Ոսկի ապրջան

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
ԺԸ
       Արեւ արեգակ օրով մը, իրիկուան մը Արմիկը տարին թաղեցին։
       Գերեզմանատունէն երբ կը վերադառնային, Խասգեղցի երկու երեք յուղարկաւոր Ղուկաս աղան առին ու մօտ տեղուանքը պզտիկ սրճարան մը մտան, մարդուն ցաւը մէկ երկու օղիով քիչ մը թմրեցնելու համար։ Սեղանի մի շուրջը բոլորեցան, փոքրիկ պարտէզի մը ծառերուն տակը։ Արհեստակիցներէն սրտցաւ մխիթարանքները կը տրուէին սգաւորին։
       Ա՜խ, ա՜խ, հառաչեց մարդը, ան ի՜նչ ալ սեւ օր, սեւ սահաթ է եղեր քի հարս ձեռքէս բռնեց տէ, Միւհէնտիս ին տարաւ, «պիլէկըդ ոսկի պիլէզիկ մը անցընեմ» ըսելով։ Պիլէզի՞կ մի, հը՞ քելեփչէ՛ քելեփչէ՛. ձեռքերս կոտրտեց։ Զաւալլըն ի՞նչ ալ գիտնար. ան ատենները տպարանները նոր կը ծաղկէին կոր, յոյս կար, որ մենծ բաներ պիտի ըլլային։
       —Ամենո՛ւս համար ալ սեւ օր, սեւ սահաթ է եղեր քի, ոտուընիս տպարանէ մը ներս դրեր ենք, ըսաւ ուրիշ մը։
       —Անա՛նկ է, անա՛նկ է, կրկնեցին միւսները։
       Մինա՛կ պատանի մը լուռ մնաց. Ղուկաս աղան տրտմագին անոր հարցուց.
       —Ատա՛շ, օղլո՛ւմ, ես քեզի կը սիրեմ, ամա դուն ինչո՞ւ աս նալլէթ արհեստին հավէս տուիր, մեղք չե՞ս։
       Ատաշը Արտաշէս «էֆէնտին» տպարանը Ղուկաս աղային աշկերտը եղած էր, արհեստը անկէ սորվիլ սկսելով, թեթեւ մը ժպտեցաւ ու վարպետին հարցմանը պատասխանեց ոգեւորեալ։
       Ղուկա՛ս աղայ, եղածը ա՛լ մէյ մը եղած է. բայց ի՛նչ արհեստի ալ մտնաս նէ, ա՛ս ա՛ս է. պու պու տըր. կ՚ըսեն քի օխան ամէն տեղ չորս հարուր տիրէմ է։ Կ՚ուզես Շիրքէթ ին վաբօռ ները մաքինիսթ եղիր, կ՚ուզես Թէրսհանէ ն մտիր, կ՚ուզես տպարան մտիր, բանուոր չե՞ս մի, իշտէ ա՛ս աս է. պու, պու տըր. պատառ մը հա՛ց, շան տանջա՛նք, օրին մէկն ալ կռնակիդ թեքմէ մը՝ հա՜յտէ դուրս։ Ա՜խ, Ղուկաս աղայ, արհեստը ինքը ի՞նչ հանցանք ունի, ամէն արհեստ իրա՛ւ ոսկի պիլէզիկ է. ձեռքերնիս կոտրողը կապիտալն է, արհեստաւորին օճախին մուխը մարողը կապիտալիստն է, անոնց հախէն գալու ենք քի , ազատի՜նք…
       Պատանի գրաշարը «կապիտալ»ը, «կապիտալիստ» բառերը ուժգնակ հնչմամբ եւ ռուսահայ արտասանութեամբ պռկունքներէն դուրս կը ցատկեցնէր, ակռաները կճրտելով։
       Ծօ՛, Ատաշ, ատ ի՞նչեր են քի կ՚ըսես կոր, հարցուց Ղուկաս աղան, ես ատ ըսածներէդ հի՛չ բան մը չհասկցայ նէ՝ ան է։
       Շիտակը, մենք ալ բան մը չհասկցանք, կրկնեցին միւս գրաշարները։— Ատ կապիտալը ո՞վ է, կապիտալիստը ի՞նչ է քի ամէն յանցանքը անոնցն է եղեր։ Լսած անուններնիս չէր։
       Կապիտալիստը, Ղուկաս աղա, իշտէ ա՛ն քու էֆէնտիդ է քի, Զատկի օրերով քեզի ասանկ դուրս նետեց տէ, ան անմեղ աղջկանն ալ արունը մտաւ։
       Է՜յ, սըւոր շտկէ շիտակ՝ չօրպաճի չըսե՞ս քի, մենք ալ հասկնանք։ Ա՜խ, անօրէնը, անաստուա՜ծը, Փարաւո՜նը, ինշալլա՜հ Աստուծմէ կը գտնայ։
       Չէ՛, Ղուկաս աղա, չէ՛, Աստուծմէ բան մը չի գտնար, բա՜ն մը, պատասխանեց պատանին հրացայտ աչքերով, Աստուած մարդուս խելք է տուէր. ամէն բան խելքն է. անօրէնը ի՛նչ գտնայ նէ, մեր խելքէն պիտի գտնայ։
       —Խելք տուէր է, ամայ փարա՜յ չէ տուէր. օղլում, ա՜խ, ա՜խ, փարան էֆէնտիին տուէր է. ով փարայ ունի, խելքն ալ ա՛ն ունի։
       —Է՜յ, մենք ալ փարաները ամենքը անո՞նց պիտի ձգենք։
       —Ի՜նչ, գողութի՞ւն մի. խելքիդ եկուր, ծօ՛. Աստուած ատ օրը չցուցընէ մեզի։
       —Գողը կապիտալի՛ստն է, աղաղակեց պատանին, մենք մեր արդար իրաւունքը պիտի պահանջենք. ա՛լ թող պիտի չտանք, որ մեզի ընտոր ուզեն նէ, առնեն ծախեն, տանջեն, չարչրկեն, ու մենք ալ մունջ համր նստինք։ Գերիները ազատուեցան, մե՛նք ալ պիտի ազատինք։
       —Է՛յ, տղա՛ս, ընտո՞ր, հարցուց Ղուկաս աղան սկեպտիկ ժպիտով։— Եւրոպա, Ամերիկա գերիներուն պաշտպանը ո՞վ է, մեզի ազատողը ո՞վ։
       —Ա՛ս, ըսաւ Արտաշ ու աչքը բնազդմամբ մը պարտէզին դուռը դարձընելէ յետոյ, ապահով ըլլալու համար, թէ մէկը ներս չէր մտնէր։
       Ա՛ս, կրկնեց, գրպանէն հանելով չորս հինգ ծալուած տպագրեալ թուղթ մը, մեր Եւրոպա՛ն ալ աս է, մեր Ամերիան ալ աս է, փարաւոններուն հախէն եկող Աստուա՛ծն ալ աս է։
       —Ատ ի՞նչ է որ։
       Արտաշէս թուղթը Ղուկաս աղային ձեռքը դնելով՝
       —Կարդա՛. ամենքդ ալ կարդացէք, ետքէն կը խօսինք։