ՄԱԳԴԱՂԻՆԷ
Ա
Զարհուրելի
կերպով
շպարուած
ըլլալուն
հակառակ`
իր
տասնեօթը
տարու
աղջկան
շնորհը
տակաւին
երեսին
վրայ
էր:
Իր
ծարուրած
աչքերը
մռայլ
ցոլացումով
մը
կը
փայլէին,
այնպէս
որ
ակնարկը
զքեզ
շօշափելուն`
թաւիշի
կակուղ
հպումին
տպաւորութիւնը
կը
ձգէր
մարմնիդ
վրայ:
Մազերը
առատ
ու
շքեղ,
դեղինի
ներկուած,
ո՛վ
գիտէ`
ատեն
չունենալուն
կամ
ուրիշ
պատճառով
մը`
յարդարուած
չէին:
Արձակուած
թափուած
այսպէս
ուսին
վրայ`
կարծես
անոնց
ծանրութեամբ
էր
որ
գլուխը
դէպի
ետ
կը
ծռէր
քիչ
մը:
Յոռի
ճաշակով
պոռչտող
բան
մըն
էր
արդուզարդը.
կապոյտ
դիպակէ
բէշ
մը,
կարմիր
մետաքսէ
վերիդիով
մը
ամբողջացած.
ծանրագին
կերպասներու
սէր
որ
իր
զրկուած
արարածի
վրիժառութիւնն
էր
տիկիններու
դէմ:
Պարարտ
ու
շնորհալի
կազմը
այս
կնոջ`
անպատկառ
կերպով
հոլանի
կուրծքէն,
շարունակ
վար
սահող
սեւ
գուլպաները
շտկելու,
տեղը
բերելու
համար
ըրած
յարատեւ
ջանքէն
կը
յայտնուէր:
Ինքն
ալ
ցանկայարոյց
կեցուածքի
մը
հրապոյրները
կ՚աւելցնէր
անոր
վրայ,
գիտակից
ու
ջանադիր
լրբութեամբ
մը: