Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԹԷՖԱՐԻԿ
Է


Այս արդուզարդի պերճանքը ու խռովիչ ձգտումները բոլոր ինծի համար էին. իր սրտի հին վէրքերը սպիացած կը թուէին հիմա բոլորովին ինձմով լեցուն այդ հոգւոյն մէջ:

Իր սէրը դողահար եւ շիկնոտ բան մըն էր, անձնուրացում մը ամբողջ, կատարեալ. անձնուրացում մը, որ չի բարբառիր ու քեզի համար ըրած զոհողութիւնները երեսիդ չի զարներ ապերախտութիւնդ ցոյց տալու համար. ո՛չ, գրեթէ գաղտնի ու ծածուկ զգացում մը, որ իր սաստկութեանը համար կ՚ամչնայ, կը պահուըտի, երկրաշարժ մը, որ հրաբուխի բոլոր սաստկութիւնը ունի առանց անոր աղմկալից ու բոցավառ արտայայտութիւնները ունենալու:

Բան մը չէր պահանջեր իր սիրոյն փոխարէն, ոչ իսկ իմ սէրս. իր բոլոր ուզածը թոյլտուութիւն մըն էր յաւիտեան զիս շրջապատելու իր անհուն խանդաղատանքովը, հսկելու վրաս, թող չտալով որ հիւանդանամ, իր խնամքներէն շինուած տեսակ մը խանձարուրի մէջ ամփոփելով իմ բոլոր կեանքս ու շարժումներս, որպէս զի ցաւ մը կամ վիշտ մը չունենամ երբեք:

Այսպէս ամիս մը տեւեց. գետինը կը նստէր միշտ ծունկիս վրայ թափելով իր սեւ մազերը, ածուխի կոտրտուքի պէս փայլուն, ու ձեռքերուս գգուանքին տակ կը հպարտանար, կ՚ուռէր, փայփայանքէ ախորժող կատուի մը պէս:

Յետոյ ձանձրացայ քսան տարու էի այն ատեն ու անկեղծ սիրոյ մը յարգը չէի գիտեր այս հովուերգութենէն. այս աղախինին անձնուիրութիւնը անտանելի լուծի մը ձեւը կ՚առնէր քիչ քիչ. փախչիլը անհնար էր իր խնամող խանդաղատանքէն, հիւանդանոցի մէջ գտնուելու պէս բան մը կը զգայի ու ազատութիւնս վերստանալու ապարդիւն ջանքեր կ՚ընէի:

Բան մը չէր հասկնար իմ խուսափումներէս. իր միամտութեանը մէջ կը խորհէր անշուշտ որ գէշութիւն մը ըրած չէր ու պատճառ մը չունէի իրմէ երես պահելու. ու չէր գիտեր, թէ ճիշդ իր սիրոյն մեծութիւնն էր, որ զիս կը ճնշէր այն ամառուան պայծառ օրերուն պէս, որոնց ջերմութեան ու անդորրութեանը մէջ կը խեղդուիս:

Չէր գիտեր խեղճը, որ մեզի խաբեբայ գգուանքներ, կեղծ հրապոյրներ պէտք են, խենթեցնելու համար մեզ սիրով. չէր հասկնար, որ իր անմեղ անձնուիրութիւնը ձանձրութիւն կը պատճառէ. բայց գիտէր, կ՚զգար, որ կը հեռանայի իրմէ ու փորձ մը փորձել կուգար, վերջին ջանք մը` չխզելու մեր մտերմութեան կապերը:

Երբոր սենեակէս մտաւ տեսայ որ իր արդուզարդին բոլոր հրապոյրները շեշտած, բազմապատկած էր այն օրը` հաճելի երեւալու համար աչքիս: Միշտ այն գեղեցիկ կինն էր` բարձրահասակ ու ճերմկոտիկ, իր երերուն քալուածքովը որ նազանքի կը նմանէր. իր եղնիկի մեծ մեծ բացուած աչքերուն մէջ տրտմութիւն կար. բայց իրմէ առաջ թէֆարիկի ուժգին հոտ մը ծաւալեցաւ օդին մէջ, ծանրատաղտուկ հոտ մը, որ շնչառութիւնը կ՚արգիլէր:

Ի՞նչպես եղաւ, որ այս հեղձուցիչ բուրումը բաւական եղաւ ինծի ատելի դարձնելու այս կինը. պարզ բարուրանքի՞ մը պէտք ունէի արդեօք ամեն յարաբերութիւն դադրեցնելու համար իրեն հետ, թէ ոչ հին ատենի կանանց յատուկ այս իւղազօծումը իր շնորհներուն, իր արդուզարդին բոլոր շինծու կողմը, ծիծաղելի հանգամանքը երեւան հանեց. չեմ գիտեր: Թէֆարի՞կ. ուսկի՞ց գտաւ թէֆարիկը. ու ինքը բերանը չբացած դեռ, ես պոռացի հեռուէն, բարբարոս ու վայրենի ձայնով մը.

Ի՞նչ հոտ է ատ վրադ. գնա՛ լուացուէ շուտով։

Բառ մը չկրցաւ պատասխանել. դրան առջին գամուած մնաց, չկրնալով առաջ գալ, երեսս նայեցաւ ապշած, չըմբռնելով որ չնչին յանցանքի մը համար այսքան անողորմ գտնուիմ իրեն դէմ. վարանոտ կեցաւ հոն, պատերազմի մէջ զարնուած զինուորին պէս որ վիրաւորուելէն ետքը դեռ քիչ մը ատեն կանգուն կը կենայ ու յանկարծ գետին կը փռուի: