Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԲԱՑԱՏՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ

«Խոնարհները» շարքէն առաջին անգամ լոյս տեսած է պզտիկ հատոր մը, հեղինակին նախաձեռնութեամբ, 1921–ին, Պոլիս, որ կ’ամփոփէր՝ հինգ կտոր, «Երկինքէն ինկող կինը», «Տոպիճը», «Տոգսանը», «Պաղտօ»–ն եւ «Խենթ–Սողմէն»–ը։

Յակոբ Օշականի մահուան տասնեամեակին, իր աշակերտները մէկտեղեցին նոյն ընդհանուր խորագիրին տակին ինկած բոլոր կտորները եւ լոյս ընծայեցին ամբողջութիւնը՝ 1958–ին, Պէյրութ։

Մահուան յիսնամեակին առիթով, «Գէորգ Մելիտինեցի» գրական մրցանակի դատակազմին լոյս ընծայած «Երկեր»ու այս առաջին շարքը կը հանդիսանայ աշակերտներուն խմբագրութեամբ հրատարակուած «Խոնարհներ»ուն Գ. տպագրութիւնը։

 

Օշականի մահուան տասնեամեակին առիթով, իր աշակերտները, հանդիսութեան  մը կողքին, որոշեցին աւելի  շօշափելի եւ  աւելի  տարածուն հանգամանք ներկայացնող գործի մը մէջ արտայայտել իրենց երախտագիտութիւնը։ Սեղանի վրայ դրուեցան մեծ գրագէտէն հատոր մը հրապարակելու գաղափարը։ Ու նախընտրութիւն տրուեցաւ «Խոնարհներ»–ուն։ Հետեւեալ տողերը կը կազմեն այդ ընտրութեան պատճառներուն թւումը։

«Խոնարհները» ամբողջական շարքին խմբագրութիւնը ինքնին առանձին պատմութիւն մըն է։ Տխուր պատմութիւն մը։ Տարբեր շրջաններու եւ տասնեակ մը տարբեր հրատարակութիւններու մէջ լոյս տեսած այդ պատմուածքներէն ոմանք մեքենագրուած ունէինք մեր մօտ։ Միւսները՝ կրցանք ձեռք ձգել երկար փնտռտուքներէ ետք։ Մնաց գիրքը՝ պատմուածքներէն հինգը բովանդակող համանուն խորագրով գիրքը։ Կը կարծէինք, թէ ամէնէն քիչ այս մէկը պիտի յոգնեցնէ մեզ։ Փնտռտեցինք օրերով, շաբաթներով։ Դիմեցինք գրավաճառներուն, գրադարաններուն, հաստատութեանց մատենադարաններուն։ Ի զուր։ ... Չենք ուզեր համեստութիւնը վիրաւորել այն անձնաւորութեան, որուն գրասենեակին մէջ լուծում գտաւ մեր տագնապը։

Գրի կ’առնենք այս տողերը, շեշտելու համար բացայայտ ճշմարտութիւն մը, ըստ որում՝ «Խոնարհները» հարիւր հազար հայութիւն հաշուող այս գաղութի ընթերցողներուն ծանօթ չէ։ Կարդացուած չէ։ Պարագան նոյնն է, տարակոյս չկայ, նաեւ միւս գաղութներուն համար։ Ներկայ պարագային կրնանք ըսել՝ ոչ թէ Օշականը ընթերցող չունէր, այլ ընթերցողները իրենք չունէին Օշականի գիրքերը։

«Խոնարհները» պատմուածքներէն առաջինը գրուած է 1902–ին։ Վերջինը՝ 1924–ին։ Դասաւորումը կատարած ենք ժամանակագրական կարգով։ Հետեւելով այդ դասաւորումին՝ ընթերցողը դժուարութեան պիտի չհանդիպի հեղինակին աստիճանական զարգացումը ընդգծելու։

Առաջինը կարճ պատմուածք մըն է։ Վերջինը՝ կարճ վէպ մը։

«Շահպազ»էն ետք Օշական ինքզինքը դուրս նետեց պատմուածքներու շրջագծէն եւ լծուեցաւ աւելի ծաւալուն վէպեր յօրինելու աշխատանքին։ Քանի  մը  տարիէն իրարու ետեւէ գրեց  «Հաճի Ապտուլլահ»–ը, «Հաճի Մուրատ»–ը, «Ծակ–պտուկ»–ը եւ զանգուածեղ «Մնացորդաց»–ը։ Հոս, այս վէպերուն քով, տարբեր Օշականի մը դէմ–յանդիման կը գտնէ ինքզինք ընթերցողը։ Որոշ գրականութիւն մըն է հոս մշակուածը։ Օշական սկսած է սուզուիլ, բարդանալ, տարածուիլ, ինչպէս նշմարելի է ատիկա «Խոնարհներ»ու վերջին ու վերջընթեր պատմուածքներուն մէջ։

Արդ, Օշականի պատմուածքներուն մեծ տոկոսին վրայէն անցած է Ապրիլ 24–ը. տարած է նաեւ պատմուածքներուն ընթերցողները։ Ու կազմուած է Սփիւռքը։ Այսինքն՝ նոր վիպասան մը կայ եւ կան նոր ընթերցողները։ Ըստ մեզի, թիւրիմացութիւնը ասկէ ծնունդ կ’առնէ, հոս է, որ տեղի կ’ունենայ ընթերցողին եւ Օշականին բախումը։ Նոր ընթերցողը քայլ չէ պահած գրագէտին հետ։ Հնարաւորութիւն չունէր ինքզինքը պատրաստելու Օշականի աստիճանական վերելքին կամ խորացումներուն։ Աւելի յստակ՝ պարզ գործերը հրապարակի վրայ չէին, հրապարակի վրայ եղողները՝ պարզ չէին։ Մեր եզրակացութեամբ՝ եթէ ընթերցողը կարդացած ըլլար «Խոնարհները», խիստ հաւանական է, որ փնտռէր «Մնացորդաց»–ը։

Մեկնելով հիմնական այս պատճառներէն՝ նախապատուութիւնը տրուեցաւ «Խոնարհներ»ուն։

Ունինք այն հաստատ համոզումը, թէ հայ լեզուն գիտցող ու իր գրական ճաշակը քիչ շատ կրթած իւրաքանչիւր ոք յափշտակութեամբ պիտի կարդայ մէն մի պատմուածք։ Կը հաւատանք նոյնպէս, թէ այս հատորը պիտի ըլլայ դրդում մը, մղիչ ուժ մը փնտռելու եւ կարդալու Օշականի միւս գործերը։

Օշական գրական բարձունք մը ստեղծեց։ Այդ բարձունքին հասնելու համար անհրաժեշտ է առաջին հերթին կարդալ «Խոնարհները»։

 

1958. աշակերտները