Խոնարհները

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԵՐԿԻՆՔԷՆ ԻՆԿՈՂ ԿԻՆԸ

Ամառ օրերուն իրիկունները շատ համով կ’ըլլան լեռներուն մէջ։ Բարձունքներուն  վրայ ծառերուն  կանանչը մեղմօրէն  կը դեղնի. կարմրած երկինքին ծայրերէն, բարակ՝ բայց կարծես այրող ամպեր կը թափին, դէմի դէմ բլուրներուն մէջտեղ պարապը խունկի գոյն բանով մը կը լեցուի։ Բոլորովին հանգչուած այս ամայութիւններուն վրայ, զանազան կէտէրէ, մաքիներ ու այծեր իրենց սեւ ու ճերմակ գոյներով կը հաւաքուին եայլան։ Լեռնաշղթային գեղեցկագոյն մէկ թեւն է ան։ Անկէց վեր Մեծ–Լեռը կը քաշուի, ինքիր գլխուն, քէն ըրած հսկայի մը պէս ահարկու ու անմատչելի։ Անկէց վար կէսճամբան մնացած բլուրներուն թոփիկ կանանչը կը կլորնայ։

Գեղին հովիւները լման ամառ եայլան կը պառկեցնեն իրենց տաւարը։

* * *

Կրակը, տղաք, կրակը։

Ձայնը Այանին է, որ է՛ն ուշը կը հասնի։ Ձեռքի հաստ գաւազանը մեղմով զարնելով քարերուն, յետամնաց ու շուտիկ այծերը վախցնելու համար։

Ու՜ր ես, աղբար, սպասելէն հոգինիս ելաւ։

Վրայ կու տան Ալոն ու Գոլոն, որոնք արդէն տեղաւորած էին իրենց հօտերը արտին մօտ, բնական թուփերէ գոյացած փարախներու մէջ։

Մութը կոխելու վրայ է ալ։ Արեւմուտքի դին կրակը իջեր, ծովուն վրայ բոցը հանգչեր է։ Իրիկուն ըլլալուն պէս, եայլային վրայ օդը յանկարծ կը տաքուկնայ, հովերը կ’իյնան ատենի մը համար։ Հանդարտ, գաղջ ու հոտերով լեցուն մթնոլորտին մէջ հովիւները կը սիրեն թուլնալ, կը նետեն իրենց ձեռքի մականը, կը հանեն իրենց կռնակին վրայ պառկելէն աղեղցող մախաղը, զգուշութեամբ երկուքի կը ծալեն, գլուխներուն տակ դնելով։

Օ՛խ, սանկ քսանմէկ մատերնիս փռենք, ըսելով կ’երկննան խոտերուն վրայ։

Շուները իրենց ագին փարտելէն, գետինները հոտուըտալէն կը քաշուին վեր, իրենց դիրքերուն վրայ մռլտկալու։

Այս հանգիստը հազիւ հինգ վայրկեան կրնայ տեւել։

Ե՛լ, ծօ, Ալո՛, ե՛լ կրակը մէկտեղէ։

Ալոն հովիւներուն պզտիկն է։ Ինքնաբերաբար սորված է այն բոլոր պարտականութիւնները, որոնք կը ծանրանան պզտիկներուն ճիտին։ Չկամ–չկամ կ’ելլէ ոտքի, աչքերը շփելով կը մօտենայ օճախին, ուր շատ հաստ ծառի մը կոճը գիշեր–ցերեկ կը մխայ։ Հովիւը ուժով պուկ մը շունչ կու տայ կոճին, մոխիրները ճերմակ–ճերմակ թեւ կը բանան, կը թռին, կ’երթան ու կարմրուկ կրակը մէջտեղ կ’ելլէ։

Ալոն մէկ ծունկը գետին փակցուցած, երկու ձեռքովը կը հաւաքէ մոխիրներուն վրայ սեւ ծայրերով մարած երտերը, կը դնէ կրակին վրայ։ Քանի մը խոշոր պուկէ ետք, բոցը արդէն իր ուրախ կարմիրը կը նետէ հովիւին զուարթ երեսներուն վրայ։

Հայտէ՛, կրակը եղաւ։

Քիչ վերջը տքալէն կ’ելլէ ծերուկ Այանը։ Աչք մը կը նետէ չորս դին, անգիտակցաբար, հին օրերու զգուշութիւններէն մնացած սովորութեան մը հնազանդելով։ Մօտի հիւղակը մտնելով կաթին կէրտելը մէկ դին կախուած կը շտկի դէպի պառկած տաւարը։

Լուսնկան փրթած է ալ։ Ու Մեծ–Լերան հեռաւոր ծայրին վրայ, ամպերը կաթի պէս ճերմակ, արծաթի պէս փլփլուն կը լուսցնեն միջոցը։ Լուսինին լոյսը գագաթէն վար դէպի լիճը կը թափի։ Ձորերու վրայ շուքը կը հաստնայ, ցածուկ բլուրներուն կէսը կը լուսնայ։

Այանը կը մտնէ պառկող հօտին մէջ։ Կենդանիները գիտեն արդէն այդ իրիկուան կութին մանրամասնութիւնները։ Շատերը իրենց ոտքերն անգամ քաշելու միտք չեն ըներ հովիւին քայլերէն, կը շարունակեն աղալ իրենց ակռաները։

Հովիւը գոց գիտէ մաքիներուն պտուկները։ Իրիկուան այս քէֆին համար կաթը դժուար է ճարել արդէն կոչնակին հեղ մը կթուած կենդանիներէն։ Բայց կան պապա մաքիներ, հովիւներու բացատրութեամբ, որոնց ծիծերը չցամքող աղբիւրին կը նմանին։ Ո՛ր ատեն որ փարչ դնես անոնց տակ, լեցուն կը գտնես։

Այանը գիտէ անոնց պառկած տեղն ալ։ Ընտրուած մաքին թեթեւ դժկամութիւնով, գլուխ մը կը թօթուէ, ճիտի բոժոժին ձայնը անուշ տրամադրութեան մը պէս կը խառնուի օդին։ Քանի մը կենդանիներու առջեւ տեսարանը կը կրկնուի. ու Այանը կէրտէլը լեցուն կը դառնայ օճախին մօտ։

Ալոն պատրաստ է արդէն։ Կէրտէլը կ’առնէ, նախապէս լուացուած կաթսային մէջ կը կաթէ կաթը, կը տեղաւորէ կաթսան օճախին վրայ։ Յետոյ կ’երթայ հիւղակին երդիքին մէջ պահ դրուած փայտէ խոշոր դգալները բերելու։

Երբ այս ամէնը ըլլան, ամէն մարդ նորէն կռնակը կը փռէ գետին ու կը սկսի վեր նայիլ։ Աստղերը բաւական շատցած են։

Յաճախ օրուան դէպքերը կ’անցնին հովիւներուն շրթունքնէն։ Նոր գտնուած արօտի մը փառաբանութիւնը, պաղուկ ջուրի մը գովեստը, խըյախ շուքի մը օրհնենքը իրար կը խառնուին։

Յետոյ՝ կատակներ, մոռցուած մտածումներ իրենց պարզ տարօրինակութեամբը կը գրաւեն այդ պահն ալ, երբ անդին քիչ–քիչ մեծցող բոցին վրայ կաթսային սեւ կաղապարը կը նստի անշարժ։

Բոցերը անոր կողերէն կը շուլլուին, երբեմն ալ մեծ լեզուներու նման կլորցած կը դառնան կաթին մէջ։

Պզտիկ հովիւը կ’ելլայ պառկած տեղէն, գլխի գտակը մէկ ձեռքը, մէջքի թաշկինակը միւս ափը, կը մօտենայ ու կ’առնէ։

Պէտք է սպասել, որ կաթին փրփուրները հանգչին, շոգին նուազի։ Նախնական գիծերը դէմէ դէմ կը քաշուին ու անոնց վրայ սերը իր թրթռուն ոստայնը կը փռէ։ Անմիջապէս վերջը լուսնի լոյսով աղուորցած անհամար բիւրեղներ գիծերուն տակէն կը բուսնին իրարու ետեւէ, իրարու հետ, իրար հրելով։ Դեղնօրէն ճերմակ երեսին վրայ լուսնին ճառագայթները կտոր–կտոր կ’ըլլան, կաթսային կլայուած կողերուն վրայ կ’աստղանան ու մեղմ շոգի մը, անզգալի խունկի մը պէս կը տարածուի կաթսային մէջն ու դուրսը։ Սերը լման կապած է։

Անդին անհամբեր հովիւներ իրենց վարտիքին աղերը բացած կ’ըլլան ծունկերուն փոսին վրայ։ Հացը մանր–մանր կը փրթեն այս փոսին մէջ։ Երբ տաքուկ կաթին հոտը կ’երթայ զգուելու Այանի ռունգերը, հրամանը կ’ելլէ։ Պատառները ափերով կը նետուին կաթին մէջ։ Առջի դգալները ընդհանրապէս շատ արագաշարժ կ’ըլլան։ Պատճառը՝ կաթին երեսն է, որմէ ամէն մէկը իր արդար բաժինը կ’ուզէ ունենալ։ Ետքը դգալներուն երթեւեկը կը դանդաղի։ Կը պատահի, որ կաթսային ներսը անոնք իրար գոգեն, պատառներ գրաւեն։ Հովիւները հոդ կը խնդան, կը կատակեն ու բարի խաղաղութիւնով կը վերջացնեն իրենց ճաշը։

Լուսնկան ալ աղուոր մը բարձրացած է, օճախին մէջ կրակը քունի տարուած։ Լիճէն անդին լերան կողն ի վեր փալփլող բոցերն ալ հատներու վրայ են։ Քունի ատեն է։

Պզտիկ հովիւը այս իրիկուն շատ շէն է սակայն։

Հայտէ, աղբօ՛ր, խաւալ մը զարկ, քէֆը ըլլալուն, լման ըլլայ, կը պաղատի ան ծերուկ Այանին, գլուխը, մազերը, մօրուքը շոյելով։

Ձգէ՛, տղայ՛, ձգէ, ատենը չէ։

Աման աղբօր, հոգեկդ ուտիմ, զարկ երկու բերան, շատ չեմ ուզեր։

Այանը շատ կը սիրէ ինքզինքը սուղ ծախել։ Բայց տեսնուած չէ, որ ճահիլներուն սիրտը կոտրէ։ Կամացուկ մը ձեռքը կը նետէ գօտիին փաթը քնացող սրինգին, ափին փափուկ միսովը կը սրբէ գործիքին բերանը, կը հազայ, կը շտկի։

Հայտէ՛, մտիկ ըրէք։

Օդը աւելի տաքուկ էր, լոյսը աւելի շատ։ Ատեն–ատեն զանգակի մը ճիչը լալկան գծի մը պէս կ’երկննայ եայլային վրայ։

Այանը խորամանկ երգող մըն է։ Առջի բերան իր ածած եղանակները միօրինակ ու դանդաղ կ’ըլլան ու մանաւանդ մաշած։ Գեղի աղջիկներուն բերնի ծամոց եղած պարգեւներու խաղերը կը ձանձրացնեն շուտ մը։

Ատամ աղբօր, դուն ալ, սը Աղուէնին աղջկան խաղը զա՛րկ։

Աղուէնին աղջկան խաղը շատ հին երգ մըն է. հիմա բոլորովին մոռցուած։ Այանը զայն սորված է երիտասարդ օրերուն։ Աղջիկն ալ կը ճանչնայ։ Պատմութիւնն ալ կը զրուցէ։

Ու երգը եղէգին մէջէն կ’ելլէ այս անգամ տաքցած, կենդանացած։ Ատեն-ատեն հովիւը բերնէն վար կ’առնէ սրինգը, կը դնէ ծունկերուն, գլուխը ճիտին հակած կ’երգէ։

Երկու հովիւները յուզմունքով կը հետեւին անոր խաղերուն։ Հովիւները բոլորը մէկ գեղը ծախած են արդէն։ Անոնց մէջ կ’արթննան անպատմելի բաներ, անունը չտրուող փափաքներ։ Թմրութիւն մը կու գայ իրենց սիրտը, փաթթելու։ Ամէնն ալ նոյն մտածումէն, նոյն երազէն կը չարչարուին։

Պա՜, հիմա երկինքէն կնիկ մը իյնար հո՛ս, ըսողը Ալոն է, երիտասարդ հովիւը։

Ծօ, ատ ի՞նչ ըսիր, տղա՛յ։ Ինչա՛նկ ալ գիտես բերնիդ համը։

Վա՜շ, կը շարունակէ Ալոն, աս քէֆին վրայ կը գրկէի, կը պառկէի։

Է՛, ինծի փայ չկա՞յ, ծօ՛, խօսքը կը կտրէ Այանը, եկայ, կ’երթամ կոր, մատներս կնկան երես չեն դպած։

Ատամ աղբօ՛ր։  Մազերդ ճերմկեր են ալ։ Ինչ որ մինչեւ  հիմա ապուր մը չես կերեր, հիմա կէնճընա՞լ կ’ուզես։ Դուն ի՞նչ ընես պի կնիկը, կը շարունակէ Ալոն ոգեւորուած, դէմքը դարձնելով Գոլոյին, որ փայտի պէս պառկած տեղէն արդէն ականջները սրած ու նստած է։

Անանկ չէ՞, ատաշ։

Ծերուկ Այանը թեթեւ մը կը խնդայ տաք երիտասարդին վրայ, բայց չի կրնար ակռան սեղմել։.

Ծօ խլլո՛տ, դուն ինչ գիտես կնկան համը։ Երէկի տղան չե՞ս։

Ծօ դուն իրիկուան մը կ’ըլլա՛ս աղբօ՛ր։

Դուն ի՛նչ գիտես։

Ես գիտեմ եա։

Է՛, էս չուըտե՞մ, ծօ՛։ Մէջ մտնողը Գոլոն է այս անգամ, որ յայտնապէս վիրաւորուած է իր բարձի թողի ըլլալէն։

Հա՛, դու՜ն պակաս էիր, կ’աւելցնէ հանդարտօրէն Այանը։

Ծօ, եախուլլի, ճուռպոտ, հոտած, գլխուդ քէլը չես նայիր, ելեր կնկա՞յ տխրութիւն կ’ընես։

Ալոյին ձայնը բարձր է արդէն։ Ձեռքերը գետնին վրայ բան մը փնտռելու ձեւով աջ ու ձախ կը շարժին։

Գոլոն փրփրած, ոտքի կը նետուի։

Ինծի նայէ՛, ինծի՛, քու կանգունովդ քեզի կտաւ չեն տար։ Կնիկը ինծի՛ պըլլայ։

Ալոն ալ ոտքի է։

Ինծի՛ պըլլայ։

Ինծի՛ պըլլայ կ’ըսեմ ա՛։

Երկու հովիւները իրենց գունտոտ գաւազանները վերցուցած են. իրարու աւելի աւելի մօտեցած ու պատրաստ իրարու վրայ նետուելու։

Ինծի՛ պըլլայ։

Այան է, որ կու գայ երկուքին մէջտեղը տնկուելու։

Հովիւները արդէն իրենց խելքին տէրը չեն։ Երեքն ալ միեւնոյն ատենը կը վերցնեն իրենց գաւազանները ու.

Ինծի՛ պըլլայ, ինծի՛ պըլլայպոռալով կը նետուին իրարու վրայ։

Գաւազանները աջ ու ձախ, վեր ու վար կը շարժին, արագ-արագ։ Շուները իրենց դիրքերէն վազելով կու գան կռուողներուն մօտ։ Մաքիները գլուխնին վեր կ’առնեն վախցած աղմուկէն ու ժխորէն։

Ամէնէն առաջ գետին կ’իյնայ Ալոն։ Անոր կը յաջորդէ Գոլոն։ Ծերուկը ընդհանրապէս խնայուած է երկուքէն ալ։ Ու գաւազանը ձեռքը հանդիսաւոր կերպով մը կը պոռայ.

Ինծի՛ պըլլայ։

Պառկողներէն Գոլոն ինքզինքը շուտ կը գտէ։

Բայց Ալոն կռնակի վրայ ինկած է։ Ծերուկը կը մօտենայ անոր, կը կծկտի գլխուն մօտ, ու երեսին վրայ սեւ գիծ մը տեսնելով.

Ի՞նչ է եղեր, ծօ՛։

Մատները կը տաքնան արիւնէն։ Ծերուկին խելքը կը թռուի գլխէն։

Գոլո, Գոլո, վազէ ջուր բեր։

Ու ծերուկը պզտիկ հովիւին սիրտը մտիկ կ’ընէ։ Կը հանգչի անոր զարկը լսելով։ Յետոյ՝ ափով ջուր կը սրսկէ երեսին, բաց կուրծքին, անութին փոսերը։

Ալոն նուաղած էր։

Ծերուկը կը շարունակէ իր խնամքները, կը թօթուէ տղան, լեզուն դուրս կը քաշէ։

Ելիր, օղու՛լ, ելիր, թէք ելիր տէ՛ կնիկը քեզի ըլլայ։

Քեզի ըլլայ, քեզի ըլլայ, կը ձայնակցի Գոլոն ալ։

Քիչ ետքը արդէն գլխուն վէրքը ծխախոտով կապուած երիտասարդ հովիւը ոտքի էր։ Ու կնիկը իրեն էր այս անգամ, իր արիւնին գնովը։

 

1913