Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ՍԱՌԱ
Գ


Իր բազմաթիւ սիրողներուն մէջ ամենէն վեհերոտը ես էի. համարձակները կային, ձեռներէցները, քծնողները, պահանջողները, ամբողջ հաւաքածոյ մը, տեսակ մը սիրահարներու թանգարան։ Ինծի՝ վերջապահին մէջ աննշան անկիւն մը միայն տրուած էր. ոչ մէկուն համար հաշուի առնուելիք մրցակից մըն էի. ոչինչ ունէի Սառայի պէս արտակարգ կնոջ մը առջեւ շնորհ գտնելու համար. իմ՝ աշխարհի սրդողած իմաստասէրի խոկումներս անշուշտ իր ջիղերուն կը դպչէին ու անկապ խօսքերս, որոնք ցիր ու ցան մտածումներուս ցոլքերն էին, շահեկան բան մը չէին կրնար ըլլալ իրեն համար։

Անդին՝ իր շուրջը մարդիկ կային որ նրբամտութեան հեղեղներ կը թափէին. հանճարեղ բառերով, անակնկալ պատրաստաբանութիւններով կը խնդացնէին իր անտարբեր դիցուհիի դէմքը։ Ամենուն կ՚ըսէր միշտ.

Էրիկս հիւանդ է ու սիրտ չունիմ։

Ասով իմ սրտիս ա՛լ աւելի կը մօտենար, վասն զի ես ալ կը սիրէի այս հիւանդը։ Բանաստեղծի ու արուեստագէտի խառնուրդ մը կար այս մարդուն վրայ եւ ազնուական բան մը որ համարում ու պատկառանք կ՚ազդէր ինծի։ Եւ տեսնելով երիտասարդ կինը՝ հաւատարիմ իր սիրոյն ու անձնուիրութեանը մէջ, իմ սէրս ալ պարզապէս հիացումի կը փոխուէր ու անմռունչ կը պաշտէի զինքը անմատչելի ու աննիւթ արարածի մը պէս։ Գոհ էի երես չտալուն համար զինքը շրջապատող մարդոց որոնք անկարեկից կը մտնէին այս տունը, իրենց փողկապին հանգոյցը, շապիկին անբիծ սպիտակութիւնը ցուցնելով։

Սառա առաքինի կին մըն էր, աշխարհային երանութենէն իր արդար բաժինը առած ու վայելած կին մը՝ որ իր իրաւունքէն աւելի չուզեր եւ գիտէ իր սրտին ու մարմնին իշխել։

Այսպէսով իր բարոյական նկարագիրը մեծնալուն հետ՝ իմ պաշտումս ալ կ՚աւելնար իր անձին համար. իր քալուածքը կը ճանչնայի ոտնաձայնէն. իր թաշկինակը կը զանազանէի ծաւալած հոտէն. իր փոքրիկ սովորութիւնները, քմահաճոյքները գոց գիտէի վաղեմի բարեկամի մը պէս։

Ու արգահատանքս հիւանդէն աւելի առողջին կ՚երթար. մեղքցուելիքը այս մանկամարդ կինն էր որ իր անսպառ գորովի գանձերը անտես թաղելու ու իր երիտասարդի իղձերը ու դողերը զսպելու արիութիւնը ցոյց կուտար։