Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՃԷՅՐԱՆ
Գ


Քրանտիւք Տաղստանցի մըն էր Նիւշին պէս: Քով քովի մեծցեր էին լեռներու կողերուն վրայ վազվռտելով շարունակ. բայց չափահասութեան տարիքին` մահացու թշնամիներ դարձեր էին յանկարծ իրարու դէմ, աղջկան մը սիրուն համար:

Յետոյ գաղթականութիւնը սկսեր էր դէպի Թուրքիա, անհատնում աղէտներով լեցուն ուղեւորութիւնը, ուղխինահոս գետի մը յորձանքին պէս իր ջուրերուն հետ թաւալելով, քշելով, տանելով ամբողջ ազգի մը բեկորները, արմատախիլ անտառի մը բոլոր ծառերը` ոստերը ու ճիւղերը միասին:

Հոս, Իզմիտի շրջակայքը նետեր էր հոսանքը զիրենք օսմանեան հողին վրայ, որ յօժարակամ կ՚որդեգրէ այս վտարանդի ցեղերը: Բայց հայրենի երդիքին յիշատակը, լեռնային ու վայրենի կեանքի վարժութիւնը չի կրնար ի բաց թողուիլ վայրկեանի մը մէջ։ Եթէ շատեր ընդունեցան պաշտպանութիւնը կառավարութեան, որ նախախնամութեան մը պէս կը հոգար զիրենք, գտնուեցան նաեւ ոմանք որ վայրի անասուններու պէս իրենց թափառական ու անհանդարտ գոյութիւնը պահեցին, ասպատակներ դարձան, իրենց արիւնալի շահատակութեանց արձագանգովը լեցնելով այդ կողմերը: Նիւշ ատոնց պարագլուխներէն մէկն էր. իր անունն ու սարսափը կը ծանրանար Սափանճայի ամբողջ գաւառակին վրայ:

Քրանտիւք անդին զինուոր կը գրուէր ու ոստիկանական անձնուէր ծառայութեան մէջ տասնապետ կ՚ըլլար: Իրեն կ՚իյնային միշտ ամենէն վտանգաւոր ձեռնարկութիւնները, աւազակները ձերբակալելով դատարաններուն յանձնելու գործը:

Խուլ պայքար մը կար այս երկու մարդոց միջեւ, տասնապետին ու աւազակին, ատեն մը եղբօր չափ սիրով, հիմա մահու ատելութեամբ զինուած: Այս փոսը, որ կը բաժնէր զիրենք, հիմա անյատակ վիհ մը` որ իրենց ոտքերուն տակ կը բացուէր, կնոջ մը գործն էր. ամբողջ տարիներ նախանձով, յուսահատ սիրով պեղուած անդունդ, զոր այս երկուքէն մէկուն դիակը միայն կրնար գոցել այսուհետեւ, անել կացութիւն մը, որ ճակատագրային, անխուսափելի բան մը ունի եւ որուն երկաթէ շրջանակէն մարդ ողջ չելլեր դուրս:

Երկուստեք հնարքն ու քաջութիւնը կ՚ելլէին մրցումի, գիշերներ լուսցնելով, սպասելով հրացանը ձեռուընին, իրարու ճամբուն վրայ, թաւուտի մը ետին պահուըտած, երկուքն ալ գիտնալով իրենց փոխադարձ ոխն ու քէնը, լուր ղրկելով իրարու թէ առջի հանդիպումին պիտի սպաննեն զիրար, սպառնալիքներ նետելով իրարու, մինչեւ որ կապարի գնտակներ փոխանակէին:

Եւ կռիւը կը շարունակէր ապարդիւն, յուսահատեցուցիչ, աւելի եւս գրգռելով իրենց պրկուած ջիղերը, անընդհատ արշաւանքին բոլոր յոգնութիւնովը ծանրացնելով եթէ տեղ կար դեռ իրենց նախնական հակառակութիւնը, եւ մտքի ցասմնակոծ հալածում մը, պաշարում մը դարձնելով իրենց համար փոխադարձ մահու այս անդուլ, անշշուկ սպառնալիքը: