Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՓՕՍՏԱ՛Լ
Բ


Հետեւեալ առտուն կանուխ Տիգրանուհին արթնցաւ: Պատուհանէն եկող արեւը ճիշդ իր անկողնին վրայ կ՚իյնար, կը սփռուէր, իր հոլանի պարանոցին ու թեւերուն սպիտակութեան վրայ կը ճառագայթէր, բոլոր սենեակին մէջ ուրախութիւն մը կը բերէր: Երկու օրէ ի վեր իր կեանքին մէջ պատահած փոփոխութիւններուն տակ ընդարմացած կը մնար. անկողնին մէջ նստած, մտքովը ատոնց քաղուածքը կ՚ընէր:

Գեղը, մօրաքրոջ մը տանը մէջ ապրած էր ինքզինքը գիտնալէն ի վեր մինչեւ ամուսնացած օրը: Մօրը յիշատակը իր պզտիկ տարիքին մէջ շատ տարտամ կերպով մը կուգար մըտքին առջեւ, ատեն անցնելով գոյնը նետած, գիծերը եղծուած հին լուսանկարի մը պէս: Հայրը բնաւ ճանչցած չէր: Այս մօրաքրոջ տանը մէջ՝ կէս մը աղախինի ու կէս մը ազգականի պէս կ՚ապրէր, տատելով, ինչպէս կ՚ըսէր ինքը, իր ապրուստին բեռը զգալի չդարձնելու նպատակով: Ու երջանիկ պիտի ըլլար հոդ ապրելուն, եթէ մօրաքրոջը երկու աղջիկները անտանելի չդարձնէին իր կեանքը: Ի՞րն էր յանցանքը՝ եթէ անոնցմէ աղուոր էր ինքը: Ապաքէն, այս աղուորութիւնը իր թշնամին եղած էր եւ անկեղծութեամբ Տիգրանուհին կը զղջար իր գեղեցկութեանը համար:

Գեղին մէջ շատ մը տղաք իր ետեւէն ինկած էին գիշեր ցորեկ, հասակին շքեղութեանը, մինչեւ կռնակը հասնող խարտեաշ մազերուն գովեստը փսփսալով ականջն ի վար: Ասոնց եւ ոչ մէկուն հաւտացած էր, բայց այս հետապնդումները՝ հանդարտ ջուրի մը մէջ նետուած մանր քարերու պէս, իր հանգիստը վրդովեր էին: Մօրաքրոջը աղջիկները իր վրայ ամեն տեսակ չարախօսութիւններ տարածելու մէջ առաջիններէն էին: Ահա այդ միջոցին էր որ երիտասարդ բանուոր մը, իր օրական ապրուստը ճարելու հազիւ հազ կարող մէկը, զինքը ամուսնութեան ուզելու ելեր էր: Տիգրանուհին տասնըութը տարու էր հիմա, ինչ որ գեղ տեղերու մէջ աղջիկներուն համար շատ առաջ գացած տարիք մըն է. յետոյ, իր մօրաքրոջ տունէն ելլելու ստուգութիւնը կար. մօրաքոյրն ալ, զինքը ճամբելու փափաքին մէջ, սիրով ընդուներ էր այս առաջարկութիւնը: Եւ օրին մէկը հարս գացած էր տան մը մէջ, ուր փեսէն զատ անոր ծնողքը կային: Մեծ բան մը չհասկցաւ այս ամուսնութենէն. կարգուելէն ութ օր վերջը էրիկը լեռ գնաց իր գործին, ածուխ շինելու, ու ամիս մը վերջը օր մը միայն դարձաւ կնոջը քով, հետեւեալ օրը նորէն իր լեռը երթալու, աներեւութանալու համար: Հարսը հոս ալ կ՚աշխատէր օրն ի բուն ու իր կեանքը, բեւեռային օրերուն պէս, երկարատեւ խաւարի մը կը նմանէր զոր ոչ մէկ լոյսի ճառագայթ կուգայ վայրկեան մը գէթ լուսաւորել, ուրախացնել:

Յանկարծ օրին մէկն ալ իր էրիկը տուն բերին ոտքը կոտրած, ամիսներով անգործութեան դատապարտուած. ասիկա լրումը եղաւ: Ա՜հ, թէ որ գոնէ զաւակ մը բերած ըլլար, հիմա ստնտուութեան կ՚երթար Պոլիս, ստակ կը վաստկէր ու տուն մը կրնար գնել, բայց այդ ալ չկար ու ասիկա՝ իր կեսուրը ու կեսրայրը յանցանքի մը պէս կը զարնէին իր երեսին:

Հաճի Տիւրիկ ճիշդ այդ ժամուն հասաւ զինքը միասին Պոլիս տանելու համար: Էրիկն ալ, մօրաքոյրն ալ որ մօր տեղ կ՚անցնէր, յօժարեր էին ասոր. Տիգրանուհին ազատագրութեան պէս բան մը կը տեսնէր հոդ: Թէլլալը՝ անոր ապագայ հանըմին փառաբանութիւնը բերնէն չէր ձգեր: Հարուստ մարդիկ, վէրկիլի հանըմ. Կաղանդին, Ծնունդին, Զատկին պախշիշ, կերուխումը առատ, աշխատութիւնը թեթեւ. սպասուհիի մը համար ասկէ աւելի ցանկալի տեղ չէր կրնար ըլլալ:

Աղջի՛, օղո՛ւլ, չգտնուած տուն է, կ՚ըսէր Հաճի Տիւրիկ:

Ա՛յնքան որ մօրաքոյրը պահ մը կը մտածէր իր աղջիկներէն մէկը ղրկել Տիգրանուհիին տեղը: Վերջապէս որոշումը տուեր էին եւ հետեւեալ առտուն, դեռ չլուսցած, գիշերուան մութուն մէջ կառքը երկու կիները Պաղչէճիկէն իջեցուցեր, ծովեզերքը բերեր ձգեր էր, ճիշդ երբ արշալոյսը կը ծագէր:

Տիգրանուհին հիմա այս մութէն դէպի լոյս ուղեւորութիւնը, ժամանումը միտքը կը բերէր, բարի գուշակ մը կը համարէր իր կեանքին համար: Իսկոյն զմայլեր էր Իզմիտի ծովածոցին վրայ, որ այգուն սրսկած դեղին ոսկիի ցոլացումին մէջ, անշարժ կը տարածուէր, կանուխ արթննալ չուզող աղուոր ու ծոյլ կնկան մը պէս: Մինչեւ այդ տարիքը մօտանց չէր տեսեր ծովը ու այս պահուս, դեղին եռաթի խոշոր նաւակի մէջ տեղաւորուած, իր պզտիկ պօղչան քովիկը, այդ կապոյտ տարածութեան վրայ սահելուն կ՚զբօսնուր ու անոր վրայ պատմուած ահաւոր պատմութիւններուն չէր հաւտար: Իզմիտ հասնելուն՝ հազիւ ատեն ունեցեր էին շոգեկառքը մտնել եւ իսկոյն կայարանին աղմուկէն ու թոհ ու բոհէն զատուելով խօլ արշաւ մը սկսեր էր. անդուլ, անդադար ժամերով վազք մը, քերելով ծովեզերքը ձախէն, ու աջէն՝ սուրալով մութ մանիշակագոյն հողերու մէջէն որ մինչեւ Հէրէքէ այդ տեղի ցամաքը կը կազմեն: Հոս հոն, տեղ տեղ, կը կենային ու Տիգրանուհին կը կարծէր որ յոգնութիւն առնելու համար էր ասիկա. ոմանք կը ձգէին շոգեկառքը, ոմանք նոր կը մտնէին, եւ անմիջապէս ճամբայ կ՚իյնային. յիմարական խոյացումը կ՚սկսէր դէպի Պոլիս: Ու կը յիշէր վերջապէս հասնելնին Հայտար Փաշա, Պոլիսը, Բերան զորս Հաճի Տիւրիկ մատովը իրեն ցուցուց հեռուէն եւ ասդին՝ Գատըգիւղ՝ իրենց գալիք տեղը, մաքուր փողոցներով, գեղեցիկ տուներով շինուած քաղաքը որուն վրայ հիացաւ: Կայարանին մէջ կը վախնար որ բազմութեան մէջ չկորսուի. թեւին տակի պզտիկ պօղչան ոյժով մը կը սեղմէր, իր շփոթութեանը մէջ մոռնալու վախով: Հաճի Տիւրիկը քովն էր սակայն, ճարպիկ ու վարպետ առաջնորդ, որ ամեն դժուարութեանց մէջ կը քաշէր կը հանէր զինքը, մինչեւ որ հո՛ս, այս հարուստ տանը մէջ բերաւ ու յանձնեց զինքը: Հաճի Տիւրիկ, պահապան ու զօրաւոր հրեշտակի մը մարմնացումն էր իր աչքին, ու Տիգրանուհին սրտին խորէն շնորհակալ կ՚ըլլար անոր այս վայրկեանիս:

Եւ այս տունը՝ իր հարուստի բարբառող կահաւորումին մէջ. երեք ծառայ որոնք իրենց աշխատութեան մեքենական ճշդութեամբը զարմացուցեր էին զինքը. ծեր Մարիամը, որ ինչ ընելիքը պիտի սորվեցնէր հոս տեղ. եւ մանաւանդ անուշ լեզու հանըմ մը: Միայն իրիկունը աղային լուրջ ու խոժոռ դէմքէն վախցաւ քիչ մը. յետոյ անոր տղան, երիտասարդ մը, մարմնեղ, արիւնոտ անձ մը. հօրը ձեւը, հօրը լրջութիւնը:

Այս ամենը կարգով ամփոփեց շարեց մտքին մէջ ու խորունկ գոհունակութիւն մը զգաց. յետոյ ցատքեց տեղէն շուտով, հագուեցաւ, մազերը սանտրեց, պատէն կախուած հայելիի մեծկակ կտորի մը մէջ նայեցաւ. այն ատեն, առջի անգամ ըլլալով ուշադրութեամբ դիտեց իր դէմքը, աղուոր ըլլալուն հաճոյքը զգաց ու վար իջաւ: