Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ՀԱՄԱՐԸ

Հայրապենց աղբիւին մօտ շագանակենիի մը հաստ կոճը կը պառկի շատ հին օրերէ ի վեր։ Անոր վրա ծերերը խնամքով տուղ (գիծի վրայ խաչ) եւ ճատրակի քառակուսիներ փորած են։ Բոլոր փողոց իջնող տղաքը կը ճանչնան զայն։ Թաղին ծերերը, պզտիկները, խենթերն ու ծոյլերը կարգով տեղ ունին անոր լայն կռնակին վրայ։

Ամառ–ձմեռ մարդը պակաս չըլլար հոն։ Ձմեռը երբ տուներու նեղ անցքերը ճերմկին ու քիւերէն սառոյցներուն նիզակները սպառնագին վար նային, հոն կը հաւաքուին որսորդները, արիւնը տաք ու խենթ տղաքը իրենց շուներով։

Գարնան դէմ, երբ արեւուն մէջ նստելուն համը կ’ելլայ ու թեթեւ շուքի մը տակ գետնին հողը կը կակուղնայ մխալէն, հոն կը փութան նորէն ծերերը, փառք տալով լոյսին, իրենց դողդոջ մատներով կը տեղաւորեն տուզին կուտերը, կը չախեն փորերնին բաց պզտիկները, որոնք ոռ մը տեղի կռիւը կ’ընեն կոճին վրայ, միշտ խածնելով պուլամա քսուած իրենց հացին շերտը։

Ու երբ արեւը՝ ձգելով հարաւի սարերուն բարձրութիւնները, քիչ–քիչ համարձակ դառնայ երկինքին մէջտեղուանքէն քալելու, հոն են նորէն ծերերուն ու պզտիկներուն հետ քոքուրները–կէս-խենթ, կէս-խելօքներ, որոնք բահէն ու փէտատէն կը վախնան։

Քոքուրները իրար կը գտնեն կոճին տակ, երբ արդէն ծերերը ժամ գացած, աղօթքը ըրած, երկու ձեռք տուզը լմնցուցած, տուները քաշուած կ’ըլլան բերան մը բան ծամելու։

Կոճին վրայէն անոնք կը վռնտեն գզուըտող լակոտները, ծերերուն ձգած կուտերը կը նետեն հայհոյելով, կը ծալուին հանգիստ-հանգիստ, ատենը հեղ մը ճիտերնին նետելով ճամբան անցնող ձիու մը, ինկող իշու մը աղմուկէն քիչ մը հետարքրքուած։

Առտուան արեւը տաքուկ ու մեղմ կ’ըլլայ։ Քիչ–քիչ լոյսը կը շատնայ, փողոցը կը լեցնէ։ Քոքուրները կը քրտնին, կը ծխեն, կը քնանան, մինչեւ օրհարսակ կը խօսին, յետոյ ամէն մէկը կը մտնէ մէյ-մէկ փողոց, կոճը ձգելով ծերերուն, որոնք օրօրուելէն կը տեղաւորուին հոն, կը բարկանան տուզի կուտերուն կորուստէն, դժուարութիւնով կը ճարեն իննական կուտերը ու կը տարուին խաղալու։

Կոճին ամէնօրեայ յաճախորդներէն մէկն է։ Համարը։

* * *

Անոր աչքերը բացուած էին կոճին վրայ։ Աղքատի, պապուկի զաւակ՝ փողոցներու մէջ փորը կշտացնելու ստիպուած՝ շատ կանուխէն իր մեծ գլուխը դրեր էր օրհնուած կոճին, երբ դեռ ոտքերը չէին կրնար չափել անոր հաստ իրանը։

Գեղին մէջ պզտիկները հացի ատեն բարեկամ կ’ըլլան իրարու։ Քունէն ելլող ամէն տղեկ գիտէ հացին ու պուլմային տեղը։ Անոնք կը փաչատեն կակուղ հացը, վրան կը քսեն պուլամա, կարճ փէշերով աղապապա էնթարիին գրպանն ալ ձիթապտուղ լեցուցած կը վազեն ալանկը, իրարու կը միացնեն իրենց պաշարը։ Չունեցողներն ալ քիչ մը սպասելէն ետք կը հրաւիրուին եղբայրական ճաշին։

Համարը յաւիտենական չունեցողն էր խումբին մէջ։ Շատ մեծ գլուխը դժուարութիւնով կը կենար իր բարակ ուսերուն վրայ։ Ձախ ոտքերը խմորի պէս կակուղ ըլլալուն, չէին դիմանար այդ ծանրութեան։ Շատ իյնալուն համար վէրքը անպակաս կ’ըլլար իր վրայէն։

Արհամարհուած, շատ ծեծ ուտելէն վախկոտած, կատու դարձած՝ պզտիկ Համարը կոճին տակուկը կը պառկէր, բաց փորը արեւին դէմ, ճուռպոտ աչքերը գրեթէ միշտ գոց։

Տարիներ անց, իր ընկերները վարտիք հագան։ Թակ կախեցին՝ դպրոց երթալու համար։ Ան սպասեց, ուրիշ սերունդներ եկան իր շուրջը փաթթելու։ Մայր հաւու մը նման պզտիկները խնամեց, առաջնորդելով զանոնք խրակին ջուրոտ տեղերը, հրահանգելով բունկալի գողութիւններուն։

Իր հասակը շատ դանդաղ կը քալէր։ Ատոր համար քանի մը հեղ պզտիկները փոխուեցան իր շուրջը։

Երբ տասը տարուան եղաւ, հասակը չորս թիզը գտաւ։

Անկէ ետք հացը կը պակսի։ Փողոցի տղան պարտաւոր է բանելու։

Խոտ ծախելով սկսաւ կեանքին կռիւը։ Ծոյլ ու անկար ըլլալուն՝ իր խոտը չկրցաւ մրցիլ ուրիշ աւելի աչքը բացներուն բերած խոտին հետ։ Վախկոտութիւնը զինքը արգիլեց շուկայ երթալէ, ճամբորդներուն ձին ժուռ ածելու համար։

Ու սակայն պէտք եղաւ ապրիլ։

Օր մը տեսնուեցաւ նորէն կոճին վրայ, բզկալ մը բերանը։ Տղաքը հաճոյքով ընդունեցին այդ նորօրինակ նուագը, քաջալերեցին, տուներէն հաց գողցան՝ զայն մտիկ ընելու համար։

Շաբաթ մը ետք, Համարին ճիտին կախ էր տոլէ շինուած թմբուկը։ Այդ գեղջուկ գործիքով ան պտտեցաւ թաղերը, սրճարանները։ Երգեց, պարեց, ինկաւ ու ելաւ։ Առջի օրերուն գեղացին դրամ տուաւ, հետզհետէ նորութիւնը փախաւ իրմէն։ Տասնոցները ցանցառ եղան։

Օր մը անօթի, օր մը կուշտ, ան ապրեցաւ անտարբերութեան մէջ։ Գեղացին զայն դատեց իր երկաթէ դատաստանով։

Համարին անունը կնքուեցաւ։ Քոքուր մըն ա՛լ։

Անկէ ետք դուռները կը գոցուէին մարդուն երեսին, օրավարձը կէսին կ’իջնէ. շատերը փոր կշտացնելու պայմանով միայն գործ կը գտնեն։

Համարը տառապեցաւ այդ վճիռին համար։ Օրերով չտեսան զինքը կոճին վրայ. բահ, փէտատ մանգաղ, սղոց գիտցաւ  գողնալ թուրքերուն գեղէն։ Աշխատութիւնը սակայն միշտ դժուար եկաւ իր անկազմ ուսերուն։ Հովիւ եղաւ գեղին կովերուն։ Կովերը կը ծծէր՝ պտուկներուն կախուած։ Շուտով հանեցին։

Երբ տղայ մը տասնհիգնը կոխկռտէ, ստիպուած է կեռասի պէս կարմիր գօտի ունենալ։ Գլուխը պէտք է կենայ սիւսիւլ (սրածայր) քէչէ։ Ոտքերը գուլպայ կ’ուզեն. գուլպաներուն հետ անհրաժեշտ է կապիչն ալ։

Այն ատեն է, որ մայրերը իրար կ’անցնին։ Ժ ամուն ճամբան փսփսուքը կը սկսի պառաւներուն մէջ։ Աղջիկ ու տղայ բերնէ բերան կը պտտին միշտ գոց ճամբով մը։ Երբ գործը հասուննայ՝ նշան կու տան երկու խնամիներ։

Համարին հօրքուրը պարապ տեղը ժամուն ճամբան կեցուց աղջիկներուն մայրերը, օրերով լեզուին տուաւ, խօսեցաւ, երդում ըրաւ, գովեստ գովեստի վրայ թափեց. մայրերը միշտ դժկամակ էին Համարին հանդէպ։

Համարին հետ աւազան մտնող տղաքը երեք–չորս տարի խաչեցուցին զայն՝ իրենց նշանածներուն հիւսած կարմիր գուլպաներով։ Առջի տարին Սուրբ  ու  Կալ գնաց. ամչնալուն  փախաւ։  Այնքան դառն է պարող աղջիկներուն մէջ իրը չունենալը։

Ու վերջապէս հօրքուրը գտաւ նորէն։

Ի՜նչ պզտիկ էր, ի՜նչ պզտիկ։ Սեւուկ մեծ աչքերով, ոսկորը շատ երեսներով աղջիկ մըն էր, գետնէն հազիւ կանգուն մը վեր։ Աղքատիկ աղջիկ, խորթ մօր մը ծեծկանքին տակ ըլլալուն՝ բարակը չէին փնտռած ու ընդունած Մերոն հօրքուրին նշանը։

Ու Համարը կապուեցաւ անոր հոգիով։

Փոխեց բահին կոթը, սրցուց կացինն ու մանգաղը հանդիսաւոր եղանակով մը. փէտատին բերանը զօդեց. տրեխներուն լաթը նորոգեց, կանոնաւորեց իր ուտեստը, արեւին հետ ելլալ վարժուեցաւ։

Այնքան լեցուեցաւ այդ աղջիկով, որ բանել երթալու ատեն աղբիւրին ճամբան փոխեց, կոճէն չփորձուելու համար։

Աշխատութիւնը այդ անգամ ալ ճնշեց իր ոսկորներուն վրայ։ Արդէն նիհար արգանդի զաւակ՝ այդ տարի տեւող զբաղումներուն մէջ իր միսերը շուտ–շուտ հալեցան, կաշին ոսկորներուն վրայ փոթեր կարեց ու ծուռ աչքերուն մօտ խորունկ գիծեր փորուեցան; Միայն իր գլուխը շարունակեց մեծ մնալ։Պաղէն զարնուած տունկի մը պէս ցամաք ու չոր եղաւ ան։ Բայց իր հոգին կակուղցաւ, երթալով լայնցաւ ու անուշցաւ։

Ամէն տարի, Զատկին, հագնելէ առաջ նշանծուին ձեռքէն ելած իր տէլմէն (ելեկ) խանդաղատանքով ու վախով կը տանէր բերնին, կռնակը անցընելէ ետքը ափովը կը շոյէր կերպասին ծփուն կորածութիւնները, կը զմայլէր անոր կակուղ աղուորութեան վրայ։

Մեր տղա՛յ, նայէ՛ նէմ, ինչա՞նկ է, վայլե՞ց։

Ինչ կ’ըսեն, աղբօ՛ր, ցաթեց, վարդ դարձար։

Պզտիկին այս գովեստը խելքը կ’առնէր գլխէն, պահծու դրամները կը քակէր պատերուն ծակէն, հիւլիւնէ երկար տոպրակին խորը կը վաթէր մեղմիկ, ու քէչէն ծռած, քէֆիյէ ին մետաքսէ ծոպերուն փայփայանքին տակ խենթեցած՝ կը բռնէր Սուրբին ճամբան։

Աղջիկները կը պարէին, կը վազէին, գոյն–գոյն լաթերով. բազմութիւնը շատ կ’ըլլար։ Սիրտի աչք պէտք էր այդ ամբոխին մէջէն զատելու, որոշելու համար այն պտլիկ աղջիկը, որ, զօրքին մեռնիմ, քիչ–քիչ գետնէն կ’ելլար։

Չոր քարը չի մեծնար, օղուլ, կ’ըսէր հօրքուրը միշտ Համարին, երբ ան կը վշտանար անոր կարճ հասակէն։

Ամէն տաղաւարի՝ Համարը զայն կը կարծէր տեսնել կտոր մը աւելի պոյ նետած, քիչ մը աւելի աղուորցած։

Ու երիտասարդը քարի մը կուշտին, բարձրէն կը նայէր անոր թռչունի վազվզուքներուն, կը հետեւէր անոր մինչեւ աղբիւրը, երբ ան կը լուացուէր, մինչեւ Այվազին մօտ, որ իր չէրէզները փռեր էր մեծ սօսիին տակ։ Նայելէն–նայելէն չէր կշտանար։

Յետոյ՝ իր կարգին կ’իջնար վար, Մերոն հօրքուրին հետ կը մօտենային Այվազին. ամէն տեսակ չէրէզներէն պող մը լեցնել կու տային։ Համարը մեծ գոհունակութեամբ կը հանէր մէջքէն հիւլիւնէ տոպրակը, ճերմակ դրամը պահ մը կը պառկեցնէր ափին մէջ, մինչեւ որ արեւուն լոյսէն անոր վրայ թռող ցոլքերը արթննային, աչքերը կը խփէր ու կը նետէր Այվազին։

Քսան հատ ալ տասնոց պզտիկ ծրարի մը մէջ թաղել կու տար լէպլէպի ին մէջ ու կը քաշուէր վեր։

Այդ քէֆը, հաճոյքի այդ վաղանցիկ պահը բաւական էր անոր համար ամբողջ տարուան մը դառնութիւնը, քրտինքն ու զրկանքը փոխարինելու։

Զատկէն ետքը կեանքը կը դառնար սովորականին։

Տեսնելու բան էր Համարին գործունէութիւնը ամբողջ ամառը։

Ան շատ շուտով աւարտած կ’ըլլար արդէն իրենց միակ թութի պարտէզը։ Անկէ ետք իր բահը ամիսներով չէր ելլեր Հայրապենց տունէն։ Պարկեշտ գործաւոր, խօսքի, կատակի դէմ տուող, քիչով գոհացող ըլլալուն՝ տունին աղան եղով-մեղրով կը խօսէր հետը։ Հաճի խաթունը գողտուկ-գողտուկ անոր մէջքը հաւկիթ կը դնէր, հարսները անուշ-անուշ կը խնդային երեսին։

Փորէն ետքը դարձեալ գործը չէր պակսեր։ Շերամներուն տերեւ, պարտէզներուն չափա պէտք էր։ Ան կը քաղէր մեծ տունին բոլոր արտերը, ան կը կամնէր բոլոր ցորենները աշունին, ան կը կթէր այգիները։ Ձմեռն ալ տուրուկ ամիսուկէս՝ տասնութ աչքնոց շարժական սանդուխ մը ուսին՝ ձիթենիներուն շրջանը կ’ընէր։

Հանգիստը իրեն համար չէր։ Անձրեւոտ օրերուն քարուտ արտի մը մէջ, զոր նոր գներ էր, մինակուկ կ’աշխատէր ջուրին տակ։ Ձիւնոտ օրերուն երկայն ձող մը շալկած՝ կը նետուէր դաշտ, ձիթենիներուն վրայէն ձիւն թօթուելու։

Ամէն տարի անպատճառ պաշախի կ’երթար։

Իր ոտքերը օր մը չազատեցան անխուսափելի տրեխէն։ Իրիկուն մը չտեսան զայն ուրիշներու կարգին, սրճարանին մէջ սուրճի մը քէֆն ընելու զբաղած։ Աշխատութեան այս եռանդը բնակելի դարձուց քիչ մը իրենց խարխուլ տունը։ Մերոն հօրքուրը ամէն աշունի Հայրապենց տունէն բուրդ առնելով, անոր հաշիւէն, քուրջէ մինտէրները վերածեց անկողնի։

Օճախին մօտ ունէր անհրաժեշտ գործիքները։ Սենեակին անկիւնը, երկու ձեռք անկողինին կտոցը հպարտութիւն մը կը բերէր վրան։ Հացին տախտակը հովէն չէր դողար։ Քիւփին տակը՝ եղը հայլիի պէս կը վառէր։ Բակը փայտով լեցուն կ’ըլլար։

Տարին հեղ մը Մերոն հօրքուրը կ’երթար Աստուծոյ հրամանով Բաբէթը հարս ուզելու։

Պի՛նդ պզտիկ է, օղու՛լ, կը պատասխանէին միշտ իրեն։

Ու աղջիկը կը շարունակէր մանարան երթալ։ Ու անոր վաստակը կ’ուտէին։

Վերջի տարիներուն Համարը պահանջկոտ դարձաւ։ Վարդավառին ու Տօնին երկու անգամ կը դիմէր հօրքուրը խնամիենց տունը։

Թո՞ւթը կապեր են, եաւաշ-եաւաշ։

Հօրքուրը մեղմացնող պարագաներ կը գտնէր Համարին մօտ։

Վերջապէս հաւանութիւնը ելաւ։

Համարը, իր պզտիկ եղբայրը, հօրքուրը երկուշաբթի առտու մը կանուխ դրան առջեւ էին։

Համարը հաստ չուանով մը դրան ուղխերը իրարու կապեց։ Դրացիներուն պատուէր եղաւ տունը աչքէ չհեռացնելու։ Փողոցի պառաւները չէմպէր ուզեցին, հարսները ծամելու մը ձիւթ, պզտիկները մէյ–մէկ տիւտիւկ ։ Ամէնուն ալ գլուխ ծռեց։

Ու հեռուէն կառքին աղմուկը սկիզբները պղտոր, երբ որոշուիլ առաւ, Համարը նետուեցաւ մեծ փողոցը։ Հանդիսաւոր շարժումով հրաման ըրաւ կառապանին կանգ առնելու։

Ամէնէն առաջ հօրքուրը նետուեցաւ կառքին մէջ։ Յետոյ՝ պզտիկին ուսերէն բռնած ներս դրաւ։ Ամէնէն ետքը ինք, ձեռքովը գօտիին խորը բան մը տեղաւորելու ձեւով, դրամ ըլլալու էր, բարձրացաւ կառապանի մօտ։

Կառքը կամաց անցաւ քարերուն խոշորութեան համար։ Աղբիւրին մօտ Թումարը Ալոճը, Սէքէն, պաշտօնական քոքուրներ կոճին վրայէն շտկուեցան ու Համարը նշմարելով.

Ծօ՛, ատաշ, ո՞ւր ասանկ։

Սուս եղէք, ծօ, փինթիներ դուք ալ։

Քոքուրները քիչ մը նեղսրտած Համարին այս արհամարհանքէն.

  Քեզ ալ կը տեսնանք, քեզ ալ կը տեսնանք։

Ու կառքը գնաց Պրուսա՝ հարսնիքին ճիհէզը կտրելու։

* * *

Համարը նորէն կոճին վրայ է։ Ընկերները  զինքը ընդունեցին առջի բերանը թեթեւ ծիծաղով մը։ Տեղ տուին նորէն հաստ փայտին վրայ։

Ժամուորները  մեղքնալով նայեցան անոր տրտում  դէմքին։  Դէմի տունին մեծ մայրը, Օհան–մէրը անուշ բառեր գտաւ անոր ցաւին մօտենալու։ Էսնաֆ–տէտէն կոճին վրայ տեղաւորուած ատեն.

Հոգդ չըլլայ, օղլում, աշխարհք է, ասանկ բաներ կ’անցնին մարդուն գլխէն։ Հիլպէթ քեզի ալ խըսմէթ չի պակսիր։

Պզտիկներ, որոնք բոլորովին անծանօթ էին, համակրանքով կը նստէին Համարին քով։

Երբ ծերերը քաշուեցան ու կոճը մնաց միայն քոքուրներուն.

Ծօ խե՛նթ, ումուռի ՞դ կ’ընես։ Կարգուողները ճղալ խոթեր են տէ։ Մեզի պէս ապրէ։

Բոլորն ալ մէկ կը մտածէին։

Ու փառք կու տային, որ վերջապէս իրար կը գտնէին նորէն հինաւուրց կոճին վրայ։ Բացատրեցին անոր՝ իր բացակայութեան տարիներուն, իրենց գլխէն ացած խոշոր փորձանքները։ Պատմեցին իրենց կերած ծեծը, գառները, ուլերը։ Փա՛ռք Աստուծոյ, իրիկուն մը անօթի չէին պառկած։ Մնացածին կ’արժէ՞ր մտածել։

Ու Համարը գլուխը կախ մտիկ ըրաւ։ Առջի շաբթուն իր երեսները մութ էին Կիւռլէի–Քարին պէս, երբ կարկուտի ամպերը իրենց սեւը կը կախէին հոն։ Պատասխան տալու սիրտ չունէր եղած հարցումներուն։ Քիչ–քիչ վարժուեցաւ իր վիճակին, երեսներուն թախիծը մեղմցաւ։ Ճակատը փաթթող տրտմութիւնը նօսրացաւ, վախկոտ ժպիտներ իր աչքերուն մէջէն ցաթիլ առին։

Բզկտալը նորէն երեւան ելաւ։ Քոքուրները հաւաքուած կ’ելլէին գեղէն դուրս, գողցուած հաւ մը կը փետտէին ոտքի վրայ, կը խորովէին բարկ կրակի մը առջեւ, փորերնին տիկ ընելէ ետքը մէյ–մէկ շուք կ’երկննային։ Աշխարհքը իրենց էր։

Ու Համարին բզկալը կ’օրօրէր անոնց քունը։

Ու շուքերուն տակ ամիսներ անոնք վէճ ունեցան իրարու հետ։ Բոլորն ալ իրենց եղած զրկանքը կը խոստովանէին։ Գեղը կնիկ կու տար արժեմին ու չարժեմին, կոյրերը, կաղերը հիւանդները տաքուկ անկողինին մէջ իրենց կնիկները գրկած կը քնանային։ Իրենք ինչո՞վ վար էին այդ կախ–կոկով մարդերէն։

Ու ամէն մէկը իր հնարքները գիտէր արժեցնել։ Որը կը գովէր իր քարի պէս բազուկներուն կտրուկութիւնը, որը կրնար օրուան մը մէջ Պրուսա երթալ ու գալ։ Ուրիշ մը գեղին մէջ մէկ հատիկ էր ձիուն վրայ փայտ բեռնալու արհեստին մէջ։ Համարը՝

Աղբրտա՛նք, հերքէսին օն մը ըրած տեղը երկու ճիղարայ էն կը հանեմ, իմ ինչո՞ւս չհաւնեցան։

Ծօ ֆուխարա ես, Ֆուխարա՛, է՜ քոքուր։ Սոլոզի մէջ օվան ծառ չունեցողին ե՞րբ կնիկ տուեր են։

Յետոյ կը խնդային, քիչ–քիչ աչքերը կը խփուէին, բզկալը կը դադրէր լալէ։ Երբ աչքերնին բանային, արեւը արդէն փախած կ’ըլլար։ Թուլիկ-թուլիկ օրօրուելէն գեղ կ’իջնային։ Ամէն մէկը իր բունը կ’երթար տքալու։

Ու այս կեանքը կ’երթար այսպէս տարիներ ու տարիներ։

Գեղը կը փոխուէր, նոր լաթեր կը հնարուէին, նոր մանարաններ կը մխային. մարդեր, մեծեր, հարուստներ կը մեռնէին։ Անոնց հոգը չէր։ Ամէն գարունի անոնք հովիւներէն երկերկու պըտըլիկ գառներ առնելը երբեք չմոռցան։

Սէրով, զաւկի պէս կը պահէին գառները։ Ծանօթ ըլլալով բոլոր ջուրերուն, գոց գիտնալով արեւ չտեսած ձորերուն չմեռնող կանանչները, որոնք իրարու կու գային մարդերէ հեռու տեղուանք։ Կը գովէին իրենց գառները։ Ատենը հեղ մը աղբիւրին առջեւ լաթ լուացող կնկան մը ճերմակ պալտըրներ ը մէջտեղ կու գային։

Չհատնող, չվերջացող ցաւն էր անոնց համար կնկան ցաւը։

Ու Համարը հեղինակութիւն կը դնէր իր շեշտին մէջ, երբ կարգը իրն ըլլար խօսելու։ Առաջները կ’ամչնար իր նշանածութեան դարդէն պատմելու։ Հետզհետէ բառերը դիւրացան իր լեզուին տակ։ Ու քոքուրները բերաննին բաց՝ մտիկ կ’ընէին Զատկուան ու Ծնունդի հեքիաթները։ Թոքերնին կուլ կուտային, երբ Սուրբին ամբողջ տարածութեանը վրայ կակաչի պէս աղջիկներուն պարը նկարագրուէր իրենց։ Համարը պատկերներով կը խօսէր։

Այսպէս անցան տարիներ։ Թումարը, Սէքէն, Տոգսանը թաղեցին անոնց։

Համար ճերմկեր էր ա՛լ։

* * *

Կոճը միշտ հոն է։ Հետզհետէ ծերեր կը ժմնեն՝ զայն պարապ չձգելու համար։ Պատահական արկածներով կոյրեր ու կաղեր հոն կը տանին այծի կաշի, հացերնին ալ իրենց մէջքը կ’ըլլայ։ Պզտիկները կը քիչնան։

Տարի մը կայ, որ Համարն ալ խաբ կու տայ իր ողջ մնացած ընկերներէն։

Զինքը կը տեսնեն յաճախ դաշտը, գէշ–աղէկ բանալու զբաղած։ Ժանգոտած, տեղն իսկ մոռցուած բահը վախ ի վախ կը շալկէ ան, կողմնակի ճամբաներէ, ուշադրութիւն կանչող կէտէրէ հեռու՝ կ’երթայ փորելու։

Բոլորովին աւերակ տան բակին մէջ նորէն կը կոկոզի մինակուկ, չոր փայտերը շարելու համար կարգով։ Տան միակ սենեակի պատուհանի նմանող բացուածքները կը կանոնաւորէ, իւղոտ թուղթով կը ծածկէ ապակիներուն պարապը։ Ու անոր փլած ծխանէն, տարիներու հանգիստէն ետքը, մուխը իր կապոյտ սիւները կը շարէ մեղմով։ Երբ բանի չէ, կը սիրէ կռնակը բակի սիւնին տալ ու նայիլ դէմը, երկա՜ր, չյոգնող նայուածքով մը։

Շատ ընտանի է պզտիկներուն  հետ։ Մանաւանդ  եղբայրական, գրեթէ հօր մը գորովը ունի երկու պզտիկներու հանդէպ, որոնք իր հետը կ’իյնան շարունակ, իր ժանգոտած ֆէսը կը նետեն գլխէն, իր պեխերը կը փետտեն։

Համար ամէն բան կը ներէ անոնց։ Կը սիրէ զանոնք կշտացնել լեռներուն պտուղներով։ Մէջք–մէջք սալոր, թթու խնձոր, վայրի տանձ կը ճարէ  անոնց համար։ Նարլըճայէն նուռ գողնալու կ’երթայ անոնց։

Այս համակրութեան պատճառը ոչ մէկ կրնայ կռահել։ Իր պարզութեան մէջ այնքա՜ն լաւ գիտէ պահել իր սիրտը։

Դրացիներուն տունը փոխ կ’երթայ։ Ասեղ, տապակ, դերձան, խունկ ուզելու պատրուակով թաղին մօտ դուռները համարձակ կը մտնէ։ Կիները մեծ եղբօր մը պէս կ’ընդունին զայն, ուզածները չեն մերժեր։

Ուշադիր դիտող մը սակայն պիտի կրնայ գուշակել, թէ Համարը Ակօ աղբարին տունը ինչու այնքան շատ կը մտնէ ու կ’ելլէ։ Կրնայ հաստատել այն մասնաւոր համակրանքը, զոր Համարը չի կրնար ծածկել Բաբէթ ապլայի պզտիկ աղջիկներուն առջեւ։

Բաբէթ ապլան, տարի մը կ’ընէ, եկած է այդ թաղը։ Ան այրի մնալուն՝ երկու որբերով նորէն կարգուած է Ակօ աղբօրը հետ։ Ու Համար հասկած է, թէ այդ թոռմած կաշիով, գետնի մօտ հասակով կինը ատենօք իր նշանածը եղած է։

Համարին միտքէն երբեք մեղք–բան չէ անցած։ Ան բռնաւոր պէտքի մը տակ հետաքրքրուած է այրիով։ Յոյս, երազ չկայ իր մէջ։ Տեսակ մը ծերուկի սէր, իր սիրտին մէջ չմարած տաքութիւն մը կ’արթննայ մոխիրի տակէն կամաց-կամաց բացուող կրակի նման։ Կը սիրէ միշտ իյնալ անոր աչքերուն տակ, սիրտը բան մը կ’ըլլայ, երբ անոր ձայնը կը լսէ տունին խորունկէն։

Իր ամուրիի  սենեակը գոցած է  վերջնականապէս  քոքուրներուն երեսին։ Անոնցմէ մէկուն հանդիպած ատենը չտեսնելու զարնելու տարօրինակ ձեւեր գիտէ։ Շաբաթն անգամ մը յաղթանակով կ’երթայ կացինն ու մանգաղը սրելու։ Աւրուած օդերուն ալ գործ կը ստեղծէ իր պզտիկ, բարակ մատներուն։

Աշգ օլսուն, Համար, կրակ կը դառնաս կոր, վրայ կու տան թաղին ծերցուները, որոնց աչքերուն ֆէրը հատած կ’ըլլայ արդէն։

Կ ’ընդունին զինքը իրենց շրջանակին մէջ։

Գեղին մէջ տուներուն շատին, շա՛տ շատին ցաւը կը նմանի իրարու։ Հացին ցաւը ամէնուն լեզուին վրայ կ’ըլլայ միշտ։ Արտերը տարւէ տարի կը խաբեն, ցորեններուն հասկերը երթալով կը նիհարնան ու անոնց մէջ հատիկը դող բռնած տղու նման կը սմքի. ձիթենիի ծառերը քմահաճ կը դառնան։

Դուն փորէ՛, դուն չափա զարկ, ձմեռին կուտ մը զէյթին չունիս տունիդ մէջ, կ’ըսէ տակաւին առողջ, հաստ ոսկորներով մարդ մը, որ Բաբէթ ապլային հիմկու էրիկը եղած է։

Ու շրջանակը գլուխ կը թօթուէ, հաւանութիւն, համամտութիւն արտայայտելու համար։

Ու ամէն մէկը երանի կու տան Համարին, որ չոր գլուխ մը միայն ունի պարտկելու։ Գեղին մէջ ապրանքը դժուար է, անոնց մանկութեան ու հիմկու պզտիկներուն մէջ ծով կայ, ծո՜վ։ Ան ատեն կնիկները իրենք կը պատրաստէին իրենց հագնելիքը։

Գեղին մէջ մէկ պագգալ կար, աղբար, հիմա ո՛ր դին նայիս՝ խանութ է. ո՛ր դին երկննաս՝ խայֆէ ։

Ու խօսակցութիւնը կը շարունակուի, բերնէ բերան, մինչեւ որ տուներուն նեղ քիւերէն կտրուող կապոյտ երկինքը սեւնայ աննշմարելի ըլլալու  չափ։  Աղջիկ ու  տղայ նստողներուն  ետեւէն  կու  գան, մարդերը մէկիկ–մէկիկ կը քաշուին, ամէն մէկը իր տղուն կամ թոռան հետը իյնալէն։ Ու մինակ մնացած Համարը բեռներու տակ՝ կը շտկի իր սենեակը։

Լոյս վառելէն համ կ’առնէ հիմա։ Ամառ թէ ձմեռ, այս ետքի տարին, օճախը կուշտ պահելու յայտնի մտադրութիւն մը ունի։ Որչափ բոցը հարուստ ըլլայ, որչափ բոցերուն տակի կրակը ճերմակ ըլլայ՝ հալած ոսկիի նման, այնքան կ’ուրախանայ։

Կատու ունի։ Մեռնող պզտիկին ճուռան (տեսակ մը ջութակ) կը սիրէն քիչ մը դողացնել։ Այրած եղանակներ իր բերնէն կը քակուին ծանր–ծանր։ Յետոյ՝ բոցը կը նստի, կրակը ոսկիի պէս կը կտոցուի, կատուն իր կռնակը ուռեցուցած կը թղկայ անու՜շ–անու՜շ։

Ու Համարին աչքերը կը գոցուին պատկերներու վրայ։ Այս ամայի սենեակին մէջ պէտք չէ՞ հիմա կնկան մը տաք լեզուն։ Պէտք չէ՞ վազվզող պզտիկներուն աղմուկը։ Ու Համար գիտէ, թէ տակաւին ինչե՜ր, ինչե՜ր պէտք են։

Անոր քունը լեցուն է հիմա անուշ բաներով։

* * *

Այսպէս ապրեցաւ ան իր վերջին տարիներուն, օր օրի դող ելած, օր օրի տաքցած, նոր զգացումով մը, որուն անուն տալ չկրցաւ երբեք։

Գնաց նոյնիսկ Ակօ աղբարենց տունը։ Մասնակցելու անոնց սեղանին, երկար-երկար նայեցաւ Բաբէթ ապլային ետեւէն, երբ ան գործով վեր ու վար կ’երթար։ Պզտիկներուն հետ վարուեցաւ հօր մը պէս։

Յաճախ անոնց տունէն ամանով անուշ, տաքուկ պիտէ, բարեկենդանին՝ խաշոց ու  մաղի-վրայ ղրկուեցան  իրեն։ Հոն գինի խմեց Սուրբ Յակոբին։ Հինցած ու փետտուած լաթերը նորուկ դարձուցին։ Ժ ամերով կրցաւ մինակ մնալ Բաբէթ ապլային հետ։

Օրիկ մը աչքերը ծուռ չկրցաւ ընել։ Ձեռքերը մէջքէն չելան մեղաւոր շարժումի մը համար հերիք էր իրեն՝ կնիկով կեցուած օդի մը մէջ ապրիլ, շալվարին երգը լսել տախտակամածին վրայ։

Կրակ կը կտրէր, երբ պատիհոն էն բան մը առնելու ատեն Բաբէթ ապլան մատներովը կը դպէր Համարին ուսին.

Քիչիկ մը սանկ կեցիր, օղու՛լ. աղին գուշը առնեմ։

Դողը կ’երկննար ամբողջ միսերուն մէջ, սարսռուկը սիրտը կ’անցնէր։ Բայց կը ծածկէր իր ալեկոծութիւնը ու պաղուկ երեսին վրայ կը բերէր բաց, համարձակ ժպիտը աշխարհքէն անցած, մահուան պատրաստուող, հոգուն ճամբան բռնող մարդերուն։

Ժամի ու աղօթքի տրամադիր գտաւ զինքը։ Բաբէթ ապլան յիշեցուց իրեն խաչ հանելու եղանակը, զոր սխալ սորվեր էր մանկութենէն։ Ամէն Կիրակմուտքի մեռելներուն հոգուն խունկ ու աղօթք յանձնարարեց։

Երբ կոճի առջեւ երթար, կը զատուէր քոքուրներէն, ծերերու կողքին ոտք մը տեղ կը ճարէր ու կը հետեւէր անոնց ճատրակի խաղերուն։

* * *

Հովը տաքուկ էր։ Գեղին վրայ, լեռներուն բարձրունքները ձիւնով ճերմակ էին տակաւին։ Գեղէն վար, մինչեւ լիճը, գետինը չոր էր՝ ձմեռի չորութիւնով մը։

Համարը, Բաբէթ ապլան, ասոր երկու պզտիկները մէյ–մէկ սակառ ձեռքերնին, կը պտտէին ձիթաստանները։ Պաչախի ատեն էր։

Ձիւնէն  կակուղցած  հովին վրայ Համարին բոպիկ ոտքերը լայն հետքեր կը ձգէին, մատներուն որոշ կաղապարովը։ Ամէն ձիթապտուղի համար ան կը ծռէր գետին։ Երբ հատիկը շատ թոռմած ըլլար, բերանը կը նետէր։

Հարաւի լերան կոր գիծին վրայէն՝ նիհարցած արեւ մը մեղմ պայծառութիւն մը կը կաթէր շարունակ։ Ու ձմեռուան մէջ հազուադէպ փչող տաք հովին տակ ձիթենիները կը հեծկլտային, իրարու կը փաթթուէին։ Ու անոնց մոլ երուն մէջ պահուըտած սեւ հատիկները մեծ կաթիլի մը պէս կ’իյնային հողին վրայ։ Յաճախ թռչուն մը, ծառերուն գիրկէն անակնկալ կերպով կը նետուէր վեր ու անմիջապէս ետքը ձիթապտուղ մը կը թափէր գետին, կէս մը կտցուած, թափանցիկ կեղեւին վրայ պուտ–պուտ եղ դուրս տալով։

Համարը խնդուն (ուրախութենէն) թագաւոր էր ան օրը։

Գիշերը չէր գոցած աչքերը՝ լուսնալուն սպասելով։ Տարին նեղ ըլլալուն՝ թաղեցիները մեծամասնութիւններով որոշում էին տուած ձիւնավերջի այս քաղին մասնակցելու։ Ծառերը, ձիթենիի ծառերը խենթեցեր էին ան տարին։ Օվան սանդուխ մը չէր եկած։ Պաշախի ամէնէն յարմար առիթն էր։

Նախկին ունեցողն ալ չունեցող էր հիմա։

Ակօ աղբարը բաւական տարիքը առած ըլլալուն՝ Բաբէթ ապլան ուրիշ թաղեցի կնիկներուն նման արտօնուեցաւ դաշտը իջնելու։

Համար, օղու՛լ, կէօզէթլէմիշ ըրէ, թուրքերուն դին չերթան, ըսաւ Ակօ անբարը եւ Համարին պզտիկ շալէ քէոս ին մէջ կոխեց աղուոր տեսակէ ծխախոտ։

Բաբէթ ապլան սակառին տակը ձգեց պուլամային փայտէ գաւաթը ու կարաւանը, տակաւին չլուսցած՝ ճամբայ ինկաւ դաշտերը։

Օրհարսակին մօտ բոլորը ցրուեր  էին։   Մինակ Համարը Բաբէթ ապլային քայլերէն չէր զատեր իր ոտքերը։

Ինք այդ դիրքերուն ամէնէն վարպետ պաշախճին էր։ Գիտէր պզտիկ, ամայի անկիւնները, ուր բազմութիւնը միտք չ՛ըներ իջնալու։ Օրը երկու սակառ ձիթապտուղ հաւաքելը սուտ մը ըսելէն աւելի դիւրին էր անոր համար։

Եւ սակայն Բաբէթ ապլային սակառը կէսէն վեր էր, պզտիկները լեցնելու  մօտ էին ամանները, Համարին սակառին տակը երկու մատ հատիկ չկար ան օրը։ Չէր իսկ նշմարեր այդ քիչութիւնը։ Հատիկները գտնելուն պէս հպարտ աքաղաղի մը նման կը պոռար պզտիկներուն։ Անոնք կը վազէին, իրարու մատէ կը ճանկէին պտուղը, կը խնդային ու կը հեռանային։ Համարին հոգուն մէջ ալ արքայութիւն կը ցայթէր։

Երբ պտուղը առատ ծառ մը ձեռք ձգէր, կը շտկէր ծռած տեղէն, կը հազար արագ–արագ, մինչեւ որ Բաբէթ ապլան գլուխը դին դարձնէր։

Հո՛ս եկօ, հոս շատ կայ, կ’ըսէր մեղմ ու վառած շեշտով մը ու քիչ մը վար քաշուելով հաճոյքէն խենթի պէս կը դողար, երբ Բաբէթ ապլան իր մատները արագ-արագ կը խաղցնէր թաց խոտերուն ընդմէջէն, հոր գործելու նման։

Յետոյ իջան հովիտը։ Մինչեւ լիճին եզերքը ձիթապտուղները առանց ընդհատուելու կ’երկննային մռայլ զանգուածով մը։ Հովը ատեն–ատեն կոտտալու պէս բան մը կը դնէր անոնց մէջ։ Պաշախճիները հեռուէ հեռու կ’երեւային ու կը հատնէին։

Հաց կ’ուտեն ընդհանրապէս հովիտին ճիշդ մէջտեղը, աղբիւրին քովը։

Համար առանց գիտնալու ուրիշ ճամբայ բռնեց, լիճը իջնալու համար։ Հոն բազմութիւնը քիչ կ’ըլլայ։

Նստեցան մամուռ կապած քարի մը վրայ։ Աւազը կը մխար, պզտիկ փրփուրէ զանգակներ ջուրին մէջ, եղէգներուն բերանէն կը թռէին, պահ մը օրրուելէ ետքը կը մարէին։

Պուլամային գաւաթը բացուեցաւ։ Պզտիկները շուտ–շուտ կը մատնէին անուշը։ Բաբէթ ապլան կծու խոտ ու փուրաս հանեց շալին փաթէն։ Համար կէս–կոտրած, երկականջ դանակը պատենքէն քաշելով կը թաթխէր գաւաթին մէջ, անուշը կ’ռնէր պատառին վրայ, կը տարածէր քիչ մը, յետոյ բերանը կը նետէր։

Երբ ճաշը լմնցաւ, Համարը լզեց դանակին ծայրը, ծանր–ծանր պատենքեց, երկու ականջները գօտիէն դուրս թողելու ձեւով մէջքը հրեց։

Խումբը յառաջացաւ հովիտին ներսերը։ Համար մեծ քաջութիւնով կը հետեւէր անոնց։ Բաւական ետքը մէկէն ծառերը հատան։ Թթենիի պարտէզներ մէջտեղ ելան։ Մօտէն անցնող վտակի մը ձայնը որոշ կերպով լսուեցաւ։

Տղա՛յ, օղու՛լ, վախնամ թուրքերուն մօտեցանք։

Քալէ, դուն ալ, ատ ինչ վախկոտ ես եղեր։ Չե՞ս տեսնար պապա դանակը։

Ու անոր աչքերը հպարտութիւնով ինկաւ նորէն դանակին դուրս մնացած ականջներուն։

Քիչ անդիէն թուրք տղայ մը էշ մը կը տանէր։

Քաշուի՛նք, քաշուի՛նք, կրկնեց Բաբէթ ապլան։

Բայց Համարը անբացատրելի վստահութիւնով մը լեցուն՝

Մեղք որ Համարը չես ճանչցեր։ Ըմա ճանչնայիր նէ...

Խօսքը չկրցաւ շարունակեր։ Բառերը կեցան իր կոկորդին մէջ։ Մեծ ճամբան էին հիմա։ Մօտի գեղի ծխանները դեղին լոյսի մը մէջէն կապոյտ սիւներ կը հանէին վեր։ Աքաղաղի մը յստակ ձայնը քիչ մը շէնցուց Բաբէթ ապլան։

Ա՜խ, ըրասթը գային տէ, ըրասթը գային տէ։

Համարն էր, որ անպատճառ կ’ուզէր կոտրած դանակը խաղցնել թուրքերուն կռնակին վրայ։

Սրտոտութեան այս երակը շատ նոր էր իր մէջ։ Լսուած չէր գեղին մէջ անոր մարդու հետ իյնալը։ Աւելի պզտիկուց կերած ծեծին համրանքը չկար։

Բաբէթ ապլան զարմացաւ խելօք մարդուն այս յանկարծական փոփոխութենէն։ Ու զաւկըները առջին ձգած շտկելու վրայ էր գեղին դին, երբ ճամբուն հատածին՝ չորս զինուած մարդերու հետ դէմ դէմի գտնուեցաւ։

Սարսափած ետին նայեցաւ։ Համարը առանց բանէ մը լուր ունենալու, դանակը աւելի դուրս ձգած, հին օրէնքի խաղ մը մռլտկալէն, աջ ու ձախ փարտելէն կը յառաջանար։

Պզտիկները մօրերուն փէշին փական։ Մարդերը կեցեր կը խնդային։ Մէկը անոնցմէ առաջ անցաւ, առաւ պզըիկներուն սակառը, մօրը դէմքին կսմիթ մը խաղցուց ու ծռեցաւ ճամբան հարցնելու ձեւով մը։

Համարը տեսաւ զայն։ Կրակ կտրած՝ նետուեցաւ մարդերուն դին։

Ախբէթ (վերջապէս) մուրատիս հասայ, ըսաւ ձեռքը նետեց մէջքը քնացող դանակին, քաշեց մեծ յանդգնութեամբ, գլխուն վրայ քանի մը հեղ դարձնելէն ետքը ինկաւ թուրքերուն մէջ։

Դանակը շատ գուլ էր։ Հարուածները, այդ ծեր բազուկներէն փրթած, նախ զուարճալի տեսարան ցոյցի բերին։ Թուրքերը առջի բերան շուարեցան այս համարձակ կտրիճին շարժումներէն, երկուքը սակառները ձգեցին եւ արդէն պատրաստ էին փախչելու, երբ անդին կեցող մը հրացանի կոթ մը փակցուց կռնակին։

Համարը թօթուըւեցաւ, մէջքին ոսկորները չթացին, աչքերը մթնելու պէս եղան։

Չկրցաւ թեւը վերցնել այդ հեթանոսի քիթն ու բերանը մէկ ընելու, ու ինկաւ գետին։

Իրարանցումի այս միջոցին, Բաբէթ ապլան ու պզտիկները արդէն բաւական ճամբայ բռներ էին։ Ու հեռուէն կը պոռային, լացով ու աղմուկով։

Թուրքերը առանց մտիկ ընելու կնկան ճիչերը՝ շարունակեցին իրենց գործը։ Համարը կրցածին չափ թեւերովը պաշտպանեց գլուխը երեսն ու  ականջները հողին փակցուց հարուածներուն ներկայացնելով կռնակը։

Ու հրացանին կոթերը անընդհատ իջան ու ելան։ Համարը ամչցաւ պոռալու, լեզուով հող խածաւ՝ ձայնը բանտելու համար ակռաներուն մէջ։

Երբ մարդերը հեռացան, Համարին աչքերը գոցուեր էին։

* * *

Անութներուն տակ երկու փայտով Համար տեսնուեցաւ ամիս մը ետքը կոճին վրայ։ Ոտքերը փրթեր էին ծեծին տակ։

Քոքուրներն ու ծերերը չկրցան հասկնալ Համարին էֆէութիւնը։

Ծօ, քեզի մնացեր էր սոլոզներուն հետ չափուիլ, կ’ըսէին բոլորն ալ, յետոյ ընդհանուր ծիծաղ կը բարձրանար։ Մինչեւ իրիկուն ան փոսթին վրայ կը նստէր։ Հացը հանելուն անկարող ըլլալուն՝ ողորմութիւնը բանուկ էր իր շուրջը։ Թաղեցին կը սիրէր աման մը տանիլ անոր։

Երբ Բաբէթ ապլան աղբիւրը գար, կռթնած տեղէն կը շտկէր մեծ ճիգերով, փողոցին խորունկը նայելու ձեւով մը կ’երկննար քիչ մը առաջ։ Ու իր նայուածքը կը հանդիպէր կնկան աչքերուն։

Օրուան մէջ այս երջանկութիւնը, կրկնուած քանի մը անգամ, բաւական էր անոր՝ տանելու այս կոտրած օրերու բեռը։

Հակառակ մեծ անպաշար մը ըլլալուն՝ յիսունէն ետքը վերջապէս սորվեցաւ տուզ խաղալ։

Երբ արեւը ինքզինքը ժողվէր փողոցներէն, քիւերուն տակի բոյները երբ հալէին մութին մէջ, կոճը կը սկսի պարպուիլ։

Ծերերը մէկիկ–մէկիկ կը քաշուէին, քոքուրները մէյ–մէկ անցք կը բռնեն, պզտիկները հօրերնուն հետ տուն կը մտնեն, այն ատեն Համարն ալ անութի երկու փայտերուն ուժովը կը շտկի տուն։

Բաբէթ ապլային դրան մօտ ան փայտերը ամուր–ամուր կը զարնէ գետնին, անոնց բացուածքը կը նեղցնէ, կը դանդաղցնէ, կը տաքնայ անգամ մը, երբ տեսնէ շեմին վրայ կոկոզիկ ըրած Բաբէթ ապլան։

Փա՜ռք Աստուծոյ, ասով ազատեցանք։ Չըլլայի նէ՝ քու հալդ ո՞ւր կ’ըլլար հիմա։

Ժպիտով մը կ’ըսէ պայմանադրական պարբերութիւնը ամէն իրիկուն, երբ կինը ներսէն դուրս կը բերէ անոր իրիկուան ուտելիքը։

Ակօ աղբար ծխախոտին քէոսէն երկնցնելով։.

Ծօ Համա՛ր, աչգ օլսուն, մեր կնիկը ազատլամադ է, տղայ, կ’ըսէ խնդալով։

Համար կը փաթթէ  սիկարը, կը վառէ մուխը  լման կուլ  կու  տայ պուտ մը բան չփախցնելու յաւակնոտութիւնով, յետոյ՝ քիթերուն ծակէն մեղմ–մեղմ դուրս կու տայ ճերմկած շոգի մը։

Ա՜խ, կիտի դանակ, ա՜խ։ Կէնճ ըլլար նէ, ամէնուն գլուխը կ’առնէր, կ’ըսէ ու քարերուն վրայ փայտերուն երգը նորէն կ’արթննայ ու արագ–արագ տուն կ’երթայ մէկ կողմին փլելու։

 

1914