Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՅՐԻՆ
Ա


Գիշեր էր, նոյեմբերի տրտում ու խոնաւ գիշեր, որուն մթութեանը մէջ ընկղմուած էր Բերայի Մեծ Փողոցը իր քարաշէն ու բազմայարկ ապարանքներովը: Փոշիի պէս բարակ ու ասեղի պէս սուր անձրեւ մը կու գար ու կը լուար ամայի եւ թափուր քարայատակը: Կալաթա Սէրայի պահականոցին դէմ, երկու կառապան` յապաղած անցորդ մը գտնելէ յուսաբեկ` ցուրտէն պատսպարուելու համար իրենց կառքին մէջ կը մրափէին: Մարդ չկար ու այդ աղմկալից փողոցի ժխորէն ուրիշ բան չէր մնացեր, բայց եթէ առջի իրիկուընէ ի վեր տեղացող անձրեւին անընդհատ ձայնը իր յուսահատական միօրինակութեամբը: Հեռուէ հեռու, ուղիղ ու լայն ճամբուն բոլոր երկայնութեամբը, մութին մէջ կը տեսնուէր շարք մը կարմիր ու արիւնագոյն կէտերու` որոնք կազերուն տամուկ ու դողդոջուն լոյսերն էին:

Քազինօները, քաֆէ շանթանները եւ ուրիշ զբօսավայրերը շատոնց գոցուած էին. անոնց տեղ, հոս` մսավաճառի, հոն` կաթնավաճառի խանութ մը իր դուռը կը բանար, եւ մութուն ելլելու վարժուող այս խանութպաններու աշկերտները` դեռ նոր արթնցած, կէս քուն, կէս արթուն, կանթեղի լոյսով գիշերէն կ՚սկսէին իրենց օրական աշխատութիւնը:

Զայն ձուն չկար դեռ ու գիշերապահը տասներկու կը զարնէր փողոցին հնչուն մայթին վրայ: Պատի մը տակ, մարդ մը` անշուշտ խաղատան մը մէջ ունեցածը չունեցածը կորսնցնելէ ետքը, կծկտած էր լուսնալուն սպասելով, պառկելու տեղ մը գտնելէ յուսակտուր, վասն զի այս հիւրընկալ փողոցը ստակ չունեցողներուն համար չէ: Ասդին անդին քուրջեր հաւաքող մարդիկ, լապտեր մը ձեռքերնին, լռիկ ու գլխահակ, իրենց ուսի կողովը կը լեցնէին:

Բայց հետզհետէ մութը իր խստութիւնը կը կորսնցնէր, Կալաթա Սէրայէն վար վաճառատուններուն մէջ ձայներ կը լսուէին ու քիչ քիչ անցորդներ երեւան կ՚ելլէին փողոցին մէջ: Բանջարեղէններով ու կաթի ամաններով բեռնաւորուած ձիեր հանդարտաքայլ կուգային, կ՚անցնէին վիզերնուն կապուած զանգակներուն ձայնովը արթնցնելով քարուկիր շէնքերուն արձագանգը:

Հիմա ա՛լ լուսնալու մօտ էր ու Բերայի տուները կը ճշդուէին ստուերամած հորիզոնին վրայ. ձայները երթալով կը շատնային. խանութներու երկաթէ փեղկերը կը շարժէին. կանուխ ելլող սպասաւորներ, պահապաններ, փեղկին մէջ բացուած դռնակէն դուրս կ՚ելլէին ու վաճառատուններու առջեւի սալաքարերը կը մաքրէին խանութին ներսը աւլելէ վերջը. բոկեղ, կաթ ու սալէպ վաճառողներ պոռալով կ՚սկսէին իրենց առտուան առուտուրը, այդ ծառաներուն, բեռնակիրներուն ու պահապաններուն բերելով աժան գինով նախաճաշ մը. «բարի լոյս»եր կը փոխանակուէին դրացի մարդոց մէջ: