Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա

ԱՅՐԻՆ
Գ


Հայրենիքը, Զարդար, իր մանկամարդ կինը, կ՚սպասէր: Իրենց սուրբ պսակէն ի վեր հազիւ մէկ երկու ամիս էրկանը երեսը տեսած էր, ու ստակ վաստկելու աննահանջելի հարկը` հեռաւոր երկիրներ առաջնորդած էր զայն:

Կը սիրէ՞ր արդեօք այն երիտասարդը, որ իր ամուսինը եղած էր. այն կոյր ու անտրտունջ հնազանդութեան մէջ, որ հայուհիներու բոլոր կեանքը կը կազմէ այդ կողմերը, ո՛չ խորհելու եւ ո՛չ զգալու տեղի մնացած է. իրեն չէին հարցուցեր երբեք, թէ կ՚ուզէ՞ր այն մարդը, զոր իրեն սահմանած էին. ինքն ալ չէր մտածեր անոր վրայ. ո՛չ կ՚ատէր եւ ո՛չ կը սիրէր զայն մինչեւ իր ամուսնութեան օրը: Եւ ամուսնութենէն ետքը ա՛յնչափ քի՜չ ատեն անցուցած էր հետը, ա՛յնչափ մտերմութենէ զուրկ, որ գրեթէ պաշտօնական եղած էին իրենց յարաբերութիւնները` միեւնոյն յարկին տակ բնակող բազմաթիւ ազգականներու աններող նայուածքին տակ:

Այդ նոր ընտանիքին մէջ, ուր կը մտնէր գլխաւորապէս ծառայութեան համար, ամենէն քիչ իր էրկանը կը պատկանէր. վասն զի կեսրոջը, աներին, միւս ազգականներուն սպասաւորութիւնն էր իր աւագ պարտաւորութիւնը:

Այս գեղի աղջիկը գորովի եւ սիրոյ անսպառ գանձեր ունէր սակայն իր սրտին խորը, որոնք մէկ բառով, մէկ գգուանքով թերեւս պիտի յայտնուէին: Բայց աւանդութիւնը կար իր աչքին առջեւ, իր ամուսնին հօրեղբայրներուն կիները կային, նոյն իսկ իր կեսուրը կար դէմը, Պոլիս գացող մնացող ամուսիններու սպասելով, տանը անհատնում հոգերուն ու աշխատութեանցը մէջ մաշելով ծերացած կիներ, հիմա գրեթէ պառաւներ, ճիշդ իրեն պէս, նոր հարսի պէս լռիկ ու խոնարհ` այդ մարդոց քով որոնք յանկարծ, երկարատեւ տարիներէ ետքը, յիշեր էին, թէ այդ դժբաղդներուն ամուսիններն էին իրենք ու հայրենիք վերադարձեր էին, այլեւս աննպատակ ու անօգուտ դարձած ամուսնական կեանքը շարունակելու:

Ահա այս հէք, աղեբեկ ու կորաքամակ օրինակները կային իր առջեւ, որոնք ստուերներու պէս անխօս` իր շուրջը կը դառնային, եւ Զարդար էրիկ կնկան ուրիշ տեսակը չէր երեւակայած երբեք:

Չզարմացաւ ուրեմն երբ կարգը էրկանը եկաւ մեկնելու: Իր մշտնջենապէս կրաւորական դերին մէջ գաւառացի հայ կինը գանգատելու անգամ զօրութիւն չունի. Պոլսէն թուղթ եկաւ. հօրեղբօր մը գալուստը իմացուցին ու Մարտիրոսի մեկնելու պատրաստութիւնները տեսան. հարսը` իր հոգածու ամուսինի պատրաստութեամբը` երկու զոյգ բուրդէ գուլպայ շինեց, մայրը ու միւս ազգականները մէյ մէկ յիշատակ տուին ճամբորդին ու երկուշաբթի օրուան կարաւանով մօտի գիւղէն Պոլիս գացող ուրիշ երիտասարդի մը` Խաչոյին հետ ճամբայ դրին զայն: Զարդար մինչեւ իրենց արտը, որ ճամբուն կողմն էր, մէկտեղ գնաց ու վերջի պահուն, երբ հրաժեշտի ողջոյններ փոխանակուեցան, արցունքի փախստական կաթիլ մը սահեցաւ ինկաւ հարսին աչքէն երիտասարդին ձեռքին վրայ. այսչափ ահա այս բաժանման բոլոր սրտայուզութիւնը:

Մարտիրոսի մեկնելէն ի վեր հարսը իր բաժինը առած էր տան աշխատութենէն ու իր տեղը կեսուրը հանգստեան կոչուած. հաց եփել, կաթ կթել, ջուր ու փայտ բերել իրեն կ՚իյնար միշտ, ու երիտասարդ կինը` ագարակի կենդանիներու յատուկ հեզութեամբը իր ծառայութիւնը կը կատարէր: