ՃԷՅՐԱՆ
Դ
Իզմիտի
եղեռնադատ
ատեա՞նը:
Ատեան
թող
ըլլայ,
թէ
որ
այս
բառը
աղէկ
կը
հնչէ:
Բայց
իրօք
պզտիկ
սենեակ
մը,
մեր
տուներուն
պարկեշտ
սենեակներէն
մէկը,
ուր
դատական
մարմինը
կը
բազմի
աթոռներու
վրայ
եւ
որուն
դէմ,
տեղին
անձկութեան
մէջ,
ամբաստանող
եւ
ամբաստանեալ,
վկայ
եւ
ունկնդիր
իրարու
քով
կը
շարուին:
Դատավարութեան
ժամանակ
չլսուած
անուններ
ու
լեզուներ
կը
լսուին.
Տաղստանի
գաւառաբարբառները
զորս
կը
թարգմանեն
եւ
որոնց
յառաջ
բերած
շփոթութիւններէն,
հակասութիւններէն
կը
ջանամ
օգտուիլ:
Հարցաքննութենէն
վերջը
ոճիրին
պարագաները
կը
ճշդուին
ամբաստանագրին
մէջ,
դատական
լեզուին
հակիրճ
ու
անզգայ
պարբերութիւններովը:
Սափանճայի
ոստիկանութիւնը
կանխապէս
կ՚իմանայ
Նիւշի
այն
գիշեր
իր
գիւղը
դառնալը:
Քրանտիւք
քանի
մը
հեծեալ
ոստիկաններով
առտուան
դէմ
կը
հասնի,
կը
պաշարէ
աւազակին
ապաստանած
խրճիթը:
Գաղթականներուն
գիւղը
հրացանի
ձայնով
կ՚արթննայ.
սխալմամբ
մէկը
կը
զարնուի
եւ
այս
շփոթութեան
մէջ
աւազակը
պատուհանէն
կը
ցատկէ,
կը
փախչի:
Կը
հալածեն
Նիւշը,
Քրանտիւք
կը
յաջողի
մօտենալ
անոր
անտառին
մէջ,
ու
կ՚սպաննէ
զայն:
Այս
ընթերցանութիւնը,
Չէրքէզներուն
ձայները
պզտիկ
սենեակը
մահահոտ
բուրումով
մը
կը
լեցնեն,
եւ
ես
կ՚երեւակայեմ
անտառը,
որ
չի
կրնար
փախստական
զաւկին
ապաստան
ընծայել
այս
անգամ.
երկու
ոսոխներուն
մենամարտը,
այն`
որուն
յամառ
ժամադիրներն
եղած
էին.
մութին
մէջ
կռիւ
մը.
Կովկասէն
մինչեւ
Իզմիտ
երկարող
արկածներուն,
շարունակելի
յօդուածներուն
վերջին
բառը.
տասը
տարուան
անցեալ
մը,
որ
մէկ
երկվայրկեանով
մը
կը
կտրի,
կը
դադրի.
կիրքերու
հոծութիւն
մը
որ
կաթիլ
մը
արեան
մէջ
կը
լուծուի,
կը
հալի.
մրցումներու
գռեհիկ
վախճանը,
քաղաքակրթութեան
մէջը
կամ
դուրսը.
երկուքին
մէկի
վերածումը:
Եւ
համոզմամբ,
խղճի
մտօք
ահա
կը
ձեռնարկեմ
պաշտպանութեանս
դժուարին
գործին,
եւ
այս
է
մտքի
մը
զարմանալի
յեղափոխութիւնը,
որ
վստահօրէն
կը
խօսիմ
հիմա
եւ
ամբաստանեալին
արձակուիլը
կը
պահանջեմ:
Աւազակին
սպաննութիւնը`
ընկերութեան
համար
այնքան
դառն
կորուստ
մը
չէ,
եւ
վերջապէս
դժբախտ
տասնապետը
լուրջ
ընդդիմութեան
մը
դէմ
զէնք
գործածելու
հարկադրուած
էր
անշուշտ:
Այս
պահուս
ինքը
պիտի
ըլլար
սպանեալը
եթէ
չսպաննէր:
Եւ
ատեանին
բարեացակամ
տրամադրութիւնները
տեսնելով
կը
քաջալերուիմ,
ու
ոստիկանին
անշուք
ու
անշշուկ
կեանքը
կը
պատմեմ
անոնց.
անփառունակ
զինուորական,
որ
պատերազմի
դաշտը
ու
անոր
պատիւը
չի
տեսներ,
բայց
կը
տեսնէ
ամեն
ժամ
մահու
վտանգը.
որ
գիշեր
չունի,
հանգիստ
չունի,
գոյութիւն
չունի
իրեն
յատուկ,
եւ
որ
ամեն
զրկումի
վրայ
կուգայ
հոս`
ոտքը
ձեռքը
շղթայակապ`
համար
տալու
իր
դժնդակ
պաշտօնին:
Կ՚զգամ
որ
ամբաստանութիւնը
կը
տկարանայ,
ջուրը
կ՚իյնայ:
Սխալմամբ
ի
գործ
դրուած
միւս
սպանութեան
ամբաստանութիւնը
ձեռք
կ՚առնեմ
եւ
կը
յայտարարեմ
որ
տասնապետին
ութամսեայ
բանտարկութիւնը
կը
քաւէ
այդ
յանցանքը: