Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԹԷՖԱՐԻԿ
Ը


Ի՞նչ կ՚ուզէք որ ձեզի ըսեմ, ասկէ աւելի։ Կ՚ուզե՞ք անպատճառ լսել վերջին բառը այս միամիտ սիրոյ պատմութեան:

Շաբաթ մը հիւանդ պառկած էր իր խուցին մէջ, սաստիկ թոքատապով մը, որուն ես էի միակ պատճառը. խոհանոցին մէջ գիշեր ատեն վերէն վար լուացուեր էր, ազատելու համար թէֆարիկի կպչուն հոտէն, իմ պատուէրիս համաձայն, ու Տօքթօրը, բարեկամ մը, քան թէ բժիշկ մը, կը զարմանար այս գիւղացիներուն տարօրինակ սովորութիւններուն վրայ:

Խե՞նթ է, ի՞նչ է այս կինը. խոհանոցին մէջ կը լուացուի՞ն:

Չէի պատասխաներ, եւ բժիշկը կը յամառէր իր զարմանքին մէջ ու իմ ալ կարծիքս առնել ուզելով, կը կրկնէր շարունակ.

Ի՞նչ կ՚ըսես խենթ չէ՞:

Ես, մահուան վտանգին առջեւ ահաբեկ` իր կեանքը փրկել կը խորհէի միայն:

Պիտի ազատի՞, Տօքթօր:

Ութը օր ամբողջ այս տագնապին մէջ անցուցի. յետոյ ապաքինութիւնը սկսաւ, դանդաղ այնքան, որ նոր հիւանդութեան մը կը նմանէր:

Հիմա, երբ երթայի սենեակը, որպիսութիւնը հարցնելու, իր անուշ նայուածքը դեռ անհուն գորովով կը զեղուր. յանդիմանութեամբ չէր նայեր երեսս, ու կարծես ա՛լ աւելի գոհ էր հիմա, անձնուիրութեան նոր ապացոյցով մը ա՛լ աւելի երախտապարտ ընելուն զիս: Առնելիքւոր ըլլալ կ՚ուզէր այս կինը իր զոհողութիւններուն մեծութեամբը, առնելիքւոր մը որ քաղցր խօսքի մը փոխարէն իր բոլոր պահանջը ներելու յօժար ու պատրաստ է:

Երբեք չխօսեցաւ հետս այն օրուան դէպքին վրայ, զոր բոլորովին մոռցած էր կարծես. բայց իր տկարութիւնը կ՚երկարէր ու չէր վերադառնար առջի ոյժը: Հիւծում մը կար, որ կ՚ըսպառէր զինքը մեղմիւ, տակաւ առ տակաւ, ու բժիշկը գլուխը կ՚երերցնէր, չարագուշակ նշան, առաջուց գիտցուած, գուշակուած աղէտի մը ներկայ գտնուելու ձեւով. թոքատապէն վերջին անխուսափելի ցաւն էր այս նորեկ հիւանդութիւնը, որ անընդհատ ջերմով ու բարակ քրտինքով մը կ՚սկսի: