Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Գ.   ՏՊԱՒՈՐԱՊԱՇՏԸ

/30/ Պատահական տարազ մը չէ սա վերադիրը։ Անիկա արդեն գործածական եւ արեւմտեան արուեստի մէկէ աւելի ճիւղերուն մէջ։ Գիտենք, որ գոյութիւն ունին տպաւորապաշտ քննադատութիւն մը, նկարչութիւն մը, որոնք իրենք իրենց համար ամբողջ իմաստներ են։ Մեր մէջ տարազը չէ գտած սա ամբողջութիւնը։ Զայն գործածեցի որակելու համար գրական աշխատանք մը, ուր տպաւորութիւնները նախանիւթը ու ճարտարապետութիւնը կու տան միանգամայն գրական գործին։ Զօհրապի « Էջեր ուղեւորի մը օրագրէն »ը, Չօպանեանի քննադատական վաստակին մէկ մասը, Եղիայի գրականութեան յաջողակ բաժինները կ՚իյնան այս յղացքին տակ։ Չրաքեանի « Ներաշխարհ »ը [1] խոշոր քրոնիկ մըն է, խորքին մէջ, ու հետեւաբար տպաւորութեանց հանդէս մը։

* * *

Ինչ որ առաջին թելադրանքն է սա գործին վերածելիութիւնը ՝ երկու գլխաւոր երեսներու։

Ասոնցմէ մէկը կ՚ընդգրկէ իմաստին, հայեցողական սլացքին, գրական դատումներուն աշխարհը, ըլլա՛յ ատիկա՝ մտածման ուղղափառ էջերու վրայ, ինչպէս են իր քննադատական, մեկնողական, ոգեհարցական կտորները` ըլլա՛յ՝ զգացական ստեղծումի ընթացքին սե/31/ւեռուած իմաստին փշրանքներէն։ « Ներաշխարհ »ի գրեթե կէսը գրաւուած է այս գիծի մտածողութեամբ մը, որ կը ծփայ ընդմէջ գոյնի խաղերուն եւ գաղափարի պղպջակներուն երկու երեսով զաղփաղփուն, որոնք մտքիդ մէջ կ՚իյնան իբր գաղափարի կայլակ (այն օրերուն կ՚ըսէին կայծոռիկ ), բայց կը շփոթուին այնքան դիւրաւ գունաւոր, շօշափելի զգայութիւններու հետ։

Ասոնցմէ միւսը, անոր զգայարանքներուն առածն ու տուածը, նիւթին եւ աննիւթին, էին ու չէին պարունակներէն։ Աւելի՝ ինչ որ իր ուղեղին կը հասնի իբր զգայութիւն, բայց հոն կը վերածուի ոգեղէն իրողութեան, հոգեղինացման ։ Աւելի՝ ինչ որ իբր մտածում կը մեկնի այդ ուղեղէն, բայց իրերու վրայ թափուած պահուն կը փոխակերպուի գոյնի, շարժումի, խաղի, կարկառի։ (Անցողակի դիտել, որ սա բաժանումը, գրեթէ իբրեւ քանակ, կը պահէ մերձաւոր հաւասարակշռութիւն մը)։

Աւելի վերջի ձգելով կշիռը մտածող ու իմաստասիրող մարդուն, ծանօթացումը իր քննադատական կերպին եւ պաշարին, հաճելի է ինծի հաստատել Չրաքեանի ձգած ստեղծագործական ժառանգութեան դիմաց՝ անոր հեղինակը իբրեւ մէկը մեր լեզուին մեծագոյն կախարդներէն, ու անոր վաստակը՝ իբր յայտակերպումը (իրն է բառը) մեր արուեստին բացառիկ մէկ ընդունակութեան Բանին հետ ու հանդէպ այն մեզայատուկ, նոյնիսկ քիչիկ մը տարօրինակ ընտանութեան, որմէ նմոյշներ ունի արձանագրած մեր գրականութիւնը։ Այսպէս, Յունաբան Դպրոցի յանդուգն, թէեւ վրիպած ջանքը՝ Արիստոտէլ եւ Պղատոն թարգմանելէ աւելի, մեր արձակը իմաստի հարազատ, ճկուն գործիք մը յարդարել ձգտելով, արդարանալի է իր մէջ։ Եզնիկի եւ Աստուածաշունչի պայծառ, վերլուծական լեզուն չհասնելու համարձակող այդ մարդերը միայն բարբառի հերետիկոսներ չեն, այլ մարդեր, նման Չրաքեաններու, որոնք արեւմտահայ աշխարհաբարին [2] /32/ ֆրանսական յաճախանքին մէջ իւրացուցած վերլուծական ընդունակութիւնները պիտի ոտնահարեն, ինչպէս ըրեր էին, հիներէն ալ իրենց կարգին, հինգերորդ դարու լեզուին դէմ ու պիտի ձգտին հնարելու ուրիշ գործիք։ Անշուշտ, Ժ. դարուն Գրիգոր վանականը (Նարեկացի) լեզուական յաղթանակ մը միայն չէ գործադրած, իր այնքան զարտուղի գրականութեամբը։ Յաջորդ դարուն, ուրիշ Գրիգոր մը, Պահլաւունի Մագիստրոսը, նոյն այդ ճիգը քառապատկելով, պիտի յանգէր պարապին։ Ու աւելի մօտ ժամանակներու, Չրաքեանէն մէկ սերունդ յետոյ, Կոստան Զարեան միշտ այդ ճիգով պիտի հասնէր բոլորովին տարբեր արդիւնքներու։

 

Այս ամէնէն անկախաբար, մոռնալով նոյնիսկ մեր ահաւոր 1900–ը, Տիրան Չրաքեան հեղինակն է « Ներաշխարհ »ի, այսինքն գիրքի մը, ուր մեր լեզուն իր ներքին ջերմութիւնը, արի ու յամառ թափը, իբրեւ ապրող, միշտ գեղեցիկ ամբողջութիւն մը մեր ժողովուրդէն՝ փաստը կ՚արձանագրէ իր երիտասարդութեան (գրաբար եւ աշխարհաբար տարազները բան չեն փոխել յղացքէն), եւ երեւան կը բերէ համադրումի եւ վերլուծման, խտացման ու նրբացման, տարօրէն յանդուգն բարդումներու եւ քանի մը մտածում, պատկեր, զգայնութիւն իրարու հիւսած միակտուր քանդակի մը մէջէն ցայտեցնելու շնորհներ, Աղօթամատեանէն վերջ ա՛լ չհանդիպուած յորդութեամբ, ազատութեամբ, չեմ ըսեր՝ կատարելութեամբ, վասնզի զարտուղութիւնները կը հան/33/դուրժենք իրենց մասնակի վկայութեանց սիրոյն։ « Ներաշխարհեան աշխարհաբար մը, ընդհանրացուած, հսկայ ձախողանք մըն էր ու մեր լեզուին վրայ դաժան պատուաստ մը։ Իր այդ ձեւին մէջ, իրապաշտներու հաստատ գրուածքին (écriture) քովն ի վեր, անիկա կը պատմէ թաքուն ընդունակութիւններ [3] ։ Ասկէ զատ, ինչ որ ալ ըլլան իմ վերապահումները հանդէպ (այսպէս ըսուած) խորքի հարցին, լեզուն, ինք իր մէջ, առանձին, մեծակշիռ արժէք մըն է։

* * *

Սակայն եւ այնպէս, դաշնակութեան, կարգի, կանխայարդար մտածողութեան, ծրագրի մը հզօր պակասին մէջ իսկ, որ, օրինակի մը համար, հողերուն բաշխումն է սա երկրագունտի երեսին, համբերատար նայուածք մը վերջ ի վերջոյ կը յաջողի հաստատումը ընել քանի մը յստակ, լայն դրութիւններու, որոնք կ՚առանձնանան, ոճի մը պէս, այդ հսկայ թոհուբոհումին մէջէն, քանի մը arête–ներու, որոնք հաստամեստները կը բաշխեն, կը նուաճեն, զարտուղի գագաթումները կը մատուցանեն իրարու, ստեղծելով շղթաները ։ Տիրապետող բարձունքէ մը թող խոնարհի ձեր նայուածքը վարերուն, ուր բլուրներուն կոհակները նոյնիսկ անդաստանի մը պիտի նմանին, ան պիտի քաղցրանայ, համապատկերին նուազման աստիճանովը ու հազիւ պիտի յիշէ անհուն ծամածռութիւնը, որ դէմքն է այդ հողերուն, թէեւ նոյն այդ նայուածքը քիչ առաջ խռովակոյտ կիրճերն ու փեռեկումներ միայն գիտէր այդ ամենէն։ Նմանութիւնը ճիշդ է « Ներաշխարհ »ին համար, որ կը բաժնեմ երկու հիմնական երեսներու, գործողութեան տալով գրեթէ տառացի նկարագիր մը, քանի որ գիրքին մէջ այս երկու երեսները ըլլալով հանդերձ իրենց առանձնութիւնը, գրեթէ միշտ, կը զարգանան, գրեթե միշտ նորէն, իբր անքակտելի միութիւն ։ Ձեւին ու խորքին հակառակ ու դասական հարցը չէ ասիկա։ Տիրան Չրաքեան իր գիրքին նուիրած « Մեկնողական »ին մէջ խոյս տուած է գրական–քննադատական ամ էն բանաձեւում է, տրամաբանական կառուցումէ ու ա/34/պացուցումէ [4] ։ Ան, արտաքնապէս, չընդունիր ոճը, որով եւ հերքած կ՚ըլլայ անոր խնամքը (ինչպէս սովորութիւն է տարազել գրուածքի մը ինքնութիւնը, կերպին մէջ ընդհանուր նոյնութիւն մը, շրջանի մը ճաշակներուն ենթարկուիլ մը կամ ասոնցմէ զարտուղում մը, երբ կուզենք բացատրել, հարկադրելով այդ ոճը անձնական կնիքէն մաշած եղանակին, որով կը խմբագրուի մեծ մասը մեր մտքին արդիւնքնեբուն լրագիր, պատմութիւն, իմաստասիրութիւն, գիտութիւնները։ Այս տիսիփլիններուն հետ ոճի զգայարանք մը մաքրակրօն, որով եւ քիչիկ մը ծիծաղելի ճաշակ մը պիտի ապացուցանէր)։ Այս հաստատում էն ետք, միշտ վերլուծումը դիւրացնելու համար:, կը տիտղոսեմ այդ բաժինները։ Ասոնցմէ մէկը՝ մտածողական կամ իր բառովը՝ իտէական [5] ։ Հակադիր երկրորդը կ՚ըլլայ զգացական ։

 

Այս երկու մասերը, երեսները իրարու վերածելի են տարօրինակ դիւրութեամբ մը, որ երկուքին ալ լրջութիւնը կրնայ վտանգել։ Շարունակ կը փոխնիփոխուին, կորսնցնելու գնով մեկնումին իմաստը /35/ նոյնիսկ։ Իբր մտածում սկսող տողը կը թանձրանայ շքեղ պատկերակերտութեան մը մէջ, ու, փոխադարձաբար, իբրեւ զգայութիւններու հանդէս, մեկնող էջը շուտով կ՚անգայտանայ՝ մտածման մշուշներէն յաղթահարուած։ Ու մարդ զարմանքով կը հարցնէ.

«… Եւ մինչդեռ ահագին եկեղեցւոյն գաղափարը կը խտանայ, կը յուզուի, կը ներկայանայ յանկարծ՝ անթերի, ամբո՛ղջ, տիեզերական ընդհանրութեան մէջ երգին ու կ՚ելլէ, կը լեցնէ անջրպետը ճշմարիտ եւ անայլայլելի զմայլմանց տրտմութեամբը հոգիները խռովելով. եղկելի աշխարհայնութիւնը սարսելով, դանդաղեցնելով երկրպագութեանց ու խաչակնքումներու յամր խլրտման մէջ որով ալեւորած մարդերուն հիքութիւնը կը բաղձայ ամբաւութեան ներյատուկ բարիքին, տխրալի քարշումով մը տարուելով երգին խնկալի ու պայծառ ելեւելքին հետ խառն, աղօթքին խուռն, հիահառաչ ամբարձման մէջ հեծեծելու, ես կը ջանամ փախչիլ սա յափշտակումէն, արցունքէն որ ներսս կ՚ուռի ... »։

Ո՞րն է սա տարափին մէջ սկզբնական զսպանակը։

Բա՞ռը, այսինքն՝ եկեղեցին է, որուն մտայղացքին մէջ ձայնն ու խորհուրդը զուգահեռ կը պառկին։

Արուեստագէտին ուղեղը՝ որ թերեւս առանց անդրադառնալու այդ կաթողիկէները կը պտըտցնէ միշտ եւ առարկաները, պահը, արտաքին իրականութիւնները պատրուակ կ՚առնէ իր սեպհական իտէութիւնը (Պղատոնեան առումով) արտաշխարհելու։

Ո՛չ մին եւ ո՛չ միւսը։ Ինք պիտի պոռար յաղթական.

Երկուքը միասին։

Կրնայ ըլլալ։ Գաղափարներու զուգորդութիւնը իմաստասիրութեան գիրքերուն մէջ գլուխ մը չի տիտղոսեր մինակ անշուշտ։ Անիկա իրականութիւն է մանաւանդ արուեստագէտին ուղեղին խորը։

 

Իրերաշրջում։ ՄՏԱԾՈՒՄԷՆ ՆԻՒԹ ելեւելք մը ։ Ահա՛ տիրական թեքնիքը, որով իրագործուած, ճարտարապետուած է « Ներաշխարհ »ը, մեր մէջ գրեթէ նորութիւն (քանի որ Եղիան իրմէ առաջ ըրած էր փորձեր նման գրականութեան մը) ու հրապոյր ինչպէս մեղք, միեւնոյն ատեն, համաձայն հոգեկան տրամադրութեան, որ ընթերցումին ճակատագիրը կը յօրինէ [6] ։

/36/ Այս երկուութիւնը ազդած է գիրքին վրայ կրկնակ ուղղութեամբ եւ հետեւանքներով

ա. Ազատած է զայն սովորական վերլուծման վէպի մը կաղապարէն կաղապար՝ որ իր բարիքը ունէր անշուշտ, քանի որ մեր վէպին մեծագոյն մէկ պակասը պիտի դիմաւորէր (մեր վէպը մեր մեղքին վերլուծումէն հեռու մնաց. մեր բարքերով շահագրգռուած ըլլալուն)։ Ամէն տարազէ դուրս [7] ըլլալու իր հանճարային, եթէ ոչ խելագար առաջադրութիւնը թերեւս վնասած է մեր գրականութեան Չրաքեանին, մերժելով անոր տաղանդին յարմար կաղապարներ ինքզինք արտայայտելու եւ զայն մղելով որդեգրելու ուրիշներ, որոնցմէ անմիջական նպաստ մը չէր կրնար գալ մեր գրականութեան եւ չեկաւ։ Հանճարային սա յաւակնութիւնն է, որ զայն զգուշացուց հաւանաբար, մարդոց մեծ մասին ըրածին նման, վերլուծելու այն հրաշալի, հեքիաթունակ աշխարհը, որ մեր մանկութիւնն է, մեր պատանութիւնը, հանդէպ այն ամուր, վճռական զգայութիւններուն, որոնց գումարն է երիտասարդը։ «Ներաշխարհ»ը փշրանքներ միայն ունի այդ ամէնէն։ Չրաքեանի համար այդ զգայութիւնները հասարակ են ու հասարակաց ու հետեւաբար «անարժան» իր գուրգուրանքին։ Յետոյ, ան մարդն է, որ ճամբայ է ինկած գրելու, առանց վէպի մը հիմնական տարրերը իբր պահեստ ամբարած ըլլալու նախօրօք։ Գրել առանց որոշ նիւթի մը ապահովութեան եւ ատիկա նուաճելու հոգեկան որոշադրման։ Գրել՝ /37/ առանց հանգոյցի, զարգացման առաջատուութեան օրէնքներու։ Գրել՝ առանց սկիզբի մը ու չունենալով յանգումի մը հորիզոնը։ Վերջապէս, գրել՝ առանց բաժնուելու առաջին դեմքով պատմումէն, որ տարօրէն վտանգաւոր եղանակ մըն է, գրողին ազատութիւնը կապկող։ Միացուցէ՛ք այս բոլոր նկատումները իրարու ու դուք կ՚ունենաք նկարագիրը « Ներաշխարհ »ին, որ ո՛չ վէպ է, ո՛չ ինքնավերլուծում, ո՛չ բարքի հանդէս, ո՛չ՝ խոստովանութիւն, ո՛չ՝ հոգեբանական տագնապի մը, տրամի մը նուաճումը։ Այն ատե՞ն։ Այո՛։ Ու հո՛ս է դժբախտութիւնը գիրքին։

բ. Վիրաւորած է գործին գեղարուեստական ամենէն ամուր օրէնքը գործողութեան միութիւնը, որ գիրքերէ դիտուած տարազ մը չէ հոս։ Անշուշտ, գրագէտին հարստութիւնը (վասնզի աւելի քան ստոյգ է հականիշը, տաղաւարող՝ մերկութիւնը ըսելիք քիչ ունեցողներուն), միջոցներէ, նորութենէ, խօսքի, առնուազն արտայայտման գիւտերէ։ Ամէն էջի հետ կրկէս նետուած գանձերուն առատութիւնը, տեսակարար արժէքը մասամբ կը փրկեն սա կցկտուր, բզկտուած յատակումը, վիճակները իրարու հանգուցող ամբողջութենէ մը սա վրիպանքը, մեր ուշադրութիւնը միշտ բաւ՝ զբաղ պահելու, մանաւանդ պարտակելու գործին մայր թերութիւնը, անամբողջութիւնը: Անշուշտ, բառերով ոճաւոր հրախաղութիւն մը, բազմագոյն ու բազմաձեւ, խաղարկութիւն՝ միտքը աջ ու ձախ ընդքարշող, լոյսէ ու շուքէ, մտածումէ եւ զգայութիւններէ փայլակուած, ու վարէն վեր՝ շե՛շտ, պիրկ, մշտագոյ, գրեթէ բարբարոս ոգեկանութիւն, ոգեղինութիւն մը կը պաշտպանեն հոսումը այդ բառերուն, ազատելով զանոնք չոր, գրեթէ անիմաստ աղմուկին ճակատագրէն, որով խոտանահար են շրջանին բոլոր արձակ–քերթուածները Ներաշխարհ »ը սխալ պիտի չըլլար այդ պիտակին տակ զետեղել։ Բայց որքա՜ն արդարօրէն փափաքելի էր, որ այդ կտոր-կտոր տրուած կամ ծուէն առ ծուէն նիւթուած հոգեմասերը, իմացական միգամածները, երկնամասերը ունենային՝ իրենց խոշոր, եթէ ոչ անսայթաք օրէնքները իրանալու, մարմնանալու, երկնանալու, թէկուզ իրենք իրենց, անկախ մեր գիտցածներէն եւ յարգածներէն, բայց ունենային։ Չդադրէր, օրինակի մը համար, իրերուն մեծվայելուչ թշուառութեան այնքան լայն ներտեսութիւնը, թեւաբեկ ու անդամալոյծ չես գիտեր ինչո՛ւ, ճիղճ, առնուազն գրական եսերու կուշտին, սա մեր աշխարհի պարունակին վրայ կաղապարուող, երբ նոյնիսկ մեր փոքր սահմաններուն մէջ ամպարագիծ ողբերգութիւնը կը հնչէ այնքան յստակ, աննահանջ, լսել կրցողին։ Ո՜վ պիտի սպառէր ողբերգութիւնը, որ կը պարագրկէ իրարու լծուած երկու սիր/38/տերուն ցաւը սա աշխարհի վրա։ Ա՛լ չեմ հարցներ, թէ ի՛նչ է ըլլալու անիկա մեզմէ անդին, թէ ինչպէ՛ս կը տառապին երկինքները... ։ Ու, անգամ մը իր կապերէն, փաթաթներէն ազատագրուած զգացումը, զգայութիւնը, մտածումը (որ անտեսանելի լոյս մըն է մեր միտքին խորը, խորհրդաւոր Ք ճառագայթում մը), տեսիլը, կեանքին անդրավար անդոհը (մեր հոգիին կամարէն վար շառայլուող), սուզումն ու սաւառնումը զարգանային, մեզմէ անկախ, իրենց տարերայնութեամբը մեզ առնել տանելու, ուղիղ, ապահով գիծերու երկրաչափութեամբը եւ ո՛չ թէ իր ըրածին նման, քովնտի, երկրորդական շահեկանութեանց ձգողութեամբը։ Այս դիտողութիւնը թերեւս կը բաժնեն գիրքը կարդացողներէն շատեր։ Ծիծաղելի կերպով նիհար պիտի ըլլային գիրքին էջերը անոնց համար, որոնք ընկերային հարցերու հանդէպ որոշ հետաքրքրութիւններ կը սնուցանեն, Չրաքեանի կենսաշահութեան տագնապը կը ջանան մեկուսացնել գիրքին թոհուբոհէն։ Նոյն անտարբերութիւնը պիտի ունենային գիրքին հանդէպ անոնք, որ իմաստասիրական որոշ ցանկութիւններ կը ներեն իրենց, ու անուններու, բառարանական սահմանումներու տղայական միամտութիւնը (Եղիայէն ժառանգուած հաւանաբար) կը գտնեն այդ էջերուն մէջ։ Իր Աստուծոյն դէպի մտախոյանքը լարուած, « լաստակերտուած », « հրազինուած », « հեղեղուած » հաւատացեալ մը պիտի չտնտնար Չրաքեանի հաշիւներուն, բաւիղներուն, զիկզակումներուն, ի վերջոյ յոգնեցուցիչ խաղարկութեան վրայ ու պիտի անցնէր անդին, խորունկ ու պարզ խօսքին վարպետներուն [8], քանի որ այդ հոգեվիճակը նիհա/39/րութեան մէջ է, որ բառերուն կ՚ապաստանի։ Ո՛չ ալ անտառի մը թուխ ու խաժ խորհուրդը նուաճելու համար նկարիչ մը պիտի կարենար հանդուրժել անհատնում այն վերացումները, նիւթը գաղափարելու ճարտարանքները, կամ գործողութեան զոյգ երեսները մէկ բառի վրայ կաղապարելու բռնավար իր ճիգը, դատողները, որոնց յատակը շատ յաճախ հակառակ տեղի էին որդն է բոժոժուած։ Մեր ուզա՞ծը։– Ոչ՝ երկարումին մէջ անգայտացող, շոգիացող, երբեմն նոյնիսկ անհետող իր ելեւելքը, մարդկային փաթէթիքը սանձահարելու, քանի մը տողի մէջ պառկեցնելու իր անհուն տագնապը, քանի որ ինք չէր ծնած նման բախտով մը։ Մեր ուզածը՝ վճռական, արու բազուկը, որ չյոգնէր հոգիները դէմ դէմի բռնելէ, հսկայ բախումներուն մէջտեղը, իր ուղեղը կրկէս ընծայելու համար անոնց տրամին։ Մեր ուզածը՝ հոգեկան սա սլաքերը արձակե՜լը՝ իրենց անդրագոյն ալքերուն, առանց բաւական ճարտարմունքի, միս–մինակ, իրենց իսկ ծանրութեամբ փորելով անջրպետները, լուսաւորելով պարապը, հոն հիւսելու համար իրենց շէնքները, ու էջերը հալեցնելով, որպէսզի թուղթին եւ զայն կարդացողին միջեւ ոչինչ մնայ հասարակաց ու վիճակները կեանք դառնան։ Ու ասիկա անոր համար, վասնզի ամէն հոգի ովկէան մը ցաւ է, բանաստեղծին ըսածին նման, վարդերու պարտէզի մը մէջ նոյնիսկ։ Վասընզի պոլսեցի պատանին [9], որուն ապրումներուն ընդունարանը ըլլալու պաշտօնը ունի « Ներաշխարհ »ը (հակառակ յառաջաբան–ծանօթութեան տրտում ճիգին) ամէն պատանիի նման խուրձ մը մատաղ կրակ/40/է, նետուած ճակատագրին ատամներուն։ Ու իբր այդ, ողբերգութիւնն է, ինք իր մէջ, առանց ցեղային դժբախտութեան ալ բեռին։ Մեր ուզա՞ծը։ Բայց մինչեւ իր վերջին ափունքին առաջնորդուած մեր երազներուն, պապակներուն, սիրոյն ու տրտմութեան ահեղ յորձանքը, զոր գրագէտը պարտաւոր էր տիրակալել ու պառկեցնել տողերու ակօսին։

Ու ասիկա չէ եղած։

 

Իմ ցա՛ւը, սա վրիպանքէն, որ գրական տարազ մը չէ, այլ խոր ու իրաւ կսկիծ մը։ Վասնզի տխուր բան է մօտենալ ու հասած չըլլալը։ Վասնզի մեր ճակատագիրը ո՛վ գիտէ ե՛րբ մեզի անգամ մըն ալ շնորհը ընէ պիտի նման տարողութեամբ ու յօրինուածքով միտքի մը, որ այդքան մօտիկը կենար մեծ ստեղծագործութեան, զայն յաղթահարող ուժերու այդքան առատ պահեստով մը։ Իրմէ մեծ տաղանդներ մէկէ աւելի ունի արեւմտահայ գրականութիւնը։ Բայց չունի իմաստի հանդէպ իր աստիճանով ընկալուչ եւ ո՛չ մէկը։ Անխառն մտածումին հանդէպ արեւմտահայ գրական կեցուածքը ամենէն տխուր փոքրութիւններէն մէկն է այդ գրականութեան։ Չրաքեան իմաստէն անդին ալ շահեկան շնորհներու մարդն էր։ Ու ակամայ կը նորոգուի իմ մէջ ցաւը նորէն։ Ի՞նչ հզօր, անխորտակելի գեղեցկութեամբ վկայութիւններ յանձնուած պիտի ըլլային մեր ազգային հարստութեանց թանգարանին, եթէ երբեք այս երիտասարդը լրիւ շահարկէր իր շնորհները: Դուրեան, Մեծարենց, իբր իմացական ընդունակութիւն անկէ վար կը մնան։ Բայց անոնց մեզ ձգածը ամբողջութիւն մըն է ու ատով շրջանէ մը վկայութիւն ։ « Ներաշխարհ »ը ո՞ր հոգեբանութեան, ո՞ր հայ տղու ապրումներուն աւանդարանն է։ Չունինք պատասխան։ Ես չեմ, որ արուեստի գործէ մը հասարակական գիծեր պիտի պահանջէի, բարոյական կամ ազգային բարիք՝ անոր գեղարուեստական կշիռը ճշդելու համար։

Ո՞վ, ի՞նչը պատասխանատու սա վրիպանքին։

Ամենէն առաջ, թերեւս ձեւը՝ անոր տաղանդին։ Որմէ վերջ՝ խառնուածքը։ Անոր տաղանդը յօրինուած է իմաստի հանդէպ բացա/41/ռիկ ընկալչութեամբ մը, ըսի ատիկա։ Մարդն էր ան, որ եւրոպական մշակոյթի մը բարիքներէն պաշտպանուած ըլլալու պարագային բոլոր պատեհութիւնները ունէր իմացական մեծագոյն տիսիփլինները փառքով նուաճելու։ Անոր մէջ, սաղմնօրէն գոյ է գիտունը (իր բուսաբանական հմտութիւնը աւելի քան վկայութիւն մըն է). իմաստասէրը Ներաշխարհ »ին ձգտումները չենք կրնար տղայական որակել) եւ ընկերաբանը (որ համադրական հետաքրքրութիւններու արդիւնք է յաճախ). պատմողը (իր պատմական մերձեցումները պարզ հմտական փառասիրութիւններ չեն հետապնդեր, ինչպէս է պարագան Եղիայի մօո, այլ դէպքերու վերակազմումին ետեւէն ընդհանուր գաղափարներու հիւս մը, որով դարձեալ իմաստասիրական ախորժակը կ՚ըլլայ հաստատելի)։ Չեմ գիտեր, պէ՞տք է լռութեամբ անցնիլ անոր նկարչական տուրքերուն վրայէն, թէեւ « Ներաշխարհ »ը իր յաջողութեանց լաւագոյն բաժինը ըլլայ պարտական նկարագրող այդ կիրքին։ Այս վերլուծումը տաղանդի մը բաղադրիչներուն մեզի կը բերէ շեշտօրէն ուղեղային տիպարը գրագէտին։ Ան մշտագրգիռ գանկ մըն է, գէշ, չար, դաժան մարդ մը (խառնուածք մը) ըլլալէ առաջ։ Ատիկա կ՚ապացուցանեն իր անդուլ արշաւները միտքին բոլոր արձակութիւններն ի վար։ Անաստուած, հանրաստուած, գերաստուած, բնաստուած, շաբաթաստուած ։ Գէշ այս բառերուն ետին Չրաքեանի ուղեղին պատմութիւնն է ծրարուած։ Ան իր համակրութեանց, հակակրութեանց, համաստուածեան (որքան տեղի եւ անտեղի գործածած է այս ածականը) իր ինքնաբաշխումներուն մէջ, մշտապէս հալածուած է ստուերներէ, ամենէն շատ սեպհական ստուերէն։ Չէ տեսած կայք մը, ուր այդ շուքերը, շուքը չկենային պատկերին եւ իր նայուածքի դաշտին ընդմէջ։ Չէ նստած, մեր ամէնուն պէս, պարզ ու մարդ, ծովափին, աղբիւրի մը գլխուն, ծառի մը շուքին, առանց խորհելու թէ առանց չկարենալ խորհելու, թե ո՞վ էր, որ զիջումը կ՚ընէր իր մարմինը այդ վայրերուն յանձնելու։ Այս եսակեդրոն, անհանդարտ, անզիջող հոգեբանութիւնը խռով, պղտոր, ցաւած՝ նոյնիսկ իր դէմ։ Աւելի՛ն. անիկա « Ներաշխարհ »ը իբրեւ վիճակ չէ պտըտցուցած իրեն հետ, ամէն տեղ, այլ՝ իբրեւ գիրք։ Ու ասիկա տրտմութեամբ կ՚արձանագրեմ հոս։ Կան այս մարդերը, որոնց համար կեանքին երեսները շփոթելի են գիրքի մը երեսներուն։ Նօթերու որսո՞րդը նաթիւրալիստ վարդապետութեան։ Այո՛, ու աւելին։ Իրապաշտները ուրիշներուն կեանքը կը զիջանէին տեսնելու եւ իրենց նօթերը կը ծառայեն ընկերութեան մը ճանաչումին։ Չրաքեան կը տեսնէ, անշուշտ։ Բայց ուզա՛ծը՝ միայն։ Անոր համար իր գիրքը կեդրոն մըն է։ Չէ վարանած ամբողջ /41/ աշխարհը անոր ստորակելու։ Ան ուրիշները պիտի վերածէ իր ուղեղին [10] ։ Ըսել կուզեմ՝ նախասիրութիւն ունի աշխարհէն զատել, առնելու իր ուզածները, վասնզի արտաշխարհը իրեն համար ուրիշ բան չէ, եթէ ոչ բազմաբաշխուած իր ներաշխարհը (առանց փիլիսոփայական նրբացումներու մէջ մոլորելու), հարստութիւնը գիտակից իշխանին, այլուրութեամբը իր ողորմութիւններէն։ Նիւթին սա հոծութիւնն է թերեւս պատճառ, որ ձեւը ըլլայ այնքան գէշ խնամուած [11], /43/ այնքան ըմբոստ, ճշդելու համար լեզուին հետ վարուելու ազատութիւն մը, մեծ գրագէտի մը կողմէ։

Ամէն բան յանկարծական է Չրաքեանի մօտ, այսինքն անպատրաստ, այսինքն՝ օրէնքէ դուրս։

Գիծ, գոյն, որոնք ո՛չ մէկ պարկեշտ, իրաւ, առնուազն տեղական հարազատութեան մը չեն սպասարկած։ « Ներաշխարհ »ի կէսը արտաշխարհեան տեսարաններու հանդէս մըն է։ Ո՛չ ոք մտքէն պիտի անցընէր այսօր այդ տեսարանները հաստատել փորձել, քանի որ ոչ ոքի համար գաղտնիք է, թէ անոնք այլայլուած են անխնայ ու չեն եղած նոյնիսկ իրենց կազմութեան օրերուն, հաւատարիմ։ Անոնք կը /44/ յառնեն տողերուն միջինէն, անմիջապէս որ նկարչի անոր նայուածքը յաջողի առընթերել սա լոյսի վէժերը, իրմէ միայն ծանօթ հեռանկարային combinaison–ներով։

Պատկեր ու զգացում, կարծես նախապէս պահ տրուած, en série, անոր մշտաբորբոք գանկին մէկ խորշը, որոնք դոյզն զուգորդութիւնն իսկ բաւ կը գտնեն դուրս խուժելու, անշուշտ անակնկալին համն ու հրապոյրը բերելով տողերուն, բայց ի վերջոյ վտանգելով էջին լրջութիւնը, զայն վերածելու աստիճան ինքնագլուխ բանի մը, որ չունենար աղերս իրմէ առաջ ու վերջ։

Ու, այս եղանակով նաեւ

Մտածում (իր ժամանակը բերանաբաց կը բացագանչէր՝ իմաստասիրութիւն ), որուն հետ Տիրան Չրաքեան վարուած է ընդվզեցուցիչ թեթեւութեամբ մը։

Ու պէտք է աւելցնել

Այս ամէնը՝ բառերով ։

Բառերու վրայ մտածելու, զգալու, նկարելու, գիւտ ընելու, յուզելու եւ յուզուելու եզակի իր բախտը, որ Դամոկլեան սուրի մը պէս կախուած է « Ներաշխարհ »ին վերեւ։ Վտանգը, վաղածանօթ՝ գրականութեանց պատմութեան մէջ, անշուշտ շրջուած է յաճախ, բացառիկ շնորհներովը անոր տաղանդին, բայց ազդած ալ՝ գիրքին ճակատազրին վրայ։ Անարդար է անոր երեսին նետուած ամբաստանութիւնը ( կոնկորիզմ Չրաքեան չունի տող մը, ուր բառերը խաղցնէ խաղցնելու սիրոյն։ Թէեւ դժուար գտանելի, բայց գո՛յ է մտածումը նոյնիսկ ամենէն մառախլապատ, թնճկոտ նախադասութեանց խռիւին ետին։ Բայց միւս կողմէն լեզուին ոգիին դէմ քալելու իր մենագարութիւնը պատճառ է, որ այրուին այլ մտածումին լրջութիւնը, տարողութիւնը, վիրաւորուի իրաւ ու խոր մարդկայնութիւնը տարօրէն օժտուած անոր քանի մը զգայութիւններուն անոր զմայլելի աչքին, որ անծանօթ ըսուելու չափ նրբին երանգներ գիտցած է տեսնել ամենօրեայ վայրերուն « սոսկական » կեանքէն, ու ականջին, որ բառերու, մարմինին մէջէն լսելի ընել է ջանացած անդրաշխարհեան հեծքեր, ու մանաւանդ այն միւս զգայարանքին, որուն դժուար է անուն մը գտնել, բայց որ անոր մօտ իրական է միւսներուն չափով, ըսել կ՚ուզեմ՝ բացառիկ այն հոգեյարդարումը, ջիղերը լարելու, հանդերձելու այն կերպը, որով կարգ մը մարդիկ երկինքը ու յարակից լրութիւնները, զգայութիւնները, անդրադարձները կ՚իրացնեն, կ՚իւ/45/րացնեն ուրիշներու, բացարձակ անկարողութեանը դէմ նման խոյանքներու։ Երեւակայութիւնը չէ ասիկա։ Ո՛չ ալ միսթիքներուն անդրասուզումները ու խարսխումները երազի նաւահանգիստին սարսռաձեւ պարապներուն ծոցը։ Այլ հանդէս մը զգայութիւններու ( գրեթէ ֆիզիք ), ուր այդ մարդոց հոգիի աչքերը կը տեսնեն մեզի անհաս ձեւեր, պատկերներ։ Դէպի զգայախաբական տեսիլքները եւ անոնց իրականութեան տեղ ամրանալը՝ մէկ է ճամբան հանճարին, ինչպէս յիմարին համար։

 

 



[1]     Ինչպէս դիտողութեան մը մէջ քիչ վերը, ըսած եմ, « Ներաշխարհ »ը Չրաքեանի վրայ աշխատութեան մը մէջ կարեւոր գլուխ մը կը կազմէ։ Այդ գլուխէն

       ա. Մաս մը լոյս է տեսած «ՀԱՄԱԶԳԱՅԻՆ ՏԱՐԵԳԻՐՔ»ին մէջ (Գահիրէ)։

       բ. Մաս մը զրկուած է Ամերիկա, պր. Ս. Թումայեանին, հաւանական Տարեգիրքի մը համար։ Տեղեկութիւն չունիմ, ո՛չ ալ ձեռագիրը, որպէսզի զետեղէի հոս (նոթերը կը մնան քովս)։

       գ. Մաս մը կ՚աւելցնեմ, իբր շարունակութիւն եւ ամբողջացում, հետագայ էջերուն միջոցով։

[2]     1900–ին արեւմտահայ աշխարհաբարը գործիք մըն է հոյակապ ճկունութեամբ, զգացական հարուստ շնորհներով, պերճ, դաշն, պայծառ ու հաստատ: Գրական մեր բոլոր կարիքները անիկա դիմաւորած էր, առանց տկարացման։ Եղիան իսկ խոնարհեցուցած։ Իմաստի մարզին վրայ անիկա չունեցաւ նոյն բախտը, թէեւ անժառանգ թշուառութիւն մըն ալ չհանդիսացաւ, ինչպէս էր պարագան արեւելահայ արձակին, ընկերաբանական, իմաստասիրական հարցերու համար, ուր այդ լեզուն կը դաւէ իր իսկ ցեղային հարազատութեան (այսօրուան մեծամասնականներու դարբնած ճիւաղութիւնը՝ ուրիշ տրտմութիւն)։ Գ. Օտեանի, Ռ . Պէրպէրեանի, Յ. Գ. Մրմրեանի, Թ. Թերզեանի կարգ մը էջերը անշուշտ չյաղթահարեցին թեքնիք ճշդութիւն արեմտեան մտածումին տարազներուն, բայց աւելի պարզ մարզերու վրայ նմոյշներ եղան պարկեշտ, ընդհանրական մտածումի մը։ Այս հաստատումը կշիռի կ՚ելլէ, երբ « Ներաշխարհ »ի մէջ աւելի մեծ չափերով կրկնուած կը գտնենք երէցներուն վրիպանքը։ Terminologie–ի հանդէպ անպատասխանատու կեցուածք մը, որով իմաստին տարազները զգայութիւններու կը հպատակին, քան թէ խորհրդածութիւն բառով ծանօթ իմացական գործողութեան մը, Չրաքեանը կը զրկէ մտածողական լրջութենէ, շատ–շատ գրական մտածողութեան (mélages littéraires et philosophiques) երկդիմի բանաձեւ մը զիջելով անոր։ Եւ սակայն, յիսուն տարի առաջ գիտուն մը, Իզմիր, ըրած էր պատուաբեր փորձը անխառն մտածումին, Տէքարթէն թարգմանութեամբ մը, երբ մեր աշխարհաբարը Վենետիկէն խանձարուրուած մանուկ մըն էր: Որչափ բարիք՝ գինն էր ըլլալու քիչիկ մը պարկեշտութեան, նոյնիսկ մեծ յանդգնութեանց կուշտին, հերիք է որ մարդիկ զգային ատիկա։ Չրաքեան յիմար մը չէր: Բայց ահաւոր, ժամանակավրէպ ռոմանթիք մը, որ դժբախտութիւնը ունեցաւ իրեն շնորհուած շփացումներէն ինքզինք չազատագրելու։ Իր աշխարհաբարը իր պատանութեան վիճակին մեղքովը կը տառապի։

[3]     Մեր լեզուին պատմութիւնը, իրագործուած` արուեստի զգայութիւններուն ալ օգնութեամբը (որ տարբեր է բանասիրականին հայթայթածներէն), շատ թելադրակյան համադրումը կը կազմէ մեր ժողովուրդին հոգեբանութենէն, իմացական ճիգէն։ Քերականութիւնը բան մըն է, բայց ոչ՝ մշակոյթ մը։ Ու մեր գրաբարին ուսումնասիրութիւնը քալեց քերականներու հսկողութեամբ: Պէտք ունինք իմաստասէր, արուեստագէտ բանասէրներու ճիգին։

[4]     Այսինքն, հպատակելով իր խառնուածքին, գրական իր գաղափարաբանութիւնն ալ ենթարկած է Ներաշխարհեան թեքնիքին, հանդարտ, լեցուն, բանաւոր եղանակին տեղ, որ բոլոր դատողներուն համար պարտադրանք մըն է (քանի որ իրենց աշխատանքը գրեթե միշտ ուրիշի մը գործին բացատրումը, զանգուածներուն ընծայումն է եւ իբր այդ ենթակայ որոշ պայմաններում, ինչպէս թատերական երկը, ուղղուած զանգուածներուն, կը մնայ ճնշումին տակը ասոնց պահանջներուն եւ կը մեռնի, կ՚իյնայ, երբ անարգէ զանոնք, սեպհական ախորժակներու գոհացման ձգտելով), ան կը գործածէ յայտնութենական իր տարազները, պարզագոյն դատաստաններուն իսկ հագցնելով խեղաթիւրող խոշորացում մը։ Անշուշտ ձեւական յորդ շնորհներ կը պահպանել այս զառածումը։ Մարդ կը պատրուի ու կը կարծէ մտածումի մէջէն քալել, մինչեւ որ միտքը, որ պարապը չ՚աղար, գիտակցի պատրանքին, անդրադառնայ, քաղը ընելու հրամցուածին։ Այն ատեն կը նշմարէ, որ այդ շողշողուն բառերուն կամ ձգտուած նախադասութեանց ետեւէն, իբր խորութեան dimension–է մը իրեն մատուցուած խորհրդածութիւնները բեկբեկման ենթարկուած զանակներ են վաղածանօթ բառերու։ Նոյն փորձը նոյն արդիւնքով` Յ. Գ. Մրմրեանի իմաստասիրական անդանմունքներուն մէջ:

[5]     Տարօրէն, մեղապարտ կերպով մը, անփոյթ է ան այս կարգի թեքնիք բառերուն գործածութեան մէջ: Խառնուածքի խոշոր մեղադրանք մըն է այս դիտողութիւնը իրեն համար, վասնզի թուղթին վրայ, գրիչի խաղին հետ մտածողներու մօտ յաճախադէպ է այդ անփութութիւնը, կրաւորութիւնը։ Եղիան շքեղ օրինակ մըն է բառերու ետեւէն մտածողի։ Չրաքեան հետեւորդ մըն է անոր։

[6]     Չեմ կրնար մոռնալ դժնդակ խոնջէնքը, զոր կարգ մը ընթերցումներ ունեցած են իմ վրաս, ուրիշներու թեւաւոր խանդավառութեան հետ: Բայց յատկանշական է, որ տարիներ վերջը «յոգնութեան այդ գիրքերն» են, որ կը պահեն իրենց շէնքէն որոշ պատկեր մը իմ մէջ, անբաղդատելի կերպով պայծառ քան այն միւսները, որոնք կարդացեր էի զուարթագին հոգիով։ Կը յիշեմ դարձեալ ուրիշ պարագայ մը, «յոգնութեան գիրքեր»ուն բախտէն։ Գրող բարեկամի մը յանձնարարած էի, ծանր թախանձանքով մը, կարդալ Պրուստը: Շաբաթ մը վերջը, գիրքը դարձաւ ինծի։ Բարեկամս, մեծատաղանդ գրող մը, զայրացած էր անկէ։ Իր ուժերը սպառած էին մինչեւ հարիւրերորդ էջը։ Թորգոմ Սրբազան « Ներաշխարհ »էն տասը էջ չէր կրցած կարդալ, ինք, որ մոլութիւնն ունէր գիր լափելու։

[7]     « Կեղծ հանճարներ » գիրքին մէջ Չրաքեանէն վեր հանուած ամենէն յաճախուած գիծը սա արտակեդրոնութիւնն է ամէն բանի մէջ։ Չրաքեան տարիներ ապրած է իր գրքին (գրելիք) խորհուրդին մէջ ու գլուխ–գործոց ի մը երազը հետապնդած է աննահանջ յամառութեամբ մը։ Իրագործուածին եւ մտապատկերին մէջտեղը անշուշտ կը մտնէ որոշ չափով հիասթափում, ինչպէս է պարագան արուեստի ամէն գործի համար: « Ներաշխարհ »ը մինակ մնաց։ Երկունքէն վեց տարի վերջը հեղինակը զայն պիտի յանձնէր մամուլին։ Չեմ կրնար անկարեւոր տեսնել տարողութիւնը այս փաստերուն:

[8]     Ինքզինք իբրեւ միսթիք մը քեզ քշելու իր յամառութ եամբը զինք կը դնէ վտանզին մէջ բառերով միսթիքին, որ հետո նոր աղերս մը միայն կը պարզէ յղացքին հետ։ Թերեւս սխալ չէ կարծել, թէ ամէն խորունկ հաւատացեալի ներսը տարրական արուեստագէտ մը կը բնակի։ Ու ամէն խոր զգացում մեզ կը ջերմացնէ, եւ ազատագրէ մեր միջակութենէն։ Կրօնական զգացումը ասոնց մեծագոյններէն մէկն է հաւանաբար։ Եղիա մը, Մրմրեան մը, միւս կողմէն, ըլլալով հանդերձ մեր նոր միսթիքները, շփոթելի մնացին դասակարգի մը հետ, որ մտքի տարակուսական հաւասարակշռութեամբ մը վարեցին, փակեցին իրենց օրերը։ Չրաքեանի վախճանը կարօտ չէ բացատրութեան։ Անոր առողջ տարիները, դէգ, անհամբոյր, արհամարհոտ իր կեցուածքը շրջապատին դէմ, մէկէ աւելի մերձեցման կետեր ունին վերի անուններուն հեքիաթին հետ։ Ուրե՞մն։ Ըսել կ՚ուզեմ` միսթի՞ք, Չրաքեանի մէջ: Ըսի, թէ իր վերջին տասնամեակին, ան կը գտնուէր միսթիքէն ալ անդին ։ « Ներաշխարհ »ի մէջ դժուար է հասկնալ Չրաքեանի միսթիքը, այն պարզութեամբ, չըսելու համար առարկայականութեամբ, որոնք այս բառինն են, զայն կը գործադրենք Նարեկացիի մը համար, որմէ, երբ անջատենք գրականութիւնը, ինքնին ահազդու խորութեամբ զգայնութեան մը դիմաց պիտի գիտնանք մեզ։ Ոճ, լեզու, բառական այլայլումներ այս վերջինին մօտ անգիտակից կուտակումներ են սկզբնական վիճակին վրայ։ Փորձեցէ՛ք նոյն բանը « Ներաշխարհ »ի վրայ։ Ձեր գտնելիքն է խեղճուկ խորք մը, կասկածելի գծագրումով, բազմապիտակ անուններով բան մը, տեղ մը՝ անհուն, տիեզերական, իդէական. ուրիշ տեղ մը՝ իր պապերուն ընտանի, անուշիկ ու ահաւոր յղացքը, նախամասնիկով մը իբր թէ մեծցուած, ըլլալու համար փիլիսոփաներուն համաստուածը ։ Առանց իր ոճին շքեղանքին, այդ զգացումը պիտի ընկղմէր ուրիշներու (գրական, նկարչական, իմացական, կրթական վիճակների տիրականութեան դէմ։ Աւելի անդին, տեսնել Չրաքեանի Աստուածը իբր մտայղացք մը նոր օրերու:

[9]     « Ներաշխարհ »ի ծանր մեղքերէն մէկն ալ իր պարապութիւնը այն յատկանշական, տեղով մը եւ ժամանակով մը պայմանաւոր տարրերէն մտածում, պատկեր, տպաւորութիւն, իրականութեան շաղովը օծուած պահեր, որոնք տեւողութենէն գողցուած թանկ սեւեռումներ են ու գործ մը կ՚ընեն այլապէս անփոխարինելի։ Հարցուցի անգամ մը, ի՛նչ կը զգային 1890–ին մեր պատանիները Պոլսոյ մէջ: Պատասխանը պիտի տային « Ներաշխարհ »ի նման ինքնավերլուծման էջեր։ Տիկին Եսայեան « Սիլիհտարի պարտէզները »ին մէջ նիւթական զգայութիւններու որոշ մթերք մը յաջողած է փրկել։ Բայց իմացականը անբաւարար է բոլորովին։ Չրաքեան չէ իսկ զիջած իր պատանութեան դառնալու մարդկային պարտքին։

[10]   Մարդ կը զարմանայ Չրաքեանի սա կարողութեան առջեւ, անհանգիստ ըլլալու աստիճան։ Ամենէն աննշան իրողութիւնը անոր գրչին տակ կը ստանայ առնուազն խորհրդապաշտական ընդարձակութիւն։ Ի՛նչ բանի որ մօտենայ, կը գտնէ անոր մէջ պարունակներ բոլորովին տարբեր մեզի ծանօթներէն, չեմ ըսեր մեծ, գեղեցիկ, այլ տարբեր ։ Փողոցէն թող խինդ մը տայ ու դուք վախն ունիք, որ ի վերջոյ այդ պատկերին ետին շուքը կայ Չրաքեանի։ Ծաղիկի մը առջեւ ան միայն բուսաբանի հմտութիւն պիտի չպարզէ, այլ մահուան ու կեանքին առընթերադրումը, այնքան շքեղ խորհրդապաշտութեամբ մը։ Նոճիներուն մէջէն սուլող հովը էակ մըն է, մարդկային ամէն ստորոգելիներով։ Եգիպտական սրբարան մը, բուրգ. մը՝ դարերու մեհենագրութիւններ։ Իռենան իր անձին երկրորդը, էգ Իրիսն է, այնքան ձեւազեղծուած է կինը՝ պատկերին վրայ ու մերկացած իր հիմնատարրէն, փոխարէն բեռնաւորուելու համար անորոշով, ընդհանուրով։ Ամբողջ գիրքը հպատակ է այս այլայլումին։ Ո՞ւժ: Հարկաւ։ Բայց որքա՛ն աւելի քաղցր պիտի ըլլար այս ամէնը, եթէ Չրաքեան կենար միշտ մարդկայինին պարունակին։ Ի՜նչ անոյշ հաճոյք էր մեզի համար տեսնել այդ Իռենան մեր կարելիութեանց հանդէսին մէջ։ Համբուրէր ու համբուրուէր ամէնուն նման ու սիրէր մանաւանդ, միսէ էակի մը ամբողջ թրթռականութեամբը: Բայց ուղեղայիններուն դժբախտութիւնն է այս անկարողութիւնը պարզանալու։

[11]   Չրաքեանի արտաքնապէս ջղապիրկ, չարչարագին, մանուածապատ, խճողակուռ ոճին համար (ինչպէս ընդունուած է ըսել) սա տարազը, հեռո՛ւ՝ փարատոքս մը ըլլալէ, գիրքին կը պատշաճի Նեսոսեան պատմուճանի մը նման։ Վասնզի խնամքը, գէթ ինչպէս վարժուած ենք զայն դատել մեր մէջ, առաւելապէս քերականական կամ գրագիտական (հիներուն հռետորականը) նկարագիր մը կը ծածկէ իր տակ։ Մեր ռոմանթիքները, դասականները (սխալ է կեղծ-դասական տարազը, զոր արեւելահայերը փակցուցին 1860–ին մեր ոճին) մանաւանդ 1900-էն ետք մեր արուեստամոլները փաստը տուին անոր։ Խնամք ին մեղքին, տկարութեան, երբ Ալիշան մը, Պէշիկթաշլեան մը, Թէրզեան մը (անուանելու համար քանի մը նմոյշ), իրենց զգայութիւնը, փոխանակ իրենց անձին ուղղակի կնիքովը մեզի բերելու, հանդերձեցին զանոնք շրջանի ցանկութեանց համաձայն։ Չրաքեանի բարբարոս, խուժ եղանակը, ոճ մը կերտելու անշուշտ չի տարազուիր անուշ ջուրի սա ռազմավարութեամբ։ Ուզողը չի կրնար կոկիկ կամ մութ գրել կամ չգրել։ Տալ մտապատկերը այնպէս, ինչպէս կը բռնանայ ան մեր ուղեղին, պրկել, ծեծել, սեղմել բառերը, նախադասութիւնը, անոնց մէջ թխմելու համար աւելի շատ բան որքան չեն ըրած, ըսած` անոնք մինչեւ իր օրը. չվախնալ խորտակումէն, անգայտացումէն, նուազումէն, երկայն կամ կարի մնալու մեղքերէն. ըսել` ինչ որ իբրեւ փայլակ կը պատռի ու կը մարի. բռնել ջանալ մտածումը, իր զուգորդութեանց բոլոր թափօրին հետ. զգացումը իր կոհակումին բոլոր երկարաձիգ պարունակներովը մեր հոգիին ծովերն ի վար. զգայութիւնները, իրենց բխման, զարգացման, գագաթման բոլոր processus–ովը. ու այս ամէնուն հետ, մէջ, չմտածել բառին, որ անիմաստ տաշեղ մըն է այս խորախորհուրդ alchimie–ին մէջ ահա՛ գործողութիւններ, որոնք ճիշդ ու ճիշդ հականիշը կը կազմեն այն միւս եղանակին, որով Նար-Պէյ մը, Ալիշան մը իրենց պտիկ մը զգացումը կամ մտածումը պիտի մշակեն, պարտ ու պատշաճ ընդլայնումներով, վերադիրներով եւ հռետորական շատ կարգի յարդարանքներով։ Չրաքեանի ոճը անշուշտ մեղաւոր է մեծ մեղքերով։ Բայց առանց այս յանցապարտ ծիրանիին, խորհած ունի՞ք, թէ ի՛նչ ողորմուկ մերկութիւն մը, հասարակութիւն մը պիտի փռուէին մեր առջեւ « Ներաշխարհ »էն, ինչպէս կը հաստատենք այդ պապուկութիւնը շրջանին իմաստի բոլոր փորձերուն ալ վրայ, ամենէն վաւերականներէն մինչեւ տաճկանուն հայաթերթերու մեծակառոյց խմբագրականները... մեր արուեստին վրայ։ Նոյն այդ խնամքը, թերեւս, որ ուրիշ կողմով մթագնած է նորէն « Ներաշխարհ »ին այն էջերն ալ, ուր Չրաքեանի գերազանց նկարչի աչքը փորձած է տեսածները սեւեռել, խորապէս խնամելով իր տպաւորութեանց ձեւն ու հասակը։ Ահա, թէ ինչո՛ւ միեւնոյն տարազը մէկ կողմէն նպաստ կը բերէ գիրքին միջակ, տկար կողմերը սքողելու, միւս կողմէն աւելորդ մթութիւն, բեռ կը դիզէ հո՛ն, ուր կարիքը չկար ատոր, զգայութիւնը ինք իրեն բաւելուն։ Չրաքեանի տողերը պարզելի են միշտ: Այսինքն՝ մերկանալի։ Ամէն էջի մէջ կարելի այս փորձը Չրաքեանի գիրքին համար փորձաքարի մը դերը ունի։ Ու հո՛ս է գիրքին դժբախտութիւնը։