ՊԱՌԱՒԻՆ
ԱՆԷԾՔԸ
Գեղի
կեանքէ
Ա
Իրիկուն
է։
Տուրիկ
ապլա
դրան
առջեւ
նստած
կրակ
կ’ընէ
ապուրի
պըտուկին.
փայտը
թաց
է
ու
կը
մխայ։
Քիչ
անդին,
գլուխը
շէմին
տուած,
պառկեր
է
Մոլոն,
տխուր,
մտածկոտ
կը
նայի
սիկառի
մուխին
որ
առատութեամբ
կը
կապուտնայ։
–
Ել,
Կարապետ,
տղուն
դէմ
գնա.
«մկան
շէռը
ջաղցի
քարին
օգուտ
է»
կը
զրուցին.
տաւարը
տեղուանքը
տար,
կ’ըսէ
Տուրիկ
ապլա
իր
եղբօրը,
որ
չուզեր
շարժիլ
իր
մուխէ
գինովութեան
մէջ։
Մութը
կը
բարձրանայ.
ապուրին
պտուկը
դողդողալով
վեր
կը
տանին
ու
ահա
ներս
կը
մտնէ
Մարկոս,
օճախին
անկիւնը
փոսթի
մը
վրայ
կ’իյնայ
քրտնած,
փէշկէ
ելած։
Տուրիկ
ապլա
կը
փութայ
անոր
քով
ու
ճակատը
բռնելով.
–
Վախ,
չորնա՜մ,
բոց
կ’ըլլայ,
օղուլ։
Սեղանը
կը
դնեն.
երկու
ծերերը
ուտելու
սաստիկ
փափաք
ունէին,
բայց
հիւանդ
հովիւը
քրտինքներու
մէջ
թուրին
տոլը
ձեռքէ
չի
ձգեր։
–
Աս
իրիկո՞ւն
ալ
չես
ուտեր,
տղա՛ս։
–
Չէ,
մամօ,
մէտէս
բանիկ
չ՚ուզեր,
թող
տուէք,
սանկ
պառկիմ,
հանգչիմ
կտոր
մը։
–
Առջիդ
մեռնիմ,
նէ
է
ինչ
անուշ
եփեր
եմ,
տղաս։
Ալաճին
կաթն
է,
երկու
դգալիկ
առ։
Հիւանդը
կ’ուզէ
պատասխանել,
բայց
հազ
մը,
չոր
ու
բուռն,
կ’արգիլէ
զինքը։
Քոյր
ու
եղբայր
սկսած
են
սակայն
դգալել
ապուրը։
Պառաւին
չորցած
երեսը
ամէն
դգալի
հետ
կ’ուռենայ,
խորշոմ
ալիքներ
վազցընելով
ու
Մօլօ
հացի
պահուն
կենալ
չէ
սորված։
Օճախին
մէջ
վառող
փայտերը
պարող
ոսկիի
ցոլք
մը
կը
նետեն
դիմացի
պատերուն
վրայ,
ուր
խոռոչներ
կը
փոսանան
եւ
կործելու
մօտ
հողի
քառանկիւն
կոշտ
կտորներ
կ’երերան
կարծես
բոցի
խաղերուն
մէջ։
Տուրիկ
ապլա
ութսուննոց
պառաւ
կին
մըն
է.
մէջքը
երկուք
եղած։
Եթե
քիչ
մըն
ալ
անցնի,
քիթը
գետինը
պիտի
դպի։
Այս
դիրքով
սակայն
անիկա
միշտ
ուժ
կը
գտնէ
տան
սպասարկութիւնը
ընելու։
Ամէն
իրիկուն
կերակուրի
աղտոտ
ամանները
տաքուկ
ջուրով
կը
լուայ
պառկելէ
առաջ,
հացին
տեղը
խնամքով
կ’աւելէ
աւելով
մը,
զոր
միշտ
գարունին
կը
շինէ
նոր
ծաղկած
աւելիներով։
Անհաշիւ
ատեններէ
ի
վեր
Տուրիկ
ապլա
տունին
գործերը
կը
տեսնէ
մինակ։
Աղջիկութենէն
մինչեւ
այս
ճերմակ
ծերութիւնը
չէ
ունեցեր
մէկը,
որ
երկու
ճամբայ
ջուր
բերէ
իրեն.
իրաւ
է
թէ
շատուոր
չեն,
բայց
տուն
է,
տոնտլակ
չէ,
պէտք
է
դառնայ։
Իր
մտքի
ամբողջ
պատմութեան
մէջ
կարելի
չէ
հանդիպիլ
անուշ
շրջանի
մը։
Մինչեւ
հիմա
չէ
կրցած
հասկնալ,
թէ
ինչո՞ւ
տունմնայ
եղած
է։
Իր
տարեկիցներէն
շատեր
հիմա
գէր
մուշտակներու
մէջ
են
փաթթեր
իրենց
ազազուն
մարմինը։
Ու
մինչեւ
կեանքի
ձմեռուան
գալը՝
անոնք
ինչ
վայելքներէ,
ինչ
համերէ,
ինչ
հեշտանքներէ
անցեր
են...
։
Ինք
անոնցմէ
քի՞չ
աղուոր
էր...
բայց
բախտը...
։
Ու
քաղցր
տխրութեամբ
մը
կը
նայի
իր
անցեալին...
Աղբօրը
հետ
են
ապրած
երկա՜ր,
երկար
տարիներ։
Լուսաւոր
կէտ
մըն
է
իր
կեանքին
մէջ
եղբայրը
կարգելը։
Հարսնիքին
համը
տեսած
է
պահ
մը
այդ
պզտիկ
տունին
մէջ
ու
հարսը
սիրած
է,
իր
կամքին
վրայ
ծանրապէս
բռնանալով...
։
Քսանհինգ
տարուան
աղջիկ
էր
ինք
այն
ատեն։
Յետոյ
Մարկոսը
աշխարհք
է
եկած
ցաւով,
շատ
մեծ
ցաւով,
վասնզի
տղաբերքի
անկողինը
ամիսներով
չէ
ելած
սենեակէն.
մատղաշ
հարսնուկը
արիւններու,
քրտինքներու
մէջ
գոցած
է
իր
կեանքը։
Ու
Մարկոսը
պաշտած
է
ալ
նուշով
ու
շաքարով
մեծցուցած.
կնկան
ծոցին
մէջ
տրամադրելի
մօր
սէրով
ողողած
է
զայն,
անոր
վրայ
փոշի
մը
անգամ
չէ
նստեցուցած
ու
օրանէն
մինչեւ
կակուղ
այծու
բուրդէ
անկողինը՝
սպառած
է
իր
մայրութեան
գորովը։
Ատ
է
իր
ապրածը,
մնացեա՞լը...
։
Մի
հարցնէք,
գիտնալ
ալ
մի
ուզէք,
ամուրիներու
գաղտնիքները
խորունկ
կ’ըլլան,
անոնց
արցունքը
խոշոր...
Մոլոն
քէփէնկը
առնելով
կ’երկննայ
պատին
տակ,
մինչ
Տուրիկ
ապլա
կը
կծկտի
Մարկոսին
մօտ՝
ձեռքը
անոր
ճակտին
տարած։
Պէտք
է
տեսնել,
թէ
գուրգուրանքի
ի՜նչ
զեղումով,
սէրի
ի՜նչ
յորդութեամբ
լեցուն
են
մեր
պառաւները
պզտիկներու
անկողնին
շուրջը։
Գիշերային
հսկումներու
համար,
հրեշտակի
համբերութիւնն
ունին
անոնք։
Քանի
մը
իրիկուններ
կրնան
իրարու
վրայ
լուսցնել
առանց
նոյնիսկ
քընընճելու,
ուշադիր
կը
հետեւին
հիւանդի
հոգիին.
իրենց
ծանր
ականջներով
կը
յաջողին
գուշակել
պառկողին
հեւքէն
անոր
փափաքները։
Պտտիկ
թոռներու
համար
յաճախ
անկողիններ
են
անոնք
ու
մէկէ
աւելի
անգամներ
իրենց
բազուկներուն
մէջ
սարսափով
են
զգացած
մահուան
սարսուռը։
Բ
Հետեւեալ
առտուն,
Մարկոս
քրտնած
է
շատ.
ուժ
չունի
ոտքի
ելլելու։
Մոլո
կսկիծով
կը
նայի
տղուն
վրայ։
Տուրիկ
ապլա,
որ
գիշերը
չէ
պառկած,
կ’ըսէ.
–
Է՜,
Կարապետ,
Մարկոսը
թող
պառկի,
այսօր
դո՛ւն
տար
տաւարը։
Ցաւով
ընկճուած
այդ
մարդուն
դէմքը
կը
հանգչի
յանկարծ,
շուտով
ծխախոտին
լաթը
մէջքը
կը
խզկէ,
տրեխները
կը
շտկէ։
Առէքին
վրայ
պառկած
հին
օրէնքի
իր
ցուպը
կ’առնէ
ու
վար
կ’իջնէ։
Օ՜խ...
տաւարը
Մենծ–Չայիրը
քշելով
հոգին
կը
խոշորնայ։
Իրաւ
է,
թէ
իր
ոտքերը
հին
օրերու
դիմացկունութիւնը
չեն
տեսներ
հողին
վրայ,
բայց
ի՜նչ
անուշ
է
կեանքը։
Իր
պզտիկութիւնը,
երիտասարդութիւնը,
հասուն
մարդու
կեանքը
արժելով
անցուցած
Մոլոյին
համար
կ’արժէր,
որ
այդ
երջանկութիւնը
նորէն
տրուէր
իրեն
այս
ծեր
օրերուն
մէջ։
Շատ
ոտքերուն
տուած
էր
հասկցնելու
համար
գիւղացիներուն,
թէ
ինք
ուժով
էր
տակաւին,
կրնար
մէկ
օրուան
մէջ
տաւարը
ամէն
արօտներու
ալ
հասցընել,
բայց
հաներ
էին
զինքը
գործէ
ու
տեղն
էր
անցած
իր
ժմնուկ
տղան,
Մարկոսը։
Մոլոն
հօտը
տարաւ
Կէօզիւմենց
Էյէկը,
ուր
խոշոր
ընկուզենիներ
իրենց
ծանր
շուքը
կը
ձգեն
գետնի
մը
վրայ,
որուն
առջեւէն
երգելով
կ’երթար
Աղուընակ–Քարին
փրփրուն
ջուրը։
Տաւարները
փռուեցան
ասդին–անդին,
որ
մէկը
իր
շուքը
նետեց
ջուրերն
ի
վար,
ուրիշներ
Գարապաշին
–
շունը
–
մօտիկը
դունչերնին
դրին
գետնին։
Օրհարսակի
տաքը
կամաց–կամաց
կը
մաղուէր։
Մոլո
հանեց
ծխախոտին
տոպրակը,
ու,
իբր
աշխարհի
էն
երջանիկ
մարդը՝
սիկարի
մուխին
ետեւէն
մտքովը
ինկաւ
հեռուները...
Իր
երազանքը
քիչ
տեւեց,
վասնզի
բարձրի
քարերէն
զանգակի
թեթեւ
ձայներ
կը
հասնէին
ականջին՝
ջուրի
խոխոջներուն
ընդհատումներուն
ատեն։
Պահ
մը
վերջը
պուրակներու
մէջէն
յայտնուեցան
տասնեակ
մը
ճերմակ
մաքիներ,
որոնք
վարը՝
ջուրի
կ’իջնային։
Մոլոն
ճանչցաւ
հովիւը,
Խամախենց
Ստեփանն
էր։
–
Ծօ՛,
աղբօր,
փառքը
Աստուծոյ
չմեռած՝
իրար
տեսանք։
Երկու
հովիւներուն
համար
մխիթարական
էր
այդ
մեծ
ստուերներուն
տակ
իրար
նորէն
գտնելը։
–
Մաքիները
քիչցեր
են,
ծախեցի՞ր։
–
Մ’ըսեր,
աղբօր,
տէրտս
մի
նորեր.
բա՞ն
թողուց
ձեռքս,
քառասուն
տարուան
բանած–դատածիս
տեղը
աս
չանկալնին
տուաւ։
Աստուծմէ
գտնայ,
ինչ
կրնամ
ընել։
–Ա՜խ,
աս
գեղի
հարուստները...
Ս...
Թ...
ին
գացի՞ր,
ծօ՛,
անոր
համար
խաս
մարդ
է
կ’ըսեն,
ֆուխարայի
պապ...
Գացի,
աղբօր,
գացի,
սէնէտ
ուզեց,
տարեկաններս
առած
չըլլալս
գիտնալու
համար
սէնէտ
պէտք
է
եղեր...
ես
ինչ
գիտնամ,
մեր
կոճա
սիւրիւն
ձեռքէ
գնաց...
–
Է,
Տէրն
ողորմած
է,
նստէ
սանկ
գլուխ
գլխի
տանք։
Ստեփան
աղբար
նստեցաւ։
Հովիւի
թիփ
մըն
ալ
աս
էր,
որ
ամբողջ
քառասուն
տարիներ
հարուստի
մը
դուռ
մաշեցուցած
էր
երիտասարդութիւնը։
Ամէն
տարի
Խըտչէլլէզին,
աղան
կը
նորէր
տարին։
Ձեռք
մը
չուխա,
գառ
մը,
քէփէնէկ
մը
սակարկութեան
գլխաւոր
եւ
ամփոփոխ
գիծերն
էին,
դրամի
վրայ
չէր
խօսուեր։
Աղան
բարեսիրտ
էր,
հարկաւ
կը
խնդացնէր,
մանաւանդ
խոստում
կու
տար
միշտ
կարգել
զինքը
նորուած
տարիին
մէջ։
Այս
յոյսը
կը
բաւէր,
որ
Ստեփան
իր
գործին
մարդը
մնար,
գոհ,
նոյնիսկ
շնորհապարտ։
Բայց
տարիները
անցան,
գառները
մաքիներ
կ’ըլլային
ու
աղան
զանոնք
կը
ծախէր
հովիւին
հաշուոյն,
ստակն
ալ
սաղլամ
տեղեր
տոկոս
կու
տար։
–
Հա՛,
տղա,
բանէ՛,
գործիդ
նայէ.
4-5
տարիէն
աղուորիկ
փարա
կ’ունենաս,
տուն
մը
կ’առնեմ,
կնիկ
մըն
ալ
կը
ճարենք,
մարդ
կ’ըլլաս
կ’երթայ։
Ու
այսպէս
շարունակուած
էր
40
երկար
տարիներ,
կնիկը
պատրաստ
էր։
–
Ինչո՞ւ
աճելէ
կ’ընես,
Ստեփան,
կ’ըսէր
երբեմն
աղան,
–
որչափ
ուշ
կարգուիս,
այնչափ
աղէկ
է,
քիչուոր
կը
մնաք,
զաւկի
կոխ
ըլլալէն
չես
վախնար։
Բայց
հովիւին
մէջքը
կամար
կապած
էր
տարիներուն
հետ,
մազերը
փոխուեր
էին,
ու
արդէն
կարճ
հասակը
հատեր,
քիչցեր
էր։
–
Ստեփան,
քանի
կ’երթաս՝
մեծնալու
տեղ
կը
ցածնաս.
խոշորցիր,
չէ
նէ՝
կնիկդ
չի
հաւնիր
հա,
–
կ’ըսէին
իրեն,
հետը
իյնալով
իր
հովիւ
ընկերները,
հեգնելով
անոր
միամիտ
հաւատքը
գալիք
կնկան
վրայ։
Գործը
ձեռքն
էր
դեռ,
ասիկա
մխիթարանք
մըն
էր։
Ամէն
Խտըրէլլէզին
իրեն
նուիրուած
գառները
մասնաւոր
խնամքով
ու
անուններով
կը
մեծցնէր,
հօր
մը
աղապատանքը
դնելով
այդ
անուշ
կենդանիներուն
հետ
իր
յարաբերութեան
մէջ...
ո՞վ
կրնայ
չափել
մարդուն
սիրտը։
Ու
հօտը
իր
նմանը
չունէր
ամբողջ
գեղին
մէջ։
Ստեփանի
հաշիւով
արծող
մաքիներէն
յիսունը
իրեն
էին.
ծախուածներուն
ստակն
ալ
կը
շատնար...
Օրին
մէկը
սակայն
հանեցին
գործէն։
–
Մեր
շունը
մեր
աչքին
շատ
սուղ
է,
դուն
ի՞նչ
կ’արժես
անոր
քով,
որ
անոր
ձեռք
վեր
կ’առնես,
հայտէ,
շուտ,
այսօրուընէ
մեր
տունը
ոտք
պիտի
չկոխես։
Հովիւը
չհասկցաւ։
Շունին
դպած
էր,
բայց
շունին
հայրը
ինք
չէ՞ր.
ինք
չէ՞ր
հիմկու
Արապին
մեծ
հաւը
բերողը
թա
Պուրճունէն,
ինք
չէ՞ր
անոնց
քահանան,
երբ
շուները,
որոնք
քառասուն
տարիներու
շրջանին
մեռած
էին,
յատուկ
գերեզմաներ
ունէին։
Ու
մանաւանդ
քիչ
մը
ծեծէն
ի՞նչ
կ’ըլլար,
նորէն
կտորիկ
մը
ետքը
պագտուած
ալ
չէի՞ն։
Չէր
հասկնար
խեղճը,
թէ
կ’ուզէին
ազատուիլ
իր
ճնշող
ներկայութենէն։
–
30
ղրուշ
ճամբու
ստակ,
100
ղրուշ
պէտէլ,
100
ղրուշ
մէսարիֆ,
50
ղրուշ
ածիլուելու,
200
ղրուշ
թիւթիւնի,
լմանը
կ’ընէ
500։
Քեզի
պէս
մարդուն
համար
500
ալ
շատ
է,
բայց
մենք
նորէն
խիղճ
ունինք,
15
հատ
ալ
մաքի
կու
տանք,
գնա
աղայիդ
աղօթք
ըրէ։
Ու
դուռը
երեսին
գոցուած
էր։
–
Ծօ,
աղբօր,
դուն
հիսապիկ
գիտե՞ս,
ըսէ,
քառասուն
տարի
է,
մէյմէկ
գառնէն
քառասուն
մաքի
կ’ընէ,
հայտէ
կէսը
թող
ծախէ,
փարա՞ն
ուր
է,
20–25
ոսկի
տալիք
է,
անանկ
չէ՞։
–
Ծօ՛
պա,
տղայ,
գնա
տավա
ըրէ։
–
Հինցած
քէփէնէկնիս
ալ
վար
դրին,
հարամ
ըլլայ,
հարամ.
ես
հիմա
պառկելու
տախտակ
պիլէ
չունիմ...
։
Երկու
հովիւները
սկսան
տրտմիլ։
–
Է,
ի՞նչ
հով
փչեց,
չորս–հինգ
տարի
կայ,
լեռները
կարօտցուցիր,
աղբօր,
ի՞նչ
կայ։
–
Մարկոսը
պառկեր
է,
տեղն
եկայ։
Աստուած
տար,
կտորիկ
մը
երկան
քշէր
ցաւը,
ես
կու
գայի,
աս
ի՞նչ
համովցեր
են
այս
շուքերը։
Ու
երկուքն
ալ
փռուեցան։
Գ
Մարկոսը
կը
հալէր
քիչ–քիչ։
Տուրիկ՝
պառաւի
մասնագիտութեան
իր
բոլոր
գանձերուն
դիմած
էր
տղեկը
ոտքի
հանելու
համար։
Չլսուած,
չգտնուած
դեղեր
–
ամէնն
ալ
խոտեղէն
–
ճարած,
խմցուցած
էր
սիրականին։
Հէօճիլէրի
հոճայէն
թուղթ
բերել
տուաւ։
Տէրտէրին
–
կէօլէն
հող
ապսպրելով՝
գոհուկ–հաց
շինեց
եւ
Արիստակէս
տէտէին
(Նիկիոյ
լիճ)
ղրկեց։
Ըրաւ
ինչ
որ
ըսեր
էին
եւ
ինչ
որ
անցեր
էր
մտքէն,
բայց
հազը
կը
շարունակէր,
տակաւ
խղդող
դառնալով,
խորունկներով։
Քրտինքը
քէփէնէկէն
անգամ
կ’անցնէր։
–
Մեղայ
Աստուծոյ,
–
կ’ըսէր
Տուրիկ
ապլա,
–
անձրեւ
չէր
անցներ
ասի.
աս
որչա՞փ
քրտինք
է,
տղաս։
Մոլո
ամէն
առիթ
լեռներու
անսպառ
ուտելիքներէն
մախաղներով
կը
բերէր,
կ’ըլլար
տղուն
գլխու
կողմը։
–
Կե՛ր,
տղա՛ս,
Եայլայի
սալոր
է։
–
Կե՛ր,
տղա՛ս,
Կէօշէնի
կեռաս
է։
–
Կե՛ր,
տղա՛ս,
Սարմաշուղի
խնձոր
է։
–
Կե՛ր,
տղա՛ս,
Էյէկի
ընկուզ
է։
–
Կե՛ր,
տղա՛ս,
Քէսկին–Տէրէի
քէստընէ
է։
Մոլո
ան
ամառը
ամբողջ
ու
աշունը
ներս
առած
էր
ու
կշտացած
իր
այնքան
կարօտցած
տեղերէն։
Բայց
իր
մարմինը
ալ
կը
ծանրանար
կարծես.
մաքիները
իրմէն
արագ
կը
քալէին,
զառիվերի
մը
դէմ
իրմէն
առաջ
աչքը
կը
յոգնէր։
Միւս
կողմէն՝
ցուրտը
ինքզինքը
կը
զգացնէր։
Միսին
մէջէն
պաղ
թելեր
կը
քաշէին,
երբ
Արապուշանի
հովին
յորձանքը
իր
կիսաբաց
կուրծքը
կը
ծեծէր։
Իրիկուն
մը
դուրսը
ձիւն
կու
գար։
Տուրիկ
ապլա
օճախին
առջեւ
մէջքը
ծալած–նստած
էր,
անդին
Մարկոս
հիւանդութեան
ետքի
շրջանին
տառապանքը
կ’ապրէր,
թուլցած,
հատած,
հազալու
համար
իսկ
տկարացած։
–
Մամօ,
հեղիկ
մը
քաղաք
տարէք,
հէքիմին,
պէլքի
աղէկնամ։
Տուրիկ
ապլա
եւ
Մոլո
լսեցին
այս
ձայնը,
պառաւը
տքալէն
ելաւ
հիւանդին
ձեռքը
բռնեց.
–
Տանինք,
օղու՛լ։
–
Ինչո՞վ
տանինք,
ապլօ՛։
Իրաւ,
ինչո՞վ։
Կուտ
մը
ձիթապտուղ
չունէին.
առած
ամսականը
հացին
ու
աղին
գինը
չէր,
մտմտուքը
բռնեց
զիրենք։
–
Ալաճը
ծախեցինք,
–
լսուեցաւ.
նորէն
հիւանդ
էր։
–
Ալաճը...
–
մտմտացին
երկու
ծերերը,
բայց
անիկա
տունին
մէկ
հատիկ
տիրէկն
էր.
լման
ամառը
իր
կաթովը
պահեր
էր
տունը.
անոր
մազովը
կ’առնէր
Տուրիկ
ապլա
իր
տարեկան
օճառը։
Ուլը
պապու
տղու
ամէն
տարի
մէյ–մէկ
վարտիք
կը
բերէր...
։
Ալաճը
ծախե՜լ...
Այս
մտածման
մէջ
էին,
երբ
ուժով
հազ
մը
ցնցեց
նորէն
զանոնք,
ու
այս
անգամ
Մարկոսին
բերնէն
ջուրի
պէս
արիւն
կը
վազէր։
–
Ե՛լ,
Կարապե՛տ,
մի՛
նստիր,
ե՛լ,
ծախէ՛։
Մոլո
վար
իջաւ։
Ինչպէ՞ս
ծախէր։
Առուտուրի
վարժ
չէր,
կրնար
խաբուիլ,
մտմտաց։
Դրացի
Սարգիսը
կ’անցնէր
քովէն։
–
Աչքիս
լոյսն
է,
Սարգի՛ս,
տունն
անոր
քով
գին
չունի.
հիւանդնիս
քաղաք
կը
տանենք,
աման
օղուլ,
սաղկէկ
ծախէ։
–
Գնա՛
բեր։
Մոլո
տուն
դարձաւ,
մեռնիլ
կ’երթար
կարծես։
Մութը
գրկեր
էր
փողոցները,
պահ
մը
հոգիէն
նայեցաւ
սանդուխին
կապուած
հպարտ
այծին.
արցունքը
սիրտէն
փրթաւ,
այնքան
այրող
իր
աչքերուն
մէջ։
Ու
առաւ,
տարաւ
Սարգիսին։
–
Դուն
տուն
գնա՛,
Մոլո՛
աղբօր,
ես
կը
ծախեմ,
փարան
կու
գաս
առտուն
կ’առնես։
Մոլո
տրտում,
փլած,
տուն
դարձաւ։
Մահը
ներս
էր
մտեր...
Դ
Հետեւեալ
առտուն
Մոլո
ելաւ։
Ձիւնի
թեթեւ
կտորներ
մութը
կը
ճեղքէին,
հովին
առջեւէն
ասդին–անդին
փախչելով։
Լոյսը
ճերմկելու
վրայ
էր
ու
ցուրտ
կար։
Շիտակ
Սարգիսենց
դուռը
զարկաւ։
–
Ո՞վ
է,
ծօ՛,
գիշերանց։
–
Փարան
բեր։
–
Մոլո
աղբօր,
Արթաքիին
տուի,
գնա
անկէ
ուզէ։
Հովիւը
դողալէն
գնաց
ցուցուած
հասցէին։
Կրապատ
խոշոր
տուն
մըն
էր,
գեղին
մէջ
նմանով,
դուռը
ընկուզէ։
Վախնալով
բախեց
դրան։
Թահսիլտարը
պատուհանէն
նայեցաւ.
–
Խե՛ր
ըլլայ,
Մոլո։
–
Աղա՛,
փարայիկը
տուր,
տղան
քաղաք
ղրկեմ։
–
Ի՞նչ
փարա
է։
–
Ալաճին
փարան։
–
Ես
անի
մէսարիֆին
դէմ
դրի,
օղուլ,
չ՚օգտեր
ամա,
ինչ
է
նէ,
աղքատ
ես։
Հովիւին
վրայ
կրակ
կործեցին
կարծես։
Հասկցաւ։
Հոդ
մտածը
ալ
չէր
ելլեր,
մտմտաց
քիչ
մը,
պատուհանը
բռնեց։
Տուրիկ
ապլա
սանդուխին
գլուխը
կը
սպասէր
իրեն։
–
Բերի՞ր,
տղաս։
Հովիւը
անձայն
վեր
ելաւ,
օճախին
քով
ինկաւ
զարնուածի
պէս։
–
Գեղին
մէսարիֆին
դէմ
բռներ
են։
Մոլո
սաստիկ
կը
մսէր։
Օճախին
միւս
անկիւնը
Տուրիկ
ապլա
քէփէնէկ
մը
նետեց
վրան,
նոր
հիւանդին
վրայ,
ու
երկու
ցաւերուն
մէջտեղը
նստեցաւ
ու
լացաւ։
Ե
Շաբաթ
մը
ետքը
տէրտէր
մը,
երկու
մոմ
բռնող
տղայ,
խաչակիր
մը
Տուրիկ
ապլային
բակն
էին։
Տէրտէրը
չուզեց
վեր
ելլել,
սանդուխին
չվստահելով։
–
Վար
բերէք,
հոս,
կարգը
կատարենք։
Մարկոսը
բերին,
քէփէնէկին
մէջ
կորսուելու
չափ
պզտիկցեր
էր։
Ձիւնը
դուրսը
կը
պոռար.
տէրտէրը
քանի
մը
բերան
բան
կարդաց.
–
Է,
կ’օգտէ,
մնացածն
ալ
ժամը։
Տուրիկ
ապլա
զաւակը
չէր
ուզեր
տալ...
առին
ձեռքէն.
Մոլոն
չէր
երեւար.
չէր
կրցած
վար
իջնել։
Փողոցին
մէջ,
դրան
առջեւ
պառաւը
կեցուց
տանողները։
Պառաւը
շտկեցաւ,
տղուն
գլուխն
անցաւ.
գտակը
հանեց,
բամպակէ
մազերը
ետ
հրեց
ու
ձեռքերը
վեր
առած,
հարցուկի
մը
պէս
խորհրդաւոր
աղաղակեց.
–
Կապուտաւոր,
դուն
հախէն
եկուր։
Զաւկիս
արեւուն
դուն
դատաւոր
եղիր։
Քաղաք
տանելու
համար
Ալաճը
ծախել
տուի.
փարան
վար
դրաւ.
ողորմած
տիրուկ,
բամպակ
մազերուս
մեղքցիր։
Քիթէն–պինչէն
գայ,
աղ,
աղ–ջուր
վազէ,
թելուկ–թելուկ
քակուի...
–
Ամէն...,
–
լսուեցաւ
վերէն։
Մոլոն
էր,
որ
պատուհանին
առջեւ,
Ստեփանին
թեւերուն
մէջ
ինքն
ալ
կը
ձայնակցէր
քրոջը,
ձեռքերը
վեր,
դողդղալով,
ու
բաց
կուրծքին
մազերը
պագնող
ձիւներուն
վրայ
իր
արցունքին
կրակը
թափելով։
1909