Խղճմտանքի ձայներ

Հեղինակ

Բաժին

Թեմա
Fiction  

ԱՅՐԻՆ
Է


«Բռէնթան»ի վայելչակազմ պահապանը աղէկ ճամբու մէջ էր: Մոլութիւնն ու ապականութիւնը սահուն զառիվար մըն Է, որուն կէսին վրայ կանգ առնել դժուար է:

Տարիները կ՚անցնէին միշտ ու ինքը, Բերայի փողոցներուն մէջ կը շրջէր թափառայած, միշտ մաքուր հագուած, ածիլուած, սեւ պեխերը ոլորուն ու հնդիկ իշխանի մը պէս պահելով իր հայրենի զգեստները, որոնք իրեն այնքան աղէկ կը վայլէին: Օր մը միայն, փորձի համար, եւրոպական զգեստներ հագած էր եւ այն օրը ոչ ոք երեսը նայեցաւ:

Հիմա Բերայի ամեն սովորութեանցը, զբօսանքներուն, մոլութեանցը տեղեակ մէկն էր. բաւական ատենէ ի վեր ահա կը վարէր գեղեցիկ ու առոյգ հսկայ մարդու դերը:

Այս կեանքը չէր կրնար տեւել այսպէս. իր ազդած հրապոյրը կը ռամկանար. առջի հետաքրքրութիւնը կը նուազէր:

Նոր եկող պարզամիտ տղան չէր. բայց ի՞նչ օգուտ, հարուստ տիկնանց համակրութիւնը` ծառերուն վրայ կեցող թռչուններուն պէս անհաստատ է:

Իր պաշտպանուհին ճամբած էր զինքը, ու խանութին մէջ հին օրերու վաստակին տասներորդը անգամ չունէր. մօտան անցնելը այդ վաճառատան մէջ գտնուող բոլոր նիւթերուն ճակատագիրն էր, եւ ինքն ալ այդ նիւթերէն մէկը եղած էր բաւական ատեն: Սակայն վստահ ու յանձնապաստան ձեւ մը ստացեր էր ու իր երիտասարդութեան ատենէն մնացած վարժութեամբ մը, եթէ ոչ տիկիններու, գէթ կար կարողներու կամ ասդին անդին տուներու մէջ աշխատող սպասուհիներու մօտ յարգի էր:

Յանկարծ հայրենիքէն թուղթ մը եկաւ, որ բռնի կը յիշեցնէր իրեն մոռցած ու ոտնակոխ ըրած սրբազան պարտաւորութիւնները. այն բարակ պահարանին մէջէն ելլող քառածալ թուղթի կտորը անխուսափելի պարսաւ մըն էր ուսկից ակամայ կ՚ամչնար. այդ անզգայ փոքրիկ սուրհանդակը ընտանի եւ անողոք մարդու կերպարանք կ՚առնէր եւ զինքը կը յանդիմանէր: Ո՜րքան արժանի էր այս յանդիմանութեանց. այն ատեն կը զղջար, ինքնիրեն որոշում կուտար երկիր երթալու. վաղանցի՜կ ու անհաստատ որոշում, զոր գործադրելու ոյժը կը պակսէր իրեն:

Ու այսպէս կը համոզուէր, որ Պոլիս մնալէ ուրիշ միջոց չկար իրեն, ու ժամանակը կ՚անցնէր:

Օր մըն ալ զգաց որ տարիքը առնելու վրայ էր. սպիտակ թելեր կ՚երեւային մազերուն մէջ. հայելին` աւերած ցուցուց իր դէմքին գիծերը: Զարմացաւ. ի՜նչ շուտ. երկու օր մտածեց ասոր վրայ, յետոյ դարձեալ շարունակեց իր առջի ընթացքը:

Հարցնողներուն ա՛լ չէր ըսեր, որ ամուսնացած է. բաւական ատենէ ի վեր վաճառատունէն ալ ելած էր ու դրամի նեղութիւն ունեցաւ:

Պարտիզակցի սպասուհի մը` վերջին մնացորդ իր նախկին յարաբերութիւններուն, աւելցուցած բոլոր ստակը, իր չորս հազար ղրուշը կուտար իրեն, եթէ զինքը կնութեան առնէր:

Մարտիրոս բեռնակրութիւն ընելու ոյժ եւ կամք չունէր. գործ մը բռնել կ՚ուզէր ու գործը առանց դրամագլխի չըլլար: Ինքնիրեն ըսաւ նաեւ, թէ քանի որ երկիր չպիտի երթար, առանց կնոջ ապրիլը անկարելի էր:

Գաղտնի ու անձայն պսակուեցան, գողերու պէս, առանց Պատրիարքարանին լուր տալու, բարեկամ մը հրաւիրելու. ոսկի մը տուին քահանային ու խնդիր չմնաց: Այս եղաւ իր վարած կեանքին վերջաւորութիւնը: