Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

/10/ Արուեստագէտ սերունդին եւ իրապաշտներուն միջեւ հիմնական տարբերութիւն մը ըսեր եմ ատիկա ուրիշ տեղ արուեստի հասկացողութեան հիմնական տարբերութիւն մըն է։ Մինչ Արփիարեանի մը գործը, առանց իր կեանքին ընդաղօտ ճանաչումին, պիտի տուժէր իր ներքին արժէքէն, Չրաքեանի կեանքը դեռ մըն է, մեղք մը՝ անոր գործին գնահատման մէջ։ Արդարեւ, քիչ գործ, մեր մէջ, կը պարզէ սա ձրիութիւնը (Անտրէ Ժիտի տարազին կ՚ակնարկեմ), որ փաստէ մը աւելի է անոր վրայ։ Ու ընդարձակելով վարկածը՝ դժուար չէ ըսել՝ քիչ կեանք մեր մէջ այդքան անպէտ, նոյնիսկ վնասակար կը ներկայանայ գործը լաստակերտելու աշխատանքին համար։ Անոր « Ներաշխարհ »ը ոչինչ կը հետապնդէ, ինչ որ կը վերածուի ոչինչէ գալու փաստի մը։ Անոր « Նոճաստան »ը խաղարկութիւն մըն է, truc de force մը, բռնի հանուած դիւան մը, քան արտայայտութիւնը քերթողական տագնապներու, առնուազն անկեղծ զգայութիւններու։ Ու անոր ոգեհարցական յօդուածները նորոյթի մը տպաւորութիւնը կ՚ընեն։ Անոր քննադատականները ինքնաբերաբար կը դառնան այն օրերու ուրիշ նորոյթի մը թելադրութիւնը, քանի որ 1900–ին մեր մէջ արձակ-քերթուածը ու գրական դատումը ամէնուն մատչելի, ներելի հետաքրքրութիւններ են։ Այն ատե՞ն։ Այսինքն ո՛ր մարդը կը պաշտպանէ այս գործին առնուազն զգայական հարազատութիւնը։ Որ մտածումը եւ առաջնորդէ « Ներաշխարհ »ի տարօրինակ վերլուծողը, որուն անդաճմունքները բացատրելի ըլլային անով։ Ո՛ր անարդի երազողը անոր քերթուածներուն կը բերէ ջղային դրութեան մը բարիքը գոնէ։ Հարցուցէ՛ք ու կեցէ՛ք։

 

Գործին տարօրինակութիւնը ուրի՛շ իրականութիւն, որ դժբախտաբար նպաստ մը չառներ կեանքին տարօրինակութենէն։ Որքան ալ անհարազատ, Եղիայի գրականութեան ընդհանուր նկարագիրը շեշ/11/տօրէն կնիքին տակն է անոր ջիղերուն դրութեան (ու դուք գիտեք ատիկա)։ Լեզուական զանցումները, բռնութիւնները, ինքնատպութեան մենագար ճիգերը թեթեւ զառածումներ են, երբ մօտիկը դրուին այն տասնհինգ-քսան տարիներու ընդհանուր գործին, որոնք կը տարածուին անոր պատանութեան (16–ին կ՚աւարտէ Պէրպէրեան վարժարանը) եւ անոր հասունութեան (զոր կը կեցնեմ 1910–ին, քանի որ անկէ ետք անոր մէջ դադրած է Չրաքեանը ու սկսած է ցաւագարը) ընդմէջ։ Անշուշտ քիչ բան գիտենք իր տարօրինակութիւններէն։ Չրաքեանի բարեկամները, փոխանակ ապուշ հիացականներ հիւսելու իր յիշատակին, արդար ծառայութիւն պիտի մատուցանէին նախ Չրաքեանին, յետոյ արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան, եթէ երբեք մարդը պատմէին մեզի, իրական, մեծամոլ, անտանելի տիպարը, որմէ փշրանքներ կը պտըտին ժամանակակիցներու տպաւորութեանց մէջ իրմէ։ Կ՚ըսեմ այսպէս, սպասելով այն մեծ օգուտին, բարիքին, որ արդիւնքը պիտի ըլլար նման պարկեշտութեան մը։ Վասնզի դժբախտութիւն է, որ իբրեւ խառնուածք, իմացական պատրաստութիւն եւ ախորժակ, իբրեւ մարդ, կանխող երկու սերունդները այսօր շատ աւելի յստակ իրականութիւններ են մեզի քան 1900–ի մարդերը, որոնցմէ լաւագոյններէն խնայուած ալ են։ Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի գրողներու վկայութիւնները գրականութեան մը վրայ ամենէն անփոխարինելի լոյսերը տուին միշտ։ Չրաքեան ստեղծած է որոշ հետաքքրութիւն իր սերունդէն վերջ, բայց չի թելադրած այն պարկեշտ, արդար աշխատանքը, որով մարդ մը, հետն ալ շրջանը կը դառնան վճռուած, անվերածելի իրականութիւն։ Զինքը մօտէն ճանչցողներ, իր մտերմութիւնը ունեցողներ, իր նամակները պահողներ պարտքին տակն են արդարութիւն ընելու, փարատելով ապուշ հեքիաթներ, որոնք ճիշդ հակառակ արդիւնքը կը ստեղծեն, երբ մեզի կը խօսին հանճարային շնորհների, որոնցմէ զուրկ է իր գործը, կամ դարմանելով ահաւոր, գրեթէ անմարդկային սեւացումներ, որոնք մեզ կը պատճառեն խորունկ սրտաբեկում, երբ կը պատկերեն ճիւաղային հտպիտ մը, խաբեբայ մը, poseur մը։ Տիկին Եսայեան « Կեղծ հանճարներ » իր վիպակին մէջ Չրաքեանը կու տայ անկարելի փոքրութիւն մը։ Արտաշէս Յարութիւնեան, որ անոր հետ ապրած է (Չրաքեան Մալկարա ուսուցիչ է եղած), կը խօսէր ահաւոր վանտալութեամբ, անտանելի յաւակնութիւններով սպառազէն mystificateur-է մը։ Անշուշտ իրականութիւնը տարրեր կը պարունակէ այս բոլորէն։ Արտաշէս Յարութիւնեան խորապէս պարկեշտ մարդ մըն էր, իր տպաւորութիւնները խարդախել զիջելու համար։

/12/ Կը հասկցուի, թէ որքա՛ն քիչ է բաժինը նպաստին, զոր այդ կեանքը, ներկայ պայմաններով, պիտի կրնար հայթայթել գործին թափանցումին [1] ։ Բայց եւ այնպէս պարտք է անոր մեծ գիծերը ունենալ սա էջերուն։

 

Մեր բոլոր գրողներուն նման, մօտիկ ծագումով մը գաւառացի է ան։ Անոր հայրը Արաբկիրէն գաղթական մըն է։ Այս վկայութիւնը կ՚արժեւորուի անով, որ տունի մը ոգին երկար ատեն կը դիմանայ, նոյնիսկ փոխատնկուած ։ « Ներաշխարհ »ի լաւագոյն էջերէն է հօրը յիշատակին նուիրուած մասը։ Անոր պատանութիւնը կը յայտնուի անհանդարտ, խռովայոյզ ինչպէս արտակարգ շնորհներով ուշագրաւ ուսանողութիւն մը։ Դեռ դպրոցի սեղաններէն ան իր հպարտութիւնը, ամբարհաւաճութիւնը, յամառութիւնը, անհաղորդութիւնը պիտի արժէքի հանէ ու պիտի հագնի իր այս մասնայատկութիւնը խոր վայելչութեամբ։ Զարտուղի միայն իր գրականութիւնը չէր։ Էր լայն իր ուսանելու կերպը նոյն ու աւելի չափով։ Ան չի հաւնիր իր ուսուցիչները, նման տաղանդաւոր ամէն տղու։ Բայց կը տարուի իր դժգոհութիւնը պաշտպանելու պինդգլուխ այլամերժութեամբը։ Կը /13 / հանդուրժէ Պէրպէրեանէն հեռացուիլ, քան հրաժարիլ իր պաշտպանած գաղափարներէն։

Չեմ կրնար հետեւիլ անոր ուսանողութեան, Պոլիս, Արուեստներու վարժարանին, Փարիզ՝ Սորպոնի մէջ, ո՛չ թէ անոր համար որ վարժարան մը քիչ բան է տաղանդի մը կազմութեան մէջ [2], այլ որովհետեւ այդ ուսանողութիւնը անոր տկարութիւնները հեղինակելու դեր մըն ալ ունեցած է։ Կանխահասութիւնը յաճախ կը յանգի կանուխ ալ սպառումին։ Մնաց, որ նկարագրի գիշերը միշտ ալ կը միջամտեն իր սորվելու պայմաններուն։ Ան պիտի յարդարէ պատճառներ չսորվելու, չար տաղանդին չարակից անշուշտ, բայց եղաւ արդիւնքը ի՛ր իսկ թեթեւութիւններուն։ Անոր գործին ծանրութենէ պակասը ապահովաբար չսորվելու փաստին անդրադարձն է։ Եւրոպան քիչ բանով տեղ մը ունի այդ գործունէութեան, ինչպէս գործին մէջ։ Իր յաւակնութիւնները անչափ շատ-շատ զարկաւ, այդ Եւրոպայի մէջ, ճշմարիտ մեծութիւններուն, ու Պոլսէն իրեն շնորհուած հանճարային լուսապսակը ալ հրապարակով պտըտցնելու միամտութիւնը վանեց իրմէն։ Չեմ տեսնել ուրիշ հետք մը այդ Եւրոպայէն իր իմացական կազմաւորման մէջ, որ մնաց նոյնը, այսինքն անամբողջ։ Անոր միտքին սա անընդունակութիւնը ինքզինք ազատագրելու ասիացիութենէն, պոլսական բացիկութենէն, տնավարի հիացումներուն սոսինձէն, երբ տեսնենք անոր ընդոծին թերութեանց գուպարին հետ, առջեւ, կը հասկնանք, թէ ի՛նչ ցաւագին կսկծանք մըն է սա վրիպանքը նախ իրեն, Տիրան Չրաքեան անուանուած երիտասարդին համար, այլեւ մեր գրականութեան համար։ « Ներաշխարհ »ը ճշմարիտ հրաշալիք մը կ՚ըլլար, առանց սա ձախորդ ազդակներուն։

/14/ Անոր զգայնութիւնն ալ չէ շահած այդ Եւրոպայէն։ Ասիկա բնական է քիչ մը, երբ մտածենք, որ մեր ջիղերը մեր միտքէն առաջ կը յօրինեն իրենք զիրենք։ Նկարչական ամուր իր շնորհները պոլսական շրջավայրին այնքան լայն նպաստաւորուած, չգտան ուրիշ գետիններ իրենք զիրենք արժեցնելու։ Կը խորհիմ, թէ ի՛նչ խորունկ կսկիծով մը ան օտար թերթերու համար զիջումը ըրաւ ծաղրանկարներ տալու, երբ կը հաւատար, թէ իր մէջ կ՚ապրէր մեծագոյն նկարիչը մարդկութեան։ Ան Եգիպտոսը տեսած է, գիրքերէն տարբեր ոգիով, բայց միշտ չազատագրուած ուղեղով մը։ Բուրգերուն դէմ իր մտածումները անլուրջ են, ջրի, պատմականին եւ իմացականին ամալկամովը մեզ նեղող։ Յետոյ Պոլիս։ Քսանհինգ տարեկան է ան։ Ըրած՝ միտքի աշխարհին շրջանը, չափած քաղաքակրթութիւն որակուած յիմարութեան տարողութիւնը, ու բեռին տակը այն հիացումներուն, որոնք Պոլսէն զինքը պաշարած էին ու պաշտպանած, այնքան ձախորդ արդիւնքի մը համար, անոր փառասիրութիւնը։ Իր մարմինին եւ իմացականութեան անդրանիկ հասունութիւնը պիտի գործածէ իր երկը երկնելու: « Ներաշխարհ »ը գրուած է 1899-1900–ին։

 

Աչքի առջեւ կը բերեմ պահ մը սա հանճարեղ մենագարը, որ դժբախտութիւնն ունի գոնէ կանոնաւոր ախտավարակ մըն ալ չըլլալու, երբ կը յանձնէ թուղթին իր զգայութիւնները, երեւակայական սլացքները, յայտնատեսութիւնները, յայտնութենական ոճով մը, խթանուած հազար ու մէկ փառասիրութիւններէ, ու նոյն ատեն կ՚ապրի իր Պոլիսը, մեր 1900–ը, որ դարավերջ մը չէ, ինչպէս էր անոր Փարիզը։ Ինչե՜ր զգաց ան այն պատկերին առջեւ, զոր իր հրդեհուած ուղեղը կ՚անդրադարձնէր թուղթին, այնքան քիչ հաւատարմութեամբ։ « Ներաշխարհ »ին ուշադիր ընթերցումը ուրուագրօրէն կը պատմէ այս տրամը։ Իրողութիւն է, որ իր դիւրութեամբը գրողի մը համար « Ներաշխարհ »ին gestation-ը եւ ծնունդը ամսուան մը մէջ իրանալի՝ անկէ առած են երկու տարի։ Գիրքը կտոր–կտոր փրցուած է անոր ուղեղէն, երրորդի մը ձեռքերովը կարծես։ Ու այդ կոտորակումը բախտորոշ ալ է, քանի որ իմացական արիւնահոսութիւն մը ամէն անգամ ուժասպառ կ՚ընէ անոր ուղեղը։ Գիրքին այն մասերը, ուր որոշ կազդոյրէ մը վերջ տաղանդը ինքզինք կը դնէ աշխատանքի, կը զատուին այն միւսներէն, ուր սպառումը կը ջանայ ինքզինք ծածկել, աւելորդ շեղումներով, ընդլայնումներով։ Տիրան Չրաքեանի իրական գործը (նիւթեղէնը կ՚ակնարկեմ) իր « Ներաշխարհ »ին յօրինումն է։

/15/ Տիկին Եսայեան « Կեղծ հանճարներ »ուն մէջ կը սպաննէ զայն, թաղային վարժարանի մը մէջ վարդապետութիւն մը սահմանելով իբրեւ պսակ անոր անլուր փառասիրութեանց։ Դժբախտութիւնը աւելի է ատկէ։ Պոլսոյ մէջ ան չի կրնար ապրիլ ։ Ու այս անկարողութիւնը ջղային խաթարում մըն ալ չէ, գէթ Եղիային պատահածին նման։ Արուեստագէտին եւ աշխարհին անհաշտութիւնը միայն գրական թեմա մը չէ, այլեւ ուրիշ իրականութիւն մը։ Չեմ երթար առաջ Չէթըրթըն մը, Պոտլէռ մը, Ռէմպօ մը տեսնելու իր պարագային մէջ։ Չրաքեան կը նետուի Պոլսէն. ա՛լ չեմ հարցներ՝ ի՞ր թէ քաղաքին կամքովը, երկիրներ տեսնելո՞ւ, թէ ինք իրմէ փախչելու հոգեբանութեամբ մը։ Անոր գործը, « Ներաշխարհ »ը կը քնանայ դարակներու ծոցը։ Ու անոր կորանքին մէջ տառապակոծ՝ անոր հոգին կը թափառի ։ Իր ուսուցչութիւնները, գաւառական քաղաքներու մէջ, հաւանական ողբերգութիւններ են։ Արտաշէս Յարութիւնեան արժանահաւատ վկայ մըն է այս մասին։ Հակառակ մեծ շնորհներու, գրական, ուսուցանող շքեղ տուրքերու, անոր տարիները կը սպառին անպտուղ վատնումին մէջ։ Անդադար տառապած, տառապեցուցած է ։ Ու կը հասկնամ, թէ ինչո՞ւ մարդիկ այնքան բաժնուած ըլլան իրենց դատումներուն մէջ, անոր գործին գնահատման դիմաց։ Ան չէր կրնար հանդուրժել իր վրիպանքին։

 

Անոր ուսուցումը, Պոլիս, երկրորդական վարժարաններու մէջ, անշուշտ աւելի digne բան մըն է, քան Մալկարայի կամ Ատափազարի նման գիւղաքաղաքներու մէջ իրեն պարտադրուած դժբախտ տարապարակը։ Բայց ուսուցում մը, ի վերջոյ, որ գրագէտը, մանաւանդ իր կաղապարէն գրագէտ մը, սպաննելու միայն ընդունակ զբաղում է յաճախ։ Ինքնատիպ, իր կեանքին ինչպէս մեթոտին մէջ, ան կը վիրաւորէ ուղղափառ, աւանդական ուսումին ներկայացուցիչները։ Դժուար կը հանդուրժեն զինքը Պէրպէրեանի մէջ։ Ունեցած է բախումներ, ամենէն աննշան հարցերը տանելով անսպասելի եղերականութեան։ Կռիւ տնօրէնին, կռիւ պաշտօնակիցներուն, կամ տղոց հետ, տունէն վերջ, ուր իր կինը իրեն համար ուրիշ տագնապ մըն է։ Մինչեւ իր շաբաթապահական վարժութիւնները, Տիրան Չրաքեան իր անձնաւորութիւնը պիտի չարչարէ (harceler), գրագէտի իր հեքիաթը իր ձեռքով կործանելու մէջ դնելով սատիք անգիտութիւն մը։ Իր շուրջը մարդեր երեւան կու զան։ Գրականութիւն մը կերպարանք կը փոխէ։ Քաղաքական հսկայ փոփոխութիւններ կը ղրդեն շատ մը ամուր կարծուած փառքեր։ Նոր արժէքներու տախտակներ կը պտըտին   /16 /   հրապարակին վրայ։ Ինք քիչ-քիչ կը ծրարէ իր խանդը, հիացումները, թերեւս երազը ։ 1910–ին ան արդէն անցեալին կը պատկանի, որ հոմանիշ է հոս իր ժամանակէն չըլլալու տրտում փաստին։

 

Իր յօդուածները, հոս ու հոն, ամէն գոյնէ, « Ներաշխարհ »էն վերջ, չեն բերել որեւէ նպաստ անոր անձնաւորութեան ընդհանուր հասկանումին։ Հալածուեցաւ բոլորէն, ո՛չ իր գաղափարներուն տարօրինակութեանցը համար, այլ, հաւանաբար ընդոծին նախասահմանութեան մը գնով։ Իր չքալած իմացականութիւնը չէր անշուշտ պատճառը այն խաչակրութեան, զոր 1908–էն յետոյ խանդի եւ կիրքի սերունդ մը գործադրեց իր դէմ, անոր boutade–ները, այս ու այն գրողին դէմ, դատելով քրէական խստութեամբ: Դէպի շաբաթապաշտութիւն իր զառածումը կը կանխուի ոգեհարցական հետաքրքրութիւններէ։ 1912-ին Շամտանճեանի «Ոստան» հանդէսին մէջ իր ուսումնասիրութիւնը ոգեհարցութեան շուրջ միայն նորոյթի մոլի միտքէ մը չի գար, այլեւ որոշապէս պղտորած իմացականութենէ մը։ Պատերազմին արդէն իր դպրոցները կուշտ էին իրմէ, քանի որ աշխարհիկ հայերէնի աստուածները վերածուեր էին « Յովհաննու Յայտնութիւն »ին քաղաքական բացատրութեան։ Յայտնի է իր ելոյթը զէնք չգործածելու իր պնդումով, Պոլսոյ պատերազմական ատեանին առջեւ։ Զինադադարին ան դուրս է ոչ միայն իր տունէն, այլեւ իր ընկերութենէն [3] ։

/17/Չեմ գիտեր, պէտք կա՞ է քիչիկ մը շունչով պատմելու վերջաբանը այս ողբերգութեան։ Ուրիշներ ըրած են ասիկա։ Ան մահուան մէջ կը մտնէր շաբաթը քարոզողի առաքելութեամբ, Անատոլուի խորերը, իր դիակը կոխկռտուած ունենալու համար թուրքին մոյկերովը։

Այս ուրուագիծին մէջ գրող մը չի կրնար տեղաւորուիլ։ Ան այն քիչ բացսռութիւններէն է, որոնք իրենց ժամանակի լուսանցքին ապրեցան։ Ո՞վ էր մեղաւորը իրերուն սա՛ կերպ դասաւորման մէջ։ Հոդ չէ հարցին էութիւնը։ Տարիներով ծառայել դատի մը ուսուցչութիւնը ամենէն դժբախտ, բայց մեծ ալ կերպերէն մէկն է այդ սպասին բայց խորքին մէջ զայն արհամարհել։ Ուրիշ բան չեղաւ Չրաքեանին ամենէն ծանր աշխատանքը։ Միշտ հաւատալ իր հանճարին, բայց անոր արտաքնացումը տրտմութեամբ հանդուրժել Ներաշխարh »ի սկիզբ: նօթը բաւական պերճախօս է այդ ուղղութեամբ։ Պիտի տամ՝ իր վճիռը իր գործէն երբ վերլուծեմ զայն), ու սպասել։ Ապրիլ, ո՛չ թէ ուրիշներու նման, այլ նման մէկու մը, որ իր օրերը կ՚արժեւորէ գիտակից գնով մը, բայց զանոնք շուկայի վրայ ծախելու հարկը չկրնալով փոխել, կը զայրանայ ինք իր դէմ, ստիպուած ըլլալուն զեղչել ուզուած սակին։ Ա՛յս է պատճառը, որ ամէնուն ըլլայ նայած շատ վերէն։ Իր մօտ արհամարհանքը դուրսէն կեցուածք մը չէ, այլ ինքզինք գերագնահատելուն անգիտակից անդրադարձը։ Ո՛չ մէկը սիրել։ Կ՚ընդունիմ։ Բայց չսիրել, չկրնալ սիրել նաեւ ինքզինք։ Ասիկա տանալական տանջանքն է, իրաւ որ։

 

Հեռուէն քաղցրահայեաց մարդ մըն էր։ Ուսերը վեր, գլուխը շեշտօրէն կը խանգարէր անոր մարմնին համաչափութիւնը։ Մօտէն /18/ կը զգայինք սուր, խայթող հոտ մը, որ հոգիին ցոլացումն էր՝ բառերուն մէջ քիչիկ մը մեղմացած, բայց որ կը ստանար իր ամբողջ հոծութիւնը երբ դպէիր քիչիկ մը ։ Կարծիք չունենալը, որ կը թարգմանուի հակառակաց կարծիքին հակառակը ունենալ, երբեմն կը վերածէր անգութ շնականութեան մը։ Կ՚ատէր բոլոր գրողները, ո՛չ մոլեռանդ, այսահար ատելութեամբը զառածումին (որ վերջին կերպարանքն էր անոր մոլորեալ ճամբորդի հոգեբանութեան), այլ իր երիտասարդութեան իսկ։ Անզգայ չէր գրական, այսինքն՝ ձեւական հրապոյներուն, բայց զայն չգտաւ (չուզեց գտնել) իրեն ժամանակակից, զինք կանխող բոլոր գրողներուն մօտ։ Կեդրոնականի իր աշակերտները կը գայթակղէին անոր դատաստաններէն։ Իր դասերը, հրատարակուած « Հայրենիք » հանդէսին մէջ (Ամերիկա) իր աշակերտներէն մէկուն կողմէ, ճարտար խուսափումներ են, ծածկելու սահմանուած՝ իր արհամարհանքը։

 

Գրեթէ մինակն է մեր գրողներէն, որ ապրեցաւ 1908–էն վերջ, բայց բառ չունեցաւ իր ժողովուրդին տագնապէն։ Մինչեւ պատերազմ ան ըրաւ դասախօսութիւններ ալ, մեռածներու շուրջ, որոնց վրայ իր դատաստանները ողջերը վարկաբեկող սքօղուն, չըսելու համար նենգ խուսափողականներ են։

* * *

Գործը։ Տիրան Չրաքեան, իր իսկ միջոցներով, հրատարակած է։

ա. « Ներաշխարհ » (1906, Պոլիս)։

բ. « Նոճաստան » (1908, Պոլիս)։

հատորի բախտով։

Ասոնցմէ դուրս, օրաթերթերու եւ հանդէսներու մէջ ցրուած կը մնան բաւական թիւով ստեղծագործական ուրիշ էջեր [4] ։ Բաղդատա/19/բար իր ստեղծագործ երկունքի ատակ տարիներուն քանակին, այլ էջերը կը մնան նիհար։ Մասնաւոր անընկալչութիւն մը, իր կողմէ գործադրուած գրականութեան հանդէպ, կը նկատեմ՝ գլխաւոր ազդակ այս նիհարութեան։

Ահա՛ կարելի ցանկ մը, իմ տեսածներիս։

« Սամոթրակէ », « Տաւրոսէն անցք », « Դէպի Հելլեսպոնտոս », « Նկարը », « Շոգենաւին մէջ » եւ ուրիշ մէկ–երկու կտորներ, շրջանին շատ ընթացիկ արձակ–քերթուածին կաղապարով, բայց հիմնովին տարբեր անկէ, մտածման, պատմական ծանօթութեան ու խորհուրդի չելի արժէքներով, որոնք մեզի տանելի կ՚ընեն իր բոլոր նրբացման, բռնազբօսութիւն իսկ չարհամարհող ինքնատպութեան զեղծումները։ Նոյնպէս տասնի մօտ քերթուածներ Բանբեր », « Շիրակ », Տարեցոյցներ ) « Նոճաստան »էն դուրս։

 

Ինչպէս ամէն գրող, մեր մէջ, Չրաքեանն ալ ստորագրած է պարագայական էջեր: Ահա՛ կարելի ցանկ մը, դարձեալ իմ տեսածներէս։

ա. Լրագրական թռուցիկ յօդուածներ (ընդհանրապէս « Բիւզանդիոն »ի մէջ) օրուան գիրքերուն, երբեմն հարցերուն շուրջ։

բ. Ընդարձակ բացատրողական մը « Ներաշխարհ »էն, « Ներաշխարհը իր հեղինակէն դիտուած » վերտառութեամբ, « Բիւզանդիոն » օրաթերթին ինը մէջընդմէջ թիւերուն վրայ, իւրաքանչիւրը 5-6 սիւնակներ գրաւող։ « Ներաշխարհ »էն վերջ ամենէն երկարաշունչ իր աշխատանքը։

գ. « Ոստան » հանդէսին մէջ բաւական ընդարձակ ուսումնասիրութիւն մը ոգեհարցութեան վրայ ։ Նոյն հանդէսին մէջ ճառ մը Ռեթէոս Պէրպէրեանի գրականութեան վրայ, որ խօսուած է յիշատակի հանդէսի մը առթիւ։

դ. « Շիրակ » հանդէսին մէջ քննադատական մը Դուրեան Սրբազանի « Հովուական սրինգ »ին վրայ։

ե. « Հայ գրողներու դիմանկարներ », դասախօսական բնոյթով եւ դպրոցական պարունակէ, ափյափոյ, անաւարտ, խօսուած, պատահական յօրինումներ, որոնք յետ մահու փրկուեցան իր աշակերտներին մէկուն երկիւղած գորովովը։ Ասոնցմէ մաս մը լոյս տեսաւ Ամերիկայի « Հայրենիք » հանդէսին մէջ։

Ահա, որքան կը կարծեմ գիտնալ, գումարը իր գրական վաստակին։

* * *

/20/ Մօտաւորապէս տաս-տասնհինգ տարիներու վրայ երկարաձգուող ստեղծագործ երկունքի սա շրջանը [5] ուշագրաւ է մանաւանդ այն խորունկ, վճռական հակապատկերով, որ կազմեց անոր հասունութեան երկրորդ ու վերջին շրջանը, ան ալ տասնամեակ մը գրեթէ, ուր, բռնագրաւուած, կլլուած՝ խստագոյն, մեզի համար անտարազելի յաճախանքի մը ու խորասոյց անդենականին ասդենի յայտնակերպու թեանց մէջ, այն ատելութեամբ, մարգարէաշունչ դաժանութեամբ, Սիւնակ դարձնել պիտի շատ մքը բաներ կարող էին արուեստին, մանաւանդ /21/ անոր այն ձեւին, որ իրն էր եղած [6] ։ Պատերազմը կանխող տարին կարելի չէր զինք մօտեցնել գրական խօսակցութեան մը։ Բայց ինչ որ բացառիկն է սա զառածումը պատմութեան մէջ, հիմնական սա յեղաշրջումին տարուիլն է իր բացարձակ հետեւանքներուն, եղերական խստութեամբ մը, երբ դեռ անոր ուղեղը չէ բռնուած խաւարէն։ Մտքին սա նաւաբեկո՛ւմը՝ խորհուրդի նոյն ծովուն վրայ, ուր օրօրուեր էր անոր երիտասարդութիւնը եւ որ տուեր է անոր ( ներ )աշխարհին երկնակամարը, Յաւիտենականին մշտամագնիս սաղաւարտ՝ անոր չարչրկուած ուղեղին կալանաւոր մը, անկէ ու անով։ Մեծ Աշխարհին, նոր բառով մը Կոզմոսին, իր բառով՝ Տիեզերականին ցայգապատկերովը, ցայգանուագովը, ցայգացօղումովը ու թերեւս ցանգասփռումովը մշտագրգիռ, ասղնտուած, խռովական ու անսփոփ տեսանող, բիրտ ու տրտում, ինչպէս անհօտ Աստուած մը։ Որ, տարիներուն հետ, հետզհետէ խրելով « Անէականին Էացումին » վատնուած խօլ եռանդին ու անոր արդիւնք հոգեսպառման մօրուտքին մէջ, իրեն տրամադրուած կեանքին բաժինը օգտագործելու տեղ պատռտեց, ցրուեց, հովերուն կեր ըրաւ մոլեգնութեամբ, գրեթէ խենթ, խելքը վերերը, հեռուները, «ոտքերը ամպերու վրայ», ու փակեց աչքերը նահատակօրէն, այդ երկինքէն մաս մը բան պատմելու, աշխարհայնացնելու իր կատաղութեան մէջ, վրայ տալով իր գլուխը, այնքան գեղեցիկ, հարուստ, մանրանկար այդ տիեզերքը, անհեթեթ ու /22/ անօրէն մարդոց գարշապարին տակ։ Կ՚ըսեն, թէ չեն գոհացած զինք ոտքի վրայ, բռնի, սպառմամբ մահուան առաջնորդելու իրենց ծրագրով, տարագրութեան ճամբաներուն վրայ, ու գերեզմանէն հանած են դիակը, զայն նախատելու գերագոյն հաճոյքն ալ ապրելու։

 

Հակառակ այսքան եղերակուռ սա լուսապսակին, որ բաւ էր զինաթափ ընելու անզգամ ուղեղապաշտն անգամ, սա վախճանը չի դադրիր կազմելէ իր գերագոյն մեղքը։ Դժուար է ինծի հաշտուիլ տարօրինակութեան սա աստիճանին։ « Ներաշխարհ »ին այնքան շքեղ, կամարակապ, բիւրակեդրոն պարունակներով անհունասփիւռ երկինքը, ան մեղքն է գործած, ամերիկեան սնկաբոյս աղանդներուն անգնելի յիմարութեամբը լաստակերտուած, այնքան խեղճուկ, այնքան գձուձ, մանաւանդ երբեք անանհուն պաստառի մը վերածելու: Միակ մեղքը գուցէ, զոր սերունդները պիտի չներեն իրեն։ Վստահ եմ, թէ դրական աւելի մեծ իր մեղքերը, կամայ ակամայ աճպարարութիւնները, բռնակազմ, արտաքին, այսինքն առերեւոյթ խորութեան մը ինքնապատիր լաստակերտումը, ճարտարապետումը բան մը՝ որ անհրաժեշտ ալ չէր իր խառնուածքին լաստակերտումին, գերազանցապէս տեսողական ու հրդեհատիպ, երբեք՝ սուզանող լեզուն բռնաբարելու ասիական իր հեշտախտը, ուրիշները շլացնելու թաքուն իր միամտութիւնը Մեկնողական »ը շեշտօրէն կը թելադրէ նման զգայութիւններ), ժամանակին հետ պիտի դալկանան, մարդկայնանան, շատ–շատ մեղմացուցիչներով պիտի պատսպարուին, չէզոքանան (վկայ՝ Նարեկացիին հանդէպ մեր կեցուածքը)։ Բայց ո՛չ մէկ գին չի փրկեր անոր Շաբաթապահի երկինքը ։ «Հոգւոյն Սրբոյ» դէմ հայհոյութիւնն էր ատիկա։ Կոմիտաս մը, Նիցչէ մը, Մօփասան մը, Ռէմպօ մը եւ ուրիշ այնքան մեծեր, իրմէն աւելի դժբախտ, իրեն նման «լոյսի հորին մէջ» անդարձ սուզուողներ (ասոր մօտիկ տարազ մըն է Յիմարութիւնը իր « Ներաշխարհ »ին մէջ) չքմեղանքը ունին գոնէ ճակագրական սթիկմաթին: Ի՞նք։

... Ո՜վ փոքրութիւնը, եղկելի խեղճութիւնը մահուան երթալու, Շաբաթը պաշտող խելագար աղանդի մը ձրի քարոզչութիւնը ուսերուն շուրջառած, հրէշ այդ կիներուն խելագար նայուածքին զզուանքով ներքնապէս շողազօծ…։

 

Կ՚ըսեն, թէ չուառական այդ առաքելութիւնը կանխող իր գերագոյն տագնապին ընթացքին, ան ոչնչացուցած ըլլայ կարեւոր քանակ /23/ մը ձեռագիրներու։ Երկրո՞րդ մեղքը՝ Հոգւոյն Սրբոյ դէմ։ Ո՜վ գիտէ [7] ։

* * *

Անբաւակա՞ն, սա ուրուագիծը այդ կեանքէն, որ, ուզենք չուզենք, յատակը կը կազմէ իր ու մեր բոլորին գործին։ Առանձին մենագրութիւնը պիտի արտօնէր աւելին։ Գրականութեան պատմութիւն մը մարդերու պատմութիւն չէ։ Միւս կողմէն, անոր գործը հերքում մը ըլլալով կեանքի, կը դիմաւորէ, անվտանգ բանի մը կը վերածէ մեղադրանքը, քանի որ անկէ զերծ է։ Չրաքեանի գործէն իր կեանքը չ՚ելլեր: Յետոյ, նոյնիսկ աւելի բնականոն, բախտաւոր պայմաններու տակ, ի՞նչ է կեանքը տաղանդաւոր գրողի մը, մեր մէջ, որուն շատ-շատ կին ու ցամաք հաց միայն կրնայ տալ մեր ժողովուրդը, իր ծանօթ, մեծ առատաձեռնութենէն, սպասելով, որ անոր ձեռագիրները քաշով ծախեն նպարավաճառին։

 

Անհաւասար արժէքով սա ժառանգութիւնը [8] հետզհետէ կը պարզուի, սակայն, ստանալու աստիճան պատկեր մը, որ ըլլար արժանի /24/ իր հեղինակին։ Գիտեմ, որ գրականութեան պատմութիւն մը ընդարձակ արարք մըն է, կառուցանող ու սրտապնդիչ։ Թէ շրջանը անյարմար է քիչ մը, երբ կը կենամ անոր պարագրկումը ընելու, ոտքի տակ օտարին աւազի ու հոգիիս մէջ սարսա՛փը՝ մեր վաղորդայնի ապարուեստութեան, մեզ ուրանալու անբանութեան։ Մտքին, իմաստին հանդէպ այժմ հակառակաց անտարբերութիւնը մէկ ուրիշ ազդակ։ Թերեւս Տիրան Չրաքեան այն մէկ հատիկ գրագէտն է մեր մէջ, որ առիթ տար գրականութիւն մը յատկանշող բարդ մարզերուն վերլուծման, ինչպէս է պարագան Նարեկացիին համար, հին մատենագրու/25/թեան մէջ։ Հակառակ ծաւալէ իր փոքրութեան [9], անոր գործը հարուստ է մասնայատուկ ընդարձակութեամբ մը, թելադրական տոկուն կողմերով [10] ։ Բայց չմոռնալ տխուր ալ ճշմարտութիւնը քննադատը երբ կը համադրէ, գրած կ՚ըլլայ իրեն համար. երբ կը վերլուծէ՝ վտանգին հետն է մեկնելու, վարժապետելու։ Պարտաւոր եմ զգուշանալ երկու խարակներէն ալ չպատմել ուրիշին գործը, սպաննելով զայն, ինչպէս ըմբռնուած է դատելու արհեստը արեւելահայոց մօտ։ Հեռուէն մօտենալ գործին, զայն առիթ մը նկատելով իւրայատուկ կերտումի մը, ինչպէս մօտաւոր երանգով արեւմտահայ գրականութիւնը։ Կենալ երկու դպրոցներու միջինին, հանել նկարագիրը գործին, բայց չքրքրել զայն, թափանցել ոգիին բայց չհռետորել [11] ։

 


 



[1]     Ուրիշ խնդիր մըն է հարցնել, թէ ի՛նչ է դերը, գէթ չափը այդ դերին, մար դ ու մը կեանքէն, գործերու մէջ, որոնք ուրիշ վկայութիւններ են ամէն բանէ առաջ։ Ի՞նչ պիտի շահէին մեր մատենագրութեան հին գլուխ–գործոցները, երբ լայնօրէն լուսաւորուէին հեղինակներուն օրերովը։ Փորձեցէք ատիկա «Աղօթամատեան»ին վրայ ու կ՚ենթադրեմ, թէ ձեր գտածը, գտնելիքը ճիղճ մանրամասնութիւններու հանդէսէ մը անդին չանցնէին պիտի։ Այդ Գրիգորը շատ–շատ նման էր տասներորդ դարու մեր անապատականներուն, վայրագ, բիրտ, բարբարոս, որոնք իրենց մտապատկերները կը կրէին ժժմակներու նման ու կ՚ապրէին սարսափին մէջ մեծ Արեւելքին։ Իմ պատանութեանս, Արմաշի դպրեվանքը հանդիպումը ըրի Մարգար Սարկաւագի մը, որ Կտուց թէ Լիմ անապատէն կու գար։ Ան կը վախնար մեզի մօտենալու, կը խօսէր հեռուէն, մեզ կ՚անարգէր որ կաթ, պանիր կ՚ուտէինք, կը հայհոյէր վանքին վարչութեան, որ կօշիկ, գուլպայ, տաքուկ չուխայ կը դնէր սարկաւագներու տրամադրութեան տակ, որպէսզի անոնք աւելի լաւ եղբայրանային սադայէլին հետ: Ինը հարիւր տարին բան չէր փոխած այն հոգեբանութենէն, որով կը թրթռայ Նարեկը։ Մարգար Սարկաւագը միայն նախորդ վկայութիւն մը չէր հաւանաբար, այլեւ ճշմարտութեան բաժին մը այն կեանքէն, զոր այդ Գրիգոր վանականը ապրել էր իր խուցին մէջ, դեւերէ կրծուած ու անդադար ցատկելով իր անկողինէն, Մարգարին նման, աղտ մը վանելու իր շրջանակէն։

[2]     Չրաքեանի համար աղէտ մը կը նկատեմ սա լծընկէց ծուլութիւնը, բան մը սորվելու հարցին մէջ։ Անոր արտակարգօրէն արագ թափանցումը հաւանական պատճառն է իր միտքին նախնական տարողութեան անփոփոխ մնալուն։ «Ներաշխարհ»ի քրէական մեղքը իմաստէ նիհարութիւնն է, իր կարգին արդիւնք հոյակապ ծուլութեան մը, որ տաղանդներուն մօտ երբեմն աւելի է քան տկարութեան սնոպիզմը։ Ամէն բանի առջեւ անոր միտքը ըրաւ արագ, բայց ոչ խոր ստացումներ: Ու կազմուելու տեղ, անոր ուղեղը հասակ նետեց, արագ ու ախտավարակ աճումներուն ճակատագրովը։ Քսանհինգին ան ունի իմացական դրութիւն մը, որ կը փակուի ինք իր վրայ։ կարծրացո՛ւմը մտածման գործարանին, երբ ուրիշներու մօտ ատիկա յիսունէն ետքը կը սկսի։ Անընտել էր ամէն բանի համար ուր ճիգ, յարատեւութիւն, պարկեշտ աշխատանք, մանաւանդ կամքը բան մը սորվելու տիրական կու գան։

[3]     Անմոռանալի է մտքիս մէջ եղերականութիւնը տեսարանին, զոր ունեցայ օր մը, հաւատալու անկարող աչքերուն առջեւ։ Գասպրիսթան փողոց, շէնքի մը վերնայարկը, օտար գոյներով, կասկածելի հոտերով կիսամութ սրահի մը մէջ։ Գրասեղաններ, աթոռներ, ուր նստած են մարդեր, կիներ, տղաք, թարմ աղջիկներ, գոյնի եւ գիծի անհաշտ հակադրութիւններով։ Շաբաթը պաշտողներու բանակն էր այդ։ Բեմի նմանող ցածկեկ estrade–ի մը վրայ կիսաբոլորակ մը կիներու, իրարմէ ահաւոր տգեղութեամբ մը, լուռ, մտամփոփ։ Չեմ գիտեր ուրկէ՛ հոն յառաջացաւ, մարդ մը, տժգոյն, տժգոյն ահագին ճակատով մը։ Ան էր, Չրաքեանը: Քիչիկ մը մռայլ մորթը անպաշտպան էր աղտոտ լոյսին դիմաց, որ կը խանգարէր անոր դէմքին անզգածութիւնը, դողահար բանի մը պէս անցնելով, նորէն գալով։ Շքեղ իր հասակը քիչիկ մը ծուռ, անկարող էր կրելու այդ գլուխը, որ ամբողջ մարմինը կը հակակշռէր։ ... Խօսեցա՜ւ, ու .. թուրքերուն լեզուովը։ Ականջիս մէջն է այդ ձայնին պատկերը, նուրբ, դողդոջ, անիրական ու անդրաշխարհային։ Կիները կը նայէին անոր, առանց հասկնալու անշուշտ, քանի որ ամերիկուհի այդ պառաւները շատոնց գոցած էին բան մը հասկնալու տարիքը։ Ու միւսները, յոյն, թուրք, հայ, հոսկէ ու հոնկէ հաւաքուած, որոնք իրենց ապրուստին գինը կը վճարէին այսպէս մտիկ միայն ընելով. հեռացած բայց կապուած ՝ ձայնին անդիմադրելի գրաւչութեանը մէջ, կը տրտմէին, ինծի պէս, հաւանաբար անհաղորդ իրենց առջեւ պարզուող տրամին իմաստին, բայց մասով մըն ալ, անձնական իրենց վկայութիւնը արժեւորելով։ Ու խօսքը րապպ ն էր, որուն երիվարները պատրաստ էին, ինչպէս կը հաստատէր ամենասուրբ մատեանը, « Յայտնութիւն »ը։ Չունէր աճապարանք, խանդ։ Բայց ունէր վստահութիւն, դէմ յանդիմանութիւն (գործածելու համար իր սիրական մէկ բառը), որոնք կը վարանէին անցնելու, իր հարցին տագնապը հոս փոխադրած մարդոց ուղեղին։ Միայն ժօռատ ամերիկուհիներն էին, որ կը թուէին տարուած ըլլալ, շատ հաւանաբար խօսողին անձէն։… Արցունքը աչքերուս, հազիւ կրցայ փախչիլ դուրս։ Տիրան Չրաքեան ազատուած էր հայութենէն։

[4]     « Ամբողջական գործեր »ու գաղափարը դժբախտաբար դեռ ընդհանրացած չէ մեր հասարակութեան ըմբռնումին մէջ։ Անշուշտ ակներեւ վտանգ մը կայ հոս, աւելորդին, առօրեային, որով եւ անարժէքին վտանգը: Բայց Չրաքեան հազիւ քանի մը յօդուածներ ունի, տարտամ շահեկանութեամբ։ Մնացեալը, իր ժամանակին անարդի, այդ իսկ հանգամանքով կը պատկանի բոլոր ժամանակներուն։ Իր գործերուն ամբողջական դիւանը յաղթանակ մըն է արեւմտահայ գրականութեան համար։

[5]     Չրաքեանի կանխահասութիւնը պէտք չէ արհամարհել։ Պէրպէրեան վարժա րանին մէջ, խմորատիպ հանդէսներու իր յօդուածները կը զուգադիպին անոր մատաղ պատանութեան, երբ դեռ տասնհինգ ալ չէ մտած։ « Ներաշխարհ »ը թուղթի ինկած է 1898–1900–ի տարիներուն։ 1912–էն անոր ստորագրութիւնը չեմ գտած որեւէ տեղ։ Ու « Ներաշխարհ »ը սկիզբ մըն է անոր իրական տաղանդին։ Ի դեպ, չմոռնալ որ 1910–էն ետք պոլսական վարժարաններու մէջ (Պէրպէրեան, Պէզազեան, Կեդրոնական) հայերէնի եւ գրականութեան իր դասերը քիչ-քիչ կը վերածուին Սաղմոսներու, Մարգարէութեանց, մանաւանդ « Յայտնութիւն Յովհաննու »ի ընթերցումներուն, բացատրումին, կատարուած բարձրօրէն տպաւորիչ եւ հրապուրող ձայնով մը, զոր դալուկ շրթներ, երկնասոյզ նայուածք մը եւ անպարագրելի, դժբախտ ճակատ մը կը պաշտպանեն, դիւրացնելով թափանցումը հմայքին։ Անշուշտ զգացական սա վիճակին մէջ մեծ դեր ունի անոր հաւատաւոր հոգեբանութիւնը, որ կամաց–կամաց պիտի գրաւէ անոր իմացականութեան բոլոր գաւառները: Այսպիսով է, որ բացատրելի կը դառնան իր կարծիքները, դատաստանները, վճիռները մեր գրողներուն վրայ, միակողմանի որքան անամբողջ։ Ըսի՞, թէ առանց շինծու համեստութեան, ան պիտի ուրանայ իր գրականութիւնը, երբ ուրացած է իր տունը, կնոջը գլխուն ստեղծելով եղերական, անվերլուծելի դժոխք մը, զոր հեղինակած է ներաշխարհային այլուրութեամբ մը, անգթութեամբ մը։ Իր օրը, դասերը, գրածները աղօտակի երանգաւոր՝ սա « վերջալուսային » հոգեբանութեամբ, տարուէ տարի պիտի իյնան երկնայնութեան մը մառախուղին մէջ, Երեւան բերելու համար բացարձակ զառածումը։ Չրաքեան եսի կրկնաւորում մը չէ ունեցած անշուշտ: Ախտաբանակա՞ն՝ սա զառածումը ուղիղ եւ խորթ Բանէն, որուն ատրուշանը կրեց ան « Ներաշխարհ »ի շրջաններէն։ Իր գործին մէջ քաջահաւատ միսթիք մը ե՞րբ կը դադրի, աղանդաւորը շղթայազերծելով։ Չունինք ստոյգ տուեալներ: Միւս կողմէն, աւելորդ չեմ նկատել ըսել, թէ մեր ջիղերը երբեմն շատ դժբախտ թելեր են, ընդովկիան պարաններ, ձգուած մեր մասերուն խորը, սեռէն մինչեւ անհունը ճամբայ յարդարող մեր աղկաղկ, բայց այնքան ալ հրաբխային անձնաւորութեանց։ Չրաքեան պարագայ (cas) մըն է մեր գրականութեան մէջ, բացառիկ շահեկանութեամբ։ Ան չի նմանիր Եղիային, որուն հիւանդութիւնը կը բացատրէ ամէն բան։ Արուեստի շուրջ իր գաղափարաբանութեան սա յեղաշրջումը, մինչեւ Շաբաթ իջնող սա իմացականութիւնը ուսումնասիրութեան արժանի իրողութիւններ են։ Որքա՜ն փափաքելի էր, որ զինք ճանչցողներ, իր ընտանութիւնը ունեցողներ ըսէին իրենց դիտածը, գիտցածը, այդ ու աւելի առջի օրերու Չրաքեանէն։ Ու ասիկա առանց յետմահու քիչիկ մը կեղծ հռետորութեան։ Չրաքեան պէտք չունի շոյուելու (flatte) այն պարզ պատճառով, որ ամէն աւելորդ գոյն իր նկարին վրայ, հեռու նպաստ մը բերելէ, պիտի ստեղծէր աններդաշնակ բան մը։ Արդէն իր դժբախտութիւնը ուրիշ տեղէ չէ։ Անհերքելի վկայութիւններ, մարդէն, պատկեր են արդէն։ Այս հակասութիւնը, կեանքէն վերջն ալ իր յիշատակին առջեւ, ինքնին փաստ մըն է, որ զգուշութեան կը հրաւիրէ։ Առանց հանճար, ճիւաղ ըլլալու, Տիրան Չրաքեան արեւմտահայ գրականութեան մէջ վարպետ մըն է զգայութիւններու, գոյներու, կիսերանգներու յարաբերութիւնները տիրապետել ձգտող։ Իրացա՞ծը՝ այս ձգտումէն։- Բաւական գեղեցիկ, որպէսզի երախտիքով կենանք իր նահատակի յիշատակին առջեւ:

[6]     Զրոյցը՝ իր « Սիրոյ մատեան »ին հրկիզման։

[7]     Այս առիթով հարկ է հոս արձանագրել, թէ յետ մահու իրմէն տպուած էջերը անարժան են գրեթէ իր տաղանդին ։ Ասոնք, նամակներ, Թէոդիկի տարեցոյցներուն մէջ լոյս տեսած, գրական իրենց վրիպանքին հակառակ, Չրաքեանի տաղանդին վրայ այլապէս թելադրիչ բաներ կը պատմեն։ Ամենէն առաջ անոր զգայական (affectif) էսին թուլութիւնը, զոր « Ներաշխարհ »ին հզօր թեքնիքը անզգալի կ՚ընէ թէեւ, բայց չի փրկեր գիրքին նիհարութիւնը կրական արժէքներէ։ Կը խորհիմ, թէ խորացման ձգտող անոր արտայայտութիւնը չէ դաւած իրեն նոյնիսկ գիտական նկարագրով ուսումնասիրութեանց մէջ ( Ոգեհարցութեան վրայ յօդուածը), բայց վրիպած է չարաչար այն մարզին վրայ, ուր մեր եսը մինակ է իր հայելիին դէմ։ Սիրո էջերը տկարագոյն էջերը եղան։ « Ներաշխարհ »ի մէջ այդ վիճակը ուղեղային է բոլորովին եւ ատով` ենթակայ ձեւազեղծման։

[8]     Չրաքեանի կեանքին հեքիաթին չափ, տարօրինակ, անբնական ուրիշ հեքիա՛թ մըն ալ, անոր գրականութեան արժէքը։ Հեքիաթ՝ աւելի խոր ու սրտառուչ քան Եզիայինը։ Նիրվանա յի երգիչը, գէթ երեսուն տարի, իր համբաւին միակտուր ծիրանին չձգեց ուսերէն ու չերգեց ինքզինքը, յաջողելով սփոփել իր հպարտութիւնը, ինքնասոյզ ու խելակորոյս, նոյնիսկ այն շրջանին, երբ իր իմացականութեան լրիւ խաւարման առջեւ, նորերու ժպիրհ, անհոգի մատները բզիկ-բզիկ ըրին այդ պատմուճանը։ Չրաքեանի հեքիաթը սկիզբ է առնէր դպրոցական սեղաններէն։ Շքեղ, բացառիկ երեւոյթ մըն է այդ տղան։ Ո՛չ անկարելի, ո՛չ ալ դժբախտ փառք մը, ատիկա՝ որ կարգ մը մարդոց պատանութիւնը կը լուսապսակէ, կանխահաս սպառման ալ վտանգով։ Չրաքեան գերբնական տղայ մըն է։ Լա՛ւ։ Բայց իր տկարութիւնճերը այդ փառքին մէջ իսկ չեն դադրիր զգալի ըլլալէ։ Անոր պատանութիւնը՝ անորոշ, ինչպէս լեռնէն ինկող հեղեղ մը կը վարանի իր զառիթափը գտնելու։ Գրիչ ։ Թերթեր կը հանէ դպրոցին մէջ։ Վրձին ։ Իր ջրաներկերը, միշտ դպրոցական սեղաններէ, ուշագրաւ են, հետաքրքրելու չափ իրենցմով ծովանկարիչ Այվազովսկին, որ գովեստի բառեր ունի մանուկին հասցէին։ Բնական գիտութիւններ ։ Ո՛չ ոք, որ իրեն չափ ծանօթ ըլլար պոլսական շրջավայրի բուսական աշխարհին: Այս ամենէն կը յառնէ պատկեր մը, որ պղտոր է դժբախտաբար: Դպրոցէն դուրս երեք աշխարհները պատմութեան։ Միշտ իր գործին տապանակը կրելով ուղեղին վերեւ, Նեղոսեան աղջիկներու սափորին նման։ Ան երկար ատեն ինքզինքը պիտի մերժէ թուղթին։ Պիտի թափառի խեղճուկ գիւղաքաղաքներ, մինչեւ որ իր օձիքը տայ բամբասանքին, որուն ամենէն դժխեմ մէկ ձեւն է մեր մէջ գրականը։ Ան, դաժան գիրքի մը մէջ, « Կեղծ հանճարներ » . Եսայեան), ճաշակեց քացախին բաժակը։ « Ներաշխարհ »ը հալածող ռմբակոծումը, կամ այլապէս ծիծաղելի ովսաննան նուազ դառնացուցած ըլլալու չեն իր տարապայման, դիւրազգած հպարտութիւնը: Բայց անհասկանալի է այդ մարդը։ Իր գիրքը պաշտպանելու համար չի վարանիր հոր մը գրելու, ինք, որ « մահուան միայն կը ցանկար» ու ինքզինքը զերծ էր դաւանած մեր ճիղճ փառասիրութիւններէն։ Այնպէս, որ չեմ զարմանար երբ զինք կը տեսնեմ իր հեքիաթի աշխարհներու թաքուն հաճոյքին մէջ, բաւական մը ատեն տակաւին, մինչեւ վերջնական նուաճումը… սրահէն։ Այսօր իսկ, երբ արուեստի մեր հասկացողութիւնը ընդարձակած է ինքզինք (Արեւմուտքին հետ մեր շփումները շատ աւելի խոր եղան քան իր սերունդինը), Չրաքեան չէ թօթափած անծանօթ, խորհրդաւոր, կիսաստուածեան իր հեքիաթը։ Թապու մըն է ան կարգ մը մարդոց հիացման խորը, թագապսակ ու անմատոյց: Զինքը ուրացողները դուրս չեղան այս զանցումներուն մեղքէն։

[9]     Չեմ գիտեր, պիտի տրուէր անոր՝ բախտը այլապէս հզօր կառուցումներուն, որոնք արուեստագէտի մը աշխարհը իբրեւ կը համադրեն ժամանակ մը ( Պալզաքի, Տիքընզի, Տոսթոեւսկիի ընդարձակ իրագործումները, դասական մեծ հեղինակներու ժառանգութիւնները, որոնք կերպով մը գումարն են իրենց շրջաններուն, մանաւանդ իմացական դրութիւններէ), եթէ չյուզեն ալ միւս, ստեղծագործումը արտօնող պայմանները։ Ան գերի գրականութեան մը սպասարկուն է, շատ մը բաներ ըլլալէ առաջ։ Յետոյ, քանի՞ անգամ մարդ երիտասարդ է գրել կարենալու համար « Ներաշխարհ »ը։ Գիրքին մուտքը տուող նօթին մէջ ան կը խոստովանի, թէ գիրքին երկնումին եւ լոյս ընծայման միջեւ անցած տարիները (1898-1906) չեն կորսուած իր իմացականութեան համար։ Բայց միւս կողմէն ուրիշ իրողութիւն է, որ այդ չափը տոյժ մըն է անոր գրական ուժէն։ « Նոճաստան »ը փշրանքներով յօրինուած մատենիկ մըն է ու ոչինչ կ՚աւելցնէ անոր արուեստին, եթէ պահ մը թեթեւցնենք իսկ կորուստը, զոր լեզուական խուժութիւն մը կը պարտադրէ այդ հնչեակներուն։ Կան անշուշտ երկու անգամ չգրուող գիրքեր, ըսել կ՚ուզեմ գարուն մը ապրող երիտասարդ զգայնութիւններ, որոնց հասունութիւնը կրկնութիւն իսկ չէ յաջողած ըլլալ անդրանիկ բխումին (Լամարթին)։ Բանաստեղծութիւնը տարբեր բան է թեքնիքով նուաճելի կատարելութենէն։

[10]   ԺԹ. դարու կէսէն վերջ ընդհանրացած տիպարը, որ վիպող է, քերթող, թատերագիր ու քննադատ, իմացական միջինի սա տարազը, ուր հարկադրաբար կը մտնէ տկարութիւն, ստեղծագործ աւիշին բաժանականութեամբը անխուսափելի, Չրաքեանին կը պատշաճի այնպէս, ինչպէս Ա. Ֆրանսի մը, Պուրժէի մը։ Հաւանաբար թատրոնով ալ փորձուէր, եթէ 1900–ին ատոր նիւթական անկարելիութիւնը հարթել յաջողէր:

[11]   Տիրան Չրաքեանի վրայ ամբողջական հատոր մը կը մնայ իմ մօտ: Տպուած է անկէ ա) Ներածութիւն մը, պր. Բալուեանի «Զուարթնոց»ին մէջ: բ) անտիպ՝ պր. Գուրգէն Մխիթարեանի մօտ Ա. գլուխը Գործը »). գ) « Ներաշխարհ » վերնագրով Երկրորդ գլուխէն մաս մը, տպուած՝ « Համազգային » տարեգիրքին մէջ։ « Ներաշխարհ » այդ գլուխին շարունակութեան մէկ մասը ղրկուած է Ամերիկա, պր. Սամուէլ Թումայեանի, հրատարակելի տարեգիրքի մը համար, զոր չեմ տեսած։ Այս աշխատանքին մէջ ընդարձակ գլուխ մըն է « Մտածողութիւնը «Ներաշխարհ»ին մէջ », որ չէ ամբողջացած։ Յոյս չունիմ, թէ կրնամ դառնալ անոր։ Ներկայ հատորին մէջ Չրաքեան կը գրաւէ համեմատական իր տեղը, իր սերունդին միւս գործիչներուն կարգին: Արուեստագէտ սերունդէն Մեծարենց, Ռ. Զարդարեան, Վ. Թէքէեան առանձին մենագրութիւններ են, առաջին երկուքը լոյս տեսած «Հայրենիք» հանդէսին մէջ, վերջինը՝ ձեռագիր։ Մենագրութիւնները իբր թեքնիք եւ մտադրութիւն, կը տարբերին սա աշխատանքէն, որ պատմում մըն է վերլուծական, քննադատական գնացքով եւ ո՛չ թէ սպառիչ ուսումնասիրութիւն մը։ Մենագրութիւններուն ընդհանրութիւնները անշուշտ կը մտնեն ներկայ հատորի ծիրին մէջը։ «Արուեստագէտ սերունդը» աշխատութիւնը, յաւելուածովը այդ մենագրութեանց, կը ստանայ իր ամբողջութիւնը։ Այս բացատրութիւնները գործին յառաջաբանութեան մէջ անհրաժեշտ, հոս պէտք չէ թուին անտեղի։ Սպասման մէջ (ու շատեր գիտեն, թէ որո՛ւ կը սպասէ հեղինակը) կատարուած երկարաշունչ սա վաստակը ինծի ներելի կ՚ընէ սա զանցումները։ Չրաքեանին նուիրուած այս գլուխը ունի օգտագործումներ անտիպ աշխատանքին, բայց չէ անոր ամփոփումը, կամ շարունակութիւնը։ Ուրիշներու մօտ գլուխները կը պահեն իրենց առանձին արժէքը, օր մը օգտագործելի՜, հաւաքական ձեռնարկներու մէջ: