Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Ե.

Այս ընդհանրութիւններէն վերջ, տաղաչափներու դպրոցը ենթարկելու համար վերջնական վերլուծման ու գնահատման, կ՚ընեմ բաժանումներ, յատկանշական ու պիրկ, անոնց մէջ ըսելու համար բարիքն ու չարիքը այդ մարդոց յիշատակին, անշուշտ հիմնովին անտարբեր այդ գործողութեամբ մտքերուն մէջ առաջ գալիք շփոթանքին, թերեւս բեկումին, զայրոյթին։ Միջին ընթերցողը, առանց քննադատ մը ըլլալու, ամէն օր կ՚ընէ այդ տրտում աշխատանքը այդ տաղարաններուն վրայ։ Սովոր եմ տալ այդ գիրքերը քիչ շատ հասկցողներու, պատուիրելով կարդալ առնուազն քանի մը քերթուած, ու ինծի բերել անունը այն քերթուածին, հոգ չէ թէ մէկ հատիկ, որ անցներ տրտում փորձը վերընթերցումին։ Զուր տեղը չէր որ 1910ին այդ դպրոցը ամբողջութեամբ թանգարան առաջնորդեցին մարդիկ, նոր երիտասարդութիւնը այդ դիւաններուն աշխարհէն հիմնովին օտտարացած, միջին ընթերցողը անոնց մէջ չգտնելով իր օրուան ախորժակներուն յագուրդ։ Գրականութեանց պատմութեան ուսուցիչներուն ապրանքն եղան անոնք, այսինքն վաւերական մեռելներ։ 1929ին Չօպանեանի յառաջաբանը անկարող կը մնայ այս վճիռը բեկանելու, քանի որ փորձը, տասն անգամ կրկնուած, միշտ տուաւ նոյն արդիւնքը։ Մարդիկ չունէին ինծի ցուցնելիք քերթուած մը զոր առանց նեղութեան ըլլային աւարտած։

Կը դնեմ ուրեմն սա հարցերը։

ա) Զգայնութիւն, խառնուածք, տաղանդ, ինքնատպութիւն:

բ) Այդ տաղարաններին ներս սեւեռուած աշխարհ մը։

գ) Այդ գործերուն ներսը բաբախող իմացական, պարագայական, ցեղային բարեխառնութիւնը, գիտական բառով մը` վայրկեանը:

դ) Անոնց մեջ ի զօրու արուեստի ոճը տիրական գիծերը, նկարագիրները:

ե) Սերունդի բնորոշման ուրիշ յատկանիշներ, համեմատական առաքինութիւններ։

զ) Ոճ եւ լեզու։

Այս քիչ մը շատ պարզուած տարազներուն բարիքը հոն է որ անոնք ինծի կ՚ընծայեն պատեհութիւն, առանց մանրամասնուած, բնագիրներու վրայ պարտադրեալ կերպով յամեցող վերջ լուծումին, իրենց հիմնական եզրերուն վերածուին այդ անուններով մեր միտքին մէջ յառնող գաղափարներ, լրջանան կշիռներ ու չափեր, հաստատուի վճռապէս մեր գրականութեան մէջ երկար ատեն իր գոյութիւնը պահպանած հէքեաթի մը հանգամանքը։

Ըսի վերը թէ բացի Պէրպէրեանէն, որուն արձակը պիտի ուսումնասիրուի առանձին, միւս երեքին համար Համապատկերը չի կրնար տրամադրել առանձին կենդանագիր։ Պարտաւորուած եմ ուսումնասիրութիւնը քալեցնել համադրական ճամբով։ Յետոյ, պիտի չմօտենամ երեքին ալ կենսագրական տուեալները շահագործելու մեթոտին, այն գլխաւոր պատճառով որ Թէրզեանին համար փորձուած կենդանագիրը մեծ գիծերուն մէջ կը յարմարի միւսներուն ալ։ Պէրպէրեանին արձակը պիտի արտօնէ զիս քիչիկ մը աւելի լայն ալ անոր ազգային դերին Մ. Աճէմեան Պոլսեցի պաշտօնեայ մըն է: Յովհաննէս Սէթեան` պատուական ուսուցիչ մը, առանց հանրային որեւ է դերի։

Ուրեմն

ա) Ի՞նչ են, գիտական քիչիկ մը յաւակնոտ տարազով մը, տարրերը այս մարդոց զգայնութեան, խառնուածքին, տաղանդին, որոնց համագումարն է ինչ որ արուեստի մէջ ինքնատպութիւն կ՚անուանենք։ Այս տարազին տակ ես հասկցեր եմ մարդոց ջղային դրութիւնը, ասոր հակազդեցութիւնները կեանքէն ու զանոնք արտաձեւելու (թող ներուի այս նոր բառը) սեպհական ընդունակութիւնը, շնորհը որով տարբերէին այդ մարդիկը զանգուածէն, մարդոց միջինէն։ Այս չորս անունները (Կրտսեր Ռոմանթիքներէն) ունէի՞ն այդ տարրերէն եթէ ոչ յորդութեամբ, փարթամութեամբ գէթ այն անհրաժեշտ չափով որ պիտի ընէր ընդունակ զանոնք մասնաւորելու, ինքնացնելու, իրենց ժամանակէն, իրենց ցեղէն առնուազն որոշ շահեկանութեամբ նմոյշներ դառնալու հանգամանքներով։ Այս հարցումին դժուար է ոչ թէ պատասխանը, այլ ասոր միակտուր, վճռական նկարագիրը։ Ըրէք հարցումը Աղեքսանդր Փանոսեանին համար: Ձեր պատասխանը վճռական է առանց այլեւայլի։ Կրտսեր Ռոմանթիքները կը տառապին, իյնալու համար բացարձակութեանը տակ նման վճիռներու, ասիկա՝ ոչ անոր համար անշուշտ որովհետեւ կէս դարու կեանք մը վայելող, գրեթէ բնական դարձած երախտագէտ զգացումներ կը միջամտեն մեր դատաստանին, այլ անոնց գործերէն մեր ներսը արթնցող մէկէ աւելի հակամարտ տպաւորութեանց պատճառով։

Արդարեւ, երբ ձեռք առնենք Թէրզեանի դիւանը ու ենթարկենք ուշադիր վերլուծման մը զայն լեցնող բազմահարիւր քերթուածները, կարճ ու երկայն, պարզ որքան բարդ, լայնաշունչ որչափ կտրատ, ամէն ստեղներու վրայ իրենք զիրենք իրագործած, անպայման մեր մտքին առջեւ կ՚ունենանք կենդանագիր մը, սեպհական գիծերով, ախորժակներով, գոյնով որոնց միջինը ոչ միայն կը յօրինէ անոր դէմքը, այլեւ կը թելադրէ ապրելու ուրուային կերպ մը, ժամանակէ մը տարտամ՝ սարսուռներ, ամենէն շատ՝ սանկ իրաւի մօտեցող զգայնութիւն մը: Սեղմենք այդ մտապատկերը, քիչ մը աւելի ուժգնութեամբ որպէսզի անիկա մարմին դառնայ, ըլլայ իրական ապրումներու, յոյզերու, մտածումներու հանդէս մը, ինչպէս ըլլան այդ հանդէսը անունները Պէշիկթաշլեանին, Դուրեանին, Մեծարենցին, Վարուժանին, դուք պիտի զգաք թէ ձեր ճիգին համապատասխան խտութեամբ, թանձրութեամբ մարդ մը պիտի չներկայանայ ձեզմէ դուրս… ձեր մտքին։ Հոս է ահա Կրտսեր Ռոմանթիքներուն ամենէն խոցելի կողմը։ Չեմ ըսեր թէ հանդիպող դպրոցականը ի վիճակի էր այդ տաղերը խմբագրելու, բայց գիտեմ թէ փոքրագոյն ճիգ մը բաւ էր քիչ շատ խելք ունեցող ու բանաստեղծական բառարանը թերթող գրոց-բրոցի մը համար մերձաւոր տաղեր հանել հրապարակ: Թովմաս Թէրզեան պատանին, երիտասարդը, չափահասեալ մարդը, նոյնիսկ դէպի ծերութիւն առագաստ բացած եւ որոշ հրուանդանները ետին ձգած մտաւորականը, գրոց աշխատաւորը, պսակաւոր քերթողը կարո՞ղ է հանել իր փորձառութիւններէն, տարիներուն իր ջիղերուն վրայ տեղացած թեթեւ կամ խոր, կարճ կամ երկարատեւ, բուռն կամ քաղցր յոյզերէն մերձաւոր հարազատութեամբ վկայութիւններ որոնք նախանիւթը պիտի ըլլան ամէն արուեստի գործի, եթէ ոչ՝ մնացած է ընդմիշտ անզգայ, առնուազն խարդախ աճպարար մը, բառերու հտպիտ մը, որ գրելու դիւրութիւն մը, ճարտարութիւն մը միայն ունեցած է սեպհական, արտադրելու համար այս ու այն առիթներով բազմահարիւր քերթուածներու այդ ժողովածուն։ Պատասխանէն առաջ կը փութամ յայտնելու որ Թովմաս Թէրզեան իր քերթուածներուն մէջ չէ հակասած [1] անշուշտ իր կեանքին որուն պատկերը գծուեցաւ քիչ վերը, թէ եւ ամփոփ բայց թելադրիչ՝ գիծերով։ Յետոյ, այդ տաղարանը բաւական ընդարձակ, ինչպէս բացառիկ տագնապներով մեր պատմութեան ընդհանուր ի մաստին մէջ, հետ հաշտ տարածութեան մը վրայ կ՚երկարաձգուի: 1855էն մինչեւ 1910, այդ կէս դարը կը կրկնէ մեզի մեր պատմութեան պատգամները. աւելի` ինչ որ նոր ժամանակները յարդարեցին մեր հոգեղէն շնորհներուն իբր հանդիսարան, լեզու, գրականութիւն, ընկերային կերպարանք, հասարակութեան մը լրիւ հանգամանքները։ Այս ամէնը կիկլոնին մէջը մեր ճակատագրին։ Թովմաս Թէրզեան ոչ միայն անհաղորդ մէկը չէ այս ամենուն, կամ՝ այդ ամենէն մասերու միայն զգայարանքը ունեցող (Վենետիկցիները մեր պատմութեան հերոսապատումը, ողբասացումը, կրօնական անդաճմունքներ միայն նուաճել սիրեցին, օրինակի համար), այլ քանի մը անգամ կը դաշտուի իր սերունդին մայր ցանկութիւններուն թափին հետ: Իր գովական տաղերը, ըլլալով հանդերձ շրջանին յոյզերովը քիչ մը շատ ծանրաբեռն, տեղ տեղ գիտեն «առաւելուլ», անձնանալ.

 

Եկո՜ւր, այս պայծառ լուսնին տակ
Ի՜նչ անոյշ է երազել.
Մի՛ տրտմիր, դեռ շատ մատաղ ես,
Մեռնիլ չի այդ, այլ ննջել։

Եկո՛ւր, նստինք ծովափին մօտ,
Ձեռքդ թո՛ղ ձեռացըս մեջ.
Բեմպէ, ըստ անուրջներդ ինձ,
Ամփոփէ՛ վարսքդ յելեւէջ։

 

ու մնացած երեսուն եւ մէկ գուբղաները, թէեւ հանդիսական, գովական սեռին պատկանող, ունի բնականութիւն մը, ապրումի ջերմութիւն մը, կեանքէն լայն չափով սեւեռուած հոծութիւն մը, որոնք, գործադրումին բոլոր նուաղումներուն հակառակ, կ՚անցնին ընթերցողին, ապսպրանք է տարբեր վստահութիւններ ալ թելադրելով։ Թովմաս Թէրզեան իր բարերարին, մտերիմին (Յակոբ պէյ Պալեանի վաղամեռ կնոջը սուգը կ՚ողբայ այդ քերթուածը) բերանը կը դնէ ինչ որ իր օրերուն բանաստեղծներուն գերագոյն ապրումները կը կազմէր, կը բնորոշէր։ Մեր օրերուն մարդիկ նման վիշտի մը առջեւ պիտի չայցուէին անշուշտ այդ օդային հրայրքներէն, երկինքի այդ կերպ պատկերացումներէն, կեանքը այդպէս տեսնելու մանկական խանդէն կամ պարզմիտ, սիրտբաց վայելքներէն։ Թէրզեանին զգայնութիւնը այս ու նման քերթուածներու մէջ (անոնք շատ են, բացի գովականներէն, նաեւ մտերմիկ (intime) մենասացութիւններու շարքէն) չեմ կրնար որակել կեղծ, ռոմանթիք, այն գլխաւոր պատճառով որ այդ ապրումներուն մէջն է որ ձեւ առած է իր հոգեղէն դրութիւնը։ Այդ զգայնութեան պակսա՞ծը: Անշուշտ։ Ատիկա պիտի հաստատէք առաջին իսկ ընթերցումով, երբ շարունակեք վերի երկու գուբղաներէն վերջ կարդալ ուշադիր մնացածը։ Բանաստեղծ մը, այսինքն այս տարազը արդարացնող գործաւորը պիտի խուսափէր, շատ զգուշաւորութեամբ, սեռին լծորդ բոլոր մանկաբանութիւններէն, կենալու համար հիմնական քանի մը վիճակներու վրայ ու տար մեզի իր սիրականին ետեւէն « խանա խանա ման եկող » մարդու հոգին, արագ, սուր, խորերը թափանցող յոյզերու ընդմէջէն: Երեսուն երեք քառեակներէն քսանէն աւելին այդ բանաստեղծը պիտի խնայէր մեզի։ Մնացեալին մէջէն ալ պիտի ջնջէր դիւրին, հասարակ տողերը։ Այն ատեն մեզի պիտի գար շատ շատ սրտառուչ բայց վերջնական կատարելութեամբ հնչեակ մը թերեւս։ Թէրզեան սակայն այդ շատ իրաւ վիշտը տեսած է իր օտար մեծահամբաւ ժամանակակիցներուն գրիչի տակ (Հիւկօ, Լամառթին, ԹԷնիսըն, Միւսէ) մեծատարած քերթուածներու յատակ հայթայթող։ Ու իր զառածումը զգացական ըլլալէ աւելի գրական է: Հիմա, այս հաւաստումէն յետոյ, դուք պիտի հասկնաք թէ ինչո՞ւ պարագայական, հանդիսական, գովական իր ոտանաւորները չեն կրնար կարճ ըլլալ, ըսել կ՚ուզեմ` գոհանալ հիմնականով։ Քնարերգութիւնը այդ մեծահամբաւ վարպետներու գրիչին տակ միջոց մըն էր գիրք լեցնելու ։ Գրական գործերը առաջին անգամ շուկայի ապրանք կ՚ըլլային ու Պայրընի մէկ քերթուածը կը վճարուէր մինչեւ տասը հազար սթերլին, այն օրերուն համար արքայական գումար մը արդարեւ: Ըսի թէ Թէնիսընի մէկ քերթուածը ձեռքէ ձեռք էր խլուեր, հարիւր հազար տոլարի գին մը կռնակին։ Այս ցուցմունքները երբ լրացնենք ուրիշներով ալ, միշտ վաճառաշահական երակի ճարտարութիւններ (հաստ, շատ հաստ թուղթ գործածել, պատկերազարդել, լայն լայն լուսանցքներ թողուլ հատորի կերպարանք մը ճարելու համար քանի մը քերթուածի), մենք կ՚ունենանք Թէրզեանի տաղարանը ուռեցնող քերթուածներուն գոյութեան պատճառը, անշուշտ ուրիշ եղանակներով գործադրուած բայց նույն նպատակներուն նկրտող: Երկար պատմումը, լայն նկարագրումը Հիւկոն հարուստ մը ըրին, Լամառթինին պարտքերուն թեթեւացում մը հետապնդեցին (մանաւանդ Les Harmoniesն), Պայրընը մղեցին փարթամ՝ débaucheներու: Ինծի համար դժուար է այսօր հաշտուիլ այդ ոտանաւորին (Վշտահար ամուսինն առ վաղամեռիկ Նազելի) ձգձգուն, ճապաղ ընդլայնումներուն եթէ երբեք գարուն այդ շահադիտումը չունենայի նկատի։ Յետոյ, ըսի թէ հազարաւոր տողեր անիկա յատկացուցած է օրուան աստիճանաւորներուն, ամիրաներուն, քերթողներուն, սանկ ու նանկ բարեկամներու, տիկիններու, օրիորդներու, որոնք միայն իր զգայնութիւնը չեն շահագրգռած աս ու ան ձեւով, այլեւ եղած են շրջանին թերեւս սիրական յուզումները. Մեր քերթողութեան դժբախտութիւնն է սա ենթակայութիւնը պարագայականին։ Վանքէն իր ծուծին մէջ տեղաւորուած սա պատեհապաշտութիւնը Թովմաս Թէրզեան պիտի չկրնար մոռնալ: Ինչ տարօրինակ փաստ որ Դուրեանէն, Պէշիկթաշլեանէն վերջ առանձին մեր հրապարակին վրայ տիրապետող այս գրեթէ պսակաւոր քերթողը այնքան քիչ էջեր ըլլայ յատկացուցած Ազգային Սահմանադրութեան տարեդարձի հանդէսներուն, որոնք, ըսեր եմ քանի մը տեղ, բարձրագոյն քնարական պահեր էին, երէկի դպրոցականէն տրիբուն մը, անվաւեր լրագրողէն ատենախօս մը ստեղծող։ Թէրզեանի զգայնութեան բաղադրիչ հզօր ազդակները դժուար է մէկիկ մէկիկ արտահանել: Ցուցմունքներու միայն կրնամ բանալ իմ էջերը։ Իր խառնուածքին վերլուծումը դժբախտաբար որեւէ նպաստ գրեթէ չի հայթայթեր անոր տաղարանին, այն պարզ պատճառով որ հակառակ խորունկ, ինքնաբուխ կերպարանքին, այդ խառնուածքը մտած է ազդեցութեանը տակ անոր իմացականութեան, միա՛կ վարիչը անոր օրերուն։ Միահամուռ յարգանք ու հիացում մարդիկ կը շահին միահամուռ չէզոքութեամբ մը, չեմ ըսեր` կեղծաւորութեամբ մը։ Թէրզեան չէ քծնած։ Պատի՛ւ իրեն։ Թէրզեան չէ քծնած ամենէն աւելի իր մուսային։ Դարձեալ պատիւ: Բայց նոյն Թէրզեանը գտած է եղանակը ոչ ոքի սիրտ կոտրելու. աս ալ ուրիշ իմաստասիրութիւն։ Յիմարներու շրջանի մը մէջ կ՚ապրէր։ Մեր յիմարները միայն վարիչ դասակարգին չէին պատկաներ։ Կային մանաւանդ գրական մարզերու վրայ։ Ամենէն պատրաստուած ուսուցիչը չէր միայն, այլեւ ամենէն աւելի հանգամանաւոր գրագէտը, ըսել կ՚ուզեմ՝ մեթոտիկ ուսումնասիրութեամբ, ընթերցումներով իր իմացականութիւնը իր ժամանակին (Եւրոպան ունիմ նկատի) trainին մէջ տեղաւորած, հանդերձաւորած մասնագէտ աշխատաւորը գրական ուսումներու: Մատի չեմ փաթթեր իր ծաղկաքաղ գեղեցկագիտութիւնը, տարիներով դասախօսած Պոլսոյ զանազան վարժարաններուն մէջ ու տպած է, կեանքի վերջալոյսին, Բազմավէպ հանդէսին մէջ (1901–1903), ինչպէս չեմ զբաղած Եղիայի Իմաստասիրութեան պատմութիւն տետրակով, աս ալ դասախօսութեանց ծրագիր մը քան իմաստասիրական կրթանք մը։ Թէրզեան հանդուրժած է շրջանին գրական սնոտիքը։ Եղիայի, Չերազի, Պէրպէրեանի, Սէթեանի, Նար-Պէյի, Աճէմեանի գրական փառքերը իր աչքին տակ գտան իրենց կառոյցները։ Զգոյշ, իմաստուն, շրջահայեաց, այս մարդոց զառածումներուն լայնօրէն գիտակից (այդ մասին չեմ կրնար տարակոյս պահել), ըրաւ կարելին որպէսզի տաղաչափութեան կեղծ փառքը ինքզինքը պարտադրէ մեր հրապարակին։ Չունինք իրմէ ոչ իսկ փշրանք մը ընդվզում ընդդէմ այն բանաստեղծութեան որ ամենէն շատ Եղիայի ունայնամիտ ոտանաւորները պիտի տանէր հիացման։ Վարպետ մը, այս հիւանդէն իրեն շնորհուած, բաւեց Թէրզեանի, որպէսզի գրուէին Եղիայի մեղքերը, մեծ մասը իր քերթուածներուն։ Եւ սակայն անհնար է ուրանալ Թովմաս Թէրզեանի մօտ բանաստեղծական զգայնութիւնը, գոնէ՝ մեծատարր: Իր տաղարանը շատ մը տեղեր այդ մասին ունի անհերքելի վկայութիւններ։ Անշուշտ մարդ Պոլսեցի եւ հոսհոս միայն ըլլալու գինով է որ իրեն պիտի ներէ սա տեսակ քերթուածներ. Ո՜վ խըմորներու աղուոր թագուհի (էջ 275) ուր անուշեղէնի մը գովքը ( թաթար պէorէյի ) կը հիւսուի ճարտարօրէն, Ունճեան քոյրերուն գովեստին։ Մարդ ոչ միայն կը զարմանայ նման տողեր կարդալով պաշտօնական քերթողի մը գրիչէն, այլ կը տառապի ատոր կարելիութեան իսկ հաշւոյն։ Ա. հատորին 267ին սկիզբը կայ Առ մլուկ զաւեշտը, շարունակուող` ուրիշ հինգ էջերու ալ վրայ։ Շարէր այդ միջատին համար երկու հարիւրէ աւելի տողե՜ր։ Պոլսեցի մը միայն պիտի չտառապէր այս եղերակատակէն։ Նման տրտմութիւններ են Շուկայէն դարձը (277, Ա. հատոր), Դափնէ պսակը (273, Ա. հատոր), Ինքն եւ դու (195, Ա. հատոր), Վահագն վիշապամարտ (143, Ա. հատոր), Ի քուն (119, Ա. հատոր), Հրդեհ (101, Ա. հատոր), Զբօսանք (86, Ա. հատոր), Պարն (84, Ա. հատոր), Վշտաց դեղը (80, Ա. հատոր), յիշելու համար, սանկ արագ թուումով, քանի մը վերնագիրներ։ Ու դժբախտութիւնը հոն է որ Թէրզեանի երեք հարիւրը անցնող տաղերուն երեք չորրորդը կուգայ այս զգայնութենէն: Ըսել թէ կեանքն ալ ունի այդ կողմերը, այդ խեղճ ու պատառ ուրախութիւնները, այդ գետնաքարշ վայելքները չի բաւեր որպէսզի հարիւրաւոր այդ քերթուածները գրուին։ Վենետիկի մէջ ուսանող մը իրեն իբրեւ աշխարհ ունէր իր վարժապետներուն աչքերը, ականջները, մօրուքն ու պարեգօտները եւ կրնար այդ ամենուն դիմաց իր մուսան կրթել: Պոլիսը, հարկ չեմ տեսներ թարմացնելու Համապատկեր ին Ա. Գիրքին մէջ այդ մասին թելադրանքները։ Թէրզեան, իր բախտէն, Պալեաններու գովքին համար քնարերգած է Յապարանս Չրաղանի (148, Ա. հատոր) ջատագովականը, Պալեաններու ձեռակերտ այդ պալատին նկարագիրը (հին առումով) իրագործելու համար: Ինչո՞ւս պէտք` այս հիացականին ետին տրտում բաներ ընդնշմարել։ Կը գոհանամ միայն դիտել տալով որ տեսել եմ պալատը (այրումէն առաջ անիկա ուխտատեղի մըն էր արեւելեան, աւելի ճիշդը` պոլսական ճարտարապետութեամբ խանդավառներուն համար), միտքիս մէջ քերթուածին փառքը։ Իմ գտածը բոլորովին տարբեր ապրում մըն էր Թէրզեանի քերթուածով թելադրուածէն։ Այդ կապուտաներկ ալիքներուն լռին հէծքին մէջ ես առաջին անգամ չափեցի արեւմտահայ բանաստեղծութեան տկարութիւնները։ Աւելի քան երեսուն տարիներ կը զատեն զիս այդ խելամտումէն։ Այո, տեսայ

 

զայն հրաշակերտ
Որ ըսպիտակ կ՚անդրադառնայ
Ծովուն յալիս կապուտաներկ
Որ կը փշրին յափունս նորա:

 

Խօսք, ամբողջութեամբ։ Դրէք այրեցաւեր ապարանքը այդ ափունքին, ամայի ու ցուրտ, տարտամ շուքերէ հակուած ու պիտի չմտածէք ոչ այդ ջուրին, ոչ այդ մարմարին, ոչ այդ ճերմակութեան, այլ այն մռայլ, կարմիր, ահաւոր կիրքերուն որոնք այդ ոսկի դրասանգներուն ներքեւ եռ եկան, կիներուն, տղոց, այրերուն, այդպէս սրահէ սրահ երբ իրենց անասնութիւնն ու գեղեցկութիւնը քռաթ առ քռաթ կ՚արժեւորէին։ Յետո՞յ։ Այո՛։

 

Ոչ կին է դա, ոչ հող, ոչ վէմ,
Այլ մեծազօր հայ հանճարին
Մըտածութիւն մըն է վըսեմ
Հոն տարրանիւթ հագած մարմին:

(ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾՈՒԹԻՒՆՆԵՐ,
Թէրզեան, Ա. հատոր, էջ 150)

 

Այս կարգէ տողեր, տուներ` շատ ցանցառ։ Դարձեալ ընտանեկան պարագաներ, խորովուած հայրը, քոյրերը, սիրածները, պատմութեան հերոսներէն ոմանք, ժամանակակից աբբաներ, սակ ու նանկ կլիներ, երազներ, յիշատակներ։

 

Ողջո՜յն քեզ, պերճ հսկայայաղթդ Ոլիմպոս,
Ոյր մենաւոր վերամբառնայ յաստեղս անդ
Բիւր դարերով ալեւորեալ քո գըլուխ,
Յոր Արեւ զուր շեշտէ զփըքինս բոցեռանդ։

 

Անշո՛ւշտ։ Բայց իր ինչ փոյթը որ մենք հետը չենք մնացեալ ութսունը չորս տողերուն թաւալման ընթացքին։ Ի՞նչպէս չյիշել Հայրենի լեռներ ը . Վարուժան), այնքան հարազատ, այնքան իրաւ, մեզապատկան ու չտառապիլ Թէրզեանի հաշւոյն…: Պատմութիւնը, երկինքը, աստղերը, Աստուածը, նահատակները, մահը ու իր երազները, աղջիկները, փոթորիկներ, լուսիններ, նոճեստաններ, լեռնամբարձումներ, ներկան ու հանդերձեալը, սաղմոսասացութիւններ, ինչ գիտնամ։ Թէրզեան մօտեցած է ամէն բանի ։ Այսինքն իր զգայնութիւնը զարկած է ամէն ապրումի ու հաւատացած է այդ բախումին արդիւնքին որ միշտ քերթուած մըն էր, ապահով՝ իր ճակատագրէն, ընելիք շքեղ ասպարէզէն։ Կարելի է էջերով երկարել այս շարքը: Իր քերթուածները միշտ օրուան շեշտը կը կրեն ու իբր այդ աւելի կ՚ըլլան դատապարտելի երբ չեն յաջող իր այդ օրը քիչիկ մը ընդարձակել: Միլիոնատէր հրեայ մը իր զաւակը կը կորսնցնէ։ Թէրզեան գիտէ ազնուական թախիծով մխիթարել այդ հայրը։ Չեմ գտեր հոս այս արարքէն հանուելիք հաւանական տրտում դասը։ Ու կուգամ հիմնականին։— Ինչո՞ւ գրուեցան այդ հարիւրաւոր քերթուածները։ Կարելի՞ էր անոնց մէջէն գտնել լարերը իրաւ բանաստեղծի մը զգայնութեան։ Եւ կամ այդ քերթուածները բառախաղային յօրինումներ էին հեղինակին իմացքները, թերեւս շահերը գոհացնելու սահմանուած։ Իմ մասիս, առանց տառապանքի ես կրնայի մոռնալ այդ բիւրաւոր տողերը, եթէ երբեք չունենայի ներքին ստուգութիւնը թէ անոնց ետին չէր կրնար մարդահաճ մը, խաբեբայ մը, առնուազն յիմար մը ապրած ըլլալ։ Աս ալ իմ համոզումը: Թէրզեանի զգայնութիւնը ու ասոր հետեւանք խառնուածքը, տաղանդը չեն հերքուիր ։ Բայց չեն ալ պաշտպաներ անոր մեզի ձգած գործը: Ահա իմ՝ եզրակացութիւնը։ Ո՞վ է հեղինակը այս տարօրինակ ճակատագրին։ Վենետի՞կը: Թերզեա՞նը: Ժամանա՞կը: Տաղա՞նդը: Երբեմն կը փորձուիմ այդ անունը փոխադրել պատերազմէն ասդին, սփիւռքի ապրումներուն խորը, Պոլսէն դուրս Գահիրէ, Նիւ-Եօրք, Բարիզ, Երուսաղէմ, Պէյրութ։ Ի՜նչ պիտի գտնէր այդ քնարակիրը ըսելիք իր ժողովուրդին ու կը հրաժարիմ հետեւելէ իմ մտածումներուս։ Պոլիս մը կայ այդ տաղարանին մէջ։ Անշուշտ։ Բայց այդ Պոլիսը Թէրզեանին Պոլիսն է եւ ոչ թէ իրական Պոլիսը։ Մարդ մը կայ այդ քերթուածներուն ետին։ Բայց այդ մարդը, այնպէս ինչպէս կը յօրինուի իրերայաջորդ տաղերէն, գրեթէ մանկամիտ, չըսելու համար հոսհոս պուէտիկոս մըն է։ Իր լեզո՞ւն։ Իր վանական frameով հոգի՞ն։ Իր աղկաղկ զգայութիւննե՞րը։ Իր ճկուն իմացականութի՞ւնը։ Իր յաջողութիւնները։ Իր պայծառ նսեհը, որ միշտ դիմադրեց իր երազանքը, զայն առնել տանելու համար իր հասցէին։ Թովմաս Թէրզեան վիպող մը, թատերագիր մը, դիտողութեանց ու ապրումներու արձանագիր մը, քրոնիկներու հաճելի ասպետ մը։ Անշո՞ւշտ։ Բայց ոչ քերթող մը, այնքան դժուար է այս տարազի թելադրած մտատիպարը հաշտեցնել իրմէն մեզի եկած գործին ընդհանուր ճնշումին հետ։

բ) Զգայնութեան սա վերլուծումը ստիպուած եմ կատարել Պէրպէրեանին ալ: Այս անունը ըլլալէ առաջ սփիւռքի մէջ իբր գրական իրողութիւն, գրեթէ ամբողջական մոռացում մը, ուրացում մը, աւելի քան քառորդ դար (1875–1915) եղած է արեւմտահայ գրական, քաղաքական, ազգային, կրթական շրջանակներու մէջ մէկը ամենէն տիրական փառքերէն։ Իրապաշտները կործանեցին Եղիան, լռեցուցին կամ ուրացան Չերազը, բայց մնացին անյաջող` Պէրպէրեանի վարկը իբր մեծ, հեղինակաւոր անձնաւորութիւն ուսուցիչ ու գրագէտ նոյն ատեն բեկանելու: Ատեն մը իր բանաստեղծութիւնը ողջունուելէ վերջ իբր հզօր գեղեցկութիւն (Եղիայի հնարքները, հրաշքները այս ուղղութեամբ ծնունդ կուտային երկար տեւող հէքեաթներու), Չօպանեանով, մանաւանդ Սիպիլով վերածուեցաւ իր ճշմարիտ կաղապարին։ Առաջին տերեւք ին նշուլագեղ ռոմանթիզմէն, Պէրպէրեան թարգմանական բանաստեղծութիւն մը փորձեց, անցնելով աւելի անդին քան ռոմանթիքները ու ԺԹ. դարու ուսուցողական ախորժակներուն բարոյախօսութեան սպասը չարհամարհեց: Մինչ այդ իր վարժարանը արդէն մասնաւորած էր անոր ուժերուն գործածութիւնը, մէկ կողմէն, միւս կողմէն ազգային շրջանակները լայնօրէն կ՚օգտագործէին այս ուսուցչին մէկէ աւելի կարողութիւնները կրթական, կազմակերպչական, վարչական բազմաթիւ կարիքներու համար։ 1880ը կանխող տասնամեակին մէջ իրենց երեւումը ընող դէմքերէն (Եղիա, Չերազ, Պէրպէրեան) մեր հանրային կեանքը ամենէն աւելի երախտաւորեալ արդիւնքները ունեցաւ Պէրպէրեանէն։ « Վեշտասանամեայ », ինչպէս կը գրէ ինքը, Խասգիւղի Ներսէսեան վարժարանէն իր ուսումը աւարտող ու տաքը տաքին մերձաւոր ոստանիկ քաղաք մը (Ադրիանուպոլիս) իր ուսուցչի շքեղ ասպարէզին նսեմ մուտքը ընող պատանին, քանի մը տարի վերջ, հազիւ երիտասարդ, արդէն դէմք մըն է, Պոլիս, իմացական բոլոր մարզերուն վրայ փարթամ շնորհներով։ Կը հեղինակ է, կ՚ուսուցանէ, կը խօսի մանաւանդ, լայն, լեցուն, շունչով հարուստ ու գաղափարներու թարմ մթերքով մը ուշագրաւ իր ճառերը, առաջին անգամ ըլլալով հռետորութիւնը գործածելով ազգային, հայրենասիրական իր սովոր սպասէն դուրս, ուրիշ հարցերու արծարծումին։ Մարդիկ մտիկ ըրած էին Չերազը, որո՛շ զիջումով Եղիան, անշուշտ ասոնց տարիքէ մատաղութեան ու մանաւանդ անոնց նիւթերուն հանդէպ հասկնալի զիջումով։ Ու յոգնա՛ծ: Այսինքն անցած ուրիշ հետաքրքրութեանց։ Երիտասարդ Պէրպէրեանը գիտէ շօշափել (եթէ կը ներուի այս բառը) ունկնդիրներուն հոգեբանութիւնը, հարցերը ընտրելու մէջ ամենէն առաջ դնելով այն discernementը, որով ի յառաջագունէ մենք մեզի հետ կ՚ունենանք մտիկ ընողներու բարեհաճ տրամադրութիւնը, զիջումը։ Զգոյշ է երեւալու հոն ուր կիրքերը կ՚իշխեն միահեծան ու խելքը քիչ ունի դեր: Կ՚ուզէ՞ք ցանկ մը նիւթերու որոնց վրայ այս երիտասարդը ատենաբանած ըլլայ, անշուշտ առանց ձանձրացնելու, քանի որ այս տողերը թելադրուած պահուն ալ այդ ճառերուն ընթերցումը ինծի կուտայ որոշ գոհունակութիւն, արդիւնք՝ ճպուռներու (Ազգային երեսփոխանական ժողովին երիցս երանեալ աքաղաղները) բառամարտէն արթնցած հակազդեցութեան որ խորունկ արգահատանք մըն է իմ մէջ բոլոր խօսքի հերոսները թերեւս անիրաւ կերպով մը զգետնող։ Պէրպէրեան խօսած է այդ օրերու (1870–75) զանազան միութեանց հանդիսասրահներուն մէջ դպրոցի, ամուսնութենէ, փրկութենէ, յառաջդիմութենէ, ներկայէ եւ ապագայէ, այսինքն հարցերէ՝ որոնց մասին մենք ունէինք այդ օրերուն տարտամ ծանօթութիւններ։ Մարդիկ կը հետեւէին նիւթին, հոն պարզուող որոշ, հաստատ գաղափարներուն, ու հաւանաբար այդ գաղափարները դասաւորելու, մատուցանելու եղանակին ալ տիրապետութեանը տակ: Պէրպէրեան մեր այդ շրջանի խօսողներէն կը զատուի սա կառուցողական տուրքերովն ալ։ Ան խօսած է նաեւ հայրենասիրութենէ, հիմնովին նորոգելով այդ զգացումը, զայն ազատագրելով քերթողներու, թատերագիրներու բացագանչական կիրքերէն, ինչպէս պատմութեամբ շուրջառուելու հնաբոյր ալ ռոմանթիզմէն։ Կինը, մէկը իր բանախօսութիւններէն, ուրիշ նիւթ, դարձեալ հիմնովին նոր։ Ու կը յիշեմ՝ իր յանդգնութիւնը՝ խօսելու դաստիարակէն, այսինքն ամենէն արհամարհուած էակէն։ Այս յիշատակումներուն միտք բանի՞ն: Ա՛ն որ Պէրպէրեանի վարկը այդ տասնամեակին կը տարբերի Խասգիւղի դպրոցին հանդէպ զիջուած փառքէն։ Ոչ հերարձակ հայրենասիրութիւն, ոչ ալ սանձարձակ արշաւ մը` դարերու եւ երկիրներու հորիզոններէն (առաջինը կը բնորոշէ Չերազը, երկրորդը՝ Եղիան), այլ նոր կազմաւորուած մտայնութեան մը իմացական` այսպէս ըսելու համար՝ ախորժակներու, բարքերու հանդէպ ուղիղ ըմբռնողութիւն մը, պահանջքին գիտակցութիւնը։ Արդէն անիկա հիմնած է իր վարժարանը, Գատը-գիւղ, որ տիպարային համախմբում մըն էր, սանկ քիչիկ մը վերապահ, դրամի հովին մէջ ինքնավստահ ու կործանած ամիրայութեան մեղքերէն զգոյշ ախորժակներով տոգորուն հասարակութիւն մը, ուր հին ու նորը, պահպանողականն ու ազատականը կրնային իրարու քով ըլլալ, իրար հանդուրժել: Պէրպէրեանի Վարժարանը երկար տարիներ խորհրդանշան մը մնաց անհատական կորովի, փայլուն իմացականութեան, յանդուգն նախաձեռնութեան: Ինչ որ քառասուն տարի առաջ լման Պոլիսը, ետին ունենալով Երուսաղէմի ալ նիւթական աջակցութիւնը (1838ի Ճեմարանը, Սկիւտար, Հայկազեան կրթարանը, 1856, Փարիզ) դժուարացած էր իրագործել, Պէրպէրեան, Գատըգիւղի մէջ ուսուցիչ մը, անկարող հանդուրժելու ազգային վարժարանին վրայ աքաղաղային յոխորտանքը հոգաբարձու թաղականներու, կը հրաժարի իր պաշտօնէ ու կը ձեռնարկէ իր վարժարանը որ յետոյ փոխադրուելով Սկիւտար, պիտի ըլլար առաջին տիպար դպրոցը, տարրական ծրագրով եւ երկրորդական ուսման մակարդակով։ Հիմա ասոնք թուղթի վրայ կարդալը դիւրին է ձեզի համար: Բայց մտածեցէք թէ ինչ բարդ մեքենականութիւն մըն է երկրորդական կրթութիւնը, ու զայն տալու յաւակնող հաստատութիւնը որքան մեծ է փառասիրութեան, երբ գիտենք որ հոն աւանդուող ուսումներուն համար պատրաստուած ուսուցչութիւն իսկ չունէր գոյութիւն: Համապատկեր ը այս գիծերը չի տար հոս կենսագրութեան համար: Այդ նշմարները մասը կը կազմեն Պէրպէրեանի զգայնութեան, ու մեզ կ՚ընեն մասամբ մը բացատրելի միւս իրողութիւնը, ինչո՞ւ այսքան առատ տուրքեր համապատասխան արդիւնքի չեն վերածուած Պէրպէրեանի յիշատակին համար: Մինակ այդ վարժարանին նիւթական եւ իմացական հոգը սա էր ամբողջութեամբ սպառելու մարդկային ամենէն ամուր մեքենայի մը բոլոր ուժերը։ Մէկ կողմէն կը կազմակերպէ, մէկ կողմէն կը խօսի, միւս կողմէն կը գրէ, կը թարգմանէ: Բախտորոշ օրեր են։ Անցած ենք 1880ը։ Պոլսոյ հայութեան ինչպէս ամբողջ ազգին հոգին խուլ ապրումներու, յոյսի եւ լքումի հանդիսարան մըն է: Դէպքերը կը քալեն։ Կանխող տասնամեակին շքեղ արշալոյսը տակաւ կը թուի մթագնիլ: Ու գրաքննութիւնը: Ու առաջին վախերը։ Առաջին ճնշումները։ Բռնապետութիւնը որ կ՚ամրանայ։ Հայկական հարցը որ արիւն կը թելադրէ։ Մեծ սերունդէն (Զարթօնքի) ոմանք մեռած, ոմանք տարագիր, ուրիշներ դէպքերուն յարմարուելու փոյթ մը մէջ հետզհետէ իրենք զիրենք կոկելով, կոճկելով լեզու եւ գրիչ։ Պատնէշին վրայ Ռեթէոս Պէրպէրեան։ Որ կը վայելէ վստահութիւնը Վարժապետեանի, համակրութիւնը Մամուրեանի (այս մարդը այդ թուականներուն աւելի է քան սանկ ու նանկ ճարուած հեղինակութիւն մը, ըլլալու համար տեսակ մը խղճմտանք, իմացական իշխան որ կը վարէ Պոլիսն ու Իզմիրը, անշուշտ խելքի մը կամ յուռութքի մը գինով, գոնէ հրապարակագրական, գրական եւ որոշ չափով՝ ազգային մարզերու վրայ), անվերապահ հիացումը դրամի ազնուականներուն Պոլիս բայց մանաւանդ գաւառները որոնք նիհար խրտչումով մը արքայական Ռոպերթ գոլէճէն, իրենց զաւակները կը յանձնեն այդ աւելի համեստ բայց աւելի սրտամօտ հաստատութ եան։ Պէրպէրեան պիտի մասնաւորէ իր կարողութիւնները իր դպրոցին։ Ատենապետն է ուսումնական խորհուրդներու։ Իր շրջանաւարտներուն խօսած հուսկ բանքերը նոր քրոնիկի մը յաւակնութիւնները կ՚արժեւորեն։ Իր մեծ գործը ազգային վարժարաններու ուսմանց ծրագիրն է, առաջին անգամ արեւմտահայ դպրոցները իր ազդեցութեան տակ առնող ձեռնարկ: Վարժապետեանի քաղաքական փառքին դրօշակիր, անոր արտօնած ազգային ժողովներու մէջ իր որոշ զգայարանքը (քաղաքականէն) արժեւորող։ Բոլոր այս մանրամասնութիւնները իրենց իմաստը կը հագնին ոչ անշուշտ բանաստեղծ Պէրպէրեանին մէջ որ կը կասի արդէն 1880էն առաջ (ըսի թէ անկէ յետոյ ինչ ախորժակներու կը սպասարկէ), այլ արձակագիր, քրոնիկագիր, գրագէտ Պէրպէրեանին մէջ։ Անիկա երբեք պարզ ուսուցիչ մը չէ, ազգային վարժարաններու խոնարհ ծառայական, անձնուէր ու ատոր համար ալ անօթի ապրելու գիտութիւնը իւրացուցած, ազնուացուցած, ոսկեզօծած, եկող գացող հոգաբարձուներու, թաղականներու թմբուկը չզարնող անշուշտ, բայց զգոյշ` իր ձայնը բարձր, գլուխը վեր, գրիչը բուռն ընելէ, ինչպէս Uէթեանին ճակատագիրն է եղած։ Ոչ ալ պետական պաշտպանութեամբ մուշտակաւոր ու մարդամօտ միւս տիպարը, յանձին Թովմաս Թէրզեանի, իր բարձրաքանդակը կտակած ապագային։ Իր վարժարանը տաք, իրաւ, հայաշեշտ հաստատութիւն մըն է, որ աւելի քան քառորդ դար գաւառացի ուսումնատենչ պատանիներուն համար հեռաւոր, անհաս երազ մը մնաց։ Ես ինքս, իմ խեղճ ու պատառ դպրոցէն (գեղն ու քաղաքը, Պրուսան կը կրկնէին զիրար, իրենց դպրոցներուն ահաւոր ողորմելիութեանը մէջ) խորհեր եմ այդ դպրոցին ուր մեծ դասեր, մեծ խօսքեր, մեծ գիրքեր « կը դարբնուէին », « կը կռուէին » ինչպէս կ՚ըսէր իրմէ վերցուած կտոր մը, ուսուցչին դերը սահմանող։ Մինչեւ հայկական ջարդերը Պէրպէրեան կը մնայ իր փառքին ու դերին մէջ։ 1898ին Զուիցերիա է։ Յետոյ վերստին դպրոց, Պոլիս։ 1900ին տօնական գրագէտ մըն է, Էֆենտի ն, որուն կարծիքները կը ճնշեն ծանր, գրական ինչպէս կրթական հարցերու մէջ։ 1884ին կազմուած Կեդրոնական ը իր յեղափոխաշունչ մթնոլորտովը տխուր վարկ մը կը շահի կառավարութեան մօտ։ Պէրպէրեան կը պահէ 1870ի մարդոց պարկեշտ հայութիւնը, չըսելու համար օսմանցիութիւնը: Եկող գացող պատրիարքներ չեն կրնար անտեսել զինքը։ Եկող գացող վարչութիւններ (ազգային) իր հմտութիւնը, ձեռնհասութիւնը, հմայքը չեն վարակիր դարպասել: Ազգը զայն կը պատուէ շքեղ յոբելեանով մը: Ուսուցչապետն է անիկա։ Իր մահը ազգային սուգ մըն էր (1850–1907): Արագ այս դատումէն Պէրպէրեանի քերթողական կարողութիւննե՞րը: Կան անոնք։ Ու կը զուգադիպին առաջին երիտասարդութեան։ Այսինքն մինչեւ 1880։ Իր արձակն ալ, այդ օրերուն, հաղորդ է այդ զգայնութեան, բուռն, կրքոտ, ռոմանթիք, իտէալիստ, անիրական բաներու հետամուտ, որ շեշտօրէն կ՚ախորժի գիրքէն ու երազէն, բայց նոյն ատեն աչքը կը պահէ հողին վրայ։ Իր քերթուածներուն մէջ այս կողմերը անոր տաղանդին բաւարար չափով չեն շահարկուած, վասնզի իր կեանքը զինքը կ՚ընէ մշտապէս լարուած, իրմէ պահանջելով իր ուժերուն լրիւ սպասը իր կարիքներուն: Պէրպէրեան կ՚երգէ օրուան յուզումները ( դպրոցական հանդեսներ, Սահմանադրութեան տարեդարձներ, մտերիմներ, ամանորներ, պատրիարքներ ), անձնական ապրումներ ( երազներ, սէրեր, զեփիւռներ, կարօտներ ), Լամառթինեան թախծութեամբ, բնութեան տեսարաններ ( աշուններ, գարուններ, լուսիններ ), ինչպէս սորված էին ընել ատիկա աւագ ռոմանթիքները։ Այս ամենուն մէջ գրակա՞նը։— Այսինքն՝ տաղաչափակա՞նը, այնպէս ինչպէս մեզի կը տրուի ատիկա զգալ ու վճռել Նար–Պէյն, Ալիշանին, նոյնիսկ Պէշիկթաշլեանին շատ մը տաղերուն ետին։ Անտարակոյս։ Պէրպէրեան մեծ բանաստեղծ մը չէ որպէսզի իր շրջանը հանդուրժելով հանդերձ հերքէ զայն, ուրիշ շրջանի մը վրայ հորիզոն մը պատռելով։ Բայց չի նմանիր իր ընկերներուն, իր տաղերը հեղինակած ատեն մեկնելով հանդերձ անոնց փառասիրութիւններով։ Չերազ մը, հաւանաբար իր ոտանաւորները գրեց անոնց աղմուկին համար։ Եղիա մը ուրիշ փառասիրութեանց կը ծառայէ։ Գիտենք թէ ուր կը նայէին Թէրզեանի, Նար–Պէյի մտահոգութիւնները։ Պէրպէրեան, գիտակից իր ըրածին, արեւմտահայ քնարերգութեան ծառայելու խուլ փառասիրութեամբ մը կը զատուի իր ընկերներէն։ Իրեն համար քերթուած մը ազգային արարք մըն է, պարտականութիւն մը, եւ ոչ թէ գրչի զբօսանք, ինչպէս պիտի չվարանի կոչել իր մէկ տաղարանը Յովհաննէս Uէթեան քնարերգակ վարժապետը Այս լրջութիւնը բա՞ւ՝ որպէսզի այդ քերթուածները իսկապէս ծառայէին արեւմտահայ քնարերգութեան բարիքին։ Հոս է որ սկիզբ կ՚առնէ Պէրպէրեանի կորանքը։ Անցան այն հոգեկան բարեխառնութիւնները որոնց արտայայտութիւնն էին, կը յաւակնէին ըլլալ այդ քերթուածները: Մենք չենք իսկ նայուածք մը զիջիր Առ Ամեն. Տ. Ներսէս Ս. արքեպիսկոպոս ՊԱՏՐԻԱՐՔ Կ. ՊՈԼՍՈՅ, ի հանդիսի մրցանակաբաշխութեան Շահնազար. վարժարանի երգին ու տաղաչափական շքեղ բառակոյտ մը կը ջանայ ծածկել խորքին անդարման հասարակութիւնը։ Ու կը փնտռենք այն կտորները ուր կը կարծենք թէ պատեհութիւն կայ երիտասարդ մը, սիրտ մը ճանչնալու։ Սիրային քերթուածներն են ասոնք։ Բայց մեր սպասումը չի պսակուիր, չի վարձատրուիր, ոչ անշուշտ անոր համար որ այդ տարիքի ապրումները ունէին հասարակաց նկարագիր, այլ շատ աւելի խոր թերութեան մը գինով։ Պէրպէրեան իր սիրտի պահերն ալ կը շահարկէ… ոտանաւորին։ Ու կ՚ունենանք քերթուածներ որոնք գրուած են գրուած ըլլալու համար, ապացոյց կազմելու համար երիտասարդ հեղինակին գրական շնորհներէն։ Նանրամտութի՞ւն: Չեմ երթար առաջ։ Առնուազն այդ սէրերը վաւերական զգացումներու արձագանգը կը թուին։ Բայց ո՞վ չի գիտեր արձագանգներուն տեսակարար ծանրութիւնը։ Դուրեանէն եւ Պէշիկթաշլեանէն վերջ դժուար էր այդ զգայութիւնները արտայայտել իրաւ բանաստեղծներու մօտ միայն կարելի նորոգումով ։ Այս է պատճառը որպէսզի այդ քերթուածները յօրինում հոտին, տաղաչափութիւն դառնան, վտանգելով իրենց խորքին հարազատ նկարագիրն ալ։ Հոս Պէրպէրեան կը տարբերի Թէրզեանէն որ իր ոտանաւորները գրած է իրմէն դուրս ցանկութիւններով ։ Թէրզեան մտքէն չանցուց ծառայել մեր բանաստեղծութեան, բայց չունեցաւ փառասիրութիւնն ալ մեր քնարերգութիւնը օժտելու ամուր, կոկիկ, կանոնաւոր, խանդոտ կտորներու բարիքովը, ու ատով ինքզինքը զերծ պահեց այդ քնարերգութեան շրջափոխութենէն։ 1909ին իրմէ քերթուած մը, ըսի ասիկա, 1855ին կրնայ մտածուիլ ինչ պէս՝ գրուիլ։ Արդ, 1877ին տպուած Առաջին տերեւք ը անդունդով կը բաժնուի 1904ին լոյս տեսած Խոհք եւ Յուշք էն։ Այս հաւաստումը վճռական է սակայն։ Առաջին տերեւք ը երիտասարդութիւնն է, գրագէտին ոսկի գարունքը եւ Գրական փորձեր ը, իր ահաւոր յառաջաբանով, մեզի կը թելադրէ արդէն թէ ուր կը նային այս քսանը նոր մտնող տղուն հոգեկան խուլ, խորունկ ցանկութիւնները։ Պէրպէրեան գրական փառասիրութիւն մը միայն չի սնուցաներ երբ մամուլին կուտայ իր նախախայրիք քերթուածները, գրաբար թարգմանութիւնները [2], իր անունը պարտադրող ճառերը, քաղաքական քրոնիկները, նշանաւոր այլեւ այլքը, ծանօթ անունին ներքեւ, այլ կը հաւատայ թէ կը կատարէ իր պարտքը իր ժողովուրդին։ 1842ին, այսինքն երեսուն տարի առաջ այդ գրքոյկէն, մեր գիրքերը հազիւ թէ կարիք կը զգային յառաջաբանով մը իրենց կեանքը սկսելու։ Նոր տղաքը իրենց յառաջաբաններուն վրայ կը թուին աւելի սիրտ դրած ըլլալ քան հատորիկներու բովանդակութեան։ Պէրպէրեանի յառաջաբանը Չերազինին նման ընդարձակ ու սնապարծիկ չէ անշուշտ, բայց տեսակ մը մանիֆեսթ ալ է, գրական քննադատութեան էջ մը, որ գոյութիւն չունի դեռ մեր մէջ։ 1904ին Խոհք եւ Յուշք ը տրտում, սգաւոր ու մինակ (առանց յառաջաբանի), բարեբախտ ձեւով մը կ՚աւարտէ Պէրպէրեանի քերթողական ասպարէզը։ Երկու հատորիկները բաժնող միջոցը, երեսունի մօտ տարի, պատմութիւնն էր արեւմտահայ քնարերգութեան։ Պէրպէրեանի խառնուածքը, տաղանդը իրենց հիմնական լարերը կ՚առնեն համայնական, հասարակական (ահաւո՜ր բառը) ցանկութիւններէ։ Անիկա բանաստեղծ է որքան քրոնիկագիր, ուսուցիչ կամ ճառախօս, ազգային գործիչ ու լուրջ մենտոր մը սերունդներու: Այս հանգամանքները անիկա սիրած է արժեւորել, իւրաքանչիւրին համար ալ ճարելով իր մէջէն արի, պարկեշտ ջանք ու տեղին համեմատ ալ կորով։ Կորովի իմացականութիւն, զուր տեղը չտուին իրեն մարդիկ այս շքեղ գնահատականը։ Մեծայարգ ուսուցչապետն ալ ուրիշ տիտղոս մըն է զոր մեր ժողովուրդը սիրայօժար կցեց անոր անունին, չխորհելու որ այդ տիտղոսը կրելու համար Պէրպէրեանի գլուխը առնուազն չէր արդուկուած մանկավարժական համալսարաններու սնոտիքէն ու փառքէն։ Գիտէք էֆէնտի ն, զոր իր սաները, կեանք մտնելէ վերջն ալ սիրեցին գործածել իր հասցէին, յիշեցնելով Արփիարեանի պարզին վսեմը հռչակաւոր բացատրութիւնը։ Այդ երեսուն տարիներուն Պէրպէրեան մաս է վերցուցած մեր գրականութիւնը շահագրգռող հարցերէն կրցածին չափ ու այդ կրցածը զանցառելի չէ (տեսնել աւելի անդին երբ կը խօսիմ արձակագիրին վրայ, բայց շատ քիչ բան է տուած մեր բանաստեղծութեան։ Խոհք եւ Յուշք ը, որ կը փակէ այդ ասպարէզը, իրաւ գիրք մըն է: Գրեթե բանաստեղծութիւն: Կ՚ըսեմ այսպէս, վասնզի ամեն մարդ բանաստեղծ է, այսինքն տաղաչափ երբ գիտէ տողերը հատածներու օրէնքներուն համեմատ կտրատել ու յանգերուն տեսակները որոշել… Հ. Գ. Մենեվիշեանի տաղաչափութեան կամ Գուրգէնի նոյնանուն հատորէն սորվելէ՜ վերջը զ անոնք։ Պէրպէրեան այդ քառասունէ քիչ աւելի քերթուածներուն մէջ մօտէն հետեւած է իրաւ բանաստեղծութեան հրաշքին: Իր նիւթը աւելի քան իրաւ, անմոռանալի որքան ահաւոր ապրումներու խտութիւնը, թարմութիւնը, կենդանութիւնը կը խմբէ ուրիշ ալ բարիքի մը ծոցը, որ առանձնակի մնալու բախտն է մեր ներսը: Ի՞նչ ունինք այս աշխարհին մեր հոգիին խորը իրենց գիծերը անաղարտ պահող քանի մը հրաշքներէն զատ որոնք կը դիմանան կեանքին բոլոր հարուածներուն, աղտերուն ու մուխին ընդդէմ։ Ատոնցմէ մէկը մեր մանկութիւնն է, երկրորդը՝ մեր պատանութիւնը։ Ու քանի մը հատ ալ ուրիշ յուզումներ: Մեր սէ՜րը, որուն վրայ խօսելու մենաշնորհը կը ձգեմ Սիպիլին։ Մեր տո՛ւնը, անոր առաջին կերպարանքը։ Մեր զաւակները: Մեր ցաւերը։ Ու ցաւերուն գերագոյնը` երբ հողին կը յանձնենք ամբողջ ընտանիքին խորհուրդն ու հոգին։ Ասիկա, թուղթի վրայ պարզ, գրեթէ ճակատագրական, կեանքին մէջ այն դժոխքն է որ ալ չի հեռանար մեր հոգեդաշտէն: Պէրպէրեան ապրած է այդ դժոխքը: Պատիւ իրեն` որ իր յուշերը պահած են կեանքին ոչ թէ ուղին գէթ քաղցր տարտամութիւնը, ցաւին շաղը եթէ կը ներուի այս բացատրութիւնը։

 

Սարսըռալի տեսիլն աչքիս դէմն է միշտ.
Նոյն մետաքսեայ ճերմակ հանդերձն էր այն ճիշտ,
Որով անշունչ մարմինն էին զարդարեր,
Եւ զոր, բաբո՛, պըսակին տակն հագած էր:
Հիմայ, շիրմի՜ն լուռ խօսեցեալ, կը պառկէր,
Մեղրամոմի դալուկն իր դէմքը պատէր.
Դողդոջ շուրթիս տակ ճակտին սա՜ռն զգացի,
Զայն չըկակղեց հուրն արցունքիս զոր լացի։

(ԽՈՔ ԵՒ ՅՈՒՇ Ք, էջ 24)

Ահա ուրիշ մը

 

Եղաւ ատեն ուր երջանիկ էի ես,
Ուր ինծի հետ, իմ քով կ՚ապրէր անձիս կէս.
Ուր ցերեկի նըման ինծի ցայգ լոյս էր,
Ինչպէս հիմայ օրերս մութ են զերդ գիշեր:
Ոսկի թիթռանց պէս թըռէին ժամք թեթեւ,
Կենաց ուղին կ՚երթայինք մենք թեւ ի թեւ.
Ճամբուն վըրայ Սէր մեզ վարդեր կը ցանէր,
Ու կ՚անուշնար փուշ, չէր խոցեր մեր ոտներ:
Լոյսն աւօտին միմեանց աչքէն մեզ ծագէր.
Մեր շրթանց վրայ կեանք մի Երկձայն նուագ էր…։

(ԽՈՀՔ ԵՒ ՅՈՒՇՔ, էջ 48)

Բանաստեղծութի՞ւն, այս արտագրումները որոնց այնքան պարզ, ինքնեկ, անոլոր գնացքը կարօտ իսկ չէ հատածի, յանգի, կշռոյթի նպաստներուն, ինքզինքը պարտադրելու համար եթէ ոչ մեր հիացումին, գէթ մեր յարգանքին։ Պէրպէրեան Առաջին տերեւք էն վերջ քանի մը անկարեւոր քերթուածներ միայն (որոնցմէ կը յիշեմ՝ Մարդիկ եւ իրք ի մուտքը յօրինող ձօնը իր վաղամեռիկ մէկ զաւկին, 1903ի Ծաղիկ հանդէսին մէջ Ճոխ յանգ վերնագրուած յաջորդական երեք թիւերով անորակելի ոտանաւորները, Արեւելեան մամուլ ի (1903) մէկ թիւին մէջ ( Առուակ ը) ունի երիտասարդ տաղաչափը հեռու է հեռու թելադրող, այնքան արձակը, քրոնիկը, ճառերը, դամբանականները, գրական, մանաւանդ կրթական հարցերը, յառաջաբանները, իր գործունէութեան ըն. թացիկ պահանջները զինքը մղած էին անբանաստեղծական ին, մոռցնելով անոր երիտասարդութեան սեթեւեթուն տաղերուն անախորժ տպաւորութիւնը)։ Խոհք եւ Յուշք ը մեծ գիրք մը չէ: Անիկա խառնուածք մը չի յայտնաբերեր։ Անով բանաստեղծ մը չի նուիրագործուիր մեր նկատառման մէջ։ Բայց է իրաւ գիրք մը։ Կրտսեր Ռոմանթիքներէն մեզի հասած քերթուածներուն մէջ հազիւ թէ տողեր՝ որոնք ըլլային արժանի մօտիկը դրուելու այդ մերկ տաղերուն։ Անկեղծութիւնը միայն հոն կը բաւէ մեզի, աննկատ թողնելու հին վարժութիւններու, մարզանքներու հետքերը լեզուական, բառական, տաղաչափական հնհնուքներէ, իրաւ է՝ վերածուած նուազագոյն չափերու, բայց դարձեալ զգալի։ Այդ հատորիկը Պէրպէրեանի յիշատակը կը պաշտպանէ տակաւին իր մահէն քառորդ դար վերջն ալ։ Անշուշտ այս հաւաստումը կը մնայ յարաբերական, քանի որ իր ուժը կ՚առնէ երիտասարդական մատեանին հիմնական վրիպանքէն, ամենէն առաջ։ Բայց այդ հատորիկը արեւմտահայ քնարերգութեան մէջ հանդուրժելի վկայութիւն մըն է։ Ու մենք գիտենք որ արուեստի գործերը պարտաւոր են մեզ հիացնել ոչ թէ իրենք զիրենք փրկել ծիծաղելիէն, կեղծէն։ Անիկա դասական ճաշակով հաստատ յօրինում մըն է ու իր բախտը կը պարտի գրագէտէն աւելի նիւթին։ Վերցուցէք այդ տաղերուն ներքին մարմինը, այսինքն սիրելի էակի մը հոգին, ու դուք պիտի զգաք թէ որքան դիւրին, սովորական տողեր կը դառնան անոնք։ Ինչ որ ալ ըլլայ մօտիկ ապագային վճիռը, Պէրպէրեան նոյնիսկ Խոհք եւ Յուշք ով անկարող կը մնայ իր բանաստեղծի վարկը պաշտպանելու 1910ի սերունդին ճաշակին առջեւ։ Մարդիկ ուրացան այդ անկեղծ վաւերագիրն ալ, տպաւորութեանը տակ անշուշտ շատ ու շատ մեղքերու, ամենէն աւելի տաղաչափութեան որուն անպաշտօն քահանայապետն էր արդէն սանկ քառորդ մը դար, վերէն նայուածքով մը հետեւելով իր ընկերներուն, բարեկամներուն քերթողական երկունքին վրայ, ինքզինքը պահելով ճարտարութեամբ, երբեմն երբեմն թարգմանութիւններու վրայէն (հիմա գերմաններէն Կէօթէ, Շիլլէր, Ուլանդ) միայն բախտը փորձելով։ Այս ընդլայնումներէն կը հետեւ ի՞ քերթողական վաւերատիպ զգայնութիւն։ Չեմ գիտեր։ Միայն գիտեմ թէ Խոհք եւ Յուշք ը մարդու մը, իրաւ մարդու մը ձայնն է, որով եւ խառնուածքի մը յայտարարը։ Ուրիշ խնդիր՝ այդ խառնուածքին բանաստեղծական ըլլալու կամ չըլլալու հանգամանքը: Յետոյ, ժամանակը արդէն կատարած է նախապատրաստական աշխատանք մը։ Չրաքեան երբ կը վարակի անոր մէջ բանաստեղծ մը ողջունել, արտայայտիչը կ՚ըլլայ, թերեւս անգիտակցաբար, իր դատաստանէն վեր ուրիշ իրողութեան մը։ Ատիկա Արուեստագէտ Սերունդին մէջ բանաստեղծութեան զգեցած այլապէս բարդ, իրաւ, խոր կերպարանքն էր։ Մեր երեք մեծ քնարերգակները Թէքէեան, Մեծարենց, Վարուժան իրենց յայտնութիւնը կ՚ընեն Խոհք եւ Յուշք էն վերջ, այսինքն միտքով բանաստեղծութեան շիջումէն վերջ։

գ) Զգայնութիւնը Յովհաննես Սեթեանին որուն կեանքը դժուար չէ տալ մէկուկէս տողի մէջ։ Անիկա վարժապետ ծնած է, վարժապետ ապրած է ու վարժապետ մեռած ։ Կէս տող ալ կ՚աւելցնեմ՝ Կ. Պոլիս եւ Գահիրէ (1858–1927)։ Բայց եթէ մարդը կարճառօտ է այս աստիճան, գործը, իր սերունդին ճանաչումին համար կ՚ընծայէ բացառիկ նշմարանքներ։ Հանրային խոշոր հարցեր չեն յուզած այս մարդուն մուսան։ Թէրզեանէն աւելի զգուշաւորութեամբ մը Յովհաննէս Uէթեան չէ արկածախընդրած իրեն օտար ջուրերն ի վար։ Չէ պոռացած. ինքզինքը պարտադրելու փորձերու վրայ չէ վտանգած իր մուսային զաղփաղփուն անուշութիւնները, ինչպէս չէ ալ զիջում կատարած Ալփասլանի մը, Եղիշէ վարդապետ Դուրեանի մը աշակերտական շարադրութիւններուն աժան դափնիներուն: Իր առաջին հատորը, Գրական Զբօսանք (1870–1882), ինքնին արտայայտիչ է ոչ միայն անձէն այլեւ շրջանէն։ 1870ին, Մեծ Ռոմանթինքներուն լռելէն վերջ, պայծառ բացը լեցնելու տեսակէտէն, այլ աւելի սրտագրաւ զգացման մը ապացոյցին համար։ Սէթեան Գրական Զբօսանք կ՚անուանէ այն քերթուածները որոնք գրուած են 1870-1882ի շրջանին, այսինքն այդ տղուն վաղ պատանութեան օրերուն։ Ուրեմն քերթող մըն է ան տասներկու տարեկանէն իսկ ։ Գրական սա կանխահասութիւնը չէ որ կ՚առնեմ նկատի։ Այդ կանխահասութիւնը ունէին Դուրեանն ալ, Պէշիկթաշլեանն ալ, Նար-Պէյն ալ, Մեծարենցն ալ, Թէքէեանն ալ, Զարդարեանն ալ, ինչ որ ոչինչ կը բացատրէ: Բայց այդ նկատումէն անդին կայ փաստը պարկեշտութեան մը, յաւակնութենէ զերծութեան մը, թերեւս մե ծ երու հանդէպ իրաւ հիացման մը որոնք դիւրաւ վերածնելի են այդ մարդուն մօտ զգայնութեան տարրերու։ Ու ահա աւելի տարօրինակը։ Սէթ եան Գրական Զբօսանք էն վերջ հրատարակած է Յուզման ժամեր ը (1882-1888)։ Ուրիշ հաւաքում մը` Բլուրն ի վեր, թուագրուած է 1888-1896: Գահիրէ մեկնելէն վերջ իր հոս ու հոն հրատարակած քերթուածներուն համար ալ, մինչեւ 1912, իր յոբելեանին տարին գրած է ուրիշ տիտղոս մը, Տարագրին քնար ը (1896–1912)։ Այդ թուականէն մինչեւ իր մահը ունի մէկէ աւելի ոտանաւոր եւ արձակ քերթուածներ: Այս թուումը անո՛ր համար, վասնզի բանաստեղծական զգայնութեան որակին տեսակէտէն իր նախախայրիքը, Գրական Զբօսանք ը, կը կազմէ արժանաւոր վկայութիւն։ Հարազատ քնարերգակներու ճակատագիր մը կայ այս իրողութեանց ետին։ Զուր տեղը չէ որ իրաւ քերթողները երբեմն կը մեռնին կանխահաս կերպով մը, ազատագրելով հողին ծածկոյթովը իրենց անդրանիկ զգայնութեան ոսկի գեղեցկութիւնն ու որակը։ Չեմ ընդհանրացներ իրողութիւնը։ Կեանքը երբեմն մեզի պիտի տայ այլապէս անփոխարինելի, իրմով միայն կարելի ապրումներ ու ասոնց սեւեռումին ալ մոգական շնորհը պիտի զարգացնէ մեզմէ անկախ, չկասկածուած հեղմունքներով։ Կ՚ընդունիմ որ Հիւկոն իր գլուխ–գործոցը ըլլայ նուաճած շատ ուշ։ Դարերու Զրոյցներ ը (Légendes des siècles) պիտի իյնան թուղթի 1859էն վերջ, շարունակուելու համար մինչեւ Հիւկոյի խոր ծերութիւնը։ Զգայնութենէ աւելի երեւակայութեան եւ բանի շնորհներ օգտագործող այդ ձեւ քերթողութիւն մը տարիներէն թերեւս նպաստ մը առնէ։ Բայց Առաջին Խորհրդածութիւնք ը (Premieres Méditations) Լամառթինի երախայրիքն է գտած անոր երեսունէն առաջ, ու երկրորդ անգամ ալ չսեւեռուած է Յովհաննէս Սէթեան քսանեն վերջը վարժապետ մըն է, ոչ աւելի ոչ պակաս: Անիկա այդ Պոլիսին թաքուն խռովքները, քաղցր ապրումները իւրացուցած է երբ իր ջղային դրութիւնը այդ տեսակ զգայութիւններ առնելու եւ տալու ամենէն ընկալուչ պայմանները կը լրացնէր։ Յովհաննէս Սէթեան մեծ երեւակայութիւն մը չէ որպէսզի այն կարողութեան ապաստանի, տարիքն ի վար, հմտութեամբ, գիտութեամբ, փորձառութեամբ պուտ պուտ մթերուած ապրումներու փշրանքները համադրէ սանկ մեծ կառուցման մը համար, դիւցազներգական, իմաստասիրական (ներեցէք անիմաստութեանը բառին) քերթուած մը կտակելով մեր գրականութեան (Որբերեանի Ծփանքներ ը)։ Յովհաննէս Սէթեան մեծ զգայնութիւն մը չէ որպէսզի, միշտ տարիքն ի վար, կեանքէն նետուած, փորուած վէրքերը դիմաւորել փորձէ, իր ներսէն համապատասխան լարեր, խորշեր հանդերձելով ու այդ արարքը կերպարանէ մերկ, հազիւ արուեստ հոտող տաղարանի մը մէջ, ինչպէս են Հրաշալի Յարութիւնը, Հովուական Սրինգ ը (իր քանի մը յաջողակ քերթուածներուն մէջ)։ Յովհաննէս Սէթեան մեծ արուեստագետ մը չէ որպէսզի զգայնութեան, երեւակայութեան վրիպանքի մը պահուն բախտը փորձէ գրելու թեքնիքին ու տայ մեզի առնուազն Ցոլքեր ը։ Այս մերձեցումները կը ձգտին առանձնացնել Սէթեանին քերթողական տագնապը որ ամենէն աւելի յստակ կը ներկայանալ Կրտսեր Ռոմանթիքներէն իր գործին ներսը։ Թէրզեան տաղաչափ մըն է, տաղանդի պահերով, բայց հիմնովին զերծ գրական տագնապանքէն որ սերունդի մը, փաղանգի մը արտադրութիւնները կը համախմբէ, տալու համար ասոնց կնիք մը, կերպարանք մը։ Պէրպէրեան ոտանաւորին կը դիմէ գրական փառասիրութիւններով, առանց ունայնամտութեան անշուշտ, բայց առանց ալ ներքին տառապանքի։ Այդ է պատճառը որ դիւրութեամբ յաջողի մոռնալ քնարին հանդէպ իր սէրը ու փնտռէ իր գործօնութիւնը արժեւորող ուրիշ ասպարէզ, արձակն ու ուսուցուածը, իր ժողովուրդին իմացական սպասը։ Մահուան մօտիկ իր տաղարանը ( Խոհք եւ Յուշք ) քերթուածներու շարք մը ըլալէ առաջ, իրաւ մտածումներում, ապրումներու հանդէս մըն է զոր ամէն մարդ կրնայ արդարութեամբ փառասիրել եւ… թերեւս ալ իրագործել։ Մկրտիչ Աճէմեան մեր գրականութեան անուշիկ, անփոյթ, անտագնապ ճպուռն է որ եղանակէ եղանակ չի մոռնար իր երգերը թափել, բնական, պարզ իրողութեան մը նման, միշտ առանց յաւակնութեան։ Բացէք Սէթեանի Գրական Զբօսանք ը։

 

ՄԻԱՅՆ ԴՈ՜ՒՆ

 

Գացի շրջիլ ամրան աղուոր արեգակով՝
Հեզիկ ածանց վրայ ուր գոհ մի հրաշքով
Երկինք ի վայր էին իջած, պայծառ, փայլուն.
Անոյշ էին խոտոց բուրմունք, ջուրք պաղպաջունք:
Երկնամերձիկ բարձրանային վեհ կաղամախք.
Դալարագեղ մարմանդք, աղբերք, բլուրք եւ վախք:
Շուրջ ամէն բան ժըպիտ, խաղ էր եւ էր զըւարթ,
Ամէնքն ալ շատ պայծառ, վըսեմ եւ լուսազարդ։
Խուռներամ դասք ճերմակազգեսs օրիորդաց
Կը ճեմեին յեզրը ծովուն, դանդաղընթաց։
Յածէին աչքս մելամաղձոտ այդ անտըխուր
Տեսարանին վրայ, յամառ եւ յուսակտուր:

(ԳՐԱԿԱՆ ԶԲՕՍԱՆՔ)

Այս տասներկու տողին մէջ դժուար չէ ինծի համար կարդալ մեր ռոմանթիզմին մէկէ աւելի հաստատ նկարագիրները։ Ըստ հաստատ, վասնզի գրական դպրոցի մը աշխատաւորներէն անոնք որ բացառիկ տաղանդ մը ունին, այդ իսկ հանգամանքով կը զանցեն դպրոցին պարտադրութիւնները ու զարտուղելու արարքը կը վերածեն առանձնացման, ինքնացման հանդէսի մը։ Նոյն այդ դպրոցին միջակ, այլապէս հաստատ հանգանակներն են որ կը յարգուին, տառացի ըսուելու չափ պարկեշտ ձեւով մը, պարկեշտ, հաստատ աշխատաւորներէ: Առէք Դուրեանը իր ժամանակէն ու դրէք մեր օրերուն։ Սփիւռքի ողբալի քերթողութիւնը պիտի ստանար ոչ անշուշտ նոր կերպարանք, բայց մենք պիտի ունենայինք գիրք մը ուր մեր կսկիծն ու երազանքը պիտի նուաճուէին միշտ անմահ տաղերու վրայով։ Վերի ոտանաւորին մէջ կան ա) նկարագրութեան ախտը, բ) բնութիւն մը որ խոշորցուած է, յարմարելու համար զինք ապրելու կանչուած հոգիին ալ կամաւոր խոշորացման, գ) ռոմանթիք ցաւը, դ) ռոմանթիք սլացքները, է) Պոլիսը որոշ այլայլումով, զ) տրտմութիւն, է) կիները, ու տակաւին ուրիշ նրբութիւններ։ Բանալ այս շեղագրումները պիտի նշանակէր մեր ռոմանթիզմին աւագ յատկանիշները վերլուծել: Չունիմ ատոր ատենը։ Կը շարունակեմ քերթուածին արտագրումէն այնքան բան որքան անհրաժեշտ է, հասկնալի ընելու համար Սէթեանին բացառիկ ճակատագիրը շարժումին մէջ։ Սէթեան քերթուածը կը տարածէ գիշերի մը վրայ։ Դժուարութեան մէջ չէք այդ գիշերը, առանց այդ քերթուածին ալ նպաuտին, յօրինելու, ըլլալով ուշադիր բանաստեղծին տեսնելու կերպին, մանաւանդ՝ տեսնել ուզած բաներուն։ Աւելորդ է ըսել թէ այդ գիշերը « պայծառ », « աստեղասփիւռ » պէտք է ըլլայ: Տուներէն՝ նուագ: Հողը որ ոտքերուն տակ կը փայլի։ Ամբոխը: Փա՜ռք Արարչին: Երգեհոն: Պարերգ մը աղջիկներու: Բանաստեղծը ուրուի նման շրջագայող ։ Այս երկու տողը խտացումն է տասնըչորս տողերու: Յետո՞յ։ Բայց որքան տղայ պիտի ըլլաք՝ չգուշակելու համար… առտուն։ Որուն մէջ բացուող պատկերներուն եւ որմէ ազդուած մտածումներուն համար աւելի քան երեսուն տող։ Լաւ կ՚ըլլայ որ պահ մը հանգչիք ու անդրադառնաք վերնագիրին Միայն դո՜ւն ։ որ չկայ ու չկայ: Ուրեմն հասած ենք քերթուածին կէսին ու ահա, անիկա՜…

 

Այո՛, Հեփտի՜ւր, կենացս աղբիւր, ծաղիկ սըրտիս,
Քոյր դուն ես հարսն հոգւոյս, արագ իմ աշխարհիս,
Աղուոր հրեշտակ լուսապայծառ զոր կորուսի
Եւ խաւարին բանտ մը դարձաւ ինձ ծոց երկրի.
Աստեղանման լոյս աչքերով կոյս աննըման,
Ոյդ նայուածքին անդունդին մէջ միտքս ընկլուզան..
Այո՛, հեռու քեզմէ, տարտամ եւ անհաստատ
Մի անսահման ոչընչի մէջ կ՚ապրիմ, ազգատ.
Առանց լուսոյ քու աչերուդ, չը գիտեմ ուր
Կ՚երթամ անյոյս, թափառայած, մըթին, տըխուր։

 

Ու ասիկա այսպէս տակաւին յիսուն տո՜ղ: Ըսելու համար ուրեմն հարիւրէ աւելի տողերու գումարով մը ինչ որ Դուրեան մը պիտի ըսէ չորս, շատ շատ վեց տողերով։ Ու հարցուցէք հիմա դուք ձեզի, ո՞րն է ազդակը որպէսզի երիտասարդներ, պատանիներ այնքան պարզ է, իրաւ բան մը, աղջիկ մը սիրելը վերածեն այս lսցubre հանդէսին։ Uէթեան ունի Հէփտիւրէն զատ Աստարտէ մըն ալ: Աւելի ուշ` Սելմա մը։ Սուտ կամ իրաւ, այն կոյսերուն հետ իր խօսքերը չեն որ կը դառնան այնքան մանկամիտ ու անհանդուրժելի, այլ այդ աղջիկներուն յօրինումն իսկ, քանի որ բանաստեղծ ծնած ըլլալու պարտք մը չի ծանրանար ձեր վրայ, աղջիկ մը սիրելու ու ան ալ` սա հանդիսաւորութեամբ։ 1870ին մեր գրականութեան մէջ կոյսը կը տիրապետէր անմրցակից: Ովքե՞ր են այդ հնչական, մութ անուններուն ետին ապրող աղջիկները։ Զուր է հարցումը։ Երեքն ալ (Պէրպէրեան, Թէրզեան, Uէթեան) իրենց համար բանաստեղծական ազատութիւն կը համարեն այդ զեղումները կուսաններու առջեւ։ Ու դժբախտութիւնը հոն է որ Դուրեանին Պեւտոսը (ինչպէս կ՚ըսեն կենսագիրները), Պէշիկթաշլեանին Հրանուշը ( Յէտին հառաչք ) նույնքան օդային կիներ են, Օդանոյշներ, ըլլալու տեղ այդ Պոլիսին մէկ իրական աղջիկը: Այս աղօտացման մեծքը դպրոցինը չէ հաւանաբար։ Երկու աւագ ռոմանթիքները աւելի բախտաւոր չեն քան երեք կրտսերները, քանի որ օդանոյշներու դարպասը կ՚ընեն։ Գիտենք պատմութիւնը Մ. Պէշիկթաշլեանին ու իր անորակելի տարփանքին (Սրբուհի Վահանեան, ապա՝ Տիկին Տիւսաբ)։ Սէթեանին համար ամեն պատեհութիւն անպէտ չէ, մտածելու աս ու այն աղջկան ու անոր թափելու իր բառերուն շատրուանը: Ավելի ուշ, այսինքն 1888էն ասդին Բլուրն ի վեր շարքին մէջ Սելմային, Գոցէ, գոցէ սրահակները ։ Ժամադրութիւն, Դարձեալ քեզի հետ, Անծանօթի մը որակուած կտորները պիտի կրկնեն նոյն տղայական հասարակ տեղիքը, ինչպէս՝ Զամոր եւ Զամորա, Պարգեւ մը, Կախորրանը, Ծովուն վրայ քերթուածներուն մէջ ասոր մէկ ուրիշ փոփոխակը: Արդ, մինչեւ 1896, արեւմտահայ բանաստեղծութիւնը ազատագրուած էր տղայականէն, ծիծաղելիէն, եթէ երբեք մոռնալ ուզենք անմոռանալի փառքը Ալփասլանին։ Ո՞վ ըրաւ այս չարիքը այս մարդուն, որպէսզի խորագոյն ապրումներ իր մօտ դառնան այնքան անհանդուրժելի կերպով տափակ, ծիծաղելի: Ապահովաբար մէկ ու նոյն մեղքը՝ տաղաչափութիւնը։ Սէթեանին զգայնութիւնը ուրիշ տեղեր փնտռել՝ զիս չ՚առաջնորդեր կարելի բախտի մը: Իր Պոլիսը աւելի տժգոյն է, աւելի մշշասքօղ քան Թէրզեանինը։ Իրեն յատուկ զգայութիւններ չես գիտեր ինչ ու կը պարուրուին սա անբացատրելի որքան անտանելի հանդիսաւորութեամբ մը որ մեր պարզագոյն պահերն իսկ կը ջանայ հանել քերթողականին։ Որեւէ նիւթ, հիւանդ մը, մուրացիկ մը, կոյր մը, մահամերձ մը, պտոյտէ դարձող, ծովուն վրայ թիակի արշաւողներ մոգական մշուշով մը մէկէն կը դադրին իրականութեան պատկանելէ ու կը տարուին, սաւառնաթեւ, կայքերու ուր մեզի դժուար է` հետեւիլ անոնց։

Տարագրին Քնարը կը պարունակէ 1896էն մինչեւ 1912 քերթուածները Uէթեանին։ Անշուշտ դիտեցիք թէ ինչ կը թելադրեն տարիները։ Ու դուք կ՚ունենաք մեր գրականութեան անտաղանդ ջարդապատումը։ «Պատանի, երիտասարդ, այր չափահասեալ», ճիշդ ու ճիշդ Թէրզեանին նման, Uէթեան անցած է այդ Պոլիսէն առանց զայն զգալու, ըսել կ՚ուզեմ՝ մեզի ձգելու վկայութիւններ ուր ներուէին կարգ մը վաւերական, սեպհական, ինքնարեալ ապրումներ, գէթ այդ քաղաքին pittoresqueը, արեւելքը, կայքերուն պատմութեամբ տրտմած փաստը, ու ինչ որ Եղիաներուն, Չերազներուն, Պէրպէրեաններուն, Սիպիլներուն Մայիսները, ժանեակները, զեփիւռները, աշունները, փրփուրները ձգտեցան թելադրել։ Յովհաննէս Սէթեան ոչ աւելի է ոչ պակաս իր ընկերներէն, այդ անմասնութեան, աղքատութեան մէջ, ինքնեկ զգայութիւններէ։ Այնքան դժուար է ինծի ըսել այս ամէնը, քանի որ միւս կողմէն անհնար է ինծի նորէն հերքել սա տրտմութիւնը, տղայութիւնը, ձայնական ու երանգային ախորժակներուն փափուկ փաստերը, որոնք կարող են հանդիպող տաղաչափէն իրաւ քերթող մը ապահովել: Յետոյ, ուրիշ տրտմութիւն մը։ Գրական Զբօսանք ը, առանց իր յաջորդներուն պիտի բաւէր Սէթեանին անունը թերեւս ազատագրելու մոռացումէն, եթէ երբեք յաջորդ գիրքերուն մէջ չարիքը չըլլար մեծատարած, միահեծան, կործանելու չափ զօրաւոր անդրանիկ բխումին մատաղ իրականութիւնը, բարիքը։ Uէթեանէն ալ զգայնութիւն, խառնուածք, տաղանդ ու հետեւանք՝ ինքնատպութիւնը չունին ապացուցուած արդիւնք բացի յամառ սպասէ մը, դարպասէ մը մուսաներուն։

դ) Մկրտիչ Աճեմեան մարդն է առանց պատմութեան։ Կրնար ծնած ըլլալ… Բարիզ, ապրած ըլլալ Մատրիտ, մեռնիլ՝ Պոլիս։ Ոչինչ պիտի ըլլար փոխուած անկէ մեզի հասած քերթողական դիւաններուն ճակատագրին մէջ։ Այս հաւաստումը կը դառնանայ ուրիշ զգացումով մը, խղճահարական որքան խոր: Աճէմեանի մեզ ձգած դիւանը բաւարա՞ր՝ որպէսզի անոր հեղինակը ենթարկուի Համապատկեր ին մէջ, ուրիշներու շարքին, թէկուզ իբրեւ գնահատման երբ այս արդար պարտքը զիս չի մղեր զիջումի արեւմտահայ գրականութեան կարգ մը դէմքերու գործին առջեւ, թարգմանչական, հրապարակագրական, նոյնիսկ որոշ չափով մըն ալ գրական (Արուեստագէտ Սերունդին մէջ Յովհաննէս Ասպետով գլխաւորուած թեւը, կիները, վաղազրաւ քերթողները)։ Եւ սակայն Յովհաննէս Ասպետի մը փառքը իր շրջանէն ոչինչ ունի յայտարար։ Մոռցէք թէ հարիւրաւոր, հազարաւոր յօդուածներու տակ օր մը կարդացած էք այդ անունը։ Մոռցէք թէ Գր. Մալխաս մը օր մը դատած է արեւմտահայ գրականութիւնը, Ենովք Արմէն մը` մեր բանաստեղծները, Անայիս մը՝ բազմաթիւ քերթուածներ ստորագրած։ Այս մոռացումը ձեր մտքին մէջ պիտի չստեղծէ որոշ զրկանքի, կորուստի զգացումներ, դատաստաններ նոյնիսկ: Այդ չէ պարագան ահաւասիկ Մկրտիչ Աճէմեան անունին ու ասոր զուգորդ յուշերուն, տպաւորութեանց համար: Մօտ կէս դար Մկրտիչ Աճէմեան տիտղոսաւոր բանաստեղծն է այդ Պոլիսին, պարզ, մարդամօտ ու ընտանի: Անշուշտ այս հաստատումն ալ իր կարգին պիտի ըլլար անբաւարար՝ այդ անունը փրկելու իր ճակատագրէն եթէ երբեք անոր դիւանին մէջէն ես չունենայի ուրիշ ալ զգայութիւններ։ Պէրպէրեան, Սէթեան, Թէրզեան վաւերական, բարձրաթռիչ քերթողներ ըլլալու, իրենց ինքնավստահութիւնը իրենց գործերուն վրիպանքովը չեն երաշխաւորած անշուշտ: Երեքն ալ ճաշակի մը, ձգտումներու փաստեր կը նկատուին ամէն գրականութեան խղճամիտ պատմիչի մը համար։ Արդ, այդ Պոլիսին հասարակ, սովորական, առօրեայ ապրումները ես կը հաստատեմ Մ. Աճէմեանի դիւանին ներսը: Զուր տեղը չէ որ Յովհաննէս Պալեան պատուական ազգայինը որ մեկենասութիւնն է պաղատած Աճէմեանի ամբողջական գործին հրատարակութեան, կ՚ընէ յատկանշական խոստովանութիւն մը, Զանազան թարգմանութիւնք հատորիկին սկիզբը։ Պալեան այսպէս կը գրէ. « Ուրախ եմ որ ձեր հմայիչ յանգերը ընթերցող հասարակութեան զմայլումին եւ վայելումին ներկայացնելու պատիւը՝ ըստ առաջնագոյն ձեր ազնիւ խոստման՝ ինծի կ՚ընծայեք որոյ համար հաճեցէք ընդունիլ ջերմաջերմ բարեկամական համբոյրներս »։ Ու այս պատուական Պալեանը ոչ միայն ունայնամիտ մը չէր, այլ ինքզինքը կը նկատէր ճշմարիտ բարերար մը, հասարակութեան տանելով այդքան թանկագին գեղեցկութիւններ։ Այն ատեն։ Գրականութեան պատմիչը պարտաւոր է լրջանալ: Այս կարգի վկայութիւններուն տարողութիւնը անշուշտ դիւրին է կործանել մէկ հարուածով, բայց չի կործաներ Աճէմեանին վայելած ժողովրդականութիւնը, վարկը։ Իսկոյն իմ մտքին կը խուժեն ուրուականները Ալփասլաններու, Միհրան Յովհաննէսեաններու, Սիմոն Ֆէլէկեաններու, Ստեփան Փափազեաններու, բոլորն ալ օր մը, իրենց շրջաններուն, այդ հասարակութեան համակրանքը, գորովը, երախտագիտական արտայայտութիւնները վայելած։ Ստիպուած եմ գերեզմանախոյս այդ փառասիրութիւնները հալածել, անոնցմէ պահանջելով տարրական ապացոյցները իրենց փառասիրած համբաւներուն։ Մկրտիչ Աճէմեան, մի մոռնաք ասիկա, մեր գրականութեան մէջ իր մուտքն է ըրած գրաբար դիւցազներգութեամբ մը, Վահագն, որ շատ մօտիկէն կը յիշեցնէ Թէրզեանի Ապստամք ը, Չօպանեանէն պատուանի՜շ ստացած սովորական խօսքերու գրաբար հանդէս մը։ Այսինքն` Մկրտիչ Աճէմեան մէկն է իր սերունդին խորագոյն ցանկութիւններուն, փառասիրութիւններուն հաղորդ անձնաւորութիւններէն: Բագրատունիին գաւազանակիրը, ճիշդ ու ճիշդ Թէրզեանին նման, Պէրպէրեանին նման որ Մահ Սոկրատայ գրաբար թարգմանիչը ոչ միայն Լամառթինեան իր ճաշակները մեզի կը ներկայացնէ իբրեւ բարձրօրէն բանաստեղծական վայելքներու հանդէս մը, այլ գրաբարը Վենետիկի մենաշնորհը դաւանող ունայնամտութիւնն ալ կը կարծէ տապալել, յայտարարելով իր մրցումէ՜ չվախնալը… գրաբար քերթելու մէջ։ Այն ատե՞ն։ Ո՞ւր արդարացուցիչ պատճառը իմ հաւանական զանցումին երբ մանաւանդ Գարնան հովեր տաղարանը ունի մէկէ աւելի տանելի եթէ ոչ սիրելի յաջողուածքներ։ Սապատողը ( Գարնան հովեր ) առաջին տանելի նմոյշն է պատմող քերթուածին, իրմէ առաջ այնքան անգամներ փորձուած մեծ անուն Ալիշանէն ( Հայրունի էն պոէմաները), նոյնքան բազմահռչակ Նար–Պէյէն ( Ստուերք Հայկականք Տղայամտութեան նոյն որակն ու քանակը երկու եկեղեցականներուն ոտանաւոր պատմումները կ՚ընեն վիրաւոր որքան չեն ըներ այդ վնասը նոյն այդ մեղքերը Սապատողը ին մէջ։ Անշուշտ մեր բախտը չէր որպէսզի Մ. Աճէմեանի պարզ տուրքը, կեանք մը պատմելու, ըլլար պաշտպանուած իրաւ արուեստին ալ բարիքովը, կրակովը, երբ գիտենք թէ աւելի կորկոտաւոր քերթողներ (Չօպանեան, Լեւոն Սեղբոսեան, նոյնիսկ Վարուժան) իրմէն քիչ կը տարբերին, վրիպանքին մեծութեան տեսակէտէն: Յետոյ, Մ. Աճէմեանին մեզի ձգած քերթուածներուն մէջ տասնեակներով կը համրուին տանելիները, մինչ այս բախտը չէ պաշտպանած ահաւոր յանգական ու ռամկերգու Յովհաննէսեանը ու տարաբախտ Ֆէլէկեանը, որ մեր գրականութեան մէջ պիտի չմոռցուի անշուշտ Դուրեանը սրբագրած ըլլալու հերոսութեամբը։ Ուրեմն իմ արդարացումը պարզելէ յետոյ, կ՚անցնիմ ուրիշ աւելի կարեւոր պարտքի մը։ Իրա՞ւ է որ, Պալեան պատուական ազգայինին վկայութեան համաձայն, ունէր գոյութիւն հասարակութիւն մը որուն հեշտանքը կը կազմէին Աճէմեանի քերթուածները։ (Այդ մասին կայ պատրաստ հարիւրաւոր արձանագրութիւն հայոց մամուլին մէջ, Վահագն ի օրերէն, բոլորն ալ մեծ գովեստով, որոշ հպարտութեամբ, ինչպէս է արդէն վարկը անզուգական, աննման քերթողուհի Տիկին Սիպիլին, միշտ բա. նաստեղծութեան սրբազան դաշտերուն երեսին)։ Մկրտիչ Աճէմեան միայն Վոսփորը, լուսնկան, խաղողը, Մկօները, Երուանդները, որբ թռչնիկները չէ երգած, դպրոցական տղոց բերնին համ տալու պարզունակ փառասիրութեամբ: Անիկա պարկեշտ, անյաւակնոտ, մարդամօտ տաղաչափ մըն է, որ շատ կանուխէն խելքն է ունեցած թօթափելու Մխիթարեան իր կրթութեան կեղեւանքը իր տաղանդին երեսէն, մոռնալու գրաբարը, Վահագնները, սլացիկ ռոմանթիզմը իր վարպետներուն, ու դարձուցած իր ուշադրութիւնը, նախասիրութիւնը զինքը ուղղակի, անմիջապէս շրջապատող իրերուն, կեանքին, ասոր ամենէն պարզ, ամենէն իրաւ յոյզերուն։ Աս իսկ վճռականութիւնը, խելամտումը զիս կը մղէ ահա զիջումի։ Ուրիշ խնդիր՝ իր այդ կեցուածքը տիրապէս արժեւորելու իր կարողութեան աստիճանը։ Կ՚ըսեմ աւելի պատասխանատու բան մը։ 1860ին երբ Գր. Օտեան Ալիշանի սովորական մէկ քերթուածը օտար իշխանի մը թարգմանելու չափ սիրտ է դրած, անշուշտ այդ քերթուածին մէջ գտած ըլլալուն հզօր, խանդավառիչ գեղեցկութիւն մեր գտածը այդ քերթուածէն՝ սովորական բառակոյտն է Ալիշանին), յիմար մը չէր, իր ճաշակին մէջ այդքան անկազմ դուրս գալու համար։ Ամբողջ ժողովուրդ մը յիմար չէր երբ խենթեցած կը պոռար Հայ ապրինք ը, Հիմի էլ լռեմք ը, Բա՜մ, փորոտանը, բոլորն ալ հսկայ ժողովրդականութեան արժանացած փառքեր, այսօր առանց իսկ մոխիրի։ Մկրտիչ Աճէմեանին ինչո՞ւ զլացուի, նոյնիսկ մոխրացման գինով, ինչ որ շռայլեցինք այնքան աննախանձաբար իրեն հաւասար ուրիշ քերթող-տաղաչափներու: Հարիւր տարի վերջը այնքան փառաբանուած Սիամանթոյէն մնալի՞քը։ Ապահովաբար ան որ կը մնայ բոլոր պարագայապաշտ քերթողներէն տասը չանցնող թիւ մը քերթուածներու եւ տողեր։ Մկրտիչ Աճէմեանի պարագան այսպէս մասնաւորելէ յետոյ, կայ հարցը այդ մարդ ու Պոլիսը մեր գրականութեան մէջ ոչ ոք այնքան հարազատօրէն ու հաւատարմօրէն արտայայտած է այդ քաղաքին միջինը [3] որքան Մկրտիչ Աճէմեանը։ Ըսի թէ հասարակաց եթէ ոչ միակտուր հիացում մը, գէթ ընդհանուր քաջալեր մը պաշտպան կեցաւ այդ տաղաչափութիւններուն անշուշտ անոնց խորը գոյ անէ մը իր ուժը առնող։ Արդ, ի՞նչ զգայնութեան կը պատկանին Աճէմեանի Ժպիտք եւ   արտասուք (1871), Լոյս եւ ստուերք (1887), Գարնան հովեր (1892), Թրթռուն յանգեր (1908, ուր մտած է Խունկի բուրումներ անունին տակ ի յիշատակ իր սիրեցեալ կողակցին ( Հեղինէ Միւնէվէր ) քերթուածներու շարքը, Խոհք եւ Յուշք ին ազդեցութեան տակ) հատորները։ Յիշեցի Վահագն ը: Դիտեցի Զանազան թարգմանութիւնք ը (1911)։ Առաջին հաւաստումը այդ հատորներուն մէջ պարզ, սովորական, համեստ յանգաբանի մը իրականութիւնն է, որոշ անջրպետով մը Ալփասլանի անկանգնելի տափակութենէն եւ Թէրզեանի սեթեւեթեալ ռոմանթիզմէն։ Աճէմեան ունի իր ընթերցողները (գիտէք իր հիացողները) անցած է դասագիրքերու, գրաւած է արեւմտահայ գրականութեան պատմութեան մէջ ոչ թէ իր անկիւնը, այլ իր էջը թելադրած է ուսումնասիրութիւններ. դասուած վարպետներու շարքին։ Ասոնք անհերքելի իրողութիւններ են անշուշտ, նոյն ատեն ճաշակի մը վկայութիւն։ Ըսի թէ իր առաջին առաքինութիւնն էր Վենետիկ չհոտիլ ։ Արդարեւ հոն բնաւ ոտք չկոխող Պէրպէրեանն իսկ անկարող է եղած ինքզինքը պաշտպանել այդ հիւանդութենէն։ Աճէմեանի ապրումները կուգան oրէն, բայց օրէ մը որ ոչ թուխպ խռովքներ, ծիրանի յոյզեր, ժանեկազարդ զգացումներ կը խորհրդանշէ, այլ սանկ պարզ մահկանացուներու սեղանիններ կայացող հիւր մըն է: Աճէմեանին արժանի՞քը. ամենապարզ ընտանութեամբ մը ընդունիլն է այդ հիւրը, օրը, անոր կերպարանքը չտանող աւելորդ նրբացումներու, կոտրտուքներու եւ… փրփրազարդ խորացումներու: Ահա ձեզի քերթուածներու անուններ. Ծեր գինովը, Հրանտին թիթեռնիկները, Խաղողը, Հարսընgուն, Պերճուհիները, Արփինէ, Ապոլոն, Փէբրոն ու իր մոմը, Ապրիլ, Գառնուկը, Եաքաճըգ, Տխուր Մայիսը, Իմ հաւնոցը, Ի նպաստ աղքատներուն, Ֆուլիաները, Առ տիկին Եւփիմէ, Գնչուհին, Պչրուհին, Մեր կատուն, Նոճին ու թռուցիկը, Վոսփոր, Հայ ապրինք, Օղի, Մշակ, Հունձք, Դրամ, Թ. Թէրզեան, Հալքի եւ Բրինքիսօ, Միացեալին պարահանդէս, Մեր աղջկունք, Օրհնեա՛ Տէր, Շնիկ բաղդաւոր, Երգ ազատութեան,   եւ այլն, եւ այլն…: Այս ցուցակը բա՞ւ՝ թէ ինչ ախորժակներու կը սպասարկէր Վենետիկ իր ուսումը ըրած, Պոլիս դարձէն վերջ պետական պաշտօն մը ձեռք ձգած (հեռագրական պաշտօնեայ եղած է ու իբր այդ ըրած է թուղթերու կայսրութեան մէջ քանի մը անգամներ ճամբորդութիւն։ Կը յիշեմ իր երեսփոխանութիւնը ազգային ժողովի, թաղականութիւնը, որոնք իր կէս դարէ աւելի գործօն տարիներուն միակ թուարկելի իրականութիւնն են) ու շիտկէ շիտակ իր վախճանին համար լարուած սա պարզսիրտ, քաղցրահոգի աշխատաւորը որ կը սիրէր իր ծննդավայր քաղաքի բոլոր թացիկ ու անուշիկ հաճոյքները ու ամէն Պոլսեցի նման ողջմիտ, ժուժկալ, վայելապաշտ, ազգասէր ու պարկեշտ ստորոգելիներու համար ունէր որոշ հակում, տկարութիւն։ Չեմ տեսած զինքը։ Մտիկ ըրած եմ իր մտերմութիւնը ունեցողներ։ Շուքի վրայ աշխատել չի նշանակեր օգտագործել այդ ապրումները ուրիշներէ։ Կը ներկայացնեն զինքը անհունօրէն լաւատես, քիչով գոհացօղ, կիրքի անկարօղ, քաքշուքէ կամ առնող, ուտելու, խմելու, երգելու, ծովագնացութեան համար որոշ հաճոյքներ հետապնդող Պոլսեցի մը որ չէր արհամարհեր իր ազգին ստուար զանգուածները, գաւառը, ու իր պոլսեցութիւնը չէր ծաղ կազարդեր սանկ ու նանկ մեծամտութիւններով։ Այս տուեալները կը գոհացնե՞ն ձեր պահանջը տրուած քերթողի մը զգայնութենէն։ Եթէ կը գտնէք զանոնք անբաւարար, ունիք ինծի հետ պատեհութ իւն` հատոր մը բախտովի բանալու եւ կարդալու

 

ՓՈՔՐԻԿ ԵՐԱԺՇՏՈՒՀԻՆ

 

Առ Օր. Ա. Տատեան

Երբ զարնես դու մանտօլին`
Ու ես յուզուած ունկնդրեմ,
Կ՚ըսեմ` երգն ու պըլպուլին
Որ գեղգեղի այգուն դեմ:

 

Երբոր զարնես մանտօլին՝
Ի՜նչ շեշտեր զերդ մարգարիտ
Մատիկներուդ տակ ծըլին
Հատիկ հատիկ ու վըճիտ:

 

Երբ դու զարնես մանտօլին
Ներդաշնակ ու մեղմoրoր,
Վիշտ ու ցաւեր կը հալին
Մոմիկին պէս Տիրամօր։

 

Բայց երբ զարնես մանտօլին
Թաւ լարերով կորովի,
Կարծես շանթեր թաւալին,
Մեղաւորն ալ խըռովի։

 

Երբ նուագես մանտօլին,
Խոնարհիմ քու առջեւ ես,
Զի սեւ աչքերըդ փայլին՝
Ներշնչուած քրմուհւոյ պէս:

 

Քու ձեռքիդ մեջ մանտօլին
Որփեոսին հոգին է.
Հրեշտակներն ալ ըզմայլին,
Նախանձին քեզ` Աթինէ։

 

Երբ զարնես դու մանտօլին,
Յետոյ յոգնած մըրափես,
Այդ տեսքն է էն սխրալին…

Կ՚ապշինք զի դեռ մանուկ ես:

 

8 Մայիս 1900

(ԹՐԹՌՈՒՆ ՅԱՆԳԵՐ, էջ 117-118)

Ու խորհիլ որ այս քերթուածները կարելի էին այս դարուն սկիզբը։ Ոչ միայն կարելի, այլեւ.. սիրելի: Ոչ միայն սիրելի, այլեւ բաւ՝ որպէսզի անոնց հեղինակները նկատուէին բանաստեղծ ու.. մեծ բանաստեղծ։ Մի կարծէք թէ բախտը երբեմն յիմար է, մեզ ձգելու համար այս ողբերգական տղայամտութեանց վրայ։ Առէք Աճէմեանի ամենէն յաջող, վարկաւոր քերթուածներէն մէկը, օրինակի համար՝ Վոսփոր ը.

 

Ալեաց մեջէն կանգնած վեր՝
Զոյգ հրաշալի աշխարհներ,
Ապշած դիտէք միշտ զիրար,
Իբրեւ երկու սիրահար,
Եւ Տէր ժպտի ձեր վերայ
Սիրուն ափունք Վոսփորայ։

 

Խարտեաշ վարսիւք՝ աչք նուաղ
Դու Եւրոպա հարս չքնաղ,
Եւ թաւ մօրուօք՝ յօնք նսեմ,
Ասիան՝ քո նստի դեմ.
Ո՜վ հեշտ ափունք Վոսփորայ,
Տերն իսկ ժպտի ձեր վերայ։

Ու ասիկա այսպէս տակաւին պիտի շարունակուի… վաթսուն տողերու վրայ, որպէսզի մեզի ըսուին բոլոր այս ծանծաղամիտ նանրութիւնները, հոսհոսութիւնները։ Ան որ չէ տեսած այդ Վոսփորը, այդ եօթանասունը անցնող տողերէն կաթիլ մը իրաւ զգայութիւն չեմ կարծեր որ առնէ։ Վասնզի վերը արտագրուած տասներկու տողերը եղջերուաքաղի մը նման պիտի մտնեն ձեր միտքէն, որ կը դժուարանայ ալիքներէն «կանգնող» հրաշալի՜ աշխարհները նիւթի վերածել: Աշխարհներ որոնք «ապշած իրարու երես կը նային», «սիրահարներու նման»։ Այս պատկերները ոչ միայն ձեր մէջ չեն արթնցներ իրական զգայութիւններ, այլեւ կը տարտղնեն ձեր հաւանական շահագրգռութիւնը։ Դուք իրաւ տարրեր կ՚ուզէք ու կը տրուի ձեզի այդ ապուշ նմանութիւնը։ Երկրամաս մը որ սիրահարի կերպարանքը առնէր։ Արտագրուած երկրորդ վեցեակին մէջ Եւրոպան հարս մըն է, Ասիան փեսայ մը։ Ի՜նչ հարկ վերլուծման։ Դուրս՝ տարրական իսկ լրջութենէն։ Ու այս անպատասխանատու շաղփաղփութիւնը մարդիկ բանաստեղծութեան հետ երբ կը շփոթէին, անկեղծէին անշուշտ, սկսեալ զայն թափող գրիչէն մինչեւ զայն հիացումով վայելող… մտաւորականները։ Մկրտիչ Աճէմեան իբրեւ զգայնութիւն կ՚ընկղմի տաղաչափներու դպրոցով մեր մէջ մտայնութիւն կազմած անորակելի հոգեխառնութեան մը մէջ։ Անոր վաղագոյն, չըսելու համար անդրագոյն կերպարանքը սխալ չըլլար մինչեւ Ս. Ղազար երկարել ուրկէ եկած է մեզի այս բան մը չըսող, որեւ է բան չափով ըսելու եւ զայն բանաստեղծութիւն դաւանելու, անով եզակի, անհուն քերթող դասուելու մանկամտութիւնը։ Այս մարդը ուրիշ ապրումներ չունէ՞ր այդ Պոլիսէն։ Չունէի՞ն այդ ապրումները դարձեալ բոլոր մեծ ու պզտիկ, նշանաւոր կամ աննշան միութիւնները Վենետիկի շքահոյլին, ասոնց աշկերտ տաղաչափներու փաղանգին։

 

Զգայնութեանց սա վերլուծումը, դժբախտութիւն է ըսել, որ դառնութիւն միայն բերաւ ինծի։ Եւ որովհետեւ բանաստեղծութիւն մը շատ բաներ փառքով, շքեղութեամբ ըլլալէ առաջ, միշտ խառնուածքի մը հրիտակն է, կը հասկցուի թէ ինչու այդքան շուտ հինցան մեր քերթուածները, այդ դպրոցէն, չկարդացուելու ճակատագիրը շատոնց անցած, մեր մէջ ստեղծելու չափ տեսակ մը զայրոյթ։ Ինչո՞ւ օր մը օր անց այս մարդիկը մտիկ ընել չեն զիջած իրենց սիրտին, որ, վստահ եմ, կը փոխադրէր իր զարկերուն վրայ աշխարհ մը իրաւ յոյզերու: Յետոյ, սա նուաղումը հիմնականէն (միշտ բանաստեղծութեան մէջ) պիտի պարտադրէ ինքզինքը: Մարդիկ Դուրեանը պիտի բացառեն, անոր անսովոր ապրումները ճամարտակութիւնը պիտի ընեն վերագրելու իր հիւանդութեան ու պիտի փնտռեն իրենց հասարակ ապրումները ոսկեզօծող դրութիւններ։ Ի՜նչ հարկ տափակութեան համար տառապիլ, երբ մէջտեղն էր փառքը եզակի քերթողներուն, որոնք նոյն այդ տափակութիւնները չափով ծախեցին մեզի։ Մէջտեղն էր փառքը Մկրտիչ Պէշիկթաշլեաններուն, Նար–Պէյներուն, որոնց գործին ամենէն աւելի ծաւալ գտնող, վարկ ճարող մասը ապահովաբար կը պարունակէր օրուան երգերը։ Այսպէս է որ, կէս դար յետոյ, մենք այդ խռովքներուն հանդէպ երբ կը հանենք արդար անտարբերութիւն, երբեմն ցասում, չենք նանրամտիր նոր արժէքներու սակացոյցներ առաջարկելով։ Իմ ուզածը իրա՜ւ, իրա՜ւ, իրա՜ւ յոյզն էր այդ մարդոց ջիղերուն: Ու մի ըսէք թէ այդ մարդոց ջիղերը անզգայ կրնային ըլլալ սա տեսակ տողերու համար, տաքը տաքին, իրենց աչքերուն տակ իսկ յօրինուած.

 

Ոչ ոք ըսաւ. «սա տըղին
Պատռենք սիրտը տրտմագին,
Նայինք ինչե՜ր գրուած կան».
Հոն հրդե՜հ կայ, ոչ մատեան:

. ԴՈՒՐԵԱՆ)

 

Անշուշտ որ ցաւէն անցնիլ մը, սէրէն այրիլ մը, մահէն այցուիլ մը մինակ քերթողներուն սեպհականութիւնը չեղան։ Մտիկ ըրէք մեր ժողովուրդը, իր աշուղ բանաստեղծին բերանով երբ կը խօսի սիրու ցաւէն.

 

Թէգուզ հազար դարդ ունենամ, ես սըրտումս ահ չիմ ասի.
Իմ հուքմի հէքիմըն դուն իս, ես է՛լ ուրիշ Շահ չիմ ասի.
Սայաթ-Նովէն ասաց. զալում, ես էն մահին մահ չիմ ասի`
Հէնչափ ըլի՝ դուն վրէս լաս մազըդ շաղ տալօվ աչկիլուս։

(ՍԱՅԵԱԹ - ՆՈՎԱ)

Այս ամէնը գոյութիւն ունէր անշուշտ երբ Պէրպէրեան, Թէրզեան, Սէթեան, Աճէմեան իրենց տաղերը կը յօրինէին։ Այս ամէնը զգացին անշուշտ այդ մեծահամբաւ բանաստեղծները նախ մարդկօրէն, առանց գրական սնափառութեան ու իրենց սրտին ձայները կարծեցին մեզի անցընել իրենց տաղարաններով։ Կրտսեր Ռոմանթիքներուն զգայնութիւնը, որքան ալ աշխատինք, չենք կրնար բանաստեղծական աշխարհի մը մէջ տեղաւորել, իրենց դիւաններուն աշխարհին մէջ անշուշտ։ Այն ատե՞ն։ Ի՞նչ են ըրած այս մարդերը։ Այս հարցումին պատասխանը կը բանայ ուրիշ գլուխ մը։

 


 



[1]        Չեմ պահանջեր որ արուեստի գործ մը ու զայն արտադրող մարդը անպատճառ իրարու հաւատարիմ կերպարանքներ ըլլան։ Ասիկա քիչ մը շատ պարզառօտել պիտի նշանակէր կեանքին ամենէն բարդ իրողութիւններէն մէկը։ Գործին ու գործաւորին աղե՛րսը։ Անշուշտ։ Բայց կայ միջին ողջմտութիւն մը, իրաւութեան, անկեղծութեան տարրական պարտք մը, ամէն մարդու ինչպէս գրողի համար գրեթէ պարտադիր։ Երբ քսանամենի աղջիկ մը (Օր. Խանճեան, ապագայի անզուգակա՜ն քերթողուհի Սիպիլը) լուսնի մը ողջոյն տուած ժամանակը կ՚երթայ այնքան առաջ, ըսելու աստիճան թէ այդ մոլորակը եթէ չըլլար այդ երկինքը, իր, պարման աղջկան կեանքը փոս մը, գերեզման մը կը դառնար հոս, անցած է, այդ իսկ անբնականութեան գինով, տանելիէն, ներելիէն անդին։ Կեղծիքը վճռական է։ Երբ աշխարհի բոլոր վայելքները մէկիկ մէկիկ փորձած ու ասոնց մեղրը դեռ շրթներուն, հասարակ ապրող մը, Աւետիս Իսահակեան իր Աբուլալա Մահարի ով մեզի կը կարդայ իր ահաւոր երեմիականը, կեանքը արմատէն իսկ չորցնելու խստեռանդն քարոզչութեամբ, կը դառնայ « նովին իսկ բանիւ » կասկածելի, ծիծաղելի աճպարար մը։ Այս երկու օրինակներուն ետին իմ թելադրել ուզածը, որեւէ գործէ, որեւէ հարազատ, իրաւ զգայնութենէ մը վկայութիւն դառնալն է առնուազն։ Հոս բարոյական, իմաստասիրական, ընկերաբանական ոչ մէկ յաւակնութիւն ունիմ նկատի։ Արուեստի գործ մը սուտ չի կրնար ըլլալ, նոյնիսկ երբ յօրինուի մեր փորձառութիւնը զանցող նախատարրերով։

[2]        Մահ Սոկրատայ, թարգմանեալ ի Լամառթինեայ (1871) մեծաշունչ քերթուածին բախտը: Ահա Առաջին տերեւք ի նախաբանէն… «Թէպէտ եւ անցեալ տարի Վենետկոյ Վանքէն ի լոյս ելած Լամառթինի Քերթողական մտածութեանց առաջին հատորն կը պարունակէր յինքեան Սոկրատայ Մահ ուն թարգմանութիւնն եւս, սակայն պատճառ մի չհամարեցայ զայս գրքուկիս մէջ իմ թարգմանութիւնն զանց առնելոյ, նախ զի իմն հինգ ամօք յառաջ արդէն լոյս տեսած է կիսով, եւ երկրորդ զի մի հետաքրքրական բաղդատութեան եզր կ՚ընծայէր բանասիրաց եւ մի հերքում այն կարծեաց որ գրաբարն մի մենաշնորհ կը համարի Վենետկոյ Վանուց եւ մի ծառ որ միայն Ս. Ղազարու հողոյն վերայ կարէ բուսանիլ աճել, ինչպէս երբեմն, ըստ վկայութեան Պլուտարքեայ, կը կարծէին Յոյնք թէ միայն Եւրոտասայ ափանց վերայ կը ծնանի քաջութիւնն։ Կը համարձակիմ ասել թէ բաղդատութենէն չվախնամ» ( Առաջին տերեւք, յառաջաբան, Բ)։ Այնքան թելադրական են սակայն այս տողերը արեւմտահայ գրականութեան այդ շրջանէն։ Մէկը, Չերազ, իր առաջին, սկսնակի մանր մունր բոլոր կտորները կը խմբէ ( Գրական փորձեր ) ծածքի մը տակ ու չի վարանիր այդ հատորիկին ծաւալին կէսին մօտիկ յառաջաբանի մը մէջ պատմել այդ շքեղութեանց ծնունդը։ Միւսը, գրեթէ տարեկից, դարձեալ կը խմբէ իր յարմար դատած կտորները ծածքի մը տակ: Երկու յառաջաբաններն ալ գրականութեան մասին ունէին իրարու հանգոյն տեսակէտներ։ Ո՞ր սատանան կը միջամտէ որպէսզի քերթողական գիրքի մը սկիզբը տուն տեղ ըլլան քերթողականին հետ հազիւ թէ աղերս մը պարզող լեզուական հարցեր։ Մարդ կը զայրանայ որ խանդավառ երիտասարդի մը բանաստեղծութեանց նախաբանին մէջ խօսքն անցնի « հոյակապ Գարագաշեանին », արդեօք անո՞ր համար որ այս արժանաւոր վարժապետը բայց ողորմելի տաղաչափը Լուդովիկոս Հռակենոսի Կրօնքի վրայ գիրքը թարգմանած էր ուղղափառ ոսկեդարին գրաբարով։ Ու լեզուական հա՜րցը որ գրականութիւնն իսկ կը փոխարինէ այդ երիտասարդութեան մօտ։ Բայց ինչպէս մոռնալ որ Դուրեանին գերեզմանին վրայ տակաւին հողն իսկ չէր կրնար չորցած ըլլալ:

[3]        Համապատկեր ին առաջին գիրքը, Ընդհանրացումներ գլուխին մէջ, զբաղած է այդ Պոլիսով։ Ուրիշ հատորներու մէջ կրկին սեղանի վրայ պիտի գայ հարցը, այսինքն արեւմտահայ գրականութեան հայեցիութիւնը, երբ Խրիմեան, Սրուանձտեանց, Թլկատինցի, Զարդարեան իյնան վերլուծման։ Առ այժմ Աճէմեանի առիթով զիս կը զբաղեցնէ միջակ տարրը այդ Պոլիսին, այն ապրումներու, ախորժակներու, սովորական զգայութիւններու՝ եւ հասարակ զգացումների գումարը որուն հանդէսն է, օրինակի համար, Պարոնեանի մեծ ժառանգութիւնը։ Ի՞նչ փաստ որ նոյն Պոլիսը ըլլայ թելադրիչը Մեր կատուն քերթուածին եւ Նոր տաղեր էն որեւէ քերթուածի: Այս վճռական իրողութիւնը չի բաւեր հաստատել։ Ստիպուած եմ օգտագործել ուրիշ ալ փաստեր, օտար մեծակառոյց գրականութիւններէ։ Ֆրանսական բանաստեղծութիւնը 1830-1940 շրջանին ահաւոր մթերք մը ունի ամբարած իր գետնափորներուն խորը մեռած քերթուածներու, մեծ մասը ամենէն հռչակաւոր անուններուն զինանշաններովը կնքաւոր, զմռսեալ։ Այն ատե՞ն, Պոլիսը ոչինչով է մեղաւոր Մեր կատուն ին յղացուելուն։ Անշուշտ, կայ այդ քերթուածին հեղինակը, որ իրաւասու էր ինքզինքը արդարացնելու։ Մարդիկ ի՞նչ կ՚ուզէին Մկրտիչ Աճէմեանէն, զմայլելու համար անոր… յանգերուն։ Ապահովաբար ան զոր պատուական հեռագրողը տուած է իրենց։