Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԽԵՆԹ-ՍՈՂՄԷՆ

Ա

Երբ ես ժմնեցի, տակաւին շատ բան կը մնար վրան, անոր աղուորութենէն։

Հակառակ անոր, որ ոտքերը գիծ–գիծ ճեղուած էին մատներուն շուրջն ու վրան, դեռ անաղարտ կը մնար ճերմակութիւնը սրունքներուն ու տանջուած երեսներէն քաղցր բան մը դուրս կու գար, բոլոր աղուորներուն մինչեւ գերեզման ընկերացող շնորհը, որ թոռմած կաշիէն անգամ գիտէ ինքզինքը զգացնել։

Իսկական խենթն էր ան, ամբողջ գեղին մէջ կը պտտցնէր խորտակուած իր ուղեղին ժանգոտած տուփը, որ կը յամառի խոյակի մը պէս մնալ ուսերէն վեր, երբ սիւնը մերկացած է իր արեւէն ու արիւնէն։

Ան կը կենար գրեթէ ամէն դուռի առաջ, ամառները, երբ խորացող բակին սեւութեան մէջ ստուերները կը շարժին կիներուն, կամ քնացող տղոց պզտիկ օրրանները կը գծագրուին, ատեն մէկ մը լուսնկայուած թափառական ճառագայթէ մը։ Կը խօսէր նստողներուն մեծին հետ, կը հարցնէր հանդարտ հոգածութեան բառերով, ապրելու մեծ ցաւին վրայ, հացին, տախտակին եւ դուբի եղին վրայ, կարգուելիք աղջկան կամ ծնող հարսին վրայ, կարեկցող, իսկապէս շահագրգռուող շեշտովը խելօք ու մեծ քրոջ մը։

Այդ ատեն հաճոյք էր կիներուն կամացուկ մը քաշել անոր երկար մազերէն, ծեծել անոնց հիւսքը մեղմով, քանի մը հեղ կռնակին, ու առանց հրաւէրի բան մը, որուն դէմ անխուսափելի զայրոյթ եւ փախուստ կը հանէր միշտ նստեցնել անիկա սեմին վրայ։

Ու կը շարունակէր անիկա բանալ գեղի հոգերուն անհատնում կծիկը, այնքան լրջութ ե ամբ ու կարգով, որ երբեմն պատրանքը կու գար անկարելի բուժումին։

Անիկա մեծ խանդաղատանքով իր ափերը տաղաւարի պէս կը գոցէր պզտիկ, նոր թեւաւորուած վառեակներուն վրայ, որոնք իր ոտքերուն գամուած ճանճերը կը հալածէին կամ կը շուլլուէին դէպի իր ծոցը, ուր հաւանական փշրանքը փնտռելու համար կը բանային անոր կէս քողուած շապիկին ծալքերը։ Ու լոյսի պէս ճերմակ էր անոր ծոցը, ու քաղցր էր ձեւը անոր ծիծերուն, ուրկէ չորս տղոց հասակը տարիներ կախ էր մնացեր՝ առանց խախտել կարենալու անոնց աստուածային կաղապարումը։

Ան կ’ուշանար մանաւանդ կէսօրին, աղբիւրին եզերաքարերուն տուած իր կռնակը ու անթարթ սպասումով մը կը համրէր սափորները, որոնք տուներուն հարստութիւնը կամ աղքատութիւնը կ’արձանագրեն, իրենց հասակին ու փորին շքեղութիւնովը, երբ կ’ելլան ոսկիով օղաւորուած վիզերուն եզերքը, կամ իրենց վտիտ մէկ անկղը՝ (կոթ) կոտրած տխրութիւնով դժկամօրէն կը կախեն պառաւներուն յոգնած թեւերէն։

Խենթ Սողմէնը մշտական եղանակ մը կը պահէր իր ակռաներուն ներսը բանտուած, անծանօթ բառերով տխուր մեղեդի մը կը թափէր անոր բերնէն, երբ սովորական խօսքերը հանգչէին հոն։

Ու գլուխը կախ, մերկ ոտքերը քարերուն վրայ թաքուն պչրանքով մը զարնելով ու զարնելով կը չափէր փողոցներուն ամայութիւնը, այս անգամ ճնշումին տակը ներքին յուզումին։

Օր մը չլսեցին այդ նուագին բառերը, օր մը անիկա չամբողջացուց այդ խորհրդաւոր եղանակը, որ մռայլ բանի մը նման կը թաւալէր, երբեմն ուժգին, երբ հովերը հզօր խաղելով ծեծկուէին իր մազերուն ու ամրապինդ լաչակին հետ։ Երբեմն ան կը դառնայ անուշ, արեւի լոյսին պէս սիրտի դպող պարզութիւնով մը կաթելով իր բերնէն։

Ըսողներ կային, որ այդ եղանակը կու գար անոր աղէտին օրէն։ Շատերը խենթութեան հովը կը տեսնէին անոր անիմաստ, բայց գրաւիչ ալիքին մէջ։ Ամէնն ալ կը մեղքնային այդ մոլորոած իմացականութիւնը, որուն աղջիկութիւնը չորս տարի շարունակ անմրցելի գեղեցկութեամբ մը բոլոր տղոց երազներուն լոյս էր տուած։

Բ

Հարս գացած էր ան գեղին ամէնէն հարուստ տուներէն մէկուն։

Մեր հարսները ընդհանրապէս տղու մօտ աղջիկներ էին այն օրերուն, հազիւ սկսող կուրծքերով, եւ որոնք քողին տակ մտնելու ատեն քալող կակաչներու կը նմանէին, իրենց նոր նետուող հասակին մանկունակութեամբը եւ մանաւանդ իրենց աչքերուն պզտիկ միամտութեամբը։

Աղջիկները ամէն տեղի մէջ խոստումներ են ու հակառակ ոսկիներուն, որոնք անոնց վիզը կը շղթայեն մասնաւոր տղու մը սեպհականութեան, որոնք միշտ կը տեւեն ամէն տղու սրտին մէջ քիչ մը ատեն տակաւին, երբ արդէն հրաժարած են իրենց թաղէն։

Ցանցառ կը պատահի, որ գացող հարսնուկ մը սիրտի կապով մը շահագրգռուած մնայ իր մէրանցը տունին կամ փողոցին, ուր արեւէն այրած, բայց կրակի պէս երիտասարդ մը, հազիւ դուրս ելած պատանեկութեան դուռնէն, ամէն Կիրակի կը սպասէ դուռին առջեւ անոր անցքին, անտես դողով մը թօթուըւելու։

Գեղին պատմութիւնը ատանկ զարտուղութիւններ ունի, բայց անոնց հանգոյցը միշտ չուաններուն օղակին կը յանգի։ Մեղապարտ աղջիկները իրենք զիրենք կը խեղդեն։

Ու ինծի պատմուած է հին օրերու տրամ մը, որ եղերական լոյսի մը պէս կը ցաթի հիմա աչքիս առջեւ ու Խենթ-Սողմէնին փլատակ գեղեցկութիւնը՝ վերակագնելով, կը պտտցնէ անոր հարսնութեան հմայքը իր մէրանցը փողոցին մէջ, մինչեւ որ գեղին մէջ քիչ պատահող ոճիրով մը անոր մտքին կանթեղը դադրի վառելէ։

Գ

Գեղի տղաքն ու աղջիկները կը վախնան իրար սիրելէ։ Անոնք շատ անգամ իրար կը ճանչնան առագաստի սեմին, ու հարսնութեան Կիրակիներէն  դուրս  աղջիկները ատեն չունին  իրենց սիրտերը մտիկ ընելու։ Երիտասարդները առտուն կանուխ կը մեկնին դաշտերու աշխատանքին ու իրիկունները իրենց հարսները գրկած անկողին կը մտնեն նոյնքան կանուխ՝ համբոյրներու մեծ աշխատանքին։

Բայց գեղը ունի իր տարօրինակութիւնները։ Երբեմն քով քովի բացուող երկու դուռներուն վրայ պզտիկները կը մեծնան անդրանիկ մանկութեան մը շրջանէն։

Տղեկ մըն է անոնցմէ մէկը, անուշիկ միսերով, որ պարզ լաթի մը տակ կը ծածկէ իր մերկութիւնը։

Աղջիկ մըն է անոնցմէ միւսը, պիտիտիկ բերանով եւ ափ մը երեսով, որուն աչքերուն խորը կը նստի սեռը յատկանշող ժպիտը։

Թող այդ տղաքը քալել սորվին, խօսիլ սորվին, թող իրենց պզտիկ հասակները բարձերուն վրայ վերցնեն հացին տախտակին հասնելու համար կամ բաւական քաջութիւն ձեռք ձգեն, գտնելու համար մառանին մթութեանը մէջ ու գտնեն անուշիկ ծափերը (կիտուածուած հողէ պզտիկ փարչեր) ու քսեն անկէ իրենց շերտին վրայ։

Ու վարը, քով քովի դուռները բաժնող պատին տակ անոնք, տղան ու աղջիկը, հոգ չէ քանի մը տարիներու թիւ մը զատէ անոնց ծնունդը, թող ուտեն այդ քաղցրացած հացերը, ամէն մէկը իր թաթիկները դողալէն բռնելով միւսին բերնին դէմ, հացին շերտովը։

Մեծցուցէք տակաւին անոնք ու գեղին նախնական կենցաղին մէջ դրէք շարունակ իրարու մօտիկ, տօնական համախմբումներու, կնունքներու եւ մահերու ուրախութեանց պահերուն, բոլոր մօտ ու հեռու հարսնիքներուն։

Թող երթան անոնք դպրոցը գեղին, իրարու քովէն, տարեկից տղոց երամին մէջէն անջատուող իրենց զոյգի շնորհովը ու մանաւանդ օրէն աւելցող խաղերը անոնք ընեն դարձեալ իրարու հետ։ Ու մանկական այս պատմութիւնը թող քաղցր կատակի մը ձեւին տակ բերնէ բերան դառնայ, մինչեւ որ օրին մէկը աղջիկը առնուի դպրոցէն, ձեռքերուն հիլալ անցուի, ու ճիտին կախուի, մահուան կնիքին նման, չարագուշակ ոսկին։

Այսպէս անցաւ մանկութիւնը այդ աղջկան, իրենց թաղէն աղքատիկ տղու մը հետ, որ մեծերու պէս լացաւ, խոշոր–խոշոր, երբ իրեն իմացուցին նշանը ու Սողմէնին՝ տան աղջիկ դառնալը։

* * *

Պղզտիկ աղջիկները մեծնալու համար կը սպասեն նշանի ոսկիին։ Այն օրէն անոնց զգեստը կ’ամրանայ ու անփոյթ միսերուն վրայէն՝ խիստ բան մը կը ծածկէ անոնց միամտութիւնը։ Ճիշդ է, որ թաղին մէջ, մօտիկ տուներուն տրուած այցերուն ատեն, ոտքերը կը շարունակեն քալել իրենց նախնական մերկութիւնովը, բայց աւելի հեռուները, աղբիւր երթալները, գեղին միւս կողմը անցնիլը կը պարտադրեն փայլուն կօշիկը ու նռան գոյն գուլպան։ Ու տունէն ներս, աղջիկը խորհրդաւոր վախի մը մէջ, իր տասնամեայ մանուկի մենակութեանը մէջ տառապելով հանդերձ, անկարող կ’ըլլայ մօտենալու անփոյթ ու զուարթ տղոց, որոնք կու գան, կ’երթան, կը զգուըռտին, կը հայհոյեն, վերջը կը պագտուին, թեթեւ հեգնութիւն մը անգամ խնայելով նշանած աղջկան, որ օճախին տակ, մօրը թեւերուն օղակէն գլխիկը հանած՝ կը հետեւի այդ խաղերուն, ով գիտէ, ներսէն ինչպէս եփելով։

Բայց այդքան։ Ամէն աղջիկ քիչ–քիչ կը վարժուի չտեսնուող այդ զսպումին ու երբ տղոց նայուածքին տակ կարմրելու չափ իր կուրծքը կենսաւորի, արդէն մեկուսացումը կատարեալ կ’ըլլայ ու աղջիկը կը մտնէ առագաստ գրեթէ միշտ՝ շրթունքը գոցուած վարդի մը պէս անարատ։

Դ

Սողմէնին աղջիկութիւնը յայտնուեցաւ ամէնէն խռովիչ գեղեցկութեան մը փորձանքով։

Քիչ անգամ մազերը այդքան մետաքս ու ոսկի կը կախեն աղջկան մը կռնակէն ու քիչ անգամ ճերմակը կրնայ խառնուիլ, առանց աւրելու, թեւաւոր արիւնի մը հետ, որ անոր այտերուն վրայ պտտեցաւ ու ծիծաղի մը պէս, օրուան պահերուն համեմատ երանգ փոխեց հոն։

Անոր մայրը, զարհուրած այս բխումէն, բոլոր դրացի գեղերէն հազարի համար յուռութներ սեւ  ուլունք  ճարեց, անոր բարձին մէջ Սաղմոսէն՝ սաֆրանով գրուած երես մը կարեց, ու անոր միսերուն վրայէն բժժանքներուն բազմութիւնը անպակաս ըրաւ։

Ատոնք ձեւական ու տեսնուող փորձանիքն դէմ պաշտպանութիւնն էին։ Զգուշացաւ աղջիկը աղբիւր ղրկելէ։ Զատկին, Ծնունդին մէկ օր միայն արտօնեց կալերը խաղի։

Անոր մտահոգութիւնը եղաւ հարուածը, ճակատագրական, որ վիճակուած էր իր աղջկան, ժողովուրդի հաւատքովը։ Գեղացին միշտ եղերգութիւն մը կը դնէր բացառիկ գեղեցկութիւններուն վերջը։ Այդ կազմով աղջիկները ընդհանրապէս ջուրին կամ չուանին զոհ կ’երթային կամ առագաստի գիշերը կը խեղդուէին։

Ու խեղճ աղջկան վրայ ի գործ դրուեցաւ հսկողութիւններուն ամէնէն անողոքը։ Անոր արգիլուեցաւ փողոցը՝ իրենց դուռին առաջքը նստելու ուրիշներուն նման։ Անոր արգիլուեցաւ աղջիկներու տարեկան կամ շաբաթական պարերուն  մասնակցիլ։ Անիկա չկրցաւ ժամ երթալ՝ արտօնուած օրերուն։

Չտարին զինքը դաշտ, ձիթենիի պարտէզներուն այնքան սրտառուչ բանաստեղծութեան, ուր իր տարեկիցները քաղցր աշունի մը գինովութեանը տակ, իրենց ոսկիները դեղին–դեղին կախելէն, ժպտեցան պատահական աչքերու։ Չտարին անիկա լերան կողմերը ցորենի քաղհանքին, երբ սկսող գարունի մը դէմ, աղջիկները առտուան լոյսին պէս կարմիր, կը նային հեռաւոր ճամբու հեռաւոր ձիաւորներուն։ Չտարին նոյնիսկ անիկա գոնէ մէկ անգամ այգիներուն կախարդութեան, ուր խաղողները համբոյրներու նման կը դալկանան լոյսին մէջ ու ժանեկաւոր շուքին, մենաւոր ծաղիկի մը քով, գլուխը հողին դրած աղջիկը՝ իր այտերուն վրայ կախուող, կաթող շրթունքներ կ’երազէ։

Անիկա՝ վախեցած արեւներուն հանելու եւ անոր հագցուցին տաք ու հաստ կերպասներէն, որոնք մեր միսերը կը նեղեն ու այս ամէնուն հետեւանքը դարձեալ յայտնուեցաւ աղջկան դէմքին վրայ, ուր գեղացին յատկանշող առատութիւնն ու թարմութիւնը քիչ–քիչ տեղի տուին ու բացուեցաւ անոր այտերուն վրայ խենթեցնող այն նրբութիւնը, այն շնորհը, որ գրեթէ միշտ արիւն կ’ուզէ եւ որ օր մը կը խեղդուի ինքնիր արիւնին մէջ, եթէ դեւ մը զայն չտանի ոճիրներու գերեզմանին։

Աւանդութիւնը աղիտաւոր՝ կը խօսի անոնց ծագումին ինչպէս յանգումին վրայ։ Եթէ ատոնք ծնած ատեն իրենց մայրը գերեզման չեն ղրկած, գոնէ հարս ըլլալու համար ուրիշ մըն ալ պիտի մեռցնեն։

Ու այս սպառնալիքին տակ մեծցաւ աղջնակը։ Բայց անոր հոգին չմոռցաւ փողոցի իր ընկերը, աղքատիկ մանչը, որ շարունակեց կտոր–կտոր, աւելի դժուարութեամբ, իր հասակին վրայ աւելցնել տարիներուն պարգեւը։

Անոնք իրարու նայեցան իրենց տուներուն իրարու դարձած երեսնէն։  Տղան պզտիկ, աչքի մեծութ ե ամբ  ծակէ  մը խօսեցաւ  անոր ամայի հոգիին հետ, երբ իջնող ստուերներուն, դուռներուն առաջ, կարմրող պտուկներուն շուրջը, կիները իրենց օրը կը գոցեն մեծ ժողովի մը մէջ ու տունին այրերը, սաքուներուն վրայ, թոյլ սիկարներուն անհաւասար աստեղացումը կը յօրինեն մութին մէջ։

Ու յուզիչ ու ողբագին տագնապով մը անոնք իրարու խօսեցան պատերուն ետեւէն։ Անոնց բառերը անիմաստ էին ու անոնց ձայնը տեսակ մը խողովակ, ուրկէ  պիտի անցնէր  սարսուռներուն  ամէնէն դժնդակը։

Անոնք չխորհեցան իսկ, թէ այդ պահերուն զիրենք հոդ պատերուն փակցնող զգացումը որոշ անուն մը կրնար ունենալ։ Անոնց մտքէն չանցաւ անդրադառնալ մարդերուն սովորական զգայնութեան, յիշել համբոյրն ու փաթթըւուքը, գիրկերուն ճերմակ կրակը, որոնք բոլոր տարասեռ մինակութիւնները կը հետապնդեն։

Ուրկէ՜ ուր։ Ու մեր տղեկը շատ իրիկուն իր իշուկը ծարաւ թողուց՝ ելլելու համար ծակին առաջ։ Ու մեր աղջնակը մոռցաւ ճրագը վառել՝ վազելու համար ծակին առաջ։

Անոնք իրարու կը պատմէին սովորական բարբառի մը տակ չպատմուողը ՝ մարդերու զգայնութեան։ Աւելի ետքը, անոնք միջոցը գտան իրենց ձայնէն ետքը իրենց նայուածքները իրարու ղրկելու եւ այդ ատեն անոնք առանց արցունքի իրարու հոգիին մէջ կու լային անհուն վիշտը, ճակատագրական աղէտը, որ աղջկանը վրայ կը թառէր չտեսնուող բուի մը նման եւ որուն տխրութիւնը գիտեն հասկնալ մարդերը իրենց սիրտերուն նախնականութեան չափովը։

Անոնք՝ որ գեղացի չեն եղած, ու անոնք՝ որ նախնական, քոքուրի հոգի մը չեն ունեցած, պիտի չհասկնան տարօրինակ այս տարփանքը, որ բառ չունի, լեզու չունի, համբոյր ու կիրք չունի, որ տարփանքներ, մեղք չունի, բայց ունի ամէնէն կարեւորը՝ սէրը յատկանշելու համար։ Ան կ’ուզէ, որ միւսը ըլլայ իր քովիկը, իր կուշտին, ու մնան այնպէս յաւիտեան, մինչեւ որ գոցուի սիրտերուն զարկը։ Ան կ’ուզէ, որ մօտիկ պատին տակ իրարու սպասեն երկու սրտեր, առանց նպատակի, թերեւս նորէն յաւիտեանի մը համար։

Անոնք՝ օր մը իրարու մօտենալու, իրարու ձեռք բռնելու բախտը չունեցան։ Վճռապէս արգիլուած էր աղջկան իջնալ սանդուխներէն դէպի բակ։ Եւ որեւէ տղայ չկրցաւ մինակը բարձրանալ նոյն սանդուխներէն։

Եւ երբ հարսնիքին իրիկունը բոլոր դրացիները մուտք ունեցան այդ տունէն ներս, երբ տղայ ու աղջիկ կատակով ու լացով քողքը դրին Սողմէնին աննման ճակտին ու անոր մազերն ի վար արծաթ հիւսեցին, ոչ մէկը մտքէն անցուց տղան, աղքատիկ ու նիհար տղան, որ իր ծակին առջեւ, մոռցուած կանթեղի մը նման, լացաւ ու լացաւ։

Ե

Հարսները իրենց մէրանցը տունը կու գան, կիսաժպիտ, տարտամ ամօթով մը, որ իրենց քողին տակ կը հալի, բայց անոնց կու տայ վայելչութեան նոր հովը։

Անոնց մէջքերը կը հարուստնան շատ շուտ եւ անոնց ձեւերուն նիհար գծագրութիւնը կը հասուննայ եւ կը լեցուի։ Առաջին տարին անոնք կը գտնեն գեղեցկութեան իսկական հրաշքը, նոյնիսկ ամէնէն զրկուածները։ Ու գեղացիները «հարս» բառը արտասանած ատեն, ամէնքն ալ կը փոքրանան, իրենց շեշտովը կը դառնան այդ օրհնուած անցեալին։

Աղջիկներուն չարտօնուած շատ վայելքներ ունին հարսները։ Անոնք ամէն Կիրակի, պայմանադրուած ուխտին նման, կը քողարկուին գալու համար իրենց մօրը տունը եւ հոն քիչ մըն ալ շարունակելու գացող աղջիկութեան պատրանքը։

Սողմէնին հարսնութիւնը առածի կարգ անցնող տպաւորութիւն է թողած։ Բայց շատ քիչեր, գրեթէ մէկ–երկու հոգի միայն կրցած են մտնել անոր եղերական խորհուրդին մէջ։

Ան վազած է ամէն Կիրակի, առտուն կանուխ, առանց ժամու աւարտումին սպասելու, դէպի իրենց տունը։ Անոր քայլերը հովի պէս սահած են մայր փողոցներէն, ու անոր նայուածքը սալարկի քարէն երբեք չէ վերցած։ Անոր ականջը չեն հասած հիացումի եւ կարօտի հեւքերն ու անէծքները, որոնք աղուորներուն ետեւէն ու առջեւէն կը վազեն։ Բայց անիկա երբ մտած է իրենց փողոցը, կեցած է շունչը բռնել կարենալու։ Ու հոդ իր քայլերը մեղմացած են, նորէն հովին նման, որ քալելու տեղ կը թրթռայ, ու կը կենայ ծաղկի բաժակներուն վրայ։

Անոր աչքերը կ’իյնան բարի, քաղցր անձրեւի  մը զովութեամբը իրենց դրկից տղուն, որ սեմին վրայ կծկտած, նայելու տեղ կը դողայ ու ժպիտներու տեղ կու լայ իր սիրտէն։

Յետոյ՝ անոնք ծակին տակէն իրարու կը խօսին ու նոյն տարտամութիւնով, նոյն անիմաստութեամբ։ Բայց անոնց հոգիները իրարու աւելի ընտանի, աւելի իրարու մէջ թափած կը թուին։

Զ

Մեր լճի ափին մինչեւ այսօր կը մնայ ագարակի մը աւերակը, չորս կիսափուլ պատերու գորշութեամբը։ Հիմա կուրացած ջրհորի մը բերանն ալ, իր քարէ գարգմանակովը կը սպասէ արեւին տակ, որ անխնայ կը դառնայ այդ աւազներուն մօտիկ։

Մեր սերունդը երբ ծովափ իջնար, կը կենար քիչ մը այդ աւերակներուն առջեւ, կը կանգնէր այդ կործանած պատերը, կը ստեղծէր շէնքը իր հսկայ տանիքովը եւ չորս դին դարձող մրգաստաններուն դրախտովը։ Ու անոնց մէջ մեր երեւակայութիւնը կը պտտցնէր հին օրերու հարուստ տղայ մը, պերճ իր հասակովը, որուն անունը խառնուած էր գեղին բոլոր փառքերուն։

Այդ առասպելական մարդը շինած էր ագարակը, անձնական հաճոյքի մը համար։ Անորն էր բլուրին կուշտին մխուած գեղը իր կէս տարածութեամբն ու տուներովը։ Անորն էին գեղը բոլորող պարտէզները եւ գեղին հարուստ եկեղեցին։ Աւանդութիւն մը կը պատմէ ուղտերու կարաւան մը, որով ոսկի եւ արծաթ կը փոխադրուէր անոր տուներէն։

Ու հիները գիտեն, թէ այդ ծովափի ամարանոցին մէջ ապրեցաւ քանի մը ամառ հարսներուն ամէնէն խռովիչը։

Մեր տղայութիւնը Խենթ-Սողմէնը կը հանէր այդ աւերակներուն մէջէն ու կը վազեցնէր դէպի գեղը, բոպիկ, մազերը հովուն, փախչող արեւի պէս լոյս տալով նիհար ճամբաներուն։

Բայց հոդ ապրեր է, իրականին մէջ, գեղին ամէնէն հարուստը՝ հարսներուն ամէնէն գեղեցիկի հետ։

Է

Գեղի տղաքը ընդհանրապէս իրենց հօրը կորացող հասակին մօտ երկարած նեցուկներու կը նմանին։ Դաշտերու տագնապին մէջ ընկճուած մարդը առանց իր գիտնալուն ինքզինքը փոխանակուած կը գտնէ իր մանչէն, որ, արեւուն մարը մեռնի, կը ճլտորի, կը հասակաւորի ու օր մըն ալ ուսը կը նետէ պապենական բահը։ Այդ օրէն մարդը, ընտանիքին հայրը կրնայ նայիլ մահուան դին առանց վախնալու։

Գեղի տղաքը, երբ որ մեծնան, ընդհանրապէս իրենց պատանութիւնը եւ երիտասարդութիւնը կը ծախեն հարուստ տուներուն։ Անոնք կը բանին, կը տառապին, մինչեւ որ փեսայ ըլլալու տարիքը գտնեն ու կնիկ մը առնելուն պէս կը դառնան նորէն հարուստներու գործին։

Այս տղաքը ամէն տարի տուն կը փոխեն։ Բայց գեղին մէջ փնտռուած աղջիկներուն նման կան փնտռուած հարուստի տուները, որոնց ծառայութեանը իրապէս կը ծեծկուին վարձուորները։

Ու հարուստները, իրենց յատկանշական կողմերովը, կ’ապրին ծառայողներու լեզուին տակ։ Որ մէկին տանտիկինը մօր մը պէս կը գուրգուրայ ծառայողին վրայ։ Ուրիշի մը տանուտէրը թէեւ խիստ, բայց իրական աշխատաւորի մը նման բանուորին հետ կը քրտնի; Ուրիշի մը հարսը կը նայի անանկ անուշ, որ տղաքը ձրի պիտի անցընէին անոր աչքերուն տակ աշխատութեան ամբողջ տարին։ Որ մէկը ունի աղջիկ, իրաւ է թէ նշանուած, բայց նորէն, իրիկուն-առտու, հեղ մը-երկուք, անոր աչքերուն մէջ իյնալու վայելքը խենթ կ’ընէ տղաքը։

* * *

Ու լիճի ափին կ’աշխատի Քուղիկը, նիհար իր սրունքներուն վրայ։ Քրտինքը աղբիւրի պէս կու գայ անոր ամէն կողմերէն, բայց հոգեբան աչք մը միայն կրնայ տեսնել անճառելի վայելքի ու գոհունակութեան շեշտը, որով տղեկը տուեր է ինքզինքը գործին։

Ագարակին վարձուոր ծառան է, պիտի խնամէ աղային ձին ու հարսին կովերը, օրը հեղ մը գեղ պիտի բարձրանայ՝ տունէն բերելու համար հարկաւոր ուտեստը եւ հոն տանելու համար ծովափի կանխահաս պտուղները։

Ինչ որ կ’երեւայ իր աշխատութենէն, չ՛արժեր նկատի իսկ ունենալ։ Բայց առտուն կանուխ, արեւէն ալ առաջ, անիկա ոտքի է մեծ ագարակին մէջ, ու վարի յարկին վրայ, դուռերը մեղմ ճռինչով մը կ’երթան ու կու գան։

Ան կը փութայ գոմ, կովերուն առջին թափելու գիրկերով խոտ, կը մաքրէ  անոնց տակն ու  վրան, կը սանտրէ  անոնց ստեւը յետոյ կ’անցնի շքեղ երիվարին։

Անոր մօտենալու համար ան կը գտնէ այն պարզուկ ու շողոքորթ բառերէն, որոնք մարդերուն մէջ քաղցրութիւն ու գորով կ’արտայայտեն եւ հանգիտութեամբ նորէն անասուններուն վրայ ալ ունին նոյն հմայքը։

Ու հսկայ ձին, որ ոտքերը գետին զարկած ատենը դողացնել կու տայ անոր անուշիկ ձայնին եւ կը թողու, որ անոր մատները անցնին իր մարմինին ամէն մասերէն, շոյեն, համբուրեն իր իւղի պէս օծուած մորթը։

Յետոյ կարգը կու գայ հաւնոցին, ուրկէ փետրաւոր ամբոխը դուրս կը նետուի յորդ ու խատուտիկ ալիքի մը պէս, ցրուելով ընդարձակ առաջամասին մէջ։

Այն ատեն է, որ պատուհանի մը վարագոյրները կը շարժին, ու դէմք մը վար կը նայի։ Քիչ ետքը, ճերմակ վարագոյրը կը քաշուի մէկ կողմին այնքան կամաց ու խորհուրդով, որ Քուղիկը ինքզինքը ժամը կը կարծէ եւ ապակիին մէջ ամբողջ կը գծուի մէջքէն վեր անոր զմայլելի կուրծքը, լեցուած ծիծերուն ցցունքովը եւ մանաւանդ կաթէ երեսներուն կլորցող հրաշքովը։

Դուք տղայ եղէք, դուք քոքուր եղէք ձեր հոգիովը եւ յաջողեցէք պահել ձեր յուզումը, որ ձեր կուրծքին տախտակը կը ծեծէ։ Դուն կրնա՞ս սպասել առանց լալու գիշերներ, ամբողջ գիշերներ, երբ ձեռք մը, անգիտակ եւ անոպայ, գայ մէկէն փրցնել քու հոգիիդ կէսը, ի՞նչ կէսը, գրեթէ ամբողջը, եւ առնէ–տանի անիկա անկողինի մը գերութեան, երբ դուն անոր վրայ դողալէն, համբուրել իսկ վախնալով պիտի հսկէիր։

Բայց ո՞վ է խելք հասկցուցեր աշխարհի գործին։ Ու թող տղան անքուն դառնայ իր տախտակներուն վրան ու թող անդին ուրիշ մը հարսնուկը դարձնէ տաքուկ ալիքի մը նման, իր բազուկներուն տակն ու վրան։

Քիչ ետքը կու գայ աղջնակը ո՞վ պիտի ուզէր Քուղիկին տեղը ըլլալով, հարս ըսել անոր կթելու կովերը եւ տղեկը կը բռնէ զսպուած եղեւնիի մը նման իր հոգին, պահելու համար իր հանդարտութիւնը եւ կը նային անոնք իրարու՝ կենդանիին փորին տակէն, ճիշդ այնպէս՝ ինչպէս նայեր էր իրենց մանկութիւնը, իրենց պզտիկ ծակին առջեւէն։

* * *

Աշունի իրիկուն։

Մարդերը վարը, աւազներուն վրայ օղի կը խմեն։ Ջուրերը խելօք են ու տխուր, անմխիթար սիրողներու նման։ Մեծ ջահ մը կոտրտուող, բայց մռայլ լոյս մը կը տարտղնէ ափն ի վար, ուր կնիւններուն եւ սէզերուն շուքերը ասեղ-ասեղ կ’երկարին ու իրարու մէջ կը թափին։ Ուժով կրակի մը առջին կը դառնայ ոչխարը եւ գինով բերաններէն հայհուչն ու երգը նոյն գեղեցկութեամբ դուրս կու գան։

Աշուն է օդին մէջ ու այգիներուն մէջ։ Աշուն կայ մանաւանդ վերը, գարակի տան մէջ, պատուհանին դէմ նստող հարսին մէջ, որ գլուխը դուրսի լուսինին՝ կը նայի սեւցող լճակին։

Ինչե՜ր կ’անցընէ աղջիկ մը, որ տարուան մը հարս է եղած, իր մտքէն, աշնան գիշերով, երբ գեղին կողմէն գինով հոտեր կը փութան ու պարտէզներուն մէջ անծանօթ աստուածը կը պտտի, ան՝ որ մարդերուն կուրծքը իր մատներուն բանալիովը կը բանայ ու հոն կը դնէ մահուն կրակէն։

Բայց տեսէք, ինչպէս մեծ սրահին մէջէն տախտակները մեղմ կը հեծեն, համաչափ ու համակարգ եւ կը տանին իրենց վրայէն ագարակին տղան, վարձուորը դէպի իր խորհրդաւոր սենեակը, ուր հարսնուկը կը սպասէ։

Հարսնուկը կը սպասէ ոչինչին, կը սպասէ չի գիտեր ինչի, բայց կը սպասէ ու ան այդ ձայներուն դին դառնալու համար վախի տեղ, սոսկումի տեղ ունի հեշտանք ու գինովութիւն։

Աշուն է դուրսը ու ափէն երգերը կը բարձրանան խմողներուն։ Աշուն է եւ տղուն կուրծքին տակ, որ մահուան գնով կը մտնէ առագաստի սեմէն ներս։

Ու իրարու մէջ կ’իյնան անոնք, աննման, կախարդող հարսնուկը եւ տառապող նիհար տղեկը։

Հեքիաթի հով մը կայ պատմութեան այս հատուածին վրայ։ Բայց ի՞նչ է արդէն հեքիաթը։

Ու մանկութեան աստուածը, ան՝ որ օրրաններէն կը կամարէ մեր սէրերը, ան փողոցներուն վրայ, մեր տղայութեան միամտութեան մէջ կը պահէ նուիրական զգացումը, ու քով քովի կ’ապրեցնէ իրարու համար գրուած արտերուն քերթուածը, անիկա իր վրէժը կը լուծէր, աշնան իրիկունով, սրբագրելով մարդերուն յիմարութիւնը, դարձնելով տղոցը երջանկութեան պահը, որ գողցուեր էր անոնցմէ։

Ը

Պատմութիւնը՝ սիրողները կ’ապրեցնէ երկու տարի։ Ինծի համար թերեւս աշնան իրիկունէն իսկ կը սկսի միւս մասը։

Անոր մէջ մենք տղեկը կը տեսնենք բռնուած հարսնուկին բազուկներուն մէջ անոր ամուսինին կողմէն, դարձեալ ատանկ իրիկուն մը, նորէն օղիի մը սեղանէն ետքը, երբ մարդը պոռալէն բարկացած կու գայ վեր բան մը առնելու եւ կը գտնէ վայելքէն գինովցած տղաքը իրարու հիւսուած, քուներուն ամէնէն մաքուրին ու խաղաղին խորունկը։

Հարուստը վարն է հիմա, կը վերջացնէ խնճոյքը, կը ճամբէ հիւրերը, որոնք երգով ու հայհուչով կը դառնան դէպի գեղ։

Ու տղեկը կապուած է աւազներուն վրայ։ Իրիկուն է նորէն, բայց լուսնկայ գիշեր։

Ու հարսնուկը կապուած է անոր մօտիկ։Աշուն է նորէն ու ջուրերուն վրայ պզտիկ ալիքներ իրարու ետեւէ կը բացուին ու կը գոցուին։

Մարդը նաւակը կը քաշէ ցամաք։

Մէկ ձեռքովը կը բռնէ անոր չուանը, միւսովը կը նետէ տղան նաւակէն ներս, այնքան արագ, որ հասնուկը ատեն չունենար անոր փաթթուելու։

Մեղք է, մարդ, ան ալ Աստուծոյ ստեղծածն է։

Կիներուն  խելքը շատ չի հասնիր։ Անոնք լաւ  կ’ընեն, որ լռեն ու սպասեն իրենց պատիժին։

Մեղք է, մարդ, մեղք է, ան ալ Աստուած մը ունի։

Կիները ժամ թող երթան Աստուծոյ հետ խօսելու։ Անոնք լաւ կ’ընեն՝ եթէ չխանգարեն յանցաւորին վերջին խաղաղութիւնը։

Մեղք է, մարդ, մեղք է, սիրտ չունի՞ս դուն։

Սի՛րտ։ Մարդերը ունին, շատ ունին։ Կարելի՞ է յիշել կին մը, որ ունենայ անոր մէկ կտորը գոնէ։

Ու կապուած հարսնուկը կ’իյնայ ծունկերուն վրայ, աւազներուն մէջ, թաղելով իր բերանը անոնց խորը, չլսելու ու չտեսնելու համար։

Բայց լուսին կայ, լեցու՜ն ու շքեղ լուսին։ Ու նաւակը կը քաշուի բացը, հանդարտ, բանաստեղծի մը երազն ըլլար կարծես։

Ո՞ր կինը պիտի կրնայ աչքը չվերցնել՝ տեսնելու համար հեռացած նաւակը, որուն թիերը կ’իյնան յանկարծ ջուրերուն սիրտը։

Ու անոր մէջ կը ցցուի երկար հասակը մարդուն, որ կը կլորանայ, երկու ձեռքովը կը բռնէ կծիկ եղած մարմին մը ու մեղմ կը դնէ ջուրերուն։

Լուսինին տակ, արծաթի հսկայ գետը կը պատռի, ժապաւէնի մը նման ու սեւուկ զանգուածը քանի մը հեղ աջ ու ձախ տատանելէ ետքը, կը սուզուի հանդարտ, ու ալիքները նորէն իրարու կը կարուին ու արծաթին երիզները նորէն կը հիւսուին իրարու։

Ոչ մէկ ձայն, որ գար պղտորելու մահուան այս հանդարտութիւնը։ Ու ջուրերը առին–տարին երջանկութիւնը, որ այնքան հազուադէպ է մեր մէջ ու անընդունակ մեր մարզերուն։

Ինծի ա՛լ, ինծի ա՛լ։

Կը սպասէ հարսնուկը։ Նաւակը չուանով մը կապ ձգուած է ջուրերէն ներս։ Մարդը գտած է ձեւերուն ու շարժումի կանոնաւորութիւնը ու կը նայի իր կնկանը երեսին։

Ոչ մէկ բառ անոր շրթներէն։ Լուսնկան կայ ու կայ ամպաւորիլ սկսող երկինքին մէջ։ Ու ջուրերուն բողոքը, երկուոր, ընդհատ ու եղերական կը քակուի ափունքէն։

Ագարակէն ձին իր վշտահար ձայնը կը ձգէ ու հեռաւոր ոլորտներէ ուրիշ աղաղակներ գիշերուան մէջ կը բռնկին ու կը մարին։

Ինծի ա՛լ, ինծի ա՛լ։

Կը սպասէ հարսնուկը եւ ձեռքերը ծալած, գլուխը կը կախէ գետին։ Բայց ձեռքը կը բռնէ զայն մէջքէն, կը նետէ ետ, դէպի ագարակը ու դէպի մեղքին սենեակը։

Թ

Հարսնուկը մնաց հոն կապուած ամբողջ գիշերը։ Անիկա նուաղեցաւ հինգ անգամ ու հինգ անգամ նորէն արթնցաւ։ Ամէն անգամուան անոր աչքերը պատուհանէն դուրս դէպի ծովը թռան, անկարելի սպասումով մը գտնելու համար տղան, զոր հրաշք մը իր նուաղումի եւ ընկղմումի պահերուն դուրս կը հանէր խորերէն։

Հինգ անգամ արթննալուն, ան աչքերէն ետքը, ականջներովը փնտռեց տղան վարը՝ բակին մէջ, տախտակամածին վրայ զգալու համար հեծեծմունքը, որոնց մէջէն իրենց եկաւ առաջին անգամ ճշմարիտ սէրին մահաբեր համբոյրը։

Բայց ջուրերը կը մնային անզգած ու խաղաղ, ու ամէն անգամուն անոնց վրայէն կը քաշուէր գիշերային թռչուններուն երամը, հեռաւո՜ր ու անվերադա՜րձ։

Բայց բակը կը մնար գերեզմանի չափ անաղմուկ, ու տախտակներ կը քնանային մեծ քունը գիշերուան։

Ու կը սկսէր նորէն ծեծը, բիրտ, խիստ ու անողոք, միսով, փայտով ու երկաթով ծեծը, որուն տակ պոռալով անկարող, կը գոցէր աչքերը մինչեւ որ զգացումները փախէին իրմէն։

Լուսադէմ՝ քակուեցան անոր կապերը։

Քալել փորձեց։ Ոտքերը կարկամած էին։ Նստիլ փորձեց։ Յետոյքին վրայ ասեղներ կը գամէին։ Բայց մարդը կը սպասէր իր գլխուն վերեւ, անողոք աւելին քան մահը, որ գթացած ըլլալու էր մինչեւ հիմա։

Երբ արեւը կրցաւ ազատիլ կիրճերէն, այն ատեն թող տուին զայն։ Սողալէն ու քաշկռտուելէն անցաւ սենեակին պզտիկ տարածութիւնը, սանդուխին հասնելու համար ժամու մը չափ տառապեցաւ։ Կէսօրին բակին դուրսն էր։ Իրիկուան մօտ՝ աւազները գտած էր։

Հոն գոցեց աչքերը։

Երբ արթնցաւ՝ գիշերը եկած էր եւ իր ցաւերը մեղմացած։ Շարժեց ոտքերը, որոնք աւելի ճկուն էին ու առաջացաւ միշտ երկու կողերուն վրայ սողալով դէպի ջուրը։

Ծեծը սկսաւ նորէն։

Կրակի պէս վառող ոտքերը ամէնէն առաջ ջուրի զովութիւնը զգացին ու հաճոյքի սարսուռ մը եկաւ իր սիրտը հովացնելու։ Ու երբ մարմինը արդէն ջուրերուն էր յանձնած, նոյն ձեռքը եկաւ, կամաց մը բռնեց մէջքէն ու լաթերէն կախած, առանց նկատի առնելու լացն ու աղաղակը, տարաւ վեր, մեղքին սենեակը։

Անողոք էր այդ ծեծը, այնքան հաշուըւած, այնքան խնայուած՝ որ կը դադրէր ճիշդ ատենին, երբ մկաններուն կծիկները լխկելու կը մօտենային ու ոսկորները կը կոտտային։

Ու ասիկա օրե՜ր ու օրե՜ր։

Կամաց–կամաց, նուաղումներուն մէջ բացուող երազը յամառեցաւ անոր նայուացծքին առջեւ ու տղան դուրս ելաւ ջուրերէն, խեղդուած իր գլխիկը մէկ ուսին, բայց աչքերը բաց ու երջանիկ այնքան, այնքան որ համբուրելը կու գար։

Ու ծեծին տակ, ու անոր ոտքերուն տակ, անոր կատաղութեանը դիմաց, հարսնուկը բացաւ իր թեւերը անոր, իրենց փողոցի նիհար տղուն։ Ու անոր նայուածքին տակ, հարսնուկը համբուրեց գորովով ու անհուն բաժակի մը պէս իր դէմ երկարող բերանը, որ կը մնար կղպուած եւ ուրկէ կու գար ծակէ ծակ ձգուող վանկին մեղեդին։

Եւ անոնք իրար սիրեցին, շատ աւելի երջանիկ, շատ աւելի կատարեալ, որքան չէր եղած այդ, երբ տղուն մարմինը ողջ էր տակաւին։

Ու հարսնուկը շարունակեց մնալ կիներուն ամէնէն գեղեցիկը։ Անոր այտերը հագան մահէն դարձող հրեշտակներուն երազանքը եւ երկնային բան մը անոր երկնագոյն նայուածքէն լոյսի բխումի մը նման կաթիլ–կաթիլ ինկաւ իր շուրջը։

Ու կը քալէր ան ծովի ափին, ոսկի մազերը հովուն, նայուածքը միշտ ջուրերուն, կամաց, հովի նման, վախնալով աւազներն անգամ վշտացնելէ։

Հիմա, տղեկը զինքը կ’ուզէր։

Ջուրերուն տակը աւազները մաքուր էին ու կակուղ անոր կուրծքին նման։ Ու համբոյրները հոն մշտապէս զով էին եւ մաքրուած իրենց կրակի ու արիւնի համէն։ Հոն բազուկները տաք էին աւելի ու հոն իրարու փաթթուելու համար պէտք չունէին չորս դին հսկելու։

Անոր պատմեց ջուրի բնակիչներուն, հոն թափառող տղոց ու աղջիկներուն վրայ, որոնք իրարմէ անբաժան, մէկ մարմինի վերածուած կը մնային իրենց մշտադալար թարմութեանը մէջ։

Հոն կ’իջնար լուսնկան ալ։ Ու հոն պալատներ կային, որոնց խորունկէն գիշերները թագուհիներ կը բարձրանային ու թագուհիներ կը մորթուէին։

Ով հարս է եղած ու չլսուող բառերու համար ականջ է լարած, պիտի հասկնայ հմայքը տղուն բառերուն։

Ու առաջ, որ մարդերուն ծեծէն ազատելու համար ջուրին էր վազած, հարսնուկը հիմա անոր կը վազէր նոր կեանքը ապրելու։

Բայց միշտ ալ պակաս չեղաւ բիրտ թաթը, որ ջուրերէն քաշեց զինքը բռնի ու մեղքին սենեակը տարաւ։

Ժ

Աշունը գացած էր շատոնց։

Ձիթենիները սեւնալու վրայ էին ու անոնց տակ էր փոխադրուած գեղին ամբողջ երիտասարդութիւնը, այս անգամ երկու սեռով։

Համով արեւ մը կար այն օրը որ լիճին վրայէն փրթող ամպերը ժպտուն ալիքներով կը դառնային դէպի լեռները գործող հորիզոնն ի վար։

Պզտիկ ճամբաներուն եզրին աւանակներն ու ջորիները կը մտածէին, գլուխնին կախ, բարի նայուածքով մը փնտռելով անցորդներուն գոհունակութիւնը, բերքին առատութենէն։

Տղայ եւ աղջիկ պզտիկ կողովներ կապած էին իրենց առջին կը խօսակցէին միշտ հարուստ կրակին մօտիկ ու ծառերն ի վեր քալող սանդուխներուն կատարէն՝ սրբազան ու աշխարհիկ երաժշտութիւնը կը թափէր մեղմ, օրհնութեան անձրեւի մը նման մարդոց եւ իրերուն։

Ու լիճին ճամբայէն յայտնուեցաւ գեղին հարուստը իր ձեւովը, կը պոռար ուժգին ու քթին ծակերէն փրփուր կը նետէր։

Անոր ետեւէն երկու ձեռքերը ամուր կապուած, չորս հոգիի հսկողութեան տակը, ոտքերը բոպիկ, լաթերը պատառ–պատառ, ճակտէն ու մազերէն վիրաւոր կը քալէր հարսներուն ամէնէն աղուորը։

Գեղին իմաստութիւնը չէր կրնար սխալած ըլլալ։ Ճակատագիրը իր թաթը դրած էր անոր, մարդերը չէին կրնար մրցիլ մենէ աղէկներուն հետ։

Բոլոր աշխատողները հարուստին յարգանքէն աւելի հարսնուկի երիտասարդութեան վրայ խշխշացին։ Աղջիկները արեւելք դարձան ու իրենց կուսութիւնը խաչի մը խորհուրդովը Խաչուողին գթութեանը յանձնեցին։ Մայրեր մէկ ոստումով գտան Աստուածամայրը եւ Անոր ամենազօր բիբերուն պաշտպանութիւնը հայցեցին։

Ու հարսը կ’երթար, աղուոր՝ աւելի քան երբեք, ճակտին արիւն, ոտքերուն արիւն, բայց խենթեցնող երկինքովը իր նայուածքին, որ ինկած տեղը բոց կը դառնար եւ կ’ուտէր տղոցը սիրտերը։

Տուն, գեղին խոշոր տունը կը տանէին ատիկա։

Տասն անգամէ աւելի անիկա վազած մահուան, ու միշտ մարդուն թաթը զլացեր էր անոր երջանկութիւնը։

Վնաս չունէր անիկա ոչ ոքի։ Համբոյրի պահերէն ետքը, բազուկներուն գալարումէն ետքը, ան գառնուկի պէս անուշ աղջիկ մը կ’ըլլար անոր դէմքին վրայ ծովամոյն տղուն համբոյրը։

Ամբողջ ու անփոփոխ ներկայացում մըն էր ան։ Երբ իրիկուան ստուերները կախուէին ու շուքերը շատնային ագարակէն ներս, սպասումը կը սկսէր։ Արագ–արագ անոր նայուածքը ծովին կ’երթար ու կու  գար։ Յետոյ՝ անձկութիւն վախ ու  յուսալքում։  Մէկէն լոյս ու ժպիտ կը բացուէին միասին ու բազուկները կ’երկննային անճառելի պչրանքով մը, սիրոյ անանկ խորին թրթռումով մը, որ իր մարդը՝ նախանձէր՝ կը խոցոտէր իր շրթները։ Ու տեղի կ’ունենար եղերական տրամը, ու անոր ծիծերը դուրս կը նետուէին իր կուրծքէն երկու լուսէ կծիկներու նման։ Ու անոր շրթունքները կը բացուէին անհուն, անվերջ ձգտումի մը մէջ դէպի մահատու համբոյրը։

Համբոյրէն վերջ յոգնութիւն ու քուն։ Ու երբ աչքերը բանար, զմայլելի հարսնուկն էր ալ, բարի, անսահման քաղցրութեամբ էակը, որ քարերուն նայած ատենն անգամ անոնց վրայ մայրութիւն կը թափէ։

Ու մարդը կրցած էր անոր տառապանքին բոլոր երանգաւորումը սորվիլ։ Անոր համար ծեծը պէտք մըն էր, տեսակ մը նուէր՝ ծովերուն տակը քնացող տղուն, որ կը սպասէր այդ զոհաբերութեան։ Ու անիկա ծեծեց իր կինը մեթոտով, որոշ շրջաններու։

Ծեծին կը յաջորդէր շաբաթներ տեւող հանդարտութիւնը։

Մարդը կրցաւ յոգնիլ՝խեղդուած տղուն շարժումներէն ու կացքերէն ու մօտեցաւ անոր՝ մեծ պատրանքով մը փաթթելով անոր խենթեցած երեւակայութիւնը։ Ու բերաւ զայն նորէն անկողինի հանգիստին։

Ու անիկա մայր եղաւ։ Անիկա մեծցուց իր զաւակները իրական ու կատարեալ մօր մը բոլոր գորովովը։ Անիկա կրցաւ սիրել զաւակները թերեւս այնչափ, որչափ չէ տրուած սովորական մայրերուն։

Երկու կին կ’ապրէին անոր մէջը քով քովի։

Ու ատոնցմէ երեւցողը հրաշալի գեղեցկուհին էր, ամէնուն արգահատանքին ենթակայ դժբախտը, որ իր տագնապի պահերուն կը ձգէր տունին բանտը ու գլուխը առած կ’երթար։ Միւսը յաւիտենական հարսնուկն էր, որուն գիծերը իր ներսը ոսկիէ քաշուած էին եւ ուրկէ ոչինչ կրնար մեռնիլ։ Անիկա իր տղուն հետն էր նորէն ամէն օր, կը համբուրէր  զայն բազկատարած ճիշդ ինչպէս  ըրեր էր, առաջին օրերուն աշնան իրիկուան  գինովութեան  մէջ, կ’իյնար անոր գիրկը, ինչպէս կը թափի գաւաթ մը գինին, պառկած աղջկան մը կուրծքն ի վար, խենթեցած բազուկներէ։

Ու երկրորդ կինը խորհուրդն էր գեղին համար։ Ամուսինը ոչ մէկուն կրցաւ բանալ անոր մեղքը։ Ու ծովը նետուած տղան, որբ ըլլալուն՝ չփնտռուեցաւ ու մնաց հոն։ Ջուրերը գաղտնապահ են երբեմն։

ԺԱ

Գեղացին յարգանք ու համակրութիւն ունի իր խենթերուն համար։ Անոնք կը ներկայացնեն մենէ շատ վեր ուժերուն կամքը, եւ անոնք մենէ աղէկներուն ընտանութեանը գացած հողեղէններն են։

Քիչ անգամ որոշ պատճառ մը կը դիմանայ գեղացիին յիշողութեանը առաջ, որով կը մեկնուի խելքին այդ խաւարումը։ Յաճախ անիկա ճակատագրական դաւ մըն է, ու յաճախ ան կարողութիւններուն ընկերացող երկնային փորձանքն է, որ կու գայ զարնելու մահկանացուներուն միտքը։

Ընդհանրապէս խենթեցողի դիմագծութիւնը խորապէս կը խաթարուի։ Տեսնուած են պարմաններ, որոնց միսերուն թարմութիւնը կը խարշի, թունաւոր կազէ մը անցածի նման, ու աչքերուն շաքարը՝ որ տղոց նայուածքը վայելքի ու հաճոյքի աղբիւրի մը կը վերածէ, կ’առնուի մէկէն ու չտեսնուող ճիւաղ մը անոնց կապոյտը կամ տաքուկ սեւը կը գալարէ ու կը պղտորէ։

Երբեք հարս Սողմէնին զմայլելի ճակտին տակէն նայուածքը այդպէս պրկուած դուրս չինկաւ։ Երբեք անոր միսերուն երկնային թաւիշը չզարնուեցաւ ոգիներուն այդ հովէն, ու ան մնաց խենթեցնող հարսը, որուն նմանը գեղը իր բոլոր շրջանակներով երկրորդ մըն ալ չունեցաւ։

Անոր վայլեց, մանաւանդ անդրանիկ մայրութեան շրջանէն ետքը, բուն կնիկութիւնը, որ երեսունէն կը սկսի գեղերուն մէջ, ու միսերուն մէջ պակսող թեթեւ լիութիւնը կը բերէ, անոնց ոսկորներուն վերջնական դաշնաւորութիւնը հագցնելով ու անոնց երեսներուն ու անոնց կուրծքի կաղապարին տալով կատարելութեանը փայլը։

Ու միշտ բոպիկ ոտքերով, միշտ ձգուած իր մազերով ան քալեցուց իր մարմինին սրտառուչ քերթուածը տարիներով, գեղին բոլոր փողոցներէն, սրբազան ոգիի մը նման պաշտպանուած մարդերուն հոսողութենէն։ Ու անոր զաւակները անոր փէշերն ի վար իրենց անգիտակից մանկոևթիւնը քալեցուցին դարձեալ։

Ու տարիներ անցան։

Մեռաւ անոր հարուստ ամուսինը։ Ու մեռաւ անկէ առաջ անոր մեծադղորդ փառքը։

Ճակատագրին հարուածը հիմա կատարեալ կը դառնար։ Անիկա դպեր էր ամբարիշտներուն ամէնէն փափուկ կէտին, անոնց պատիւին վրայ թափելով այլապէս անդարմանելի խարանը։ Ու հիմա կը հասնէր անոնց կեդրոնական երեսին։

Այրեցաւ ծովափնեայ ագարակը, աշունի իրիկուն մը, բոլոր բերքերուն ծանրութիւնովը տրոփող իրիկուն մը, ուրկէ հազիւ կրցաւ դուրս փախչիլ Խենթ–Սողմէնին գինով ամուսինը։

Տեսնողները կը պատմեն, թէ առաջին իսկ բոցերուն Սողմէնը վազեց կրակին առաջ եւ լուսաւորուած ծառերուն մէջէն անոր դէմքին զմայլելի շնորհը ծաղկեցաւ բոցերուն դէմ այնքան խաղաղ, որ հոսկէ ու հոնկէ հասնող մարդերը իրենց մարելու աշխատանքը ձգած՝ պահ մը նայեցան այդ բռնկած երեսներուն անըմբռնելի երանութեան։

Ու ագարակը շրջապատող անզուգական մրգաստանը կանչուեցաւ նոյն աղիտալի բախտին։

Նաւակը ջուրերը կերան։

Ուշացող արդարութիևն մը եկաւ սրբելու սառնասիրտ ու ատով իսկ ահաւոր ոճիրը, որ սիրող տղեկը խեղդեր էր, անպաշտպան թռչունի մը նման ու նետեր անոր դիակը, ճիտին մեծ քար մը, ջուրերուն գերեզմանին։

Բայց հարս Սողմէնին գեղեցկութիւնը դիմացաւ այդ ամէնուն։ Երբ իր որբ զաւակները դուրս նետուեցան իրենց հօրը տունէն, ան կրցաւ սեմին վրայէն, բոպիկ ոտքերուն տուած ուժովը, արձակ մազերուն խորհուրդովը արտաբերել մէկը այն անէծքներէն, որ ամբոխին մտքին առջեւ կը տեւեն տարիներով։

Եւ գլուխը ժողված տղաքը, գնաց կծկտելու ախոռի մը մէջ, որ խնայուեցաւ անոր ծերութեան։

Երբ մենք ժամանեցինք, անիկա արդէն մօտ էր պառաւ ըլլալու։ Անոր մարմինը կը պահէր համաչափութիւն։ Գիծերուն գեղեցկութիւնը կը յամառէր մնալ այդ փլատակին մէջ, որ կիներուն դէմքը կը կոչեն, երբ անոնք յիսունը կ’անցնին։ Ու անոր կուրծքը երբեք չսմքեցաւ, ինչպէս կ’ըլլայ կիներու այնքան խնամած այդ պարտէզին ճակատագիրը, երբ տարիներուն վերջնական ձմեռը կու գայ հոն պառկելու։

Անիկա կրցաւ կարգել իր առաջին տղան։

Ի՜նչ աղքատիկ ու ի՜նչ խեղճ հարս մը կու գար բռնելու հրաշալի Սողմէնին տեղը։ Ու կեսուրը պարտադրեց զայն հին օրերու անզուգական շքեղանքովը, որուն դակերը ան յաջողած էր փրկել կործանող տունէն, հեռաւոր քարերուն ծոցը թաղելով զանոնք։

Երբ քողքուած հարսը ժամէն բերին, խրճիթին դրան առջեւ, անոր միտքը ճիգով մը կրցաւ ետ երթալ, մեծակառոյց պալատին։ Յիշատակելի ու բանականութեան տարտամ վերադարձ մը տեսնուեցաւ անոր վրայ։ Ձեռքերը դադրեցան պրկուելէ եւ կրցաւ լալ։

Բայց ատիկա անցաւոր էր, ու գիշերը նորէն եկաւ, յաւիտենական ու երջանիկ գիշերը, որ անկէ խնայեց մարդերուն ամբողջ պզտիկութիւնները, որ միակ երազ մը ապրեցուց անոր մէջ, փրկելով անոր մարմինն ու հոգին։

Անուշիկ պառաւ մըն էր ան, թոռնիկը գիրկը, երբ կը պտտէր հիմա փողոցներէն։

ԺԲ

Պարզ ու անխելք մահ մը կը գոցէ սովորաբար մարդոց աչքերը, մանաւանդ գեղերուն մէջ, ուր գերեզմանը ամէնէն զուարթ ժողովատեղին է կիներուն։ Հոն կը նշանեն ու կը կարգեն, հոն կը բամբասեն ու կ’երգեն։

Բայց աղքատիկ խրճիթին մէջ, հողին մէջ, հողին վրայ երկնցող պառաւը մեռնելու ատենն անգամ նիւթ է կիներուն։ Անոնք հաւաքուած են դուռին առջեւ ու տէրտէրին կը սպասեն։

Անոնք գիտեն, թէ վաղը, իրիկուան մօտ, հանգչած է գեղին այդ մեծ մեղքը եւ Աստուծոյ յանձնուած անոր հոգին։

Ներսը տանիկքի կլոր ծակէ մը լոյս կայ ու երկնցող պառաւին շուրջը շարուած են գեղին բոլոր պառաւները։ Կա՞յ աւելի սրտագին պարտք, քան մեռնողին վերջին կամքերուն ընդառաջ երթալը։

Ու կը սպասեն։

Երեք օր է, Սողմէնը չի խօսիր։ Բայց անոր կոկորդը կը մնայ կանոնաւոր։

Ու պաղող ոտքերուն տակէն կեանքը կամաց–կամաց, գիծ–գիծ կը քաշուի վեր, դէպի սիրտը։ Յանկարծ կը շտկի իր անկողինին մէջ ու կը պոքռայ.

Հարսնու՜կ։

Ձայնը մեռելներուն կնիքը ունի ու պաղ է մետաղի հնչիւնին նման։

Հարսնու՜կ։

Կը կրկնուի ձայնը ուշացող հարսին հասցէին, որ աղբիւրէն նոր կը դառնար։

Խենթ–Սողմէնը նստած է իր անկողինին վրայ։ Չորս բազուկներ, բոլորն ալ պառաւի, կը բռնեն թեւերն ու կռնակը։ Անոր դէմքին վրայ անհուն պայծառութիւն մը ինկած է մէկէն  ու աչքերուն եզերքը պզտիկ լոյս մը աչքին թէ արցունքին կը խաղայ կամաց։

Պառաւները վախով կը նային մանաւանդ քիթի մեծ գիծին, որ կը սուրնայ մէկէն ու շրթներուն դարձած կողմէն կը կտրի շատ ուղիղ անկիւնով մը։ Բոլոր նշաններուն ամէնէն վաւերականը հոն ինկող փայլն է, ուր կը բարձրանան մեռնողներուն մատները դժուարութեամբ, բայց ստիպողաբար։

Հարսնուկը ծունկի է անոր առջին։

Խենթ-Սողմէնը կը սթափի, չորցած մատները կ’երկնցնէ հարսին կակուղ մազերուն, կը շոյէ քիչ մը ու չաղօթած բերանը բաց կը մնայ անդունդի մը մուտքին նման։

Յետոյ՝ դէմքը կը պրկուի, աչքերը քանի մը անգամ կը դառնան ու նորէն այդ ծովէն դուրս կ’իյնայ հագագը։

Հարսնու՜կ։ Ամէնքը կը կենան։

Մէկէն շրթունքները կը շարժին ու պայքարներուն ամէնէն եղերականէն ետքը, որ սկսող ու մարող իմաստութեանց մէջտեղն է դրուած, պառաւը կը գտնէ ուժ ըսելու.

Առջի սէ՜ր, առջի բարի։ Մէկ բարձի ծերանաք։

Ու շրթունքները կը գոցուին, աչքերուն հետ։ Պառաւները կը ձգեն զայն։

Պառկող ու ա՛լ աշխարհին գոցուած դէմքին վրայ պառաւները կը տեսնե՞ն արդեօք համբոյրը, որ ծովերուն խորունկէն ինկած էր անոնց վրայ։

 

1920