Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

Այս հին դէպքը պատմելուս, անցեալները` բարձրաստիճան եկեղեցական մը, աստուածաբան ու կենցաղագէտ մարդ, մանրամասն հասկցուց ինծի կրօնական պատճառները այս զլացումին: Հրապուրուած աղջկան ու պոռնիկին զանազանութիւնը ըրաւ. սա պարագային մէջ եկեղեցին ասանկ կը տնօրինէ, ըսաւ ինծի, սա միւս պարագային մէջ ալ անանկ: Բացատրութիւններ տուաւ` որոնք նուրբ թուեցան ինծի. վկայութիւններ բերաւ որոնց դէմ ըսելիք մը չգտայ: Իր փաստերը` բարբարոս ու վաւերական` չհամոզեցին զիս:

Ու միշտ աչքիս առջեւն է մահիճը լայն ու խորունկ որ սենեակին կէսը կը գրաւէր, լայն ու խորունկ, որուն մէջ` կարմիր վարդ մը կուրծքին` այն աղուոր կինը կը քնանար: