Համապատկեր արեւմտահայ գրականութեան, Ը հատոր

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

Ա. ՄԱՐԴԸ ԵՒ ԳՈՐԾԸ

/363/ Հաւատալով իր յիշատակներուն անկեղծութեան, պահ մը կը հրաժարիմ վարկ ընծայելէ ընտանեկան ազդեցութեան ընդունուած հեքիաթին, Օտեանի գրական տաղանդին կազմաւորման մէջ։ Ծանօթ է ընտանիքը, ուր տիրական դէմքն է մեր գրականութեան աւագ վաստակաւոր Գրիգոր Օտեանը, հօրեղբայրը Երուանդին։ Զարգացած պետական անձնաւորութիւն մըն է հայրը։ Ուրիշ անուն, Եւփիմէ Օտեանը, հօրքրիկը Երուանդին։ Երուանդ պատմած է իր յիշատակներուն մէջ իր մանկութեան քանի մը կարկառուն դրուագները, որոնցմէ ուշագրաւը այդ տղուն չնմանիլն է արեւմտահայ գրականութեան ընդհանուր տիպարին, սանկ Խասգիւղ, Վենետիկ, Իլսկիւտար, Ղալաթիա (այս վայրերուն մէջ համբաւի հասած վարժարանները նկատի ունիմ) ըրած, գրաբարին ու գրագիտութեան, « Հայկ Դիւցազն »ին ու « Յուշիկք »ներուն փառքին մէջ ինքզինք յօրինած տղուն, որ կրնար իր ստացած կրթութիւնը հերքել աւելի վերջը, բայց չի կրնար ազատիլ այլ կրթութեան կնիքէն։ Երուանդ Օտեան Եւրոպայի մէջ է, որ պիտի սորվի իր լեզուն կարդալ, տունի դասերով, բոլորովին պատահականութեան ձգուած։ Անոր հօրեղբայրը, տարագիր Պոլսէն, իր բռնութիւնները, ծանր պաշտպանութիւնը պիտի արժեցնէ աւելորդ խստութիւններով։ Ու նոյն պատահականութիւնը օտար լեզուի մը տիրապետման հարցին մէջ ալ։ Պիտի սորվի աջէն ու ձախէն, ինքն ալ չգիտնալով ինչպէս, ֆրանսերէն։ Անդրանիկ պատանութեան սա պայմանները բան պիտի չփոխեն անոր ընդհանուր նկարագրէն, երբ Պոլիս պահ մը, տարի ու կէսի չափ միջոց մը, ան պիտի աշակերտէ Պէրպէրեան վարժարանին։ Հոս անոր պատկերը կը նմանի միւսներուն, Թէքէեան, Չրաքեան, Պարթեւեան, այսինքն կանխահաս տղոց, որոնք թերթ պիտի խմբագրեն տասնհինգէն առաջ կամ քերթուածներով պիտի շահին աղջիկներուն հիացումը։

Չեմ հետեւիր այդ կեանքին զանազան թուականներուն։ Անոր Եւրոպան յիշեցի, վասնզի է՝ մինակն է մեր գրողներէն, որ արժանա/364/ցած ըլլայ նման բախտի մը։ Ու մեզի ծանօթ է տեսութիւնը, որուն համեմատ ապագայ մարդը լայն չափով յօրինումն է անդրանիկ պատանութեան։ Կը յիշեմ Անտիոքը, ուր մօրեղբօրը հետ անցուցած է երկրորդ պատանութեան այնքան բախտորոշ շրջանը։ Օտեանի մէջ պոհեմի տիպարը շատ բան պարտական է սա Սուրիական Արեւելքին, այնքան տարբեր հայկականէն կամ պոլսականէն։ Վաղը չունեցող մարդը մնալ կարենալու համար, մէկը պէտք ունի ապրած ըլլալու սա վայրերուն մէջ, ուր կեանքը սուտ կը թուի, այնքան քիչ են անոր պայմանները։ Արեւ։ Հող։ Ծով։ Անտիոքը ատոնք ունէր անսպառ առատութեամբ։ Օտեանի գրականութեան մէջ Եգիպտոսը, Սուրիան, այսինքն արաբ տարրը reportage մը չէ, այլ կողմ մը։ Վերադարձ Պոլիս։ Պետական պաշտօնէութիւն, որուն ընթացքին ան պիտի ընէ իր առաջին լուրջ փորձերը մեր գրականութեան սպասին։

Իր նկարագրին համար արժող վկայութիւն մը, հրաժարումը հացին ապահովումը եղող այլ պաշտօնէն, ապաստան փնտռելով ամենէն անապահով ասպարէզին մէջ, որ հայ թերթի մը խմբագրութիւնն է եղեր սանկ հարիւր տարիէ ի վեր։ Օտեան անցած է « Հայրենիք »ի (1890–ին) խմբագրութեան։ Հոն են Արփիարեանը, որուն համար իր հիացումը մնաց անայլայլ մինչեւ վերջը, Բաշալեանը, զոր կը գնահատէր եւրոպական հասկացողութեամբ գրագէտ մը իբրեւ։ Մինչեւ 1896–ի փողոտումները Օտեան ապրած է ազգային տենդի մեծ շրջանը, մեծ յոյսերով թրթռուն տարիները մեր միամիտ յեղափոխութեան։ Կուսակցական մը չէր անշուշտ, բայց « Հայրենիք »ի վրայ ծանրացող ամբաստանութիւնը զինքը կը մղէ փախուստ տալ Պոլսէն, Պանքայի դէպքին իսկ օրը, զոր պատկերացուցած է զմայլելի ժուժկալութեամբ մը։ Աթէնք, ուր պիտի լաստակերտէ Տիգրան Երկաթի համբաւը։ Պիտի հրատարակէ ձրի բաշխուող թերթ մը ու շունչը պիտի առնէ Եգիպտոս ։ « Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս » հատորը ոչ միայն կենսագրական լայն տեղեկութիւններ կը հայթայթէ իւր Եգիպտոսէն, ուր ագարակի մը մէջ վերատեսուչ է ղրկուած, այլ այլ օրերու մտայնութիւնը ցոլացնող անվերածելի eau-forte–ներ, գործադրուած եզական պայծառութեամբ մը։ Եգիպտոսը մեր տաղանդներէն շատին համար եթէ ոչ վնասաբեր (պէտք չէ մոռնալ Պարթեւեանի սպառ-սպուռ ջախջախումը հոտ), գէթ նպաստավոր չէ եղած։ Օտեան հոն կը կատարելագործէ Անտիոքի փորձառութիւնը։ Մարդոց հոգիներուն թափանցումի բախտին շնորհը չէ մեր իմացականութեան, այլ մեր իսկ աշխատանքին գինը։ Իր Եգիպտոսը անոր մէջ /365/ կը բանայ հիմնական երակը անոր տաղանդին։ Երուանդ Օտեան մինչեւ 1898 ընթացիկ, տաքարիւն, աշխոյժ խմբագիր մըն է, յար եւ նման Արփիարեանի։ Եգիպտոսի մէջ ան կ՚այցուի երգիծանքէն, որ անոր տաղանդին վերջնական նուիրագործումը պիտի բերէր։ Այս Եգիպտոսը տուած է անոր վկայական քանի մը յաջողագոյն տիպարներ։ Հոնկէ է, որ իր մէջ արմատ կ՚առնեն « Փանջունի »ն յօրինող տարրերը։

 

Ու Փարիզ։ Սկիզբն ենք այս դարուն։ Եւրոպական երկու մեծ մայրաքաղաքներ, միւսը Լոնտոն, իրենց մէջ կը համախմբեն մեր յեղափոխութեան պոլսական թեւը։ Չօպանեանի « Անահիտ »ը, Պարթեւեանի « Վաղուան ձայնը » (Մանչեսթըր), Բաշալեանի « Նոր կեանք »ը (Լոնտոն) կրկներեւոյթի մը պէս կ՚առինքնեն ծնունդով պոհեմ այս թափառականը։ Ճշմարիտ վէպէ մը աւելի վիպական է աշխարհը, որուն մէջ կը թաւալին այս մարդուն օրերը, օր մը կուշտ, օր մը անօթի, երբեք լուրջ, միշտ զուարթ, միշտ միջոցներով հարուստ։ Կը ծառայէ աղաներու, կէս յիմարներու։ Կ՚ըլլայ յանձնակատար-միջնորդ հնութեանց տուներու, պաշտօն կը վերցնէ ձի ու տոմսակ քշելու, ձիարշաւներու կազմակերպումը ընող տուներու մէջ։ Այս շրջանակներուն մասին իր սեւեռումները կատարեալ պատկերներ են միջազգային նկարագիրներու, որոնք աւելի արժէք մը կը ստանան, քանի որ զերծ են տրուած գրական տարրական իսկ յաւակնութենէ։

Լոնտոնէն, ՎիեննայէՆ, Եգիպտոսէն յետոյ Հնդկաստան ։ Ատամանդի վաճառական։ Ինչո՞ւ չէ։ Տարի մը վերջ դարձ բուրգերու երկիր ու ձուլարանի պաշտօնեայ, ինչպէս իրարմէ աւելի վաղամեռիկ թերթերու խմբագիր ու հրատարակիչ Արեւ », « Ազատ բեմ », « Ազատ խօսք », « Օրէնք », « Կրակ »)։

Սահմանադրութեան հետ Պոլիս։ Աշխատակից բոլոր թերթերու, առանց հոսանքներու մէջ տարբերութիւն դնելու։ 1915–ին ... Տէր-Զօր, որմէ իր տուածները Արամ Անտոնեանի « Այն սեւ օրերուն »ի հետ կը կազմեն մարդոց գրականութեան մէջ քիչ անգամ պատահելի իրացումներ։ Զինադադարին՝ Պոլիս: 1922–էն վերջ՝ Ռումանիա, Սուրիա, Եգիպտոս ։

Ինչպէս կարելի է հետեւցնել, շարունակ, թափառական այս մարդը եզակի է մեր գրողներուն մէջ թէ՛ իբր նկարագիր, թէ՛ իբր գործօնութիւն։ Ընտանեկան աւանդութիւններ, ուսում, շրջանի պայմաններ անշուշտ կը բացատրեն մինչեւ իր եղունգները խմբագիր սա գրագէտը, բայց չեն տար հասկացողութիւնը անոր նկարագրին։ Այդ /366/ օրերուն, երբ իրապաշտներու ոգիով գրելը վերածուած է քիչ մը շատ պաշտօնական, լուրջ, առնուազն հայրենասիրական արարքի մը, Օտեան մինակն է գրեթէ, որ վտարած ըլլայ իր միտքէն վարդապետական ամէն postulat: Համակ խանդ, գործունէութիւն Արփիար Արփիարեան, համակ լրջութիւն ու հաւատք Լեւոն Բաշալեան, իր երկու վարպետները, գրեթե ոչինչ են տուած այս անառակ որդիին, որուն համար գրելը, ճամբորդելը, ապրիլը, խմելը համահաւասար ժամանցներ են ու չեն աւելի։ Անշուշտ մօտ քառասուն տարի գրիչ գործածող մարդ մը դժուար է դասաւորել իր ասպարէզէն դուրս միջոցներով։ Գրականութեան այս տեսակ ըմբռնում մը մեր մէջ նորութիւն է հիմնովին։ Ու իր դէմքը յօրինելու ձգտող սա տողերը կը տառապին այն տարտամութեան առջեւ, որ մարդոց նիհարութեամբը, չըսելու համար մերկութեամբը կը պայմանաւորուի: ։ Պարոնեան մը կայ միշտ այդ անունով ստորագրուած ամէն փշրանքի ետին։ Նոյնն է պարագան Արփիարեանի համար։ Օտեանը մարդն է, որ կը բացակայի գրածներէն։ Չեմ գիտեր այս հանգամանքը ի՛նչպէս կը հաշտուի գրողի ընկալեալ ըմբռնումին։ Նկարագրի (բառին վրայ բեռցուցէք իր բոլոր երանգները, առումները) սա բացարձակ պակասը անոր գրականութիւնը թերեւս կը պաշտպանէ, անոր տալով այլուրութիւն մը ամէն ապսպրուած կեցուածքէ, վերէն թելադրուած հրամայականներէ։ Բայց տարօրէն կը փոքրէ բարիքն ալ, որուն սպասումը մեր իրաւունքն էր իր տաղանդէն։ Անոր կուսակցական խակութիւնները չեն այցելեր միտքիս երբ կը գրեմ այս տողերը։ 1894-ին ամէն գրիչ բռնող, ինչպէս ամէն թերթ կարդացող բան մըն է, սանկ թթու կամ աժան կարգով յեղափոխական մը։ Բայց ինչ որ դժուար կ՚ըմբռնուի, Պոլսէն փախուստէն ետք (1896) անոր աշխատանքներն են զանազան ճակատներու ետին, միշտ սպասին համար դատի մը, որուն հաւատք չունի։ Անոր թափառումները որքա՛ն տարբեր մարդ մը կը պատկերեն մեր առջեւ, երբ բաղդատուին Պարթեւեւանի « Քայքայում » վերնագրուած վիպակներու հոգեբանութեան։ Ամենէն շեշտուած, յաճախակի կրկնուող գիծը այդ նկարագրին անհանդարտ, պոհեմ բնաւորութիւնն է, որ կը պաշտպանէ անոր տատանումները, անկումները, անփութութիւնները։ Ո՛չ ոք, մանաւանդ Սահմանադրութենէն ետք, որ առնուէր Օտեանի հարուածներէն։ Հակառակ անոր, որ ան զարնելու շնորհին միացուցած է յաճախ սրտի տարրեր։ Չխօսեցաւ սկզբունքներու անունով։ Չքարոզեց բարոյական զգայարանքներու շուրջառին տակ։ Ժամանակն ու գաղափարները անխնայ մերկացնող ու արժեզրկող իր հեգնութիւնը ուժ /367/ մը չեղաւ միւս կողմէն։ Յիշեցէ՛ք սարսափը, զոր կը պտըտցնէր իր ետեւէն Պարոնեան։ Դատափետուած, հալածուած Արփիարեանը կը ստեղծէր նեղութիւն, երբեմն վախ, տեռոր հրաւիրելու աստիճան իր « մարդերու կռնակին » վրայ։ Օտեան անվնաս մէկն էր։ Ու երբ նկատի ունենք այն պարագան, թէ իր գլուխ–գործոցը, « Ծապլվար »ը գրեթէ ծաղրանկար մըն է թապու բարքերու, որոնց պաշտօնական քուրմերը ամէն պատճառ ունէին առնուազն նեղուելու, այն ատեն կը հասկնանք, թէ ի՛նչ տեսակ նկարագիր մըն է, որ կրցած է հաշտութեան եզր մը գտնել նոյնիսկ իր հեգնած մարդոց հետ։ Փուշի, չարութեան պակա՞ս։ Կարելի է։ Պակա՞սը նաեւ ինքնութեան։ Անկարելի չէ։ Ասոր համար է, որ Երուանդ Օտեան իր ժամանակին ամենէն սիրուած, փնտռուած գրողը, ամենէն քիչ ազդեցութիւնը ըրաւ։

 

Ճշմարիտ պոհեմ մըն էր։ Մանր, սուր աչքերը, առանց նայելու, տեսած կ՚ըլլային շատ մը բան նոյն ատեն։ Թերութիւններ ու արժանիքներ։ Զուարթութիւնը, մարդոց ընդարձակ ճանաչողութիւնը, անեկդոտը, անհամար թիմերը, ժողովուրդի ծով մը, պիտակի բացարձակ պակաս։ Ինքնաբուխ ու անկախ մղումներ գլխաւոր հրապոյրները եղան։ Միշտ կրնար խնդալ։ Հոն ուր շատեր պիտի վարանէին, ինք կը նետուէր գլխիկոր ու կատուի պէս կ՚իյնար ոտքերուն վրայ։ Իր անունին չկապուեցան տրտմօրէն նշանաւոր շահատակութիւններ։ Իր զգացական կեանքը մշուշին ետին մնաց իր զուարթութեան։ Չունեցաւ պոհեմներուն մօտ յաճախադէպ սայթաքումներ։ Իր գինովութիւնը մեղք մը ըլլալէն աւելի թշուառութիւն մըն էր, որ իր գրելու ուժին վրայ ծանր անմեղութիւններ չստեղծեց։ Մարդ կ՚այցուի Էտկար Ալան Փոյի տրամին Միւրկէրի անունին կապուած գայթակղութիւններէն, բայց այսքան։ Խմելը վնասեց իր մարմինն՝ չեմ պնդեր, իր գրականութեան։

Իր գործէն այսքան վճռական կերպով պակսիլ մը գրագէտի մը համար զե՞րծ է ծանր անպատեհութիւններէ։ Հարցը շահեկան է։ Բայց աւելի բանաւոր չէ՞ այն չյուզելը ու բաւականանալ տրուածով։ Ի վերջոյ, արուեստագէտը նոր է, որ քահանայական դեր մը առած է վրան։ Կանխող դարերուն ան հեռու էր նման բանէ մը։ Շնորհակալ ենք Երուանդ Օտեանին նախ այն մեծ փաստին համար, որ մօտ քսան տարի (1908-1926) ամէն օր բան մը գտաւ, զուարթ, ըսելու նսեմ հոգիներուն։ Գրագէտին հանդէպ մեր քաղքենին յարգանքը չաւելցաւ իրմով անշուշտ։ Բայց լրագիրները իր ստորագրութիւնը պարտաւոր եղան գնելու։ Ու այդ լրագիրը կը կարդացուէր մեր քաղքե/368/նիներէն։ Յետոյ, ընդարձակ իր գործին մէջ կարեւոր մաս մը կայ իր ժամանակէն, փրկուած իրմով։ Իր վէպերը, իրենց բոլոր տկարութիւններով, փշրանքներ են պոլսական կեանքին, մեր գաղութներուն մէջ խաթարուած բարքերուն։

 

Իր գործին անցնելէ առաջ, պարտաւոր եմ խորունկ իմ ցաւը արձանագրել այն վրիպանքին առիթով, որ հաշուեկշիռը կ՚ըլլայ ի վերջոյ մեր շնորհներուն, ցանկութեանց ու կարողութեանց։ Երուանդ Օտեան մեր մէջ այն բացառիկ գրագէտն է, որ զերծ ապրեցաւ գրականութիւն որակուած հիւանդութենէն։ Ասիկա առաջին ու աւագ արժանիք։ Մարդը եղաւ, որ ճանչցաւ շատ ընդարձակ ծիրով ընկերութիւններ ու այդ ճանաչումը չըրաւ ակադեմական լրջութեամբ կամ նպատակներով։ Այս երկրորդ ու հազուադէպ առաքինութիւն։ Իր իմացական հետաքրքրութիւնները չմնացին նախնական։ Այս հանգամանքները մեծ գրագէտը թելադրող արժէքներ են նոյն ատեն։ Բայց իր գործէն շատ քիչ բան կ՚անցնի ազգային հարստութեան։ Իր տաղանդը, փորձառութիւնը, աշխատանքի ուժը բոլոր տարրերը կը հայթայթէին, որպէսզի ըլլար անոր ժառանգութիւնը լիակատար համադրութիւնը իր ժամանակին։ Անոր մէջ Պալզաք մը կար եւ Տիւմա մը եղաւ իր ու մեր դժբախտութեան համար։ Այսքան ընդարձակ վրիպանք մը չներեցի իրեն երբ կ՚ապրէր։ Իր յիշատակը զերծ է այլեւս մարդկային կաշկանդումներէ։ Այդ խառնակոյտին մէջ կան ճշմարիտ թանկարժեք մասեր, գոհարներ։ Այս իսկ առաքինութեամբ անոր գործը կը գրաւէ իր փառք աստիճանը իր սերունդին ընդհանուր արդիւնքին մէջ։ Ու այդ աստիճանը դարձեալ ոչինչով վար է իր սերունդին մեզի ձգած ընդհանուր ժառանգութենէն։ Բայց անհուն է իմ ցաւը իրմով կորսուածին ։

* * *

Անհուն այր վաստակին առջեւ գրականութեան պատմութիւնը դժուարութիւն կը զգայ ո՛չ թէ գնահատման, այլ դասաւորման մէջ։ Միանգամ ընդմիշտ պետք է վարժուինք սա իրողութեան, որ Օտեանի ամենէն ձախող գործերուն մէջ իսկ միշտ տաղանդ կայ, հոգ չէ մասով, մասնիկով։ Չէ անոր գործը անժառանգ ապրանք, ինչպէս են Տիւսապի, Սմբատ Բիւրատի կամ աւելի տխուր անունի մը՝ Շիտանեանի մը օր մը համբաւով փառաւորուած սնոտիքը։ Ու այս միանգամ՝ ընդմիշտ։ Չէ այդ գործը դարձեալ գրքունակ հաւաքում /369/ մը, այս ու այն փոքր նպատակներու համար գործադրուած, որ կը մեռնի, տակաւին ծնած վայրկեանին (Ալիշանի պատմական, հայրենագիտական, հայագիտական մթերքը, Օրմանեանի Յայսմաւուրքը եւ Սիմոն Երեմեանի անորակելի galimatias–ն (խառնաճառը), իրարմէ տարբեր բայց խորքին մէջ նոր ողբի ծնունդ քանի մը անուններ յիշելու համար Իր ձախողած մասին մէջ (ընդարձակութիւնը այս մասին վնասած է հեղինակին ուղղակի եւ մեր գրականութեան անուղղակի, արգելքովը, զոր ունեցած է լաւին ծաւալին) այդ գործը դարձեալ կը շահագրգռէ արեւմտահայ բարքերու հետախոյզ մը։ Իր յաջող մասերուն մէջ անիկա բացառիկ գեղեցկութիւններու հանդէս մըն։ է։

 

Ծաւալէն դուրս տեսակներու բազմութիւնը կ՚ընէ մեր վրայ դարձեալ զօրաւոր տպաւորութիւն։ Չօպանեանին շատ մօտիկ է իր գրական զբաղմանց զանազանութիւնը։ Վէպ, թատրոն, վիպակ, ուսումնասիրութիւն, թերթեր ու հանդէսներ, յիշատակներ, քրոնիկ ։ Կը պակսին քերթուածն ու պատմութիւնը: Իրականին մէջ իր յիշատակները ամենաթանկագին վկայութիւններ են։ Մուսաներէն միայն արհամարհուիլը պիտի փոխարինէր սակայն հզօր երգիծանքով մը [1] ։ Ու մեծարժէք թարգմանութիւններ, ուր կան հակառակ արկածախնդրական թերթօններու հետ ճշմարիտ գլուխ–գործոցներ միջազգային գրականութենէն ( Տոսթոեւսկի, Թոլսթօ, Զոլա, Պուրժէ, Կ. Շլումպէրժէ, մեծագոյն անուններէն)։

/370/ Այնքան ընդարձակ չափով մը հասարակութեան մը իմացական աշխատանքէն մաս առնող այս մարդը, տեսանք քիչ վերը, այդ հակառակութեան մէջ քովնտի մէկն էր։ Սահմանադրութենէն ետք մինչեւ տարագրութիւն ան ամբոխին կուռքը եղաւ։ Պատերազմէն ետք մինչեւ իր մահը ան պահեց մաս մը բան իր հմայքէն։ Զինադադարին յաջորդ քանի մը տարիներուն (մինչեւ 1922) անոր ստորագրութիւնը յաղթանակ մըն է։ Այս ամէնը կը յիշեմ հոս, բայց կը կենամ այս պայմաններով կարելի նուաճումներուն պակասին առջեւ։ Ան իր վարպետին, Արփիար Արփիարեանի մօտ կը տժգունի իբր գործունէութեան, որքան հաւաքական արժէքաւոր արդիւնքի մարդ մը։ Անկէ շատ աւելի մնայուն ու անփոխարինելի տախտակներ տուաւ մեզի մեր բարքերէն Պարոնեան, որուն գործին մէջ ամենէն ամբողջ Պոլիսը կայ։ Օտեանի անունը արեւմտահայ գրականութեան մէջ կապուած պիտի մնայ ա) իր յիշատակներուն (որոնք գրագէտի մը տաղանդով պայմանաւոր չեն միշտ), բ) իր երգիծանքին, որուն ծիրը այնքան փոքր կը թուի այսօր մեզի, երբ բաղդատենք Պարոնեանով իրացած լայն, ամենահաս շրջանակին։ Եւ սակայն Երուանդ Օտեան իբրեւ միտք, իբրեւ պատրաստութիւն, իբրեւ աշխատանք աւելի է երկուքէն ալ։ Ու ինչպէս որ իր կեանքը հերքումն էր իր գրականութեան, իրմէ մեր ժառանգածն ալ տեսակ մը հերքումն է իր տաղանդին։

Հանրային իր գործունէութեան մեծ երեսները իր թերթերը եւ ազգային ժողովներուն մէջ իր երեսփոխանական ծիծաղելի աթոռները դարձեալ նպաստ չեն բերեր իր դէմքին համար յետ մահու արդար փառքի մը։ Իր օրաթերթերը, իր հանդէսները ո՛չ միայն վաղամեռ եղան, այլ իրենց ծնունդներուն մեղքերէն չազատեցան երբեք։ Այս մարդուն մէջ կ՚ապրէր կորիզը կուսակցական հերձուածողի մը, իմացական սոփեստի մը, գործողութեան ինքնախաբ ասպետի մը, միշտ գործի վրայ երեւելու հետամուտ ու կողմնակալութեան հզօր կիրքերով պեղուած մենագարի մը: Այս ժխտական կողմերը, չեմ ըսեր՝ իր նկարագրին որմէ զերծ ծնած ըլլալուն համար պիտի հպարտանար, աւելորդ անգամ մըն ալ իր գրողի հիմնական շնորհը /371/ վարկաբեկելով այլ իր մեծ, իրաւ տաղանդին, այսօր կերպով մը բացատրելի կ՚ընէն անոր գործին մեծ վրիպանքը։ Կոխած հողին վրայ թերթ մը տնկելու յիմարութիւնը ո՛չ ոք իրեն չափ շքեղօրէն ապացուցուց։ Չեմ զբաղիր այդ տունկերը խնամելու դժուար պարտքերով։ Շապիկ փոխելու նման թերթ ու ուղղութիւն փոխող այս պոհեմը, առանց ուզելու, թերեւս ալ գիտնալու, միշտ ձեռնարկներու խանդովը մօտեցաւ իր հիմնած պարբերականներուն ու միշտ ալ չմօտեցաւ նոյնիսկ տարիին։ Լրջութեան դիմակով սա ծաղրանկարային կեցուածքը, իր ժամանակին ամենէն կենսական հարցերուն դէմ, պատճառ է իր հեքիաթին ծնունդին։ Եկաւ օրը, ուր մարդիկ չէին տառապեր անոր նուազումներուն հաշւոյն։ Անշուշտ վարկաբեկեց գրողին հետ զուգորդ քանի մը ազնուական ըմբռնումներ, չըսելու համար պատրանքներ: Բայց այդ անկումին մէջ ալ, գետին իջեցուց ուրիշ աւելի դժբախտ, անտանելի յոխորտանքներ։ Չկրցաւ չէզոքացնել Շիտանեաններու, Սմբատ Բիւրատներու փառքը, բայց այդ փառքը վերականգնելու համար նոր արկածախնդրութիւնները անկարելի դարձուց, ժամանակ ու տեղ չթողլով այս մարդոց աճումին։ Իր թերթօնները միահեծան կ՚իշխէին, ի վնաս մեր վէպին անշուշտ, բայց յօգուտ նոյն այդ վէպին ծաղրանկարումին։ Իր քրոնիկները չեղան կիրքն, տենդի, վկայութեան վայրկեաններ։ Բայց եղան թեթեւ ժպիտի առիթներ, ժամանակի մը մէջ, ուր ատոր կարօտը ունէինք ազգովին։ Բան չսորվեցուց մեզի ո՛չ թէ չգիտնալուն, այլ մեր շատ գիտնալուն։ Մեր քաղքենին սիրեց այդ անհոգութիւնը իմաստէ, լրջութենէ, հաւատքէ, որ կը յարմարէր խառնուածքին միջինին։ Մեր մտաւորական ընտրանին, իր խուլ փառասիրութեանց խորքէն չկրնալով հասկանալ իր վարկը զանգուածներուն մօտ, կերպը գտաւ զայն դասաւորելու իբր այլասերած, affairiste, arriviste, պոռնկագիր եւ որ իր կարգին։ Հոս ալ եկաւ օրը, ուր այս մարդուն խօսքը չունէր սրութիւն, հայհոյանքը՝ վիրաւորիչ կողմ, կարծիքները՝ ոչ մէկ կշիռ։ Եւ սակայն նոյն այդ ընտրանին հոգի կու տար անկէ ծաղրուելու իսկ փառքին։

 

Հանրային սպասին միւս երեսը իր մօտ օտար չէ սա պատկերին։ Կը սիրէր քնանալ ամուլ ու դուլ այն վիճաբանութեանց ընթացքին, որոնց կրկէս էր ազգային երեսփոխանական խորհրդարանը։ Ո՛չ մէկ պատասխանատու պաշտօն կարելի էր վստահիլ մարդու մը, որուն օրը կ՚անցնէր խմբագրատան մը խցիկին եւ գիշերը՝ գինետան մը ներքնամասերուն մէջ։


 



[1] Ահա հակիրճ ցուցակ մը. - վէպ` « Թաղականին կնիկը », « Միջնորդ Տէր Պապան », « Ընտանիք, պատիւ, բարոյական », « Չաքըր Ավրամ », « Տոքթոր Վարդան »։ « Ժամանակ » եւ « Վերջին լուր » օրաթերթերուն մէջ հազարաւոր էջերու հասնող թերթօններ, բոլորին մէջ ալ շահեկան կողմերով հարուստ մասեր։ Իր վիպակները՝ « Վաշխառուն », « Ազգային բարերար », « Գործի մարդ », « Բարի դահիճը », « Համբարձում աղա », « Յեղափոխութեան մակաբոյծները », « Ճեպընթաց նորածինը »։ Թատրոններէն` « Չարշըլը Արթին աղա », « Սահմանադրութեան 67-րդ յօդուածը »։ Յիշատակներէն` « Տասներկու տարի Պոլսէն դուրս », « Անիծեալ տարիներ », « Մանկութեան յիշատակներ », « Գրական յիշատակներ »։ Ուսումնասիրութիւններէն՝ « Օտեան », « Ռուսինեան », « Թէոդորոս », « Պօղոս Նուպար »։ Երգիծավեպերէն՝ « Ծապըլվար », « Ընկեր Փանջունի Վասպուրականի մէջ »։ Անունները իր թերթերուն՝ « Ազատ բեմ » (1903-1907), « Ազատ խօսք » (Փարիզ եւ Աղեքսանդրիա, 1901-1902, 1906-1907), « Թերթիկ » (օրաթերթ, Աղեքսանդրիա, 28 թիւ միայն)։ « Օրէնք », « Կրակ », « Միութիւն », « Սեւ կատու », « Մանանայ », « Արեւ », « Կառափնատ », « Իգնատ Աղա », « Շաւիղ–Իգնատ Աղա », « Հայկական Սինեմա »։ (Օտեանի գործերուն ու թերթերուն լիակատար ցուցակը տեսնել « Հայրենիք » հանդէսի մէջ, Ե. տարի, թիւ 8, կազմուած Յ. Ճ. Սիրունիի կողմէ, ինչպէս նաեւ Գարեգին Լեւոնեանի « Հայոց պարբերական մամուլը » աշխատութեան մէջ (Երեւան, 1934), լրացուցիչ ծանօթութիւններ Օտեանի խմբագրած թերթերուն մասին: