Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՅՐԻՆ
Դ


Բերայի Մեծ Փողոցին մէջ վաճառքի ահագին հակի մը անտանելի բեռին տակ ճնշուած, քրտնաթոր, ճակատներուն երակները պայթելու չափ ուռած, հագուստնին պատառուն, ցեխոտ, չորս բեռնակիրներ, մէկը ծերուկ, այս տառապանքներուն տակ ալեւորած, միւս երեքը դեռ երիտասարդ, կ՚անցնին հեւալով:

Խաչօ՛, պոռաց ձայն մը անոնցմէ մէկուն:

Խաչօ գլուխը դարձուց, մեծահարուստ վաճառատունէ մը իր անունը տուող ձայնի տէրը ճանչնալու համար:

Նոր լաթեր հագած գեղապանծ երիտասարդ մը, կապոյտ լօթիկին մէջէն ցոյց տալով վահանաձեւ կուրծքը, ածիլուած, մաքուր, ֆէսը աջ կողմը ծռած քիչ մը, իր փոխանին փոթերը շտկելու զբաղած, վաճառատան դրան մօտ կեցեր ու իրեն կը ձայներ:

Բեռնակիրները արդէն ուժասպառ վար դրին իրենց բեռը. բայց Թաղապետութեան չավուշները ընդդիմացան. Բերայի Մեծ Փողոցը յոգնութիւն առնելու տեղ չէր, բեռնակիրները շունչ առնել կ՚ուզէին եւ չավուշները թող չէին տար:

Օլմազ, կ՚ըսէր սպիտակ ժապաւէններով զարդարուած ու մէջքը սուր կապած կէս-լեզու յոյն պաշտօնեայ մը, որ անոնց մեծը կը թուէր:

Բեռնակիրները իրենց հայախառն թուրքերէնով կը բողոքէին.

—Պիզիմտէ ճանիմիզ եօ՞խ մի՛. պէ մարդ Աստուծոյ, կը գոչէր ծերուկը:

Գլխարկաւոր անցորդներ կը շրջապատէին զիրենք, կիները կանգ կ՚առնէին վէճին պատճառը իմանալու հետաքրքիր: Ու բեռնակիրները կը ծռէին իրենց տաժանելի խաչին տակը մտնելու համար նորէն:

Աղքատութիւնը հարստութեան դէմ կանգ առնելու իրաւունք չունէր:

Մարտիրոս իր չորս հէմշէրիներուն հեռանալը տեսաւ. ո՜ւր Խաչօն, ո՜ւր ինք. եւ սակայն միեւնոյն գեղէն էին գրեթէ, միեւնոյն տարիքը ունէին եւ միասին մեկներ էին երկրէն. Խաչօն ալ կայտառ ու յաղթամարմին տղայ մըն էր, իր նշանածը թողած, ինչպէս որ ինքն ալ իր կինը ձգած էր` ստա՜կ, միշտ ստա՜կ, յաւիտեան ստակ վաստկելու համար:

Ինքը Բերա էր ու Խաչօն Ղալաթիա մնացեր էր. մէկը լերան վրայ, միւսը ստորոտը, եւ կը թուէր, թէ երբեք այդ ստորոտէն վեր չպիտի կրնար ելլել: Մարտիրոս այս բաղդատութիւնը կ՚ընէր մտքէն:

Աղէկ շահ կար իր ծառայութեան մէջ ու աղէկ հաճոյք. հայրենի տան աղքատիկ ու միօրինակ կեանքը` լուսուն ճեղքուելուն հետ անհետացող անհաճոյ եւ անկարելի երազի մը տպաւորութիւնը կը դառնար հետզհետէ. այս բոլորովին իգական աշխարհին սեմէն ուր հազիւ ոտք կը կոխէր, ապագան փայլուն ու հիանալի կ՚երեւար. ֆրանսերէն սորվիլ կը սկսէր ահա ու մատամ կ՚ըսէր տիկիններուն խօսած ատենը, վասն զի տիկիններուն հետ կը խօսէր. շարունակ փոքր ու մեծ ծրարներ կը տանէր անոնց տունը ու պախշիշ կ՚առնէր:

Յայտնի էր որ քիչ շատ ամենուն հաճելի սպասաւոր մըն էր: Ֆրանսուհի մը` Արեւելքցիներուն այս կատարելագործեալ տիպարին սիրահար, ու մանաւանդ Բերացի հայ տիկին մը ամենէն անակնկալ կերպով իր փոքրիկ ծառայութիւնները կը վարձատրէին, ու ինքը այս ներհակ, նախանձոտ ու ոսոխ հրապոյրներու մէջ կը վարանէր իր դեռաբոյս պեխերը շոյելով: