Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՂԲԱՐԻԿԸ

 

Անուշիկ կա՜թ առնողներ, մաքու՜ր կաթիկ է։

Գեղին մէջ ամէն մարդ կը ճանչնայ այս քիչ մը բարձր, բարակ ձայնը, որ փողոցներուն մէջ կը դառնայ ամէն առտու եւ կը լեցնէ նեղկուկ անցքերը տուներուն։

Ապրիլէն վերջ, երբ մաքիները հեռաւոր արօտները կը քաշուէին, առտուանց կանուխ թիթեղէ երկու կիւկիւմ ներ թեւերէն կախուած են ան կը մտնէ թաղերը, կէս մը ամայի փողոցներուն մէջ իր անուշ բարեւները բաժնելով դուռներուն տակ տրեխները շտկելու զբաղած բանուորին, ժամէն դարձող բարի ու ծեր կնիկներուն։

Կարճ մարդ մըն է, տափակ քիթով մը, որ անոր դէմքին վրայ հաստ տգեղութիւն մը կը դնէ, առատ ու երկայն յօնքերով, անկարգ պեխերով, երեսի կաշին կը պահէ յոգնածութիւն մը, կոտրածութիւնը այն փախստականներուն որոնք շարան–շարան անցան գեղէն հալածանքի օրերուն։ Գեղացին կը սիրէ զինքը տեսակ մը երախտապարտ գոյն դնելով իր զգացումին մէջ, ազգասիրութեան, հայ սիրելու հեռաւոր բնազդ մը գոհացնել կարծելով։ Ինչպէ՞ս է յաջողած գեղը մնալու. յայտնի չէ, բայց միւտիւր ը եւ տասնապետը կ’ախորժէին հետը իյնալէ։

Կանուխկեկ, տակաւին ոչ մէկուն կաթ չտուած, ան վախկոտ ժպիտով մը կը կենայ երկաթապատ խոշոր դրան մը առջեւ, ուր տասնապետը կը նստի։ Երկիւղած յարգանքով մը կը լեցնէ ոստիկանի մը բերած լականը ու գետնամած խոնարհութեամբ բարեւելէ ետքը, կարմիր երիզով մարդը քիչ մը հանգչած դէմքով կ’անցնի փողոցները։ Կառավարութեան մարդոց համար երբեք իր սովորութեան մէջ չի թերանար. միւտիւրները կը փոխուին, երկաթէ դուռին ետեւ մրափող զապթիէ ները կ’երթան ալ չեն դառնալ, բայց ինք անպայման կաթի ու բանջարեղէնի եղանակի այդ փշրակ դուռը ստիպուած իր ակամայ ուխտը կը վճարէ։

Ընդհանրապէս փողոցներուն մէջ իր մռայլ դէմքը կը բացուի։ Իր երկարամեայ պարկեշտութեանը, ղարիպի տրտմութեանը համար դուռները բաց են իր առջին։ Բոլոր մայրերը զաւակին պինդ գրկած՝ հարցումներ  կ’ուղղեն  անոր ներսի հայերուն  մարտիրոսութեան վրայ ու ամէն ատեն Աղբարիկը կը պատմէ մեծ նահատակութեան եղերական դրուագներէն։

Խելօք է շատ։ Մէկուն հետ չ՛իյնար, մէկուն սիրտը չէ ցաւցուցած տարիներէ ի վեր։ Ու այդ է պատճառը, որ փողոցի պզտիկները, որոնք այնքան աններող են տարբեր տարազով պտտող վաճառողներու դէմ, իրենց խաղերուն մէջ իսկ առիթ կը գտնեն անոր հետ քանի մը սրտի մօտիկ բառեր փոխանակելու։ Որքա՜ն տղայ է ան, որքա՜ն հաճոյք կը գտնէ տղոց հետ խօսելու մէջ։ Գիտէ բոլոր աղջիկները, որոնք նոր կը կլորցնեն ծիծերնին, գիտէ հարսները իրենց պիտակ անուններով, գիտէ մեծ կնիկները, որոնք հասած երեսներ ունին, բայց մանաւանդ գիտէ պառաւները, որոնց հետ ժամերով կը շատախօսէ։

Ու քահանայի խղճմտութեամբ կ’այցելէ բոլոր թաղերը, հարուստներուն ու աղքատներուն հաւասար քաղցրութեամբ։ Գործը լմնցնելէ ետքը, կու գայ իր խանութը, որ շուկային մէկ անկիւնը քանի մը կանգուննոց հող մըն է, քէփէնկներուն կէսը միշտ իջեցուցած ամառուան կրակ օրերուն իսկ։ Հոն, մարդերէ հեռու, մութով մինակցած խորունկ փոսին մէջ թաղուած, ան կը վառէ իր սիկարը, կռնակը տախտակէ բարձին տուած մուխին մէջ կը քնանայ բաց աչքերով։

* * *

Այսպէս ճանչցաւ զանի գեղացին տարիներ։ Իր ապրելու եղանակին մէջ երբեք չփոխուեցաւ։ Կաթ ծախելու համար իր յանկերգը սկիզբէն մինչեւ վերջ նոյնը մնաց։ Միշտ անուշիկ եղաւ իր կաթը, միշտ մաքուր, միշտ ճուլպանտ ուտող մաքուր կաթ եղաւ իր տուածը։ Առտուներէն մինչեւ կէսօր ան կը մոռցուէր իր վիրապին մէջ, ու յետոյ երբ արեւը էտինքին դառնար, յոգնած դէմքով դուրս կ’իյնար իր ճգնարանէն։ Առջի տարիները սրճարան ոտք չի դրաւ։ Շուկային մէջ վազող աղբիւրները լուացուելէ ետքը, խոշոր պող ի չափ կարմիր թաշկինակով մը կը սրբէր իր սեւ երեսները, ու օրուելէն, կարճ ոտքերուն վրայ թօթուըւելէն թաշկինակը ուսին կը մտնէր ժամուն բակը։ Հոն էին տէրտէրը, Կրման Տէտէն, Թումարը. Աշըխը, Այվազը, Գոլոն։ Կը մօտենայ անոնց կէս մը վախնալով։

 

Օրհնեա՛ տէր, բարի լիուս ձի, աղբէրք։

Ծօ տղայ, այսքան տարի կայ բարեւ տալ մը պիլէ չես սորված, օրհնած, վրայ կու տար ամէն անգամ տէրտէրը, ու ծերերուն խումբը ճրիկ, աչքերնուն մէջէն արգահատանքի նայուածքներ կը կախէին անոր կարճ ու հաստ հասակէն։ Աղբարիկ ստիպուած կը խնդար ու ծերերուն առջեւ գլուխը կը ծռէր։ «Քախանայի», «իշխանաւորի» առջեւ ուրիշ կերպ չեն ըներ։ Յետոյ՝ ծերերը տեղ կը տեսցնէին անոր պաղ քարերուն վրայ, որոնք ուրիշին տակը մաքուր ու զով հարթութիւն մը կը շինէին։

Ժամուն բակը այդ խօսակցութիւնները, հին օրերուն համովը, մոռցուած համբոյրներու վերյուշուած բեկորներովը կ’անուշնային։ Տէրտէրը իր համրիչին հատիկ–հատիկ կախելէն վերուսաղիմու հրաշքները կը պատմէր՝ ատենը հեղ մը խաչ մը, պատկառելի ծանրութեամբ ու լայնութեամբ խաչ մը ձեւելով ճակտին վրայ։ Ծերերը՝

Յիսու՜ս Քրիստոս, Աստուածամար, փա՜ռք քեզ, ըսելով իրենց դողացող մատները կը դողդղցնէին ու երկիւղած հաւատքով կը տանէին  աջ ու  ձախ։ Տէրտէրէն վերջը անպայման կարգը Այվազին կ’ըլլար։ Հարստութենէ ինկած, քիչ-շատ գիր տեսած, Վարք–սրբոց կարդացած ըլլալուն՝ առջի բերան կը թողէին, որ խօսի, երբ չափը անցընէր, Կրման տէտէն, երկաթածայր գաւազանը քարին ծեծելով.

Է, կ’օգտէ, Այվա՛զ, մենք ալ մարդ ենք. մենք ալ երկու ջուխտ խօսք ընենք, ըսելով կը կտրէր Այվազին լեզուն, կը բանար հին տետրակները իր քաջագործութիւններուն, կը գովէր հին դանակը, Պապա Շէշանէն ։ Այս երկուքէն վերջը, Աշըխը Թիւրքմէնին աղջիկին պատմութիւն կ’ընէր. ամէնն ալ անկըճիկ կու տային, վասնզի լոգցող աղջիկի մը վրայ էր խնդիրը։ Ու այսպէս կարգով խօսքը կ’ընցնէր բերնէ բերան։ Աղբարիկ մտիկ ընող մը կ’ըլլար գրեթէ միշտ։

Իրիկունը, երբ ժամուն մեծ դուռները կռնակնուն վրայ դառնային, Աղբարիկ գլուխը կախ կ’երթար իր որջը։ Գեղի շուկան գիշերը բոլորովին կը մեռնի։ Խանութին ներսի մասը, զոր մարդու մը հասակը կը լեցնէ, փռուած էր անոր վերմակը, սեւցած, սեւցած ու ճերմկած։ Թաց հողին վրայ հին կապերտի կտոր մըն ալ անոր համար անկողին էր։ Գլխուն քովիկը, հողի ամանի մը մէջ, բոցի լեզու մը կ’երգէր ատեն–ատեն։ Կանթեղն էր ան։ Հոդ, այդ նեղ ու խոնաւ ծակին մէջ աղբարիկը կը դնէր իր մարմինը, եւ դողացող լոյսին տակ, խեղդող մուխին մէջ կը տարուէր քունի։ Այսպէս անցան իր առաջին տարիները։ Աննշան, վախկոտ մարդ մըն էր ան։ Բայց հետզհետէ իր ձեւերը կոկուեցան, իր կոշտութիւնները քիչցան։ Եկած օրերուն ասոր–անոր աշխատելէ վերջը, իր հիմկու խանութը ձեռք ձգեց։

Բանջարեղէն կը ծախէր։ Երկու խուրձ սոխ, պուճ մը սխտոր, հինգվեց գլուխ խոշոր դդում խանութին առջեւ կը կենային տխուր լքուածութեան  մը մէջ։ Յետոյ՝  վարունգ  կը ծախէր աւելի  վերջը, երբ լոլիկները գալ առնէին, լեզուին ուժ կու տար։ Քաշուելու վախէն ազատած  ըլլալուն՝ հազար բերան կը թափէր իր խոնարհ ապրանքներուն համար։ Երկրի բարբառով գովեստներ կը հիւսէր իր դդումներուն վրայ։ Կը գովէր իր սոխերուն փորը, կարմիր լոլիկները, որոնք կանանչ ազատքեղներու տակէն ոսկի գունտերու հմայքը կը բերեն ու դեռ ինչե՜ր-ինչե՜ր։

4–5 տարի վերջը իր անհամարձակութիւնը, կարճ մարդու կլորութիւնը, փախստականի տրտմութիւնը անհետացաւ իր վրայէն։ Հասակը բաւական բարձրացեր, շարժումներու մէջ մտած էր անհոգ զուարթութիւն մը ու թեթեւ միամտութեան մը նետած բոլոր սրամտութիւնները Աղբարիկը մօտեցուցին ժողովուրդին։ Առտու մըն ալ գեղացին զարմանքով ու սակայն հաճոյքով լսեց.

Անուշիկ կա՜թ առնողներ, մաքու՜ր կաթիկ է։

Իր ձայնը նոր, զիլ, հեռուներուն կնիքը ունէր իր մէջ։ Հանդարտ գեղին մէջ երգի չափ անուշ, լսուած այս աղաղակը համով եկաւ ամէնուն ու բոլորն ալ գնեցին իր կաթէն։

Այդ օրէն իր կեանքը խառնուեցաւ ժողովուրդին։ Մասնակցեցաւ ան Տօնի-Զատկի ուրախութիւններուն ինքնատիպ պարերով ու մեղրի պէս անուշ հեռուի երգերով. աղջիկներն ու կնիկները սիրեցին անոր ձայնին մէջ հայրենի լեռներուն ու ջուրերուն ցանկալի կարօտը. մեծ գլուխ երեախաներն անգամ լացին անոր ղարիպի տաղերուն կսկիծին տակ։

* * *

Տարիներ անցեր էին իր գալէն։ Իշխանները փոխուած, մարդերը ուրիշ հոգի առնելու վրայ։ Գեղը կը քալէր դէպ ուրիշ երազներ։ Մետաքսի կամարները կը շինուէին, դպրոցէն երգերը ու հայ եղող գիրքերը կը փախցնէին։ Կամաց–կամաց Աղբարիկ դադրեցաւ Երկրին ներկայացուցիչը ըլլալէ։ Կը մոռցուէին իր պարերգները, զորս առջի օրերուն  օրրաններուն  վրայ իսկ կանչեցին։ Արեւելքի  կողմէն ձայն չէր գար. ու Աղբարիկ կը վախնար նամակ գրելէ։ Ժամանակին հետ քիչ–քիչ մաշեցաւ ան ալ։ Աղտոտ գլխարկին տակէն դուրս դարձող մազերուն մէջ սեւը կը հատնէր։ Ու խորշոմները դեռ տարտամ, բայց ապահով կերպով մը սկսած էին իրենց ակօսումը։ Կը ծերանար։ Խանութը միշտ նոյնը մնաց։ Հիմա գետինը քարերով ծածկեր էր։ Աւանդական ձեթէ կանթեղին տեղ ճարած էր պզտիկ լամբար մը։ Ունէր նաեւ մինտէր մը։ Միշտ կաթ կը ծախէր երկու կիւկիւմներով։ Կիւկիւմները երբեք երեք չեղան, դդումներուն գլուխները երբեք վեցը չանցան։

Սակայն տարի մը Աղբարիկը մէջտեղ բերաւ անօրինակ գործունէութիւն մը, բանուկութիւնը, որ ամէնուն աչքին զարկաւ։ Նախ՝ խանութը փոխեց։ Շուկային էն կարեւոր մէկ կէտին վրայ բարձր վարձքով բռնեց ընդարձակ կրպակ մը։ Ապակիով ցուցափեղկեր անցուց խանութին ու մածունի գուռաները վարպետ ցուցադրումի մը բոլոր ճաշակովը շարեց հոն։ Բարձրի լեռներէն երեք–չորս ջորի բեռ կաթ կը բերէին իրեն։ Խոշոր կաթսաներ ունէր, միշտ կլայուած։ Ատոնք կարգով կը տեղաւորէր խանութին դէմի պզտիկ գետնին վրայ։ Կաթի թիթեղները քիչ մը ցուցամոլութեամբ  վեր կ’առնէր օդին մէջ, ու՝

 

Հա՜յ, պումպարէկ, հա՜յ աղբիւր է, աղբիւր է, ըսելով կը թափէր կաթսաներուն մէջ։ Ճերմակ հեղուկը արեւին տակ կը փայլէր. կաթսային պատերուն վրայ կոտրտուող ցոլքեր կը խառնուէին փրփուրներուն ու անցորդներուն աչքը կ’առնէին։ Երբ քանի մը օգնականներ աւելցուց, իր անունը նորէն ելաւ ամէնուն շրթունքներուն վրայ, ու տարօրինակ երեւոյթ, գործունէութեան այդ եռանդին մէջ աչքերը մասով ազատեցան իր հաստ թարթիչներուն ճնշումէն, դէմքը կակուղցաւ, կտոր մը ողորկցաւ, անտես՝ սակայն իրական բան մը պահ մը թաղեց փորուող ակօսները երեսներուն։

Հագուստները նոր էին։ Ոտքերը՝ ռուսական ճիզմէ։ Գաղտնիք մը կար անշուշտ ուշ մնացած երիտասարդութեան այս զարթնումին մէջ։ Փողոցները պտտիլը երբեք ուրիշին չտուաւ։ Քալուածքը շատ արագ էր։ Կաթը կը ցրուէր տուներուն՝ առանց հանգչելու, հեւ ի հեւ, ետեւէն ինկած տպաւորութիւն մը ձգելով կնիկներուն վրայ, որոնք զարմանքով կը նայէին այդ չսպասուած եռանդին։ Իր ձայնը միշտ զիլ ու բարձր, կ’աւելնար փողոցներէն։

Բայց երբ ուշադրութիւն ըլլուէր իրեն, Է... թաղը մտած ատեն ան անպայման պզտիկ պեխերը կ’աշխատէր շտկել, գլխարկը մազերուն դուրս ինկած ճերմակին վրայ կը շարէր, քայլերը կը շեշտէր, հանդիսաւոր գեղեցկութիւն մը կը դնէր իր աղաղակին մէջ ու կամաց, շատ կամաց կը բաժնէր կաթը։ Ուրիշ թաղերու մէջ հով եղող այս մարդը պատճառներ կը փնտռէր հոս ուշանալու։ Պառաւներուն հետ երկար-երկար կը տեսնուէր աղբիւրին քով, անոնց մէկիկմէկիկ քթախոտ կը հրամցնէր, կը խնդար պառաւներուն փռնգտուքներուն վրայ մանաւանդ, երբ ստորերկրեայ ձայներ ալ գային խառնուելու քիթերու զռինչին։ Գրեթէ միշտ աղբիւրի կուշտի պառաւներուն ձրի կաթ կու տար. ատենը հեղ մ’ալ սեր կը բաժնէր։ Բայց Էղսա մամային ամէնէն շատը կու տար, ինչ որ պատճառ կ’ըլլար երկար բանավէճերու, պառաւները կը բարկանային այս անհաւասարութեան վրայ, բարեմտօրէն կ’անիծէին Աղբարիկը.

Չխնդաս, չի կատարիս, մուրատիկդ փորդ մնա, կ’ըսէին անոր խնդալով ու սերի կտորներ ակռայէ զուրկ բերաններնին նետելով կզակնին կը դարձնէին աջ ու ձախ՝ դէմքերնուն վրայ խոշոր ու տգեղ փոսեր ձեւացնելով։ Աղբարիկ հաճոյքով կը նայէր այդ թոռոմած բերաններու ծամածռութեանց, երեսներուն վրայ ուրուացող փոսերուն ու կը ծիծաղէր, բայց այդ ծիծաղին մէջ իսկ ատեն ատեն կը գտնէր աչք մը նետելու դէմի տան բաց պատուհանին, ուրկէ բաղդատաբար աւելի երիտասարդ կնիկ մը ժպտուն երեսով կը նայէր վար։ Յետոյ՝ ամանները մէջտեղ կու գային։ Ամէն կնիկ իրը կը բերէր, կարգի համար երբեմն կռիւներ կ’ըլլային։ Բայց դէմի տանը դուռը բացուելուն պէս Աղբարիկ երկիւղած դէմքով մը օխանոցը կը լեցնէր. հակառակ իր բոլոր ջանքերուն ամանը կը դողար իր ձեռքին մէջ։ Կաթիլները թեւ առած գետին կը թռէին. կնիկը կը խնդար։ Աղբարիկ որոշուած չափէն զատ բաւական մըն ալ նորէն կաթ կու տար ըսելով էս էլ ճապա, վէօթէծին տիիղը։ Կնիկը ժպտելով ներս կը քաշուէր։ Աղբարիկին հոգին հոդ էր։ Չէր յիշէր, թէ ինչպէս սիրտ էր կապած անոր։ Բայց տարի մը կար, որ դիրտը այդ դուռին առջեւ կը կոտտար։ Այդ կնկան երեսին վրայ կը տեսնէր ուրիշ լոյս, անոր աչքերուն մէջ ուրիշ բան կը կարդար, իր մէջ զգացումը շատ կամաց զարգացած էր, օրիկ-օրիկ կազմըուած, իր սերին ամէն կապին վրայ ան մտածած էր ժամերով։

Կ ’ուզէր։ Տարիներով կարօտն էր ունեցած այդ գաղջ թուլիկ հոտին, որ ձեռքերուդ կը փակի տենդագին փաթուքներու պահուն։ Իրար հիւսող բազուկներուն տակ հալող միսին համը կ’արթննար տակաւ իր մէջ ու կը զգար, որ ոտքերը կը ձգուէին, սրունքներէն վար տաք ու թոյլ բան մը կը հալէր–կ’իջնար ու սրտէն վեր դէպի գլուխը կրակի հոսանք մը կ’երկննար։

Ամիս մը շարունակ երեւակայեց ու մտածեց։ Իր կեանքին մէջ մտած այդ գրգռութիւնը չփախաւ հետաքրքրուողներու աչքէն։ Կէսօրէն ետք ժամուն բակը նստիլը՝ 12 տարուան բարեպաշտ սովորութիւնը եղած ըլլալուն հակառակ՝ անտանելի թուեցաւ իրեն։ Յուզումի առջի շաբաթներուն կոչնակը բերաւ հազար նեղութիւններով. ետքը ստիպուեցաւ գործ պատրուակելով դուրս ելլել, պտտիլ, օդ առնել։ Ատեն մը վերջը տէրտէրը կռահեց իր անհանգիստ ու վրդովուն վիճակը։

Օրհնա՜ծ, դուն բան մ’ունիս, ըսէ, մի պահեր։

Աղբարիկ թօթուըւեցաւ, ամչցաւ ու կակազեց։ Տէրտէրը իր կասկածին մէջ աւելի առաջ գնաց, բայց չկրցաւ բան մը հասկնալ։ Ամիս մը ետքը, Աղբարիկ յայտնապէս  ջղային էր դարձած, նեղսիրտ, հարցումներու չպատասխանող, նետուած խօսքերուն թաքուն իմաստներ հագցնող, ու մանաւանդ երբեք տեղ մը տիտիկ չառնող։ Կիրակի իրիկուն մը, երբ ժամկոչը դուռները կը կապէր, Աղբարիկ դեռ տէրտէրին հետ աղբիւրին տակն էր։

Տէր պա՛պ, քեզ մէկ բան ըսեմ։

Երկու ըսէ, օրհնած։

Չէ՛, չէ՛, մի՛ խատիկ, մի՛ խատիկ բան։

Աղբարիկ կեցաւ պահ մը. վարանքը յայտնի էր շրթունքներուն վրայ, որոնք կը դողային. աչքերն ալ գինովի աչքերու պէս կը դառնային իրենց փոսին մէջ։ Տէրտէրը առջին փախաւ, լոլոզեց զինքը.

Ըսէ, օրհնա՛ծ, մենք կարգաւոր ենք, մեզի զրցուածները կը թաղենք հոս (սիրտը ցուցնելով) երդում ենք տուած խաչի, Աւետարանի վրայ։

Մի՛ խատիկ, մի՛ խատիկ բան, տէր պապ։

Է, ըսէ, զաւա՛կս, ի՞նչ ցաւ ունիս։

... Գիտես, մազերս են ճերմկեր. էս աշխարհքից բան չեմ հասկցած, չում էս օր... էն...

Լմնցու՛ր, լմնցու՛ր, ինչո՞ւ կը դողաս։

Ու տէրտէրը իր երկայն մօրուքը քանի մը հեղ ափին մէջ ալեկոծելէ ետք, միւս ձեռքով բռնեց Աղբարիկին ափը, որ կ’այրէր ու ամուր մը սեղմելով աւելցուց.

Տէրտ դ բաց, օրհնած, տէրման ը ես կը գտնեմ։

Աղբարիկ յայտնի ջանք մը ըրաւ վրան, ուզեց սարսուռը արգիլել իր ձայնին, բառերը փախան իր լեզուէն ու աչքերը կաթիլ սկսան։

Տէրտէրը անհամբեր, բարկացած քաշուեցաւ։ Երկու իրիկուն վերջը նորէն հոն էին։

* * *

Աղէկ ամա, սա վիճակիդ մէջ քեզի կնիկ չեն տար, պէտք է փարա ունենաս, շատ աշխատիս. գեղացին բանուկութիւնդ տեսնայ, անկէց վերջը դիւրին է. ես վրաս կ’առնեմ մնացածը։

Ի՞նչ անեմ, տէր պա՛պ։

Գործդ մեցծուր, լաթերդ նորէ, փողոցներուն մէջ քալած ատենդ տիք բռնէ, ասդին-անդին շահով դրամ տուր, սէնէտ առ...

Ան իրիկունէն  իսկ խանութը  փոխեր էր։ Հազարումէկ  զրկանքով աւելցուցած եւ մէջքի կամարին մէջ պահ դրած ոսկիները հանեց, կաթսաներ գնեց, խոշոր–խոշոր ջարդել սկսաւ։ Ու գեղացին զարմացաւ Աղբարիկը տեսնելով Մաթոս վարժապետին քով, որ անոր մուրհակներ կը գրէր։ Այսպէսով իր անունը նորէն կեանք առաւ։ Աղբա ր իկ օրուան հերոսը դարձաւ։ Իր այս բոլոր գործերէն, զբաղումներուն մէջ ան միշտ ատեն հնարեց Է... թաղին երկայնքը չափելու քանի մը հեղ, աղբիւրին առջեւ կենալու, ու դիտելու դէմի բաց պատուհանէն գլուխը դուրս ձգած կնիկը, որուն երեսին վրայ խենթեցնող ժպիտ մը միշտ կար ու կը մնար իրեն համար։

* * *

Տէրտէրին թելադրութիւնները իրենց արդիւնքը բերին Աղբարիկին մէջ։ Շատ դրամ կը շահէր, շատերու մարդութիւն կ’ընէր, փոխ դրամ կու տար առանց տոկոս առնելու։ Հագուստները նոփ-նոր էին։ Հայրենիքի յետին գոյնն ալ սրբուած էր իր լաթերէն։ Տեղական տարազը հալեցուցած էր անոր հագուստէն հեռաւոր գեղեցկութիւնը, մինակ լեզուին հաստութիւնը կը մնար առջի մարդը յիշեցնող։ Տէրտէրէն զատ ոչ մէկը գիտէր այս կերպարանափոխութեան պատճառը։ Պառկելու համար ալ զատ տուն վարձեց. Է... թաղն էր, պզտիկ տուն մը։ Աղբարիկ կարճ օրը քսան անգամ կ’երթար հոն։ Թաղեցիներուն հետ հուր ու ջուր էր։ Լուսնկայ իրիկունները մարդերը աղբիւրի կուշտին կը նստէին շարք-շարք, փողոցներու տակովը, տան պատերն ի վար շուքերն ու լոյսերը մկրատէ ելած գոյն-գոյն պաստառներու պատկեր կը քաշէին։ Գեղացիներուն սիկարները մութին մէջ բռնկող աչքերու պէս կը դալկանային։ Ու այդ խորհուրդի ատենին Աղբարիկ կը խօսէր անոնց Եփրատի ջուրերուն վրայ, Մուշի Սուլթանին վրայ, կը նկարագրէր մեծ ու սուրբ վանքերը, որոնց կամարները հրաշքներ են տեսեր...

Ցերեկները, երբ փողոցներուն  մէջ  հաւերն  ու  աքաղաղները կը մնան ներս, Աղբարիկ տուն կու գար, աղբիւրին առջեւ կը լուացուէր հանդիսաւոր ծանրութեամբ։ Պզտիկներն ու հարսնուկները հետը կ’իյնային՝ կաթ ուզելով անկէ։ Թաղին մէջ իր պարկեշտութիւնը եւ ընտանութիւնը  առիթներ բերին ամէն  աստիճանի հասակներու հետ տեսնուելու։ Այսպէս լեզու պահող հարսները երկու զաւկի մայր կնիկները, աւելի թարմերը ու աւելի մէջերը իրմէ չվախցան։ Ու բարի օր մըն ալ խօսեցաւ իր սիրածին հետ։ Այնքան մօտիկէն անոր երեսը շատ անուշ գտաւ։ Ու թաղող նայուածքով մը գրկեց այրիին մազերը, որոնք անոր գլուխը թաւ ու հարուստ դեղինով մը կը շրջանակէին։ Տաքցաւ անոր կուրծքէն, որ ամազոնին կը կռթնէր ջուխտակ կուժերու պարոյր մը կաղապարելով։ Ու մանաւանդ երեսին կաշին շատ ճերմակ տեսաւ, ճերմակ՝ բարակ արիւնի մը ոսկեզօծումովը կազդուրուած։

Աղբարիկ անոր ձայնը փոխադրեց իր հոգիին մէջ, Էղսա ապլային հետ ամբողջ ժամեր տեսնուեցաւ հաճոյքով։ Ծածկուած բառերով, հեռուէն մօտեցող պատկերներով աշխատեցաւ իր միտքը հասկցնելու։ Պառաւը կռահեց։ Առջի բերան ծանր եկաւ իրեն իր աղջիկը յանձնել ղարիպի մը, որ տուն-տեղ չունէր ու քիւրտ էր։ Բայց անոր հարստութեան վրայ իր լսածները խելքը թռցուցին։ Աղբարիկ իր մուրհակներուն տետրակը կը հանէր ծոցէն՝ պզտիկ բան մը գրած իսկ ատեն։ Կեղծ համեստութեամբ  մը այդ թուղթի  կտորներուն վրայ տեղեկութիւն տալէ կը քաշուէր։ Ու սակայն այնպէս մը կ’ընէր, որ մուրհակներուն դրոշմները կ’երեւային։ Յետոյ իր լաւ բնաւորութիւնը, աշխատասէր ոգին, անուշ լեզուն փրկեցին իր դէմքին տգեղութիւնը, ու հասակին կարճ գիրութիւնը։ Պառաւը տակաւ կը տաքնար։

Այրին շարունակուող այդ նայուածքներուն ազդեցութիւնը կրած էր ու թուլցած։ Քսանհինգ տարեկան էր։ Իրիկուններուն մինակութիւնը, պարապ անկողնին տխրութիւնը, չհանգչող ջիղերուն տառապանքը անտանելի կ’ընէին իր գիշերները։ Իր միսերուն մէջ ձիգութիւն մը կար ու գալարներ կու տար իրեն, ձեռք չդպցուած իրերուն, չգործուած բաներուն չոր կենդանութիւնը։

Աղբարիկ սերի կտորները գողտուկ-գողտուկ կը տանէր անոնց հազարումէկ զգուշութիւններով։ Ինքզինքը ծածկելու համար բնազդի վարպետութիւններ ունէր։ Զամբիւղներով աղանդեր, դրամ. հոգին տրամադրուած էր անոր։ Այրին երկու տղայ ունէր։ Ասոնց առջեւ տունն ու խանութը անպայման բաց էին. տղոց հետ կը խօսէր, հոգիի շեշտով, հայրականութիւն մը դնելով իր ձայնին մէջ, կարծես կ’աշխատէր իր բերանը նոր բառերու վարժեցնելու։

Այսպէս  անցաւ  լման տարին։ Հարսանիքի համար նախնական պատրաստութիւններու սկսաւ, նախ՝ տուն–տեղ ըլլալու համար անհրաժեշտ եղող պզտիկ առարկաներ ձեռք ձգեց։ Պրուսայէն ջուրի գաւաթներ, կերակուրի պնակներ, դգալներ, կոկիկ բարձեր բերել տուաւ միշտ գաղտնի միջոցներով։ Յետոյ սենեակները զարդարեց բազմոցներով, բարձերով, կապերտով։ Անկողինին բուրդը բերել տուաւ Սաման–Եայլայի թիւրքմեններէն։ Անկողինին երեսը գործել տուաւ Էղսա ապլային, ու երեսի բարձր շրջանակող ժապաւէնները գնեց Էղսա ապլային աղջիկէն։ Երբ տունը կահաւորեց, վերն ու վարը շտկեց, ներս առաւ կատու մըն ալ։

* * *

Տէրտէրը միշտ կը ժպտէր անոր։ Աղբարիկ երկու օրը անգամ մը սեր կը տանէր անոր խուցը ու ամէն երթալուն իր քթախոտը կը պարպէր տէրտէրին սեւ ոսկորէ պզտիկ տուփին մէջ։

Հա՛, օղու՛լ, հա՛, տղա՛ս, քիչ մ’ալ համբերէ, Էղսա ապլան առաջ պռկունք ըրաւ, ետքին քիչ–քիչ կը հաւնի կոր։

Շնորհակալութիւն յայտնելու բառ չէր գտներ։

Իրաւ, քովդ փարա կա՛յ, երեք ոսկիի պէտք ունիմ, եղածը խոլա է, կու տամ հիներն ալ մէկտեղ։

Տամ, տէր պապ. դու իմ հոգիս ուզէ, իմ հոգիս։

Ու Աղբարիկ հապճեպով կու տար անոր ուզածները։

Աֆէրիմ, տղաս, Աստուած մուրատիդ հասցնէ, կ’ըսէր տէրտէրը՝ ձեռքով կռնակը ծեծելով։

* * *

Անցաւ ատեն մըն ալ։

Օր մը, Աղբարիկին ձայնը փողոցներուն մէջ աղօտցած գտան։ Ու՞ր էր առջի ուժը, աղմուկը։ Կիւկիւմերը բեռ մը դարձեր էին, այնքան կը կախէին իրանը։ Իր բանաձեւը քիչ կը նետէր փողոցներու անցքին անգամ։ Սեւ տրտմութիւն մը դաժանցուցեր իր երեսները, քիթը աւելի մեծցեր, ոսկորները խոշորցեր էին, հին, անհամակրելի, տգեղ ու հաստ մարդը երեւան էր եկած, այս անգամ ծերութեան հարուածովը տարտղնած։

Տունէն ալ ելաւ ու եկաւ խանութը։ Առջի պէս սիրտ չունէր պզտիկներուն պատասխաններ ճարելու, հարսներուն խնդացող դէմքերուն դէմ ժպիտներ գտնելու, պառաւներու հարցումները ականջը չէին մտներ ու իր անսպառ բարեւները փախած էին իր բերնէն։ Աղբարիկը փլած էր։ Ինչո՞ւ։ Վասնզի այրին գացած էր ուրիշ մարդու։

Իրիկուն մը, երբ ոչինչ գիտէր, գացած էր նորէն Էղսա ապլային դուռը զարնելու՝ օխանոց մը կարագ անութին տակը։ Դուռը չէր բացած։ Բայց վարագոյրները լոյս ունէին։ Աղբարիկ պատճառը չէր հասկցած այս լռութեան։ Այն օրը մտահոգ տէրտէրին էր գացած. տէրտէր հոն չկար։ Հետեւեալ իրիկունը, Աղբարիկ կէս-մութին մէջէն կեցաւ նշմարել տէրտէրը, որ զգուշութեամբ անոնց տունը կը մտնէր։ Իր ետեւէն կային շուրջառին պոչը շալկող տիրացուն ու օրօրուող վարժապետը, աւելի վերջը՝ քանի մը ծերեր, հին հաճաղա մը, զոր հազէն ճանչցաւ։ Քանի մը խաթուններ, դրացիներէ հատիկհատիկ ներս մտան։ Աղբարիկին գլուխէն կրակ անցաւ։ Աղբիւրին տակ սպասեց։ Ամէն հարսնիքի գտնուած ըլլալուն՝ գոց գիտէր արարողութիւնն ու երգերը։ Ձայն չկար։ Տուն գնաց։ Չկրցաւ նստիլ. ելաւ դուրս. աղբիւրին մօտիկ տարտամ եղանակ մը քերեց ու անցաւ իր ականջը։ Յետոյ տան վարագոյրներուն վրայ խոշոր-խոշոր, շարժուն ստուերներ տեսաւ ու վերջապէս որոշակի լսեց մահուան երգի մը պէս տխուր ազդող.

Այսօր երկնայինքն...

Շանթերը ինկան իր ուղեղին մէջ, այնքան անակնկալ էր հարուածը։ Այրին կը կարգուէր։ Չուզեց գիտնալ, թէ որու կ’երթար ու իր հին սովորութեան հակառակ առանց հարսնետուն մտնելու քաշուեցաւ իր տունը։ Մութը հաստցեր էր։ Օճախին մօտ գտաւ իր ցուրտ լամբարը. վառեց։ Առանց գիտնալու՝ թաղուած կրակը բացաւ, ու առջի անգամ ըլլալով զգաց իր խորունկ մինակութիւնը. առանց կնկան տունի  մը սոսկալի ցրտութիւնը  եւ  ձեռքերը անցուց  ծունկերուն։ Մտածել չէր կրնար, վարէն, սրտէն անբացատրելի զգացում մը կամաց–կամաց ուռեցուց ալիքի մը պէս վեր ելաւ, կոկորդին տակը ցաւէ գունտեր շարուեցան, ու իր հաստ աչքերէն կաթիլ-կաթիլ սկսաւ կապ ձեռքերուն վրայ կրակի պէս տաք ջուր մը։ Ու արցունքը շատցաւ, թարթիչները պատեց, լոյսին նայած ատեն արիւններ թռան անոնց մէջէն. թարթիչներէն բոց կ’ելլէր։ Որչա՜փ լացաւ, որչա՜փ։ Մատները լոգցեր էին։ Ոտքի ելած ատենը ինքզինքը տասը տարիի ապրած զգաց։ Սրունքները շատ ծանրացեր էին ու հասակը կորցած էր փորին վրայ։ Կրակին մօտ աչքին ինկան պտուկը, աղին գուշը իրենց սովորական հաստութեանը մէջ։ Աղբարիկ  բարկացաւ այդ խաղաղութեան դէմ։ Կատուն իր գիտցածին պէս եկաւ քսուիլ ծունկերուն իր բարակ մռլտուքին մէջ կռնակը ուռցնելով։ Աղբարիկ բռունցք մը իջեցուց անոր գլխուն։

Սենեակին մէկ կողմը՝ կռնակին վրայ բաց էր անկողինը։ Ինչ յոյսերով շինել տուած էր զայն։ Երկու հոգի հանգիստ կրնային պառկիլ հոն, նոյնիսկ պզտիկի մը տեղ ալ կ’աւելնար։ Անկողին մտաւ, առանց հանուելու. լոյսը իր միօրինակ նայուածքով կը նայէր օճախին մէջէն ու վարագոյրները մեռելի պատանքի մը պէս դուրսը կը գոցէին։ Ու սկսաւ իր մէջ կիրքը։ Նախ լարուեցան իր ջիղերը, երազին մէջ եղածի պէս տարտամ մշուշ մը նստեցաւ իր մտքին վրայ ու առջի անգամ ըլլալով կատաղի պէտքն զգաց բան մը գրկելու. իր սրունքները վերմակը իրենց մէջ էին առած. բուրդին տաք փայփայանքը թուլութիւններ բերաւ իր սիրտին։ Բայց ատիկա շուտով անցաւ։

Ինքզինքը տեսաւ այսպէս մինակ, այսպէս լքուած, օտար երկինքի տակ սատկելու դատապարտուած։ Միտքով գնաց ուրիշ տուներ, ուր լամբարներու լոյսով հրաշքներ կը դիտեն, ուր կիսամութ սենեակներու մէջ միսերը լոյս կու տան... ։ Այս զգայնութիւնները զինքը շատ նեղեցին։ Պառկած տեղէն ելաւ, պահ մը լամբարին մօտ կծկտեցաւ։ Կատուն եկեր էր օճախի տաքուկ քարին վրայ քնանալու ու խորունկ հեծլկտուք մը կ’ելլար անոր ակռաներէն։ Հոգիի չարչարանքը երկար տեւեց։ Աքաղաղները քանի մը բերան պոռացին։ Աղբարիկ դեռ կը նայէր առաստաղէն կախ պտուղի բոլորակներուն։ Իր թարթափումներուն մէջ ան գնաց հայրենիք։ Տեսաւ ցածլիկ կտուրին վրայ բաց գիշերին տակ պառկող իր մայրը, տեսաւ գեղացիները, քիւրտերը, ջուրերն ու մատուռները, տեսաւ գեղին աղջիկներն ու կնիկները...

Առտուն ուրիշ ճամբով շուկայ գնաց։ Կաթը եկած էր լեռնէն։ Աղբարիկը նեղացաւ աշկերտին, նեղացաւ կաթ բերող թիւրքմէնին, յաճախորդները սպասցուց։ Իր շարժումներուն մէջ զարմանալի խառնակութիւն մը կար, դանդաղցեր էր, ու ձեռքի վարժութիւնը կորսնցուցած՝ կշիռներուն, չափերուն տեղը կը շփոթէր։

Կէսօրին, խանութը երեսին վրայ բաց ձգած՝ գնաց տէրտէրը գտնելու։

Էսպէս բիան, էսպէս բիան։

Չկրցաւ շարունակել, աչքերը լեցուեցան։ Տէրտէրը յանցանք մը գործողի մեղմութեամբ.

Օղու՛լ հոգ մի՛ ըներ, ան թող չըլլայ, ուրիշ մը թող ըլլայ, տղա՛ս, հազար հատ կը գտնամ։

Աղբարիկ ուժերը հաւաքեց եւ իրապէս մեծ, արի նայուածքով մը տէրտէրը չափելով.

Տէր պա՛պ, տէր պա՛պ, քոչակ չեմ ես, խասկցա՞ր. զիմ սիրտ ծեկեցին, էլ ուրիշ կնիկ խարամ թող ըլլի։ Խարամ, խարամ, խասկցա՞ր։

Ու նորէն թուլցան իր ջիղերը։ Երեսին կծկուած միսերը կակուղցան, հոգին տկարացաւ ու աչքերը կաթեցին։Սիրտի կը դպէր այս օտարական, մենաւոր, վախկոտ հոգիին չարչարանքը։ Տէրտէրը զգացուած յուսադրեց, օրհնեց, քթախոտը ուզեց, կէսը իր տուփը պարպեց եւ ձեռքը կռնակին զարնելով՝

Հայտէ՛, տղա՛ս, հայտէ՛, քու հոգդ չըլլայ, ես քեզի հազար հատ կը ճարեմ, գլխուդ մազէն շատ կայ։

Տէր պա՛պ, էդ խօսքերը կապէ...

Ու դանդաչելէն հեռացաւ։

* * *

Այս դէպքէն վերջ, Աղբարիկ կամաց–կամաց քաշուեցաւ գործէ։ Փայլուն կաթսաները մէկիկ–մէկիկ ծախեց։ Աժան գիներով ձեռքէ հանեց իր տան բոլոր կարսիները։ Առնելիքները գանձելու համար՝ պզտիկ անութին տակ սեղմող տետրակ մը շինեց, մուրհակները ձեռք առաւ։ Պարտականները խոզակին կը ձգէին։ Իր հին խանութը նորէն վարձեց։ Հին կապերտին կտորը եւ հայրենիքէն բերած աղտոտ վերարկուն փռեց հոն։ Խանութին առջեւ քանի մը գուռ մածուն ու երեք-չորս գլուխ դդում շարելով՝ մտաւ իր նախկին մռայլութեան մէջ։ Խօսքին համը, թեթեւութիւնը թռած էր մէկէն։ Օր օրին սեւցաւ, օր օրին հասակը հատաւ, միսերը կը չորնային, խոշոր ու տձեւ խենթեցած ինքզինքը տուաւ օղիին։ Ու խմեց, խմեց։ Լման ցերեկը կը նստր խանութին ներսը, շիշը առջին, ձիթապտուղի աման մը քովը։ Օղին կը մոռցնէր իր սեւ ցաւը։ Բայց արդէն տկար իր կազմը կը քայքայուէր։ Իր խելքը երբեք իր քով չէր. մածուն ուզողներուն պատասխան չէր տար. սոխ առնողներէն դրամ ուզելն անգամ խելք չէր ըներ։

Այսպէսով մէջտեղ եկաւ նոր Աղբարիկ մըն ալ, գինով, տարուած, գրեթէ խենթ Աղբարիկ մը։ Օղիի ազդեցութեան առջի շրջաններուն հին երգեր կու գային իր շրթներուն վրայ, անհասկնալի բառերով. բայց թախծոտ, խորունկ շեշտով ու անուշ թեւերով երգեր էին անոնք. ժողովուրդը խանութին առջեւէն անցած ատեն պահ մը ականջ կը ծռէր դէպի բաց քէփէնկները ու կը քաշուէր։ Կէսօրին, քակուած գօտիով, կուրծքը բաց, ոտքերը բոպիկ, գլուխը խռուացած, մէկ ձեռքին մէջ ունենալով մուրհակներուն տրցակը կը մտնէր սրճարաններէն ներս, նստողներէն մէկուն քով կ’երթար ու առնելիքը կը պահանջէր։ Իր աչքերը լաւ չէին զանազաներ մարդերը ու պարտք չունեցողները բարկացած՝ կը լուային.

Գինով քէօփէկ, չե՞ս ամչնար, ես քեզի ե՞րբ տալիք եմ եղած։

Թափթփած ըլլալուն՝ մուրհակները ձեռքէ ձեռք կ’անցնէին, ու կը պատռուէին։ Ամիս մը վերջը հարիւր ոսկինոց մուրհակներէն հատ մը իսկ չէր մնացեր իր մօտը. ամէնը գողցուած էին։ Պատահեցան օրեր, որ փողոցի պզտիկներն աւարի տուին իր դդումները եւ լոլիկներով լոգցուցին իր հիւանդ գլխիկը։ Գեղացի քաջեր իր վրայ փորձեցին իրենց բազուկներուն ուժը ու գետնէ գետին զարկին զանի։ Ծեծը կ’ուտէր, կու լար, կը մռլկտար ու կը քաշուէր իր մենարանը։ Երբեմն այնքան խմած կ’ըլլար, որ խանութին դուրսէն ներս չէր կրնար մտնել ու հոն կ’իյնար խռկալով։ Շատ գիշերներ քարերուն վրայ լուսցուց։ Իր գինովութեան նոպաներուն մէջ երբեմն գնաց Է... փողոցը, չափեց վերէն վար, աղբիւրին մօտ կնիկներուն հետ խօսեցաւ, քթախոտ բաժնեց անոնց ու մշուշոտ նայուածքը երկնցուց դէմի բաց պատուհանին։ Երբեմն դրամ չունենալով օղի չէր գտնար։ Այդ իրիկուններն իր ներսէն տարօրինակ իրարանցումներ կը հասկնար. նախ՝ այրիին երազը կը սաւառնէր իր երեւակայութեան առջեւ, յետոյ՝ մուրհակներուն թռիլը, յետոյ՝ քամարին մէջի կարմիրներուն հալիլը։ Ու իր քայքայուած մարմինին հեծերը միսերուն ու ոսկորներուն մզմզուն ցաւերը կը խենթեցնէին։

* * *

Դարը փոխուած էր։ Ոստիկանները փախած էին գեղէն։ Նոր–նոր մարդեր կու գային ամայի, արեւելքի մեռած ճամբէն։ Ասոնք առջի դարու  փախստականներուն  մեռելի դէմքերը  չունէին։  Աղքատիկ էին, պարզ էին, բայց երեսնին սեւ չէր։ Որը սազ մը կախած էր ուսէն, որը թմբուկ։ Կու գային, կ’երգէին, կը լացնէին ու նոր–նոր երգեր, ժողովուրդի սրտին մէջ տեղ բռնած ու ետքէն թաղուած հին երգեր կը խանդավառէին ժողովուրդը։ Ու անոնք կը մտնէին սրճարանները հանգիստ ու երկար–երկար կը խօսէին Քաջ Անդրանիկի, Սերոբ Փաշու, Գէորգ Չաւուշի եւ դեռ ուրիշ հարիւրաւորներու վրայ, որոնց մահը տեսեր կամ հետերնին հաց էին կերեր։ Լարախաղացներու, աշուղներու այս խումբը իր տարերկրեայ երգերով կ’անցէր փողոցներէն, իրենց խատուտիկ հագուստով ու նոյնքան սիրուն քոլոզներով. գեղացին դուռներն ու պատուհանները կը թափէր՝ զանոնք տեսնելու։ Խումբը շուկայէն, Աղբարիկին խանութին առջեւէն ալ անցաւ Սուրբը երթալու համար։ Սուրբը հարթավայր մըն էր գեղին կռնակը, ուր տօնի եւ խաղի օրերուն վարժուած է գեղացին համախմբուելու։ Ժողովուրդը հատուած–հատուած կը մագլցէր Սուրբի շատ ցից ճամբէն։ Ամառը ըլլալուն՝ փոշին կալ կապեր էր։ Յանկարծ Աղբարիկին խանութը բացուեցաւ եւ դուրս ելաւ մէկը շատ հին գրեթէ  գզգզուած  վերարկուով  մը, գլուխը  կար քոլոզ ու  մէկ ձեռքն ալ հաստկեկ գաւազան։ Ծեր, շատ ծեր մարդու մը կը նմանէր ան, բոլորովին նստած, չոքած հասակով, սեւ դէմքին վրայ երկար հիւանդութեան մը դեղնութիւնը մեղմութեան պէս բան մը կը բերէր. յօնքերը շատցեր ու բարձրացեր էին ջուրը դրուած սոխի պուճերուն պէս։

Աղբարիկն էր, որ հայրենիքի զուռնան ու երգերը լսելով՝ ելած էր պառկած տեղէն, կրցածին պէս հագած էր նշխարհի  պէս սիրած ու պահած իր հայրենի տարազը։ Ու տքալէն ելաւ տեղէն դուրս։ Ամէն քսան քայլին ստիպուած էր հանգչելու։ ճամբան շատ ցից էր ու բարձրացող բազմութեան փոշին ու ժխորը բռնած էին միջոցը։ Աղբարիկ կը հազար խեղդուելու չափ։ Իր քովէն անցած կնիկները, որոնք, շուարած, աչք նետեցին իր վրայ՝ չէին ճանչնար. անցան մանուկներ, որոնք վախով աճապարեցին հեռանալ իրմէ։ Աղբարիկ կ’ելլար. Գողգոթան կ’ելլար։ Քանի ժամէն գտաւ բլուրի տակի սարահարթը։ Երբ հարթ գետինը գտաւ, հանգչեցաւ կանանչին վրայ։ Առջին լիճը պառկեր էր կաթի պէս ճերմակ։ Զով շունչ մը կու գար այդ ջուրերէն։ Աղբարիկը ոտքի ելաւ ու քալեց դէպի լարախաղացներուն կողմը։ Իր կտրտած վերարկուին տակ, մէջքը լարած, իր հաստ գաւազանին տուած իր ծերութեան բեռը, առաջ անցաւ։ Լարախաղացները իրենց վարպետութիւնը լմնցնելու մօտ էին։ Պզտիկ թմբուկը եւ անուշիկ զուռնան ոտք էին հաներ իրենց բոլոր ներդաշնակութիւնները։ Աղբարիկ դիւթեցաւ այդ ձայնէն, նետեց իր փայտը եւ հաստատ կորովով մը քալելով նետուեցաւ առաջ։ Հանդիսականները հրապարակին շուրջը միսէ պատ էին կապեր։ Աղբարիկ, ուրուականի մը վախը տարածելով չորս դին՝ ճեղքեց ամբոխը։ Հրապարակին մօտ առանց մտիկ ընելու արգիլողներուն աղաղակը առաջացաւ դէպի նուագածուներուն խումբը։ Աղբարիկ իր ամբողջ ուժովը երկու թեւերը բաց նետուեցաւ իր հայրենակիցներուն գիրկը։ Անոնք չէին ճանչնար իր անունը։ Բայց խայտաբղէտ վերարկուն ու Մուշի քոլոզը յայտնի նշաններ էին։ Նուագը դադրեցաւ։ Խաղցողները եկան չուաններէն ու ամէնուն առջեւ կարգով պագին հիւանդ ծերունին, որ արցունքի ու քրտինքի մէջ լոգցեր էր արդէն։

Աղբարիկ կը հոտուըտար զանոնք ու նուագով զարնողները կ’ուտէին անոր բերանն ու յօնքերը։ Ամբոխը նախ հիացած ու տրոփուն՝ շուտով կշտացաւ այդ զեղումի տեսարանէն ու մանաւանդ չկրնալով հասկնալ անոնց լեզուն, խաղին շարունակութիւնը պահանջեց։

Աղբարիկ դժխեմ ոգիի մը պէս ետ դարձաւ, անգամ մը ամբոխին վրայ աչք քալեցուց ու յետոյ կատաղի դէմքով մը դարձաւ հայրենակիցներուն։  Անոր նայուածքը  մարգարէի  մը վախը պտտցուց ամբողջ նստողներուն վրայ։ Բոլոր զբօսանքի եղողները տալիք էին անոր, անոր վաստակը գողցեր էին աւելի կամ պակաս քանակով։ Ամէն տան վրայ իր իրաւունքը ողջ էր ու անջնջելի։ Ու գեղը սոթտած էր զինքն իր աշխատութեան, խնայողութեան յետին ծուէններն ալ կողոպտած։ Ու այդ մարդը, որ բոլոր գիւղացիին կաթ ու կարագ էր բաժնած, հիմա անօթի էր երկու օրէ ի վեր։ Այդ ամէնուն վրայ կնիկ մը անգամ շատ տեսած էր իրեն։

* * *

Գիշերը կէսէն անցեր էր։ Շուկային  խորունկէն  շուն  մը կը հաջէր մեղմ, երկար լացի հեծծիւններով. ձայնը մօտեցաւ ու Աղբարիկին խանութին առջեւ աւելի տխուր, աւելի արցունքոտ դարձաւ։ Խանութին կիսախուփ դուռնէն մարդ մը դուրս գալով փախցուց շունը, որ հեռացաւ փողոցի մը խորը ու նորէն եկաւ իր առջի տեղը ողբալու։ Հալածող մարդը դուրս եկաւ դարձեալ ու այս անգամ մահակով զարկաւ ալ. շունը փախաւ պահ մը ու նորէն եկաւ իր տեղը լալու։ Խանութին ներսը, աղօտ լամբարին լոյսին մէջ կ’երեւային չորս գլուխներ, հակած՝ մէջտեղ պառկած հիւանդին վրայ։ Անոր բերանը բաց էր ու ակռաներուն շուրջը դեղին աղտոտութիւն մը մահուան գոյն մը կը դնէր դէմքին վրայ։ Մահուան ցաւերը եկած էին, վասնզի Աղբարիկը զինքը սպառած էր Սուրբը երթալու համար։ Հիւանդը ատեն մը յառեց իր աչքերը լամբին, թեթեւ հանգիստ մը եկաւ իր դէմքի միսերուն վրայ, ոսկորներուն ցից դաժանութիւնը կակուղցաւ ու կէս–բաց բերնէն շատ յստակ դուրս ինկաւ իր սիրական բանաձեւը։

Անուշիկ կա՜թ առնուողներ, մաքու՛ր կաթիկ է։

Խօսքը շատ յստակ էր, հայրենակիցները յուսալ սկսան, քոլոզը հանեցին գլուխէն։ Որը ձեռքը ճակատին կը տանէր, որը կուրծքը կը շոյէր, որը կռնակին կը ծեծէր։

Խարա՛մ ըլլի, տէր պա՛պ, խարա՛մ ըլլի, հծծեց նորէն հիւանդը։ Ու զառանցանքը սկսաւ։

Խժլտուք մը կ’եփէր իր կոկորդին մէջ, որ բառերը կը թանձրացնէր. ու ժամերով կիսատ բառերով ան խօսեցաւ։ Եղսա ապլա, Տէր պապ, մաքուր կաթ ու ամէնէն շատ բառերը նազլու, ախ բառերը իրարու կը յաջորդէին, իրար կը հալածէին, առանց որոշ կարգի ու իմաստի։ Լուսդէմ խժլտուքը մեծցաւ, պուկը գոցեց։ Շունը քանի մը բերան ողբ ալ թափեց։ Կոչնակին ամէն բան վերջացած էր։ Առտուան ժամուորները զարմանքով լսեցին խանութին ներսէն գովքի անծանօթ եղանակներ։ Մէկ քանիները խաչ հանելով փութացին ժամ։ Պառաւ մը, աւելի համարձակ, դուռը հրեց ու տեսաւ մարդու գլուխներ, որոնք բանի մը վրայ հակած կու լային։ Պառաւը խանութի հոտէն հասկցաւ մահ կենալը։ Մեռելներու եւ հոգեվարքներու շատ գտնուած ըլլալուն՝ մօտեցաւ պառկողին, մէկդի ընելով առջեւի մարդը, որ մեղմով տեղի տուաւ, բռնեց մեռնողին մեծ մատը, ականջին վրային ետեւ գտնուող պզտիկ փոսին մէջ մատ մը խաղցուց, յետոյ՝ սիրտը գտաւ, մտիկ ըրաւ, ռունգերը բռնեց ու վճռեց.

Մեռած է, պատնենք։

Պատանքցուի դրամը լարախաղացները տուին. երկու աշուղներ ալ ճաղը բերին խանութին առջեւ։ Դագաղին տեսքը անցորդներու մէջ ներքին անհանգստութիւն մը արթնցուց. աս ու ան էշերնին ձգելով բարձրացան, խանութին շեմն ի վեր հայեացք մը նետելով հեռացան, սիրտերնին սեղմած մեռելին հոտէն։ Ներսի մարդերը մոմ մը դրած էին պառկողին գլխին, քովիկն ալ կղմինտրի կտորի մը վրայ խունկի մեղմ սիւնակ մը ուղիղ կը քակուէր առանց գալարի։ Մեռելը պատնուած ու ճաղը դրուած էր։ Քահանայ չկար մէջտեղ։ Պատնող պառաւը գնաց քահանաներուն սենեակը ու սպառնագին պահանջեց, որ մէկը երթայ թաղէ մեռելը։ Կնունքի, հաղորդութեան ու թաղումի խնդիրներու մէջ քահանաները կը պատկառին ծերերէն։ Բայց ան առտու ամէնն ալ գործ ունէին, որը Կէմլէկ, որն Պրուսա պիտի երթար, որն ալ հիւանդ էր։ Քիչ ետքը քոլոզաւոր մը եկաւ ու աղաչեց տէրտէրներուն։ Երիտասարդ քահանաները չտեսնելու զարկին խնդրարկուն։ Քոլոզաւորը մօտեցաւ ծեր տէրտէրին, որուն թեւերուն վրայ խոշոր-խոշոր հաճիի պատկերներ գամուած էին. Կրման տէտէն կը խօսէր անոր հետ.

Թաղողչէքը ո՞վ պըտայ։

Այս հարցումը անակնկալ էր քոլոզաւորին համար, որ պահ մը շուարած պատասխան չգտաւ։

Անանկ է նէ՝ չեմ թաղեր.

Ըսելով տէրտէրը շտկուեցաւ դէպի աղբիւրը։ Արիշին տակ էին նորէն բոլոր ծերերը, առտուայ ժամէն նոր ելած։ Աղբարիկին մահը իմացան ցաւելով։

Է սըրան մեզի է, տէրտէ՛ր, գնա՛ թաղէ։

Տէրտէրը պնդեց։ Ու Այվազը ձայնը վերցնելով.

Տէրտէ՛ր, տէրտէ՛ր, ինծի բերան բանալ մի տար, վարձք է, մոռցա՞ր էնֆիէները։

Քոլոզաւորը հանեց ճերմակ մը դրաւ տէրտէրին ճանկը։

Հա շէօյլէ, տեսա՞ր մի դուն. հիմա կը թաղենք։

Մեռելը ժամ բերին առանց տիրացուի։ Ժամկոչն ու տնտես, երկու ալ ժամու մօտ մարդեր, ճաղը շալկեցին ու դուրս, ճամբայ ինկան դէպի գերեզման։ Տէրտէրը ատեն–ատեն բան մը կը կարդար։ Բայց հետեւորդները, որոնք բոլորն ալ քոլոզ էին դրած, ճաղին վրայ հակելով մէկ բերան կ’երգէին, իրենց լեզուով հրաշալի բան մը՝ սուգի գեղեցկութեամբ։  Մահերգի այս նոր շեշտը պատուհան  կանչեց կնիկները, որոնք տխուր ու դիւթուած, մեղեդիին մէջ տարտամ թելը կը գտնէին Աղբարիկին այնքան անուշ, այնքան սրտառուչ բանաձեւին.

Անուշիկ կա՜թ առնողներ։

 

1913