Ա.
ՄԱՐԴԸ
ԵՒ
ԳՈՐԾԸ
Համապատկերը
մեր
գրականութեան
թաքուն
ձգտումները,
ենթաշխարհը,
մասնաւորութիւնները
ունի
իրեն
աշխատանքի
նախասիրութիւն։
Այս
խոստովանութիւնը
կարօտ
է
փոքր
լուսաբանութեան
մը։
Պզտիկ,
քիչ՝
այդ
գրականութեան
յաջող
ամէն
մէկ
կտորին
մէջ
ես
տառապանքն
եմ
տառապեր
գործը
լեցնող
հոգեղէն
բարեխառնութեան։
Վէպ
մը,
օրինակ՝
Կամսարականէն,
ինծի
համար
երեք
հարիւր
էջնոց
պատմում
չէ
երբեք,
այլ
այն
շրջանակին
մէջ
խտութեամբ
պառկած
կեանքին
յարութիւնը,
այնքան
որքան
կ՚արտօնեն
ինծի
ընել
իմ
ոգեկոչական
ուժերը։
Կը
հասկցուի
թէ
որքան
ալ
շահեկան
անձը՝
Կամսարականին,
չի
հասնի
իր
գործով
իմ
մէջ
արձակուած
հրատապ
յուզումներուն:
Ահա
թէ
ինչո՞ւ
իմ
վերլուծումը
կը
ծանրանայ
գործերուն
ներքին
տարողութեան։
Միւս
կողմէն
նոյն
քան
խորունկ,
հեռահայեաց
տռամա
մըն
է
կեանքը
մեր
ամենէն
բարեբաստ
նկատուած
գրողին։
Առնել
սերունդի
մը
գլխաւոր
միութիւնները,
սանալ
անոնց
կեանքին
հարիւրաւոր
ծալքերը
պիտի
նշանակէր
ամենէն
շահեկան
վէպը
լաստակերտել,
սա
տարբերութեամբ
որ
հնարովին
հոն
պիտի
Ըլլար
փոխարինուած
ապրովիով։
Կազմել
մէկ
հատիկ
դէմք
մը,
նոյնիսկ,
իր
շէնքին
ամբողջութեանը
մէջ
հաւասար
պիտի
գար
Մեր
ժողովուրդին
առնուազն
քառորդ
դարը
(Դուրեան,
Մեծարենց,
Զարիֆեան,
Սիամանթօ,
Վարուժան
եւ
այլն)
վերակազմել։
Յօրինել
Պետրոս
Դուրեան
մը
համազօր
է
մեր
Զարթօնքը
լիութեամբ
ոգեկոչելու
ծանր
պարտքին։
Ու
ասիկա
այսպէս
բոլոր
դէմքերուն
համար
ալ,
նոյնիսկ
անոնց՝
որոնց
տաղանդը
կիսավաւեր
կամ
պակասաւոր
է
մնացած։
Ի՜նչ
ապրումներու
գումար
մըն
է
Տիկին
Արշակուհի
Թէոդիկը։
Պետրոս
Դուրեանի
մէջ
մարդը
այլապես
խոցելի
է
կեանքին
վաղահաս
չքացումովը։
Խօսիլ
Դուրեան
բանաստեղծէ
մը,
լրջութեամբ,
խօսիլ
է
պատանեկան
խակութիւններէ,
հիւանդութենէ,
թաղումէ։
Ըսի
թէ
անոր
չէր
գրուած
դեր
մը
ունենալ
մեր
գրականութեան
վրայ,
ուղղակի:
Քանի
մը
տարիներ
այդ
տղան
չարաչար
սպառած
է
ծագման
մռայլութիւնը
խորտակելու:
Մահը
կանխող
տարին՝
հիւանդութիւնը
ողբալու:
Բայց
հասարակութեան
մը
մէջ
գրող
մը
ուժ
է,
առնուազն
գործ
սնութիւն։
Կը
հասկցուի՞
թէ
պարտաւոր
եմ,
հակառակ
իմ
փափաքիս,
ըլլալ
շատ
վերապահ:
Կը
զգամ
թէ
որքան
շահեկան
է
ինքը,
տիպարը,
իր
ներսէն,
իրեն
քալող
յոյզերուն,
իրմէ
մեկնող
խռովքներուն
հանդէսովը։
Բայց
վէպ
մը
չէ
Համապատկերը։
Ու
իմ
օրերը՝
քիչ:
Մնաց
որ
Պետրոս
Դուրեանի
անձին
ու
կեանքին
վրայ
արեւմտահայ
գրականութիւնը
ունի
ամբողջական
առնուազն
երկու
աշխատանք
(երրորդ
մը,
Սիմոն
Յակոբեանէ,
դուրս
է
լրջութենէ
ու
կը
ծառայէ
աւելորդ
փաստ
մը
ճարելու
գէշ
քննադատութեան),
ու
թռուցիկ
բազմաթիւ
նշմարներ։
Երկու
գործերէն
առաջինը՝
քահանայի
մը
կողմէ
պատրաստուած,
կը
հպատակի
իննսունական
թուականներու
ախորժակներուն,
—
խղճամիտ,
ամփոփ,
հիմնական
գիծերու
հետամուտ
կենսագրական
պատմումին։
Պոլսեցի
քահանան
գրագէտ
մը
չէր։
Չէր
մանաւանդ
քննադատ
մը
կամ
մեր
օրերու
համադրող
մը:
Պատմական,
չըսելու
համար
մատենագրական
մտահոգութիւններով
անիկա
պատմած
է
այդ
տղուն
քսան
տարիները,
իրողութեանց
հաստատ
ու
պարկեշտ
չարաշարումով
մը։
Գրագէտին
եւ
քննադատին
պակասը
անշուշտ
բարիք
մը
չէ
հատորին
համար,
բայց
չարիք
մըն
ալ
չէ,
ինչպէս
չարաչար
չարիք
մըն
է
Սիմոն
Յակոբեան,
անտաղանդ
բայց
յաւակնայորդ,
որ
ընկերաբանական
տեսութիւններ
փառասիրած
է
արժեւորել
հոն
ուր
ընկերութիւնը
պարզ
էր
ու
միակտուր։
Կը
ղրկեմ
ուրեմն
աւելին
ուզող
ընթերցողը
Էքսէրճեան
քահանայի
հատորին։
Երկրորդ
լուրջ
աշխատանքը
ստորագրուած
է
Արշակ
Չօպանեանէն
որ
պատմելով
հանդերձ
կեանքն
ու
գործը
բանաստեղծին,
ենթարկած
է
անոր
գործը
քննադատական,
այդ
օրերուն՝
նոր
ու
ատով
տաք
վերլուծման
մը։
Հատորը
չունի
անշուշտ
նոյն
հեղինակէն
աւելի
յետոյ
ու
հետեւաբար
աւելի
հասուն
մտածողութեան
ծնունդ՝
Մ.
Պէշիկթաշլեան
եւ
իր
գործը
գրքին
լրջութիւնն
ու
տարողութիւնը,
բայց
վաղահաս
երիտասարդութեան
մը
խանդը,
ծայրէ
ի
ծայր
կ՚ոգեւորէ,
կը
գունաւորէ
այդ
աշխատասիրութիւնը։
Թերթերու
եւ
հանդէսներու
մէջ
ցրիւ
կտորներ,
մասնակի
իրենց
հանգամանքովը
կը
մնան
դուրս
իմ
նկատառումէն,
քանի
որ
յաճախ
անվաւեր
մարդոց
ալ
ստորագրութիւնը
վաւերացնել
ձգտող
փառասիրական
նշմարներ
են
եղած։
Երկու
հեղինակներու
հաւաքումներէն,
հոս
հոն
տարտղնուած
յուշերէն,
մանաւանդ
Եղիշէ
Դուրեան
պատրիարքի
անձնական
ապրումներէն
ինծի
հասած
տպաւորութիւնները
կը
խորհիմ
թէ
կ՚ըլլան
բաւարար,
Համապատկերին
տարողութեան
ծիրին
մէջ,
ուրուագրային
կենդանագիր
մը
յօրինելու,
անշուշտ
էութեան
մէջ
անբաւարար
(քանի
որ,
ինչ
պէս
խոստովանեցայ
վերը,
ամէն
արեւմտահայ
գրագէտ
վիպական
հերոս
մըն
է,
նոյնիսկ
անվաւեր
իր
տաղանդէն
ալ
մատնուած
ըլլալու
պարագային,
պարզ
իր
մարդկային
թելադրանքովը),
բայց
դարձեալ
իր
տեղը
արդարացնող։
Մեր
օրերու
նորութիւնն
էր
vie
romancéն,
արեւմտեան
գրականութեանց
մէջ։
Պալզաք
մը,
Շէյլի
մը,
Պայրըն
մը,
Քոռնէյլ
մը,
Շաթոպրիան
մը
այդ
նորութեան
ընդմէջէն
չեն
կործանած,
վասնզի
կը
պարունակեն
իրենց
առաւել
կամ
նուազ
ալեծուփ
օրերուն
տակ
մարդկային
մտքին,
սրտին
ամենէն
խորունկ
վէրքերը։
Ու
այդ
վէրքը
վէրք
է,
մօտ
դար
մը
հողով
կշտանալէ
վերջն
ալ,
դեռ
իր
կրակը
պահող
բոլոր
Դուրեաններուն
գործին
ներսը:
*
*
*
Պոլսեցի:
Արհեստաւոր
դասակարգի
ծնունդ
(երկաթագործի
մը
զաւակն
է
անիկա)
Պետրոս
Զըմպայեան,
(հարկ
կա՞յ,
այս
ծագումը
խորհրդաւորելու)
գիծին
մէջն
է
մեր
գրագէտներուն,
յարգանդէ
ընտրեալ,
ինչպէս
կ՚ըսեն։
Տիկին
Եսայեան,
շատ
յաջող
գիրքի
մը
մէջ
(Սիլիհտարի
պարտէզները),
Երուխան՝
մեծ
վէպի
մը
մէջ
(Ամիրային
աղջիկը)
այդ
դասակարգը
չեն
նուաճած
անշուշտ,
բայց
ձգած
են
մեզի
անուշիկ
estampeներ,
որոնք,
հակառակ
ժամանակի
թեթեւ
խաւին,
մեզ
համար
դարձած
են
անփոխարինելի
վկայութիւն:
Երկաթագործի
մը
ընտանիքը,
այս
տողերը
խօսուած
պահուն,
Գահիրէ,
Պէյրութ,
Հայֆա,
նոյնիսկ
Պոլիս,
ոչինչով
պիտի
յիշեցնէր
1850ի
էuնաֆը,
արհեստաւորը,
թէ՝
իբրեւ
հանրային
միութիւն
եւ
թէ՝
իբրեւ
բարքերու
intérieur
մը:
Մեր
ժողովուրդին
լաւագոյն
արժանիքները
ես
միշտ
սիրած
եմ
փոխադրել
վերէն
վարերը,
մինչեւ
ամենէն
խոնարհ
խաւերը։
Այսպէս
իմ
կշիռը
կը
լրջանայ
մեր
գիւղացիին
հետ
երբ
պիտի
ուզէի
ամուր,
զօրաւոր
յատկութիւններ
վերլուծել,
մարդոց
միջինի
մը
վրայ:
Նոյն
լրջութեամբ
պիտի
զբաղէի
բանուորով,
արհեստաւորով,
հին
բայց
բիւրեղացած
բառով
մը`
էսնաֆով
որ
ԺԹ.
դարուն
դաշտէն
կրկէս
է
իջած
ընդդէմ
առանձնաշնորհեալներու
(վաճառականներ,
հարուստներ,
պետական
պաշտօնատարներ,
ամիրաներ,
փաշաներ
եւ
սարիք):
Պետրոս
Դուրեանի
ժառանգութիւնները
չեմ
քրքրեր,
ոչ
անշուշտ
կասկածիս
մէջ
տառապելով
անվաւեր,
առնուազն
չապացուցուած
գիտական
տեսութիւններէ,
այլ
այն
գլխաւոր
պատճառով
որ
անխառն
բանաստեղծի
մը
համար
արեան
խաչաձումները,
գէթ
ասոնց
փնտռտուքը,
արտահանումը
ոչ
միայն
արդիւնք
մը
չեն
ապահովեր
այլեւ
կը
դիմաւորեն
անլուծելի
կնճիռներ։
Դուք
պատռտեցէք
ձեր
մտքին
բոլոր
միջոցները
որպէսզի
բացատրէք
թէ
ինչո՞ւ
Սայեաթ–Նովան
եւ
միջակ
ոեւէ
աշուղ
իր
դարէ
այդքան
հեռու
կը
մնան
իրարմէ,
երկուքն
ալ
պարզ
մարդոց
ծնունդ։
Բայց,
եթէ
երբեք
արեան
հարցը
մեզի
համար
հեռու
է
հաստատ
արդիւնքներ
ճարելէ,
իր
հետեւանքներովը
կը
դառնայ
այլապէս
տռամաթիք,
ճակատագրական։
1900ին,
մեր
քաղաքներուն
մէջ
հայ
տղաքը
աւելի
էին
քան
յիսուն
տարի
առաջուան
տղաքը։
Աւելի՝
կեանքէն
քիչ
մը
համ
առնելու
արարքներուն
մէջ։
Դպրոցները
առնվազն
առաջին
կրկէսն
էին
ուր
հարուստին
ու
աղքատին
տագնապը
կը
մարդկայնանար։
Եթէ
երկաթագործին
տղան
կոշտ,
իր
կազմով,
ոչ
ջնարակուած
իր
մորթով,
սանկ
ու
նանկ
զգեստներով
դեռ
հակադրութիւն
մը
կազմելու
չափ
շեշտուած
կերպարանք
մը
կը
բերէր
դպրոց,
սեղանաւորին,
վաճառականին,
դեղագործին
տղուն
մօտ,
իր
հոգեղէն
ապրումներուն
մէջ,
անիկա
հաղորդ
էր
այդ
տղոց
բացառիկ
յոյզերուն:
Կրնար
պատահել
որ
խելքը,
տաղանդը,
Դուրեանին
համար
պատահածին
նման՝
հանճարը
ստեղծէին
խորունկ
ալ
խռովքներ,
մատաղ
հասարակութեան
մէջ
մանուկներու
եւ
պատանիներու։
Միշտ,
արեան
հարցը,
ինքիր
համար
վերլուծուած,
կը
յանգի
իր
հետեւանքներուն
անողոք
կշիռին։
Ի՞նչ
հարկ՝
ձեզի
պատմել
երկաթագործին,
հողագործին,
կօշկակարին,
օրավարձով
բանուորին,
փերեզակին
տղոցը
մանկութիւնները։
Իմ
մարմինին
ամենէն
հեռու
բջիջները
դեռ
կը
թրթռան
այն
յուզումներէն
որոնք
իմ՝
մանուկի
ջիղերը
կը
բզքտէին։
Իմ
մայրը
—
բանուոր
—
կը
տառապէր
իր
որբուկին
որբութիւնը
անշուշտ,
քանի
որ
զիս
ու
եղբայրներս
ու
կոյր
հօրքուրս
կը
պահէր
մէկ
հատիկ
իր
միջոցովը
-
իր
երկու
կովերովը
—
բայց
կը
տառապէր
մանաւանդ
հացը
ճարելու
ճամբուն
վրայ
իր
ստեղծած
արգելքներովը։
Կ՚երթայինք
միասին
հարուստներուն
տուն
լուացքի:
Իմ
տեղն
էր
օճախին
կուշտին,
փայտերը
հսկելու
պաշտօնի
մը
մէջ,
իմ
ներկայութիւնը
իմ
խելքովը
արդարացնելով։
Կ՚աշխատէի՜,
հինգ
տարեկան
բզէզ։
Բայց
չէի
զգար
թէ
իմ
ներկայութիւնը
կը
ճնշէր
իմ
մամային։
Տարէք
զիս,
ինծի
պէսները
տարիներն
ի
վեր,
տասնին,
տասներկուքին
սահմաներէն
անդին,
երբ
ա՛լ
բացուած
են
խելքին
պտուկները։
Աս
է
ահա
զրկանքը,
անով
յագեցեալ
հոգին
զոր
աշխարհին
բոլոր
անուշութիւնները,
աւելի
վերջը,
նոյնիսկ
փառքերը,
ան
բաւական
պիտի
գան
հակակշռելու:
Մտքի
միլիոնատէր
Օշական
չէ
յաջողած
քաւել,
գնել
իր
մանկութեան
այս
տռամաները։
Կը
խօսիմ
այս
բաներ,
որպէսզի
յստակ
ըլլան
«անբերելի
ծանրութիւնները»
կարգ
մը
գրողներու,
որոնց
մէջ
Պետրոս
Դուրեան
կուգայ
իբր
պարապետ,
անշուշտ։
Պատանութի՜ւն:
Կ՚ըսենք
ու
կ՚անցնինք։
Չենք
իսկ
անդրադառնար
թէ
ինչպէս
հոլովեցան
մեր
այդ
տարիները,
մեր
գարունքին
այդ
անվերադարձ
արշալոյսները
(Դուրեան
պիտի
գրէ
որ
իր
սիրտէն
արշալոյս
մը
չէ՜
անցած)։
Իմը
կը
կրկնէ,
ցաւի
ու
սուգի
մէջ,
Դուրեանին
պատանութիւնը։
Բացէք,
այդ
բառին
իբրեւ
տաղաւար,
Պոլիսը։
Ես
կը
բանամ,
յաճախ,
իմ
Պրուսան։
Անբացատրելի
հանդէս
մըն
է
այդ
քաղաքը
իմ
ջիղերուն
վրայ։
Վէպ
մը
անբաւական
պիտի
գար
գումարելու
բոլոր
այդ
հրաշախառն
ապրումները,
թելադրելու
դիւթքը
դէմքերուն
որոնցմէ
ինծի
հասան
ամենէն
խորունկ
խռովքները,
վերակազմելու
համը
հողին,
համբոյրները
ջուրերուն,
հեշտանքը
ծառին
ու
ծաղկին,
լերան
ու
ծմակներուն,
որոնք
իմ
ետին
դիզուած
են
հիմա,
ժամանակին
վարշամակին
մէջ
ծածկուած,
բայց
որոնց
վրայ
ամէն
անդրադարձ
ինծի
կը`
պատճառեն
արիւն
ու
արցունք,
հաճոյքէ
ու
ցաւէ:
Մեր
գրականութեան
կը
պակսին
պատանին,
մանուկը
(յիշեցի
երկու
գործերը
ուր
այդ
ապրումները
նուաճուած
են
որոշ
յաջողութեամբ):
Բայց
մեր
բոլոր
գրողները
եղած
են
այդ
հրաշքը։
Պետրոս
Դուրեա՞ն։
Բոլորէն
աւելի
արիւնոտ,
վիրապատառ
կատարելութեամբ
մը։
Դպրոցին
մէջ
—
չեմ
մասնաւորեր
այդ
կրթութիւնը
որ
ոչինչ
կրնայ
տալ
ուսանողին,
պարզ
այն
պատճառով
որ
ուսուցումը
մեր
հարուստներուն
համար
պաշտօնի
եւ
հաշիւի
ճամբայ
մըն
է,
միջակ
դասին
համար՝
պարտք
մը
—
Պետրոս
Զըմպայեան
ուշագրաւ
տղայ
մըն
է,
արտակարգ
կանխահասութեամբ
մը,
քանի
մը
տարիքի
շրջաններ
սպառած
ըլլալով
թերեւս
նոյն
արտակարգ
արագութեամբ:
Քսանին
արդէն
աւարտած
էր
ութսունը:
Տասնըհինգին
մենք
ձուկ
կը
բռնէինք
գեղին
լիճը
ու
ամառը
քաղքին
դպրոցը
բանաստեղծութիւն
կը
գրէինք։
Դուրեան
լուրջ
է
անշուշտ,
Վարդ
ու
Շուշանը
ոտքի
նետելու
իր
փառասիրութեան
մէջ,
ինչպէս,
իր
հետքերէն
ես
լուրջ
էի,
միշտ
իր
տարիքին,
ոտքի
նետելու
իմ
ալ
առաջին
խաղը,
զոր
կրակը
պիտի
մաքրագործէր
տասնըեօթին։
Այս
բաները
կը
գրուին
հոս,
բայց
ձեզ
չեն
տպաւորեր։
Կապեցէք
սա
ամենէն
խորունկ
յուզումները
[1]
սա
հաւաստումին՝
ու
պիտի
ըլլաք
աւելի
արդար,
ձեր
զիջումին
մէջ։
Տեսայ
իր
ձեռագիրներուն
տետրակը,
Դուրեան
սրբազանէն
Մեսրոպ
Նշանեան
սրբազանին
անցած։
Անկնիք,
մռայլ
գիր
մը:
Թուղթին
հասարակութիւնն
իսկ
սրտաճմլիկ
էր
այդ
տետրակին
վրայ։
Փնտռեցի
իր
սկսնակի
էջերը,
որոնք
կը
պակսին։
Թուականով
մը
մասնաւորուած
բանաստեղծութիւններէն
ամենէն
կանուխը
կը
կրէր
1867ը
—
ան
որ
Իցի՜ւ
թէ
վերնագիրը
կը
կրէ։
Այս
քերթուածը
Դուրեանի
բառարանին,
զգայնութեան,
ինքնատպութեան
բոլոր
տարրերը
ունի,
կայծերու
ձեւին
տակ:
Անյաջող
քերթուածները
չեն
պատկանի
անոր
սկսնակութեան,
քանի
որ
անոնք
կան
1870ին,
նոյնիսկ
1871ին։
Կարելի
է
էջեր
յատկացնել
դպրոց
–
շուկայ
տարազը
բանալու։
Կը
գոհանամ
միայն
թելադրելով
ձեզի
հետեւիլ
պատանիին
պատկերին
որ
հաւանաբար
շատ
շոյուած
իր
ուսանողութեան
համբաւը
ուսին՝
պիտի
թափառի
վաճառատունէ
վաճառատուն:
Ի՜նչ
սիրտ
սեղմող
տագնապ
մըն
էր
մեզի,
տասնըվեցը
անցնող
ու
վկայական
մը
շալկող
տղոց
համար
հացին,
գործին,
երեքուկէսին
տագնապը,
ինչպէս
կ՚ըսէին
այդ
օրերուն։
Իւղոտ
պատառները
(պանքա,
Ռէժի,
հանրային
պարտուց
վարչութիւն,
պետական
քարտուղարութիւն,
մանտրաներու
գրասենեակները
նոյնիսկ)
անշուշտ
կը
խլուէին
ձեռքէ
ձեռք։
Ու
դպրոցին
մէջ
համբաւը
կարծես
կը
դժուարացնէր
այդ
շէնքերէն
տղոց
մուտքը,
քանի
որ
այդ
նախանձուած
դիրքերուն
կ՚արժանանային
ամենէն
շնորհազուրկ
պարոնիկները,
իմացապէս,
բայց
որոնք
բախտով
էին
ծնած
իրենց
դէմքերուն,
շրջաններուն ...:
Նկատեցէք
ոսկրուտ,
տժգոյն,
անհրապոյր,
խոշոր
ու
անհաւասար
մարմնով
այդ
պատանին
շուկայ,
հացի
պայքարին։
Իր
հօր
խանո՞ւթը։
Բայց
նոյնիսկ
Պետրոսի
յօժարումին
պարագային,
անոր
մայրը,
թաղին
աղջիկները,
տէրտէրը,
հոգաբարձու
էֆէնտիները,
թերեւս
սրբազանը
պիտի
դիմէին
ծանր
խաչակրութեան։
Արհեստ
մը,
սանկ
կօշկակարութիւն,
դերձակութիւն,
ատաղձագործութիւն
պիտի
նշանակէին
կործանումը
դպրոցին։
Կը
մնային
վաճառականները,
որոնք,
հազար
ու
մէկ
խաղերով,
խարդախութիւններով,
հնարքներով
իրենց
ձեռք
ձգած
քանի
մը
հազար
ոսկիներուն
հաշիւը,
ելեւմուտքը
անշուշտ
որ
կարող
էին
տասը
Դուրեաններու
միացեալ
խելքէն
աւելի
կատարելութեամբ
կարգադրել,
բայց
իրենց
փառասիրութիւններուն
մաս
կը
նկատէին,
շաբաթը
հինգ-տասը
ղրուշով
շրջուն
գրագիր
մը
ուրախացնել,
լայն
լայն
խօսելու
առիթ
ունենալու
համար
այդ
բարերարութենէն։
Պարոնեան
ըրած
է
այդ
աշխատանքը։
Առաջին
մեծ
պատերազմէն
առաջ
ու
վերջ
Թէոդիկ
կը
պարծենար
այդ
պաշտօններով։
Փնտռեցէք
մեր
պոլսեցի
գրողներուն
պատանութիւնը
ու
մեծ
մասին
մէջ
դուք
պիտի
գտնէք
նոյն
տռաման։
Պատմեցի
ձեզի
իմ
փորձառութիւնը։
Արիւնթաթախ,
սպառած,
հիւանդ,
հինգ
ղրուշը
երեսին
նետելէ
վերջը
իմ
միլիոնատէր
բաթրոնին,
ես
կը
դառնայի
բացարձակ
անօթութեան
որ
անշուշտ
աւելի
ազնուական
վիճակ
մըն
էր
քան
ցաւատանջ
իմ
պատանութեան
հասցուած
այդ
նախատինքը։
Հոս
կը
յիշեցնեմ
որ
այդ
ընդարձակ
խանին
պարկերուն,
կամարակապ
նկուղներուն
ներսը
իմ
հետն
էր
ողբերգական
բանաստեղծին
ուրուականը։
Վաճառատունը
անդրանիկ
քայքայումն
է,
նման
տղոց
ճակատագրուած,
ու
պիտի
շարունակուի
այդ
քայքայումը
այս
անգամ ...
լուսոյ
վառարանին
մէջ,
յարկ
վսեմին
մէջ
՝
«Ուր
պղինձն
ոսկի,
նիւթն
ոգի
դառնալ»
որ
«մանկանց
սիրելի»,
«ազգաց
պաշտելի»
իբրեւ
պանծացուելուն
հակառակ,
վաճառատունէն
աւելի
նսեմ,
սպանիչ
շրջանակ
մըն
է
տաղանդէն
զատ
ուրիշ
ոչինչ
ունեցող
պատանիին։
Մեր
գրականութեան
մէջ
տիպարը
վերածուած
է
ողբերգականէն
ալ
անդին
կերպարանքի
մը,
կորսնցնելու
աստիճան
մարդկային
իր
իրաւութենէն
շատ
բան
«Վսեմ
ձուլարան»ը
անշուշտ
կը
հալեցնէր
առաջին
մեծութիւնները
տղոց
հոգիներուն,
բայց
կը
ստեղծէր
առաջին
տռամաները
պատանիին,
երիտասարդին։
Շարունակեցէք
քալել
տարիքն
ի
վեր,
ըրէք
այդ
երիտասարդը
հայր,
չափու
հասեալ,
զաւակներով
ծանրաբեռն
ու
զարգացած
անհատականութիւն։
Բայց
իմ
ծրագրէն
դուրս
է
գրական
թեմաներ
վերլուծել։
Պետրոս
Դուրեան,
ինչպէս
Յակոբ
Պարոնեան
ըրած
են
այդ
ուսուցչութիւնը
դպրոցներու
ինչպէս
տուներու
մէջ,
հասնելու
համար
տիպարին
մէջ
բարձրագոյն
զրկանքներու
աստիճանին,
որուն
պսակն
է
յաւէտ,
անխուսափելի
անօթութիւնը,
իր
բոլոր
ձեւերուն
ալ
մէջը։
Պետրոս
Դուրեան,
ինչպէս
Յակոբ
Պարոնեան
ապրեցան
անշուշտ
«յարկ
վսեմ»ին
ամբողջական
նսեմութիւնները,
թերեւս
սա
հռչակաւոր
երգին
յօրինման
իսկ
օրերուն
(Պարոնեանի
Էտիրնէն
Պէրպէրեանի
Էտերնէէն
աւելի
կանուխ
է,
բայց
անոր
Պոլիսը
անանուանելի
ողբերգութիւն
է),
Պէրպէրեանի
մատաղ
փառքին
հանդէպ
«յակճիռ»,
ինչպէս
կը
գրէին
այդ
օրերուն։
Ի՞նչն
է
միջամտողը
որպէսզի
իր
դասը
սիրող,
սիրցնող,
իր
շրջապատէն,
ընկերներէն
անհամեմատ
հեռու,
առնուազն
գրագէտ
պատանի
մը
մնայ
անկարող,
մագիստրոսաբար
իր
ըրածը
գիտցող
լալուն
հակառակ,
իր
ոտքին
տեղ
մը
ճարելու
մեր
դպրոցներէն
ներս։
Այդ
օրերուն
մասնայատուկ
երեւոյթ
մը
չէ
ասիկա։
Խմբագիր։
Ինչո՞ւ
չէ։
Ո՞րն
է
մեր
գրողներէն
ան
որ
ըլլար
չանցած
այդ
վարժապետութեան
չափ
նսեմ
փորձառութենէն:
Ասպարէ՜զ։
Կատարեալներէն
մէկը։
Հոն
Բիւզանդ
Քէչեան
մեծահարուստ
մը
պիտի
ըլլար,
այնքան
արժանաւորելով
իր
կեսարացիութիւնը։
Նոյն
այդ
ասպարէզին
մէջ
Յակոբ
Պարոնեան
շրջուն
տոմարակալութենէ
իր
արեան
գինը
կազմող
օրականն
ալ
վրայ
պիտի
տար,
կինն
ու
զաւակները
անօթութեան
դէմ
ապահովագրելէ
վերջը
անշուշտ։
Ու
Յակոբ
Պարոնեան
հանճարն
է
մեր
գրականութեան,
ճիշդ
ու
ճիշդ
Դուրեանին
նման։
Քսանէն
վար
խմբագիրը
իրաւ
որ
դժբախտ
կորանք
մըն
է,
երբ
մարդ
պիտի
չանցնի
երեսունը,
գոնէ
դառնալու
համար
հրապարակին
վրայ
սանկ
ու
նանկ
միջակութիւն
մը,
սարսափ
մը,
առաւ-փախաւութեան,
խաչագողութեան
ընտրեալ
մը:
Զուր
տեղը
չէ
որ
Պարոնեանի
մեծապատիւներուն
մէջ
այնքան
կենդանի,
յատկանշական
գործերով,
կողմերով
սեւեռման
ինկած
է
տիպարը:
Պետրոս
Դուրեան
խմբագի՜ր։
Չեմ
գիտեր
թէ
որո՞ւն
թերթին
մէջ
փորձ
կը
սրբագրէր,
սուրճը
կ՚ապսպրէր
բաթրոնին,
նամակները
փոսթ
կը
յանձնէր,
կամ
տասը
անգամ
մերժուած
ընկալագիր
մը
մետասաներորդ
անգամ
սանկ
ժամով
մը
հեռու
մաղազայի
մը
Ակնցի
տիրոջը
կը
ներկայացնէր,
մարսելու
համար
մարդուն
հայհոյանքը,
գիրին,
գրականութեան
հանդէպ
անդարման
նախատինքը։
Այդ
օրերուն
խմբագիրը
1900ի
մաղազաներուն
շրջիկ
գործակատարն
էր։
Ուրի՞շ։
Այսինքն
գիրին,
գրուածքին,
յօդուածին,
քերթուածին,
ստորագրութեան
գինովութիւննե՞րը:
Պետրոս
Դուրեան
Ազգային
Սահմանադրութեան
տարեդարձի
հանդէսները,
եկող
գացող
պատրիարքներու
տէսթանները,
հանդէսներու
մէջ
արտասանելի
աւուր
պատշաճի
ոտանաւորները
արժեւորելու
ատեն,
թերեւս
այցուած
էր
խմբագրի
հոգեբանութեամբ
մը։
Բայց
ասպարէզէ
հաց
հանելու
հերոսութեան
համար
իր
երեսին
կաշին
նուրբ
էր
շատ,
իր
միտքին
ակօսները
չափազանց
ուղիղ
ու
մարդերը
դիմաւորելու
իր
միջոցները
ունէր
քան
պատանեկան։
Հիւանդութիւնը,
հաւանաբար,
կանուխէն
սպառած
էր
անոր
ամենէն
գործնական
սթօքները,
յարձակելու
համար,
քիչ
քիչ
անպաշտպան,
գաղիացիք
կ՚ըսեն՝
désarmé
տաղանդին
վրայ
որ
արդէն
շատ
նրբահիւս,
ազազուն
հիւր
մըն
է,
մեր
մարմինը
ուտելով
ապրելու
սահմանուած,
շատ
անգամ
ալ
ստերջ
կնիկի
մը
նման
մեզ
լքելով
գերեզմանի
դուռին:
Դերասա՛ն։
Ահա
մասնակին։
Աւանդութիւնը
Վենետիկէն
Պոլիս
փոխադրած
է
այդ
սխրագին
տառապանքն
ալ:
Գիտենք
որ
Ս.
Հէքիմեան,
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան,
Թղլեան,
Թէրզեան
կը
խաղային
իրենց
հեղինակութիւններուն
մէջ,
կ՚ըմբռնենք՝
աւելի
կամ
նուազ
յիմար
ու
երջանիկ։
Ի
վերջոյ
բեմը,
1870ին,
դպրոցական
հանդէսներուն
մէկ
կրկնութիւնն
էր,
տղոց
փոխարէն
հասակաւորներով
պարանցիկ,
երգերուն
հաւատարիմ
(գրեթէ
Դուրեանի
բոլոր
թատրոնները
ունին
զիջում՝
այդ
երգի
պահանջը
գոհացնելու
համար),
ոտանաւորին
տեղ
արձակ
ճառ
ու
հանդէսներուն
դանդաղ,
նստուկ
նկարագիրը
շարժումներով,
եւլեւմուտով,
ձեւերով,
լաց
ու
կանչով
փոխել
յաւակնող։
Բայց
ողբերգութիւնը
հոսկէ
անդին
է
որ
կը
սկսի:
Դուրեան
տասնէ
աւելի
թատրոններ
ձգած
է
մեզի,
որոնք
բոլորն
ալ
բեմադրուած
են,
շատ
հաւանաբար։
Ասիկա
մեր
լեզուով
կը
վերածուի
սա
տեսակ
եղերականութեան
մը։
—
Կամ
իր
անձն
ալ
տալ
իր
խաղին
վարկին,
կամ
պակսող
դերասաց
մը
փոխարինել:
Տիկին
Սիրանոյշն
է
թէ
Հրաչեան
իրենց
յուշերուն
մէջ
կը
պատմեն
սրտայոյզ
դրուագ
մը։
Ցուրտերուն,
կուզը
ելած,
հազը
զսպելու
համար
իր
դէմքին
մկանները
ծամածռելու
չափ
շարժումի
հանած,
Պետրոս
Դուրեան
կուգար
փորձերուն։
Դերասանուհին
—
լիքը,
շէն,
գեղանի
աղջիկ
–
անշուշտ
որ
թեթեւ
յուզումով
մը
կը
նայէր
այդ
երիտասարդին
որ
աղջկան
մը
չափ
ամչկոտ
էր
ու
կը
կրէր
երեսներուն
տժգոյն
կտաւի
մահուան
պատանքին։
Մեծ
սպառում
մը
երեւակայութեան
անհրաժեշտ
չեմ
նկատեր
մտապատկերելու
համար
հիւանդ
բանաստեղծը
որ
«տերեւին
նման
կը
դողար
անոր
մօտենալու»
(իրն
են
բառերը):
Դերասանուհին
էր
այդ
երանելի
արարածուհին։
Մեր
սիրտը
մեր
ներսը
աղքատախնամի
սենեակ
մը
չէ
անշուշտ:
Ի՛նչ
ալ
ընենք,
հոն
կը
թափանցեն
հարուստներում
ոչ
միայն
աչքերը,
այլ
խոստումները
(բառին
տուէք
սթանտալեան
իր
առումը
=
la
beauté
est
une
promesse)։
Դերասանուհին
որոշ
պչրանքով
մը`
մատաղութեան,
առողջութեան,
գեղեցկութեան,
գոյնի
ու
լիութեան
ծնունդ,
բաւական
լսելի
մրմունջով
մը
կ՚ընդունէր
Դուրեանի
վախկոտ
նայուածքը
—
«տժգոյն
է,
շատ
տժգոյն»
պատասխանելով
ընկերուհին
քաշքշուքին
=
«քուկդ
է.
կուգայ
կոր»։
Լեցուցէք
տեսարանը,
փորձի
սրահներուն
բոլոր
էգ,
գէջ,
նենգ,
յիմար
տպաւորութիւններով
ու
դրէք
երկու
աղջիկները
որոնք
այդպէս
բարակ
հեգնութեամբ
մը
կը
սպաննէին
արդեն
մահապարտ
քերթողը,
մեծագոյններէն
մէկը
իր
ժողովուրդի
զաւակներուն։
Աւելի
վերջը,
իր
անկողինին
կրակներուն
մէջ,
այդ
տղան
ով
գիտէ
ինչ
ճենճերագին
զգացումով
մը
պիտի
թաթխէր
գրիչ
իր
յիշողութեան
նախատինքին
ու
պիտի
գրէր
անմոռանալի
տողերը
Շատերը
զիս
մերժեցին,
«ՔԲընար
մ՚ունի
սոսկ»
ըսին.
Մին՝
«դողդոջ
է,
գոյն
չունի»,
Միւսն
ալ
ըսա
«կը
մեռնի՜»:
(LՃԱԿ)
Ու
անցէք
աւելի
մարդկային
որով
եւ
աւելի
վիրաւորիչ
տրտմութիւններու:
Բեմը։
Քուլիսները։
Փոշին։
Ցուրտն
ու
տաքը։
Դերասանները։
Տեսանք`
դերասանուհիները։
Ապրումները։
Ու
այս
հակամարտ
զգացումներուն
մէջը
կծիկ
եղած
սիրտը
հիւանդ
բանաստեղծին,
իր
անհուն
փառասիրութիւնը
ու
ներկայացումէ
մը
իրեն
գալիք
քանի
մը
մէճիտը,
հաւանաբար
որով
պիտի
դառնար
իր
տունը,
հաց
բերողի
ամենէն
զարհուրելի
գոհունակութիւնը։
Գի՞նը
այդ
պատառ
մը
հացին։
—
Հաւանաբար
ամսուան
մը
կեանք,
քանի
որ
այսօր
գիտենք
որ
Դուրեանի
դերասանութիւնը,
անոր
թոքերուն
քայքայումը
փութացնող
ամենէն
հզօր
ազդակն
է
եղած:
Հիւա՞նդ։
Որուն
հետ
զուգորդ
մտածումները,
ապրումները
հոս
կը
զգուշանամ
բանալէ,
քանի
որ
անոր
գործին
վերլուծումը
այդ
վիճակին
հետ
անբաժանելի
ձեւով
մը
հանգուցուած
եղաւ,
պիտի
ըլլայ։
Ոմանք,
բանգիտութիւնը
տարին
առաջ,
հիւանդութիւնը
ընդունելու
չափ
իբրեւ
ազդակ,
հիմնական
ու
բացարձակ,
անոր
քերթողական
տաղանդին։
Ասիկա
անիմաստութիւնն
իսկ
է:
Ուրեմն`
ուսուցիչ,
խմբագիր,
դերասան,
վաճառականի
գրագիր.
—
այսինքն
արեւմտահայ
գրականութեան
բոլոր
քիչ
ու
շատ`
արժէքաւոր
մշակներուն
հասարակաց
փորձառութիւններ։
Բայց
եթէ
յամառիք
քիչիկ
մը
կենալ
այդ
բառերէն
իւրաքանչիւրին
ետին
հիւսուող
ողբերգական
հանդէսին,
պիտի
զգաք
որ
Պետրոս
Դուրեան
կախարդական,
անկարելի
ըսուելու
աստիճաններուն
վրայ
ըրած
է
այդ
փորձառութիւններուն
իր
արիւնոտ
սպասը
ասոնցմէ
մէկ
հատը
միայն,
—
Դուրեանին
հիւանդութիւնը
-
մեր
գրականութեան
մէջ
պատրանքներ
է
զարգացուցած
մեծութեան,
տաղանդի.
ըսի
ասիկա։
Պէշիկթաշլեան,
Մեծարենց,
Կ.
Ոսկեան։
Աւելի
խոնարհ,
զիջումնաւոր՝
Զարիֆեան,
Պէշկէօթիւրեան։
Այս
նշմարներուն
թելադրա՞նքը։
Այն
շատ
իրաւ
փաստը,
որ
այդ
տղուն
գիտակցութեան
չորս
հինգ
տարիները
կ՚արժեւորէ
իբր
մեր
բարքերուն,
ընդունակութիւններուն,
ընկերային
պայմաններուն,
մանաւանդ
գրական
հասկացողութեան
պայծառ
տախտակներ։
Ուսուցչութիւնը,
հեռու
ասպարէզ
մը
ըլլալէ
-
մօտ
դար
մը
վերջ
այդ
տղուն
պատանութենէն
տակաւին
ուսուցիչը
ամենէն
դժբախտ
մարդն
է
մեր
ընկերային
արժետախտակին
վրայ
—
տեսակ
մը
Նեսոսեան
պատմուճան
է
որով`
զգեստաւոր
պիտի
քրմանան
մեր
գրոց-բրոց
պատանիները,
տեսակ
մը
վիժուք
գործօնութեան
բոլոր
կեանքի
անյարմար
ծնողներուն
մօտ
դիտուած։
Տեսակ
մը
հացին,
աշխատանքին
խորհուրդը,
Կամսարական
պիտի
գրէր`
պատգամը։
Ուրիշ
բան
չըրին,
անոր
ժամանակակից
ուրիշներ,
նոյն
աւանդութիւններու
եւ
մտայնութեանց,
հոգեբանութեան
ծնունդ՝
Միհրան
Դուրեանը
(ապագային
Եղիշէ
պատրիարք),
Եղիան,
Չերազը
–
որ
զայն
երկարաձգելու
իմաստութիւնը
պիտի
վերածէր
իր
կարգին
անվերլուծելի
ուրիշ
ապիմաստութեան
մը,
յեղափոխական
գործիչի
այլապէս
դժուար
ըմբռնելի
այնքան
տարօրինակ
դերին,
—
Պէրպէրեանը
որ
իր
տաղանդն
իսկ
չվարանեցաւ
նետելու
նժարին
մէջ,
իր
անսպառ
կորովը
անօթի
փառքին
սպասեակը
յարդարելով:
Այս
անունները
անշուշտ
մեծ
անուններն
են
արեւմտահայ
գրականութեան
բայց
չեն
հերքեր
ասպարէզին
մեզայատուկ
ողբերգութիւնը։
Մտած
տեղը
չորցած
գտնող
այս
տղան,
միշտ
ի
խնդիր
հացին,
անշուշտ
որ
կը
մեծնայ
հիմա
մեր
նկատառման
մէջ
երբ
զինքը
կը
տեսնենք,
բզքտուած,
ծակծկուած
թոքերով,
բեմին
վրայ։
Ըսի
թէ
ինչ
ծանրածանր
հետեւանքներով
անցուցած
է
այդ
չարաշուք
փորձն
ալ
հացին
պայքարին։
Հոս
կանո՞ւխ՝
խօսիլ
այդ
խաղերուն
ըստեղծած
խանդավառութենէն.
—
տիրական
ճամբայ՝
դէպի
փառք։
Թերեւս։
Բայց
առիթը
կ՚օգտագործեմ
յայտնելու
իմ
ցաւը
որ
այդ
դժնդակ
փորձառութիւնը
գոն
է
չըլլայ
վարձատրուած
իրական
սեւեռումով
մը
[2]
։
Կը
խոստովանիմ
որ
Դուրեանին
անձնաւորութեան
յօրինումը
տառապագին
ճիգ
մը
կ՚արժէ
ինծի,
ոչ
անշուշտ
կենսագրական
տարրին
անբաւականութեանը
պատճառով,
այլ
այդ
տարրին
տարօրէն
հետեւակ,
դժնդակ
հանգամանքներուն
համար։
Կարծես
անոր
գործը,
շատ
կանուխէն,
մանաւանդ
յաջորդ
տասամեակին
իսկ
հալեցուցած,
անհետացուցած
էր
զինքը
հեղինակողը,
ըլլալու
համար
միս
մինակ,
ինքնաբաւ
ու
անկարօտ
որեւէ
նպաստի։
Յետոյ,
միւս
կողմէն,
գրական
գործի
մը
մէջ
բանաստեղծականին
նկարագիրն
է
գրական
անձնաւորութիւը
երկրորդական
ընծայել:
Մկրտիչ
Պէշիկթաշլեան,
մեծ
անուն
մը,
իր
ինքնութիւնը
կ՚արժեւորէ
իր
դերին
մէջ։
Իր
ձախող
թատրոնները,
իր
հարիւրէ
աւելի
փառաբանուած
բանաստեղծութիւններէն
ամենէն
անտանելիները
եղան
իր
փառքին
գործաւորները։
Այն
քերթուածները
որոնք
այդ
անունը
կ՚ազատագրեն
սակայն,
ու
մեր
հիացման
կը
պարտադրեն,
անոր
կեանքին
մէջ
մութին
հիւսուող
տռամայի
մը
գինն
են։
Պէշիկթաշլեանի
անձը
այդ
թիւով
տասնեակը
հազիւ
անցնող
կտորներուն
ներսը
ապաստանած
է:
Ըսել
կ՚ուզեմ՝
մեզի
համար
անոր
փառքը
այսօր
հանգչած
մոխիր
մըն
է,
յօրինուած
թատրոններէն,
երգերէն,
դերէն.
անոր
ապրող
անձնաւորութիւնը
ուրիշ
տեղ
է:
Ո՞ւր՝
Պետրոս
Դուրեանին
անձնաւորութիւնը։
Իր
նամակներէն
(որոնք
ոեւէ
հեղինակի
ամենէն
անկորուստ
անձնամասերը
խնայած
կ՚ըլլան
միշտ,
ու
իբր
այդ
ամենէն
թանկագին
փաստերը
կուտան
այդ
հեղինակին
անձնաւորութենէն),
դժբախտութիւն
է
որ
դարձեալ
վերակազմելի
չըլլայ
այդ
անձնաւորութիւնը:
Իրաո
եթէ
անոնք
շատ
սեղմ
շրջանակէ
մը
կուգան,
այսինքն
այն
քանի
մը
ամիսներէն
ուր
անիկա
մահիճն
ունի
իրեն
աշխարհ
ու
«մոխիր,
յիշատակ»
իր
երիտասարդութեան
փառքէն,
ինք
պիտի
ըսէր՝
արշալոյսէն։
Չէք
կրնար
հաւատալ
իմացական
այդ
պարզութեան,
խօսքի
այդ
համեստութեան,
աղքատութեան։
Ոչ
մէկ
հա՛րց։
Ոչ
մէկ
դէ՛մք։
Ոչ
իսկ
լման,
ի՜նքը.
թերեւս
անոր
համար
քերթուածները
տակաւ
կը
քամեն
այդ
անձին
իսկանիւթը,
ասոր
գոյաւորման
աստիճանովը։
Ու
շրջուած
զոհի
մը
դժնդակ,
յուզիչ
պատկերը։
Թէեւ
գեղեցիկ,
բայց
մանկունակ
փառասիրութեան
մը
ծնունդ
է
անոնցմէ
մէկը,
այդ
օրերու
մեծազօր
եպիսկոպոսի
մը
ուղղուած
(Խորէն
Նար–Պէյ),
ուր
կը
ջանայ
եպիսկոպոս
ու
գրեթէ
պսակաւոր
քերթող
ու
հետաքրքրել
իր
ճակատագրով։
Միւսներուն
մէջ՝
իր
ցաւն
է,
նիւթ,
ինչպէս
արտայայտութիւն,
ամբողջովին
անգայտացած,
զուրկ`
մեզ
յուզող
մանրամասնութիւններէ
որոնք
այդ
գիծէ
տռամաներու
մէջ
այնքան
բարձրորակ
վկայութիւններ
կը
կազմեն,
գրականէն
դուրս։
Երբ,
իրեն
ախտակից
Տիգրան
Երկաթ,
իր
մօրը
նամակներուն
մէջ
(յիշուած
Կէրտունէ)
իր
ցաւը
կը
ջանայ
թելադրել,
հեռու
Պոլիսին
մէջ
թերեւս
իր
ցաւն
ու
հաճոյքներուն
մէջ
ընդարմացած
իր
մօրը,
ի՜նչ
բնականութեամբ
կը
գտնէ
հարազատ
թոնը,
նօթը,
շեշտը
որոնք
մարդ
մը,
միջավայր
մը,
մտայնութիւն
մը
կը
կերպադրեն։
Յետոյ,
երբ
իջնենք
մինչեւ
իր
օրերը,
կենալու
համար
անհուն
խանդավառութեան
առջեւ
որով
պարուրուած
ապրեցաւ
իրեն
վիճակակից
միւս
քերթողը
(Մ.
Պէշիկթաշլեան),
մենք
կ՚ունենանք
սրտի
ճմլում
ոչ
անշուշտ
Իւսկիւտարի
հիւանդը
պարուրող
նոյնքան
շքեղ,
փառաւոր
լքումէն,
այլ
ճակատագրէն
իսկ
Դուրեանին
որ
ոչ
ոք
ունեցաւ
իր
«սրտին
նայելու»։
Վենետիկին
տեղ,
այդ
տղու
իմացական
խանձարուրը
կը
բացուի
երկաթագործին
բնական
անճարակութեան
մէջ։
Ընդոծին
հպարտութիւնը
մեր
արհեստաւորին
թերեւս
անուղղակի
ազդակ
մըն
ալ՝
որպէսզի
բոլոր
ճամբաները
գոցուին,
բոլոր
սիրտերը
մոռնան,
նոյնիսկ
զօրաւոր
խանդի
պահերէ
վերջը
այդ
տաղերուն,
ու
այդ
թատերական
յաղթանակներուն
վախկոտ
հեղինակը։
Իմացական
սա
զրկանքը
(հակառակ
անոր
որ
իր
մեծ
եղբայրը
քիչ
շատ
հրապարակի
մարդ
մըն
է,
թերթերու
մէջ
յօդուած
գրող
ու
թերթէ
մըն
ալ
խմբագիր,
որ
ընտանեկան
անճարակութիւնը
անբաւական
է
մնացած
խորտակելու)
մեզ
կը
համակէ
խորունկ
յուզումով։
Թէ
Դուրեան
հանճար
մըն
է,
մանուկի
մը
չափ
անխելք,
ատիկա
ցոյց
կուտայ
սա
հիմնական
անճարակութիւնը։
Կենսագիրները
կը
խօսին
անոր
խաղերով
ստեղծուած
խանդավառութենէն,
հանդէսներու
մէջ
իր
քերթուածներուն
վայելած
վարկէն
[3]:
Ազգայնական
իր
քանի
մը
քերթուածները
(Իղձք,
Ի
պատրիարքական
ընտրութիւն
Ամեն.
Հայրիկի,
Հայրիկն
Հայոց,
Երգ
մարտին
Վարդանանց,
Վիշտ
Հայուն),
ոմանք,
ըսի,
հանդիսական,
առիթներու
համար
տաղաչափուած,
ուրիշներ՝
օրուան
խուլ
յոյզերուն,
ըղձաւորութեանց
անգիտակից
անդրադարձում,
բերի՞ն
այդ
տղուն
ինչ
որ
թելադրիչն
է
նման
ամբոխներգութիւններու,
այսինքն
սանկ
օրուան
մարդը
ըլլալու
մանկունակ
գոհունակութիւնը։
Կը
կասկածիմ։
Անշուշտ
անոնք
Պետրոս
Զըմպայեանը
սրբագրեցին
Պետրոս
Դուրեան
մակդիրի
մը
շնորհով,
բայց
մնացին
հիմնովին
անբաւական
ցամաք
հացն
իսկ
հայթայթելու
արհեստաւորին
զրկալից
ընտանիքին:
Այնքան
փորձերէ
վերջ,
գրականութեամբ
այդ
հացը
շահելու
արկածախնդրութիւնը
արդէն
դուրս
է
մեր
ջուրերէն։
Կը
յիշեմ
այս
ամէնը՝
ոչ
անշուշտ
անձ
մը
յօրինելու
փառախնդրութեամբ
—
ըսի
թէ
Դուրեանին
անձնաւորութիւնը
անխառն
բանաստեղծութեան
կալուածին
կը
պատկանի
եւ
հոն
միայն
փորձելի
գեղեցկութիւն
մը
կը
մնայ
—
այլ
այն
գլխաւոր
դերին
համար
զոր
սա
իրարու
յաջորդող
դժբախտութիւնները
կատարեցին
անոր
տաղանդին
ազնուացման
ինչպէս
քայքայման
մէջ։
Անոր
երգին
թախծագին
ջերմութիւնը,
խտութիւնը,
անոր
ցաւին
հոծութիւնը
ու
անոր
քերթողական
բարեխառնութեան
արտակարգ
հաղորդականութիւնը
որոշ
մասերով
մենք
կը
մնանք
պարտական
սա
օր
մը
արեւ
հազիւ
վայելած
կեանքին
դառնութիւններուն։
Ու
իբր
թէ
այս
ամէնը
ըլլային
անբաւական։
Կը
միջամտէ
ճակատագիրը,
-
խուլ,
անողոք,
աննահանջ։
Անպատմելի
ողբերգութիւն
մըն
է
անոր
հիւծախտը։
60–70
տարի
առաջ,
մերձաււոր
արեւելքը,
գլխաւորապէս
Պոլիսը
ու
իր
մերձավայր
հնօրեայ
ոստանները
(թուրքերուն
կանանոցները,
անարեւ
արգելարանները
ուր
կիները
կը
յղուին
մեղմանալու,
նրբանալու,
դալկանալու
եւ
հիւծախտով
մեռնելու)
այդ
հիւանդութեան
համար
կազմեցին
գերազանց
արձակարան
մը,
ինչպես
էին
երեսուն-քառասուն
տարի
առաջ
Գորսիքան,
Եգիպտոսը,
ինչպէս
էր
Ֆրանսան
առաջին
մեծ
պատերազմէն
առաջ։
1900ին,
Պրուսիայի
մէջ
ամէն
պատանի,
տասնըհինգէն
անցած
շրջանին,
զարհուրանքին
տակն
էր
հազին
ու
քրտինքին։
Տուներ
կը
պարպուէին,
ու
զոհերը
կ՚ըլլային
ամենէն
նրբենի,
իմաստուն,
շնորհալից
պայմաններն
ու
պարմանուհիները։
Պոլի՞ս,
Դուրեանի
պատանութեան։
Կը
տարածեմ
իմ
փաստը
դէպի
ետ։`
Քոխէն
առա՜ջ:
Այսօր
հիւանդութիւնը
կը
թուի
ըլլալ
ընտանեցած։
Հիմա
անձնասպանութեան
ախորժանք
մըն
է
անիկա։
Կամաւոր
յարձակո՞ւմ
մը
հիւանդութեան
վրայ։
Հէքեաթը
մեղմացած
է
սակայն։
Բուժարան։
Քիչիկ
մը
խելք,
զգաստութիւն
կը
սրբագրեն
ճակատագիրը
որ
Դուրեանի
օրերուն
խուլ
է,
անողոք,
աննահանջ,
ըսի
ատիկա։
Տունի
մը
վերեւ
անիկա
այդ
ճակատագիրն
իսկ
էր:
Պարպուող
տուներէն
խօսեցայ
ձեզի:
Ես
ունիմ
անմոռանալի
պատկերներ:
Մէկ
տունէն
ես
գերեզման
առաջնորդեցի
իրարմէ
աղուոր
վեց
զաւակ,
երեքը
մանչ,
երեքը
աղջիկ,
տասնըհինգը
մտնող
բայց
զայն
դաւադրող։
Պրուսա՜ն։
Անշուշտ։
Ու
Պոլիսը։
Անշուշտ։
Կը
յիշեմ
Յարութիւնին
ալ
(մեծ
եղբայրը
բանաստեղծին)
նոյն
ցաւով
հող
իջեալը,
Դուրեանէն
տարի
մը
վերջ։
Դուրեանին
հիւանդութիւնը
վերլուծելու
—
ոչ
հարկաւ
ախտաբանութենէն
վերցուած
թէքնիք
նկարագրումներ
շահագործելով
—
ցանկութիւն
մը`
այս
ուսումնասիրութեան
մէջ
թերեւս
անտեղի
շեղում
մը
պիտի
դառնար,
քանի
որ
իր
գործէն
հիւանդի
մը
հոգեբանութիւնը
մնացած
է
շատ
տարտամ,
թիփիկ,
ապրուած
մանրամասնութիւններէ
անդարմանելի
աղքատութեամբ
մը:
Այդ
հիւանդութիւնը
Մ.
Պէշիկթաշլեանին
մօտ
ընկերային
արտայայտութեանց
առիթ,
Դուրեանին
համար
միակտուր
ողբերգութիւն
է։
Պէշիկթաշլեան
այդ
հիւանդութեան,
ըսել
կ՚ուզեմ՝
անով
պայմանաւոր
արգահատանքին,
գուրգուրանքին,
բարձր
պաշտպանութեան
ու
անոր
թաքուն,
ներքին
աւերումներուն
կը
մնայ
պարտական
իր
մէկ
քանի
գլուխ-գործոց
քերթուածները։
Առ
զեփիւռն
Ալէմտաղին
չէր
գրուէր
առանց
հիւծախտին
սրսփուքներուն,
գելումներուն,
կարօտներուն։
Նոյնիսկ
Հեծեծմունքը
(Պ.
Դուրեան)
մեզի
չի
թելադրեր
«երկինքի
հիւանդութեան»
խուլ
զգայնութիւնը,
որով
կը
դողդղան
իր
նամակները։
Անշուշտ
աւելորդ
է
հոս
ծանրանալ
հիւանդութեան
յընդհանուրն,
ինչպէս
կ՚ըսեն,
անոր
խառնուածքին
վրայ
առաջացուցած
մասնակի
տրամադրութիւններէ։
Հիւանդութիւնը
հետեւանք
մըն
է
ու
քիչ
անգամ
ազդակ,
որով
եւ
ոչ–անհրաժեշտ՝
գրական
գործ
մը
լուսաւորելու:
Պ.
Դուրեան
Եղիային
վերլուծումները
(իր
ներքին
խռովքներէն,
Մոնազն
ստորագրութեամբ)
չէ
ձգած
մեզի։
Միւս
կողմէն,
հիւանդ
ու
կործանած,
անիկա
առնուազն
հացին
համար
խառնուած
է
շրջանին
բոլոր
յոյզերուն։
Ուրիշ
առիթներով
ես
տուեր
եմ
մեր
1870ը։
Հոս
ինքզինքս
չեմ
կրկներ։
Կը
մնայ
հաստատել
որ
երկու
այդ
վիճակներուն
ծանր
կշիռը
Դուրեանին
գործին
մէջ
տուած
է
հակադիր
արդիւնք։
Անշուշտ
սխալ
պիտի
ըլլար
Դուրեանին
տաղարանին
հիմնական
թելադրանքը
սահմանափակել
հիւանդով
եւ
ազգային
մուսային
դարպասող
երիտասարդի
մը
հոգեխառնութեան։
Բայց
իրողութիւն
է
որ
առանց
հիւծախտին
չէր
գրուեր
Լճակը։
Ու
նոյնքան
դժբախտ
ստուգութիւն
է
որ
առանց
1870ի
հռետորական
մոլուցքին
չէր
գրուեր
Հայրիկն
Հայոցը։
Անցած
է
ժամանակը։
Աւելի
դառն,
մեծատարած
կսկիծներ
մենք
կը
կրենք
մեր
հոգիներուն
խորը,
անքակտելի
կերպով
մը
հոն
տեղաւորուած,
որպէսզի
եպիսկոպոսներուն
գահ
մը
ելլել
կամ
իջնելը
առնէինք
մեզի
մօթիֆ։
Նոյնպէս
լռած
է
մահիճին
ողբերգութիւնը,
մեղմացած`
«աննշան
չմնացող
»
գերեզմանին
սուգը։
Օտար
ենք
այդ
Պոլիսին,
անոր
թրքուհիներուն
հրապոյրը
քնարերգական
զեղումներու
առիթ
առնելու
համար:
Նոճիները,
արշալոյսները,
փթիթները,
գարունները,
սոխակները
կարծես
մեռած
են
մեր
սերունդին,
նորերուն,
նորագոյններուն
ջիղերուն
վրայ:
Ու
մե՜նք
բանաստեղծութիւնն
ու
թատրոնը
մօտիկ՝
արհամարհելու։
Ամբոխային
երգը,
սինեման,
հազն
ու
հանդիսական
ոտանաւորը
կը
կշտացնեն
մեր
հասարակութիւնը,
հայրենիքէն
ինչպէս
սփիւռքէն:
Բայց
ահա
եւ
անծածկելին։
Ամէն
տղայ,
տասնըհինգի
դռներուն,
այդ
պատանքին
տաղարանին
մէջ
իր
մուտքը
պիտի
պահէ
մտքին՝
իբրեւ
թուական
մը։
Քիչ
են
նման
թելադրանքով
հեղինակներ:
Բանաստեղծի
մը
համար
այս
պարագան
համազօր
է
բացառիկ
կենդանութեան,
բախտաւոր
բառով
մը՝
արդիութեան։
Այս
է
թերեւս
պատճառը
որ
Դուրեանին
գործը
չըլլայ
վերլուծել
այն
օրէնքներով,
ձեւերով
որոնք
կիրարկելի
են
իր
սերունդէն
ուրիշ
նոյնքան
մեծահամբաւ
միութիւններու
համար:
Ալիշան
մը
հաստատ
վերլուծման
կ՚ենթարկուի
առանց
շահի
ու
տոյժի:
Գրականութեանց
պատմիչը
անոր
գործերը
իբրեւ
մասեր
կը
հասկնայ
օր
մը
կենդանի,
այսօր
դադրած
մտավիճակներէ։
Չի
տառապիր
անոր
անբաւականութեամբը,
վասնզի
մեռելները
եւ
ողջերը
չեն
դատուիր
նոյն
օրէնքներով։
Ոչ
մէկ
միջոց,
մեր
օրերուն,
մեզ
պիտի
մղէր
զիջումի
Ալիշանի
քերթողական
վաստակին,
հակառակ
անոր
որ
դար
մը
առաջ
այդ
վաստակը
միակտուր
փառքն
էր,
մեծութիւնը։
Դուրեան
մեր
օրերուն
տղան
է։
Էր
անիկա
իմ
սերունդին
ալ
տղան
ու
կը
հաւատամ
որ
սփիւռքի
իրաւ
խառնուածքով
պատանիները
զայն
արհամարհելու
քաջութիւնը
չեն
համարձակիր
վերածել
իրենց
ինքնատպային
ցուցադրանքին,
պարզապէս
սրբապղծութենէ
մը
վախնալնուն,
ինչ
որ
կը
նշանակէ
դարձեալ
թէ
այդ
դիւանը
կը
նուաճէ
զիրենք։
Քննադատին
մատչելի
են
Դուրեանին
թերութիւնները,
մեղքերը,
կորանքները,
այս
անգամ
շրջանային
ազդեցութիւններու
արգասիք
ու
կնիք։
Անոր
արժանիքը
վեր
է
քննադատէն,
եթէ
երբեք
դերասան
մը
կամ
անտանելի
մեծամիտ
մը
չէ
այս
շուրջառին
տակ
արարողը։
Ինքը
իրեն
միայն
պատասխանատու,
խորհրդաւոր,
դժուար
սեւեռելի
երեւոյթ
մըն
է
անիկա։
Զայն
հասկնալ
փորձել
պատմա-կենսագրական
մեթոտով՝
զբաղել
է
բանաստեղծէն
դուրս,
երկրորդական,
չորրորդական
ազդակներով
որոնք
ազգային
պատմութեան
համար
կ՚ընծայէին
լուրջ
շահեկանութիւն
հայց
հարկադրաբար
պիտի
մնային
անբաւական`
բանաստեղծը
սեւեռելու:
Աւելի՛ն,
ատիկա
պիտի
նշանակէր
զառածիլ
նուազումներուն,
տկարութիւններուն
փաստովը։
Մենք
որքան
դիւրաւ
կը
գտնենք
մեր
ուզածները
գործի
մը
մէջ
ու
որքան
դժուար
կ՚ընդունինք
ասոնց
պակասը
դարձեալ:
Բաւ
է
ինծի
ըսել
թէ
զայն
սիրել
չկրնալը
—
որքան
շատ
է
թիւը
այդ
երիտասարդներուն,
սփիւռքին
ինչպէս
հայրենիքին
մէջ,
այս
մեղքով
հպարտ
—
հոմանիշ
է
հզօր
փղշտացիութեան
մը,
արուեստի
զգայարանքէն
հիմնովին
անմասն
դժբախտ
ծնունդի
մը։
Կրնանք
անոր
տողը,
թէքնիքը,
քերթողականը
դատել,
նոյնիսկ
քննադատել:
Ատոր
համար
ողջ
ըլլան
լրագիրը,
դասագիրքերը,
ուղղափառ
codexները:
Բայց
բոլոր
մեր
փաստերը
սահմանուած
են
փոշի
դառնալու
անոր
ստեղծումէն
այլեւս
բիւրեղացած
փառքին
առջեւ:
Դուրեանի
գործը
բիւրեղացած
Դուրեան
մըն
է,
իր
յաջողակ
մասին
մէջ։
Անոր
ձախող
քերթուածները,
թատրերգութիւնները
ես
սրտի
մեծ
հանդարտութեամբ
կը
փոխանցեմ
իր
ժամանակին
ու
անոր
դիւաններուն։
Երկու
տարիով
կը
բաժնուին
իրարմէ
Քնար
պանդխտինը
եւ
Դուրեանը։
1874ին
թէ
1875ին
լոյս
է
տեսած
Ստուերք
Հայկականքը։
*
*
*
Պետրոս
Դուրեանի
գործը,
բաղդատուած
իրեն
շնորհուած
ժամանակին,
իբրեւ
ծաւալ
հաւասար
կուգայ
Մ.
Պէշիկթաշլեանի
վաստակին։
Անիկա
կը
բաղկանայ
քերթուածներէ,
խաղերէ,
ցանցառ
արձակներէ
(նամակ,
դամբանական)։
Այս
արդիւնքէն
արեւմտահայ
գրականութիւնը,
ու
ասոր
ճամբով՝
հայ
գրականութիւնը
հպարտութիւնն
ունի
բացառիկ
յարգանքով
արժեւորելու
քերթուածները
որոնք
առաջին
անգամ
համախմբուած
են
Տաղք
եւ
Թատրերգութիւնք
անունին
տակ,
հրատարակուած՝
համակիրներու
ջանքով,
մահուան
իսկ
տարին:
1892ին
Պոլսեցի
քահանան
վերհրատարակած
է
հատորը,
անկէ
զեղչելով
ազգայնական
ոտանաւորները
եւ
խաղերը,
գրաքննութեան
արգելքով,
բայց
տեղ
տուած՝
անոր
նամակներուն։
Աւելի
յետոյ,
զանազան
ձեռնարկուներ,
անշուշտ
առեւտրական
նկատումներով,
իրենց
պահուն
յարմար
ձեւերով
փունջեր
կազմած
են
այդ
տաղարանէն։
1872ի
հատորին
մէջ
խմբուած
թատրերգութիւնները
(Թատրոն
կամ
Թշուառներ,
թատրերգութիւն
հինգ
արար,
Uեւ
Հողեր
կամ
Յետին
Գիշեր
Արարատեան,
ողբերգութիւն
երեք
արար,
Ասպատակութիւնք
Պարսկաց
ի
Հայս
կամ
Աւերումն
Անի
մայրաքաղաքի
Բագրատունեաց,
թատրերգութիւն
հինգ
արար,
Վարդ
եւ
Շուշան
կամ
Հովիւք
Մաuեաց,
թատրերգութիւն
չորս
արար,
Անկումն
Արշակունի
Հարստութեան
թատրերգութիւն
հինգ
արար)
ու
նաեւ
անոնք
որոնց
յիշատակութիւնը
կ՚ընէ
հատորին
նախաբանը,
Տիգրան
Երկրորդ,
Կործանումն
Հռովմայ
եւ
Նահատակութիւնք
Հայոց,
որոնք
չեն
առնուած
հատորէն
ներս,
տպագրական,
այսինքն
տնտեսական
նկատումներով
հաւանաբար,
Արտաշէս
Աշխարհակալը
(որ
լոյս
է
տեսած
Թիֆլիս,
1900էն
վերջ,
հանդէսի
մը
մէջ),
Միքայէլ
Նալպանտեանց
զոր
տեսած
եմ
սեւագրեալ
վիճակով
Դուրեանի
ձեռագիրներուն
մէջ,
կը
կազմեն
բաւական
ընդարձակ
աշխատանք
մը
որուն
առած
նիւթական
սպառումը
կը
խորհիմ
թէ
չարաշուք
ալ
դեր
է
ունեցած,
անոր
հիւանդութիւնը
զայրագնող
ու
մահը
փութացընող։
1892ի
հատորին
մէջ`
նամակներ
ու
դամբանական
մը։
Այս
թուումին
թելադրա՞նքը։
—
Ան
որ
Պետրոս
Դուրեան,
տարիներու
շատ
քիչ
թիւի
մը
վրայ
ըրած
է
ինչ
որ
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեան
պիտի
ընէր
քսանի
մօտեցող
տարիներու
գումարի
մը
վրայ
(Հիսարեանի
Բանասէրին
մէջ
լոյս
է
տեսած
Մկրտիչ
Պեշիկթաշլեանի
առաջին
ոտանաւորը,
1851ին։
Բազմավէպ
ունի՞
ատկէ
կանուխ
քերթուածներ
անկէ:
Չեմ
յիշեր)։
Ուրի՞շ
թելադրանք։
—
Ատիկա
ստեղծագործութեան
տագնապ
մըն
է,
տարերային,
լայն,
աղետաւոր՝
Դուրեանի
պակսող
ուժերուն
համար։
Տարիներու
այդքան
քիչ
թիւի
[4]
մը
վրայ,
տասնէն
աւելի
խաղերու
ճարտարապետու.
թիւնը
իբրեւ
փաստ
ինքզինքը
կը
պարտադրէ
սակայն
քանի
որ,
այդ
բռնավաստակը,
այդ
չարաշուք
արտադրութիւնն
է
որ
պիտի
ընէ
հասկնալի
թէ
ինչո՜ւ
մեր
ամենէն
իրաւ,
հանճարային
քերթողը
ըլլայ
մեզի
ձգած
այդքան
վտիտ
դիւան
մը
հարազատ
բանաստեղծութեան։
Անշուշտ
որ
իր
կանխահասութիւնը
բացառիկ
է
որքան
բացարձակ։
Բայց
իր
անկողինը
կանխող
երկու
երեք
տարիները
(1869ին
անոր
կուրծքը
կը
սկսին
պատռտել
հիւծախտին
միքրոպները)
անիկա
տրամադրած
է
մեր
հրապարակին,
որ
իր
զոհը
կ՚ուզէր
թատրերգութեան
ձեւով,
այդ
օրերուն,
ինչպէս
աւելի
վերջը
ուզեց
զայն
խմբագրական
կարիքներու
ի
սպաս։
Աւելի
անդին,
վերլուծում
տխուր
պարտքին
տակն
է
կշռելու
սա
վերագրումին
ամբողջ
եղերականութիւնը։
Խմբագրութիւն,
վարդապետութիւն,
կուսակցական
աշխատանք
այսօր
դահիճներն
են
հայ
գրողին։
Երեք
քառորդ
դար
առաջ,
թատրոնը
կը
կատարէր
այդ
նսեմ
աշխատանքը,
սպաննելու
մեր
բանաստեղծները։
[1]
Ինծի
կուգայ
թէ
Համապատկերի
ընթացքին
աւելորդ
չեն
անձնական
վկայութիւնները:
Նման
յուզումի
պահ
մը
ապրած
եմ
ես,
իմ
կարգին,
այցելութենէ
մը
որ
տեղի
կ՚ունենար
1898ին։
Այցելութիւնը
կուտային
Գրիգոր
Զոհրապ
եւ
Հրանդ
Ասատուր
(1898),
Պրուսա,
ազգային
վարժարան,
իմ
ուսանողութիւնը
եղած
է
բացառիկ.
տարիին
կէսը
գիւղը,
միւս
կէսը
քաղաքը։
Պատմեր
եմ
թէ
ինչ
եմ
սորվեր
գեղէն
ինչպէս
քաղաքէն։
Ինծի
ըսին
թէ
գրագէտներ
էին
եկողները
ու
տարազին
իմաստը
անամբողջ
էր
իմ
խակ
մտքին։
Բայց
գրագէտ
ըլլալէ
առաջ,
եկողները
մարդեր
էին։
Աչքիս
առջին
են
երկու
փարթամ
մարդերը
(անկէ
վերջ,
Պոլիս,
այդ
մարդերուն
հետ
իմ
յարաբերութիւններս
չազատեցան
սկըզբնական
այդ
տպաւորութենէն)։
Պիրկ,
մաթ,
խորունկ
միսերով
ու
ծանր
մոյնքով՝
Զօհրապ
որ
տղոց
տետրակները
խառնելու
ատենն
իսկ
կը
մատնէր
բազմամակարդակ
տեսողութեան,
արագ
թափանցումին,
քանի
մը
տպաւորութիւն
նոյն
ժամանակ
առնելու
եւ
տալու
շեշտ
հակում
մը,
խօսելով,
զննելով,
հասկնալով
նոյն
նայուածքին
մէջ։
Փաստաբանը
հրապոյր
մըն
էր
ու
հէքեաթ
մը,
ու
գիտէք
որ
մէկն
էր
անոնցմէ։
Տեսնելու,
դատելու,
ապրելու
իր
արագութիւնը
իր
կենսագիրները
բաւարար
չափով
չեն
շեշտած,
Զօհրապին
մօտ
Հրանդը
ողորկ,
օծուն,
ներդաշնակ,
գրեթէ
էգ։
Որուն
թաւ,
լեցուն
դէմքը
կը
թուէր
փրցուած
ըլլալ
տաճկական
դիւանի
մը
նախագահական
աթոռէն։
Մութ
բայց
հանդարտ
ձգողութիւն
մը
կ՚արտայայտէր
այդ
հայրական
նայուածքը,
միւսին
խռովիչ,
յուզող
հրապոյրին
մօտիկը
դրուած։
Կը
նայէին
մեր
վրայ,
երկուքով։
Կը
յիշեմ
որ
վերջընթեր
դասարանն
էինք
այդ
տարին,
դասարանը
որ
դպրոցին
մէջ
վարկ
ունէր
իր
շարադրութիւններովը,
բոլորն
ալ
իմ
գրչէն
ելած
—
քաղաքացիները
հազիւ
կը
խօսէին
մեր
լեզուն
—
ու
տղոց
տրամադրուած,
խորունկ
զանազանութեամբ
մը,
ուսուցիչը
պահելու
չափ
անծակ
պատրանքի
մէջ։
Զօհրապ
կարդացե՞ր
էր
մեր
տետրակները,
երբ
տեսչարանէն,
տրցակը
ձեռքը,
կը
մտնէր
դասարան։
Քաղցր
էր
ու
ճառագայթուն։
Ու
պարտաւոր
եմ
ըսել
տրտում
բաներ։
Իմ
ընկերները,
բոլորն
ալ
արհեստաւորներու
տղաք
—
հարուստները
օտարներ
կը
ղրկէին
իրենց
զաւակները
այն
ատեն
ալ
ինչպես
հիմա
-
պարզ,
լուրջ
ու
գրեթէ
տրտում
տղաք
էին,
բայց
բոլորն
ալ
ներկայանալի
արտաքինով
մը,
քանի
որ
հագած
էին
զգեստներ,
որոնցմէ
չէին
ամչնար։
Գործածեցի
իմ
յանդգնութիւնը,
աթոռ
բերելու
պատրուակին
տակ,
դուրս
նետուելու
եւ
անյայտանալու։
Իմ
զգեստները,
գիւղին
կնիքովը,
քաղքենի
չէին
դարձած
ու
կը
վիրաւորէին
իմ
արժանիքները,
կռիւներ,
անդադար,
այդ
զգեստներ
արժած
էին
ինծի,
մինչեւ
որ
դասարանը
իր
երախտագիտութիւնը
կը
մատուցանէր…
լռելով
անոնցմէ։
Իրիկուան
մօտ
իմացայ
որ
Զօհրապ
հաւնած
էր
տետրակ
մը
ու
զայն
տուեր
Հրանդին։
Հետաքրքրութիւն։
Հեղինակը
բե՜մ ...
։
Գլուխս
առած
շունչս
տուն
էի
տարեր
մէկ
կտոր։
Յաջորդ
առտուն
դասարանը
կը
պատմէր
պատահարը
երբ
կառավարիչ
պարոնին
մատը
զիս
կը
հրաւիրէ
դուրս։
Կը
յանձնուէի
մէկ
աչքը
կոյր
գիւղացիին
որ
զիս
տարաւ
քաղաքին
գոց
շուկան,
պատրաստ
հագուստներուն
վաճառատունը։
Սրտադող
կը
մտնենք
ներս։
Առին
իմ
կռնակէն
գեղ
հոտող
իմ
ճաքէթը
որ
չէր
հինցած:
Ինծի
հագցուցին
քաղքցի
պատանեկի
մը
զգեստը։
Իմ
դպրոց
դարձը
որքան
ալ
տխուր
—
տասնըհինգ
տարեկան
էի
ու
կը
զգայի
կատարուածը
—
խուլ
ուրախութիւն
մը
կը
դնէր
իմ
կերպարանքիս։
Տեսչարան։
Հոն
էին
երէկուան
այցելուները:
Զօհրապ
ըսաւ
ինծի.
«Կարդացի
գրածդ:
Եթէ
կորսուիս՝
մեղքը
վզիդ»։
Յանձնարարեց
միշտ,
նեղ
օրերուն,
յիշել
իր
խօսքն
ու
այցելութիւնը:
Պէտք
եմ
խոստովանիլ
որ
կորուստի
բոլոր
առիթներուն
այդ
մարդուն
ստուերը
բուսաւ
իմ
կուշտին։
Ո՞վ
էր
հեղինակը
այս
սրտառուչ
յուզումին,
Տուն
դառնալու
համար
օ՜րը
որ
տարի
էր
դարձեր:
Մամա՛ս
որ
չէր
կրնար
հաւատալ
իր
աչքերուն,
գեղացի
լաճին
տեղ
դէմը
քաղքցի
պատանիկ
մը
գտնելով։
Այդ
իրկուն
ես
կրցայ
առանց
ամօթի
խաղալ
մեր
բաթրոնին
տղուն
հետ,
խօսեցայ
հրեշտակէ
մը
աւելի
գեղեցիկ,
պուպրիկ
անոր
քրոջը
հետ։
Շաբաթ
մը
հերոսն
էի
դպրոցին,
Համբա՜ւ։
Այդքան
կ՚ըլլար:
Oշական,
իր
պատանութեան
մէջ,
գոնէ
անգամ
մը
գտած
է
այդ
կախարդական
պարիկը:
Կանխահասութիւնը
կապուած
է
այս
կարգէ
ապրումներու։
Ոչ
մէկ
դժուարութիւն
կը
զգամ,
հիմա,
այս
ամէնը
նոյնութեամբ
փոխադրելու
Պետրոս
Դուրեանին
անօթի
պատանութեան,
դիզելով՝
հանճարին
ալ
փուշ-պսակը,
իր
հաշւոյն։
[2]
Պետրոս
Դուրեանի
թատերական
գործին
մէջ
Թշուառները,
ամենէն
յաջող
շարքին,
կը
թուի
ըլալ
թելադրուած
դերասանական
սա
փորձառութենէն։
Այդ
խաղին
մէջ
քանի
մը
իրաւ
տեսարան,
մանաւանդ
թատերական
տիալոկ,
կուգան
դերասաններէ,
բայց
որքան
անբաւարար՝
իրաւ
մարդեր,
իրաւ
ապրումներ
ընդմիշտ
նուաճելու
փառասիրութեան
մը։
[3]
ԹԷ՛
իր
խաղերը,
թէ՛
իր
աւուր
պատշաճի
քերթուածները,
իր
տաղարանին
մէջ
մեզի
չեն
խօսիր
այն
շատ
ընդարձակ
խռովքներէն
որոնք
ծնունդն
էին
սա
անհաւատալի
տղուն։
Կը
պատմեն
թէ
պսակաւոր
քերթող
ու
մեծ
թատրերգակ
Մ.
Պէշիկթաշլեան
անոր
խաղերէն
մէկուն
ներկայացմանը
(հաւանաբար
1867ին,
քանի
որ
Օրթագեղի
քերթողը
աչքերը
փակած
է
1868ին)
ըլլայ
արտասանած
նշանաւոր
վճիռը։
«Այս
տղան
ինձմէ
ալ
մեծ
պիտի
ըլլայ»:
Ի՞նչն
ունէր
նկատի
այս
խօսքերը
ըսած
պահուն
Դուրեանին
տաղանդէն,
—
հաւանաբար
ոչինչ,
եթէ
ոչ
ամբոխին
խորունկ,
երախտագիտական
յուզումը,
մանկատի
պատանիէ
մը
անսպասելի
այդ
կառոյցներուն
նկատմամբ։
Մինաս
Չերազ
կը
ներկայացնէ
անզուգական
միամտութեան
մէջ,
այդ
օրերուն
ներքին
կիրքը,
երբ
կը
պատմէ
թէ
ինչպէս,
տասնըեօթամեայ
պատանեակ,
ազգային
սահմանադրութեան
մէկ
տարեդարձին
անիկա
խօսած
է
ծիծաղելի
ճառ
մը
բայց
որ
ծափահարուած
է
խելագար
խանդավառութեան
մէջ։
Կրնամ
իրողութիւնը
կրկնել
Պետրոս
Դուրեանին
ալ
համար։
Այդ
1870ը
խորունկ
տագնապանքներու
սկիզբ
մըն
է։
Ազգը
կը
հաւատայ
թէ
Վանէն
բերուած
եպիսկոպոս
մը
Պոլսոյ
պատրիարքութեան
գահին
վրայ,
պիտի
փարատէ,
մեր
ժողովուրդին
ցնորակերպ
տռաման։
1910ին
նոյն
հոգեբանութեամբ
է
որ
դիմաւորեց
այդ
Պոլիսը՝
Երուսաղէմի
աքսորեալը
(Իզմիրլեան
պատրիարք)
1870ին
Դուրեան
պիտի
նուիրէ
Վանեցի
պատրիարքին
մէկէ
աւելի
քերթուածներ։
Չեմ
կարծեր
որ
ինք
համարձակութիւնը
ունեցած
ըլլար
այդ
մեծարձակ
տողերը
հանդիսաւորելու,
պարտ
ու
պատշաճ
հռետորութեան
մը
մէջ։
[4]
Զեղչելու
ստիպուած
եմ
այդ՝
փոքր
թիւէն
տակաւին
1871ը,
քանի
որ
Դուրեան
գրեթէ
անկողինն
է,
անոր
ընթացքին
մէկ
կարեւոր
մասին։
1872ի
հրատարակութեան
յառաջաբանին
մէջ
սրտառուչ
է
որքան
միամիտ
խոստովանութիւնը
որուն
համեմատ
հիւանդ
Պետրոս
Դուրեան
բեմ
կ՚ելլէ…
խաղալու
այդ
տարիին
կէսին։
Բացէք
խոստովանութեան
թելադրանքները
ու
դուք
կը
մօտենաք
ողբերգութեան
ըմբռնումին։
Իրաւ
է
որ
լաւագոյն
քերթուածները
կը
կրեն
տարեթիւ
1871:
Բայց
անոնք
գրուած
են
ով
գիտէ
ինչ
հզօր
յուզումներու
իբր
անդրադարձ։
Աս
է
պատճառը
որպէսզի,
հակառակ
իրենց
ծանր
ռոմանթիզմին,
այդ
յաջողակ
քերթուածները
ըլլան
զերծ
ժամանակէն,
չթելադրեն
ասպարէզէն
տաղաչափը,
նոյնիսկ
տաղանդաւոր
քերթողը,
տան
անոր
հոգիէն
անվերածելի,
բայց
անկորուստ
ալ
քանդակներ:
Կ՚ենթադրեմ
թէ
ժամանակին
թերթերը,
հանդէսները
դժուարութեամբ
կ՚ընդունէին
այդ
անսովոր
տաղերը,
ուր
հրապարակին
ախորժակները
հիմնովին
կը
պակսին։
Յետոյ,
միակտուր,
անընդմէջ
քալած
է
հիւանդութիւնը,
անոր
զլանալու
համար
քերթուած
մը
կառուցանելու
բաւ
հանդարտութիւն
մը։
Մերձ
ի
մահ
գրուած
ենթագրութիւնը
Տրտունջքին
անշուշտ
Պէշիկթաշլեանին
նմանելու
փառասիրութենէ
մը
չի
գար,
քանի
որ
հանճարային
հուրքը
առած
տարած
է
բանաստեղծին
գրիչը,
նուաղումներու,
տկարացումներու
ընդմէջէն,
ծածկելով
ասոնք
ու
յաղթահարելով
մեր
տրամաբանութիւնը։
1870,
1869,
1868
տարիներ
են
ուր
քերթուածին
տեղ
թատրոնն
է
որ
կը
մսխէ
անոր
ուժերը։