմոյ
Հանապազ ըզքեն խօսիմ, եւ զայսոսիկ ասեմ նմա.
«Ներեա՛ ինձ մայր, թե որբացեալ ի քեն` սակայն եւ ապրեցայ,
Եւ որբ կացեալ ի նմանէ՝ հատաւ արեւս ի գերեզման.
Ըսքանչելի էր, մա՛յր, կոյսն այն քան զամենայն սքանչելիս.
Զոր ինչ երկինք եւ բնութիւն ունին զարդեր եւ գեղ եւ լոյս
Յիւր դեմս ւ՚ի բիբսն էին ամփոփ, յիս ի նոցունց ցոլանային.
Շըրթունքն եւ վարսք մեղր ունէին վասն բոլոր սրտիս վիրաց։
Թըւե՜ր ինձ, մայր, յանդարձական լինեն ի քում հրաժեշտին
Դու բարեգո՛ւթ մաղթեցիր զերկինս յըղել յիւր զուարթնոց
Քան զամենայն տարփելին եւ գըգուելին եւ մանկագոյնն,
Ինձ մօր եւ քեռ լինել փոխման, փոխան ամեն սփոփանաց.
Սիրոյ հրեշտակ ես կարծեցի, մահուա՜ն հրեշտակ էր նա, մա՛յր իմ:

(ՅԵՏԻՆ ՀԱՌԱՉՔ)

 

տողերուն հետ ձեզի մատուցուած դէմքը շքեղ օրինակ մըն է իր ցաւը, յուսահատութիւնը շաղի եւ շողի, օրհնութեան եւ քաղցրութեան վերածելու: Մենք այսօը աւելի յստակ գիտենք այդ աղջկան ներքին տարողութիւնը: Ան որ կանչուած էր Մայտայի հեղինակուհին ու մայրը ըլլալու Տորինին, ըսի անգամ մը, մեր գրականութեան մէջ չէր կրնար մոռցուիլ, ճիշդ ու ճիշդ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին ազնուականութեանը ծիրանիովը պաշտպանուած։ Աղուոր աղջի՞կ։ Ով չէ ասիկա, այսինքն սա աղուորը՝ իր գարունքին։ Գէշ վիպասա՞ն։ Որքան ունինք։ Բայց Յետին հառաչքին Հրանոյշը հելլէնեան աստուածուհիի մը վայելչութեամբ կը դիմանայ Տ. Տիւսաբին անցումէն վերջը։ Ու երբ գործադրէք եղանակը` այսպէս վերակազմելու պատերը (Ճեմքը, Զեփիւռը, Գարունը, Քնար եւ շիրիմը) դուք պիտի համագրաւուիք սա քաղցր վերէն, ամէն թանձր, գեղջուկ, բուռն գոյնէ, գիծէ զերծ համապատկերներով որոնք այդ քերթուածներուն ներքին, անկորուստ ժամանակը յօրինեցին երբ ապրուեցան, աղացուեցան քերթողին սրտին վրայ ու հիմա մեզ կը գրաւեն նոյն քաղցրութեամբ, խտութեամբ։ Փորձեցէք եղանակը Տրտունջքին, Կռուի երթին, Ի՜նչ արբեցութեամբին վրայ։ Պիտի գրաւուիք իրաւ ապրումներէ, բայց ձեր հոգին պիտի փուշ փուշ ըլլայ Տրտունջքէն, պիտի տրտմի Կռուի երթին մահախոյզ կարօտին դիմաց, պիտի ողողուի հեշտանքով Մեծարենցի արբշռանքէն։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեանի պահերը պաշտպանուած են ազնուական այս անգամ անբացատրելի իսկապէս անիրականութեամբ մը, հեռուութեամբ մը որոնք արուեստին ամենէն փափուկ արարչահիւթով են պայմանաւոր։ Ըսի անգամ մը, ուրկէ կ՚ուզէ թող գայ սա զգայնութիւնը, ինծի համար էականը՝ այդ վիճակին ու բանաստեղծին վարկն իրարու հարազատ իյնալն է ահա։ Կրնայ ճակատագիրը միջամտել ու մեր տաղանդը, նոյնիսկ հանճարը . Դուրեան) վերածել Նեսոսեան պատմուճանի մը։ Արեւմտահայ գրականութեան բոլոր բազմերախտ բանուորները գրեթէ մենք կը զգանք տառապագին ապրումներու դժոխքին խորը։ Ոգեկոչեցէք ձեր ուզած անունը ու նայեցէք անոր ոստայնէն ներս։ Եթէ երբեք Պէրպէրեան մը, Մամուրեան մը, Որբերեան մը, Սիպիլ մը ձեզի կը թելադրեն տարբեր զգայութիւններ, ըսել կ՚ուզեմ՝ եթէ կը գտնէք Պէրպէրեանի շուրջ հիւսուած հիացումը արդիւնք իր արժանիքներուն, կարճ տեսնելնիդ միայն կ՚ըլլանք ապացուցած։ Յաջող ուսուցիչ մը - որքան ալ մեծ ըլլան իր արժանիքները եւ Պէրպէրեան կրնար ատոնք ունեցած ըլլալ ուսուցիչ մըն է ամէն բանէ առաջ եւ ոչ թէ թիապարտը մեր գրականութեան եւ Սիպիլ իր փառքը իր ձեռքովը դրաւ գերեզման։ Տիւսաբին համբաւը իր աղջկան գերեզմանն իսկ չըրաւ քիչ մը աւելի կանանչ։ Մկրտիչ Պեշիկթաշլեան այն միակ բացառութիւնն է, արտաքին աչքերու համար, որ կարծես օրէնքը ապացուցանելու պիտի ծառայէր, չըլլար իր տռաման, այնքան իրաւ: Չորս հինգ տարի այդ երիտասարդը ապրեցաւ իր տառապանքը ազնուական արիութեամբ մը։ Բայց անոր հոգեկան ազնուականութիւնը իրողութիւն էր 1860էն ալ առաջ։ Մենք կը համակուինք իր յուսահատ սիրերգներուն մէջ տրոփող այդ ազնուական շեշտէն որ շատ քիչերու շնորհը եղաւ սա աշխարհի երեսին։ Խելք, դիրք, հարստութիւն չեն զսպանակները այդ հոգեւոր բխումին։ Ես հանդիպած եմ անոր, այդ հովին, որ կը վախնայ իր իսկ արժէքէն, խտութենէն, տղու մը բերնին, աղջկան մը նայուածքին, մօր մը վիշտին, անծանօթի մը փափուկ գորովին մէջը ինքզինքը յարդարող։ Կ՚անցնին այս երեւոյթները, հովին պէս, բայց կը հիւսուի այդ անցքին շուքը, անքակտելի, մեր հոգիներուն յատակին։ Ու չեմ գտած աւելի քաղցր, ամոքիչ ապրում, քան այս զգայութիւններով իմ մէջ կազմուած վստահութիւնը, անշուշտ անբաւարար աշխարհին հաստամեստ անազնուութիւնը հակակշռելու: Բայց կէս դար չարիքին լերան դիմաց որ բարձրացաւ իմ ապրումներովս, ես ունեցայ այդ ապրումները ծաղկըւորող այդ խորշերը։ Ու փառք անոնց։ Փառք Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանին որ քառորդ դարի սպառեց իր պատանութեան ու երիտասարդութեան՝ շրջապատը քաղցրացնելու լուռ նահատակութեան մէջ, ու տուաւ իր ամենէն սրտառուչ բխումները իր օրերուն հասարակը որ միշտ չարիք մըն է իր ներքին հիւծումովը լուսաւորելու: Իմ գրականութիւնը չհասաւ այդ ազնուական հովին տալու իմ պարտքը: Մկրտիչ Պէշիկթաշլեանի տաղերուն կէսը ցոլացումն են այդ խաղաղ, քաղgր, օծուն բարիքին։ Բայց ինծի համար մեր գրողները միշտ կը մնան ստորադաս իմ ժողովուրդին որ մեծ է, բարձր է, ազնիւ է մանաւանդ իր գրողներուն գումարէն։ Կա՜յ այդ ազնուականութիւնը ձեզ պատող մարդոց մօտ, քիչ մը աւելի շատ անշուշտ քան ուրիշ ժողովուրդներու գովուած, կազմակերպուած, դասակարգային շաղախով ամրակուռ ազնուականութեանց մէջ։ Գերմանները, նոր օրերու իմաստասիրութեան մը յատակ կը յարդարեն այդ զգացումը ու ատով պաշտպանուած գռեհկութեան, հասարակին դէմ իրենց գարշանքը տարփողելու արարքին գրականութիւնը կը կարծեն ծածկած ըլլալ, առանց անդրադառնալու որ ազնուականութիւնը տալուն մէջն է միայն եւ ոչ թէ առնելուն (միջոցները չեմ վերլուծեր։ Չորս պատերազմ արժէքը կտրեցին այդ ազնուականութեան)։ Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան ոչինչ առաւ մեզմէ, ամէն բան տալէ վերջը:

 

զ) Ռոմանթիզմին, որ չարագուշակ տարազ մըն է, այսօր աւելի քան վարկաբեկ, բայց հարիւր տարի առաջ հոգեկան պատմուճան մը` բոլոր ազգերու բարձրագոյն միտքերը, ազնուագոյն հոգիները պայծառակերպող։ Այս հատորի մուտքին, Ալիշանի առիթով ես զբաղված եմ տարազին թելադրանքներէն կարեւորներուն հետ։ Չեմ կրկներ ուրեմն մեղադրանքը որ կը ծանրանայ Նուագք շարքին վրայ: Ու գիտենք թէ որքան մեծ է կոյտը քերթուածներուն որոնք մեղաւոր են մեռած այդ ռոմանթիզմով։ Բայց կը խորհիմ թէ քիչ մը շատ բառի վրայ խաղալ պիտի նշանակէր երբ անյաջող այդ քերթուածներուն վրիպանքը հասկնալի, քաւելի ընելու համար պատասխանատու բռնել ... իրաւ, խորունկ, հարազատ բառ մը, ռոմանթիզմը որ յաւիտենական է, մարդկային։ Առանց որուն մեր կեանքէն մնացա՞ծը։ Եթէ այսօր չենք կարդար Պայրընը, Հիւկօն, Լամառթինը, Քոլրիճը, Սքոթը, Շիլլերը, Կէօթէն, Ալֆիէրին, Լըհաուն, յիշելու համար մեծատարած անուններ, ասիկա ոչ թէ անոր համար է որ այդ փառապսակ հեղինակներուն գործերը ռոմանթիք պիտակի մը տակ արձանագրուած են գրականութեան պատմութեանց մէջ, այլ, կը խորհիմ, անոր համար է որ այդ գործերուն եւ անուններուն վաւերական մարմնառութիւնները այլեւս դուրս են ժամանակէն որ շրջան մըն է, իր ճաշակներով ամրապարիսպ։ Զայն կը քակեն միայն անոնք որոնց մարմինները մեր ապրումները կը թելադրեն: Կրնաք փոխադրել Յետին հառաչքը, մեր գրականութեան պատմութեան որեւէ դարը։ Քերթուածը պիտի տառապի, բայց պիտի դիմանայ, իր հիմնական առաքինութեանց գումարովը, ինչպէս կը դիմանալ Նորահրաշ պսակաւորը որ կրօնական ռոմանթիզմն է սակայն, այդքան կանուխէն։ Ունի՞ք աւելի սրտառուչ էջ մը մեր լման գրականութեան մէջ քան Տիկնայք փափւասունքը որ Լամառթինեան ու Հայնէական թախիծն ու ազնուականութիւնը կը համադրէ 1500 տարի վարերէն։ Ի վերջոյ ի՞նչ է ռոմանթիզմը, եթէ ոչ յաւիտենական միամտութիւնը, կեանքը դիմաւորելու արարքին առջեւ մեր կորանքները մեզ ընող հանդուրժելի. յաւիտենական երիտասարդութիւնը, որ Ֆրէօյտէն շատ առաջ ու անշուշտ վերջը ու թերեւս ալ միշտ՝ պիտի յապաղի, պիտի յամառի, մեր տարիները անգոսնելով ու մեր վերջին շունչն իսկ իրեն պահելով ենթակայ. յաւիտենական սլացքը, երազը, կարօտը, երկինքը, որոնք հոս կը ծածկեն այնքան լայն ու խորունկ ապրումներ, մեր ամենուն վրայ իրենց տաղաւարները զարկած։ Ասոնց շուրջը գրական ամէն կառոյց հարկադրաբար պիտի առնուլ կիսաստուերին մէջը ոլորտին։ Թէ գրականութեանց պատմութիւնը ունի արձանագրած շրջաններ ուր ուրիշ տարազներ (դասականութիւն, իրապաշտութիւն, խորհրդապաշտութիւն) կը գործածէ կարգ մը մտայնութիւններ, զգայնութիւններ վերտառող, մեծ բան մը չի փոխեր այդ մտայնութեանց խորքէն որ կը սնանի վերանուանումներով թելադրուած վիճակներէն։ Չէք կրնար երիտասարդութիւնը հերքել, ինչպէս կործանել երազն ու երկինքը։ Պէշիկթաշլեանի ոչ միայն ծնունդը, խառնուածքը, այլ մանաւանդ հասուն կեանքին քառորդ դարի ամրօրէն կը պաշտպանուի սա բարեխառնութեամբ։

Զարթօնքը արդեն պարզ բառ մը չէր: Ու երիտասարդութեան շնորհն է ռոմանթիզմը։ Թէ անկէ մեզի եկած քերթուածներուն մէջ լայն էին միջակին, անյաջողին բաժինները, ստոյգ բայց անհետեւանք հաւաստում մըն է։ Մոռցէք զանոնք երջանկութեամբ որպէսզի «ըստ արժանւոյն» գնահատեք սա բանաստեղծին այնքան հարազատ ապրումները, բոլորն ալ ոսկի թելերով հիւսուած ոստայնին ընդմէջէն իր խառնուածքին ինչպէս շրջանին ռոմանտիզմին։ Հարիւրի մօտ տարիներ անցել են յաջողակ քերթուածներուն վրայէն դերձակորդիին։ Մենք խորունկ յուսաբեկումներ, ծանրածանր եղեռնապատումներ ու անասնութիւններ ենք կրեր մեր հոգիին շէնքը խախտելու աստիճան հզօր արդիւնքներով։ Ոչ միայն փոխուեր է մեր գրական ախորժակը, այլեւ մեզ ըրած են այդ դէպքերը բոլորովին հակոտնեան 1860ի մարդոց։ Եւ սակայն մեր գրական զարգացումը ու մեր կեանքին նոր թելադրանքները, որքան ալ բռնանան մեր վրայ, չեն բաւեր կործանելու կնիքը, «անշարժ եւ յաւիտենական», գործածելու համար սրտառուչ տարազ մը որով կը կնքենք գերեզմանները, Պէշիկթաշլեանի եղերերգները պաշտպանող։ Զի մարդկայինը չի մեռնիր, չի կրնար մեռնիլ։ Դուք մի չափէք մեր սիրտը թուրքերուն եւ տեւտոններուն փաստերովը։ Կ՚անցնին սա բռնութեան, արհաւիրքին օրերը ու նորէն մենք կը փնտռենք մեր երազները, երկինքը, լուսնալոյսը, ալիքները, անտառները։ Պէշիկթաշլեանի՞ն է մեղքը արդեօք, երբ իր ետեւէն ուրիշ թշուառութիւններ, միջակ որքան արտակեդրոն (Կրտսեր Ռոմանթիքները, անբանաստեղծ Նար-Պէյը, ցաւագար Խասգեղցիները), սրբապղծեցին ռոմանթիզմը ու առանց անոր տաղանդը ունենալու, մանաւանդ առանց իրենց խառնուածքէն պաշտպանուած ըլլալու, յանդգնեցան ընել ինչ որ ըրեր էր այնքան շնորհով, հարազատութեամբ, իրաւութեամբ Յետին հառաչքին հեղինակը, հիւանդութեան ասեղին տակ։ Ո՞րն է յանցանքը երբ այնքան վայելուչ իր ռոմանթիզմը մարդիկ վերածեցին դպրոցական շարադրութիւններու փառքին։ Հոս կը յիշեցնեմ, անգամ մըն ալ, թէ որքան իրաւ էին անոր երգերը մինչեւ Իրապաշտներուն կրկէս իջնելը։ Բացի Դուրեանէն, մեր իրաւ քերթողները, մինչեւ 1900, կը քալեն անոր ակօսով։