Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԲՈՅՐԻ ՄԸ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆԸ

Է՜, կենդանութիւն, տղա՛ք։

Անուշնե՛ր, անուշնե՛ր։

Քոքուրներուն խումբը Ծըմակը իր գարունի տօնը կ’ըսէ։

Արդէն Տէրընտասէն ասդին ամէն իրիկուն անոնք մատ են յոգնեցուցած համրելու համար Մարտին անհամ ու խեղկատակ օրերը։ Ապրիլին կնկան պէս խարդախ իրիկունները՝ անոնք «սպաննած» են մեծ ատելութիւնով, իյնալու համար այս սպասուած ցերեկին։

Գեղին բոլոր տղոցը նման, իրենք յաւիտենական տղաներ, շաբաթ մը առաջ ճարած են անխուսափելի ուլը, լեցուցած օղիին տոլը, վերցուցած պէտք եղածէն աւելի հաւկիթ ասոր–անոր հաւնոցէն, հաւաքած անհրաժեշտ մածունը  լերան բոլոր փարախներէն  եւ  հիմա քաշուած Ծըմակին խորունկ անտառակը՝ կը խմեն ու կը խօսին։

Օղիին տոլը բերնէ բերան կը պտտի պզտիկ դադարներով։ Քոքուրները հարամ կը սեպեն այն օղին, որուն հետ պայմանադրական բանաձեւը չի զրուցուիր։

Աստուած ողորմի հոգուն, ողջ ըլլալու էր, վրայ կու տայ մէկը, տանելով քոքուրներուն միտքը մեռած ընկերոջ մը, որ այս տօնին սրնգահարը եղած է տարիներ, գեղին բոլոր աղջիկներուն պատմութիւնը անցուցած էր եղէգէն, ու խանդավառուած է իրենց ծեր տղու չորութիւնը, սէրի այն պատկերներով ու բառերով, որոնք ժողովրդական երգերը կը յատկանշեն։

Լու՜ս, իջնայ, լու՜ս թափի, կը ձայնակցին ամէնքն ալ։ Մեռելի յիշատակը շուտ կը քաշուի անոնց առջեւէն։

Կրակը չմոռնա՛ք։

Երկու տղայ կ’ելլան, կը շոյեն կապ ուլին ճակատը, որ առանց գիտնալու կու լայ, կը պագնեն անոր դունչը ու կ’երթան փայտի։ Ուրիշ մը մէջքէն հանելով կէսը կոտրած իր դանակը, քանի մը հեղ կը քսէ պատահական քարի մը ու կը մտմտայ նորընձիւղ ծառերուն խորը։ Երկու ուրիշներ կը տեղաւորեն կրակին փոսը։

Ծերուկ Այանը, նոր անուն մը, զոր շնորհած է խումբը իրեն՝ յարգելու համար մեռնող ընկերը, ծանր–ծանր կ’ելլայ ծունկի, ձեռք կը նետէ տոլին, քանի ումպ կը գլորէ ետքը, ափով մը կը սրբէ պեխերը ու կը քալէ դէպի ուլը։ Երեսուն տարի կայ, օրուան մատաղը անոր դանակէն կ’իյնայ։

Երբ կրակը հարուստնայ, տիկ ելած ուլը արդէն անցուած երկայն ձողի մը՝ կը դառնայ անոր դէմ։ Ուլին փորոտիքը, լեարդը, թոքերը, կէս–եփուած ձեւով մը նախապէս կը սպառին։ Ասդին, շտկուած լայն քարին վրայ, հաւկիթները կը սպասեն եփուելու։

Շուքը, հակառակ տերեւներուն նիհարութեան, համով է ու բաւական հարուստ։ Անկէ վար կ’իջնայ արագ փորուածքով ու կը բանայ լճին վրայ լոյսի անդունդ մը։ Դէմի լեռներուն դեղինի մօտ կանանչը անուշ կու գայ աչքերուն։

Քոքուրները շէն են։ Տարիին այն քիչ օրերէն է, ուր իրենց փորը պիտի լարուի հարուստի քսակին նման։ Անոնք արթնցող գարունին հետ իրենց չմեռնող ցաւէն պիտի տառապին հեղ մըն ալ, պիտի խօսին ճերմակ հարսնուկին վրայ։

Անոնք կցկտուր բառեր ունին, կէս-պատկերներ, կիները նկարող բացատրութիւններ։ Ջուրի մը պէս գոց գիտեն հինցած երգերու հատուածները, բոլորն ալ շինուած գեղին մէջ իսկ, իրենց պզտիկութեան օրերէն մինչեւ հիմա։ Փախցուած աղջիկներ, շատ երիտասարդ ու ողբագին մահով մը անդենաւորած կիներ, մեղաւոր սէրի մը հետեւանքով թոյն ուտող հարսներ, տաճկացածներ, լիճին գիրկը թաղուածներ, բոլո՛րը, բոլո՛րը իրենց երգը ունին, տրամին հետ կեանքի եկած, պահ մը բերնէ բերան թռած, ու յետոյ կամաց-կամաց առէքը դրուած։

Ու ծերուկը բարի լայնութիւնով մը կը թողու, որ երգը դառնայ ամէնունը, բերաններուն վրայ քիչ-քիչ գլուխները ետ ու առաջ կ’երթան, թեւերը  իրենց հանդարտութիւնը  վանած վեր ու  վար կ’ելլան ու կ’իջնա՜ն, կրունկներ մեղմ ու դաշնօրէն կը ծեծեն հողը։

Յուզումի երեւոյթներէն ետքը, անոնք կը պատրաստուին իրենց պարին։

 

Ակն ելեր ծովէն կու գայ,
Սիրուելով հովէն կու գայ,
Ամէն կարմըրած հարսնուկ,
Իրեն եարին քովէն կու գայ։

 

Նշանը տրուած է։

Ծերուկ Այանը կ’անցնի կաղնիին կռնակը, կը հանէ սրինգը ու կը սկսի իր գեղջուկի պաշտօնը։

Պարողները կը կրկնեն երգին ամէն մէկ տողը, եղանակին այրած տեղերը կը թուլանան, կարմրած հարսնուկ ներուն հետ աչքերնին կը խփեն, կը դողան ձայներնին մեղմելով, եայ ին վրայ կատաղի ուժով մը կը զարնեն, մինչեւ անդին սրնգահարը բերնէն ձգած գործիքը, ափերը իրարու կը ծեծէ եղանակին չափը տալով ու հինցած աչքերուն անուշութիւնովը հետեւելով տղոց շարժումներուն։

Յանկարծ քոքուր մը քակուելով պարէն, կը շտկի Այանին կողմը, կ’իյնայ անոր ոտքերուն, սրտառուչ պաղատանքով մը.

Աղբօ՜ր, ըսէ հեղիկ մը, ինչա՛նկ պագիր Աղուէնին աղջիկը։ Պարողները բոլորը մէկ կը նետուին ծառին տակը, խենթ խելօքութեան մը մէջ կ’ուզեն թախանձագին պատմութիւնը այն մէկ հատիկ համբոյրին, որ վիճակուած է իրենց ամբողջ խմբին։

Գացէք բաներնիդ, տղա՛ք, աս տարի սիրտ չունիմ։

Բայց տղաքը առած են չորսդին, որը փափկութեամբ կը շոյէ անոր հին գդակը, մօրուքը կ’առնէ ափին մէջ քիչ մը սեղմելով, որը անոր ծունկերը կը ծեծէ ձեռքին կռնակովը, միսն ալ գօտիէն քաշելով։

Չա՛ր սատանայ, չա՛ր սատանայ։

Բայց նորէն ամէն տարուան նման ուլին խորովածը առջին, օղի՛ն տոլը ծունկին վրայ բռնած, իր պատմութիւնը կ’ընէ նոյն բառերով, նոյն հազով, խորովածի ու օղիի նոյն ընդմիջումներով։

Ան հիմակուան պէս քոքուր չէր։

Երիտասարդ եղած էր գեղին բոլոր տղոցը նման, իր կարճ, փոթը խելք առնող վարտիքովը, մետաքսէ նուրբ թաշկինակով ժապաւինուած իր սուր քէչէ ովը, երեք թիզ լայն, փորն ու կուրծքը գոցող գօտիովը։

Զատիկէն ետքը ան կ’անցնէր իր գործին, մինչեւ Հոկտեմբերի հովերը կ’արծէր  Գինոյենց ուլերն  ու  գառները, ձմեռուան  պաշարը դնելէն վերջ կը քաշուէր պաշտօնէն։

Հովիւ ըլլալու այս ձեւը պատուաբեր է։ Ամառ–ձմեռ հօտին փէշէն չզատուող տղոց մայրերը ժամուն ճամբան կախ գլուխ կը քալեն. աղջիկ ունեցող կիներու մօտ լեզուին կարճ կ’ըլլայ։ Լեռը գիտցող, ժամէ–աղօթքէ լուր չունեցող տղուն գեղը քիչ անգամ կնիկ կու տայ։

Եօթը տարի Այան արծեց գեղի աղային ուլերը, եօթը տարի տանտէր անոր մուխը դէպի քեզ չըսաւ, այնքան կը սիրէր իր ուլերը։

Ան ունեցաւ իր նշանածը, ուրիշներուն նման, Զատկին ղրկեց անոր չէրէզ, հեռուէն հեռու տեսաւ զայն իր կարմիր լաթերուն շնորհին մէջ թեւ առած։

Ութերորդ տարին աղային տունը հարս եկաւ։ Աղուէնին աղջիկը։

Գեղերուն մէջ քիչ բուսնող ծաղիկ մըն էր ան։ Վարպետ՝ իր աղուորութիւնը գործածելուն մէջ, կաթէն աւելի ճերմակ մորթով, կրունկները ծեծող մազերով, երեսէն ու աչքերէն չբաժնուող իր խենթեցնող ժպիտովը ան ունեցեր  էր խօսուած  աղջիկութիւն։  Անոր համար արիւն էր եղած։

Ու ամէն իրիկուն կէս–մթնած ախոռին մէջ, Այանը անոր օգնութեամբը կը կթէր այծերն ու մաքիները։

Լեզու՜ն... ջաղացի քարն իսկ կը յոգնէր անոր քով։

* * *

Խմեցէք, տղա՛ք։

Հանգիստի տեղն էր։ Քոքուրները աչքերնին մանրցուցած, աղուոր կնկան պատկերը չփախցնելու համար, իրարու կու տային թեթեւցած տոլը, կը պատռէին խորոված ուլին կողերը, շուտ–շուտ կուլ կու տային միսերը ու փորերնին գետին տուած, պզտիկ կզակնին ափերնուն մէջ տեղաւորած կը տարուէին մտիկ ընելու։

* * *

Եւ Այանը կը պատմէր անոնց։

Արդէն իսկ շատցած մուխին մէջ, անհանդարտ հարսին ձայնը, չհատնող հարցումները, լեցուն ծիծաղները, անէծքի համով ձեւերը, երբեմն–երբեմն պզտիկ չամառները պատճառ կ’ըլլային, որ կաթին կէսը թափի, գործը ուշ մնայ, աղային յանդիմանութիւնը տանի։ Անոր սիրոյն՝ հանդուրժեց իրեն համար անտանելի հայհոյութիւններ։ Ու քունը թռաւ աչքերէն։

Լեռներուն մէջ անոր պատկերը պտտեցաւ իր հետ, ամէն տեղ, իր ձեւերուն զանազանութեանը, կախարդութեանը մէջ չարչարելով զինքը։ Գիշերները իր մսուրին մէջ անոր ստուերը այցելեց իրեն։ Առտուները երբ ան կը բերէր օրուան ուտեստը կախելու իր մախաղին մէջ, Այանը անոր նայած ատենը՝ սիրտը վազող արցունքներ ունեցաւ։

Եղան օրեր, ուր իր մատերը դպան անոր ձեռքի միսերուն, իր գօտին քսուեցաւ անոր շալվարին։ Գեղէն դուրս ան ծծեց իր մատները, գօտիին երջանիկ մասերը պագաւ ու պագաւ։

* * *

–Է՜օֆ, խմեցէ՛ք, տղա՛ք։

Կը խմէին անոնք, յետոյ կարգով իրենց բերանը կ’առնէին ծերուկին մատները, աչքերնին գոց կը պագնէին, կամաց, շատ կամաց, ինչպէս, իրիկունները զոյգ կը պառկէին։

* * *

Քառասուն տարի առաջ էր։ Ու այս օրուան պէս ծերուկը կը յիշէ խըտըրէլլէզի, գարունի տօն մը։

Հովիւները հոդ, միեւնոյն տեղը հաւաքուած, գառ խորված, գինովցած էին։

Երանի տուած էին իրեն, յետոյ հեգնած իր վախկոտութիւնը։ Ի՞նչ կ’ըլլար։ Հարսնուկին երեսը կը հատնէ՜ր։ Ու գինով գլուխով՝ իրիկունը կանուխ տուն իջած էր ան կթուելիք մաքիները զատած, փարախին ներսը քշած։

Հարսնուկը տեղափոխութեան պատճառը հասկնալու համար չարչարած էր զինքը, իր լռութեանը վրայ աւելի առաջ եկած, իր մօտ կոկոզած խնդալով, խօսելով, ձեռքերը մաքիին պտուկներէն բռնի դուրս քաշելով։

Փարախին այդ մասը արեւմուտքէն քիչ վերջը գիշերուան պէս կ’ըլլայ։ Կթուելիք այծերը իրարու հետ կ’իյնային, իրարու շալակը կը նետուէին, զանգակներու կտրուած ժխոր մը դուրսի ձայները կը փախցնէր։

Ու հարսնուկը միշտ աւելի մօտ, ծունկովը ծեծելով հովիւին կողերը, կը շարունակէր իր հարցը։

* * *

–Խմեցէ՛ք, տղաք, խմեցէ՛ք։

Քոքուրները լուռ, անշարժ էին այս անգամ։ Կը սպասէին, որ ծերուկը բանայ իր թեւերը, օդին մէջ բան մը գրկէ, փաթթուի անոր իր բոլոր հոգիովը։ Յետոյ կու լային, երբ անոր գլուխը երկննար առաջ, շրթունքները դողային, դողային ու օդին մէջ բան մը պագնէին։

* * *

Ասկէ վերջ զուարթութիւնը կը կոտրէր։ Քոքուրները պահ մը տրտմած՝ կռնակնուն վրայ կը պառկէին՝ ապրելու համար ծերուկին պատմութիւնը։

Անոնք գիտէին, թէ Այանը ան իրիկուն լեռը տղոց մօտ պառկած էր ու օրերով գեղը չեկած։ Չուզելով միտք կը բերէին ծեծը, զոր Այանը կերած էր հարսնուկին էրիկէն, գեղին ճիշդ մէջտեղը։

Ու անհուն կսկիծով կը յիշէին Այանին նշանը, որ ետ կ’ըլլար։

Անկէ ասդին ան ամչնալուն, գեղէն քաշուեր էր, հովիւներուն մօր շինած իր հիւղակը, չերեւալով մարդու, մինչեւ որ երիտասարդութիւնը անցաւ իր երակներէն, ճերմակ մազեր ինկան ծնօտին վրայ ու քիթին տակը։

Յետոյ քոքուրները իրենց կարգին գտան զայն լեռներուն մէջ։

* * *

Գարունի տօնը, իր միակ համբոյրովը, Զատիկի ու Ծնունդի պէս տաղաւար է հիմա քոքուրներուն։

 

1914